Բ.
ՎԱՍՏԱԿԸ
1900-1908–ի
շրջանի
օրաթերթերուն
մէջ
(«Սուրհանդակ»,
«Բիւզանդիոն»,
«Մանզումէ»)
Գեղամ
Բարսեղեան
հրատարակած
է
սեպհական
ստորագրութեամբ,
երբեմն
փոխառիկ
անուններով
(Օշին
–
Զարթօնք,
Նետ
(չշփոթել
«Արեւելք»ի
Նետին
հետ,
որ
Կամսարականին
կը
պատկանի)։
Գեղամ
չէ
գրած
«Արեւելք»ի,
ինչպէս
«Մասիս»ներուն
մէջ,
լռին
արհամարհանքով
մը
թերթին
ու
հանդէսին
խմբագրական
կազմերուն
դէմ։
Կ՚ատէր,
անհնարին
ատելութեամբ
մը,
Ենովք–Արմէնը,
որ
մեր
գրականութեան
հարազատ
բանաստեղծները
կոյանոցի
ծաղիկ
կ՚անուանէր
ու
կեղծերը
կը
պատուէր
մեծաշռինդ,
պրոշիւրներով
անոնց
հանճարին
լուրջ։
Այս
մարդը
մեր
գրականութեան
նուիրած
է...
Հրանդ
Նազարեանցը,
Մերուժան
Պարսամեանը,
Ժագ
Սայապալեանը։
Գիւղը,
Ֆիլիպէի
«Ռազմիկ»
թերթին
մէջ,
իր
ստորագրութիւնն
էր
Վարազդատ
Վահագն։
Առօրեայ
հարցերու
շուրջ
սանկ
որոշ
կեցուածքով
(tenue)
գրութիւններ,
բարկ՝
շեշտէ
ու
ոգիէ,
առաջամարտիկ
մտայնութեամբ
ու
արմատական
հակումներով։
Եթէ
երբեք
այդ
զուտ
հրապարակագրական
էջերը
չեն
շահագրգռեր
գրականութեան
պատմութիւնը,
գաղափար
մը
կու
տան
սակայն
գրողին
խառնուածքէն,
որ
տարօրէն՝
բուռն
էր,
անսպասելի
ըլլալու
աստիճան,
սա
գառնուկի
պէս
խելօք
պատկերով
պատանին։
Աւելի
վերջը,
մահուընէն
տարի
մը
առաջ,
«Մեհեան»ի
մէջ
ան
իմ
բոլոր
խնդրանքիս՝
հակառակ
չկրցաւ
հրաժարիլ
երկու
սիւնակ
հայհոյանքէն
«Շանթ»
գրական
եւ
գեղարուեստական
պարբերաթերթի
հրատարակիչին
(Մ.
Պարսամեան)
հասցէին։
Կը
զգար,
որ
հայհոյուելու
իսկ
անարժան
մարդեր
կային
մեր
խմբագիրներուն
մէջ։
Բայց
Պարթեւեանի
նման
անկարող
էր
ինքզինք
զսպելու։
Գեղամ
Բարսեղեանի
այդ
կարգի
էջերը
կը
մնան
իրենց
ճակատագրին
մէջ
Հանդէսներու
գրականութեան
մէջ
ան
կ՚երեւայ
մանուկներու
«Ծաղիկ»ին,
«Արեւելեան
մամուլ»ին,
«Ռազմիկ»ին,
ամենէն
շատ
«Ազդակ»ին
(որուն
հիմնադիրներէն
մէկն
է),
«Ազատամարտ»ի
յաւելուածներուն,
«Մեհեան»ի
մէջ
(ուր
իր
տեղը
մեղմացում
մըն
է
ընդ
մէջ
Կ.
Զարեանի
յաւակնութիւններուն
եւ
Դ.
Վարուժանի
բարձրախոհ
արհամարհանքին,
որքան
գիտեմ։
Կան
նաեւ
անխուսափելի
տարեցոյցները,
որոնք
կերպը
գտան
այդ
խստակրօն
մաքրապաշտը
(ոճի
եւ
ոգիի
հարցերու
շուրջ)
զիջումի
մղելու
(«Ամէնուն
տարեցոյցը»,
«Հայրենի
տարեցոյց»,
«Օշական»
եւայլն)
Ն.
Գ.
Բ
-ը
Գեղամի
գործերէն
կազմած
է
հատոր
մը։
Կտորներու
ընտրութիւնը
կատարուած
է
այդ
հատորին
մէջ
մեծ
խնամքով,
տասը-տասնհինգ
տարիներու
գրական
գործունէութեան
մը
բոլոր
երեսներէն
յատկանշական
նմոյշներով
–
տպաւորապաշտ
էջեր,
պատմում,
քերթուած,
հռետորական
ելոյթներ,
օրագիր
(որ
գրական
է
դժբախտաբար),
պատկերներ,
խորհրդապաշտ
յօրինումներ
եւ
զանազաններ:
Այս
ցանկը
պերճախօս
է
ինքնին
Գեղամ
Բարսեղեանի
ձգտումներէն,
իրագործումներէն։
Հատորէն
դուրս
մնացածը
Գեղամի
համար
կորուստ
մը
չեմ
նկատել,
քանի
որ
ոչ
մէկ
երկարաշունչ,
վճռական
աշխատանք
արդէն
չունի
ան
դժբախտաբար։
Անշուշտ
խմբագրի
մտայնութիւն,
ընդունակութիւն,
որոշ
ալ
խառնուածք
այդ
կտորները
մեծապէս
կը
մասնաւորեն,
կը
վիրաւորեն։
Անոնք
չեն
նմանիր,
դարձեալ,
մեր
քրոնիկներէն
դրական
որոշ
արժանիքներով
պաշտպանուած
այդ
կտորներուն,
որոնք
լրագրին
պատկանելով,
անկէ
սնանելով
հանդերձ,
ունին
իրենց
մէջ
օրը
անցնող
շահեկանութիւն։
Չեմ
իջներ
մինչեւ
Արփիար
Արփիարեանին
ու
իրապաշտներուն
հիւթեղ,
գեղակերտ
ու
արուեստով
յօրինուածքները,
ոչ
ալ
1870–ի
մարդոց
գաղափարապաշտ
յօդուածները։
Կու
տամ
անունները
Թլկատինցիի,
որ
Գեղամի
պէս
քիչ
մը
շատ
օրուան
կեանքին
կը
սպասարկէր,
գաւառին
խորունկէն,
իր
ձայնը
հասցնելու
չափ...
մինչեւ
Պոլիս,
Ռ.
Զարդարեանի,
որուն
գրականութիւնը
ունեցաւ
իրեն
մտատիպար,
առանց
ունենալու
անոր
գաւառով
պաշտպանուած
զգայնութիւնը,
Արտաշէս
Յարութիւնեանի,
զոր
պատուեց
միամիտ,
որքան
անկեղծ
յարգանքով
մը,
բայց
չգտաւ
միջոցը
խորացնելու
բոլոր
հարցերը,
որոնք
մալկարացի
քննադատին
հպանցիկ
գրութիւններուն
մէջ
կ՚ուրուանային
ու
կ՚ըլլային
անհետ,
առանց
նուաճուելու,
սերունդի
մը
իմացական
յագուրդը
ճարելու։
Այս
ցուցմունքները,
իրենց
կից
վերապահումներով,
տեսակ
մը
գնահատման
չափանիշներ
են
դարձեալ,
Գեղամ
Բարսեղեանի
գործին
վրայ։
Ն.
Գ.
Բ.
ի
հատորը
յիսունէ
աւելի
էջեր
տրամադրած
է
պատկերներու,
պատմուածքներու
(հատորին
Ա.
մասը,
«Արձակ
էջեր»,
պատկերներու
շարք
մըն
է
դարձեալ,
բայց
խառն
թեքնիքով
մը,
ուր
իրապաշտ
ու
խորհրդապաշտ
եղանակները
փոխնիփոխ
կը
գործածուին
քմայքին,
ինչպէս
իրականութեան
սեւեռումին),
որոնցմէ
ամենէն
ընդարձակը
«Ասմար»,
«Ազդակ»
հանդէսին
երկու
թիւերուն
մէջ
լոյս
տեսած,
հաւաքածոյէն
գրաւած
է
տասնմէկ
էջ։
Դատումէն
առաջ,
փորձենք
կարդալ.
«Գիշեր
էր,
մէկը
ամարայնի
այն
դիւթական,
հոյակապ
գիշերներէն,
ուր
երկինքը
կը
հանդիսաւորուի
տօնականօրէն,
եւ
ինչպէս
պերճաշուք
տիկին,
պահծու
բեհեզեայ
իր
ծանրագին
պարեգօտը
կը
զգենու,
անոր
մեղմ
ու
հազիւ
իմանալի
շրշիւնը
երկարաձգելով։
Այս
շրշիւնը...
այդ
պահուն
այնպէս
քաղցր
ու
այնպէս
անրջային
էր
ան.
կը
թուէր
թէ
լեռնալանջի
այդ
բարձրադիր
հարթավայրին
վրայ,
երբ
գիշերը
կը
լիանար
ու
կը
համայնանար,
խոր
ու
միատարած
այդ
լռութեան
մէջ,
անվերջ
փսփսոց
մը
կը
լեցնէր
միջոցը,
եւ
հազարումէկ
խեղդուած
շշուկներ,
թերեւս
լեռնածաղիկներու
մտերմասացութիւններն
ու
հեռաւոր
վերեւի
լոյսերու
մրմունջները,
թերեւս
սիրոյ
անհամար
լեզուներ
կը
ստեղծէին
զայն.
եւ
այնպէս
կը
թուէր,
թէ
գիշերուան
տիկինին
պարեգօտն
էր
որ
կը
յօրինէր:
Եւ
բոյրը,
որ
կը
բարձրանար
անկէ,
ինչպէ՜ս
հեշտաւէտ
էր
ու
ինչպէ՜ս
արբեցնող։
Վայելել
այս
ամէնքը,
ծծել,
ծծե՜լ
զանոնք՝
մինչեւ
որ
կը
լեցուի
էութիւնդ,
իր
յագեցումին
կը
հասնի,
ահա
ասո՛ր
է
որ
կը
ցանկայի
ու
կ՚ուզէի
պահ
մը
նուիրուիլ։
Եւ
ահա
թէ
ինչո՛ւ
քնանալ
չէի
ուզեր,
չէի
կարող
աչքերս
խփել՝
եթէ
նոյնիսկ
ա՛յնքան
երանաւէտ
ըլլար
քունը
այդ
վայրերուն
մէջ»։
(«Ասմար»,
Ն.
Գ.
Բ .
ի
Հատորը,
էջ
187)։
Առանց
զարմանքի
չէ,
որ
պիտի
կարդաք
այս
բառակոյտը,
եթէ
երբեք
մտաբերէք
ասկէ
առաջ
գրուած
«Աշուղը»
(Տիկին
Եսայեան),
«Սարգոն»
(Ս.
Պարթեւեան),
«Մարդը
չէր
մեռներ»
(Ռ.
Զարդարեան),
«Թէգուկը»
(Արտաշէս
Յարութիւնեան)
եւ
այն
աւելի
անտանելի
էջերը,
որոնք
արձակ
քերթուած
անունին
տակ
1900–ի
մարդոց
քրտինքն
ու
սնոտիքը
կը
վարագուրեն
թափանցող
աչքերէն
անգամ։
Այս
էջին
խորքը
գիշեր
մըն
է,
որուն
մէջ
չքնացող
մարդ
մը
կայ։
Այսինքն
կէս
տող
իրաւ
բան։
Մնացած
տասնհինգը
բառ
է։
Այս
գնացքով
դուք
ստիպուած
էք
հանդուրժել
տաս–տասներկու
էջ։
Նիւթն
է
մահը
հովիւին
աղջկան,
Ասմարին,
որուն
պէտք
է
տրուին
սիրային
տրամա,
սիրահար
եւ
հովիւէ
հովիւ
կռիւ։
Միամիտ
մը
չեմ
պատմուածքէ
մը
օխաներով
նիւթ
պահանջելու։
Կեանքը,
իր
ամենէն
խոնարհ
կերպարանքներուն
ներքեւ
իսկ
շահեկան
է
միշտ։
Ու
լեռնական
աղջիկ
մը,
ասոր
լեռնական
նշանածը,
հայրը,
լեռները
ու
անոնց
ներսը
կատարուող
մթին
տրամները,
նոյնիսկ
վերը
այնքան
ներկուած,
բուրումնալից
գիշերը
էջերով
նուաճելի
գեղեցկութիւններ
չեն,
պայմանաւ,
որ
տրուին
այնպէս,
ինչպէս
են
անոնք
ամենաթաքուն,
խոր
իրականութեան
ներսը։
Գեղամ
Բարսեղեան
միշտ
չէ
եղած
բառերու
ասպետ
սա
յիմարը։
Անոր
անդրանիկ
պատմումի
փշրանքները
(«Պզտիկ
Մակարը»,
«Աւետ
աղբարը»,
«Կաղանդի
պատմութիւն»,
մասամբ՝
«Պըզտիկ
բանուորին
արկածը»)
մօտիկն
են
մարդկեղէնին,
յուզումը
որոշ
տարրով
թրթռագին,
մանաւանդ
տիպարային
ճշդութեան
բարիքով
մըն
ալ
պաշտպանուած։
Այսքանը
բա՞ւ՝
որպէսզի
արդարանայ
իր
տեղը
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ։
Անշուշտ
ո՛չ։
Բայց
փշրանքներն
իսկ
իրենց
իրաւունքը
ունին։
Գեղամ
Բարսեղեան
մշտապէս
հալածուած
է
կեանքէն
պարտքովը
(որքան
ճիշդ
է
«պարտիք»ը)։
Եթէ
ան
անկարող
մնաց
ամբողջական
կեանքի
պատկեր
մը
նուաճելու
իր
պատմուածքներուն
մէջ,
այս
վրիպանքը
դժուար
է
վերագրել
տաղանդի
անբաւարարութեան
մը։
Ըսի՞,
թէ
անոր
բոլոր
գրութիւնները
բացի
հանդիսականներէն,
որոնք
յեղափոխական
գրականութեան
պահանջներ
էին
իրմէ
կը
մեկնին
արտաքին
իրականութեան
մը
նուաճումին,
բայց
գրեթե
միշտ
ալ
կը
վրիպին,
քանի
որ
կ՚ապրէր
գէշ
ճաշակի
կայսրութեան
օրերուն։
Չպատմեցի,
թէ
ի՛նչ
չարչարանք
մ՚էր
իրեն
համար
գրելը
[1]
։
Բայց
գիտէք
իր
հիացողները,
վարպետները։
Ու
մի՛
պզտիկցնէք
խմբագրի
իր
թշուառութիւնը,
որ
թերեւս
գերագոյն
պատասխանատուն
է
մեր
տաղանդներուն
անպէտ,
անարդին
սպառումին։
Շքեղ,
որքան
կսկծալի
են
օրինակները
այդ
չարաշուք
տրամային
զոհ
ինկող
գրագէտներուն։
Գեղամ
Բարսեղեան
մէկն
է
անոնց,
աւելի
համեստ
ուժերու
հանդէսով
մը
անշուշտ։
Գեղամ
Բարսեղեանէն
որեւէ
պատմուածք
չանցնիր
հայ
գրականութեան
գանձարանին։
Գրեթէ
տարբեր
չէ
բախտը
այն
էջերուն,
որոնք
կը
գրաւեն
Ն.
Գ.
Բ.
ի
հատորին
առաջին
մասը,
«Արձակ
էջեր»
ընդհանուր
տիտղոսին
տակ
խմբուած։
Հարիւրը
կ՚անցնին
անոնք։
Ու
կընդգրկեն
անոր
ստեղծագործութեան
բոլոր
տարիները,
1903–էն
մինչեւ
1915:
Քիչ
մը
ամէն
բան
կը
պարունակեն
անոնք
իրաւ
ապրուած
պահելու
տպաւորութենէն
սկսած
մինչեւ
անորակելի
եղջերուաքաղը։
1900–էն
վերջ
մեր
քրոնիկը
կը
զառածէ,
ըլլալու
համար
սա
արձակ
էջերուն
արձակ,
անհակակշիռ
բառախաղը։
Կարդացէ՛ք
այդ
մասին
«Տաղ
առ
Աղթամար»ը
ու
ըսէ՛ք,
թէ
կա՞յ
դպրոցական
մը,
որ
չկարենայ
այդ
շարադրութիւնը
Գեղամէն
աւելի
փառաւոր
բնականութեամբ
մը
հոյակերտել
[2],
ինչպէս
կ՚ըսեն։
Նոյն
յօրինուածքով
ու
նոյն
ճակատագրով
կտորներ
են
«Այսպէս
պատմեց
վրիժաբիբ
ազատութիւնը»,
«Գեղեցիկ
ու
հերոսական
բաներ
զրուցուած
ատեն»,
«Գերագոյն
յիմարութեան
ցայգերգը»,
«Երգեր
ցայգերէն»
անուանուած
խօսքի
կոյտերը,
որոնք
զիս
կը
լեցնէին
խորունկ
բեկումով
մը,
երբ
լոյս
կը
տեսնէին
ու
ցաւ
են
այսօր
անբուժելի։
Զգոյշ
էի
ատոնց
ապարժէ
փառքին
ակնարկելու։
Խանդավառ
էր
ու
միամիտ։
Ու
կը
տառապէր
նանրամտութենէ
իւր,
ինչպէս
ուրիշներուն
հաշւոյն
[3]
։
Դժուար
է
Գեղամ
Բարսեղեանը
արժեւորել
իր
արձակ
էջերով,
որոնք,
ինչպէս
դիտել
տուի
քիչ
վերը,
շրջանին
արձակ
քերթուածին
անտանելի
բառակոյտին
անզգայ,
չըսելու
համար
անզգամ
բռնազբօսութիւնը
կը
թուին
ընդառաջել,
պուտ
մը
իրաւ
ապրում
այսպէս
ձրի
ընդլայնումի
մը
ենթարկելով։
Բացառիկ
է
իմ
ցաւը
հոս։
Կարեւոր
մաս
մը
այդ
էջերէն
(«Անտառապահը»,
«Ձիւնամրրիկը»,
«Անձրեւին
տակ»,
«Մայրը»,
«Գիւղին
մուտքը»,
«Սահմանը
անցնողները»,
«Գամ
շինողները»,
«Նրբանցքին
մէջ»,
«Անցք
մը»,
«Մեսիան
կու
գայ»)
կը
սկսին
իբր
կեանքի
հանդարտ,
արդար
պատկերացում։
Անոնց
խորը
կը
զգաք,
որ
կը
տառապի
այդ
կեանքին
առնուազն
ամենէն
յուզիչ
մէկ
րոպէն։
Բացի
վերջին
կտորէն՝
«Մեսիան
կու
գայ»,
որ
հարազատ
յաջողուածք
մըն
է
սեռին
ընդհանուր,
որքան
բացառիկ
վրիպանքին
մէջ,
միւսները
մեր
իրականութեան
արձագանգներն
են,
յար
եւ
նման
իր
պատկերներու
եւ
պատմուածքներու
նիւթերուն։
Բայց
չարիքը
անոնց
վրայ
գործադրուած,
հոս
աւելի
վճռական
էր
իր
արդիւնքովը,
վասնզի
իրապաշտներէն
օրինադրուած
պարկեշտ
նկարումը,
նկարագիրներու
հարազատութիւնը,
պահին
խտութիւնը,
1900–ին
կա՛մ
վերածուած
են
«Գեղօն
ի
պատիւ
հայ
լեզուին»
(Ա.
Չօպանեան),
«Ով
որ
սուլթան
մը
ունի
իր
հոգիին
մէջ»
(Ռ.
Զարդարեան)
յիշելու
համար
ամենէն
մեծահռչակ
վրիպանքները
–
կտորներուն
մէջ
տիրող
բառական
մշակման
ու
հետեւանք
պատրանքին.
կամ՝
«Կանաչ
պատմուածքներ»ու,
որոնք
Արփիարի
մը,
Օննիկ
Չիֆթէ–Սարաֆի
մը
ստորագրութիւնները
փառքի
հանեցին։
Կը
տառապիս,
որ
իրաւ
մարդ
մը,
որպիսին
է
աշխարհի
ամէն
անտառներու
մուտքին
անտառապահ
մը,
դառնայ
Գեղամի
գրիչին
տակ
բառերով
սպառազէն
անիրական,
անկարելի
ասպետ
մը,
որուն
հրացանը
կը
փորձուիս
առնել
ձեռքէն,
տալու
համար
Ապողոնի
գործիքը։
Ով
որ
անցեր
է
ձիւնամրրիկի
մը
մէջէն,
զգացեր
է
բառերու
սա
տարափէն
բոլորովին
տարբեր
յուզումներ։
Ու
ասիկա
այսպէս
բոլոր
յիշուած
կտորներուն
համար,
որոնք
ամէն
պատեհութիւն
ունէին
մեր
գրականութեան
մէջ
անմակ
էջեր
դառնալու,
հերիք
է,
որ
ըլլային
մշակուած
իրենց
իսկ
սեպհական
ճնշումով,
իրականութեան
ծանր
պարտքին
ընդմէջէն։
Կա՞յ,
աւելի
սրտառուչ
դրուագ,
քան
հոգեվիճակը
մարդուն,
որ
գեղջուկ,
արհեստաւոր,
նոյնիսկ
գրող
(Վահան
Մանուէլեան
մէկն
էր
սահմանը
անցնողներէն),
սրբազան
խենթութեան
մը
թեւերուն
տուած
իր
թշուառ
մարմինը,
սահմանը
կ՚անցնին
այդպէս
վսեմ
ու
անդիմադրելի,
իր
եղբօր
եւ
քոյրերուն
վրէժը
առնելու
անհուն
վճռականութեամբ։
Գեղամ
Բարսեղեան
փոխանակ
այդ
մարդուն,
մեզի
տուած
է
քանի
մը
էջ
ուժգին,
պոռպռան
բառեր։
Ասիկա
եղերօրէն
ճիշդ
է
բոլոր
կտորներուն
համար
ալ։
Ու
ահա
տարօրինակը։
Երբ
Յ.
Գ.
Մրմրեան,
իմաստասիրական
բաջաղանքի
մը
հետամուտ,
կը
սեւեռէ
«Անհունը»,
ինքզինքը
չի
հերքեր։
Նիւթն
ու
անոր
կերպարանքը
ըսել
կ՚ուզեմ
ոճը
–
հաշտ
են
իրարու։
Երբ
Ա.
Շագլեան
«Կորսուած
նաւակը»
կը
քնարերգէ,
կը
մնայ
հաւատարիմ
այդ
նիւթին,
իր
արտայայտութեան
ալ
ծփուն
անիրապաշտութեամբը։
Նաւակ
մը
առնող
ու
հեռացող
գեղանի
կին
մը
ինքնին
հեքիաթ
մըն
է։
Գեղամ
Բարսեղեան,
նիւթը
ունենալէ
վերջ,
անոր
նուաճման
մէջ
է,
որ
կը
կարանայ,
անշուշտ
չարաղէտ
յաճախանքին
տակը
շրջանի
նրբութիւններուն։
Բայց
նիւթի
բարիք
ըսուած
բան
մը
կայ
գրելու
արուեստին
քանի
մը
խոշոր
օրէնքներուն
մէջ։
Այդ
բարիքը
տառապագին,
հետզհետէ
սպառող,
կը
ջանայ
դիմաւորել
բառերուն
բոլոր
չարիքը։
Ու
եթէ
երբեք
կը
վրիպի
իր
պայքարին
մէջ,
գէթ
կը
շահի
մեր
համակրանքը։
«Արձակ
էջերէ»էն
ուրիշներ
(«Սպասումս
կախաղանին
վրայ»,
«Երգեր
ցայգերէն»,
«Վաղուան
հայերը»,
«Ապառնի
քաղաքին
խուզարկիչը»,
«Բաժակաճառ»,
«Կոտորածը»,
«Լէմանէն
Բզնունեաց
ծով»,
«Հերոսներուն
օրը»,
«Դէպի
բնագաւառ»,
«Հին
պատմութիւն»,
«Տենչանքներու
քառուղին»,
«Երազի
մը
պատմութիւնը»,
«Առ
Մաննա»)
զառածած
կտորներ
են,
որոնք
կը
սկսին
իբր
քրոնիկ,
բայց
1900–ի,
մանաւանդ
ֆրանսացի
սէմպոլիսթներու
ազդեցութեանց
ներքեւ,
յանուն
նորութեան
ու
ինքնատպութեան,
կ՚ընկղմին
բառակոյտին
ճահիճին
մէջ։
Ասոնք
նախկին
փարակրաֆին
մէջ
աչքէ
անցած
կտորներուն
պաշտպանութիւնն
ալ
չունին
նիւթին։
Զուտ,
չըսելու
համար
զուր,
խօսքեր
են
«Վաղուան
հայերը»,
«Ապառնի
քաղաքին
խուզարկիչը»,
«Կոտորածը»,
յիշելու
համար
մէկ
քանին,
որոնց
ներսը
ո՛չ
մէկ
իրաւ
ապրում
չըլլար
բաբախած։
Կիլիկիոյ
աղէտէն
ներչնչուած
«Կոտորածը»
կարծես
մրցումի
փորձ
մըն
է
Սիամանթոյի
եւ
Վարուժանի
ջարդերգութեանց։
Կուռմոնի
սէմպոլիսթ
վիպումները
(«Ամազոնի
երգերը»,
«Լիթանիները»)
նախատիպար
ծառայած
են
ուրիշներու,
ինչպէս
«Ապառնի
քաղաքին
խուզարկիչը»,
«Երգեր
ցայգերէն»,
«Տենչանքներու
քառուղին»։
«Հսկում»
քերթուածն
ալ՝
մեղմացած
Սիամանթօ։
Գեղամի
հարազատ
դիմագի՞ծը։
Ահա
այն
քանի
մը
կտորները,
ուր
ներուէր
նման
բարիք
մը
ընդգծել:
«Շատրուանը»,
«Կաղանդի
պատմութիւն»,
«Մեսիան
կու
գայ»,
«Միսաք
Մեծարենց
իր
մտերմութեան
մէջ»,
եւ
«Ֆրանչիսկօ
Ֆէրրէր»,
մանաւանդ
«Ժանն
Տ՚Առք»,
գրուածքներ
են,
որոնք
հարազատ
գրագէտ
մը
կարող
են
երաշխաւորել,
նոյնիսկ
իրենց
մշակման
անբաւանականութեամբը
որ,
ըսի
անգամ
մը,
կու
գայ
խմբագրական
պայմաններէն։
Այս
կտորներուն
մէջ
ու
այն
միւսներուն
(«Աւետ
աղբարը»,
«Պզտիկ
Մակարը»,
մասամբ՝
«Նազլուն»
եւ
«Տղու
մը
կեանքը»
ու
«Պզտիկ
բանուորի
մը
արկածը»)
կեանքը,
այսինքն
նիւթը
յաղթահարած
է
ոճին
չարիքը։
Անոնց
ետին
զգալի
է
անոր
ազնուական
սիրտը,
որ
ինծի
կու
գայ,
թէ
մեր
օրերու
ապականութեան
հեղեղին
մէջ
կրկնապէս
յուզիչ
առաքինութիւն
մըն
է։
Իրեն
նմանները
հարիւրներ,
հազարներ
էին,
արեան
ու
կրակին
մէջէն
անթարթ
քալողները,
բայց
որոնք
անհուն
բարութիւնն
էին
նոյն
ատեն,
ցեղին
ամենէն
իրաւ
խորքերէն
յառնող։
Գորովի,
գութի,
տառապանքին
հետ
անուշ
ըլլալու
գիտութիւն
մը
կայ
այդ
պարզ
պատումներուն
ներսը։
Անձնական
վկայութիւն
մըն
է
այս
հաստատումը
իմ
մէջ։
Մինչեւ
իր
մահը
ան
տղայ
մը,
առ
առաւելն
պարման
մը
մնաց
սիրտով։
Փարիզի
դասը
անկարող
էր
եղած
խաթարել
անոր
հոգեյատակին
հիմնական
մաքրութիւնը։
Դարձեալ
այդ
կտորներէն
ոմանք
Գեղամի
մէջ
երեւան
կը
բերեն
մտածումներու
հանդէպ
որոշ
ընկալչութիւն։
«Բաժակաճառ»ը
դաւանանք
մը
չէ
անշուշտ։
Բայց
բառակոյտ
ալ
չէ։
Կը
հաւատայինք
մեր
բոլոր
գրածներուն։
Ու
«Մեհեան»ի
մէջ
մեր
խօսքերը
ձրի,
թատերական
հռետորութիւն
մը
չէին,
թէեւ
կը
թուէին
ըլլալ
ատիկա։
Նոյնիսկ
blasé
Զարեանը
ինքզինք
կը
չարչարէր
իր
գրածները
իրեն
արժանաւոր
ընելու։
«Ժանն
Տ՚Առք»ը
Փարիզէն
գրուած
իրաւ
էջ
մըն
է,
մօտիկէն
յիշեցնող,
իբրեւ
նիւթ,
Գրիգոր
Օտեանի
համբաւեալ
յօդուածը՝
«Վ.
Հիւկօ»։
Բաղդատութիւն
մը
պիտի
չվնասէր
Գեղամ
Բարսեղեանին։
Ու
ահա
իրաւը
այդ
անիրական
տղուն
գրականութեան
վրայ։
Ինչպէս
որ
հաճոյքով
կը
թղթատենք
Գ.
Օտեանի
անունով
մեզի
հասած
«Նշխարներ»ը
(Պոլիս
հաւաքուած
երկու
հատորիկներու
մէջ),
տառապելով
հանդերձ
Սահմանադրութեան
մեծ
պայքարողին
գրչին
տակ
ծաւալող,
ինքզինքը
փառքով
փռող
ռոմանթիզմէն,
նոյնպէս
ալ
սիրով
ու
հաճոյքով
կը
թղթատենք,
նոյնիսկ
կը
կարդանք
Ն.
Գ.
Բ.
ի
հաւաքածոն,
ուր
շրջուած
հռետորութիւնը
այս
անգամ
զգացական
կամ
քերականական
ըլլալու
տեղ՝
բառական,
նկարագրական,
մեզի
առթելով
հանդերձ
երբեմն,
նոյնիսկ
յաճախ,
տրտում
անհանգստութիւն
ու
բեկում,
անբաւական
կու
գայ
Գեղամ
Բարսեղեանի
յիշատակը
խորտակելու։
Այս
տղան
տառապած
է
իր
ոճին
համար,
կ՚ընդունիմ
(Ֆլօպէրն
ալ
ուրիշ
տառապանք
չէ
ապրած),
որ
այդ
տագնապը
չէ
վարձատրուած
Գեղամի
մօտ,
իր
բախտն
էր
ասիկա.
բայց
երբեք
չէ
հետապնդած
ան
տմարդի,
անարգ,
արուեստին
հիմնովին
հակադիր
նպատակներ,
ուրիշները
շլացնելու,
առնուազն
իր
հմտութիւնը
կամ
ճարտարութիւնը
ցոյցի
հանելու,
ինչպէս
կ՚ընէին
իր
օրերուն,
համբաւ
մը,
վերագրում
մը,
սխալ
գովեստ
մը
արդարացնելու,
սրբագրելու
համար,
չեմ
ըսեր
դրացիին
աղջիկը
intriguer
ընելու։
Ի՜նչ
բանաստեղծութեան
աղբակոյտեր
խնայուած
պիտի
ըլլային
արեւմտահայ
գրականութեան,
եթէ
1900–ի
քերթողներուն
մօտ,
սա
խղճմտանքը,
հպարտութիւնը,
վախը
ըլլային
խօսած
երբեմն։
Գեղամ
Բարսեղեան
զարդարած
է,
ըսի
ասիկա,
մանաւանդ
իր
ժամանակին
ընդհանուր
հոսանքէն
բռնավար,
մասամբ
խմբագրական
վարժանքներու
ենթակայ,
երբեք՝
ցուցադրումին
մեղքովը։
Պարտաւոր
եմ
հոս
աւելցնել
հիմնական
իր
զերծութիւնը
գրական
նանրամտութենէն,
շուք
փնտռող
տղու
նոյնքան
հիմնական
իր
հոգեյատակը։
Անիմաստ
քմահաճոյք
մըն
է
իր
մօտ
կեղծանունը,
ո՛չ
թէ
մեղապարտ
պչրանք
մը,
կամ՝
յիմարական
հետաքրքրութիւնը,
օրինակի
համար
Եղիայի,
որ
խաղացած
է
ամէն
բանի
վրայ,
ամենէն
շատ
իր
անունին
վրայ։
Խօսեցայ
իր
ազնուական
սիրտէն,
մտովի
բաղդատելով
հատորը
«Ովասիս»ին
(Ռ.
Որբերեան),
որ
տրտում,
յիմար
ըսուելու
չափ
անտանելի
ունայնամտութեան
մը
փաստն
է,
դրական
վաստակ
մը
ըլլալէ
առաջ,
գրողի
վաւերական
խառնուածք
մը
անճանաչելի
ընելու
աստիճան
չարափոխող։
Գեղամ
Բարսեղեան
թագաւորներ
չունէր
անոնց
քերթուած
ձօնելու,
ոչ
ալ
վախտարակ
հետաքրքրութիւնը՝
իր
սեռը
ծածկելով
իբրեւ
աղջիկ,
քերթուածներու
աղմուկը
հեշտագին
վայելելու։
Կրնաք
չսիրել
սա
քերթուածէն
ՏԱՐԱԳԻՐ
ԻՐԻԿՈՒՆ,
Ձայներ
կու
գան
իրիկունին
խորքերէն,
Ձայներ
երկբայ,
ձայներ
նըւաղ,
տրտմակիր,
Եւ
հեծեծանքի
դաշտերէ
խոնջ,
տարագիր
Իմ
հիւրընկալ
դըռնակէն
ներս
կը
մըտնեն։
Մեղեդին
խռով
դաշնակէ
մը
մերձակայ
Կ՚ողջագուրէ
զանոնք
լալով
կը
տանջուի
Մուրացուհւոյն
հիւծուած
երգն
ալ
բարեւի։
Կ՚իջնէ
անդորրն
իր
թեւերով
ստուերեայ:
Ըսպասումի
թախծահայեաց
իրիկուն,
Ըզգեստաւոր
երազներով
ողբական,
Ուր
անձուկը
կը
ծաւալի
լուռ,
գուժկան։
Կոչնակն
ալ
այդ
սուգ
կը
շիթէ
յոյսերուն ...
–
Յուղարկաւոր
աղջիկնե՞րը
վայրահակ
Կը
մըսին
հոն,
ձիւներուն
վրայ,
լուսնին
տակ...
ամենէն
առաջ
իր
ժամանակը
(հակառակ
1913–ին
գրուած
ըլլալուն,
անիկա
կը
պատկանի
ամբողջութեամբ
1900–ին,
այսինքն՝
Սիպիլին,
Մեծարենցին,
ու
աւելի
տխուր
անուններու
կայսրութեան),
նիհարութիւնը
(նիւթէ),
թափթփվածութիւնը
(արտայայտութենէ.
տըրտմաբեր,
անձուկ,
ողբական,
գուժկան,
շիթել
բառերուն
փնտռուած
կամ
տափակ
բեռը),
զգացական
տարտամութիւնը
(հնչեակին
կարելի
յուզումը
բաժնուած
է
շատ
մը
կեդրոններու
–
քերթողը,
դաշնամուր
զարնող
աղջիկը,
ուրիշ
աղջիկ
մը,
որ
կը
մուրայ,
սպասումը
(զոր
պարտաւոր
էք
անձնաւորել),
երազները
(որոնք
տակն
են
նոյն
պարտքին,
բառ
ըլլալէ
ազատագրուելու
համար),
անձուկը,
կոչնակը,
յուղարկաւոր
աղջիկները)։
Հասկնալի՞,
որ
այս
բոլորին
չհասնի
ինքնին
նիհար
խռովքը
այդ
տարագիր
իրիկուան։
Բայց
քերթուածը
վրիպանք
մը
չէ,
նման
այն
հազարներուն,
որոնք
պաշտպանուած
են
իրաւ
անուններէ
(Սիպիլ,
Մեծարենց,
Չրաքեան,
Եղիշէ
Դուրեան,
Արտաշէս
Յարութիւնեան,
Վահան
Մալէզեան,
Ռուբէն
Որբերեան,
յիշելու
համար
ամենէն
վաւերական,
վարկաւոր
քերթողները,
որոնց
մեզի
ձգած
դիւաններուն
մէջ
կը
վխտան
նման
անբաւականութիւններ։
Գեղամ
Բարսեղեան
չէ
ստած,
կեղծած,
ցուցադրած:
Տրտմութիւն
մը
ուզած
է
թելադրել
իրիկունէ
մը։
Այսքան։
Եթէ
երբեք
այդ
տրտմութիւնը
չի
փոխանցուիր
մեզի,
պատճառը
վերը
ցոյց
տրուած
տկարութիւնները
չեն,
որ
կու
տան։
Բանաստեղծ
մը
չէր։
Ըսել
կ՚ուզեմ՝
ոտանաւորի
ճարտար
գործաւոր
մը
(իր
«Հսկումը»
արձակ
չափով,
ամէնուն
մատչելի
մարզանք
մըն
է),
բայց
կը
զգար
բանաստեղծականը,
որ
ուրիշ
իրողութիւն
մըն
է,
հոգեկան
ու
խոր
իր
արձակներուն
մէջ
մշտագոյ
ու
մշտահոլով։
Թերեւս
այս
սրբազան
իuկանիւթն
է,
որ
կը
դիմաւորէ
գրողին
բոլոր
չարագործութիւնները
ու
կը
յամառի
պաշտպանել
այդ
վաստակը։
Կրնար
չգրուիլ
այդ
քերթուածը։
Բայց
իր
այդ
ձեւին
տակ
իսկ
բեռ
մը
չէ
Գեղամի
յիշատակին,
վասնզի
առնուազն
իրաւ
իրիկուան
մը
աղօտ
արձագանգն
է
մեր
մէջ:
Խօսեցայ
իր
իմացական
ձգտումներէն,
լայն,
բարի,
խոր,
որոնց
ճնշումը
զինք
կընէր
այնքան
անհանգիստ։
Շեշտօրէն
գրական
այդ
ձգտումները
ինծի
կը
յիշեցնեն
բարեխառնութիւնը
մեզ
կանխող
սերունդներէն
մէկ–երկուքին։
Այդ
բարեխառնութիւնը
դուք
կը
գտնէք
գիրքերու
մէջ,
որոնք
կը
կոչուին
«Հայկական
նամականի»
(Մ.
Մամուրեան),
«Մարդիկ
եւ
իրք»
(Ռ.
Պէրպէրեան),
«Կատուի
մը
յուշագիրը»
(Ե.
Տէմիրճիպաշեան),
Գ.
Օտեանի
քրոնիկները,
«Ուղեւորի
մը
էջերը»
(Գ.
Զօհրապ)։
Չառի
անունը
Արփիար
Արփիարեանի,
որուն
քրոնիկները
կը
հետապնդէին
ուրիշ
արդիւնքներ։
Այս
գործերուն
ընթերցումը,
այսօր,
որոշ
ստուգութիւններ
կը
թելադրէ
մեր
իմացականութեան
հոլովոյթին։
Անոնց
հեղինակները
մարդեր
են,
որոնք,
Գեղամի
պէս,
կը
հաւատան
կարգ
մը
բաներու։
Բայց
նոյն
ատեն
պաշտպանուած
են
հասարակաց
պաշտամունքով
մը։
Զիրենք
կարդացողները
միակտուր
զգայնութիւններ
էին։
Գեղամի
սերունդը
պատառ–պատառ
զգայնութիւններու
հաւաքավայր
մըն
է։
Ըսել
չեմ
ուզեր,
որ
Մամուրեան,
Պէրպէրեան,
Զօհրապ,
Եղիա
չեն
բախած
հակամարտութիւններու։
Այդ
օրերուն
մարդիկ
մանրամասնութիւններու
վրայ
կը
բաժնուէին
իրարմէ,
խորքի
նոյնութեան
մէջ
իրարու
համերաշխ։
Գեղամի
սերունդը
դանակով
եւ
հրացանով
արժեւորեց
իր
հակամարտութիւնները
ինչ
որ
խորքի
արմատական
տարբերացում
մը
կ՚ենթադրէ։
Ամենէն
սրտառուչ
զգացումի
մը
մէջ
(հայրենասիրութիւն),
1910–ին,
մարդիկ
իրար
սպաննեցին,
ժամերու
ներսը
ու
փողոցներու
անկիւնները։
Այս
է
թերեւս
թաքուն
պատճառը,
որ
ըլլայ
միջամտած
ու
թողած
անաւարտ
Գեղամի
մեզի
ձգած
վաստակը,
նոյնիսկ
իմացական
խորքի
անամբողջութեամբ։
Մնաց
որ
1910–էն
առաջ
1900–ը
կայ,
որ
այլապէս
բարդ,
խայտաճամուկ
գրական
իրողութիւն
մըն
է։
Զայն
ստիպուած
ենք
իր
անհեթեթութիւններովն
իսկ
հանդուրժել
մեր
գրողներուն
մօտ
[4]
։
Բայց
նոյն
այդ
իրողութիւնը
համառօտագրող
գործերը
քիչ
անգամ
եղան
այնքան
հարազատ,
յատկանշական,
որքան
է
ատիկա
Գեղամի
վաստակին
սա
ծաղկաքաղը։
*
*
*
Աւելո՞րդ,
ու
հետեւաբար
անօգո՞ւտ,
սա
վաստակը։
–
Չեմ
կարծեր։
Ամէն
իրաւ
մարդ
արժանի
է
իր
անունին։
Կ՚ընդունիմ,
որ
այնպէս,
ինչպէս
է
մատուցուած
Գեղամ
Բարսեղեանի
անունը
մեր
նոր
սերունդին,
դժուար
ըլլայ
պաշտպանել։
1940–ի
տղաքը
պիտի
նեղուին,
երբ
թղթատեն
երէցներու
գործերը,
թերեւս
ամենէն
շատ
այն
զոյգ
հռետորութիւններէն,
որոնք
մեր
երեք
սերունդներուն
գործը
կ՚ընեն
տառապագին
վկայութիւն
մը։
Այդ
սերունդը
թերեւս
պիտի
չկասկածի
«Եղբայր
եմք
մեք»ի,
«Հիմի՞
էլ
լռենք»ի,
«Հայ
ապրիմք
եղբարք»ի
այնքան
իրաւ,
ամուր
խորքէն,
պիտի
հանդուրժէ
այդ
խորքին
իսկ
հռետորութիւնը,
բայց
պիտի
մերժէ
այդ
քերթուածներուն
ճարտարապետական
ձախողանքը,
բառերով,
քերականական
նրբութիւններով
կամ
հաստ
ու
տափակ
ժողովրդականութեամբ
պայմանաւոր
կառոյցը։
Չենք
կրնար
հերքել,
որ
այդ
քերթուածները
հաղորդական
քնարերգութիւնն
էին
1860–ի
մարդոց։
1940–ի
տղաքը,
ըսի
անգամ
մը,
պիտի
չհանդուրժեն
«Կախաղաններու
կատարէն»ը
(Սիամանթօ),
«Ասմար»ը
(Գեղամ
Բարսեղեան),
«Աւերակներու
տիկինը»
(Դ.
Վարուժան),
«Ձիւնը»
(Սիպիլ),
«Նոճաստան»ը
(Ինտրա),
որոնք
(1900–ի
շրջուած
հռետորութիւնը
կը
խորհրդանշեն։
Զարդարանք,
ինք
իր
փչուած
կիրք
ու
բացագանչութիւն,
վիճակներ,
որոնք
բռնի
ըլլան
խոշորցուած,
զանցուած
քան
իրենց
կարելի
տարողութիւնը,
բառակոյտ,
որ
փափուկ,
նրբին,
գէշ
ու
նանիր
բաներու
հաւաքում
մըն
է
յաճախ
երբ
չէ
կոշտ,
անհեթեթ,
հրէշ
բարդութիւններու,
ածանցումներու
ցուցահանդէս
մը,
աղքատութիւն
զգացական
վիճակներէ,
մոլութիւնները
ընդլայնելու,
նկարագրելու,
իմացական
հոմանիշներու
վրայ
շահարկութիւն
(որ
բառականէն
կը
տարբերի
նախադասութեանց,
խօսքերու
վրայ
տարածումով
մը
(«Երբ
մարդը
չէր
մեռներ»
(Ռ.
Զարդարեան),
«Գեղօն
ի
պատիւ
հայ
լեզուին»
(Ա.
Չօպանեան),
ու
տակաւին
շատ
մը
ուրիշ
այս
կարգի
նուազումներ
այդ
տղոցը
մօտ
կը
վերածուին
մահացու
մեղքերու,
վտանգելով
առնուազն
իրենց
վաւերագրական
տարողութիւնը։
Իմ
սերունդը
տառապեցաւ
անտաղանդներուն
մեծատաղանդ
փառքերէն,
բայց
չհերքեց
ո՛չ
Զարդարեանը,
որ
այդ
սերունդին
ամենէն
հռետոր
գրագէտն
է
իր
վաստակին
գրեթէ
կէսին
վրայ,
ո՛չ
Թլկատինցին,
որ
հրապարակագրական
իր
թափթփվածութիւնը
մինչեւ
գերեզման
քաշեց
ու
քաշքշեց,
պոլսեցիներուն
հանդէսներուն
ու
տարեցոյցներուն
զիջելով
ընդունակել
(adapter)
իր
այնքան
վայրի
եւ
ինքնատիպ
տաղանդը,
ո՛չ
իր
Չրաքեանը,
որ
անդադար
մեղանչած
է
Հոգւոյն
Սրբոյ
դէմ,
ասինքն՝
ուղիղ
Բանին
ու
իրաւ
յուզումին
դէմ։
Ամէն
սերունդ
ունի
իր
նախասիրութիւնները
մեղքէ,
ինչպէս
առաքինութենէ։
Գեղամ
Բարսեղեան
դեռ
չէ
դիմաւորած
երրորդ
սերունդի
մը
զգայնութիւնն
ու
ճաշակը։
Ի՞նչ
պիտի
գտնեն
անոր
գործին
մէջ
1960–ի
տղաքը,
ենթադրելով,
որ
արեւմտահայ
գրականութիւնը
ըլլայ
մշակելի
դեռ
այդ
օրերուն։
Չեմ
ախորժիր
աժան
մարգարէութենէն։
Ստոյգ
բաներուն
ալ
սարսափը
չի
խռովեր
զիս։
1942–ին
մեր
գրականութիւնը
անտէր
է
բոլորովին։
Փարիզը
հազիւ
քանի
մը
գիրք
ունեցաւ
մինչեւ
այդ
թուականը։
Ամերիկայի
«Հայրենիք»ը
սպաննած
է
մեր
գրականութիւնը,
ամերիկեան
ու
շուկայի
ճաշակներով։
Բանուորը
կը
կարդայ
պճլտունը,
թեթեւը,
հետաքրքրականը:
Ի՜նչ
ախտաւոր
է
վարկը
Մալխասներու,
Թափառականներու,
Լեւոն
Մեսրոպներու,
Լասերու,
Դեւերու,
Պերճուհիները,
որոնք
կը
լրացնեն
Վալադեաններու
կէս
ձգած
չարագործութիւնը
իրաւ
արուեստին
վրայ,
բոլորն
ալ
այդ
ճաշակով
պաշտպանուած։
1960–ի՞ն։
Չեմ
արտօնուած։
Բայց
իմ
իրաւունքն
է
նայիլ
իմ
ետեւը,
ինձմէ
վար։
Մինչեւ
1850
վաստակը
կայ
մէկէ
աւելի
սերունդներուն։
Այդ
վաստակին
երեք
չորրորդը
մեռեալ
տարր
է
այսօր։
Ոչ
մէկ
առարկութիւն,
սոփեստացում,
այս
ու
այն
նկատումներու
սիրոյն
չքմեղանքի
խօսք։
Կ՚ուրանամ
ամբողջ
Թերզեանը,
Նար-Պէյը,
քերթող
Ալիշանը,
մեծ
մասը
Պէշիկթաշլեանի,
յիշելու
համար
քանի
մը
յատկանշական
անուններ։
Բայց
կը
մնամ
պատկառ,
երախտապարտ,
հիացիկ,
նոյն
այդ
Պէշիկթաշլեանին
իր
տասը
չանցնող
իրաւ
քերթուածներուն
համար։
Դուրեանին՝
իր
աստուածային
քանի
մը
տաղերուն
անմահ
գեղեցկութեամբը
լալու
չափ
ուրախ։
Քերթողական
մարզէն
սա
կատարելատիպ
կտորները
անշուշտ,
չեն
ամէնքը,
այդ
սերունդներուն
իրագործումներէն։
Յիշեցուցի,
թէ
հաճոյք,
նոյնիսկ
երբեմն
յուզում
է
թղթատել
Գրիգոր
Օտեան,
Եղիա
Տէմիրճիպաշեան,
Մատթէոս
Մամուրեան,
Ռեթեոս
Պէրպէրեան,
Ծերենց
իրենց
ամենէն
յատկանշական
էջերուն
մէջ։
Չերազի
ոտանաւորները,
այսօր
այնքան
տղայական,
փաստեր
են
զգալու,
ստեղծելու։
1870–ին
մարդիկ
չէին
տառապեր
ո՛չ
պլպուլէն,
ո՛չ
զեփիւռէն,
ո՛չ
մանաւանդ
լուսինէն։
Այն
ատե՞ն։
Անշուշտ։
Պէտք
է
լայն
բանալ
հոգիին
ընկալչութիւնը
ու
դիտել,
առանց
նեղուելու,
Մինաս
Չերազի
մուսան,
որ
զեփիւռը
ճամբու
կը
դնէ
դէպի
Մ.
Պէշիկթաշլեանի
գերեզմանը,
զայն
այնքան
սիրունիկ
պատկերներով
զարդարելէ
ետքը,
որոնք
անոր
թեւերուն
ծանր
չեն
գար
սակայն։
Այդ
օրերուն
բանաստեղծութիւնը
այդ
փափկութիւններուն
նուագն
էր
հոգիներէն
ներս։
Դարձեալ,
այդ
թուականներուն
իմացական,
ընկերային,
գրական,
գիտական,
պատմական
հարցերը
այժմէութիւն
էին։
Չերազ,
դեռ
քսան
չմտած,
կրթական
նախարարի
մը
պէս
ճառեր
կ՚արտասանէր։
Մամուրեան
իր
«Հայկական
նամականի»ն
կը
յատակէ
օրուան
այդ
հարցերով
ու
ասոնց
դայեակներուն
ամուր
կենդանագիրներով։
Պարոնեան
իր
«Ջոջ»երուն
մէջ
նոյն
մտահոգութիւնը
կը
մատնէ
ու
կ՚ընէ
նմանօրինակ
սեւեռումներ,
միշտ
հոգեբանութիւններէ։
Ու
այդ
օրերու
այդ
տագնապներուն
անդրադարձն
է
ահա,
ինչ
որ
Զարթօնքի
սերունդ
եւ
ռոմանթիքներ
կ՚անուանենք,
այսինքն
արեւմտահայ
գրականութեան
մէկ
շրջանը։
Ու
լաւ
իմացէք,
այդ
հանգամանքը
չի
բխիր
աճի,
բառի,
ճաշակի
մասնայատկութիւններէ։
Այդ
մարդոց
բոլորին
հոգին
ունի
վիճակ
մը,
մեծ
երեսներով
հասարակաց։
Գրել
«Հայկական
նամանակի»ին
վրայ,
կը
նշանակէ
վերլուծել
այդ
սերունդը
ամբողջութեամբ։
Ես
հոգեվիճակներ
միայն
կը
տեսնեմ
այդ
ամէնուն
ետին։
Ու
փոխադրուելով
կէս
դար
դէպի
առաջ,
1910–ին,
Գեղամ
Բարսեղեանի
հատորն
ալ
կը
տեսնեմ
իբր
վկայութիւն
մը
որոշ
հոգեվիճակի։
Չեմ
բանար
տարողութիւնը
այս
տարազին
[5]
։
Գեղամ
Բարսեղեան
այդ
գրական
յղացքէն
ըրած
է
որոշ
սեւեռումներ։
Հակառակ
սեթեւեթին
այնքան
մօտիկ
ըլլալուն,
անոր
ոճը
կը
տառապի
նուաճման
ու
նորոգման
զոյգ
տագնապը
ու
այդ
իսկ
պատճառով
չիյնար
այն
ընդհանուր
դատապարտութեան
տակ,
որ
կը
հարուածէ
1900–ի
դրական
ըսուած
ոճը
–
արձակ
քերթուածը
իր
բոլոր
ձեւերուն
մէջ,
չափուած
քերթուածը
(Արտաշէս
Յարութիւնեան,
Արշակ
Չօպանեան,
Սիպիլ,
Տիրան
Չրաքեան,
Եղիշէ
եպիսկոպոս
Դուրեան,
Վահան
Մալէզեան,
Միսաք
Մեծարենց,
այսինքն
կարկառաւոր
անունները
արեւմտահայ
քերթողութեան,
ունեցող
իրենց
յաջող
յօրինումները
ձախողներու
դէզի
մը
մէջ,
ու
այն
միւսները,
որոնք
կը
կոչուին
Վարդգէս
Ուղուրլեան,
Լարենց,
Սայապալեան,
Հ.
Նազարենց,
Մերուժան
Պարսամեան,
Եդուարդ
Գօլանճեան,
բանաստեղծական
վիպումը
(Յակոբ
Տէր
Յակոբեան,
Թէոդիկ,
Ենովք
Արմէն,
երբեմն
Տիկին
Եսայեան,
Հայկանոյշ
Մարք,
Անայիս,
Զարուհի
Գալէմքեարեան,
յիշելու
համար
ամենէն
ընթացիկ
փառքերը
այդ
պատմումին),
տպաւորապաշտ
քրոնիկը
(Չրաքեան,
Կիւրճեան,
ու
հանդէսներու
եւ
օրաթերթերու
այնքան
ախորժելի
եղանակը
սնոտիքը`
ոսկեզօծելու,
որուն
նմոյշներէն
են
Մեծարենցի
արձակը,
Ա.
Անտոնեանի
վիպումը
եւայլն)։
Գեղամ
Բարսեղեան
սա
խաժամուժին
մէջ
չէր
կրնար
ինքզինքը
պատսպարել։
Բայց
տարբերութիւն
մը։
Անայիս
մը
սնոտիքէն
յաղթահարուած
է
միշտ։
Գեղամ
Բարսեղեանին
ամենէն
փուճ
ու
շքեղ
բառակոյտին
մէջ
իսկ,
օրինակի
համար
«Ձիւնամրրիկը»,
կայ,
թէկուզ
նուազ,
շեշտը
մարդկեղէնին։
Ու
ասիկա
սրբազան
պաշտպանութիւն
մըն
է,
քանի
որ
մարդկեղէնի
սա
մտածոգութիւնն
է,
որ
վարած
է
բառերու
սա
կուտակումը։
Ըսի
անգամ
մը
ու
կը
կրկնեմ
անոր
ոճը
եղաւ
այդպէս
փնտռուած
ո՛չ
թէ
փառքի
տղայական,
եպերելի
ախորժակներու
անձնատուր,
այլ
կատարելութեան,
նորութեան
արդար
նախանձախնդրութեամբ։
Երկար
վէճեր
ենք
ունեցած,
այդ
մասին,
Գեղամն
ու
ես։
Սէմպոլիսթ
վիպումը
(ֆրանսական
դպրոց,
մանաւանդ
Ռ,
տը
Կուրմոնի
արձակները),
իր
ամենէն
մեծ
ներկայացուցիչներուն
մօտ
իսկ
ունէր
այդ
անգոյն,
զաղփաղփուն,
բայց
սրտագրաւ
շնորհները։
Մորիս
Մեթերլինկի
նման
մեծ
գրողներ՝
երբեւիցէ։
Բայց
այդ
մեծերուն
ետին,
այդ
նրբութիւններուն
իբր
բխման
դաշտ
քաղաքակրթութիւն
մը
կար։
Գեղամ
Բարսեղեանի
«Ասմար»ը
Փարիզէն
կամ
Պրիւքսէլէն
չէր,
որ
պիտի
զար։
Պիտի
գար
մեր
երկրէն։
Ու
եկած
էր…
Փարիզէն,
այսինքն
սիմպոլիսթ
վիպումէն։
Անոր
ոճին
մէջ
նորոգման
պէտքը
ծնունդ
է
տուած
նոր
բառերու,
ընդհանրապէս
յաջող
կերպով։
Բայց
կը
կենամ
անոր
զգայնութեան
վրայ,
որ
ամբողջ
սերունդի
մը
զգայնութիւնն
էր
եղած։
Արուեստագէտներու
խումբին
մէջ
զանազանելի
ակօսներ
կան,
աւելի
ճիշդ
երեսներ
այդ
զգայնութենէն։
Յեղափոխական
որակուածը,
հակառակ
իր
ընդհանրութեան,
ենթարկուած
է
պղտոր
խաթարումները,
մեր
կուսակցական
մտայնութիւններուն
տիրական
հակամարտութեանց
պատճառով։
Մեր
քաղաքական
պատմութեան
կ՚իյնայ
ճշգրտօրէն
վերլուծել
յիմարութիւնը,
որ
այսպէս
մէկ
ու
նոյն
զգացումը
խումբէ
խումբ
կ՚այլակերպէ,
ընելու
համար
մինչեւ
իսկ
ոճիրի
բարեխառնութիւն։
Գրողներու
կարգին
մէջ
ալ
մէկ
ու
նոյն
է
զգայնութեան
յատակը։
Ցուրտ,
տաք,
վշտակոծ,
զոհաբերումն,
հաղորդական
ու
խենթ։
Ո՞րը
ասոնցմէ
չի
պատշաճիր
Զարդարեանին,
ինչպէս
Պարթեւեանին,
Հրանդին,
ինչպէս
Թէքէեանին։
Եւ
սակայն
այս
անունները
կ՚ատէին
զիրար,
թուրքը
ատելու
արարքին
հաւասար
անգթութեամբ
մը։
Գեղամ
Բարսեղեան
այդ
զգայնութեան
երիտասարդ
երակը
կը
ներկայացնէր,
աւելի
մեղմ
իր
կիրքերուն
ու
ատելութեանը
մէջ,
հանդէպ
համարիւն
եղբօրը։
Գեղամ
Բարսեղեան
իմացականութիւն
մըն
ալ
է,
բառին
տալով
պատշաճ
լրջութիւն
ընդմէջ
իմաստասիրական
մեզի
համար
միշտ
վրիպած
միտքի
ձեւին
եւ
այն
միւսին,
որ
նոյնքան
տիրական
յաջողութիւն
մը
եղաւ
Պէրպէրեան,
Եղիա,
Մամուրեան,
Մսըրեան
–
աւելի
վերջը
քննադատական
դպրոցին
եւ
Չրաքեանին
տաղանդներովը
պարտադրուած
մեր
գրական
խղճմտանքին։
1900–ին
մտածելը
աւելի
է
քան
փառասիրելը։
Իմաստին
հանդէս
սա
քիչ
մը
շուտիկ
հետաքրքրութիւնը
անշուշտ
կը
տառապի
շրջանին
անձուկը։
Բայց
միտքերը
բաց
են։
Մաշկարայէն
խանութպան
մը,
Արտաշէս
Յարութիւնեան,
դրօշակիր
մըն
է
իմացական
այդ
հետաքրքրութեանց։
Ընկերային
հարցերու
անդրադարձը,
կուսակցական
գրականութեանց
նուէր
մը,
ստեղծեց
երիտասարդութեան
մէջ
այդ
տրամադրութիւնը։
Մ.
Վարանդեանի
հասարակ
տեղիքները
կը
լափուէին
այդ
երիտասարդութենէն։
Գեղամ
խանդավառ
էր
ընկերային
գիտութիւններու
բարիքէն։
Վարուժան
նման
կրթութեան
մը
կ՚աշակերտէր
Եւրոպա։
Իր
մէջ
աւելի
քան
երազ
էր
այդ
ուսումը։
Իր
Փարիզը
հմայաթափ
ըրաւ
անշուշտ։
Դժուար
է
ինծի
համար
1900–ի
իմացական
համապատկերը
կեդրոնացնել
Գեղամ
Բարսեղեանի
սերունդին
վրայ։
Բայց
կրնայ
զայն
ունենալ
նկատի
որոշ
ախորժանքէ
մը։
Գրական
քննադատութեան
հետ
շփոթուած
մտածման
արարքը
մենք
ուզեցինք
ազատագրել։
Չունէինք
առ
այդ
պատրաստուած
ուղեղներ։
Բայց
չէինք
պարծենար
գրական
իմաստասիրութեամբ
մը,
ինչպէս
ըրեր
էին
Եղիա
եւ
ընկերութիւն։
«Մեհեան»ը
այդ
մտահոգութեան
առաջին
փաստն
է։
Գեղամի
սերունդը
եղաւ
մանաւանդ
ազատօրէն
ընդառաջուած
պայքարի
սերունդը։
Անհանգիստ,
թշնամիին
ծրագիրները
լիովին
վերլուծած,
մանաւանդ
գոյութեան
հարցի
մը
պէս
ահաւոր,
տուած
էր
ան
ազատութեան
տագնապը
ամէն
բանէ
առաջ։
1900-1915–ը
մեր
երիտասարդութեան
մէջէն
գրողի
անուններ
չյայտնաբերեցին,
քանի
որ
տագնապը
գոյութեան
տագնապն
էր
ամէն
բանէ
առաջ։
Ու
մի՛
զարմանաք,
երբ
գտնէք
այդ
երիտասարդութիւնը
միազանգուած
քաղաքական
պայքարի
կրկէսին
մէջ։
Ու
պայքարեցան,
որքան
որ
կրնային,
այդ
տղաքը,
իրենց
ցեղին
դահիճին
դէմ,
կարծրացման,
լրջացման,
խորացման
պայքար
մը։
Հողին
վրայ,
անոնք
հասան
զանգուածին
ու
ջանացին
լուսաւորել
այդ
զանգուածին
ներսը
կամքին,
տկար
բնազդներու
մթութիւնները։
Ամէնքս
ալ
կը
զգայինք
ինչ
որ
կը
պատրաստուէր
թուրքին
ցանկին
տակ։
Բայց...
չէինք
հաւատար։
Գեղամի
սերունդը
պայքար
բացաւ
նաեւ
իմաստին
անծայրածիր
ասպարէզներն
ի
վար,
մեր
միտքին
դարաւոր
թմբիրը
խորտակելու,
մեր
ցեղին
«անայց
խորութիւններէն»
հոգիներ,
ձեւեր,
բիւրեղացած
խռովքներ
ու
գեղեցկութիւն
վերբերելու
հաստատ
որոշադրութեամբ։
Կ՚ապրէինք
մեր
պատմութեան
ծածկուած
ներշնչումները,
մեծացնելով
տրուած
քիչը
(ճարտարապետութիւն,
երաժշտութիւն,
ժողովրդական
բանաստեղծութիւն,
աշուղներուն
արուեստը,
մատենագրութեան
մէծ
իրագործումները)
ու
հաւատալով
անմահ
ակունքներուն,
որոնք
չէին
կրնար
մեզ
խաբել։
Կոմիտաս
մը,
իրապաշտ
սերունդին
օրով,
պիտի
չարթնցնէ՞ր
յիմարութեան
մօտիկ
այն
խանդավառութիւնը,
որով
պարուրեցինք
անոր
համերգները,
զանոնք
ընելով
ցեղային
պոռթկումի
հանդէս։
Նոյն
այդ
հոգեբանութեան
մէկ
ուրիշ
երեսն
էր
գիրերու
գիւտին
նուիրուած
ցոյցերուն
խորաբուխ
հաղորդականութիւնը
ամբողջ
աշխարհի
երեսին։
Գեղամ
հիմնադիրներէն
մէկն
էր
«Մեհեան»
հանդէսին,
որուն
կարճ
գոյութիւնը
անիմաստ
կերպով
մը
անդրադարձաւ
ընդարձակ
ձգտումներուն
ճշմարիտ
իմաստին
վրայ։
Պատերազմը
սպաննեց
զայն։
Յետպատերազմը
մեզի
համար
անորակելի
պատկեր
մըն
էր։
Հանդէսը
չէր
կրցած
իրագործել
ինքզինք,
գէթ
իր
նշանաբաններէն
մէկ–քանիին
վրայ։
Բայց
գրականութեան
պատմութիւնը
պէտք
է
արձանագրէ
այն
մեծ
խանդավառութիւնը,
զոր
ան
ստեղծեց,
քսանը
նոր
մտած
երիտասարդութեան
մէջ։
Սա
խռովիչ
փաստը,
երբ
Գեղամի
առիթով
կը
փորձեմ
արժեւորել,
այցուած
չեմ
սնոտիքէ,
փառասիրութենէ։
Տաղանդաւոր
տղաք
կային
խումբին
մէջ։
Վարուժանին
ու
Զարեանին
քով
Գեղամը
ունի
իր
արդար
տեղը,
որ
կրնայ
մեծ
գրագէտի
աթոռ
մը
չըլլալ,
ի՞նչ
փոյթ։
Մարդիկ
կ՚արժեն
երբեմն
իրենց
գործին
չափ,
իրենց
նպատակներով։
Խանդ
ու
անկեղծութիւն
էր
Գեղամ
Բարսեղեան։
Կը
հաւատար
գրականութեան
ու
անոր
նորոգումին։
Ու
կ՚ատէր
կեղծիքը,
կեղծ
արուեստը,
մանաւանդ
կեղծ
արուեստագէտները։
*
*
*
Համակրանք,
խմբային
հոգեբանութիւն,
ինքնաբաւ
պատրանքի
խօսքեր
չեն
ասոնք։
Կը
հաւատամ,
թէ
Գեղամ
Բարսեղեանի
անունը
կրող
հատորը
կեանքի
իրաւունք
ունեցող
ձեռնարկ
մըն
է,
կէս
դար
յետոյ,
արտայայտիչ,
բարացուցական
վկայութիւն
մը
դառնալու
բախտով
մըն
ալ
կրկնաւոր։
Այո՛։
Հոն
կան,
անծածկելի
կերպով
մը
որոշ,
այդ
սերունդին
թերութեանց
մեծ
երեսները։
Բայց
հոն
են
նորէն
այդ
սերունդին
առաքինութիւնները,
միշտ
խոշոր
գիծերով։
Բարձրանուէր,
լիակատար
անշահախնդրութիւն
(Գեղամ
Բարսեղեան
ատոր
սրտառուչ
մարմնացումն
է),
մոլեռանդ
հաւատք
մեր
ժողովուրդի
ընդունակութեանց
վրայ,
ասոնք
արժեւորելու
համար
բոլորանուէր
աշխատանքին
ալ
պաշտամունքովը։
Միջակութեան
դէմ
նողկանք,
նորին
համար
հոգեկան
անկնճիռ
արդարում։
Անիրական
տղա՜ն։
Անշո՛ւշտ։
Կ՚անցնին
մարդերը,
իրենց
հետ,
երբեմն
իրենցմէ
առաջ
ալ,
իրենց
փառասիրութիւնները։
Չեմ
միամիտ
յիշատակի
ռոմանթիզմը
արժեւորելու
սա
օրերուն,
երբ
կեանքը
փողոց
նետուած
դիակներու
հանդէս
մըն
է
աշխարհի
երեսին։
Բայց
ո՞վ
ըսաւ,
որ
այս
հրահեղեղը,
երկաթի
սա
անձրեւը
պիտի
դառնան
մարդկութեան
գերագոյն
տախտակները։
Կա՛ն,
պիտի
կենան,
մի՛շտ,
հոգիները
ու
իրենց
արարքները,
որոնք
կը
յօրինեն
ժողովուրդներու
պատմութիւնը
կամ
անոնց
գրականութիւնը։
Գեղամ
Բարսեղեան
իր
օրերուն
լաւագոյնին
ծիրովը,
որ
կը
յանգի
սրախողխող
թաղումին,
կը
պատկանի
մեր
պատմութեան
ամենէն
սրտառուչ,
ամենէն
եղերական
պայմաններուն։
Գեղամ
Բարսեղեան
իր
գրական
վաստակին
որոշ
մասերովը,
կը
պատկանի
մեր
գրականութեան,
այսինքն՝
մեր
հոգեղէն
իրականութեան։
Եղայ
զուսպ,
կարճ
ու
արդար։
Պիտի
մնա՞յ
գոհ
իր
հոգին՝
սա
վկայութենէն։