Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԵՊԻ ԳԱՒԱՌ

Դեռ բոլորովին չմթնած, Լեւոնն ու Պիծան իրենց ընկերներով մեկնեցան Վարագայ Վանքէն դէպի Բերդակ գիւղը: Բոլորովին մթնած էր, երբ հասան Կուռուպաշ եւ, առանց գիւղ մտնելու, այգիներու եւ Սուրբ Խաչ վանքի մէջտեղէն անցնելով ինկան սովորական ճանապարհը, որ ձմեռուան ամիսներուն, ձիւնի վրայ ձգուած չուանի մը նման կ’երկարի, գիւղերը իրարու կապելով: Այնքան նեղ էր այդ ճանապարհ ըսուածը, որ հազիւ երկու մարդ կողք կողքի կրնային անցնիլ:

Քառասուն քայլ մը առջեւէն կ’երթային երկու կուռուպաշցի վալադները, իսկ խումբը կը հետեւէր անոնց՝ արագ քալուածքով մը, ժամ առաջ Բերդակ հասնելու ցանկութեամբ:

Սաստիկ ցուրտ, բայց պարզկայ գիշեր էր, երբ մուգ կապոյտ երկնակամարին վրայ արտակարգ փայլով ցոլացող աստղերը, հեռուէն հեռու իրարու ձայն կուտան ու միջոցին մէջ կը լսուի ոսկի զանգերու մեղմ թրթռումը: Լեւոն ու Պիծան խմբի առջեւէն կ’երթային՝ կողք կողքի քալելով. Պիծան՝ ըստ սովորութեան կուրծքը բաց, հրացանը ուսը նետած, միշտ պատրաստ, զգուշաւոր, իսկ Լեւոնը անոր կողքին կը քալէր՝ ինքն իր մտքերուն մէջ կորած:

Կատարեալ խաղաղութիւն մը կը տիրէր ամէն կողմ ու տղոց քայլերու տակ յստակօրէն կը լսուէր ձիւնի թեթեւ ճռճռոցը: Առանց հանգստանալու, մէկմէկու ետեւէ քալելով՝ խումբը հասաւ Կուռուպաշը Բերդակի դաշտէն զատող աննշան լեռնանցքը ու մտաւ նեղ ձոր մը, որու բերանը կը բացուէր Բերդակի դաշտի վրայ: Երբ ձորամէջ հասնելէ վերջ, Պիծան հրամայեց հանգստանալ, ֆետայիները խմբակներու բաժնուած՝ երկնցան ձիւնի վրայ, անհամբերութեամբ ծոցերնէն ծխախոտի տուփերը դուրս բերելով: Հայդուկային խիստ կարգապահութեան համաձայն, գիշերային դեգերումներու ժամանակ ոչ կարելի էր խօսիլ եւ ոչ ալ ծխել: Մանաւորաբար ծխելու արգելքը ծանր զրկանք մ’էր ֆետայիներու համար:

Անմիջապէս վալադներէն մէկը ճամբուեցաւ գիւղ, խմբի գալու մասին տեղեկութիւն տալու համար: Թէեւ Բերդակը զուտ հայաբնակ գիւղ մ’էր եւ գլխաւոր ճանապարհէն մեկուսի ինկած, բայց յեղափոխական խումբ մը երբեք գիւղ մը չէր մտնար, առանց նախօրօք իմացնելու, որքան ալ որ այդ գիւղը ապահով համարուէր:

Լեւոնը բոլորովին լուռ նստած էր Պիծայի մօտ, մինչ վերջինս ագահօրեն կը ծխէր:

Նիկոլը էս տեղ վիրաւորուեցաւ, - խոշոր ժայռ մը մատնանշելով խօսեցաւ Պիծան:

Հը՞…

Կ’ըսէի, թէ չորս տարի առաջ Նիկոլը էդ քարի մօտ վիրաւորուեցաւ:

Կարծես թէ Լէւոնը չլսեց իսկ ընկերոջ խօսքը:

Պիծան քովնտի նայեցաւ ընկերոջը: Չեր կրնար բացատրել, թէ ի՞նչ էր պատահած Լեւոնին, որ այդ ամբողջ օրը անսովոր լռութիւն մը կը պահեր, նոյն իսկ ժողովի ժամանակ՝ երբ այնքան ճակատագրական նշանակութիւն ունեցող որոշումներ կը տրուէին: Պիծայի ուշադիր հայեացքէն չէր վրիպած, Լեւոնի դէմքի ցրուած արտայայտութիւնը, անոր անուշադիր վերաբերմունքը ժողովի ընթացքին, երբ հազիւ մէկ երկու անգամ խօսքի խառնուեցաւ, մինչդեռ ժողովներուն տուն եւ ուղղութիւն տուողը ընդհանրապէս Լեւոնը կը լինէր:

Ինչպէս նախօրօք ըսած ենք, Պիծան մասնաւոր ջերմութեամբ կապուած էր Լեւոնի հետ, որ տարիքով իր զաւակը կրնար համարուիլ: Պիծան ոչ միայն կապուած էր Լեւոնին, կը սիրէր զայն հարազատի մը ջերմութեամբ, այլ եւ շատ մեծ համարում ունէր անոր վրայ, ու ինք, տասնեակ տարիներու փորձ յեղափոխական մը, վստահօրէն կը հպատակէր Լեւոնի ղեկավարութեան:

Պիծան, բոլորովին անտեղեակ Լեւոնի անցեալին ու ներկայ ապրումներուն, ներքուստ մտահոգուած էր Լեւոնի վիճակով: Որ անոր մէջ փոթորիկ մը կար, այդ անկասկածելի էր Պիծայի համար, իսկ թէ ի՞նչ էր պատճառը այդ փոթորկին, ատոր պատասխան մը չէր կրնար գտնել Պիծան:

Լեւո՛ն, այ պալամ, էս օր քեզ ի՞նչ պատահած է, բոլորովին դուն քեզ նման չես:

Լեւոնը, առանց պատասխանելու, մարդու մը նման որուն մտքերը շատ հեռուները կը թափառին, կը շարունակէր հրացանի կոթով ձիւնը ծեծել:

Լեւո՛ն:

Երիտասարդը գլուխը վերցուց, նայեցաւ Պիծայի մտահոգուած դէմքին ու ջերմօրէն անոր թեւը սեղմելով՝ ինքզինքը թափահարեց, կարծես վատ երազէ մը արթննալու ցանկութեամբ:

Բան չկայ, Պիծա՛, շուտով կ’անցնի, երբեմն իմ ալ էծերս կուգան… Կարծեմ շարժելու ժամանակ է: Կէս ժամէն աւելի եղաւ վալադի մեկնիլը։ Հէ՜յ, ելէ՛ք տղաք, ու Լեւոնը աշխուժօրէն ոտքի ցատկեց՝ հրացանը ուսը նետելով։

Խումբը հանդարտ քալուածքով ճամբայ ելաւ։ Մօտեցեր էին Բերդակին։ Դեռ գիւղ չհասած, ջաղացքի մօտ, չորս Բերդակցի երիտասարդներ դիմաւորեցին խումբը ու առաջնորդեցին գիւղ, րէսի ընդարձակ ախոռի սաքուն։

Խմբի գալէն շատ առաջ, րէսի սաքուն լեցուած էր գեղականով։ Խմբի գալու լուրը անմիջապէս տարածուեցաւ գիւղի մէջ։ Հակառակ որ հայ գիւղը կանուխ կը քնի, բայց վալադի գալէն վերջ, գիւղի երիտասարդները երբ իմացան, որ Լեւոնի խումբն է եկողը, տնէ տուն ինկած՝ ոտքի հանեցին ամբողջ գիւղը: Մասնաւորաբար կիները շատ մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց կուտային Ղզլճայի կռուի հերոսը տեսնելու, որու անունը ամէնքի լեզուի վրան էր։

Բարով, հազար բարով եկաք, տան շէմքի վրայ խմբին դիմաւորեց րէսը, վեր մեր աչաց, վեր մեր գլխին։

Սաքուի մէջ գրեթէ շարժուելու տեղ չէր մնացած։ Լեւոնն ու ընկերները բուխերիկի երկու կողմերը տեղաւորուեցան։ Աչքի զարնող գիւղացիք եւ քահանան նստան անոնց հետ։ Երիտասարդները շրջապատեցին խումբը, իսկ կիներն ու երեխաները դրան առջեւ ու պատի տակ ոտքի մնացին, որպէս յարգանքի նշան ձեռքերնին ծալած կուրծքերնուն վրայ, ու գլխաշորը ծնօտի տակէն մինչեւ քթերնին բարձրացուցած։

Քա աղջի Եղսան, խոգիդ սիրես, ո՞րն ի պարոն Լեւոնը։

Քա՛, էնա քեօլոզաւոր, պետ մարդը։

Ապա՜ր, ու հարսը գրկի երեխան պինդ մը կրծքին սեղմեց։

Եղսանը գուշակեց այդ պահուն քովը կանգնող հարսի մտքէն անցածը ու մտերմաբար անոր կողը քսմեց։ Հարսի գրկած երեխան հազիւ ամսուան մը կը լինէր։ Երբ ծնունդէն շաբաթ մը վերջը գիւղի եկեղեցիին մէջ կնքեցին, կնքահայրը երեխայի անունը, ի պատիւ Ղզլճայի հերոսին, Լեւոն դրաւ, որ շատ ալ գործածական անուն մը չէր գիւղերու մէջ։

Հայ ժողովուրդը ամէն ժողովուրդէ աւելի համր ոգեւորութէիւն մը ունի, որ աւելի լռելեայն կ’արտայայտուի, քան աչքի զարնող արտաքին նշաններով։ Սաքուի մէջ հաւաքուած բազմութիւնը պատկառոտ լռութեամբ կը բաւականանար՝ դիտելով ֆետայիներու խումբը, անոնց ղեկավար Լեւոնը, որոնք ժողովուրդի երեւակայութիւնը վառած էին իրենց վերագրուած կարելի եւ անկարելի քաջագործութիւններով:

Համր պաշտամունք մ’էր խորքով մինչեւ ժողովուրդի հոգին իջած։ Հայ ժողովուրդի համար, ֆետային առասպելական հերոս մը դարձած էր։ Դարեր շարունակ ստրուկի կեանք ապրած լինելով, քաջութեան, առնական անվեհերութեան պաշտամունքը աղօտ էր իր մէջ։ Քիչ եղածն ալ սահմանափակուած էր պատմական անցեալի մէկ քանի դէմքերով, որոնցմէ առաջինը առասպելական Հայկ դիւցազն էր, երկրորդը քաջն Վարդանը։

Անցեալը՝ մաշուած մոռացուած էր դարերու ընթացքին։ Յեղափոխական շարժումը ու անոր անձնուրաց զինուորները նոր ի նորոյ վերստեղծեցին հայ ժողովուրդի մէջ Վահագնեան պաշտամունքը: Անօրինակ նոր փթթում մը ունեցան հոգիները, ու նոր կրօնք մը երեւան եկաւ նոր կեանքի մէջէն։ Այդ նոր կրօնքը, հոգիները թարմացնող, ազգային արժանապատուութիւնը խթանող հերոսապաշտութիւն էր, որմէ առաջ զուրկ էր հայ ժողովուրդը։

Եթէ թողուէր բերդակցիներուն, անոնք մինչեւ առտու շրջապատած ֆետայիներու խումբը կը լուսցնէին։ Պէտք եղաւ, որ րէսը քանի մը անգամ կրկնէր թէ՝ ֆետայիները երկար ճամբայէ եկած են եւ հանգստանալու պէտք ունին։ Նոր միայն ժողովուրդը կամաց կամաց սկսաւ հեռանալ սաքուէն։

Մնացին միայն գիւղի գործադիրի երեք անդամները եւ կամաւորներէն մէկ երկուքը։ Որպէս բացառիկ շնորհ, Պիծան համաձայնեցաւ, որ գիւղի զինուորները պահակ կանգնին, այդ գիշեր։

Գրիգո՛ր, գրելը պահ մը դադրեցնելով՝ Լեւոնը գործադիրի նախագահին ուղղեց խօսքը. սուրհանդակ պէտք է։

Աչքիս վրայ, պարոն Լեւոն:

Կէս օրէն գիւղի խմբերը կը հաւաքէք եկեղեցին։

Շատ լաւ:

Գիւղը քանի՞ պահարան ունի:

Միայն երկու:

Լա՛ւ, իմ ներկայութեանս պիտի բացուին։

Շատ լաւ, պարոն Լեւոն:

Ձաւարի փիլաւ ու մածուն վայելելէ վերջ, խմբի տղաքը երկնցան հաստ թաղիքներու վրայ, հանգստանալու համար։ Միայն Լեւոնը արթուն մնաց։

Սաքուի անկիւնը տեղաւորուած, չանթան ծնկուներուն վրայ, Լեւոնը կը շարունակէր գրել։ Երբեմն միայն կանգ կ’առնէր, գրիչի կոթը շրթունքին, դէմքը տառապալից արտայայտութիւն մը կը ստանար ու մտամոլոր հայեացքը կը կորչէր անորոշութեան մէջ։

------------

Առտու կանուխ Գործադիրի անդամները հաւաքուեցան Լեւոնի մօտ, որ Պիծայի հետ տեղափոխուած էր քահանայի տունը։ Լեւոնի առջի գիշերուան պատուէրի համաձայն սուրհանդակները պատրաստ կը սպասէին ճանապարհ ելլելու։ Սուրհանդակները երկու տարէց կիներ էին։

Այդ կիներէն մէկը, գիւղի ամենաաղքատ ընտանիքներէն, Յովակ աբօր կինն էր, Ալմաստ մօրքուրը: Անոր շորերը խղճալի ցնցոտիներու հաւաքածոյ մ’էին, հարիւրաւոր կարկտաններով ծածկուած: Սպիտակ մազերը ամփոփուած էին ճերմակ գլխաշորով մը, նկարի մը շրջանակին նման, որու մէջէն դուրս կը ցցուէր անհամար կնճիռներով ակօսուած դէմքը։ Երբ Ալմաստ մօրքուրը մօտեցաւ Լեւոնին, նամակը առնելու համար, Պիծան, որ շատ անգամ հանդիպեր էր անոր, ժպտալով ըսաւ.

Է՛, Ալմաստ մօրքուր, Աստուած կարողութիւն տայ, նորահարսի նման ժիր ժիր կը քալես…

Դուն անուշ մնաս, դեռ բանի մը պէտք կուգամ։ Որ թուրքերը յանկարծ քեզ բռնեն ու նամակը գտնեն վրադ:

Ազգն անուշ մնայ, պարոն Լեւոնը սաղ մնայ, ու պառաւը ուսերը անհոգօրէն վեր վերցուց՝ վիզը մէկ կողմ ծռելով, որպէս թէ ըսել ուզէր՝ «ճակատագրի դէմ ո՞վ կրնայ դէմ կենալ»։

Մայրիկ, ուրեմն չե՞ս վախնար թուրքերու ձեռքը անցնելէ, հարցուց Լեւոնը:

Ի՜նչ վախնամ, տղաս, մէկ ջան մը մնացեր է… էն տարին որ…, պառաւը չկրցաւ խօսքը շարունակել, դէմքը ցաւէն կծկտեցաւ ու աչքերը լեցուեցան արցունքով։

Կոտորածի՞ տարին, մայրիկ։

Հա՛, քէ մատաղ, Սահակս էն ատեն էսքան էր, ու պառաւը որքան որ կրնար գլխէն վեր բարձրացուց ձեռքը, էսքան պոյով կտրիճ մ’էր… հիմա որ սաղ էղնէր…

Մայրիկ ջան, մենք բոլորս քու զաւակներդ ենք, զգածուած՝ խօսեցաւ Լեւոնը։

Սաղ ըլլիս, տղաս, դու որ կաս՝ հայ ազգի փառքն ու պարծանքն ես։ Էրնեկ քեզ պէս հազարը ունենայինք… Հա՛, էն կ’ըսէի, գլխաւորս հիւանդկախ է, տնէն դուրս չի կրնար ելլել… Երկու ալեւոր մնացինք, տներնիս շէնցնող չմնաց… Վայ քոռանան էն Կղզեցի քիւրտերը, Աստծու կրակը թափի գլխնուն… Մեծ դէպքի տարին էր։ Օր մը խապար բերին գեղացիք, որ քրտերը ոտքի են ելեր: Վախը ինկաւ մեր ջանին։ Օր մ’ալ, դեռ լաւ չէր լուսցեր, մէկ էլ քրտերը վրայ տուին: Գեղ գեղական դուրս թափեցան տներէն. որը դաշտի ճամբան բռնեց, որը լեռ սար ինկաւ… ես էլ միաճար գաւկիս հետ, ըսի Կուռուպաշի կողմը երթամ։ Վույ իմ ասլան պալէս, իմ աչք կուրնար, չտեսնէի։ Քրտերը ճամբանիս կտրեցին. մէկը Հասօն էր, մեր տան աղն ու հացը կերած։ Ոտքը կ’իյնամ, ձեռքերը կը համբուրեմ, «Հասօ, - կ’ըսեմ, - դուն ու քու Աստուած, Սահակս ազատէ»։ Անօրէնը կուրծքիս աքացի մը կ’իջեցնէ, մէջքիս վրայ կը փռուիմ ճամբու մէջ տեղը, ու մէկ էլ թֆանկը վար բերելով՝ կ’արձակէ: Սահակս վառեկի նման թռփռալով՝ մեռած երկնցաւ քովս…

Սովորական պատմութիւն մ’էր: Վասպուրականի մէջ չկար հայ ընտանիք մը, որ իր ողբերգական անցեալը չունենար։ Ասով մէկտեղ պառաւ կնոջ ցաւէն ճմռտկուած դէմքը, հեկեկանքը այնքան ծանր տպաւորութիւն մը ըրին, որ ոչ Պիծան եւ ոչ ալ Լեւոնը համարձակեցան մխիթարական բառ մը արտասանել։

Քիչ վերջ, Ալմաստ մօրքուրը թեւով աչքերը չորցուց ու նամակը Լեւոնի ձեռքէն վերցնելով՝ մեղմ ժպիտով մը ըսաւ.

Պարոն Լեւոն, հիմա հասկցա՞ր… Սահակիս պարտքը ինծի բաժին ինկաւ։

Եւ Ալմաստ մօրքուրը աճապարեց միւս սուրհանդակին հասնիլ, որ արդէն ճամբայ ելած էր։

Լեւոնն ու Պիծան Գրիգորի հետ գացին գիւղի գաղտնարան պահարանները բանալու, ուր ամփոփուած էին գիւղացւոց զէնքերը։ Ամէն եկող գնացող խմբապետ պէտք է քննութիւն մը կատարէր՝ տեսնելու համար թէ գիւղի համայնական ու սեփական զէնքերը որքա՞ն խնամքով կը պահուէին, որքա՞ն փամփուշտ կար, հրացանները որեւէ պակասութիւն ունէի՞ն։

Մինչդեռ Լեւոնը, Պիծան եւ Գրիգորը պահարանները կը քննէին, Լեւոնի խմբի հայդուկները րէսի տնէն դուրս եկան եւ եկեղեցի գնացին, ուր հաւաքուած էր գիւղի բոլոր ժողովուրդը:

Այդ օր Առիւծ Գեւոյի տրամադրութիւնը տեղն էր, դեռ քիչ մ’ալ աւելին։ Քահանայի կակուղ մինտերին վրայ ծալապատիկ նստած՝ բաւականութեամբ երկար պեխերը կը շոյէր, աչքի տակով եկեղեցիի պատի տակ կանգնած կիներուն նայելով։ Առիւծ Գեւօն որքան ալ որ կապուած էր Լեւոնի հետ, կը յարգէր, կը սիրէր զայն, սակայն, անոր ներկայութեանը միշտ ճնշուած կը զգար։ Երբ այդ առտու Պիծան ու Լեւոնը րէսի տնէն քահանայի տունը փոխադրուեցան, մեր բարեկամի աչքերուն լուս իջաւ ու ան ազատ շունչ մը քաշեց։ Պատրուակով մը սաքուէն դուրս եկաւ, ախոռի մէջ բռնեց րէսի երիտասարդ տղան, սարսափելի փորու ցաւէ գանգատեցաւ ու մտերմաբար հասկցուց անոր, որ մէկ երկու մեծ բաժակ օղին կրնար զինքը լաւացնել։ Եւ իսկապէս երեք բաժակ իրարու ետեւէ խմելէ վերջ, փորի ցաւը դանակով կտրուածի նման չքացաւ, ու Առիւծ Գեւօն քոլոզը քիչ մը ծռելով՝ ընկերներով եկեղեցի գնաց։

Առիւծ Գեւօն աննման ճառասաց մ’էր։ Մինչդեռ գիւղացիք մտաւորական համարուած մարդոց խօսելու ժամանակ յօրանջելէ յոգնած կը քնանային, մեծ հետաքրքրութեամբ մտիկ կ’ընէին Առիւծ Գեւոյին՝ աշխատելով բառ մ’իսկ չփախցնել անոր խօսքերէն։

Յեղափոխութիւն որ կայ, կ’ըսէր Առիւծ Գեւօն՝ բեմի առջեւ կանգնած, վերէն վար նայելով եկեղեցիի դասին մէջ հաւաքուած երիտասարդներուն, ոնց որ հայ քրիստոնեայի սուրբ մկրտութիւն: Եանի ա՝ էն երրորդութիւն է, Հայր Աստուած, Որդին Աստուած, Հոգին Սուրբ Աստուած: Ծօ՛, ո՞վ կարայ ըսել, թէ երրորդութենէն վեր բան կայ։ Չէ՛, հի՛չ չկայ: Էնենց էլ՝ սուրբ յեղափոխութիւնը։ Սուրբ Աստուած՝ մօսին թֆանքն ի, Որդին Աստուած, զօրութեանը մեռնիմ՝ ռումբը, Հոգին Սուրբ Աստուած՝ ֆետային։ Էն հայու անուն, որ ազգութեան դաֆթարի մէջ գրուկ չի, ծօ էն Վասակ ի, Կայէն ի, վերջի դատաստանին կուպրի կարասի մէջ պիտի իյնայ, հուրն յաւիտենից պիտի այրի, մրկի…

Առիւծ Գեւօն դէմքը խոժոռած՝ ծանր հայեացքը պտըտցուց ունկնդիրներուն վրայ՝ արդեօ՞ք Վասակ մը, կոտոշաւոր Կայէն մը չկա՞ր անոնց մէջ։

Ֆետայու անուն, հա՜յ հո՜ւյ, ծովէ ծով անցաւ, աշխարհի քրիստոնեայ թագաւորներ մատ խածեցին հայու քաջութիւն կարդալով. Ինկիլիզի իմփերաթոռ նամակ ճամբեց հայոց Կաթողիկոսին, որ հայոց թագաւորի թագ իր ձեռքով հայու թագաւորի գլխուն պիտի դնէ… Ափսոս մեր Խայոց Խայրիկ, մէկ աչքդ բանայիր… քու հազարաւոր կտրիճ զաւակներ… Ծօ՛ ձեզի կ՚ըսեմ, ու Առիւծ Գեւօն սպառնագին ձեւով ցուցամատը շարժեց, ծօ աւանակներ, յեղափոխութիւն սովրեցէք… յեղափոխութիւն որ կայ, էլ քիւրտ, թուրք ի՞նչ կարան ընել, ոնց որ հաւի ճուտը ափիս մէջ, ահա՛ տեսէք, ու Առիւծ Գեւօն աջ բռունցքը բարձրացուց, աչքերը այնպէս ոլորեց, որ գիւղացիներէն շատ քիչեր յանդգնեցան նայիլ զայրոյթէ կաս կարմիր դարձած անոր դէմքէն։

Երկու հազար տարի առաջ, ալ աւելի ոգեւորուած, շարունակեց Առիւծ Գեւօն, բաւականութեամբ զինք շրջապատողներու յափշտակուած դէմքերը դիտելով, երկու հազար տարի առաջ, դուն ըսէ երեք հազար, Աճէմիստանի թագաւորը անթիւ անհամար ղոշուն քաշեց Հայաստանի վրայ, թէ՝ էդ, որ դուք արեւին ծունկ չէք չոքեր, ձեր թոզն ու տումանը երկինք կը թռցնեմ: Ծօ, գիտէք թէ ի՞նչ եղաւ էն ատեն։ Որ չէք գիտեր՝ մտիկ ըրէք՝ Յայսմաւուրքի մէջ գրուած է։ Սուրբ քաջն Վարդան Մամիկոնեան զօրավարը, որ լսածիս կէօրէ՝ Ալաշկերտցի էր, եանի՝ մեր տեղացի, ոչ աւել ոչ պակաս, թամամ վաթսուն ու չորս հազար կտրիճներով ինկաւ Աճմու բանակին վրայ։ Ախպօրս ըսեմ, ալ տուր որ կուտաս… Էնպէս ջարդ, էնպէս ջարդ մը, որ էլ ձիաւոր, էլ փղաւոր, էլ ոտաւոր չմնաց, փախիր որ փախչիս աճմու սինոռը… Բայց ինչ ըրած որ կացնի կոթը անտառէն է։ Ախպօրս ըսեմ՝ Վասակը որ կը տեսնէ, թէ բանը մինչեւ ո՜ւր հասաւ, մէջտեղ կ’ելլէ, Քաջ Վարդանին կ’ըսէ. «Արի ախպեր բարշինք»… ու ձեռքի ղանջալը կը կոխէ Սուրբ Վարդանի սիրտը…

Դէմքի կատաղի արտայայտութեամբ Առիւծ Գեւօն նայեցաւ բերանաբաց լսողներուն, որոնք Վասակի կատարած մեծ ոճիրէն այլայլած էին։

Հապա՞, ի՞նչ կարծեցիք, որոտագին ձայնով շարունակեց Առիւծ Գեւօն՝ անտեսելով Մոսոյի աչք ունք ընելը, որուն ինչպէս կ’երեւէր, Գեւոյի ճառը շատ ալ դիւր չէր եկած, որ մեր մէջ Վասակներ չգտնուէին, հա՜յ հո՜ւյ, շատոնց մեր թագաւորը կ’ունենայինք, Անին կը շինէինք, մինչեւ Սթամպուլ մէկ շունչով կ’երթայինք։

Բերան չէ՛, տաճար է, տաճար, քովի նստողը մխթելով ըսաւ տարէց գիւղացի մը՝ գլուխը հաւանութիւն յայտնող ձեւով մը շարժելով։

Լաւ կ’ըսէ ամմա, օսմանցին ալ զօր է, տարակուսանքով փսփսաց միւսը։

Յեղափոխութիւնը ձեզի համար եկած է, շարունակեց Առիւծ Գեւօն, ըսել կ’ուզեմ որ ամէն հայ զէնք պիտի առնէ… արուն պիտի թափէ Հայաստանի համար, հասկցա՞ք։

Լաւ կ’ըսես, Առիւծ Գեւօ ախպեր, անհամարձակ կերպով ըսաւ Բերդակի առաջաւոր գիւղացիներէն մէկը, զէնք առէք ըսիք, մենք ալ առինք։ Ծօ Յարո՛ւթ, գեղով քանի՞ կտոր զէնք ունինք… Հա՛, քսանհինգ կտոր մը կը լինի։ Հիմա ան ըսէ տեսնեմ, ադ զէնքերը ի՞նչ պիտի ընենք…

Ի՞նչ պիտի ընէք մի՞, ծօ աւանակներ, յեղափոխութիւնը սաղ մնայ, ինչպէս որ էն ժամանակ քաջ Վարդանը կտրիճները չորս բոլորը հաւաքեց, հիմա ալ մեր նոր Վարդանները ձեզի ճամբայ պիտի բանան… Մեր պարոն Լեւոնը որ կայ, ի՜նչ քաջ Վարդան, ի՜նչ Նորտուզի Շաքիր բէկ… Էհ մենք ալ քիչ թէ շատ կռիւներու մէջ մտած ելած ենք… Մենք դէպքին տարին, երբ որ ես Իւչ-Քիլիսէ ուխտի կ’երթայի…

Աւա՜ղ, Առիւծ Գեւոյի նախադասութիւնը կիսատ մնաց։ Այդ պահուն եկեղեցիէն ներս մտան Լեւոնը, Պիծան եւ Գրիգորը՝ պատմութիւնը անուշ տեղէն կտրելով։

Լեւոնը խօսող մը չէր։ Երբ գիւղի ամբողջ հասարակութիւնը եկեղեցի լեցուեցաւ, անհամբեր սպասելով Լեւոնի բանախօսութեանը, ան՝ կռնակը տուած խորանի պատին՝ հանդարտօրէն սկսաւ խօսիլ յեղափոխութեան մասին, գիւղացիի ընելիքի մասին, չծածկեց անոնցմէ մեծ զոհաբերութիւնը, որ անհրաժեշտօրէն պիտի ծանրանար ժողովուրդին վրայ։

Լեւոնի, ինչպէս եւ իր ընկերներու ամենօրեայ քարոզչութեան էութիւնը, զինապաշտութեան շուրջը կը դառնար: Զէնքը, հայ ժողովուրդի զինումը այն գլխաւոր առանցքն էր՝ որ ապստամբական շարժում մը հնարաւոր պիտի դարձնէր։ Այդ պատճառով ալ յեղափոխականներու գործունէութիւնը գլխաւորաբար զէնքի շուրջը կը դառնար։ Ամէն գիւղ, որքան ալ որ փոքրաթիւ, սեփական եւ համայնական քանի մը կտոր զէնք գնած էր։Ոմանք ինքնաբերաբար գնած էին, շատ շատեր ալ յեղափոխական մարմիններու ստիպումով։

Որքան հայ գիւղերու զինումը ընդհանուր կերպարանք մը կը ստանար, այնքան կ’աւելնար ժողովուրդի երկու հատուածներու հոգեբանական խաչաձեւումը: Հակառակորդները, գիւղերու խելօք համարուած առաջաւորները, անկարող սկսուած շարժումը կասեցնելու, շատ անգամ իրենք ալ ակամայ այդ յորձանքին մէջ ինկած, խորապէս կը մտատանջուէին ապագայի հեռանկարով։ 95-96–ի դէպքերը դեռ շատ թարմ էին մոռացուելու համար։ Միւս կողմէ՝ երիտասարդութիւնը, անսահման խանդավառութեամբ նետուած էր յորձանքէն մէջ՝ նախընտրելով անստոյգ յաջողութիւն մը հպատակի ստրկային կեանքէն, որու անտանելի ծանրութիւնը զգացեր էին սկիզբէն ի վեր։

Եթէ զէնքը յեղափոխական քարոզչութիւններու շնորհիւ հետզհետէ անհրաժեշտութիւն մը դարձեր էր երիտասարդութեան համար, սակայն անոնցմէ շատ քիչերը զէնքի գործածութեան ծանօթ էին, այլեւս չխօսինք անոնց մարտունակութեան վրայ։ Ճիշդ է որ հայդուկային խումբերը տարիներու ընթացքին որոշ սերունդ մը հասցուցած էին, բայց այդ թիւը երիտասարդներու թուի համեմատութեամբ շատ չնչին էր։

Ահա այս պարագան նկատողութեան առնելով, վերջի երկու տարիները, մասնաւոր ուշադրութիւն դարձուած էր զինավարժութեան վրայ։ Լեւոնը գլխաւորներէն մէկն էր այն յեղափոխական ղեկավարներուն, որոնք քարոզչութեան շրջանը անցած համարելով՝ գործնական աշխատանքներու կողմնակից էին:

Հազիւ քանի մը րոպէ խօսելէ վերջ, Լեւոնը Պիծայի հետ դուրս եկաւ եկեղեցիէն: Մոսոյի, Թոփալ Սատանայի եւ Մոկացի Յակոբի ղեկավարութեամբ, գիւղի երիտասարդութիւնը, մինչեւ մթնիլը եկեղեցիի մէջ զինավարժութեամբ զբաղեցան։

Երկրորդ գիշերը, երբ Լեւոնը ընկերներով պիտի մեկնէր դէպի Կէմ գիւղը, Բերդակի ամբողջ բնակչութիւնը դուրս թափեցաւ տներէն։ Կին, երեխայ, ծերունի կ’ուզէին անգամ մ’ալ տեսնել Լեւոնը, բարի յաջողութիւն մաղթել անոր։ Երբ քահանայի տնէն դուրս եկաւ Լեւոնը Պիծայի հետ, պառաւ կին մը՝ բազմութիւնը ճեղքելով առաջ անցաւ ու մօտենալով Լեւոնին անոր ծնկուրները գրկեց։

Ի՞նչ կ’ուզես, մարէ, նեղացած ըսաւ Լեւոնը՝ պառաւը ոտքի հանելով, ինչո՞ւ այդպէս կը չոքիս…

Պարոն Լեւոն, քու խոգուն մատաղ, խնդիրք մ’ունիմ։

Խօսէ, մարէ՛, ի՞նչ է խնդիրքդ…

Միաճար խորոտ տղայ մ’ունիմ… Իմ Գասպարն ալ ազգի զինուոր գրես…

Գասպարը հազիւ տասնեւհինգ տարեկան պատանի մ’էր։ Հակառակ մօր բազմաթիւ խնդրանքներուն, գիւղի Գործադիրը անոր տարիքը նկատի առնելով, զայն զինուոր չէր արձանագրած։ Այդ աննշան խնդիրը գիւղը բաժնած էր երկու թայֆայի եւ ինչպէս միշտ կը պատահի գիւղերու մէջ, թայֆաները բազմաթիւ անգամներ ծեծկուած էին իրարու հետ։ Կարգ մը դատերու կարգին, Լեւոնը այդ խնդիրն ալ կարգադրած էր։ Բայց տէ՛, ալ ի՞նչ օրուան մայր էր, Ջոջ Աղայենց աղջիկը, որ խոստովանէր կրած պարտութիւնը։

Մարէ՛, մեղմութեամբ խօսեցաւ Լեւոնը, տղադ դեռ փոքր է, երկու տարի վերջ, Գասպարը խումբիս մէջ պիտի առնեմ։

Ղո՞րդ կ’ըսես, պարոն Լեւոն, ու հպարտօրէն չորս բոլորը նայեցաւ Գասպարի մայրը։ Վերջապէս իր խօսքը ըրաւ, իր Գասպարը պարոն Լեւոնի զինուոր, թող թշնամիներու աչքը ելլէ:

Գիւղացիք, քահանայով, րէսով, կին եւ ճըժ պժերով մինչեւ աղբիւրը հասցուցին խումբը: Գրեթէ ամէն տուն բան մը պատրաստած էր «ազգի» զինուորներուն համար փոխինդ, գաթա, տապակած հաւ, ու զօռով կը ստիպէին որ զինուորները իրենց տուածն ալ առնեն։

Է՜յ աշխարհ, հառաչելով ըսաւ Առիւծ Գեւօն, ծօ Սատանայ, էրնեկ էսքան բարիքը Ղզլճայի սարը ունենայինք… մեր կիւզէլիմ տղաքը անօթի փորով մեռան… հէյ կիտի Նիկոլ, Յակոբ… Համբօ, Առիւծ Գեւօն գլուխը մէկ կողմ դարձուց, որ մարդ չտեսնէ արտասուելը:

Ծօ՛, խեւցա՞ր, բարկացաւ Թոփալ Սատանան։

Այդ երկու օրը Առիւծ Գեւօն սքանչելի տրամադրութեան մէջ էր։ Հակառակ միշտ զանգատելուն թէ՝ փորի ցաւ ունի, երբեմն բոլորովին կը մոռնար փորի ցաւն ալ, տկարութիւնն ալ, ու կ՚ելլէր տղոց հետ պարելու: Պիծայի եւ Լեւոնի քահանայի մօտ փոխադրուիլը ճշմարիտ բարիք մ’եղած էր Առիւծ Գեւոյի համար, թէեւ րէսի տղան միեւնոյն բանը չէր կրնար ըսել, քանի կը նայէր օղիի պարապ շիշերուն, որոնք պարպուած էին հերոսական Առիւծ Գեւոյի փորի ցաւը անցընելու համար։

Բերդակի զինուած երիտասարդները, մինչեւ Կէմի սարը առաջնորդեցին խումբը ու, երբ կը բաժնուէին, հաստատ խօսք առին Լեւոնէն, որ Մայիսէն առաջ անգամ մ’ալ պիտի այցելէ իրենց։

Ծօ՛, ջան տղաք են. էդպէս ալ շէն գիւղ…

Հը՛, Գեւօ՛, հեգնանքով ըսաւ Թոփալ Սատանան, Բերդակը գործիդ եկաւ։ Խօսքը մէջերնիս մնայ, մարդ այդքան ալ երկարատեւ փորի ցա՞ւ կ’ունենայ։

Էհ ճանը՜մ, դուն ալ բան ըսիր, որպէս թէ նեղացած գլուխը մէկ կողմ դարձուց Առիւծ Գեւօն։

-------------

Լեւոնը երկու օր մնաց Կէմ գիւղի մէջ, ուր իրմէ առաջ հաւաքուած էր Հայոց Ձորի յեղափոխական մարմինը, որոշ հրահանգներ ստանալու համար։ Կէմի մէջ Լեւոնի խումբը երեք խմբակներու բաժնուած՝ ցրուեցաւ։ Պիծան հետը հինգ զինուոր վերցնելով գնաց Քէրձ, այնտեղէն Բլթենց Աթանան, Խարականց անցնելու համար։ Մոկացի Յակոբն ու Թոփալ Սատանան վեց ընկերներով գնացին Կզլթաշ եւ Անգղ գիւղերը։ Մոսօն հինգ ընկերներով Մաշտակ գնաց այն տեղէն՝ Իշխանի Գոմ երթալու համար, իսկ Առիւծ Գեւօն եւ ուրիշ հինգ զինուորներ մնացին Լեւոնի մօտ։

Այս կարգադրութիւնը շատ ալ Առիւծ Գեւոյի սրտովը չէր։ Ան կը սիրէր ինքնագլուխ խմբապետ խաղալ, իր հասկցած կերպով դաստիարակել ժողովուրդը՝ դաստիարակութեան գլխաւոր հիմ ընդունելով մտրակն ու հայհոյանքը, մանրամասնօրէն պատմել իր քաջագործութիւնները եւ օգտուիլ անշուշտ փորը ցաւած ժամանակ, օղիի բուժիչ յատկութենէն։ Դժբախտաբար այդ փորի ցաւերը շատ յաճախակի կը պատահէին, ու այդ պատճառով Լեւոնը կը նախընտրէր իր հսկողութեան տակ պահել Առիւծ Գեւօն, որ անուն հանած հին հայդուկ մըն էր եւ քիչ մը շփացած։ Գիւղացիներն ալ, հակառակ անոր պակասութիւներուն, կը սիրէին զայն ու չէին ուզեր խաթրը կոտրել։

Պիծայի, Մոսոյի, Մոկացի Յակոբի խմբերը պիտի շրջէին վերոյիշեալ զուտ հայաբնակ գիւղերը եւ գլխաւորաբար պիտի զբաղէին տեղական զինուորները վարժեցնելով, զէնքերը աչքէ անցընելով, գիւղացիներու մէջ ծագած վէճերը տեղին վրայ կարգադրելով։

Շաբաթ գիշեր, լոյսը չբացուած, բոլորն ալ պիտի գտնուէին Խոր Գոմ գիւղը, Լեւոնի հետ անցնելու համար Աղթամար կղզին։

Լեւոնը երեք օր մնաց Կէմ գիւղի մէջ։ Շրջանի ներկայացուցիչներու հետ խորհրդակցութիւնը աւարտելէ վերջ, որ օր մը տեւեց, յաջորդ օրերը Կէմի ու խառն բնակչութիւն ունեցող շրջակայ գիւղերու երիտասարդները մէկտեղելով՝ զինավարժութեամբ զբաղեցաւ անոնց հետ։

Անօրինակ խանդավառութեան ալիք մը անցած էր ամբողջ Վասպուրականի վրայէն՝ հարբեցողութեան տրամադրութիւն մը առաջացնելով ժողովուրդին, բայց մասնաւորաբար երիտասարդութեան մէջ։ Յեղափոխական խմբերու յաճախակի այցելութիւնները, գիւղերու հապճեպով զինուիլը, արտասահմանէն փախստական խմբերու մուտքը, հայդուկներու մէկ քանի պատահական կռիւները, մասնաւորաբար Ղզլճայի վերջին կռիւը այնպիսի բարձր տրամադրութիւն մը ստեղծեր էին, որ կը թուէր թէ այլեւս դժուար պիտի լինի սանձահարած պահել ժողովուրդը, եւ պատահական կայծ մը կրնար բռնկցնել անօրինակ հրդեհ մը:

Ծօ՛, Սեդրակ, աշնան ոտքի պիտի ելնենք եղեր, էս օր քաղքի պազարին մէջ խապար կուտային այսպէս կը խօսէին իրարու հետ երկու գիւղացի դրկիցներ։

Քաղքցիք ի՞նչ գիտեն, էն ջոջ աղաները բանէ խապար չեն: Մեր Կզլտաշի խնամին ըսաւ, որ ձիւնը վերնայ չվերնայ կռիւը պիտի սկսի…

Ծօ, ղո՞րդ կ’ըսես։

Վալլահ:

Դուն քանի՞ փամփուշտ ունիս, Սեդրա՛կ:

Հարիւր հատ իսկական, քառսուն չորս ալ վերջէն լեցուած։

Իմոնքս հազիւ իննսուն հատ լինին… հրացանին ասեղն ալ լաւ չի զարներ:

Հոգ մի՛ ըներ, միւս անգամ խումբը որ գայ՝ կը շինեն:

Ծօ, հա՛, Սեդրա՛կ, լսեցի՞ր, կ’ըսեն թէ մեր րէսը երկրորդ համայնական հրացան մ’ալ գնած է գիւղին համար։

Հա՜ հա՜ հա՜, ծիծաղեցաւ Սեդրակը, ի՞նչ ալ գնողն էր, եթէ Պիծայի օրհնեալ մտրակը անոր վզակոթին չիջնար… «Եաման Պիծա ջան, վալլահ, պիլլահ, թիլլահ, քէսէիս մէջ տաս փարանոց մը չունիմ», կը պոռար մեր րէսը, «էնա՛, Տիրամէր աչքս քոռցնէ թէ սուտ կ’ըսեմ»… Բայց մէկ երկու հատ ուտելէն վերջ, խելքի եկաւ, գառնուկի պէս բացաւ կաշիէ քէսէի բերանը, ու Պիծայի առջեւ իրարու ետեւէ շարեց տասնմէկ հատ օսմանցիի դեղին ոսկի…

Հա՛, շան որդին շատ դրամ ունի։ Ծօ մեր գիւղի դրօշակը ո՞վ պիտի բռնէ։

Տէրտէրի թոռ Մարկոսը։

Հէլպէթթէ անոր կուտան, եթէ քեասիպ լինէր…

Այսպէս՝ գիւղացիք, առանց հաստատ բան մը գիտնալու կարծես օդի մէջէն կը հոտուըտային գալիք փոթորիկը։ Այնքան մեծ խանդավառութիւն կը տիրէր, որ մարդիկ ժամանակ իսկ չունէին հետեւանքի մասին տարակուսելու։ Իսկ անոնք որոնք բոլորովին հաւատք չունէին, խղունջի նման քաշուած իրենց պատեանին մէջ, առանց բերան բանալու սարսափով կը դիտէին իրենց դրկիցներու կրակի հետ խաղալը։

Լեւոնը ամբողջովին գործի մէջ խրուած՝ հազիւ ժամանակ կ’ունենար անձնական ցաւով ապրելու: Գիւղի մէջ դրսէն եկող խմբապետը ամէն ինչ պէտք է լինի. անոր խօսքը անփոփոխելի պատգամի արժէք մ’ունէր բոլորի համար։ Իսկ Լեւոնը սովորական խմբապետ մը չէր. ան ամենէն աւելի աչքի զարնող ղեկավարն էր Վասպուրականի մէջ, Ղզլճայի հերոսն էր, ու բնականաբար անոր ներկայութիւնը պատճառ մը՝ որ գիւղի հին ու թայֆայական կռիւները, արտ մը ջրելու հարցը, անոր առջեւ հանուէին, արդար լուծում մը գտնելու համար։

Շաբաթ իրիկուն Լեւոնի մեկնելէն առաջ Կէմի ու խառն բնակչութիւն ունեցող շրջակայ գիւղերու զինուորական խմբերը հաւաքուեցան եկեղեցին, Յեղափոխականներու ընդունած երդումը կատարելու համար։

Եկեղեցիի դասին մէջ հաւաքուեցան բոլորը։ Ամէն տասնեակ իր խմբապետովը կանգնած էր առանձին: Խորանի առջեւ, գրակալի վրայ դրուած էր հրացան, դաշոյն, արծաթէ խաչ ու Աւետարան:

Լեւոնը բարձրացաւ խորանի առջեւ։

Ծանր հատու ձայնով մը ան սկսաւ խօսիլ։ Պարզեց յեղափոխական զինուորի մը կոչումը, անոր պարտքը հայրենիքի հանդէպ։ Դարեր շարունակ օտարի լուծի տակ, ճնշուած ու լլկուած ժողովուրդը նոր միայն ոտքի ելնել կը փորձէր՝ խորտակելու օտարի շղթաները իր նախահայրերու երկրին մէջ, որպէս ազատ ազգ ապրելու համար։

«Յիշեցէք մեր քաջարի նախահայրերը, Տիգրան Մեծը, Վարդանը, Գայլ Վահանը, Գէորգ Մարզպետունին։ Եթէ հայ ազգը ծնաւ այդ քաջերը, կը ծնի եւ նոր քաջեր… Ու ես կ’ըսեմ ձեզի, որ այդ վաղուան քաջերը ձեր մէջէն դուրս պիտի ելնեն: Դուք էք, որ պիտի խորտակէք ստրկութեան շղթաները։ Դուք էք որ մեր դրախտային երկիրը պիտի դարձնէք ազատ, անկախ Հայաստան մը։

«Հիմա պիտի երդուիք։ Սովորական երդում մը չէ այս եւ ոչ ալ պարզ ձեւականութիւն մը։ Մեր առջեւ ահաւոր ու արիւնոտ պայքար մ’ունինք։ Մենք, պէտք է գիտակցինք ատոր: Կռուի ասպարէզ նետուելէ առաջ, պիտի երդնունք ձեռք ձեռքի տուած՝ հայ ազգի նուիրական դրօշակը վեր պահել, զոհաբերելով անոր համար ամէն ինչ ու, եթէ պէտք եղաւ՝ նաեւ մեր կեանքը»։

Կէմի դպրոցի ուսուցիչը, քաղաքէն եկած պատանի տղայ մը, կարդաց երդմնագիրը, մինչ ներկաները աջ ձեռքերնին գրակալի վրայ դրած, կրկնեցին երդումը.

«Կ’երդնունք՝ յանուն Հայաստանի ազատութեան, հաւատարմութեամբ ծառայել յեղափոխութեան, ազգին, մեր մեծերուն։ Կ’երդնունք մեր զէնքերը վար չդնել, մինչեւ որ մեր հայրենիքը ազատի օտարի լուծէն: Կ’երդնունք Հայաստանի ազատութեան համար զոհաբերել մեր կարողութիւնը, մեր արիւնն ու կեանքը։ Ամէն»։

Կէմի ծերունի քահանան յուզումէն դողդղալով՝ բարձրացաւ խորանը ու այնտեղէն հեծկլտալով պահպանիչ մը ըսաւ։

Լեւոնի ու իր փոքրաթիւ խմբի մեկնելէն վերջ, Կէմի ու դրսի գիւղերէն եկած երիտասարդները երկար ժամանակ մնացին եկեղեցիի մէջ՝ ամէն մէկը իր գիտցածը պատմելով։ Ընդհանուրին համոզումն այն էր, որ եթէ գարնան չէ՛, աշնան անպատճառ պիտի բռնկէր ապստամբական շարժումը:

-------------

Լուսադէմին Լեւոնը ընկերներով հասաւ Խորգոմ, ուր իրմէ առաջ եկած էին Պիծան, Մոսօն, Մոկացի Յակոբը եւ անհամբեր անոր գալուն կը սպասէին՝ Աղթամար անցնելու համար: Ղժբախտաբար, Լեւոնը այնքան ուշացեր էր, որ այլեւս անկարելի էր աննկատելի կերպով անցնիլ Կղզին։ Կը մնար որ ցերեկը Խորգոմի մէջ անցընելով՝ երեկոյեան ճամբայ ելլէին։ Խորգոմի յեղափոխական մարմնի անդամներէն նաւավար Ղուկասը՝ Շէյխ կեղծ անունով յայտնի, նամակ մը յանձնէց Լեւոնին, որ այդ օր ստացած էր Արտամէտէն։

Նամակագիրը Վահէն էր։ Ընդարձակ նամակ մը՝ մեծ մասամբ ծածկագրով գրուած։ Վահէն եւ Պիծան առանձին անկիւն մը քաշուած՝ կարդացին նամակը, կամ աւելի ճիշդ՝ Լեւոնը կարդաց, որ առանց դժուարութեան, առանց բանալիի օգնութեան արագօրէն թուանշանները կը կարդար, որպէս թէ սովորական գրուած նամակ մը լինէր:

Վահէն Քաղաքի գործերու մասին ընդհանուր կերպով խօսելէ վերջ՝ կ’աւելցնէր.

«Ինչ կը վերաբերի Զախարովի առաքելութեան, դժբախտաբար վերջնական կերպով ձախողեցաւ: Մեր խորամանկ կուսակալը, որ անվերջ խոստումներով օրօրեց Զախարովը՝ առանց իրական օժանդակութիւն մը ցոյց տալու, երկու օր առաջ իր մօտ կը կանչէ բժշկապետը եւ առանց այլեւայլի կը յայտնէ, որ բժշկական խումբը անմիջապէս պէտք է հեռանայ Տաճկաստանէն։ Ատկէ աւելի անսպասելին այն կը լինի, որ ռուսական քօնսիւլը, փոխանակ իր հպատակները պաշտպանելու՝ միեւնոյնը կը կրկնէ, բարեկամաբար յայտնելով, որ Փեթերսպուրկի կառավարութիւնը իր դիրքը փոխած է այդ խնդրի նկատմամբ:

«Ինչպէս կ’երեւի, Պոլսոյ կեդրոնական կառավարութիւնը՝ չկրնալով հաշտուիլ Վանի նման հայկական շրջանի մը մէջ բացուելիք հիւանդանոցի գաղափարի հետ, դիւանագիտական ուրիշ խնդրի մը մէջ զիջում մը ընելով՝ կը ստիպէ Փեթերսպուրկը ետ կանչելու Զախարովը եւ իր ընկերները։ Մեր մեծահոգի կուսակալը, որպէս թէ ազգաբնակչութեան խնդրանքին անսալով, կը թոյլատրէ օրիորդ Ասլանովին մնալ, քանի որ ամբողջ Վանի նահանգին մէջ դպրոցական մանկաբարձուհի մը գոյութիւն չունի եւ կը խոստանայ ամէն կերպով օժանդակել անոր՝ իր բարձր հոգածութեան առարկայ դարձնելով Սոնիայի գործը, որ իր սրտին շատ մօտ է եղեր։

«Իրողութիւնը սակայն այն էր, որ իր պալատական կինը, բացարձակապէս կը մերժէ թուրք բժիշկներէ խնամուիլ, ու կը սպառնայ Սոնիայի հեռանալու պարագային՝ վերադառնալ Պոլիս, այնտեղ երեխան աշխարհ բերելու համար:

«Երկտողով մը կուսակալի ցանկութիւնը մեզ իմացուցեր էր Սոնիան։ Հրահանգեցինք անոր, որ համաձայնի մնալ իր տունը վերածելով մայրատունի։ Դու ծանօթ ես տեղին. ճիշդ Մահմուտ Աղի պահականոցի դէմը կը գտնուի, անկիւնի տունը։ Մեր Ուրանցցի Յակոբն ալ որպէս ծախսարար մտցուցինք հոն, որպէս զի Սոնիան վստահելի մէկը ունենայ քովը։

«Զախարովն ու երկու ընկերները երէկ մեկնեցան։ Հնարաւոր չեղաւ վերջին անգամ մը զիրենք տեսնել։ Սոնիան մնաց եւ իրական օրհնութիւն մը եղած է աղքատ հիւանդներու համար: Առաւօտուընէ մինչեւ ուշ գիշեր տան բակը լեցուն է հիւանդ կիներով: Բարեբախտաբար կառավարութիւնը փոքր կասկած մ’իսկ չունի։ Կուսակալը բարեացակամ վերաբերմունք մը ունի անոր հանդէպ: Ըսենք, ինքը՝ օրիորդն ալ թաքթով կը գործէ: Թերեւս քիչ մը երկար գրեցի այս մասին»… մտածելով որ անձնապէս կը հետաքրքրուիս այս խնդրով»:

Վահէն, մանրամասնօրէն նկարագրելէ վերջ փոխադրական գործը, Պարսկաստանի կայաններու մէջ հաւաքուած ռազմամթերքը փոխադրելու դժուարութիւնները, նամակի վերջի մասին մէջ շատ յատկանշական երեւոյթի մը մասին կը գրէր.

«Թերեւս չես գիտեր, որ Խատիճէն ամուսնուն հետ քաղաք եկած է Ապաղայէն: Անգամ մը միայն կրցայ տեսնել զինքն ու փոքրիկ Ալին… Սիրելիս, չեմ գիտեր թէ կրնա՞ս հասկնալ իմ հոգեկան վիճակը… Ծանր է շատ հարազատ զաւկին հանդիպիլ օտարականի բռնադատեալ վերապահութեամբ։ Խատիճէն զաւկին հետ պատրաստ է ինձ հետ գալ, եթէ միայն Տաճկաստանէն դուրս գամ… Բայց ինչպէ՞ս հեռանամ՝ գործը, պատասխանատուութիւնը… Էհ, սիրելիս, յեղափոխականը անձնական կեանք չունի, եւ ոչ ալ թոյլատրուած է անոր սիրել…

«Խատիճէն տուաւ շատ կարեւոր տեղեկութիւններ, որոնք կարծեմ մեզ հետ կապ մ’ունին, թէեւ առ այժմ ինձ համար ալ պարզ չէ այդ կապի բնաւորութիւնը։ Համիտիյէ ալայիներու գլխաւորները, որոնցմէ մէկն ալ Խատիճէի ամուսինը՝ Հիւսէյին բէկն է, հրահանգ ստացեր են Ապրիլին հաւաքուիլ Վան, շատ կարեւոր խորհրդակցութեան մը համար։ Ատկէ զատ Խատիճէն յայտնեց որ ինք ամուսինէն լսած է, թէ Կարինէն եւ Երզնկայէն մեծ թուով զօրք պիտի փոխադրուի Վան՝ որպէս թէ պարսկական սահմանագլուխը ճամբուելու համար։  Պարսկաստանի հետ պատերազմի մը մասին ալ տարաձայնութիւն մը կայ, որ անշուշտ հիմք չունի։ Ինչպէս կ’երեւի, մեր շուրջը ինչ որ խորհրդաւոր շարժում մը կայ, որու իսկական բնաւորութիւնը մեզ համար դժբախտաբար անյայտ կը մնայ։

«Այս խնդրի մասին թերեւս բացատրութիւն մը լսենք Կարինի մեր ընկերներէն, որոնց շաբաթ մը առաջ գրեցի։ Ինչպէս կ՚երեւի, Կարինի մէջ ժողովրդական շարժում մը տեղի ունեցեր է՝ մեծապէս մտահոգելով կառավարութիւնը։ Խնդիրը այն է, որ այդ շարժումը սկսած է թուրք ժողովուրդի մէջէն, կ’ըսուի թէ նոյն իսկ զինուորականներու մասնակցութեամբ: Կարինէն Վանի բանտը ղրկուած են այդ շարժման ղեկավարներէն երկու թուրքեր: Յարաբերութեան մէջ մտայ անոնց հետ։ Այդ մասին կը գրեմ քեզի, երբ աւելի որոշ բան մը ունենամ ըսելիք։ Յայտնի է սակայն, որ Թուրքիոյ վիճակը հետզհետէ կը ծանրանայ, եւ մենք կանգնած ենք անակնկալներով յղի ապագայի մը առջեւ:

«Թերեւս աւելորդ չլինի քեզի իմացնել, որ իմ թելադրանքով Խատիճէն Սոնիան տեսնելու գնաց։

«Վերջի ձիւնափոթորիկներու պատճառով ռազմամթերքի փոխադրութիւնը բոլորովին կանգ առաւ։ Կ՚երեւի, պէտք է սպասել մինչեւ ձիւնի հալուիլը։ Հրացաններու փայտեղէն մասերը շինելու ուժ տուէք։ Լաւ կը լինէր, եթէ Պիծան երկու օգնականներով այդ գործին նուիրուէր։ Մեզ հարկաւոր է ամենաքիչը վեց հարիւր հատ»։

Երբ Լեւոնը նամակը կարդաց վերջացուց, երկու ընկերները պահ մը լուռ իրարու նայեցան մտահոգուած դէմքով։

Զօրքը այս շրջանը կեդրոնանալէն լաւ հոտ չի գար, - ըսաւ Պիծան չլինի՞ թէ կառավարութիւնը շշուկ մը լսած լինի կամ տեղեկութիւն մը մեր ծրագրի նկատմամբ: Ի՞նչ կ’ըսես, Լեւո՛ն։

Տեսնենք, շուտով յայտնի կը լինի։ Եթէ զօրք գալու տարաձայնութիւնը ստուգուի, ես վստահ եմ որ զօրքի գալը մեր ձեռնարկին հետ կապ մ’ունի․․. մինչեւ հաստատ բան մը իմանալնիս՝ մենք գործը կը շարունակենք, ինչպէս որ ծրագրեցինք. .

Թէեւ այդ հարցի մասին այլեւս չխօսեցան, բայց երկուքն ալ շատ մտահոգուած կ՚երեւէին, առանձնապէս Լեւոնը, որու բնականէն խիստ դէմքը դաժան արտայայտութիւն մը ստացեր էր։

Հազիւ մթնիլ սկսած էր, երբ Լեւոնն ու իր քսանեւվեց ընկերները առագաստանաւը մտան ու ճամբայ ելան դէպի Աղթամար կղզին, որ հեռուէն հեռու մութ զանգուածի նման կը բարձրանար ծովու մակերեսէն։ Շուտով մթնեց։ Խաղաղ գիշեր մ’էր, եւ Վանայ խելառ ծովակը հայելիի ողորկութիւն ստացած։ Երկու նաւավարներ կը թիավարէին, իսկ Շէյխը ղեկի մօտ նստած՝ թեթեւ քամիի մը գալուն կը սպասէր։

Երկու ժամ անցաւ։ Հազիւ թէ ցամաքէն քիչ հեռացած լինէին: Եթէ բանը մնար թիավարելուն, հազիւ թէ միւս օր հասնէին կղզին։

Բարեբախտաբար, կէս գիշերի մօտ արեւելեան թեթեւ քամի մը ելաւ։ Խաղաղ ծովակի մակերեսը սկսաւ փոթփոթիլ, մինչեւ այդ թուլօրէն կախուած առագաստը քամիով լեցուած փքուեցաւ, կայմի պարանները ձգուեցան, ու նաւու քիթը բարձրացող ալիքները ճեղքելով ուղղուեցաւ կղզիի կողմը։

Առաւօտեան ժամը երկուքը կար, երբ նաւը առագաստը իջեցուց Աղթամարի առջեւ, եւ Լեւոնն ու ընկերները դուրս թռան կղզին։ Առագաստանաւը հազիւ քանի մը րոպէ կանգ առնելով՝ նորէն շարունակեց ճանապարհը ուղիղ դէպի արեւմուտք, Կաւաշի Մոխրաբերդ գիւղը, ուր պիտի սպասէր Լեւոնի կարգադրութեան։

Պիծան երբեմն ամիսներով կը մնար Աղթամարի մէջ եւ քաջ ծանօթ էր կղզիին։ Երբ ցամաք ելան, խմբի առաջն ինկաւ առաջնորդելու համար։ Ժայռոտ փոքր վերելքէ մը վերջ, կղզիի հարթութեան վրայ էր խումբը։ Քիչ հեռուն խաւարի մէջ կ՚երեւէին անորոշ զանգուածներ։

Մօտեցան ընդարձակ շինութեան մը, որու բազմաթիւ պատուհաններէն ոչ մէկ ճրագ կ’երեւէր։ Պիծան գետնէն ափ մը ձիւն վերցուց ու նետեց երկրորդ յարկի սենեակներէն մէկու պատուհանին։ Մէկ երկու վայրկեան վերջ պատուհանը բացուեցաւ ու սենեակի խաւարի մէջէն դուրս երկնցող գլուխ մը երեւցաւ, եւ խռպոտ ձայն մը պոռաց․-

Էդ ո՞վ է։

Վարդապե՛տ, մենք ենք:

Վա՜յ, Պիծա՛, վայրկեան մը…

Սենեակի մէջ անմիջապէս աղօտ ճրագ մը պլպլաց, ու քիչ վերջը մազն ու մօրուքը իրար անցած, միջին տարիքի մարդ մը երեւցաւ մուտքի դրան առջեւ։

Բարով եկաք, վա՜յ, պարոն Լեւոնն ալ, գալուստդ բարի լինի․ առաջի անգամն է, որ մեր կղզին ոտք կը դնես:

Վարդապետ, մեղքս քաւելու համար ուխտի եկած եմ, - ու Լեւոնը գրկուելէ ետքը վարդապետի հետ, իր հետեւորդներով սենեակը մտաւ:

Խումբը այդ փոքր սենեակի մէջ չէր կարող տեղաւորուիլ։ Վարդապետը պատշգամ դուրս գալով՝ կողքի ընդարձակ սենեակը բացաւ, ուր տեղաւորուեցան զինուորները։ Երբ Պիծան, Լեւոնը եւ վարդապետը առանձին մնացին, Դանիէլ վարդապետը, որ Ծուռ վարդապետ անունով յայտնի էր, թախտի ծայրը նստելով՝ հարցուց․

Խեր լինի, էսպէս առանց նախօրօք իմացնելու յանկարծ գալ…

Վահէի հետ մեր շրջանները փոխեցինք, ծիծաղելով պատասխանեց Լեւոնը, - ատեն մ’ալ ես այս շրջանները կ’ուզեմ մնալ։

Հա՛, էդ շատ լաւ կը լինի. մեր շրջանի ժողովուրդն ալ խենթեցեր է քեզ տեսնելու ցանկութեամբ։

Է՜հ, - ուսերը անտարբեր ձեւով մը թօթուեց Լեւոնը, - ժողովուրդը նոր դէմքերու սիրահար է միշտ, մէկ երկու օրէն ինձմէ ալ կը կշտանայ. մանաւանդ որ… դէմքս շատ ալ տեսնելիք բան չէ…

Վարդապետ, եպիսկոպոսը վանքի մէ՞ջն է, - հարցուց Պիծան:

Ո՛չ, երէկ միասին դրսի տունը գնացինք, ան հոն մնաց, ես վերադարձայ, որ վաղը առտու ինքս ալ երթամ:

Ուրեմն, վանքի նաւակը էստե՞ղ է, - հարցուց Պիծան։

Այո՛, պահեցի որ․..

Նաւակը հոս կը պահես, քանի մենք հոս ենք, կարգադրեց Պիծան, - ինքդ ալ կը մնաս։ Յետոյ կը խօսինք։

Շատ լաւ, ձեռաց սամավար մը դնել տամ…

Չուզեր, աւելի լաւ է մէկ երկու ժամ հանգստանանք։ Արդէն լուսնալու վրայ է:

Պիծան ու Լեւոնը, առանց հանուելու, առանց նոյն իսկ փամփուշտակալները արձակելու, երկուքով երկնցան վարդապետի նեղ անկողնին վրայ եւ հազիւ երկնցած՝ քնել սկսան օրերով յոգնած մարդու ծանր քնով։ Հայդուկներու համար անգիր օրէնք մը գոյութիւն ունեցած է միշտ, դեռ յեղափոխութեան առաջին օրերէն սկսած։ Զէնքի տակ գտնուող հայդուկ մը երբեք իրաւունք չունի, սովորական մահկանացուներու նման, շորերը հանել ու այնպէս մտնալ անկողին։ Ան պարտաւոր էր կօշիկները ոտքին, հագուստով ու մէջքի փամփուշտակալներով, երկննալ, հրացանը կողքին դրած։ Ամենաշատը որ կրնայ ընել՝ կուրծքը խաչաձեւող փամփուշտակալներն հանելն էր, որոնք անտանելի չարչարանք մը կը դարձնէին քնանալը՝ մարդու կողոսկրները ջարդելով:

Մինչ ընկերները թախտի վրայ երկնցած սկսան քնանալ խռմփացնելով, վարդապետը զգուշութեամբ դուրս եկաւ սենեակէն եւ մտաւ տղոց սենեակը, ուր անոնք վանքի մեծ սամավարը շրջապատած՝ թէյ կը խմէին։

Մեր Ծուռ Վարդապետը, Վասպուրականի բացառիկ կղերականներէն էր։ Ան հեշտութեամբ միջոցը գտած էր երկու հակոտնեայ ծայրերը իրարու միացնելու: Վարդապետը, բոլորովին մաքուր խղճով ու ձեռքերով իր հասկցած կերպովը կը ծառայէր իր Աստուծուն։ Երբեմն խորանի վրայ, սկիհը վեր բարձրացնելով, կ’աղօթէր աշխարհի խաղաղութեան համար, երբեմն ալ հրացանը վերցնելով կը միանար հայդուկային խմբերէն մէկուն, հասարակ զինուորի մը նման կը տանէր չարքաշ կեանքը, մասնակցելով անոնց թափառումներուն ու պատահած պարագային ալ նաեւ կռիւներուն։ Կորովի, սրտբաց մարդ մ’էր: Գրեթէ բոլոր հայդուկներու հետ ծանօթ էր, շատերու հետ զինակից ընկեր եղած։

Վարդապետը հազիւ սենեակ մտած՝ հայդուկները ուրախ բացագանչութիւններով շրջապատեցին զայն, հազար ու մէկ հարցեր թափելով գլխուն:

Առիւծ Գեւօն, որու նկարագրին քիչ թէ շատ ծանօթացաւ ընթերցողը, հաւաքոյթներու մէջ կը սիրէր ինքն իրեն տալ քրտական բէկի մը դիրքն ու վայել ծանրութիւնը։ Սենեակի պատուաւոր անկիւնը, ծալապատիկ նստած թաղիքի վրայ, երբ տեսաւ Ծուռ Վարդապետը, տեղէն բարձրացաւ վարդապետի թեւէն բռնած՝ իր անկիւնը տարաւ ու ծունկ ծունկի նոտան իրարու քով: Հին ընկերներ էին։

Հը, Գեւօ՛, անիրաւ, էս անգամ էլ կաշիդ սաղ սալամաթ դուրս բերիր Ղզլճայի կռուէն։ Զօռ բախտ ունիս, ախպեր, - ընկերոջ ուսը ծեծելով ըսաւ վարդապետը։

Հա՛, վարդապետ, ազատեցանք, ամմա…

Գիտե՛մ, լսեցի, Գեւօ ջան, ի՞նչ կրնանք ընել, ամէնքս ալ նոյն ճամբով պիտի երթանք…

Շիտակ կ’ըսես, վարդապետ, բայց մեղք եղաւ… ասլան տղաներ էին, մէկը տասնի դէմ կ՚ելլէր. ․․

Առիւծ Գեւոյի առնական խրոխտ դէմքը խղճալի արտայայտութիւն մը ստացաւ, շրթները ակամայ դողացին ու արցունքը լճացաւ աչքերուն մէջ։ Հակառակ անոր արտաքին խիստ տպաւորութեան, զարմանալիօրէն քնքոյշ զգացումներու տէր մարդ մ’էր: Ղզըլճայի կռուին, մօտիկ ընկերներու կորուստը, բայց մանաւանդ անբաժանէլի Համբոյի մահը ծանր քարի նման նստած էր իր սրտի վրան։ Դառնութեամբ շուրջը կը նայէր՝ շարք մը նորեկներու մէջէն հին ընկերներու դէմքերը փնտռելով։ Հազիւ չորս հինգ հատ մնացեր էին հներէն․ իսկ մնացածները տարիներու ընթացքին, հայդուկի վայել մահով, ինկած էին կռիւներու մէջ։ Որտե՞ղ ըսես չէին թափթփած անոնց անթաղ մնացած ոսկորները. Հայաստանի ամէն սար ու ձոր դամբարան մ’էր եղած, սրբազան մասունք մ’ունէր իր ծոցին մէջ։

Առիւծ Գեւօն սգաւոր տրամադրութեան մէջ միակ մխիթարութիւն մը ունէր։ Կը սիրէր պատմել իր փառաւոր անցեալի հերոսական դէպքերը, որոնց ճշդութեանը որքան ալ որ ընկերները կասկածանքով կը վերաբերուէին, բայց նորէն երեխաներու յատուկ հետաքրքրութեամբ եւ աղուոր հէքեաթ մը լսելու ոգեւորութեամբ կը շրջապատէին զայն, անոր շրթունքներէն կախուելով։ Ամէն անգամ, որ Առիւծ Գեւօն անմխիթար տրամադրութեան մէջ կը գտնուէր, ընկերները իրարու աչք կ’ընէին եւ խօսակցութիւնը վարպետօրէն կը դարձնէին դէպքի մը շուրջ, որուն մասնակցած էր մեր հերոսը:

Այդքանը բաւական էր: Գեւոյի դէմքը անմիջապէս կը ճառագայթէր, ու բանաստեղծական աւիւնով, սուտն ու իրաւը իրար խառնելով կը սկսէր պատմել՝ շատ անգամ ինքն ալ հաւատալով իր պատմութիւններուն:

Մեր Ծուռ վարդապետը տարիներէ ի վեր կը ճանչնար Առիւծ Գեւօն, ծանօթ էր անոր մարդկային տկարութիւններուն։

Հը՛, Գեւօ՛, իրա՞ւ որ Ալայ Բէկը բռնեցիք, - հարցուց վարդապետը՝ Գեւոյի տխրութիւնը փարատելու մտահոգութեամբ։

Գեւոյի դէմքը մէկէն շողաց։ Թեթեւ մը ժպտաց ու մէկ աչքը փակելով վարդապետին նայեցաւ, կարծես ըսել կ’ուզէր․ «խեղճ պեխապէր մարդ, միայն դու կաս յԵրուսաղէմ»։

Աստուածդ սիրես, մէկ պատմէ տեսնենք, էդ ինչպէ՞ս պատահեցաւ:

Պատմէ՛, պատմէ, Գեւօ ջան, - չորս կողմէն խնդրեցին զինուորները անոր շուրջը հաւաքուելով։

Առիւծ Գեւօն իր արժանիքի գիտակցութիւնը ունեցող մարդ մ’էր։ Շատ ալ որ կը խնդրէին շուրջինները, պէտք էր ծանրէն ծախել։ Ծանր ու մեծ սիկարէթ մը պլլեց, խնամքով անցուց երկար չիպուխի ծայրը։ Նոր զինուորներէն մէկը կրակ մը մօտեցուց, ձախ ձեռքը կուրծքին վրայ դրած, ինչպէս որ վայել է դիրքի տէր մէկուն կրակ տրուած ժամանակ։

Առիւծ Գեւօն իրարու ետեւէ քաշեց չիպուխը։ Ծուխը բերնէն ու քթածակերէն առատօրէն դուրս խուժեց։ Բաւականութեամբ դիտեց շուրջինները, որոնք բերանաբաց կը սպասէին իր պատմութեանը։

Հաղթայ տաղէն որ անցանք Ղզլճայի սարը, - սկսաւ պատմել Առիւծ Գեւօն, - օխտը օրէ է վեր բրթուճ մը բան կերած չունէինք. այնպէս չէ՞…, - ու կարծես նոր անդրադառնալով, որ իր այնքան պատրաստակամ Համբօն այլեւս չկար՝ քիչ մը շփոթած ձեւով մը շարունակեց․- օխտը օր կ’եղնէր որ հաց կերած չէինք. հը՞, Թոփալ Սատանայ, այնպէս չէ՞․..

Ի հարկէ այդպէս չէր․ բայց երեք օրուան եւ եօթը օրուան մէջ այնքան քիչ տարբերութիւն կար, որ Թոփալ Սատանան այո-ի եւ ոչ–ի անորոշ արտայայտութեամբ գլուխը շարժեց։ Այդքան փոքր բանի մը համար չ’արժեր Առիւծ Գեւոյի սիրտը կոտրել։

Վարդապետիս ըսեմ, - պեխերը ոլորելով, իրեն յատուկ ոգեւորութեամբ, ձեռքերու լայն շարժումներով ու անխուսափելի չափազանցութիւններով շարունակեց պատմել կռուի մանրամասնութիւնները, Նիկոլի, Յակոբի եւ մանաւանդ Համբոյի հերոսական մահը, իր կատարած քաջագործութիւնները։

Մտիկ ընողները հազիւ թէ շունչ կ՚առնէին, հեւ ի հեւ հետեւելով Գեւոյի պատմութեանը։ Նոյնիսկ Ղզըլճայի կռուին մասնակցող մարտիկները՝ ամբողջովին լսողութիւն կտրած՝ բառ մ’իսկ չէին ուզեր փախցնել անոր պատմութենէն։

Կամաց կամաց լոյսը բացուեցաւ, բայց դեռ Առիւծ Գեւօն միեւնոյն ոգեւորութեամբ կը շարունակէր պատմութիւնը, որ կարծես վերջ պիտի չունենար:

Լեւոնն ու Պիծան քանի մը ժամու հանգստութենէն բոլորովին կազդուրուելով՝ կողք կողքի նստած կը խորհրդակցէին իրենց աշխատանքներու մասին։ Որոշեցին, որ Պիծան երկու ընկերներով կղզին մնայ հրացաններու փայտեղէն մասերը շինելու համար, որոնց մասին յանձնարարած էր Վահէն, իսկ Լեւոնը անցնի Գաւաշի շրջանը՝ գիւղէ գիւղ շրջելու, մինչեւ որ ձիւնը քիչ մը վերնալով՝ հնարաւոր լինի Կառկառի շրջանը անցնիլ։

Ուրեմն, այս գիշեր կը մեկնի՞ս, - ըսաւ Պիծան։

Անշուշտ, իմաստ չունի հոս մնալս։

Ինձ կը թուի, թէ խումբդ շատ մեծ է: Եթէ հնարաւոր լինէր…

Ես ալ այդ կը մտածեմ։ Եթէ հնարաւոր լինէր, մէկ մասը Մոսոյի հետ Կարճկանի կողմը կը ճամբէի։ Բայց կ՚երեւի այդ պիտի ուշանայ ժամանակ մը, մինչեւ ճամբաները բացուին։

Կէս օրուան մօտ վարդապետն ու Լեւոնը միասին դուրս եկան՝ կղզին պտըտելու համար։ Ինչպէս ըսինք, Լեւոնը առաջին անգամն էր որ կուգար Աղթամար, որ այնքա՜ն հարուստ պատմական անցեալ մը ունեցեր էր։

Շատ հին ժամանակ, - կը բացատրէր վարդապետը, նախ քան Արծրունեանց թագաւորութիւնը, այս կղզին պարզ ամրոց մը եղած է, այնքան աննշան, որ մեր պատմութեան մէջ չի յիշուիր։ Աղթամարի իրական արժէքը եւ փառքը կը սկսի Արծրունի թագաւորներու ժամանակ, բայց մասնաւորաբար Գագիկ Արծրունի թագաւորի օրով, որ շինարար եւ փառասէր մարդ մը եղած է։

Այո՛, դժբախտաբար մեր պատմութիւնը քիչ անգամ նման թագաւորներու մասին կը խօսի։

Բայց մենք դեռ ամբողջական պատմութիւն մը չունինք։ Դժբախտաբար, մեր պատմութեան մեծագոյն մասը դեռ գետնի տակ կը գտնուի։ Երբ ժամանակ եւ հնարաւորութիւն ունենանք պեղումներ կատարելու, երբ ամէն աւերակ իր հողին տակ թագնուած պատմութիւնը լոյս աշխարհ տայ, թերեւս այն ժամանակ այնքան ալ խիստ չլինինք մեր թագաւորներու նկատմամբ:

Ինչ որ է, սիրելի վարդապետ, դու խօսքդ շարունակէ։

Կ’ըսէի որ, - կիսատ ձգած բացատրութիւնը շարունակեց վարդապետը, - Գագիկ թագաւորի օրով Աղթամարը իր փառքի գագաթը հասաւ։ Ճարտարապետ Մանուէլի ծրագրով ամբողջ կղզին շրջապատուեցաւ հաստակուռ պարսպով, բուրգերով, բարձր աշտարակներով։

Բայց զարմանալի է որ ատոնց հետքն իսկ մնացած չէ, - ըսաւ Լեւոնը, որ ի զուր չորս բոլորը կը նայէր՝ պարսպի մնացորդ մը տեսնելու համար։

Անշուշտ ժամանակի ընթացքին աշտարակները կործանեցան, պարիսպը սկսաւ քանդուիլ, իսկ եթէ ատոնց հետքն իսկ չկայ այս օր, պատճառը այն է որ մեր ծովակի ջուրը դարերու ընթացքին բարձրացեր է: Պատմական Ականց քաղաքն ալ որ պարսպապատ մեծ քաղաք մ’եղած է ժամանակին, այժմ ծովակի ջրին տակ կը հանգչի։

Ուրեմն, Աղթամարի պարիսպը ամբողջովին ջրի տակ մնացեր է։

Այո՛, ինչպէս նաեւ Գագիկ թագաւորի շինել տւած նաւահանգիստը։ Պէտք է ենթադրել, որ Աղթամար կղզին հին ժամանակ կրկին մեծութիւն ունեցած լինելու է, որովհետեւ մեր մատենագրութեան մէջ կը յիշուի, որ Գագիկը կղզիի վրայ բերդեր շինեց։ Լաւ, ուշ դրէք ըսածիս, ոչ թէ բերդ, այլ մէկէ աւելի բերդեր, թագաւորական պալատներ, եւ տասնեակ մը եկեղեցի, որոնց թագուհին էր Սուրբ Խաչ եկեղեցին:

Անհամբեր եմ տեսնելու այդ եկեղեցին, որու մասին շատ լսած եմ։ Ճիշդ ըսելով՝ ոչ Սուրբ Գրիգորը եւ ոչ ալ Վարագը իմ վրաս տպաւորութիւն մը չըրին, կարծես գիւղական եկեղեցիներ լինէին։

Վերադառնալու ժամանակ եկեղեցին պիտի հանդիպինք։

Վարդապետն ու Լեւոնը ձիւնի պատճառով, դժուարուրութեամբ կղզիի շրջանը կ’ընէին, որ մօտաւորապէս չորս հազար մեթր շրջագիծ ունէր։ Երբ ուղղուեցան դէպի վանքը, շնորհալի գծերով երեւցաւ Սուրբ Խաչ եկեղեցին, որ Մանուէլ ճարտարապետի գլուխ գործոցն էր։ Դեռ եկեղեցին չհասած՝ տեսան բազմաթիւ տապանաքարեր եւ խաչքարեր, որոնք կիսովին թաղուած էին ձիւնի տակ։ Վարդապետը անոնց քով կանգնելով՝ ըսաւ Լեւոնին․

Հին գերեզմանատուն մ’է. կաթողիկոսներ, թագաւորներ եւ թագաւորական տան պատկանողներ կը հանգչին հոս:

Իսկ ե՞րբ կաթողիկոսութիւն հաստատուեցաւ Աղթամարի մէջ, - հարցուց Լեւոնը:

Երբ Գագիկ թագաւորը զարդարեց կղզին, Սուրբ Խաչ եկեղեցին ալ աւարտեց, իր դիրքը կրօնական եւ քաղաքական տեսակէտով հայ ժողովրդի աչքին աւելի զօրացնելու մտածումով, 921 թուականին, իր ազգականներէն Եղիշէ արքեպիսկոպոսը կաթողիկոս օծել տւաւ։ Ատկէ վերջ, Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը յաջորդաբար շարունակուեցաւ մինչեւ 1895 թուականը։

Դժուարութեամբ ձիւնի մէջէն քալելով հասան եկեղեցիի մօտ։ Երբեք Լեւոնը այդքան շքեղօրէն զարդանկարներով եւ քանդակներով զարդարուած եկեղեցի մը չէր տեսած։ Սուրբ Խաչ եկեղեցիի չորս պատերն ալ սրբազան պատմութենէ առնուած քանդակներով ծածկւած էին, իսկ Աւագ դրան մօտ, քանդակուած էր Գագիկ թագաւորի պատկերը, ձեռքը Սուրբ Խաչ եկեղեցիի մանրանկարը բռնած։

Լեւոնը վերադարձաւ ընկերներուն մօտ, երբ արեւը դէպի արեւմուտք կը թեքէր։

Այդ գիշեր Լեւոնն ու ընկերները մեկնեցան կղզիէն։