Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Երկու տարիէն աւելի է որ մեր թաղին մէջ կ’երեւի ստեղծուածի [1] պէս բան մը. այն դեմքերէն, որ զուրկ ամէն հրապուրանքէ, ամէնէն աւելի ուշադրութիւն կը գրգռեն կեանքի անօրինակ երեւութովը, եթէ կրնայ «կեանք» ըսուիլ կեանքէ զուրկ այդ էակը։ Վարդա՛ն աղբար, այսպէս կը կոչենք զինքը ամենքս ալ, եւ այդչափ միայն բան գիտենք իր վրայ։

Ցերեկը տեսարանին վրայ է մինչեւ տասներկու. իսկ այնուհետեւ՝ վերջալուսի շառաւիղներուն հետ վար կ’իջնէ, կ’երթայ կը կորսուի փուռի մը մէկ անկիւնը, որ ձրիաբար իրեն տրամադրութեան ներքեւ դրուած է։

Խիզանցի է, վաթսուն տարեկան։ Ասդիէն անդիէն հայթայթուած տաբատ մը եւ չակէտ մը կը պատսպարեն իր մերկութիւնը. ոտքն ալ գուլպայի պէս բաներ անցւած իր ամէնէն գեղեցիկ զարդը կը շինէ հինկեկ ֆէս մը, չգիտեմ ո՛ւրտեղէ ձեռք ձգուած, որ կը ցցուի իր ճերմակ ճաղատ գլխին վրայ, ծուռիկ մուռիկ, ծալքերով ալքերով։ Ողորմելի սրունքներ, կքուած, իբրեւ նեցուկ իր մարմնոյն, կը շրջեցնեն իրան մը չգիտցուիր ի՛նչ բանի համար։ Ասոնք գոյութիւններ չեն, այլ չորացած տերեւներ, որ կը նետուին ըստ բաղդի անկիւն մը փոշիներու մէջ եւ կամ սարաւանդի մը վրայ, հովէն ծեծուելու, մինչեւ որ ծակծակ ըլլան, մանրամաղ փոշւոյ հատիկներու լուծուին եւ հիւլէները լցուին անէութեան էութեանը մէջ։

Վարդան աղբար վեց տարի առաջ նետուած է Քեաղըտխանէի հովիտը, ուր ցեխերու մէջ ապրած է, այն լճացեալ աւազաններուն մէջ քրտինքը, տիղմն ու ծովուն աղի ջուրը խառնելով անիծեալ հացի մը հետ։

Այդ կերածէն բաժին հանած է իր կեանքի կցորդներուն։

Երկու տարի նետուած է Չամլըճայի բարձունքը, ուր ապրած է ամարանոցներու ջուր կրելով, կերակրուելով խոհանոցներու աւելցուքներէն. կարծեմ կեանքին այս մասը, համեմատաբար, աւելի բարեբաղդ անցած է։ Այնուհետե՞ւ։

Ալ այնուհետեւ մանկիկի մը գնդակին պէս որ կը թաւալի տրուած ուժին ազդեցութեանը ներքեւ, եկած ինկած է մեր գիւղը եւ բաւական գոհ է։ Իր շահը, սկիզբէն մինչեւ ցայսօր, իրեն պէս անփոփոխ է, օրը հինգ, չորս դահեկան, և կամ խարիր (հարիւր) փարա, իր արտասանութեամբը։ Այդ վաստակին մէջ իրենց բաժիններն ունին, տուն մը հայրենի գաւառին մէջ, Ս. Աստուածածնի մէկ կանթեղը՝ Գուզկուճուք ի Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ստամոքս մը իր կքած լանջքին տակ, որ ծնած օրէն գուցէ հանգիստ օր մը տեսած չէ։ Վաշխառուներու աղտոտ թուղթերը մէկ դի կը նետեմ։

Այս բեկբեկ կեանքին վրայ ճակատագիրը չէ կրցած ջախջախել երեք բան, կրօնքի սրբութիւն, անխառն բարոյական մը եւ տան սէր. ըստ երեւոյթին՝ հեգնութիւն մը երրեակ միութենէ շինուած ջախջախ եղեգնի մը վրայ։

* * *

Նախորդ ձմեռ այս մարդը չտեսանք բնաւ։ Զատիկէ ետքը օր մը հովը կը բերէր մեզի իր երգը, քրդերէն լաւուք [2] մը։ «Վարդան աղբարն եկած է», ըսելով դուրս կը նայինք պատուհաններէ։ Իրաւ ինքն է, նոյն ծերուկ մարդը, որ դոյլերն առած իր սովորական ծառայութիւնը կ’ընէ։ «Ո՞ւր էիր» հարցնելը բնական էր. հարցուցինք եւ տեղեկացանք որ Երուսաղէմ գացած էր։ Իր թեւերուն քաշուած մորթին վրայ մուխսիի նշանները ցոյց կուտայ խրոխտագին. այլ եւս հաճի պիտի կցենք իր անուան, եւ պիտի յագեցնենք ոտքէն մինչեւ գլուխ կրօնասէր սիրտ մը, Քրիստոսի գերեզմանին, Երուսաղէմի յիշատակներովը զեղուն. իր շրթունքը համբուրած էին մեռած ու կենդանի սրբութիւններ։ «Հա՛ աղա, ինոնց սիրուն մեռնիմ, ինոնց արեւուն մեռնիմ. պագեցի, պագեցի, կուշտ ու կուռ պագեցի»։ Կրօնքն այդ ստեղծուածին վրայ այդչափ բան գտած էր իր սրտէն, շրթունքներէն, եւ 20 մէճիտի նիւթական զոհողութիւն մը՝ զոր սրտանց տուած էր մոմի, դարպասի, նաւողչէքի՝ հոգացած իր մէկ խնամիին քսակէն։ Ահա իր կրօնքը։

***

Իր բարոյականը երես մը սպիտակ թուղթ է, ուր բնաւ կաթկթած չէ բիծ մը սեւ մելանէ։ Կը մտնէ մեր շատերուս տունը. ո՛չ մէկ աչք իր վրայ հսկելու պէտքն զգացած է, ձեռքերը բանի մը չեն դպչիր, բերանը բան մը չուզեր, աչքերը կուռ կուշտ, բանի մը չեն նայիր։ Կ’երթայ կուգայ, ջրհորին գլուխը ճախրակը կը դարձնէ, եւ երբ այլ եւս ուժասպառ է իր տարիքին անողոք պահանջմանը առջեւ, կը նստի քիչ մը քարին վրայ, գլուխը քրտնած, հեւքը մաշած, կուրծքն ուռած։ Թէ որ խիղճ ունիս, կը կարեկցիս տարիքին, այդ հօր մը տարիքին. եւ եթէ մարդ ես, քիչ մըն ալ կը ցաւիս՝ աչքերդ անգին դարձնելով, եւ վարձք մը կուտաս միմիայն ողորմութիւն չտալու պէս։ Բայց այսպէս չէ, հաշիւ կ’ընեն, եւ Վարդան աղբար կ’առնէ անհաշիւ, քսան փարա, քառսուն փարա, եւ «շնորհակալ եմ» ըսելով դուրս կ’ելլէ կամաց կամաց, եւ քիչ մը ետքը ուրիշ տուն մըն է։

Վարդան աղբար, էսօր քեզի շատ փարա տի տամ. քանի՞ ղուրուշ կ’ուզես։– Երկու կուրուշ, աֆանդի. եւ քիչ մը խնդալէն ետքը՝ «Չէ՛, աղա, չէ՛. ես շախա արեցի. ի՛նչ կ’ուզես՝ տուր. քեառսուն փարա. դու գիտես»։ Թէ որ կ’ուզես, «վաղը տամ» ըսէ. կ’երթայ անտրտունջ, եւ վաղն ալ դուռը չգար աներես պարտապահանջի պէս։ Ահա՛ իր բարոյականը։

***

Իսկ տո՞ւնը։ Ա՜հ, այդ տունը, անոր մէջ սիրելիներ կան, պաշտելի գլուխներ, թոռնիկներ սիրուն ու խարտեաշ աչուկներով. յիշատակներ, եկեղեցւոյ խաչերուն ու պատկերներուն պէս պաշտելի։ Անոնցմէ բաժնուած այս մարդիկը՝ բնութեան ձեռքին մէջ անկեղծ պատկերներ են, ուր ամէն գիծ, ամէն երանգ դուրս կը ցատքեցնէ հոգեկան երեւոյթ մը բալուտ կամ թօնուտ, ջինջ կամ պարզ. սանձուած հառաչներ, խանձած սէրեր, մոլեգին կիրքեր, թոռմած ծաղիկներ, խամրած գեղեցկութիւններ։ Քիչ մը հրահրէ զինքը. թող լաւուք մը երգէ իր ջախջախ ձայնով ու մաշած կոկորդով, եւ յետոյ մեկնել տուր։ Իրա՛ւ, վայրենի երգ մըն է. կաղնիին պէս անտաշ, երիտասարդի մը պէս կրակոտ, ապառաժի պէս խրտուցիչ, եւ սօսի պէս հասակագեղ, որուն դպած չէ երբեք պարտիզպանի մկրատը, եւ որ սակայն բնութեան գեղն ունի, երկնքի հրապոյրն ու հմայքը՝ կարօտով խոնջ աչքերու առջեւ։

Այս տարի Վարդան աղբար աւելի ուրախ է. իր տղան ամիսը հինգ մէճիտիյէ կը վաստկի, ինքն ալ կը վաստկի, «օր կայ չորս, օր կա՛յ հինգ, օր կայ խարիր փարայ», եւ պիտի երթայ, չգալու պայմանաւ. զի տարիքն այլ եւս անկարող ըրած է զինքը. պիտի մնայ, պիտի մնայ հո՜ն, հո՜ն, իր ձագերուն ու լաճերուն մէջ։

«Ալ չպիտի՞ գաս, Վարդա՛ն աղբար»։ «Չէ, աղա, չէ՛. ալ ես ինտո՛ կ’անամ գալ. իմ մազ միրուք պիտկաւ. չեմ կանայ աշխատիլ։ Կը նստիմ մեր տանը, օրհնէք կ’անեմ իմ լաճերուն, ձագուկներուն. ժամ կ’երթամ, աղօթք կ’անեմ, մոմ կը վառեմ, ողորմութիւն կուտամ»։

Այդ ջախջախ կեանքն է որ կը մտնէ մեր տուներն ու կ’ելլէ. եւ մենք կը նայինք իրեն անտարբեր չորցած կոճղի մը պէս, ուր Աստուած իր պաշտամունքն ունի, ուր բարոյականը օր մը օրանց կեղտոտած չէ, եւ ուր բազմապահանջ կեանք մը, ցնցուած ու խոնջած, իր սէրերէն մասնիկ մը տուժած չէ։

Տակաւին երկու ամիս պիտի տեսնենք զինքը, եւ ամէն առտու կանուխ մեր դուռներուն վրայ է, սրտով՝ գոհ, հոգւով՝ անբիծ, լաւուքովը՝ իր տանը յիշատակներուն կապուած։

 

«Հայրենիք» 1892, թ. 189.


[1] Արարած, էակ (creature) իմաստով գործածուած է։ Ծան. Ն. Գ. Բ.

[2] Լաւկօ քրտերէն երգերու շարք մը, միշտ սիրային։ Լաւկօ. կը նշանակէ երիտասարդ։ Ծան. Ն. Գ. Բ.