Ա.
ՄԱՐԴԸ
ԵՒ
ԳՈՐԾԸ
Եթէ
երբեք
ոստանիկ
մեր
գրականութեան
մէջ
(կ՚ակնարկեմ
պոլսականին
)
գրագէտի
մը
ետին
մարդը
քիչ-շատ
հասկնալի,
ներկայանալի
իրողութիւն
մըն
է,
գաւառներուն
համար
այդ
մարդը
–
ըսել
կ՚ուզեմ՝
զայն
յօրինող
պայմաններուն
համահանդէսը
–
հանգոյց
մըն
է
անտարազելի
իրողութեանց:
Իր
այգին,
արտը,
պարտէզները
մշակելու
ընդունակ
երիտասարդը
միտքէն
պիտի
չանցընէր
մտնել
այդ
անարգ
լուծին
տակ։
Ու
վարժապետը,
այս
իսկ
պարտադրումով,
կ՚ըլլայ
ինքնին
ողբերգական
սկիզբ
մը
։
Ան
որբ
մըն
է
եւ
յաճախ,
իր
հօրուին
կամ
մօրուին
չարէն
ազատելու
իբրեւ
ապաստան
ունի
ժամուն
բակը,
ուր
ան
կը
սպասարկէ
տէրտէրին,
մեռելներուն
հացերը
ունենալով
իրեն
կարելի
սնունդ։
Երբեմն
իր
ֆիզիքականին
մէջ
անդարմանօրէն
զարնուա՛ծ
մը,
որ
դաշտի
աշխատանքին
անկարող,
կերպ
մը
կը
գտնէ
իր
երիտասարդութիւնը
քարշ
տալու
թշուառ
շէնքէ
մը
ներս,
ու
հոն
սպասելու
մահուան։
Մեր
գիւղին
մէջ
քանի
մը
վարժապետ
գիտեմ,
որոնք
արիւն
փսխելով
գոցեցին
իրենց
կեանքը։
Ամենէն
բարեբաստ
պարագային,
«
ձէնը
անուշ
»,
«
պուլպուլ
»
տղեկ
մըն
է,
որ
ժամուն
մէջ
«
Աստուած
կ՚իջեցնէ
»
իր
եղանակին
հրայրքովը
եւ
կը
կապուի
ժամուն,
սկսելով
իբրեւ
տիրացու,
բարձրանալու
համար
«
վարժապետ
»
տիտղոսին։
Տէրտէրութիւն
մը
անքոյթ
նաւահանգիստն
է։
Վարժապետութիւնը,
նոյնիսկ
ձայնին
վկայականովը,
որ
ամուր
է
աւելի
քան
եւրոպական
համալսարանի
մը
տուածը,
կը
յանգի
ողբերգութեան։
Ա՛յս
է
իմ
փորձառութիւնը
այս
ասպարէզէն։
Բայց
ինչ
որ
բոլորովին
եզակի
կ՚ընէ
Թլկատինցիին
պարագան,
վարժապետին
ետին՝
գրագէտ
տիպարին
ներկայութիւնը։
Գիւղը
չըմբռներ
նման
բան
մը
ու
իր
չհասկցածին
դէմ
գիւղացիին
կասկածը,
ատելութիւնը
կ՚անցնի
մեր
կարծածէն
շատ
անդին։
Վարժապետը,
այս
պարագային,
օտար
մըն
է,
թշնամի
մը,
որ
գիւղին
պատիւը
փարայի
մը
կ՚ընէ,
երբ
անոր
բարքերը
կը
պատմէ
ստամպոլցիներուն։
Ան
իր
հացը
կերած
ատեն
մոռնալու
չէ,
որ
զայն
պարտական
է
սանկ
աղայի
մը,
թաղականի
մը,
տէրտէրի
մը,
որոնց
անձին
սրբութիւնը
բառերը
չեն
կրնար
բացատրել։
Անոնց
շուրջ
գիր
մը,
Ստամպոլի
դռներուն,
ոճիր
մըն
էր։
*
*
*
Գիւղական
վարժապետի
իր
փորձառութիւնը
կ՚ամբողջանայ
քաղաք,
առաջնորդարանի
քարտուղարութեամբ
մը,
որ
Թլկատինցիի
տաղանդով
դիտողի
մը
համար
համազօր
է
Մոլիէռի
սափրիչեան
քմայքին։
Մինչ
այդ,
կազմուած
է
մարդը։
Չծանրացայ
կենսագրական
գիծերու,
որոնք
բարքի
դրուագներ
են
սակայն։
Կ՚առնեմ
անոնցմէ
պարագայ
մը,
որ
այդ
գործին
բանալին
կու
տայ։
Ատիկա
որբութիւնը
չէ,
ոչ
ալ
տիրացութիւնը։
Ան
13
տարեկանին
պիտի
փոխադրուի
քաղաք,
ու
մեծահարուստի
մը
տան
մէջ
պիտի
պատսպարուի,
ու
հետեւի
քաղքենի
ուսումին։
Այս
փաստը
ես
կը
վերածեմ
իր
ճշմարիտ
իմաստին։–
Թլկատինցիի
մէջ
գիւղացին
չէ
կասած,
տեղը
զիջելու
համար
քաղաքացիին
(Հրանդ,
Սրուանձտեանց,
Խրիմեան
կը
պատկանին
այս
վերջին
խումբին)։
Ու
քով
քովի
շարունակած
են
աճիլ
ու
ապրիլ
այդ
երկու
հոգեբանութիւնները,
առանց
իրարմէ
նեղուելու:
Այդ
է
պատճառը
թերեւս
այն
կատարելութեան,
որ
կեանքն
է
Թլկատինցիի
գործին
մէջ։
Անշուշտ
բարի
կ՚ըլլաք
չշփոթելու
բաներ,
որոնք
իրարու
չեն
նմանիր:
Կեանքի
լիութիւն,
առատութիւն
միշտ
չեն
ենթադրեր
համապատասխան
արուեստ,
ինչպէս
կատարեալ
արուեստ
մը
միշտ
չի
փրկեր
գործի
մը
մէջ
կեանքին
անփոխարինելի
արժէքը։
Ուրեմն
Թլկատինցին
այն
գրագէտն
է,
որուն
մէջ
մեր
ժողովուրդին
երկու
մեծագոյն
բաժանումները՝
գիւղն
ու
քաղաքը
ներկայ
են
հաւասար
ու
համազօր
իրականութեամբ:
Այդ
երկուութիւնը
պիտի
չտկարանայ
տարիներուն
հետ։
Այն
օրէն
իսկ,
երբ
Թլկատինցի,
ձգած
գիւղական
իր
թափառումները,
կը
դառնայ
քաղաքի
վարժապետ,
նախ
ազգային
վարժարաններու
մէջ,
ապա
գլուխը
իր
սեպհական
կրթարանին,
անոր
մէջ
չի
մեռնիր
գիւղացին,
վասնզի
չէր
կրնար
մեռնիլ։
Տիպարին
լրջութիւնը,
ինք
իրենց
հարազատութիւնը
կը
խօսին
ի
նպաստ
գրագէտին,
որ
լուրջ
է
եւ
հարազատ։։
Գիւղը
անոր
տուած
է
իր
ջիղերը,
հոգին,
հոգեբանութիւնը,
եթէ
մեծ
չէք
գտնել
բառը։
Տուած
է
նոյն
ատեն
անոր
աշխարհը,
բարոյական
ըմբռնողութիւնը,
կեցուածքը
(ապագային
դէմ)։
Բացած
անոր
զգայարանքներուն՝
անտուն
հոծութիւնը
մեզ
բնորոշ
կիրքերուն,
կիսավայրի
միջավայրի
մը
մէջ,
երբ
բռնութիւն,
գերութիւն,
գետնաքարշ
ապրումը
մեզ
կը
տախտապարեն
մեր
իսկ
հպարտութեան
մէջ
ու
մեր
կեանքը
կ՚ընեն
մեզի
համար
ամօթէն,
զզուանքէն
անդին
դժբախտութիւն
մը։
Թլկատինցիի
գործին
ահաւոր
գարշանքը
գրագէտի
հայեացքի
մը
գալուն
չափովը,
կու
գայ
մեր
իսկ
ճակատագրէն։
Չունինք
գործ
մը,
ուր
մեր
դժբախտութիւնը,
մեր
մեղքերը,
մեր
բարոյական
անկումները
պարզուէին
մեզի
այնքան
հոծ
իրականութեամբ
մը։
Չմոռնալ
պարագան,
որուն
համեմատ
այս
գործին
լիութիւնը
կ՚իյնայ
գրեթէ
երեք
չորրորդ
ու
աւելիով
բռնապետութեան
շրջանին,
երբ
գրաքննութիւնը
կարգիլէր
ոեւէ
հայ
գրագէտի
մերձենալ
այդ
լուծին
տակ
հոգեվարք
ժողովուրդի
մը
սարսափին։
Եւ
սակայն
հակառակ
ատոր,
Թլկատինցիի
աշխարհէն
յառնող
խորունկ
տրտմութիւնը
մեզի
կը
թելադրէ
մտածել
մարդուն
ալ
դառնութիւնը։
Քաղաքի
վարժապետ։
Բայց
ահա՛
աւելին։
Ան
քարտուղարն
է
առաջնորդին։
Փաստաբան,
խոստովանահայր,
հանրային
դիւաններու
քարտուղար
անուանուած
մարդերը
լաւագոյն
կերպով
զետեղուած
են
(place)
ընկերային
վէրքերու
շարժանկարը
անմոռանալի
կերպով
սեւեռելու
իրենց
յիշողութեան
դիւանին։
Մարդերու
զանազանութի՛ւն։
Բայց
մա՛նաւանդ
ասոնց
ճանաչողութիւնը։
Կը
հասկցուի,
թէ
ինչո՛ւ
իր
գործին
մէջ
ըլլան
մարդերը
այնքան
շատ։
Բայց
ամէն
մէկը
տրուած
սեպհական
մոյնքով
ու
ներքին
նկարագիրներու
ամրասեւեռ
պատկերով։
Այդ
քարտուղարութիւնը,
անոր
յաջորդ
քաղաքի
բարձր
վարժարաններուն
մէջ
ուսուցչութիւն,
կազմած
են
Թլկատինցիի
երկրորդ
հոգեկան
աշխարհը։
Չափահասութեան
դռներուն
ան
ունի՛
ուրեմն
հայ
գիւղ
մը,
ամբողջական
ու
անխորտակելի.
քաղաք
մը,
որուն
յատկանիշները
կը
ծածանին
ընդմէջ
գիւղին
է
ու
գիւղաքաղաքին,
քմայական
ալ
աշխարհ
մը,
որ
իր
ընթերցումները,
ջանքը
տուած
են
իրեն։
Քաղաքի
ուսուցչութեան
զուգընթաց,
անոր
իմացականութիւնը
ինքզինք
կ՚ամրացնէ,
կ՚ամբողջացնէ։
Եթէ
անոր
գործին
առաջին
մասը
տպաւորութիւններու
հանդէս
մըն
է,
առաւելապէս
գեղջկական
խորքով,
անոր
գործին
երկրորդ
մասը
կը
յայտնէ
կեանքին
դէմ
որոշ
կեցուածք,
մեծ
բառով
մը՝
իմաստասիրութիւն։
Հոս
տեղն
է
յօրինել
մարդը։
Թլկատինցին
բախտաւոր
գրող
մը
կրնանք
նկատել
անոր
համար,
որ
զինք
ճանչցողներու
մեծ
թիւ
մը
դեռ
կ՚ապրի,
որոնք
իրենց
վկայութիւնները
չեն
զլացած։
Հոս
ու
հոն
պատմուած
յուշերէ,
պատկերներէ
կը
յօրինուի
նկարը
մէկու
մը,
որ
տրտում
է
ցմահ
(կինը
թաղող
մը,
տունին
մէջ
խորթ
մայր
մը
բերելու
ստիպուած
հայր
մը,
իր
զաւակներէն
կոխուած
ընտանիքի
պետ
մը
կու
տան
զսպանակները
այս
տրտմութեան)։
Բայց
մշտաշխոյժ։
Ան
հանդուրժեց
իր
գիւղի
յիմարները
իր
գլխուն։
Երեք
տարի
գրեր
էր
պաշտօնական
թուղթերը
առաջնորդարանին։
Քամակը
ծռեր՝
քաղաքի
հոգաբարձու
ըսուած
եռամեծ
յիմարներուն։
Քաւութիւնը
անհուն
չէր
կրնար
ըլլալ։
Օրին
մէկը
կը
տեսնենք
այս
խորամանկ,
անխոնջ,
իր
գործին
«գայլը»
եղող
մարդը
որ
գլուխը
կ՚անցնի
սեպհական
դպրոցի
մը
։
Ու
կորովի,
յոյսի,
յարատեւ
ճիգի
կենդանի
խորհրդանշանի
մը
նման,
կ՚ընէ
իր
ուսումը
։
Իր
կնիքը
իր
աշակերտներուն
վրայ
պայծառ
է
որքան
յատկանշական։
Այլասերման
դէմ
մաքառողի
հով
մը
ան
չ՚արհամարհեր։
Սկիզբները
ամերիկեանութեան
դէմ.
աւելի
վերջը՝
ներքին
զեղծումներուն
դէմ։
Պահպանողականութիւնը,
զգուշաւորութիւնը,
խելքը,
խորամանկութիւնը
իր
նկարագրին
մասերը
կը
կազմ
են
արդէն։
Այս
շնորհները
ան
պիտի
գործածէր
իր
դպրոցին
գոյութեան,
յարատեւութեան
հզօր
Հրամայականին
ի
սպաս։
Անշուշտ,
իր
գործը
մեզ
կը
նեղէ
մանաւանդ
իր
այն
մասերուն
մէջ,
ուր
քիչ
մը
ամուր
կը
թուին
այս
հրամայականին
հարկադրանքները։
Մարդ
բողոքանութեան
դէմ
իր
հալածանքը,
յարձակումները
կը
փորձուի
ենթարկել
դպրոցական
մրցումի
մը
խուլ
պահանջներուն։
Լրագրական
գովեստի
ինքնատիպ,
բայց
անծածկելի
կերպեր
են
այն
քանի
մը
յօդուածները,
ուր
բարերարներ
մերկացնելու
տկարութիւն
մը
կը
ներէ
ան
իր
հպարտութեան։
Բայց
ասկէ
քառորդ
դար
առաջ
էականը
այս
ու
այն
հարուստը
օգտագործելն
էր
գերագոյն
օգուտին,
որ
հայ
հոգիին
մշակումն
է
առողջ,
ամուր
գաղափարներով։
Նկարագրի
սա
ճկունութիւնը,
«
քարէն
ջուր
»
հանելու
սա
խելքը
հեռու
են
այն
խաչագողական,
առաւ–փախաւական
շնորհներէն,
որոնք
Պոլսոյ
մէջ
վերելակներ,
յանձնակատարներ
դպրոցներու
պետ
ու
տէր
կ՚ընծայէին։
Յետոյ,
պէտք
չէ
մոռանալ,
որ
այս
մարդուն
ետին
գրագէտ
մը
կար։
Իր
գործին
անգիր
մասը,
իրմով
հասած
մարդերու
փաղանգը
կը
վկայեն,
թէ
Թլկատինցի
պարկեշտ,
խոր,
հեռահայեաց
աշխատանքին
միացուցած
է
նկարագիր
պատրաստելու
այլապէս
ամուր,
ծանր,
քիչերու
միայն
պարգեւուած
տաղանդը։
Այդ
գիծով,
ան
կը
հանդիսանայ
կատարեալ
գործիչ
մը,
լայնօրէն
ինքզինքը
տրամադրած
իր
ժողովուրդին
կարիքներուն։
Իր
անձնական
դպրոցը,
այդ
խուլ
անկիւնին
մէջ
Հայաստանի,
մի՛
բաղդատէք
անոնց,
որոնք
Պոլիս,
ազգային
գուրգուրանքին,
խնամքին
առարկայ,
մտաւոր
տիսիփլին
մը
պիտի
հայթայթեն
ու
կազմեն
առաջաւոր,
ընտրանի
երիտասարդութիւն
մը։
Ան
իր
գործը
վարած
է
ի
հեճուկս
ազգային
պաշտօնական
հաստատութեանց,
առատ
ու
հզոր
միջոցներու
տէր
ամերիկեան
գործիչներուն,
ու
տուած
անոնցմէ
աւելին։
Գործի
մարդու
սա
կորովը
անշուշտ
բարձր
առաքինութիւն,
զիս
պիտի
չզբաղեցնէր
սա
էջերուն
վրայ,
եթէ
երբեք
մտաւոր
մշակի
նոյնքան
կորովի
ուրիշ
արժանիքներ
չպաշտպանէին
Թլկատինցին։
Խեղճուկ
նախակրթութենէ
մը
անդին
չէ
անցած
անոր
պատրաստութիւնը
կրթական
գործին
համար։
Անոր
պաշտօնավարութիւնները
խուլ
գիւղակներու
խորը,
կամ
առաջնորդարաններու
խոնաւ
դիւաններուն
ներսը,
աւելի
վերջ
ազգային
նախակրթարաններուն
մէջ,
մշտական
վերելքի
գեղեցիկ
ու
սրտառուչ
պատկեր
մը
կը
պարզեն։
Ըսի,
թէ
չեմ
բանար
ծալքերը
պայմաններուն,
որոնք
կը
կերպադրեն
կեանքը
հայ
ուսուցչին։
Եթէ
երբեք
ան
կէս
դար
ու
աւելի
մնաց
տրտմութեան
հովիտին
տժգոյն
պաշտօնատար,
պատճառը
դուրս
էր
իրմէ
։
Բայց
այդ
պէմուրատ
երթալու
սահմանուած
գործաւորը
նոյն
ատեն
աշխատանքը
տարաւ
հայ
գիրին,
գրականութեան։
Իր
անունին
տակ
դասաւորուած
վաստակը
լեցուն
գրաւական
մըն
է
ո՛չ
միայն
գրագէտի
վարկ
մը
փրկող,
այլեւ
իբրեւ
քանակ։
Յետոյ
այդ
գիրքը,
ամբողջական
գործ
անունով
խմբուած
ամերիկահայ
գրասէրներու
ջանքով,
շատ
քիչ
թխածոյ
տարր
կը
պարունակէ։
Այս
հաստատումները
մեզ
կը
տանին
այն
միւսին.
–
Թլկատինցին
կատարած
է
քանի
մը
մարդու
գործ։
Անոր
մէջ
ուսուցիչը
արժանի
էր
ամէն
գնահատման։
Ու
իրմով
սնած
սերունդ
մը
կատարեց
իր
պարտքը
անոր
յիշատակին
հանդէպ
։
Անոր
մէջ
գրագէտը
աւելի
մեծ
առաքինութիւններու
լրում
մըն
է։
Անշուշտ
տաղանդը
դուրս
է
մեր
պայմաններէն։
Կամսարական
կը
գրէր
ինծի.
«C'est
taffaire
de
vos
parents»։
Բայց
այդ
տաղանդը
պաշտպանելը
այլապէս
խելք,
իմաստութիւն,
կամք
կը
պահանջէ
մեզմէ։
Ո՞վ
ունէր
այդ
տաղանդը
մեր
մէջ
այն
յորդութեամբ,
ուժգնութեամբ,
որով
ի
յայտ
եկաւ
այդ
բխումը,
օրինակի
համար,
Սուրէն
Պարթեւեանի
մէջ։
Արդի՞ւնքը։–
Քանի
մը
հարիւր
էջի
մօտեցող
ճիղճ
պատմուածքներու
հատոր
մը։
Սուրէն
Պարթեւեան
շատ
աւելի
մեծ
գործե՜ր
ունէր
իրացնելիք,
այսինքն՝
ուտել,
խմել,
թափառիլ,
կռուիլ,
թերթ
խմբագրել,
յեղափոխութիւն
ընել,
Հակայեղափոխութիւն
ընել...
ու
երբեմն-երբեմն
ալ
գրել։
Թլկատինցի
աննահանջ
արիութեամբ
մը,
երկաթի
պայմաններուն
օղակումին
ընդդէմ,
չէ
թուլցած
իր
աշխատանքին
մէջ
ու
գրած
է
մինչեւ
մահուան
տարին։
Ահա՛
մարդը:
*
*
*
Գո՞րծը։
–
Մարդուն
վայել։
Ինչ
որ
իր
սաներուն
միջոցներով
ինկած
է
հատորի,
կ՚ենթադրեմ,
թէ
կը
պարունակէ
այդ
գործին
հիմնական
մասը
։
Իբրեւ
որակ,
անիկա
պիտի
ենթարկուի
լայն,
արդար
վերլուծումի,
աւելի
անդին,
երբ
հեղինակին
տաղանդին
կողմերը
ուսումնասիրուին:
Իբրեւ
քանակ,
անիկա
միջին
կառոյց
մըն
է
առատ
արտադրողներու
եւ
կծծիներուն
մէջտեղը։
-
Այդ
գործը
կը
բաղկանայ
ա.
–
Քրոնիկներէ,
որոնք
միշտ
գրական
վճռական
արժէք
մը
ունին,
այն
բարեբախտ
հանգամանքով
ալ
պաշտպանուած,
որ
չեն
նմանիր
պոլսական
քրոնիկներուն,
օրաթերթին
պահանջներուն
ենթակայ,
որով
եւ
մասամբ
հապճեպ,
անաւարտ։
Թլկատինցի
քիչիկ
մը
փոփոխած
ալ
է
ընթացիկ
կաղապարը
քրոնիկին,
որ
գաւառէն
պոլսական
թերթերուն
երբ
կը
ղրկուի,
հարկադրաբար
թղթակցութեան
մը
ձեւը
կ՚առնէ
ու
ատով
դժուար
կը
զետեղուի
արուեստի
փլանին
(«
Գործ
»ը
կազմողները
դուրս
ձգած
են
անոնցմէ
մաս
մը
բան,
«
Արեւելք
»ի
մէջ
լոյս
տեսած)։
Թլկատինցիի
քրոնիկը
ճամփորդական
տպաւորութիւններու
հետ
խառնուած
պատկերաշարք
մըն
է,
ուր
իրականը,
ֆանթէզիին,
հիւմէօրը,
բարքը,
բնութիւնը,
մարդերը
փոխնիփոխ
կը
շահագործուին,
ստեղծելով
էջ
մը,
որ
մօտիկ
է
անգլիական
կերպին։
Գրեթէ
բոլոր
քրոնիկները,
մանաւանդ
երիտասարդութեան
օրերէն,
բարձրորակ
էջեր
են
ինքնատիպ,
հաստատ,
մարդկային
ու
երբեք
հռետոր
գրականութիւն
մը.
լաւագոյն
Թլկատինցին
հոն
է։
բ.
–
Վիպակներէ,
որոնք
լայնօրէն
կը
զարտուղին
դարձեալ
պոլսական
կաղապարէն,
նորավէպէն։
Անոնք
քիչիկ
մը
գունաւորուած
քրոնիկներ
են
նոյն
շնորհներով,
նոյն
ոգիով
գրուած,
նոյն
արուեստով։
Պոլսական
կաղապարին
քաջավարժ
մեր
ճաշակը
բաւական
կը
վարանի
այս
կարգի
կտորները
ճշդելու
մէջ,
սեռի
տեսակէտէն։
Եթէ
իբրեւ
գործադրութիւն
(exécution)
անոնք
տկար
կողմեր
ունին,
անոնց
աշխարհը,
մթնոլորտը,
անոնցմով
սեւեռուած
բարքերուն,
տագնապներուն
տարողութիւնը
այնքան
թանկ
է,
որ
շուտով
կը
հանդուրժենք
այդ
այլայլումներուն
ու
կը
սիրենք։
գ.
–
Ազգագրական
ուսումնասիրութենէ
մը,
որ
գիւղի
նամակներու
շարքին
է
զետեղուած
հատորին
մէջ,
բայց
կատարեալ,
ամբողջական
պատկերացումն
է
հայ
գիւղին,
գրեթէ
առանձին
մեր
հին
ու
նոր
գրականութեանց
մէջ։
Ի՛նչ
փոյթ,
որ
արեւելեան
ուսումներու
դոկտոր
մը
չըլլայ
հեղինակը
այս
ուսումնասիրութեան։
Թլկատինցին
միակ
այդ
կտորով
արժանի
է
մեր
անխառն
հիացումին,
այդ
գրուածքը
չի
նմանիր
վիպակներու
յատակ
ծառայող
այն
խուզարկումներուն,
որոնք
պատմումի
մարդերը
ըրին
իրմէ
վերջ
(
Զարդարեան,
Համաստեղ,
Նուրիկեան
)։
դ.
–
Քերթուածներէ:
Թլկատինցի
իր
քրոնիկներուն
մէջ
տուած
է
պատառիկներ
բանաստեղծական
յօրինումները,
որոնց
թեքնիքը,
ոգին,
բառամթերքը
հիմնովին
ժողովրդական
մնալու
հաստատ
կեցուածքի
մը
կը
հպատակին,
բայց
որոնք
անձնական
յօրինումներ
են,
քրոնիկին
մարմինին
մէջ
տեղաւորուած։
Ասոնցմէ
դուրս
5–6
հատ
քերթուածներ։
Իր
տեղին
մէջ
ես
կը
ճշդեմ
արժէքը
այդ
կտորներուն։
ե.
–
Թատրերգութիւններէ
։
Ըսի,
թէ
ի՛նչ
կը
խորհէր
անոնց
մասին
Ռուբէն
Զարդարեան,
երբ
կ՚ողբար
անոնց
մեծ
մասին
կորուստը։
Բացի
դպրոցական
հանդէսներու
համար
գրուած
ընդհանրապէս
միարար
կամ
երկարար
տրամախօսութիւններէ,
որոնք
թատերական
գրականութեան
կը
պատկանին
միայն
իրենց
լեզուովը,
Թլկատինցիէն
մեզի
կը
մնան
երկու
մեծ
գործեր,
անհաւասար
արժէքով,
բայց
որոնց
կառոյցը
թատերական
է
անառարկելի
կերպով։
Ահա՛
ցանկը
այդ
գործին
մասերում:
Գրուած
մասէն
դուրս
է
այդ
գործին
կենդանի
հատուածը,
ուսուցչական
պարտաւորութեանց
ձեւով,
բայց
դարձեալ
ի
սպաս
գրականութեան։
Անոր
կը
պարտինք
Ռ.
Զարդարեանը,
Համաստեղը,
Վահէ
Հայկը,
Բ.
Նուրիկեանը,
գրականութեան
մէջ
ճշմարիտ
արժէքներ,
որոնք
իրենց
սկզբնական
արեւելումը
ստացան
անոր
ցուցմունքովը։
Յիշեցի
ուրիշներ,
անոնք
ալ
ազատական
ասպարէզներու
հետեւողներ,
որոնք
իմացական
արժէքներ
էին։
Ու
այս
զոյդ
արդիւնքին
զուգահեռական
է
այս
կեանքը,
բաժնուած
պարտքին
ու
ստեղծումին
մէջ։
Զայն
յուզիչ
ընող
հանգամանքը՝
տաղանդին
մեծութիւնն
է
այս
ամէնուն
մէջ։
Կամքին
կորովը՝
աշխարհ
մը
արգելքներու
դիմաց։
Ոգիին
մեծութիւնը՝
իր
ժողովուրդը
լուսաւորելու
արարքներուն
առջեւ,
երբ
գիւղի
վարժապետի
իր
ճղակոտոր
պատրաստութիւնը
կ՚անգոսնէ
ու
կ՚անցնի
իր
երազին
սպասին,
աստիճանացման,
յամառ,
սպառիչ
յառաջատուութեամբ
մը
ու
կըլլայ
իր
կարգին
մեծ
առաջնորդ
մը։
Իր
սերունդին
ամենէն
սրտառուչ
իրագործումներէն
մէկն
է
ան։