Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. [ԽՄԲԱԳԻՐԸ, ՎԻՊՈՂԸ, ՊԱՐՍԱՒԱԳԻՐԸ]

Սուրէն Պարթեւեան այն մարդերէն է, որոնք իրենց տաղանդը գործածեցին անխնայ։ Իր անձնաւորութեան շահեկանութիւնը իրական որքան խոր, չի կրնար պաշտպանել գործին մնացածը, որ վճռական վրիպանք մըն է։

Չեմ բաժներ իր դէմքը կողմերու, վասնզի ինքը հեղինակը չէ հաւատացած նման բանի մը։ Անոր մէջ կ՚ապրի ընթացիկ կաղապարէն խմբագիր մը, անոր մէջ կ՚ապրի վիպողը, քանի որ իր վաղահաս ծերութեան մէջ (իմացական) ան գրեց « Ձայնը հնչեց » ցնդաբանութիւնը։ Անոր մէջ կայ հզօր պարսաւագիր մը, որուն շքեղ արտայայտութիւնը եղաւ « Խարազան »ը։

* * *

« Վաղուան ձայնը » նշանակալից հրատարակութիւն մըն է սակայն։ Մտադրութեանց հարստութիւնը ու հանդէսին էջերուն եւ թիւերուն աղքատութիւնը այս հակասութեամբ միայն չեն դառնար ուշագրաւ, այլ կը ծառայեն քանի մը իրողութեանց իբր փաստ, որքան հակափաստ։

Աւելորդ է 1900–ի արտասահմանեան մամուլին վերլուծական պատկերացումը։ Ինչ որ « Վաղուան ձայնը » կը զատէ այդ պատկերէն, իր տարօրինակ կեցուածքն է իրականութեան դիմաց։ Անկարելի է, որ այդ օրերուն լոյս տեսնող (1898) հանդէս մը հեռուէ հեռու չյիշեցնէր Պոլիսը, այսինքն 1893–ի « Մասիս »ները կամ շրջանին յեղափոխական պարբերաթերթը, սանկ « Հնչակ » մը, « Դրօշակ » մը, « Ապտակ » մը։ « Վաղուան ձայնը » հեռու է հաւասարապէս այս ընդհանրութիւններէն։ «Քաղաքական փրոփականտ» չըրաւ այդ հանդէսը, բայց ըրաւ աւելի բան մը դատել ձեռնարկեց ո՛չ միայն իր անմիջական ժամանակը, այսինքն՝ անմիջապէս կանխող շրջանին ալ տարողութիւնը։ Սուրէն Պարթեւեան հայ գրականութեան վրայ իր քանի մը յօդուածներով կը ներկայանար արտակարգ թափանցող մը, հզօր վերլուծող մը, կործանարար գործիչ մը։

« Վաղուան ձայն »ը միայն գրական–քաղաքական կեցուածք մը չի յայտնաբերեր։ Սուրէն Պարթեւեան մինակն է, որ այդ վաղամեռիկ պարբերականին մէջ բան մը կը բերէ, որքան ալ սա բերուածը ըլլայ դաժան, նոյնիսկ խնդրական։ Դժգոհանքը, ինք իրմով դրութեան մը վերածուած, ամէնուն դէմ, աւելի՛ շեշտուած հրապարակի կուռքերուն դէմ։ Ժխտումը, անխառն ու միակտուր, առանց բառերու սքօղանքին, յարձակող, կործանարար։ Անձնականութիւնը, մեր ժողովուրդին ընդոծին սա ժահրը, որ մեզ կ՚ընէ անկարող հաւաքական գործունէութեան, կը մտնէ անդրագոյն խորքերը ու մեզ կ՚ընէ անատակ ամէն հեռահայեաց ձեռնարկի։ Խելքը, գործածուած այս ժխտական տարրերու մշակման։ Բոլորը մէկ հանդէսը պիտի թունաւորէին վաղահաս կերպով մը: Բայց Պարթեւեան նոյն այդ հոգեբանութիւնը պիտի պարզէ անոր մահէն ալ վերջը։ « Խարազան »ը, տպուած Փարիզ (1901), ուրիշ ոգիէ մը չի գար մեզի։

Հոս բանաձեւուած գրական վճիռները կը բխին խորունկ, շատ ծաւալուն տրտմութիւններէ, արգասիք՝ հաւաքական, որքան անհատական տագնապներու եւ նոյն ատեն փաստեր են շատ տարօրինակ հասկացողութեան մը, գրական զգայարանքի մը, որ գրեթէ անըմբռնելի կը դառնայ այդ մատաղատի երիտասարդին վրայ, որ ատեն իսկ չէ գտած իր միտքը մարզելու։ Այդ վճիռներուն վերաքննութիւնը մեզ պիտի տանէր կարեւոր բաներ ըսելու այսօր ո՛չ միայն գրական ճաշակ որակուածի մասին, այլ պիտի ընէր մէկէ աւելի ծանրակշիռ ճշդումներ։ Արշակ Չօպանեանի մէջ զգայնութեան աղէտը (պակասով պայմանաւոր), Արփիարեանի, Զօհրապի, Հրանդի տաղանդներուն նկարագիրները, քանի մը տողերու վրայ, ան յաջողած է սեւեռել, վստահ թափանցումով մը, մեղք որ, ժխտական տրամադրութեան մը գոլէն։ Երուանդ Օտեանի դիւրութիւնը (facilité), տափակութիւնը, ինքն է որ չափած է ամենէն առաջ ու գրած ծանր վճիռներ այդ փնտռուած « խեղկատակ »ին գրականութիւնը դատապարտող։ Այս մասին կը մնայ հիանալ Պարթեւեանի զգացողուեթան։ Բայց ասիկա պատճառ մը չէ, որ այդ հիացումը շարունակենք պահել ուրիշ շատ մը բաները, որոնք մուտք ունին « Խարազանը »ին մէջ։ Պարոնեանը արժեզրկել, այդ օրերուն, թերեւս աժան քաջասրտութիւն մըն է, քանի որ հանճարներուն ճակատագիրն է իրենց համբաւը քաւել լիակատար կործանումով մը։ 5-6 տարի չկար, որ հող էր մտեր արեւմտահայ գրականութեան ամենէն իրաւ այդ փառքը։ Սուրէն Պարթեւեան երիտասարդ մըն էր, երբ Պարոնեանը կործանելէ ետք, խանդավառ հպարտութեամբ մը իր հիացումը չի սակարկեր Լեւոն Բաշալեանի վրայ, զայն հռչակելով իրապաշտ շրջանին գերագոյն վարպետը ։ Կէս դար յետոյ, Պարոնեան կը մնայ աւելի քան մեծ՝ ու իրաւ։ Կը խորհիմ, թէ ուրիշ կէս դար մը անոր պիտի ապահով է ազգային բացառիկ հանճարի մը ցարդ վիճովի իրեն զլացուած, բայց արդար փառքը, որ պիտի կազմէ արեւմտահայ գրականութեան մէջ այն մէկ հատիկ օրինակը, որուն մէջ սերունդները կը սիրեն հաստատել գրագէտ յղացքին լիակատար տարողութիւնը, անշուշտ մեր սահմանին մէջ։ Ու միշտ այդ օրերէն մօտ կէս դար, Լեւոն Բաշալեանի գործին գրեթե երեք չորրորդը վերադարձան իր ճշմարիտ արժէքին, թղթեղէնի աժան ու անպէտ արժէքին։

 

Բայց ահա՛ կարեւորը։ Այս տարօրինակութիւնները չեն վնասած « Խարազանը »ին ո՛չ գրական ո՛չ ալ վաւերագրական տարողութեան։ Ու պատահածը ճիշդ հակառակն է օրէնքին։ Ըսի վերը՝ հոգեբանութեան մը հարազատ հայելին է, որոշ չափով՝ սերունդի մը։ Բայց ամբողջովին՝ Պարթեւեան յորջորջուած երեւոյթին (որ գրական է, ընկերական, քաղաքական, անձնական) ամենէն կարկառուն պատկերը [1], նոյն ատեն։ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ խօսքը չունեցաւ:

ա. Անգթութեան, ծանրութեան, անպատկառութեան սա զայրագնութիւնը ուրիշ ոեւէ մէկու մը գրչին տակ։ Պարթեւեան ո՛չ միայն դրական զօրաւոր խառնուածք մը դատելու շնորհներ, յոյզով թրթռուն ու թունաւոր խօսքի տուրքեր կը բերէ երեւան, այլ մեր մէջ շատ հազուադէպ ուժի մըն ալ փա՛ռքը։ Գիրքերու պատմութիւնը արձանագրած է հսկայական իրողութիւններ, որոնք արդիւնքներ էին այս ու այն հատորին։ Գրական վարկին չէ որ կ՚ակնարկեմ, որ նուիրագործում մըն է (Րաֆֆի, Ալիշան, Նալպանտեան)։ Մենք հաստատելով հանդերձ մեզի մատուցուածին ախտաժէտ, թերեւս թունաւոր նկարագիրը, չենք կրնար մերժել անկէ արտածորող հաշշային զգլխանքը ու կը տարուինք, Պարթեւեանի համար հեշտանք մըն էր, ուրիշ շատերու կարգին (ապրեցաւ հեշտութիւններ հալածելով ու անոնցմէ բռնավար), խածնելը, շնական հպարտութիւնը, բառերը չխնայելու արիութիւնը (որքան ալ սուտ, աններող ըլլային անոնք. չենք կրնար մոռնալ « Սքեմախոյսը », որ վէպ մը կ՚արժէ ու ասպարէզ մը, որ մարդ մը անպայման կը խարանէ)։ Քսանին եւ երեսունին մէջտեղը մախանքը, սա թանձրութիւնը, որով սեւակուր կը դառնան էջերը սա պրակին։ Ուրիշներ այդ ոսկեդարը կը յատկացնեն սիրոյ: Պարթեւեան կ՚ատէր կիները, որոնք անժուժելի զզուանքներ տուին յաճախ, երբ անոր մարմինը գնեցին, բայց չէր սիրեր ո՛չ մէկը ։ Ասկէ իր այլուրութիւնը գորովէ, արգահատանքէ։ Իր վագրութիւնը ՝ որ պատկեր մը չէ միայն, այլ արժանահաւատ վկայութիւն մը։ Իր զոհերը չբաւանականացաւ հարուածելով, զգետնելով։ Իրեն չափ հզօր կործանող մը, ինչպէս այդ արարքին մէջ գեղեցկագիտական հեշտանք մը հետապնդող սատիք ասպետ մը չունի մեր գրականութիւնը։

բ. Կրակը, անասնական նախանիւթը կիրքին, որ իբր թէ գաղափարներու գուպարէ մը, առնուազն իմացական խառնարանի մը ծնունդ կ՚առնէ ու կը պատրէ, զինք ինչպէս շրջապատը, բայց դրականին մէջ միսերու գալարքի մը, ախորժակներու սաստկագին բախման մը, արիւնոտ, հեռահաս ձգտումներու համախառնուրդ անդրադարձ մըն է, երբ տեսնուի, չափուի, ըմբռնուի անդրագոյն խորութեան ու, ստուգութեան ճշգրիտ զսպանակներուն մէջ։ Անոր համար ամէն դատում պիտի հագնի սա տարօրինակ շղարշը կիրքին, որ իմաստները չոգեւորող ու զանոնք զգացման վերածող խմորն է անոր արարչագործութեան։ Մարդն է, որ կը ստէր, բայց կը հաւատար անոր գեղեցկութեան, իր ուղեղը կարծես մեկուսացած տուփ մը էր անոր գործարանաւորութեան վերեւ։ Այս է պատճառը, որ իր վճիռները գէթ տողին վրայ յօդուածին ամբողջին մէջ կը խռովեն, դպելով մեր մէջ ընկալուչ լարերու (չմոռնալ օրէնքը, որուն համեմատ ամէնքս քիչ անգամ ուրիշ բան ենք քան մեր ջիղերուն հարկադրածը մեզի), շահագրգռելով խուլ, մութ, խոր կեդրոններ մեր միսերուն կայսրութենէն ներս, խոշտանգելով երբեմն ուղեղը, տրամաբանութիւնը, երբ ասոնք կը փորձեն իրենք զիրենք զգալի ընել ու ուրուանալ մեր կիրքերուն հեղեղին վերեւ։ Սուրէն Պարթեւեանի մէջ կիրքին այդ կրակն է, որ կ՚անցնի մեզի, ինչպէս շքեղ պերճաղիճէ մը իր մարմնական շնորհներուն գոլը, մեզ ընելով գրեթէ միշտ անտարբեր այդ խռովքի վաւերական արժէքին։ Ու մի՛ մոռնաք, որ « Խարազանը » պրոշիւր, շանթաժ ըլլալէ առաջ խօսք [2] է, այսինքն  մարդոց ուղեղէն աւելի, անոնց զգայարանքներուն վրայ թափուած պերճ, անողորմ, պսակաւոր պարսաւ։ Ու ամէնքս ալ գիտենք, թէ որքան խուլ հաճոյք մըն է մեզի համար խնդալ ուրիշներու հաշւոյն։ Ամէն անգթութիւն խուլ հաւանութեամբ մը կը դիմաւորենք ուրիշներու հաշւոյն։ Չեմ կրնար ընդունիլ տարազը սա մարդուն համար, քանի որ հասարակաց իրողութիւն է, թէ խօսքը իր ուժը, կեանքը պարտական է միշտ իրաւ, խոր գաղափարներու։ Ու գաղտնիք չէ, որ Պարթեւեան չէր հաւատար նոյնիսկ իր գրածներուն։ Կը գրեմ այս տողերը, արձանագրելու համար զօրաւոր տպաւորութիւն մը, որ խօսքի ուժին հետքն է մեր վրայ, եւ որ կ ՚ ընդհանրանայ իր յաջողակ էջերուն մէջ ալ, ստեղծելով մեր մէջ զգայութիւններ։ Երգիծանքը, սրամտութիւնը, նոյնիսկ հսmeur-ը մենք կը հանդուրժենք այս տգեղ հաճոյքին գոյացում ճարելու մեր աճպարար կեղծիքին մէջ։ Պարթեւեան, առանց այդ ստորին ուժերու շահագործման, թերեւս պիտի չըլլար այն մեծ գ րագէտը, որուն անունը սարսափ մըն էր ոչ միայն պարկեշտ մարդոց, այլեւ ամենէն անզգամներուն։

գ. Արագ թափանցումի սա փաստը, որ յատկանիշն է վաւերագրական քննադատին, պայմանա ւ, որ չըլլայ ծանրաբեռնուած հ եռի, օտար, նոյնիսկ հակադիր ձգտումներով այնքան յաճախադեպ մեր դատումներուն խո ր ենթաշխարհին մէջ։ Պարթեւեան « Խարազանը »ին մէջ հզօր intuitif դատաստաններ արձանագրած է, որոնք իրենց բանաձեւման օրերու կենսալից թարմութիւնը երբեմն կը պա հ են, բայց նմանապէս կը պահեն այն թթու, հատուածային, քինախնդիր, սատիք գոլն ալ, որուն գաղջութեան մէջ սնած այդ դատաստանները, այս ու այն դէպքին լուսաբանութիւնը այս ու այն հ ատուածներուն եւ պատրաստութիւն։ Ո՛չ մէկ pédantisme: Անշուշտ։ Այդ կէտին վրայ երախտապարտ ենք իրեն։ Ո՛չ մէկ խոր ակօս բացող տեսութիւն (դժուար կը ներենք իրեն սա զանցումը)։ Բայց նոյն ատեն հզ օր զգացողութիւն մը կանխորոշ հոգեբանութեա՛ն մը։ Տգեղ է բառը, բայց չի դադրիր լաւագոյն կերպով արտայայտելէ այս տպաւորութիւնը կողմնակալութիւնը Պարթեւեանին համար դժուար ճարուած փոքրոգութիւն մը չկազմեց, այլ գրեթէ բնախօսական fonction-ը անոր ուղեղին։ Այս է ահա « Խարազանը »ի աւագ, մահացու մեղքը։ Ըսի, թէ չէր կարդացած։ Կը յայտարարէր, թէ պէտք չունէր ուրիշներուն թղթեղէնին մէջ հ աստատելու բաներ, nրոնք իր միսերուն մէջ ապրող շարժումներ էին։ Այս վճիռներէն կարեւոր թիւ մը նուիրագործուած է լոյս տեսնելու թուականէն քառորդ դար յետոյ։ 1900–էն առաջ Արշակ Չօպանեան միապաղաղ հանճար մըն է, մեր նոր գրականութեան գերագոյն դէմքը, օտարներու համայնքագիտարաններուն մէջ քանի մը տող արձանագրութիւնը փառքով կրող ազգային բանաստեղծը հ այոց։ 1900–էն ետք մարդիկ պիտի վարանէին Չօպանեանի պարծանքը պարծենալ, անոր տարողութիւնը տարածել, խորանարդօրէն անոր գործին ալ փառքին ու բարիքին։

դ. Հարազատ, շքեղ պարսաւի ուժն ու ուժգնութիւնը, որով, Պարոնեանի մահով իր հմայքէն բեկուած, նուաստացած գրականութիւնը կը վերագտնէր իր ամբողջ ազդեցութիւնը, քաղքենիներուն ստեղծելով ճշմարիտ սարսափ մը, չկասկածուած նանրամտութիւններ։ Մտաւորականներուն գրչի ու պայքարի հարազատ ընկերներուն դէմ այնքան ահաւոր անբարոյութեամբ մը ծառանալը՝ ուրիշ իրողութիւն։ Չէին հ ասկնար զինքը, երբ որեւէ պատրուակ կը շ ահագործէր դժուարաւ, մեծ զոհողութեանց գնով կանգուն մտանութիւններ, մեծա շ առաչ թատերականութեամբ մը կործանելու։ Եւ այս ամէնը արտայայտման այնքան շքեղ տուրքերով, որ մարդ կը մնայ ափիբերան։ Պարթեւեան « Խարազանը »ին մէջ տուած է ներքին մարդէն ր մէջ զզուելի բխումներ), բայց չէ տկարացած արտայայտութեան հ զօր կորովէն։ Չօպանեանի հետ ան տարիներու իր ծանօթութիւնը չվարանեցաւ ենթարկել է իր պարսաւին սնունդին։ Ու հ ո ՛ ս է ահա անկարելիութիւնը այդ գրքոյկին։

« Խարազանը », ասոնցմէ դուրս ու անկախ, մեր մէջ այն մէկ հատիկ գիրքն է, ուր առատ են նոր գաղափարներ ի՞նչ փոյթ, որ անոնք ըլլան առնուազն ոչ–ուղղափառ։ « Խարազանը »ին գաղափարները, ըսի, մեծ մասով հասարակաց դարձան։ Պարթեւեան նանրամտութեան սարսափը ունէր, ուրիշներու մօտ անոր աւերները երբ կը շահագործէր։ Այս է պատճառը թերեւս, որպէսզի գրքոյկը մնայ մեզմէ ետքն ալ։ Ու ապահով եմ, որ Պարթեւեանի ամենէն դիմացող երկը այս գրքոյկն է։ Ծիծաղելի կամ լուրջ, ոստոստուն կամ ֆանթասթիք, ինչպէս տրուած է մեզի հ աստատել ասոնք Եղիայի մը պատումներուն ետին Կատուի մը յուշագիրքը », « Փիլիսոփայական բառարան » եւայլն)։ Գրական գետինէն ան, առանց աճպարարութեան, բախումի փոխադրած է շահագրգռող աւելի ընդարձակ տարածութիւններ։ Մեր քաղաքական կեցուածքը կայ, որոշ կերպով մը, « Խարազանը »ին մէջ։ Ու կուսակցական կարողութեան, մոլեռանդութեան, անձնական ատելավառ կիրքերու այդ բուն հեղեղը, ահա քառասուն տարիներէ ի վեր, չէ կորսնցուցած իր բխումին ժահրը։ Արուեստի գո՞րծ մը ուրեմն։ Չեմ վարանիր այս զիջումը ընելու գիրքի մը առջեւ, ուր խօսքին կրակը դեռ չէ պաղած ու միտքին ուժը կը պահէ իր փ ոսփորափայլութիւնը եւ այլն

 

Բայց ի ՜ նչ տրտմութիւն, նոյն ատեն, որ Պարթեւեանի պէս առատա շ նորհ միտքէ ու յորդ զգայնութենէ մը, մեր գրականութեան պատմութիւնը ստիպուած ըլլայ յամ ե նալ սա հ սկայ շ արաւանքին մօտ, անոր անունին արժանաւոր պատուանդան մը ճարելու տագնապը այնքան զարտուղի միջոցով մը դիմաւորելով։ Շատ մը բաներ փորձած այս մարդէն, սա աղտոտ գրքոյկը կը կազմէ այսօր անոր տիրական ու տխուր փառքը։  

 

* * *

Գրական, քաղաքական, ընկերա–կուսակցական մարզին վրայ սա ուժգնութեամբ ինքզինք մեզի պարտադրող սա պարսաւը, արդիւնքներու նոյն համեմատութեամբ, այն երկու ուրիշ հատորներուն մէջ ալ, որոնք, կենթադրեմ, իր անունէն պիտի մնան անժառանգ հ այոց դպրութեան։  

Անմիջապէս կ՚աւելցնեմ, որ Պարթեւեանի ստորագրած, աւելի կամ նուազ մեծահամբա ւ հ ատորներ է ն ստիպուած եմ զեղչել:

ա. Իր reportage–ը։ Կ ՚ ակնարկե մ՝

1. « Կիլիկեան արհաւիրքը » յորջորջուած աղեխարշ, բայց կեղծ էջերուն։ Վրիպանք մըն է այդ հ ատորը, նոյնիսկ անմեղ որքան ապայժմէ Փայլակի մը « Տեղեկագիր »ին հետ բաղդատուած։

2. « Արարա » անունին տակ խմբուած ու միշտ անորակելի հ ատորիկին, ուր դրամի բաղձախտաւոր մը հ պարտանքը կ ՚ արդարացնէ գրականութիւնը շ անթա ժ ին լծելու կամ շ ողոմին ընձեռելու։

3. Հատորի չմտած այն էջերուն, ուր իր բառերը ծախելու ստիպուած թիապարտ մը պիտի շահագործէ քրոնիկը, անկէ հ անելու հ ամաը քանի մը էջ խօսք, սնամէջ, որքան սուտ (պէտք կը զգամ՝ աւելցնելու, որ այս ամէնուն միշտ հ աստատելի գեղեցկութիւնները գլխաւորաբար Աղէտին բեմէն անբաւարար կու գան բեկանելու Սուրէն Պարթեւեանի լրագրական ամուր մարզանքները, գրել գիտցող մարդու եւ այս գիտութիւնը չարաշահելու նոյնքան ամուր զգացումը, երբ վերստին կը կարդանք այսօր անոր քրոնիկները, խ մբագրականները։ Չմոռնալ, սակայն, որ Սուրէն Պարթեւեան հարազատ լրագրող մը չէր ծնած)։

բ. Թատերական իր ճամարտակութիւնները (կ՚ակնարկեմ « Ձայնը հնչեց », « Անմահ բոցը », « Կարմիր ժամուց » [3] անուններով իր տքնագին յօրինումներուն), որոնց մասին իր հաւատքը մանկունակ ըլլալուն չափ սնափառ ալ էր։

գ. Վէպերը, որոնք գրուեցան 1910–էն ասդին Ձայնը հնչեց », « Անմահ բոցը » գլխաւորաբար եւ « Արիւնին ամտեանը », տպուած բոլորն ալ Եգիպտոս) եւ որոնց բոլորին ալ մէկ ու նոյն՝ մեղքը, մէկ ու նոյն՝ նպատակը մեղքը՝ իր ստորագրութեան շ ա հ ա դ իտութիւնն ու նպատակը՝ դրամ։ Շն չ ատ անոր երեւակայութիւնը, պատմուածքի մը ճիգին հ ազիւ բաւարար, որոնք երկարէին չորս–հինգ պրակի տարածութիւն մը մինչեւ: « Ձայնը հնչեց » վիպակը, եղերական օրերու շահադիտութիւն, կ ՚ անցնի հարիւրը, Արմէն Շիտանեան ըսուած մարդուկն իսկ թանկ պիտի գտնէր « Արիւնին մատեանը », վերջին շ արքը իր նորավէպերուն։

դ. Իր պարբերաթերթերը (որոնցմէ վերջինը՝ « Անապատի յուշարձանը », Եգիպտոս), իր տարեցոյցները, անբարեխիղճ օտարներու գ իրքերը ներկայացնելու վճարուած մունետիկութիւնը, աւելի իր թշուառութիւնը (ան գիրք է զիջած հ րատարակել ուրիշի անունով դրամի փոխարէն) չեն պատկանից հ այ գրականութեան պատմութեան։

ե. Իր խմբագրական ամբողջ վաստակը, որ Նեսոսեան պատմուճանի մը անոր օրերը փաթթեց, մատաղատի պատանութենէն մինչեւ վաղահաս ծերութիւնը, սպառելով, պերճա ղ իճի մը նման, անոր կորովը, առնութիւնը, զոր մեր ուղեղին բջիջները պարտաւոր էին հ այթայթել մեզի, ապրիլը կարելի ընող այն քիչիկ մը երազը, մաքրութիւնը։ Սուրէն Պարթեւեան այն շքեղ զոհերէն մէկն է, զոր մեր գրականութիւնը հ արկին տակն է եղած ընելու մեր լրագրութեան [4] ։ Այս անհրաժեշտ զեղչերէն վերջ, հ արկադրուած եմ կանգ առնելու երկու ճիղճ հ ատորներու առջեւ, որոնք անոր երիտասարդութեան (առաջին) բխումները եղան եւ իբր այդ մեզ կը խօսին ամենէն իրա ւ, ամբողջ կերպով մարդէն, բայց նոյնքան մըն ալ շրջանէն։ Տխուր բան է անշուշտ մեծատարած հ ամբաւէ մը այսքան քիչ բան ունենալ դրական արդիւնք իբրեւ։ Բայց դարձեալ բան մըն է ասիկա։ « Քայքայում » եւ « Հայուհին » են անունները այդ հատորներուն, որոնց երկարաձգումն է, հ ամաբախտ ու հա մահաւասար, « Արիւնին մատեանը », բայց տարիքէն թեթեւ մը ժանգա հ ար։ Սա էլի գա,


 



[1]        Ասկէ դար մը վերջ արեւմտահայ գրականութեան պատմագիր մը քիչ կտոր ունի իրեն համար այն շահեկանութեամբ, որ « Խարազանը »ինը պիտի ըլլայ 1900–ի ճաշակներէն ու կիրքերէն յայտարար:

[2]        Սուրէն Պարթեւեան բառերով մարդ կը մորթէր, բեմին, ինչպէս լրագրին վրայ։ Ու նոր չէ, որ թատերական ներկայացումներուն սպառնացող մեծագոյն վտանգ ձանձրոյթէն ետք, սա մելոդրամաթիք խռովքները կը կազմեն։ Չմոռնալ Արիստոտելը, որ կը հրահանգէ սպանութիւնները խնայել բեմին։

[3]        Առաջին երկուքը իբրեւ խաղ տպագրուած են: Վերջինը Արփիարեանի ծանօթ վիպակէն հանուած խաղ մըն է, որուն առաջին արարը (գրուած Վ. Թէքէեանի աշխատակցութեամբ) կը պարզէ որոշ շահեկանութիւն։ Բայց որ չկրցաւ դիմանալ ներկայացման փորձին, երբ Պոլիս, զինադադարէն վերջ, եւրոպական խաղերու նոըամուտ ճաշակը անկարելի ըրաւ շարունակել իր կեղծ, տափակ խաղարկութիւնը: Իրողութիւն է, որ Պոլիս, «Կարմիր ժամուց»ին առիթով, խօսեցուցի զինք, թատերական իր ըմբռնողութիւնը ունենալու համար։ Ու ան ոչինչ գիտէր այդ աշխարհէն, գիտակցութիւնն ալ չունէր այդ անբաւարարութեան:

[4]        Սուրէն Պարթեւեանի անունին հետ ընթացիկ ու քիչիկ մը մնայուն մտապատկեր է ջղուտ, կորովի հ րապարակագրի համբաւ մը, երբ վերլուծուի, մեզի կու տայ ընթացիկ ու սովորական պատկերը արեւմտահայ լրագրողներու անփառունակ փաղանգին, շրջուած իր պիտակներէն ու մնացած իր աղքատ լքումին հետ, առանձին որքան անկանգնելի։ Ընդարձակ պատմութիւն է Պարթեւ ե անի վարկին կազմութիւնը իբրեւ հրապարակագիր (կրնաք աւելցնել գործիչ, կուսակցական երակները)։ Գիտէք, թէ ուրկէ՛ կ՚առնէ իր սլացքը, թէ ի՛նչ հզօր յայտնաբերումն են « Վաղուան ձայնը », « Խարազանը »։ Ան մարդն էր, որ դիւրութեամբ դաւանանք, ընկեր, կուսակցութիւն փոխեց։ Պէտք չկայ թարմացնելու անլուր գայթակղութիւնը, որ հրապարակագրութիւնն է Սուրէն Պարթեւեանի։ Իր խօսքը թարախ կը բուրէր ։ Այսպէս որակեցին մարդիկ այս մարդուն դատաստանները, քառորդ դար հանդուրժելէ վերջ անլուր ոճիրները դատաստաններուն դէմ։ Բացի փակագիծը, ըսելու համար, անգամ մըն ալ, իմ դաոնութիւնը այն ամբողջ չարիքէն, որ գործն է լրագրութեան, ոքեր գրողները իրենց դերէն զառածելու չարաշուք խաչակրութեան մէջ։ Սուրէն Պարթեւեան ո՛չ իսկ քրոնիկ մը կրցաւ ղեկավարել։