Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌԻՒԾ ԳԵՒՕՆ ԵՒ ԹՕՓԱԼ ՍԱՏԱՆԱՆ

Նահատակներու հոգեհանգստի օրն էր։

Հազարաւոր ժողովուրդ խռնուած էր Հայկավանքի ընդարձակ տարածութեան վրայ։ Եթէ ասեղ մը իյնալու լինէր, հազիւ թէ գետին հասնէր, այնքան մեծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր դաշտի ամէն կողը։ Թիմարի, Արճակի, Հայոց Ձորի ու քաղաքի ողջ բնակչութիւնը, հայ ու թուրք, գրաւած էր դաշտի ամէն մէկ անկիւնը։ Զօրքը զինուորական ֆանֆարով բռնած էր նախօրօք իրեն յատկացուած տեղը։ Ներկայ էին կուսակալը, զինուորական հրամանատարը, պետական պաշտօնէութիւնը։ Հակառակ դաշտային աշխատանքներու ամենաեռուն ժամանակը լինելուն, հեռաւոր շրջաններու գիւղացիները քաղաք թափած էին այդ օրը։

Հայկավանքի փոքր եկեղեցիի կողքին, թարմ ծաղիկներով գերեզմանի շուրջը, քահանայական դասը, կը պատրաստուէր հոգեհանգստի կարգը սկսելու։ Թարմ ծաղիկներու տակէն երեւցող չորցած հողի կոշկոռները կը վկայէին որ այդ գերեզմանը հին գերեզման մը չէր։ Անոր, վրայ, դեռ խոտ իսկ չէր բուսած։ Ոստիկանները մեծ դժուարութեամբ կ՚աշխատէին ազատ շրջան մը պահել գերեզմանի շուրջը, մինչ չորս կողմէն ծովացած բազմութիւնը դէպի առաջ կը շարժէր։

Գերեզմանի կողքին կանգնած էին կառավարական թուրք պաշտօնեաները, զինուորական սպաներ եւ վանեցի առաջաւոր թուրքեր, իսկ անոնց դէմ դիմաց կանգնած էին յեղափոխականները։ Հոն էին Պիծան, Գէորգը, Գարեգինը, Եկաւեանը, Մոկացի Յակոբը, Գործոթի Սագօն, Մկոյի հետ միասին, Թոփալ Սատանան, Մազոտ Արջը, Սալտաթը եւ ուրիշ բազմաթիւ հայդուկներ, որոնք երեք օր առաջ քաղաք եկած էին։

Մոսօն, անգամ մը շուրջը նայած ժամանակ բազմութեան մէջ նշմարեց Սոնիան։ Մեծ դժուարութեամբ հասաւ անոր քով եւ աջ ու ձախ հրմշտկելով՝ հասցուց զայն գերեզմանի մօտ, ուր համեմատաբար աւելի ազատ տեղ կար։

Սարսափելի բազմութիւն կայ, սաստիկ ալ շոգ է,   փսփսաց Սոնիան երեսի քրտինքը սրբելով,   որքա՜ն ուրախ եմ որ քեզ կրկին ողջ առողջ կը տեսնեմ…

Մոսօն չորս բոլորը նայելով՝ գլուխը շարժեց իրաւ որ շատ մեծ բազմութիւն կար։

Ես չէի գիտեր թէ քաղաք իջած ես։ Ինչո՞ւ ինձ չհանդիպեցար. չէ՞ որ մենք հին բարկամներ ենք։

Օրիորդ Սոնիա,   նոյնպէս փսփսալով խօսեցաւ Մոսօն,   այս առտու միայն հասայ քաղաք. ես ճանապարհին քիչ մը ուշացայ։

Կ՚ըսեն, պարոն Լեւոնը երեք օրէ ի վեր քաղաքն է, դեռ չեմ հանդիպած… Ծանր օրեր անցուցիք… կ՚երեւակայեմ թէ՝ ի՜նչ սարսափելի կեանք մը ապրած պիտի լինինք, գիւղէ գիւղ թափառելով, միշտ հետապնդուած կառավարական զօրքէն… Բայց զարմանալի է որ պարոն Լեւոնը ներկայ չէ… Ծիծանցի կռուի մասին լսեցինք։ Քաղաքը տակնուվրայ եղաւ… Պարոն Լեւոնի ու իր խմբի որպէս թուրք զինուորներ ազատ համարձակ ման գալը մեծ շփոթութիւն առաջ բերաւ կառավարական շրջաններու մէջ… Մոսօ՛, դու Ծիծանցի կռուին մասնակցեցա՞ր… կ՚ըսեն, պարոն Լեւոնը եթէ ժամանակին չհասնէր…

Ես Մոկսի կողմերն էի։

Իսկ ինչո՞ւ պարոն Լեւոնը չէ եկած,   կարծես աւելի ինքն իրեն խօսեցաւ Սոնիան։

Մոսօն լռելեայն, գլխով քահանաներու կողմը ցուցուց, որպէս թէ ըսել ուզէր, «Լեւոնը հոն է, ինչպէ՞ս չտեսար մինչեւ հիմա»։

Գերեզմանի շուրջը շարժում մը սկսաւ։

Շուրջառաւորուած, քահանաները գերեզմանի վերի կողմը կարգով շարուեցան։ Հոգեհանգստի արարողութիւնը սկսած էր։ Խունկի անուշաբեր հոտը սկսաւ տարածուիլ։

Երբ ծերունի աւագերէցը աւետարանը կարդալու համար դիրքը փոխեց եւ գերեզմանի հակառակ կողմը անցաւ, Սոնիան նոր միայն նկատեց Լեւոնը, որ Առիւծ Գեւոյի հետ գերեզմանի վերի կողմը կանգնած էր, գլուխը կրծքին կախած, երկար հասակը կորացած, կարծես անհուն ծանրութեան մը տակ բոլորովին ընկճուած լինէր։

Աներեւոյթ ձեռք մը յանկարծ ափին մէջ սեղմեց Սոնիայի սիրտը։ Երեք ամիսէն աւելի էր, որ Սոնիան չէր տեսած զայն։ Լեւոնի բացակայութեան ատեն, ինքն ալ հաշիւ չէր կրնար տալ, թէ ինչո՞ւ, բայց ամէն ատենէ աւելի միտքը զբաղուած էր Լեւոնով։ Ճիշդ է, այդ մտածումը շարունակ միեւնոյն ուղղութեամբ չէր զարգանար։ Լեւոնի սֆինքսային դէմքը ու անմատչելի ներքին մարդը հանելուկային կերպարանք մը տուած էին անոր, այդ պատճառով ալ Սոնիան փոխն է փոխ կ՚ապրէր զիրար խաչաձեւող զգացումներու ազդեցութեան տակ։

Հոգեկան այդ վիճակը չափազանց ջղագրգիռ դարձուցած էր Սոնիան։ Լեւոնի մասին չմտածել չէր կրնար, իսկ անոր մասին մտածած ժամանակն ալ աչքին առջեւ կուգար անոր այլանդակուած դէմքը։ Ճիշդ է, մէկ երկու անգամ, տղան առանց վարագոյրի բացած էր իր հոգեկան աշխարհը, բայց կրիայի մը նման անմիջապէս նորէն կծկուեր էր պատեանին մէջ, առանց ժամանակ տալու որ Սոնիան իր հոգիի խորքը իջնայ։ Այս յանկարծական փոփոխութիւնները ալ աւելի շփոթեր էին Սոնիան, որու համար Լեւոնը կը մնար անլուծելի առեղծուած մը։ Բայց եւ այնպէս երեք ամսուան բացակայութեան ժամանակ, Սոնիան ակամայ մտածեր էր Լեւոնի մասին։

Հիմա՛, որ Լեւոնը Սոնիայի դէմն ու դէմը կանգնած էր վշտէն խորտակուած վիճակի մէջ, աղջկան կը թուէր թէ՝ Լեւոնը սաստիկ նիհարած է, դէմքը անգղի մը կտուցին պէս երկարած, ու աւելի տարէց կ՚երեւար, քան առաջ։

Հոգեհանգիստը վերջաւորութեանը կը մօտենար։ Աւագերէցը հազիւ լսելի ձայնով վերջին աղօթքը ըսաւ։ Քահանաներն ու տիրացուները գերեզմանի քովէն մէկ կողը քաշուեցան։

Գարեգինը անմիջապէս աթոռակի մը վրայ բարձրացաւ։ Հազարաւոր բազմութիւնը մէկ մարդու նման լռեց։ Լսուեցաւ Գարեգինի որոտացող ձայնդ։

Հայրենակիցներ,   սկսաւ ճառել,   այս օր աւելի յարմար, աւելի խորհրդաւոր գերեզման մը չէինք կրնար ընտրել մեր բիւրաւոր նահատակներւ հոգեհանգիստը կատարելու համար, քան այս անշուք հողակոյտը, որու տակ կը հանգչին  հայ ժողովուրդի հարազատ զաւակներէն մէկուն՝ հերոսական Վահէի նուիրական ոսկորները… »

Բազմութիւնը ալիք ալիք շարժեցաւ։ Ամէն մարդ կը փորձէր առաջ անցնել՝ աւելի մօտէն լսելու համար։

Լեւոնը կարծես չէր իսկ լսեր Գարեգինի խօսքերը։ Գլուխը կրծքին ինկած, ան ջարդուած արձանի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր տեսնողի վրայ։ Սոնիայի ենթադրութիւնը ճշմարիտ էր։ Իրօք քանի մը օրերու ընթացքին, մեծ փոփոխութիւն մը կատարուած էր, ոչ թէ Լեւոնի արտաքին, այլ անոր հոգիին մէջ։ Տարիներով ապրած փախստական կեանքը, ամէն րոպէ հաւանական վտանգի մը գիտակցութիւնը եւ հսկայական գործի մը պատասխանատուութեան զգացումը պրկած, լարած էին Լեւոնի ջիղերը, անխորտակելի կարծրութիւն տալով անոնց։ Այդ պայմաններուն մէջ, Լեւոնը պողպատէ շինուած մարդ մեքենայ մ՚էր, յարատեւ շարժման մէջ, կիկլոպեան աչք մը, որ գիշեր ցերեկ պիտի հսկէր։

Յեղափոխական ղեկավարի մը լարուած կեանքը ամբողջովին կլանած էր Լեւոնի ողջ էութիւնը, առանց ժամանակ ձգելու, որ ան ինքն իր եսով ապրի, անդրադառնայ իր ողբերգական վիճակին վրայ։ Սահմանադրութեան հռչակումը, ատոր հետեւանքով իր եւ ընկերներու քաղաք իջնալը, ուր արդէն ազատ համարձակ կրնար պտտիլ, նախկին հեւ ի հեւ կեանքի յանկարծական դադարը կարծես պատճառ եղած էին պրկուած ջիղերու թուլանալուն, հոգեկան կորովին նուազելուն։ Լեւոնը ջրէն դուրս նետուած ձկան պէս կը զգար ինքզինքը։ Սովորական կեանքը անտանելի ծանրութեամբ կը ճնշէր զայն։

Հոգեկան այդ վիճակին մէջ, կրկնակի ուժգնութեամբ զգաց իր կեանքի իսպառ խորտակումը, այն մեծ ողբերգութիւնը, որ ակամայ դիմակ մը անցուցեր էր իր դէմքին, դատապարտելով զինքը մինչեւ մահ՝ այդ դիմակով ապրելու։ Շատախէն վերադարձին, ընկերներէն ոմանք իջած էին Գարեգինենց տունը։ Ինքը նախընտրած էր Եկաւեանի մօտ իջնալ։

Հոն շատ աւելի հանգիստ կրնար զգալ։ Ընդարձակ տան մէջ միայն Եկաւեանն ու մայրը կ՚ապրէին։ Երկրորդ յարկի վրայ, առանձնացած դիրքով սենեակ մը յատկացուցին Լեւոնին։ Երբ առաջին առտուն արթնցաւ Լեւոնը, զարմանալիօրէն ճնշուած կը զգար։

Կանոնաւոր անկողինի մէջ պառկիլը, առաջին քայլն էր դէպի նորմալ կեանքը։ Լեւոնը վաղուց կտրուած էր այդ զգացումէն, ահա քանի՜ տարիներէ ի վեր ան երբեք հանուած ու անկողին մտած չունէր։ Անգամ մը միայն երբ ինք ծանր հիւանդ էր ու անգիտակից վիճակի մէջ։ Անսովոր տպաւորութեան ազդեցութեան տակ ընկճուած էր Լեւոնը, երբ հազիւ աչքերը բանալով ինքզինք գտաւ ճերմակ սաւաններով անկողնի մէջ պառկած։ Կարծես վաղուցուայ մոռցուած յիշողութիւն մ՚էր, որ նոր կ՚արթննար իր մէջը։ Այո՛, ատենօք… եւ անհուն կարօտով յիշեց հայրենական տունը, իր սենեակը, պատի այնքան մտերիմ պատկերները։ Պատուհանի առջին դրուած գրասեղանը, աջ թեւի վրայ իր գրադարանը, որու գրքերը այնքան խնամքով կը դասաւորէր։ Այդ հարազատ պատկերներու ազդեցութեան տակ, Լեւոնը հոգեկան այն վիճակը կ՚ապրէր, երբ անցեալն ու ներկան իրարու կը խառնուէին։ Այնպէս կը թուէր Լեւոնին, որ ահա պիտի լսէ նրբանցքի մէջ քալող մօր ոտքերու թեթեւ արձագանգը, որ սենեակի դուռը պիտի բացուի, ինչպէս հին օրերուն, ու մայրը գլուխը ներս կոխած սենեակի դռնէն, գորովանքով պիտի ըսէ. «Վարդան ջան, հը՞, արթնցե՞ր ես, նախաճաշդ պատրաստ է պալէս»։

Լեւոնը ձեռքերով դէմքը ծածկեց, ու բուռն ճիգ մը ըրաւ մինչեւ կոկորդը բարձրացած հեկեկանքը խեղդելու համար։ Յանկարծ, խելագարի նման ոտքի ցատկելով, մօտեցաւ պատէն կախուած փոքր հայելիին։ Հոն արձանացած մնաց։ Անշուշտ առաջին անգամը չէր որ իր սեփական դէմքը կը տեսնար հայելիի մը մէջ։ Շատ անգամներ։ Բայց, բայց այդ առտու, ինքն ալ հաստատ չէր գիտեր թէ ինչու համար, այնպէս կը թուէր, թէ նոր միայն կը տեսնէր դէմքը։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս առաջին անգամ լինելով դիտեց դէմքը նոր սպասումով մը, նոր ակնկալութեամբ։ Լեւոնը ամբողջ մարմնով կը դողար։ Սարսափելի էր։ Այլանդակուած էր դէմքը, որքան որ դէմք մը կրնար այլադակուիլ։ Հայելիի մէջէն իրեն կը նայէր բոլորովին անծանօթ կերպարանք մը՝ անտանելիօրէն խեղաթիւրուած։ Ձախ աչքը առանց թերթեւանքներու եւ յօնքի, կզակի մէկ մասին տեղ խոռոչ մը, դէմքի ամբողջ ձախ կողմը մինչեւ գլխու կատարը առանց մազի, ողորկ, փայլուն կաշիով մը ծածկուած, որու վրայ կծկուած կարծր պալարները սնդիկի նման կը շարժէին…

Լեւոնի արեւէ պղնձագոյն դարձած դէմքին վրայ գունաթափ շրթները դողդղացին։

Սարսափելի է, սարսափելի…

Աջ ձեռքով աչքերը ծածկեց, ու խեղճացած կքեցաւ ինքն իր վրայ։

Երբ իր հետեւորդներով իջած էր քաղաք, ընկերները մեծ դժուարութեամբ համոզած էին զինքը, որ անհրաժեշտ է կուսակալին եւ զինուորական հրամանատարին այցելել։ Անոնք լսած լինելով իր քաղաք հասնելը՝ մարդ ուղարկած էին զինքը հրաւիրելու։ Խոշոր փափախը ձախ կողմի վրայ ծռած, ընկերով գնաց այցելութեան, ու վերադարձին այլեւս դուրս չելաւ, մինչ հայ ժողովուրդը այնքան անհամբերութիւն ցոյց կուտար զինքը տեսնելու։

Այդ օրը, հոգեհանգիստի պատճառով Լեւոնը առաջին անգամ լինելով՝ կ՚երեւնար բազմութեան առաջ։ Վահէի գերեզմանին առջեւ, թերեւս անձնական ողբերգութեան չափ ուժգին կերպով կը զգար Վահէի մահուան կսկիծը։ Վահէ մահը իր հոգիին մէջ անփոխարինելի բաց մը թողուցեր էր։ Իսկ այդ բացը ամէն ժամանակէ աւելի հիմա կը զգար, աչքերը յառած անշուք գերեզմանի չորցած հողին։ Պատանեկութեան շրջանին Վահէն իր առաջնորդն եղաւ։ Տարիներ ամենածանր պայմաններու մէջ միասին աշխատեցան։ Վահէն էր միակ մարդը, որուն համար Լեւոնի հոգին դիմակ չունէր։ Հիմա արդէն Վահէն չկար, անոր հետ չքացեր էր ջերմ սիրտ մը, մտերիմ մը, որուն կրնար յայտնել սրտի վէրքերը։

«Հայաստանի ամէն սարի ու ձորի մէջ սփռուած են մեր նահատակներու նուիրական ոսկորները…», թեւերը լայն բացած՝ կը շարունակէր Գարեգինը։

Լեւոնը հազիւ թէ ուշադրութիւն կը դարձնէր անոր խօսքերուն։ Հայեացքը յառած հողակոյտին՝ դառնութեամբ կը մտածէր անցեալ օրերու մասին։ Վահէն, յեղափոխական կատարելատիպն էր Լեւոնի աչքին։ Անսահման անձնուիրութիւն մը, որու համար ամէն ինչ էր հայ ժողովուրդը։ Վահէն հազիւ թէ անձնական կեանք մը ապրած լինէր. ան եսը ուրացեր էր, հայ ժողովուրդով ապրելու համար։ Բոլորը, բոլորը զոհած էր իր ժողովուրդի սիրուն, ու հիմա այդ անսահման եռանդով լեցուած մարդէն, այդ յեղափոխական առաքեալէն քանի մը փտած ոսկորները կը մնային։

«Ձեր նահատակները մեր նահատակներն են, օսմանեան պետութեան վերածնունդի մեծ նահատակները։ Հազար անգամ օրհնուած լինի անոնց յիշատակը։ Կեցցէ օսմանեան պետութիւնը, կեցցէ ազատութիւնը, կեցցէ հաւասարութիւնը, կեցցէ հայ ժողովուրդը»։

Լեւոնը քունէն արթնցողի մը նման ինքզինքը թօթուեց։ Գարեգինէն վերջ, թուրք սպայ մ՚էր որ խօսքը վերջացնելով աթոռակէն վար կ՚իջնար։

Ժողովուրդը խռնուեցաւ իրար, ժամանակ չձգելով որ Լեւոնը ընկերներուն միանար։ Հարիւրաւորներ իրար հրմշտկելով՝ կ՚ուզէին մօտէն տեսնել Լեւոն ըսուած մարդը, որու մասին այնքա՜ն անհաւատալի բաներ լսած էին։

Մեծ դժուարութեամբ ինքզինքը ազատելով՝ կառք մը նստաւ ու հասաւ Եկաւեաններու տունը։

-----

Բազմութիւնը կամաց կամաց սկսաւ ցրուիլ։ Պիծան, Գարեգինը, Եկաւեանը եւ Գէորգը ի զուր Լեւոնը փնտռելէ յետոյ, խմբով վերադարձան Այգեստան։ Առիւծ Գեւօն ու Թոփալ Սատանան միասին Սղգիայի Ճաղտէն առաջանալով՝ խառնուեցան բազմութեան, որ գարնան հեղեղի մը նման կը հոսէր լայն ճամբուն վրայ։ Իրարու կողքէն կը քալէին։ Թոփալ Սատանան գլուխը կախ, մտամոլոր վիճակի մէջ, մինչ Առիւծ Գեւօն գլուխը բարձր բռնած, երբեմն երկար բեխերը կ՚ոլորէր, հպարտօրէն աջ ու ձախ նայելով։ Թող անցորդները տեսնան թէ՝ ո՞վ է անցնողը։

Աւելորդ է ըսել թէ՝ բոլորի ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Առիւծ Գեւոյի վրայ։ Երեք օրուան ընթացքին, քաղաքի ու Այգեստանի մէջ ան արդէն յայտնի դէմք մը դարձած էր։ Շատեր անոր պատմութիւններէն տպաւորուած՝ յեղափոխութեան իսկական ղեկավարը կը համարէին զայն։ Անշուշտ ինք բողոքելու պէտք չէր զգար։ Առիւծ Գեւօն ի՞նչ մեղաւոր էր, որ մարդիկ արժանիքները գնահատելով ինքնաբերաբար այդպիսի եզրակացութեան մը կը յանգէին։

Առջի գիշեր Եկաւեանի տանը հաւաքուեցան ղեկավարներն ու զինուորներէն անոնք, որոնք քաղաքը կը գտնուէին, բոլորը միասին սեղանի շուրջը բոլորուեցան, բաժնուելէ առաջ վերջին անգամ մ՚ալ իրար տեսնելու համար։ Յեղափոխութիւնը վերջացած էր, ու նոր կեանք մը պիտի սկսէր բոլորի համար։ Պիտի ցրուէին, ամէն մէկը ո՞վ գիտէ ուր։ Վաթսունէ աւելի էին սեղանակիցները։ Հակառակ ոմանց ճիգերուն ուրախ տրամադրութիւն ստեղծելու, խրախճանքի սեղանը դարձեր էր հոգեհացի սեղան մը, կարծես մեռելի դագաղը նոր դուրս ելած լինէր Եկաւեաններու տնէն։

Մէկ բարեկամը՝ Առիւծ Գեւօն, մէկ երկու բաժակ իրարու վրայ կոնծեց. ո՞վ գիտէ, թերեւս տրամադրութիւնը բացուէր, բայց հակառակի նման, քիթը աւելի կախուեցաւ։ Գրեթէ նոյն վիճակի մէջ էին մնացած հայուդկներն ալ։ Պիծան, որպէս տարիքով ամենամեծը եւ պատասխանատու ղեկավարներէն մէկը, հայդուկներու կենացը բաժակ վերցնելով՝ ըսաւ.

«Տղա՛ք, հիմա պիտի բաժնուինք, ամէն մէկս իր տունը։ Տարիներով մենք իրարու համար եղանք հարազատ եղբայրներէ աւելի։ Միասին աշխատեցանք, միասին տանջուեցանք, մեր այնքան արիւնոտ ճամբուն վրայ, մեր ազիզ ընկերներէն շատերը թողուցինք սարերու տոշին ինկած, շատերն ալ բանտերու խորքը մահացան։ Այդ օրերը անցան։ Ասկէ վերջ նոր կեանք  մը պիտի սկսի բոլորիդ համար։ Բայց դուք չէր մոռնալու, որ դուք դեռ մեծ ուխտի զինուորներն էք։ Այդպէս եղաք անցեալի մէջ, այդպէս ալ պիտի մնաք։ Դուք ձեր կեանքը նուիրեցիք հայ ժողովուրդին, հիմա պիտի առաջնորդէք զայն, ծառայելով հայ ժողովուրդին։ Բարով, հազար բարով երթաք, բայց մի՛ մոռնաք որ ձեր աշխատանքը վերջացած չէ։ Այս քանի օրս ազատութիւն, հաւասարութիւն բառերը շատ լսեցինք։ Այդ նորութիւն մը չէր ձեզի համար, դուք միշտ ալ ազատ եղաք, շնորհիւ ձեր քաջութեան ու զէնքերուն։ Իրական ազատութիւնն ու հաւասարութիւնը խօսքով չեն գար եւ ոչ ալ Սուլթանի ֆէրմանով։ Ազատ եւ հաւասար զգալու համար, հայ ժողովուրդն ալ պէտք է միեւնոյն պայմաններուն մէջ գտնուի, ինչ որ թուրքն ու քիւրտը։ Միտքս անշուշտ հասկցաք։ Քանի մեր դրացի ժողովուրդները զինուած են, հայն ալ պէտք է զինուի։ Կարիք կա՞յ ձեզի խօսելու զէնքի անհարաժեշտութեան մասին, անշուշտ ոչ, զէնքի արժէքը դուք ամենէն աւելի լաւ գիտէք։ Ահա ձեր մեծ գործը։ Զինել հայ ժողովուրդը։ Ականջներուդ թող ոսկիէ օղ լինին խօսքերս։ Զինեցէք հայ ժողովուրդը։ Երթաք բարով»։

Գարեգինն ալ մէկ երկու խօսքով թելադրեց որ հայդուկները իրենց գիւղերը վերադառնալով՝ դպրոցական գործին զարկ տան։ Կարգը եկաւ, որ հայդուկներէն մէկն ալ արտայայտուի։ Հայդուկները չորս կողմէն հրելով գրեթէ բռնութեամբ ոտքի հանեցին Առիւծ Գեւօն, որ քիչ մը շփոթած, փափախը ձեռքին մէջ դարձնելով՝ սկսաւ խօսիլ.

«Պիծա ջան, մեր ազիզ ախպեր պարոն Լեւոն։ Որ Յիսուս Քրիստոս Սինա լերան վրայ երեւցաւ սուրբ առաքեալներուն, ըսաւ անոնց, «Գնացէք քարոզեցէք կռապաշտներուն, անոնք սուրբ հաւատքի բերէք»։ Աղբակեցի սուրբ Բարրթողէմոսն ու Մակուեցի սուրբ Թադէոս Առաքեալները ան ճամբեց Հայաստան, մեռնիմ անոնց զօրութեանը, որ քանց ուրիշ ազգեր, առաջ հայ ազգը սուրբ հաւատք ընդունէ։ Հիմակ ալ դուք, մեր մեծ ախպերները, մեզի կը ճամբէք մեր տները՝ սուրբ յեղափոխութիւն քարոզելու։ Մեր գլուխը շատոնց ազգի տաֆթարի մէջ գրուկ ի։ Վեր մեր աչաց, վեր մեր գլխին. հա ձեր հրաման, հա սուրբ կաթողիկոսի կոնդակ։ Էսա Սահմանադրութիւն կը՚սեն՝ լաւ բան է։ Որ մեր մեծերը կ՚ըսեն լաւ է, լաւ պիտի եղնի, մեզի խօսալ չի վայլեր։ Համա զէնքն էլ լաւ է։ Չորս կապ փամփուշտ, Մօսինի հրացան, ոնց որ Սահմանադրութիւն։ Ես ու իմ Աստուած, որ մեր գեղացիք չզինուին… հօ հօ՜յ, էսա փափախի տեղ լաչակ կը թալկեմ գլխուս։ Հիմա ազիզ ախպերտիք, ձեր հոգուն ղուրպան եղնիմ ես, մեր միասին կերած աղ ու հաց… էսքան տարուց վերջ, ոնց որ որբի պէս… Մենք ալ սխալական ենք… պակասութիւն ըրած ենք… ազիզ ախպերներ, ներեցէ՛ք… աւել պակաս հելալ ըրէք»…

Առիւծ Գեւօն, առանց խօսքը վերջացնելու, յանկարծ նստաւ ու գլուխը յենած սեղանին՝ երեխայի նման հոնքուր հոնքուր արտասուել սկսաւ։

Առիւծ Գեւօն ու Թոփալ Սատանան գնացին Փանոսի հետ, այդ գիշեր անոր տունը մնալու համար։ Առիւծ Գեւօն ծանր տրամադրութեամբ մտաւ անկողին։ Էդ քանի օր էր, գիշերները հանգիստ չէր կրնար քնել։ Տարիներ շարունակ փամփուշտակալները մէջքին, հանդիպած տեղը պառկելու վարժուած, փափուկ անկողնի մէջ բոլորովին անհանգիստ կը զգար։ Մինչեւ կէս գիշեր աջէն ձախ դառնալով, երբ տեսաւ որ չպիտի կրնայ քնել, ելաւ, ճրագը վառեց, ստիպեց խեղճ Թոփալ Սատանան որ ելլէ հագնուի ու մէկ երկու ձեռք թիրիֆ խաղայ հետը։

Ախպեր, ձգէ քնեմ, ի՞նչ թիրիֆ խաղալու ժամանակն է,   յօրանջելով պատասխանեց Թոփալը։

Ծօ, անաստուած, ել կ՚ըսեմ,   պնդեց Առիւծ Գեւօն,   քունը աչքէս փախաւ…

Ախպեր, ե՞րբ պիտի երթաս Ալաշկերտ, քու գիւղը։

Հոգեհանգիստի մէկալ օրը։ Ինչո՞ւ որ…

Մէկ երթայիր ու ձեռքէդ ազատէի… մէկ ալ երեսդ չտեսնայի…

Ծօ, ես քու երեսդ տեսնողին… շուն շան որդի, հազար տարի անցնի, երեսիդ նայո՞ղը ով,   բարկացաւ Առիւծ Գեւօն։

Բայց եւ այնպէս, մինչեւ լոյս նստած՝ թիրիֆ խաղացին։

-----

Առիւծ Գեւօն ու Թոփալ Սատանան, ինչպէս նախապէսի ըսի, բազմութեան հետ ծանր ծանր քալելով՝ հասան Խաչ Փողան։ Հոգեհանգիստէն վերադարձող ժողովուրդը հետզհետէ ցրուեցաւ զանազան ուղղութիւններով։ Առջի գիշերուան բաժանման ճաշը, այդ առաւօտեան հոգեհանգիստն ու Վահէի գերեզմանը սաստիկ յուզած էին Առիւծ Գեւօն, տրամադրութիւնը տեղը չէր։

Գիտե՞ս ինչ կայ, Թոփալ, յանկարծ փողոցին մէջ կենալով ըսաւ ընկերոջը. երթանք Մուարիֆի կազինոն…

Արդէն օրերդ հոն կ՚անցընես,   փնթփնթաց Թոփալ Սատանան։

Ծօ, ձէնդ… նորէն տռտռացիր… որ կ՚ըսեմ երթանք, ալ բերանդ մի՛ բանար… տէ՛ քալէ տեսնեմ, մենք ալ մարդ ենք, մեզի ալ ցաւ ու դարտ կայ, ճիկէրս ոնց որ մաղ մաղ կրակի վրայ…

Նալպանտենց փողոցով ծռեցան մեր բարեկամները ու Աղւըսաձորէն բարձրանալով հասան Ամերիկեան Շրջանակի զառիվայրի ոտքը գտնուող Մուարիֆ Յովհաննէսի կազինոն։ Մուարիֆ Յովհաննէսը հին յեղափոխական մ՚էր, դաւադրական աշխատանքի իսկական տիպ մը։ Մուարիֆը, յեղափոխականներու համար աչքի դեր կը կատարէր «դրսի» աշխարհին մէջ։ Մուարիֆը կազինօ կը բանեցէր։ Մտնող ելլողը շատ։ Ամէն դասի մարդ ծարաւը անցընելու համար քանի մը վայրկեանով ներս կը մտնար օղի մը կամ գաւաթ մը գինի նետելու համար։ Թուրք պաշտօնեաներն ու փոլիսներն ալ հոն կուգային։ Տեսակ մը համայնական կեդրոն կը համարուէր այդ կազինօն։ Փոլիսներէն շատեր մօտ բարեկամներ էին Մուարիֆի։ Գիտէր զանոնք խօսեցնելու կերպը. փառք Աստուծու, օղին առատ էր։ Լսածները անմիջապէս կը հաղորդէր յեղափոխական ղեկավարներուն։ Ատկէ զատ, այդ կազինօն հեռաւոր գաւառներու անմիջական կեդրոնն էր։ Գիւղերէն ճամբուած սուրհանդակներ հոն կուգային, նամակաբեր մը Յովհաննէսին կը յանձնէր նամակը ղեկավարներուն հասցնելու համար։ Մէկ խօսքով, Մուրաիֆ Յովհաննէսը գաւառներու եւ ղեկավարներու միջեւ գտնուող առաջին հանգրուանն էր։

Երբ Առիւծ Գեւօն ու Թոփալ Սատանան կազինոյէն ներս մտան, հազիւ թէ քանի մը մարդիկ կային սեղաններու շուրջ։ Անկիւն մը նստած էր Ուրանցցի Յակոբը։

Յակոբ, դուն հոս ի՞նչ բան ունիս,   հին զինակից ընկերը տեսնելով ուրախացած մօտեցաւ Առիւծ Գեւօն, ախպեր, հէչ մէջտեղ չկաս, երէկ գիշեր տղաքը կը հարցնէին։ Ինչու չեկար, բոլորս մէկտեղուած էինք… պարոն Լեւոնը, Պիծան, Գէորգը, մեր տղաքը…

Չէի կրնար։ Երէկ օրիորդը հեռագիր ստացաւ Թիֆլիսէն, մայրը հիւանդ է… կապկպել սկսաւ… տունը մնացի որ օգնեմ…

Ճիկէրով աղջիկ է, մեզմէ է եղեր, բայց բոլորի աչքը քոռցուցեր՝ մարդ խապար չէ ունեցեր… վալլահ, ղոչախ աղջիկ է… Յովհաննէս, մէկ սա կողմ եկուր…

Փոքրահասակ, միջին տարիքի նիհարակազմ մարդ մ՚էր Մուրաիֆի Յովհաննէսը։ Շիշերով զարդարուած սեղանի ետեւէն դուրս գալով՝ մօտեցաւ մեր երեք բարեկամներուն։

Հազար բարով, տղաք։ Քէֆդ, հալդ Առիւծ Գեւօ։

Ալ ինչ քէֆ հա՞լ մնայ, առտուընէ մինչեւ հիմա դեռ ծոմ եմ… տէ՛, ուտելու բան մը բեր… Առաջ մէկ մէկ հատ էն լաւ օղիէն… մեծ բաժակներով եղնի… է՜ Յակոբ, էրնէ՜կ էն օրերուն.

Հա՛, Գեւօ, էրնէ՜կ։ Անցա՜ն էն լաւ օրերը. հիմա ամէն մէկս չոր հացի ետեւէն…

Շա՛տ, շատ բազմութիւն կար… Հա, ծօ, Թոփալ, էն թուրք զապիթը ի՞նչ ըսաւ տնաշէնը շատ գրաբար կը ջարդէր…   Հէլէ մէկ մէկ հատ նետենք։ Աստուած բանն յաջողէ մեր Յովհաննէսին, լաւ օղի է, մօր հալալ կաթի պէս վար կ՚երթայ… Տղաք, անցած օրերուն։

Երեք բաժակները չխկալով իրարու զարնուեցան։

Հիմա որ էս էսպէս եղաւ, - շարունակեց Առիւծ Գեւօն՝ միաժամանակ նշան ընելով Յովհաննէսին, որ բաժակները կրկին լեցնէ. ախպօրս ըսեմ, մենք վաղը ճամբայ կ՚ելլենք Ալաշկերտ… Ախպերս մեռեր է, մեր հողերուն մէկ մասը դրկից քրտերը զաֆթեր են… Հէ՜յ, մէկ մը ոտքս գեղ կոխեմ, աչքերը պիտի հանեմ… Ծօ, նորէն ի՞նչ կայ,   բարկութեամբ դարձաւ Թոփալին, դէմքը որպէս թթու դրած վարունգ… Ա՜խ, մէկ ազատուէի էտ թթուած դէմքդ տեսնելէ…

Քէֆդ տեղը չ՚երեւար,   մեղմութեամբ նկատեց Ուրանցցի Յակոբը,   դարտ մի ըներ, Թոփալ, աշխարհը լէն է, մարդ փորու հաց մը ամէն տեղ ալ կը ճարէ։ Ո՞ր կողմերը պիտի երթաս…

Է՜հ, Յակոբ, ես ի՞նչ գիտնամ,   մեղմօրէն խօսեցաւ Թոփալ Սատանան,   տուն տեղ չունիմ. մինակ ախպեր մ՚ունիմ Սալմաստի կողմերը։ Ես տասնհինգ տարի կայ անկէ ալ խապար մը չունիմ. ո՞ղջ է, մեռա՞ծ է, ո՞վ գիտէ… Մեր գեղը 96-ի կոտորածին քրտերը ջարդեցին։ Ազատուողներս Աղբակէն Սալմաստ փախանք…   Շատ ալ որ Սահմանադրութիւն է… Ըսենք՝ հողերն ալ ետ տուին, ես չոր գլխով գեղ երթամ ի՞նչ ընելու…

Հապա ի՞նչ կը մտածես, կարեկցաբար հարցուց Յակոբը։

Է՜հ, ախպերս, էս կողմերը կը մնամ։ Բան չեղաւ, մէկու մը մօտ մշակ կը մտնամ ու…

Թոփալ Սատանան չկրցաւ խօսքը վերջացնել։ Առիւծ Գեւոյի թաթը բարձրացաւ ու յանկարծ թմբալով Թոփալի գլխուն իջաւ՝ դժբախտ փափախը մինչեւ քիթը իջեցնելով։

Հա՜, ա՜, հա՜, Յակոբ, էս սարսափի խելքին նայէ, մէկու մը քով մշակ կը մտնայ եղեր։ Հա՞, ես քու էն, էն, էն Ծօ, աւանակ, Առիւծ Գեւօն մեռա՞ւ… Սուրբ եղբայրութիւն աշխարհէն վերցա՞ւ… Ծօ, որ կ՚ըսեմ վաղը ճամբայ կ՚ելլենք, եանի ես միս մինա՞կ պիտի երթամ… Առիւծ Գեւօն ո՛ւր, Թոփալ սատանան ալ հոն… Աստուած պելատ տայ, քէֆս խարապ ըրիր… Տասը տարիէ ի վեր վզիս մեղքը դարձեր ես… կիւլլէ մ՚ալ չհանդիպեցաւ քեզի, որ ազատէի ձեռքէդ Մէկու մը մօտ մշակ պիտի մտնայ եղեր… Յակոբ, մէկ էսոր խօսքին մտիկ ըրէ… Ծօ, արար աշխարհը վրա՞ս պիտի խնդացնես… Սո՛ւս, բերանդ չբանաս… Մենք ալ հայ քրիստոնեայ ենք, փառք Աստուծու պատիւ ունինք, նամուս ունինք… Մէկու մը քով մշակ կը մտնաս, ոնց չէ՜, ծօ, իմ պատիւս ցեխի մէ՞ջ պիտի նետես։ Հող շատ ունիմ, տուն ալ կայ, տեղ ալ կայ… հալալ աղբօր պէս փայ բաժին կ՚ընենք… Ծօ, սուս կ՚ըսեմ. ա՛լ բերանդ չբանաս, վալլահ ձեռէս ղազէպ մը կ՚ելլէ։ Հէ՜յ, հէ՜յ, Առիւծ Գեւօն մոռնա՜յ Թոփալ Սատանան… Ես քու հոգուն մատաղ, ազիզ ախպերս, Աստուած ղապուլ կ՚ընէ՞, որ Առիւծ Գեւօն տուն տեղ ունենայ, Թոփալը՝ վիզը ծռած ուրիշի դրանը աշխատի։

Առիւծ Գեւօն սաստիկ յուզուած, երկրորդ բռունցք մ՚ալ իջեցուց Թոփալի գլխուն, կարմիր թաշկինակը աչքերուն տարաւ արցունքը սրբեց ու դէպի Յովհաննէսը դառնալով՝ պոռաց։

Ծօ, հազար անգամ ըսի որ շիշ մը օղի բերես, էս բաժանկերով մա՞րդ կ՚ուզես խաբել… ես քու էն, էն…

Բազմաթիւ օղիի բաժակներ դատարկելէ վերջ, երեք ընկերները սկսան ճաշել, մինչ կազինօն հետզհետէ կը լեցուէր բազմութեամբ։ Գրեթէ ամէնքը արդէն կը ճանչնային նԱռիւծ Գեւօն։ Զանազան սեղաններէ խմիչք կ՚ուղարկէին պատուաւոր հիւրին։ Առիւծ Գեւոյի քէֆին քէֆ չէր հասներ։ Ա՜յ թէ կարգին հասարակութիւն էր, ինչպէ՜ս ալ գիտէին յարգել արժանաոր մարդը։ Անընդհատ կը խօսէր նիւթէ նիւթ թռնելով առանց ժամանակ տալու, որ ընկերները բերան բանան։ Խորովածի պատառը բերանը տարած ժամանակ, յանկարծ ձեռքը կէս ճամբան մնաց, ուշադրութեամբ փողոցէն անցնողներուն նայելով. ու մէկ ալ ուրախացած՝ Թոփալ Սատանան մշտեց.

Ծօ, մեր Սագօն ու Մկօն փողոցէն անցան, շուտ ետեւնուն հասիր…

Էդ ո՞ր Սագօն է,   հարցուց Ուրանցցի Յակոբը, մինչ Թոփալ Սատանան կազինոյէն դուրս թռաւ։

Գործոթցի զինուոր մը… Հա՛, էն որ Մկոյի հետ խապար բերաւ Մուղսիի դաւաճանութեան մասին… Ասլան կտրիճ մը դարձաւ ատ տղան, Մկօն ալ լաւն է…

Մուղսին Սագոյի հէ՞րն էր…

Հա՛, դաւաճանը։ Հը՞, Յակոբ, էն ի՞նչ կռիւ եղաւ… երեք օր… վախ, ինչ ասլան տղաք կորսնցուցինք Ղզլճայի սարին վրայ… Վա՜խ, իմ Համբօն,   Առիւծ Գեւոյի ձայնը ակամայ դողաց,   Նիկոլը, քանաքեռցի Յակոբը… Փռոտ Վարժապետը… Աստուա՜ծ հոգինին լուսաւորեսցէ…

Ամէն։ Լուսերու մէջ պառկին։ Զօռ կռիւ էր, եթէ պարոն Լեւոնը ժամանակին չհասնէր, մեր բանն ալ պօշ էր…

Իրաւ է, հա՛… Երեք օր անօթի էինք… Ախ, մեր իկիտ տղաքը հիմա ողջ էղնէին… էս սեղանի շուրջը բոլորուէինք բոլորս։ Էօ՜ֆ, ախպեր, աշխարհի տակը պօշ է, պօշ, ոչ ինծի պիտի մնայ, ոչ քեզի… Վա՛յ, բարով, հազար բարով Սագօ ջան, քէֆդ Մկօ։ Ծօ, նստէք տեսնեմ ի՞նչ հալի էք… ի՞նչ կայ չկայ…

Սաղութիւն, մեծ ախպեր, բարեւելով Առիւծ Գեւոյի կուշտը նստաւ Սագօն,   խապարը քեզմէ։ Էսպէս աւարա Այգեստանի փողանները ման կուգայինք Մկոյի հետ։

Գեղ ե՞րբ պիտի երթաս, հարցուց Ուրանցցի Յակոբը, քաղաքը մնալէն ի՞նչ կ՚ելլէ…

Սագօն չպատասխանեց, գլուխը կախած՝ հակառակ կողմը նայեցաւ։

Մեծ ախպեր, - մէջ ինկաւ Մկօն,   լաւ կ՚ըսէք, գեղ երթանք, բայց…

Ծօ՛, ի՞նչ բայց, կ՚ելնէք շիտակ գեղ կ՚երթանք. աւարա աւարա ման գալէն օգուտ մը չկայ, նստած տեղը երերալով խօսեցաւ Առիւծ Գեւօն։

Հա, շիտակ կ՚ըսես,   դունչը քորելով պատասխանեց Մկօն,   գեղ երթալու է, բայց…

Ծօ, վա՜յ, ձեր տունը չքանդուի, հասկցայ լեզուիդ տակինը, ծօ, ինծի Առիւծ Գեւօ կ՚ըսեն, մէկ աչքով մի նայիք. հիմա մտիկ ըրէք։ Վաղը ես ու Թոփալը ճամբալ պիտի ելլենք, արդէն Գործոթի մօտով պիտի անցնէինք, դուք ալ մեզի հետ կուգաք… Կ՚երթանք գեղ, սուրբ յեղափոխութիւնը վկայ, ես իմ ձեռքով դաւաճանի վիզը կը կտրեմ, ողջ ողջ կաշին կը քերթեմ… Սուս, խօսք չ՚ուզեր, մազս մօրուքս յեղափոխութեան ճամբին ճերմկցուցի, համ ալ ձեր խմբապետն եմ, պզտիկն որ մեծի խօսքը չպահէ, յեղափոխութիւնը կը քանդուի, ազատութեան գործ պօշ կ՚եղնի… Առաջ Աստուած, վաղը առտու, արեւը չելած, ճամբայ կ՚ելլենք… Քէֆերնիդ խապար մի՛ ընէք. ծօ՛, ես ձեզի հետ կուգամ որ կ՚ըսեմ, կուգամ, փափախնիս ծռած, չորսով ճամբայ կ՚ելլենք։ Մէկ սա բաժակները վերցուցէք տեսնեմ… առիւծի կաթ է, առիւծի… Ձեր կենացը։

Երկար ժամանակ հինգ ընկերները սեղանի շուրջը բոլորուած՝ քէֆը շարունակեցին։ Գեւօն ու Թոփալը պէտք է երթային Փանոսենց տունը երեկոյեան ընթրիքի, բայց Առիւծ Գեւօն կատարը տաքցուցած՝ խօսք մտիկ ընելու վիճակի մէջ չէր գտնուեր։

Ծօ, մէկ ալ ո՞վ գիտէ, իրարու հանդիպինք թէ չէ… մէկ մը սա բաժակները լեցուցէք, ես ձեր հոգուն ղուրպան։

Երեկոյեան կողմն էր, երբ պատանի մը կազինոյէն ներս մտնելով բաներ մը ըսաւ Մուարիֆի ականջին, որ անմիջապէս տղուն հետ փողոց ելաւ։ Ծառի մը բունին կրթնած՝ ծերունի քահանայ մը կեցած էր, տարէց մարդու մը հետ միասին։

Հա՛, տէր հայր, ի՞նչ կ՚ուզես…

Որդի, գործոթցի ենք, սաղ օրը քաղաքը տակնուվրայ ըրինք։ Ըսինք՝ մէկ ալ հոս հարցնենք, դուն կ՚իմանաս, մեր Սագօն, Մկօն նե՞րս են… կամ ո՞ր տեղ փնտռենք…

Չեմ գիտեր։ Փնտռածները ի՞նչ մարդիկ են…

Ազգային մարդիկ, պարոն Լեւոնի կուշտը կը մնային։

Որ այդպէս է, քիչ մը սպասեցէք, լուր մը կը բերեմ,   ըսաւ Մուարիֆի Յովհաննէսը ու ներս մտնելով՝ մօտեցաւ Առիւծ Գեւոյին։

Մեծ ախպեր, գործոթցի Սագօն կը ճանչնա՞ս, դուրսը հարցնող կայ…

Կը ճանչնա՞մ մի… ծօ, մէրդ չմեռնի, էս կտրիճը որ կայ, Սագօն է… ի՞նչ կայ որ…

Յովհաննէսը առանց պատասխանելու հեռացաւ ու կազինոյի դռնէն դուրս ծռած՝ պոռաց.

Տէր հայր, տէր հայր, հոս է։

Մեր բարեկամներու աչքերը դէպի դուռը ուղղուեցան։ Յանկարծ Սագօն նստած տեղէն վեր թռաւ, բնազդօրէն ուզեց առաջ վազել ու հազիւ ինքզինք պահելով՝ կեցած տեղը կանգնած մնաց, զարմանքէն աչքերը լայն լայն բացած։ Տղուն երեսի գոյնը թռաւ։ Դռնէն ներս մտնողներէն մէկը մեծ հայրն էր, Գործոթի ծերունի քահանան, իսկ անոր ետեւէն եկողը իր հայրը՝ Մուղսին։ Մկօն ալ կամաց մը ոտքի ելաւ։

Խղճալի էր ամբարտաւան Մուղսիի տեսքը։ Այն մարդը, որու առջեւ Գործոթի մէջ ոչ ոք կը յանդգնէր գլուխը բարձր պահել, քոլոզը ձեռքը բռնած՝ մեղաւորի նման կանգնեցաւ հարազատ զաւկի առջին, աչքերը արցունքով լեցուն։ Չհամարձակելով աւելի մօտենալ, արցունքէն խեղդուած ձայնով մը հազիւ կրցաւ ըսել.

Սագօ՛, արեւուտ մեռնեմ, Սագօ՛ ջան, ես քեզի մեղայ, ես քեզի մեղայ…

Սագօն վայրկեան մը երկուք փորձեց ինքզինքը պահել, բայց հօր խեղճացած վիճակը տեսնելով՝ բոլորովին յուզուած նետուեցաւ հօր թեւերուն մէջ։ Մկօն, փափախը վար առած, մօտեցաւ տէր հօր ձեռքը համբուրելու։ Ինչպէս որ կարգն էր, Առիւծ Գեւօն, Յակոբը, Թոփալ Սատանան ոտքի ելան եւ գլուխնին բաց՝ զառամած քահանայի աջն առին։

Ապրիք, շատ ապրիք, զաւակներս… էս ամբողջ օրը քաղաքը տակնուվրայ ըրինք, ոչ Սագօ, ոչ կօ… Մեծերուն մօտ ալ իղանք, պարոն Լեւոնն ալ տեսանք… Աստուած բանը յաջողէ պարոն Լեւոնին, թունդ մարդ է, ոնց որ երկնքի կայծակ։ Բերանը բացաւ՝ ամմա զօռ տուաւ. Մուղսին ոնց որ չխօսկան հարս, լեզուն քիմքին կպաւ։ Մէջ ինկայ. «Պարոն Լեւոն», ըսի, «էս անգամին Մուղսիի մեղքը Սագոյի սիրուն համար պաշխէ, վզին ծանր բեռ մը դիր, թող մեղքը քաւէ», Մուղսին ալ մեղայի եկաւ, պարոն Լեւոնի ձեռքն ու ոտքը ինկաւ, «ես ըրի, դուն մի ըներ» ըսաւ։ Իր քսակէն գեղի դպրոցը պիտի շինէ Մուղսին, ամէն տարի ալ վարժապետին ծախսը պիտի հոգայ։ Աստուած երկար կեանք պարգեւէ պարոն Լեւոնին, ազգութիւն պինդ պահէ… անցուկը թող մոռցուի… Ձեզի ալ երկար կեանք տայ Աստուած, ազատութեան, սէր-միութեան մէջ պահէ բոլորս։

Թէեւ Առիւծ Գեւօն դաւաճանին հետ վարուելու ձեւը գիտէր, բայց երբ բարի քահանան ըսաւ թէ պարոն Լեւոնն ալ ներած է, այլեւս անցուկը մոռցուկ պիտի համարել, վեհանձնաբար քովը նստեցուց զայն, մինչ քահանան Մկոյի հետ ճամբու դրին դէպի Սղգիա գիւղը, որ Այգեստանին կպած է։

Կազինոյի մէջ գրեթէ մարդ չէր մնացած մեր բարեկամներէն զատ, երբ Առիւծ Գեւօն, եղածը բաւ համարելով՝ օրօրուելով տեղէն բարձրացաւ։ Բոլորովին մթնած էր։ Ճամբու վրայ Ուրանցցի Յակոբի հետ համբուրելէ վերջ, Առիւծ Գեւօն, Սագօն, Մուղսին ու Թոփալ Սատանան Սղգիայի ճամբան բռնեցին։

Առտու շատ կանուխ ճամբայ ելան տէր հայրն ու Առիւծ Գեւօն ձիաւոր, իսկ մնացած չորսը հետեւակ։

Այդ գիշեր Խարակոնիս մնացին։ Ամբողջ գիւղացիք հաւաքուեցան եկեղեցիի կուշտը գերեզմանի մը մօտ, որ ըստ աւանդութեան՝ Նահապետ Քուչակի գերեզմանն է։ Մեր Առիւծ Գեւօն օրհնուած բերանը բացած՝ ժամերով խօսեցաւ։

-----

Յաջորդ օրը, կէս օրէն վերջ, հեռուէն երեւցաւ Գործոթը։

Ամբողջ գիւղը ոտքի վրայ էր։ Գործադիրի նախագահ Աւօն, Խիւս Օվաննէսը, Մակարը առանձին հպարտութեամբ կարգադրութիւններ կ՚ընէին։ Քիչ բան չէր. Գործադիրի անդամներէն, Սագօն տուն կուգար, հռչակաւոր հայդուկ մը դարձած։ Սագօն ու Մկօն այլեւս Գործոթի փառքն էին, գեղի հպարտութիւնը։

Տղամարդիկ գիւղի եկեղեցիի մօտ խմբուած կը սպասէին, հայեացքները ճամբու երկարութեան վրայ կորած։ Մուղսիենց տունը հարսնետան մը կերպարանքը ստացեր էր, մտնող ելնողը անպակաս։ Դուռ դրկից կիներ աչքալոյս տալու կուգային Սագոյի մօրը։

Մէկ էլ հեռուէն տեսնուեցան սպասուած ճամբորդները։ Գործադիրի նախագահ Աւօն առաջ ինկաւ Մակարի ու Խիւս Օվաննէսի հետ։ Եկեղեցիի կողմը հաւաքուած բազմութիւնը հետեւեցաւ անոնց։ Տմբլա տմբա, տմբլա տմբա, դաւուլ զուռնայի ձայնը աշխարհ բռնեց։ Գիւղի անվարտի, ոտաբոպիկ երեխաները, արաբական նժոյգներու նման, սրարշաւ վազեցին դէպի եկողները։ Գիւղէն բաւական հեռու, քաղաքէն եկողներն ու դիմաւորողները հանդիպեցան իրարու։

Ծօ, Սագօ՛, ծօ, Մկօ, ոգեւոր բացագանչութիւններով իրարու խառնուեցան։

Դաւուլ զուռնան առաջ ինկաւ, շրջապատուած երեխաներու բազմութեամբ։ Մնացածները երգելով, հրացան արձակելով գիւղ մտան։ Այդ գիշեր, Գործոթի գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը հաւաքուած էր Մուղսիի բակը, շրջապատուած գետնի վրայ փռուած սեղանը։ Մէկ Գործոթ, մէկ Մուղսի, խօմ հանաք մասխարկութիւն չէր։ Գիւղացիք չէին յիշեր այդպիսի առատ սեղան մը։ Օղին, ոնց որ գիւղի չռացող աղբիւրը։ Մուղսին ի զուր տեղը երիտասարդութիւնը օտար երկիր չէր անցուցած, գիտէ աղայավայել հիւրասիրել։

Սեղանի վերի գլուխ, պատուոյ տեղը, բազմած էր Առիւծ Գեւօն։ Երբ Առիւծ Գեւոյի նման հերոս մը ներկայ էր, ինչո՞ւ զարմանալ որ Սագօն, Մկօն, Թոփալ Սատանան երկրորդական կարգի վրայ իյնային։ Կարծեմ աւելորդ պիտի լինէր ըսել, թէ մեր բարեկամը երկարաշունչ ճառ մը խօսեցաւ։ Նշանաւոր ճառ  մ՚էր այդ։ Լսողները շունչերնին բռնած, ամբողջովին լսողութիւն կտրած՝ Առիւծ Գեւոյի շրթունքներէն կախուած մնացեր էին։ Բա՛հ, բա՛հ, բա՛հ, էդպէս էլ խօսող, ոնց որ գարնան որոտմունք լինէր, բերանի չէր, աւետարան էր, աւետարան։

Առիւծ Գեւօն, փափախը երբեմն աջ, երբեմն ձախ կը ծռէր, շանթահարող աչքերը կ՚ոլորէր շուրջիններուն վրայ ու առիւծի մռնչիւնի նման կը գոռար։

Հը՛, Գործոթի ժողովուրդ, էդ ո՞նց Սահմանադրութիւնը եկաւ, էդ ո՞նց ազգութիւն ոտքի կեցաւ։ Գործոթի, Ղզլճայի, Քարադաշտի, Ծիծանցի կռիւներ հայհո՜ւյ, էդա կռիւներու հաւար Ստամբօլ հասաւ, Սուլթանի գահ տեղէն երերաց, ոնց որ երկրաշարժ եղնէր։ Սուլթան կանչեց զմեծ վէզիրն. ծօ, վէզիր, ըսաւ, էսա յեղափոխականներ իմ գլուխ պիտի ուտեն. Սահմանադրութիւն թող եղնի, պէլքի պարիշենք։ Հըպը՛, զօռը գիտէ։ Սահմանադրութիւն եկաւ, բարով եկաւ. հազար բարով, բայց քիւրտը, բէկը, զաբթիան, ծօ իսոնք կան ու կը մնան, ոնց որ առաջ։ Ասելիքս էն է, որ ազգութեան գործ կայ։ Հայու լոյս հաւատք, մեռնիմ էնոր զօրութեան, ոնց որ Մասիսի սար, հայ ժողովուրդը, ոնց որ Վանայ ծովու աւազ, մարդ կարա՞յ համրել, դու ըսէ քառսուն՝ ես ըսեմ յիսուն միլիոն… Ծօ, դուն, ծօ, դուն հէչ մէկերնիդ կրնա՞յ ախոռի ցախաւել կոտրել, հէչ եղա՞ծ բան է… մարդու զօրութիւն փէյլիվանի զօրութիւն էլ եղնի՝ չի կարայ կոտրել… Համա, մէկ մէջքի կապ կտրեցէք, ծօ. վալլահ, էսա երեխան լէ ցախերը մէկ մէկ կը ջարդէ։ Եանի խօսքս էն է, Սահմանադրութիւն եկաւ, վեր մեր աչաց, վեր մեր գլխին, բայց մեր ազգ, մեր ժողովուրդ քամակ քամակի պիտի տայ, ոնց որ գութան քաշող եզներ… «Հայոց ազգին սէր-միութիւն»… Հա, վալլահ, էդ միութիւն քանց մեղրը անուշ բան է… Վասակութիւն քանդեց հայու տուն, որ վասակութիւն չեղնէ՜ր, հայու թագաւորութիւն մինչեւ Պաղտատ, մինչեւ Ստամբօլ կը հասնէր… Նորէն կ՚եղնի, ազգն անուշ մնայ, ոնց որ Սուրբն Գրիգորիս Լուսաւորիչն մեր, Սուրբ Երուսաղէմայ բերաւ հայու լոյս հաւատք, էնպէս էլ սուրբ յեղափոխութիւն հայու ազատութիւն բերաւ»…

Առիւծ Գեւօն, երկար, երկար խօսեցաւ զէնքի մասին, սուրբ Մոսին հրացանի մասին, պարտադրելով որ գիւղացիք զինուին, հրացան առնեն, կազմակերպուին.

«Էսա Սագօն, էսա Մկօն,   խօսքը վերջացուց Առիւծ Գեւօն՝ մատնանշելով երկու երիտասարդները. - էսոնց խօսք, ոնց որ կաթողիկոսի խօսք. էն որ էսոնց խօսք չի լսեր, էն որ վասակութիւն կ՚անէ, էն սուրբ միւռոն չունի երեսին, էն հայ չէ, դժոխքի բայ է, հուրն յաւիտենից պիտի էրի, մրրկի… Յեղափոխութիւն պիտի զարկի էդ վասակներ… հէյ հէ՜յ, յեղափոխութիւն քառասուն աչք ունի. ցերեկն էլ կը տեսնի, գիշերն էլ… Խօսքս էս է. գործոթցիներ, սէր-միութիւն ըրէք, հրացան առէք. էն որ հրացան չառներ, էն վասակ է… էն ազգութեան տաֆթարէն դուրս է»…

Արժանավայել մեծարանքներով երկու օր հիւրասիրուելէ վերջ, Առիւծ Գեւօն եւ Թոփալ Սատանան ճամբայ ինկան Ապաղայով դէպի Ալաշկերտ, ուր գործունէութեան նոր ասպարէզ մը պիտի բացուէր անոնց առաջ։

Ծօ, Թոփալ, կ՚ըսէր Առիւծ Գեւօն ընկերոջ կողը մխթելով,   մէկ մը Ալաշկերտ հասնենք, հէ՜յ, ինչէ՜ր, ինչէ՜ր…