Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ . ԱՐՄԱՇԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Մտնելէ առաջ վերլուծմանը մէջ Թորգոմ Գուշակեանի գրականութեան, պարտք կը համարեմ քիչ մը կանգ առնել ոգիի մը առջեւ, որուն վերջին ու թերեւս ասոր իսկ համար ամենէն տիպարային արտայայտութիւնը պիտի ըլլար Երուսաղէմի ողբացեալ Պատրիարքը։

Ընդարձակ այդ շարժումին իմ պարագրումը հարկադրաբար պիտի սահմանափակուի իր գրական, մշակութային տարողութեանը ճշդումին [1] ։

Սովորութիւն է զայն կապել երկու տիրական անուններու, որոնք ԺԹ. դարու վերջին քառորդին մէջ, արժանաւոր արդիւնքով մը կրցան շարունակել մեր մատենագրութեան ընդհանուր ցուցմունքը։ 1850–էն ասդին արդիացումը եւ նոր պահանջները հիմնովին յեղաշրջեցին դարաւոր յղացքը հայ գրականութեան։ Զարթօնքի սերունդը իր մէջ կը համրէր, աշխարհիկ մշակներու առաւելակչիռ թիւին քով, ոչ նուազ արժէքաւոր խմբակ մը սրբազան գրողներու։ Չեմ ծանրանար վենետիկցիներուն դերին, թէեւ ասիկա հզօր է դարձեալ նոյնիսկ Օտեանի մը զգայնութիւնը իրեն ենթարկելու աստիճան։ Այդ կարգէն՝ Նար–Պէյը, որ իբրեւ բանաստեղծ իր ծեքծեքուն շնորհները հակակշռող գործունէութիւն մըն է։ Մեր ռոմանթիքները մասամբ մը կը մնան հպատակ մեր գրականութեան ընդհանուր ցուցմունքին։

Խրիմեան, Սրուանձտեանց պարզ կրօնականի անուններ չեն, այլ այդ համայնական յղացքին մէջ որոշ կողմեր։ Արմաշականներու կողմէ մշակուած գրականութիւնը համադրական պատկերն է այդ երկու ոգիներուն. ա) մեր մատենագրութեան ընդհանուր ցուցմունքին, բ) մեր կեանքին արդի պահանջներին հարկադրուած նոր ցուցմունքներու:

Եթէ ստոյգ է որ այս ցուցմունքներէն առաջինը կ՚ընդգրկէ մեր իմացական կերպականութիւնը (modalité) սանկ հազար հինգ հարիւր տարիներու վրայ երկարող իրողութեան մը նման, երկրորդը կը պարզէ սակայն որոշ տարբերութիւններ։ Մեր օրերուն (1850–էն ասդին) կրօնական գրականութիւնը հեռացած է

ա. Ջատագովական, միսթիք, հրաշապատում, պայքարաշունչ, գերազանցապէս երկնանուէր իր ՁԳՏՈՒՄՆԵՐԷՆ ։ Ե. դարու մեծ վարդապետներէն մինչեւ Տաթեւացի ու մինչեւ… Չամուրճեան պատուելին կարելի է տեսնել այս պարունակին մէջ։։

բ. Վարդապետական, դաւանաբանական, աստուածաբանական իր հզօր ԲԱՐԵԽԱՌՆՈՒԹԵՆԷՆ, զոր կը զգանք երբ շփումի մտնենք մեր տիտղոսաւոր հայրապետներու թուղթերուն գոգը։

գ. Պատմական, վիպական, քերթողական իր ԱԽՈՐԺԱՆՔԷՆ, որուն հպատակ մնացին մեր ճշմարիտ գրագէտները Եղիշէ, Փարպեցի, Խորենացի, Նարեկացի, Շնորհալի, յիշելու համար քանի մը յատկանշական անուններ։

Բայց այս հեռացումը հոմանիշ չէ հերքումի։ Օրմանեանի « Ազգապատում »ը, հակառակ անոր որ գրական աշխատասիրութիւն մը չէ մեր մատենագրութեան սա յատկանիշներով։ Խրիմեանի « Պապիկ եւ թոռնիկ »ը՝ նմանապէս, բայց մեր նոր ոգիին լայն բաժիններովը։

Միշտ մեր օրերուն, կրօնական գրականութիւնը [2] կը լրջանայ, ինքզինք կը յարմարէ արդի պայմաններուն ու կը յաւակնի յաջողութեամբ մնալ ցեղապաշտպան պատնէշին վրայ, իրմէ խուսափած քաղաքական հեղինակութիւնը պահպանել ջանալով իմացական լայն հմայքովը իր գործիչներուն։ Ինչ որ ալ ըլլայ զսպանակը Խրիմեանի մը անըմբռնելի վարկին այս ժողովուրդի հոգիին մէջ, կասկածէ դուրս է վարկը, ինքնին։ Ու այդ գրականութիւնը կ՚ընդառաջէ մէկէ աւելի ձգտումներ.

ա. Կրօնական է անիկա, զանգուածներու ամենէն անհրաժեշտ հոգեւոր սնունդը հայթայթելու տեսակէտէն։ Խրիմեանի գործերը Խաչի ճառ », « Դրախտի ընտանիք », « Սիրաք եւ Սամուէլ ») գիրքեր են, որոնց իւրաքանչիւրը հոգեւոր եղելութիւն մըն է իր ատենին։ Անոնք բոլորն ալ արժանացան բազմաթիւ տպագրութիւններու, փաստը չի դադրիր իր կշիռէն։

բ. Բարոյախօսական է անիկա, գլխաւորաբար Դուրեան եւ Գուշակեան Սրբազաններու նշմարներուն մէջ, որոնք մեր պատմութեան մեծ փաստին քով, մարդկայնական քանի մը վերացումներու (abstraction) վերլուծում ովը կը նուաճուին, անշուշտ գործնական գետնի վրայ։ Դուրեան Սրբազանի կրօնական յօդուածները (գլխաւորաբար « Սիոն »ի մէջ, իր պատրիարքութեան շրջանին, գեղեցիկ նմոյշներ են այդ կարգէ գրականութեան մը։ Նոյնը՝ պարագան՝ Թորգոմ Սրբազանի դասերուն ` Աւետարանի եւ առաքելոց ճամբաներով։

գ. Քերթողական է անիկա, բառին տալով կարելի իր հմտութիւնը։ Դուրեան Սրբազանի քերթուածներուն մէջ կան գոհարներ, ուր եւրոպական ամենէն խնամուած թեքնիքը եւ արեւելեան զգայնութիւնը իրար կը պաշտպանեն։

դ.   Պատմա–քննական է (Ալիշան, Դուրեան, Գուշակեան, սխալ պիտի չըլլար հոս յիշել Մ. Գարագաշն ալ, որ վանական իր կրթութիւնը կարծեց հերքել, հերքելով իր տարազը, բայց խորքին մէջ մնաց նոյնը)։,

ե. Երբեմն ազգագրա–հայրենասիրական է ան, մանաւանդ Սրուանձտեանց Սրբազանի անձին վրայ։

Այս արագ ու ամփոփ ցուցահանումը կը պարզէ սակայն ընդարձակութիւնը սպասին։ Շատ մը անուններ։ Բազմաթիւ գործեր։ Մօտաւորապէս դար մը շրջափոխութիւն։ Պէտք կա՞յ, այս ամէնը արժեզրկելու, փնտռելու համար ընդհանուր արդիւնքին մէջ երկը կամ երկերը, ուր հաստատելի ըլլային մնայուն ու մեծ գիծերը դարերու գլուխ–գործոցներուն, անոնց, որոնք կը կոչուին « Աղօթամատեան » («Նարեկ»), « Նմանութիւն Յիսուսի », « Խոստովանութիւնք », « Քաղաքն Աստուծոյ », « Աստուածային կատակերգութիւն », « Դրախտ կորուսեալ »։ Չեմ կարծեր։ Բայց չեմ ալ ծածկեր ցաւը, զոր ունեցել եմ միշտ այդ դէմքերուն յաճախանքին մէջ։ Թէ ինչո՞ւ Դուրեան Սրբազանի նման համայնագէտ միտք մը չէ ձգած գործ մը, ուր ըլլար դրած իր ամբողջութիւնը, իմաստասիրական, կրօնական, մատենագրական, պատմա-բանասիրական հարցերու մէջ, որոնք արուեստի կը բարձրանան, ամէն անգամ որ արուեստագէտ խառնուածքէ մը մատուցուին մեզի։ Չոր բանասիրական–պատմական վերլուծում մը մեր օրերուն մեր միտքը պիտի առաջնորդէր չքնաղ համապատկերի մը մարդկային հետաքրքրութեանց։ Ասիկա իրագործուած է Ռընանով ։ Ու համեստ ըլլալու համար կը կրկնեմ հոս, թէ չանցնիր ամէն՝ դարու մէջ Փասքալ ներ կամ Պոսիւէ ներ փնտռել (այս մերձեցումը բաղդատական նպատակէ մը չի բխիր)։ Ու ցաւը ցաւ է միշտ:

 

Ուրե՞մն։

Սխալ պիտի չըլլար հաստատել, թէ ԺԹ. դարու կէսէն վերջ մեր գրականութիւնը (մինչեւ այդ թուականը այլամերժօրէն կրօնական) մասնաւոր մղում մը, չըսելու համար կնիք մը կը ստանայ Արմաշեան դպրոցով։ Մեր հին ուխտերուն կրկնակ նկարագիրը՝ անոր հիմնադիրներուն մօտ հոգեկան ու իմացական բարեկամ ու նոյն ատեն քաղաքական հայեացք մը չի հերքեր մեր գոյակերպը, հին Արեւելքի մէջ մեր դիմադրութեան մեզայատուկ ըմբռնումը, որ դա մեր շարունակ մեզ պաշտպաներ էր եւ որուն տարողութիւնը կասկածի տակ էր ինկած մեր նորազարթ մտաւոր ընտրանիով։

Ստոյգ է որ Խրիմեանի եւ Վարժապետեանի նման մարդեր ութսունէն քիչ մը առաջ կամ անմիջապէս վերջ պիտի չկրնային հաշտեցնել իրարու մեր այդ երկու կեցուածքները, իրենց բոլոր փափաքներուն եւ արժանիքներուն հակառակ։ Մեր ժողովուրդն էր, որ կը փոխուէր։ Ու կը փոխուէր շատ արագ, որքան չէին սպասեր ատիկա շարժումին առաջին ղեկավարները։ Մուտք կը գտնէին անոր հոգիէն ներս սերմեր, ուրիշ աշխարհներու եւ կլիմաներու մէջ իրենց փառաւոր արդիւնքներուն վարկովը աւելի գեղեցկացած (1848–ին յեղափոխութիւնը առնուազն համեւրոպական խանդավառութեան մը պատկերը ունէր իրեն դրօշ)։ Բայց ատոնց դերը մեր պայմաններուն համար ոչ միայն յստակ չէր, այլեւ մթաստուեր, մեր հին վարիչները յոռետեսութեան մղելու աստիճան։ Արեւելքը դանդաղ կապրի։ Ու մեր ելոյթը անհամապատասխան էր անոր ընդհանուր կշռոյթին։ Մեր ժողովուրդին ստուար զանգուածը կ՚ապրէր միջին դարը։ Իմ՝ տղայութեանս, պատանութեանս քաղաքներ կային, ուր մեր մայրերը, քոյրերը տաճիկներու սաւանը կռնակնին միայն կրնային դուրս ելել իրենց սեմերէն ու խանութներու մէջ աշխատող մեր արհեստաւորները պարտաւոր էին իրենց աշխատանքը դադրեցնել (մուրճ, ձայն, խօսք), որպէսզի չգրգռէին բարկութիւնը քիչ մը անդին աղօթքի նստած տաճիկին։ Այս պայմանները տիրական էին գրեթէ, մեզմէ բնակուած բոլոր վայրերուն մէջ։ Պոլիսը մեզի կը բերէր հերքումը այս ամէնուն, բայց բան մը պակաս։ Ատիկա թուրքին բարբարոսութեան վրայ սանձ մըն էր։ Ու ստեղծուեցաւ վտանգալից կացութիւնը։ Տիրողի եւ տիրուողի դերերուն շրջումը չէր անշուշտ։ Բայց տարբերացումը բաւական զօրաւոր, որպէսզի նշմարէին ատիկա թուրքերը։ Ու գիտենք, թէ ինչպէ՛ս կը նախանձէին նախնական մարդիկ, չըսելու համար վայրենիները։ Քաղաքական սա մտահոգութիւնն էր որ ծնունդ տուաւ Արմաշի Դպրեվանքին։– Օժտել այս մի վտանգուած հօտը փաղանգով մը եկեղեցական գործիչներու, որոնք դարաւոր աշխարհահայեացքը բարեխառնէին նոր պայմաններուն, խոհական, հեռատես, վարչական ճկուն տուրքեր արժէքի բերելով։ Եւ որովհետեւ այս վիճակներուն հոգեյատակը միշտ մշակոյթ մը կը պաշտպանէ, Դպրեվանքին հիմնադիրները ջանքը ունեցան ամենէն առաջ այդ մշակոյթը ապահովելու։ Այդ է պատճառը, որ անոր ծրագրին կազմութիւնը լայնօրէն պիտի բացուէր չեմ ըսեր աշխարհիկ (laique) բայց ոչ խորապէս կրօնական ուսումները, որոնք մեր նման հաստատութիւնները կը վարէին դարերէ ի վեր։ Այս ոգիով սնած խումբ մը մարդեր 1890–էն մինչեւ այսօր գործեցին, ստեղծեցին, վարեցին, սորվեցուցին, մեռան բոլորն ալ պարտքի ճամբուն վրայ։ Ինչ փաստ, որ փաղանգով խորհրդանշուած, պիտի կրէր կնիքը, խառնուածքէ բխող հակումներու համեմատ փոխուած՝ իր մեծ արտադրիչներուն։

Ասոնցմէ ոմանք մեր գրականութեան պատմութիւնը լայնօրէն կը շահագրգռեն։ Ուրիշներ աւելի համեստ աստիճանով, բոլորն ալ արժէքներ են մեր ընկերային պատմութեան դաշտին վրայ։ Կան, որ պիտի անցնին ցեղին հարստութեանց թանգարանին։ Ուրիշներ, որոնց այ անունը միայն պիտի արձանագրուի։ Այդ իսկ պատճառով, հոս շեղում մը կ՚ընեմ փակագիծ մը բանալու ու խօսելու, կարճ տողերով, ու քանի մը կարկառուն անձնաւորութեանց մասին, հոգ չէ, թէ անոնց արդիւնքը չարդարացնէ այս շեղումը։

Այս անձերէն առաջինը եւ արժանիքներով հարուստը ապահովաբար Օրմանեան Սրբազանն է։ Արմաշականութեան վարչական հայեացքներուն վառարանն է ան։ Բոլոր Արմաշականները երկու կարծիք չունին անոր այդ դերէն։ Հռոմէական մեծ ու հին աւանդութեանց մէջ կազմուած գործօն ու հմուտ այս կարդինալը երեւան բերաւ վարչական ամուր, բացառիկ, հայեցի տուրքեր։ Մատենագրական իր վաստակը անարժան չէ իր համբաւին։ Եթէ երբեք նորութիւն, արդի արուեստէն պահանջուած կառուցում, սեպհական խառնուածքին հեղումը համապատասխան չեն վաստակին լայնքին, խորութեան, պարտք է սակայն խոստովանիլ, որ « Ազգապատում »ը ամենէն ընդարձակ, ճշգրիտ, պարագրկելի համադրումն է մեր եկեղեցւոյ պատմութեան։ Հմտութիւն, որքան մեթոտով աշխատանքի սպասարկու, զգօն ու գործնական միտք, անձանձիր հաւաքող։ Մաղաքիա Օրմանեան մեծ վաստակաւորներէն մէկն է Հայ եկեղեցւոյ, աշխատանքի պատկառելի հերոս մը։ Հին բենեդիկտէնի մը գիծէն։ Իր օրինակը խանդավառիչ է բոլոր անոնց համար, որոնք մեր եկեղեցիին սպասարկութիւնը պիտի ընեն, առաւելապէս վարչական, կազմակերպչական իրենց շնորհները արժեւորելու տեսակէտէն ու նոյն ատեն իմաստին, գեղեցկութեան, արուեստին հանդէպ ալ թեթեւ հակումներ պիտի զգան իրենց մէջ։ Ի՛նչ փոյթ, որ անոնք ոճի, արհեստաւորներ չըլլան։ Մաղաքիա Օրմանեանը արժէքն է եկեղեցւոյ հին հայրերուն։ Բայց այդ պարագայէն դուրս, անոր գործունէութեան ընդհանուր նկարագիրը նախատիպար կաղապար մըն էր Արմաշով մէջտեղ նետուած եկեղեցւոյ պաշտօնատարներուն։

Գրականութեան պատմութիւնը առանձնապէս ու սրտագին կը զբաղի շարժումին երկրորդ զսպանակով։ Դուրեան Սրբազանն է ան, որ արդէն իր գլուխը ունի այս պատմութեան մէջ։ Հոս ըսելիքս կարճ ուրուագրումն է այդ գործունէութեան։ Արմաշականութեան մէջ այլապէս տիրական է անոր դերը։ Մեծ ու գեղեցիկ ու արդիատիպ՝ իր բաժինը այդ յղացքին մէջ, խանդավառող, թելադրող, ազնուացնող, տիրապէս ուսուցանող վարդապետի մը կնիքով։ Անհուն է իր հմտութիւնը կարգ մը գետիններու վրայ։ Իր նախասիրութիւնները կազմեցին մարդկայնական գիտութիւնները, կրօնքներու պատմութիւնը, հին ու նոր գրականութիւնները Արեւմուտքի մեծ ազգերուն, բոլոր ժամանակներու պատմութիւն, գերադասութեամբ մը ազգայինին, բաւական խոր մղուած բանասիրական հետաքրքրութիւններ, մտածման փշրանքներ Փասքալեան կարողութեամբ։ Քանի մը անմահ քերթուածներ, որոնց գործադրութեանց մէջ փորձուած թեքնիքը կ՚անցնի մեր ոտանաւորին համեստ ընդունակութիւններէն բաւական անդին եւ որոնց մէջ դրուագուած ոգեղէն տարրը օտար չէ դարձեալ արդի քերթողութեան մեծ վարպետներու ախորժանքին։ Ու թարգմանութիւնները շատ մը ցեղերու դարերու ճաշակներուն յայտարար։ Հետաքրքրութեանց սա զանազանութիւնը, լայնութիւնը, խորութիւնը՝ առանձին բարիք իր շունչէն անցած հարիւրաւոր պատանիները, որոնցմէ կարեւոր թիւ մը մշտապաշտօն մնաց սկզբնական այդ մղումին եւ երբեմն ալ միջինէն կրցաւ բարձրանալ։ Օրմանեանով խորհրդանշուած վարչական կաղապարին վրայ իմացականին սա վերդրուագումն է, որ պիտի ստեղծէր Արմաշականութեան ինքնատիպ պատկերը։

Թէ դպրոցը չէ տուած տոկուն, անառարկելի, դարագլուխ կազմող գործեր, որոնք մեր իմացական խոյանքը կերպարէին այս կամ այն ուղղութեամբ, իրողութիւն է անշուշտ։ Բայց մտքէ չհանել սա հիմնական պարագան, որ Փոքր Ասիոյ խեղճ ու պատառ մէկ գիւղակին մէջ մեզի արտօնուած չէ Վենետիկի մը պայմանները եւ Վիեննայի համալսարանները երեւակայել։ Գիտեմ, որ գրաքննութիւնը ուրիշ վտանգ մըն էր անոր գլխուն։ Ուխտաւորներու նուէրներովը եւ պոլսեցի ջոջերու քիչիկ մը նեղ յատկացումներով միայն ինքզինք պահող հաստատութիւն մը, որպիսին էր Արմաշու Դպրեվանքը, հարկադրաբար զուրկ պիտի ըլլար իմացական մեծ տիսիփլին երու շքեղ բարիքէն, որ գործն է իմաստի մեծ կեդրոններուն։ Յետոյ Դպրեվանքի ընթացքը տաճկական գաւառական քաղաքի մը աչքին տակը, թաթին մէջը ահաւոր, արիւնարբու, կասկածահեղց բռնակալութեան մը, որ պիտի գործէր թուրքին մէջ, հետ։ Պիտի հասնէր ջարդերով քայքայուած մեր ժողովուրդին բիւր կարիքներուն, որոնց գոհացումը միայն տասը կեանք կը գրաւէր։ Այդ ամէնէն դուրս, ան պիտի կարդար, հեռաւոր թելադրանքին տակը իր վարդապետին զոր տեսած էր, ուսանողութեան շրջանին, գիշերներ կիսող ու շատ ալ անդին անցնող աշխատանքին մէջ, մեծ լռութեանը խորը վանքին, բոլոր լոյսերուն դադարէն ետք, հայր սուրբին տակաւին վարդավառ պատուհաններուն անմոռանալի պատկերովը գրաւուած։ Պիտի գրէր աւելի շատ վարչական կարիքներու, մանր–մունր, բայց ժամերու համար տարօրէն սպառիչ ընթացիկ հարցերու շուրջ։ Ձեզի կը ձգեմ ժամանակ ստեղծել այդ մարդոցմէն ոեւէ մէկուն համար, ՝ որպէսզի երեւան գային Այտընեաններ, Ալիշաններ։ Ո՛չ անտեղի գովասանք եւ ո՛չ ալ անիրաւ մեղադրում։

Արմաշականներու գործին այս ուրուագրային պատկերացումը թերի պիտի ըլլար, առանց Բաբգէն Կաթողիկոսի թերաuտուերին։ Ան չի շահագրգռեր անշուշտ մեր նոր գրականութեան պատմութիւնը այն մեծ պատճառով, որ գրական զգայարանքը տարրական մնացած է իր մօտ։ Բայց անոր անձը կը շարունակէ երկար ատեն իր մէջ վառ պահել դպրոցին մեծ աւանդութիւնները։ Մեծ է իր բաժինը Ս. Յակոբայ միաբանութեան կղերանոցին մէջ։ Դուրեան Պատրիարքի կողքին, երբ կը ճարէ պիւտճէ եւ ժամանակ, հաւաքելու, խրախուսելու, ուսուցանելու համար ապագայ եկեղեցականներու փաղանգը, որոնք նոյն վանքին իմացական նոր նկարագիր մը պիտի տան։ Իր նախաձեռնութեանն է, որ կը պարտինք Անթիլիասի Դպրեվանքը, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին կազմակերպումը։ Այս լանօրէն օգտաւէտ աշխատանքին հետ ան ծառայած է մեր բանասիրութեան։ Իր « Եղիշէ »ն, որ պոլսական եւ վիեննական դպրոցներուն փափաքելի համադրումը հեռուէ հեռու կը թելադրէ, ոչինչով վար է վիեննական ոգիին ծնունդ այդ կարգի աշխատութիւններէն։ Անոր՝ չէ շնորհուած Մխիթարեաններուն համալսարանական ո՛չ լայն պատրաստութիւնը, ո՛չ ալ պրպտման գեղեցիկ կարելիութիւնները անշուշտ։ Բայց այդ իսկ զրկանքներուն մէջ անոր պատմական վաստակը, մեծ գործ մը ՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կատարեալ պատմութիւնը, թանկագին ծառայութիւն մըն է մեր ժամանակներուն։` Յետոյ իր ոճը, աւելի տանելի քան Օրմանեանինը, ուր կայ երանգ՝ մը Դուրեանէն։ Ու արդար ըլլալու համար պէտք է ըսել նոյն ատեն, որ Արմաշականներուն մէջ պատմական ուսումներուն համար իր նա| խասիրութիւնը զոյգ կընթանայ Թորգոմ Գուշակեանի հետ։

Պէտք է հոս յիշել դարձեալ ուրիշ անուն մը, Գարեգին Եպիսկոպոս Խաչատուրեան, որ դրական իր որոշ բարեխառնութիւնը տարիներով պտըտցուց մարզէ մարզ։ Լրագրական, բայց հոգեշունչ գործ մը իրը, առաւելապէս զգացական տարրերով կազմուած, բայց ուր հմտութիւնը, զգայնութիւնը իրար չեն հերքեր երբեմն։ Իր անունին հետ կապուած պիտի մնար սակայն մեծ եղելութիւն մը « Նարեկ »ին տաղաչափեալ յարդարումը։ Տեսայ ձեռագիրը։ Աղօթամատեանը տողերու պարզ սա յարդարանքով կը դառնայ արդիական քերթողութիւն։ Իր հպումները այս արդիւնքին համար կը մնան շատ անկշիռ։ Այնպէս որ Նարեկացիին կշռոյթը ինքնաբերաբար կը յառնէ մեր աչքերուն։ Նշա՛ն՝ թէ այդ աղօթքները կը կրէին, իրենց ծագման իսկ տենդին մէջ, բանաստեղծական այն թունդ նկարագիրը, որով կը զատուին իրարմէ մարդկային արտայայտութեան երկու մեծ կերպերը, արձակն ու ոտանաւորը։

Այս նուիրագործուած անուններուն քով դժուար է յիշել ուրիշներ, սրբազան որքան աշխարհիկ, որոնք ուսուցիչ, գրող, գործիչ, ծառայեցին իրենց ժողովուրդին։ Եթէ անոնց գործը չէ ազատագրուած մեր հրապարակին միջինէն, պատասխանատուն մեր ճակատագիրն է ապահովարար։ Բայց հակառակ սա վերապահութեան, մտքի բոլոր այդ մշակները, որոնք անցան այդ դպրոցէն ու բոլոր եկեղեցականները, քահանաները, որոնք գործեցին դժբախտ օրերու, միշտ ալ պահեցին գիրի, ոճի հանդէպ մասնաւոր յարգանք մը։ Պոլոսոյ այսօրուան պատրիարքը մէկն է անոնցմէ, որոնց գրուածքները կարելի է կարդալ առանց նեղուելու։,

Այս ամէնէն յետոյ, պատրաստ եմ արագ համադրումի մը մէջ խտացնել Արմաշի ոգին անձին ու գործին մէջը Երուսաղէմի նորոգ հանգուցեալ Պատրիարքին։

Վարչական բազմատեսակ ու հեռահաս պաշտօններ, որոնցմէ ոմանք գաղութներու պատասխանատուութեամբ, ուրիշներ՝ վտանգներու թափօրով մը ծանրաբեռն։

Քառասուն ու աւելի տարիներ խօսիլ, բեմերէն, սրահներէն, հաւաքման տեղերէ, տուներէ, հանդէսներու ատեաններէն։ Ու խօսիլ ամէն բանի վրայ թաքթով մը, լրջութեամբ մը, ՝ ձեռնհասութեամբ մը յանկուցանելով սատիքն ու իմացապաշտը հաւասարապէս: Իր քարոզները չեն պատկանիր անշուշտ գրականութեան, այն պարզ պատճառով, որ որեւէ քարոզ չունի այդ յաւակնութիւնը։ բայց նպաստած են Բանին թափանցումին։ Կենդանի խօսքին ուժը հարիւրով աւելի է գրուածին ուժին։

Թարգմանական ընդարձակ աշխատութիւն, առաւելապէս քերթողական նկարագրով, որ ճաշակ մը չպարտադրեց անշուշտ։ Բայց իրեն աշակերտող հոգիներուն մէջ ստեղծեց որոշ տրամադրութիւն։ Արուեստի զգայարանքի առաջին թելադրանքները երբեմն մեզի կը հաղորդուին այդ ուղիով։

Իր ուսումնասիրութիւնները, դէմքերէ, շրջանների, նոր ու հին մեր պատմութեան անձնաւորութեանց դերէն ու տարողութենէն, թափանցումով մը, վերարտադրման մանրակրկիտ ինչպէս համադրող խղճմտանքովն ու թռիչքներովը։

Իր բարոյախօսական փշրանքները, երբեմն մեծ մարդկայնութեամբ մը թրթռուն, մեղքէ, վարձքէ, փառքէ, առօրեայէ, երազէ հիւսուած մեր եuերուն ճշդադէպ վերլուծումէն։

Իր քերթուածներէն ոմանք ՝ ուր սիրտ մը, միտք մը կը զգաս ճշմարիտ բանաստեղծ մը խորհրդանշող։

Իր հաւաքումները մեր մօտ ու հեռու հնութիւններէն, այնքան է բարեդէպ կերպով մը կատարուած, յատկանիշներ բոլորը, հասարակաց քիչ մը շարժումին աւագ դերակատարներուն։

Ոճի զգայարանք, պատմական հաստատ ենթահող։ Աշխարհը հասկնալու, մարդերը իրենց մեծ միութիւններուն վերածելու անվրէպ փորձառութիւն։ Թելադրելու, խանդավառելու, չյոգնելու, զոհաբերման լայն տուրքեր. յայտնութիւններ ասոնք, վաստակներ՝ ինչպէս քիչ վերը թուուածները։ Որոնք քով քովի չեն գար յիշուած անուններէն շատին հետ միասնաբար։ Անոր մէջ թող ներուի ինծի հաստատել Դուրեան Սրբազանի խորունկ զգայնութիւնը մտքի, արուեստի հոգեւոր ապրումին հանդէպ միշտ բաց իր իմացական հորիզոնը, կրօնական կեանքին համար խստապահանջ, ամբասիր, բարձրօրէն տիպարային իր պատկառանքը, որոնք յատկանիշները եղան Դուրեան Սրբազանին։ Անոր մէջ կը հաստատեմ կրօնական, ազգային գործիչին ճկուն ինչպէս արի օրինակը, պատասխանատու՝ դիրքերու վրայ, ազգին դարաւոր քաղաքականութիւնը կարելի ճկունութեամբ, լրջութեամբ վարելու իր շնորհները՝ դարձեալ իր կորովը՝ խոր, սպառող վաստակներու մէջ, գիծեր ասոնք, որոնք Օրմանեան Սրբազանը կը յատկանշեն։ Անոր մէջն է դարձեալ Կիլիկիոյ Աթոռակից Կաթողիկոսին յատուկ նախանձախնդրութիւնը ազգային, մանաւանդ եկեղեցական արժէքներու, զանոնք փառաբանելու։

Չեմ գիտեր հիմա ճշդիւ, թէ որքա՛ն է զգացումին բաժինը սա դրուագումին, դրուատումին ու հաստատումի փորձին մէջ։ Վասնզի դպրոցին կնիքը թէեւ ոչ խոր, բայց բաւական ամուր է եղած իմ ալ վրայ, հակառակ մէկ տարիին, որ տրուեցաւ ինծի անցնիլ անոր գաւիթէն միայն. քառորդ դար յետոյ, մարդեր որքա՞ն բան ունին զեղչելիք այս էջերէն իբրեւ շպար։ Այս տարակոյսը հիմա աւելի յստակ է իմ մէջ։ Միւս կողմէն, արուեստի գործ մը, ազատագրելու համար, կարօտ է կէս դարու կեանքի մը, զինք երկնողին մահէն ետք։ Այսօր այդ բանը կատարուած է Ալիշանի հանդէպ, զոր կրնանք դատել։ Անոր աշակերտները մտքէ չանցուցին նման արարք մը վաստակաւոր Վենետիկեանին հանդէպ այո։


 



[1]        Հետաքրքրուողները կը ղրկեմ « Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան » հատորին, ուր Թորգոմ Սրբազան վճռական էջերու մէջ տուած է այդ շարժումը, անառարկելի հեղինակութեամբ: Ուրիշ հատոր մը դարձեալ « Մշակն ու իր վարձքը » (Դուրեան Սրբազանի յոբելեանին առիթով կազմուած) շարժումին լայնքին յայտարար: Կը յիշեմ Տարեգիրք մըն ալ, Արմաշականներու կողմէ խմբագրուած 1914–ին, ուր կը լրանայ շարժումին պատմական processus-ը:

[2]        Այսպէս որակուած՝ վասնզի իր գլխաւոր մշակները կրօնականներ եղան։ Հայ կաթոլիկ միտքը անմասն է անկէ։ Հայ քաղաքական բանավարութիւնը ինքզինք սահմանափակեց գործնական բարոյախօսութեան մը թարգմանածոյ փոխադրումին մէջ: Չունեցած երկուքն ալ գրագէտ: