Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է. [ԶՈՒԳԱԿՇԻՌ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ]

Թորգոմ Գուշակեանի մէջ իրենց լրումը կը գտնեն մեր նոր գրականութեան սրբազան ճիւղին լաւագոյն աւանդութիւնները:

ա. Անոր ոգին, գործելու եղանակը, եկեղեցին, գիրը, կեանքը ըմբռնելու իւրայատուկ կողմը, որ թէեւ կը զատեն զինքը որոշ չափով վերջին դարու մեր հոգեւոր գործիչներէն, բայց չեն հերքեր զանոնք։ Անոր մէջ են Խրիմեանի մը ժողովրդանուէր եռանդը, հզօր անկեղծութիւնը, գործնական բնազդները, առանց ծայրայեղութեան, որ պիտի վտանգէր այդ յատկութիւններէն սպասելի օգուտը։ Անոր մէջն է Սրուանձտեանցի հայրենաշունչ, քիչիկ մը արկածախնդիր (մարդ գլխուն գնովը միայն պիտի յօժարէր Մեծ Ծովուն խորերը նաել համարձակիլ, ինչպէս, այդ գլխուն գնովը Համով հոտով »ին), տարօրինակ հեղինակը չափեր էր, ջորիի քամակին, խաւարակուռ Ափրիկէէն աւելի վտանգաւոր հայկական նահանգները, երկու անգամ, իր պետերուն կողմէ պահանջուած տեղեկութիւնները հայթայթելու համար), «նախնեաց» պաշտամունքին մէջ քնարական, անիրական դառնալու աստիճան անարդի երազամոլը։ Եւ զուր տեղը չէ, որ երկուքին ալ գործերը կը ներկայացնեն արդիւնքներու զուգահեռականութիւն մը։ « Հնդկահայք »ը նոր « Թորոս աղբար » մըն է, անոր չափ խոր զգացմամբ թրթռուն, որքան հաստատ տեղեկութեանց մթերքով ամրակառոյց։ Անոր մէջն է Մաղաքիա Օրմանեանի կազմակերպչական ընդունակութիւնը, աշխատանքի անհուն ուժը, վարելու, առաջնորդելու տաղանդը։ Ու ան ունի Դուրեանի մը իմացականութեան կորովը, գրական խառնուածքը, խօսքին հմայքը։ Ու եկեղեցւոյ պետէ մը սպասելի բոլոր առաքինութիւնները։

բ. Մեր պատմութեան ամենէն դժուար ու յորձանուտ շրջաններէն մէկուն մէջ ան անցած է գլուխը իր հօտին, մատաղ երիտասարդութենէն իսկ, երեւան բերելով ճշմարիտ պետի մը կարեւոր արժանիքները։ Իր լրջութիւնը, համոզումին ծանրութիւնը, շարժումներուն ու կենցաղին պատկառանքը, պաշտպանուած իմացական ու արի շնորհներէ, անոր անձը կ՚ընեն կեդրոն մը, ո՛ւր որ ալ ըլլար ան։ Հետեւցէ՛ք իր կրօնական պարտականութեանց մեծ շրջաններուն, Արմաշէն մինչեւ Սիոն. ձեր գտնելիքը մէկ ու նոյն մարդն է։ Ես, պատանի մը Արմաշի մէջ, չափեցի անոր կարելիութիւնները։ Երբ Սրբոց Յակոբեանց տաճարին կամարին ներքեւ իր մահաբեմը ծանրաբեռն էր այնքան պսակներով, մա՛նաւանդ իր կորուստին ցաւին մէջ գլխակորոյս մարդոց լացովը, դժուարութիւն չունեցայ պառկողը հանելու իր դագաղէն, մտքովս, ու անոր երկու կանգուն հասակին վրայ, մանրանկարուած տեսնելու կէս դարը անոր, ուր անոր բոլոր կարելիութիւնները ունէին իրենց կնիքը, նշանը, ու իհենց աւարտը: Ան վարեց իր ժողովուրդը հաւատարիմ իր եկեղեցիին մեծ աւանդութիւններուն, արիութեամբը ճշմարիտ հովուապետին, այնքան դժուարագիւտ տեսակ մարդերու, մեր օրերուն մանաւանդ։ Զիջում չըրաւ ճնշումի, բռնութեան, ու զսպումին, ու խղճմտանքին ցուցմունքը սիրեց ունենալ իրեն գործունէութեան մեծագոյն զսպանակ։ Վարչական իր պաշտօնները բախեցան դժուարութեանց։ «Աղքատին տունը անպակաս է վէճը», ըսեր է մեր ժողովուրդը։ Ու տնանկ էինք. մարմնապէս ու հոգեպէս, պատերազմէն ու անկէ ալ վերջը։ Այդ հոգեբանական վիճակներուն թերեւս կը պարտի ան իր շուրջ ստեղծուած երբեմնակի զօրաւոր հակառակութիւնը։ Ան ենթարկուեցաւ ուժգին յարձակումներու։ Բայց յարգուեցաւ անխտիր բոլորէն։ Ո՛չ մէկ տեղ, ո՛չ մէկ ատեն խնդրոյ առարկայ չեղան ճշմարիտ հոգեւորականի անբասիր պարկեշտութիւնը, անշահախնդիր, ուղիղ կեցուածքը։ Ան գերեզման իջաւ միապաղաղ հիացման մը ծոցէն։

գ. Իր միջոցներով իրականացած են Դուրեան մատենադարանը (իբրեւ շէնք) եւ գրական մրցականը եւ Երուսաղէմի Աթոռին մէջ իր ուսուցչի շունչը մէջտեղ է դրած սերունդ մը, որ կը շարունակէ աւանդութիւնը 1890–ի ոգիին ու տուած իր աշակերտներուն՝ կենդանի օրինակը իր անձին։