Ա.
ԳՈՐԾԸ
Երուխան
կը
պատկանի
գրողներու
այն
դասակարգին,
որոնք
պատմութիւն
մը
չունին։
Ըսել
կ՚ուզեմ՝
որոնց
կեանքը
սահեցաւ
դէպքերուն
ետին,
երկրորդ
փլաններու
վրայ։
Այս
հաստատումը
տարօրինակ
կու
գայ
թերեւս
մէկու
մը
մասին,
որ
թերթերու,
հանդէսներու
պայքարի
շարժիչ
դեր
մը
սիրեց
կերպարանել,
բայց
մի,
այն
կերպարանեց,
առանց
վարկի,
առանց
ճամբու՝
դէպի
զանգուած։
Այս
ճշդումն
ալ
իր
կարգին
կը
բացատրէ
Երուխանի
կրկնակ
ու
վրիպանքը
իր
անձէն,
իր
դերէն։
Ո՛չ
ոքի
համար
գաղտնիք
է
մեր
մէջ
գրագէտը.
աւելի
ընդարձակ
բառով
մը,
իմացապաշտ
տիպարը
կերպադրողն
է
իր
ժամանակի
անցքերուն։
Մեր
վաճառականը,
իմաստի,
մշակոյթի
հանդէպ
իր
կրաւորականութեամբը,
մեր
իշխանաւորը՝
օտարի
մը
թաթին
խաղալիք
իր
ճակատագրովը,
մեր
եկեղեցականը՝
զանգուածէն
կախուող
իր
նիւթական
թշուառութեամբը
քիչ
բաժին
ունին
այն
շրջափոխութեան
մէջ,
որ
մեր
պատմութիւնն
է,
տասնիններորդ
դարու
ընթացքին։
Փոխարէն՝
տիրական
դիրքերու
վրայ
կը
գտնենք
լրագրողը,
գրագէտը,
մտաւորականը։
Այս
հանգամանքները
է
իրենց
բոլոր
խորութեամբը
կ՚իշխեն
այն
օրերուն,
երբ
Երուխան
կը
կանչուի
իր
տարիքին
տուրքերուն։
Եղիա
մը,
Արփիարեան
մը,
Զօհրապ
մը
ուժեր
են,
որոնք
իրենց
իմաստը
կը
գտնեն
մեր
պայմաններուն
ցուցմունքով։
Ուրիշ
հասարակութեան
մը
մէջ
անոնք
պիտի
մնային
հեռու
իրենց
խորհրդանշական
ծանրութենէն։
Միւս
կողմէն
Թերզեան,
Աճէմեան,
Սէթեան,
Չրաքեան,
Երուխան
շարք
մըն
են
ուրիշ
անունները,
որոնց
խնդրական
կամ
վճռական
տաղանդը
ո՛չ
մէկ
դեր
ունեցաւ
իրենց
գործին
կառուցման
մէջ։
Ու
կը
հետեւի՝
որոնց
կեանքին
հետազոտումը
քիչ
նպաստ
պիտի
բերէր
այդ
գործին
հասկացողութեան։
Յիշեցի,
թէ
կը
ճանչնայի
զինք։
Բայց
չըսի,
թէ
մտքէս
չանցաւ
քառորդ
դար
առաջ
խօսեցնել
զինք,
իրմէ,
այնքան
այդ
բանը
տարօրինակ
կու
գար
իրեն,
ինչպէս
ինծի։
Ո՞վ
էր
եղած
սակայն
այդ
տղան,
հիմա
կու
տամ
հարցը
ես
ինծի,
որ
պոլսական
թաղային
վարժարանի
մը
ամենատարրական
ուսումն
իսկ
չըրած,
նետուեր
էր
կեանքի
թոհուբոհին,
երկրորդական
ուսման
անընդունակ
ըլլալու
մեծ
փաստով
մըն
ալ
խարանաւոր
(Կեդրոնականէն
մերժուելուն
անուշի՜կ
պատմութիւնը),
բայց
շարունակեր
էր
հետեւիլ
իր
ժամանակի
գրական
շարժումին,
միս–մինակը,
Երուխան
ստորագրութեամբ
երեւալով
«Մասիս»ի
(Զօհրապի
եւ
Հրանդ
Ասատուրի
խմբագրութեամբ)
եւ
«Հայրենիք»ի
մէջ
(իրապաշտներուն
մեծ
օրկանը)։
Չունիմ
պատասխան։
Անդարման
է
կորուստը
այս
ուղղութեամբ։
Տիկին
Եսայեան
գլուխգործոց
մը
պիտի
հանէր
պայմաններու
այն
հանդէսէն,
որոնք
մեր
մանկութիւնը,
պատանութիւնը,
առաջաւոր
երիտասարդութիւնը
կու
տան։
Ինչ
որ
Երուխանի
գործէն,
իբր
թելադրանք
այդ
ամենէն,
ներելի
ըլլայ
վերբերել
այսօր,
ոգի
մըն
է,
եւ
քան
թէ
իրողութեանց
փաստ
մը։
Անոր
վիպակներուն
եւ
մեծ
վէպին
հոգեկան
մթնոլորտը
բոլորովին
տարբեր
բարեխառնութիւն
մըն
է
պոլսականէն։
Անիկա
խոնարհներու,
արհամարհուածներու,
ձկնորսներու,
փողոցի
տղոց
հոգեբանութեան
պիտի
նուիրէր
իր
տաղանդին
անդրանիկ
ծիլերը։
Այսօր,
դժուար
է
իր
ճիշդ
կշիռին
մէջ
գնահատել
սա
մարմնաւորումը,
երբ
գրականութիւնը
լայնօրէն
բացած
է
իր
դռները
խոնարհներու
ողբերգութեան։
Այն
օրերուն
մեր
բանաստեղծները
ուրիշ
շատ
աւելի
կարեւոր
դերերն
ունէին
մայիսեան,
զեփիւռեան
հովուերգութեանց։
Նոյնիսկ
անոնք,
որ
(իրապաշտ
դպրոցը)
հակազդեցութեան
մարդեր
էին,
պիտի
զգուշանային
գրական
համակրանքը
տարածելու
այդ
խոնարհագոյն
խաւերուն։
Բաշալեանի
տիպարները
չեն
բաղդատուիր
Երուանդ
ստորագրութեամբ
«Ձուկին
փոխարէն»
վիպակին
ձկնորսին
հետ։
Անոնք
ընկերութեան
մը
պարզագոյն,
թշուառ,
բայց
ամենէն
հաւասարակշիռ
խաւին
կը
պատկանին։
Զօհրապի
կիները՝
նմանապէս։
Երուխանի
առաջին
շրջանը
բացառապէս
գրաւուած
է
այդ
ոգիով,
որ
դասազուրկները
(déclasse),
խախտածները
(détraqué),
կիսապուշները
(idiot)
կը
մասնաւորէ։
Այս
հաստատումները
տարածել
դէպի
իրականութիւն,
տեսնել
անոնց
լոյսով
կեանքի
մը
առաջին
հակազդեցութիւնները
արտօնելի
ընդհանրացում
մը
չէ
սակայն։
Կ՚անցնիմ։
Գործի
մը
ընդմէջէն
մարդ
մը
յօրինելու
սա
դժուարութիւնը
կը
ծանրանայ
ուրիշ
ալ
փաստերով։
Երուխան
պիտի
կրկնէ
անորոշ
ոդիսականը
իր
սերունդին
գրագէտներուն։
Ոչինչ
կայ
տարօրինակ
հոս։
Բայց
պիտի
տառապի
անոնց
բոլորէն
աւելի,
թերեւս
ասեղին
տակը
իր
մանկութեան
ստացումներուն։
Փողոցը
սիրել
հասուննալէ
վերջ,
գրական
հերետիկոսութիւն
մը
չէ
անշուշտ,
այլ
աւելի
բան
մը։
Թերեւս
այս
խուլ,
անգիտակից
ազդմունքներն
են,
որ
կը
վարեն
մեր
կեանքին
յետսագոյն
շրջանները,
երբ
փողոցէն
հեռու,
բայց
հաստատուն
ընկերութեան
մը
մէջ
ալ
մենք
մեզ
անհանգիստ,
dépaysé
կը
զգանք։
Իմացական
թափառաշրջիկը
անխառն
թիփ
մը
չէ
հաւանաբար։
Իր
երիտասարդութիւնը
տենդին
մէջն
է
մեր
իրապաշտներուն։
Մինչեւ
պոլսական
ջարդերը
ան
կը
կարդայ,
կը
գրէ,
դաս
կու
տայ։
1896–ին,
զանգուածային
խուճապէն
բռնավար,
ան
պիտի
քաշկռտէ
անդրանիկ
տարագրութիւնը։
Պոլսական
այդ
գաղթը
մեր
գրականութեան
մէջ
հազիւ
անդրադարձ
մը
պիտի
ունենար,
հակառակ
անոր,
որ
մէկէ
աւելի
էին
քանքարաւոր
գրողները
այդ
կարաւաններուն
մէջ
[1]
։
Չեմ
տեսած
Երուխանի
«Շաւիղ»ը,
զոր
հրատարակած
է
Վառնա,
իբրեւ
հանդէս։
Բայց
ունիմ
ձեռքիս
տակ
իր
«Վիպաթերթ»ը,
միշտ
Վառնա
հրատարակուող։
Այդ
թշուառ
անունին
տակ,
անիկա
պիտի
տպէ
իր
գլուխ–գործոցը,
«Մերժուած
սէր»
ռոմանթիք
տիտղոսով։
Գրեթէ
երեք
տարիներու
վրայ
երկարաձգուող
այս
հրատարակութիւնը
պիտի
անդրադառնայ
հաւանաբար
գործին
ալ
ներքին
արժանիքին։
Լսեր
եմ,
որ
հոտած
սրճարանի
մը
խորը,
օղիով
եւ
կերակուրով
գարշաբոյր
սեղաններու
վրայ
խմբագրուած
այդ
մեծաչունչ
վէպը,
ամէն
ամիս,
թերթին
ճարակ
մը
հայթայթելու
ճիգին
տագնապով,
որ
զգալի
է
վէպին
ներքին
կազմաւորման
թուլութիւններուն,
պրկումներուն
փոխնիփոխ
շրջումներովը։
Ու
տխուր
է
արձանագրել,
որ
այսքան
գէշ
պայմաններ
ըլլան
այդ
վէպին
ծնունդն
ու
զարգացումը.
ձեզի
կը
ձգեմ
լինել
կեանքը
գրագէտին,
հազարնելու
թշուառութեան
դիմաց,
իր
մոռնալու
ստիպումին
մէջ,
բայց
չմոռնալով,
չկրնալով
մոռնալ
հոգեկան
թշուառութեան
յուզիչ
փաստը
գրի՜չը։
Եգիպտո՜ս։
Հո՛ն
ալ
թերթ։
Չեմ
գիտեր
ո՛վ՝
ո՛ր
հացը,
հանգիստը,
լուրջ
ու
խոր
աշխատանքը
բերեր
էր
սա
թափառականը։
Չեմ
տեսած
«Լուսաբեր»ը,
զոր
ան
խմբագրած
է,
հաւանաբար
մինչեւ
1908։
Բայց
դատելով՝
«Արեւելք»
օրաթերթին
մէջ
(1910),
Պոլիս,
իր
գործելու
եղանակը,
սխալ
մը
չենք
ըներ,
երբ
«Շաւիղ»ը
թէ
«Լուսաբեր»ը
նկատենք
մէկը
այն
անխուսափելի
տարապարտակներին,
որոնք
գինն
են
մեր
գրողներուն
տաղանդին։
Զիջումը
հացին
ու
սպառումը
անոնց
ստեղծագործ
ուժերուն։
Այդ
շրջանէն
մնայուն
գործ
մը
չէ
կապուած
իր
անունին։
1908–ի
քաղաքական
փոփոխութիւնը
(թուրքերու
Սահմանադրութեան
վերահաստատումը)
զինքը
պիտի
քաշէ
Պոլիս։
Այդ
փոփոխութիւնը
շատ
աւելի
խոր
էր
սակայն,
որքան
առաջին
ակնարկ
մը
չի
թելադրեր։
Երուխանի
վրայ
անոր
ազդեցութիւնը
զգալի
է
զոյգ
ուղղութիւններով։
Անոնցմէ
մէկը
քաղաքական,
հազիւ
թէ
կը
հետաքրքրէ
գրականութեան
պատմութիւնը,
բայց
ունեցաւ
արդիւնք,
որ
հեղինակները
սպաննելէ
անդին
չանցաւ։
Բայց
գրական
յեղաշրջումը
բացարձակ
էր։
Իրապաշտներու
ծանր,
վսեմ,
խորունկէն
խանդավառ
բայց
ձեւով
հանդարտ
գրականութիւնը
դարձեր
էր
հինցած,
հեռացած,
գաւառացի
աղքատութիւն
մը։
Տասը
ու
աւելի
տարիներ,
որոնք
կը
բաժնէին
1895–ի
ճաշակները
1910–ի
ախորժակներէն,
երեւան
բերած
էին
հազուադէպ
արդիւնք
մը,
գրական
յղացքի
շրջափոխութեան
յայտարար։
Ի՜նչ
անուններ։
Վաւերական
տաղանդներու
քով
որքա՜ն
կարկտուածներ։
Բայց
ամենէն
աւելի
ընթերցող
հասարակութեան
մը
մօտ
էր
խաթարումին
խորութիւնը։
Չիֆթէ–Սարաֆ,
Տոմինօ,
Թէոդիկ
կ՚ուզէին
մարդերը։
Ու
կ՚ուզէին
մեծ
պոռացողները,
խոշոր
անունները
իրենց
ճառերուն
մէջ
ծափ
զարնել
տուող
ընկերաբանները,
յեղափոխականները։
Դարձողները,
մնացողները
գրողներէն
ազդուեցան
այդ
ամէնէն։
Չեմ
կրնար
Երուխանի
առիթով
վերլուծումը
ընել
այդ
կարճ
բայց
այնքան
թիփիք
շրջանին
(Սիամանթոյի
բանաստեղծութիւնը
յարմարագոյն
շրջանակ
մըն
է
նման
աշխատանքի
մը)։
Զօհրապ,
Հրանդ,
Սիպիլ
պիտի
գրեն,
հազիւ
փրկել
յաջողելով
իրենց
համբաւին
բեռը։
Երուխան,
իր
սիրական
Պոլիսին
մէջ,
այս
անգամ
ինքզինքը
դարձեալ
dépaysé
զգալու
տրտմութեամբը
վիրաւոր,
պիտի
անցնի…
խմբագրելու։
Թերթերու
կայսրութեան
սկիզբն
էր
մեր
մէջ։
Այդ
անդրանիկ
խանդավառութեան
թափը
զինքը
կը
մղէ
հրատարակելու
իր
պատմուածքներէն
փնջիկ
մը,
«Կեանքի
մէջ»
վերնագրուած։
Իր
սկսնակի
օրերէն
մինչեւ
լուրջ
հասունութիւն
երկարող
տասնհինգ
տարիներուն՝
6-7
նորավէպ։
Ան
«Արեւելք»ի
խմբագրութիւնը
ստանձնելէ
ետք,
1910–ին
պիտի
վերհրատարակէ
«Մերժուած
սէր»ը,
գիտէք
ինչ
անունով։
Ու
ամենօրեայ
զոհաբերումը
նոր
օրերու
մողոքին,
մամուլ
ըսուած
բիւրգլխանի
հրէշին։
Խմբագրական։
«Ազատ
կարծիքներ»
տարտամ
պիտակին
ներքեւ,
փշուտ
ոճով
մը
ֆանթէզիստ
հղումներ,
հարց
խառնել
մը,
սրամտութեան
[2]
մէկ
ձեւը
միայն
տիրապետող
մարդու
մը
կողմէ,
բարկութիւն
ու
բրտութիւն
չելան
կշիռի։
Անոր
կը
պակսին
հաւասարապէս
ա)
հաստ
ողջմտութիւնը,
որ
պատմական
անուններու,
անգլիական
օրաթերթերու
իմաստութեամբ
պայմանաւոր
էր
մեր
մէջ
եւ
որուն
աւագ
ներկայացուցիչը
պիտի
ըլլար
Բիւզանդ
Քէչեան.
բ)
Պոլսական
նորափետուր
գրական
շնորհը,
որ
կիներով,
գրաքննութեամբ
ճարտարապետուած
սեթեւեթն
էր
1900–էն
մինչեւ
1910
երկարող
շրջանին։
գ)
Արեւելահայ
խուժ
տարազներով,
ընկերաբանական
terme–երով
զրահակուռ
բարբարոսութիւնը,
զոր
ուսանողութիւն,
ուսուցչութիւն,
կուսակցութիւններ
կը
վերածէին
մարդկային
բարձրորակ
արժանիքի։
Երուխանի
գրչին
տակ
այս
ամէնը
անկարելի
բաներ
էին։
Մեծ
անուններ,
այդ
օրերուն
քաջընթացիկ
բառեր,
վարդապետական
բանաձեւեր,
իմաստութիւն,
իմաստասիրական
յաւակնութիւններ,
վերանորոգում,
վերգնահատում
բոլոր
այս
նիշերուն
ետին
երեւան
եկող
խռովքն
ու
խելքը
ծանր
կը
ճանչէին
իր
պարզ
միտքին։
Իրապաշտներուն
յանդուգն,
բայց
այնքան
ծանր
գլուխ,
ողջամիտ
հաւատքը
արդէն
anachronisme
մըն
էր
նորեկ
տոքթէօրներու,
պլատֆորմային
թեմաներու
մունետիկներուն
չափանիշերով։
«Արեւելք»ի
մէջ,
ուր
իր
հնամաշ
գեղջուկ
ոգին
վտարեր
էր
զինքը,
ան
պիտի
շարունակէ
աւանդութիւնը
Արփիարի
«Հայրենիք»ին
[3],
առանց
կասկածելու,
որ
զինքը
կարդացողներուն
մէջ
կրնար
բան
մը
փոխուած
ըլլալ։
Պիտի
գրէ
տասը
տարի
առաջուան
պարզմտութեամբ
ու
պիտի
զարմանայ,
որ
չէր
կարդացուեր։
Պիտի
ճարտարաւորէ
ինքզինք
չունեցած
խելքն
ալ
արժեւորելու
եւ
պիտի
յայտնէ
օրը
օրին
կարծիքներ,
որոնք
ունէին
այդ
օրերու
ամենէն
ընթացիկ
բառը
իբրեւ
վերնագիր։
Անոնք
ազատ
էին,
ինչպէս
ճաշարանները,
ծխախոտի
խանութները,
կօշիկ
ներկողներու
տուփերը,
քիչ
մը
ամէն
բան
այդ
հոսհոսներու
մայրաքաղաքէն։
Նոյն
ատեն
Չէօքիւրեանի
եւ
Շամտանճեանի
խմբագրած
«Ոստան»
եռամսեային
մէջ
ալ
պիտի
հրատարակէ
երկրորդ
վէպը,
աւելի
ճիշդը
մեծկակ
վիպակը,
որուն
թեքնիքը
դէպի
վէպ
կը
նայի,
բայց
որուն
խմորը
հազիւ
կը
լեցնէ
հարիւր
էջնոց
վիպակին
մարմինը։
Թերեւս
իր
ամենէն
յաջողակ
աշխատանքը,
քանի
որ
բարքերու
յաճախանքը
զինք
չէր
հալածեր,
ինչպէս
կ՚ընէին
ատիկա
իր
վիպակները,
ո՛չ
ալ
մէկ
անգամէն
սպառած
վերլուծում
մը
քանի
մը
հարիւր
էջերու
վրայ
ձգձգուելու
մեղք
մը
կը
յաւերժէր
«Ամիրային
աղջիկը»ին
բազմահարիւր
երեսներուն
մէջ։
Հոս
ու
հոն
իր
«Խոնարհները»,
տարեգիրքերուն
մէջ,
միշտ
նոյն
ու
մէկ
նիւթով,
թեքնիքով,
տիպարներով։
Ասոնցմէ
ամենէն
վերջինը
լոյս
տեսա
Դանիէլ
Վարուժանի
եւ
Յ.
Ճ.
Սիրունիի
խմբագրած
«Նաւասարդ»
տարեգիրքին
մէջ
(1914),
«Սիրենա»ն
որ
կը
փակէ
շարքը։
Ուրեմն
հատորիկ
մը,
«Կեանքին
մէջ»,
երկու
վէպ,
որոնցմէ
«Հարազատ
որդի»ն
բազմագրուած
է
«Ոստան»էն,
«Ցիր
ու
ցան
պատկերներ»,
առաւելապէս
ձկնորսներու
կենցաղէն։
Խմբագրականներ:
«Ազատ
կարծիքներ»։
Ահա՛
իմացական
ժառանգութիւնը
Երուանդ
Սրմաքէշխանլեանի։
*
*
*
Գործին
սա
ուրուագիծը
կը
թելադրէ
մէկէ
աւելի
կարեւոր
հարցեր։
Ամենէն
առաջ
վրիպանքը՝
այդ
գործի
հեղինակին։
Իր
ոդիսականը
Պալքաններէն
Եգիպտոս,
քաւարանեան
նախաճաշակ
մըն
է
ապահովաբար
այն
կործանումին,
որ
անոր
Պոլիս
դարձը
եղաւ
1908–էն
ետք։
Նոր
պայմաններու
յարմարում
մը
երբեմն
համազօր
է
տաղանդի։
Ըսի,
թէ
լուսանցքի
մարդ
մըն
էր
մինչեւ
իր
գաւառ
նահանջը։
Բայց
իր
տաղանդը
կը
մնար
անվթար։
Չեմ
գիտեր,
ի՛նչպէս
պիտի
դիմաւորէ
նոր
կացութիւնը
այդ
Պոլիսին,
եթէ
հրաշքով
մը
դառնայ
հոն
Մարմինայի
իր
գերեզմանէն
Արփիար
Արփիարեան,
որուն
փառքը,
փոքրութիւնները,
տաղանդին
ձեւը
իրենց
փաստը
արժեցուցած
էին
տասնամ
մը
առաջ
այդ
պայմաններուն
մէջ։
Ատոր
ուրիշ
մէկ
ապացոյցը
յիշեցի
կանխող
ծանօթութեան
մէջ։
Ահա՛
նոր
անուն
մը։
Պարթեւեան
իր
համբաւին
վրայ
«ուղղադարձ»,
հետզհետէ
պիտի
խոնարհի,
գրական
հասկացողութիւնը,
խօսքին
ուժը
սպասարկելու
աստիճան
գիրէ
ու
խօսքէ
դուրս
դատերու:
Հրանդ
իր
աղմկայոյզ
փառքը
պիտի
պաշտպանի,
դպրոցներէ
ներս
ուսուցչութեան
աթոռներու
ապահովութիւնը
հետապնդելով։
Վ.
Թէքէեան,
«Հայրենիք»ի
մէջ
(1910)
պիտի
մորթին
վրայ
հասկնայ
նորութեան,
«Բան
մը
փոխուած
է»ին
տագնապը։
Միայն
Օտեանն
է,
որ
պիտի
ընդլայնէ
ինքզինք,
գտնելու
համար
լիութիւնը
իր
ընդունակութեանց
եւ
պիտի
ըլլայ
անխուսափելի։
Չեմ
խօսիր
Բ .
Քէչեանէն,
որ
չի
պատկանիր
գրականութեան։
Կը
յիշեմ
Ռ.
Զարդարեանը,
որ
իր
նիհար
իմացականութիւնը
լաւագոյն
գործածութեան
պիտի
դնէ
օգուտի
մը
մէջ
ու
պիտի
ըլլայ
տեսակ
մը
կեդրոնական
վառարան
նոր
ոգիին։
Երուխան
այս
անուններու
շարքին
հերձուածողի
մը
դիրքը
կը
թուի
որդեգրել,
թերեւս
անոր
համար,
վասնզի
խառնուածքով
անատակ
մէկն
էր
զանգուածներու
uպաuին
տիրապետումին։
Անշուշտ
խանդավառ
էր
ու
կոյր,
ինչպէս
ըլլալ
պարտքն
է
բոլոր
մեծ
պատերու
միամիտ
զինուորներուն։
Բայց
ուրիշ
ալ
պարտք
մը
կը
ծանրանայ
վարիչներուն,
որոնց
մօտ
տաղանդը,
արժանիքը
միշտ
չեն
վճռական
զսպանակները
կարելի
հեղինակութեամբ
մը։
Ու
Երուխան,
պատկանելով
հանդերձ
յեղափոխական
կազմակերպութեան
մը,
իբր
անհատ,
չէր
պատկաներ
վարիչ
մարդոց,
պետ–երու
փաղանգին,
որ
քիչ
անգամ
հաստատ,
խորունկ
տուրքերու
կը
կարօտի
մեզի
դէմ
արտաքինին
ուշադիր
հասարակութեան
մը
մէջ
ինքզինքը
հարկադրելու։
Փաստ
է,
որ
խօսքի,
շարժումի
մեծ
ասպետներ
էին
արեւելահայերը,
որոնք
այդ
օրերուն
ողողեցին
Պոլիսը
ճառով,
աղմուկով,
պատգամներով
ու
քարոզներով։
Ու
միւս
կողմէն
իրողութիւն
է,
որ
այդ
փալուն
մունետիկները
նիհար
ուղեղներ
էին,
առնուազն
շատ
գէշ
գրողներ։
Ու
մեր
ուզածը
մեր
մտաւորական
ընտրանիին,
ինչպէս
մարմնեղ
երիտասարդութենէն,
գործողութիւն
էր
քան
թէ
խելք։
Նոյնիսկ
շրջանին
բանաստեղծական
երկու
մեծ
անունները,
Սիամանթօ
եւ
Վարուժան,
անուղղակի
հրահրողները
պիտի
ըլլան
այդ
տրամադրութեան։
Ահա՛,
թէ
ինչո՛ւ
իրապաշտ
փաղանգը
իմաստութիւնը
ունեցաւ
նահանջելու
երկրորդ
փլանի։
Ու
ան,
որ
իր
երիտասարդութիւնը,
հասունութիւնը
յատկացուցեր
էր
խոնարհները
ներկայացնելու,
այնքան
լիալիր,
սրտառուչ
նուիրումով ...
գրականութիւնը
վերածեր
էր
խղճահարական
տագնապի
մը,
ինքզինք
գտաւ
առանձնացած։
Լա՜յն,
խո՜ր,
արդիակա՜ն,
սկզբունքայի՜ն
(ճիւաղ
բառը)
հարցերու
հանդէպ
անոր
թուլութիւնը,
չըսելու
համար
անտարբերութիւնը,
յայտարար
նկատուեցաւ
սպառման։
Ու
վճիռ։
Անշուշտ
գրականութեան
պատմութիւնը
չազդուիր
այդ
վճիռներուն
անհեթեթութենէն։
Բայց
զայն
բեկանելու
ատեն
կը
ջանայ
հասկնալ
մարդկային
սխալը։
Ինծի
կու
գայ,
թէ
այս
վրիպանքը
ծնունդի,
արիւնի
հարց
մըն
է
քան
տաղանդի
[4]
։
Երուխան
իր
ժամանակին
մարդը
չէ
կրցած
ըլլալ,
ո՛չ
անշուշտ
զարգացման
պակասէ
մը
(այդ
զարգացումը
իբր
վրիպանք
հասարակաց
էր
իր
ընկերներուն
մեծ
մասին,
որոնք
տիրական
դէմքեր
եղան,
եւ
կամ
զգացական
նիհարութենէ
մը,
քանի
որ
իր
սերունդին
զգայնութիւնը
ամենէն
յորդն
է
մեր
գրական
երեք
սերունդներուն,
այլ
գործօնական
տուրքերու
սա
անբաւակա
Յետոյ
կու
գայ
հարցը
գրագէտին
եւ
իր
գործին
մէջ
տիրական
միութեան։
Ակադեմական
նրբութիւն
մը
չէ
որ
ինծի
կը
թելադրէ
այս
փակագիծը
բանալ։
Ի՛նչ
տիրական
շահերու,
հեռանկարներու
թելադրութեանց
տակ
երեւան
եկած
է
այս
գործը:
Իրապաշտներուն
հզօրագոյն
առաքինութիւնը՝
այս
հարցումին
իրենց
բերած
պայծառ
խոստովանութիւնն
է։
Անոնք
ամէնքն
ալ
վերանորոգչական
դերերէն,
օգտաշատ
ծրագիրներէն
հաճոյք
առնող
մարդեր
էին
ու
շեշտ
հակադրութեան
մը
մէջ
կրկէս
իջան
զիրենք
կանխող
ու
իրենց
հետ
գործող
երկու
սերունդներուն
հետ։
Յստակ,
օրինաւոր
ծրագրի
մը
շուրջ
իրենց
հաստատ
համերաշխութիւնը
այսօր
անոնց
յիշատակը
փառաւորող
գեղեցկագոյն
վկայութիւնն
է։
Փնտռեցէ՛ք
նման
իրողութիւն
մը,
անոնցմէ
առաջ,
անոնցմէ
վերջ։
Պիտի
չգտնէք
այդ
ութ–տասը
տաղանդներու
միակամ,
ամրակուռ
փաղանգը,
իր
նոյնքան
ամուր,
ամրակուռ
նպատակներով։
Ի՞նչ
կը
ներկայացնէր
1892–ին
այս
Երուանդը,
որ
ապագայի
Երուխանը
իբր
կորիզ
բովանդակէր
իր
մէջ։
Ո՞ր
դասակարգին
(սա
բառը
հոս
ընթերցողներու
լայն
խաւ
մը
միայն
կը
թելադրէ,
առանց
ընկերաբանական
դոյզն
յաւակնութեան)
պաշտպանութիւնը,
անոր
վէրքերուն
դարմանումը,
անոր
նիւթական
ու
բարոյական
բարձրացումը
կը
հետապնդէին
այդ
Համբիկները,
քարիտէզճիները,
ջրհանկիրները,
յիշելու
համար
քանի
մը
կարկառուն
թիփեր։
Հարցը
դրէք
նոյնութեամբ
ոեւէ
իրապաշտի
հետ։
Պատասխանը
որոշ
է
որքան
վճռական։
Երուխանի
տիպարները,
գլխաւորաբար
իր
վիպակներուն
մէջ,
կը
պատկանին
մարդոց
խաւի
մը,
որ
արդէն
դադրած
է
ընկերութիւնը
շահագրգռելէ։
Խոնարհներով
զբաղելու
պերճանքը
(luxe)
պիտի
չներուէր
իրեն
ու
չներուեցաւ
նոյնիսկ
այն
ատեն,
երբ
այդ
տիպարները
փոխուեցան։
«Ամիրային
աղջիկը»,
«Հարազատ
որդի»ն,
«Կաղանդչէք»ը
ուրիշ
կաղապարով
մարդեր
կը
նետեն
կրկէս,
բայց
անջնջելի
կնիքով
կնքաւոր,
որ
Երուխանի
տաղանդին
նկարագիրն
իսկ
է։
Իրապաշտներու
համար
գրականութիւնը
լուրջ,
ծանր,
նուիրական
sacerdoce
մըն
է,
բաւական՝
որպէսզի
հանդուրժելի
դառնային
սա
ապուշներուն,
նախնական,
գրեթէ
վայրագ
հոգիներու
վերլուծումները,
որոնք
ընթերցողին
շատ-շատ՝
իմացական
հաճոյք
մը
կը
բաշխէին,
բայց
անոնց
բարոյականին
վրայ
հեռու
էին
որեւէ
դերէ։
Երուխան,
ուրեմն,
իր
առաջին
իսկ
քայլերուն
ինքզինք
մեկուսացուցած
էր,
իր
աշխարհով։
Խոնարհներով
վարկ
մը
պահպանելու
համար
այլապէս
հզօր,
ինքնատիպ,
մշտանորոգ
տաղանդ
մը,
իմացական
շատ
լայն
հետաքրքրութիւններով
պաշտպանուած
հրապարակագրական
գործունէութիւն
էին
հարկաւոր։
Երկու
նախադրեալներն
ալ
պակսեցան
Երուխանին։
Ու
հակառակ
անոր,
որ
մեր
աղքատ,
արհեստաւոր,
պանդուխտ
դասակարգը
լայնօրէն
համակրելի
մնաց
իրապաշտներուն
[5],
Երուխանի
մարդերը
չազատեցան
իրենց
լուսանկային
ճակատագրին
ու
չփրկեցին
իրենցմով
զբաղողը։
Այն
միակ
վէպը,
ուր
ան
պիտի
փոխէ
մարդերը,
«Հարազատ
որդի»ն
է,
որ
շատ
ուշ
կու
գար
ինչպէս
գէշ
օրերու,
որպէսզի
մեր
հրապարակը
սրբագրէր
իր
անգիտակից
դատաստանը։
Վճիռը,
որ
առանց
հանդիսաւորապէս
արտասանուելու
զարկած
էր
անոր
գործին
ճակատագիրը,
իր
խառնուածքով
իրեն
պարտադրուած
վրիպանքը
կը
շարունակէր
ճշդել,
իր
տաղանդով
իր
գործերէն
ալ
պարտադրուած
սա
վրիպանքին
վրայ։
Երուխանի
մարդերով
Մաքսիմ
Կորքի
եւրոպական
համբաւ
մը
լաստակերտեր
էր։
Երուխան
իր
կործանումը
յօրինեց
անոնցմով։
Կու
գամ
զինքը
սերունդի
մը
մէջ
դասաւորելու
հարցին։
Ժամանակ,
տաղանդ,
աշխատանք
համերաշխ
են,
որպէսզի
անոր
անունը
իր
տեղը
առնէր
իրապաշտ
խմբակին
մէջ։
Չունեցայ
ատիկա
ընելու
քաջութիւն։
Անոր
գործին
երկու
մեծ
վկաները,
«Ամիրային
աղջիկը»
եւ
«Հարազատ
որդի»ն
կը
հերքէին
ժամանակին
վարկածը,
որ
զանցառելի
բան
մը
չէ
մանաւանդ
պատմական
հոլովոյթի
գետնին
վրայ։
Գրագէտի
մը
կեանքին
մէջ
խտութեան,
լիութեան
շրջանները
միշտ
ուղիղ
համեմատութեամբ
մը
չեն
յարաբերիր
ամբողջութեան
հետ։
Ոմանք
անդրանիկ
երիտասարդութեան
բախումը
պիտի
ընեն
իրենց
համար՝
ոսկեդար
մը։
Ժամանակը
պիտի
աշխատի
ի
վնաս
այդ
փառքին։
Ուրիշներ
պիտի
հասուննան
դանդաղ
յառաջատուութեամբ
ու
իրենց
լաւագոյն
գործերը
պիտի
տան
իրենց
աշունին։
Օրէնք
մը
չկայ
այս
ամէնը
կանոնագրող։
Երուխանի
համար
վերջին
տեսակը
ճիշդ
պիտի
ըլլար։
Այն
ատե՞ն։
1908–ին
մեր
իրապաշտութիւնը
շքեղ
յիշատակ
մըն
է
միայն։
Անոր
մեծագոյն
փառքերը
լռած
են
գրեթէ
ընդմիշտ,
որ
մէկը՝
մահուամբ,
որ
մէկը՝
կամաւոր
նահանջով։
Չօպանեան
պիտի
մնայ
պատնէշի
վրայ,
առանց
պատմուճանի,
առանց
տասնաբանեայի։
Զօհրապ
պիտի
զիջի
դէպի
արուեստագէտ
հանգանակը
ու
անանձն
գրականութիւնը
պիտի
փոխարինէ
գերազանցապէս
անձնական
մտահոգութիւններով
(«Էջեր
ուղեւորի
մը
օրագրէն»)։
Այնպէս
որ
Երուխանի
յապաղումը
գրեթէ
ժամանակավրէպի
կը
վերածուի,
երբ
թուականներուն
փաստին
ապաւինինք։
Միւս
կողմէն
աւելի
քան
ստոյգ
է,
որ
շարժումին
մէջ
չունինք
գործ
մը,
ուր
իրապաշտ
հանգանակին
տրամադրութիւնները
կիրարկուին
այն
վճռականութեամբ,
զոր
այսօր
կը
գտնենք
Երուխանի
տուածին
մէջ
(այս
մասին
տեսնել
աւելի
անդին)։
Ուրիշ
ալ
պարագայ՝
աշխարհին
նկարագիրը,
որ
իրապաշտ
հետաքրքրութեան
համար
թէեւ
ոչ
քաջայարմար,
բայց
դուրս
չէր
անկէ։
Այս
ամէնուն
իմա՞ստը։
Սա՝
թէ
կեանքին
մէջ,
ինչպէս
կեանքէն
վերջ,
Երուխան
կը
մնայ
մէկ
ու
նոյն
հերձուածողը։
Իր
գործունէութիւնը
այս
պայծառութեան
պակասէն
տառապեցաւ,
երբ
ողջ
էր
ինքը։
Իր
յիշատակը
ահա
կը
տառապի
նոյն
այդ
պայծառութեան
պակասովը,
որուն
ճիշդը
չեմ
գիտեր
ո՞վ
է
պատասխանատուն,
ի՞նքը,
թէ
իր
ժամանակը։