Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

5. ՍՈԻՐԷՆ ՊԱՐԹԵՒԵԱՆ (1870 1922)

Այս տղան որ, կանխող դարուս յետնագոյն տարիներուն, Սիսակ Պարտիզպանեան անունով, իր մուտքը պիտի ընէր արեւմտահայ գրականութեան մէջ, մէկն էր այդ գրականութեան ամենէն վաւերական բանաստեղծներէն, գրեթէ չնմանող՝ իր սերունդէն ոչ ոքի. վասնզի գրքի ասպետի մը լայն շնորհներուն կը միացնէր կեանքի ասպետի մը բոլոր խռովիչ արժանիքները ու կործանարար ախորժակները։ Ան հզօր ապրող մըն էր, մեծ կիրքերու խաղալիք թշուառական մը, ինչպէս մեր արձակին ամենէն կորովի վարպետներէն մէկը։ Երբ այս տողերը կը գրուին, իր մահը դեռ չէ գտած վայել հանդարտութիւն մը նոյնիսկ անունին շուրջը։ Ու իր գործը, այնքան փարթամ, բարդ ու ջղուտ, սանկ երեսուն մը տարիներ առաջ, արդէն գտած է իր ինքնութիւնը ու իր դատավճիռը։ Կեանքին ու գործին սա փոխադարձ տագնապը աւելի է քան դրական փցուն թեման, զոր դատողները այնքան հեշտագին կը ճարճատեն, իրենց իմաստուն ընդհանրացումները տարազելու համար։ Իր կեանքը կը պատկանի, իբր պատմում, մեր քաղաքական կուսակցութեանց դիւանին, ուր անոր dossier–ն մօտիկը կը մնայ Արփիարեանին։ Իր գործը ինկած է՝ արդէն գրական աճուրդի մը տրտմութեանց։ Օր մը հռչակաւոր այդ գործէն, այսօր մեր գրականութիւնը քիչ բան ունի պահելիք։ Բայց կը զբաղի իր օրինակովը: Անոր տաղանդը ոչինչով նուազ եղաւ քան ամենէն վաւերական անուններուն տաղանդը իր սերունդին։ Անոր տաղանդը աւելի էր, իբր ապրումի անդրադարձ, հոգեկան փորձարկութեանց փաստ ու երազներու մոխիր՝ իր սերունդին բոլոր արմատախիլներուն քանքարներէն։ Բայց Տիկին Եսայեանի մը գործը գրեթէ ամբողջութեամբ կ՚ազատի ամենէն խստապահանջ խծբծումներէն, պատկանելու համար ցեղային հաւաքական հարստութեան։

Միւս կողմէ, արեւմտահայ գրականութեան մէջ ան այն մէկ հատուկ անունն է, որուն գործը, տիրական ամբողջութեամբ մը, կ՚իյնայ ծիրին, ոլորտին խառնարանին ծոցը մեր պատմութեան վերջին սարսափին։ Պարթեւեան, որ հին ու նոր աշխարհը ապրած է փորին իսկ վրայ, ըսել կ՚ուզեմ մտքէն աւելի՝ մորթով, այսինքն անջնջելի զգայութիւններու տարափի մը մէջ, չէ գրած էջ մը, ուրկէ պակսէր իր հիմնական մտասեւեռումը ։ Իր ժողովուրդին տագնապը անոր հիւանդութիւնը, գրեթէ յիմարութիւնը եղաւ. իրմէ մեզի ինկած ամենէն փոքր փշրանքն անգամ այդ արեան ու կրակին կնիքը կը պատմէ։ Եղեռնով մտահալածուած գրագէտն է ան։ Ու մինչ իր ընկերները, որոնք Եւրոպայի մէջ քաղաքական գործունէութիւն մըն ալ քաշքշէին պիտի, այդ տագնապէն քանի մը ոտանաւոր, ուռուցիկ ճառեր, անբաւարար վերյիշումներ միայն պիտի հանէին, Սուրէն Պարթեւեան իր գործը յղացաւ, հասունցուց, գործադրեց այդ սարսափին մէջ ու համար։ Ուրիշ հարց՝ տարողութիւնը այդ գործին։ Կը ծանրանամ նպատակին, հայեացքին վրայ։ Ի՛նչ որ եղած է Աւետիս Ահարոնեան արեւելահայ գրականութեան մէջ, այդ եղեռնին դիմաց, նոյնն է Սուրէն Պարթեւեան նոյն եղեռնին դիմաց, արեւմտահայ գրականութեան մէջ։ Քառորդ դարը բաւ եղաւ, որպէսզի այդ շքեղ փառքերը մոխրանան իրենց իսկ գովեստէն լափլիզուած։ Ու տեղն է հարցնել։

Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս, գրագէտի երկու բարձրօրէն հարուստ, վաւերական խառնուածքներ, որոնք նոյն ատեն լեզուի ալ մեծ վարպետներ են, ամենէն իրաւ, ամենէն սրտառուչ նիւթին հետ (բնաջընջումը ժողովուրդի մը ամենէն անըմբռնելի իրադարձութեանց ընդմէջէն), հասնին այնքան միջակ, չըսելու համար կեղծ բայց անբաւարար արդիւնքներու։ Սուրէն Պարթեւեանի վրիպանքը, այս գետնին վրայ, գրական ճշմարիտ տրամ մըն է։

* * *

Սուրէն Պարթեւեան արեւմտահայ գրականութեան մէջ ատեն մը պսակուեցաւ իբրեւ զուլումի երգիչ: 1900-1908–ի շրջանին մարդիկ չէին զզար հռետորութիւնը, ռոմանթիղմը, անբնականութիւնը, ահագնութիւնը, բռնութիւնը, սատիզմը, մելոտրամը ու ճշմարիտ արուեստին անմասնութիւնը, որոնք Սուրէն Պարթեւեանի, որքան Աւետիս Ահարոնեանի վիպակները կընեն այնքան անկարելի իբրեւ արուեստի զործ, բայց այնքան ալ իրաւ՝ իբրեւ նախանիւթ։ Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ արեւմտահայ գրականութիւնը այդ տագնապին կը պարտի իր մէկ–երկու գեղեցկագոյն գիրքերը։ « Ցեղին սիրտը » կու գայ անկէ։ Սիամանթոյէն հատոր մը կը դիմանայ մինչեւ այսօր։ Բայց « Աւերակներու մէջ » (Տիկին Եսայեան) հատորը անհաւասարելի գեղեցկութեամբ, խորութեամբ, ուժգնութեամբ ու պարզութեամբ մատեան մըն է, հանուած այդ տագնապին մէկ մթնոլորտէն, որմէ Սուրէն Պարթեւեան պիտի գրէր « Կիլիկեան արհաւիրքը », կարծես անգամ մըն ալ փաստելու համար արեւմտահայ գրականութեան գերագոյն մեղքը, բառամոլութեան եւ հռետորութեան կրկնակ ժահրերովը, մէկ ու նոյն պայմանէն ու նիւթէն ստեղծելով այդպէս ուռուցիկ, անտանելի պատկեր մը։ Ինքն ալ Տիկին Եսայեանի նման պտըտած է աղէտին աշխարհը, իբրեւ քարտուղար Պոլսէն ղրկուած պատուիրակութեան, ինչպէս էր արդէն, ուրիշ երանգի մը մէջ, առաքելութիւնը Տիկին Եսայեանի։ « Կիլիկեան արհաւիրքը » միջին reportage մըն է։ Յետոյ, 1915–ի սարսափները, որոնց ընդարձակութիւնը դուրս է մարդկային հասողութենէն, Սուրէն Պարթեւեանին պիտի տան բախտը հասարակ իսկ թերթօնին, uանկ Սմբատ Բիւրատեան կամ Արմէն Շիտանեանական կաղապարէն։ « Անմահ բոցը » եւ « Ձայնը հնչեց »ը գիրքեր են, որոնք խոցի մը պէս կը ճնշեն անոր յիշատակին։ Անոնք կու գային մեր հզօրագոյն տագնապներէն։

 

Չմոռնալ սակայն ուրիշ պարագայ մը։– « Աւերակներու մէջ » հատորը Տիկին Եսայեանի գործին մէջ բացառութիւն մըն է Նահանջող ուժերը », որ նիւթ ունի այդ տագնապին մէկ ուրիշ պահը, վրիպանք մըն է Տիկինին գրականութեան մէջ)։ Սուրէն Պարթեւեանի բոլոր հատորները յաջողութիւնը ուրիշ ազդակ է ու պայման, որ դեր մը չունի հոս կու գան մէկ ու նոյն եղեռնէն, որ իր սկիզբը կ՚առնէ անոր պատանութեան դռներէն (1895), իր զայրագնութիւնը գտնելու համար 1915–ին, այսինքն այն բախտորոշ շրջանին, երբ Պարթեւեան իբրեւ մարդ ու հայ, հասած է իր զգայնութեան ամբողջական յօրինուածքին, ու կը տիրապետէ ինքզինքը, իբրեւ արուեստագէտ ու տառապող արարած։ Քառորդ այդ դարը, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, գէթ նոր տարրերու պարունակէն, անորակելի է որքան անզետեղելի [1] ։ Ու Սուրէն Պարթեւեան այդ սարսափներուն մէջ է, որ երկնած է իր գործը, որ այլամերժ, չըսելու համար կատաղի մասնաւորմամբ մը նուիրուած է այդ զգայնութեան սեւեռումին։ Իբր այդ, անյաջող կամ կեղծ, այդ ժառանգութիւնը կը դառնայ վկայութիւն։

 

Աշխարհէն ու բացառիկ նկարագրէն դուրս, այդ գործին ետին կայ մարդ մըն ալ, տարօրինակ որքան անզետեղելի, ապերասան որքան խղճալի, իր անկումներուն, խոյանքներուն, կիրքերուն ամբողջ հանդէսովը։ Որուն ողբերգութիւնը թէեւ սրտաճմլիկ (քանի որ գործին մէջ իբր տկարացման ազդակ միայն ունեցած է ներգործութիւն), բայց քառորդ դար լեցուցած է մեր գրական, քաղաքական, ընկերաին կեանքը մէկէ աւելի սարսափներով ։ Անոր ամբարտաւան յարձակումները իր պայքարի ընկերներուն վրայ չեն միայն ծնունդը մեր յեղափոխութեան ընդոծին պառակտումներուն, այլ նոյն ատեն սուր, արիւնոտ հակազդեցութիւններ են, տարօրէն ընկալուչ ջիղերէ, երբ կեանքի ու մահուան հանդէսի այնքան թեթեւութեամբ, գրական թեմայի կը վերածեն Արփիարեանի նման մարդեր։ Անոր օրինազանցութիւնները մեր ընկերային կարգուuարքէն՝ միայն հաստ, դրապաշտ ախորժակներէ չեն մեկնիր, այլ թերեւս հիմնական խօթութեան մը փաստն են այն սերունդին, որ իրապաշտներէն պիտի սորվէր ազգային կեցուածքը բարձրացնել յեղափոխականին, գործիչը ազատ կ՚ուզէր հացին, ընտանիքին կապերէն։ Սուրէն Պարթեւեան այս զանցումներով, ելոյթներով կը ստեղծէր մեր օրերու հացկատակը։ Սխալ է կարծել, թէ մեր գործը մեզմէ բոլորովին անկախ, անջատ աւարտում մըն է։ Ան խուլ անդրադարձները կը պատմէ մեր ներքին կորանքներուն։

Ասոնցմէ դուրս, ան մարդ մըն է, որ հիմնովին պիտի յեղաշրջէ գրագէտին յղացքը իր վրայ, անկէ թափելով մեր հրապարակէն անոր փակած կարգ մը փաթաթներ ու անկէ ներս դնելով ուրիշներ, որոնք իրենց տարօրինակութեանց փառքը կը պաշտպանեն կեանքին իսկ վկայութիւնովը։ Ան պիտի յեղաշրջէ գրականութեան ալ յղացքը, իրմէ դուրս, զինք շրջապատող հասկացողութիւնը քանդելով։ Իրմէ առաջ գրագէտը անուշիկ, առնուազն արգահատելի արարած մըն էր միջավայրէն դուրս, նոյնիսկ մեծ համբաւէն ալ շփացուելու փառքով մըն ալ ամպհովանուած։ Անշուշտ կը գուրգուրանք Պէշիկթաշլեանի վրայ, բայց այդ գուրգուրանքը փաստ է անկանգնելի տկարութեանը բանաստեղծին, այդ երիտասարդին ետեւէն արժեւորելով խուլ փառասիրութիւններ, պոլսական քմահաճոյքներ։ Պետրոս Դուրեան մեռնելով միայն կրցաւ մեծնալ։ Իրապաշտները, գրագէտը ուժի վերածելու իրենց խաչակրութեան մէջ, յղացքը (գրագէտին) բարեփոխեցին անշուշտ բայց չփոխեցին, քանի որ այդ գործունէութեան, այդ կեցուածքին արդիւնքը պիտի ըլլար յղացքին լքուիլը՝ մեր քաղքենի, ունեւոր կարգերուն համակրանքէն։ Ազգին գերագոյն շահերուն տածումը այսպիսով թողուեցաւ անաւագ, անփորձ տարրերու։ Սուրէն Պարթեւեան գրագէտը հանեց յարձակող դիրքերու ու այս յարձակումը ղեկավարեց իրեն վայել ճարտարութեամբ մը։ Իր բախտէն գրեթէ մնաց բոլորովին առանձին, անտեսուած։ Ազգային համակրանքը երթալով կը հեռանար մտաւորականներէն, աղէտին հետ։ 1900–ին, արեւմտահայ գրականութեան ապազգայնութիւնը անշուշտ մեծ չափով պայմանաւոր է գրաքննութեամբ։ Սուրէն Պարթեւեան անծանօթ չէր սա հոգեբանութեան, երբ կը յարձակէր քաղքենիին վրայ։ Բայց չէր կրնար չյարձակիլ, քանի որ օրուան կարգախօսն էր։ Ան քաղաքական չէզոք, անտարբեր պայմաններու տակ, ինք իրեն դեր էր տուած այս ժողովուրդին տագնապը բառնալու: Եւ այս ճամբով միւս ալ իրողութի՛ւնը, իր ժողովուրդին վրայ իբրեւ մտաւորական... բռնանալու, քանի որ առնուազն կ՚արժէր տէրտէրը, զոր կը սիրէր այս ժողովուրդը։ Ան ունէր եպիսկոպոսի մը մարմինը, փորը, ախորժակները, բայց ո՛չ թեմը։

Սուրէն Պարթեւեան ահաւոր մարդ մըն էր։ Այս վերադիրը կը նուիրագործէ հակադիր հոգեբանութիւններ, քանի որ ուժգին գործունէութեան անոր քառորդ դարը կը զուգադիպի մեր ժողովուրդին ամենէն ճգնաժամային երկու հոգեբանութիւններուն։ Անոր անդրանիկ երիտասարդութեան տասը տարիները (1898–1908) Եւրոպայի մէջ, սրտառուչ դրուագման մեծ նիւթեր կարող են հայթայթել ուսումնասիրողներուն։ Միայն տարագիր, արմատախիլ սերունդ մը ու իր ողբերգութիւնը պիտի չունենային անոնք սեւեռելու։ Տարագիր գրագէտի չարագուշակ պատկերը կ՚ամբողջանայ երբ վերածուի իր լիալիր իմաստին ԱՐՈՒԵՍՏԷՆ ԱՌԱՋ՝ արարքին պարտքին, յեղափոխական կեցուածքին, քանի որ այդ սերունդը միայն հացին, տաքուկ մահիճի մը, տարրական անդորրի մղձաւանջը չապրի պիտի, այլ պիտի տառապէր իր ժողովուրդին բնաջնջման ալ մղձաւանջը, անկարող հանդիսատես մը միայն այդ անպատում տրամին դիմաց։ Շատ մի՛ տեսնէք, երբ ան կը ձգտի իրմէ վեր, իր ուժերը ընդոտնող արարքներու։ Ու նայեցէք մեղմութեամբ, յուսահատական գործողութեանց, որոնց ապարդիւն վիժումը մեզ կ՚ընէ տարօրէն իմաստուն։ Սուրէն Պարթեւեան արձակի մէջ պիտի տայ նոյն այդ հոգեբանութիւնը։ Քիչ գիրք մեզի կը խօսի այն դառնօրէն իրաւ զգայնութենէն, որ այդ տասը տարիներուն համար հասարակաց է, որքան « Քայքայում » անունին տակ խմբուած պատկերաշարքը։ Ո՛չ Օտեան (Երուանդ), ո ՛ չ Չօպանեան, ո՛չ Եսայեան (Զապէլ չունին այդ անորակելի սրտմտութիւնը, կարողութիւնը, անկարող կսկծանքի համը, որ այդ գրքոյկէն կ՚արձակուի։ Ու անիկա այդ երիտասարդութեան տասնամեակը ունի իրեն մթնոլորտ։ Այդ պատկերները մեզի կը խոստանային հզօր գրագէտ մը, որ տարիներու ընթացքին յոյսը կը ներչնչէր իր վրձինը ընդարձակելու, փորձելու համար Մեծ Եղեռնին անժուժելի համայնապատկերը։ Բայց մեր ու իր չար բախտէն, մեր ակնկալութիւնը հերքուեցաւ չարաչար։ Սուրէն Պարթեւեանի երկրորդ շրջանը, անոր ամբողջական հասունութեան տասնհինգ տարիները կ՚ընդգրկէ այլապէս անպարագիծ աղէտներու կատարեալ կիկլոն մը։ 1909–ի Ատանան անոր մէջ կը շղթայազերծէ անկարելի հայրենասէրը։ Անոր ականատեսի էջերը այդ սպանդէն տարօրինակ վկայութիւններ են: Աղէտին հետ մօտէն իր շփումը կարծես չորցուցած է իր զգայնութեան նրբահիւս ցանցը։ « Կիլիկեան արհաւիրքը » աւելի՝ գիրքի մը յաւակնոտ տիտղոսն է, քան իրականութեան մը յայտարարը։ Գրագէտին սա ընկրկումը մի՛ մոռնաք միտք պահել, թերեւս այն մեծ իրողութեան ալ հաշւոյն, որուն համեմատ քիչ անգամ արուեստագէտի մը պիտի շնորհուէին եղերօրէն եզակի ու անփոխարինելի պայմաններ։ 1915–ը ան պիտի ապրի Եգիպտոս։ Այդ երկու թուականներուն զուգորդ զգայութիւնները դժուար է տեղաւորել, մարդկօրէն, ոեւէ արուեստագէտի հոգիին ներսը։ Խենթենալը պարզ բառ մըն է, երբ բաղդատուի գրողի սա վիճակներուն։ Չեմ գիտեր, ի՛նչ պիտի ըսէին մեր քերթողները, երբ հրաշք մը զիրենք ըլլար ազատած իրենց նահատակութեան հանդէսէն։ Սուրէն Պարթեւեան այդ աղէտը պիտի օգտագործէր ինքզինքը իբրեւ գրագէտ գործածելու չարագուշակ դերին։ Ինչ որ գրած է մինչեւ իր մահը, առաջին տասնամեակէն ասդին, անարժան է իր անունին։ Ըսի, թէ ահաւոր մարդ մըն էր, ըսել կ՚ուզէի, թէ ան ծնունդն էր ահաւոր պայմաններու ու նոյն ատեն անոնց կործանարար ուժին փլատակը։

Անշուշտ ան մինակ չէր իր սերունդէն։ Բայց, դիտեցէ՛ք, ան ամենէն վաւերական խառնուածքն էր այդ սերունդին։ Բուռն էին անոր խօսքը, ջիղերը՝ արեւելեան սաստկութեամբ եւ ազնուազգի իսկութեամբ, բայց որոնց զլացուեցաւ պատեհութիւնը արդար, կանոնաւոր ապրումին։ Կիրքը կը յորդէր իր մարմինէն, առատ որքան թունդ, գործնական առաքինութիւններու վերածուելու այնքան ընդունակ, եւ որ սակայն մաշեցուց իր իսկ անօթը ու զայն դրա աղտերու տնկարան մը։ Զգայապաշտ ամէնքէն աւելի, իրագործելով իր անձին վրայ տիպարը միջազգային viveur–ին, որ սրիկայ մը չէ, ո՛չ ալ բուժումի դրուած արու սպայ մը, եթէ երբեք պայմանները նպաստեն կամ իմացականութիւնը ինքզինք հարկադրէ մարմինին։ Կիներու ճամբով ան մուտք ունէր դարձեալ գերագոյն տաղաւարներէն ներս։ Սուրէն Պարթեւեան անհեթեթութիւնը պիտի ընէր մշտապէս արհամարհելու իմացականութիւնը։ Ու անոր արու ուժերը հոսեցան գռիհներու ընդմէջէն։

Մարդ մըն էր որ անպայման կը տպաւորէր, նախ իբր այդ, ճշգրիտ հակապատկեր մը կազմելով գրողի ընթացիկ տիպարին։ Խուլ ու խոլ կիրքերու ծառայելէ մը երանգաւոր աչքերը պատմութիւն էին։ Փարթամ իր մարմնով ու փոքր՝ միտքով։ Կը խօսէր ջերմ, հաստատ, վարակիչ. կը գրէր սուտի պէս արագ։ Սուրէն Պարթեւեան պիտի ապրի իր մարմնով։ Անորմէ՝ դիւանագէտ մը, դեսպան մը, զօրավար մը, reporter մը դժուար չէր հաստատել։ Իր դժբախտութիւնը ուզեց որ յեղափոխական մը, բառերու հազուադէպ կախարդ մը բռնագրաւէին մարմնական այդ տուրքերը։ Աշխարհիկ ու յաջողած մարդ մը ըլլալու համար արժանիքները չեն, որ պակսէին պիտի իրեն։ Մեր ու իր բախտէն ան մնաց գրագէտ, մինչեւ իր մահը։

 


 



[1]        Մեր նոր գրականութեան պատմիչները պիտի չհասկանան, թե ինչպե՞ս կարելի է մտնել տունէ մը ներս ու ոչխարի պէս մորթել ծերն ու երախան, որոնք չեն իսկ գիտեր, թէ ի՛նչ է եղած իրենց մեղքը։ Սահմանադրութիւնը ստեղծող սերունդը չէր կտակած մեզի պատգամներ այս կարգի անզետեղելի արարքներու դիմաց ու համար: Այս է պատճառը, որ մեր նոր աղէտը մեր հոգիին ալ կործանումը ընէ կարելի, իրողութիւն, որ անիմաստ է մեր պապերուն անսասան հաւատքին բաղդատուած։ Ու երբ մեր պատմիչներուն մէջ ոճ է ու բարեխառնութիւն՝ այդ աղէտը, մեր նոր գրողներուն մօտ թեմա է գրական ընդլայնումի, վասնզի մեր գրողները չեն ապրած զայն։