Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՂԸ

Այս բաժանումը իր դէմքին, իր կարգին կը վերածուի երկու որոշ կողմերու։ Անոնցմէ առաջինը հեղինակն է այն հատորներուն, որոնք կը կոչուին « Խրիմեան Հայրիկ » եւ « Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան », իր գործին մէջ գրական բարձր որակով ու ցանկութեանց այլապէս ինքնատիպ ու ազնիւ հանգամանքով մը։ Սրբազանին համար մեր գրական քննադատութիւնը կը վերածուէր այս կաղապարին։ Այդ դատումին երկրորդ կարելի փոփոխակը՝ պատմա–բանասիրա–գրական (եթէ կը ներուի այս անհեթեթ տարազը) եղանակն էր, մասամբ փորձուած Վիեննայի Մխիթարեան հայրերէն։

Իրողութիւն է, որ այդ երկրորդ կերպն ալ զբաղեցուցած է զինք, որքան հնարաւոր էր ատիկա, իր վարչական, կրօնական մշտաշարժ գործունէութեան պարունակին մէջ։ Սեբաստիոյ առաջնորդութեան իր կարճ շրջանին ան գոհացում է տուած իր այս ախորժանքին, տեղադրելով եւ ուսումնասիրելով նահանգին հայութիւնը, գիտական ձեռնհասութեամբ մը ու հայ հոգեւորականի պատմազդած միտքովը։ Ատոր կ՚աւելցնեմ Շապին–Գարահիսարի վրայ նոյնքան խղճամիտ իր ուսումնասիրութիւնը։ Ու մեծ միւս վաստակը, Սեբաստիոյ Ս. Նշանի ձեռագիրներուն ցուցակագրութիւնը։

Ինչպէս կը տեսնուի, Թորգոմ Գուշակեան ուսումնասիրութեան երկու մեծ կերպերը մշակած է փոխնիփոխ։ Ասոնցմէ երկրորդը ուղղակի չի չաջադրդռեր անշուշտ գրականութեան պատմութիւնը։ Բայց առաջինը գերազանցօրէն կենդանի մեթոտ մըն է, որ Թորգոմ Գուշակեանի անձը կը բարձրացնէ այդ գրականութեան ամենէն արդիւնաւոր մշակներուն գիծին։

  * * *

Ժամանակի կարգով առաջին կու գայ « Խրիմեան Հայրիկ »ը, Եգիպտոս հրատարակուող « Արեւ » օրաթերթին մէջ նախապէս լոյս տեսած, օրը օրին, յետոյ հատորի մտած, լրագրական հրատարակութեան մը բոլոր առաւելութիւններով ու անխուսափելի թերութիւններով, այդ վերջինները՝ անկախ հեղինակին կամքէն։

Ութածալ երկու հարիւրէ աւելի էջերու վրայ Թորգոմ Սրբազան փորձը կ՚ընէ

ա. Մեր նորագոյն պատմութեան ամենէն խռովիչ, առեղծուածային դեմքը կերպագրելու:

բ. Մեր նորագոյն պատմութեան ամենէն խռովայոյզ մէկ շրջանը համադրելու:

 

Չեմ տար մանրամասնօրէն գիրքին պարունակութիւնը։ Անոր անունը ինքնին կը թելադրէ այդ բոլոր հարցերը, շարժումները, յոյսերն ու պատրանքները, որոնք կապ եղան վանեցի հայրապետին անձին ու գործունէութեան։ Կէս դարէն աւելի տեւողութեան մը վրայ տարածուող այդ տենդավառ շրջանին պարագրումը Թորգոմ Սրբազան նուաճած է թերեւս իր տիպարին իսկ բարիքովը, քանի որ 1856–էն մինչեւ 1910–ը չունինք ազգային կեանքի բաժին մը, ուր տիրական չըլլայ Խրիմեանի դէմքը։ Այս շատ դատուած, դատափետուած, մեծցուած ու փոքրացուած մարդուն կեանքը, գործը, խորհուրդը Թորգոմ Սրբազան պիտի տեսնէ բազմազան միջավայրերու եւ շրջաններու մէջ։ Թանձր, առարկայական իրականութիւն մը յատակը կը կազմէ կառոյցին։ Բայց ահա կարեւորը։ Նոյն այդ շրջանը իբրեւ իրականութիւն միայն չունի իր կշիռը, այլեւ իբրեւ գործունէութիւն ։ Ու կը ծագի անխուսափելին։ Ինչպէ՞ս դատել շարժում մը, մարդեր, գործունէութեան ամբողջ ծրագիր մը, որոնք մեր կործանումը ունեցան իբր արդիւնք։ Արեւելահայ գաղափարախօսները առին այդ պատասխանատու քայլը, շարժումը որակելով անսպասելի բառերով։ Գաղտնիք մը չէ ատիկա։ Բայց դժուար հասկնալի կողմը սա կեցուածքին՝ այն տառապեցնող ոգին իսկ է, որուն մշակումին մէջ բաժին ունէին այսօրուան դատախազներէն ոմանք։ Ինծի կու գայ, թէ աճապարանք կայ այս ամէնուն մէջ։ Փոքրոգի ու հաշուեխնդիր աճապարանք մը։ Անկողմնակալ դատումը ժամանակի կը կարօտի ու այդ ժամանակը դեռ չէ աւարտած։ Թորգոմ Սրբազան շրջանը ըրած է վտանգին՝ դատելու տեղ ներկայացնելով ։ Խրիմեանի անունին ու յիշատակին կապուած մեծ աղէտը այս հատորին մէջ բաշխուած է իր կարկառուն երեսներուն։ Թորգոմ Սրբազան անոր իբրեւ յատակ կը հանդերձէ ազգին բացարձակ մեծամասնութեան կողմէ սիրուած, որդեգրուած մտայնութիւն մը, որ իր կարգին երբ զօրավիգ ունի դարաւոր ուրիշ ալ աւանդութիւններուն, երազներուն, փորձերուն նպաստը (գէթ Աշտարակեցին ԺԹ. դարու մարդ մըն է)։ Յետոյ, մեր եկեղեցական պատմիչներով տրուած մեր ազգային պատմութիւնը կը գործածէ նախատարրերը այդ աւանդութեան։ Ոչինչ զարմանալի, եթէ Թորգոմ Սրբազան, առանց որոշ նախադրեալներու, ինքնաբերաբար հետեւի հիներու կերպին, դէպքերուն առջեւ կեցող ու անոնց թաւալումը ղեկավարող ձեռքի մը նման, անշուշտ պահելով եկեղեցական պատմիչի իր տեսակետները։ Կեցուածքը, այսպիսով, կ՚ընէ բացատրելի, շարժումին բոլոր ծալքերը, առանց զայն վճռական գնահատման ենթարկելու վտանգին։ Ու ինչպէս որ մեր հին մատենագիրները փոքր գլուխներու մէջ կ՚ախորժին այնքան շատ եղելութիւններ խտացնել (քանի որ ապրումին ու իր երեսներուն զանազանութիւնը այնքան մեծ է ինքնին), Խրիմեան Հայրիկի կենդանագրումն ալ առիթ մըն է մեր մատենագիրներուն համար, որպէսզի նոյն այդ փոքր գլուխներուն մէջ զետեղուին մեր օրերու հոծ հարցերը, մանաւանդ ազգային քաղաքականութեան պարունակէն։

Պատմութի՞ւն, սա եղանակը շրջան մը համադրելու։ Տարազը ճիշդ պիտի չգար սա էջերուն համար, որոնք կը սահին մեր նայուածքէն։ Այնքան տենդագին բան մը կը սպառէ այդ տողերը, ըսել կ՚ուզեմ՝ անոնց պարունակած խռովքը այնքան սպառիչ է մեզի, վերապրողներուս ողբերգութեանը համար։ Ու դէպքերը կը թեթեւցուին, վերածուելու համար իրենց հիմնագիծերուն ու ատով ըլլալու շատ աւելի ցայտուն, եւ կ՚արդիացուին, ըսել կ՚ուզեմ՝ պատմութեան ժանգէն կը մաքրուին ու կը հիւսուին իրարու՝ կազմելու համար անակնկալ ամբողջութիւն մը։ Արհեստէն պատմիչը, դէպքերու սա յորդ շարքին առջեւ, պիտի ծանրաբեռնէր իր կառուցումը մէկէ աւելի է խղճահարումներով ու մեզի պիտի տար թիւով, թուականներով, վաւերաթուղթերով սպառազէն, ճոխ, ամուր հատոր մը որ... պիտի է շահագրգռէր թերեւս քանի մը տասնեակ Վենետիկեան։ Բայց պիտի իյնար ձեռքէն բոլոր անոնց հմտութիւնը, ատաղձը, ժամանակադրութիւնը, չարհամարհելով հանդերձ. պիտի ախորժէին արագ, խիտ, թելադրիչ պատկերներու բարիքէն։ Սա հատորին մէջ դէպէքերու նուաճումը, օգտագործումը կը հպատակին Թորգոմ Սրբազանի մեթոտին այս առաջին բարիքին։ Ու կը հարցնեմ, պատմութի՞ւն, դարձեալ դէպքերու թաւալումը հակակշռող անձնական միջամտութիւնը, ճշդումը, սրբագրումը կարկառահանման ձեւերով, երբ կը կեցնէ ընթերցողը ու քովնտի կը թուի փսփսալ թեթեւ, նուրբ, նոյնքան ողբերգական բաներ, այս անգամ մեծ խնամքով մը տրուած արտայայտման։ Ուր նախադասութիւնը սահի, քաղցր, օծուն, դաշն ու յանկուցիչ, միշտ մեր սիրտին ճամբան բռնող եւ, հետեւաբար, ամրօրէն, բարձրօրէն գրական [1] ։

Դժուար է պատասխանը։

Ամէն պարագայի, մեր պատմութեան վերջին 70—80 տարիներուն բոլոր բախտորոշ, մեծ արարքները, հայկական հարցին այնքան ողբերգական վիպային զարգացումն ու փուլերը, հայ երկրին քանի մը մեծ կեդրոններուն (Պոլիս, Վասպուրական, Կովկաս), հայ հոգիին երկու մեծ աթոռներուն, հայ միտքին երկու մեծ ճիգերուն փոխնիփոխ ծանօթացումը, վերլուծական ընձեռումը մեր հասկացողութեան, զգացողութեան ահա թէ ի՛նչ կ՚ընէ Թորգոմ Սրբազան Գուշակեան է այդ հատորով։ Ըսեր եմ տեղ մը գիրքին հատոր կազմած օրերուն, թէ անիկա այն տարօրինակ առաւելութիւնը ունի, որ գրական գործէ մը ամենէն դժուարը կը պահանջուի։ Ատիկա իր ձգողութիւնն է։ Չէք կրնար սկսելէ ետք զայն ձեռքէ ձգել ու չէք ալ անդրադառնար, որ այդ էջերուն մէջ ամէն ինչ ծանօթ է ձեզի։ Բոլոր այդ դէպքերը ձեր մէջ արձանագրուած են «սուրով, հուրով», եւ սակայն ձեզի այնպէս կու գայ, թէ նոր բան մը կը կարդաք։ Հո՛ս է ահա գրագէտին գաղտնիքը, չըսելու համար կախարդութիւնը։

Սիրած եմ հատորը, վասնզի

ա. Հոն հանդիպումը կ՚ընեմ մեր պատմութեան վերջին շրջանի աւագ դերակատարներուն, բոլորն ալ պարզուած, մաքրուած, թօթուելէ ետք ժամանակին աղտն ու փոշին, ու բիւրեղացած, որոնք սրտառուչ ողկոյզը, հանգոյցը կազմեցին վանեցի վարդապետին եւ խորհրդանշած մեծ պատգամին։ Հատորին մէջ, կեդրոնական անձին չափ յանկուցիչ են այս մարդերը, արագ սեւեռմամբ մը կենդանի ու այլապէս իրաւ, իրական։ Մեր օրերուն, մարդու սովն է, որ զիս կը տպաւորէ այսքան ուժգին, երբ կ՚երկննամ միտքով, Զարթօնքի մարդոց այս շքեղ կարաւանին ետեւէն։ Տեղը չէ վէճին։

բ. Հոն հաղորդ կ՚ըլլամ մեր երկրին քանի մը շքեղ դիմագիծերուն, ուր գործեց Խրիմեանի անձը եւ որոնք գրական ամուլ կամ փառախնդիր դրուագումներ չեն երբեք Թորգոմ Գուշակեանի գրչին տակ։ Նկարագրութեան հանդէպ իմ բոլոր վախերս կը փարատին, երբ բնանկար մը կը յօրինուի իմ առջեւ, արագ ու անկարգ, ինչպէս պարտին ըլլալ աշխարհներու պատկերները։ Բայց այդ արագութեան մէջ իսկ գտած, հագած կերպը, ոճը այն ժողովուրդին, որ այդ նախանիւթերը գործածեց իր հոգիին ալ շէնքին ու ատով զիս ալ կապեց անոր զգայնութեան։ Արտաքին պատկերներու վրայ Թորգոմ Գուշակեանի այս հեղինակութիւնը կասկածէ դուրս է։ Այդ կարողութիւնը զայն չի լքել իր բոլոր մեծ գործերուն մէջ ալ։ « Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան »ը, « Հնդկահայք »ը հարուստ են այն էջերով, ուր տեսնելն ու ասոր անդրադարձումները իրարու կը հաշտուին ընթերցողին միտքին մէջ։

գ. Հոն կայ վերլուծումը, թափանցումը մեր գրականութեան քանի մը մեծ գործերուն, որոնք ասպարէզէն քննադատութեան մը լրջութիւնը, ձեռնհասութիւնը կը շաղկապեն տպաւորապաշտ, անձնական, ազատ եղանակին։ Երջանիկ խառնուրդ, դժուար ալ իրագործելի։ Թորգոմ Սրբազանին հմտութիւնը դուրս է կասկածէ։ Բայց քիչեր պիտի գնահատեն անոր հիմնական արժանիքը դատումի մարզերուն վրայ, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ այդ հմտութիւնը ըմբերանել, այսպէս ըսելու համար անով չպարծիլ, զայն պատուանդան չընծայել տրտում փառասիրութեանց։ Ըսեր եմ իր ատենին, որ Թորգոմ Սրբազանով թեթեւցած, աշխուժացած գիրքեր ( Խրիմեանի բարոյախօսական գործերը ), իրենց այդ տեղեկագրեալ ձեւին տակ աւելի տանելի, հաճելի ընթերցում մը կապահովեն։ Ու մեծ բան է ասիկա։

դ. Հոն հոյակապ դրուագումը հայ ճակատագրին՝ մարդու մը, եւ որ մեր նորոգ պատմութեան հսկաներուն մեծ մասին նման, տրեխը ոտքերուն, մախաղ մը հացը ուսին, ու ձեռքին ալ պարտէզէն կտրուած գաւազան, տունն ու ճժերը ձգելով իր կնկանը, Արեւելքի խորերէն ճամբայ ինկաւ դէպի Պոլիս, ու խիստ, աննահանջ, աներես, ասորական այն յամառութեամբ ու բրտութեամբ, որ այդ տարօրինակ ժողովուրդին արձաններուն է, թիզ–թիզ, ոտք—ոտք բարձրացաւ փառքին ու պարտքին ճամբան, անպատմելի անցքերու, տեսիլներու, կսկծանքի եղերաթափօրի մը գլխուն, գրաւեց ազգին սիրտը եւ իր գերեզմանը, մեր ժողովուրդին ամենասուրբ թանգարանին մէջ։

Թորգոմ Սրբազանի այդ գիրքը կախարդական բան մը ունի, արդիւնք՝ այդ բոլոր կարելի ու անկարելի իրադարձութեանց:

* * *

Այլապէս շահեկան է միւս Հատորը, « Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան »։

Անշուշտ, մեթոտը նոյնը կը մնայ, բայց այս անգամ պաշտպանուած անփոխարինելի նպաստով մը, որ պատմողին անձնական շփումն է, ծանօթութիւնը պատմուածին: Ենթակայականին մուտքը կապ է եղեր որոշ վտանգի ամէն անգամ, որ զայն շահագործողը առաջին գիծէ դերակատար մըն է դրուագուած եղելութեանց մէջ։ Կը ներկայանան միտքիս Պելոպոնէսի պատերազմին պատմիչը, Կալլիական պատերազմներուն վրայ « Մեկնողականք »ը։ Բայց այդ գիրքելուն մէջ պատմական հարազատութեան հանդէպ հաւատարմութեան աւելի կամ նուազ ջանք մը չէ մեզ գրաւողը այսօր, այլ՝ բաժինը ականատեսին։ Թորգոմ Սրբազան այս հատորին մէջ ամէն էջի կը պաշտպանուի այս բարիքէն:

Գիրքը պատմութիւնն է մարդու մը, մարդոց խումբի մը, ոգիի մը, ոգիներու դրութեան մը, միջավայրի մը ու հանգամանօրէն ընդարձակ այդ աշխարհին, ուր սփռուած է եղեր արեւմտահայութեան որոշ մէկ քանակը։ Այսպէս տեսնուած ու դասաւորուած, այդ մարդն ու ոգին, այդ միջավայրն ու գործունէութիւնները կը վերածուին, ինքնայարդար կերպով մը, ուրիշ համադրութեան մը, որ մօտիկը մնալով հանդերձ Խրիմեան Հայրիկ ով նուաճուած համապատկերին, կը զատուի անկէ, բայց իբրեւ լրացուցիչ յաւելում մը։ Մինչ առաջին հատորը համահայկական ձգտումներու հանդիսարան մըն է գերազանցապէս, ու մեր ժողովուրդին բովանդակ ճակատագիրը բարձրօրէն հետաքրքրող. երկրորդը՝ մարդոց խմբակի մը յարացոյցին սկիզբը, զարգացումը եւ պարզաբերումը։ Անիկա գրուած է պատմելու համար բովանդակալից կեանքը երեւոյթի մը, որուն պատմական անունը եղա Արմաշականութիւնը ։ Այս մայր նպատակին մէջ ամրախարիսխ, Թորգոմ Սրբազան իր մտածումին ու զգայնութեան բիւրաւոր լարերը կ՚արձակէ դէպի հայ կեանքին (երկրորդ կիսնամեակը Զարթօնքի սերունդէն անմիջապէս ետքի կարելի բոլոր արտայայտութիւնները։ Բայց առանց աչքէ կորսնցնելու իր հորիզոնը, սեպհական աշխարհը, սիրելի հերոսը, որուն գործունէութեան հետ կը կապուին բոլոր այդ սեւեռումները։

Զայն լեցնողը մարդ մըն է, մեծ բանաստեղծի մը եղբայրը, որ կանուխէն նուիրուելով հայ եկեղեցւոյ սպասին, նախակրթարանի մը համեստուկ, խեղճուկ պաշարը պիտի ճոխացնէ, միս-մինակը, ճակտին քրտինքովը, մեր օրերու բարձրագոյն մշակոյթին մէկ քանի յատկանշական բարիքներովը։ Դուրեան Սրբազանի մտքին սա զարգացումը ինքնին զմայլելի թեմա մըն է մեր մտաւորականները խանդավառող։ Թորգոմ Սրբազան Գուշակեան այդ զմայլանքը չի սակարկեր, երբ քայլ առ քայլ կը հետեւի այդ խեղճ ու պատառ տիրացուին ամբարձումին։ Ու ինչ որ այդ վերելքը կ՚ընէ այլապէս յուզիչ, շքեղ, յանկուցիչ, հանդէսն է պայմաններու, որոնց գրոհին դէմ ան պիտի չդադրի պայքարելէ մինչեւ իր տապալումը հիւանդութեան հարուածներուն տակ։ Դուրեան Սրբազանի ինքնազարգացման սա օրինակը մի՛ մօտեցնէք եւրոպական ոստաններու մէջ դիւրին, կարելի է ընթացիկ կատարելագործումին, երբ պարզ կամեցողութիւնը բաւ է մեզի, որպէսզի մեր ցանկութիւնները վերածուին արդիւնքի։ Դուք հազիւ կ՚ըմբռնէք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ գիւղի մը մէջ դասատու ըլլալ, քահանայագործել ու նոյն ատեն իր միտքը ազատագրել։ Այդ է ըրածը Դուրեան Սրբազանին, Պարտիզակի մէջ։ Այն տասնամը, զոր ան վատնեց այդ գիւղացիներուն ամէնօրեայ հոգեւոր, իմացական մատակարարումին, իբրեւ վաստակ, զբաղանք, կ՚ուտէ մարդու մը երիտասարդութիւնը։ Դուրեան վարդապետ պիտի ազատագրէ ինքզինքը, իմացական մեծ կարելիութիւն մը իբրեւ։ Ժողովուրդի զաւակ, անոր խոնարհագոյն խաւերէն իսկ մեկնող, անոր ամենէն պարզուկ մէկ խմբաւորումին մէջ իր ուժերը փորձի ենթարկած, ան պիտի ձգէ Պարտիզակը միտքով, սիրտով հզօրացած։

Թորգոմ Սրբազանի հատորին մէջ Դուրեան Պատրիարքի նախասկիզբ այդ գործունէութիւնը գտած է սրտագին վերլուծում այն մեծ օրէնքով, որ մեր զգայութիւններուն թարմութիւնը կ՚երաշխաւորէ մեր պատանութեան անմահ օրերուն: Ինքն ալ ըլլալով այդ շրջանին պատանին, տուած է մարդերը, միջավայրը, ոգին, անհաւասարելի բնականութեամբ որքան թափանցող, փաղաղիչ խորհուրդով։ Բանաստեղծական ոլորտ մը կը պատէ այդ հեքիաթ դարձած աշխարհը, ինչպէս էր իր միտքին մէջ պատկերը հեռու անցեալին [2] ։

Բոլոր գիրքին կեդրոնը կը կազմէ Դուրեան Սրբազանի անունին հետ նոյնացած գործունէութեան մը պատկերը Արմաշն ու իր Դպրեվանքը։ Չեմ կրնար ծանրաբեռնել սա ուրուագրումը, անոր մէջ տեղ տալով այն անհուն զգայնութիւններուն, մտածումներուն, յարացոյցներուն (idéal), որոնք այդ Դպրեվանքին ու հոն աշակերտողներուն հարստութիւնը պիտի կազմէին, ամբողջութեամբ գործը այլ մարդուն։ Թորգոմ Գուշակեան մէկ շունչով կը կատարէ այդ ոգիին վերլուծումը ու հակառակ անոր, որ դասական, ծրագրային, ուսուցչական քիչ մը շատ թեքնիք տարրեր կը միջամտեն, մենք չենք զգար որեւէ դանդաղեցում, պատմումին, ինչպէս կենսաւորման մէջ։ Գործին հրայրքէն ու խռովքէն տարուած վարդապետը թերեւս չունէր միջոց ինքզինքը տեսնելու այն իրականութեան մէջ, զոր Թորգոմ Գուշակեան կու տայ այդ շարժումին, երբ քառորդ դարու անհրաժեշտ ընկրկումէ մը ետք, կը պատկերէ այդ ամենը։ Այդ գիրքին, խմբագրումին ատեն Թորգոմ Սրբազան լիութեանը մէջն է իր շնորհներուն։ Տարիքը, զգայարանքներուն լրջացումը, ազգային հարցին ստացած վերջին նկարագիրը, այս ժողովուրդին բեկորներուն փրկութեան պատգամը, գրագէտի իր մեծ տուրքերը, խոր, լայն, ամուր, արի փորձառութիւնը, իր անսպառ խանդն ու լոյսը կը միանան, որպէսզի նուաճուէր այդ գեղեցիկ ձեռնարկը։

Ու մեթոսը, այսպէս։ Ու պիտի հետեւի իր տիպարին, Իզմիր, յետոյ Պոլիս, յետոյ Երուսաղէմ, միշտ կեանքի գծադրումին ի սպաս, բայց այդ կեանքը արձակելով իր կարելի բոլոր կողմերուն։ Եւ միշտ լայնօրէն բաց պահելով էջերը ամէն շարժումի, յոյզի, իմացական, կրթական, գրական, կրօնական, ազգային ամէն ոգեւորումը, որոնք մարդու մը կեանքին մեծ կարկառները կ՚ըլլան, ժամանակին մէջ, երբ կը սեւեռուին։ Եւ որովհետեւ իր տիպարը բազմազան շրջանակներու, մտայնութիւններու, ձեռնարկներու, կեդրոնական զսպանակը եղաւ, կը հասկցուի, թէ ինչո՞ւ « Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան » հատորը շտեմարան մըն է այնքան շատ նոր, իրաւ, խոր բաներու: Արդարեւ, կրօնական բարձրագոյն հաստատութեան մը ոչ միայն օրկանիք կեանքը, այլեւ ծրագրային լիութիւնը մենք կը տեսնենք անոր մէջ։ Ուսուցիչի մը գրիչը չէ միայն, որ կը յօրինէ այդ ծրագիրը, այլեւ զայն գործադրած մարդու մը բարձր հեղինակութիւնը։ Եղիշէ Դուրեան ամենէն աւելի պիտի մնայ հաւատարիմ իր քահանայութեան կոչումին, ինչպէս կը յայտարարէր արդէն իր յոբելանին առիթով, հուսկ բանքի մը մէջ։ Կը հասկցուի, թէ ինչո՞ւ Թորգոմ

Սրբազան իր տիպարը տեսած է միշտ այդ սրբազան սպասին խռովքին օծութեան հմայքին մէջ։ Բանաստեղծ մը եղաւ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի եղբայրը։ Կը հասկցուի, թէ ինչո՞ւ անոր այդ գործունէութիւնը ուրուագրած ատեն Թորգոմ Սրբազան պիտի փորձէ գրական քննադատութեան իւրայատուկ, արի թափանցում մը եւ պիտի հասկնայ անոր գործին շքեղագոյն այդ քանդակն ալ, որ կը կոչուի « Հովուական սրինգ »։ Դուրեան Պատրիարքի մէջ կայ բանասէր մը, որոշ արժանիքներով, որքան կարելի էր անոնց ստացումը կեանքէն տրուած պայմաններուն մէջ։ Կը հասկցուի, թէ այդ ամէն առիթներուն, ուր պատեհութիւն ներկայանայ իր տիպարին այդ գիծէ հայ բանասիրութիւնը լայնօրէն շահագրգռող մեծ հարցերուն ալ գործունէութիւնը բացատրելու, Թորգոմ Սրբազան պիտի մօտենայ ուրուագրումին։ Ու ասիկա այսպէս իմացական ամէն արտայայտութեան համար։ Եւ որովհետեւ Եղիշէ Դուրեան, իբրեւ հայ եկեղեցւոյ աւագ պաշտօնատար, տեսուչ, առաջնորդ, քանի մը անգամ Պատրիարք, մասնակցած է այս ժողովուրդին վերջին յիսնամեակի բոլոր խռովիչ խնդիրներուն, կը հասկցուի, թէ ինչո՞ւ Թորգոմ Սրբազան վերլուծած ըլլայ այդ կէս դարն ալ մեր պատմութեան քաղաքական գործունէութեան՝ լայն արտահանումովը Դուրեան Սրբազանի։ Ահա՛ թէ ինչո՛ւ, ինչպէս « Խրիմեան »ի մէջ, հոս ալ ասիկա իր նպաստը կը գտնէ իր տիպարէն։

Հատորին արժանիքները նոյնութեամբ կը կրկնեն « Խրիմեան Հայրիկ »ի ատեն ուրուագրուած փաստերը։ Նոյն հմայիչ սահքը եղելութեանց ու մարդոց, որոնք կը տրուին, կը լիանան, կաւարտեն՝ իրենց դերը ու կը քաշուին արագ, ամբողջ, անմոռանալի [3] ։ Նոյն խղճամիտ պեղումը դէպքերու ենթաշխարհին, որոնք պատմութեան rayon–ներուն վրայ արդէն ստացած են դասաւորման շեմա մը, բայց որոնց արդար կշռումը կարօտ է յաճախ որոշ խաւի մը այդ ժամանակէն։ Թորգոմ Սրբազան այդ հատորին մէջ ուսումնասիրելու, պատմելու, ապրեցնելու, ընդհանրացնելու, համադրելու տուրքերը տարած է իրենց լրումին, առանց մեղանչելու պատմական ճշգրտութեան, հարազատութեան, հմտական ամուր առաքինութեանց ու կենսագրական մանր ստուգութեանց պահանջներուն դէմ։ Ինչպե՞ս չէ զանցած իր իսկ տաղանդով իրեն հարկադրուած սահմանները։ Հայ եկեղեցւոյ պաշտօնատարն է միշտ, որ կը գրէ այդ հարիւրաւոր էջերը, ամէն բանէ առաջ։ Ու այս վստահութիւնը ձեր մէջ ուժ մը, համոզում մը կ՚ըլլայ մեծ կարելիութիւններէն, որոնք մեր կղերականներուն պարունակին մէջ են, ամէն անգամ, որ իմացականութիւն ու կամք, պարկեշտութիւն ու շրջահայեցութիւն, արուեստի զգայարանքն ու պատմութեան պատգամները ժամադրավայր կ՚ունենան միտքը, հոգին, մարմինը եկեղեցւոյ ոեւէ պաշտօնեայի։ Մեր նոր, գրականութեան մէջ աշխարհիկ տարրին յաղթական, գերակշիռ դերը մեզ պէտք է անարդար ընէր սրբազան տարրին խայտուն, մեծ շնորհներուն հանդէպ։

* * *

Այս երկու մայր գործերէն դուրս, Սրբազանը գրական թափանցումի բարձր փաստեր տուած է ամէն անգամ, որ մեր հին մատենագրութիւնը շահագրգռող հարցերու շուրջ կանչուած է իր խօսքը ըսելու։ « Նարեկ »ի աշխարհաբար իր թարգմանութեան նախաբանը ամուր, խոր բանասիրութեան մէջ իսկ գրագէտ մնալ կրցող տաղանդ մը կ՚ենթադրէ։ « Շարակնոց »էն ծաղկեփունջի մը կազմումը իրեն ՝ առիթ է, որ ըսէ վճռական բաներ մեր արուեստին այդ գոհար մէկ կողմին վրայ ալ։ Ու դառնալու համար զուտ գրական հարցերու ոլորտին, անոնց՝ որոնք մեր ժամանակակից գիրքերով են պայմանաւոր, Սրբազանը բազմաթիւ քրոնիկներ ստորագրած է «Սիոն»ի իր խմբագրութեան եօթը տարիներու ընթացքին, բոլորն ալ նոյն առաքինութիւններով պաշտպանուած։ Այս մարդուն մէջ լրագրող մը կապրէր։

* * *

Ուսումնասիրութեան իր երկրորդ վաստակը աւելի է քան պարզ յիշատակում մը, քանի որ յայտարարն է մարդուն մեծ կողմերէն մէկուն. աշխատանքի անհուն կորովին, որ պիտի չլքէր զինք մինչեւ մահուան դուռը։ Ասկէ զատ, իր ըմբռնումին ալ մէկ նշանը, հայ եկեղեցւոյ սպասին մասին։ Առօրեայ կեանքին մաշող, սպառող, ապերախտ հարկադրանքը անիկա պիտի չարհամարհէր երբեք, թերանար, ներելու համար իրեն իր հիմնական պարտականութեան մէջ, որ ծառայութիւնն էր հօտին։ Այս տեսակէտէն դիտուած, իր՝ տեղագրական, հաւաքչական, դասախօսական, հնագրական ձեռնարկները կը զատուին անկնիք աշխատանքէն, որ միջակութիւնները` կը խանդավառէ, ուր կ՚ըլլան արդիւնքներ, որոնք պակաս մը դարմանելէն անդին ալ կ՚անցնին։ Սեբաստիոյ Ս. Նշանը անշուշտ բազմաթիւ եպիսկոպոսներ էր տեսեր։ Ու դեռ 1850–ին Վենետիկ է, մա՛նաւանդ՝ Վիեննան հիմը դրած՝ ձեռագիրներու պաշտամունքին, գիտական ուսումնասիրումին։ Բայց պէտք պիտի ըլլար Թորգոմ Գուշակեանի ներկայութիւնը այդ վանքին մէջ, որպէսզի փորձուէր այդ ձեռագիրներուն ցուցակագրումը։ Ձեռնարկը լոյս է տեսած եւ պէտք է՝ չկայ մեծ բառերու՝ գնահատելու համար փրկուածը։

Տեսեր եմ ձեռագիրը նոյն այդ նահանգին վրայ կատարուած վիճակագրական աշխատանքի մը։ Սեբաստացիները, իրենց հայրենիքին յիշատակը իրենց մէջ անմեռ պահելու համար, երբ մտածեն օր մը հատոր մը նետել մէջտեղ (ինչպէս շատ գեղեցիկ կերպով կ՚ընեն ուրիշ նահանգներ), պիտի գտնեն թանկագին մթերք այդ էջերուն մէջ։

Նոյն ոգիէն՝ իր ուսումնասիրութիւնը Եգիպտոսի Հայ եկեղեցիներու մասին։ Անհրապոյր, սպաննող, եւ գրաստական աշխատանքը պրպտումին։ Որուն նուիրուիլը չէ, որ պիտի մեղադրէինք ոեւէ մարդու։ Բայց պիտի տառապէինք փաստին առջեւ, երբ անոր հարկադրած կորուստը կանչուէինք կշռելու մեզի բաշխուած ուժին դիմաց։ Ըրաւ այդ զգուշաւորութիւնը, թէեւ ոչ համապատասխան արդինքով, Դուրեան Սրբազան, որուն ամբողջական գործին հրատարակումը Սրբոց Յակոբեանց տպարանէն մեզի կը թելադրէ ուրիշ կարգէ մտածումներ։ Այս կէտին մէջ միայն իր աշակերտը դէմ պիտի երթար վարդապետին սկզբունքներուն։ Ու պարտաւոր եմ արձանագրել հոս, որ այդ աւելորդ զոհողութիւնը մեզի խնայած է անդար մանելի կորուստներ։


 



[1]        Գաղտնիք չէ մեր հին մատենագիրներուն քերթողաբար պատմումը (Թովմա Արծրունի, Յովհաննէս կաթողիկոս)։ Ինչպէս չենք կրնար փրկել անտանելի պատմումն ալ Մխիթարեան դպրոցին։ Թորգոմ Սրբազան կը կազմէ միջին մը, իմ կարծիքով։ Գրագէտին ուսումնասիրութեան մէջ կ՚ընդլայնուի այս տեսակետը:

[2]        Դուրեան Պատրիարքի յիսնամեայ քահանայութեան յոբելեանին առթիւ ան գրեց, դարձեալ Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթին մէջ, այդ յօդուածաշարքը, որ յետոյ հատոր պիտի կազմէր 1932–ին, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց տպարանէն:

[3]        Ֆրանսացիները իրենց մեծ գրագէտներուն կեանքն ու գործը շարժանկարի վերածելու ձեռնարկը ըրին վերջերս: Մէկը այդպէս խմբագրեց Ժան Ռասինի ժապաւէնը։ Թորգոմ Սրբազանի երկու հատորները պատրաստ նիւթեր են այդ կարգի ձեռնարկի մը համար։ Ու հոս է արդէն գաղտնիքը այդ հատորներուն յաջողութեան։ Անոնք վէպէ մը աւելի տենդով կը կարդացուին. ու սինեմա՝ շարժում բառէն կը ծագի։