Երբ հիները կը կարդանք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ.

Լսեց հարկաւ այդ Տէր Ստեփանը, խոստովանանքը գեղանի կնոջ մը, օրինակի մը համար, որ, փորձութեան ձայնին անձնատուր, խեղդեց իր ծոցին ուխտը ու գնաց մեղքին ետեւէն…։ Լսեց հարկաւ, միշտ այդ ժամու մութին, սանկ յիսուննոց, իր տարիքին մարդու մը ողբը, որ իր մէջ արթնցող գազանէն նուաճուած, մորթեր էր իր վարկը, պատիւը, վազելու համար միշտ մեղքին ետեւէն…։ Տուա՜ւ սակայն թողութիւնը։ Երեւակայութիւն գործածել չէ հետեւիլ այն ապրումներու ծուխին, որոնք այդ մարդուն աչքերն ու ականջները պահեցին ծանր կշռոյթին մէջը պալատական գուսանին։ Վրացերէնէ թարգմանուած վերի պատառիկը առանձին է ու անբաւարար, քահանայ, աբեղայ հոգեբանութիւն մը թելադրելու մեզի։ Ախվերդեանի դրուագը, այդ աբեղան ծպտուած աշուղական մրցումներու ղրկող, կը խորհիմ, թէ սիրուն յօրինում մըն է, թէեւ հոգեբանական որոշ տարողութեամբ։ Մենք, գէթ հայերէն երգերուն փաստը միայն ունինք: Ու ատոնց մէջ անիկա երիտասարդ է, քառսունի դուռներուն։ Ութսունէ աւելի տարիներու համար յարդարուած ջղային դրութիւն  մը, իր բոլոր լիութիւնը, առաձգականութիւնը կը պահէր անաղարտ, երբ ուրականը եկաւ այդ երիտասարդը փաթթելու առաջին ու… նետելու գեղի եկեղեցիի մը բանտին։ Անցեալը հեքիաթ է։ 

Կը հրաժարիմ այդ երիտասարդը յօրինելէ, իմ տրամադրութեանս տակ եղող տարրերուն անբաւականութեան պատճառով։ Կը հրաժարիմ անոր մարմինը կազմելէ աշուղներու, գուսաններու, տէրտէրներու դասական գիծերով, անոր տաղանդը առաջնորդել թոնրատան մեծ տաշտը, որպէսզի երազին, ենթադրութեան, հեքիաթին խմորը աճեցնէ զայն ու տայ անոր կերպարանքը մեր ուզած անձնաւորութեան։ Ի՞նչ կարիք արդէն, դժուար ճիգերու գնով վերակազմել անհարազատ շէնք մը, քանի որ, ըսի անգամ մը, իմ ունեցած նախատարրերը անբաւական են աւելին արտօնելու։ Կը բաւէ, որ անիկա ըլլար իրաւ երիտասարդ մը աշուղներուն զուարթ, սիրտ բացող ընտանութեամբ, ու քիչիկ մըն ալ բանաստեղծին մութ հրապոյրներով «սազուած», ընդունակ իր քամանչային փոխադրելու իր հոգին այն ջերմութեամբ, յորդութեամբ, զեղումով, որոնք մեզ կը զատեն մեր շրջապատէն։ Խենթերը, սուրբերը, հերոսները, մարգարէները, մեծերը ինչո՞վ կը տարբերին մեզմէ, եթէ ոչ՝ ատ շնորհներէն իրենց առածին չափերովը։ Կը բաւէ դարձեալ, որ այդ աշուղը ունենայ երկրորդ հիմնանիւթը, ձայնին կախարդական, վառ ոստայնը, որ մեր սիրտերուն վրայ կ՚իյնայ բանաստեղծին «բիլ մարմաշին համբոյրովը»։ Հարուստն ու աղքատը կարօտ են այդ կրակի անձրեւին, որ կը զովացնէ (ըսի անգամ մը) այրեցաւեր դաշտերը մեր հոգիներուն. ջուր ու ցօղ կու տայ չորցած ակունքներուն, միշտ մեր սրտին է՛ն խորունկ ալքերուն։ Ուրի՞շ։ Ի՞նչ պիտի ուզէինք այդ երիտասարդին վրայ, որպէսզի մեր մտապատկերը պահէր իր խռովքին կաղապարները, կնիքը։ Սի՜րտ մը. վասնզի այնքան տառապագին փորձերով մենք ամէնքս հաստատած ենք այդ պատառ մը միսին պակասը մարդոց անհուն մեծամասնութեան մօտ։ Գիտենք, թե ազգեր կան անկէ զո՜ւրկ ծնած։ Ուրի՞շ։ Պիտի ուզէիք, այդ աշուղին հաշուոյն, նաեւ խելք, աւելի յաւակնոտ տարազով՝ իմացականութիւն, որպէսզի միշտ խօսէր անիկա բաներ, որոնք իբր թէ մեզ կ՚առաջնորդեն դէպի բարիին, երջանկութեան պողոտաները։ Մէջտեղն է Խայեամին փառքը։ Ռումիին խե՞լքը։ Բայց այդ խելքին գովքէն առաջ գտէք կերպը ձեր սիրտերը սիրտ ընելու: Այն ատեն, ամենայն ապահովութեամբ՝ այդ ամէնը կրնաք ջուրին տալ։ Երկրի մը մէջ, ուր այդ ապրանքը չ՚աճիր նոյնիսկ Խորենացիի օրերէն։ Պատմահօր «անսիրող իմաստից»ը թթու պութատ մը չէ, այլ՝ խորհրդանիշ տախտակը մշակոյթի  մը, քաղաքակրթութեան մը։ Խելքը աւելի երջանիկ չըրաւ մեզմէ բախտաւոր ժողովուրդները։

Իմ ընտրած երգի ետին վերլուծումը պիտի փնտռէ տակաւին ուրիշ հանգամանքներ, մարդը, թերեւս հայը բնորոշող։ Կասկածէ դուրս է այդ քերթուածին ներքին մթնոլորտը իբր խենթութիւն, առք, զգացական գինովութիւն, որոնք միշտ տարիքի տուրքեր չեն։ Զուր տեղը չէ, որ Կովկասի լեռներու ոտքին, փէշերուն, սարալանջերուն մարդկային տիպարը գտնէ բացառիկ գրաւչութիւն մը, ըլլայ մոյնքի ու կշռոյթի։ Անյիշատակ դարերէ ի վեր արքունիքները իրենց պալատներուն համար այդ մարզերէն կը ճարէին կինը ։ Հիմա չեմ կրնար բարձրանալ ընդհանրացումներու։ Կովկասի լեռներուն հիւսիսային թափերուն, տիպարը չէ գտած սլաւ դաշտագետնին մէջ բռնուած հեշտ ու դալուկ թուլութիւնը միսին, որ այտն է կնոջ երեսին, լայն ու բաց, թաւշային ու դեղձային, ցորենի, ձիւնի, ոսկիի ու մոմի գոյներով համաձոյլ, ու կ՚ըլլայ նայուածքին մէջ մութ ձգողութիւնը անսահման տափաստանին, նայեադային ու կախարդական։ Այդ լեռներու հարաւէն Պոլիս իր թագուհիները կ՚ընտրէր իր սարայ ներուն համար։ Այս ամէնը դեր մը ունին, որպէսզի մեր երգերուն մէջ (Կովկասէն եկող) մենք զգանք այդ գոլը, հեշտագին սարսուռը, արեան համը, խօսուածքը, որ մինչեւ ոճիր պիտի զարգանայ։ Ռուս վէպը արդէն այդ առքին մէջն է, որ գրաւեց աշխարհը։ Սայաթ-Նովայի երգը ռուսական հեշտանքը չի թելադրեր անշուշտ։ Բայց ո՞վ չի գիտեր, որ այդ Արեւելքին մէջ ջիղերը սահմանուած են տարբեր, շատ տարբեր ապրումներու իբր գործակատարներ։ Մէկ նայուածք միայն, յետադարձ, այն դարուն, ուր երգիչը իր ձայնն ու զգայարանքները պտըտցուց, որպէսզի հեռուէ հեռու համոզուիք վկայութեան մը արժէքին, ուր կեանքին բոլոր շուքերը, սեւութիւնն ու զրկանքը անարձագանգ կը մնան։ Անգամ մը հարցուցի, թէ այս մարդը միայն իր «գովական»ը ունէր։ Զաւկի ցաւ։ Կռիւ ու արիւն։ Հաւատքին ու պատիւին վրայ ամէնօրեայ նախատինքին անձրեւը։ Թուրքը։ Պարսիկը։ Վրացին։ Հայը։ Հեռու ժողովուրդներու փշրանքները: Ասիան, որ իր բորոտները, տէրվիշները, լուսնոտները, ախտաւորները կը հանէր շարժման դէպի Հիւսիս ու Արեւմուտք: Բոլոր այս բառերը հանգոյցներ են իրարու ներհակ, զիրար կործանող հոգեխառնութեանց։ Խրճիթ ու պալատ։ Եկեղեցի եւ մզկիթ։ Թաթարն ու հրեան։ Ռո՜ւսը, որ հիւսիսէն կ՚ընէր լսելի իր թեւերուն թափը դէպի հարաւ…։ Այս ամբողջ անդոհանքը մենք չենք զգար Սայաթ-Նովայի տաղարանին մէջ։ Բայց դառնագոյն փորձառութեամբ գիտենք, որ այդ փարթամ, տղմուտ, մռայլ ու շառաշռայլ Արեւելքին մէջ Սայաթ-Նովայի ժողովուրդին զգացական սարուածը դրուած էր խորասոյզ լեղիին մէջը ամէնօրեայ տառապանքին։ Իր ժողովուրդը արեւին հետ դառնութիւն, տրտմութիւն, նուաստութիւն կը խմէր ծագող առաւօտէն ու ահ, սոսկում՝ անցնող գիշերէն։ Գինին նիհար է ու տժգոյն հնձաններու մէջ, որոնց տէրերը վստահ չեն իրենց այգիէն։ Հացը սուղ է կշիռին մէջը այն ժողովուրդին, որուն ամպարները կը կնքուին հայկականին մահատու սաստովը։ Իւղը՝ ճիղճ ու ջրվրայ, երբ զայն տուող արջառը կը վախնայ համարձակ թափառելէ, մաս մը ուրիշին հողերուն վրայ, մաս մըն ալ յելուզակներու իրական տագնապէն։ Վայելքը՝ միջոց իսկ չունի բիւրեղանալու: Այս հպումները, ճշդումները՝ որպէսզի ըլլանք համեստ, երբ կը ջանանք գեղաբանել մեր մշակոյթին շքեղ արժէքները։ Ո՛վ որ անցնի, մեր օրերուն, Սուրիայէն, Պաղեստինէն, Եգիպտոսէն, Յունաստանէն Եւրոպա, պիտի համոզուի մշակոյթի ձրի, անհաց փառքերէն առաջ ուրիշ դառնահամ փաստերու։ Ասոնք մեր հարուստներուն մեծատարած վաճառատուներով, վիլլաներով, փարթամ զեխութիւններով չեն պայմանաւոր։ Ասոնք մեր մէջ կը ճնշեն դարաւոր լարեր, որոնց վրայով մեր ժողովուրդը քաշեր, քաշքշեր էր բազմաթիւ սփիւռքներ, մինչեւ իր ուժասպառ հանգումը, օտարին հեշտութեանց ծոցը։ Շինեցինք մեր ժամերը՝ ո՛ւր որ կրցանք։ Կազմեցինք մեր տուները, թաղերը, քաղաքները աղեղներու վրայ, որոնք Լէմպէրկէն մինչեւ Մատրաս կը ձգուին։ Դար մը, երկուք։ Բա՛յց։ Ամէն ողբերգութիւն վախճան մը ունի։ Քսաներորդ դարու մեր Սփիւռքը վերադարձի մեր ապրումները անբաւակա՞ն գունաւորելու, որպէսզի մենք բառերով սպառազէն վարդապետութիւններ լաստակերտենք, գոյութիւն չառած փառքեր շողացնենք, մեր մեղքին յաղթանակները դիւցազներգենք, ստեղծելով աւելորդ, նոյնիսկ վնասակար շփոթութիւն մեր տղոց արդէն անյարիր հոգեխառնութեան ներսը։ Ան՝ որ կը ջանայ մեր մշակոյթին բաղադրիչները վերլուծօրէն երեւան հանել, կը հրաւիրուի խորունկ պարկեշտութեան, զգուշաւորութեան, համեստութեան, փաստերուն ամէնէն վճռականին առջեւ, որ կեանքն էր իր ժողովուրդին։ 1850ին մեր գրականութեան զարթօնքը կը կրկնէ 430ի պայմանները։ Անիմաստ է աւելորդ խանդավառութիւններ մշակել մեր մէջ արդիւնքներու համար, որոնք տարրական են այնքան անհերքելի չափերով։ Ե. դարու զարթօնքը՝ զարթօնք մըն է անշուշտ, բայց ոչ՝ գրականութիւն մը։ Ինչո՞ւ։ Վասնզի արուեստին, մշակոյթին էատարրը, փլազման  (plasma) ազատութիւնն է. առնուազն՝ ոչ–գերութիւնը։ Ու փնտռեցէք դարերը, որոնց ընթացքին մեր ժողովուրդը ապրած ըլլայ այդ սրբազան արբշռանքը։ Հետեւաբար գոհանալ փոքր շրջաններով (մէկ մասը Բագրատունիներու, Ռուբինեաններու հարստութեանց) ո՛չ միայն անհրաժեշտութիւն մըն է, այլեւ՝ համեստութեան փաստ մը։ Արդարեւ, պարոնայք մշակոյթի ճարտարապետներ, որ չէք վարանիր մեր պզտիկ իրագործումները բարձրացնել իրաւ ու հսկայ մշակոյթներու մակարդակին, ինչպէ՞ս կը գործադրէք երկրի մը արժէքները կշռելու ատեն թափանցումի մեթոտներ, օրէնքներ՝ որոնք Պաղտատի մը, Քորտովայի մը, Ֆլորանսի մը, Վենետիկի մը համար կը թուին արդար, առնուազն հասկնալի է, բայց բոլորովին քմահաճ, կամայական, անբովանդակ՝ գլխուն մարդոց, որոնք անհաստատ գիտեն այդ գլուխները իրենց ուսերուն, սեղանը՝ ենթակայ փողոցէն անցնող օտարարիւն, բայց սուսերամերկ սրիկայի մը ախորժակին, տան սրբութիւնը՝ անպաշտպան, գիշեր ու ցերեկ։ Մեր ժամերը՝ որքա՜ն դարեր ստիպուեր են դրան տեղ ծակեր գործածել, արգիլելու համար թշնամի էշերուն թափանցումը մեր տաճարներէն ներս։ Կը հասկցուի՞մ արդեօք։ Այս ճշդումները զառածումներ չեն երբեք։ Անոնք հեռու են նոր կայծեր ալ նետելէ արդէն զօրաւոր չափերով մշակուած ստորագնահատման մեր դարաւոր քոմփլէքս ին վրայ, որ ողբն է մեր տկարութեանց, մեր պատմութիւնն ի վեր։ Կայ գեղեցկութիւնը իրական, սրտառուչ, մեծ, որ կը բաւէ այս ժողովուրդին զաւկըները խանդավառելու։ Ու ատիկա եթէ կը զգանք մենք որոշ չափերով իր արուեստին հատուկոտոր վկայութեանց ներսը, մեզ պէտք չէ զառածէ դէպի մշակոյթներու ձրի, մուրացիկ փառքը։ Այս ժողովուրդին ամէնէն բարձր մշակոյթը՝ իր գոյութիւնն է ։ Դրէք ձեր բոլոր հպարտութիւնը, գուրգուրանքը, մշակութային կշիռները, արժեւորելու համար այդ փաստը ու դուք հեռու չէք իրականութենէն։ Այս ժողովուրդին ամէնէն գեղանի արձանը իր պարմաններուն ու պարմանուհիներուն վերոյիշեալ խորհրդանշանն է, լեռներու լանջերուն, շաղը վրան, ծաղկի պէս անուշիկ, թարմ, անմահ ու անթառամ իր սիրտէն՝ ինչպէս արգանդէն, քաղաքներու մէջ, ուր երկու սերունդ յետոյ այդ արիւնը պիտի ստեղծէ նոր, բիւրեղային դրութիւն, կերպարանքներու մէջ, որոնք հաւատարիմ ցեղային արեան մեծ ճարտարապետութեան, պիտի ըլլան այնքան ինքնատիպ բխումներ։ Ես ունիմ իմ հոգիիս մէջը սրբազան արձանները ձեւերու, Պոլսէն, Պրուսայէն, Իզմիրէն, հեռու հայրենիքին փոխատնկուած նմոյշներէն, որոնք մեր իրական մշակոյթին շարժուն, շօշափելի  վկայութիւններն են։ Այս մշակոյթը, ահա, զոր մենք մեր բոլոր դժբախտութեանցը կիկլոն ներուն ժանիքներէն գիտցեր ենք ազատագրել ու հասնիլ սա օրերուն։ Քանի մը հարիւր տարի առաջ անիկա Լուսաւորչայ խաւատքն էր, մեր գերութեան վերեւ տիրական ու սրբազան մթնոլորտը, ուր աննման էին զտուած արմատները մեր հոգիին։ Աւելի վայրերը անիկա մեր բարբարոս խումբն էր լեռները նուաճելու։ Տաւրոսի սրտին մէջն իսկ, մեր կորովով, քաջութեամբ, արքայական մեր հարստութիւնը ճարտարապետելու։ Եւ յանդուգն՝ մեր ըմբոստութի՛ւնը, ահաւոր ուժերու դէմ, երբ ելանք ոտքի, մահուան վազելու բարբարոս գեղեցկութեամբ մը, նահատակութեան շատ նուրբ, շատ բարձր է, շատ հազուադէպ հոգեխառնութիւնը անհատները հասկնալի՝ որ մեռնին իրենց ըմբռնումները պաշտպանելու վրայ, ցեղե՞րը ընելով այնքան տիրական աշտարակում մը հոգեղէն կիրքի։ Ինչպէս կը տեսնէք, այս ցուցմունքները մեղաւոր են պարզապէս հաստատելի, պատմական իրողութիւններու անդրադարձներ ըլլալու մեղքով ու օղային օրէնքներէ քմահաճ բխումներ չըլլալով։ Մի պոռաք, պոռչտաք ինծի՝ չեղած, ոչ–կարելի հրաշքներէ, որոնք թուղթի վրայ աս ու ան ժողովուրդի տարեգրութիւններէն արտահանուած, երբ բռնի կը փոխադրուին մեր պատմութեան, առնուազն սուտ են, ուրիշ բան մը մեղքերով զարնուած ըլլալէ առաջ։ Ի՞նչ կը նշանակէ հայ մշակոյթ մը, արեւով, դաշնակութեամբ ու միութեամբ պայմանաւոր, երբ ուզէք այդ բառերուն փոխաբերած իմաստները վերածել պատմական իրականութեան։ Փոխաբերութեամբ եւ պատկերով լաստակերտուած այդ մշակոյթները։