Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Շատ բան տեսած էին, շատ բան ալ կրած իրենց կաշիին եւ ոսկորին վրայ. բայց ինչ որ հիմա կը պարզուէր իրենց աչքին առջեւ, ինչ որ տեղի կ’ունենար անողորմօրէն, մտքէ չէր անցներ ադ, այնպէս որ իրենց բարեպաշտիկ երկիւղածութիւնը վրդովուած՝ կը հասնէր մինչեւ հոգեկան ըմբոստութիւն։

Իրենք չէի՞ն որ իրենց աչքովը տեսան քանդումը աշխատանքով ձեռք բերուած համեստ երջանկութեան մը, տեսան, իրենց իսկ աչքով, տուներնին՝ լափող բոցերու մէջ, եւ արիւնոտ սուրեր, կրճտացող ատամներ կեանքերու վրայ։ Անցած էին ատոնցմէ, հազիւ պրծած՝ զոհ տալով ամէն բան, եւ ունենալով մանկիկ մը՝ ծրարուած իրենց գրկին մէջ, միակ սփոփանքը բոլոր քանդումներու եւ մոխիրներու վրայ։

Ու այդ փոքրիկն էր որ հիւանդ ինկած էր օրերէ ի վեր, իր վերմակին ներքեւ՝ գալարուն, ա՛լ բոլորովին անտարբեր իր մօրկանը քնքուշ փայփայանքին եւ անուշ գուրգուրանքին։

Բ.

Ու գէշին գէշը սա էր որ բժիշկի մասին չէին կրցած բան մը խորհիլ, որովհետեւ իրենց այդ վերջին ապաստանարանը տակաւին կը գտնուէր նահապետական դրութեան մէջ, ապրողը կը տանէր կեանք մը՝ թողուած ճակատագրին կամահաճութեանը, իսկ մեռնողը ճամբու կը դնէին արցունքով. այդչափ միայն, եւ ոչ աւելի։

Այսպէս՝ անոնք, ձեռքերնին լանջքերուն վրայ, հոգեկան վրդովանքի մէջ, սպասելով սպառուած էին, նայելով հատած էին իրենց սիրական որդեկին հիւանդ պատկերին առջեւ՝ որ իրենց կեանքն էր, ու անկէ ալ աւելի թերեւս, եւ որ կը քայքայուէր հիմա ժամէ ժամ, օրէ օր։

Ու ի՛նչպէս խորհիլ որ, անցած փոթորիկներէ ետքը, ուրիշ նոր փոթորիկ մը պահուած էր իրենց ՝ այդ հիւրընկալ հողին վրայ որ երկրորդ հայրենիք մը կ’ըլլար աշխատանքի յաջողութիւնով։ Սպասումներէ եւ զոհերէ ետքը, կարծես, մարդ իրաւունք կ’ունենայ հաւատալու թէ ա՛լ քաշուած է զիրենք պատժող ձեռքը։

Չսպասուած սեւ փոթորիկը պայթեցաւ, ու չարաշուք րոպէ մըն ալ՝ անշնչացուց սիրուն եւ սիրական մանկիկ մը։

Հարուածը չափէ աւելի ծանր էր, որովհետեւ առաջինէն ետքը՝ երկրորդ փոթորիկն էր, աւելի ծանր՝ կսկծագի՜ն, որ այս անգամ ո՛չ թէ զիրենք տարագիր կ’ընէր արիւնոտ բռնակալի մը սարսափովը, այլ քանդուածքի փոշին կը սրսկէր իրենց հոգիներուն մէջ ու այնտեղ կը մարէր կեանքի ամէն անուշութիւն՝ մահացնելով կենսական ամէն ուժ։

­– Խե՜ղճ մայր.

Այդպէս ըսած էին իրենց դրացիները, այդպէս կրկնեցին զիրենք ճանչցողները։

Իրաւցնէ անտանելի հարուած.

Այդպէս ըսած էին ամէն լսողները։

«Ախ»երով, «վախ»երով պատանքի մէջ դրուած էր մանկիկը, ու առկայծ մոմ մըն ալ անոր գլխուն վերեւ։

Գ.

Այդ կսկիծներու եւ սեւերու մէջ նոր հոգ մըն ալ ունեցան, թէ ի՞նչպէս պիտի թաղէին իրենց մանկիկը։ Հօրն ու մօրը համար հոգեկան անհրաժեշտութիւն մըն էր իրենց մեռելին գլխուն վերեւ ունենալ քահանայ մը՝ սեւ փիլոն մը կռնակէն մինչեւ ոտքերն իջած, բուրվառ ծուխն ալ, թելի՜կ թելիկ, դագաղին վերեւ տարածուած, ու շարականի ձայն մը, տխրութիւնով լի, օդին մէջ ցիրուցան։ Այդչափը գոնէ, սուգի այդ սփոփանքները պէտք էին իրենց։

Ո՛չ եկեղեցի կար սակայն հոն եւ ո՛չ ալ քահանայ։ Իրենց դրացիներն ալ այդ մտածութիւնը ունեցած էին յանկարծ՝ անբախտ ծնողքի մը կսկծագին արցունքներուն մէջ. ատոնց հաշիւովը, առանց մեռելական աղօթքներու եւ խունկի պարոյրներու, մեռելին հոգին չէր կրնար իր թռիչքը ընել դէպի կապոյտ սփիւռներ, ու ան կը մնար մոլորական, թեւերը խանձոտուած թռչնիկի մը պէս, հեծեծագին։ Ծնողքին սրբանուէր պարտքն էր ողբագին չթողուլ իրենց սիրական տղեկի անմեղուկ հոգին։

Ի՛նչ պիտի ընէին…։

Քահանայ պէտք էր, եւ միայն լացողներ կային։

Երկու օր առաջ դրացիներէն մէկը հիւր մը ունեցած էր, «Միւսիւ» կ’ըսէին։ Յանկարծ մէկուն մտքէն փայլակի մը պէս սա մտածումը կ’անցնի, դիմել այդ հիւրին։ Ու կը դիմեն պաղատագին աղաչելով որ, վերահաս սուգի մը թախծոտ րոպէներուն մէջ, յանձն առնէ, իր գիտցածովը, քահանայի մը սպասը մատուցանել տղեկի մը դագաղին առջեւէն, գիրք մը ձեռքը բռնած, շարականի տխուր երգով, ապա թէ ոչ, կրկնակի մահ մը պիտի ըլլար կ’ըսէին, այն մանուկին մահը՝ ոչ միայն իր ծնողքի սրտին ու հոգիին վրայ, այլ եւ այդտեղ գտնուած քանի մը անբախտ Հայ տնուորներու։

Խօսուած էր այդպէս ու բռնի համաձայնութիւն ձեռք բերուած։

«Միւսիւ»ն, հիմա, մեռելիկին գլխուն վերեւն էր, առանց փիլոնի, գրքոյկ մըն ալ ձեռքը, կարծեմ Տէր Մըկըրեանի Աղօթագիրքը, որ հազուագիւտ բարի բախտաւորութիւն մը կ’ըլլար այդ հոգեկան անապատին մէջ։

Եղերական թափօրին կը հետեւէր սգաւորներու խեղճուկ թիւ մը, ամէնքն ալ վիճակակից, տարագիր Հայեր օտար հողի վրայ. առանց փիլոնի քահանան կ’առաջնորդէր երկնքի նոր ճամբորդ մը. անշուշտ մոռցած ինքզինքը, մոռցուած իր պաշտօնին ու իր շարականին մէջ։ Յուշի՜կ ու ծանր կը յառաջանար թափօրը։ Խռպոտ ձայն մը կ’ելլէր միօրինակ. ոչ ոք կրցած էր ըմբռնել թէ ի՛նչ կ’երգուէր, միայն թէ երբ, պահ ընդ պահ «Քրիստոս Աստուած» բառերը աւելի ուժեղ կը հնչէին, յուղարկաւորները, առանց առիթը կորսնցնելու, այդ ընտանի անուններուն առջեւ, սուգի հետ խառն ջերմեռանդութիւնով, կը խաչակնքէին։ Ու ինչպէս կ’երեւէր, ծանր թախծութեան ատեն, հոգեկան թեթեւութիւններ էին իրենց՝ այդ «Քրիստոս Աստուած» բառերը՝ առանց փիլոնի քահանային խռպոտ ձայնին մէջ։

Ու մթին ճամբուն երկայնքը, որ տունէն մինչեւ գերեզմանին փոսը կը հասնէր իբրեւ լուսաւոր շեշտ մը սուգի եւ սեւերուն մէջ, այդ երկու բառերը առատօրէն ցանցնուած էին, ու ատոնք միայն հասկնալի եղած՝ թափօրին տաժանքոտ գնացքին ամբողջ տեւողութեանը։ Այս լուսեղ շեշտը թռաւ օդին մէջ՝ եղերաւոր ճամբորդութեան մինչեւ վերջին րոպէն, մինչեւ այն վայրկեանը ուր սեւ հողը բարձրացաւ փոսին վրայ, եւ մեր առանց փիլոնի քահանան կ’աւարտէր իր պաշտօնը։

Մեծ գործ մը կատարած էր կեանքի եւ մահուան մէջտեղ։ Դէպի տուն դարձին՝ ոմանք ըսած էին իրարու.

Ի՜նչ գէշ պիտի ըլլար եթէ թաղումի կարգ չկատարուէր։

Ուրիշներ.

Մեռնող տղեկին բախտն էր։

Իսկ ամենքն ալ, անխտիր.

Ամէն սեւերու վերեւ, ըսած էին, մխիթարութեան շող մը դրուած է. անտանելի կրակ մը պիտի ըլլար մանաւանդ մեռելիկին ծնողքին համար, եթէ առանց կարդացմունքի, առանց շարականի եւ խունկի թելիկներու՝ սեւ հողը դնէին իրենց մանկիկը։

Դ.

Նոր տարիի առաջին օրը լուսցած էր, սեւ ծանրութիւն մը կապարի պէս կը կշռուէր այդ դժբախտ տանը վրայ։ Մայրիկ մը չէր քնած արցունքներու եւ կսկծանքի մէջ, հայրիկ մըն ալ նոյնպէս չարչարկուած էր՝ տարեգլուխի առաջին գիշերուան սեւերուն մէջ։

Դրացի պառաւ մը ներս կը մտնէ։

Հերիք է, ա՛լ մի՛ լաք. ձեր արցունքները կը թրջեն թաղուած տղեկին ճերմակ պատանքը, ու բոլոր տարին այդպէս կ’երթայ, մի՛ մոռնաք որ այսօր կաղանդին առաջին օրն է։ Փա՜ռք ալ տուէք Աստուծոյ… ինչ պիտի ընէիք եթէ աղօթող հիւրն ալ չունենայիք. ի՛նչ անտանելի կրակ կ’ըլլար ատ։

«Պատանքը թրջել» բացատրութիւն զօրեղապէս ներգործական եղած էր անորդի մնացած հօր մը եւ մօր մը։

Է՜հ, փառք Տիրոջը, իրաւ է, արցունքոտ աչքերով մրմնջած էին վշտագին ծնողքը, ու սրբելով իրենց բռնաւոր արցունքները՝ ջանացած էին ճմրթկել, ճնշել իրենց սրտի մորմոքը որ ա՛լ չլան, որ արցունք չթափեն, որ իրենց մանկիկի պատանքը չթրջեն տարուան ամբողջ ընթացքին։

Ե.

Ասդին, մեր առանց փիլոնի քահանան, արշալոյսին հետ կանուխ ճամբայ ելած, կը քալէր ցրտագին օդով մը, յոգնած ու վհատ մարդու մը պէս՝ աչքին առջեւ ունենալով ան ինչ որ անցած էր սկսուած տարուան նախընթաց օրը. մեռելի թաղում ու կարգ կատարած էր ինքը, տխուր սիրտեր իր շարականովը ու կարդացմունքովը սփոփանք գտած էին։ Ի՞նչ երգ սակայն, ի՞նչ շարական։ Ինք կրնար հաստատ վկայել թէ ո՛չ գիր գիտէր ո՛չ ալ կարդալ. իր ամբողջ շարականն ալ մռլտուք մըն էր եղած, ատեն ատեն «Քրիստոս Աստուած» բառերովը, մանկութենէն սովրած ու միտքը պահած իր բոլոր գրական գիտութիւնը։ Ատ՝ ոչինչ. հիմա, իր ճամբուն ամայի տարածութեանն ու խորին լռութեանը մէջ, նոր խղճահարութիւն մը կը վրդովէր զինքը արշալոյսի քրքմագեղ կարմրութեանը առջեւ, թէ երէկ, մեռելին գլխուն վերեւ կեցած ատեն, գլխիվար բռնած չէ՞ր արդեօք գիրքը։ Ու ձեռքը կզակին տանելով, երբ կը ճմրթկէր զայն ափին մէջ.

Գոնէ քանի մը թել մօրուք, կ’ըսէր, այդչափ բան ունենայի իբր նշան քահանայի։

Իսկ մեզի համար այդ մարդը եղաւ առանց փիլոնի քահանայ մը, «Քրիստոս Աստուած»ը, անտարակոյս անոր խռպոտ շեշտովը, արշալոյսի առջեւ ունեցած խղճահարութիւնովը, մանուկ մեռելի մը համար՝ ամէնէն խորին, ամէնէն յուզումնալից շարականն ու կարդացմունքն էին որ հրեշտակի ճերմակ թեւեր պիտի ըլլային անմեղուկ հոգիի մը։

 

«Բիւզանդիոն» 1913, թ. 5001.