Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

3.   ՎԻՊԱԳԻՐԸ

« Ցայգալոյս »ին մէջ մտած են հետեւեալ պատմուածքները։ « Վա՜խ, ես մեռնէի », « Պուտ մը ջուր », « Տան սէրը », « Շուն մըն ալ պակաս », « Պատկեր մը », « Ցեղին զաւակը », « Սեւ հաւը կանչեց » [1] ։

Ասոնք, բացի « Պատկեր մը »էն, պատմուածքի կարեւոր պայմանները կը լրացնեն։ « Անտէր խրճիթը » քնարերգական ու դիւցազնաչունչ հով մը ունի։

Զարդարեանի վիպակները` կը տարբերին արեւմտահայ իրապաշտներուն մօտ համբաւի հասած տիպարէն, նորավէպէն: Կը տարբերին դարձեալ արեւելահայերուն պատմուածքէն։

Զօհրապի նորավէպերը որոնք գլուխ–գործոցները կը մնան սեռին փայլուն, arrêté որոշ ճարտարապետութեամբ մը կառուցուած կտորներ են, որոնք ատաղձի, ստեղծագործ տաղանդի, գործողութեան ու հոգեբանական խորքի անփոփոխելի քանակ մը կը ներկայացնեն։ (Էջերն անգամ համապատասխան են իրարու մէկէն միւսը)։ Անոնք ֆրանսական նորավէպին հայացած նմոյշները կը բերեն մեզի։ Արագութիւն, ձգտում, կենդանութիւն, փայլ եւ ոճ, ահա՛ այն քանի մը գիծերը, որոնք կը յատկանշեն այդ արուեստը։

Արեւելահայերը տուած են պատմելու այդ ձեւին՝ թուլութիւն, լայնք, թեթեւ շարժականութիւն, էնթրիկ եւ տիալոկ, յատկանիշներ, որոնք դէպի վէպը կը նային։

Ինչպէս կարելի է արդէն հետեւցնել, Զարդարեանի վիպակները չեն զետեղուիր ճշդութեամբ մէկ կամ միւս բաժինին մէջ։ Անշուշտ կան տարրեր երկուքէն ալ։ Բայց ինչ որ կը զատէ Զարդարեանի « Պուտ մը ջուր »ը Շիրվանզադեի « Արտիստ »էն, երկու գրականութիւնները իրարմէ բաժնող ոգին իսկ է։

 

Բարքեր

Անշուշտ նորավէպի մը ծաւալը ձեռնտու չէ բարքերու խորունկ ու մանրամասնուած հետազօտութեան մը։ Անիկա, նորավէպը, պիտի զարգանայ իրականութեան շրջապատի մը, բայց չի կրնար իր թելերը երկարել բոլոր անկիւնները ու գունաւորուիլ կեանքին ամբողջական քոլորիտովը։

Զարդարեւանի պատմուածքները, ուրեմն բարքերու պատկերացումներ չեն։ Ըսել կ՚ուզեմ զանոնք գրել տուող ոգին չունի մտահոգութիւնը մեզի հաղորդելու մեր, գաւառական կենցաղին ընդհանուր բարեխառնութիւնը։ Բայց նոյն ատեն անոնք յերիւրածոյ պատմութիւններ՝ ալ չեն, բոլորովին դուրս դիտողութեան հասողութենէն։ Անոնք կը կռթնին, ու ասիկա ամրապէս, գաւառական բարքերու մէկքանի երեսներուն։

Դուք պիտի հանդիպիք անոնց մէջ հիւանդութիւններու, բարոյական վէրքերու, ընկերութեան պայմաններին առաջացած մէկ–քանի հոգեկան ածխացումները, որոնք մեր դիտողութեան, աւելի վերջը ճանաչողութեան կ՚ենթարկուին արագ պարզումի մը մէջ։ Հասկնալի է, որ անոնք՝ առանձին իբր հոգեկան ախտաբանութիւն մինակ չտրուին։ Անոնց կ՚ընկերանայ կեանքի այն շերտը, որուն վրայ իր բոյնը դրած է քաղցկեղը։

Այսպէս ներկայացուած, այս պատմուածքները հեռաւոր աղերս մը կը թուին ներկայացնել մեր իրապաշտներուն « կեանքի պատառիկ »ներուն հետ։ Բայց տարբեր են անոնցմէ, իրենց տարողութեամբը։ « Կեանքի պատառիկ »ները կը գրուէին սովորական ու անփոփոխ փոխադրութեամբ մը։ Արուեստին ճառագայթումը չէր անցներ այդ կտորներուն նեարդներէն։ Զարդարեանի պատմուածքները կը ձգտին բարոյական քանի մը ըմբռնումներու դատապարտութեան կամ պաշտպանութեան։ Յետոյ, երբեք ուղղակի փոխադրութիւն մը չեն եղած այդ պատմուածքները։ Միշտ ստեղծող տարրը կանցնի պատկերին բոլոր բջիջներէն։

Դարձեալ՝ չէ անիկա անզգած ու հանդարտ եղանակը վաւերապէս իրապաշտ՝ վիպասանին, որ դէպքերը, երեւոյթները կարձանագրէ մեծ բարեխղճութեամբ, հասնելու համար համադրական տեսիլներու, ստուերի մէջ ձգելով անձնական նախասիրութիւնն ու հալածելով իր անձը իր գործէն։ (Մենք այս արուեստէն ներկայացուցիչ չենք ունեցած)։ Միւս կողմէն, անիկա սրբագրող (դէպի լաւը կամ վատը) եղանակն ալ չէ մեր մէջ իրապաշտ տիտղոսուած այն վիպասաններուն, որոնք չես գիտեր ի՛նչ պատճառներով կեանքը կը պարզեն քիչ մը շատ միամտօրէն դէպի աջ կամ դէպի ձախ։ (Շիրվանզատէ

Զարդարեանի ձեւը կ՚իյնայ այս երկու ուղղութեանց մէջտեղը։ Անով մեր բարքերէն գիծեր կը դրուին մեր առջեւ, բաւարար խոշորացումով մը, քիչ մը տաքցած հեղինակին համակրութեամբը կամ՝ սեւցած, հակակրութեամբը։

Իրողութիւն է, որ հակառակ հատուածական նկարագրին, այս պատկերներէն կ՚ելլէ լիութիւն մը, որ տպաւորիչ է մեծապէս։

Քանի մը անուններ։ Կով Առաքել ին շուրջը գրագէտէն ստեղծուած մթնոլորտը, իր տունին վրայ դողալու, զանիկա զաւկէն աւելի սիրելու անխոստովան բայց գուշակելի վիճակը, առանձին ու ինքնաբաւ՝ պատկերացում մըն է։ Իրականութիւնը կ՚երաշխաւորէ` այդ մենագարութիւնը։ Ու ախտաւոր այդ մտայնութեան ողբերգութիւնը կը ներկայացուի մեզի լրիւ: Այնպէս, որ Կով Առաքել ը կը մեծնայ իր խորհրդանշական իմաստին։ Գիւղացիի անհուն ընչաքաղցութիւն, որ արտաքին շրջապատէն վռնտուած, կ՚անդրադառնայ սեպհական տունին վրայ։ Նոյն ատեն անհուն դժբախտութիւնը գիւղացիին, որուն զլացուեցաւ խաղաղ օր մը իր լման կեանքին մէջ եւ որ տարուեցաւ ցաւերէ ցաւ, ինքն ալ չհասկցած ահաւոր ինչուն։

« Սեւ հաւը կանչեց »ը քանի մը հարցեր միանգամայն կը քալեցնէ իրեն հետ։ Պանդխտութիւն, ազգապղծութիւն, հարս ու կեսուրի յարաբերանք, ասոնք առանձին–առանձին նոյնքան կարեւոր նիւթեր են ուսումնասիրութեան։ Ու բարքերու խուզարկութիւն մը միշտ ալ անհրաժեշտ՝ անջատ այս երեւոյթներու թաւալումին ընծայելու համար յատակ մը, ուր անոնք կեանքի հարազատ պատկերացումներ ու հետեւաբար բարքի tranche–ներ դառնային։

Բաղդատութիւն մը պոլսական իրապաշտ դպրոց ին եւ գաւառական դպրոց ին հետ՝ ճշդելու համար Զարդարեանի ճիգին արժէքը։

Արփիարեան, Հրանդ, Կամսարական, Բաշալեան, Զօհրապ, Սրմաքէշխանլեան կեանքին, այսինքն՝ անոր բարքի կողմերուն կու տան բացառիկ իմաստ։ Անոնց նպատակը թերեւս ազդեցութեան փորձ մըն է այդ ուղղութեամբ մեր ժողովուրդի ըմբռնումներուն վրայ։ Զարդարեան հակառակ իր ջանքին, միջամտութեան, չի յաջողիր ազդել մեր մտքին:

Գաւառէն միայն Թլկատինցին է, որ զբաղած է բարքերով։ Անոր ալ եղանակը կը տարբերի Զարդարեանէն։ Ան աւելի համ կ՚առնէ մարդերը շարժելէ, մարդերուն շուրջը իյնալ ելլալէ։ Գործողութեան տեսակ մը բնազդ կը վարէ իր մարդերը, ուր անհատներու գիծերը քիչ մը ցայտուն կը դրուին՝ երբ բռնուին հեգնութեան լոյսին դէմ։ Զարդարեանի համար պատմուածքը միջոց մըն է արգահատանքի լայն զեղումի այն անվերջ դժբախտութեանց դէմ, որ կը հալածեն գաւառը։ Գութի այս միջամտութիւնն է, որ թերեւս պղտորած է իր մէջ բարքերու անզգած ու ճիշդ պատկերացումը ու հեղինակը առած տարած։

 

Հոգեբանութիւն

Զարդարեանի պատմուածքները տեսակ մը խառնուրդ են՝ բարքերու, բնութեան պատկերներու, հոգեկան վիճակներու, ձգտումներու, մտածումներու ու դեռ ուրիշ բաներու։

Այս տարտղնումին մէջ հոգեբանութիւնը, այսինքն՝ հոգեկան վիճակներ ստեղծելու, անոնց զարգացումին հսկելու, անոնց ուռելուն ու յետոյ քայքայուելուն մեքենականութիւնը վարելու աշխատանքը ու շահագործումը կոտորակուած ու պակասաւոր տեղի կ՚ունենան։

Զօհրապ որոշ զգացում մը կ՚ընտրէ շատերու մէջէն, զայն կը մեկուսացնէ որչափ որ կարելի է հոգին առանց անապատի վերածելու, կը մարէ այդ զգացումին շուրջը բոլոր երկրորդական լոյսերն ու ձայները, կը փնտռէ ու կը գտնէ կացութիւններ, որոնք իր ամենէն զարգացած ձեւերովը յայտնաբերեն ու տեսանելի ընեն զայն ու կը ստեղծէ այսպիսով շահեկանութիւն, որ ուղիղ կը հետեւի տրամի մը իրադարձութիւններուն։ (Թեքնիքի հարց մը չէ ասիկա իր մօտ)։

Զապէլ Եսայեան կը մեկուսացնէ հոգիները, զանոնք կը լարէ մեծագոյն կիրքի մը կամ կիրքերու ասեղներով, յետոյ կը հետեւի համբերատար ուշադրութեամբ բոլոր այն փուլերուն, որոնք երեւան կու դան անոնց ներսն ու դուրսը, կիրքերու նոյն խթանին տակ ու նոյն բջջինին ընդմէջէն։

Զարդարեան կը մօտենայ մարդերուն, առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ կ՚ուզէ անոնցմէ։ Անոնց կեանքին անմիջական ողբերգութիւնը առաջին հրաւէրն է անոնցմով հետաքրքրուելու։ Արդ՝ այդ ողբերգութիւնը համայնական է, այսինքն՝ անհատներու հասողութենէն անկախ։ Անիկա ծնունդն է բարդ պայմաններու: Ու, զայն առաջացնող ու ամենէն հզօր ազդակը, օտար ցեղի մը վայրագ ու անողոք կամքը մեզ է մորթելու՝ կը խուսափի սեւեռումէ, քանի որ գրաքննութիւնը կը սպաննէ ամէն փորձ այդ ուղղութեամբ [2] ։ Կը մնայ ուրեմն հրաժարիլ գերազանց պատեհութիւններէն, որոնք մարդերու հոգիները կը մերկացնեն, ու զբաղիլ վիճակներով, մոլութիւններով, որոնց առջեւ ու անհուն կեդրոնացում է հարկաւոր։ Վասնզի այս կարելիութիւնները մեր ժողովուրդին համար կը ներկայանան բոլորովին առանձին։ Չկայ ընդհանուր տարր մը, որ ատոնք իրարու շաղկապէ։

Այս բնական ցրուածութենէն դուրս կայ մանաւանդ գրողին հիմնական գիծը, որ քնարական է։ Ու քնարերգակները ո՛չ մէկ դարու չեն զիջած նայիլ իրենց շուքէն մատ մը անդին։ Չեն հետաքրքրուած ներքին ու մանաւանդ գործօն պայքարներով, որոնց թատերավայրը կ՚ըլլան մարդերուն հոգիները՝ հզօր ու դղրդող հրդեհներու տագնապին տակ։ Անոնք ո՛չ միայն չեն խոնարհիր ուրիշները ուսումնասիրելու, այլ իրենց ներքին աշխարհը կը վախնան խոր ու լուրջ ակօսելէ ու փորելէ, որովհետեւ այդ աշխարհին ենթահողը իրենց դէմ պիտի հանէր անորակելի աղտեր, մինչ անոր մակերեսին վրայ դիւրին էր լարել լացին աղբիւրը կամ վառել ուրախութեան արեւ մը։

Կարճառօտ այս հոգեկան վիճակը պիտի բաւէր անոնց։ Ու անոնք գոհացան, երբ այդ թեթեւութեամբ լացին կամ լացուցին։

Հոգեբանութիւնը այս պատճառներով պակսեցաւ նաեւ Ռուբէն Զարդարեանին, որ վախցաւ բոլոր կճող վիճակներէն։ Անոնցմէ՝ որոնք հոգիներու մերկ ու մինակ ճակատումներէն կը շղթայազերծուին։ Անոնցմէ է՝ որոնք հոգիի մը խորը, քանի մը հակամարտ զգացումներու պայքարովը՝ սարսռագին անձուկով մը կը համակեն մեզ, ինչպէս ուղեւորը, որ ալիքներու խաղալիք նաւուն մէջ մահուան ու կեանքին առեղծուածը կը չափէ մէկ ակնթարթով։

Դարձեալ, ան վախցաւ հետեւելէ որոշ վիճակի մը, կիրքի մը կարելի դարձուածքներուն։ Ուրիշ խօսքով, չկատարեց հարկադիր վերացումը (abstraction) բոլոր այն տուեալներէն, որոնք հոգեբանական իրողութիւն մը կը շրջապատեն ու կ՚աղօտեն անոր ուժը։ Ու չհետեւեցաւ այդպէս վերացուած զգացումի մը, կիրքի մը, մեղքի մը կսկծոտ, ամօթալից կամ փառայեղ կուտակումին, փրփրումին, քայքայումին, որոնց բախումներուն ներքեւ մեր կայմը փշուր-փշուր կը խորտակուի ու կը թաղուի։

Այս վիճակները բացակայ են իր գործերէն։

Հոգեբանական վիպակէ մը նման պահանջ մը թերեւս չափազանց կը թուի շատերուն։ Բայց Զարդարեան տկարացած է դարձեալ աւելի պարզ կացութիւններու առջեւ։

Ոչ մէկ վիպակի մէջ մեզի կը տրամադրուի պայքար մը, որուն յիշատակը, ինքն իրեն համար, յաջողէր դիմանալ։ Մինչ հակառակն է, որ ճիշդ է։ « Պուտ մը ջուր »ին մէջ հեքիաթն ու արտաքին աշխարհը, « Սեւ հաւը կանչեց »ին մէջ բնութեան տեսարաններ ու մարդոց նկարները, « Տան սէրը »ին մէջ՝ մարդուն արտաքին գծագրութիւնն ու ձմրան պատկերներ կը կառչին մեր յիշողութեան։ Բայց չենք կրնար ատոնցմէ յիշել որոշ պահ մը, որոշ գլխապտոյտ մը (vertige) հոգեկան գագաթումի, ուր ելլելնուս համար զգայինք ու փակէինք աչքերնիս, որոշ զգայութիւն մը հոգեկան անդնդացումի, ուր նայելու համար մեր ոտքերը չքալէին։

Բանաստեղծական ազատութիւն մը պիտի չբաւէր այս տեսակ արդիւնքներու համար։ Մարդերը լուծել ու վերաշինել տարբեր գործողութիւններ են։ Հոգեբանութիւնը ուրիշներու հոգիին մէջ մտնել կարենալու համեստութեամբ մը, թափանցումով մը, հաւատարմութեամբ մը կը պայմանաւորուի։ Ինքզինք վերլուծելը մէկ երեսն է այդ աշխատանքին։ Բայց բանաստեղծները իրենց փափաքածին պէս կը տեսնեն ու կու տան իրենց հոգիները։

Ահա թէ ինչո՛ւ քնարական խառնուածքները միշտ անբաւական եղան հոգեբանական խուզարկումին։

 

Գործողութիւն

Կայուն վիճակներու նկարիչ՝ Զարդարեան հարկադրաբար տկար պիտի մնայ գործողութիւն մը վարելու կնճռոտ հարցին առջեւ։

Ան անընդունակ կը ներկայանայ վիպային գործողութեան որ պարզագոյն ձեւին մէջ շահեկանութիւն կամ հետաքրքրութիւն կ՚անուանուի։ Այդ հանգամանքն է, որ վէպին տուած է արդի ընդլայնումը եւ զայն վերածած գրական սեռերէն ամենէն առաջինին [3] ։

Ան անընդունակ է դարձեալ թատերական ըսուած գործողութեան, որ կը կառուցանէ, կը շարժէ, կը խճողէ ու կ՚առնէ՝ կը տանի մարդերը, ինչպէս նաեւ անոնց հոգիներուն բոլոր կապարէ մեղքերը։ (Այս ձեւին աւելի մեղմը կ՚երեւայ դիւցազներգութեանց, հեքիաթներու, զրոյցներու մէջ։ Զարդարեան կ՚անգիտանայ զայն։ Յովհաննէս Թումանեան տուած է անկէ նմոյշներ)։

Բայց վէպը, վիպակը դժուար է ըմբռնել առանց գործողութեան։ Զարդարեանի վիպակներուն մէջ անիկա գոյութիւն ունի շարժումի ձեւին տակ ու կը հետեւի բնական, կեանքը ամբողջապէս կրկնող մեթոտի մը։ Համբաւաւոր եղանակն է ատիկա բնապաշտներուն։ Եթէ օտար բնապաշտները ատանկ դրութիւն մը պաշտպանեցին ու գործադրեցին, ըրին ատիկա մանաւանդ վէպերու մէջ (Կոնքուրները, Ֆլօպէրի «Education sentimentale–ը, այսինքն՝ դիտողութեան, խուզարկութեան, փորձերու եւ հակափորձերու անհամեմատ աւելի մեծ գետիններու վրայ։ Վիպա՞կը։ Անիկա պարտաւոր է շարժելու կամ հոգեբանական, կա՛մ թերթօնական շարժումներով)։ Բայց այդ մեթոտին յաջողութիւնը խնդրական եղաւ: Մոփասան, Տօտէ, Չեխով, Անդրէեւ, յիշելու համար միայն մէկ քանին վիպակի վարպետներէն, միշտ ալ կեդրոն ունին։ Այսինքն՝ կեանքին տուածը անպատճառ կը խողովակեն ու կը զօրեղացնեն։

Ստոյգ է, որ Զարդարեանի վիպակները չեն անոնցմէ, ուր բան մը չի պատահիր, ուր կեանքը կը դրուի մեր առջին իր անսրբագրելի խեղճութեամբն ու միօրինակութեամբը ու մարդերը կը բուսնին խոտին պէս դանդաղ, կ՚ապրին անոր պէս դանդաղ ու կը մեռնին կտոր–կտոր դեղնելով։ Անոր պատմուածքները եթէ չեն վազեր, բայց հեռու են այն եղանակին, որ ժանգոտումի մը պէս կը փաթթէ հոգիները։

  Պէտք կը զգամ աւելցնելու, որ գործողութեան հանդէպ Զարդարեանի զանցառութիւնը վտանգած չէ վիպակներուն արժէքը։ Ասոնք անդամալոյծ ծանրութիւններ չեն, ինչպէս է պարագան Եղիայի վիպակներուն համար, ոչ ալ Պարթեւեանի վիպակներուն նման ոսկիի ու արծաթի զրահներում ներքեւ կորաքամակ կառուցումներ, ուր շարժումը աղաղակ մը, տքալ մը, յոգնութիւն մըն է միշտ։ Անոնք զրկուած չեն բնական թեթեւութենէն, կենդանի ու իրական շունչէն, որ հասարակաց է ապրող էակներուն։ Ու այս հովը կայ էջերուն վրայ։ Այս պզտիկ հովը բաւական եղած է, որպէսզի անոր պատմուածքներուն մէջ դառնալ կարենայ իրականութեան մեծ հողմաղացը, ան որ իր քարերուն տակ կ՚աղայ մեր մեղքերն ու յուզումները, մեր արցունքներն ու հաճոյքները:

 

Տիպարներ

Անմիջապէս զեղչել բառէն այն մասնակի ընդարձակութիւնը, զոր ան ունի ընդհանուր գրականութեանց մէջ։ Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար թերեւս փոխարինել զայն անձնաւորութիւն թերմինով, եթէ ասիկա ընդգրկէր հետապնդուած գաղափարը։

Մեր գրականութիւնը ցարդ տիպար չէ ունեցած։

Բայց մեր գրագէտները յաջողած են խտացումներ գործադրել, կարգ մը մարդեր վերցնել շրջապատի մակարդակէն ու անոնց ներսը զետեղել քանի մը սուր դիտողութիւններ, ձգտումներ, յատկանշական գիծեր։

Այս կարգէն կարելի է ընդունիլ Զարդարեանի անձերը։

Անոնք բացառիկ, խորացուած, տիրական յուզումներու ներքեւ դէպի ախտավարակ նրբացումներ կամ բարձրացումներ առաջնորդուած մարդեր չեն։ Մեր ընկերութեան պայմանները արդէն անընդունակ են այդ խմորէն սեւեռումներու:

Զարդարեանի անձերը ընտրուած են ընդհանուր միջինի մը վրայէն, ու կը մնան կապուած իրենց շրջապատին։ Անոնց հոգիներուն կազմութիւնը քիչ բան ունի անսովոր։

Խոճապաշին Սեւ հաւը կանչեց »), ամենէն աւելի խնամքով յօրինուածը, համադրուածը՝ տիպար մը չէ, երբ վրայէն առնենք մեղքին գարշանքը։ (Անոնց, որ կիրքի այդ պարեգօտը չէ, որ տիպար մը ոտքի կը նետէ, ասիկա շատ կարճառօտ (sommaire) ընդհանրացում մը պիտի ըլլար)։ Կով Առաքելը Տան սէրը ») նոյնպէս պարզ գիւղացիի մը միջինին կը դառնայ, երբ զինքը զատենք իր տունին վրայ դողդղալու փտախտէն։ Սարգիս էֆէնտին Վա՜խ, ես մեռնէի ») միայն կը մօտենայ տիպարային ստորոգելիներու, ան ալ՝ թուրքերու հետ իր յարաբերութեանցը երեսէն։ « Շուն մըն ալ պակաս »ին մէջ մայրը երբեմն ուժով գիծեր երեւան կը բերէ ու կը ստիպէ, որպէսզի վարդապետը չկարենայ իր հոգիին աղբանոցը պարտակել։ Չարսանճագցի Վարդանը Ցեղին զաւակը ») իր անպատասխանատու հանգամանքովը կը վիրաւորէ ու կը փոքրացնէ իր հերոսութեան սրբազան գիծը։

Ինչպէս կը տեսնուի այս արագ անուանումէն, Զարդարեանի մարդերը մշակուած չեն (այսինքն՝ անոնք որոշ կիրքերու, մեղքերու, փափաքներու յայտարար մարմնացումներ չեն), ինչպէս չէր անոր փորձած հոգեբանութիւնը, ինչպէս չէր գործողութիւնը։ Բայց այս մարդերը ունեն իրենց հետ բարիք մը, իրականութեան, համեստ, օրուան իրականութեան բարիքը։

Անոնք իրական են ամենէն առաջ տեղական, պատահուած, շօշափուած իրականութեամբ մը։ Այդ մարդերը գոյութիւն ունեցած են ու իրենց կեանքին գլխաւոր դրուագը վիպողը առած է տեղին վրայ [4] ։ Յարդարումը, որուն կ՚ենթարկուի արուեստի ելլելիք ամէն դրուագ, չէ վնասած այդ մարդերուն ներքին ու արտաքին հաւասարակշռութեան։ Անոնք իրական են իրենց նկարագրին մեծ գիծերովը։ Իրենց մեղքերովը՝ որոնք գաւառացիի, գիւղացիի յամառութիւններ ըլլալով կը սկսին ու կը վերածուին կեղերու, բայց անոնցմէ չի տառապիր ենթական։ Իրենց ցաւերովը, որոնք իբր երկրորդ կեանք մը, ապրուածին իբր անխուսափելի ճառագայթումը, ստուերարկումը կը թափանցեն կամ կը տաղաւարեն անոնց հոգիները եւ նայելով կէտին, ուր կը հասնի իրենց հոլովումը իրողութեանց առանցքին վրայ, կ՚ընեն այդ մարդերը ստորին, վախկոտ, կամ մեծավայելուչ ու հերոսական։ Շատցուցէ՛ք օրինակները, միշտ պիտի չհեռանաք անմիջական, սորուած, շօշափուած շրջանակէն։

Իբր դիմագիծ այդ մարդերը պայծառ են դարձեալ ու կեանքին լոյսը, դուք ըսէք ապրելուն կրակը, զանոնք կը պահէ իր գոլին մէջ։ Ու անոնց ներքին անձնաւորութիւնները կը կրկնուին նոյնութեամբ։ Անոնք չեն տարուիր թնճուկներու, անդունդներու։

Իրենց բնականութիւնը, պարզութիւնը, ամփոփ գծադրութիւնը, նոյնքան ամփոփ հոգեկան յօրինումը այդ մարդերը չեն կրնար զետեղել սակայն բուն գիւղացի յորջորջուած տարրին մասնայատուկ ճշգրտութեան մէջ։ Պատճա՞ռը։ Վասնզի Զարդարեան դիտած է զանոնք սեպհական ոսպնեակով մը, պարագայ մը, որ հոս հաւասար կու գայ տեսակ մը բանաստեղծականացումի։ Ու ասիկա եղած է։ Այսինքն՝ պարզ մարդերէն մաս մը, բուն գիւղացիները դրուած են ընդհանրացումի մը մէջ, որ անոնց անձնաւորութեան ամենէն նրբին, բայց յատկանշական տարրերը կը մշուշէ։

Այս տարտամութիւնը թերեւս միակ մեղադրանքն է, այս անգամ կարեւոր է, ոչ վերագրելի ըլլայ մարդերու իր կարաւանին։ Դիտեցէ՛ք, որ կիները աւելի հարազատ են քան այրերը, որոնցմէ երկուքը գիւղացիի եւ քաղաքացիի անկատար խառնուրդ կը ներկայացնեն (թերեւս բուն իրականութիւնը տարբեր չէ. բայց արուեստին դերը խառնուրդը անզգալի ընծայելուն մէջն է Վա՜խ, ես մեռնէի », « Սեւ հաւը կանչեց »)։

Ինչ որ գիւղացիները կը զատէ միւս մարդերու խումբերէն, ինչ որ անոնց յատկանիշները կը ցցէ եւ ասոնք անկորնչելի կ՚ընէ կեանքին բոլոր կարկուտներուն ու կրակներուն տակ, այն կոշտութիւնը, խանծածութիւնը, հող ու յարդ հոտելու մշտական վիճակը եւ անիրաւ, թանձրապաշտ, նենգամիտ, չոր, անողոք, վայրագ ու նոյն ատեն անձնազոհ, խիզախ, երազամոլ, սուրբ ըսուելու աստիճան բարի տիպարը, որ գիւղերուն մէջ կը բուսնի, ինչ որ, մէկ բառով՝ մորթը կնճռոտ, հոգին՝ խորշոմած, նայուածքը՝ վար, մտմտուքը՝ դէպի փորը կ՚ընէ մարդերուն մեծամասնութիւնը, այս տարրերը պակսած են Զարդարեանի գիւղացիներուն։  

Անոր, ինչպէս Վարուժանի գիւղը, մարդերուն ոչ միշտ հպատակ գեղեցկութեանց հանդիսավայր մըն է ու երկուքն ալ, քնարական խառնուածքներ, գեղջուկին ու անոր կենցաղին հարազատութիւնը (անփոխարինելի) զոհած են տեսիլքներու, անձնական յուզումներու, աչքի ու ականջի թելադրական ու նկարէն պատկերների կախարդութեան։

 

Արտաքին շրջապատ

Այս վիպակներուն յաջողագոյն կողմը նորէն պէտք է փնտռել արտաքին աշխարհին մէջ, որ այդ մարդերուն իբր թատերաբեմ կը ծառայէ, հող կամ տախտակ, նոյնն է։ Չկրկնելու համար ինչ որ ըսուած է ասկէ առաջ, հեքիաթներու եւ արձակ քերթուածներու բաժիններուն մէջ, հարկ է փոխադրել խուզարկութիւնը դէպի պահը, հոգեկանով ստեղծուած մասնաւոր վիճակները, անոնք որ մեր աչքերուն, մարմինին ամենօրեայ հոսումներովը կը կազմուին երբեմն անշարժ գետիններու, երբեմն քալող միսերու վրայ։ Դրան սեմ մը կամ օճախին անկիւնը ծուարած կատուն մարդկային այդ հոսանուտէն բան մը առած են իրենց վրայ։

Վիպակներուն մէջ, մարդերուն գործառնութեանց չափ ու թերեւս աւելի կարկառով տրուած են բոլոր պահերը: « Պուտ մը ջուր »ին մէջ տիրապետող ուրուացումը ձմերուան պատկերացում մըն է, որուն յաղթահարում էին համար գրագէտը փորձած է ներկերուն բոլոր ստեղները։ « Վա՜խ, ես մեռնէի »ն ունի ժամեր, ուր բանաստեղծին քնքշութիւնն ու գողտր տրտմութիւնը իբր համերաշխ նօթեր կ՚աւելնան նահատակուող կնոջ մը հոգեկան ձմեռին ու ամայութեան վրայ։ Ու քիչ թախիծ գիտեմ, որ ըլլայ այնքան կպչուն, խոնաւ, որքան աշնան իրիկունով, անձրեւին հետ ու անկէ ետքը ինկող գրեթէ ընդհանուր մելամաղձութիւնը Պատկեր մը »), որ հոգիդ կը փրկէ, յետոյ կը խեղդէ ու գլուխդ գետնին կը զարնէ։ Նիւթական զգայութիւններով կառուցուած այս արագ աշխարհները Զարդարեանի գործին ամենէն արժէքաւոր պատկերը կը նկատեմ։

Հոգիներուն իբր գետին ծառայող վիպակները նոյնպէս սեւեռուած են բաւարար պնդութեամբ։ Խոճապաշիին մայրը Սեւ հաւը կանչեց ») դարերու շինած պայծառ պողոտային կը նմանի, ուրկէ քալած է մեր ցեղը իր լաւ ու սեւ օրերուն, բայց որուն երեսը չէ վիրաւորուած քայքայող ճեղքերով։ Ու նոյնքան դարաւոր երազանքի մը իբր մատուռը, ամրափակ ու հազուադէպ մատուռը կը ներկայանալ մեզի « Պուտ մը ջուր »ին մամիկը, որուն մարմինին փոքրութեան, զրկանքով ծիւրումին դէմ կը մեծնայ հոգեկան յատակը, հաւատքի, աւանդութեան, անձնազոհ սիրոյ եւ երկնանուէր մոլուցքին ամբողջ մթերքովը։

Անշուշտ նման յօրինումներ հոգեբանութեան հասկացողութիւն մը կը նշանակեն։ Բայց անոնք ցանցառ են շատ ու գտնուած՝ ոչ թէ դէպի հոգիները հետաքրքրութեան մը պահերուն, այլ արտաքին դիտողութեան իբր յենարան։ Այս է պատճառը թերեւս, որ մարդերէն դուրս այդ կարգի հոսումներ ալ չեն կրնար պարտադրել իրենք զիրենք։ Ու հոգեկան դրուագներու ու կիրքերու պայքարներուն փոխարէն (որոնք իրենց այդ իսկ հանգամանքովը մեզ պիտի տպաւորէին աւելի խոր ու պիտի դիմանային պատկերէն կամք պատմութենէն) մենք մեր յիշողութեան մէջ կունենանք տեսարաններ ու պահեր [5], որոնք կ՚անջատուին ամբողջէն, կը բիւրեղանան ու կը տեղաւորուին մեր մտքին մէջ։

Ընթերցումը աւարտելէն ետքը գոցեցէք ձեր նայուածքը որեւէ պատմուածքի վրայ ու փորձեցէք վերաշինել։ Պիտի տեսնէք, որ բնութեան պատեր ու հոգեկան յատակի կարծր քանդակներ պիտի բերեն ամենէն առաջ։ Մարդերն ու անոնց գործողութիւնները պիտի չշարժին իրենց տեղէն։ Ու պրկումի առջեւ միայն պիտի երերան, թոյլ–թոյլ, բայց կառչելով պատին ու յատակին ամրութեանց։

Ուրիշ պարագայ մը։ Երբեմն պատմուածքը պատրուակ կը ծառայէ անոր՝ արտաքին աշխարհը վճռական դիմադծութեամբ մը սեւեռելու համար։ « Ցեղին զաւակը » կը սկսի Չարսանճագի զմայլելի պատկերացումովը։ Ալ սրբուած է Վարդանը, որուն եղերական վախճանին համար գրուած է պատմուածքը, ու կը տարուիք մեր երկրին մէկ կտորին յատկանշական ու դժբախտութեան մէջ կատարեալ համադրումին։ Երկինքը, գետինը, մարդերը (ցեղային իրենց տարբերութիւններով եւ հետեւանք ողբերգութեամբը) կը շահագործուին ու խորհրդանշական գծագրութեամբ մը կը շինուի ձեր մտքին մէջ այդ անկիւնը, ա՛լ չելլելու համար։

 

Իմաստասիրութիւն

Բառը խոշոր է, բայց 1900–ին զայն կ՚ախորժին ջուրի պէս գործածելէ։ Կեանքին, օրուան մէկ չնչին եղելութեան շուրջը, ամենէն հասարակ խորհրդածութիւնը երբ պատկերի մեջ շրջանակես, տուած կ՚ըլլաս ՝ « իմաստասիրական խոհեր »։ (Յիշել, թէ օրաթերթերու խմբագրականները առաջին վարժութիւնները բերին այդ գետինին վրայ ու ստեղծեցին այն անիմաստ ու աւելորդ սեռը, որ սպաննեց այնքան վաւերական տաղանդներ մեր մէջ)։ Մեղքը Զարդարեանէն առաջ կ՚երթայ շատերու, վարժապետներու եւ հռետոր-խմբագիրներու։ Մեղքը կ՚երթայ մանաւանդ Եղիային, որ պարգեւաբաշխութեան հանդէսներու ծիծաղելիութեան իջեցուց զայն։

Զարդարեանի մօտ, պէտք է զայն վերածել ճիշդ իր առումին։ Անիկա կը նշանակէ ամբողջութիւնը գաղափարներուն, որոնք կը կազմեն հեղինակի մը մտածումներուն, բայց իւրացուած, իրեն՝ միս ու ոսկոր դարձած մտածումներուն ցանկը կամ սարուածը։

Անշուշտ պէտք էր այս պարագան փնտռել աւելի՝ ուրիշ բաժիններու մէջ։ Բայց շրջանին նախասիրութիւնն է ատիկա, ու վիպակները յատկապէս ընտրուած են նման կառուցումներու համար։

Հեքիաթներուն մէջ արդէն մօտեցայ ոգիին։ Խորհրդապաշտական էջերը պզտիկ ճնշումով մը դուրս կու տան զիրենք ոտքի հանող մտածումները։ Խմբագրական յօդուածները աղաղակ ու աւելորդ կր համարիմ։ Նորէն պէտք կ՚ըլլայ վիպակներուն վերադառնալ, գոնէ՝ գործողութեան գէշ կամ աղէկ շարժումովը աւելի թեւաւոր ու տպաւորիչ քանի մը մտածումները երեւան բերելու համար։

« Սեւ հաւը կանչեց »ը ամենէն հարուստն է այդ տեսակէտով ու վայրկեան մը կը հակակշռէ պատմուածքին մէջ արուեստին դէմ ցոյց տրուած կարգ մը զանցառութիւնները։ Հոն կը հանդիպիք, իր ամենէն ցցուն ձեւով ճակատագրապաշտութեան, որ մեր երկրին վրայ աւելի հին է թերեւս քան մեր ժողովուրդը։ Այս մայր գաղափարին հետ հիւսուած են աւելի ընթացիկ ուրիշ քանի մը ըմբռնումներ, եթէ ոչ նոյնքան համամարդկային, բայց մեզի համար թերեւս անով չափ խոր։ Պատուոյ զգացումը, որ ահաւոր մղձաւանջի մը պէս կը սաւառնի ու կը զգետնէ պատմուածքին բոլոր անձերը, մէկուն մէջ վերածուելով անկարող ցաւի ու անոր հանդարտ բայց անողոք սղոցումին ( մայրը Խոճապաշիին ), որ զայն կ՚ուտէ։ Ուրիշի մը մէջ (ամուսինը, Սիմօ անըմբռնելի ու խենթեցնող հարուածին, որուն ազդեցութեանը տակ մարդը գլուխը կ՚առնէ, կը քաշուի ու կ՚ընկղմի աշխարհի ծովին մէջ, հետախաղաղ ու անվերադարձ։ Եղբայրը, որ ազգապիղծ է ( Խոճապաշին ) թոյնին կը յանձնէ իր մեղքին սրբացումը։ Կինը, մեղքին արմատը, կ՚իջնէ հանրային սեփականութեան անլուր աղէտին։ Ու անոր տղաքը, որոնց մէկը կը մեռնի մատաղ, միւսը կը վերածուի դռներն ի վեր մուրացկանի մը։ Ահա՛ ձեզի պատկերը, իր զարհուրանքին ամբողջ հոծութեամբը։ Բայց ինչո՞ւ այս ամէնը։

Որովհետեւ « Սեւ հաւը կանչեց » այդ տունին վրայ։

Միւս պատմուածքները իրենց իմացական (intellectuel) խորքին մէջ այս չափով որոշադրուած չեն (déterminé): Բայց անոնց մէջն ալ զետեղուած են՝ քանի մը հիմնական մտածումներ հասարակաց կարծիքը իր անպատկառ կեղծաւորութեան ու շրջափոխութեան մէջ, անկարող նահատակումը գաւառացի կնոջ ու անոր հոգիին աստուածային մաքրութիւնը Վա՜խ, ես մեռնէի »)։ Հայկական ողբերգութիւնը, իր ամենէն դժբախտ անկումներուն ու նոյնքան զօրաւոր հերոսութեանը խառնուրդով Շուն մըն ալ պակաս », « Ցեղին զաւակը »)։ Գաւառական յամառութիւն ու գիւղացիի կծծիութիւն Տան սէրը »)։ Ծերութիւնն ու քայքայման անխուսափելի կսկիծը Պատկեր մը »)։ Պանդխտութիւնն ու իր հետեւանքները Սեւ հաւը կանչեց »)։

 

Բանաստեղծութիւն

Տարօրինակ է, որ նոյնիսկ այս գլուխին մէջ, ուր ամենէն աւելի պէտք չունինք, երեւան գայ բառը նորէն։

Բայց երբ նախորդ բաժանումներուն մէջ դիւրին էր եղած անոր նկարագրին ճշդումը, վիպակներու այս գետինին վրայ անոր դերը երկդիմի կը ներկայանայ։

Պէտք է տեսնել զայն դրական ու ժխտական երեսներով։  

Դրական է անիկա իր բերած ոլորտովը, տարտամութեամբը, երազային ջերմութեամբը, որ վիպակներուն կառուցումները կ՚ազատագրեն իրապաշտ կամ բնապաշտ մեթոտին անհոգի, չոր ու անտաղանդ յօրինումներէն։ Համոզուելու համար այս հանգամանքին, բաղդատեցէ՛ք Վ. Փափազեանի կամ Շիրվանզատէի որեւէ մէկ պատմուածքը Զարդարեանի նման վիպակներէն մէկուն հետ։ Դուք պիտի է տեսնէք, թէ ի՛նչ ըսել է քնարերգակ ըլլալ։ Ու պիտի զգաք մանաւանդ, թէ ի՛նչ ըսել է վերջապէս արուեստ։ Այդ ճառագայթումն է, որ կը թափանցէ ներկայացուած կեանքին ու շարժող մարդերուն բոլոր խորշերն ու անկիւնները։ Ու անիկա գրականութեամբ ստեղծուած արդիւնք մը չէ։ Դժուար էր անշուշտ նման բխում մը մտապէս տրամադրելի ունենալ ու լուսաւորել անով մանաւանդ անդունդներն, ու գիշերները, որոնք հոգիները կը զատեն իրարմէ։ Թերեւս աւելի դժուար՝ այո հոսանուտին կիրառութիւնը։

Այս անպատեհութիւնն է, որ կը հաստատենք նոյն այդ պատմուածքներուն մէջ, երբ այդ վիճակը, այսինքն բանաստեղծութիւնը կը զառածի։ Ըսել կ՚ուզեմ երբ ընթերցումներու, շրջանի ազդեցութեան տակ վիպողը կը մղուի բառական յօրինումին ու կեանքին պարզ է թափը կ՚աշխատի խթանել կարծեցեալ ցնցումներով։ Երբ չի գոհանար մթնոլորտով ու խառնուածքէն եկող սեպհական ջերմութեամբ ու ածականներուն կը դիմէ գեղեցկութիւն ճարելու համար, բան մը, որ շպարէն անդին չի կրնար անցնիլ։

 

Թեքնիք

Վիպելու մասնաւոր թեքնիք մը փնտռել ու զայն որոշադրել այս քան պզտիկ ծաւալի մը վրայ, աւելորդ աշխատանք մը պիտի ըլլար։ Բայց մի՛ մոռնաք, որ Զարդարեանի կողմէ գործադրուած եղանակը ամբողջ շրջանի մը կը պատկանի, մանաւանդ իր ձախող մաuին մէջ։ Այնպէս, ոչ մեր իրապաշտներուն հաստատ ու պայծառ կերպէն ետքը, որ ամբողջովին իրացուց ինքզինք ու տուաւ մեր վէպին կարելի կաղապարը այդ օրերուն, երկրորդ ու նուազ մեղաւոր կերպը Զարդարեանով իրացած արուեստը կ՚ըլլայ։

Իրապաշտներուն համար, կեանքին հարազատ ու հաստատուն փոխադրութիւնը, տիպարներուն մարդկայնութիւնն ու սովորականութիւնը, իրադարձութեանց պարզութիւնն ու բնականութիւնը, բարքերու մէջ գունաւորուած գործողութիւն մը հիմնական տեսակէտներ են։ Անոնք գործադրեցին այս ամէնը ու հաւատարիմ մնացին իրենց սկզբունքներուն։

Միւսները, այսինքն՝ անոնցմէ անմիջապէս վերջը եկողները աւելցուցին այդ տուեալներուն վրայ արտայայտութեան խնամք մը, որ միջակներու, անտաղանդներու քով վերածուեցաւ անհանդուրժելի բառափորձի մը։ Կացութիւններու դէմ անփութութիւն մը, որ ճիգին ու պրկումին համար տկար միտքերու մօտ՝ անպատասխանատու քմայք մը (fantaisie) եղաւ ի վերջոյ։ Պայքարն ու գործողութիւնը անտեսելու պատրաստակամութիւն մը, որ իբր առաքինութիւն արժեւորուեցաւ։

Այսպէս, յիշելու համար վաւերական տաղանդները միայն, Պարթեւեանի սուր, շլացիկ, ծանրաթաւալ ու փշուած կերպը, Թլկատինցիի՝ կտրտուած (haché), մանուածապատ, շնչատ ու երեսէն քալող եղանակը, Չրաքեանի՝ պրկուած ներքին շողիւններով, բառերու հրթիռով ու բոլորովին դէպի ներս դարձած խուզարկութեան մը տաժանքը ու անոր արտայայտութեան մռայլ ձեւը: Տիկին Զ. Եսայեանի երբեմն թոյլ, չտիրապետուած, ինքնագլուխ, երբեմն ալ յաղթահարուած ու հոգեկան բաւիղներու մէջ անսայթաք յառաջացող, թափանցումի, փնտռող ու գիւտ ընող թեքնիքը կը միանան Զարդարեանի մէջ։ Աւելորդ է զբաղիլ միւսներով։

 

Ամփոփում

Վիպակները անարժան գործեր չեն Զարդարեանի տաղանդին։

Անոնք կը մնան իբր ամենէն քիչ վիրաւոր արդիւնքներ իր շրջանէն, ուր մեր գրականութիւնը ժխտական ազդեցութիւններու տակ՝ վտանգաւոր թուլացումներ ունեցաւ։ (Կարելի է նմանցնել երեւոյթը ֆրանսական préciosité-ին)։

Անոնք միշտ իրենց դրական կողմերէն. տեսնուած դրուագներ բեւեռեցին մեր ժողովուրդին կարգ մը ապրումներէն (ընդհանրապէս արտաքին յարդարումով), ու հակառակ շրջանէն պարտադրուած ձեւի թերացումներուն, շատ կէտերու մէջ ելան արուեստին։

Բայց մանաւանդ անոնք մեր վէպին մէջ մտցուցին եթէ ոչ լայն, լիացնող հոգեկանութիւն [6] մը, գոնէ փայլակող, խլրտուն, թելադրական ոգին, որ կեանքին արտաքին անզգածութիւնը կը խթան է, մեր բառերուն, դէմքի սառումներուն, շարժումներուն սովորական գոհունակութիւնը կը պղտորէ եւ անցք կը բանայ դէպի խորքը, փաթաթէն անդին, հոգիին կերպընկալ ջուրերը:

Ու անոնց մէջէն անցան ձեւեր, որոնք մեր կեանքին քանի մը յատկանշական պատերը կ՚արձանացնեն. զգայութիւններ, որոնց բխումին ու ծաւալումին ալիքները, ընդարձակութիւնն ու խորութիւնը շատ մօտիկը կը մնան մեծ արուեստի մը շնորհներուն, պատկերներ, որոնք քանդակի պէս կը զատուին դժբախտ մեր երկրէն, կախուելու համար մեր հոգիին պատերէն:

Ազնուական, վարանոտ ու զուսպ յոյզ մը, չափաւոր ու ինք իր մէջ թրթռուն, կտորին բաւող փաթէթիք մը. ընդհանրապէս իր ճիշդ սահմաններուն վրայ բռնուած բանաստեղծական խռովք մը. մաս մը մարդեր, որոնք հակառակ իրենց անկատար գծագրութեան, մեր ցեղին քանի մը հիմնական երակներէն կը պատկանին մեզի. քանի մը առաքինութիւններ, իրենց հակադիր ու Ժխտական երեսներովը մոլութիւններ մեր դժբախտութեան դաշտերէն քանի մը տախտակ. մեր գիւղին որոշ երեսները ու մեր բարքերուն որոշ ծալքերը։ Ու կը խորհիմք, թէ քիչ բաներ չեն ասոնք, այդ ծաւալով այնքան նիհար կտորներուն համար, որոնք իր վիպակները կ՚անուանենք։


 



[1]        « Եկեղեցիին առիւծը », ԷԺտահար ստորագրութեամբ, տպուած է 1905–ի « Շիրակ »ին մէջ։ Երկար պատմուածք մըն է։ Զօրաւոր մասերուն քով ունի շատ տկարներ։ Թերեւս այդ պատճառով իսկ մտած չըլլայ « Ցայգալոյս »էն ներս: Ինծի անծանօթ կը մնան ուրիշ պատմուածքներ։

          Հայպետհրատի 1959–ին (Երեւան) եւ Ասթարճեան գրական մրցանակի 1977–ին (Անթիլիաս) հրատարակած « Ցայգալոյս »ները ունին պարբերական մամուլէն հաւաքուած կարեւոր թիւով ուրիշ նիւթեր եւս: - Ծանօթ Հրատարակչութեան։

[2]        Դիտելի է, որ ազատ երկրի մէջ արտադրուած կտորներն ալ բախտաւոր չեն եղած։ « Եկեղեցիին առիւծը » եւ « Ցեղին զաւակը » տժգոյն են նոյնիսկ բաղդատմամբ « Յաղթական Ալլահը ու պարտեալ Ալլահը »ին։

[3]        Վէպը հին գրականութեանց մէջ հազիւ կ՚երեւայ։ ԺԹ. դարուն ստացաւ անսովոր աճում, ու հակառակ բոլոր դատապարտութեանց եւ գուշակութիւններու, դեռ նշան մը ցոյց չի բերեր ընկրկումի։ Անիկա իր հասարակ ձեւին մէջ ամբոխին հասած միակ գրականութիւնն է տրամէն ետքը։ Իր խղճամիտ ձեւին մէջ գետին մըն է, ուր գրական բոլոր սեռերը կրնան փորձուիլ։ Ուր, մանաւանդ պատեհութիւններ կան բոլորովին նոր ձեւեր գործածելու։ (Մարսել Պրուսթ)։

[4]        Խարբերդցիները կրնան յիշել « Վա՜խ, ես մեռնէի »ին Սարգիս էֆէնտին։ Ու անոր կնոջ սրբազան խօսքը՝ « Վա՜խ, ես մեռնէի »ն լսուած է մեռելին դագաղին առջեւ։

[5]        Բանաստեղծական խորհրդածութեան մը (meditation poétique) ծուէններ ու շրջանակ կարելի է հաստատել նոյնիսկ վիպակներու մէջ։ Զարդարեանի արձակ քերթուածները այդ ձեւ արուեստի մը յարմարագոյն գետինն էին: Գրագէտին հիմնական որակը այսպէս թափանցած է հոն, ուր կրնայինք հրաժարիլ իրմէ։ Ու գրագէտը ինքզինք բաւարարուած կը կարծէ, երբ գործողութիւնը փոխանակ զարգացնելու, զայն պիտակող` գեղեցիկ պատեհութեան մը շուքին կը լքէ։

[6]        Մեր իրապաշտներուն կարեւորագոյն տկարութիւնը հարկ է հաստատել այս պակասին մէջ։ Անոնք կեանքին արտաքին սեւեռումը հետապնդեցին ու չկասկածեցան հոգին։