Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԻՒՆ

Տժգունօրէն յոյսին բոլոր շուշանները թափեցան
Օրերուն անգթութեան մարմարներէն ի վար,
Մահագուժօրէն եւ անդադար,
Եւ արբշիռ, եւ ուխտուած հոգիներն այլեւս հանեցին
Իրենց յաղթանակի եւ երազի վերարկուն երկար,
Գերեզմանուող իրիկուններուն հետ,
Եւ աւերումի համայնապատկերին դիմաց։
Գարուններուն խենթեցնող գեղեցկութեանը տեղ
Տրտմութեան երկաթէ ձիւն մըն է որ կը հոսի
Մեր բոլորին անմխիթար որբութեանը վրայ,
Ու կարծեմ արհաւրալից ու քինայոյզ ջուլհակներ
Հեռաւոր ու մթին արուարձանի մը մէջ այսօր,
Աճապարանքով, բոլորը մէկէն,
Մեր սեւ օրերուն խոնաւ պատանքը կը հիւսեն…
Մինչդեռ անագորոյն եւ անարեւ հոկտեմբերներ,
Սառած լուսնկային հետ մինակ,
Տարիներէ ի վեր, ամէ՜ն գիշեր, ամէ՜ն գիշեր,
Կեանքին անյուսութիւնը կ՚անձրեւեն մեր վրայ։
Աւա՜ղ, առաջ արշալոյս մը կար, որ քաղցրութեամբ կը ծագէր,
Եւ իմ յաւիտենական երազս երջանկօրէն
Անկեց ինծի՝ մտածումիս համար ծաղկադաշտեր կը յօրինէր
Եւ պսակներ իմ բաց ճակատիս եւ քնարիս մանկական.
Աւա՜ղ, առաջ արշալոյս մը կար, որ բուրաստանի մը նման կը ծաղկէր,
Երբ անմեղութեան աւազանը հայելին էր իմ հոգիիս,
Երբ լիճերուն եղէգներն իմ շունչիս մէջէն խաղաղութիւնը կ՚երգէին…
Երբ մայրական Յոյսին ստինքները յափրացումն էին շրթունքներուս,
Երբ ադամանդէ լուսնկան առաքեալս էր եւ մտածումս ահագին։
Եւ կապոյտ խորութիւնն անրջային ջուրերուն
Աստուածային ապարանքն էր իմ դողդոջուն եւ պատանի ստուերիս…
Բայց այսօ՜ր, բայց այսօ՜ր, ես այս ամէնուն առջեւէն
Սարսափահար եւ աչուըներս փակած կը փախչիմ…
Վասնզի գիտեմ որ բոլոր արշալոյսները նուիրական հողին,
Տարիներէ ի վեր, մեր արիւնէն են կարմիր…