Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԳՈՐԾԸ

Վերի տողերը կու տան մեծ գիծերը մարդուն, որ անորակելի է ամէն բանէ առաջ։ Հարազատ պոլսեցի մը, սակայն, որ այդ քաղաքին մէջ մեր ժողովուրդին երեւան բերած մէկ քանի ստորոգելիները տիրական ճշդութեամբ մը մարմնացուց իր կեանքին մէջ, թերեւս թարգմանելով, առհաւօրէն գոյ հակումներ, կարաւանեան հոգեբանութենէ մը։

Իր պատանութիւնը սերունդին ալ է անշուշտ։ Չեմ բանար փակագիծ 1890–ը սեւեռելու, քանի որ իրապաշտներու գործին մէջ կատարուած է այդ աշխատանքը։ Բայց մինչ Տիրան Չրաքեան, Զապէլ Եսայեան (ամենէն յատկանշական դէմքերը այդ պատանութեան) իրենց անձնաւորութիւնը ամրապնդելու իրենց փառասիրութեանց մէջ պիտի սպասարկեն ժխտական հոգեբանութեան մը, ժխտելու համար զիրենք սնուցանող գրականութիւնը։ Սուրէն Պարթեւեան այդ գրականութեան մէկ–երկու մշակներուն համար ունի ազատ միացում։ Կը խորհիմ, թէ այդ հիացումը ան կազմած է քիչ-քիչ, լայն ու խոր ընկալչութեան անդրանիկ այն շրջաններուն, երբ պոլսեցին իրապէս հաղորդ կը դառնար իր ժողովուրդին խորհուրդին, ճառէն, երգէն, սահմանադրական վայելքներէն, թատերական թելադրած խանդէն վեր ու տարբեր հոգեկան դրութեամբ մը։ Այն Պոլիսը 1890–ին կը սկսի ու կը հասնի մինչեւ 1896–ի Օգոստոսը։ Մեր քաղաքական պատմութեան համար շատ տարօրինակ, իրական, յանհունս թելադրիչ գլուխ մը չէ միայն, այլեւ ստեղծիչը մեր գրականութեան քանի մը պայծառ, մեծ դէմքերու։ Կեդրոնական վարժարանին պաշտամունքը Պարթեւեան չէ կրցած սպաննել, նոյնիսկ 1915–ի կործանումներէն ալ ետք։ Անոր սկզբնական վիպակներուն մէջ հերոսները այդ վարժարանէն մկրտուած դուրս կու գան։ Վահան Թէքէեան շատ քիչ բան է պատմած այդ օրերէն։ Արշակ Չօպանեան, Բաշալեան, Կամuարական, Վ. Մալէզեան, Ռ. Որբերեան աղօտ յուշեր միայն տարտղնեցին հոս ու հոն։ Սուրէն Պարթեւեան Մ. Պարսամեանի « Շանթ » կիսամսեային մէջ (1910–ա) ստորագրած է « Վրիպած սերունդ մը » ուշագրաւ խոստովանութիւն մը, ուր կը զգաս այդ ամէնուն ոգիին, ինչպէս իրողութեանց եղերական, սրտառուչ գեղեցկութիւնը։ Շարժումէն տասնհինգ-քսան տարիներ վերջը վարպետ դարձող պարմանին իր սերունդը միայն չէր պատմեր, իր այդ փաթեթիք պատկերացումով, այլ քիչ մը՝ այն երեք–չորս սերունդները, որոնք արեւմտահայ գրականութիւնը ոտքի հանեցին, հերոսական ճիգերով ու աչքերնին բաց մեռան, քանի որ իրենց այնքան սիրած ժողովուրդը չկայ այսօր։

1896–ը կը տարտղնէ իրապաշտները, վարպետներն ու աշակերտները հաւասարապէս։ Չեմ ուզեր կրկնել, ինչ որ զանազան հեղինակներու առիթով ըսեր եմ այդ յեղափոխութենէն անորակելի գործունէութեամբ մըն ալ ծանրաբեռնուած։ Կը սպասենք Բադալեանի, Չօպանեանի յուշերուն։ « Կեղծ հանճարներ »ը գիրք մըն է, ուր կայ այդ սերունդը, բայց անիրաւ, ծաղրանկարային աղաւաղումներու ենթարկուած։ Սուրէն Պարթեւեան մեծ անուն մըն է, դէմք մը, այդ օրերուն, մանաւանդ յեղափոխութեանց հակամարտութեանց կրկէսէն։ Ամէնուն հետ բախում ունենալու իր ամբարիշտ անկեղծութիւնը կը դառնայ քիչ–քիչ գայթակղալից։ Փարիզ, Լոնտոն, 1900–էն ետք (չմոռնալ Մանչեսթըրը իր համբաւաւոր « Վաղուան ձայնը »ով, որմէ քիչ թիւեր հրատարակուած են, որ իր ճշմարիտ գրական սկիզբը կ՚ընէ ան) կ՚ունենան անոր դժբախտ, մաքառողի առաջին նուազումները, որոնք երեւան կու գան, տարօրէն բիրտ յարձակումներով։ « Խարազան »ը միայն դրական սաթիր մը չէ, այլ դաւանանք մը, որուն հեղինակը իր անկեղծութեան սարսուռը կը յաջողի մեզի փոխանցել։ Ամերիկա, Եգիպտոս մեր կուսակցութեանց պառակտումները զինք կը բերեն կարեւոր դիրքերու։ Խածնող, բզկտող բերաններ մինչեւ 1908–ը կարգախօսներ են։ Կուսակցական այդ թունդ օրկաններու խմբագրումը օրուան այդ ստիպողական կարիքն է։ Շքեղ իր տկարութիւնները, անկումները, գայթակղութիւնները անոր երիտասարդութիւնը կ՚ընեն ամենէն տարօրինակ երեւոյթը այդ սերունդին։ Իր յայտնութիւնը Վաղուան ձայնը ») ապերասան բխում մըն է տարերային ու անդիմադրելի, ինչպէս իր օրերուն յատուկ մթել ալ ձգողութիւնները, ուր կը մրցին « չըլլալիք » ուժեր, ինչպէս կը գրէինք, ու կը ցնցեն, կը բզկտեն զինքը, ՝ « չըսուելիք » արարքներու գուպարին ընդմէջէն։ Մեր գրականութիւնը չունի գրական անունը սկիզբ մը, որ յիշեցնէր Պարթեւեանի թխման նորութիւնը, զօրութիւնը։ « Վաղուան ձայնը »ին մէջ արդէն ան կը դատէ մեր գրական, յեղափոխական հրապարակը հասունութեամբ մը, կողմնակցութեան մէջ իսկ ուժգին, իրաւացի ջերմութեամբ մը, փարատոքսէն վեր, զերծ անկախութեամբ մը ու լրջութեամբ մը, որոնք կը զարմացնեն։ Կը կրկնեմ, որ « Խարազան »ը, հակառակ անիրաւութեան, անգթութեան, կիրքի մեծ մթերքին, որոնք անոր վտիտ էջերը կ՚ընեն մեղապարտ ու նոյն ատեն համակրելի (նոր չէ, որ կը սիրենք պրպտուած մեղքերը, երբ անոնք կը յառնեն Պարթեւեանի նման ճշմարիտ մեղսազերծ խառնուածքներէ, քանի որ մեղքի գաղափարին բոլորովին անհաղորդ պիտի ըլլային անոնք), մանիֆէսթ մըն է, որ իր ուժերը կ՚առնէ ու կը նետէ իր պաշտպանած դատին, օր մը վերջը նոյն բնականութեամբ զանոնք վարձու տալու համար հակառակ գաղափարաբանութեան։ « Խարազան »ը տարօրինակ խստութեամբ զգայնութիւններ կը թելադրէր, որոնք ժամանակէն հերքուելու տեղ, ամրացան, պայծառացան։ Բայց չունինք համարձակութիւնը զանոնք մեզի համար բանաձեւելու: Գրական, ընկերային, աւանդական հզօր ճնշումները կը միջամտեն մեր մտածումին ու ասոր արտայայտութեան ընդմէջէն [1] ։ « Խարազան »ը խառնուածք մըն է, նոյն ատեն նախապատկերը, հայելին, աարտաճառը մարդուն, որ տակաւին գրեթէ քառորդ դար պիտի պտըտի մեր իրականութեան մէջ, հալածուած, գովուած, խաչուած կամ լուսապսակուած։

Իր Իզմիրը, « Դաշինք » թերթովը, Կիլիկեան աղէտէն իր reportage–ը Կիլիկեան արհաւիրքը »), մինչեւ պատերազմ իր պայքարները անձերու եւ դատերու դէմ, որոնք ֆանթոշ ներ էին եւ ապսպրանքներ, իր անհուն ձանձրախտը, պատրանաթափ յոռետեսութիւնը, խուսափող երիտասարդութեան ետեւէն մելամաղձոտ իր հառաչանքները, հացը, կինը, գայթակղութիւնը, մեղքը ու յարակից ամբողջ ստեղնաշարը մեր պզտիկութիւններուն, կորանքներուն բոլորը մէկ կը զարնեն անոր առոյգ տաղանդը, անդարման կէտերէ։ Իր Եգիպտոսը, ուր անցուց պատերազմի տարիները, լրումը պիտի բերէր այդ քայքայումին։ Իր կռուական նկարագիրը չէ միակ պատասխանատուն այդ վրիպանքին։ Իր անձը անվստահութիւն է ու կռիւ։ Ընտանեկան այլապէս խռովիչ պատուհասում մը, որ անդադար կը հալածէ անոր հոգին, անկէ կորզելով լուրջ, խոր աշխատանքի ամէն հնարաւորութիւն։ Այդ տարիներուն է, որ առիթ կ՚առնէ իր գրական շանթաժը, հացի, գրպանածախսի համար այս ու այն սաստելու կամ շփացնելու տրտում հերոսութիւնը, ուրիշներու սեղանին կապուած մնալու դժբախտութիւնը, երբ օտարէն առեւանգուած կին մը ու ասոր ալ հասակ աղջիկը կը հեծեծեն։ Յանուն իր աղէտին իր ելոյթները, գրական կարողութիւնները, կուսակցական վոլթֆաս ները անոր մէջ իրենց աւարտումին կը տանին սկզբնական տիպարին հեղգութիւնները, թուլացումները, ազատ ասպարէզ ջանալով դեռ սանձուած տկարութեանց։

 

Զինադադարին կործանած մարդ մըն էր, հալածական ու աւելի քան անօթի։ Իր Պոլիսը, այդ օրերուն, դանդաղ հոգեվարքն էր անոր նոյնիսկ մեղքերուն։ Խօսեցաւ լսարաններուն մէջ ու կը զգար, թէ կեղծ էր իր ձայնը, գէթ այդպէս կը հնչէր անիկա զինքը մտիկ ընողներուն։ Ինչ որ ըրած էր աղէտի տարիներուն, Եգիպտոս, այս ու այն շահագործելով, ի գին հասկնալի հաշիւներու, իր անորակելի « Տարեցոյց »ներուն մէջ, ան չհամարձակեցաւ կրկին փորձել Պոլիս։ Գրականութեան սիրողներ լայն ռեքլամով մը պաշտպանեցին իր « Կարմիր ժամուց » դժնդակ խաղը, զոր բեմական յարդարանքի իսկ չէր կրցած պատշաճեցնել, Արփիարի վիպակէն անիմաստ տեսարաններ կտրատելով։

Մեռաւ Եգիպտոս, ուր հողը քաշեր էր զինքը, հիւանդանոցի մը մէջ։ Անօթութեան հրեշտակն էր հաւանաբար, որ ներկայացաւ անոր հոգին իր հանգիստին առաջնորդելու:

* * *

Սուրէն Պարթեւեան անպատում (իր սիրական բառը) մարդ մըն էր։ Իր սերունդէն ոչ ոքի կը նմանի ան։

 

Գիտենք, թէ իրեն համար չունին արժէք, կշիռ, դեր, այն օրէնքները, որոնք մեր հասարակութեան մէջ ի զօրու էին կանխող դարու վախճանին։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ արդի ընկերութիւնը վարող քանի մը մեծ պատգամները, հպարտութիւնները։ Յիշեցի, թէ չտառապեցաւ, երբ ուրիշին կինն ու զաւակը կորզեց իրենց տունէն, ինչպէս չտառապեցաւ, երբ ուրացաւ իր զաւակը, անոր յղի մայր–աղջիկը ձգելով երեսի վրայ, մեծ մայրաքաղաքի մը գռիհներուն մէջ։ Կը պարծենար, թէ վեր էր մեզմէ, մեր օրէնքներէն։ Բայց իր անկումները պիտի չվարանի օրինադրելու։ Իր փառաւոր իշխանային երիտասարդութիւնը պիտի փշրէ, կործանէ ապրուստին ու միսին ճահիճներուն խորը, ինչպէս պիտի ախորժի իր շքեղ, առոյգ իմացականութիւնը յատկացնել արծարծելու իր շուրջ անասելի տրտմութիւններ, բախումներ։ Գրական շանթաժը, միջակ ու ճիղճ լուսանկարներ գրական ջնարակէ մը անցընելու եւ վաճառքի հանելու ձեռնարկը, տարեցոյցներ սեռի մը ապրեցնելով այս տարօրինակութեամբ։ Ասոնք իր գրականութեան երկրորդ շրջանին զուգադիպող տրտմութիւններ են ու բան մը կ՚ըսեն։

 

Կը սպասարկեր կուսակցութեանց։ Ու իր անձը, խօսքը պառակտումի պատգամներ, խորհրդանշաններ էին։ Ան կը կործանէ ամէն ձեռնարկ։ Միշտ խանդավառ է, երբ գլուխն է ամբոխներու, ամէն նոր ձեռնարկ կը գրաւէ զինքը։ Մաքառումը, այսինքն համոզում մը արիութեամբ պաշտպանելու կեցուածքը, որեւէ գետնի վրայ, իրեն համար անծանօթ բան մը եղաւ։ Ինքզինքը նեղելը իրմէ դուրս արժէքներու սիրոյն՝ ծիծաղելի ռոմանթիզմ մը։ Իր ըսածին հաւատալը իրեն համար սոփեստութիւն մըն էր։ Ու կը կենամ։

Այս ամէնուն ազդեցութի՞ւնը՝ իր գրականութեան վրայ։

Իրողութիւն է, որ « Վաղուան ձայնը »ին յարձակողական երիտասարդութիւնը շինծու, դուրսէն ճարուած կեցուածք մը չէր իր մօտ։ Կցկտուր այդ նօթերուն մէջ ան մեր յեղափոխութիւնն ու գրականութիւնը դատեր էր վճռական արիութեամբ մը։ Անոնք փշրանքներն էին թաքուն, բայց խոր զգայութիւններու, հոս ու հոն մարմին ճարած ընդնշմարանքները, որոնք ժամանակին հետ պիտի լեցուին, բարգաւաճին ու դառնան տիրական ստուգութիւններ։ Դէպի « Խարազան »ը մէկ ու նոյն է հոգեբանութիւնը։ Պարթեւեանի երիտասարդութեան կատաղի կիրքերը իր ցեղին վրայ գործադրուած ոճիրին ամբողջ քստմնելին ու եւրոպական միջավայրին մեղքերը կը ստեղծեն անոր գործին առաջին ժայթքը, այն առջի–վաղ մատաղ համը, որով կը պայմանաւորուին կարգ մը դրական արդիւնքներ: Ճշմարիտ գրական արժանիք մըն է ստորագրած ըլլալ այս վիպակները, որոնք, աւելի յետոյ, « Քայքայում » տիտղոսին տակ խմբուին պիտի ու լոյս տեսնեն։ Որուն մօտիկը կը կենայ նուազ անկեղծ, աւելի զարդարուն « Հայուհին », գրեթէ ժամանակակից վերինին։ Իր շրջանին իսկ ապրումներուն լիագումար արտայայտութիւնը չեն անոնք։ Զառածումը, իմ կարծիքով, արդիւնքը պիտի ըլլար չարագուշակ պատրանքի մը ոճին պատրանքին, որ վարագուրեց իրմէ աղէտը բառ աղալու, ասով փոշի քսելու մարդոց աչքին։

 

Մարդէն այս գիծերը կ՚ամբողջանան ուրիշ դաժան ալ կողմով մը։ Իր « Հայուհին » իր ժողովուրդը նախատող գիրք մըն է գրեթէ, ու իբր այդ բացառիկ մեր հին ու նոր գրականութեանց մէջ։ Այդ կիները վեր էին իրենց արարքներուն մեղքէն ու ինք գիտէր ատիկա։ Ու ասիկա պիտի չներենք իրեն։ Իր « Քայքայում »ը (ըսի, թէ այս երկու հատորները կը կազմեն անոր տաղանդին լաւագոյն արդիւնքները) մօտիկն է նոյն հոգեբանութեան։ Բարոյական սա սատիզմը որքա՞ն անբարոյ է սակայն գրչին տակ մարդու մը, որ ապրելու դժբախտութիւնը կը ճանչնար ամենէն առաջ իր անձին ներսը, երբ օտարին վրայ սնանելու իր մակաբուծութիւնը ջանաց բարձրացնել արուեստի վեհափառութեան մը։ Պարթեւեանի անձը զատ թշուառութիւն մըն է։

* * *

Պարթեւեանի գործը իբրեւ ծաւալ զանցառելի չէ անշուշտ, տրուած ըլլալով իր տիպարը, որ գրեթէ միշտ խմբագիր է։

 

Իր անձին յօրինման մէջ, իր կեցուածքին անկայուն նկարագիրը կը միջամտէ կրկին հոս ալ։ Զարմանալին այն է, որ 1908–ին ո՛չ ոք կը կասկածէր այս մարդուն սկզբունքներուն տարողութենէն։ Կշռուած եւ պակաս գտնուած դժբախտն էր ան։ Բայց ամէն մարդ կը կարդար անոր խմբագրականները:

1898–ին կը հիմնէ « Վաղուան ձայնը », Մանչեսթըր։

Կը վարէ « Ազգ » եւ « Ձայն հայրենեաց » թերթերուն խմբագրութիւնը։

Կ՚աշխատակցի « Նոր կեանք »ին եւ « Ժողովուրդին համար »ին։

Կը Հիմնէ « Դաշինք » օրաթերթը (Իզմիր)։

Կ՚աշխատակցի « Շիրակ »ի, « Բիւզանդիոն »ի, « Արեւելյան մամուլ »ի, « Ժամանակ »ի, « Շանթ »ի « Ճակատամարտ »ի։

Այս ցանկը պերճախօս է ինքնին։

Խմբագրական այս գործունէութիւնը հիմնովին վրիպանք մըն է (տեսնել աւելի ուշ)։,

1909–ին, Ատանայի Եղեռնին առիթով, իր Կիլիկեան reportage–ը հատոր մըն է առանձին լոյս տեսած, « Կիլիկեան արհաւիրքը » անունով։

Աղէտքի « Վաղորդայնին » ընդհանուր վերտառութեան տակ ան հրատարակած է այն նորավէպերը, որոնք յետոյ պիտի կազմէին « Քայքայում »ը եւ « Հայուհին »։ Եգիպտոսի մէջ խմբագրած է « Նոր հոսանք »ը։ Հոն է, որ հրատարակուած են ա) « Արիւնին մատեանը » (նորավէպ), բ) « Ձայնը հնչեց » (ազգային իրավէպ 1915–ի ռուսեւթուրք պատերազմէն), որ յետոյ թատերախաղի վերածուած պիտի կազմէր ուրիշ հատոր մը « Անմահ բոցը »ին հետ, գ) լրագրական reportage մը, դ) տարեցոյցներու սեռի մը, որոնք չեն կրնար չյիշուիլ։

« Խարազան »ը առանձին պրակ մըն է, լոյս տեսած Փարիզ։

Ինչպէս դիտել տրուեցաւ անցողակի, այս գործին խմբագրականը զուտ, անիմաստ վատնում մըն է, իր յիշատակին թշնամի գործունէութիւն մը։ « Կիլիկեան արհաւիրքը » տրտում լրագրութիւն, որուն մեղքը քաւեց, երբ ողջ էր։ 1915–էն վերջ իր վիպակները, թատրոնները, տարեցոյցները ուրիշ մեղք։ Ու կը կենամ այն վիպակներուն, որոնք կազմեցին « Քայքայում »ը։ Ուրիչ դատողութիւն մը՝ իր « Խարազան »ը, որ խարազան ըլլալէ առաջ բարձրաժէք վաւերագիր մըն է, սերունդի մը զգայութենէն, ըմբռնողութենէն։


 



[1]        Սուրէն Պարթեւեան «Խարազան»ը հատորիկով թելադրած է ճշմարտութիւններ, որոնց մասին այսօր չունինք տարակոյս: Անշուշտ ահաւոր անդունդ կայ այդ հատորիկին եւ «Ձայնը հնչեց» եղջերուաքաղին միջեւ, աս ալ արդիւնք՝ նոյն մտքին։