Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

3. ԵՐՈՒԱՆԴ ՍՐՄԱՔԷՇԽԱՆԼԵԱՆ (ԵՐՈՒԽԱՆ)
(1870-1915)

Իրապաշտներու փառքի օրերուն մեր գրականութեան մէջ իր մուտքը ըրած ու անոր լաւագոյն աւանդութեանց, ձգտումներուն ու թեքնիքին մէջ կազմուած այս տաղանդաւոր վիպասանը, ինչպէս իր կեանքին, նոյնպէս յետ մահու կեանքի մը իր իրաւունքին մէջ, կը ներկայանայ անարդար գնահատման տրտում օրինակ մը, աւելորդ անգամ մըն ալ ապացուցանող, գրական համբաւներուն մէջ արժանիքին չափ, ասկէ դուրս տարրերուն կշիռն ու դերը։ Անոր մեծ վէպը, « Մերժուած սէր »ը, որ յետոյ յատկանշական անուանափոխութեամբ պիտի վերակնքուի « Ամիրային աղջիկը », իրապաշտ հանգանակով հետապնդուած գործին մէջ ամենէն կատարեալ յաջողուածքը կը ներկայանայ այսօր մեզի, վէպը, ուր վարդապետութեան եւրոպական առումը գործադրուած ըլլայ տիրական maîtrise–ով մը։ Այս հաւաստումը անշուշտ չի տարածուիր գործին վճռական արժէքն ալ մինչեւ։ Կամսարականի վէպը, աւելի սրտայոյզ, աւելի թոյլ իր կառուցումով, շատ չի հպատակիր հանգանակին ցուցմունքներուն։ « Անհետացած սերունդ մը » ճիգ մըն է ռոմանթիզմը՝ դեղթափելու, քան թէ բարքերու բնախօսութիւնը ընելու, ինչպէս կը յաւակնին ըսել գաղիացի իրապաշտները։ « Աղջկան մը սիրտը » իր կէսովը դուրս է հանգանակէն։ « Ամիրային աղջիկը » մեր գրականութեան անդրանիկ իրապաշտ յաջողութիւնն է։

Հակառակ այս վճռական փաստին, անոր հեղինակը գրականութեանց մէջ քիչ դիտուած անհասկացողութեան մը զոհը պիտի ըլլար երբ կ՚ապրէր։ Նոյն տարիներուն, երբ տարագրութեան դժխեմ պայմաններուն մէջ լոյս կը տեսնէր « Մերժուած սէր »ը, Պոլիս խունկ չէր գտներ բաւարար քանակով, հեշտագին ծխելու համար բագիններուն առջեւ հեղինակի մը, որ յիմարութեան օր մը ծնունդ տուած էր « Միամիտի մը արկածները » անունով բաց թերթօնադրութեան մը։ Այս թեթեւութիւնը պոլսեցիներուն մօտ հասկնալի, պիտի անդրադառնար արտասահման ալ, ուր ապաստանած մեր քննադատութիւնը բոլոր միջոցները ունէր արդարութիւն գործադրելու, ըսելու համար իր խօսքը սա անհեթեթութեանց վրայ։ Աւելի ցաւալին. պայմաններու փոփոխութիւնը մնաց վէպի ճակատագրին վրայ։ 1910-ին, « Արեւելք »ի մէջ (Պոլիս) անոր վերհրատարակումը դիմաւորուեցաւ նոյն պերճախօս լռութեամբ, որով գնահատուած էր Վառնա, « Վիպաթերթ »ին մէջ լոյս տեսնող սկզբնական բնագիրը, « Մերժուած սէր »ը։ Մեծ սպանդը տարաւ անոր հեղինակը, որ աչքը բաց մեռնողի դասական պատկերը կ՚արդարացնէր մեր բոլոր գրողներէն աւելի։

Բայց այս անարդարութիւնը չէ դադրած դեռ այսօր իսկ իր յիշատակը հալածելէ, եթէ ոչ անարգելէ։ Զօհրապ, Արփիարեան, Բաշալեան, Կամսարական, Սիպիլ, Հրանդ, նոյնիսկ Հրանդ Ասատուր, երբ իյնան էջի մը վրայ որեւէ առիթով, կ՚արտայայտեն ամբողջական իմաստ մը, գրական որոշ իրողութիւններ բիւրեղացեալ յղացքներու նման, իրենց գործունէութեան, արժէքներուն համեմատական, եթէ ոչ անոնցմէ գերազանց չափերով։ Գրական մեր խղճմտանքը չի տառապիր անոնց հաշւոյն, նոյնիսկ անոնց համար, որոնք արդիական ժխտումէն զերծ կը զգան իրենց գնահատումը։ Երուխան տարտամ անուն մըն է, իր շէնքը չունեցող կառոյց մը, եթէ երբեք կը ներուի այսպէս տարազել մեր մտքին մէջ հաստատ բանի մը չպատասխանող ծանօթութիւն մը։ Այդ բառը զգացում մը, արժէք մը, փառք մը թելադրել է հեռու է մեր նոր երիտասարդութեան համար, ինչպէս իր ժամանակին հասարակութեան համար: Ու « Ամիրային աղջիկը » կը տառապի այս անհասկացողութեան, անորոշութեան, անկնիք անուն մը միայն ըլլալու իր ճակատագրին մէջ, մինչեւ այսoր, ինչպէս տառապեր էր, իր ծնած օրէն իսկ, պայմաններու չարագուշակ դասաւորման մը հետեւանքով։

Աւելորդ է ծանրանալ պատճառներուն վրայ սա անբնական ու տրտում երեւոյթին։ Իր մահէն քառորդ դար ետք վերագնահատման փորձ մը դարձեալ պիտի անցնի աննշմար, վստահ եմ ատոր, ոչ թե գործին արժէքին թէականութեան հետեւանքով, այլ թերեւս գիրքին իսկ նկարագրէն, որուն վերլուծումը, աւելի անդին, թերեւս տայ լուծումը սա ճակատագրական թիւրիմացութեան, բայց ատկէ առաջ։ Ուշացած ճշմարտութիւնները կը սառին չափազանց արագ։ Հիմա արեւմտահայ գրականութիւնը արհամարհելը հասնող սերունդին մէջ միայն քաղաքական հաշուեյարդար իմաստութիւն չէ, այլ շատ աւելի բան մը, հոգեկան փա՜ռք, հերոսութի՜ւն, մա՛նաւանդ ինքնարժեւորում։ 1940–ին Սփիւռքի մեր սերունդը, քառասունէն վարերը մանաւանդ, հերոսական ուրախութեամբ մը, քանի մը անիրաւ համբաւներու ընդդէմ իր հակազդեցութեան թափին մէջ, իրեն պարտք ու իրաւունք է տուած տարածել իր ժխտումները գործերու եւ մարդերու, ճիգերու եւ նուաճումներու վրայ, որոնք արժանիքը ունին առնուազն սա 1940–էն տասը անգամ ծանր, իրաւ, շքեղ ըլլալու։ Երուխանի առիթով սա ճշդումը շեղում մը չէ հանդարտ պատմումի պարտքէն, զոր մատենագրութեան պատմաբան մը ստիպուած է յարգել, երբեմն դէմ երթալու գնով իր անձնական նախասիրութեան։ Երուխան այս ուրացումը, վրիպումը, մոռացումը հանդուրժեր էր իրեն յատուկ լուրջ վայելչութեամբ մը, որ զերծ չէր մեծութենէ, երբ կ՚ապրէր։ Հակառակ անոր, որ ձեռքին տակ միշտ ունեցաւ թերթեր, հանդէսներ, ուր կարելիութիւն կար իրեն պաշտպանելու իր գրականութիւնը, գէթ իր տաղանդը ազատագրել խորհրդաւոր լռութեան մը գերեզմանէն զէնքերուն ամենէն անողորմը գրողի մը դէմ գործածուածներէն ան պիտի չյաջողի իր անունը բարձրացնել իր արժանիքներուն աստիճանին։ Ան քարշ պիտի տայ վրիպած գրագէտի դառնաթոյն բեկումը, մեծ հռչակներու քովն ի վեր, ամբոխին հասնելու իր անկարողութիւնը հիւանդութեան մը նման կրելով իրմէ ներս։ Մինչեւ իր մահը (1915), Երուխան պիտի ըլլայ հանդիսատես սնամէջ տաղանդներու թատերական փառքին, թափառումներուն, երբ արեւմտահայ գրականութիւնը կ՚ենթարկուի ճառախօսներու, փրոփականտիստներու, գաղափարախօսներու շքեղ յաղթութեանց։

Եւ սակայն անկարելի է չհարցնել, թէ ի՞նչ էր մեղքը, որ հալածեց զինքը, որպէսզի Երուխան ստիպուած ըլլար ձգել Պոլիսը, որուն հարազատ ծնունդն էր ինքը, անոր հոգեբանութիւնն ու բարքերը ոեւէ ուրիշ գրողէ մը աւելի սերտ ճանչցող մը։ Պատերազմէն տարի մը առաջ, Պոլիս, գրավաճառի մը խանութին մէջ, ան ստորագրեց յանձնառութիւն մը, գաւառական քաղաքի մը մէջ ուսուցչական պաշտօնի մը։ Դիտել տուի, թէ որո՞ւն կը ձգէր իր խոնարհները, իր Պոլիսը: Նայեցաւ տրտում։ Գիտէի իր նիւթական վիճակը։ Իր հաստ կռնակը, որ չէր կրնար ճկիլ։ Հսկայ գլո՜ւխը, որ կը կենար իր ուսերուն վրայ, կոճի մը նման։ Իր պարզ արտաքի՛նը, զոր զրկանքը կ՚ընէր աւելի նուրբ ու սրտայոյզ։ Մարդիկը իր ստորագրութիւնը գրպանելէ ետք հեռացան, իրենց մանիֆաթուրա ներուն հակերը պատրաստելու վաճառատունէ վաճառատուն։ Թէ՛ իր, թէ՛ իմ սիրտը խռոված էր։ Դուրս ելանք այդ խեղդուկ կամարներէն, որոնց ճնշումը գիրքերու շէնշող լոյսը՝ չէր կրցած փարատել մեր վրայէն։ Լաւ չեմ յիշեր, թէ ի՛նչ խօսեցանք, այդ խառնամբոխ փողոցներէն երբ կը բարձրանայինք։ Բայց նuտանք ընտանի սրճարանի մը առջեւ։ Մեծ քաղաքը ունէր այդ խաղաղ անկյուններին։ Ժամեր տեւեց մեր մտերմական խօսակցութիւնը։ Ո՛չ ան, ո՛չ ալ ես մօտեցանք հարցին ամենէն տխուր կողմին գրականութիւնը հալածող պայմաններու սա հանդէսին։ Ինք կուսակցական մըն ալ էր, այսինքն պաշտպանութեան տակ կազմակերպուած ուժի մը։ Բայց ահա կը հալածուէր անխտիր, ամէնէն։ Մեր գրականութեան մէջ վարժապետի աղջիկներ գլուխ–գործոցներու ծնունդ տուած են. վարժապետ՝ անորակելի խաղերու։ Ո՞վ պիտի գրէ ողբերգութիւնը գրագէտին, որ իր զաւակներու հացին համար ինքզինք կը զոհէ երթալ խրելու մօրուտքին մէջ հեռաւոր քաղաքի մը (Խարբերդ), անկէ ալ անցնելու համար նահատակութեան։

 

Պարզ եւ ուղիղ մարդ մըն էր, Հրանդի պէս, որուն թելադրութեամբ ճանչցեր էինք զիրար։ Կ՚ատէր Պոլիսը, կնիկներու ենթակայ անոր գրականութիւնը, աղմուկը, ցոյցը, հանդէսը։ Կ՚ատէր քաղքենին, թաղականը, վաճառականը, հարուստը, ո՛չ իբրեւ ընկերային հարկադրանք մը, այլ հոգեկան համեստութեամբ մը թերեւս, որ մեր արիւնին նուէրն է յաճախ։ Մարդեր կան, որոնք չեն կրնար բաժնուիլ իրենց ժառանգութիւններէն, որքան ալ փոխենք շրջապատը անոնց կենցաղին։ Իր գրականութեան ամենէն բացորոշ յատկանիշը, իր մօտ զտագոյն արժէք այն ժողովուրդը, ֆրանսացիք կ՚ըսեն peuple, տարրն է, որ կը բարեխառնէ իր բոլոր ստեղծումնելը։ Իր գործին եւ անձին մէջտեղ սա աղերսը կը ճշդեմ հոս, թերեւս հասկացողութեան եզր մը ճարելու համար իր համբաւին գրականութեան մէջ, ուր աղաներու, փաշաներու, ամիրաներու եւ անոնց յաջորդ քաղքենիներու անտես ոգին ծնունդ էր տուած պոլսահայութիւն որակուած յղացքին, շատ առաձիգ, որքան անհրաժեշտ, որպէսզի բացատրուին այդ գրականութեան անհեթեթութիւնները, սնոտիքը, նանրանքը։ Երբ միւս կողմէն ամբողջ հայութեան գրեթե կեսը աշխատած էր երեւան բերելու այդ գաղութը, հայրենիքէն այնքան հեռու, բայց որուն ուսերուն պիտի ծանրանար մեր պատմութեան գերագոյն ճիգերէն մէկ քանիին բեռը մեր գրականութիւնը, յեղափոխութիւնը։ Բայց պարզ եւ ուղիղ գրագէտ մըն էր ան նոյն ատեն։ Գրեթէ միակն է մեր գրողներին, որ դարպասած չըլլայ լուսիններուն ու զեփիւռներուն։ Չունինք իր պատանութեան վրայ ոչ մէկ տուեալ, հասկնալու համար այս բացառութիւնը։ Լսած եմ միայն, որ մերժուած է Կեդրոնական Վարժարան՝ մուտքի քննութեան մէջ ձախողելով ... հայերէնէ։ Այս մանրամասնութիւնը լրացուցիչ նօթ մը չէ հոս, իր դէմքին յօրինման սկիզբը, այլ վկայութիւն մը։

Մնաց պարզ եւ ուղիղ։ Անճկուն ու յամառ, ան չկրցաւ նոյնիսկ կարգին խմբագիր մը դառնալ, թէեւ կործանած թերթեր, հանդէսներ, յուսահատ ձեռնարկներ (ինչպիսին է Վառնայի մէջ « Վիպաթերթ » անունին տակ ամիսը քսան էջնոց տետրակ մը հրատարակելը) զինքը չդադրէին խանդավառելէ։ Ու չեղաւ նոյնպէս ուսուցիչ մը, Պոլսոյ քառասուն եւ աւելի վարժարաններէն մէկուն մէջ իր մարմինին կոճը տեղաւորելու չափ խելք, թաքթ ունեցող։ Մեր տեսակցութեան տարին ան սանդուխներէն վար էր գլտորեր վարժարանի մը հոգաբարձուները, որոնք դրամի տեղ իրենց ռըտէնկոթ ները բերեր էին ամսական չառած պաշտօնեաները շլացնելու։