Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Երկար տարիներէ ի վեր կը մտածէի վէպ մը գրելու մասին, որ հարազատօրէն պատկերէր մեր մօտաւոր անցեալը, մեր ապրած փոթորկոտ շրջանը։

Այս օր երբ հրատարակութեան կուտամ ԶԱՐԹՕՆՔ եւ ԼՈՒՍԱԴԷՄԻՆ  վէպերս, անհրաժեշտ կը համարեմ պարզել այն պատճառները, որոնք ստիպեցին ինձ ձեռնարկելու այս մեծածաւալ աշխատանքին, միաժամանակ լուսաբանելով որոշ կէտեր, որոնք կրնան թիւրմիացութեան պատճառ դառնալ։

Անկախ այն մտքէն թէ՝ հայ ժողովուրդի այս կամ այն մասն ի՛նչ վերաբերմունք եւ գնահատութիւն ունի յեղափոխական շարժման նկատմամբ, անժխտելի փաստ մ՛է սակայն, որ վերջի յիսուն ու աւելի տարիներու ընթացքին, յեղափոխական շարժումը գլխաւոր առանցքը դարձաւ մեր կեանքին։ Այդ շարժումը տեւականօրէն իր դրոշմը դրաւ ազգային կեանքի կուլտուրական ու հասարակական բոլոր հարցերու վրայ, ու տայնամիք ուժով մը ղեկավարեց մեր պատմութիւնը։

Այս իրողութիւնը ամենեւին կապ չունի մեր անհատական տրամադրութեան ու գնահատումի հետ. եւ ոչ ալ կրնանք յեղափոխական շարժումը անջատել ազգային պատմութենէն, որուն բնականոն շարունակութիւնը եղաւ ան։ Այս մասին ուրիշ տեսակէտ չի կրնար գոյութիւն ունենալ։

Ընդունելով այս ճշմարտութիւնը, երբ կը փորձենք փաստական գնահատումի ենթարկել յեղափոխական շարժումը, համեմատելով զայն յունական, պուլկարական եւ մակեդոնական ազատագրական պայքարներուն հետ, առանց այլեւայլի պիտի ընդունինք, որ մեր յեղափոխական շարժումը իր ծաւալով, բազմերանգ գործունէութեամբ եւ ներգործութեամբ վար չմնաց վերոյիշեալներէն։ Եւ ընդհակառակը, երբ աչքի առջեւ կ՚ունենանք մեր երկրի աշխարհագրական աննպաստ դիրքը, մեր ժողովուրդի ցրուածութիւնը եւ կոտորակեալ վիճակը մայր հայրենիքի մէջ, հարեւան ժողովուրդներու տրամադրութիւնը եւ հարիւրաւոր տարիներու մեր ապրած ստրկական կեանքը, որ քամեց մեր ժողովուրդը ֆիզիքապէս եւ մանաւանդ հոգեպէս, այն ժամանակ մեր յեղափոխութիւնը կրկնակի արժէք կը ստանայ, եւ կը գիտակցինք, որ յեղափոխական շարժումը ազգաշինութեան մեծ արժէք մ՚եղաւ, եւ այդ շրջանը վերջին դարերու հայոց պատմութեան մէջ լուսաւոր կոթող մը։

1850-60—ական թուականներու ազգայւն զարթօնքի երկունքէն ծնած, մարտական յեղափոխութիւնը անօրինակ առատութեամբ երեւան բերաւ սքանչելի դէմքեր, հայրենասէր առաջնորդներ, տոգորուած մաքուր գաղափարականութեամբ, հայ ժողովուրդի համար նահատակուելու զմայլելի պատրաստակամութեամբ։

Կախաղաններու վրայ, թրքական զնտաններու մէջ, անհնարին չարչարանքներու տակ, անհաւասար կռիւներու ընթացքին հարիւրներով նահատակուեցան եւ սակայն սրբազան հայրենասիրութեամբ ոգեւոր երիտասարդութիւնը, ինքնակամ առաջ նետուեցաւ, նօսրացած շարքերը խտացնելու, նահատակութեան լուսապսակով հայ ժողովուրդի համար նոր կեանքի նոր ուղի մը բանալու։ Անհնարին ոգեւորութեան անօրինակ շրջան մը եղաւ այդ, երբ ազգային գիտակցութեան եկած երիտասարդութիւնը, համարձակ, նոյնիսկ արհամարհանքով նայեցաւ մահուան աչքերուն մէջ։

Վերջի յիսուն տարիներու պատմութիւնը, պատմութիւնն է ժողովրդական պոռթկումներու, դիւցազնութեան հասնող քաջագործութիւններու, խմբական անհաւասար կռիւներու, Ուրֆայի, Վանի, Շապին Գարահիսարի, Սուէտիոյ, Հաչընի, Այնթապի ինքնապաշտպանողական արիւնոտ գօտեմարտերու, որոնք ասկէ երկու տասնեակ տարիներ վերջը կամ պիտի մոռցուին եւ կամ առասպել պիտի թուին գալոց սերունդին։

Ժողովրդի մը ինքնագիտակցական կեանքի զարգացման համար, ամենահզօր գործօնը՝ ազգային պատմութիւնն է։ Վա՜յ այն ժողովուրդին որ հոգեպէս կապուած չէ իր պատմութեանը, վա՜յ այն սերունդին, որ հոգիին մէջ չունի իր ցեղին հերոսներու պաշտամունքը։ Ազգային պատմութիւնը, սերտօրէն կամրջող օղակն է անցնող եւ նոր սերունդի միջեւ։ Ան է որ կը պարտադրէ հայերու մտորումները, ձգտումները, հոգեկան ապրումները, ազգային իտէալները գալոց սերունդին որ բնական ժառանգորդը պէտք է լինի ատոնք։

Եւ սակայն, մենք, անցնող սերունդի մնացորդներս, ի՞նչ  շօշափելի ժառանգութիւն կը թողունք մեր զաւակներուն, այդ հերոսական շրջանի պատմութենէն։ Ոչինչ, կամ գրեթէ ոչինչ։

Ազգովին արիւնի ծովի մէջէն քալեցինք. բարձրաթռիչ սլացումներ ունեցանք ու զարհուրելի անկումներ։ Կոտորած, թալան, տեղահանութիւն, եւ ատոնց հետ միասին կատաղի պայքար, ինքնապաշտպանութեան փայլուն աքթեր, հերոսական կռիւներ։ Այսպիսի փառաւոր, փոթորկոտ անցեալէ մը կը մնան, հազիւ հատ ու կտոր յուշեր, պատմութեան պատառիկներ, ու քանի մը մշուշապատ դէմքեր, որոնք յայտնի են աւելի անուններով քան իրենց կատարած հերոսական գործերով։

Քանի ուշ չէ, լրացնենք այդ պակասը։ Տա՛նք մեր նոր սերունդին մօտաւոր անցեալը յուշերով, պատմուածքներով, բայց մանաւանդ վէպերով, որոնք մասնաւոր կախարդանք մ՚ունին ժողովուրդի լայն խաւերու համար։

Տա՛նք, որպէսզի հոգեպէս անժառանգ չմնայ գալոց սերունդը, որ վաղուան ազգային պատմութեան կերտողը պիտի լինի։

Իմ ԶԱՐԹՕՆՔ եւ ԼՈՒՍԱԴԷՄԻՆ վէպերս, նախափորձեր են այդ ուղղութեամբ։ Եթէ յաջողեցայ մեր անցեալ կեանքի մէկ մասը հարազատօրէն ներկայացնել այս վէպերուս մէջ, եթէ կրցայ անցեալի հոգին ներշնչել նոր սերունդին, խանդավառել զայն անցած սերունդի հերոսական գործերով, եթէ հրահրեցի անոր հոգին հայրենասիրական անմեռ կրակով, ապա ուրեմն, իմ ծանր աշխատանքս վարձատրուած է։

***

Քանի մը խօսք ալ գրելու ձեւիս եւ վէպի կառուցուածքի մասին։

ԶԱՐԹՕՆՔ եւ ԼՈՒՍԱԴԷՄԻՆ վէպերովս, փորձեցի ո՛չ թէ անհատ յեղափոխականի մը կամ խմբակի մը որոշ գործունէութիւնով սահմանափակուիլ, այլ գրել, լայն գիծերով վերցուցած յեղափոխութեան վէպը, իր բազմաթիւ ճիւղաւորումներով եւ գործունէութեան այլազան ձեւերով։ Մէկ խօսքով, տալ գործ մը, որ ընդհանուր գիծերով պատկերացնէր յեղափոխական շարժումը։

Սակայն հազիւ աշխատելու սկսած, բազմաթիւ դժուարութիւններ ծագեցաւ, որոնք հարկ էր ձեւով մը հարթել։

Առաջին եւ գլխաւոր դժուարութիւնը, յեղափոխական շարժումի անչափ տարածականութիւնն էր։ Տաճկաստանի ամէն նահանգի մէջ, Պարսկաթրքական սահմանի աննշան Կոթուր գիւղէն սկսած մինչեւ եւրոպական մասի մէջ գտնուող Էտիրնէն յեղափոխութեան թատերավայր դարձած էին։ Տաճկաստանի մէջ որեւէ քաղաք ուր բուռ մը հայ կ՚ապրէր, ունեցաւ իր յեղափոխական շարժումը, իր տեղական պատմութիւնը։

Շարժման տարածութեան հետ, կար արտաքին կռուաններու շատութիւնը, անոնց հեռաւորութիւնը գործունէութեան բուն վայրէն։ Ռուսաստան, Ռումանիա, Պուլկարիա, Յունաստան, Կիպրոս, Եգիպտոս, այս երկիրները բոլորն ալ ունեցեր են անմիջական մասնակցութիւն մը, շատ արժէքաւոր դեր մը յեղափոխութեան գործնական մարզին մէջ։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Կովկասին և Պարսկաստանին, անոնք երկրի նախադուռներն են եղած. առանց անոնց մասնակցութեան Տաճկահայաստանի յեղափոխական շարժումը երբեք գործնական արժէք մը չէր կրնար ունենալ։

Այս պայմաններու մէջ, թէկուզ շատ ընդարձակ վէպ մը, չէր կրնար իր մէջ պարփակել բոլոր շրջանները, համադրել բոլորի գործունէութիւնը մէկ ամբողջութեան մէջ։ Եթէ նոյնիսկ սահմանափակուէի միայն Տաճկաստանով նորէն անկարելի պիտի լինէր ամփոփ գործ մը տալ, առանց վնասելու վէպի բնական յաջորականութեանը, կենսունակութեանն ու առոյգութեանը։

Ահա այս անկարելի դժուարութենէն խուսափելու համար ես նախընտրեցի սահմանափակուիլ Կովկաս-Պարսկաստան-Վասպուրական շրջագծով։ Գործունէութեան այս սահմանափակումը հարկաւ քմայքի մը հետեւանք չէր։ Բացի այն ամենաաչքառու դերէն զոր ունեցան այս երեք շրջանները մեր յեղափոխական շարժման մէջ, կար եւ այն կարեւոր պարագան, որ ինքս երկար տարիներ ապրած էի այդ երկիրներու մէջ, մօտէն ծանօթ էի այդ շրջաններու ժողովուրդներուն, անոնց բարքերուն, սովորութիւններուն։ Քիչ թէ շատ մասնակցած էի այդ շրջաններու յեղափոխական գաղտնի աշխատանքներուն, սահմանային գործունէութեան բոլոր ձեւերուն։

Ասոնցմէ զատ կար ուրիշ կարեւոր պարագայ մը, որ անհրաժեշտ պայման մ՚է վէպի մը կենդանութիւնը, պատկերներու իրական գոյնը, միջավայրի հարազատութիւնը ապահովող։ Ես այդ երկիրները լաւ կը ճանչնայի. իմ աստանդական թափառումներէս օգտուելով, ուսումնասիրած էի այդ շրջանները, ծանօթ էի անոնց ֆիզիքական աշխարհագրութեանը, եւ բնականաբար, գրած ժամանակ ինքզինքս կը զգայի հարազատ միջավայրի մը մէջ։

Ասով մէկտեղ, թէեւ ԶԱՐԹՕՆՔ եւ ԼՈՒՍԱԴԷՄԻՆ վէպերուս միջավայրը սահմանափակեցի Կովկաս-Պարսկաստան-Վասպուրականով, բայց որքան որ կրնայի, աշխատեցայ այս գործին տալ ընդհանուր բնոյթագիծ մը։ Ընդունելով այս ձեւը, ես ազատօրէն օգտուեցայ այլ շրջաններու դաւադրական գործերէն, դէպքերէն, կռիւներէն եւ յեղափոխական դէմքերէն։ Բնականաբար փոփոխութեան ենթարկեր եմ տեղերը եւ ժամանակը, յարմարցնելով  զանոնք իմ վէպի պահանջներուն։

Լուծումի կարօտ երկրորդ խնդիրը մեր մէջ գոյութիւն ունեցող կուսակցութիւններու պարագան էր։ Ի՞նչ ձեւով մօտենալ այս փափուկ հարցին։ Իմ խոր համոզումով, յեղափոխական բոլոր կուսակցութիւնները միեւնոյն մեքենայի զանազան մասերը եղած են, իրարու հետ սերտօրէն շաղկապուած միեւնոյն ընդհանուր նպատակին քալող, թէկուզ իրարու հայհոյելով, մէկ մէկու դէմ զինուած հակամարտութիւններով։ Պարզ է, որ բոլոր կուսակցութիւններն ալ, իրենց կեանքի որշո շրջանին յեղափոխութեան մէջ ունեցեր են դեր մը, անուրանալի արժէք մը։

Ունենալով այս տեսակէտը յեղափոխական կուսակցութիւններու նկատմամբ, լաւագոյն համարեցի ներկայացնել բոլորը մէկտեղ որպէս ազգային յեղափոխական ամբողջութիւն մը։

Առանց կուսակցութիւններւ անուն տալու, ես անվերապահ ազատութեամբ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի եւ ԼՈՒՍԱԴԷՄԻՆ-ի դերակատարները վերցուցի զանազան կուսակցութիւններէ։

Այս հարցէն ինքնաբերաբար կը ծագի երրորդ խնդիրը։ Ի՞նչ ձեւով ընտրել վէպի մէջ գործող տիպերը։ Արդեօ՞ք ստեղծել գոյութիւն չունեցող երեւակայական տիպեր, տալով անոնց յեղափոխական նկարագիր, թէ՝ ուղղակի կեանքէն վերցնել ապրած յեղափոխականներէն որոշ տիպեր։ Ես ընտրեցի երկրորդ ձեւը, այսինքն՝ բերմադրել տիպեր, որոնք յեղափոխական կեանքը ապրած էին եւ որոնց ես մօտէն կը ճանչնայի։

Տիպերու ընտրութեան մէջ, ես բոլրովին դժուարութիւն չկրեցի։ Մեր յեղափոխական պատմութիւնը անսպառ աղբիւր մ՚է այլազան տիպերու, իրար ճախաձեւող նկարագիրներու։ Հայ ժողովրդի ամէն դասակարգը հոն իր ներկայացուցիչնը ունեցեր է, սկսած գիւղի մը հօտաղէն մինչեւ բարձրագոյն կրթութեան տէր գործիչը, շինականէն մինչեւ քաղքենին, արհեստաւորի կողքին պուրժուա վաճառականը, տիրացուն, վարդապետը, գործաւորը։ Իրական դժուարութիւնը ոչ թէ այդ տիպերը գտնալու մէջ կը կայանարպ այլ եղածները այնպէս մը համադրելու, որ ատոնց հաւաքականութիւնը ներկայացուէր յեղափոխական ընդհանուր դիմագծով, առանց աններդաշնակութեան։

Որքան ալ որ որոշեցի յեղափոխական ապրած տիպեր ներկայացնել վէպտերու մէջ, սակայն որոշ յապաւումներ անհրաժեշտ դարձան։ Մէկ քանի իսկական անուններու կողքին, բազմաթիւ տիպեր կեղծ անուններով ներկայացուցի, գլխաւորապէս այն պատճառով, որ գործածելով այդ անունները, ես վճչապէս սահմանափակած կը լինէի վիպելու ազատութիւնս։ Այդ պարագային ես խստօրէն պէտք է հետեւէի տուեալ տիպի մը կեանքի պատմութեանը, առանց շեղումներ կատարելու ազատութեան, որով վէպը պիտի կորսնցնէր անհրաժեշտ դիւրաթեքութիւնը, պարտադրաբար դառնալով որոշ շրջագծի մը մէջ։ Վերոյիշեալ արգելքէն զատ կար եը այն պարագան, որ իմ գլխաւոր տիպերէս ոմանք, ամբողջովին մէկ անձնաւորութիւն մը չեն ներկայացներ, այլ խառնուրդ մը ապրած երկու յեղափոխական տիպերու։

Խորապէս մկը գիտակցիմ այն շարք մը թերացումներուն, որոնք կամքէս անկախ պատճառներով, մասնաւորաբար ԶԱՐԹՕՆՔ—ի մէջ երևան կուգան։ Այդ աչք ծակող թերացումներէն գլխաւորները հետեւեալներն են։ Հայթաթարական կռիւներու նման խոշոր շարժում մը, իր արժանաւոր տեղը չգտաւ գործիս մէջ, ինչպէս նաեւ Պարսկաստանի յեղափոխական գործունէութիւնը, որ սահմանակափակուեցաւ միայն Թադէոս Առաքեալի վանքով, մինչդեռ Պարսկաստանի դերը առաջնակարգ նշանակութիւն ունեցած է Երկրի յեղափոխական գործի համար։ Ասոնցմէ զատ, վէպը շատ չընդարձակելու մտահոգութեամբ, պէտք  եղածին չափ կանգ չառի Երկրի թուրք եւ քիւրտ կարեւան ժողովուրդներու վրայ, թէեւ այդ աւելի քան անհրաժեշտութիւն մ՚էր, հարազատօրէն միջավայրը կենդանացենլու համար։

Այս լուսաբանութիւնը պարտք համարեցի տալ, ինչպէս նախօրօք  ըսեր եմ, կանխելու համար որոշ թիւրիմացութիւններ, որոնք կրնան ծագիլ ընթերցողի մտքին մէջ։

ԶԱՐԹՕՆՔ   եւ ԼՈՒՍԱԴԷՄԻՆ՝  ընդունուած իմաստով պատմութիւն չեն, այլ անցեալի տուեալներու վրայ մշակուած պատմական վէպեր։

 

9 օգոստոս, 1983 Պոսթոն, Մաս.

  ՄԱԼԽԱՍ