Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇՐՋԻԿԸ

Մեր պատմութեան թուականէն անցած էր երեք տարի։

Սեպտեմբերի վերջերուն օր մը, երեկոյեան կողմ, տարիքոտ մարդ մը, պարկ մը շալկած Չուպուխլի գիւղէն կ՚երթար դէպի Խաչան։ Մեր ճամբորդը, յիսունը անց, միջահասակ, ոսկրուտ մարդ մ՚էր, մէկը այն տիպերէն, որոնց կազմը կարծես միայն ջիղէ եւ ոսկորէ հիւսուած է, արեւէն խանձուած մորթով մը շրջափակուած։ Ճամբորդը, առանց աճապարելու, հանդարտօրէն կ՚առաջանար, երբեմն կանգ առնելով ու շրջապատը դիտելով։

Ապաղայի դաշտը, Հայաստանի ամենասիրուն դաշտերէն մէկն է, շրջապատուած բարձրաբերձ լեռնաշղթաներով, Թանտուրաքի, եւ Շխօ-Պէքիրի նման բարձր գագաթներով։ Վեց հազար հինգ հարիւր ոտք բարձրութեան վրայ, այդ ընդարձակ դաշտը, շատ նօսր բնակչութիւն մ՚ունէր, ճնշող մեծամասնութեամբ քիւրտեր, որոնք հետզհետէ հարաւէն բարձրանալով տարածուած էին տաճկապարսկական սահմանի երկայնքին։ Իրենց ճամբուն վրայ անոնք քշած հեռացուցած էին բնիկ հայ ժողովուրդը, որ հետզհետէ սեղմուած էր կեդրոնական քաղաքներու մօտ գտնուող շրջաններու մէջ։ Ապաղայի դաշտի գիւղերուն մէջ, որոնք դեռ երկու դար առաջ հայաբնակ էին, հազիւ չորս հայկական գիւղեր մնացած էին։ Ատոնց մէջ ամենամեծը Խաչանն էր։

Աշնանամուտի կարճ օրուան արեւը թեքուած դէպի արեւմուտք՝ կը մօտենար Էսրուկ լերան գագաթին՝ հորիզոնի վրայ երկնցած կաս կարմիր ամպի շերտերու արանքին աչք կապուկ խաղալով։

Մելօն, այդպէս էր մեր ճամբորդի անունը, հազիւ քարընկէց մը հեռու Խաչան գիւղէն, նստաւ կալերուն քով, արտի մը թումպին վրայ, շալկի պարկը քովը տեղաւորեց, կողքէն շորէ կարուած քսակը ձեռք առաւ ու սիկարէթ մը պլլելով մեծ բաւականութեամբ սկսաւ ծխել՝ անյագօրէն ծուխը քաշելով։

Ընդհանրապէս արեւմուտի ժամանակ, մէկ ալ լուսաբացին, գիւղը արտակարգ կերպով կը կենդանանայ։ Տուներու ցածկեկ դռները ճռնչալով բաց ու խուփ կը լինին։ Տաւարը գոմ կը քշեն կամ գոմէն դուրս կը բերեն։ Կիները՝ սափորները ուսերուն կամ յարդի կողովներ շալկած՝ կ՚երեւան գիւղի շատ նեղ ու աղտոտ փողոցին մէջ։ Շները, ամբողջ ցերեկը պատերու տակ երկննալէ վերջ, այդ պահուն կը սկսին իրարու հետ գզուիլ, մինչեւ որ խաւարը կը թանձրանայ, եւ գիւղը կը մեռնի ճամբու եզերքը ինկած գերեզմանի մը խաղաղութեամբ։

Արեւամտոցի հետ Խաչան կենդանացեր էր։ Դաշտի չորս ծայրերէն սեւատավարը գիւղ կը մտնէր անխուսափելի հառա հըռոցով։ Մելօն՝ թումբի վրայ նստած՝ կը շարունակէր ծխել սիկարէթը, ուշադրութեան հետեւելով կիներուն, որոնք դէպի կալի յարդանոցները կուգային, յարդ տանելու համար։ Յանկարծ Մելօն բարձրացաւ տեղէն ու քանի մը քայլ եւս մօտեցաւ կալերուն։

Հէ՜յ, աղջի՛ Սառա, դո՞ւ ես։

Նորահարսը, որ ահագին կողով մը շալկած՝ կ՚անցնէր, երբ իր անունը լսեց, կանգ առաւ։ Լաչակը, որ ծնօտի վրայ ինկած էր, մինչեւ քթի ծայրը բարձրացուց բերանը ծածկելով, ու որպէս պատասխան գլուխը շարժելով բաւականացաւ։

Գրիգորը գե՞ղն է։

Նորահարսը նորէն գլուխը գրական իմաստով շարժեց։

Մարդուդ ըսէ, որ այս իրիկուն ձեզ մօտ պիտի լինիմ։ Թո՛ղ վարժապետին լուր տայ եւ իմ գալուս սպասեն. ես հիմա բէկի մօտ պիտի երթամ, թերեւս քիչ մը ուշանամ։ Հասկցա՞ր…

Երիտասարդ կինը առանց պատասխանելու, կողովը յարդով լեցուց ու հեռացաւ։ Մելօն, տոպրակը շալկած, շորորալով գիւղ մտաւ, ու միայարկ ընդարձակ տան մը առջեւ կանգնեցաւ։ Այդ՝ հայտարանցիներու աշիրեթապետ, մեր վաղածանօթ Հիւսէյին բէկի տունն էր։ Ընդարձակ բակը շրջապատուած էր բարձր պարիսպով մը։ Մուտքի դրան առջեւ բազմաթիւ ղօլամներ կային։ Այս տունը, գիւղի եզրը տեղաւորուած, զօրանոցի մը տպաւորութիւն կը ձգէր։

Մելօն վաղածանօթի մը համարձակութեամբ բարեւեց դրան առջեւ նստած քիւրտերը եւ դռնէն ներս մտնելով՝ շիտակ գնաց թոնրատունը, ուր քանի մը քրտուհիներ թոնիրի վրայ բէկի իրիկուան ընթրիքը կը պատրաստէին։ Մելօն շատ անգամներ եղած էր Հիւսէյին բէկի տանը։

Աղքատ արհեստաւոր մ՚էր Մելօն, Վանի Այգեստանէն։ Ձմեռուան ամիսները կնոջ եւ մէկ հատիկ աղջկան հետ, կէս կուշտ, կէս անօթի, ողորմելի խրճիթի մը մէջ կ՚անցընէր օրերը, մինչեւ որ գարունը գար, օդերը տաքնային։ Ասկէ վերջ Մելօն՝ իր տիկէ փուքսը, քիչ մը կլայեկ, բամպակ եւ բաւական մը նուրբ աւազ նետելով պարկին մէջ՝ գիւղէ գիւղ կը թափառէր, գիւղացիներու պղնձեղէնները կլայեկելու համար։ Մասնաւորաբար գիւղացի կիներու աչքի լոյսն էր Մելօն։ Անոնք ձիւնը վերնալէ վերջ անհամբեր կը սպասէին Մելոյի գալուն, ինչպէս կը սպասէին արագիլներու վերադարձին։ Ամէն դուռ բաց էր Մելոյի առջեւ, ամէն տանտիկին աման մը ունէր կլայեկելու։ Փոխարէնը՝ թաս մը ցորեն, իւղ, պանիր կամ քաշ մը բուրդ կուտային։ Այդ շրջաններու մէջ մարդիկ դրամի մասին գաղափար չունէին։ Հազիւ թէ տարին մէկ երկու անգամ արծաթ դրամ կ՚անցնէր կիներու ձեռքը։ Ձեռքը անցածներն ալ անմիջապէս կը կարէին իրենց կամ ազապ աղջիկներու գլխանոցներուն վրայ։

Մելօն չճանչցող չկար։ Ապաղայէն մինչեւ Վան, հայկական կամ քրտական գիւղ մը չկար, ուր Մելօն տարին մէկ երկու անգամ չհանդիպէր։ Եւ որովհետեւ գործը կիներու հետ էր, անուններով գիտէր տանտիկինները, տան երեխաները։

Հիւսէյին բէկի տան թոնրատունը մտնելով, Մելօն շալակի բեռը անկիւն մը ձգեց, պարկի մէջէն ծրար մը հանեց ու մտաւ սենեակ մը, որու դուռ թոնրատան մէջէն կը բացուէր։

Ընդարձակ սենեակ մ՚էր, հազիւ լուսաւորուած երկու շատ փոքր պատուհաններով։ Յատակը ծածկուած էր հաստ գորգերով, իսկ պատերէն բազմաթիւ եւ բազմաձեւ զէնքեր կախուած էին։ Ծերունի Հիւսէյին բէկը վերի անկիւնը ծալապատիկ նստած ու գլուխը բարձերուն յենած՝ կը կնքվարտէր։ Խատիճէն ամուսնոյն դիմացի անկիւնը հաստ գորգի մը վրայ կիսովին երկնցած, կը խաղար երկու կամ երեք տարեկան կայտառ երեխային հետ։

Վա՛յ Մելօ, բարով եկար, ուրախացած բաղագանչեց Խատիճէն, երբ դրան մէջ նկատեց նորեկը, արի, արի ներս, ի՞նչ կայ չկայ։

Սաղութիւնդ, խանում, փառք Աստուծու ամէն ինչ լաւ է, խորհրդաւոր շեշտ մը տալով խօսքերուն՝ պատասխանեց Մելօն, ձմեռը կուգայ, քաղաք կ՚երթամ քիւլֆաթիս մօտ։ Խաչանով կ՚անցնէի, ըսի մէկ խանումին հանդիպիմ…։

Լաւ որ եկար, Մելօ, ու երիտասարդ կնոջ աչքերը բաւականութեամբ կայծկլտացին։

Հը՛, Մելօ՛, բարով եկար, հազար բարով, յօրանջելով աչքերը բացաւ Հիւսէյին բէկը, որ խօսակցութեան ձայնէն արթնցեր էր։

Բարին վրադ բէկ, Խաչանով կ՚անցնէի, մէկ ըսի…

Լա՛ւ ըրիր. է՜, Պարսկաստան անցա՞ր, Կարէյնի գնացի՞ր, ի՞նչ կը խօսուի այն կողմերը։

Ամէն կողմ սաղութիւն բէկ։ Ուխտ ունէի, երկու օր վանքը մնացի։ Մեծ խալիֆան շատ բարեւ ըսաւ. ղրկած արծաթ խաչդ Սուրբի գերեզմանին վրայ դրած է…Կարէյնի օր մը մնացի… Պազարի մէջ կը խօսուէր, թէ Կարեյնիի Ամօ աղան աւրուած է Նազարաւայի Ալի բէկի հետ, ու իր մարդիկը կը հաւաքէ…Սուտ թէ շիտակ, ո՜վ գիտէ…

Թո՛ղ աչքն ալ հանէ, բարկացաւ Հիւսէյին բէկը, այդ Ալի բէկը վերջերս կեցած տեղը կատղեր է, հանդարտ չի կրնար նստիլ։ Անցած օրը Չուպուխլուի տաւարի մէկ մասը քշած էր, մինչեւ որ վրայ հասանք ու կռուով ետ բերինք…։ Իր մարդոցմէ մէկը զարկինք, երկուքն ալ իմ մարդոցմէն թեթեւ վիրաւորուեցան։ Փորձանք դարձեր է մեր գլխուն…Հա՛, մեծ Խալիֆան ինչէ՞ս է, վանքի գործերը…

Լաւ, շա՛տ լաւ, բարեւ ըրաւ։

Մելօն ձեռքի ծրարը բանալով երկու զոյգ կարմիր մաշկէ շինուած սոլեր դրաւ Խատիճէի առջեւ, մէկ զոյգը մօր եւ միւսը՝ երեխայի համար։ Աշխոյժ երեխան՝ նոր սոլերը տեսնելով՝ անմիջապէս հները ոտքէն նետեց եւ նորերը հագնելով ուրախացած՝ սենեակէն դուրս վազեց, կ՚երեւի տան միւս փոքրիկներուն ցուցնելու համար։

Շնորհակալ եմ, Մելօ, մտերմօրէն ժպտալով ըսաւ Խատիճէն, ամէն գալուդ բան մը կը բերես։ Քեասիպ մարդ ես, քանի՞ անգամ խնդրեցի, որ…

Վնաս չունի, Խատիճէ՛, կնոջ խօսքը կտրեց Հիւսէյին բէկը, Մելօն լաւ ֆլա է. էս երսուն տարի եղաւ կը ճանչնամ զինքը… դուն իրեն հախը էւելօք տուր… նուէրը վնաս չունի, ադատան պապատան մնացած ատաթ է… լաւ ատաթ է…— Եւ Հիւսէյին բէկը գլուխը բարձին յինելով՝ բաւականութեամբ կարճ մօրուքը սկսաւ շոյել։

Ատոր ալ խօ՞սքը կը լինի. Մելօն մեր բոլոր պղինձները նորոգեց, կլայեկեց։ Իրաւունքը էւելօք պիտի ղրկեմ…։ Էս երեխան նորէն ո՞ւր փախաւ, հիմա վրան գլուխը պիտի աղտոտէ…։ Ես մէկ մը նայիմ, ու Խատիճէն տեղէն բարձրացաւ եւ դուրս ելաւ՝ նշանակալից հայեացք մը նետելով Մելոյին։

Մելօն Հիւսէյին բէկի մօտ երկար չմնաց։ Քանի մը րոպէէն վերադարձաւ թոնրատունը։ Պարկը շալկեց եւ երբ նեղ եւ մութ միջանքէն կ՚անցնէր դէպի տան արտաքին դուռը երթալու համար, մէկը ձեռքէն բռնելով քաշեց։

Մելօն գիտէր, որ իր ձեռքէն քաշողը Խատիճէն էր։ Երկուքով մտան ախոռի սաքուն, ուր ընդհանրապէս կը գիշերէին հեռաւոր տեղերէ եկած հիւրերը։ Մելօն, առանց խօսելու տոմսակ մը սեղմեց Խատիճէի ափին։ Մանկամարը կինը, տոմսակը ծոցը դնելով, հարցուց.

Մելօ, ի՞նչպէս է… էս որքա՜ն ժամանակ եղաւ… խօսք տուաւ անցեալ տարի գալ…

Խանում, գիտես որ դժուար է…

Գիտե՜մ, գիտե՜մ… ամէն րոպէ սիրտս դողի մէջ… ըսինք, լաւ է որ այս կողմերը չի գար… Աստուած չընէ, եթէ բան մը պատահելու լինի…

Ու դեռատի կնոջ աչքերը լեցուեցան արցունքով։

Դարդ մ՚ըներ խաթուն, անոր բան չի պատահիր մէկ Վանի նահանգ՝ մէկ Վահէ…

Գիտեմ, բայց սիրտս… հա, Մելօ՛, ըսէ անոր որ այս ձմեռ քաղաք պիտի իջնանք… Համոզեցի բէկը… Էս նամակս ալ կուտաս… երեխայի մասին ալ ինքդ բերանացի կը պատմես. ինչպէս որ տեսար… Ուրիշ ի՞նչ կայ…

Խանո՛ւմ, հազիւ լսելի ձայնով մը շշնջաց Մելօն. բէկի խոլամներէն Ֆախկին մեր մարդոց շատ նեղութիւն կուտայ։ Ականջը ոլորելու է։ Անցած օր մեր սուրհանդակներէն մէկը ճամբու վրայ բռներ խուզարկեր էր եւ այնքան ծեծեր էր, որ խեղճ տղան տասնհինգ օր է անկողնէն չի կրնար ելլել։

Լա՛ւ, ես անոր գործը կը կարգադրեմ, վստահացուց Խատիճէն, որու աչքերը բարկութեամբ պսպղացին. ուրի՞շ…

Սաղութիւնդ, խանում, Աստուած երկար կեանք պաշխէ քեզ…

Գիշերով ո՞ւր կ՚երթաս, հոս կեցիր։

Գրիգորենց պիտի երթամ, գործ ունիմ… Աստուած քեզ պահէ։

Աստուած հետդ լինի։

Հիւսէյին բէկի տնէն դուրս գալով՝ Մելօն եկած ճամբով վերադարձաւ՝ երթալու համար Գրիգորենց տունը, որ գիւղի միւս ծայրը կը գտնուէր, կալերու անմիջապէս մօտը։ Հազիւ դրան դիպած էր, Գրիգորը դուռը բացաւ եւ բարեկամը ախոռի սաքուն առաջնորդեց, ուր բուխերիկի կողքին պատանի երիտասարդ մը նստած՝ նամակ կը գրէր։

Մելօ, լուսը քեզ տեսնողին, ուրախած բարեւեց Արսէնը, տնաքանդ գնացիր ու կորար. հէչ լուր ճամբելու սովորութիւն ալ չունիս…

Հա՛, եանի քեզի պէս գիր կարդում գիտցող վաժապետ մը լինէի, հեգնօրէն ծիծաղեցաւ Մելօն, որ բոլորովին անգրագէտ էր. դու մէկ էս նամակը կարդա՛ տեսնեմ։ Էսօր Նազարաւայէն անցած ժամանակս տուին, քաղաքէն է, ու ծոցէն ծրար մը հանելով երկարեց Արսէնին։

Երեք ընկերները ծխացող բուխերիկի մօտ տեղաւորուեցան։ Թէեւ դեռ սեպտեմբերի վերջին օրերն էին, բայց Ապաղայի բարձրադիր դաշտի վրայ գիշերները զգալի ցուրտ կը լինէր։ Գիւղացիները տաքնալու համար կամ թոնիրի կուշտը պիտի նստէին եւ կամ ախոռի սաքուն պիտի երթային։

Ձմեռուան ամիսներուն, երբ ձիւնը կը նստի, ու ամէն գիւղ ինքն իր մէջ կը կղզիանայ, սաքուն Հայաստանի սովորական եւ միակ հանգստաւէտ ընդունարանն է, ուր գիւղացիները կը հաւաքուին, երկար գիշերները անցնելու համար, ուր ղարիպ ճամբորդներ կը հիւրասիրուին, ուր աշխարհքի չար ու բարի անցքերու մասին կը խօսին գեղի առաջաւոր մարդիկը. ուր հէքեաթ պատմող ծերունիներ կրնան սկսիլ այնպիսի երկար հէքեաթ մը, որուն շարունակութիւնը յաջորդ գիշերուան կը մնայ։

Տէ՛, մէկ կարդա տեսնեմ։ Նամակը ձեռքը բռնած վեր վար կը դարձնես անլեզու հայվանի պէս։ Ի՞նչ կ՚ըսեն, ո՞վ է գրողը։

Ծօ, ի՞նչ անհամբեր ես, նեղացաւ Արսէնը, մէկ մը ես հասկնամ ու…

Եանի խելքդ բան կը կտրէ՞ որ… քեզի հոս ղրկելու տեղ, եթէ հէրդ ողջ լինէր…։ Արդէն ողորմած հոգին քու ցաւէն ազատելու համար, մինչեւ անդիի աշխարհը փախաւ, իմ գլուխս փորձանքի մէջ դնելով…

Արսէնը, առանց ուշ դարձնելու Մելոյի կատակներուն, կը շարունակէր նամակը կարդալ։ Երբ կարդաց վերջացուց, դարձաւ ընկերներուն.

Լեւոնն է գրողը։ Կարեւոր նամակ է, մտիկ ըրէք։

Երեք ընկերները գլուխ գլխի տուած՝ ուշադրութեամբ լսեցին նամակի բովանդակութիւնը.

«Ինչպէս անցեալ շաբթու գրեցի քեզի, նորէն կը կրկնեմ, որ ձիւնը չեկած՝ վանքի ապրանքը պէտք է սահմանն անցընել։ Խաչանի եւ Նազարաւայի մեր ընկերները պէտք է որ հասկնան այս պարագան եւ ըստ այնմ գործեն։ Վարդապետը կ՚իմացնէ որ մեծ քանակութեամբ ապրանք ստացեր է Չոփուրէն։ Անգամ մը որ ձիւնը նստի, ալ տեղերէս չենք կրնար շարժիլ, մինչեւ որ քըշա (ձիւնի երեսի խաւին սառիլը) բռնէ։ Ուստի, ամէն ջանք թափելու էք, որ ապրանքը սահմանը անցընելով մինչեւ Բերկրիի փոսը իջեցնէք՝ Պստիկ Գիւղ, Գործոթ, կամ Անձաւ, ո՛րը որ պատահի։

«Նազարաւայի Ալի բէկի տղան, Աբդիւլ Քատիր բէկը մօտս եկաւ տեսութեան։ Կ՚ուզէ մեզ հետ բարեկամանալ, նոյնիսկ մեզի գործակցիլ։ Պէտք է այդ մարդու բարեկամութենէն օգտուիլ, որքան կարելի է, առանց զինք մեր գործերուն հետ ծանօթացնելու։ Այդ պէտք է ընել շատ զգուշաւոր կերպով։ Մեզի համար Հիւսէյին բէկի բարեկամութիւնը շատ աւելի կարեւոր է։ Իսկ այդ երկուքը իրարու թշնամի են։

«Գէորգը կ՚իմացնէ, թէ սեպտեմբերի վերջերուն կ՚անցնի դէպի Վան, հաւանականաբար բաւական մեծ խմբով մը։ Մելօ, աւելորդ է ըսել, թէ որքա՜ն զգուշ պէտք է լինել։ Դու կը մնաս այդ կողմերը, մինչեւ որ Գէորգը անցնի։

«Գործոթի ընկերները կը գանգատին րէյսէն, որ իբր թէ գիւղի մէջ անցած դարձածները Բերկրիի գայմագամին կ՚իմացնէ։ Հանդիպէ Գործոթ եւ տեղին վրայ քննէ խնդիրը։

«Գործոթէն Խառակօնիսով կ՚անցնիս Ղզլճա։ ՊԷտք է արագացնել այդ գծի փոխադրական գործը։ Ամէն միջոցի պէտք է դիմել, որ ոչ մէկ կէտի վրայ ապրանքը իրարու վրայ չբարդուի։

«Պօղանց կը հանդիպիս Վարպետին։ Կը յայտնես, որ ասկէ վերջ շալակաւորները Սղգեայի կէօլի արեւելեան կողմով իջնան ուղղակի Սղգեա, ու ապրանքը հոն ձգելով՝ վերադառնան։ Վերջի ատեններս կառավարութիւնը կ՚երեւի հոտը առած՝ Ակռբիի եւ Սղգեայի Կէօլի միջեւ եղած տարածութիւնը մասնաւոր հսկողութեան ենթարկած է։ Գնչուներն ալ պակաս չեն մնար։ Շատ երես առած են այդ սրիկաները։ Ամէն գիւղ հանդիպելնուդ՝ ընկերներուն կը բացատրես մեր վերջին հրամանագրի իմաստը։ Գիշերային փոխադրութիւններու ժամանակ, շալակաւորներուն պէտք է ընկերակցին գիւղական զինուորկան խմբէն երեքէն մինչեւ վեց հոգի, նայած տեղին եւ պարագաներուն։

«Յայտնէ Արէնին, որ մօր մասին չմտահոգուի։ Անոր ապրուստին համար պէտք եղած կարգադրութիւնը եղած է։ Կը յուսամ, թէ մինչեւ հիմա գործերու ընթացքին հետ ծանօթացաւ ու մեկնելէդ վերջ պիտի կրնայ գործը ղեկավարել։ Աչքաբաց եւ խելօք տղայ մը կ՚երեւի։ Թո՛ղ ամէն տասնհինգ օրը անգամ մը քաղաք սուրհանդակ ճամբէ, եթէ նոյնիսկ նորութիւն մը չունենայ հաղորդելիք։ Մոսօն Արճակի շրջանն է փոքր խմբով մը, եթէ պէտք ունենաս անոր օգնութեանը, Շիրվանէն կրնաս իմանալ տեղը։

«Կարծեմ այս վերջին նամակս կը լինի։ Շուտով քեզ կը տեսնեմ։

ԼԵՒՈՆ

Երբ Արսէնը նամակը վերջացուց, Գրիգորը կ՚ուզէր քնելու երթալ, բայց Մելօն թեւէն քաշելով նստեցուց կողքին։

Հելէ տեղէդ մի շարժիր, տնաքանդի տղայ։ Թող թազա հարսդ քիչ մ՚ալ սպասէ, ծիծաղելով ըսաւ Մելօն, գործ ունինք…

Արսէնը նամակը ձեռքը՝ կը մտածէր, առանց տեղէն շարժելու։ Ինչպէս ըսինք, հազիւ քսան տարեկան երիտասարդ մ՚էր Արսէնը, նոր աւարտած Վանի Կեդրոնական վարժարանը։ Ինչպէս բոլոր նորահաս երիտասարդները, Արսէնն ալ ազգային շարժման մէջ նետուած էր այն ոգեւորութեամբ, որ յատուկ է պատանեկութեան։ Դպրոցն աւարտելուն պէս ինքզինք դրած էր ղեկավար մարմնի տրամադրութեան տակ։ Հեռաւոր Ապաղայի շրջանը ուղարկած էին զինքը, որպէս Խաչանի նոր բացուած վարժարանի ուսուցիչ։

Հը՞, վարժապետ, աչքդ բաց երա՞զ կը տեսնես, ու Մելօն թեթեւ մը մխթեց Արսէնի կողմը։

Վայրենութիւն չ՚ուզեր, նեղուած քիչ անդին քաշուեցաւ Արսէնը, որ մարմնապէս տկար լինելով չէր սիրեր Մելոյի ձեռքի կատակները, գլուխս կուտամ, եթէ նամակի բովանդակութենէն բան մը մնաց գլխուդ մէջ։

Վա՜յ քեզի, խլլոտ վարժապետս, տէ՛ մտիկ ըրէ, ու Մելօն զարմանալի սուր յիշողութեամբ սկսաւ կրկնել նամակի բովանդակութիւնը, Հը՞, հաւնեցա՞ր…։

Մելօն կեանքին մէջ կանոնաւոր դպրոցի երես չէր տեսած։ Երեխայութեանը քանի մը ամիս միայն Չոլախ Խալֆայի ծաղկոցը գնացեր էր, ուր ծեծ ուտելէն զատ բան չէր սովրած։ Օր մը Խալֆայի բոլոր ճպոտները գողնալով՝ ծաղկոցէն փախաւ, ու հակառակ մօր սպառնալիքներուն եւ ծեծերուն, նախընտրեց այգիները թափառելով անցընել մանկութեան ուրախ օրերը։ Բայց ամբողջ կեանքին մէջ բնաւ մտքէն չելաւ այդ քանի մը ամիսներու ընթացքին կերած ծեծը եւ Չոլախ Խալֆան։ Այդ եղաւ պատճառը, որ բոլոր սրտով ատէր վարժապետները, որոնք մէկ կարգի վրայ կը շարէր։ ՄԵլոյի հասկցողութեամբ, վարժապետներն ալ տէրտէրներու նման անպէտք մարդիկ էին։

է՛, Մելօ, եթէ ըսելիք մ՚ունիս խօսէ, թէ չէ երթանք քնելու, ըսաւ Արսէնը։

Մտիկ ըրէք, արդէն լուրջ կերպով Մելօն սկսաւ խօսիլ՝ չորս բոլորը կասկածոտ հայեցաք մը նետելով. գիտէք որ վանքէն կուգամ…

Մելօն այնքան կամաց կը խօսէր որ հազիւ Գրիգորն ու Արսէնը զինք կը լսէին։ Գէորգի խումբը, վաթսուն չորս կտրիճ երիտասարդներ, երկու օր առաջ իրիկնամթին ճամբայ ելած էր վանքէն՝ սահմանը անցնելու համար։ Մելօն, յաջորդ առտու շատ կանուխ որպէս սովորական ճամբորդ մը Կարէյնի երթալով, միացեր էր դէպի Ապաղա գնացող քրտական կարաւանի մը։

Դեռ սահմանը չհասած՝ մութը վրայ տուաւ, շարունակեց պատմել Մելօն, կամաւ քարւանէն ետ մնացի։ Շըխօ-Պեքիր սարի տակ, ճամբան ոլորապտոյտ կը բարձրանայ։ Այդ տեղէն շրջուեցայ դէպի ձախ եւ, ինչպէս նախօրօք պայմանաւորուած էինք, ճամբայէն շատ հեռու, ձորի մը մէջ հանդիպեցայ Գէորգին ու իր խմբին։ Սարսափելի նեղութիւնով հասած էին մինչեւ այդտեղ։ Շատերու ոտքերը ուռած՝ չէին կրնար քալել, իսկ տղաքներէն ոմանք մեծ քանակութեամբ փամփուշտ վերցուցած լինելով ուժասպառ եղած էին։ Բարեբախտաբար, այդ գիշեր շատ ճամբայ չունէինք երթալիք։ Իրարու օգնելով, գէշ աղէկ Շըխօ-Պեքիրը կորզուեցանք ու վերին Նազարաւայի սարը, քարայրի մօտ, հեղեղատի մը փոսին մէջ տեղաւորուեցանք։ Լուսը չբացուած՝ ես Նազարաւա իջայ։ Մեր տղաքներէն երեք լաւ վալատներ ճամբեցի խմբի մօտ, պոլկեկ մ՚ալ ուտելու պաշատ հետները։

Ուրեմն այդ հաշուով էս իրիկուն…

Հա՛, խելքդ սիրեմ, վարժապետ, Արսէնի խօսքը կտրեց Մելօն. էս իրիկուն պիտի անցնին Կորթկանի սարը։ Էդուր համար ալ կանուխ եկայ ձեր գիւղը։ Հիմա, մտիկ ըրէ, Գրիգոր. երկու վալատ կը կանչես. որ միասին երթանք ձեր գերեզմաննոցը։ Չէ, հիմա չէ, դեռ շատ կանուխ է, անոնք հազիւ կէս գիշերի ատեն հասնին։ Դուն ալ, վարժապետ ջան, եւ քու ազիզ արեւուն մեռնեմ. հետդ մէկը կը վերցնես ու եալլա ճաբայ կ՚ելլես Կորթկան, իշալլահ ճամբէն վախէդ սիրտդ կը ճաքի… Հասկցա՞ր… Կորթկան հասնելուդ, Կարոյին կը յայտնես խմբի մասին։ Կ՚ըսես, որ երկու լաւ վալատներ ճամբէ գիւղի տակի աղբիւրին մօտ, տղաքը լեռը առաջնորդելու համար։ Վարժապետ, ղալմաղալ չ՚ուզեր. միայն Կարոյին կը յայտնես, ան գիտէ ընելիքը։ Հասկցա՞ր…

Տօ հասկցա՛ր, հա՛, հասկացար, խօսք ունիս, խօսքդ ըսէ, բարկացաւ Արսէնը, ես պատրաստ եմ, հետս ո՞վ պիտի գայ։

Եղբայրս կուգայ հետդ, ձէն տամ էնոր, ու Գրիգորը անցաւ թոնրատունը։

Մելօն ու Արսէնը մնացին առանձին։ Հակառակ որ Մելօն վարժապետները չէր սիրեր, բայց Արսէնի հանդէպ մասնաւոր համակրանք ունէր։ Նախ որ Արսէնը իրենց թաղէն էր. հայրը իր մանկութեան ընկերներէն մէկը, մէկ ալ որ խելօք, համեստ տղայ մ՚էր։ Ասով մէկտեղ, կը սիրէր զայն չարչրկել։

Այ պալամ, հոգածու շեշտով սկսաւ խօսիլ Մելօն, ես լուսադէմին պիտի անցնիմ Գործոթ։ Դուն այս շրջանին մէջ մինակ պիտի մնաս։ Աչքդ չորս բաց։ Թուղթ մուղթ մի՛ պահեր քովդ։ Արդէն ինչ փորձանք որ եկեր է մեր գլխուն՝ էդ թղթերու երեսէն է։ Գրիգորը վստահելի մարդ է։ Երանի ամէն գիւղի մէջ մէկ մէկ Գրիգոր ունենայինք։ Բայց խելքէն քիչ մը եաեան է, ադ կողմէն քեզի խէր մը չունի։ Դուն ինքդ գլխուդ ճարը տեսնելու ես։ Նազարաւայի Յարութը եփուած, փորձուած մարդ է… բայց քիչ մը դրամը շատ կը սիրէ։ Ուշադրութեամբ հետեւէ հաշիւներուն։ Սատանայ է շան որդին։ Կորթկանի Կարօն ամէն տեսակէտով վստահելի եւ խելօք մարդ է։ Նեղութեան պահուն կրնաս խորհրդակցիլ անոր հետ։

Շատ լաւ, բայց Մելօ, Հիւսէին բէկի ծառան, Ֆախկին զիս կը մտահոգէ…

Անոր մասին ես արդէն կարգադրութիւն ըրի, մի՛ մտածեր, բայց անշուշտ պէտք է միշտ զգոյշ լինել։ Հա՛, մէկ ալ էս պիտի ըսէի, բերանդ պինդ գոցել սովրէ, ոչ բարեկամ, ոչ ազգական կայ էս գործին մէջ…

Այդ գիտեմ, անհոգ եղիր…

Տես, որ Լեւոնի քու վրադ ունեցած յոյսերը արդարացնես։ Ի՜նչ մարդ է, ի՜նչ ղեկավար…

Կրակ է, կրակ, չարխիֆէլէկի նման ամէն կողմ կը հասնի։ Մելօ, կ՚ըսեն թէ բնաւ չի քնանար։ Ճի՞շդ է…

Շիտակը, երկննալն ու պառկիլը չեմ տեսած, երբեմն նստած տեղը աչքերը կը գոցէ…

Բայց ինչո՞ւ ձախ ձեռքն ու ոտքը այնպէս կը դողան…

Տնաքանդ, ես հեքի՞մ եմ, ես ի՞նչ գիտնամ. կ՚ըսեն, թէ ատենօք ընկաւոր է եղած։

Ընկաւոր լինելը չեմ գիտեր, բայց դէմքի եւ ձեռքի սարսափելի վէրքերու սպիները տեսած ժամանակ շունչս կը բռնուի. մարդ կը վախնայ դէմքին նայելու…

Ծօ, սարսախ վարժապետ, մարդու դէմքին մի՛ նայիր, գործին նայէ։

Հա, շիտակ կ՚ըսես Մելօ, մէկ որ բերանը բանայ, կրակ ու բոց, մարդ մտիկ ընելով չի կշատանար։ Աստուած տար, անոր նման մէկ երկուքն ալ ունենայինք։ Վահէն ալ լաւ է, բայց ան հիմա Կաւաշի, Շատախի կողմերը կ՚աշխատի, շատ քիչ անգամ քաղաք կուգայ։

Սաքուի դուռը ճռնչալով բացուեցաւ, ու Գրիգորը եղբոր հետ երեւցաւ դրան վրայ՞

Ախպերս պատրաստ է, վարժապետ։

Ես ալ պատրաստ եմ։ Մնաս բարով, Մելօ։ Պարոն Լեւոնին բարեւ ըրէ, ըսէ, որ ձեռքէս եկածը չեմ խնայեր։ Մելօ՛, անգամ մը մեր տունը հանդիպէ, մէրս տես։

Շատ լաւ, աչքիս վրայ… բայց ափսոս որ մէրդ պառաւ է, Արսէն, թէ չէ կը կարգուէի հետը, մէկի տեղ երկու կնիկ…

Յիմար կատակներդ նորէն մի՛ սկսիր…Ես գնացի։

Արսէնն ու Գրիգորի եղբայրը դուրս ելան սաքուէն, ու քիչ վերջը դուրսի դրան գոցուելու ձայնը լսուեցաւ։

Հա մոռցայ հարցնել, Մելօ, բան կերա՞ծ ես…

Օհօ՜, նոր բարի լոյս, տնաքանդի տղայ, ժամ մը առաջ հարցնելու էիր, աղիքներուս մէջ քամին ջիրիդ կը խաղայ։

Ես ձեռաց բան մը բերեմ, ու Գրիգորը աճապարանքով դուրս ելաւ։

Մելօն նոր միայն մտածեց հանգստանալու մասին։ Գօտիի արանքէն խոշոր ժամացոյց մը հանելով նայեցաւ. ժամը ութին քսան կ՚ուզէր։ Մելօն մտածեց, որ դեռ շատ ժամանակ կար ու քանի մը ժամ կրնար հանգստանալ։ Բուխերիկի առջեւ երկնցաւ՝ գլուխը խոտով լեցուած կարծր բարձին վրայ դնելով, աչքերը գոցեց, ինքն իրեն մրթմրթալով. «Տօ, ախպեր, ես էլ հողածին մարդ եմ. կրուկներս, եթէ երկաթէ շինուած լինէին՝ նորէն կը մաշէին»։

Մելօն փորձեց քնել. բայց անյաջող։ Ակամայ կը մտածէր Գէորգի եւ անոր խմբի մասին։ Արդեօք ապահով հասնելո՞ւ էին։ Հիմա անշուշտ սարէն իջած, Չուպուխլուի ձորը հասած կը լինին։ Աստուած տար մարդու չը հանդիպին… իսկ եթէ հանդիպի՞ն…

Ու այդպէս մէկը միւսի ետեւէ զանազան մտքեր իրարու կը յաջորդէին, ու Մելօն մէկ կողմէն միւսը կը դառնար ի զուր փորձելով քնել։

Արեւելքի երկիրներու մէջ, գերեզմանատունը, թէկուզ գիւղական աննշան գերեզմանատուն մը, ահի ու սարսափի վայր մ՚է, մասնաւորաբար գիշերները։ Քաջասիրտ մարդ մը, որ մեն մինակ բազմաթիւ թշնամիներու դէմ կռուելու չի վարանիր, գիշեր ատեն գերեզմաննոցի մը մօտէն անցնելու չափ քաջութիւն չի զգար մէջը։ Այդ այդպէս է բոլորի համար։ Ամէն գերեզմանատուն, իր առասպելապատում պատմութիւնն ունի։ Ճերմակ հագնուած խորթլախներ, որոնք գիշերները գերեզմանէն դուրս կուգան, ու անցորդի ճամբան կը կտրեն. ձիւնի նման սպիտակ շատ ձագեր, որոնք կաղկանձելով մարդու ետեւէ կը վազեն ու, եթէ միամիտ ճամբորդը խղճալով վերցնէ անոնցմէ մէկը ու իր տունը տանի, յաջորդ առտու տան բակին մէջ երկնցած դիակ մը կը գտնէ։ Ասոնցմէ աւելի սարսափելին՝ խորթլախներու անտեսանելի թեւերը, ջղջիկի թեւերուն նման, որոնք անցորդը չարփմիշ կ՚ընեն, ոմանց երեսը յանկարծ կը ծռի, ուրիշներու թեւը կամ ոտքը կը քաշուի։

Մարդու յաւիտենական հանգստավայրը, որ ցերեկը այնքան լքուած մենութիւն մը ունի, գիշերը կը կենդանանայ։ Հոն ձայներ կը լսուին, փսփսուք մը կայ օդին մէջ, երբեմն աղիողորմ ճիչ մը, աղաղակ մը կը բարձրանայ ու կ՚երկարի։ Անցորդի մազերը փուշի պէս վեր կը տնկուին, ձայնը կոկորդին կը փակի, ոտքերը երկաթի ծանրութիւն կ՚առնեն։ Եթէ քրիստոնեայ մ՚է, երեսը կը խաչակնքէ. եթէ իսլամ՝ մարգարէի անունը կուտայ ու կ՚արագացնէ ոտքերը, որոնք հակառակի պէս տեղերէն չեն շարժիր սակայն։

Խաչանի հայոց գերեզմանատունը կալերէն վար, Չպուխլուի ճամբուն վրայ կը գտնուէր։ Մենաւոր ուռիի ծառ մը կար գերեզմանատան կուշտը, որու ճիւղերուն վրայ հազարաւոր շորի կտորներ հանգուցուած էին հաւատացեալներու կողմէ։ Այդ մենաւոր ուռենին սուրբ ծառ մը կը համարուէր։ Ուխտ ունեցող, ցաւ մ՚ունեցող ճամբորդ մը զգեստի մէկ տեղէն կտոր մը կը պատռէր ու սուրբ ծառի ճիւղին կը հանգոյցէր։ Տեղական քրտերու եւ հայերու համար, այդ ծառի սրբութիւնը բնաւ կասկած չէր վերցներ։ Երկիւղած վերաբերում մ՚ունէին անոր հանդէպ, ու ոչ ոք կը համարձակէր այդ ծառի ճիւղերէն մէկը կոտրել, կամ չորցած, վար ինկած ճիւղ մը տուն տանիլ։ Թէ ի՞նչպէս այդ ծառը սրբացած էր, ոչ ոք գիտէր։ Բայց եւ այնպէս սուրբ ծառ մ՚էր։

Այդ սուրբ ծառի տակ, դեռ կէս գիշեր չեղած, Մելօն, Գրիգորը եւ երկու խաչանցի երիտասարդներ նստած, Գէորգի խմբի գալուն կը սպասէին։ Թեթեւ հով մը կար։ Ուռենիի անտերեւ ճիւղերը, շորի կտորներով ծածկուած, խորհրդաւոր ձայն մը կը հանէին՝ սարսափեցնելով Գրիգորն ու երկու երիտասարդները, որոնք կուշտ կուշտի կծկուած՝ կը դողային։

Մելօն, ընկերներու ապրումներուն անտարբեր, ցած ձայնով մը հարցուց.

Հը՞, Գրիգոր, կարծես ճամբու վրայ շարժող ստուեր մը կ՚երեւի։

Գրիգորը սակայն բան մը չէր նշմարած։ Վիզը առաջ երկնցուց, ուշադրութեամբ ճամբու ուղղութեամբ նայեցաւ ու գլուխը բացասաբար շարժեց։ Չէ, բան չէր երեւնար։ Բայց ի՞նչ լաւ կը լինէր, որ մէյ մը տղաքը գային, ու իրենք ալ հեռանային այդ անտէր տեղէն։ Ի՞նչ ըսէր Մելոյին, որ ալ տեղ չէր գտած ժամադրութիւն տալու ու էդ գերեզմանատունն էր ընտրած՝ խումբին հանդիպելու համար։

Երիտասարդներէն մէկը, ալ աւելի ընկերոջը մօտենալով, հազիւ լսելի ձայնով մը փսփսաց Գրիգորի ականջին.

Գրիգոր, հունա նայէ, մէկը էն գերեզմանի հողը դուրս կուտայ… վա՜յ մեզի։

Ծօ, տղայ, ի՞նչ կ՚ըսես. Յիսուս Քրիստոս, ու Գրիգորը իրարու ետեւէ երեսը խաչակնքեց։

Հապա՞, զսպուած ձայնով մը բարկացաւ ՄԵլօն, ծօ՛, աւանակ, պապդ հիմա դուրս պիտի գայ գերեզմանէն… Քէյֆը հալը հարցուր… էշի գլուխներ… մարդ ալ մեռածէն վախնա՞յ… Սարսափելով իրարու քիթ մտեր էք, հը՛, ի՞նչ կայ որ, ու Մելօն սկսաւ մեղմօրէն ծիծաղիլ ընկերներուն վրայ։

Մելօն յաճախ ժամացոյցը կը նայէր։ Կէս գիշերը անցած էր, խաւարը կարծես թէ աւելի թանձրացած։ Հեռուէն գիւղի շները մէկ մէկ կը կաղկանձէին ու կը լսուէր Խաչանի քիւրտ պահապաններու կանչը, որոնք ատեն ատեն իրարու ձայն կուտային։

Մելօն, մէջքը տուած սուրբ ծառին, երբեմն սրտնեղութենէն կը մրթմրթար, շուտ շուտ ժամացոյցը կը հանէր, սաստիկ դժգոհ, որ չէր կրնար ծխել։ Մէկ ալ առաջ ծռեցաւ, ամբողջովին տեսողութիւն կտրած։ Իրեն թուեցաւ, որ ճամբու վրայ անորոշ ստուեր մը կը շարժէր։ Արմուկով Գրիգորի կողը մշտեց.

Հը, Գրիգոր, կը տեսնե՞ս…

Իրա՛ւ, կարծես մէկը կուգայ…

Ի՞նչ մէկը. երկու հոգի ալ անոր ետեւէն կուգան, մշդեց երիտասարդներէն մէկը։

Իրօք, խաւարի մէջէն իրարու ետեւէ դուրս կուգային բազմաթիւ ստուերներ, համաչափ քայլերով. առանց ձայն ձիւն հանելու։ Հազիւ թէ մեղմ շշնջիւնի նման ոտքերու տրոփիւնը կը լսուէր։ Ամենէն առաջ կուգար մէկը, անկէ տասնհինգ քայլ հեռաւորութեան վրայ ուրիշ երկուքը, իսկ անոնցմէ վերջն ալ ստուերներու շարք մը, որու ծայրը դեռ դուրս չէր եկած խաւարի մէջէն։

Գէորգի խումբն էր։ Մելօն, տեղէն բարձրանալով, կամաց մը սուլեց ու դէպի ճամբան ուղղուեցաւ։ Գրիգորն ու ընկերներն ալ հետեւեցան Մելոյին։ Մելոյի սուլոցի վրայ, խումբը կարծես թէ կեցած տեղը արձանացաւ։

Ես եմ, Մելօն, ձայն տուաւ մեր բարեկամը։

Անշարժ կանգնած խմբէն մէկը մօտեցաւ Մելոյին։ Գէորգն էր։

Վալատները պատրա՞ստ են, ուտելու բան մը ունի՞ք։

Ամէն ինչ պատրաստ է. միայն քիչ մը պէսք է հեռանալ ճանապարհէն, ու Մելօն առանց պատասխանի սպասելու՝ ճանապարհէն դուրս գալով գիւղի հակառակ ուղղութեամբ սկսաւ քալել, խումբն ալ անոր ետեւէն։

Մելոյի հետ ամենէն առջեւէն վալատը կ՚երթար, անկէ տասնեւհինգ քայլ հեռաւորութեան վրայ՝ Գէորգն ու երկրորդ վալատը, իսկ մնացածները, տասնեակներու բաժնուած, ութ-տաս քայլ հեռաւորութեան վրայ իրարու կը հետեւէին։ Կը շարժէին խիստ կարգապահութեամբ, երկաթէ մեքենաներու կանոնաւորութեամբ, առանց ամենափոքր աղմուկ մը հանելու։

Յեղափոխական խմբերը, որոնք Երկրի զանազան մասերու մէջ կը գտնուէին, ինքնայատուկ խիստ րեժիմ մը ունէին, որուն անպայման պէտք է ենթարկուէր զինուորը։ Այդ րեժիմի պատճառով Ֆիզիքական կատարեալ առողջութիւն ունեցող երիտասարդները միայն կրնային տոկալ այդ անտանելի կեանքին, որ ինքնին անհնարին մարտիրոսութիւն մ՚էր, զրկանքներով եւ տառապանքով լեցուն։

Բաւական մը տեղ քալելէ վերջ, Մելօն արտի մը մէջ կանգ առաւ։ Խմբի զինուորները, առանց կարգը խանգարելու, գետին նստան։ Խաչանցի երկու երիտասարդները, իրենց շալկի պարկերը վար բերելով, ամէն մէկուն բաժնեցին լաւաշ հաց մը եւ կտոր մը պանիր։

Գէորգը, Մելօն եւ Գրիգորը առանձնացան ու ցած ձայնով սկսան խօսիլ իրարու հետ։

Մինչեւ այստեղները, իրենց շալկի պարկերը վար բերելով, ամէն մէկուն բաժնեցին լաւաշ հաց մը եւ կտոր մը պանիր։

Գէորգը, Մելօն եւ Գրիգորը առանձնացան ու ցած ձայնով սկսան խօսիլ իրարու հետ։

Մինչեւ այստեղ ամէն ինչ լաւ անցաւ։ Եթէ մինչեւ Վան առանց պատահարի անցնինք…։

Առաջ Աստուած, պարոն Գէորգ, բան չի պատահիր, համոզուած պատասխանեց Մելօն, Կանոնաւոր ցուրտ է, քրտերը սարերէն իջան։ Շատ շատ պատահական մարդ մը հանդիպի, այդ ալ մասնաւոր վտանգ մը չէ։

Ճիշդ է, բայց այդ պատահական հանդիպումներէն առաջ կուգայ վտանգը… սակայն ինչ որ է… զինուորներէն երկուքը ստիպուած եղայ զինաթափ ընել ու Նազարաւա ճամբել։ Քալելու հալ չէր մնացեր վրանին. ոտքերնին սարսափելի կերպով ուռած էին։ Երկու երեք օր թող հոն հանգստանան, վերջէն, Գրիգո՛ր, Խաչան կը բերես, ու կերպով մը կը ճամբես քաղաք։

Աչքիս վրայ, պարոն Գէորգ։

Երէկ չէ առջի օր թեթեւ ձիւն մը նստաւ Ալագեանի գագաթներուն։ Քանի կանոնաւոր ձիւն չէ նստած, պիտի աշխատիս որ գէթ երկու անգամ մ՚ալ տղաքը վանք երթան գան… Ահագին ապրանք լեցուած է հոն…

Ճաֆէրը բան մը չ՚ընե՞ր, հարցուց Մելօն։

Ինչպէս չէ, իր քրտերով կ՚երթայ կուգայ։ Բայց հինգ ձիաւոր որքա՞ն բան կրնան տանիլ… Թէեւ լաւ աշխատեցան, բայց դեռ շատ ապրանք կը մնայ…

Կ՚աշխատիմ երկու, թերեւս երեք անգամ մը տղաքը ճամբել վանք։ Երանի ձիւնը ուշ նստէր։

Գէորգը ոտքի վրայ թէ՛ կը խօսէր ընկերներուն հետ եւ թէ՛ ձեռքի լաւաշը կ՚ուտէր։ Եթէ ընթերցողներէն մէկը այդ պահուն տեսնէր մեր վաղածանօթ Փարաքարցի Գէորգը, ապահովաբար պիտի չճանաչէր զայն։ Ահագին մօրուք մը ձգած էր։ Մազերը մինչեւ ուսը կ՚իջնային։ Կարճ գազաչի հրացան մը ունէր ձեռքը։ Տասնոց ատրճանակն ու դիտակը կախուած էին աջ կողքէն, իսկ մէջքի ու կուրծքի խաչաձեւ փամփուշտակալները ազատ տեղ մը չէին ձգած մարմնոյն վրայ։

Իսկ դու ինչ պիտի ընես, Մելօ, բերանի պատառը ծամելով հարցուց Գէորգը։

Քեզի հետ մինչեւ Կորթկան կուգամ։ Անկէ պիտի անցնիմ…

Ուրեմն, դեռ ժամանակ ունինք խօսելու։ Ճամբայ ելլե՛նք։

Նազարաւացի վալատները այդ տեղէն ետ դարձան։ Մելօն ու Խաչանցի վալատ մը առաջ ինկան, եւ խումբը հետեւեցաւ Գէորգին, որ երկրորդ վալատին հետ առաջ ինկած՝ տասնեակ մը քայլի վրայ կը հետեւէր Մելոյին։

Խումբը կիսաշրջան մը դառնալով՝ Խաչանը ետեւը ձգեց ու լայնքէն սկսաւ կտրել Ապաղայի ընդարձակ դաշտը։ Հազիւ թէ բարձրութիւն մը գտնուէր այդ հարթ հաւասար դաշտին մէջ, որու մէջտեղէն քմահաճ ոլորներով կ՚անցնէր Բերկրիի կամ Պենտի Մահի գետը։

Խոր գետ մը չէր Պենտի Մահին, բայց հունի հարթութեան պատճառով շատ տարածուն էր, այնպէս որ երբ Մելօն եւ Խաչանցի վալատը գետի եզերքը հասան, առանց կանգ առնելու շարունակեցին ճամբան, մինչեւ կէս մէջքերնին ջրի մէջէն քալելով։ Խումբը հետեւեցաւ անոնց։ Գետը անցնելէ վերջ, մօտաւորապէս ժամ մ՚ալ հարթ դաշտի միջով քալելէ վերջ, զգալի վերելք մը սկսաւ։ Արդէն մօտեցեր էին Կորթկանի սարին, որու փէշերը թեթեւ զառիվարով մը կ՚երկարէին դաշտի մէջ։ Հեռուէն կը լսուէին վերի եւ վարի Կորթկաններու քիւրտ պահակներուն ձայները։

Մելօն եւ վալատը երբ մօտեցան ձորին, ուր կը գտնուէր հայկական Կորթկանի աղբիւրը, կանգ առին, մինչեւ որ Գէորգը հասաւ իրենց քով։

Էստեղ սպասեցէ՛ք, ըսաւ Մելօն, մինչեւ որ ես աղբիւրը երթալով ստուգեմ, թէ Արսէնը ու Կորթկանի վալատները հո՞ն են։

Խումբը թափեցաւ գետին։

Քառորդ ժամ մը վերջ, ձորի մէջէն վեր բարձրացան երկու ստուերներ, որոնք ուղիղ մօտեցան խմբին։

Մելօ՞…

Հա, ես եմ, ամէն ինչ կարգին է։ Ահա Արսէնը։ Տղաքը քիչ մը թող հանգստանան աղբիւրի մօտ. Կարօն եւ Կորթկանցի վալատները հոն կը սպասեն։

Խաչանցի վալատներու հետ Արսէնը վերադարձաւ Խաչան, իսկ Մելօն ու Գէորգը, աղբիւրէն քիչ մը հեռու, քարի մը տակ իրարու քով նստած, մինչ խումբի տղաքդ կուշտ ու կուռ աղբիւրէն ջուր կը խմէին ու ջրամանները կը լեցնէին։

Քաղաքէն ի՞նչ լուր կայ, Մելօ, հարցուց Գէորգը, ես բաւական ժամանակ է որ կտրուած եմ ընկերներէն։

Նորութիւն մը չկայ… Լեւոնը հոն է, Վահէն Կաւաշի կողմերն է, Պիծան՝ գիտցած տեղդ… ամէն մարդ՝ իր գործին… Երէկ Լեւոնէն նամակ մը առի։

Ի՞նչ կ՚ըսէ։

Մելօն համառօտ մը պատմեց Գէորգին առջի օր ստացած նամակի բովանդակութիւնը։

Տնաքանդ, աւելցուց Մելօն, ինք երկաթէ կազմուած՝ կը մոռնայ որ ես յիսունը անց ծերուկ մ՚եմ. ամէն նամակի մէջ այնքա՜ն բաներու մասին կարգադրութիւններ կ՚ընէ, որ հազիւ հազ կը հասնիմ… Հալ չէ մնացեր վրաս…

Մէկ հատիկ գլուխ մ՚է, Մելօ՛… Ո՞վ կը սպասէր, որ երկու երեք տարուան մէջ այսքան մեծ հեղինակութիւն վաստկէր։ Առանց անոր կտրուկ կարգադրութիւններուն եւ գիշեր ցերեկ աշխատանքին, հազիւ թէ մեր գործը այս ծաւալը ստանար. ո՛չ ինքզինքը խնայել գիտէ, ոչ ինծի, ոչ քեզի, ոչ ալ մէկու մը…

Ես անոր հոգուն մեռնիմ, զգածուած ըսաւ Մելօն, հոգի մարդ է Լեւոնը։ Գանգատելուս կարեւորութիւն մի՛ տար։ Վաղը եթէ ըսէ՝ «ՄԵլօ, քալելով աշխարհի ծէրը գնա», Աստուած գիտէ որ կ՚երթամ…

Ի հարկէ, կ՚երթաս, հեգնօրէն ծիծաղեցաւ Գէորգը, վախը գիտէ. որքան որ կակուղ կը խօսի, պողպատի պէս ալ կարծր է ու խիստ։

Հա՛, ադ շիտակ ըսիր։ Քաղաք եղած ժամանակս օր մը քովն էի։ Զինուոր մը գիշերը պառկած ժամանակ փամփուշտակալը վրայէն արձակած՝ պառկած էր։ Խմբապետը կը յանդիմանէ, բայց զինուորը, որ քիչ մը շփացած, յայտնի կտրիճ կռուող մըն էր, փոխանակ յանցանքը ընդունելով լռելու, կը սկսի ընդդիմախօսել։ Այդ խնդիրը մեծնալով կը հասնի ԼԵւոնին։ Ես քովն էի, երբ խմբապետն ու զինուորը Լեւոնի մօտ եկան։ Գիտես, խմբապետ Ալեքը պզտիկ մզտիկ մարդ մ՚է, իսկ զինուորը անոր երկու անգամը, կատարեալ հսկայ մը։ Սենեակի անկիւնը նստած, Լեւոնը նամակ կը գրէր։ Առանց գլուխը վեր առնելու, ան ըսաւ խմբապետին, որ խօսի։ Խմբապետը երկու խօսքով պատմեց եղելութիւնը։

Ի՞նչ ունիս ըսելիք, յանկարծ գլուխը վեր առնելով, զինուորին դարձաւ Լեւոնը, խօսէ։

Ի՞նչ պիտի ունենամ ըսելիք, նեղացած պատասխանեց զինուորը, փամփուշտակալը մէջքս կը ցաւցնէր, ես ալ քանդեցի։

Իսկ խմբապետդ չէ՞ր պատուիրած որ քանդելու իրաւունք չունիս։

Շատ ալ որ ըսած էր։

Հազիւ թէ զինուորի խօսքը բերնէն ելած էր, մէկ ալ անկիւնէն վագրի նման ցատկեց Լեւոնը, հասաւ զինուորին, ու այնպիսի բռունցք մը իջեցուց կզակին, որ տղան թաւալգլոր գետին փռուեցաւ։ Անկարելի բան մ՚էր եղածը։ Սենեակի մէջ եղողները ապշած, իրարու կը նայէին։ Մեր զինուորներուն մէջ այդ զինուորէն աւելի ուժեղ մէկը չունինք։ Մէկ մը հասկցիր, մէկ բռունցքով մը միայն… Եթէ գոմէշի մը իսկ հասցուցած լինէր այդ հարուածը, անշուշտ գետին կը փռէր… ու դեռ կաղ է եւ ձախ ձեռքէն ալ չոլախ…

Լեւոնը նման պատմութիւններ շատ ունի, ծիծաղեցաւ Գէորգը. Հիմա ան ըսէ տեսնեմ, ո՞ւր պիտի երթաս։

Կ՚երթամ Գործոթ, Րէյսի խնդիրը կայ, մէկ ալ ձեզի համար հացի պատրաստութիւն կը տեսնեմ…

Հա, այդ լաւ մտածեր ես։ Գործոթցիք մեր սովորական տեղը գիտեն, ձորի մէջ, քանդուած գոմի քով։ Ուրեմն, հոն կը հանդիպինք իրարու։

Չեմ գիտեր… եթէ գործս շուտով կարգադրեմ, կ՚անցնիմ Ղզլճա։ Հոն կը հանդիպինք։

Կէս ժամ հանգստանալէ վերջ Գէորգը սկսաւ բարձրանալ Կորթկանի սարը, ուր պիտի մնային ցերեկը։ Մելօն եւ Կարօն աղբիւրի քով ատեն մը նստած խօսելէ վերջ բաժնուեցան իրարմէ։ Կարօն վերադարձաւ գիւղ, իսկ Մելօն շալակի կապերը պնդացնելով՝ Բերկրիի ճամբան ձեռք առաւ։

Մելօն քայլը կը փոխէր մեքենական կանոնաւորութեամբ մը որ երկար ճամբայ կտրելու միակ միջոցն է։ Լուսաստղը բարձրացաւ։ Անցնելով Պենտի Մահիի քարէ կամուրջը լուսաբացին Մելօն Բերկրի հասաւ, երբ դեռ աքաղաղները նոր կանչել սկսած էին։ Ճամբայէն դէպի ձախ շեղելով, կէս ժամ վերջը ան մտաւ Պզտիկ Գեղ զուտ հայաբնակ գիւղը։ Մելօն, ինչպէս ըսինք, ամէն տեղ իր տան պէս կը զգար, ծանօթ էր բոլոր գիւղացիներուն, փնտռտուքի պէտք չունէր մէկը գտնալու համար։ Քայլերը ուղղեց գիւղէն գրեթէ մեկուսացած տուն մը, որուն արտաքին երեւոյթէն կարելի էր հասկնալ, թէ շատ աղքատ ընտանիքի մը կը պատկանէր։

Տանտէրը տունը կը գտնուէր։ Երբ երկու վաղածանօթ բարեկամները տեղաւորուեցան թոնիրի կուշտը, իրարու քով, Մելօն սիկարէթ մը պլլելով դարձաւ բարեկամին.

Ասլան, շատ ժամանակ չունիմ մնալու, կէս ժամով մը հանդիպեցայ քեզ տեսնելու համար… Գործերը ի՞նչ վիճակի մէջ են. շատոնց է որ հոս չէի հանդիպած։

Գիտցածիդ պէս, Մելօ։ Ամէն ինչ լաւ։ Երէկ իրիկուն ութ շալակաւոր ճամբեցինք։ Աստուածածնի վանքի ճամբով… քիչ մը երկար է, բայց Գործոթի գործադիրը այդպէս որոշեց. գեղին մէջ անհամութիւններ կան…։

Լաւ որ խօսքը բացիր…ի՞նչ կը խօսուի Մուղսիի մասին։

Գործոթի րէյսի՞ մասին կը հարցնես… ի՞նչ ըսեմ որ ճշմարիտ լինի…։ Շիտակը հաստատ փաստ մը չկայ… մէջտեղ եղածը խօսք-խօսուըռտուք է։ Բերկրիի միւտիւրի մօտ ազատ ել ու մուտ ունի, քիւրտ աղաներու հետ ծունկ ծունկի կը նստի։ Ատկէ աւելին չեմ գիտեր… թէեւ ժողովուրդը շատ մը բաներ կ՚ըսէ…։

Հըմ, ինչ որ է։ քաղաքէն լուր ունի՞ս…։

Շաբաթ մը առաջ պարոն Լեւոնէն նամակ մը կար։ Կը գրէր որ հոս եղածը շուտով մաքրենք, գալիք ապրանքին տեղ պատրաստելու համար։ Մէկ ալ որ, ապահովութեան համար, շալակաւորներու հետ գիւղի զինուորական խմբերէն երեք չորս մարդ հետները դնենք։

Լաւ ես հասկցեր։ Տէ՛, ես ճամբայ ելլեմ։ Չէ՛, բան պէտք չէ, Գործոթ բրդուճ մը բան ուտելով կը հանգստանամ։ Ականջդ մօտեցուր, ու Մելօն ցած ձայնով մը փսփսաց, էս երկու օրս աչքերդ բաց պահէ… Գէորգի խումբը Կորթկանի սարն է…։ Ո՜վ գիտէ ինչ կրնայ պատահիլ, զգոյշ լինելու է…։ Մէկ երկու օրով փոխադրութիւնը դադրեցուցէք…։

Հասկցայ, Շատ լաւ։ Բարի ճանապարհ։

Մելօն ճամբայ ելաւ։ Ամբողջ երկու ցերեկ մէկ գիշեր ոտքի վրայ էր Մելօն։ Երբ սկսաւ Գործոթի զառիվերէն բարձրանալ, ոտքերը դժուարութեամբ կը շարժէր, բայց աւելի մեծ դժուարութեամբ աչքերը բաց կը պահէր, որոնց կոպերու տակ կարծես թէ՝ մանր աւազ լեցուած լինէր։

Բերկրիէն Արճակ տանող գլխաւոր ճամբու վրայ կը գտնուէր Գործոթը, հարիւր յիսուն տննոց զուտ հայաբնակ գիւղ մը, Փիր Ռաշիտ սարի փէշերուն վրայ թառած։ Ոտքի տակ ինկած գիւղ մ՚էր։ Եկող գացող քիւրտը, զապթիէն, զինուորը անպակաս էին։ Ասով մէկտեղ կեդրոնական գիւղ մը լինելու համար, հոդ կը նստէր շրջանի յեղափոխական գործադիր մարմինը, կամ, ինչպէս գիւղացիք կ՚ըսէին, Փոսի կոմիտէն։

Կէս օր էր, երբ Մելօն ոտքերը քաշքշելով գիւղ հասաւ հարբած մարդու նման օրօրուելով։ Հալ չէր մնացեր վրան։ Հազիւ թէ՝ խիւս (հիւս) Օվաննէսի տունը հասած՝ թոնրատան կուշտը երկնցաւ, անմիջապէս տան փոքրիկ մանչը ուղարկեց Աւօն կաչելու ու վայրկեան մը փակեց աչքերը։ Այդ փակելը եղաւ, Մելօն քարի նման քնացաւ, առանց տեղէն շարժելու։ Ու երբ երեխան վերադարձաւ յայտնելու, որ Աւօն տանը չէ, Մելօն արթնցնելու փորձերը ի զուր անցան։

Թերեւս Մելօն մինչեւ յաջորդ առտու քնած տեղէն իսկ չշարժէր, եթէ երեկոյեան կողմ, Խիւս Օհաննէսը տուն չգար։ Տանտէրը դժուարութեամբ արթնցուց Մելօն, որ աչքերը կը ճմռթկէր, ապշած չորս բոլորը նայելով։

Հը՞, Օվանէ՛ս, էդ դո՞ւ ես։ Կարծեմ քնած էի։

Տնաքանդ, մեռելի նման…նախրի տուն գալու ժամանակ է արդէն։

Վա՜յ, ի՞նչ կ՚ըսես, ու Մելօն ինքզինքը թօթուելով՝ պառկած տեղը նստաւ, էս քանի ժամ եղաւ քնելս… Երեխան Աւոյի ետեւէն ղրկած էի…

Աւօն ինծի հետ նոր վերադարձաւ գիւղ։ Միասին մեր մեծ արտը կը հերկէինք։ Կ՚ուզե՞ս կանչեմ։

Հա՛, անմիջապէս, գործադիրի միւս անդամներն ալ։ Ես սաքուն ձեր գալուն կը սպասեմ…

Ես հիմա կ՚երթամ։ Քա, մարէ՛, բրդուճ բան մը բեր Մելոյին։

Մելօն քաշուեցաւ ախոռի սաքուն, որ թէ՛ աւելի տաք էր ու թէ՛ աչքէ հեռու։ Պատահական կերպով տուն մտնող մը չէր կրնար տեսնալ զիրենք։ Իրարու ետեւէ եկան Աւօն, Մակարը, Սաքօն ու Խիւս Օվաննէսը, որոնք գործադիրի անդամներն էին։ Եկողներէն Աւօն նախագահն էր գործադիրին, տարէց, խելօք դէմքով, աղքատ գեղական մը։ Քանի մը տարի Ռումանիա եւ Կովկաս ապրած լինելով, աշխարհ տեսած մարդ կը հաշուըւէր գիւղին մէջ։ Շատ քիչ կը խօսէր, խօսած ժամանակն ալ մտմտալով ու այնքան դանդաղ կերպով, որ գիւղացիք Լալ Աւօ դրած էին անունը։ Մնացած երեքը երիտասարդներ էին, գիւղի աչքի զարնող ճահիլներէն։ Ամենաերիտասարդը Սագօն էր, յաղթանդամ սիրուն երիտասարդ մը, զուարթ բնաւորութեամբ, կատակասէր ու միշտ վարակիչ ծիծաղ մը դէմքին։

Սագօն Գործոթի րէյսին, Մուղսիի մէկ հատիկ տղան էր, տան ճրագը եւ գործադիրի ամենաեռանդուն անդամը։ Երբ ան փողոցով կ՚անցնէր, համաչափ հասակը բարտիի նման բարձր, քոլոզը մէկ կողմ ծռած, փուշիի ծոպերը յօնքերուն վրայ կախուած, դրացի կնիկները երնեկ կուտային անոր մօրը ու անմիջապէս քանի մը անգամ գետին կը թքնէին, որ չար աչքի չհանդիպի երիտասարդը։

Երբ գործադիրի բոլոր անդամները հաւաքուեցան, Մելօն բացատրեց իր գալու պատճառը։ Այդ գիշեր, լուսադէմի մօտ Գործոթի սարը պիտի հասնէր Գէորգի խումբը։ Պէտք էր հացի պաշար եւ վալատներ պատրաստէին խումբի համար։ Խումբը ցերեկ մը մնալով Գործոթի սարը, յաջորդ գիշեր պիտի անցնէր դէպի Ղզլճա։

Դուն մէկ բան ըսէ, ուրախութենէն ձեռքերը իրարու շփելով ըսաւ Մակարը, տղաքը քանի՞ հոգի են։

Վաթսունուչորս հոգի էին, երկուքը ճամբան մնացեր են, պատասխանեց Մելօն։

Ա՜յ, ես այդ թեւաւոր ասլաններուն հոգուն մեռնիմ, ուրախութենէն վեր թռաւ Սագօն, ա՜խ, երբ մենք ալ պիտի միանանք անոնց, երբ էս թուրք շներէն պիտի ազատուինք։

Նստիր, հիմա պէտք եղածը հացն ու վալատն է, ծանր ծանր ըսաւ Աւօն, որու դէմքը սովորական սառը արտայայտութիւնը չէր փոխած, միայն աչքերը յառած էր անորոշ կէտի մը, կարծես ծանր բանի մը մասին կը մտածէր։

Ատոր մասի՞ն ալ մտածել պէտք է։ Մենք չորսս կէս կէս պարկ ալիւր կուտանք, կամ մեր անդամներէն կը հաւաքենք, իսկ վալատները…

Հէլէ մէկ հացի խնդիրը վերջացնենք, միջամտեց Օվանէսը, եթէ ինծի հարցնելու լինիք, գիւղականին դիմելու չէ… պիտի կասկածին, հարց ու փորձ պիտի ընեն… լաւ է որ մենք ինքներս տանք ալիւրը։ Աւոյի տունը գիւղի ծէրն է, ճամբայէն ալ հեռու։ Հոն կը թխուի, եւ իրիկուան կողմ վալատներու հետ միասին կը տանինք։

Չէ, ադ չեղաւ, Մելօն էր հակառակողը, Տղոց մօտ ոչ ոք պիտի երթայ, դուք ալ որ աչքի զարնուած էք գիւղին մէջ, առտու կանուխ, սովորականին պէս ձեր գործին կ՚երթաք։ Երեկոյեան, երբ կը մթնէ Աւօն վալատները հետը կը վերցնէ ու հացի պաշարով կ՚երթայ տղոց մօտ… Որքան գաղտնի պահենք, այնքան լաւ։ Դեռ երեք օրուան ճամբայ ունին քաղաք հասնելու համար։

Այս որոշումը թէեւ գործադիրի անդամներու սրտովը չէր, բայց իրենք ալ գիտակցելով հնարաւոր վտանգը՝ կամայ ակամայ համաձայնեցան։ Մելօն ծռելով Աւոյի ականջին փսփսաց, որ տղաքը ձորի վերի կողմը, գիւղէն կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող քանդուած գոմը պիտի ցերեկէին։ Միայն Աւօն պէտք էր գիտնար այդ մասին։

Մէկ ուրիշ խնդիր մ՚ալ կայ, ըհըմ, ըսել կ՚ուզեմ որ…, Մելօն, շիտակը ինքն ալ չէր գիտեր, թէ ինչպէ՞ս խօսք բանայ Մուղսիի մասին Սագոյի ներկայութեանը, վերջապէս հայր ու զաւակ էին։

Խօսէ՛, ախպարս, քաջալերեց Աւօն, ՄԵլոյի խօսելու ձեւէն զգալով, որ կը դժուարանայ բացայայտ կերպով ըսելիքը ըսել։

Հա, պիտի խօսիմ… խնդիրը շատ փափուկ է… մեր գործին մէջ հէր, մէր…

Ի՜նչ ալ կ՚երկնցնես, բարկացած պոռաց Սագօն, կարծես մենք խամ մարդիկ լինինք… էն օրը որ Աւետարանի վրայ երդուեցանք, ալ ոչ հէր, ոչ մէր, ազգը ամէն բանէ առաջ կուգայ…

Լաւ ըսիր Սագօ, ազգը ամէն բանէ առաջ… խնդիրը, հօրդ մասին է…։

Ի՞մ հօրս, Սագոյի գոյնը մէկէն թռաւ, ու ապշած կը նայէր ընկերներուն։

Տիրեց ծանր լռութիւն մը։

«Ինչպէս թէ խնդիրը իր հօր վրայ կրնար լինել», գլուխը կախած կը մտածէր Սագօն, «այդ երբէ՞ն ի վեր ընկերները իրմէն գաղտնիք մը կը պահէին։ Վերջապէս, հայրը ի՞նչ գործ ունէր իրենց հետ. օր մը օրանց իրենց գործին չէր խառնուած։ Ճիշտ է որ հայրը հարուստ մարդ մ՚էր, սակայն հարստութիւնը մեղք մը չէր։ Անկէ ի՞նչ կ՚ուզէին, տարիքը առած մարդ մը, որ թէեւ աջ ու ձախ կը պոռպռար, կառավարութեան անունով կը սպառնար, բայց գեղականի մազին չէր դիպած»։

Մելոյի խօսքերէն վերջը, կարծես ոչ ոք կ՚ուզէր խօսիլ։ Անյարմար կացութիւն մը ստեղծուած էր։ Առաջինը՝ Սագօն խօսեցաւ յուզումէն խեղդուած ձայնով մը.

Ինչո՞ւ լռեցիք, լեզուըներուդ տակը բան մը կայ։ Եթէ հայրս յանցաւոր է, ես առաջինը… եթէ ապացոյց մը ունիք, մէջտեղ հանեցէք, ես ալ գիտնամ…

Խնդիրը աս է։ Մենք շիտակը հաստատ ապացոյց մը չունինք ձեռքերնիս, խօսեցաւ Օվաննէսը՝ աւելի խօսքը ուղղելով Սագոյին քան միւսներուն, բայց կասկածելի երեւոյթներ կան մէջտեղ։ Անցեալ օրը գեղին հօտաղին հետ կռուելով, սկսաւ հայհոյել ու սպառնաց տղուն. «Ես գիտեմ որ դու ալ կոմիտէ ես։ Ձեզի բոլորիդ կառավարութեան պիտի յանձնեմ ու չոր ցախի պէս վառեմ»։ Այս կրնայ պօշ սպառնալիք մը լինիլ։ Ո՜վ գիտէ։ Վերջերս ալ շուտ շուտ Բերկրի կ՚իջնայ, միւտիւրին հետ լաւ յարաբերութեան մէջ է, միասին կ՚ուտեն, կը խմեն, մանաւանդ շատ կը խմեն։ Երկար ատեն է՝ այս խնդրով մտահոգուած էինք։ Գրեցինք պարոն Լեւոնին եւ անոր կարգադրութեան կը սպասէինք։ Եթէ մինչեւ հիմա այս մասին քեզի բան մը չըսինք, միայն քու զգացումներդ չվիրաւորելու համար էր։ Ատոր վստահ եղիր…

Դուն մեր ազիզ ընկերն ես, ըսաւ լռակեաց Աւօն, իր սովորական դանդաղութեամբ, մէջտեղը շօշափելի բան մը չկայ, բայց մենք պէտք է զգոյշ լինինք, թէ չէ գեղականը կ՚այրուի։

Այս խօսակցութիւնը իսկապէս բոլորովին անակնկալ մ՚էր Սագոյի համար։ Գիտէր հօրը բարբարոս բնաւորութիւնը, հայհոյող, աղմկարար, մեծ աղայական հովեր առնող, բայց երբեք, երբեք մտքէն իսկ չէր անցուցած, որ հայրը կրնայ դաւաճանել Սուրբ Գործին, որուն ինք ամբողջ էութեամբը նուիրուած էր։ Արդարութիւն մը ըրած լինելու համար, ըսենք, որ ընկերներու հաղորդած տեղեկութիւններէն վերջն ալ Սագօն մնաց նախկին հաւատքին վրայ։ Եթէ իր ընկերներն ալ ճանչնային հայրը այնպէս ինչպէս ինքը կը ճանչնար, մտահոգուելու պատճառ պիտի չունենային։ Ասով մէկտեղ, Սագօն որքան ալ որ վիրաւորուած էր հօր մասին արտայայտուած կասկածներէն, չէր մեղադրեր ընկերները, որոնք ամէն բանէ աւելի յեղափոխական գործի յաջողութեան մասին կը մտածէին։

Է՛, ուրեմն ի՞նչ, Մելոյին դառնալով հարցուց Սագօն, եղածը լսեցիր։ Փորձուած հին յեղափոխական մ՚ես, կարծիքդ ըսէ՝ լսենք։

Պատասխանատու գործ է։ Ես լսածներս կը յայտնեմ Լեւոնին, ան գիտէ ընելիքը։ Միայն իմ կողմէս այսքանը կը թելադրէի ձեզի՝ ոչ այդքան կասկածոտ եղէք. ոչ ալ կուրօրէն հաւատաւոր, այլ միշտ զգուշաւոր։

Երբ գործադիրի անդամները կը պատրաստուէին մեկնելու, Մելօն ալ սկսաւ տրեխի կապերը ամրացնել։

Իսկ դու ո՞ւր բարով։ Տնաքանդ, շուտով կէս գիշեր կը լինի, լուսաբացին ճամբայ կ՚ելլես, աշխատեցաւ համոզել Օվաննէսը, երբ տեսաւ ՄԵլոյի պատրաստութիւնը ճամբայ ելլելու։

«Պարտքը տալով, ճամբան երթալով» կ՚ըսէին մեր իմաստուն պապերը, պատասխանեց Մելօն՝ պարկը շալակը նետելով. վաղը կէս օրին պէտք է Ղզլճա գտնուիմ…

Միշտ ճամբու վրայ…

Մինչեւ որ ճամբու ծայրը հասնիմ…

Իսկ երբ հոն հասնիս, կատակելով հարցուց Մակարը, յետոյ ի՞նչ…

Յետոյ ան, որ գեղեցիկ օր մը քրտերը ծակի մը մէջ կը խեղդեն Մելօն ու կաշիէն տիկ մը հանեն, ընդհանուր ծիծաղի մէջ աւելցուց Օվաննէսը։

Հին կաշի է, տիկն ալ բանի պէտք չի գար, ուսերը թօթուելով պատասխանեց Մելօն՝ սրտանց ընկերներու ծիծաղին մասնակցելով։

Մէկ ալ ե՞րբ քեզ տեսնենք, հարցուց Աւօն։

Եթէ ողջ մնամ, գարնան արագիլներու հետ։

Ախոռի դուռը վրայ քաշելով՝ Մելօն փողոց ելաւ ու քիչ ատենէն անյայտացաւ խաւարի մէջ, Աղպուլախի լեռնանցքի ուղղութեամբ։