Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

1. ՀԵՔԻԱԹԱԳԻՐԸ

Այս աշխատութեան մասնակի ծրագիրը զիս կ ՚ արգիլէ խորանալէ, քննելու համար հեքիաթներու գրականութեան ընդհանուր նկարագիրը ու մանաւանդ հ այկական ֆոլքլորը, որ նախանիւթը պիտի ըլլար արուեստին։ Դարձեալ պէտք կը զգամ զգուշաւոր ըլլալու, տարտամ, այսինքն սնամէջօրէն գրական դատաստաններ տարազելէ մեր ժողովուրդի հոգեկան կազմութեան, զգայնութեան եւ ուրիշ ընդունակութեանց մասին։

Հեքիաթը մեր նորագոյն գրականութեան յարգի սեռերէն մէկն է ։ Պէտք է զանազանութիւն մը դնել սակայն ու չշփոթել արուեստին չելած ու նախնական մնացած հեքիաթները (որոնց այլապէս արժէք կը վերագրեմ ) մշակուած եւ աւարտած կտորներու հետ։ Աղայեանցի « Տորք Անգեղ »ը մէկ նմոյշն է առաջինին, Զարդարեանի « Զարնուած որսորդը »՝ երկրորդին եւ փորձուած է մանաւանդ արեւելահայերուն մօտ` մեծ յամառութեամբ, երբեմն յաջողութեամբ։ Արեւելահայերը աւելի հետապնդած են չափաբերուած ձեւը։

Անոնք մշտապէս ձախողեցան ։ Այս ձախողանքին գլխաւոր պատասխանատուն Պոլիսն է։ Հոն հեքիաթ կը փորձեն՝ հետեւած ըլլալու համար խեղաթիւրուած ազգագրական նկատումներու կամ ոճի մարզանք կատարելու։ Ան կ՚անգիտանայ գործը առաջացնող զգայնութիւնը հիմնովին։ Նախնականութիւնը վրայ տուած ու բառերու հնչական նրբութեանը վստահուած զգայարանքներ անկարող եղան հաշտեցնելու միամտութեան ու խորունկ իմաստի կրկնակ նկարագիրները, որոնցմով կազմուած է արուեստի ելած ամէն հեքիաթ։

Չափուած կամ արձակ, մեծ արուեստագէտի համար հեքիաթը անփոփոխելի գետին մըն է, ուր երեւակայութիւն, դիտողութիւն, երազանք, քմայք, հեգնութիւն, փորձառական իմաստութիւն այսինքն՝ ժողովուրդի մը հոգին շինող մեծագոյն բաղադրիչները նիւթ կը դառնան խիտ, յատկանշական ու վերջնական կառուցումներու. ուր մեծ արուեստագէտը միշտ պատեհութիւն կրնայ գտնել դիւրաթեք, անհունօրէն ընդլայնող կամ փոքրադրուած շրջանակներու (cadre) վրայէն հասնելու դիմացկուն, չըսելու համար տեւական սեւեռումներու։

Պոլսեցիները քիչ բան պիտի հասկնային հեքիաթին այս առաքինութիւններէն։

* * *

Զարդարեանի հեքիաթները կը բաժնուին երկու որոշ խումբերու՝ սկզբնական եւ գրական։

Տարօրինակ է, որ անոնք ժամանակագրօրէն ալ ճշդիւ ենթարկուին այս բաժանումին։ « Երբ մարդը չէր մեռներ »ը անցման կտոր մըն է առաջին ու երկրորդ ձեւերուն մէջտեղը։ Զարդարեան անդրանիկ բխումով տուած է իր տաղանդին ամբողջ տարողութիւնը, վերջնական տարազով։

Սկզբնական հեքիաթները գրուած են բոլորն ալ առաջին շրջանին։ Այսինքն՝ երբ գրագէտը դեռ զօրաւոր ազդեցութեանը տակն է իր շրջապատին եւ իր երիտասարդութեան։ Երբ դեռ գրականութիւնը, այսինքն՝ սորվուածն ու փնտռտուքին թելադրածը չեն ենթարկած անոր զգայարանքները իրենց այլասերումին։ ( «Զարնուած որսորդը», «Ծովակին հարսը», «Քարացածները», «Ծաղիկներ, կարմի՜ր ծաղիկներ»

Ասոնց նկարագիրները տեղական գոյն, ճիշդ գծագրութիւն, փորձառական իմաստ, նկարող տարրի ազնուութիւն, ոճի շ ուք, պատկերի յաճախ նորութիւն, միշտ հ արազատութիւն, ցեղային կնիք, ինքնաբուխ խորհուրդ, անմիջական տպաւորում, արուեստ եւ մշակում։

 

Տեղական գոյն

Կիսադարեան գրականութեան մը ընթացքին մեր գրողները շատ բաներ տուած են մեզի, բառ, յուզում, արցունք ու բացագանչութիւն, բարքեր, երբեմն տիպարներու ուրուներ, գարուններ ու լուսիններ եթէ կ՚ուզէք։ Ոչ մէկուն մտքէն անցած է տալ մեզի մեր երկիրը, այնպէս, ինչպէս որ է անիկա։ Հակառակ անոր, որ նոր շ ր ջ անի (1900) ամբողջ ճիգը այդ ուղղութեամբ, այսինքն նկարագրական գիծով է որ քալեց, մեր երկիրը բացակայ մնաց մեր արուեստ է ն։

Ճամբորդի տպաւորութիւններ, տեղագրութիւններ, « վերելք »ներ շատ եղան անշուշտ: Բայց բոլորին մէջ տիրող շեշտը թուումի եղանակն է, որ անուններ կու տայ, բայց չի կրնար հ ողը տեսանելի ընել, որ կը յաւակնի քաղաքներ ու երկրամասեր պատմել, բայց չի կրնար իրարու վրայ դնել տունի մը յարկերը կամ հ ողի մը երանգները։ (Օտարներու վկայութիւնները կը կազմեն մինչեւ հ իմա մեր աղբիւրը)։

Զարդարեան այդ հարցով տառապող մեր առաջին գրագէտներէն է։ Անոր շ նորհիւ է, որ այդքան ցանկալի այդ մասնայատկութիւնը՝ իրական, աւելի յաւակնոտ բառով մը՝ տեղական գոյնը կարելի հաւատարմութեամբ մը մարմին կը դառնայ անոր հեքիաթներուն մէջ։

Ո ՛ չ Խրիմեանի անտաշ ու դանդաղ իրապաշտութիւնը, ո՛չ ալ Սրուանձտեանցի նկարագրութիւնները, որոնք խեղդուած կը մնան խճող, ծանրաբեռնուած ու դիւրին զգայնոտութեան մը նոյնքան ան հ արկի զեղումներուն տակ, չեն կրցած մեր երկրին դիմագիծը բեւեռել։ Սրուանձտեանցի համար մեր երկիրը քարտէս մըն է, ուր տիրացու մը, ձեռքին յատուկ անուններու ցուցակ մը, վեր ու վար փ նտռտուքներ կ ՚ ընէ։ (Երջանիկ է, անլուր երանութեամբ մը, երբ թուղթին ու քարտէսին վրայ անունները իրարու կը պատասխանեն։ Լացը միայն կը պակսի Սրբազանին)։

Զարդարեան քանի մը արագ, բայց վճռական գ իծերով կը հասնի կառուցումին ու անոր հ անգոյցին։ Ու հ արազատ է կապը, շաղապատման ճարտարապետութիւնը այդ գիծերուն: Անոնք կու գան անձնական դիտողութենէ, թերեւս բիւրեղացումներ է եւ որոնք կը կուտակուին անգիտակից, անդրագոյն խօսքերու մէջ։ Ու գրագէտը կը հ անէ զանոնք, առանց աղարտելու ձեւերուն պրիսմակը։

Յի շ ել մանաւանդ սա շատ կարեւոր պարագան. Այս աշխատան քը տեղի կ ՚ ունենայ սահմանափակ շրջանակի մը վրայ, ուր հ եղինակը կերպով մը կաշկանդուած է ու արգիլուած՝ իր վրձինին ամբողջ ուժն ու ընդունակութիւնը շահագործելու լայն, մանրամասն, խնամուած հ արուածներով [1] ։

Գոյնի խաղերէն աւելի, շարժումի զգայութիւններով է, որ այն կը հասնի այս արդիւնքին։ Ու կ՚ունենանք մեր երկիրը, ինքն իր մէջ, նոյնիսկ տեղ–տեղ անկախ իր վրան ապրողներին, իբր ձեւ, կարկառ, տարրերու արձանացում, օդն ի վեր գալարում կամ սարերն ի վար փրփուրի մեծ ճամբայ։ Երբ գ ետ՝ մը կ՚ոռնայ խարակներուն զարնելով իր ալիքներուն քիթերը կամ ժայռերը կը սպասեն դարերու անէծքին յապաղած լուծումին։ Կամ՝ լիճեր կը կլորնան, հ արսի երեսներու նման, հ արսները թաղելով իրենց սիրտերուն մէջ։

Բոլոր այս տեսիլները, տեսարանները կ ՚ առարկայանան վերջնական բոլորիի մը տիրապետումին տակ։

 

Ճիշդ գծագրութիւն

Վաւերական ամէն գրագէտի մէջ քիչ անգամ կը բացակայի գծագրական ճարտարութիւնը։ Անիկա խարիսխն իսկ կը մնայ գրելու յատկութիւններուն, երբ արտաքին ու անտեղի ազդեցութիւններ չեն խաթարեր անոր առողջութիւնը։ Աչքի տուրքերէն ամենէն կարկառունը համարուող այս առաքինութիւնը անհրաժեշտ պիտի ըլլար մանաւանդ գրականութեան մը համար [2], ուր ուրիշ բեւեռումներու անկարելիութեան դիմաց, գրողին կը մնար ու տարածուիլ արտաքին աղկաղկ պատկերացումին։ Ուր, պատմական, ցեղային խառնուածքէն, յեղափոխական խմորումով թրթռուն ազգայնական գոլէն պարպուած մեր երկիրը (գրաքննութիւնը աւելի քան երբեք անողոք է այդ օրերուն, 1900) նիւթ պիտի տար այլապէս շահեկան սեւեռումներու։ Ու անոր ծփանուտ, կնճռոտ դէմքը պիտի ենթարկուէր ճշգրիտ գծագրութեան մը կաղապարումին։ Հասկնալի է ուրեմն Զարդարեանի խնամքը՝ իր քերթուած–հեքիաթներուն ճարելու ապահով ու լրիւ ու հաստատ հէնք մը գիծերու։

Այս աշխատանքին համար անոր բազուկը ունի անհրաժեշտ կորովը գրիչը ամուր կոխելու։ Ու սեւեռումները, իրացումները կը հ պատակին, նուաճուած գրագէտին սուր ու անողոք intuition–էն։

Եթէ իբր տեղագրութիւն, գետինի կամ կարկառի պատկեր՝ անոնք քիչ մը շ ա տ ստեղծում ու ինքնատիպ տեսնուածք մը կը մատնեն (ո՞վ ըսաւ թէ արուեստագէտին պարտականութիւնը զուգա հ եռական կ ՚ ըլլայ երկրաչափի մեթոտներուն) ու ենթարկուած տեսակ մը խստացում ի, կարծրացումի (որ արուեստի տարուած բոլոր իրականութիւնները կը գտնէ, զանոնք պաշտպանելու համար դիւրին լուծումէն, քայքայումէն), նախընտրելի են միշտ միւսներուն, այսինքն Խրիմեանի, Սրուանձտեանցի թոյլ, ծուռիկ-մուռիկ, կենալու տեղ թալթլող, թափուող գծագրումներէն։ Առանց գոյնի նպաստին նոյնիսկ, անոնք պիտի բա ւ էին իրենք զիրենք փրկելու, իրենց զուսպ, վերջնական առարկայացումովը։ Չէ՞ որ երբեմն փորագրութիւններ աւելի արժեցին քան անարուեստ նկարները ։

 

Փորձառական իմաստ(ութիւն)

Հ եքիաթները դարաւոր փորձառութեանց հ անգանակներ են։ Երբեմն, անոնք խլեակի մը ձեւին տակ մ եծ, հ եռաւոր, ա ՛ լ մոռցուած համարուող նաւաբեկութեանց չարաչում, բայց սթափեցնող յ իշատակը կը պտըտցնեն սերունդէ սերունդ։ Ու կան, որ կը խօսին ուրիշ օրերէ, երբ ցեղը տարբեր էր ներկայէն։ Ժողովուրդի մը երեւակայութիւնը, հ ոգեկան աշխարհը իր խորագոյն ալքերուն մէջ վրդովող այդ դրուագները դարերով կը դիմանան, նոյնիսկ իրենց ստուերնե ր ովը, որոնք կերպով մը կախուած կը մնան արդէն անոր ճակատա գ րի ճամբաներուն։ Ու սերունդները միշտ ջնջելիք կամ աւելցնելիք բաներ կ ՚ ունենան նախնական տեսիլքներուն վրայով։ Ու ամէն արուեստագէտ, նոյնիսկ ժամանակակից մը, օրինակի համար, Ռուբէն Զարդարեան նոյնատիպ օղակն է մեծ շղթային, որ ցեղի մը հոգին կը կոչուի։ Ան, արուեստագէտն է որ կրնայ, ուրիշներէն աւելի դիւրութեամբ, անցնիլ հասարակ պատկերին փաթաթէն (եթէ կը ներուի այս բացատրութիւնը) ու իջնել անցեալներու հաւաքական փորձառութեան ու անոր իմաստին ։

Նման վերբերումները երբ տեղի կ ՚ ունենան փափաքելի խղճահարութեամբ, անպայման գեղեցիկ են։ Այսպէս է որ գրեթէ բիւրեղացած կը ներկայանայ մեզի ինչ որ մեզի հասած է մեր հին կամ մերձաւոր անցեալէն։ Վասնզի թուղթը քիչ մը կասկածելի ժառանգութիւն մըն է ու տարբեր ժողովրդական ճաշակ ըսուած անողոք դատաւորէն, որ կեանքի իրաւունքը կը շ նոր հ է միայն ու միայն արժանիքներուն։ (Չշփոթել դարերով գործող ու ատով միայն արդար մնացող ընտրողական այս իմաստութիւնը կարճ շրջաններու կողմէ բաշխուած ժամանակաւոր եւ անիմաստ համբաւին հետ։ Ո՞վ պիտի յիշէ, օրինակի համար, մեր ազգայնական (1860-1880), կամ արեւելահայ բանաստեղծներու այնքան ժողովրդականացած երգերը։

Այս ուղղութեամբ բախտաւոր է Զարդարեան։ Ան առանց դժուարութեան մատը կը դնէ հանգոյցին, որուն տակ կը սալարուի իմաստը ու իր հեքիաթներէն ոմանք խորհրդանշանները կ՚ըլլան մեր ժողովուրդի քանի մը մտածումներուն [3] ։ Սկզբնական հեքիաթները այդպիսով փորձառական դասեր են նոյն ատեն։ Գրագէտին ճարտարութիւնը կառուցումին մէջ սքողել գիտցած է այս հ ասարակութիւնը։ Միւս կողմէն գուշակելի ակնարկութիւններով ալ չէ խրթնացուցած քերթուածը։ Պզտիկ, գրեթէ բնական ճիգ մը մեզի տեսանելի կ՚ընէ մարմինն ու հոգին, որոնք, իրարմէ առանց բաժնուելու, կը ներկայանան մէկ երեսով, բայց կրնան առանձնանալ, առանց որ ամբողջութեան տպաւորութիւնը խորտակուի։ (Դիւրութեամբ, գրեթէ առաջին հ պումով, կը պարպուի խորհուրդին մասը « Զարնուած որսոր դ ը »ին պատկերէն, ու այս կարելիութիւնը նշմարելի չէ դուրսէն)։

 

Նկարագրող տարր

Մի՛ մոռնաք 1900–ը։ Անոր բոլոր տկարութիւններուն քովէն պէտք է հ անդարտօրէն դիտել կատաղութիւնը, զոր ան կը ցուցադրէ նկարագրելու միակ ու վերջնական արուեստին մէջ։ Զարդարեան չէր կրնար չազդուիլ անկէ։ Իր գործին ժ խտական մասը արդիւնք է այդ ազդեցութեան, ինչպէս եղաւ Մեծարենցին համար ալ։ Բայց բարեբաստութիւն է, որ առաջին շրջանին մէջ անիկա չէզոքացուցած է այդ ճնշումը։ Մնաց որ հրապարակին վրայ իրապաշտ շ ունչը դեռ կ՚ապրի ու Զօհրապ աւելի քան երբեք տէրն է իր տաղանդին։

Գաւառական ծագումը աւելցուցէ ՛ ք այդ արտաքին պատեհութեան։ Տուէ՛ք սակայն լայնագոյն բաժին մըն ալ տաղանդին, որպէսզի անոր պատկերները տարբերին ընթացիկ միջակութենէն։ (Քիչ չէ թիւը գաւառացիներուն, որոնք ոստանին բառերովը կը ներկայացնեն, այդպէս պերճագեղ ու այդպէս անիրական՝ իրենց գիւղերուն այգիները։ Ա. Յարութիւնեան, օրինակի համար)։ Ու այս տարբերութիւնը յաւելում մըն է, ու թանկագին տեսակէն, պոլսականին վրայ, բայց նկարագիր տուող։ Ոստանին մա շ ած, բռնազբօսիկ եւ կամ ուռուցիկ (պոռոտ) երանգաւորում ի ն դիմաց, Զարդարեանի հանդարտ` կամ յանդուգն քոլորին տարաշխարհիկ ըսուելու չափ նոր է եւ հեռաւոր։ Նոյն ատեն զուսպ ու ազնիւ։ Եթէ իր մօտ ալ՝ ածականները առաւելապէս վերցուցած են զայն ճարելու անփառունակ պաշտօնը իրենց վիզին, փ շ աւոր չեն այնքան, որքան պոլսեցի գրողներուն գրչէն բռնի հրապարակ նետուածները։ Ասոնք էջերով կը նկարեն (նախընտրուած նիւթը հասուն կինը կամ երիտասարդ աղջիկն է։ Տխուրը այն է, որ այս էջերը կը լեցուին պարզապէս այդ նկարագրութիւնները ք շելու համար), տիպարը կեցուցած ձեր առջեւ, սկսելով մազերուն « մետաքս »էն մինչեւ կ օշ իկներուն շողարձակ « եփենոս »ը։

Իր սկզբնական հեքիաթներուն մէջ Զարդարեան մարդերէն աւելի իրերուն յատկացուցած է իր վրձինը։ Ասիկա եթէ ուղղակի հետեւանքը չէ գրուածքին սեռին, գոնէ Զարդարեանի ստեղծած շրջանակին (cadre) ամենէն աւելի անմեղը կը մնայ դարձեալ։ Ու նոյնիսկ ի վերջոյ կը վերածուի ազնիւ առաքինութեան մը։ (Մի՛ բաղդատէք նկարագրելու այս ձեւը օտար գրականութեանց մէջ փորձուած մեծ թեքնիքին հետ։ Հոն գրագէտը ուրիշ մտահոգութիւններէ կը մեկնի)։

 

Ոճ

Զարդարեանի հեքիաթները ոճի ելած (stilisé) կառուցումներ են։ Առանց մոլորելու գրագիտական տուեալներու շ աղակրատ տեսութեանց մէջ, կ՚ըսեմ անմիջապէս, որ անոնց մէջ կարելի է հաստատել ընդհանուր ձեւ մը հում նիւթին մօտենալու (որ ուղղակի եղանակն է երբեմն, եւ յետոյ զայն շահագործելու (որ ստեղծագործ եղանակն է միշտ)։

Հոս է որ կը տարբերին գիրքերով մեծցած ու կեանքէն յառաջացած գրողները։ Առաջինները բառերուն հետ կը խաղան ինչպէս ոսկերիչ մը գո հ արներուն հետ։ Անոնց համար յղկումը, ընդհանուր ու տժգոյն ներդաշնակութիւնը կամ հ ամադաս երանգներուն հաշուուած տսլաւորութիւնը գերադաս կը մնան քան բուն իսկ մտածումը, զգացումը, որուն արտայայտութեան համար ճամբայ ելած էին։ Երկրորդները միշտ կը տառապին, վասնզի գրեթէ իրենց համար սենեակի զբաղանք մը չէ։ Անոնք ներքին ու նոր կուտակումներ ունին եւ անոնց արտաբերումին ճնշումն է որ կը չարչարէ զիրենք։ Ու հ ոս է որ անոնք կը խոշտանգեն լեզուն, տակնուվրայ կ ՚ ընեն կանոնները, կը պրկեն բառերը, զանոնք կը շ արեն նոր, իրենց միայն ծանօթ նուա գ ներու եւ դաշնակութիւններու ի խնդիր ու այսպիսով անոնցմէ կը ստանան երանգներ, մեղեդիներ, որոնք անակնկալի նման կը տպաւորեն մեզ։

Զարդարեան իր առաջին հեքիաթներուն մէջ դասելի է գրողներուն երկրորդ կարգին։ Դէպքերը, խորհուրդը, տրամը, իմաստութիւնը, տեղն ու պատմումը, ամէնը իր գրիչին տակ կը լքեն իրենց հասարակ կերպը, ու կը վերածուին ոճի մը, որ այս անգամ կ ՚ ազատագրէ, կ ՚ անջատէ հում նիւթը, զայն քաշելով դէպի պողոտաները մեծ արուեստին։ Զարդարեան շատ մօտիկը կը գտնուի այդ կարելիութիւններուն։ (Դժբախտութիւն է, որ հայ գրագէտը ազնուական առումով գրագէտը իր ձեռքովը, գրեթէ գիտակցաբար պարտաւորուած ըլլայ իր նիւթերը կէս ճամբան ձգելու, նոյնիսկ սպաննելու։ Ան չի կրնար համակերպիլ համբերատար երկունքին, որ մեծ, տեւական նուաճումներուն երաշխաւորն է յաճախ։ Հ ոս, անոր կը դաւեն ցեղին ճակատագիրը, ընկերային մշակոյթի խեղճ ու դիւրահաճ բարեխառնութիւնը, անճարակ ու պանդոյը քննադատութիւն մը, որ կը գովէ կամ կը հայհոյէ)։

Տալու այս ընդհանուր ձեւը (ոճը) Զարդարեանի դէմքը կը փրկէ իր շրջանէն ու կը յանձնէ զայն ապագային։

 

Պատկեր

Ոճի վրայ դատաստան մը կը մեկնի առաւելապէս գրական ըսուած պատկերներու թելադրանքէն։ Անոնց մթերքը, յանդգնութիւնը, նորութիւնն ու հ ոսանուտութիւնն է, որ գրագէտի մը գրուածքին (écriture) նկարագիրը կը ճշդեն։

Զարդարեանի մօտ պատկերները առատ չեն այնքան, որքան սպասելի էր նման խմորով գրագէտէ մը։ Անոր աշխատած գետինը բաղդատաբար կոյս գետին մըն էր, քան պոլսեցիներուն մարզադաշտերը։ Շփում ունենալով մեր ժողովուրդի նախնական տարրերուն հետ, ան պատեհութեան մօտիկն էր անոնցմէ ընելու անհուն սեւեռումներ։ Բայց ինչ որ տուած է, այդ տեսակէտով, յաճախ վճռական իրացում մըն է, ուր աչքի թելադրանքին կու գայ միանալ անգիտակից, թերեւս առհաւական տեսակ մը թելադրանք ալ։ Ասկէ՝ դէպի ցեղային նկարագիրը պզտիկ է անջրպետը։ Բայց անջրպետը կա՛յ։ Անիկա մանաւանդ աչքի կը զարնէ երբ համեմատուին Զարդարեանի եւ Թլկատինցիի պատկերները։

Այս վերապահումը հ եռու է վնասելէ։ Իր պատկերները կազմելու համար Զարդարեան ինքզինք չի բռնադատեր, ինչպէս է պարագան շրջանի ասպետներուն մօտ, որոնք ինքնատիպ ըլլալու առաջին պայման նկատած են մեծաքանակ փոխաբերութիւնը։ Ան կը շ ինէ իր պատկերները քիչ մը հ եռանկեալ, բայց ոչ բոլորովին անծանօթ տար ր երով։ Յաճախ ժողովրդական ասութիւնը, երբեմն բառը կը տանին իր գրիչը։ Ըսել կ ՚ ուզեմ ան կը մտնէ դէպի գիւտ տանող ճամբան ամէնուն բերնին մէջ ծամուած բառերու վրայէն, որոնք նոր պատկերներ ընծայելու ամենէն ընդունակ տարրերն են, քանի որ իրենց առօրեայ գործածութիւնը զանոնք կը նետէ բազմազան պատեհութիւններու եւ անոնց խորը կը դիզէ կեանքի, նորնալու մեծ մթերք մը։

Այդ գիւտերը կը մասնաւորուին անով, որ գրական երեւակայութեան մը յօրինուածքը չեն, կամ գոնէ ոչ միշտ։ Կու գան անոնք զգայարանքներու միջնորդութեամբը։ Առաւելապէս աչքն է, որ կը նօթէ անտիպ զգայութիւնը։ Զգայարանքներու այս նպաստը եթէ իբր քանակ կը վիրաւորէ Զարդարեանի ամբողջ գործը, ընելով անոր պատկերները զուսպ ու սակաւադէպ, միւս կողմէն կը ճարէ անոր անփոխարինելի ցայտունութիւն (relief)։ Ինչ որ գտած է ան, հարազատ է ատիկա։ Այսինքն՝ ինքնատիպ։ Ու ատով ըլլալով հանդերձ, անջատ գրողի յատկութիւն, կը դառնայ սեփականութիւն թերեւս ամբողջ ժողովուրդի մը։ (Վասնզի ինքնատիպ գրագէտը, նոյնիսկ տկարագոյն աստիճանէ մը, միշտ աւելի յատկանշական է, քան սովորական տարրերու մէջ առաւելութիւն ներկայացնող, բայց հարազատութեամբ աննշանակ գրող մը։ Անոր է, որ կը դիմենք ցեղային նկարա գ իրներ ստուգելու նպատակներով)։

 

Ցեղային կնիք

Ու մշակեցէ՛ք այդ հեքիաթները (ըսել կ ՚ ուզեմ, եթէ Զարդարեան խղճմտութիւնն ու համբերանքը ունեցած ըլլար իր մէկ–երկու հեքիաթները մշակելու, քա շ ելու տանելու համար զանոնք հ ամամարդկային արուեստի մը), այն ատեն մեր գրականութիւնը իսկական արժանաւորութեամբ մուտք կ ՚ ունենար գեղեցկութեան մեծ պանթէոնէն [4], ուրկէ այնքան եղկելի ձեւով վտարուած կը մնայ մինչեւ այսօր։ Զարդարեան ար գ իլուած է այս ճիգէն այս ու այն պատճառներով։ Բայց մնալով մեր իրականութեան մէջ, ինչ որ ըրած է, բավական է որ իր գործը կարենանք զատել հ պարտութեամբ, պոլսեցիներուն թանձր կամ ազազուն կամ իգական կամ գիջամոլ հ եշտերգութիւններէն ու տռփանուագ քերթուածներէն։ Անոր հեքիաթներուն մէջ կայ մեր ժողովուրդէն ընդհանուր, թէեւ ոչ խորունկ, կնիք մը, բուն գիւղացի տարրին եթէ ոչ հ ոգեբանութիւնը ( հ ոգեբանութիւնը արգելափակ կալուած մը մնաց Զարդարեանին համար։ Ան չափազանց բանաստեղծ էր ուրիշներուն հոգիներովը զբաղիլ զիջանելու համար), գոնէ ժուժկալ, ազնուական թախիծը, անտեսող բնաւորութիւնը, որ նոյնն է բառին կամ հ ողին, հ աճոյքին կամ երազին վրայ։

 

Ինքնաբուխ խորհուրդ

Միայն այդ չէ սակայն։ հեքիաթը հ ինէն ի վեր միջոց մը նկատուած է խորհուրդ խտացնելու:

Պարզ է, որ ժողովրդական իր ծագումով, կեանքովն ու աճումովը, փոփոխութիւններովը հեքիաթ մը միշտ պիտի կրէ իր վրայ հետքերը իր դարաւոր կենցաղին։ Անիկա չի նմանիր գրողներու գործերուն, որոնք բախտաւորագոյն պարագային՝ մասնա ւ որ պա հ երու եւ ճշդումներու կնիքը ունին եւ որոնք փոքրագոյն փոփոխութեամբ մը մոմիայի կը վերածուին։

Ուրի շ է տարողութիւնը հեքիաթին։ Անիկա անգիտակից բիւրե ր ացում մըն է, աշխատանք մը, զոր ըրած է եւ կ ՚ ընէ մինչեւ այսօր ամէն ժողովուրդ։ Ֆոլքլորը ուսումնասիրողներ կը հասնին եզրակացութիւններու, հաստատումները, որոնք կրնան մինչեւ իմաստասիրական ընդհանրացումներ բարձրանալ։ Ժամանակակից արուեստագէտներ զանազան ցանկութիւններով կը մօտենան անոր։ Ամենէն յարմար ձեւն է ան, օրինակի համար, Օսքար Ուայլտի մէջ, անձնական թերեւս փարատոքսալ մտածում մը՝ նախնական, ֆանթասթիք տարազով մը հրապարակ նետելու։ Այնպէս մը որ, գաղափարը մեզի ծանօթ վերլուծական ա գ ուցուածքէն ու անոր հետեւող անխուսափելի քայքայումէն ազատէ ինքզինքը, կամ՝ այդ հեռաւոր զգեստաւորումով մեր մէջ պատրանքներ արթնցնէ։

Ամէն պարագայի տակ տաղանդն է, որ գրողը կ ՚ ազատէ այս կրկին խարակներէն։ Զարդարեանի սկզբնական հեքիաթները չեն շինուած ։ Ըսել կ ՚ ուզեմ՝ ան չէ աշխատած ֆրազի ու պատկերի ընդունակութիւններ շահագործել հեքիաթի մարզին վրայ, ինչպէս պիտի ընէին այնքան շատեր իրմէ ետք, կամ ըրին իրեն հետ։ Եթէ աւելի վերջերը անոր մէջ հ ասունցած գրագէտը վնասած է, անոր ստորագրել տալով շատ լա ւ կառուցուած հեքիաթներ, որոնց կը պակսի դժբախտաբար նախնական անփոխարինելի հարազատութիւնը, սկզբնական հեքիաթներուն մէջ ինքնաբուխ է խորհուրդը (որ իմաստութեան մը մարմնառութեան կը նմանի, աւելի շօշափելի, աւելի թանձրացած, քան սկզբնական յղացք մը)։

Արուեստագէտը ատոնց մէջ կը գործածէ կաւ մը, որուն խորը արդէն սրբազան, ստեղծագործ խմորէն տարրեր թաքնուած կը մնան։ Ժողովրդային յօրինումները այս կէտին է, որ կը տարբերին արուեստական, ուրիշ բառով՝ գրագիտական պիտակուած յօրինումներէն։ Կեանքին խորհրդաւոր աւի շ ը արդէն կ՚ուռեցնէ մասամբ այն խմորը, որ արուեստագէտին կը տրամադրուի բոլորովին լերկ ու մինակ։ (Մինչ հակառակն է, որ ճիշդ է անանուն ու անհուն ստեղծումին համար, որոնք մեր գիտնացած գրականութեանց նախաշրջանները այնքան պարզ ու գեղեցիկ կ՚ընեն։ Հոս փնտռեցէք հմայքը Մահապհարաթային, Հնգամատեանին, Իլիականին

Այդ նախանիւթն է որ կը սպասէ պատրաստ, անոր ափին տակ։ Ան է, որ փայլակով ծոցուոր մշուշի պէս կը շղ ար շ ուի սարերու թարթիչներուն, կամ լիճերը դամ բ արաններու կը վերածէ, ուր սէրը կը սպասէ բանտուած աղաւնիի մը նման։ Անիկա լեռներուն վրայ կը պտըտի դարաւոր եղնիկներու ոտքովն ու դողովը։ Ու ապառաժները մե հ ենական պատանքի մը պէս զայն կը քա շ են իրենց միսերուն մերկութեանը վրայէն։ Այդ խորհուրդն է, որ քարերուն սրտէն կը ծլի, ժայթքելով ինչպէս ուղխ մը արիւն ու փունջ մը կ՚ըլլայ, սառելով անդունդներու բերանին, ոսկի երակի մը գագաթին, ատանկ կարմիր, ատանկ որբուկ ու մարդկային։ Ու այս արդիւնքը փնտռուած ու այսպէս բերուած չէ երբեք։ Անիկա պատեանին տակ մրափող ներք ի ն կենդանութիւնն է, որ ձեւին հետ հ աշտ կը քալէ ամէն անգամ, որ անփորձ կամ բիրտ մատեր չստիպեն զայն փախուստի։

 

Անմիջական տպաւորում

Ու այս յատկանիշներուն համար է որ իր հեքիաթները կը տպա ւ որեն անմիջական եւ ուղիղ ճամբով մը։ Արուեստը երկրորդ կամ երրորդ գ իծին կու գայ այս արդիւնքին մէջ։ Մենք անոնց մէջ չենք հետապնդեր պատմութեան թափը որ կը համեմէ ու շահեկան կ ՚ ընծայէ ժողովուրդին բոլոր պատմումները։ Դարձեալ, բարոյախօսական կամ նոյնիսկ հեգնողական ու հumeur-ի նկատումներէ կը մնանք հեռու։ Մեզ տանողը՝ մարդերուն սանկ պարզ, մշուշոտ, ծփանուտ սահանքն է, այդ կերպով մեկուսացուած գրեթէ ժամանակէն։ Վերափթթումն է անոնց շրջապատին, անմիջական, ճշգրիտ, բայց բանով մը երազացած։ Ու ի ՛ նչ որ կը շինէ այդ մարդերուն ու այդ տեղերուն ամբողջական, ինքնայորդոր նկարագիրները, իրենց ստորո գ ելիներուն համայնական, համատրոփ թափօրովը։ Թեքնիքի, ճարտարանքի, գրագիտութեան բաժինը քիչ է այս վայելքի մատակա ր արումին մէջ։ Զարդարեանի հեքիաթները կը տպաւորեն նախնական կարծր, անակնկալ եղանակով մը, որ կը նեղէ քեզ քու վարժութիւններուդ մէջ ու մտաւոր անգործութիւնդ, ծուլութիւնը կը խո շ տանգէ ։

Տարբերութիւն կայ գրական յօրինումներուն եւ նախնական նկարագրով այս կառուցումներուն ազդեցութեանց մէջ։ Եթէ իր ֆրազը, ըսել կ ՚ ու զ եմ նախադասութեանց իր յարդարանքը քիչ դերով կը մասնակցի այս զգայութիւններու զարթուցումին [5], միւս կողմէն ամ բ ողջ ու զօրաւոր է, ինչ որ զգայարանքները կը հ այթայթեն։ Դարձեալ, եւ կը շեշտեմ հ ոս ազնուութիւնը անոր աչքին, որ բառերուն կը բաշխէ տեսակ մը լրջութիւն, դիմացող հոսանուտ մը, որ կը շաղկապէ զանոնք իրարու, կը տեղաւորէ նախադասութեանց մասնակի, հատուածին՝ ամբողջական կազմին մէջ։

 

Արուեստ ու մշակում ։  

Անշուշտ կայ ճարտարապետութիւն մը, որ բոլոր այս տարրերը կը համադրէ։ Բայց անոր օրէնքները կը վրիպին բանաձեւուելէ առաջին ակնարկով։ Գրագիտութեան ո՛չ մէկ դասագիրք մեզի լոյս կուտայ այդ ձեւով զրոյց մը, պատմում մը բացատրելու։ Ի՞նչ է այդ արուեստը։ Ո՛ր կալուածին, կամ գրողին ո ՛ ր երեսին վրայ անիկա կը յայտնաբերէ ինքզինք ամենէն կարկառուն եղանակով մը։ Որո՞նք են ու զինքը կանխող ազդեցութիւնները։ Ո՞ր չափով կը հպատակի շրջանին կամ կ ՚ անցնի անկէ։ Այս հարցումները վճռական իրենց պատասխանները չունին։ Ու դժուար է դարձեալ արտաքին ազդեցութիւններու բերանը բաժնել գրագէտին ընդոծին հ արստութենէն։ Ուշագրաւ է, որ հեքիաթներուն մէջ գործող եղանակը կը տարբերի գրագէտին ուրի շ արտադրութեանց մէջ կիրարկած եղանակէն։

Թերեւս աստիճան մը կարելիութիւն կայ հեքիաթներուն թեքնիքը մօտեցնել արձակ քերթուածներու ՝ այն օրերուն ընկալեալ կերպին. Ահա քանի մը գիծեր. 1) Շրջանակներ, որոնք չտարածուին ու դիտուին արագ ու քալող ակնարկով (վասնզի գրողին մէջ կայուն վիճակ մը չէ այդ նկարագրականը թելադրողը)։ 2) Կարճ, հաշուուած փարակրաֆներով իրարու աւելցող հատուածներ, որոնք երբեմն պատմութիւնը շ արժեն, երբեմն տրամը սեղմեն ու մարդերը տագնապի նետեն (վասնզի կտրուած յուզումները միայն մատչելի են միջակութիւններուն, ու կեդրոնացման համար պահանջուած կորովը կը խորտակէ անոնց ազազուն ջիղերը»։ 3) Գործողութիւն մը, որ միշտ փնտռուած է ու երբեք ամբողջ։ 4) Ամբողջական յօրինումի փոխարէն մասերու հ ամաչափ յարդարանք, որ շ ինծու հ ով մը կու տայ կ տ որին։ 5) Մանրամասնութեանց մէջ խնամք ՝ ամբողջական գործադրութեան (exécution) հ անդէպ անփոյթ տկարացում ։

Եթէ ասոնք չափով մը ճիշդ են շրջանին համար, ու մասամբ դարձեալ ճիշդ Զարդարեանի հեքիաթներուն արտաքին կողմին հ ամար, դեր չունին սակայն անոնց ներքին (intrinsèque) յօրինումին վրայ։ Անոնց մէջ յաղթահարուած գեղեցկութիւնը, անոնց անորակելի հ ամը, տեղ-տեղ մեծվայելուչ լայնքով հ որիզոններուն գուշակումը զգացնող ինքնաբուխ ու առատ պայծառութիւնը, տեղ-տեղ թախծոտ ու ամփոփուած ցայգալոյսը Զարդարեանի համար կ ՚ ապա հ ովեն անառարկելի իր փառքի դիրքը մեր նոր գրականութեան սակաւաթիւ ընտրանիին մէջ։

Գրական հեքիաթները իր դերը աւարտած, կեցած գրագէտի արտադրութիւններ են ու հետեւաբար նուազ յատկանշական քան առաջինները [6] ։

Ինծի անծանօթ է Զարդարեանի անձնական, անկեղծ դատաստանը անոնց մասին։ Սա ստոյգ է, որ ոճին պատրանքը տպաւորեց։ Հոս, ես կը զատուիմ ամբոխային հ իացումէն, որ գրեթե միշտ անիմաստ է ու անարդար, ու կու տամ այդ հ ամբաւաւոր հեքիաթներուն ալ մէկ քանի նկարագիրները։

 

Ոճի շքեղանք

1900–ի սերունդին առաւելակշիռ արժանիքը լեզուական ճոխութիւնն է, որ շատ բաներու ճամբան գոցեց ու յաւակնեցաւ շատ բաներ փոխարինել։ Բայց դատապարտելի է այդ ճոխութիւնը, քանի որ մեր գրողները զառածեց պարկեշտ դիտողութենէն ու կենդանի յու զումէն։

Անիկա աղէտաւոր ձեւով մը ազդեց մանաւանդ անմիջապէս յաջորդող սերունդին մեծ տաղանդներուն ալ վրայ։

Մեծարենցի արձակը գրեթէ անհանդուրժելի է նոյն պատճառներով։ Սիամանթօն բառերուն ետեւէն արշաւի հ անող մոլորանքը ուրի շ ազդակներ չունի։ Վարուժանն անգամ զերծ չմնաց այդ դժբախտութենէն, իր գործին մեծագոյն վէրքը բառերով հ ռետորութիւնն է։

Ուստի, պէտք չէ շփոթել Զարդարեանի գրական հեքիաթներուն մէջ ոճի հ արստութիւնը, որուն մեծագոյն աղբիւրները ածականները եղան, այն terne բայց իրական ճոխութեան հետ, որ զգայութիւններու, միայն ու միայն հ արազատ ու խոր ապրումին վաւերական տպաւորումին նպաստներովը կը կազմուի։ Արդիւնք է անիկա շատ տեսիլներու, իրերուն ասեղին տակ շատ դիմանալու, ու մանաւանդ, շատ սուր, դիւրաւ բեկուող ջիղերու հ արուած մը փռած ըլլալու իր միսերու բոլոր ճամբաներուն։

Պատկեր մը գործածելով, կարելի է զայն նմանցնել երիտասարդութեան սրբազան բխում այդ արու կամ քնքուշ շքեղութիւնը, որ այնքան շ ա հ եկան ու հ ամբուրելի կ ՚ ընէ մարմինները բուսական թէ կենդանական աշխարհին մէջ։ Յետոյ է, որ կու գայ գիրութիւնը, միսերուն օծուած, բայց մեղկ փայլը, որ ոչինչով կը յաջողի փոխա ր ինել ինչ որ անցած է անդառնալի կերպով։ Նոյնն է պարագան արուեստին մէջ ալ։ (Յաւիտենական երիտասարդութիւնը հ րաշք մըն է ու հետեւաբար կարելի)։ Ամէն սկսող իր հետ կը բերէ իր երիտասարդութիւնն ու անոր արոմը: Գիրք մը կը կարդացուի, երբ մեզի կը պատմէ այդ կոյս ոլորտներէն։ Ամէն մարդ իր վէպը ունի, ինչպէս իր դէմքը։

Զարդարեանի ոճը իր դրական հեքիաթներուն մէջ շ ա հ ած է ծալալով, որ կոկորդէն յուսահատ ու գործիքին ապաստանած երաժիշտներուն յոգնած ու գրեթէ չէզոքացած գիտութիւնը կը մատնէ, դաշնաւորութեամբ, որ զգայութիւններէն ցամքած մարդերու զբաղանքը կը թուի ինծի, երբ կը ձգենք կիրքերուն ու զգացումներուն մղումներն ու հոգիները եւ կ՚աշխատինք խնամի ընել բառերը բառերուն. պատկերացումով, ոը ժխտական յատկութեան մը կը վերածուի երբ հետեւակ է (Շիրվանզատէ եւ իր դպրոցը), երբ սանձարձակ է եւ չ ՚ ենթարկուիր հ ոգեբանական ճնշումին ու շահեկանութեան մեծ օրէնքներուն։

Բայց այդ ոճը վրայ տուած է անմիջական գծագրումը, հարազատ գոյնը, վայրկեանի զգայնութիւնը, տպաւորական տեւողութիւնը, որոնցմով միայն առարկաները անմիջական ձեւով կը մարմնանան, բառերուն ձայնէն կարծես թանձրանալով։ Որոնցմով միայն արտաքին հ նչումն ու ներքին տեսիլը իրարու կը պատասխանեն իբր անդրադարձ մը, իբր փոխադարձ աշխատանք մը վիճակներու, որոնք կ ՚ ուրուագծուին, բայց յ ստակ չեն բխիր եւ որոնց մեծ մասը ընկղմած կը մնայ անգիտակցութեան խորը։ Ու այս արդիւնքին մէջ փարթամ բառերը հ ա շ ուի շատ ուշ կ՚առնուին։ Անոնք չեն, որ կը յաղթահարեն իրականութիւնը, զայն ձեւի, առարկայացումը կապելով։ Վսեմ ոճը բառարաններուն կը պատկանի։

Ու ճիշդ այս առաքինութիւններով է, որ տպաւորութիւն գործեց « Ով որ սուլթան մը ունի իր հոգիին մէջ »ը։

 

Խորհրդապաշտական խորք

Պէտք չէ շփոթել այս՝ մտածուած, գունծ–գունծ որոճացուած ու բռնազբօսի կ խորհրդապաշտութիւնը (որուն կը հ անդիպինք բացառաբար գրողներու մարզին մէջ) այն բնական, ինքնեկ խորհուրդին հետ, որ նախնական, ժողովրդական հեքիաթներու ծոցը կը հ անգչի անտես, բայց իմանալի իսկութեան մը նման։ Առաջինը անբնական է ու կ ՚ արժէ անհատին տարողութեամբը [7] ։ Երկրորդը՝ հաւաքական։– Այսինքն՝ ժողովրդական խարիսխներով բոլոր կառուցումները, մեծ գրականութեանց նախընթացները եւ ասոնց կողքին իրենց անդրագոյն գոյութիւնը շարունակող բոլոր համայնական յօրինումները, որոնք հ ամակրելի կը մնան իրենց բոլոր տկարութիւններով, վասնզի առնուազն անոնք իրենց հետ կը փոխադրեն ժողովրդային տարբեր, ցեղի մը զգայնութեան բազմայեղ, տառապակոծ կամ երջանիկ ջուրերը։

Զարդարեան կը ճանչնայ երկու խորհրդապաշտութիւններն ալ։ Ան նախասիրած է սկզբնական հեքիաթներուն մէջ բոլորովին երրորդ մը, այսինքն ընթացիկ ու լուրջ ձեւ մը, որով սովորութիւն ունին գ րողները խորհուրդ ու պատկեր հ ամադրելու։ Իրապաշտներուն դէմ իբր հակազդեցութիւն կազմուած դպրոցը չի խանդավառեր զայն։ Մնաց որ մեր գրականութիւնը այդ ըմբռնումը չէ որդեգրած արդէն եւ զայն այլ գործածողները իբր բացատրութիւն որոշ բաներ չունին իրենց մտքին առջեւ։

Զարդարեանի գրական հեքիաթները կը պատկանին առաջին ձեւ խորհրդապաշտութեան, մանաւանդ իբր խորհրդանշան իրենց պարունակած իմաստին տեսակովը։

« Եօթը երգիչները » գիրքերէ սորված առաքինութիւններ կը փառաբանէ, խմողներու բերանով, որոնք բռնի բերուած են խոր հ ուրդի սեղանին:

Մէջէ մէջ պարիսպներով ու դուռներով ամրափակ իմաստութիւնը փնտռող ու խորհուրդը իր լեզուովը հ արուածող աշուղ-բանաստեղծը Ով որ սուլթան մը ունի իր հոգիին մէջ ») իր խորհրդան շ ական խորքը կը վերցնէ ժամանակակից անհատապաշտներուն շատ ծամծմուած ու ալ հ ասարակ տեղիք դարձած տեսութիւններէն, ու ոճի տարուած նախադասութեանց կը վստահի իր բախտը։

 

Անհատական կառուցում

Զարդարեան իր գրական հեքիաթներուն մէջ կ՚աշխատի սեպ հ ական կառուցումով ու կը ստիպուի անոնց իբր բնակիչ սեպհական, այսինքն հ նարովի իմաստութիւն մը հ այթայթել։

Հասկանալի է անշուշտ, որ իր աստուածը ունենալ ուզող մը պարտաւոր ըլլայ անոր տաճարն ալ լինելու: Մինչ, առաջին եղանակի հեքիաթները այս կերտումին համար իր նախանիւթ տրամադրելի ունին մեծ խաւեր աւանդութեան, անունի [8], շրջանակի [9], տեքորի, խարիսխի, բեկորի, նոյնիսկ շ ունչի ծուէններով եւ երկրորդներուն մէջ գրագէտը առանձին է բոլորովին։ Ու պարտաւոր է ամէն ինչ իր ձեռքերով պատրաստելու նիւթն ու մտածումը, խորհուրդն ու ճարտարապետութիւնը՝ նոյն միջոցներով ու ճիգով հ իւսելու։ Արդի՞ւնքը։

Այն կ ՚ ըլլայ, որ հեքիաթները կը կանգնին, շողարձակ ու տպաւորիչ առաջին ծեփին օծումովը։ Բայց ո՞ր փայլը կը դիմանայ։ Անիկա կ ՚ անցնի շ ուտ ու ժամանակը անողոք է հ անդէպ հ ասարակին, աղօտին, նորոյթէ ինկած ամէն ձեւերուն։ Վասնզի անոնք, գրական այդ հեքիաթները, ոտքի չելան իբր բիւրեղացումը այն տեսակ վիճակներու, զգայնութեանց ու հ ոգեբանութեան, որոնք ժողովրդական, տարտղնուած, բայց ներքնապէս զօրեղ երակներով հ արուստ էին ու կը սպասէին արուեստագէտին հ ամադրող մատներուն, այլ իբր արձանացումը մասնական, այսինքն անձեւական վիճակներու, զգայնութեանց ու հ ոգեբանութեան։ Արդ, Զարդարեանի մօտ գրագէտի կարողութիւնները ուրիշ խօսքով մարդը այնքան բացառիկ, արտակարգօրէն ուժով չեն, որպէսզի այդ ստեղծումները կարենան մինակ իրենք պարտադրել զիրենք։

Գրականութիւն

Ահա այս թերիները պարտակելու համար է, որ Զարդարեան պարտաւորուած է գրականութիւն ընելու։ Այսինքն՝ իբր իմաստ, դիտողութիւն, զգացում կամ զգայութիւն՝ սովորական ու միջակ տարրեր ամէն գնով փրկել ջանալու։ Հոդ, իր կոչին պատրաստ կը սպասէր միջոցը, դիւրատար ու համեստ նոր օրերու հ ռետորութիւնը որ տարբեր է 1870–ի սերունդին հ երարձակ ու միամիտ եղանակէն, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան ու դասական կաղապարով ծանօթ գրագիտական դաւանաբանութենէն։ Անոր առաջին ու կարեւոր սպասարկուները եղան իր ոճը, ֆրազ կազմելու ճաշակն ու գիտութիւնը, հ նչական ու շողշողուն երաժշտութիւն մը պարագաներ, որոնք Զարդարեանին չպակսեցան երբեք։

Ինչպէս կը տեսնուի, այս նկարագիրները ժխտական են, վասնզի գրական հեքիաթներուն մէջ Զարդարեանին պակսած են կեանքին ու խորհուրդին դաշնաւորումը, կեանքին ու խորհուրդին հ ամադրումը, հեքիաթներու անհրաժեշտ նախնականութիւնը։ Պզտիկ ընդլայնում մը պիտի պարզէ այս հ աստատումներուն տարողութիւնը։

 

Կեանքին ու խորհուրդին դաշնաւորումը

Այս տարրերը առանձին–առանձին կան անշուշտ այդ հեքիաթներուն մէջ։ Բայց անոնց իրարու վերածումովը, իրարու մէջ ամբողջական ձուլումովն է, որ կը ստեղծուի կատարեալ գործը։ Կեանքը, զոր գրագէտը կը նուաճէ արտաքին միջոցներով, դէպքերու ձեռնումովն ու իրադարձութեանց յարդարանքովը, հ ոդ, մօտէն չի հետեւիր խորհուրդին կամ իմաստին՝ իբր անոր ուրիշ մէկ երեսը, ճառագայթումը, կամ զայն չընդգրկեր, չի սեղմեր անոր հետ նոյնանալու աստիճան։ Ըսել կ ՚ ուզեմ՝, այդ կեանքը կ ՚ ընթանայ ինք իր գլխուն, իր սեպ հ ական թաւալումովը տարուած, փոխանակ խոր հ ուրդը քալեցնելու։ Ու ասիկա անտեղի է։ Վասնզի կեանքի պատկերացումներ վայելելու համար մենք ամենէն ու շ ը պիտի մտաբերէինք հեքիաթը, այսինքն՝ կեանքի տարրերով (երբ խճող, բուռն ապրում եւ մշակուած ու գերադրուած պայքար կ ՚ ուզենք հ ասկնալ այս բառին ներքեւ) այնքան նախնական ներկայացող այդ արուեստը, որ հեքիաթներունն է ամէն գրականութեանց մէջ։

Այդ հեքիաթներուն մէջ հ ակառակն է, որ տեղի կ՚ունենայ։ Կեանքը կը զատուի, գիտակից կամ անգիտակից անփութութեամբ մը։ Անտարբեր է անոր հ անդէպ, մոռնալու աստիճան անոր գոյութիւնը։

« Ով որ սուլթան մը ունի իր հոգիին մէջ »–ին կէսը նուիրուած է աշուղի մը արտաքին պատկերացումին, որ կը ծանրաբեռնէ յղացումին իմաստը, զայն խեղդելու աստիճան։ « Եօթը երգիչները »–ին մէջ իմաստները կը գրաւեն ամբողջովին կեանքին բաժինը ու քարոզ կը մատուցուի մեզի, երբ մենք պէտք ունէինք երգիչները այդպէս խօսելու տանող իրողութիւնները, մղուող տրամաթիք պայքարը տեսնելու:

Երբեմն երկու տարրերը կը մոռնան զիրար բոլորովին։ Խոր հ ուրդը կը հ ալածէ կեանքը կամ կեանքը կը գրաւէ լայնագոյն մասը, չքացնելու աստիճան խորքին խորհուրդը։ Գրագէտը կը հակի մէկին կամ միւսին։ Երբեմն նկարագրական թափը գերակշիռ կը դառնայ ո ւ հեքիաթը կը վերածէ առանձին հ ատուածի մը, ուրկէ փախած ըլլայ զինքը լեցնելու, բեղմնաւորելու համար անհրաժեշտ մտածումը։ Երբեմն ալ տեղի կ ՚ ունենայ հ ակառակը։ Գաղափարը (նոր բառով խորհուրդը ) երկրորդ, երրորդ գիծին կը նետէ կեանքին ամբողջ կազմածները, ինքզինք կը պարտադրէ, տիրապետող իր ճն շ ումովը վանելով արտաքին աշխարհին թանկարժէք նպաստը, գետինը, թանձրութիւնը, ու կը ծաւալի՝ իբր վերացում, իբր իրականին հետ կապը կտրուած ըմբռնում ու կը տանի կտորը ետեւէն։

Վտանգ կայ երկու պարագային ալ [10] ։ Վասնզի ասով կը ստեղծուի անխուսափելի երկուութիւնը, որ գրական գործերու մէջ ալ ճակատագրական դեր ունի։ Անիկա կը խորտակէ միութեան, ամբողջութեան տպաւորութիւնը, խորտակելով այսպէս նաեւ գեղագիտական յուզումը։

 

Կեանքին ու խորհուրդին համադրումը

Բացառիկ իմացականութեանց գործ է, այս երկու տարրերը դաշնաւորելէ ետք, զանոնք հ ամադրել նոր ամբողջութեան մը հ ամար։ Այսինքն՝ կեանքը առաջ տանիլ այնքան խորհուրդով, որ ուզուած պահուն երկուքն ալ կարենան անվնաս իրարու վերածուիլ, մէկ երեսով ներկայանալու համար։

Խորքի հ արց չէ որ կը յուզեմ։ Խորհուրդը չի նոյնանար խորքին հետ։ Անիկա խորքէն վեր բարեխառնութիւն մըն է, աւելի ընդնշմարուած, քան թէ տեսնուած, իմացականութեան աչքերով։ Այնպէս, որ արուեստի գործին վրայ, լուսապսակի մը պէս կը դառնայ անիկա, մինչդեռ խորքը զայն ոտքի կեցնող տարրը կ՚ըլլայ։

Այս ցանկալի համադրումը ըրած են յաջողութեամբ մեծ կախարդները ապրում ի ն ու մտածումին [11] ։ Անոնք իրենց խորհուրդները մեզի մատչելի կ ՚ ընծայեն միսի, ոսկորի հարուածներով, գրեթէ առարկայացնելով անոնց առաձիգ, կեդրոնախոյս սլացքները, ու զանոնք կը քալեցնեն մեր առջեւէն շ օշափելի յատկութիւններու հանդէպ սով մը, այնպէս մը, որ ըլլան անոնք իրենց համար ամբողջութիւն մը, բայց ո ՛ չ անկախ՝ ընդհանուր օրկանիզմէն ու չձեւեն իրենք իրենց համար առանձին ճարտարապետութիւն մը տողերուն վրայէն։ Կամ միւս կողմէն, ինչ որ կու տան մեզի իբր թանձրութիւն ու դիմացող տարր՝ կեանքէն, սովորական իրականութենէն՝ զայն մօտիկը պահեն այնպիսի ազդեցութիւններու, շ նչումներու, գէ շ բառով մը՝ թթուներու, որ ուզուած վայրկեանին անիկա վերածուի իմացական, գէ շ բառով մը՝ խորհրդանշանական յղացքի մը։  

 

Նախնականութիւն

Միտքէ չ հ անել սա կարեւոր պարագան, որ հեքիաթը իր հ եռաւոր արմատները երկնցուցած կը պահէ մեր անդրագոյն, չըսելու համար՝ առհա ւա կան զ գ այութեանց կորսուած դաշտերուն մէջ։ Սովորական մատները դիւրաւ պիտի յոգնէին, այդ տարածութիւններէն քա շ ել-բերելու մեզի պարիկը, որ կարելի է նմանցնել հեքիաթի մը հոգիին։ Ժամանակակից տարազը ծանը կը կշռէ այդ փխրուն էակներու ուսին։ Գիտութիւնը, հ մ տական նախաձեռնութիւնը, ո՛չ ալ բարի կամեցողութիւնն են, որ պիտի վերստեղծեն դարաւոր շ իջած կեանքի մը շրջապատկերն ու դերակատարները։ Այս հրաշքին համար ստեղծագործ շ ունչ է հ արկա ւ որ։ Մնաց որ հ իննալը աւելի դժուար է քան նորնալը։ Ու իր սկզբնական հեքիաթներուն մէջ անգամ տարտամ ինկող այս նախնական ոլորտը պակասն է մանաւանդ Զարդարեանի գրական հեքիաթներուն։

Ասոնք են ահա այն քանի մը վերապահումները, որոնք կերթան Զարդարեանի այս շատ հ ամբաւաւոր հեքիաթներուն հ ասցէին։ Ու անոնք նպատակ ունին վիրաւորելու անիմաստ գոհունակութիւնը, որ յառաջ կու գայ ոճէն, լեզուական հռետորութենէն, թանձրօրէն պոռոտ գոյնի մը շլացուցիչ ջնարակէն, որ այդ կարգի հեքիաթներուն կ ՚ ընկերանան երբեմն եւ ուրկէ կը խաբուին տակաւին մեր երջանիկ ընթերցողները եւ անոնց չափ՝ մեր երջանիկ գրողները։ Ո՞վ պիտի հասկցնէր, օրինակի համար, պր. Արշակ Չօպանեանին, թէ « Գեղօն ի պատիւ հայ լեզուին » [12] հ ռետորական խեղճ էջ մըն է, զոր ստորագրելու պէտք էր վարանէր արուեստներու պարկեշտ աշխատաւոր մը։ Բայց հ ռետորութիւնը անայլայլելի է աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա։ Ու պէտք է հ անգիստ թողուլ զանոնք իրենց փառքի դժբախտ այդ դափնիներուն վրայ։

 

ԸՆԴՀԱՆՐԱՑՈՒՄՆԵՐ

Լեզուն 

Անշուշտ: Հասարակօրէն հասկցուած իմաստով գաւառիկ գրականութեան մը յարմար ոճը չէ այս շքեղ ու պատկերուն ու Ատտիկեան ըսուելու չափ ընտրեալ արձակը։ Բայց մենք տակաւին չունինք ուրիշ նմոյշներ, որ մեզի իրաւունք տային բանաձեւեր առաջարկելու։

Արեւելահայերը չկրցան արուեստի վերցնել ժողովրդական պատմումը։ Թումանեանի հեքիաթները իբրեւ լեզու հեռու են տպաւորիչ երանգէն ու կորովէն։ Աղայեանցի անգոյն ու տափակ բարբառը դպրոցականները միայն կը հ անդուրժեն։ Արեւմտահայերէն չունինք մէկը, որուն լեզուն պատշաճէր սեռին պահանջներէն գ ոնէ կարեւորներուն կենդանութեան, իրականութեան, ինքնատպութեան։

Զարդարեանի ոճը չէ դարձեալ պատմող ու բուն ստեղծող տարրին, ժողովուրդին ալ գործիքը։ Մենք պիտի չկրնայինք արդէն գոհանալ տարազի նախնականութեամբ, որ այդ կարգի պատմումներուն միակ յատկանիշը կը մնայ ի վերջոյ։ (Կարդացէք Մուշի Գեղամին հեքիաթները)։

Ինչ որ ալ ըլլայ այս վերապահումներուն տարողութիւնը, սա ճշմարիտ է, որ Զարդարեանի ոճով իրագործուած էջերը կը մնան իբր քանդակները լայն, ծփանուտ, յաճախ ճիշդ ու նկարէն արձակի մը։ Անով է, որ գրուեցան արժէքաւոր տախտակներ՝ ժամանակէ մը, մտայնութենէ մը, ըլլալէ մը։

 

Կառուցում

Պէտք է հ ամեստ ըլլալ։ Դժուարութիւն կայ ու խոշոր՝ հաւասարակշիռ մնալու այն տեսակ յօրինումներու մէջ, որոնց ատաղձը ժողովուրդէն կու գայ եւ որոնց մէջ գործածուելիք ճարտարապետութիւնը արդի արուեստին կարգ մը յանդուգն սկզբունքները կը հետապնդէ։

Անոնք, որ հաւատարիմ մնացին ժողովրդական եղանակին, աւելի բարեբախտ չեղան։ Վկայ՝ արեւելահայ հեքիաթներու ստուարագոյն տոկոսը, ուր ճապաղումը, ձգձգումը, անկանգնելի հետեւականութիւնը իրենց տակ կը թաղեն այն պուտ մը սրամտութիւնը կամ մտածումը, ցեղային հ ամը, որուն բիւրեղացումին համար անոնք գրիչ շ արժեր էին։

Ու, ժողովրդային երեւակայութեան անսպառ իրադարձութիւններէն, անսանձ ազատութիւնը, պատշաճ թատերաբեմը (ուր կարենար թաւալիլ անակնկալներով հ արուստ գործողութիւն մը), հ եգնութիւնը արտածորող վիճակներու լայն շահագործումը՝ վրիպեցան իրմէ։

Բայց իր բոլոր հեքիաթները չեն մեղանչեր տարրական օրէնքներու դէմ (վասնզի մենք ունեցանք ու տակաւին ունինք անբնական յ օ րինումը, ամենէն անտանելի մեղքը հեքիաթ գրողներուն)։ Անոնց խորը դիտուած են որոշ յատակագիծ, խորհուրդը խողովակող ակօսներ, գործողութեան զարգացման նպաստող անկիւնադարձեր, յառաջատուական առաքինութիւններ, որոնք տրամ մը կը վարեն, ունին հ անգոյց ու լուծում։

 

Պատկերացում

Գրեթէ միշտ անթերի գծագրութեամբ մը տուած է նկարագիրը ( հ ող թէ միս, նոյնն է) շրջանակին, սեւեռելով անոր փլանին վրայ տեղական գոյն, հ արազատ կազմ, անձնականութիւն, մասնաւորում՝ պարագաներ, որոնք կը զատեն իր գետինները ուրիշ գետինների, ընելու համար զանոնք մեր աշխարհին սեպհական, հ ոն կարելի ու հ ասկնալի դիմագծութիւն։ Արտաքին աշխարհին վրայ այս յաջողակ տիրապետութիւնը իրեն հետ է միշտ, երբ կը զբաղի իր տիպարներուն (հեքիաթէ կամ պատմուածքէ) արտաքին գծագրութեամբը, երբ անոնց զգեստները (հոգիի կամ միսի), ու երեւցող, քիչ մը թեթեւ շարժումները կ ՚ աշխատի բեւեռել։  

Հոս պէտք է կենալ ու այդ յաջողութեան նոյնիսկ ստուերովը գոհանալ, երբ նոյն այդ մարդերը դեր ունին հոգեբանական ըսուած վիճակներու մէջ։ Զարդարեան չէ կրցած ներս նայիլ: Այս տեսակէտով իր փորձերը դժնդակ վրիպանքի մը ապացոյցները կը մնան, մանաւանդ երբ գործ ունի մարդերու ներքին իրականութեան հետ։ Այս ձախողանքը: առաւելապէս կը դիտուի վիպակներու մէջ։

Հ եքիաթներու մէջ եթէ անյաջող է իր հ ոգեբանական պատկերացումը, գիտէ պակասը դարմանել, զգալի ընելով խորհուրդին ճառագայթումը, որ իր էջերէն կ ՚ անջատուի դիւրութեամբ, քակուող բայց չկործանող ծիածանի մը նման։

 

Ինքնատպութիւն

Իրեն համար ստեղծած է հեքիաթի մասնաւոր կաղապար մը։ Ճիշդ է, որ եղանակը շատ մօտիկէն կը յիշեցնէ շրջանին այնքան ընթացիկ արձակ-քերթուածը ու կը հ պատակի նոյնիսկ անոր թերութիւններուն։

Զարդարեանի արձակին կարեւորագոյն մէկ մասը կ՚իյնայ այդ ձեւ քերթողութեան մը տակ։ (Տեսնել էջ 280, « Արձակագիրը » բաժինը)։ Բայց կը զատուի անկէ շատ կարեւոր յատկանիշներով, որոնք արդէն ուսումնասիրուեցան աւելի վերը։

 

Բանաստեղծութիւն

Բոլոր հեքիաթները ազատագրուած են պատմութեան, աւելի ճիշդը պատմում ի ճնշումէն [13] ։ Այս փոփոխութիւնը զանոնք կ ՚ արտօնէ ելելու իրենց պայմանադրուած կաղապարներին ու կ ՚ առաջնորդէ տարազներու, որոնք անակնկալ են ու խռովիչ:,

(Ուղղակի պատմում բնաւ չէ փորձած։ Նոյնիսկ « Ծովակին հար ս ը », որ կը ձգտի ամբողջութեամբ դէպի զրոյց (récit), չի կրնար հ րաժարիլ արտաքին, տէքորաթիֆ մասէ մը։ « Ով որ սուլթան մը ունի իր հոգիին մէջ »ը նկարագրութեամբ կը պատմէ)։

Այս աշխատանքին մէջ անոնք կը պաշտպանուին բանաստեղծութեամբ մը, որ բանաձեւի տակ չիյնար դիւրաւ։ Բայց անոր լոյսովն է, որ կը թրթռան, պայծառագոյն կամ խատուտիկ բան մը կը դառ ն ան լեռներուն մութ երեսները կամ կռնակները գետերուն։ Անոր գոյնին տակն է որ կայծկլտուն պատմուճաններ կը հ ագնին իրերն ու մարդերը կախարդական պարեգօտը, որով փաթթուածները այն քան տարբեր կը տեսնեն ու կը տեսնուին։

Ի՛նչ որ իբրեւ հ եռաւոր ու անմիջական ապրում, կարելի ու անկարելի երազ ու քմայք, զուսպ կամ թեւաւոր հ աճոյք ու խռովք՝ կ ՚ անցնին մարդերուն հոգիներէն, ի ՛ նչ որ իբրեւ ձեւ ու ծիածան, իբրեւ բիւրեղացում կամ հ րդե հ կը դողայ ու կ ՚ իյնայ երեւոյթներուն ան հ ուն հ եղեղումին վերեւը, բոլորը մէկ կ՚ապաստանին այն քաղցր մ շ ու շ ին մէջ, որ բանաստեղծութիւն կ՚անուանուի հ ոս։

Ան շ ու շտ անխառն, հ անգչած, բիւրեղացած ձեւ մը չունի այդ բանաստեղծութիւնը։ Բայց ինչ հ արկ կայ այդ պահանջկոտութեան։ Հերիք է որ անիկա կարելի ընէ տեսիլքը՝ իր գիծերուն փխրուն առանցքին վրայ, ծփանուտ ու հ ոսուն, անոր կրկնակ երեսներէն (արտաքին ու ներքին) իր թափացումը կատարէ, շ նորհելով այսպէս անոր յօրինուածութեան՝ անհրաժեշտ թրթռումները, որոնք ձեւերը կազատեն սառոյցէն ու կը ստեղծեն շարժումն ու կեանքը։ Դարձեալ ան է որ կ՚առնէ իրերէն անոնց կո շ տ ու խորտուբորտ իրականութիւնը, թաթխելով զանոնք տեսակ մը քաղցրացնող մթնոլորտի մէջ։ Որ՝ հոգին ու անոր յուզումներուն ամբողջ կծիկները ձեւի, գի ծ ի, լարում ի, մարմին ի կը կանչէ, տեսանելի ընելու համար անոնց հ ոսանուտ, բայց ճառագայթուն անիրականութիւնը։

Այդ յատկութիւնը կը փութացնէ շատ մը թերիներ: Անոր զո հ ուած են տրտմութիւն, երբեմն verve, երբեմն ցեղային առաքինութիւններ [14] ։ Ան է դարձեալ, որ ստեղծագործական անկեղծութիւն, վաւերականութիւն կը հաղորդէ իր տեսիլներուն թէ տիպարներուն։ (Մի՛ մոռնաք, որ իր շրջանին բանաստեղծութիւնը իրերէն փախուստ մըն է, բայց կեղծին, սուտին մէջ թարթափելու հ աճոյքով մը)։ Ու գրագէտը յաջողած է իր շատ մը հեքիաթներուն մէջ պատշաճ արգելքներով պատսպարել իր սահմանները։ Քիչ մը աւելի՝ եւ ահա անոնք՝ հեքիաթները պիտի վերանային արձակ–քերթուածներու պաղպաջուն, բայց սառած, անհաղորդական մարմնացումներուն, որոնք երբեմն կրնան մեր աչքերը շ լացնել, բայց մեզ չեն յու զ եր։ Քիչ մը նուազ հ ակուած, ու ահա անոնք պիտի վերածուէին պարզ պատմութիւններու, որոնք այնքան անմեղ յաւակնութեամբ մը կը լեցնեն արեւելահայ գրականութիւնը։

 

ԲԱՂԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մեր գրականութիւնէն

Թ է ՝ յաջողած թէ՛ ձախող իր հեքիաթները հ եռու եւ վեր են իր ժամանակին այնքան անխնայ շահագործուած, լլկուած ու աւերակի վերածուած այդ սեռէն։ 1890–էն ետքը չունինք գրագէտ մը, որ իր հեքիաթը գրած չըլլայ։ Ու գաւառէն՝ չկայ թղթակից մը, որ իբր ազգագրական հաւաքում՝ յերիւրանք ու բաջաղանք ղրկած չըլլայ կեդրոնական թերթերուն (տեսնել 1896-էն ետքը հ րատարակուող հ անդէսները)։ Բայց երեւոյթը կը վերածուի մանաւանդ աղէտի՝ պոլuական խմորէ գրողներու մօտ, որոնք բառամարտի կրկէս մը կ ՚ ընեն գրելու այդ սեռը։ ( Հ ետաքրքրական էջ մըն է, այլ ուղղութեամբ, շատերու մէջէն Արտաշէս Յարութիւնեանի « Թէգուկը »)։

Պէտք է աւելցնել, որ այս ճամբուն վրայ վաւերական տաղանդներն անգամ տկարացան։

Չափաբերուած ձեւը անտանելի միջակութիւններ ստորագրել տուաւ մեր անունով գրողներուն (Ալիշան, Նար-Պէյ, Լ. Շանթ, Ա. Չօպանեան ունին ոտանաւոր պոէմաներ, որոնք բոլորն ալ վրիպած են։ Վարուժանն իսկ հ ազիւ կ՚ազատի։

Պէտք է ըսել, որ սեռին վրայ մեծագոյն ճիգը ընողը եղաւ դարձեալ Դանիէլ Վարուժան։ Իր ամենէն երկարաշունչ քերթուածները պոէմաներ են։ Բայց ան այդ կտորներուն մէջ կը գործածէ իր տաղանդին մեծ ընդունակութիւնները։ Ասոնք առաւելապէս նկարագրական կառուցումներ են, ուր մարդկային տարրը, հոգեբանական պայքարը եւ տրամաթի ք գործողութիւնը կը պակսին, կամ կը մնան տկար, դանդաղ, անբաւական։ Նկարագրող վրձինին հրապո յ րէն դուրս քիչ բան կայ անոնց խորը։

Ուրի շ անուններ աւելորդ պիտի գային ։

Իսկ տաղանդնե՞րը։– Այսինքն՝ ֆանթեզիստները, տաղաչափները, քարոզիչները, վարդապետներն ու վարժապետնե՜րը, որոնք սրտի մեծ հ անդարտութեամբ իրենց « իւրովսան »ը կը բերէին մեր գրականութեան աղքատիկ « ածու »ին։

Թերեւս շատ արդար պիտի չըլլար դարձեալ բաղդատութեան եզրեր վերցնել արեւելահայ գրականութենէն, ուր ճաշակի եւ հասկացողութեան արմատական տարբերութիւններ կը տիրեն ։

Հ եքիաթի մասին անոնց ըմբռնումը տակաւին մանկունակ բան մը կը ծածկէ իր տակ։ Ընդհանրապէս մանկավարժական նկատումներով գրի առնուած է անոնց մեծ մասը։ Աւելի յետոյ թանձր ու գ րական մարդեր . Իսահակեան, Վ. Փափազեան) զայն մշակած են նոյնքան թանձր խորհրդապաշտութեան մը ի խնդիր։ Ու հ ռետոր վարժապետներու եւ հ ռետոր ունայներ գ ակներու այս կրկին ազդեցութիւնը իր կալանքին տակ կը պահէ անոնց հեքիաթը մինչեւ ա յ սօր։ Խորհրդային Հայաստանի նոր գրողները ա ւ ելի գեղեցիկ կաղապարներ չէին կրնար երազել ու գտնել։ Միակ վարպետին, Յով հ աննէս Թումանեանի հեքիաթներն անգամ չելան արուեստի։ Այնպէս որ չեմ կրնար անոնց մէջ հ ռչակի հ ասած անուններ դնել Զարդարեանի անունին քով։

 

Օտար գրականութիւնէն

Հոս այլեւս բաղդատութեան հ արց չէ, որ կը ծագի։ Համեստ ըլլանք ու փնտռենք աւելի՝ իրական ազդեցութիւններ, որոնք դեր մը ունեցած են անոր տաղանդին կազմութեան մէջ։

Զարդարեան մասնաւոր խնամքով մը ուսումնասիրած կ ՚ երեւի արեւելեան ու արեւմտեան կարեւոր հեքիաթները։ (Իր « Մեղրագետ »ներու դասընթացքը բաւական հ աստատուն ապացոյց մըն է այդ պատրաստութեան)։ Ան կը ճանչնայ դասական հեքիաթները։ Խանդավառ էր իր հիացումը Օ. Ուայլտի հեքիաթներուն վրայ։ Դարձեալ իրեն անծանօթ չեն գաղիացի խորհրդապաշտներու եւ Է տ կար Փ ոյի փարթամ, թելադրող ու մռայլ զրոյցները, Պառնասեաններուն, մանաւանդ Քոփիի պատմուածքները (ոտանաւոր) եւ ինչ որ անգլիացիներէն ու գ երմաններէն անցած է ծաղկաքաղերու մէջ թարգմանօրէն։ Այս կարգի հետաքրքրութիւններ մանկավարժական են, քան գրական, հետեւանք արեւելահայ ազդեցութեան։

Զարդարեան, իր վերջին շրջանին, հ ակեցաւ նաեւ արեւելապաշտութեան (Orientalisme)։ Ու թելադրող, բանաստեղծական եղանակէն, որ նկարագիրն իսկ է իր նախընթաց գործունէութեան, ան տարուեցաւ պատմելու ձեւէն։ « Ով որ սուլթան մը ունի իր հոգիին մէջ »ը երկու եղանակներն ալ կը պարունակէ։

Օտարներու ազդեցութիւնը իր լրումին չհասած Զարդարեանի մէջ, ան գոցեց իր աչքերը։

 

Ամփոփում

Հեքիաթագիրը մեծագոյն տիտղոսն է Ռուբէն Զարդարեանի։ Անով ստորագրուած կտորները մեծամասնութեամբ կ ՚ ազատին դժբախտ այդ շրջանէն, որ այնքան կարեւոր անուններ հ րապարակ նետեց ու դժուարահասկնալի պատճառներով ամէնն ալ զառածեց տեւական արժէքին հետապնդումէն։  

Ահա ՛ թէ ինչե՜ր կարելի է հանել իր հեքիաթներէն։

Հ եքիաթներով Զարդարեան ստեղծեց արուեստի իւրայատուկ ձեւ մը, որ իբր ձգտում, իբր իրացում հ ասա ւ որոշ գեղեցկութիւններու:

Մեր բնաշխարհը, իր շեշտ գծագրութեամբը, իր երեսին բոլոր խորշոմներովը եւ ոսկորներուն տնկուածքովը, քոլորիին բոլոր ստեղներովը քանի մը լար մեր ժողովուրդի զգայնութենէն, որոնք խորերէն գալով կը կրկնեն իրենց նշանակութիւնը անոր իմաստութենէն քանի մը տախտակներ (բոլորն ալ գեղեցկապէս շրջանակուած ու կարկառի տարուած, խոսքի ու ձեւի յաջողակ շ աղապատումով) փայփայող ու դէպի նախնականը հակող բանաստեղծութիւն մը որ կը տառապի սկզբնական դառնալու սրտառուչ ճիգով մը ու կրկնապէս համակրելի կը մնայ, կշռօրէն տաք, ոսկիով ու ադամանդով կռուած, երփներանգ ու շլացնող ոճ իր ժամանակին՝ այսինքն՝ մեր ցեղին հազարամեայ անդոհանքէն քանի մը սարսուռներ՝ կամարներ խորտակուած ծիածանները, որոնք պարտուած, տարագիր մեր յոյսին վտակը կը կամրջեն, ատանկ ընկճուած, բայց չկոտրող, չոչնչացող։


 



[1]        Հ ետաքրքրական է, սակայն դիտել, որ ուրիշ տեղեր, երբ իրեն տրամադրուած են աւելի ներող պայմաններ, արդիւնքը նոյնը կը մնայ, եթէ ոչ վար քան այն սկզբնական հ եքիաթներուն մէջ յաղթահարուած տեսական քոլորին եւ գոյներու ցայտքը։

[2]        Երբեմն տաղանդէն անկախ պայմաններ, ընդհանրապէս քաղաքական կամ հասարակական բնոյթով՝ եկամուտ, բռնադրուած մթնոլորտ ու բարեխառնութիւն կը բերեն։ Գրողը հարկադրուած է հոսանքին հետեւելու: 1900–ին մեր գրականութիւնը դատապարտուած է երկու մեծ անելներու մէջ թարթափելու՝ ա) անվնաս ու չէ զ ոք արտաքին աշխարհ մը, բ) անվնաս ու չէզոք անձնական (ներքին) քնարականութիւն մը ։

[3]        Տարբերութիւն կայ, եւ շատ մեծ, Յովհաննէս Թումանեանով իրացած եւ Զարդարեանի բիւրեղացուցած ձեւերուն մէջ: Առաջինը չի հեռանար ժողովրդական ն ախատիպէն ու իր կողմէն՝ աննշան տարրեր միայն կը խառնէ, որոնք չափի, նախադասութեանց յարդարանքին մէջ կը սահմանափակուին։ Երկրորդը կը վերաշինէ։ Ու ժամանակէն կ ՚ ազատէ, ինչ որ պղտոր եկած էր մինչեւ ինք:

[4]        Ինչ որ մեր նորագոյն գրականութենէն բախտ ունեցած է մտնելու օտար սփիւռքի մէջ, հեռու է այդ կարելիութենէն։ Անուններ ու գործեր չեմ տար։ Բայց ընթացիկ գովեստներու ապաստանած այդ թարգմանութիւնները գուցէ կը վնասե ն մեր ցեղային ստեղծագործական վարկին։

[5]        Հ եքիաթներէն դուրս Զարդարեանի արձակը մասնաւոր ու չպարտկող հոգածութեամբ մը հետապնդած է դաշնաւոր ֆրազին նպաստը։ Այդ է պատճառը գուցէ քաղցրահնչութեան համար այնքան առատօրէն հարուած վերադիրներուն։ Հռետորական շունչով միայն ոտքի կեցող հատուածները եւ ապաստանին այս ճարտարանքներուն։ Ու հռետորութիւնը Զարդարեանի պզտիկ մեղքերէն մէկն է։

[6]        Երկրորդ եղանակի հեքիաթները թիւով քիչ են ու կը զուգադիպին հասունութեան շրջանին Եօթը երգիչները », « Ով որ սուլթան մը ունի իր հոգիին մէջ »)։

[7]        Ձեւի մեծ վարպետներ այս գետնին վրայ կառուցումներ կը փորձեն աւելի կամ նուազ յաջողութիւններով (Ռոլանտ, Կէօթէ, երեք մեծ գրականութեանց ռոմանթիքները, ժամանակակից էսթեթները, սիմպոլի ս թները եւ ֆ անթեզիստները)։

[8]        Յատուկ անուն մը, ինչ ձեւով ալ որ մարմին ունենայ, թանկագին նպաստ մըն է գրագէտին համար։

[9]        Տեղի մը յիշատակութիւնը, աղբիւրի մը մակդիրը, օրինակի համար, շատ՝ անգամ յղի են դարաւոր յուզման մը կաթիլներով։ Գրագէտը երբ կը յաջողի թափանցումը կատարել այդ մեհենագիրներուն գաղտնիքէն ներս, պիտի վարձատրուի։ Վասնզի ի՞նչ է կեանք, յուզում, հոգի ըսուածը վերջապէս։ Կը գիտակցի՞ք մանաւանդ թաքուն պատմութեանը կեանքի անհաշիւ ալիքներուն, որոնք զարնուած են սա ծերացած կաղնիին, կամ կնճռոտ ճակատով ժայռին, որուն բերնէն ջուրը կը թափի։ Այս մերձեցումները հանգչած հոգիներու այն վերափթթումն է, որ կ՚իրանայ արուեստով։ Ու պարզ է անշուշտ, արուեստին կալուածը անցեալն է ներկային չափ ։

[10]      Այս վտանգը անխուսափելի է բոլոր խորհրդապաշտական գործերուն համար, որոնք մեծ, հզօր միութիւն մը չէ ընկճած, հաշտեցուցած կեանքին ու խորհրդանեանին առանձնանալ ձգտող բեւեռները:

[11]      Balzac–ի «La peau du chagrin»-ը (1831) եւ Oscar Wilde–ի «Le portrait de Dorian Gray»-ը (1891), մեծ չափի վրայ, այս շունչով գրուած հեքիաթներ են։

[12]      Երբ մանաւանդ յղացման շնորհն ալ զեղչենք։ (Չմոռնալ Սէնթ–Պէօվի հռչակաւոր բաղդատութիւնը, ուր ֆրանսերէն լեզուն կը նմանցուի հոյակապ գետի մը, եւ որուն վրայի կամուրջէն շքեղ արձաններ, գրողները զիրենք կը դիտեն տակը)։

[13]      Դժբախտութիւն է, որ մեր անգիր բանահիւսութենէն քաղուած հեքիաթները զուրկ ըլլան պատմումի տարրական շնորհներէն: Արեւելահայերու կողմէ մ շ ակուած ձեւն ալ հասարակ պատմումէն անդին չ ՚ անցնիր, սկսեալ Թումանեանէն մինչեւ Վ. Փափազեանի շինծու ու տափակ զրոյցները: Չեմ գիտեր ո՛վ մտցուցած է այդ ձեւը, երբ Աբովեան այնքան կ ՚ ախորժի գոյնէ եւ շարժումէ։ Բնականութիւնը շփոթուած Է հասարակութեան հետ: Ինչպէ՞ս չյիշել եթէ ոչ Տոտէի, գոնէ Միսթրալի այնքան համով, չարաճճի, հիմնովին ֆ րանuական զրոյցները ու չցա ւ իլ։

[14]      « Ծովակին հ արսը » իբր խորք կը մեղանչէ մեր ժողովուրդի աւանդական բարոյականին։ Ոճիրի գնով իսկ ան պիտի չհանդուրժէր իր էրիկը խաբող հարս ն ուկի մ ը։ Նոյն այդ զրոյցը գոյութիւն ունի շատ տեղեր: Բայց միշտ երիտասարդ, իրենց բառովը ազապ աղջիկ մըն է հերոսուհին։ Զարդարեան զանազանութեան համար կը զոհէ ճշդութիւնը։