Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. ՎԻՊԱՍԱՆԸ

Երուխանի մօտ վիպող տաղանդը կը ներկայանայ իր զոյգ կողմերով։ Ան ամենէն կատարեալ պատմողն է, երբ այս վերադիրը ուզենք տեսնել Անտոն Չեխովի, Մոփասանի անունին կապուած վիպելու մանր եղանակին։ Ան նոյն ատեն մեծաշունչ վիպասանի անժխտելի արժանիքն ալ ունի, եթէ ո՛չ հաւասար, գէթ մերձաւոր աստիճաններով։

 

Ճշդում մը։

Մեր մէջ քիչեր գիտեն, թէ վէպի այս երկու կերպերը անջատ կաղապարներ են։ Թէ մէկուն համար պահանջելի առաքինութիւնները առնուազն աւելորդ արժանիքներ կը դառնան, փոխադարձաբար։ Թէ ճշմարիտ պատմողը (conteur) միշտ մեծ արուեստագէտ մըն է, կարելի չափով զերծ երրորդական, չորրորդական կարողութիւններէ, որոնք վիպասանը կը պայմանաւորեն, յաճախ արուեստի օտար նկատողութիւններու ցանց մը պարտադրելով անոր տաղանդին։ Պատմումը, աւելի նախնական, աւելի բանաստեղծական, աւելի կենդանի, պարզ, արագ, շարժուն, փոփոխուն, հին դիւցազնավէպերուն արդիացած, արձակուած ձեւն է աւելի, քան թէ համառօտութիւն այն պրկագին, մանուածոտ, խոր լարուածքին, որով վիպասանը կը դնէ ինքզինքը իր աշխարհին դէմ։ Այս ամփոփ գիծերը մեր գրականութեան համար ալ կը մնան իրենց ուժին եւ իմաստին մէջ։ Վէպով սկսող Զօհրապը, առանց գիտնալու, պիտի դառնայ քիչ-քիչ դէպի նախնական կաղապարը իր տաղանդին, պատմումին։ Կրնանք առանց ճիգի մեր վէպը գրել, նոյնիսկ երբ գրագէտ մը չկայ մեր տողերուն ետին։ Բայց գրագէտը, արուեստագէտը անհրաժեշտ են, երբ կարգը կու գայ քանի մը էջի վրայ դրուագ մը սեւեռելու, որ պահէր շահեկանութիւն ու մեզ կապէր իրեն։ Վէպին համար ուսումնասիրութիւն, թէզ, բարքերու հաւաքածոյ, տիպարային մտահոգութիւն բաւական եւ բաւարար միջոցներ են։ Պատմումը միշտ կարօտ է ստեղծագործ շունչին։ Կեանքը ամէն օր ատոր փաստը կու տայ մեզի։ Մտիկ կ՚ընենք այս մէկը, իր ըսածներուն թեթեւութենէն, յիմարութենէն ալ անդին, երբ այդ մէկը իր շեշտը, կերպը, ինքնութիւնը, աւելի յաւակնոտ բառով մը՝ իր արուեստը ունի մեզի ըսելու այդ չնչին բաները։ Կը յօրանջենք այն միւսին դէմ, որ աշխարհի ամենէն ծանր բաները կ՚ըսէ մեզի, բայց ձեւով մը գիրք, գիտութիւն, առնուազն տափակութիւն կը հոտի։

Երուխանի վիպական գործը, ուրեմն, կը բաժնեմ երկու որոշ մասերու. ա) Պատմողը, ը) Վիպասանը։


* * *

Եթէ վէպը Երուխանի ստեղծագործութեան մէջ աւելի ուշ ժամանակներու զբաղում մըն է, պատմումի ձեւն է, որով ան մուտք պիտի ընէր մեր գրականութենէն ներս։ Իրմէ վերջին մեր գրութիւնը պատմուածք մըն է դարձեալ։ Այս իսկ փաստով, այդ գործունէութեան յատկանշական կողմը կ՚ըլլայ անիկա։

Ըսի քիչ վերը, թէ իր ձեռքով լոյս տեսած հատորիկը վեց-եօթը վիպակներու փունջ մըն էր Սահմանադրութեան տարին իսկ լոյս տեսած որ տասնհինգ ու աւելի տարիներու նիհար հունձք մըն էր։ Անոր հրատարակութենէն ետք տարեգիրքերու մէջ, հանդէսներու մէջ նոյն թիւը չանցնող ուրիշներ։ Ընդամէնը տաս–տասնհինգ կտոր։ «Կեանքին մէջ»ը, հակառակ ծաւալի, թեքնիքի, գործադրութեան կերպի նոյնութեան՝ իրապաշտ հանգանակով ընդհանրացած պատմուածքին հետ, կը զատուի կաղապարին իւրայատուկ կողմերով։ Անոնց արտահանումը պիտի նշանակէր գծել պատմողը գրագէտ Երուխանի մէջ։ 

Ահա՛ քանի մը ցուցմունքներ.

ա. Աշխարհը։ Չեմ բաղդատեր ասիկա իրապաշտներուն կողմէ շահագործուած աշխարհին հետ։ Նոյնութեան, աւելի ճիշդ նմանութեան եզրեր Հրանդի, մանաւանդ Բաշալեանի աշխարհներուն հետ չեն արտօներ, որպէսզի Երուխանի աշխարհը նկատեմ շարունակութիւն այդ մարդոց կողմէն նուաճուածին։ Երուխան պոլսեցի մըն է, բայց աւելի ճիշդ խասգիւղցի մը, այսինքն ձկնորսներու աշխարհի մը ծնունդը։ Ու ինչպէս Տիկին Եսայեան սկիւտարցի մըն է, Զօհրապ՝ բերացի մը, Երուխանն ալ իր պատմուածքներուն մէջ իր բոլոր շնորհները պիտի գործածէ այդ աշխարհի սեւեռումին։ Անշուշտ «Կաղանդչէք»ին տէրտէրը Բերան կը խորհրդանշէ, բայց այդ պատմուածքը բարքի սաթիր մըն է, քան թէ աղքատութեան, պարզութեան, ազնիւ, սրտին քերթուածը, ինչպէս են «Սիրենա»ն, «Մեռելներու ջրկիրը», «Ձուկին փոխարէն»ը, որոնց բոլորին տակը աղքատ մարդոց ընդարձակ հոգին կ՚ապրի։ Այսպէս սահմանուած, մարդկային գրեթէ որոշ դասակարգի ջրհանկիրներուն, ձկնորսներուն, փողոցի լակոտներուն սեպհականութիւնը կազմող նկարագեղ, կոյս, քիչ ուսումնասիրուած, քիչ ծանօթ շրջանակ մըն է այդ աշխարհը Պոլիսէն, թէ՛ իր արտաքին յարդարանքին, թէ՛ ներքին նկարագիրներուն մէջ։ Դիտելի է, որ անոնց ոտքին համար յօրինուած սա գետինը ախոր Ժանքով ընտրուած ըլլայ Խասգիւղէն («Ամիրային աղջիկը» վէպն ալ այդ վայրը ունի թատերաբեմ), կարճ, ջղուտ գիծեր միայն, որոնք նկարչական հոգեր չմատնեն եւ չիջեցնեն այնքան մաշած նկարները ռոմանթիք եւ իրապաշտ paysage–ին։ Ծով մը, իբր նախատարր, ուր կը լողայ կեանքը իր հերոսներուն մեծ մասին, իբրեւ հացի տաշտ, աշխատանքի արտ, երբեք ներկի տուփ, փրփուրի մանեակ կամ Սիպիլեան շպարին դեղակառոյց պատրուակ։ Պոլիս մը, որոշ տեղական գոյնով մը, առանց հնագիտական տագնապի, առանց զբօսաշրջիկի քոտաքին, ինչպէս առանց տարաշխարհիկ արեւելամոլութեան [1], որ Տիկին Եսայեանի պատմումը կը ծանրաբեռնէ։ Արտաքին այս կարկառէն դուրս, Երուխանի վիպակները, իբրեւ բարքերու յատակ, իբրեւ ժողովրդական ապրումներու բեմ, կը մնան բացառիկ յաջողուածքներ արեւմտահայ գրականութեան։

բ. Տիպարները։ Գրեթէ բացառաբար խոնարհներ: Ըսի, թէ անոնք չէին նմաներ իրապաշտ հանգանակով նուաճուած մարդոց։ «Սիւզէնիի վարպետը»ին . Բադալեան) եւ «Մեռելներու ջրկիրը»ին (Երուխան) մէջ տրուած կիներուն խոնարհութիւնը առանձին իրականութիւն մըն է։ Անշուշտ երկուքն ալ կը բխին նոյն յատակէն։ Բայց Լեւոն Բաշալեանի համար, աշխատող կիներու այդ շրջանակը կ՚արժէ գնովը առաքինութեանց ա՛յն հանդէսին, ուր աղքատութիւն, համեստութիւն, պատուախնդրութիւն, հացին տրաման, քիչիկ մը սեռ, քիչիկ մը գրական շպար (այնքան խնամուած սակայն, որ դառնայ բնականի մաս), կարճ՝ համբաւաւոր կեանքի շերտը (tranche de vie) իրապաշտներուն ըլլային երջանիկ համադրում մը։ Կ՚ենթադրեմ, թէ այս յաւակնութիւններէն անդին՝ քիչ բան է հետապնդած իրապաշտ խմբագիրը։ Երուխան իր պատկերներուն առջեւ չունի կանխամտածուած նպատակներ։ Չի գրեր բան մը, դրութիւն մը, վարդապետութիւն մը ապացուցանելու թաքուն մտածութեամբ։ Իր մարդերը կու տայ գրեթէ այնպէս, ինչպէս գտած է զանոնք փողոցներէն կամ հիւղակներէն։ Անոր ուզածը այդ տրուածին հարազատութիւնն է միայն։ Այս է պատճառը, որ իր տիպարները ըլլան իրական, բայց աւելի քան իրական: Վտանգը՝ անխուսափելի, վասնզի իրապաշտութեան հետ կապուած լուսանկարչութեան մէջ իյնալու վախը ամէն վայրկեան կը հալածէ մեզ։ Յետոյ փողոցէն, մաքսատունէն, շուկայէն վերցուած այդ մարդոց հոգին, շատ նախնական, շատ բուռն, շատ միօրինակ, միակաղապար, կարօտ է բարձր արուեստի մը պաշտ պանութեան։ Նորավէպի մը 8–10 էջը (Երուխան աւելի ժլատ է այս գետնին վրայ) անբաւական միջոց մըն է այդ հոգիներու խորը կարելի սիրոյ մը (ազնուութեան, զոհողութեան, հերոսութեան, որոնք անհրաժեշտ են խակ նիւթը ոգեղինելու) աճման, զարգացման առաջնորդելու։ Եւ որովհետեւ մարդ զուր տեղը իրապաշտ չի ծնիլ, ստիպուած պիտի ըլլանք մեզի տրամադրուած այդ էջերուն գրեթէ կէսը սպառելու արտաքին յարդարանքին, նկարագրութեան։ Հոգեկան տրամին համար մեզի մնացածը՝ անուանական քանի մը էջ։ Կը հասկցուի, թէ ինչո՛ւ այդ տիպարները պիտի վերածուին շատ շուտ ժամանակի մը մէջ թանգարանեան արժէքներու, այսինքն՝ պիտի մնան իբր մանրանկար, բայց ո՛չ կեանքի հանդէս։ Տակաւին՝ պէտք է ծանրանալ միւս ալ անպատեհութեան պակաս–ծնունդները վիրաւորող ճակատագրական թերութեան, որ տիպարը զերծ կ՚ընէ մարդկային հասողութենէն ու որով՝ անոր դժբախտութիւնը կը վերած է մեղմ է անկախ ցոյցի մը։ Ու մենք հրաշք չենք սիրեր, եթէ գեղեցիկ չէ անիկա: Երուխանի տիպարները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ լուսանցային էակներ են, ինչպէս եղած էր ինքը։ Ու մենք շատ ուշ պիտի մտածենք հետաքրքրուիլ տրամներովը մարդոց, որոնց համար մեր քաղաքակրթութիւնը որոշադրող հարցեր գրեթէ գոյութիւն չունին։ Որոնք տակաւին չազատագրուած ուժերն են բնութեան ու որով՝ դուրս մարդոց մեծ տագնապներուն պարունակէն։ Պակաս–ծնունդներու պարագան ուրիշ կողմքով մըն ալ պայմանաւոր է, երբեմն չի հասնիր մեզ շահագրգռելու։ Ատիկա սարքերու այն շրջանակն է, ուր կանչուած են անոնք ապրելու։ Ու պոլսեցին, գիւղացին կ՚ուտեն ձուկը, քարիտէզը, առանց հարցնելու, թէ ուրկէ՛ կը բերուին անոնք։ Անգամ մը յիշուած Մաքսիմ Կորքին այդ մարդոցմէն մեզ գիրք մը հանելու համար ահագին աշխարհ մը ունէր իրեն նպաստող։ «Դատարկապորտները» ձկնորսներ չեն միայն, այլ անհուն Ռուսաստանի ընդերքներուն մէջ կկոցի պէս ման եկող խլուրդներ, որոնք կը փռուին ամէն բարքերու (ձեզի կը ձգեմ այդ հարիւրաւոր միլիոննոց զանգուածին հոգեկան աշխարհը մտապատկերել, հասկնալու, թէ ի՛նչ մեծ հարստութեան մը վրայ պիտի աշխատի միտքը ռուս վիպասանին)։ Նման իրողութիւն մը չի պաշտպաներ Երուխանի մարդերը։ Մօտ կէս դար անցած է այդ մարդոց վրայէն։ Անոնց առաքինութիւնները, շատ մասնակի, թէեւ խոր, մաշած են ժամանակի փոշիին տակ։ Անոնց յիմարութիւնները արդէն կը նեղէին մեզ, երբ մօտ էին մեզի, քանի որ մեր տրամներու առատութիւնը ինքնին մեզ կընէր անտրամադիր լուսանցայիններով զբաղելու։ Արուեստը չէ միջամտած այդ մարդերը նորակերտելու սրբազան

գ. Բարքերը, որոնց լիակատար ծանօթագրումը Երուխան պիտի փորձէր «Ամիրային աղջիկը» մեծ վէպին մէջ, ուր իր սիրական խոնարհները կու տան դարձեալ անձերուն կէսը, բարքերու երեք չորրորդը։ Նորավէպերու մէջ ամենէն շահեկան մասը դարձեալ կու գայ անոնցմէ։ Երուխան չունի համբերատար ոգի իր տիպարները հետապնդելու բարքերու հարազատ, մանրակրկիտ ցուցահանդէսի մը մէջէն։ Ո՛չ ալ սարք ըսուած բանին ճշգրիտ հասկացողութիւնը։ Դուք մի՛ տարուիք իր տարազէն, որ իր պատմուածքներուն ենթատիտղոս կը ծառայէր, երբ անոնք կ՚երեւային առաջին անգամ։ «Ժողովրդական բարքեր»ը զարդ մըն է այդ կտորներուն, քան թէ իրական մտահոգութեան մը փաստը։ Լ. Բաշալեան, բարքի ամենէն վարպետ նկարիչը, այդ խաւերէն մէկ էջի վրայ պիտի դնէ աշխարհ մը բան. այսինքն հաստատ բարիքի շերտեր։ Կարդացէ՛ք իր «Աղաւնիները» պատմուածքին մուտքը։ Ո՛չ միայն մարդերը կը սեւեռուին, այլ անոնց խորհրդանշած բարքերն ալ կը կապուին անջինջ կերպով այդ քսան–երեսուն տողնոց տախտակին վրայ։ Նման յիշողութիւն մը դժուար է հաստատել ամէն երկարաշունչ պատմուածքներուն՝ «Ձուկին փոխարէն» կամ «Սիրենա», մէկը անոր երիտասարդութեան շրջանէն, միւսը մահուընէն տարի մը առաջ գրուած։ Անշուշտ լեզու, մանաւանդ բարբառ մեծ պատրանքի պատճառ են։ Բայց ո՛չ ուղիղ ճամբայ՝ ժողովուրդի խաւէ մը վճռական նկարներ առնելու։ Ոչ իսկ կանոնաւոր հիւղակ մը, ձկնորսի բոյն մը, լուացարար կնոջ մը խշտին, որոնք իբրեւ տեղ բան մը ըսելէն անդին կ՚անցնին, երբ կը տրուին բարքի զգայարանքով օժտուած մարդու մը կողմէն։ Կը ղրկեմ ընթերցողը Լ. Բաշալեանի «Նոր զգեստը» պատմուածքին, ուր ընտանիքի մը արտաքին յարդարանքին չափ հոգեկան յատակն ալ կը նուաճուի վճռական յաջողութեամբ։ Գինովութիւնը բարք մը չէ, թէեւ կը թուի։ Ո՛չ ալ ջրհանկիրութիւնը։ Ո՛չ ալ ձկնորսութիւնը։ Եւ ո՛չ տէրտէրութիւնը կամ շրջիկ վաճառորդութիւնը։ Եւ որովհետեւ քսան եւ աւելի տարիներու վրայ Երուխանի աշխարհը քիչ է փոխուած, սպասելի էր, որ քովէ քով դրուած այդ պատկերները վերածուէին գոնէ մասնակի համադրական ցուցմունքներու։ Մենք կշտանայինք այսպէս պեղուած աշխարհի մը դիմաց։ Շատ աւելի ընդարձակ դասակարգի մը դիմաց, որպիսին է ապահովաբար Պոլիսի կիներու կարաւանը, Զօհրապ պիտի թելադրէ այդ տպաւորութիւնը։ Իր նորավէպերէն մեր մտքին մէջ կը շինուի պատկեր մը, որ ընդհանուր գիծերը կը պարզէ։ Այս գոհացումը չի տրուիր մեզի Երուխանի վիպակով։ Ու կը հարցնեմ . ինչո՞ւ գրուած է «Ձուկին փոխարէն»ը, այդ առոյգ, համեղ, արու պատմուածքը, ուր փողոցը կայ, պոլսուհին կայ իր անխուսափելի սիրականով, նամականիով ու բանբեր լակոտով, որ գռիհներու ծնունդն է, չար, համակրելի, աչքը բաց, ու կը ներէ իրեն՝ բարձր օրիորդի մը ճիտէն պաչիկ մը գին կտրել ատոր մէկ նամակը իր հասցէին տանելու, եւ վռնտուելէն տարիներ վերջը ձկնորսը իր խանութին մէջ կախարդի մը պատուէրը գործադրելու տագնապով, իրմէ ձուկ մը ուզող երիտասարդ կնոջ մը առջեւ կը բանայ նոյն այդ նամակը եւ ձուկին գինը կը կրկնէ «ճիտէն պաչիկով» մը։ Այս փոքր պատմութիւնը Երուխանի վիպակներուն ամենէն հարուստն է իբր բարքի խտութիւն, բայց չի դադրիր անբաւարար ըլլալէ։ Ու նման տպաւորութեամբ մը կը զատուինք իր բոլոր պատկերներէն։ «Գինովին վարձքը» խման ձկնորսի մը պատմութիւնն է, բայց դժուար չէ ո՛չ ինքը Մերկելը, ո՛չ ալ բարք՝ ինչ որ կը դիտուի այդ գինովին շուրջը։ Փողոցի վաճառորդ մը, քարիտէզճին, առոյգ, լաւ campé մարդու մը կմախքով. բայց չես գիտեր, թէ ի՛նչ բարքերու արտայայտութիւնն է ան։ Ու իր բազմահարիւր էջերուն մէջ («Ամիրային աղջիկը») ան դարձեալ հեռու պիտի մնայ բարքերու բացարձակ այն յաղթահարումէն, որով գիրք մը, արուեստի հասած է կամ ոչ, իր գոյութիւնը կ՚արդարացնէ։ Կու տամ անունը «Սօս եւ Վարդիթեր»ին . Պռօշեանց), ուր վիպական վրիպանքը այնքան պայծառ, կ՚անցնի աննշմար՝ շատ աւելի պայծառ ուրիշ բարիքով մը, բարքերու, այն խղճամիտ, արդար, անփոխարինելի նպաստով, զոր այդ գիրքը բերած է հայ մշակոյթին։ «Ոսկի աքաղաղը» (Րաֆֆի), գիրք՝ ուր արուեստի յաղթանակը այլապէս կը գեղեցկանայ, վիպական գործողութեան մը հետ, երբ արուեստագէտը յառաջ կը տանի իր երկրորդ ալ առաքելութիւնը, բարքերու անփոխարինելի քանդակներ յանձնելու միշտ ազգային մշակոյթին։ Այս անունները կը լուսաւորեն արուեստին ու բարքերուն յարաբերութեանց կշիռը։ Երուխան չի կրնար նման երախտագիտութեան մը հարկադրել մեզ, նոյնիսկ իր մեծ վէպով, որով պիտի զբաղիմ քիչ վերջը։

դ. Տեղական գոյն, որմէ այնքան զուրկ եղաւ այս ժողովուրդին պաշտօնական գրականութիւնը, Ե. էն մինչեւ ԺԹ. դարը, ժողովրդականին այնքան հարստութեան փաստն իսկ անկշիռ իրողութեան վերածելու աստիճան։ Արեւելահայ ճիգը աւելի քան արդիւնաւէտ, ո՛չ միայն իր անդրադարձը չունեցաւ Վոսփորի գեղածիծաղ ափերուն վրայ, այլ չկրցաւ բեղմնաւորել հայրենախնամ գրողներու փաղանգին ալ վաստակը։ Կ՚ակնարկեմ Խրիմեան-Սրուանձտեանց-Հրանդ-Թլկատինցի-Զարդարեան անուններով մեր մտքին մէջ մարմին դարձող արուեստի էջերուն, բոլորն ալ վիրաւոր՝ գոյնի հարցէն։ Արեւմտեան զգայնութեան գոյնը (տեղական գոյնը ուրիշ բան չէ) շատ թերի ձեւով մը միայն կը հաստատենք սա մարդոց գործերուն մէջ։ Պոլսէն, այդ իրողութիւնը չէ իսկ կասկածուած ռոմանթիքներէն, որոնց ժառանգութիւնը մեր հաւաքական հարստութեան կը տառապի ամենէն աւելի այս պակասով։ Իրապաշտները իրենց անձերը աւելի կենդանի, աւելի իրական դարձնելու իրենց փառասիրութեան մէջ պիտի ենթարկուէին հակադիր ծայրայեղութեան։ Անոնց այս հաւատքին դաւանումն է նկարագրամոլութիւնը, մեր արուեստագէտ սերունդին մօտ այնքան կարգ վայելած։ Երուխան, որուն տաղանդին կազմաւորումը, ըսի ատիկա, կը զուգադիպի իրապաշտութեան ոսկեդարին, հետաքրքրական է հարցին հանդէպ իր կեցուածքով, որքան արդիւնքին մէջ իր վրիպանքով։ Իրեն համար այդ հարցը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ածականներու չարաղէտ շահագործումը, մանր, խոշոր, սուտ կամ իրաւ։ Ֆիզիքական բարիքներու համար այս զեղծանումը կ՚ըլլայ կատարեալ աղէտ մը, երբ երեք էջնոց պատկերի մը վրայ («Քարիտէզ») մէկ ու կէս էջը ան պիտի գործածէ զգեստ, դէմք, կեցուածք նկարագրելու։ Ալ ձեզի կը ձգեմ սեղմել, մնացեալին վրայ ինչ որ այդ պատկերը կանչած էր կեանքի տիպարային նկարագիր, տրամա, ասոր զարգացումը, միջավայր, կեանք ըսուած ընդհանուր իմաստը եւայլն։ Ու ասիկա եղերօրէն ճիշդ է գրեթե բոլոր պատմուածքներուն համար։ Մարդ մը, ջրհանկիր, ձկնորս, շուտիկ, առնել կեցնել մեր դէմ ու խնամքով յօրինել զայն իբրեւ դէմք (ա՛լ կրնաք երեւակայել, թէ ի՛նչ թացիկ շնորհներու հանդէս մը պիտի ըլլայ մեր տարիքը, երբ աղջիկ մըն է այդ դէմքին տէրը), իբրեւ զգեստ, իբրեւ կացութեան մը մէջ դիմակ։ Ու գուրգուրանքով, սրտանց, յամեցուն, արբշիռ՝ ծաւալել մեր մէջ, մեր շուրջը։ Պալզաքի գործին մէջ այսօր չէ՞ որ մեռեալ մաս մըն է այդ ոգիին արդիւնք նկարագրական սա կարողութիւնը։ 1890–ի մարդերը ծանօթ էին ատոր մեր մէջ։ Նկարագրելու հիւանդութիւնը այդ օրերուն ուրիշ կերպարանք մըն ալ ունի գեղեցիկ բառերու հանդէս է ատիկա, Չօպանեան-Սիպիլ ակօսով։ Երուխան արձակ քերթուած չէ ստորագրած անշուշտ, թերեւս ամչնալուն։ Բայց մատուցած է իր դարպասը սարսափելի դշխոյին, մարդերու յօրինումին մէջ գտնել կարծելով առիթը զիջումին, անշուշտ բառերուն տեսակին մէջ յատկանշական փոփոխումով։ Երուխան հեշտանքը ունի ամուր, հաստ, հնչեղ (ինք պիտի չվարանէր գրել պարտապանաց) վերադիրները, որոնք ուժի, աչքի, թափանցի գրաւականներ էին այդ օրերուն։ Սիպիլ պիտի չտառապի, որ իր վէպին («Աղջկան մը սիրտը») կէսը բառական, հետեւաբար շինծու բանաստեղծութեան մը կը վերածուի, այնքան անտեղի կերպով ծանրաբեռնուած՝ իր Բաբուլիին վրայ։ Երուխան չի կասկածիր, թէ ածականներու այդ առատութիւնը չի կրնար իր մարդերը ընել աւելի իրաւ, հարազատ։ Այդ առատութիւնը պիտի խեղդէ զանոնք, արգիլելէ ետք անոնց շարժումները, պիտի մթագնէ բարքերու շերտերը (tranche) ու կտորը պիտի վերածէ անբաւական հանդէսի մը։

 

Այսօր, վերընթերցումը Երուխանի պատմուածքներուն դառնօրէն կը տպաւորէ մեր ժուժկալութիւնը, ներքին շարժականութեան մեր կարօտը անգամ մըն ալ կը մեծցնէ, երբ տողերը կ՚աւելնան տողերուն ո՛չ իբր գործողութիւն, այլ երանգ, նրբերանգ, կիսերանգներ եւ այլն։ Երուխան, նամակներու սա աղէտէն զատ, ենթակայ է ուրիշ ալ աղէտի մը։ Ան համոզուած է, որ տեղական գոյնի հարցը լուծելի է նաեւ բարբառային նպաստով։ Իր մարդերը կը խօսին իրենց միջավայրի լեզուն եւ որով կու տան գոյնը այդ վայրերուն։ Կրնայ ըլլալ։ Կը մենախօսեն, շատ աւելի հարազատութեամբ պատկերելով իրենց ներքին ալ միջավայրը։ Բայց պետք է դիտել տալ, որ այս ձեւով հայթայթուած տեղական գոյնը պատրանք մըն է, քան արուեստի յաղթանակ մը։ Ո՞վ է այն մարդը, որ դժուարութիւն պիտի չզգայ իր շրջանակին argot–ն թուղթի կապելու, երբ սորված է հայերէն գիրի գործածել բառերու կազմութեան ու բառեր ալ գիտէ գործածել ֆրազներ շինելու։ Չունի՞նք այս դժբախտութեան աւելի քան փաստը։ Երգիծական մեր գրականութիւնը, անտաղանդ մարդոց, ուրիշովը, ուրիշ բա՞ն ըրաւ արդեօք։ Ժողովրդական ասումի ընդօրինակողներ, պիտի խնայեմ անուններու գարշանքը սա էջերուն վրայ, չեղա՞ն ամենէն շատ կարդացուողները։ Ու մեր մէջ չէ՞ որ երգիծական հանդէսներ տեւեցին քառորդ դար ու նոյնիսկ աւելի, առանց որ անոնք տաղանդի ամենափոքր փշրանքէ մը պաշտպանուած ըլլային եւ տարած

Երբ մեր թատրոնը տասը կտոր լուրջ խաղ չունի իր կիսադարեան գոյութիւնը արդարացնող, լեգէոն են այն խաղերը, որոնք թրքախառն բարբառով մը անմահ ոգեւորութիւն ստեղծած են ու լեցուցած միշտ մեր պարապ սրահները։ Տարիներով, Պոլսոյ հայեվարը սնունդը տուաւ պոլսական երգիծաթերթերու, անուն չեմ տար, ու աւելի տխուրը՝ երեւցաւ մեր գաղթային թափառումներուն։ Փարիզ չկրցաւ գրական հանդէս մը ապրեցնել, բայց ապրեցուց երգիծաթերթ մը։ Նոյնը Եգիպտոսի համար։ Միքայէլ Կիւրճեան, վիպողի իր որոշ տաղանդին համար նախապայման նկատեց այդ truc–ը։ Աւելի վերջը, Ե. Օտեանի հետ ան պիտի չխղճահարէր նուիրագործել աւանդութիւնը ու գրել «Չարշըլը Արթին Աղա»ն, որուն կատակերգակ մթնոլորտը, արժանիքները չէ որ կ՚ուրանամ, այլ կատակերգականին հասնելու համար՝ բարբառային զեղծանումը։ Յանուն տեղական գոյնի սա զառածումը, զիջումը Երուխան սկսած է բոլորէն առաջ։ Անոր անձերուն բերնէն կը թռչին յատկանշական ասութիւններ, որոնք վիճակներ են նոյն ատեն։ Բայց թրքերէն չէ հայոց լեզուն է։ Ու այս անպատեհութիւնը ստորագնահատելը` չեմ ներեր ո՛չ Օտեանին (որ զեղծումը պիտի ընէր թրքերէնի ինչպէս ֆրանսերէնի վրայ, «Փանջունի»ին հեգնութիւնը հանել երբ զիջանէր բառերէն), ո՛չ Մ. Կիւրճեանին, ո՛չ Երուխանին։ Տեղական գոյնը, այս հանգանակներու ու պայմաններու մէջ գործադրուած, չի պատկանիր արուեստին։ Այս վերապահութիւնը կը տարածուի մինչեւ մեր օրերը։ Փարիզի մեր տղաքը, հիմա, իրենց գերիրապաշտ յօրինումներուն մէջ, չեն քաշուիր այդ բարբառային նօսրամտութիւնը օգտագործել ու գրել թրքերէն, այսինքն կարդացուելու մեղապարտ հաճոյքը պաճուճել արուեստի, spontaneité–ի, բնականութեան ծաղիկներով ու յանուն տեղական գոյնի, թրքերէն շարքիներ ընդունիլ լուրջ պատմումի մը

ե. Կառուցում։ Երուխանի վիպակները, իբր յօրինում, կը պարզեն երկու գլխաւոր հանգամանքներ։ Ատոնցմէ մին է իրապաշտներէն նախասիրուած կառոյցը, ուր քիչ բան կը պատահի, մարդերը կը քալեն, աղօտ հոգիներով ու հանդարտ լրջութեամբ, դէպի սովորականէն քիչ վեր ճակատագիրը, կեանքին միջինէն յարդարուած մեր բոլորին: Պահեր, երբեմն մոմենտներ, որոնք իրենց կը գրաւեն ընթերցողը։ Կէսը ու աւելին Երուխանի պատկերներուն զետեղելի են այս եղանակին ներքեւ։ Ատոր նմոյշ՝ «Քարիտէզ»ը։ Երկրորդ կերպը՝ գործողութեան մը իրադարձութիւնները, իրենց դասական ագոյցով, յառաջատու եւ ընկրկող թեքնիք, հասնելու համար լաւ առասանուած վերջին տեսարանի մը։ Նմոյշ՝ «Ձուկին փոխարէն»ը։ Բայց երկու կերպերու մէջ ալ, վիպողը կը տառապի անբուժելի իր անբաւականութեամբը։ Չեմ ըսեր, թէ ան մշտապէս պիտի մնայ զուրկ յուզելու, խանդավառելու շնորհներէն, որոնք շարադրութիւնը զատեն գրականութենէն։ Բայց այդ շնորհներուն ազդեցութիւնը պիտի չտարուի իրենց իրաւացի արդիւնքներուն։ Տեղ մը նկարագրական յամեցումը պիտի տկարացնէ սկսող յոյզը. ուրիշ տեղ մը եղելութեանց դասաւորումը պիտի վրդովէ քեզ, երբ չես հասկնար արարքները, քանի որ անոնց զսպանակները կը մնան մութին մէջ ու կը նպաստեն ասով լուծումին առեղծուածային ձեւին։ Երբեմն աւելորդ շեղումներ, ցանկայարոյց պատկերներ, երբեմն աղտոտ բաներու վրայ տեղքայլ մը։ Ոչ մէկ տեղ, թերեւս բացի «Ձուկին փոխարէն»էն, գործողութիւն մը կը վարուի ամուր, փորձ, ճկուն մատներով, իր ընթացքը ազատ ընելով իր իսկ ճնշումով ու բռնանալով մեր վրայ։ Ատիկա բացարձակ է բոլոր պատկերներուն համար։ Ու ասիկա դասական պակասն ալ չէ արագութեան։ Տարօրէն ամուր է զգայնութիւնը շարադրութեան ընթերցումին [2], փոխարէն՝ խնդրական, արուեստի էջի մը հետ ըլլալու տպաւորութիւն մը։

Այս նկատումներուն ընդմէջէն, կառուցման հարցը կը վերածուի ստացական վրիպանքի մը։

Բայց ահա քանի մը ցուցմունքները, որոնք նոյն ատեն Երուխանի մէջ արուեստագէտին վրայ կը նետեն որոշ լոյս մը։ Պատմուածքը՝ իրմով չէ շահած իր դիմայեղումներէն որոշ մէկը, ինչպէս կը հաստատենք, թէ շահած է Զօհրապով, Հրանդով, Բաշալեանով։ Ու ասիկա՝ հակառակ այն մեծ փաստին, որ աշխարհ, տիպարներ, բարքեր, նոյնիսկ լեզու կարելի հեշտութեամբ մը իրարու նման կ՚ընեն իր կառուցումները։ Ինք խոնարհներու ուսումնասիրութեան մէջ մասնագիտացած մը (spécialisé), եթէ ներելի է այսպէս պիտակել իր գործը, չհասաւ այդ աշխարհին ո՛չ պարագրկումին, ո՛չ ալ անոր խորը ապրող հզօր խռովքներուն, գեղեցկութեանց վերծանումին։ Չենք կրնար առանց նեղուելու աւարտել մեծ մասը այդ վիպակներուն, յայտնի, թէ ի՛նչ մեղքերու երեսէն: Իր ոճին դերը, որքան իր անբաւարարութիւնը, իր արուեստին զգայարանքը, որքան իր լեզուն, իր նայուածքին թեթեւութիւնը, որքան թերեւս դպրոցական (գրական վարդապետութեանց կ՚ակնարկեմ) փառասիրութիւններ կրնանք ոգեկոչել այս արդիւնքը դատելու ատեն։ Ու հարկադրուած ենք իր պատմուածքներուն վրիպանքը նետել դարձեալ իր խառնուածքին։


* * *

Երբ կը մտնենք իր վէպին մէջ, հալածուած իր պատմուածքներուն վրիպանքովը, մեր վախը վայրկեան մը կը փարատի։

«Ամիրային աղջիկը» տպաւորիչ լայնութեան մը պատկերը կը բանայ մեր առջեւ։

Տեղը չունիմ զայն վերլուծելու դասական ճամբով։ Անիկա պատմութիւն մըն է, գետինի մը վրայ, երկու տարբեր զգայնութեանց հակադրումովը՝ իր ընթացքը առնող։ Ամիրաներու շառաւիղէն կին մը։ Իր տղան, որ պիտի ուսանի համբաւաւոր արեւելահայ խաբեբայի մը շառլաթանութիւններուն մէջ, պիտի մտնէ բժշկական վարժարան, զոր աւարտելու չափ կորով պիտի չգտնէ իր արիւնին մէջ։ Ատիկա մէկ երեսը այդ զգայնութեան։ Այս յատակին վրայ ուրիշ բարեխառնութեան մը պատկանող ֆաունա մը, ինչպէս պիտի ըսէին արեւելահայերը. գործակատար մը, որուն պաշտօնն է խաբել. իր երկու աղջիկները, որոնք բաւական ուժ ունին մեր մտքին մէջ դիմանալու, առանց որ գիրքին վրայ տեղ մը մարմին դառնային, գործողութեան խառնուէին։ Լուացարար կին մը, անշուշտ ձկնորս ամուսինով։ Ասոր գեղանի աղջիկը։ Ուրիշ ձկնորս ընտանիք մը, երկու) մանչերով։ Երկու ընտանիքները պատկից դրացիներ են։ Առաջինին աղջիկը, երկրորդին պզտիկ մանչը իրարու հետ կը մեծնան, Պօղ եւ Վերգինեան պայմանները յիշեցնող հանգամանքներու մէջ։ Ահա՛ գլխաւոր դերակատարները տրամին։ Անուղղակի բաժիններ ունին հոն Կոստանդեանց մը, արեւելահայ գանկաբան–ուսուցիչ–խաբեբայ մը, Փարիզէն ցնծուհի մը, թաղական խորհուրդի անմոռանալի գանձապահ մը, Մերկերեան, գաւառացի Խաչօ մը։ Ու ձկնորսներ։ Խասգիւղը, իբր հաւաքական անձնաւորութեան։

Մարդերու այս խումբը կանչուած է պատկերելու սա շատ հասարակ, թէեւ դժուար տրաման։ Ամիրային այս թոռը, որուն անունն է Արշակ, պիտի գլխէ հանէ լուացարար կնոջ աղջիկը, որուն անունն է Սօֆի։ Այս մայր գործողութիւնը պիտի ծանրաբեռնուի դրկից մանչուն, սրուն անունն է Համբիկ, սիրահարութեամբ այդ Սօֆիին, իր այն օրերուն շատ ընթացիկ, սովորական հետեւանքով՝ խելագարութեամբ։

Ահա՛ իր մեծ գիծերուն մէջ այս վէպին կմախքը։

Վէպը երբ լոյս կը տեսնէր, մեր իրապաշտութիւնը, գէթ անոր՝ կեղծ կազմակերպուած, մարտական, յարձակողական կողմը կը պատկանէր պատմութեան։ Տասնի մօտ տարիներ կը բաժնեն «Հայրենիք»ի օրերը Վառնայի տխուր, նսեմ գերութենէն։ Եւ սակայն մեր` իրապաշտութիւնը չէ ձգած մեզի գործ մը, որ այս հարազատութեամբ, կատարելութեամբ մարմնացուցած ըլլար իր վրայ դպրոցին քանի մը կարկառուն նկարագիրները։ Այս տեսակէտէն դիտուած, «Ամիրային աղջիկը» գագաթն է իրապաշտ վէպին։ Ու իբր այդ՝ արժանի լայն հետաքրքրութեան։

Երբ կ՚աւարտէք անոր ընթերցումը, ձեր մէջ կը յառնեն հակասական շատ մը մտածումներ։ Հզօր ցաւ մը՝ նախ, թէ ձեր սպասումը հարազատ գլուխ–գործոց մը ողջունելու անոր մէջ, էջերուն վերեւ՝ միշտ առկախ, բայց միշտ ալ խոյս տուող, կը մարի տրտում փաստովը վրիպանքին։ Այնքան մօտիկէն սա շփումը արուեստի կատարելութեան ու անոր ցնդիլը հասկնալի է ընեն այսօր այն անգիտակից՝ դատաստանը, որով զարնուեցաւ վէպը երբ լոյս կը տեսնէր [3] ։ Հոս ալ, ինչպէս պատմուածքներուն մէջ, լուսանցային հոգեբանութիւնը տիրական է դժբախտաբար։ Կը զգաս որ ամիրայի այդ աղջկան նկարագիրը իրերահաշտ տարրեր չի ներկայացներ ոչ թէ հոգեկան բազմազանութեան մեծ օրենքով, այլ այն անգիտութեան պատճառով, ուր մնացած է հեղինակը, երբ իր տիպարը կը յօրինէ։ Պարկեշտ, համբերատար, խղճամիտ աշխատանք մը, պայմաններու շատ մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւն մը, անձնական խորունկ պրպտում, շփում, լուսաւորում անհրաժեշտ էին, նուաճելու համար կիսադարեան հեռացմամբ մը աղօտացած կեանք մը, որպիսին էր ամիրայութիւնը 1900–ին։ Երուխանի համար գրելը ոչ անլուրջ բան է անշուշտ։ Ան գէթ իր կարողութիւնը ունի այն մեղաւոր անտարբերութեան դէմ, որով կը վարձատրուին մտքի գործերը մեր մէջ։ Բայց նոյն ատեն ան հեռու է իր գործին կլանուած արուեստագէտի մը հոգեկան խանդէն։ Քովնտի զբաղում մըն է, իրեն համար, գրիչ բռնելը, ինչպէս է դժբախտաբար պարագան ընդհանրապէս մեր բոլոր գրողներուն։

Այս նկատողութիւններէն յետոյ, քիչ մը մանրամասնութիւն դիրքով ստեղծուած կարեւոր հարցերու շուրջը։

Ա. Գիրքով փրկուածը: 1940–ին, մեր միջին ընթերցողը, երբ իր թերթերով ու հանդէսներով իրեն մատուցուած միջակ սնունդը կը մարսէ, հազիւ թէ կը մտահոգուի այդ պատմումներուն (վէպին ու վիպակին կ՚ակնարկեմ) վրիպանքովը, որ յստակ ալ չէ իրեն համար, եւ քանի որ պատմումին փայլը, նորութիւնը, ջնարակը բաւ են պատրելու իր ճաշակը, ու չի կասկածիր, թէ ի՛նչ շքեղ, իրաւ, խորունկ ապրումներու հանդէս մը եղած է այս ժողովուրդին կեանքը, նոյնիսկ քառորդ դար մը առաջ։ Բայց ան մտքին անկիւնէն պիտի չանցընէ այն միւս փաստը, թէ այդ կեանքը, որքան աւելի հոծութեամբ խռովք, գեղեցկութիւն, յուզում էր դարն ի վար, չըսելու համար դարերն ի վար։ 1880–ը հազիւ կայ մեր վէպին մէջ։ 1850–ը արձագանգ։ Անկէ վար՝ լռութիւն։ Այս ահաւոր պատկերին առջեւ, հիմական որսորդութեանց, ճամբորդութեանց պատմութիւնները, փարիզեան պոռնկագրութիւնները, ընկերաբանական խծուծները ինչի կը թուին տրտում հեգնութիւն, որքան թշուառ անհասկացողութիւն։ Մեր կեանքը չէ նուաճուած մեր արուեստով։ «Ամիրային աղջիկը» այս ցաւին դէմ լայն սփոփանք մըն է։ Անով անհետացած սերունդ մը չի փրկուիր անշուշտ։ Ամիրայութիւնը Երուխանի օրերուն արձագանգ մըն էր։ Բայց փրկուած է դասակարգ մը, որ որքան ալ խոնարհ, ընդունարանն էր այս ժողովուրդին [4] ամենէն սրտաշարժ, ամուր առաքինութիւններէն մէկ քանիներուն։ Այս զգացումն է ահա, որ կը միջամտէ իմ դատումիս, մեր երկու գրականութիւններուն կարելի տկարութիւնները, անբաւարարութիւնը, խօթութիւնները երբ կը տարուիմ մեղմելու։ Այս զգացումով է, որ «Ամիրային աղջիկը» կը նկատեմ մեծ յաջողուածք մը, գործադրուած՝ այդ ժողովուրդին թափառայած, մղձաւանջով բռնավար մէկ զաւկին կողմէ, օտարութեան սրճարաններուն մէկ անկիւնը, երբ անօթի, յուսահատ, արուեստէն դուրս ամէն բանի ընդունակ այդ թշուառականը դեռ չի կոտրեր գրիչը ու կը փրկէ վերջին մնացորդները անհասկնալի, տարօրինակ սերունդին։ Ամիրան այսօր խամաճիկ բառ մըն է, շնորհազուրկ, որքան կեղծուած։ Վարժապետներ ու լրագրողներ անոր ստուերները լուսազարդեցին ու լսեցին անոր առաքինութիւններէն։ Բայց ան վերջին ճառագայթումն էր մեր ցեղին քանի մը հզօր ընդունակութիւններուն, անոնց, որոնք մեր արիւնին փառքը գահոյքներու ծիրանիին պիտի տանէին։ Տասը դար առաջ, այդ առաքինութիւնները թագով կը պսակուէին։ Մի՛ մոռնաք, որ գրեթէ հինգ դար, թուրքերէն նուաճուած քրիստոնեայ երկիրները խոզարած ու տէրտէրներ միայն տուին։ Թուրքերուն մեր տուածը՝ արեւմտեան քաղաքակրթութեան նախատարերքը։ Անշուշտ` «Ամիրային աղջիկը»՝ շատ նիհար է այս բարքերը ընդգրկելու համար իր մէջ։ Բայց այդ նուազն ալ, որ կը մնայ մեր էջերուն փակած, շատ մըն է դարձեալ։

Գիրքին երկրորդ շահը խոնարհներու որոշ դասակարգի մը նուաճումն է, այս անգամ բացարձակ։ Ինչ որ Երուխանի պատմուածքները անկարող եղած էին ընելու այդ ուղղութեամբ, «Ամիրային աղջիկը» կ՚ընէ այդ դասակարգին սեւեռումը միանգամ ընդմիշտ իրագործելով։ Մեր վէպը քիչ շատ տանելի նմոյշներ ունի մեր քանի մը դասակարգերէն։ Տիկին Տիւսաբի եւ Կամսարականի պէյերը, վարժուհիները, վարժապետները, Տիկին Սիպիլի եւ Զօհրապի մարդերն ու սպասուհիները, մոնտէնները եւ ցնծուհիները, Արփիարեանի ժողովուրդի քանի մը թիփերը, Լ. Բաշալեանի էսնաֆները, Հրանդի պանդուխտները, պատկերներ ըլլալէ աւելի են այսօր։ Երուխանի ձկնորսները, լուացարարները, ջրհանկիրները կը մնան այդ անցեալէն ամենէն ամբողջացուած նշխարները։ Արուեստագէտը այդ մարդոց հանդէպ իր կեցուածքը գրեթէ ազատած է դուրսէն հետաքրրքրութենէ մը, ոչ ալ նպատակ ունեցած անոնց քիչ մը կողմնակի ինքնատպութեանց շահագործումը։ Ըսի, թէ ինք օտար մը չէր այդ մարդոց։ Իր զարգացումը, զգեստները չէին փոխած իր հոգին, ուր այդ խաւերուն կրակը կը շարունակէր մխալ։ Անոնց հետ ըլլալու հաւանական բախտ մըն ալ չեմ արհամարտեր, երբ կը խորհիմ, թէ իր վերջին պատմուածքը, «Սիրենա» (1914) մանկութեան յիշատակ մըն ալ չէր իր մօտ, այլ ընթացիկ զգայութիւններու հանդէս մը, ջրհանկիրներու եւ ձկնորսներու pittoresque բարքերուն ընդմէջէն։ Յիշեցի Մինաս Չերազի «Արեւելեան վիպակներ»ը, բայց չըսի, թէ անոնք գրուած էին ֆրանսացիներուն համար, այսինքն բարքերու մտահոգութենէ մը չէին բխեր։ Գործողութիւն մը վարելու աշխատանքին մէջ իր անդարման տկարութեան գիտակից, Երուխան պիտի կարծէ՝ վտանգին շրջանը ընել ա) վերլուծումով, որ կը յոգնեցնէ, երբ հանդարտ շնորհներու չ՚ապաւինիր, ինչպէս է պարագան «Ամիրային աղջիկը»ին, բ) բարքերու ընդարձակ ցուցադրանքով, որուն սիրոյն մենք արդարեւ միշտ տրամադիր ենք շատ բան ներելու:

Բ. Բարքերու մթերքը: Չունինք ուրիշ հատոր մը, ուր երեք քառորդ դարու կեանքի մը ըլլային վերաբերուած այսքան առատ մթերք մը, այսքան յատկանշական տախտակներ (որոնցմէ ոմանք միայն իր մօտ փրկուած) մեր բարքերէն։ Այս տեսակէտէն «Ամիրային աղջիկը» կը մնայ գերազանց։ Ըսի, թէ ի՛նչ պէտք է մտածել այս գերազանցութեան մասին [5] ։ Զեղչել, հաստատումէն՝ ինչ որ արդարօրէն կը բանաձեւուի մեր մտքին մէջ, երբ պահ մը կը մտաբերենք արեւմտեան արուեստին մեծ իրացումները։ Զեղչել նոյնիսկ արեւելահայ եզրերը բարքերու ուսումնասիրման։ Գոհանալ (ստիպուած ենք ատոր) մեզմով։ Այն ատեն, ինչ որ ըրած է այդ ուղղութեամբ «Ամիրային աղջիկը», կը գտնէ պարկեշտ իմաստ մը։  

Վասնզի թանկագին են տախտակները

ա. Ամիրայական բարքերու փշրանքներուն, որոնք կ՚երեւան ընդհանուր պատմումին քովն ի վեր, թէ՛ իբրեւ արտաքին հաւաքում, երբ հեղինակը յուշերու ձեւով զանոնք կը նետէ գործողութեան ընդհանուր հոսանքին վրայ, թէ՛ վերադարձեալ ժառանգութիւն, մօրը զաւկին ընդմէջէն, հին ձայները, արեան բռնութեանց դժխեմ հանդէս մը իբրեւ, երբ ամիրայի աղջիկ մը պիտի ապրի շուքերուն մէջը իր պապերու մեղքերուն, որոնք կերակրեր էին միսերն ու արիւնը կես դար առաջուան պապերուն [6] ։ Վէպը անշուշտ ձգտած է միայն, բայց այդքանն ալ կ՚արձանագրենք հոս երախտագիտութեամբ։ Վառնայի սրճարաններուն մէջ Երուխան զուրկ էր բոլոր կարելիութիւններէն, այդ բարքերու ուսումնասիրումը կատարելու համար նոյնիսկ միջին խղճմտութեամբ։ Գիրք, թերթ, հանդէս, գոնէ ապրող մարդերէն վկայութիւններ կը մնային դուրս անոր հասողութենէն։ Իր մանկութեան տպաւորութիւնները, իր ընթերցումներուն աղօտ արձագանքները կային միայն իրեն տրամադրելի։ Եւ ասոնց նպաստը խնդրական է, եթէ ոչ վնասակար։ «Ամիրային աղջիկը» վէպը չունի նոյնիսկ ամիրայի մը արտաքին կենդանագիրը տարազ, տիպար, արտայայտութիւն։ Ու իբր ներքին կենդանագիր այդ Մարկոս ամիրան անունէ մը աւելի չէ։ Անշուշտ իր զեխութիւնը, լայն ու թանձր ախորժակները, ցոփութիւնն ու վայելչասիրութիւնը կ՚ուրուանան վէպէն, բայց ո՛չ իբր անձնական բխում, այլ ընդհանուր յատկանիշներու սովորական հանդէս մը, բոլոր նման մարդոց համար արժէք մը ունեցող։ Ու անոր աղջիկը այդ բարքերէն որոշ ցոլքեր, կողմեր թելադրող, բայց չըլլալով հարազատը, վաւերականը ապարանքներէն ներս գործող ոգիին։ Անշուշտ ժամանակը աղօտած է շատ բան մինչեւ այդ աղջկան հասուննալը։ Չեմ զբաղիր ատով, վասնզի անիկա ժառանգութիւնը աւազանող օտարոտի ոչնչութիւն մըն է, մեծ անկարող մը։ Բայց չեմ ներեր Երուխանի աճապարանքը, այս բարքերուն ամենէն հզօր շահեկանութիւնը, անոնց փաթէթիքը, անոնց կործանումը երբ չէզոք ոգիով մը կը պատմէ մեզի, դաւելով իր վիպողի կոչումին, ինք, որ այնքան անտեղի կերպով կ՚ախորժի յամենալէ անկշիռ մանրամասնութեանց վրայ, նկարագրական ինչպէս վերլուծական, վիճակների եւ կիրքերէ։ Երբ գիրքը կ՚աւարտէք, ամիրային յղացքը կը զգաք, որ թաղուած է ուրիշ խաւերու ներքեւ:

բ. Այս խաւերը բարեբախտաբար դուրս չեն Երուխանի հասողութենէն։ Խոնարհ, չըսելու համար ստորնագոյն դասակարգերուն կեանքն է, որ կը կազմէ գիրքին ամենէն հաստատ ատաղձը։ Ամիրաներու բարքերուն աղօտանքին ընդդէմ, ապարանքներու պերճանքովը չփրկուող վրիպանքը վիպողին, կը վերածուի ազատ, ուղիղ յաջողութեան մը։ Այս ապարանքներու մէկ պարտէզի խորշին ո՞վ գիտէ ի՛նչ նպատակներով ողջնցուած հիւղանման տանիքներու տակ ապաստան գտած մարդեր, ձկնորսներ ու իրենց ֆանթասթիք ապրումները անոր պիտի տան առիթ, որպէսզի ջղուտ, արագ հարուածներով վրձինէ, սեւեռէ անմոռանալի, ինչպէս անփոխարինելի բարքի տախտակներ։ Կը մոռնաք, թէ գրագէտ մըն է միջնորդը այն զգայնութիւններուն, որոնք թուղթերէն կ՚անցնին մեզի։ Հարուստներու սեւեռումը հետապնդող այդ հատորը հասած է հակադիր փառքին, խոնարհագոյն դասակարգերը փրկած ըլլալու։ Ինչ որ կայ այս խաւերէն իբրեւ հոգեկան յատակ, նկարագիր, ապրում, պարզութիւն, արի ու չարքաշ գեղեցկութիւն, զրկանքի մէջ անայլայլ լաւատեսութիւն, վաղուան հանդէպ վճռական անտարբերութիւն, համեստութիւն ու յանդգնութիւն, պայծառութիւն նպատակէ ու սիրտէ, ժողովրդական պիտակին տակ մեր զետեղած ամբողջ épopée–ն կը կազմեն գիրքին ամենէն անառարկելի, որքան սրտառուչ յաջողուածքը։ Ու ասիկա բաւ է այդ գիրքը թեթեւցնելու բոլոր միւս մեղքերէն։ Մեր համեստ դասակարգին աշխատող, որով ապրող, յետնագոյն զրկանքին մէջ իսկ իր ազնուութիւնը պահպանող մարդոց դիւցազներգութիւնն է ան։ Վերցուցէ՛ք միւս ընչեղ դասակարգը ու պիտի ունենաք «Assommoir»–ի (Զօլա) հաւասար վկայութիւն մը։

Տիպարներու ուսումնասիրութեան մը մէջ բարքերու վրայ սա հաւաստումները կը գտնեն իրենց վերջնական իմաստը։

գ. Գիրքը նոյնքան հարազատ պատկեր մըն է ազգային շրջանակի կարգ մը կողմերը, որոնք թէեւ հաստատուն չեն բարքերու դասական յղացքը թելադրելու չափ մեր մտքին, բայց նօթուածին, կարելի ընդարձակութեամբ, նկարագեղ ու ազդու ուրուագիծերով։ Մեր ժողովուրդին հիմնական պարզամտութիւնը, որով ան կը յանձնէ ինքզինքը լաւ խօսողին, ամուր պոռացողին, դերասանին։ Կրօնական մեր պառակտումները՝ կաթոլիկութիւն, բողոքականութիւն, այս դաւանութեանց մեծութիւնը, խորութիւնը, ո՛չ ալ մերինին նիհարութիւնը, ծանծաղութիւնը կ՚ապացուցանեն, այլ այդ տարօրինակ դիւրահաւանութիւնը, ամէն խաբեբայի ետեւէն։ Կոստանդեանց մը միշտ պիտի յաջողի մեր մէջ, իր արժանիքներէն աւելի մեր յիմարութեանց գնով։ Չքնաղ սաթիր մըն է բոլոր ծնողներու յարումը այդ շառլաթանին, երբ կը հանեն իրենց տղաքը ազգային վարժարաններէն ու կը դնեն ռուսահայ գանկաչափին շահագործումին։ Ժողովրդական սա շարժումները ղեկավարելու մէջ Երուխան բանաստեղծական շնորհներու կը բարձրանայ։ Թաղականներու, տէրտէրներու, ժամկոչներու, վարժապետներու աշխարհը, մեր վէպին համար այնքան ընտանի, Երուխանի մէջ գտած է բաւարար կարկառ։

Բերան, իր ծաղիկները, իր յաճախորդները, կարճառօտ ու թերի, բայց ներկայ են որոշ շահեկանութեամբ մը, որ չի բարձրանար սակայն վճռական յաղթահարման վայելքին։ 1830-1880–ի Բերան անշուշտ առանձին աշխարհ մըն է ու վիպողին կ՚ընծայէ շատ յարմար կարելիութիւններ։ Բայց մեր գրականութեան ճակատագիրը տիրապետուած մնալ մը եղաւ լրագրէն, պաշտօնեայէն, վարժապետէն, կրօնականէն։ Անխառն գրագէտի միակ տիպարը, Եղիան, խենթ մըն էր, ուրիշները տեսնել զիջանելու կամ կարենալու համար։ Ու մեր վէպին մէջ պակսեցաւ ամբողջութեան, սպասուած աշխատութեան տպաւորութիւնը տուող գործերուն բախտը։ Երուխան իր միւս վէպին, «Հարազատ որդի»ին մէջն ալ կ՚ուրուագրէ այս կիսաշխարհիկ շրջանակները, հեռուէ հեռու, ընթացիկ, չէզոք բառերով, բայց չի նուաճեր [7] ։

Դ. Տիպարներ: «Ամիրային աղջիկը» վէպն է, ուր մարդերուն մեզի ներկայացումը կատարուած է իրապաշտ հանգանակին՝ բացարձակ հաւատարմութեամբ։ Այս իրողութիւնը ազդած է դիրքին վրայ կրկնակ ճակատագիրներով.

ա. Բոլոր մարդերը օժտուած են վաւերական անձնականութեամբ մը, նոյնիսկ իրենց զանցումներուն, դէպի ծաղրանկար սահումներուն մէջ իսկ պահելով ապրող արարածներու իրենց կարկառը։ Եթէ ձեզի կը տրուի յաճախ առիթը այդ մարդոց ապրումները կասկածելի, շինծու, յոգնեցուցիչ զգալու, ո՛չ մէկ ատեն չէք տարակուuիր անոնց իրականութեան։ Ի՞նչն է, որ կու տայ մեզի այս է ապահովութիւնը։ Իրապաշտ հանգանակը, գլխաւոր ազդակը այս մարդոց վրիպանքին իբր գործողութեան միութիւններ (պիտի տրուի քիչ անդին ասոր ապացուցումը), շատ–շատ անոնց ամենէն դիւրին, արտաքին մասերը կը ճարէ ու չի կրնար այս յաջողութիւնը երաշխաւորել։ Սխալ չըլլար այդ իրականութիւնը կապել անձնական տարրին նպաստին։ Երուխան իր մարդերը ընտրած է ի՛ր շրջանակէն։ Եթէ այս փաստը փաստն է երեւակայութեան պակասին, բայց նոյն ատեն բաւ՝ բացատրելու այդ մարդոց անկնճիռ իրականութիւնը:

բ. Նոյն հանգանակն է պատճառ սակայն, որպէսզի այս անձնականութիւնը ենթարկուի անփոփոխ օրէնքներու։ Որ մանրամասնութիւններ խնամքով, հեշտանքով դիզուին իրարու քով, լինելու համար կնոջ մը պատկերը, սկսելով անոր մազերէն, իրանէն, մատները մինչեւ, իւրաքանչիւր կտորին (սխալ չէ հոս բառը) համար ընկալեալ նախատարրերով։ Այս յոգնեցուցիչ թուումը այսօր մեզ կը նեղէ։ Կը սահինք իր նկարագրականներուն վրայէն, որոնք գրիչով տրուած են, փոխանակ կեանք գալու։ Սխալ ըմբռնուած տեղական գոյնի մը հետամտումն ալ ուրիշ փորձանք։ Կը զզուինք ուղղակի, երբ յանուն ասոր էջեր կը դրուին ձեր առջեւ գործակատար Բարթողի մը ահաւոր կենդանագիրը յօրինելու։ Ու նողկանքը ձեր պուկը կը բռնէ, երբ այդ մարդը իր հոտած միսերը դասաւորելու աշխատանքը կը կատարէ մսավաճառի մը թանձրութեամբ։ Երուխան հեշտանքը ունի այս կարգէ պատկերացումներուն։ Մատի (touche) թեթեւութիւնը չսիրեց երբեք, վասնզի հանգանակը հակառակը կը թելադրէր իրեն։

Այս հիմնական նկատումներէն վերջ, կ՚անցնիմ իր մարդոց կարաւանին.

ա. Փրոփականտիսթներ: Ամիրային աղջիկը՝ տիկին Երմունէ Մարկոսեան. տղան՝ Արտակ Մարկոսեան, բարձր դասէն։ Ձկնորսի զաւակն է Համբիկ, ուրիշ մը Սօֆին, ասոր մայրը լուացարար։

Այս չորս գլխաւոր տիպարները չունին տիպարային նոյն խորհրդանշական տարողութիւնը։ Երկու jeunes premiers–ները, արու եւ էգ, հազիւ թէ կը պատկանին դասակարգի մը։ Ամէն մարդ իր մօրը տղան է անշուշտ, ինչպէս այդ Արշակը եւ այս Սօֆին։ Բայց յանուն ո՞ր օրէնքներու այդ ամիրայի թոռը դուրս գայ այդքան հոյակապ ոչնչութիւն մը։ Նոյն հարցումը՝ լուացարարին աղջկան համար, որուն ձգտումները, ընկերութենէն իրեն պարտադրուած արհամարհանքէն դուրս ելլելու, անշուշտ աւելի մարդկային են քան ամիրայի թոռան հեշտագին ընկղմումը ստորին կիրքերու մօրուտքին խորը։ Եթէ կասկածելի են ընկերաբանական թեզերուն եզրակացումները յաճախ, ու անվարանելի ժառանգութեան ցուցմունքները, իրաւ է, որ կեանքը վեր է այդ բոլորէն։ Բայց այս կեանքը արուեստին հանող մտահոգութի՞ւնը։ Փառասիրութի՞ւնը։ Ի՞նչ կ՚ուզէ ապացուցանել այդ արու եւ էգով Երուխան։ Ամէն էջի այս հարցումը կը ցցուի ձեր մտքին մէջ։ Ինչո՞ւ այդ տղան զուրկ ըլլայ տարրական իսկ մարդկութենէ։ Ինչո՞ւ այդ աղջիկը ըլլայ այդքան յիմար, վիպական, երբ իր ծնունդը, մանկութիւնը, պատանութիւնը այնքան իրաւ ապրումներ դիզեր էին իր ջիղերուն։ Այս հարցումները պատասխան չունին։ Ամիրային թոռը դասակարգէ մը նմոյշ մը չէ, ո՛չ ալ Սօֆին։ Այն ատե՞ն։ Ստիպուած պիտի համակերպինք տրուածին տարողութեան ու պիտի ընդունինք զանոնք պատահական արարածներ, կեանքին յօրինած հազարաւոր ոչնչութիւններուն նման անխելք, որքան բան մը չարտայայտող։ Անգամ մը այս շարքը այսպէս պիտակելէ վերջ, դժուարութիւն չենք զգար անոր մէջ թելադրուած մոլութեանց հանդէսը պարզելու։ Գլխաւոր տիպարներուն սա վրիպանքը վէպին ամբողջ մարմինին վրայ բարեբախտաբար չ՚անդրադառնար։ Ու կը գտնուինք մեր վէպին, թատրոնին մէջ վաղածանօթ այն տկարութեան առջեւ, որ կը զարնէ առաջին գիծի անձնաւորութիւնը, զանոնք ընելու աստիճան հակասական, միշտ անամբողջ ու երբեք վճռական։ Աւագ դերակատարներու այս նուազումին փոխարէն՝ մեր վէպը, թատրոնը նշանակալից յաջողութեամբ մը կը յօրինեն երկրորդական անձնաւորութիւնները։ Հոս ալ տարբեր չէ իրողութիւնը։ Ամիրային աղջիկը եւ Սօֆիին մայրը, երկրորդ զոյգը, ունին աւելի ամուր, հասկնալի գիծեր։ Առաջինին մէջ կին մը, մայր մը, հիւանդ մը, յիմար մը քով քովի կ՚ապրին ու մարդ չի գիտեր, թէ ո՞րն է ասոնցմէ այդ վէպը կառավարողը։ Երկրորդը միակտուր, պարզ արարած մըն է, միակ ամբողջ դէմքը այս չորսէն։ Երուխան անոր վրայ բարդած է շատ մը անձնական դիտողութիւններ, pris sur le vif, ինչպէս կ՚ըսեն գաղիացիները։ Միտք, բարոյական հասկացողութիւն, սիրտ, աւանդութիւն, յիմարութիւն է այս կինը, իր շրջանակին շքեղ հաւատարմութեամբ մը։ Ձկնորս ընտանիքի մը (դրկից Սօֆիենց) երկու մանչերէն անդրանիկը բացարձակ յաջողութիւն մըն է։ Ան ձկնորս ծնած է։ Պիտի մեռնի ձկնորս։ Ու իր հպարտութիւնը, գոհունակութիւնը, ճակատագրականութիւնը վէպին ամենէն լաւ կերտումները կու տան։ Անոր եղբայրը, Համբիկ, սիրահարած է Սոֆիին։ Ան դպրոց կ՚աւարտէ, որպէսզի ազատէ ինքզինք ծնունդին արհամարհանքէն, ինչպէս էր արդէն սկզբնական զսպանակը Սոֆիին ողբերգութեան։ Վաճառականի մը մօտ ան պաշտօն ունի։ Սօֆիին սիրոյն պիտի զոհէ ամէն բան, երազ ինչպէս առողջութիւն։ Այն օրէն, որ վէպին մէջ կարելի յարդարումով լուացարարն ու աղջիկը պիտի փոխադրուին ամիրային ապարանքը, Համբիկ, որ է անունը այդ տղուն, պիտի խենթանայ։ Համբիկ աւելի կ՚արժէ իբրեւ յօրինում, քան ամիրային թոռը, ձկնորսին աղջիկը։ Բոլոր այս մարդոց դիմաց մեր կասկածը մեզ չի ձգեր երբեք։ Իրարմէ այնքան հեռու ապրելու սահմանուած սա զոյգերը ինչո՞ւ կը խմբուին նոյն տանիքին տակ. ու հեռուէ հեռու գուշակուած տրամը, աղջկան մը խաբուիլը այնքան քիչ, գէշ պայման մըն է այս ամէնուն, որ կը կենանք շուար։

բ. Գլխաւոր հերոսներուն սա անյաջողութեան դիմաց, մեր հիացումը առաջին էջերէն իսկ չենք սակարկեր վէպին մէջ երեւցող բոլոր երրորդական, չորրորդական մարդոց կատարելութեան։ Խօսեցայ քիչ առաջ Բարթող Աղայէ մը, որ գործակատարն է ամիրայի աղջկան, անոր հասոյթները հաւաքող, կալուածներուն նորոգման հսկող, անդադար, միշտ ու յաւիտեան գող։ Անոր ֆիզիքը, հոգին, բարոյական դիմագծութիւնը շքեղ վանդակ մըն է վէպին ընդհանուր տժգունութեան վրայ սաւառնող։ Ու թերեւս չեք գիտեր, թէ այս՝ ահաւոր զանգուածը իր մէջ աւելի զզուելի իր միւս կէսն ալ ունի, կինը։ Ու երկու տատրակները, աղջիկները սա զոյգին, որոնք երեոունհինգէն վեր պիտի չելլեն եւ որոնց օժիտին համար միս ծախող այդ գործակատարը փողոցներէն շան ու կատուի սատակներ պիտի հաւաքէ ու խառնէ իր միսերուն։ Այս ընտանիքը անմոռանալի է վէպին մէջ։ Նոյնքան արագ ու շքեղ յաջողութիւն մըն է Կոստանդեանցը, որուն ակնարկեցի վերը։ Խաչագողի այդ տիպարին կենդանութիւնը տխուր բաներ մտածել կու տայ մեր բոլորին։ Կայ տակաւին թաղականի տիպար մը, Մերկերեան, որուն պաշտօնն էր ամիրային ողջուցը պնակ լզել, մահէն յետոյ անոր աղջկան սեղանը չեն պահել, ամիրայի մառանին գովեստը հիւսել ու թաղային սնտուկի հաշիւները պահել։ Դուք կը հասկնաք լռուած մասը։ Այս ալ գտած է գիծերու, կողմերու, երեսներու ամբողջութիւն մը, որ կը զինաթափէ։ Այսպէս յաջողակ գիծեր ունին խոհարարուհի Խաթուն կինը, դռնապան Խաչօն։ Ու ժողովուրդը, վճռական ու հարազատութեամբ մը, անանուն այն ամբոխը, որ թաղի մը նկարագիրը ունի ու կու տայ։ Ու ձկնորսները, որոնց կեանքը Երուխանի համար միշտ մնաց խորունկ ըղձաւորութիւն եւ փողոցի ստահակներն իսկ աւելի արժէք ունին իր մօտ քան կէս ճամբան մնացած տոքթէօր Արշակը։

Իմա՞ստը՝ մարդոց սա կարաւանին։

Հարցուցէ՛ք ու մի՛ ջանաք գտնել պատասխան մը, այն պարզ պատճառով, որ զանոնք յօրինողը նման մտահոգութիւն մը չունէր, երբ ձեռնարկեց իր վէպին։

Ե. Կառուցում եւ գործողութիւն։ Այս գլխու մուտքին ես տուի այս վէպը շարժող գործողութիւնը, կէս էջի մէջ։ Կը ճանչնաք մարդերը, բարքերը, աշխարհը։ Ու գիտէք, թէ ինչո՛ւ քով քովի բերուած են այդ ամէնը։ Հո՛ս է Երուխանի վրիպանքի բանալին։ 400–է աւելի էջեր պիտի սահին, որպէսզի հարուստի լակոտ մը ու աղքատի գեղեցիկ աղջնակ մը իրարու գիրկ իյնան։ Այս արդիւնքին հասնելու համար, Երուխան չունէր իրաւունք իր պատմուածքին ընթացիկ սահմանները զանցելու։ Տասնէն քսան էջ պիտի բաւէին իրեն։ Կը հասկցուի, թէ վէպը ինչո՛ւ չի զարգանար։

Կառուցման քննութիւն մը աւելորդ է։ Չեղած բան մը չեն քններ։ Բայց գործողութեան վրիպանքը անդարմանելի է արուեստի ամէն գործի մէջ։ Բոլոր տրամադրելի միջոցները կը կանչուին գրաւելու մայր տրամին հետ հազիւ աղերս ներկայացնող անձեր ու արարքներ։ Ատոր թեքնիք նմոյշն է, ինքնին յաջող բայց վէպին զարգացման համար բեռ միայն եղող խաչագող Կոստանդեանցի պարագան։ Բայց ինչ որ այս սխալը կ՚ընէ մեղք մը, ան ալ վիճակներու վերլուծման մէջ թափուած շատախօսութեան քանակն է։ Վէպին գրեթէ կէսը կը գրաւեն անսպառ նկարագրութիւնները, բնապաշտ հանգանակէն, թեւաւոր ու տաղտկալի։ Ամէն մուտք, ելք, դադար անոր համար առիթներ են զառածելու [8] ։ Ու սա տկարացումը, տարտղնումը իրենք իրենց համար մեղքեր են, վասնզի ոչինչով կը փոխարինեն ընթերցողը։ Ըսի նկարագրականներուն փորձանքը։ Կ՚աւելցնեմ վիճակներու համար գործածուած ներքին նկարագրականը, որ շատ դիւրաւ կը վերածուի պոլսական համբաւաւոր բառակոյտին։ Հոգիները միանալ ու մէկ տեսնող վիպասանի մը համար վտանգը անխուսափելի է, երբ կը փորձէ ան հոգեկան trame–ը քակել։ Սա զառածումը դարձեալ՝ մտածական փոքրիկ փայլակներով, որոնք թէեւ հազուադէպ, բայց արդէն աւելորդով ծանրաբեռն էջերը կ՚ընեն քիչիկ մը աւելի ուռեցք, պարապ։

Մինչեւ իր ժամանակը վէպէ մը պահանջելի հիմնական առաքինութեան դէմ սա զեղծանումը պե՞տք է վերագրել իրապաշտ հանգանակին հանդէպ անոր կոյր հաւատարմութեան։ Չեմ կարծեր։ Հանգանակը չվնասեց իր հեղինակներուն, գէթ օտարներուն մօտ։ Աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր զայն կապել իր տաղանդին լուսանցքային նկարագրին։ Եւ կամ ոգեկոչել պայմանները, որոնք շրջապատեցին անոր ծնունդը (դուք գիտէք, թէ ի՛նչ տխուր հանգամանքներ միջամտեցին վէպին քալուածքին)։ Միւս կողմէն, մոռնալու չենք, որ պատմողն ու վիպողը նոյն մարդերը չեն։ Ու չենք կրնար մոռնալ այս մարդուն։ Հիմնական տկարութիւնը արարքներու երեւակայութենէն, առանց որու վիպող մը դժուար կ՚ ըմ բռնուի։

Զ. Յուզումի տարրը, ուրիշ խօսքով համակրական զգայնութիւնը չէ զարգացած։ Մի՛ շփոթեք ասիկա բնապաշտներէն յանձնարարուած անանձնութեան, անզգածութեան հետ։ Կեանքը ձրի բառ մը չէ։ Ու տառապանքը գիրն է մեր բոլորին։ Մեր վրայ զայն ապրելու ատեն կը զգանք անոր խորունկ իմաստը։ Այս փորձառութիւնն է, որ կ՚անդրադառնայ, վէպերուն մէջ, ուրիշին տառապանքին ու կը յուզէ մեզ։ Մտքէս չ՚անցնիր տափակ, ռոմանթիք արցունքը թարգմանածոյ թերթօններուն, որոնք կիները կը զբաղեցնեն։ Նկատի ունիմ նաեւ այն խռովքը, որ գիրքի մը մթնոլորտէն կը փոխանցուի մեր ջիղերուն։ Աչքէ անցուցէ՛ք կարաւանը մարդոց, որոնք կը քալեն վէպի սկիզբէն մինչեւ վերջը, պահելով խորունկ դժբախտութեան անհերքելի փաստեր, բայց որոնք չեն յաջողիր րոպէ մը յուզել մեզ։ Եւ սակայն հարուստին ու աղքատին հակադրութիւնը միայն խուլ զայրոյթ չարթնցներ մեզմէ ներս։ Մարդ սիրտի պահերով է, որ կը ծածկէ իր մէջ կենդանին, չըսելու համար գազանը։ Համբիկին խենթանալը, Սօֆիին իրեն դարձը, ասոր գնով՝ վայրկեան մը բանականութեան վերագիւտը տրամաթիք վիճակներ են, որոնց տակ անթեղուած խռովքը մեզի չ՚անցնիր դժբախտաբար: Կրնանք այդ յուզումը չփնտռել ամիրայի թոռ, անվաւեր բժիշկ Արշակի մօտ։ Բայց կը պահանջենք ատիկա անորմէ խաբուած ու վռնտուած պարման աղջկան մէջ, որ իր կորուստը, կործանումը ունի իրեն օգնական, երբ կը ծառանա…։ Ու ժողովուրդի սքանչելի տարբեր չեն ելած շահագործումի։ Ծանօթ են ձկնորսներուն կարծրութիւնները, ծովէ, օդէ, վայելքներէ։ Բայց աւելի քան ծանօթ՝ անոնց բուխ սիրտը։ Կ՚աւարտենք վէպը առանց այցուելու տարրական խռովքէ մը: Ու խռովքը հոս փաթեթիքը չէ մեր արարքներուն։ Խռովքը արցունք չի նշանակեր։ Ո՛չ մէկ էջի մէջ հեղինակը կը յաջողի բռնել մեզ մեր օձիքէն, նետել առջեւը ու քշել։ Ուժի փա՞ստ։ Անշո՛ւշտ։ Ու երբ այդ փաստը թերթօնական տուրքերէ վեր կերպով մը կը հայթայթուի, մեծ գրագէտը կը յատկանշէ։

Է. Արտաքին աշխարհ: Պոլսահայ վէպին մեղքերէն մէկն ալ զգայնութիւններով, գոյնով անոր ողողուած ըլլալն է։ Եւ որովհետեւ այդ քաղաքը վարկ մըն ալ ունի նկարչագեղ վայրերու, կը հասկցուի, թէ ի՛նչ ծանր վտանգ մը կը նետէ վիպողին փորձութեան։ Անոր փաստերը կան, իբր ձախորդութիւն մեր վիպողներուն մօտ։ Ամենէն տխուրը Տիկին Եսայեանին գործը զարնող պոլսամոլութիւնն է։ Երուխան չէ զառածած այս գետնին վրայ։ Բայց զերծ ալ մնացած չէ սոսինձէն։ Ու երբ նկատի առնենք հանգանակին (իրապաշտ) հարկադրանքը, որ տիպարներուն արտաքին յօրինումը մեծամոլ հաճոյքի մը պէս կ՚ենթարկէ բծախնդիր խնամքի, հասկնալի կը դառնայ, թէ ի՛նչ հեշտագին բարեխղճութեամբ մը պիտի յարձակի Երուխան ձկնորսներու բնակարաններուն, ամիրաներու պալատներուն, պարտէզներուն նկարահանման։ Իր վէպին երկու կարեւոր կեդրոնները կու տան Խասգիւղը եւ Բերան։ Առաջինին մէջ ան անցուցած է իր մանկութիւնը, պատանութիւնը, այսինքն շրջանը, ուր կաթիլ–կաթիլ կը շինուի ինչ որ մենք հոգին կը կոչենք մարդու մը եւ որուն վրայ պիտի կռթնի մեր ապագայ անձնականութիւնը։ Ու այն քանի մը քաղցր նկարները, որոնք գիրքին մռայլ դաշտին վերեւ կը բացուին, ճարուած են այդ, անգիտակից ամբարման օրերէն։ Բայց անոր Բերան անուն մըն է միայն, առանց նկարագրի:

Ը. Գործը իր ժամանակին մէջ ու անկէ դուրս: Իր երկու տպադրութիւնները, իրարմէ հինգ տարի տարբերութեամբ, երկուքն ալ թերթօն, չկրցան ապահովել միջակ վարկ մը։ Գաղթականական հոգեբանութիւն մը կրնայ օգտագործուիլ այս խաւարումը բացատրող։ Վառնայի մէջ լոյս տեսնող այս վէպը Պոլիս չկրցաւ հասնիլ։ «Արեւելք»ի մէջ իր վերհրատարակումը դարձեալ անկարող եղաւ անոր ճակտին գիրը, հիները պիտի ըսէին՝ դատակնիքը, բեկանելու։ Մեր մամուլը, 1910–ին, քաղաքական ժահրով վարակուած էր այնքան խոր, որ չունեցաւ ատեն առողջ պահ մը զբաղելու այդ փառքով։ Հեղինակին անճարակութիւնը, եւ յայտարարութեանց թուլութիւնը, լուսանցային տաղանդը ու կեանքը լրացուցին աղէտը։ Հեղինակէն առաջ մեռած էր անիկա։

Այսօ՞ր։ Նոյնն է գիրը՝ գործին վրայ։ Մատենագրութեան պատմագիր մը քննադատ մը չէ անշուշտ։ Ան գաղափարներու, երեւոյթներու ընդհանուր ուղղութեանց ուշադիր, մասնակի հարցերու, դիրքերու վրայ չի կրնար ծանրանալ։ «Ամիրային աղջիկը» իմ շարքիս մէջ գիրքն է, որ ամենէն շատ տող է առած ինձմէ։ Անշուշտ գիրքը փրկելու համար թաքուն փափաքը տուն կու տար այդ արարքին։ Կրկին կարդացի խիտ, ծանր, խճող այդ էջերը։ Իմ տպաւորութիւններս ըսեր եմ առանց վերապահութեան։ Խորունկ ցանկութիւն էր ինծի՝ Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի վէպին մէջ ողջունել անտեսուած գլուխ–գործոց մը։ Չունիմ իրաւունքը այդ ցանկութիւնը իրագործելու։ Անիկա գագաթն է իրապաշտ հանգանակով գրուած. վէպին։ Ու այսքան։


* * *

Երուխանի երկրորդ երկարաշունչ վէպը, մօտաւորապէս տասը պրակ ծաւալով, «Հարազատ որդի», ենթակայ է նոյն նկատողութիւններուն, որոնք եղան «Ամիրային աղջիկը»ին առիթով։ Նոյն դանդաղ յօրինումը արտաքին ու ներքին աշխարհներուն։ Նոյն կանխակալ կեցուածքը բարոյական հարցին դէմ։ Նոյն տագնապները, որոնք մեր վրայէն կը սահին, կ՚անցնին, քանի որ չեն անձնանար։ Բերայի աղջիկներուն հետ իր առնութիւնը արմատէն սպառող այդ դիրքի տէր յանձնակատարը մեծագոյն մեղքը ունի իր իրականութիւնը մեզի չկրնալ պարտադրելու։ Ու հոս է, որ Երուխանի վարկը կը վերածուի իր ճշմարիտ արժէքին։ Վիպողէ մը պահանջելի ամենէն առաջին շնորհը մեր առջեւ տնկել կրնալն է մեզի պէս մարդեր։ Ու սուտը, հնարովին միշտ մէկ պոչը բաց կը ձգէ, ըսեր է մեր ժողովուրդը։ Ո՛չ ծննդաբանական տախտակ, ո՛չ ալ մանրամասն վկայապատումներ կը զօրեն մարդ մը իրաւ ընելու, մանաւանդ թուղթի վրայ։ Երուխան իրաւ է, թէ ունի սքանչելի առաւելութիւն մը իր մարդերը մեզի քշելու, ատիկա զանոնք մեզի խօսեցնելու իր տաղանդն է։ Բայց մեր խօսքերը քիչ անգամ մեզ կը թարգմանեն։ Այնպէս որ տրամասական սա հարազատութիւնը մեզ շնորհ մը չի բերեր մեր պահանջին։ Ըստ հանգանակի, տրուած են այս մարդուն արտաքինը, ներքինը, ունայնամտութիւնը, կաղապարը (պոլսեցիները այս բառին ջրհանկիրերէնը կը գործածեն մեծ պատշաճութեամբ). բայց չէ տրուած ոարդուն անձը։ Աւելի ամուր են գիծերը այս մարդուն կնոջ։ Դուք գիտէք, թէ հանգանակը ի՞նչ խնամքի կը մղէ գեղանի կնոջ մը փարթամ, արքենի կենդանագիրը, երբ պիտի յօրինուի։ Երուխան չէ ինկած անշուշտ Պարթեւեանի ռոմանթիք լիրիզմին՝ կիները կենդանագրելու արհեստին մէջ, բայց չէ ալ կրցած մնալ իրական։ Մենք կը հետեւինք այս կնոջ շնորհներու հանդէսին, օտար ու քիչիկ մըն ալ կասկածոտ։ Ընելի՞քը այսպէս ընտրուած սա զոյգին։ Ա. արար՝ ամուսնութիւն։ Բ. արար՝ պատրանք։ Գ. արար՝ մեղք, (հարազատ որդի, որ պտուղն է Փարիզէն ճարուած քուզէնի մը, փարթամ այդ արգանդը արգասաւորող, օրինաւոր ամուսինին անկարողութեան փաստին առջեւ)։ Դ. արար՝ տագնապը (որ կը զարնէ խաբուած ամուսինը)։ Ե. արար՝ լուծում (ատրճանակը, որ վերջ կու տայ այդ երիտասարդին յուսակորոյս գոյութեան)։ Երուխան փայլեցուցած է տրամը իրեն յատուկ թափթփած դանդաղութեամբ մը։ Վէպին մէջ մեր հետաքրքրութիւնը, չեմ ըսեր համակրանքը, կ՚արթննայ Դ. արարին, ուր այդ խաբուած ամուսինը իր զաւակը ատելու անկարողութիւնը կը վերածէ զուսպ յուզումի մը։ Երուխանի գործին մէջ յուզումի ընդհանուր պակասը պատճառ է, որ խանդաղատինք այդ քիչով ալ։ Գիրքին յաջողագոյն մասը պատմումն է այդ հոգեկան չարչարանքին։ Չեմ գործածեր հոգեբանութիւն քիչ մը մեծամիտ բառը, յարգելու համար Երուխանը, որ չէր հաւատար այդ բառին, իրապաշտ հանգանակէն բրտօրէն մերժուած։ Բայց իր ամբողջ գործին մէջ այդ տասնհինգ-քսան էջերը վկայութիւնն են իր խառնուածքին խոր, անկեղծ յուզականութեան։

«Հարազատ որդի»էն ետք այն պատմուածքը, ուր ճշմարիտ վիպող մը կը զգաս, «Քաւութիւն»ն է։ Զօհրապեան քանըվայով այս վիպակին մէջ Երուխան տուած է գործի մարդու տիպար մը, բացարձակ հարազատութեամբ մը, հաւասար Բարթող աղային, Մերկերեան էֆէնտիին (երկուքն ալ «Ամիրային աղջիկը»էն)։ Ու նոյնքան իրաւ է այդ աւազակին համեստ, գլխիկը ծուռ Ղուկաս Աղան։ Որքա՜ն մեծ է իմ ցաւը, որ Երուխան շատ ուշ մտածած ըլլայ այդ մարդոց ու այդ աշխարհին վրայ։ Մեր գրականութիւնը շահած կ՚ըլլար մեծ գործեր։ Ու մեր բարքերը կ՚ըլլային սեւեռած՝ շատ աւելի հաստատ չափերով եւ ծաւալով, որքան չէ եղած ասիկա մեր ո՛չ մէկ վիպասանին կողմէ։

 



[1]        Այս առիթով աւելորդ չէ յիշել, որ այդ քաղաքը վտանգ մը եղած է արեւմտահայ գրականութեան, թելադրելով ռոմանթիք քերթողութեան մէջ շինծու, պոռոտ կամ անկարելի հանդէս մը տեսարաններու, եւ անուղղակի ստեղծելով այդ զիջանող անմտութիւնը, ինչպէս իրապաշտները մղած է ծանր, ստոյգ գոյներու . Բաշալեան, Տ. Կամսարական, Սիպիլ, երբեմն Զօհրապ) յաւակնոտ շահագործման։ Արուեստագէտներէն Տիկին Զ. Եսայեանի գործը (բացի «Սիլիհտարի պարտէզները» համապատկերէն) կը տառապի այդ նուաղկոտ նկարչամոլութեամբ։ Ու արդարութիւն է, որ իրապաշտ ըլլանք Մինաս Չերազին, որուն «Արեւելեան վիպակներ»ուն մէջ սեւեռուած Պոլիսը camée–ի վրայ փորագրուած գունանկարի մը նման թանկ է այսօր հասկցողներուն:

[2]        Արեւմտահայ գրականութեան տկարութիւններէն մէկն ալ՝ այս հանդիսական, դպրոցական շեշտ նկարագիրը։ Անոր բոլոր մշակները ենթակայ մնացին այս ճնշումին։ Մեծ բանաստեղծ մը, ինչպէս կ՚որակուի միշտ Ալիշան, պիտի չզգայ անպատեհութիւնը իր քերթուածներուն, բոլորն ալ գրուած հանդէսներու, աշակերտներու վայելումին։ Պէշիկթաշլեանի տաղարանին երեք չորրորդը, Դուրեանի կէսը այդ մտահոգութեամբ կը տառապին այսօր: Եղիա, Չերազ, Պէրպէրեան, Մամուրեան հեռու չեն ընթերցողը մեծ ուսանող մը ենթադրելէ։ Այս մտայնութեան մէկ փոփոխակը՝ իրապաշտներուն կոկիկ շարադրումները, յաճախ քրոնիկ կամ պատկեր, ուր պատմուած իրողութիւնը պարտաւոր է յարմարիլ ընթերցողին ճաշակներուն, նոյնիսկ ժամանակին: Լրագրական հանգամանքը անշուշտ դեր մը ունի, բայց չի բացատրեր, թէ ինչո՛ւ արուեստի յանդուգն, ձրի, ապայժմէ, խոտոր փորձերը ըլլան այնքան քիչ։ Կարծես ծաղկաքաղը ըլլար գերագոյն նպատակը մեր գրողներուն ու հոն մտնելու համար անհրաժեշտ պայմաններու ճկում մը արուեստի հանգանակ։ Այս հաւաստումները իրենց արժէքը կը ստանան, երբ թղթատէք մինչեւ 1900 մեր գրական արդիւնքը: Արուեստագէտ սերունդին հետ, տպաւորու թիւնը կը բարեխառնուի ուրիշ այլ տարրերով։ Տիկին Եսայեան, Չրաքեան կը ջանան պատռել կախարդական շրջանակը ու ընել կատարեալ, ճշմարիտ արուեստը: Բայց միւսները պիտի շարունակեն հաւատարիմ մնալ սկզբնական մղումին։ Ու փարատոքս մը չէ կարծել, թէ 1900–ի համբաւաւոր արձակ քերթուածը նորոգուած, ներկուած շարադրութիւնն է 1880–ի մարդոց։ Ինչո՞ւ այս տպաւորութիւնը չի գար մեզի արեւելահայ գրականութենէն, որ իր տափակութեան ամբողջ պատկառելի պարապութիւնը պիտի հանդուրժէ, բայց վանէ ամրօրէն, անողոք կերպով, պոլսեցիներէն փայփայուած, փառաբանուած սա դպրոցամոլութիւնը։ Անոնք իրենց դպրոցներուն համար սքանչելի գիրքեր ունէին, «Մայրենի լեզու»ները, պոլսեցիներուն խայտաբղետ «Ծաղկաքաղ»ին փոխարէն, ու չէին վարժուած ասոնց սնոտիքին։ Թերեւս Վենետիկէն իրենց հեռաւորութիւնն ալ բան մը կ՚արժէ։

[3]        Գիրքերու յարուցած աղմուկը կամ դիմաւորած լռութիւնը անշուշտ տկար փաստեր են անոնց վաւերական տարողութեան տեսակէտէն։ Կը յիշեմ հոս խանդավառ հետաքրքրութիւնը, իրարանցումը, զոր ստեղծեց «Մարտիկ Աղա» միջակ` վէպը, Լ. Բաշալեանի «Նոր կեանք»ին մէջ երբ կը տպուէր։ Երուանդ Օտեան պատմած է այս ամէնը: Պատրանքը թերեւս ծնունդ էր roman à clef մը ըլլալու իր յաւակնութեան։ Աւելի շիտակ պիտի ըլլար զբաղիլ երգիծական սուր իր յատկանիշներով, որոնք նորութիւն էին մեր լուրջ վէպին մէջ։ «Մարտիկ Աղա» յաղթական սկիզբ մը ունի շատ միջակ վերջաբանով մը։ «Ամիրային աղջիկը», նոյն յօրինուածքով, յանցանքը ունէր երկարաձիգ ըլլալու։

[4]        Ո՛չ ոքի համար գաղտնիք է, թէ ինչ որ հայ ժողովուրդի կեանք կը կոչենք ծփուն, անյայտ յղացք մըն է այսօր: Սփիւռքի կարգ մը մասերուն մէջ անիկա արդէն դարձած է կազային։ Իբրեւ հեռու անցեալ, անիկա չէ մտած մեր գրականութեան մէջ: Մեր պաշտօնական պատմութիւնը զանիկա կ՚անգիտանայ հիմնովին։ Յաջորդաբար մեզամօտ շրջանէ մը, ինչպէս է օրինակ ԺԹ. դարը, տարտամ արձագանգներ միայն։ Մասնաւորելով մեր դիտողութիւնը մեր մերձաւոր գաղթականութեան, կ՚ըսենք, թէ ի՛նչ անդարմանելի կորուստ մըն է հաւաքական հայ հոգիի մը յղացքին համար կորուստը այն հոգեկան գիծերուն, որոնք գոյ էին զաւակներուն մէջ այս ժողովուրդին, երբ ասոնք, դժնդակ ճակատագրի մը մագիլներէն մազապուրծ, աւելի շնչելի պայմաններու մէջ, առիթը կը վերստեղծեն կեանքը նորէն կազմելու, նոյնքան փարթամ, նոյնքան խոր, նոյնքան փոթորկոտ, որքան եղած ըլլալու էր սկզբնական բաժակը այդ կեանքին, հայրենի հողերուն վրայ, մատուցուած իրենց շրթունքներուն։ Ո՜վ պիտի ոգեկոչէր անհուն եղերականութիւնը, փաթէթիքը, փիթթորէսքը, մարդկայնութիւնը այն փառքերուն, որոնց կամարները շար ի շար կը ձգուին Կալկաթայէն մինչեւ Լվով։ Ովքե՞ր էին այդ մարդիկը, եթէ ոչ հայեր, որոնք բոպիկ ու վիրաւոր անցան Եգիպտոս, Պոլիս, ու կայսերական գահերու վրայ փակեցին իրենց աչքերը։ Արուեստի գործ մը միշտ արժանի է աւելի յարգանքի, երբ փշուր մի բան կը փրկէ այդ ամէնէն։

[5]        Բարքի հարցը արեւմտահայ վէպին տկար կողմերէն մէկն է, թերեւս անոր համար, որ մեր վէպին աշխատաւորները իրենց գործին մէջ ատոր դերը հեռու էին արդարօրէն արժեւորելու կարելիութենէն։ Օրը օրին զարգացող գրական կեանք մը ժխտապէս կ՚անդրադառնայ արուեստի գործին վրայ, որ լայն, դանդաղ բիւրեղացումներէն կ՚ախորժի։ Լրագրին կշիռը: Գիրքին կապուած դժուարութիւններն են, որ մեր աշխատողները պիտի մղեն դիւրինին, անամբողջին։ Ատկէ՝ աճապարանք, թերթին հասցնելու, գործին վախճանին վազելու եւ ուրուագրումով` գոհահալու, ձգտելու տեղ լեցուն պատկերացումին։ Ամենէն օժտուած ապրողը Պոլսոյ մեր վիպողներէն, Զօհրապ, ամենէն շուտ լքողներէն մէկը պիտի ըլլար: Սքանչելի «Անհետացած սերունդ մը»ն չունեցաւ իր երկրորդը։ «Նարդիկ»ը . Զոհրապ) «Հայրենիք»ի մէջ անաւարտ, անաւարտ էր մանաւանդ իբրեւ ոգի, իր առաջին իսկ էջերէն։

[6]        Արեւմտահայ վէպին համար հզօր կարելիութիւններ կային, ռոմանթիք ինչպէս իրապաշտ սերունդներու օրերուն, նուաճել այդ հրաշքի մօտ աշխարհը։ Երկու դարէ ի վեր մեր տարեգրութիւնները (annales) կը պահէին անոնցմէ անփոխարինելի անեքտոդներ։ Այդ մարդերը զարնող դէպքերու ահաւոր եղերականութիւնը ինքնին բաւ էր ճարելու արուեստի գործի մը ամենէն դժուար արժանիքներէն մէկը: Այդ մարդերը կը ներկայացնէին յաճախ բացառիկ հանդէս մը նուաստագոյն պայմաններէն մինչեւ գերագոյն գագաթները, ու ասկէ ալ դէպի խորխորատ ելքի, եւ էջքի զարմանալի ուղեգիծով մը: Այս երկու եզրերու մէջտեղը դրէ՛ք Արեւելքը, թուրքը, հայը, եւրոպականը, սեռը, արիւնը, դրամը, փառքը, մեր կիրքերուն բոլոր ստեղները, մեր ժողովուրդին շնորհներն ու մեղքերը, մեր ժամերը կարճ՝ այն ամէնը, որով կը սնանի արդի վէպը։ Ի՞նչ ըրած ենք այդ ուղղութեամբ։– Գրեթէ ոչինչ: Տիրան Քէլէկեան, թուրք պետական մարդու ողբերգութիւնը («Պայրաքտար փաշա») պիտի ձգտի արդիական հանդերձանքով մը մատուցանել մեզի, ու պիտի չտառապի, թէ Տիւզեաններուն, Պալեաններուն ողբերգութիւնները, որոնք կը մնային անայց, իբր փաթեթիք նոյն քան ու թերեւս աւելի կ՚արժեն, քան ինքզինքը օդը հանող վէզիրի մը պատմութիւնը։

[7]        Չեմ կարծեր, որ էջերու ծաւալի հարցը մեծ դեր մը ունենայ այս անյաջողութեան մէջ: Աւելի չեն Լ. Բաշալեանի տրամադրելի էջերը, պատմուածքի մը համար: Բայց երբ կ՚աւարտէք այդ չորս–հինգ էջը, ձեր մտքին մէջ անջնջելի կերպով փորագրուած կը զգաք հիմնական գիծերը, նկարագիրները հոն պարզուած կեանքին։ Նոյնն է պարագան Զօհրապի, Կամսարականի։ Երուխան միջին մըն է առաջին գիծէ վարպետներուն եւ այն միւսներուն, որոնք գաւառական բարքեր կը պատմէին այդ օրերուն։ Չեմ տար անուններ, որոնք այդ բարքերուն grotesque-ը աժան հեգնութեամբ շահագործեցին։ Բայց կը յիշեմ Թլկատինցին, որուն առաջին քրոնիկները, բարքով ու հumeur-ով, կը զուգադիպին Երուանդ ստորագրուած կտորներուն։ Մտքի ձեւ մըն է իր մօտ այս ամբողջութիւնը, որուն ակնարկեցի արդէն իր խոնարհներուն առիթով։ Տկա՞ր էր արուեստագէտը այս մարդուն մէջ։– Չեմ երթար առաջ, նման վճիռի մը համար չունենալով զօրաւոր տուեալներ։ Լուսանցքայի՞ն՝ իր կեցուածքը, արուեստի դէմ։ Թերեւս։

[8]        Այս զառածումը ամենէն քիչ ես պիտի ըլլայի մատի փաթթողը, եթէ երբեք ինք իրեն համար արժէք մը, անհրաժեշտութիւն մը ըլլար։ Տոսթոեւսկի, Մարսել Փրուստ, Ճէյմս Ճոյս ի՜նչ հեշտագին պահեր կու տան իրենց ընթերցողներուն, երբ կը զառածին։ Այս մարդոց մօտ քովնտի սա շեղումները աւելի տիրական ազդեցութիւն մը ունին, քան վէպին սովորական, օրինական զարգացումը։ Բայց այս յաջողութիւնը գինն է շատ բարձր շնորհներու: Ռուս վիպասանին մօտ անիկա ահաւոր տրամաբանութեան մը փոթորիկն է, որ իմացական, բարոյական մեծ հարցեր կը ձգէ առջեւը ու ասոնց հետ ընթերցողը, ատեն չձգելով ասոր րոպէ մը անդրադառնալ։ Գաղիացի վիպասանը այդ զառածումով ամբողջ անցեալ, կորած աշխարհ մը պիտի կառուցանէ, զարմանալի ճարտարութեամբ մը։ Իրլանտացի վիպողը մեր կտոր–կտոր հոգիին մասերը պիտի խաղայ, էջերուն մէջ, իբրեւ անհուն դաշնամուրի մը վրայ, ուր ամէն մէկ մաս ինք իր մէջ, ինք իրեն համար այնքան բացառիկ գեղեցկութիւն է ու խռովք, որ կը մոռնանք ամբողջութիւնը ու իր պարտադրանքը։ Երուխան։