4.
–
ԽՄԲԱԳԻՐԸ
Խմբագրութիւնը
նոր
ժամանակներու
սեռ
մըն
է,
եթէ
կը
ներուի
այս
բառը
գործածել
գրելու
ձեւի
մը
համար,
որ
կը
սկսի
օրաթերթին
ծագումին
հետ
ու
անոր
կապած
է
իր
ճակատագիրը։
Մինչ
արուեստի
գործերուն
յատկանշական
գիծը՝
անոնց
տեւական
արժէքովը
կը
պայմանաւորուի,
խմբագրութիւնը
կ՚ապրի
օրուան
համար
միայն։
Մեր
գրականութեան
կրկին
հատուածներուն
մէջ
անիկա
լայն
ծաւալում
է
ունեցած։
Պետականութենէ
զուրկ
ժողովուրդի
մը
համար
լրագրութեան
այս
զարգացումը
ժխտական
երեւոյթ
մը
կը
նկատեմ
ու
նոյն
ատեն
աղէտ
մը
մեր
գրականութեան։
Անոր
զոհն
են
եղած
մեր
լաւագոյն
գրագէտները։
Ու
մեր
լրագրութիւնը
երեք
անուն
չի
համրեր
վաւերական
հրապարակագրի։
Զարդարեանի
հրապարակագրական
գործունէութիւնը
կը
բաժնուի
երկու
որոշ
շրջանի.
–
«
Ռազմիկ
»,
«
Ազատամարտ
»
թերթերու
խմբագրութիւնը։
Երկրէն
դուրս
չելած,
Զարդարեան
արդէն
տարուած
է
հոսանքէն
ու
օրուան
իրողութիւններու
շուրջ
այդ
ոդիով
զանազան
էջեր
ստորագրած
պոլսական
ու
զմիւռնիական
մամուլին
մէջ։
Հասարակական
(ճիւաղ
բա՜ռը)
մտահոգութիւններ,
առօրեայ
դէպքերէն
ներշնչուած,
«իմաստասիրօրէն»
մտածելու
ճիգ
ու
յաւակնութիւն,
գրական
պայ
քարներու
առիթով
վիճաբանական
խառնուածքի
մը
առաջին
ցատումները
կը
կանխեն
իր
մէջ
բուն
խմբագրական
շրջանը։
«
Ռազմիկ
»
Վերջին
քառորդ
դարու
մեր
մատենագրութիւնը
ողողուած
է
մեր
յեղափոխութիւնով։
Բացի
պաշտօնական
օրկաններին,
որոնք
յեղափոխութեան
տեսութիւնները,
տակտիկան,
կազմակերպական
գործունէութիւնը
վարելու
նուիրուած
են
բացառիկ
նախանձախնդրութեամբ
մը,
աշխարհի
բոլոր
անկիւններէն
լոյս
տեսնող
ամէն
թերթ,
հանդէս
տարուած
է
այդ
գերազանց
մտահոգութիւնով։
Ու
մեր
գրողներէն
շատ
քչեր
կրցած
են
ազատ
մնալ
այդ
սարսուռէն։
Եթէ
զանգուածը
անհաղորդ
է
շարժումին,
կայ
սակայն
հատուածը,
խմբակը,
որ
տարօրինակ
լարումով,
մանաւանդ
երկրէն
դուրս,
քաղաքական
հորիզոնները
կը
զննէ,
սպասելով
«
մեծ
»,
«
ուշացող
»
առաւօտին։
Խայտաբղետ
է
աղանդը։
Անոր
շարքերուն
մէջ
տեղ
ունին
մեր
ժողովուրդին
բոլոր
խաւերը։
Հոն
է
պարզամիտ,
երկաթի
պէս
դիմացկուն
հաւատքով
բեռնակիրը,
որ
իր
համետին
վրայ
դրած
իր
մարմինին
կոտրած
գիրութիւնը,
ականջ
կու
տայ
տժգոյն
տղու
մը.
անոր՝
որ
անօթի,
բերանը
հոտելով,
հազին
ու
արիւնին
ընդմէջէն,
կը
կարդայ
ճմռթկուած
էջը
նուիրական
հանդէսին։
Ու
հոն
է
նորէն
մեր
մտաւորականը,
իր
երանգուն
աստիճաններով։
Հասկնալի
է,
թէ
ի՜նչ
հզօր
է
զգացումը,
որ
այդ
մարդերը
նոյն
գիծին,
քով-քովի,
նոյն
զգայախաբութեան
կը
բերէ։
«
Ռազմիկ
»
մէկն
է
այդ
թերթերէն։
Ծնունդը՝
այն
ոգիին,
որ
օր
մը
անցաւ
մեր
երկրին
վրայէն,
դժբախտ
հովերէ
հալածական։
Որ
խենթեցուց
մեզ
ու
քաշեց
իր
ետեւէն։
Պալքաններու
մէջ
«
Ռազմիկ
»ին
դերը
եղաւ
սրբազան
խարոյկին
արծարծումը
ու
տեւականացումը։
Ուրիշ
շատերու
նման,
Զարդարեան
տարուած
է
շարժումէն
։
*
*
*
Հ.
Յ.
Դաշնակցութիւնը
ընկերային
երեւոյթ
մըն
է
արդեն
այդ
շրջանին,
ունենալով
իր
ետին
բազմազան
երեսներով
գործունէութիւն
մը։
Իմ
ձեռնհասութենէս
դուրս
կը
նկատեմ
շարժումին
պարագրկումը
եւ
կանխահաս՝
դարձեալ,
զայն
դատելու
յաւակնոտ
փորձ
մը։
Դեռ
այդ
կուսակցութիւնը
կ՚ապրի,
հակառակ
բոլոր
գուշակութիւններու։
«
Ռազմիկ
»
կ՚ընդառաջէ
կարեւոր
պէտքի
մը։
Յեղափոխական
մտայնութիւնը
զարգացնելու
ու
անոր
վաւերական
իրաւունքներ
շահելու
աշխատանքն
է
ատիկա։
Զարդարեան
այս
ծանր
առաքելութեան
համար
մեծ
օժտումներ
չունի։
Բացի
խառնուածքի
տարերային
մղում
են,
որ
ամէն
հայու
մէջ
կը
խօսի
ու
կը
շարժէ,
քիչ
գիծեր
զինքը
ընդունակ
կ՚ընեն
նման
պարտականութեան
մը,
եթէ
նկատի
չառնենք
ուրիշներ,
որոնք
զինքը
հեռանալ
կը
ստիպեն
այդ
գետիններէն։
Դրական
առաքինութիւն
մըն
է
անշուշտ
գրել
կրնալու
իր
անժխտելի
յարմարութիւնը։
Բայց
յեղափոխական
թերթի
մը
համար,
ինծի
կու
գայ,
անիկա
շատ
ալ
կարեւոր
պահանջ
մը
չէ,
եթէ
երբեք
վնասակար
իսկ
չըլլայ:
Պոլսական
մամուլին
մէջ
իր
փորձերը
բաւական
չեն,
որպէսզի
անոր
նախադասութիւնը
մարզուի,
թեթեւնայ
ու
հասնի
զանգուածին,
ուղղակի
թափանցումով։
Յետոյ,
բայց
մանաւանդ,
յեղափոխութիւնը
զգացում
մըն
է
ու
Զարդարեան
ամենէն
զուսպ
արտայայտութեամբ
գրագէտներէն
մէկն
է
մեր
մէջ։
Իր
զարգացումին
անխուսափելի
պակասը
(Թուրքիոյ
մէջ
իրենց
կրթութիւնը
ըրած
մարդերուն
ճակատագիրն
է
ասիկա)
մեծագոյն
արգելքը
կը
տանէ
անոր
դէմ։
Այս
նկատումով՝
Զարդարեանի
արժանիքներուն
վրայ
յաւելում
մըն
է
սա
շատ
կարեւոր
պարագան։
Ան
յեղափոխական
ոճին
մէջ
մտցուց
արտայայտութեան
խնամք
մը,
որ
լեզուական
տեսակէտով
շահ
մըն
է
ամէն
բանէ
առաջ։
Յեղափոխական
մամուլին
մէջ,
գաղափարը
եւ
ուժը
իրենց
բռնութեան
տակ
կը
պահեն
ամէն
բան։
Արեւելահայ
մտայնութիւնը
(լեզուական
կէտերով)
գերակշիռ
է
եւ
մեր
լեզուն
կը
տառապի
այդ
տարօրինակ
տեսարաններուն
խակութիւններէն
ու
գործնական
մնալու
համար
անոնց
ցոյց
տուած
յանդգնութիւններէն,
յաճախ
տափակութենէն։
Ասպարէզին
համար
իր
պատրաստութիւնը
Զարդարեան
կ՚ընէ
«
Ռազմիկ
»ի
մէջ։
Անշուշտ
պակասը
պակաս
է
միշտ
ու
«
Ռազմիկ
»ի,
ինչպէս
աւելի
վերջը
«
Ազատամարտ
»ի
մէջ
իր
հեղինակութիւնը
հմտութեան,
իմացականութեան,
տրամաբանութեան
ճնշում
մը,
ճառագայթում
մը
չէ
եղած։
Բայց
իր
նախադասութեան
կորովը,
առողջ,
դանդաղ,
վերլուծական
ու
հաստատ
իր
մտածելու
ձեւը,
իր
գաղափարները
տալու
համար
իր
լրջութիւնը,
ժուժկալութիւնը
աշխատեցան
իրենց
համար
ու
վարագուրեցին
խորքի
իր
նիհարութիւնը։
«
Ռազմիկ
»
շատ
մը
հարցեր
շօշափած
է։
Անոր
նախասիրութիւններէն
է
ընկերային
երեւոյթներ՝
պատրիարքարան,
կուսակցութիւններ,
քաղաքական
դրութիւններ,
յեղափոխական
խմորումներ
ենթարկել
հանդարտ
ու
հատու
վերլուծումի
։
Անոր
պարտականութիւնն
է
կամ
մը
գաղափարներ
իջեցնել
լայն
խաւերու
սեփականութեան։
Ու
պաշտպանել
ձեռնարկներ,
որոնք
մեր
հասարակութեան
մէկ
ու
լայն
մասին
վնասակար
կը
թուին։
Ու
խօսիլ
մեր
երազին
վրայ։
Ու
խօսիլ
թուրք
կայսրութեան
ու
անոր
արիւնոտ
պետին
վրայ։
Երբեմն
խօսակցիլ
ուրիշներու
(կուսակցութիւններու)
հետ։
Անշուշտ
նման
աշխատանք
մը
վեր
չէ
անոր
ուժերէն։
Բայց
ամբոխին
հասողութեանը
մէջ
մնալու
համար
ան
կը
տառապի
մանաւանդ
խորքի
երակէն։
Իր
յօդուածներուն
կմախքը
կը
ճարէ
ան
մտածող
եղանակներով։
Ասիկա
հակառակն
իսկ
է
խմբագրին,
որ
կեանքէն,
օրուան
իրականութենէն
կը
հայթայթէ
իր
նիւթը։
Յետոյ
կը
տառապի
կրկին՝
ձեւին
համար
ալ։
Ամէն
նախադասութիւն
դուրս
կու
գայ
իր
գրիչէն
կշռուած,
զննուած
ու
մաքուր։
Ատկէ
անշուշտ՝
կտրուկութեան
պակա՛ս։
Ատկէ
տկարութիւն
մը՝
տպաւորելու,
կայծկլտուն
ու
շլացիկ
մնալու։
Ու
նորէն
դանդաղութիւն՝
որ
դէպքերէն
աւելի
ոճէն
կը
բխի։
Բայց
կորով,
քաղաքական
կեցուածք,
լայն
ու
կճող
պարսաւ,
կարճառօտ
իմաստութիւն,
քիչ
մը
դիւցազներգութիւն,
քանի
մը
յամառ
գաղափարներ,
տեղ–տեղ
ողջմտութիւն,
առողջ
յանդգնութիւն,
հաւատք,
խանդավառութիւն
եւ
ընտիր
լեզու,
–
ահա՛
քանի
մը
ցայտուն
տարրերը
այդ
աշխատանքին։
«Ազատամարտ»
«
Ազատամարտ
»ի
մէջ
Զարդարեանի
ստորագրութեամբ
քիչ
յօդուածներ
երեւցած
են։
Բայց
իրն
են
կարեւոր
մասով
անստորագիր
խմբագրականները։
Ու
դժուար
է
ճշդել
իր
բաժինը
այն
տարօրինակ
գործունէութեան
մէջ,
որուն
վառարանը
մնաց
այդ
օրաթերթը։
Այս
հաւաքական
շարժումին
մէջ,
որ
զօրաւոր
կուսակցութեան
մը
թաքուն
կրակը
եւ
ցանկութիւնները
ունի
իրեն
զսպանակ,
կամքի,
կորովի,
քիչիկ
մըն
ալ
սրբազան
խենթութեան
մեծ
ներկայացուցիչներով,
որոնք
ընտրուեցան,
ինքնագիր
պահանջով,
մեր
ժողովուրդին
կրկնակ
հատուածներէն,
եղելութեանց
բախումի
մը
առջեւ,
ուր
փոշի
եղան
դարաւոր
հաստատութիւններ,
Զարդարեանի
գրական
խառնուածքը
գրեթէ
չէզոք,
աւելի
ճիշդը
հաշտեցնող
տարրի
մը
կը
վերածուի։
Անոր
հմտութիւնը
անբաւական
է
հասնելու
համար
նոյնիսկ
միջինին
այն
հարցերուն,
որոնք
համալսարանական
սերունդ
մը
փոխադրած
է
մեր
իրականութեան
մէջ,
ընկերային
խմորումներու
գետինէն
ու
ճամբաներով։
Անբաւական
է
դարձեալ
քաղաքական
մարզին
համար,
ուր
պետական
կեանքի
ամենէն
անբնական,
ամենէն
բարդ
մեքենականութիւնը
շարունակ
բախում
ունի
մեր
ժողովուրդի
բացառիկ
ու
փափուկ
դիրքին
հետ։
(Անհաւասար
ու
դժնդակ
այս
ճակատումը
մղձաւանջի
մը
պէս
կը
կախուի
թէ՛
իր
կուսակցութեան,
թէ՛
ամբողջ
ազգային
ներքին
քաղաքականութեան
վրայ)։
Հակառակ
ատոր,
Զարդարեան
թերթին
մէջ
պահած
է
դիրք
մը,
որ
կը
հաշտուի
հաւաքական
գործունէութեան
կարգ
մը
երեսներուն
հետ։
Բայց
անբացատրելի
ըսուելու
չափ
դժուար
է
տեսնել
զինքը
դերերու
մէջ,
որոնք
կ՚աւելնան
իր
տարողութենէն։
Ուրեմն`
պետական
քաղաքականութիւն,
ազգային
քաղաքականութիւն,
մշակոյթի
մտահոգութիւններ
ահա՛
քանի
մը
գիծեր։
Ատոոնցմէ
ո՛չ
մէկուն
համար
ան
անհրաժեշտ
պատրաստութիւն
ու
պաշար
կը
ներկայացնէ։
Պզտիկ
ընդլայնում
մը.
–
Պետական
քաղաքականութիւն
Անշուշտ
այս
անունով
գիտութիւն
մը
չկայ։
Ոչ
ալ
օսմանեան
պատմութենէն
վերցուած
հեքիաթները
կը
բաւեն,
որպէսզի
մեր
խմբագիրները
իրաւունք
ունենան
խօսելու
իրենց
չհասկցած
բաներուն
վրայ։
Պետական
պաշտօնեաներու
հայ
փաղանգը
զգուշաւոր
ընտրութեան
մը
գաղտնիքին
կը
հպատակի
ու
քաղաքական
կեանքը
անծանօթ
եղաւ
մեզի։
(Քանի
մը
բացառութիւններ
կը
խօսին
ի
նպաստ
ընդհանուր
սկզբունքին։
Օտեան)։
Այն
սերունդը,
որ
Ազգային
Սամանադրութիւնը
պատրաստեց,
չկրցաւ
պատրաստել
գետին
մը,
ուր
հասկացողութեամբ
մօտենային
երկու
ժողովուրդները։
Բայց
արդէն
բանդագուշանքի
սահմաններուն
վրայ
ենք։
Զարդարեան
չի
ճանչնար
տիրող
տարրը,
ո՛չ
ներսէն,
իր
շփումներովը,
յարաբերութիւններովը,
փորձառութեամբը,
ո՛չ
անցեալէն,
որ
եթէ
ոչ
ճիշդ,
գէթ
պարզ
ու
նախնական
գիծեր
կու
տայ
ժողովուրդի
մը
կեանքէն։
Յետոյ,
դէպքերուն
դերը
պէտք
չէ
անտեսել։
Թուղթի
վրայ
հռչակուած
յեղափոխութիւն
մը,
ինչպէս
է
իրականին
մէջ
1908–ի
շարժումը,
մէկ
օրէն
միւսը
իրաւունք
չի
տար՝
որպէսզի
դարաւոր
ու
բացառաբար
խիստ
ստրկութեան
մը
փարախէն
ժողովուրդ
մը
անցնի
հաւասարէ
հաւասար
խօսելու
կրկէսին։
Բայց
այս
գիտութիւնը
կենսական
էր
մեր
վարիչներուն։
Մեր
ժողովուրդը
բնազդական
իմաստութիւն
մը
ունեցաւ
իր
անցեալին
մէջ,
թուրքերուն
հետ
խօսելու։
Բայց
հիմա՞։
Ու
այդ
շրջանին՝
Զարդարեանի
յեղափոխական
անցեալը,
կազմակերպութեան
կամքն
ու
մեր
անսրբագրելի
միամտութիւնը
իրարու
կը
միանան
պատրաստելու
համար
1915–ը։
Աւելցուցէ՛ք
եթէ
կ՚ուզէք
մեր
ռոմանթիզմը,
աշխարհը
մեր
երազներուն
համեմատ
ձեւելու
եւ
կարծելու
տղայամտութիւնը։
Ու
դժուար
չէ
հասկնալ
աղէտը,
որուն
վազեցինք
ամէնքս,
գլուխ
ունենալով
Զարդարեանները
ու
նոյնքան
երազատար
ուրիշները
։
Ազգային
քաղաքականութիւն
Խոշոր
ու
անիմաստ
է
բառը,
երբ
պահանջել
փորձենք
իրմէն
իր
իսկական
տարողութիւնը։
Նման
միամտութիւն
մը
մեր
պատմութիւնը
չճանչնալ
պիտի
նշանակէր։
Բայց
նոյնքան
ստոյգ
է,
որ
անիկա
գոյութիւն
ունի
ու
նոյնիսկ
դարերու
շարանի
մը
վրայ։
Մեր
քաղաքական
ճակատագիրը
շատ
բան
կուտակած
է
այդ
ճամբուն
վրայ,
խեղդելու
աստիճան
անոր
փորուածքն
ու
գիծը։
Մեր
պատմիչները
արձանագրած
են
ճիգեր,
փորձեր,
երբեմն
ուղղութիւններ,
որոնք
պատմութենէն
բխած
երեւոյթներուն
նման
եթէ
երբեմն
պատահական
են
ու
պատրանաւոր,
բայց
արհամարհելի
ալ
չեն
բոլորովին
։
Ու
միւս
մեծ
պակասը
նորէն,
պատմութիւնը
մեր
եկեղեցիին,
ոչ
իբր
յաջորդութիւն
մը
կաթողիկոսներու,
այլ
աշխատութիւն
մը,
որ
լուսաւորէր
մեր
ամենէն
կենսունակ
հաստատութեան
դերը
մեր
վերիվայրումներու
ընթացքին,
որ
երեւան
հանէր
գաղտնիքը
անոր
գոյութեան
ու
դիմանալուն։
Այս
քիչ
մը
ընդհանուր
իմաստէն
դուրս,
ԺԹ.
դարու
կէսէն
ասդին
բառը
եկած
է
շատ
աւելի
սեղմ
նշանակութեան
մը։
Փոխնիփոխ
անիկա
նշանաբան
կը
ծառայէ
կղերական
ու
աշխարհիկ
համախումրումներու։
(Ավելորդ
է
պատմական
ընդլայնում)։
Զարդարեան
անտարբեր
է
անոր
հանդէպ։
Մշակոյթի
հոգ
Այս
գետնին
վրայ
ալ
իր
դերը
սահմանափակ
եղաւ։
«
Ազատամարտ
»
միշտ
նախընտրութիւն
ունեցաւ
քաղաքական
գործունէութեան
համար։
Ու
անոր
վեց
տարիներու
թիւերը
քիչ
տեղ
տուած
են
իմացական
հարցերու։
Ըսել
կ՚ուզեմ
գրական
դպրոցի
մը
սկզբունքները
պակսեցան
իրեն
։
Եթէ
նկատի
չունենանք
Ռ.
Դարբինեանի
պատահական
վերլուծումները,
որոնք
կարելի
ու
տանելի
մակարդակ
մը
կը
ճարեն
թերթին
յաւակնութիւններուն
ու
համբաւին
հետ,
անդին
ոչինչ
կայ,
որ
մտաւորական
լուրջ
խուզարկութիւն
մը
յայտնաբերէ։
Այս
կարեւոր
վրիպանքներէն
դուրս,
«
Ազատամարտ
»
սակայն
ինքզինք
պարտադրեց
ու
դպրոց
մը
եղաւ՝
ա.
–
Իր
հետեւողականութեամբը,
որ
ուշագրաւ
երեւոյթ
է,
երբ
զետեղուի
շրջանին
մէջ,
ուր
լրագրութիւնը
մեր
բոլոր
յոռի
կողմերուն
ցուցադրումը
կ՚ընէ
քառորդ
դարէ
ի
վեր,
յեղյեղուկ,
հակասական
ու
անխելք:
(Բացառութիւնները
տեսնել
քիչ
վարը)։
բ.
–
Կորովովը,
որ
անհատական
առաքինութիւն
մը
ըլլալէ
աւելի,
հաւաքականութեան
ճառագայթում
մըն
է
հոս,
եւ
որ
թափանցեց
մինչեւ
հեռաւոր
խորշերը
մեր
ժողովուրդին։
գ.
–
Հետաքրքրութիւններովը,
որոնք
դժբախտաբար
մնացին
սաղմնային
վիճակի
մէջ
եւ
չիրագործուեցան։
Բայց
որոնք
արեւմտահայ
շատ
սահմանափակ
մտաւոր
հորիզոնը
ընդլայնելու
ծառայեցին
շատ
մը
ուղղութիւններու։
«
Ազատամարտ
»
բաժիններ
յատկացուց
ընկերաբանական,
հասարակական,
իմաստասիրական
հարցերու։
դ.
–
Ոգիովը,
վերջապէս,
որուն
գոյաւորումին
ու
ծաւալումին
համար
աշխատեցաւ,
պայքարեցաւ
ու
մեռաւ
փառաւոր
ու
եղերաբախտ
սերունդ
մը։
Ինչպէս
դիտել
տրուած
է
քիչ
վերը,
կարելի
չէ
ստուգապէս
ճշդել
այս
ամէնուն
մէջ
Զարդարեանի
անձնական
բաժինը։
Բայց
որոշ
է,
որ
ան
կեդրոն
մը
եղաւ,
ուր
արեւելահայ
ու
արեւմտահայ
մտքին
քանի
մը
կողմերը
հաշտուեցան
իրարու
հետ։
Զարդարեան
զոհեց
իր
գրագէտի
կարծիքներէն
ու
կարողութիւններէն։
Միւսները
աւելի
իրապաշտ
եղան։
Ու
ռուս
միսթիցիզմը,
որուն
ամպէն
տեսան
արեւելահայերը
մեր
ժողովուրդը,
ու
ստրկական
հոգեբանութիւնը,
որ
կաղացուց
արեւմտահայ
մտքին
թափը,
իրարու
կ՚աւելնան
նոյն
այդ
դպրոցին
անցքերուն
մէջ,
որոնք
կը
սկսին
«
Դրօշակ
»ի
ու
«
Մշակ
»ի
հակադիր
ու
հակամարտ
բեւեռներէն։
Բաղդատութիւններ
Զարդարեանի
մէջ
հրապարակագրի
գիծը
ուսումնասիրուած
պահուն,
մարդ
ակամայ
կը
փորձուի
քանի
մը
մերձեցումներու։
Ասոնք
ունին
թէ՛
հասարակական,
թէ՛
անձնական
նկարագիրը։
Այսպէս,
հաւաքական
ճիգի
տեսակէտէն
մեր
մտքին
կը
ներկայանան
ա)
«
Մշակ
»ի
եւ
բ)
«
Հայրենիք
»ի
շրջանները։
«
Մշակ
»
աւելի
ընդհանուր
տարողութեամբ
շարժում
մը
եղաւ։
Ու
անոր
ակօսը
աւելի
խոր
է։
«
Հայրենիք
»
քանի
մը
կէտերով
նմանութիւններ
ունի
«
Ազատամարտ
»ի
հետ։
Ընդդիմադիր
թերթ
մըն
է
ան,
օրուան
ձգտումներուն
մէջ
ունենալով
սեպհական
ընտրութիւն։
Սնունդ
կ՚առնէ
յեղափոխութենէն,
որուն
առաջին
խռովքները
զգաց
ու
տարածեց։
Հոն
ալ
հակամարտ
ուժեր
կը
վերածուին
բարերար
արդիւնքի
մը:
Քննադատի
կեցուածքը
մեր
հանրային
կեանքի
բոլոր
երեւոյթներուն
դէմ
կը
յիշեցնէ
Ազատամարտեաններու
ուղղութիւնը։
Ժողովրդական,
այսինքն՝
վերանորոգչական
ոգի,
ազգայնական
շունչ,
ժխտական
ու
խրոխտ
վերաբերում
մեր
պուրժուազիին
դէմ,
պայքար
կղերական
մտայնութեան
հանդէպ
։
Ասոնք
քանի
մը
ցայտուն
գիծեր
են,
որոնք
կ՚անջատուին
երկու
շրջաններէն։
Հաւաքական
երեսի
այս
մերձեցումը
կարելի
չէ
փորձել
Զարդարեանի
բուն
իսկ
անձնական
դերին
վրայ,
նոյնքան
հարազատութեամբ։
Չեմ
կրնար
զայն
մօտիկը
դնել՝
Արծրունիին,
որ
ասպարէզին
համար
պատրաստուած
մարդ
մըն
է,
իմացական
շատ
աւելի
բազմակողմանի
հետաքրքրութիւններով։
Դարձեալ
ան
աւելի
կ՚արժէ
խառնուածքին
շեշտութեամբն
ու
վճռականութեամբը։
Զարդարեանի
մօտ
նկարագրի
այս
գիծը
տարտամ
կը
մնայ։
Կուսակցութեան
մը
կռթնելու
իր
փոյթը
իր
կորովին
համար
չափանիշ
մը
կրնայ
ընդունուիլ։
Արփիարեանին,
որուն
մէջ
խմբագրի
խառնուածքը`
տիրապետող
է
ուրիշ
երեսներու
համեմատութեամբ։
Գաղափարները
այս
մշտական
remueur–ը
կեանքը
տեսած
է
շատ
մը
հայելիներու
վրայէն
ու
իր
գործէն
կ՚անջատուի
ընդհանուր
աշխարհ
մը,
իր
անկատարութիւններով
ու
ստուերներով,
բայց
որ
իրական
անդրադարձ
մըն
է։
Զարդարեանի
գործունէութիւնը
սուզուած
է
արդեն
մոռացումին
մէջ,
քանի
որ
զուրկ
է
եղած
այդ
թիփիկ
նկարագրէն։
Բայց
անիկա,
Զարդարեանի
խմբագրական
գործունէութիւնը,
արժէք
ու
լրջութիւն
կը
հագնի
միւս
դպրոցին
մօտ,
այսինքն՝
այն
մարդերու
աշխատութեան
մօտ,
որոնք
թերթի
կամ
հանդէսի
գլուխ
անցած,
գրեցին
ու
դրեցին,
ընելով
գրականութիւն,
քննադատութիւն,
բանաստեղծութիւն,
պատմութիւն
ու
վէպ,
նոյն
անփութութեամբ,
ապաստանելով
միայն
ոճին,
այսինքն՝
գրելու
դիւրութեան։
Ու
պարզելու
համար,
կը
բաղդատեմ
զայն
Պարթեւեանին,
որ
իր
ոճի
շնորհները
բաւական
համարեց
մեր
հասարակութեան
ըսելու
համար
բաներ,
որոնց
հաւատքը
չունէր,
Չօպանեանին,
որ
յաւակնութիւնը
ունեցաւ
ու
միշտ
ալ
ունի
բարձր
քաղաքականութիւն
մը
(haute
politique)
վարելու
ու
ազգը
մինակը
ազատագրելու,
ճառով
ու
օրօրով։
Ամփոփում
1.
–
Զարդարեանի
հրապարակագրական
երեսը
իր
ամենէն
տկար
կողմը
կը
մնայ։
2.
–
Ան
տառապեցաւ
իր
պաշարէն,
գրագէտի
իր
խմորէն,
բանաստեղծի
իր
ճաշակներէն։
Զարգացման
պակասը,
արուեստագէտ
գրողի
իր
խղճահարութիւնները
ու
մանաւանդ
ընթացիկ
կեանք
կոչուած
տափակութեան
մը
սպասաւորելու
իր
դժկամակութիւնը
վիրաւորած
են
զինքը։
3.
–
Ան
զուրկ
եղաւ
ներքին
եռանդէ,
այսինքն՝
գործողութեան
այն
թափէն,
որ
կարգ
մը
մարդեր
կը
կանխադրէ
(prédestiner)
իրենց
ընդունակութեանց
լրիւ
կիրառումին։
Երազողի
իր
խառնուածքը
չկրցաւ
հաշտուիլ
եփող,
թափող,
միշտ
գործող
մարդերու
այն
շրջանակին,
որ
հանրային
կեանքին
սպասարկուները
կ՚օղակէ
ու
կը
ցայտեցնէ
անոնց
անձնականութիւնները։
4.
–
Խեղդուեցաւ
ան
մեր
յեղափոխութենէն,
որուն
խորհուրդը
զգաց
իր
հոգիին
խորը,
բայց
զոր
չտեսաւ
այն
մոլեռանդութեամբ,
որ
ռուսական
մտայնութիւնը
կը
դիզէ
իր
արեւելահայ
ընկերներուն
մտքին
վրայ։
Երգեց
անոր
խուլ,
գրեթէ
բնազդական
բախումները,
բայց
չհասաւ
այն
խանդավառ,
կլլուած
վիճակին,
որ
մեր
մէջը
հոյակապ
մեկուսացումի
մը
պէս
կը
բիւրեղանակ,
այն
մշակումին՝
որ
մեր
կամքերը
կը
մարզէ
ճակատագրական
բախում
էին
համար։
(Իը
խմբագրի
գործունէութենէն
մնացող
էջեր
նորէն
այս
բխումէն
եկան)։
5.
–
Գրողի
յատկութիւններուն
կշիռովը
ան
անհամեմատ
վեր
է
մեր
հրապարակագիրներու
տժգոյն
երամէն։
Բայց
նոյն
այդ
արժէքներուն
ճնշումովը
նորէն
կ՚աղօտի
անոնց
մէկ
գիծով
ու
թրթռուն
անձնաւորութեանց
աշխատանքին
դէմ։
Ան
չունեցաւ
մտքի
լայնութիւն,
եւ
ամրապէս
որոշադրուած
գաղափարներու
սարուած
(բացի
յեղափոխական
դիւցազներգութենէն,
անոր
տեսածները
պղտոր
եղան),
պատգամողի
կրակն
ու
խենթութիւնը։
6.
–
Չիջաւ
ան
զանգուածին,
որ
քիչ
անգամ
կընկճուի
բառէն
ու
ձեւէն։
7.
–
Ու
տխուր
է
հոս
հաստատել,
թէ
արժանիքներուն
ընդհանուր
ցուցադրումին
մէջ,
որուն
կը
ձգտի
ներկայ
ծրագիրը,
հրապարակագրութիւնը
արձանագրուի
անոր
վնասին
կողմը։
Ան
մէկն
է
անիմաստ
ու
դժբախտ
զոհերէն,
զոր
ըրաւ
մեր
գրականութիւնը
մեր
հանրային
կեանքին։
Հոն
ըլլալու
չէր
իր
տեղը,
ինչպէս
ըլլալու
չէր
Պարթեւեանինը,
Արփիարեանինը
եւ
ուրիշ
քանի
մը
սակաւաթիւ
ընտրեալներուն,
որոնք
մաշեցան
իրենց
համար
վնասակար
այդ
շփումէն
ու
անցան
գացին՝
մեզ
զրկելով
մնայուն
գործերու
հպարտութենէն։