ՂԵԿԱՎԱՐ
ՄԱՐՄՆԻ
ԺՈՂՈՎԸ
Վելեամինովսկայա
եւ
Բէհբութեան
փողոցներու
անկիւնը
սպիտակ
ներկուած
երկյարկանի
բաւական
ընդարձակ
տուն
մը
կայ,
քաղաքի
հին
համարուած
շէնքերէն
մէկը։
Այս
տունը
հարազատ
կերպով
պահած
էր
Թիֆլիսի
յատուկ
ճարտարապետական
կառուցուածքը,
ընդարձակ
երեսբացով,
ներքին
սալայատակուած
բակով
եւ
զարմանալիօրէն
մեծ
դարպասի
դռնով,
որու
կիսափեղկին
վրայ
իսկ,
ամենօրեայ
գործածութեան
համար,
բնակիչները
փոքր
դուռ
մը
բանալու
ստիպուած
էին։
Տան
առաջին
յարկին
վրայ
երկար
ժամանակէ
ի
վեր
կը
բնակէր
հայ
ընտանիք
մը՝
ծերունւ
այր
և
կին
մը,
երկու
չափահաս
աղջիկ
զաւակներ,
տան
միակ
երիտասարդ
տղան
եւ
երեք
մանր
երեխաներ,
որոնք
վաղաժամ
կորսնցուցած
իրենց
ծնողքը՝
մեծ
հօր
մօտ
կը
մնային։
Ներսէսեանները,
այդպէս
կը
կոչուէին
անոնք,
համեստ
պայմաններով,
բայց
քաղաքի
աչքի
զարնող
մտաւորական
ընտանիքներէն
կը
համարուէին։
Հին,
անցեալ
ունեցող
ընտանիք
մ՚էր
ան,
սերտօրէն
կապուած
յեղափոխական
շարժումներու
հետ։
Բազմաթիւ
ռուս
յեղափոխական
մտաւորականներ,
աքսորուած
Կովկաս,
այդ
ընտանիքի
շրջանին
մէջ
գտած
էին
իրենց
մտաւոր
ու
հոգեկան
պահանջներուն
համապատասխան
մթնոլորտ
մը։
Դեռ
ութսունական
թուականներէն
սկսած,
այդ
տունը
տեսակ
մը
կեդրոնական
օճախ
էր
ազգային,
կուլտուրական
նորաբողբոջ
շարժման,
որ
Փեթերսպուրկի
եւ
Մոսկուայի
հայ
ուսանողական
ժողովներու
մէջ
խանձարուրուած,
իջեր
էր
Կովկաս՝
մտքերը
փոթորկելով
եւ
ազգային
զարթումի
աղջամուղջի
մէջէն
հետզհետէ
որոշ
ձեւ
ու
գունաւորում
ստանալով։
Ներսէսեաններու
տունն
էր
հաւաքատեղին
Թիֆլիսի
յառաջդիմական
երիտասարդներուն,
որոնք
ամբողջ
մտաւորական
Ռուսաստանը
ալեկոծող
տեսական
հարցերով
յափշտակուած
էին։
Այդ
երեկոյ
Ներսէսեաններու
մօտ,
ճաշասենեակի
մեծ
սեղանը
շրջապատած
խումբ
մը
երիտասարդներ
խորհրդակցութիւն
մը
ունէին։
Պատահական
հաւաքոյթ
մը
չէր
այդ.
գրեթէ
ամէն
շաբաթ
այդ
խումբի
անդամները
կը
հաւաքուէին
եւ
աղմկոտ
ժողովներով
շատ
անգամներ
ամբողջ
գիշերը
կը
լուսցնէին։
Հաւաքուած
երիտասարդները
յեղափոխական
մարմնի
ղեկավար
անդամներն
էին։
Անոնք
Թիֆլիսէն
կը
ղեկավարէին
ազգային
շարժումը,
որ
լայն
ցանցաւորած
էր
Կովկասի
բոլոր
հայաշատ
շրջանները
և
Տաճկաստանի
այն
վայրերը,
որոնք
յեղափոխական
ձեռնարկ
մը
յաջողցնելու
նպաստաւոր
տուեալներ
ունէին։
Այդ
իրիկուն,
ՆԵրսէսեաններու
տունը
հաւաքուած
յեղափոխական
մարմնի
անդամներ
անսովոր
ջղայնութեամբ
կը
վիճէին,
հակառակ
որ
օրիորդ
Նաթալիան,
Ներսէսեաններու
մեծ
աղջիկը,
քանի
մը
անգամներ
զիրենք
զգուշացուցած
էր.
—
Խնդրեմ
ընկերներ,
քիչ
հանդարտ
խօսեցէք,
փողոցէն
անցնող
մը
իսկ
կրնայ
ձեզ
լսել…
գիտէք
որ
ոստիկանութիւնը
կը
հետեւի
մեր
քայլերուն։
Խօսակցութիւնը,
ատեն
մը
զսպուած
շարունակուելէ
վերջ,
ուժգնօրէն
պայթեցաւ
նորէն։
—
Իսկ
ես
կը
պնդեմ
որ,
—
ուր
ձեռքը
ամուր
մը
սեղանին
զարնելով
պոռաց
Աբրահամեանը,
առատ
մազ
ու
մօրուքով,
լուսնակաձեւ
կլոր
դէմքով
տարէց
մարդ
մը,
Ներսիսեան
վարժարանի
ուսուցիչներէն,
—
ես
կը
պնդեմ,
որ
անհարկի
միջամտութիւն
մ՚էր
Վահէի
ըրածը,
եթէ
կ՚ուզէք
քելեկեօզութիւն
մը՝
հրապարակով
դուրս
գալ
ահագին
բազմութեան
առջեւ…
—
Ախր
Աբրահամեան,
խօմ
չի
կարելի
պահանջել,
որ
Վահէն
հոս
ալ
բանտարկուած
մնայ…
Բաւական
է
ինչ
Երկիր
տարիներով
թագստոցներու
մէջ
ապրեր
է…
Եւ
շիտակը
կ՚ուզե՞ս,
այդ
ելոյթը
շատ
տեղին
էր
եւ
անհրաժեշտ՝
թափ
տալու
համար
հասարակութեան
թմրած
ջղերն
ու
միտքը։
Նէյնիմներով
չքնացնենք
այս
ժողովուրդը,
—
մեղմօրէն
խօսեցաւ
բժիշկ
Ջանեանը,
բարձրահասակ
գրաւիչ
երիտասարդ
մը,
որ
ճակտին
թափած
մազերը
ձեռքի
անփոյթ
շարժումով
վը
ետ
նետելով՝
գլուխը
կախած
շարունակեց
իր
աշխտանքը։
Սեղանի
վրայ
բազմաթիւ
նամակներ
կային,
զանազան
շրջաններէ
եկած.
մէկիկ
մէկիկ
աչքէ
կ՚անցնէր
զանոնք՝
որոշ
դասաւորումը
մը
ենթարկելով։
—
Ինչպէ՞ս
թէ
թագնուա՜ծ
մնալ,
—
բարկացաւ
ընկերոջ
վրայ
Աբրահամեանը.
—
տօ՛,
էստեղ
թագնուած
մնալու
ի՞նչ
հարց
կրնայ
լինիլ
որ…
Թող
իրեն
համար
հանգիստ
ապրի
ինչ
նպատակով
որ
արդէն
եկած
է
Երկրէն…
Թատրոն
երթայ,
Տիլի-Պուճուր
քէֆ
ընէ,
այգիները…
կամ
ինչպէս
մտադրած
էր,
երթայ
Արմաւիր,
ծնողքի
մօտ
կազդուրուելու…
Ի՞նչ
կարիք
կար
Հրատարակչական
Ընկերութեան
ընդհանուր
ժողովին
մէջ
դուրս
գալ
հրապարակով,
կատաղած
ճառ
մը
ըսել,
ան
ալ
ի՜նչ
ճառ։
Այդ
խօմ
ձեռնոց
մ՚է՝
նետուած
ոստիկանութեան
երեսին։
Ինչ
է,
կը
կարծէ՞ք,
թէ
անոնք
արդէն
լուր
չունին
ժողովի
անցուդարձէն…
Հա՛
չըսէ՞ք,
ի՜նչ
իմաստ
ունի
այդ
յիմար
քայլը…
Նոր
ելո՜յթ,
թմրած
ջղե՜ր,
հասարակական
զարթո՜ւմ…
Թողէ՛ք՝
Աստուածնիդ
սիրէք
այդ
սիրուն
բառերը…
—
Այսինքն
թէ
ի՞նչ,
—
հանդարտօրէն
Աբրահամեանին
մօտեցաւ
ինժիներ
Դաւեանը,
միջահասակ,
մտածկոտ
երեւոյթով
երիտասարդ
մը,
—լաւ
չեմ
հասկնար
ըսածդ…
—
Ա՜յ
շուտով
աւելի
լաւ
կը
հասկնաս,
երբ
ոստիկանութիւնը
լարոցը
կը
դնէ…
Դեռ
քանի՞
օր
առաջ
էր,
որ
վարչական
կարգով,
առանց
դատ
դատաստանի,
գաւառի
ընկերներէն,
երկուքը
Երեւանէն,
մէկն
ալ
Նոր-Բայազիտէն,
աքսորուեցան
Ռուսաստանի
խորքերը։
Այսպէս
որ
երթայ,
շատ
չանցած՝
հոս
ալ
պիտի
զգանք
ոստիկանութեան
թաթը…
—
Տէ՛
լաւ,
լաւ,
—
քմծիծաղով
ընդմիջեց
Դաւեանը,
—
որ
մէկ
մը
կը
տաքնա՜ս…
—
Վէճդ
ի՞նչ
բանի
մասին
է,
—
մօտեցաւ
Աբրահամեանին
երիտասարդ
Ներսէսեանը,
որ
մինչ
այդ
Վահանեանի
մօտ
նստած
ուշադրութեամբ
կը
հետւէր
անոր
աշխատանքին.
—
այդ
ի՞նչ
նոր
ելոյթ
է.
երկու
օր
է
որ
տնէն
դուրս
ելած
չունիմ,
ոնց
որ
բանէ
պեխաբար
բանտարկեալ
մը…
—
Այ
բացատրեմ…
—
Թող
ես
պատմեմ,
—
Դաւեանի
խօսքը
կտրեց
անհամբեր
Աբրահամեանը
—
ես
ներկայ
էի
ժողովին։
Ջանեանն
ու
Վահանեանը
հետաքրքրուած՝
իրենց
աշխատանքնին
դադրեցուցին,
լսելու
համար։
Աբրահամեանը
իր
սովորական
ջղայնոտ
ու
կրքոտ
ձեւերով
երկար
բարակ
պատմեց,
թէ
երկու
օր
առաջ
Արթիսթական
Թատրոնի
մեծ
սրահին
մէջ
գումարուած
էր
հրատարակչական
ընկերութեան
տարեկան
ընդհանուր
ժողովը։
Ինչպէս
միշտ,
մեծ
բազմութիւն
մը
հաւաքուած
է
եղեր։
Նախագահի
աւուր
պատշաճի
բացման
ճառէն
վերջ,
կարդացուեր
է
տարեկան
տեղեկագիրը,
գրեթէ
կրկնութիւնը
անցած
տարիներուն։
Մէկ
քանի
ժողովականներու
կարգ
մը
անմեղ
նկատողութիւններէ
վերջ,
երբ
կը
պատրաստուին
եղեր
գոհունակութեան
քուէով
յանձնարարել
նախորդ
վարչութեանը՝
այնքան
ձեռնահասօրէն
վարած
գործը
շարունակել
տարի
մը
եւս,
յանկարծ
Վահէն
ձայն
կը
խնդրէ
եւ
այնպիսի
փոթորիկ
մը
կը
բարձրացնէ,
որ
գլուխը
կորսնցուցած
նախագահը,
որ
երբեք
նման
ճառի
մը
չէր
սպասեր,
ստիպուած
կը
լինի
ժողովը
փակուած
յայտարարել՝
մեծ
գայթակղութիւն
պատճառելով
հասարակական
դիրքի
տէր,
պատուաւոր
անդամներուն։
—
Ժողով
ժողովական
իրար
անցան
անբացատրելի
աղմուկի
մը
մէջ,
—
շարունակեց
Աբրահամեանը՝
զայրացած
ձեռքը
սեղանին
զարնելով։—
Հազիւ
թէ
մեր
հասարակական
աշխատանքներուն,
ան
ալ
հազար
խնդրանքով
միայն,
նման
կարեւոր
մարդիկ
կը
մասնակցին։
Անշուշտ
անոնք
պիտի
չուզէին
որ
կառավարութեան
առջեւ
իրենց
բարեյուսութիւնը
կասկածի
ենթարկուի…
—
Իսկ
ի՞նչ
ըսաւ
Վահէն,
—
չոր
մետաղական
ձայնող
հարցուց
Վահանեանը,
—
որ
կրնար
այդ
պատուաւոր
հասարակական
գործիչներու
բարեյուսութիւնը
կասկածի
ենթարկել
ժանտարմական
վարչութեան
աչքին,
այդ
մոռացար
ըսելու.
—
ու
հազիւ
զսպուած
հեգնանք
մը
դէմքին՝
նորէն
իր
գործին
դարձաւ։
—
Այդ
հեգնական
խօսքերդ
բոլորովին
տեղին
չէին,
Վահանեան,
—
գոռաց
գրգռուած
Աբրահամեանը.
—
մենք
կարծեմ
վերջապէս
թաքթ
ըսուած
բան
մը
ունենալու
ենք
մեր
գործունէութեան
մէջ։
Խօսք
չունիմ,
Վահէի
յայտնած
կարծիքները
կրնան
ուղիղ
լինիլ,
բայց
անոր
ժողովի
առջեւ
դուրս
գալն
ու
իր
ճառը
չմտածուած
քայլ
մ՚էր,
անխոհեմ
եւ
վնասակար։
Ահա
թէ
ինչ.
—
ու
սրտնեղութեամբ
աթոռէն
բարձրանալով՝
սկսաւ
սենեակին
մէջ
ման
գալ։
—
Տօ՛,
եղբայր,
վերջապէս
պիտի
պատմե՞ս,
թէ
ի՞նչ
ըսաւ
Վահէն,
—
համբերութենէ
դուրս
ելած
հարցուց
Ներսէսեանը.
—
կրակ
կտրած
կը
խօսիս,
առանց
սակայն
ըսելու
թէ՝
ի՞նչ
ըսաւ
Վահէն…
—
Այսինքն
ի՞նչ
բան
կրնար
ըսած
լինիլ
որ
չգիտնայինք,
հը՞։
—
Տօ՛,
ճիշդ
այն
ըսէ՝
ի՞նչ
կը
կարծես,
թէ
մենք
գիտենք
եւ
թէ
որո՞ւ
մասին
խօսեր
է
Վահէն։
Անվերջ
կը
խօսիս՝
առանց
սակայն
յստակ
գաղափար
մը
տալու
անոր
ըսածներու
մասին։
—
Ի՜նչ
պիտի
ըսէր
որ.
հին
խօսքեր,
ծամծռուած
մտքեր՝
հազարաւոր
անգամ
կրկնուած։
Օրինակ,
որ
Հրատարակչականի
կեդրոնական
խանութին
մէջ
տասն
անգամ
աւելի
ռուսերէն
գիրք
կը
ծախուի
քան
հայերէն.
կարծեմ
այս
ոչ
մէկերնուս
համար
նորութիւն
մ՚է։
Որ
հայ
մտաւորականութիւնը
ինքնախաբէութեամբ
ինքզինք
կ՚օրօրէ,
անմեղ
կուլտուրական
աշխատանքներու
ետեւէն
ինկած,
ու
ատով
իր
ազգային
հասարակակ
պարտքը
կատարած
կը
համարէ,
գիտակցօրէն
անտեսելով
իրական
վտանգը,
որ
հետզհետէ
մեծ
համեմատութիւն
կը
ստանայ՝
սպառնալով
Կովկասահայի
գոյութեան
ամենակենսական
ազդակներուն։
Ո՞րն
է
նորութիւնը
այս
մտքերուն
մէջ…
Ասոնք
հազար
ու
մէկ
ձեւերով
ըսուած
են։
Վտանգը
շեփորելով
չէ
որ
կրնաս
անոր
առաջքը
առնել,
այլ
հարկաւոր
է
խոհեմութիւն…
թաքթ…
մտածուած
ծրագիր…
—
Լա՛ւ,
յետո՞յ…
—
Ալ
ի՞նչ
յետոյ,
—
բարկացաւ
Աբրահամեանը.
—
նոյնանման
մտքերու
շարան
մը։
Որ
քաղաքներու
մէջ,
մեր
նոր
սերունդի
ճնշող
մեծամասնութիւնը
մայրենի
լեզուն
չի
գիտեր,
խորթացած
անհարազատ
պտուղն
է
հայ
իրականութեան։
Որ
փոխանակ
թարգմանական
գրականութեան,
անհրաժեշտ
է,
որ
Հրատարակչականը
հարիւր
հազարաւոր
տարրական
այբբենարաններ
Հրատարակէ
եւ
ցրուէ
հայ
ժողովուրդին,
նոր
ի
նորոյ
մայրենի
լեզուն
սովրեցնելու
համար։
Որ
այդ
աշխատանքին
պէտք
է
լծուի
նախ
եւ
առաջ
Հրատարակչական
ընկերութեան
պատուաւոր
անդամներէն
սկսելով,
որոնց
90
տոկոսի
ընտանեկան
լեզուն
ռուսերէն
է…
—Բաւական
անախորժ,
բայց
եւ
ճշմարիտ
մտքեր,
—
բժիշկ
Ջանեան,
առանց
գլուխը
վեր
առնելու,
ընդմիջեց
Աբրահամեանը,
առջեւը
փռուած
նամակներովը
զբաղած.
—
Եւ
ցաւը
այն
է
որ
եթէ
շատեր
կ՚իւրացնեն
ա՛յդ
տեսակէտը,
քչերն
են
որ
լրջօրէն
կը
մտածեն
դարման
մը
գտնելու
մասին։
Պէտք
եղածը
ոչ
թէ
գիտակցութիւնն
է,
ըսենք
այդ
որոշ
չափով
մը
գոյութիւն
ունի
ամէն
մտածելու
ընդունակ
մարդու
մէջ,
այլ
քաղաքացիական
արիութիւնը՝
վտանգը
մատնանշելու
եւ
ցուցնելու
այն
ճանապարհը,
որով
միայն
պիտի
կրնանք
այս
կորստաբեր
դրութիւնը
կասեցնել։
Պէտք
է,
նոյնիսկ
ուշացած
անհրաժեշտութիւն
մ՚է,
դուրս
գալ
հրապարակով,
ցուցնել
վտանգը,
տրամադրութիւն
ստեղծել,
յուզել
ժողովուրդի
միտքը…
—
Կատարեալ
խելագարութիւն,
—
անկարող
ինքզինք
զսպելու՝
ընկերոջ
խօսքը
կտրեց
Աբրահամեանը,
որ
բնաւ
նման
կարծիք
մը
չէր
սպասեր
բժշկէն.
—
չլինի՞
թէ
կ՚առաջարկես
հրապարակով
դուրս
գալ
ռուս
հսկայ
պետութեան
դէմ՝
քոթոթի
րւ
փիղի
առակը
խաղալու։
Մի
մոռնար,
որ
մեզմէ
շատ
աւելի
մեծ
եւ
կուլտուրական
ազգ
մը՝
լեհացիները
փորձեցին
այդ
ճամբով
երթալ,
բայց
բոլորիս
ալ
յայտնի
է
դժբախտ
վերջաւորութիւնը։
—
Դժբախտ
լինելը,
ինչպէս
կ՚երեւի
այնքան
ալ
յայտնի
չէ,
—
մեղմօրէն
պատասխանեց
բժիշկը.
—
իրականութիւնը
այն
է,
որ
այս
օր
լեհ
ազգը
աւելի
ուժեղ
է,
քան
պատմական
անցեալի
որեւէ
ժամանակ։
—Այսինքն՝
ո՞րն
է
այը
ուժեղութիւնը.
որքան
գիտենք
լեհացին
հպատակ
ժողովուրդ
մ՚է
եւ
Լեհաստանը՝
պարզապէս
ռուսական
նահանգ
մը…
—
Այո՛,
նահանգ
մը,
հպատակ
ժողովուրդ
մը,
զոր
սակայն
հաշուի
կ՚առնէ
բռնապետական
կայսութիւնն
իսկ։
Եթէ
բռնակալութիւնը,
ինչպիսին
ցարական
կառավարութիւնն
է,
հրով
եւ
սրով
ճզմեց
Լեհաստանը,
եթէ
հազարաւորներ
նահատակուեցան
բանտերու
մէջ,
կախաղաններու
վրայ
եւ
Սիպերիոյ
խորքերը,
եթէ
ամբողջ
գիւղեր
ու
աւաններ
աւերակ
դարձան,
սակայն
այդ
համատարած
աւերածութեան
մէջէն
նորէն
բարձրացաւ
լեհ
ժողովուրդը,
նոր
ուխտով
մը,
ներքնապէս
աւելի
ուժեղ,
աւելի
կուռ
ամբողջութիւն
մը,
միացած
մէկ
համազգային
գաղափարի
շուրջը,
ազգային
մէկ
իտէալի
ձգտող։
Չէ,
սիրելիս,
լեհ
ժողովուրդը
այսօր
ստրկութեան
շղթաներով
կաշկանդուած
է
թէեւ,
բայց
աւելի
մեծ,
աւելի
ուժեղ
է
քան
որեւէ
ժամանակ։
Բժիշկ
Ջանեանը,
առանց
պատասխան
սպասելու,
դարձաւ
իր
գործին
եւ
հազիւ
լսելի
ձայնով
մը
շշնջաց.
—
Երանի
թէ
մենք
կարողանայինք
լեհացիներու
տուած
օրինակին
հետեւիլ…
Ներսէսեանը,
որ
կ՚ուզէր
Հրատարակչական
ընկերութեան
ժողովի
մանրամասնութիւններուն
ծանօթանալ,
Աբրահամեանի
օձիքը
բաց
չէր
ձգեր
սակայն.
—
Տօ,
օրհնած,
մէկ
խօսքդ
վերջացուր,
վերջը
ի՞նչ
եղաւ։
—
Ի՞նչ
պիտի
լինէր
որ,
գլխարկը
վերցնողը
սրահէն
դուրս
փախաւ։
Կարծես
թէ
Հրատարակչականի
հասցէին
ըսածները
բաւական
չլինէին,
մեր
Վահէն
ճառը
վերջացուց
մօտաւորապէս
հետւեալ
խօսքերով.
«Տաճկաստանի
մէջ
սուլթանական
եաթաղանը
կը
կոտորակէ
մեր
ժողովուրդը,
իսկ
հոս՝
Կովկասի
մէջ
ալ,
առանց
նկատելի
ցնցումներու
հայութիւնը
ճերմակ
ջարդով
կը
կոտորուի,
որ
աւելի
վատ
է
քան
որեւէ
կոտորած»։
Անշուշտ
տաք
գլուխ
երիտասարդութիւնը
խելագար
կը
ծափահարէր,
մինչ
նախագահին
ու
անդամները
շփոթած՝
կը
մեկնէին
սրահէն։
Կասկած
չունիմ
որ
այդ
ընկերութեան
գլխուն
փորձանք
մը
գալու
է։
—
Ամբողջդ
ա՞յդ
է,
—
հարցուց
Վահանեանը,
որ
պահ
մը
դադրեցուցած
աշխատանքը՝
ուշադրութեամբ
կը
հետեւէր
Աբրահամեանի
պատմութեանը.
—
Տակնուվրայ
լինելու
պատճառ
մը
չեմ
տեսներ.
հէր
օրհնած,
ամբողջ
ջաղացը
ձեռքէ
կ՚երթայ
ու
դու
ջախջախի
մասին
կը
մտածես…
Այդ
կուլտուրական
ընկերութիւնները,
Հրատարակչականները,
Մարդասիրականները
մէկ
իսկական
արժէք
ունին
միայն,
անոնք
քնաբեր
օրօրներ
են,
որ
ժողովուրդը
յոյսերով,
ակնկալութիւններով
գինովցած՝
փոխանակ
ինքնագիտակցութեան
գալու,
մուշ
մուշ
քնանայ։
Աւելի
լաւ
կը
լինէր,
որ
բոլորովին
չունենայինք
այդ
մեծադղորդ
անուններով
ընկերութիւնները,
այդ
պարագային
թերեւս
ժողովուրդը
աւելի
յստակ
տեսնէր
իրականութիւնը
եւ
միջոցներ
մտածէր
պայքարելու
համար…
—
Այսինքն՝
կռիւ։
—
Այո,
եթէ
կ՚ուզես,
հոգեկան
կռիւ։
Մինչ
Վահանեանը
իր
աշխատանքին
դարձաւ
նորէն,
մնացած
ընկերներու
մէջ
սուր
եւ
կրքոտ
վիճաբանութիւն
մը
ծայր
առաւ։
Դաւեանը,
Նաթալիան
եւ
վերջէն
վիճաբանութեան
մասնակցող
Ջանեանը
կը
գտնէին,
որ
օգտակար,
նոյնիսկ
անհրաժեշտ
է
այդ
հարցը
հրապարակով
յուզել
օգտագործելով
ամէն
պատահական
առիթները,
որպէսզի
ժողովրդական
լայն
զանգուածը
ուշքի
գայ։
—
Պէտք
է
անվերջ
խօսիլ,
եթէ
նոյնիսկ
առանց
անմիջական
հետեւանքի
մը
հասնելու,
—
կը
պնդէր
Ջանեանը,
—
քանի
որ
կռուի
մեր
միակ
զէնքը
պիտի
լինի
համաժողովրդական
փասսիւ
ընդդիմադրութիւնը,
կառավարութեան
վանդալական
օրէնքներուն
դէմ։
Հալածելով
հայ
լեզուն,
ան
իր
հարուածը
ուղղած
է
հայ
ազգի
ամենազգայուն
գործօնին։
Վերցուր
լեզուն,
տակը
կը
մնայ
անգոյն,
ճապաղ
զանգուած
մը,
որ
ոչ
այս
է
եւ
ոչ
ալ
այն,
այլ
նորաձեւ
մասսա
մը,
որ
անուն
չունի։
Մենք
պարտաւոր
ենք
թռուցիկներով,
ճառերով,
բրօշիւրներով
դիմակազերծ
ընել
կառավարութեան
քաղաքականութիւնը,
մատնանշել
վտանգը,
քանի
ուշ
չէ։
Ես
համաձայն
եմ,
—
վերջացուց
խօսքը
բժիշկ
Ջանեանը,
որ
հանդարտ
եւ
ծանր
ծանր
կը
խօսէր,
—
որ
կառավարութեան
ռուսացման
ծրագրի
դէմ
կռուելու
համար՝
ամէն
հնարաւոր
միջոցով
արթնցնենք
ժողովուրդը,
ամէն
միջոց
օգտագործելով
ցուցնենք
սպառնացող
վտանգը,
յուզենք
մտքերը։
Ատկէ
վերջ
ժողովուրդը
բնազդօրէն
իր
ճամբան
կը
գտնէ։
Երբ
Աբրահամեանն
ու
ՆԵրսէսեանը
ըստ
էութեան
համաձայն
լինելով
կը
գտնէին,
որ
պետական
օրէնքով
ազգային
ծխական
վարժարաններու
բռնի
փակումէն
վերջ,
բացի
մէկ
քանի
թեմական
վարժարաններէն,
որոնք
եղած
պահանջին
չէին
կրնար
բաւարութիւն
տալ,
Հրատարակչականի
նման
կուլտուրական
հաստատութիւնները
շինարար
դեր
մը
ունէին
կատարելիք։
Հետեւաբար,
պէտք
է
զգուշաւոր
լինիլ
այդ
հատուկտոր
հաստատութիւնները
եւս
չվտանգելու
համար։
—
Պէտք
է
թաքթով
գործել,
—
կը
պնդէր
Աբրահամեանը,
—
մենք
արդէն
հսկայական
գործ
մ՚ունինք,
որ
բոլոր
ուժերը
կլանած
է։
Պէտք
չէ
որ
նոր
ճակատ
մ՚ալ
հոս
բանանք։
Ատկէ
զատ,
հազիւ
թէ
քանի
մը
ազգային
գունաւորում
կրող
հաստատութիւններ
մնացեր
են։
Գիտենք
ալ
որ
ռուս
օտարակեր
կառավարութիւնը
չքմեղանքի
մը
կը
սպասէ
ատոնք
ալ
մէջտեղէն
վերցնելու
համար։
Ամէն
պարագայի
առիթը
մենք
ինքներս
պիտի
չտանք։
—
Միեւնոյն
բանն
է,
առիթ
տուեր
ես
թէ
չէ,
—
կը
հակաճառէր
Դաւեանը,
որ
ընդհանրապէս
շատ
խօսիլ
չսիրելուն՝
հազիւ
երբեմն
միայն
կ՚արտայայտուէր.
—
կառավարութիւնը
ժամանակը
եկած
որ
համարէ՝
ինք
առիթ
մը
կը
ստեղծէ։
Պարզ
է
որ
մենք
կամայ
ակամայ
այդ
հարցի
պատճառով
պիտի
ճակատինք
կառավարութեան
դէմ։
Մինչ
սենեակի
մէջ
վիճաբանութիւնը
կը
շարունակուէր,
նորեկի
մը
ձայնը
լսուեցաւ
դրսի
պատշգամէն,
ուր
Ներսէսեաններու
ընտանիքը
հարեւան
հիւրերու
հետ
իրիկուան
թէյը
կ՚առնէր։
Ձայնը
կը
հարցնէր.
—
Ընկերներս
եկա՞ծ
են…
—
Այո,
բոլորն
ալ
հաւաքուած
են,
պարոն
Պաստամեան։
Չէ՞իք
ուզեր
բաժակ
մը
թէյ
առնել
մեզ
հետ,
—
կանացի
ձայն
մը
պատասխանեց
նորեկին։
—
Ոչ,
շնորհակալութիւն,
արդէն
շատ
ուշացեր
եմ…
Անմիջապէս
վերջը,
սենեակի
դուռը
բացուեցաւ
եւ
ներս
մտաւ
Պաստամեանը
երիտասարդի
մը
ընկերակցութեամբ.
—
Բարեւ,
արդէն
հաւաքուե՞ր
էք։
—
Պետրոսեանն
ու
Վահէն
դեռ
չեն
եկած,
—
պատասխանեց
Ջանեանը՝
ձեռքի
նամակը
մէկդի
դնելով.
—
բայց
կարծեմ
մենք
կրնանք
սկսիլ,
առանց
սպասելու։
—
Անշուշտ
սկսինք,
մանաւանդ
կարգ
մը
կարեւոր
հարցեր
եւս
ունինք,
—
եւ
աթոռ
մը
քաշելով՝
տեղաւորուեցաւ
Ջանեանի
կողքին.
—
կ՚երեւի,
Պետրոսեանը
նոյնիսկ
մոռցեր
է
թէ
ժողով
ունինք
այս
գիշեր։
Այս
շատ
անգամ
կը
պատահի
անոր,
—
ու
կարծես
նոր
նկատելով
իր
հետ
ներս
մտնող
երիտասարդը,
որ
շուարած
սեղանի
մօտ
կանգնած
մնացեր
էր,
ընկերներուն
դարձաւ
զարմացկոտ
նայուածքով
մը.
—
չճանչցա՞ք,
մեր
Գէորգն
է,
քիչ
առաջ
միայն
Թիֆլիս
հասաւ։
—
Տօ՛,
վայ
քո
տունը
չքանդուի,
Գէորգ
ջան,
—
ու
ամենէն
առաջ
Աբրահամեանը
վրայ
վազեց՝
գրկելով
նորեկ
երիտասարդը.
—
մեր
տղայ,
այս
որքա՜ն
փոխուեր
ես.
հարազատ
մայրդ
իսկ
դժուարութեամբ
պիտի
ճանչնար…
Այս
ի՞նչ
յանկարծական
գալ
է…
Բոլորովին
չէինք
սպասեր…
Մինչ
մնացած
ընկերներն
ալ
մօտենալով
կը
գիրկնդխառնուէին
Գէորգին
հետ
եւ
ամէն
մէկը
բան
մը
հարցնէր,
Պաստամեանը,
գրպանէն
քանի
մը
նամակ
հանելով
մտահոգ
դէմքով
մը
երկնցուց
սեղանի
վարի
ծայրը
նստող
Վահանեանին.
—
Կարծեմ
կարեւոր
նամակներ
են։
Լաւ
է
հիմա
բանաս։
—
Լաւ։
Վահանեանը
անտարբեր
հայեացք
մը
նետեց
նամակներուն
վրայ,
որոնք
բարեկամական
անմեղ
բովանդակութիւն
մը
ունէին։
Առանձին
առանձին
նամակները
միեւնոյն
գործողութենէ
անցուց։
Վերջին
նամակը
Վանէն
գրուած
էր,
հասարակ
բարեւագիր
մը։
Վահանեանը,
նամակը
տարածելով
սեղանին,
ձեռքի
նուրբ
վրձինովը
սկսաւ
ինչ
որ
հեղուկ
նիւթ
մը
քսել
վրայ։
Նամակի
թանաքով
գրուած
տողերու
արանքին,
այդ
հեղուկի
շնորհիւ,
սկսան
երեւան
գալ
կարմրաւուն
թուանշաններու
երկար
շարքեր՝
շատ
խիտ
եւ
մանր
գրուած։
Վահանեանը
խնամքով
առանձին
թղթի
մը
վրայ
այդ
թուանշանները
արտադրելով՝
դարձուց
նամակի
միւս
կողմը։
Քանի
թուանշաններու
շարքը
կ՚երկարէր,
Վահանեանի
կեդրոնացած
դէմքը
տխուր
արտայայտութիւն
մը
կը
ստանար։
Աշխատանքը
վերջացնելէ
յետոյ,
ցաւագին
հառաչանքով
մը
գլուխը
ետ
նետեց
եւ
աչքերը
առաստաղին՝
անհնչիւն
մեռած
ձայնով
մը
ինքնիրեն
ըսաւ.
—
Մէկ
այս
էր
պակաս…
—
Հը՞,
ինչ
նորութիւն
կայ,
մեր
տղայ,
—
մօտեցաւ
Սուրէն
ՆԵրսէսեանը,
—
վա՞տ
լուրեր…
—
Շա՛տ
վատ…
—
Նամակը
որտեղէ՞ն
է։
—
Վանէն։
—
Ի՞նչ
կըսեն։
Վահանեանը՝
առանց
պատասխանելու
անոր
հարցումին՝
թուանշաններով
ծածկուած
թուղթը
երկարեց
անոր.
—
Բանալին
ի՞նչ
է
որ։
—
«Մեր
հայրենիք»ի
երկրորդ
տունը։
—
Յիշողութեամբ
չեմ
կրնար,
երկու
խօսքով
ըսէ։
—
Սպասէ,
քիչ
վերջը
պիտի
կարդամ
արդէն։
—
Տղերք,
ժամանկ
չկորսնցնենք։
Խնդրեմ՝
նստէք
եւ
սկսինք,
—
թելադրեց
Պաստամեանը,
հանդարտ
ցած
ձայնով,
—
կարծես
դասարանի
մէջ
հաւաքուած
աշակերտներու
խօսէր,
—
շարք
մը
այնետաձգելի
հարցեր
ունինք
որոնց
մասին
պէտք
է
կարգադրութիւն
ընել։
—
Բայց
Վահէն
ո՞ւր
մնաց,
—
մտահոգ
հարցուց
Դաւեանը,
—
լրջօրէն
կը
վախնամ
որ
այդ
տղան
գլխուն
փորձանք
մը
բերէ։
—
Քաչալը
ճամբու
դնելու
գնաց,
շուտով
կուգայ,
—
ապահովցուց
բժիշկ
Ջանեանը,
որ
շարք
մը
նամակներու
մէջէն
մէկը
առնելով
պատրաստուեցաւ
կարդալու։
—
Հա՛,
իրաւ,
ինչպէ՞ս
է
Քաչալի
առողջական
վիճակը,
—
հարցուց
Ներսէսեանը—
շատ
տկար
կ՚երեւէր։
—
Շատ
ալ
լաւ
չէ.
երկարատեւ
տարիներու
տառապանքը,
փախուստի
ժամանակ
ամիսներով
թափառումը
անմարդաբնակ
անտառներու
մէջ՝
ֆիզիքապէս
հիւծեր
են
զայն։
Աջ
թոքը
տկար
է։
Այդ
է
պատճառը
որ
անմիջապէս
ճամբեցինք
Տիլիճան,
Սարտարի
մօտ,
որ
կազդուրուի։
Այժմ
անցնինք
մեր
գործին։
Ամէնքը
տեղաւորուեցան
սեղանի
չորս
բոլորը։
Մէկ
քանի
սովորական
նամակներու
ընթերցումէն
վերջ,
որոնց
մասին
անմիջապէս
հարկաւոր
կարգադրութիւններ
ըրին,
Ջանեանը
ընկերներու
մասնաւոր
ուշադրութիւնը
հրաւիրեց
կարեւոր
նկատած
նամակի
մը
վրայ,
զոր
սկսաւ
կարդալ.
«Սիրելի
Մարկոս,
«Ինչպէս
գրած
եմ
քեզ
նախկին
նամակներովս,
երեք
շաբաթէն
աւելի
է
ինչ
գործի
ձեռնարկած
եմ
արդէն։
Դժուար
եղաւ
յարմար
տեղ
մը
խանութ
վարձելը։
Այժմ
ամէն
ինչ
թէեւ
կարգին
է,
բայց
մինչեւ
այժմ
քու
խոստացած»…
—
Այդ
անշուշտ
Կոլոտի
նամակն
է,
—
ընդմիջեց
Սուրէնը,
—
ի
հարկէ,
փող
կ՚ուզէ
անիրաւը։
Ջանեանը
գլխով
հաստատական
նշան
մը
ըրաւ
եւ
շարունակեց
ընթերցումը.
«Բայց
մինչեւ
այժմ
քու
խոստացած
փողը
չհասաւ։
Գիտես,
որ
առանց
քո
օգնութեան
պտղավաճառի
գործս
չեմ
կրնար
ընդարձակել։
Ինչպէս
նշանները
ցոյց
կուտան,
շահաւէտ
գործ
մ՚է
այս,
եթէ
միայն
միջոցները
չպակսին։
Արդէն
բաւական
ծանօթութիւն
ձեռք
բերած
եմ
եւ
բազմաթիւ
յաճախորդներ։
Կը
խնդրեմ,
որ
անուշադիր
չլինիս
դէպի
իմ
խնդիրքս։
Ափսոս
գործ
է,
մեծ
հնարաւորութիւններ
կան,
որոնց
մասին
հազիւ
թէ
կրնայի
երազել
առաջ։
Այսօր
Ներսէսեաններու
երեխաներուն
համար
բարեկամի
մը
միջոցով
քանի
մը
խաղալիքներ
կը
ճամբեմ.
ատոնք
շատ
աժան
գնած
եմ։
Այդ
խաղալիքները
շինող
վարպետին
հետ
մտերմացեր
եմ։
Ուրիշներէ
ալ
առաջարկութիւններ
ստացայ։
Եթէ
կը
կածես,
որ
նոր
տարիի
առթիւ
հոդ
կրնաս
ծախել,
մինչեւ
երեք
հարիւր
հատ
ճամբելու
հնարաւորութիւն
ունիմ։
Գրէ՛,
մանաւանդ
փող
ուղարկէ։
—
Պարզ
է
նամակի
իմաստը,
—
խօսեցաւ
բժիշտ
Ջանեանը,
—
ինչպէս
գիտէն,
Կոլոտը
երկու
ամիս
առաջ
ուղարկեցինք
Ռուսաստան
զէնքի
խնդիրը
կանոնաւորելու
համար։
Տեղական
միջոցներով
այլեւս
չէինք
կրնար
բաւարարել
Երկրի
աճող
պահանջները։
Ինչպէս
նամակէն
կը
հասկցուի,
Կոլոտը
Թուլայի
մէջ
պտղավաճառի
խանութ
մը
բացեր
է
Միքայէլի
հետ,
ոստիկանական
հետապնդումէ
ազատ
լինելու
համար։
Երէկ
ստացանք
որպէս
նմուշ
ուղարկած
երեք
հրացանները։
Ըստ
մեր
զինագործ
ընկերներու
կարծիքին,
բոլորովին
նոր
ու
առանց
պակասութեան
եռագիծ
մօսիններ
են։
Ինչ
որ
նամակէն
կը
հասկնանք,
Կոլոտը
յաջողեր
է
պետական
զինագործարանի
գլխաւոր
վարպետներէն
մէկուն
հետ
հասկցողութեան
մը
գալ։
Ան
խոստացեր
է
միանուագ
երեք
հարիւր
հրացան
յանձնել։
Այս՝
գործի
սկիզբն
է
դեռ,
ինչպէս
կ՚երեւի։
Բայց
հարկաւոր
է
միջոցներ,
կաշառքի,
տեղական
պահեստի,
փոխադրութեան,
ինչպէս
նաեւ
իրենց
անձնական
ծախսերուն
համար…
—
Այսինքն՝
հարկաւոր
է
փող,
—
կարճ
լրացուց
անոր
խօսքը
Վահանեանը,
—
բան
մը
որ
չունինք…
—
Որքա՞ն
պէտք
է,
—
հարցուց
Աբրահամեանը,
—
այսպիսի
պատեհութիւն
մը
չպիտի
ձեռքէ
հանել։
Թերեւս
մեր
միջոցներով
ճար
մը
ընենք։
—
Մօտաւորապէս
երեք
հազար
րուբլիի
պէտք
մը
կայ,
—
տխրութեամբ
գլուխը
շարժեց
Ջանեանը։
Շուարած
իրարու
նայեցան։
Ահագին
գումար
մ՚էր
այդ։
Խանդավառուած
իտէալով
մը,
այդ
մարդիկ՝
ոմանք
բազմանդամ
ընտանիքի
տէր՝
իրենց
զիրենք
ամէն
տեսակ
զրկանքներու
ենթարկած,
տուած
էին
որքան
որ
հնարաւոր
էր
տալ.
սակայն,
անկարելին
չէր
կարելի
պահանջել։
—
Հէ՜յ,
հէ՜յ,
մերդ
չմեռնի
Հայաստան.
գործաւորներէ
ու
բանուորներէ
կոպէկ
կոպէկ
ամսատուրք
ստանալով՝
ելեր
ենք
քեզ
ազատելու,
—
դառնութեամբ
բարագանչեց
Սուրէնը,
—
մէկ
հարցնող
լինի
թէ՝
ո՞ւր
կորան
մեր
շարք
մը
ընկերները,
սուրբ
Ուխտի
անդաւաճան
ասպետները…
—
Չաղ
չաղ
պաշտօններ
գտան,
բարեկամս,
—
հեգնեց
Վահանեանը,
—
Պաքու
վազեցին,
բարձր
դիրքեր
գրաւեցին,
փառք,
պատիւ,
մեծ
դրամօժիտներով
փափլիկ
աղջիկներ…
ու
մնաս
բարով՝
յեղափոխութիւն,
ազգային
իտէալ,
Հայաստան…
—
Լաւ
է
մեր
գործին
անցնինք,
—
յուզուած
ընկերները
մեղմ
հանդարտութեամբ
ի
կարգ
հրաւիրեց
Պաստամեանը,
որ
մինչ
այդ
մտազբաղ
դէմքով
անընդհատ
մօրուքին
հետ
կը
խաղար։
Միջահասակ,
լեցուն
կազմով
միջին
տարիքի
մարդ
մ՚էր։
Հազիւ
թէ
աչքի
զարնող
բան
մը
լինէր
անոր
վրան։
Ժողովի
ընթացքին,
հանդարտ
նստած,
կը
թուէր
թէ
առանց
լսելու
մտքով
հեռուները
կը
թափառէր։
Մտազբաղ,
դալուկ
դէմք
մ՚ունէր։
Քիչ
կը
խօսէր,
կարճ
նախադասութիւններ
արտասանելով
ու
գրեթէ
միշտ
գործնական
առաջարկ
մը
կը
բերէր։
Ընկերները
զինք
մեծ
ուշադրութեամբ
կը
լսէին։
Երբ
բոլորը
նորէն
իրենց
տեղերը
գրաւեցին
սեղանի
շուրջ,
Պաստամեանը
դարձաւ
Ջանեանին.
—
Որքա՞ն
պէտք
է՝
ըսիր։
—
Մօտ
երեք
հազար
րուբլի։
—
Իսկ
մինչեւ
այժմ
որքա՞ն
ճամբուած
է։
—
Չորս
հարիւր
րուբլի
միայն։
—
Պէտք
է
անպատճառ
հազար
մ՚ալ
ճարել
տեղէ
մը,
—
հազիւ
լսելի
ձայնով
մը
շշնջաց
Պաստամեանը,
աչքերը
կիսախուփ,
կարծես
ինքնիրեն
խօսելով։
Վայրկեան
մը
մտածելէ
վերջ,
ընկերներուն
դառնալով
ըսաւ.
—
Ես
կը
հոգամ
այդ
գումարը։
Մնացածի
մասին
կը
դիմենք
Պաքու։
Հիմա
անցնինք
միւս
հարցերուն։
Ուրիշ
կարեւոր
նամակներ
ունի՞ս,
Ջանեան։
—
Այս
մէկը
Հառինջի
վանքէն
եկաւ։
Սարգիսն
ու
ընկերները
սաստիկ
բարկացած
կ՚երեւին.
կ՚ըսեն
թէ
ոչ
պղինձը
եւ
ոչ
ալ
կլայեկը
տեղ
հասեր
է,
թէեւ
արհեստանոցը
մէկ
ամիս
է
ինչ
լրացեր
է
եւ
ամէն
ինչ
պատրաստ
է
գործի
սկսելու
համար։
Օգնականներէն
Կարօն
ալ
ստիպուած
Ալէքսանդրոպոլ
իջեր
է
հանքածուխ
ճարելու,
որ
անհրաժեշտ
է
գործի
համար։
Այս
տեղէն
ղրկուած
հալոցները
մասամբ
կը
գոհացնեն,
բայց
պէտք
ունին
աւելի
մեծերու
եւ
կը
խնդրեն
որ
չուշացնենք։
Ընդհանրապէս
դժգոհ
են
շրջանի
մարմնի
գործունէութենէն։
Տղաները,
ինչպէս
կ՚երեւի,
պէտք
եղած
ոգեւորութեամբ
չեն
փարած
գործին։
Յետ
գրութեան
մ՚ալ
կայ,
«Յայտնեցէք
Պաստամեանին,
որ
ուղարկած
թղթերը
անպէտք
դուրս
եկան.
հարկաւոր
է
աւելի
բարակ
եւ
կակուղ
տեսակի
թուղթ»։
—
Այդ
նամակը
ինձ
տուր։
Արդէն
քանի
մը
օրէն
պիտի
երթամ,
կարգ
մը
կարեւոր
փորձեր
կատարելու,
պէտք
եղածները
հետս
կը
տանիմ,
—
ու
Պաստամեանը
նամակը
վերցնելով
դրաւ
գրպանը։
Երկու
ուրիշ
նամակներու
մասին
եւս
կարգադրութիւն
ընելէ
վերջ,
Ջանեանը
խնդրեց
ընկերներէն,
շուրջը
հաւաքուիլ։
Սեղանի
վրայ
փռեց
յատակագիծ
մը,
որու
մէկ
ուրիշ
օրինակը,
ինչպէս
ընթերցողը
կը
յիշէ,
Քաչալի
ձերբակալուելու
ժամանակ
ժանտարմական
վարչութեան
ձեռքը
անցաւ։
—
Այս
Արփա
չայն
է,
—
կը
բացատրէր
շուրջը
հաւաքուած
ընկերներուն
Ջանեանը՝
ձեռքի
մատիտը
քարտէսի
վրայ
գծուած
կապոյտ
գծի
մը
վրայէն
անցընելով,
—
իսկ
այս
սեւ
գիծը,
քաղաքային
պարտէզի
մօտէն
անցնող
ճանապարհը,
որ
կ՚երկարի
գերեզմանոցի
տակով…
Դուք
բոլորդ
ալ
ծանօթ
էք
այս
շրջանին։
Ճամբան
հոս
փայտէ
կամրջակի
վը
վրայէն
կ՚անցնի
ու
կ՚երթայ
դէպի
շրջակայ
գիւղերը։
Կամրջակէն
դէպի
աջ
բարձրացող
այս
գիծը
կը
տանի
դէպի
հին
բերդը,
որ
այժմ
որպէս
զինապահեստ
կը
գործածուի։
Ահա
եւ
գլխաւոր
դուռը…
—
Բայց
այդ
ի՞նչ
աղմուկ
է
դուրսը,
—
խօսքը
ընդմիջելով
ընկերներուն
դարձաւ
Ջանեանը։
—
Ո՛չ,
շնորհակալ
եմ,
շատ
եմ
ուշացեր,
—
հնչեղ
ձայնով
մէկը
կը
խօսէր
դուրսը։
Ու
անմիջապէս
յետոյ
սենեակի
դուռը
բացուեցաւ
եւ
ներս
մտաւ
մեր
նախածանօթ
Վահէն։
—
Բարեւ
ձեզ,
կը
ներէք,
ակամայ
ուշացայ,
—
ու
մէկէն
ի
մէկն
նորեկ
երիտասարդը
տեսնելով,
որուն
բոլորովին
չէր
սպասեր,
վրայ
վազեց,
գրկուեցաւ
անոր
հետ—
վայ
Գէորգ,
այս
դո՞ւ
ես…
Ի՞նչ
յանկարծակի
գալ
է.
ի՞նչ
է
պատահեր.
տղաքը
ի՞նչպէս
են,
Պիծան,
Նիկոլը…
Վանքո՞վ
անցար,
Ռուբէնը,
Վարդապետը…
Չոփուրը
տեսա՞ր…
—
Տօ
տնաքանդ,
մէկ
հանգիստ
ձգէ
զիս,
—
հազիւ
հաց
Վահէի
ուժեղ
թեւերէն
ինքզինքը
ազատելով
ծիծաղեցաւ
Գէորգը—
Թող
մէկ
շունչ
քաշեմ,
արջի
մը
պէս
սիրելով
խեղդեցիր
զիս։
Հազար
հարց
կուտաս
մէկէն.
ո՞ր
մէկուն
պատասխանեմ .
բորոլն
ալ
լաւ
են,
յետոյ
կը
պատմեմ…
—
Բայց
ինչո՞ւ
եկար…
—Վահէ .
խնդրեմ
մի
խանգարեր,
—
մեղմօրէն
նկատեց
Ջանեանը.
—
Գէորգ
իր
կարգին
զեկուցում
պիտի
տայ
արդէն։
ՄԵնք
Ալեքսանդրոպօլի
խնդրի
մասին
կը
խօսէինք,
որուն
ծանօթ
ես։
Հանդարտ
նստէ
եւ
մի
խանգարեր,
կը
փորձեմ
ընկերներուն
ծանօթացնել
հանգամանօրէն…
—Ներէ
որ
ընդմիջեմ։
Գիտէք
որ
Քաչալը
ճամբու
դնելու
գացեր
էի։
Երկար
պատմութիւն
մը
կարճ
կապելու
համար
ըսեմ
երկու
խօսքով,
որ
կայարանի
մէջ
զարմանալի
զուգադիպութեամբ
Քաչալը
հանդիպեցաւ
Մետեխի
նախկին
պահապաններէն
մէկուն,
որ
հիմա
ոստիկանական
լրտես
մ՚է։
Ձերբակալուեցաւ։
Ուկնդիրները
շփոթած
այդ
անակնկալ
նորութիւնը
լսելով,
իրար
անցան։
Վահէն
ձեռքի
նշանով
մը
լռեցուց
զանոնք
ու
շարունակեց.
—
Քիչ
առաջ
փախուցինք
Քաչալը։
Ապահով
ձեռքերու
մէջ
է
այժմ։
Այս
պատճառով
քիչ
մը
ուշացայ։
Ալ
բան
մի
հարցնէք.
վերջէն
կը
պատմեմ…
Հիմա
մեր
գործին
դառնանք։
—
Բայց
վստա՞հ
ես,
որ
ապահով
վիճակի
մէջ
է,
—
հարցուց
Աբրահամեանը։
—
Այո՛,
այո՛,
աւելի
ապահով
քան
դու
եւ
ես,
—
հեգնօրէն
ծիծաղեցաւ
Վահէն։
Երբ
միամտուած,
ընկերները
նորէն
հաւաքուեցան
Ջանեանի
շուրջը,
վերջինս
շարունակեց
կիսատ
ձգած
բացատրութիւնը.
—
Ահա
եւ
գլխաւոր
դուռը,
ուր
երկու
զինուոր
գիշեր
ցերեկ
պահակութիւն
կ՚ընեն։
Աջ
եւ
ձախ
պատերու
երկայնքով
նոյնպէս
պահակ
զինուորներ
կ՚երթեւեկեն։
—
Իսկ
բերդի
պահակագունդը
որտե՞ղ
կը
մնայ,
—
հարցուց
Աբրահամեանը։
—
Հիմա
կը
բացատրեմ։
Ամիսը
անգամ
մը,
Ալէքսանդրոպոլի
զինուորական
կազմէն,
զանազան
զօրագունդերէ
խումբ
մը
կ՚ուղարկուի
բերդի
պահակութեան
համար։
Գլխաւոր
դռնէն
ներս՝
ահա
այս
քառակուսին
զինուորներու
կացարանն
է,
իսկ
դիմացինը՝
խոհանոցը։
Ներքին
բակի
վրայ
կը
բացուի
պահեստի
գլխաւոր
դուռը,
որ
միշտ
գոց
կը
պահուի,
բացի
այն
պարագայէն
երբ
նոր
խումբ
մը
կուգայ
պահակութիւնը
ստանձնելու։
Հետեւաբար,
այդ
փոխանցման
ժամանակ
է
որ
կը
կատարուի
պահեստի
ձեւական
քննութիւնը։
—
Բայց
ես
դեռ
չհասկցայ
թէ…
—
Ի՞նչ
շարունակ
կ՚ընդմիջես,
—
տաքացած
խօսքը
կտրեց
Ներսէսեանը.
—
Ի՞նչը
չհասկցար։
—
Ա՜յ,
թէկուզ
այն,
թէ
մերոնք
ի՞նչ
միջոցով…
Բայց
չկրցաւ
շարունակել.
չորս
կողմէն
ընկերները
լռեցուցին
զայն։
—
Որ
քիչ
համբերես՝
կը
հասկնաս,
Ներողամիտ
ժպտաց
Ջանեանը՝
բացատրութիւնը
շարունակելով.
—
X
զօրագնդի
պահակախումբը,
որ
տաս
օրէ
ի
վեր
պահեստը
կը
պահէ
ու
դեռ
քսան
օր
մ՚ալ
պիտի
մնայ,
կովկասեան
խառն
գունդ
մ՚է,
բաղկացած
վրացիներէ,
տեղական
ռուսներէ
եւ
հայերէ։
—
Օ՜,
հիմա
գլխի
կ՚իյնամ,
—
ընդմիջեց
Աբրահամեանը,
որ
այդ
իրիկուն
կարծես
չէր
կրնար
լռել.
—
հիմա
գլխի
կ՚իյնամ։
—
Եւ
ի՜նչ
մեծ
բախտաւորութիւն,
—
հեգնօրէն
ծիծաղեցաւ
Սուրէնը,
—
որքա՜ն
նուրբ
հասկցողութիւն
ունիս,
եղբայր
պատուական…
—
Որպէս
թէ
դու
շատ
հասկցեր
էիր…
—
Տօ,
բաւական
է,
երկուքդ
ալ
անվերջ
շուն
ու
կատու
կը
խաղաք,
առանց
կռուելու
չէք
կրնար
եօլա
երթալ.
—
ընդհանուր
ծիծաղի
մէջ
վրայ
բերաւ
Դաւեանը.
—վերջապէս
լռեցէք,
որ
Ջանեանը
վերջացնէ
ըսելիքը։
—
Խնդրեմ
լսեցէք,
—
շարունակեց
Ջանեանը,
—
այդ
պահակախումբի
հայ
զինուորներէն
երկուքը
մեր
գործին
նուիրուած,
համախոհ
ընկերներ
են,
մէկը
Ախալքալաքէն,
միւսն
ալ
Երեւանի
Քանաքեռ
գիւղէն։
Երկուքն
ալ
անձնազոհ,
վստահելի
ընկերներ
են։
Աւելորդ
է
խօսիլ
սպայ
Պարոնովի
մասին.
շատերը
ձեզմէ
կը
ճանչնան
զայն.
մեր
հին
եւ
լաւագոյն
ընկերներէն
է։
Գիտէք
ալ,
թէ
անոր
յղացած
ծրագիրն
է
այս
ձեռնարկը։
Ներկայ
պահակագնդի
ղեկավար
սպան
է
ինք,
ծանօթ
բերդի
կազմութեանը,
պահեստի
ներքին
բաժանմունքներուն։
Անշուշտ
մեր
զինուոր
ընկերները
անոր
մասին
ոչինչ
գիտեն։
Պարոնովի
դերը
այս
գործի
մէջ
այն
պիտի
լինի,
որ
որոշուած
գիշերը,
պիտի
նշանակէ
մեր
երկու
զինուորները
բերդի
արտաքին
մասի
կողքի
երկու
պատերուն
հսկող
պահակներ։
Այդ
շատ
մեծ
նշանակութիւն
ունի՝
դիւրացնելու
համար
դրսի
աշխատողներու
գործը։
—
Հետաքրքիր
է
գիտնալ
թէ,
—
հարցուց
Դաւեանը,
—
զինուորները
այդ
գործին
մասնակցելով
պիտի
չվտանգուի՞ն։
Ու
եթէ
այո,
ի՞նչ
պիտի
ընենք
այդ
տղաքը։
Վահէն,
որ
մինչեւ
այդ
լուռ
մտիկ
կ՚ընէր,
գլուխը
վերցնելով
պատասխանեց.
—
անշուշտ
պիտի
վտանգուին
ու
փախստական
դառնան։
Եթէ
երբեք
ձերբակալուին,
զինուորական
ատեանը
երկար
բարակ
չի
մտմտար՝
քսանեւչորս
ժամուան
մէջ
կը
գնդակահարէ։
—
Ուրեմն,
եթէ
ձերբակալուին…—
խօսեցաւ
Նատալիան,
կարճ
կտրուած
մազերը
աշխոյժ
թափահարելով,
—
միթէ՞
չենք
կրնար,
օրինակ,
հիւսիսային
Կովկաս
ուղարկել…
—
Անշուշտ,
բայց
վտանգաւոր
է.
օր
մը
չէ
օր
մը
օձիքնին
ձեռք
կուտան։
Իմ
կարծիքով,
—
շարունակեց
Վահէն,
—
լաւագոյն
կերպը
այդ
տղաքը
Երկիր
անցընելն
է։
Հոն
մեզ
շատ
օգտակար
կրնան
լինիլ,
որպէս
զինուորական
մարզիչներ։
Գրեթէ
բոլորն
ալ
համաձայնեցան
Վահէին
հետ։
Որոշուեցաւ,
որ
ձեռնարկը
կատարելէ
յետոյ,
երկու
զինուորները
ատեն
մը
շրջակայ
գիւղերու
մէջ
թագցնելէ
վերջ,
գաղտնի
անցնին
ռուս-պարսկական
սահմանէն
եւ
Վանքէն
Երկիր
մտնեն։
Ատկէ
վերջ,
սկսան
խօսիլ
ծրագրուած
ձեռնարկի
մանրամասնութիւններու
մասին։
Իրապէս
խնամով
պատրաստուած
դաւադրական
ձեռնարկ
մ՚էր։
Այդ
հին
բերդին
մէջ
մեծ
քանակութեամբ
ռազմամթերք
ամբարուած
էր։
Գործի
յաջողութիւնը
մեծապէս
կախուած
էր
արագ
շարժելէն։
Զինուորներու
կատարելիքը
աւելի
կրաւորական
դեր
մ՚էր.
պիտի
հսկէին
որ
իրենց
պահակութեան
ժամանակ
ոչ
ոք
չխանգարէր։
Գործի
պատասխանատու
բաժինը
կ՚իյնար
դրսի
աշխատողներուն
վրայ։
—
Բայց
ամենակարեւոր
պարագան,
—
իր
ըսելիքը
վերջացուց
Ջանեանը,
—
ապրանքը
բերդէն
դուրս
բերելէ
վերջ
անհետացնելն
է։
Բնականաբար,
կառավարութիւնը
անմիջապէս
գլխի
պիտի
իյնայ,
որովհետեւ
եղածը
ծածկել
անկարելի
է,
քաղաքն
ու
շրջակայ
հայկական
գիւղերը
տակն
ու
վրայ
պիտի
ընէ
հետք
մը
գտնելու
համար։
Դուրս
բերելիք
ապրանքն
ալ
աննշան
քանակութիւն
մը
չէ
որ
հեշտութեամբ
կարելի
լինի
թագցնել,
թէեւ
տեղական
ընկերները
մեզ
ապահովցուցին,
որ
երկու
գիւղերու
մէջ,
որոնց
անունները
մերժեցին
յայտնել,
նախօրօք
ապահով
գաղտնարաններ
պատրաստած
են։
Այդ
պահարանները
ի
հարկէ
ժամանակաւոր
բնոյթ
ունին։
—
Իսկ
վերջէն
ի՞նչ
պիտի
լինի,
—
հարցուց
Դաւեանը,
—
չէ՞
որ
այդ
ապրանքը
պէտք
է
փոխադրել
Երկիր։
—
Անկասկած,
բայց
ժամանակ
մը
վերջը,
երբ
կառավարութեան
փնտռտուքը
վերջ
կը
գտնէ։
Երբ
դէպքը
կը
մոռցուի,
գիտենք
որ
մեր
աչալուրջ
ոստիկանութիւնը
շուտով
կը
մոռնայ,
այն
ժամանակ
մեր
սովորական
միջոցներով
գիւղէ
գիւղ
կը
հասցնենք
Չոփուրի
մօտ։
Անկէ
անդին
հեշտ
է։
Կարեւորը
այն
է
որ
ձեռնարկը
յաջողի։
—
Անշուշտ
կարեւորը
գործի
յաջողութիւնն
է,
—
խօսք
առաւ
Վահանեանը,
որ
մեծ
ուշադրութեամբ
հետեւած
էր
Ջանեանի
տուած
բացատրութեանը.
—
սակայն,
հետաքրքիր
է
գիտնալ,
թէ
Գանձակեցի
Վաղօն
ի՞նչ
կարծիք
ունի
գործի
յաջողութեան
մասին։
Խոշոր
եւ
պատասխանատու
գործ
մ՚է,
որ
անյաջողութեան
պարագային
կրնայ
շատ
թանգ
նստիլ
մեր
վրայ։
Ես
քիչ
սկեպտիկ
եմ
տեղական
ընկերներու
գործնականութեան
նկատմամբ։
Անշուշտ
վստահելի
եւ
նուիրուած
մարդիկ
են,
բայց
այդքանը
չի
բաւեր.
հարկաւոր
է
ղեկավար,
փորձառու
եւ
հեռատես
միտքը
մը
գործին
ընթացք
տուող։
Ալեքսանդրոպոլի
ձեռնարկի
քննութեան
ընթացքին,
Պաստամեանը
կը
լսէր
աչքերը
խուփ։
Կը
թուէր
թէ
քնած
էր։
Դալուկ,
լայն
դէմքին
երբեմնակի
ջղային
թեթւ
կծկումները
սակայն
նշան
էին,
թէ
ան
մեծ
ուշադրութեամբ
կը
հետեւէր
ընկերներու
յայնտած
կարծիքներուն։
Հազիւ
Վահանեանը
խօսքը
վերջացուցած
էր,
երբ
Պաստամեանը
մէկէն
աչքերը
բացաւ։
Թեթեւ
ժպիտ
մը
կը
խաղար
դէմքին
վրայ։
Դանդաղ,
հազիւ
լսելի
ձայնով
մը
ըսաւ.
—
Վաղօն
երէկ
վերադարձաւ
Ալեքսանդրոպոլ՝
վերջին
պատրաստութիւնները
տեսնելու
համար։
Միհրդատի
գտած
երկու
հայախօս
յոյն
որմանդիրներն
ալ
հետը
տարաւ։
Անոնք
անհրաժեշտ
են
պատը
ծակելու
համար։
Ինձ
ալ
կը
թուի
թէ
պատասխանատու
ընկեր
մը
ճամբելու
ենք
տեղացիներուն
օգնելու
համար։
Այդ
մէկը
ճամբելու
մասին
յետոյ
կը
խօսինք։
Կարեւորը
այն
է,
որ
Վաղոյի
կարծիքը
այդ
ձեռնարկի
մասին
դրական
է.
յաջողութիւնը
ապահովուած
կը
համարէ,
եթէ
վերջին
պահուն
անսպասելի
փորձանք
մը
երեւան
չելնէ,
թէեւ
հազիւ
թէ
այդ
կրնայ
պատահիլ։
—
Իսկ
եթէ
պատահի,
—
մէջ
ինկաւ
Աբրահամեանը,
յետոյ
ի՞նչ։
—
Յետոյ
այն
որ
չի
յաջողիր,
—
ուսերը
թափ
տալով
պատասխանեց
Պաստամեանը՝
զարմացկոտ
աչքերը
յառած
Աբրահամեանին.
—
մենք
խօմ
պազարի
վաճառականներ
չենք,
որ
կարողանանք
կանխօրօք
շահն
ու
վնասը
ճշդօրէն
կշռել։
Մեր
բոլոր
ձեռնարկներուն
մէջ
րիսկը
որոշ
չափով
մը
իր
բաժինը
ունի։
Ատկէ
չենք
կրնար
խուսափիլ։
Երբ
Ալեքսանդրոպոլի
ձեռնարկի
մասին
Ջանեանի
զեկուցումն
ու
անոր
յաջորդող
խօսակցութիւնները
վերջ
գտան,
ժամը
առաւօտեան
մէկէ
անցած
էր։
Բայց
ժողովականները
որոշեցին
մնացած
հարցերն
ալ
քննել,
եթէ
պէտք
լինի
մինչեւ
լուսաբաց
նստելով,
մանաւանդ
որ
Պաստամեանը,
ինչպէս
յայտնած
էր
նախօրօք,
մէկ
քանի
օրէն
պիտի
մեկնէր
կարեւոր
գործով
մը։
Յաջորդ
նամակը
Մուշի
յեղափոխական
մարմնէն
էր.
որ
նոր
հասած
էր
մասնաւոր
սուրհանդակի
միջոցով։
Երբ
Ջանեանը
կարդաց
լրացուց,
այդ
նամակը
պատճառ
դարձաւ
երկար
եւ
բուռն
վիճաբանութեան
մը։
Այդ
գրութեամբ
Երկրի
յեղափոխական
մարմինը
կ՚իմացնէր
Թիֆլիսի
ղեկավար
շրջանին,
թէ
ամիս
մը
առաջ
Կարսի
շրջանի
գիւղերէն
մեկնած
երեսուն
ձիաւոր
յեղափոխականները
առանց
դժուարութեան
հասած
էին
Երկրի
խորքը,
մինչեւ
Սասուն՝
աննկարագրելի
ոգերւորութիւն
մը
առաջ
բերելով
հայ
ժողովրդի
բոլոր
խաւերուն
մէջ։
Քաջալերուած
այդ
յաջողութենէն,
Երկրի
մարմինը
կ՚առաջարկէր
աշնան,
երբ
գիշերները
կ՚երկարին,
աւելի
մեծ
թուով
երկրորդ
խումբ
մը
ճամբել,
միեւնոյն
ուղղութեամբ։
Ինչ
խօսք
որ
ձիաւոր
խմբի
յաջողութեամբ
տեղ
հասնիլը
մեծապէս
ուրախացուց
ներկաները։
Բայց
միեւնոյն
ձեռնարկի
կրկնութիւնը
շատերու
համար
կասկածելի
կարելիութիւն
մը
համարուելուն՝
ընդիմացան
այդ
առաջարկութեան։
Հակառակողներու
գլխաւոր
պատճառաբանութիւնը
հիմնուած
էր
այն
տեսակէտին
վրայ,
որ
այդ
ձիաւոր
խմբի
մուտքը,
որ
անկարելի
էր
գաղտնի
պահել,
բերնէ
բերան
պիտի
տարաձայնուէր,
եւ
անշուշտ
թուրք
կառավարութիւնը
ոչ
միայն
պիտի
իմանար,
այլ
եւ
պիտի
գիտնար,
թէ
ի՞նչ
ճանապարհով
անցած
էր
ձիաւոր
խումբը,
որ
հազիւ
վեց
օրուան
գիշերային
ճամբորդութենէ
մը
վերջ
հասած
էր
Սասուն։
Այդ
պայմաններու
մէջ
թրքական
սահմանամերձ
զինուորական
ուժերը,
ինչպէս
եւ
քրտական
աշիրաթները,
աչալուրջ
պիտի
հսկէին
այդ
ճամբուն
վրայ։
Հետեւաբար,
բազմաթիւ
խմբի
մը
մուտքը
գրեթէ
անկարելիութիւն
մը
պիտի
դառնար
այլեւս։
Հաւանական
մեծ
ընդհարում
մը
զօրքի
եւ
քիւրտ
աշիրաթներու
հետ,
կրնար
անցանկալի
կերպով
ծաւալիլ՝
մեծապէս
խանգարելով
յեղափոխական
մեծ
ձեռնարկի
յաջողութիւնը,
որու
համար
տարիներով
կ՚աշխատէին՝
զէնք,
ռազմամթերք
եւ
կռուող
ուժեր
կեդրոնացնելով
Երկրի
զանազան
վայրերու
մէջ։
Այս
տեսակէտին
հակառակ
ժողովականներէն
ոմանք
կը
պնդէին
որ՝
քանի
հնարաւորութիւն
կայ,
պէտք
է
նորէն
փորձել
նման
մեծ
խմբերու
առաքումը
զանազան
ուղղութիւններով։
Գլխաւոր
փաստարկութիւնը
մեծ
խմբերու
կողմնակիցներուն
այն
էր,
որ
Թուրքիոյ
նման
երկրի
մը
մէջ,
ուր
բացարձակ
կամայական
իշխանութիւն
մը
սանձարձակ
կը
գործի,
կառավարութեան
կողմէ
թէկուզ
կասկած
մը
բաւական
է
որ
հալածանքները
ծայրագոյն
աստիճանի
հասնին
եւ
պատճառ
դառնան
անսպասելի
բռնկման
մը։
—
Դուք
մի
մոռնաք,
—
ընկերներուն
կը
հակաճառէր
Վահանեանը,
—
որ
կացութեան
տէրը
մենք
չենք,
այլ
կառավարութիւնը,
որ
ամէն
միջոցով
պիտի
աշխատի՝
քանի
մեր
պատրաստութիւնները
չեն
լրացած՝
կանխել
ու
իր
սաղմնային
վիճակին
մէջ
խեղդել
ամէն
փորձ
ընդհանուր
ապստամբութիւն
առաջ
բերելու։
Հետեւաբար
մեր
առջեւ
միակ
ճամբայ
մը
կը
մնայ
հետեւելու,
այն
է՝
կարելի
ամէն
միջոցներով
արագացնել
Երկրի
ժողովուրդի
զինումը։
Ահա
այս
նպատակին
հասնելու
համար,
որքան
ալ
որ
վտանգաւոր
է
մեծ
խմբերու
Երկիր
մտնելը,
սակայն
մենք
պէտք
է
շարունակենք
այը
ուղղութեամբ
մեր
փորձերը
աստիճանաբար
զարգացնել,
յանկարծակիի
չգալու
համար։
Վահանեանի
այս
փաստարկութիւնը
համոզեցուցիչ
չէր
միւսներուն,
որոնք
կը
պնդէին,
որ
ապստամբական
ընդհանուր
ձեռնարկի
յաջողութեան
համար
անհրաժեշտ
էր
երկարատեւ
նախապատրաստական
աշխատանք։
—
Աւելի
գործնական
ու
քիչ
վտանգաւոր
է
մեր
գործունէութեան
նախկին
ձեւը,
որ
թէեւ
դանդաղ,
բայց
համեմատաբար
ապահով
միջոց
մ՚է
մեր
նպատակին
հասնելու
համար,
—
մեծամասնութեան
տեսակէտը
ամփոփեց
Ներսէսեանը,
որ
մինչ
այդ
առանց
արտայայտուելու՝
ուշադրութեամբ
կը
հետեւէր
վիճաբանութեան։
—
Մեծ
խմբերու
սիսթեմը
երկսայրի
սուր
մ՚է.
յաջողութեան
պարագային
աւելի
քանի
ձեռնտու,
իսկ
անյաջողութեան
մը
ատեն
այնքան
կործանիչ
հետեւանքով՝
որ
չարժէ
այդ
կասկածելի
միջոցը
փորձել։
Լաւ
է
շարունակենք
մեր
նախկին
միջոցներով
զէնք
եւ
ռազմամթերք
մտցնել
Երկիր,
եթէ
նոյնիսկ
այդ
ձեւով
երկար
ժամանակի
պէտք
պիտի
ունենաք։
Երկար
վիճաբանութենէ
վերջ,
վերջապէս
եկան
այն
եզրակացութեան,
որ
փոխադրութեան
նախկին
ձեւը
պահուի,
իսկ
եթէ
Երկրի
մէջ
վտանգի
ակներեւ
նշաններ
երեւին,
այն
ժամանակ
միայն
փորձել
ստուար
խմբերով
օգնութեան
հասնիլ։
—
Ես
այլեւս
նամակ
չունիմ,
—
յայտնեց
Ջանեանը՝
իր
առջեը
թափած
նամակները
գրպանը
դնելով
—
տեսնենք
Վահանեանի
քով
ի՞նչ
կայ։
Առաջին
նամակը
որ
կարդաց
Վահանեանը,
արտասահմանի
յեղափոխական
մարմիններու
Լոնտոնի
կեդրոնական
վարչութենէն
գրուած
էր։
Այդ
դրութեամբ
Լոնտոնի
մարմինը
կ՚իմացնէր
Թիֆլիսի
կեդրոնին,
որ
շուտով
Թիֆլիս
պիտի
հասնէր
որոշ
միսիայով
երիտասարդ
բժիշկ
մը,
Արթիւր
Ուայթ
անունով։
«Կը
խնդրենք,
—
կ՚աւելացնէր
նամակագիրը,
—
ձեր
կարելի
աջակցութիւնը
չզլանաք
անոր։
Անշուշտ
կը
հասկնաք,
որ
մեր
լաւագոյն
եւ
պատրաստուած
ընկերներէն
մէկն
է,
եւ
յառաջադրած
նպատակը
իրագործելու
համար
ամենայարմար
անձնաւորութիւն
մը,
որ
ինքնաբերաբար
դիմեց
մեզի՝
պատրաստակամութիւն
յայտնելով
ծառայել
յեղափոխական
գործին։
Ուայթը
բնիկ
Ուրմիացի
է,
Պարանտուզ
գաւառէն։
Հազիւ
տասներկու
տարեկան
որբ
մնալով՝
որդեգրուեցաւ
անգլիացի
միսիոնարի
մը
կողմէ,
որ
տարիներ
առաջ
Անգլիա
բերաւ
իր
հոգեզաւակը։
Վերջերս
աւարտեց
Էտինպուրկի
բժշկական
համալսարանը»։
Ուայթի
պրագայաներու
մասին
կարգ
մը
տեղեկութիւններ
տալէ
վերջ,
նամակագիրը
կ՚աւելցնէր.
«Տարիներ
շարունակ
ի
զուր
անցան
մեր
ջանքերը
սերտ
համագործակցութիւն
մը
առաջ
բերելու
հարեւան
քրտերու,
ասորիներու
եւ
մեր
միջեւ։
Ամէն
ժամանակէ
աւելի
հիմա
ատենն
է
այդ
շատ
կարեւոր
աշխատանքը
հետապնդելու,
որ
կարծես
երեսթող
է
եղած։
Մեր
կարծիքով
լաւագոյն
ընտրութիւն
մը
պէտք
է
համարել
Ուայթը,
որ
բացի
անգլիերէնէ,
կատարելապէս
կը
տիրապետէ
քրտերէն
եւ
ասորերէն
լեզուներուն։
Մենք
վստահ
ենք,
որ
ան
ամէն
յարմարութիւն
ունի
բանակցութիւններ
վարելու
թէ՛
ասորիներու
Մար-Շիմոնի
եւ
թէ՛
սահմանամերձ
քիւրտ
աշիրեթապետերուն
հետ»։
—
Ինձ
կը
թուի
թէ
այս
նամակի
մասին
խօսելու
մասնաւոր
բան
մը
չունինք,
—
արտայայտուեցաւ
Դաւեանը,
—
պէտք
է
սպասել
Ուայթի
գալուն,
իր
եւ
Լոնտոնի
ընկերներու
առաջարկութեանը
մանրամասնօրէն
ծանօթանալու
համար։
Անցնինք
հետեւեալ
խնդրին,
եթէ
կայ։
—
Ինչպէ՞ս
թէ,
«եթէ
կայ»
—
նեղսրտուած
պոռաց
Վահէն,
—
հազիւ
թէ
գործի
սկսեր
ենք։
Նախ
Գէորգը
պիտի
լսենք
անշուշտ,
Երկրէն
նորութիւններ
ունի
պատմելիք։
Ատկէ
զատ՝
Պիծայի
նամակը
կայ։
Վերջապէս,
ես
նոր
առաջարկութիւն
մ՚ունիմ։
—
Լաւ
որ
այդպէս
է,
սկսինք
կարգով,
—
ու
Վահանեանը՝
դառնալով
Գէորգին
ըսաւ.
—
Խնդրե՛մ,
սկսէ
զեկուցումդ։
—
Ինձ
կը
թուի
թէ
Պիծայի
նամակը
կարդալու
մասնաւոր
կարիք
մը
չկայ,
—
հանդարտ
ու
լեցուն
ձայնով
վը
սկսաւ
խօսիլ
Գէորգը,
—
ես
իմ
զեկուցման
մէջ
պիտի
անդրադառնամ
անոր
շօշափած
հարցերուն։
—
Որ
այդպէս
է,
ուրեմն
սկսէ,
մտիկ
Կ՚ընենք։
—
ՄԷկ
վայրկեան
խնդրեմ,
—
ընդմիջեց
Նատալիան,
—
լոյսը
սկսեր
է
բացուիլ,
բոլորդ
ալ
յոգնած
ու
սոված
էր։
Կարծեմ
լաւ
պիտի
լինի,
եթէ
պահ
մը
դադար
տանք,
ես
ալ
սամավարը
դնեմ,
տեսնեմ
ի՞նչ
կրնամ
գտնալ։
Բան
մը
ուտենք
ու
ապա
Գէորգը
թող
սկսի
իր
զեկուցումը։
Այդ
այնպիսի
տեղին
առաջարկութիւն
մ՚էր,
որու
գրաւչութեան
ամենախստապահանջներն
իսկ
չէին
կրնար
դիմագրաւել։
Սուրէնի
օգոնութեամբ
Նատալիան
սեղանը
շտկեց
ու
երբ
ֆշֆշացող
սամավարը
ներս
բերելով
սեղանի
գլուխը
բազմեցաւ,
մնացած
ընկերները
շրջապատեցին
զինք,
ու
աշխոյժ
խօսակցութեամբ
անզգալաբար
մաքրեցին
պնակները։