Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ԿՈՂՄԵՐԸ ԻՐ ՏԱՂԱՆԴԻՆ՝

Բազմատեսակ գործունէութիւն մը կը նախադրէ բազմազան կողմեր, որոնցմէ ոմանք պարտաւոր են շահագրգռել գրական եղելութիւնը։ Թորգոմ Սրբազան ունի մէկէ աւելի երեսներ, որոնք ուղղակի կ՚ենթարկուին գրականութեան կենդանակերպին։

Անոր մէջ կայ տիրական պայծառութեամբ ուսումնասիրող մը ։ Մուտք չտուի քննադատ տարազին այն պարզ պատճառով, որ դատումի աշխատանք մը ըլլալէ աւելի, իր եղանակը՝ կեանքի, վերարտադրման ճիգ մըն է ու ատով իսկ հեռու ծանօթ տիսիփլինէն, որ դրական գործերը աճուրդի հանելու կամ դամբանելու անփառունակ է դերին կը ձգտի յաճախ, մանաւանդ մեր մէջ։ Չեմ կրնար օտարներէն անուններ բերել հոս, լուսաւորելու համար իր կերպը: Անշուշտ դրական դատումը լայն երես մըն է իր մօտ, վասնզի իր տիպարները ( Խրիմեան, Դուրեան ) գրագէտներ են։ Բայց երես մը միայն։ Թորգոմ Սրբազանի պարտադրած կնիքը այդ դատումին՝ բազմակողմ զարգացումն է պրպտումին, որ կը խորանայ, կը մասնաւորուի ուսումնասիրուած անձնաւորութեան կամ երեւոյթին բոլոր բարքերն ի վար, այնպէս որ կառուցուած պատկերը կը թելադրէ շատ մը բան միեւնոյն ատեն, բոլորն ալ հաւասար հոգածութեամբ, գուրգուրանքով դրուագուած։ Յետոյ, կայ թեքնիք մը, այդ կառուցումը արդարացնող։ Արշակ Չօպանեան թող մօտենայ ոեւէ դէմքի կամ շրջանի, պիտի ընէ այդ մերձեցումը որոշ գործիքներով ու տրամադրութեամբ, պիտի յանգի արդիւնքներու շեշտօրէն գրական, գեղարուեստական տարողութեամբ։ Վկայ իր ուսումնասիրութիւնները։ Կարդացեք Դուրեանը . Գուշակեան)։ Ձեզի համար դժուար պիտի ըլլար Սրբազանին հիմնակէտը գուշակել։ Ի՛նչ հիմնական մտածման մը արդարացում են այդ մեծադիր հարիւրաւոր էջերուն վստահուած զգացումները, զգայնութիւնները, համապատկերները, մեծ ու փոքր անձնաւորութեանց թափօրը, մեր ժողովուրդին շատ մը մանրանկարները, մեր բազմատեսակ մտայնութիւնները, կիրքերը, երազները, կարճ՝ իմացական, հոգեկան ու պատմական ա՛յն նշմարները, որոնք այդ հատորը կ՚ողողեն, այսպէս ըսելու համար։ Առաջին ակնարկով դժուար է արդարեւ պատասխանը։ Բայց գիրքին էջերուն հետ, ձեր մէջ ծուէն առ ծուէն կը յօրինուի այդ աշխատանքին իմացական նկարագիրը։ Ո՛չ չոր, անտաղանդ, ծանրաբեռն պատմումը, կենսագրումը, հաւաքումը, կուտակումը վենետիկցիներուն ու անոնց հետեւող քանի մը աւելի անուններուն։ Ոչ ալ այլամերժ, զուտ իմացապաշտ, գրական յօրինումը, որուն առաւելազանց օրինակը կու գայ Արշակ Չօպանեանի գործերէն։ Աւելի յետոյ ընդարձակօրէն վերլուծման տակ պիտի իյնայ Թորգոմ Գուշակեանի պարագան։ Բաւ է միայն դիտել տալ հոս, որ մեր գրականութեան իր վաստակին ամենէն ամուր քանդակը կու գայ այս կալուածէն [1] ։

Իր մէջ կ՚ընդունիմ խմբագիրը, անշուշտ ընթացիկ իմաստէն աւելի վեր առումով մը։ Չմոռնալ, որ այն մարդը եղաւ որոշ գաղափարաբանութեան մը։ Ունէր սկզբունքներ, որոնց նուիրականութիւնը, արժէքը երբեք սակարկութեան չհանեց։ Այն օրերուն, երբ այս ժողովուրդը մեծ մարդեր ունէր եւ ամէն ճակատի վրայ, ան զգոյշ ու զգաստ, չխառնուեցաւ իմացական պայքարներուն, լրագրական հոսանքներուն։ Բայց աղէտէն ետք զինք կը գտնենք ամենէն վտանգուած կէտերուն. իր կեանքին վերջին տասնամը գրաւուած պիտի ըլլար խմբագրական սպառիչ տենդով մը։ Գրեթէ մինակը, ինչ տարօրինակ զուգադիպութիւն սակայն պարագան, որուն համեմատ իր երկու տիրական գիրքերը, « Խրիմեան Հայրիկ » եւ « Դուրեան Պատրիարք » քալէին օրաթերթին ակօսովը։ Ազգային, գրական, վարչական հրատապ հարցերու շուրջ իր խմբագրականները՝ բարձր խօսքեր չէին միայն, այլ նոյն ատեն խորհրդարանական կարելի ոճի մը նմոյշները։

 

Ու քերթողը։ Որ Մխիթարեան շունչի մը զառածումը պիտի չըլլայ իր մօտ (Խրիմեան) կամ եւրոպական արուեստի մը մղումներուն ներքեւ, դանդաղօրէն գոյաւոր, հասունցած, իմացապաշտ նկարագրով հնչական տողերու ոսկերչումը (Դուրեան), այլ իրական ապրումի մը անդրադարձը, մեղք, որ շատ զսպուած, խանձարուրուած՝ արուեստին օտար բանակ մը նկատումներով, որոնք միշտ ալ տեղ մը ունին անոր աշխարհահայեացքին մէջ։ Իր քերթուածներէն փնջիկ մը իր արժանաւոր կշիռը կը բերէ մեր քերթողութեան։

Ու տպաւորապաշտը, որ իրեն ստորագրել տուաւ սրտայոյզ էջեր, մօտ ու հեռու նսեմաստաններու խորը ծուարած հրաշքներէն։ Գրական ընտիր կտորներ կան իր «Հնդկահայք»ին մէջ։  

Ուսուցիչ, կրօնքի բարձր պաշտօնատար, նուիրակ, քարոզիչ կողմեր ասոնք, որոնք թէեւ չեն շահագրգռեր գրականութեան պատեհութիւնը, բայց կը լուսաւորեն Թորգոմ Սրբազանի գործը, կը դիւրացնեն անոր թափանցումը, քանի որ բոլորն ալ մասերը կու տան այդ բազմազան եւ ընդարձակ վաստակին։


 



[1]        Նկատի չունիմ բանասիրական, ազգագրական ախորժանքներու արդիւնք իր միւս աշխատանքները, ձեռագիրներու, թեմական վիճակագրումը, տեղագրական եւ պրպտումներու, ուղեգրական տպաւորութեանց նուիրուած, որոնք գրեթէ գիտուն եւ մը, ասպարէզէն ուսումնասիրող մը կը թելադրեն, բայց դուրս կը մնան գրական, ոլորտէն։