Ծաղկեփունջ կամ Բրգնիկցիի մը նուագները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՍ ԵՒ ՔՈՅՐԵՐՈՒՍ ՇԻՐՄԻՆ ՎՐԱՅ

Դե՜ռ կը նընջէք հանդարտիկ,
Այս մարմարին տակ ցըրտին.
Արցունքներու սեւ հատիկք,
Կու գամ ցանել ձեր շիրմին:

Գարնան փըթթած կոկոններ
Էիք վարդի, գիրգ, մատա՜ղ.
Մահուան խորշակն անտարբեր,
Շուտո՛վ խամրեց ձեզ, աւա՜ղ:
Մօրերնուդ գիրկըն ջերմիկ
Թափուր թողիք ու փախա՜ք,
Զերդ թըռչնակներ բունազիրկ.
Երկնից մէ՞ջ էր ձեր փափաք:

Եղաք ժըպիտն հոգեվար
Ձեր հէգ հօրը դէմքին-սուգ,
Որ փայլած էր պահ մը վառ
Յետոյ դարձած` արտասո՜ւք:

Սուրբ եւ քընքուշ ձեր մարմին
Հողին ներքեւ ի՞նչ եղաւ.
Արդեօք, աւա՜ղ` որդունք սին,
Կը պատճառե՞ն ձեզի ցաւ…
Ալ բա՛ւ նընջէք, ձեր եղբայրն
Արցունքի մէջ կը հալի.
Պիտ’ ըմպէ՞ք դեռ ընդերկար,
Մահուան բաժակն յո՜յժ լեղի:
Այս ծաղկունքը` զոր սըփռեմ
Ձեր լուռ շիրմին սըգամած,
Իմ աչքերուս թա՜ց, նըսե՜մ
Արցունքներովն են սընած…

Դուք ինձ տուիք յիշատակ,
Սուգ մը` մաշո՜ղ իմ հոգին,
Ես կու տամ ձեզ` ողբերգակ
Այս տողերըս շիրմային: