Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆ

Լեւոնը վեց օրէ ի վեր մեկնած էր։

Վանքի գետնափոր սենեակներէն մէկը յարմարցուցած արհեստանոցի, Պիծան երկու, ընկերներով զբաղած էր հրացանի կոթեր պատրաստելով: Այդ առտու շատ կանուխ վարդապետը վանքի նաւակով դրսի տունը ելած էր, ընկոյզի տախտակները բերելու համար։ Ինչպէս որոշուած էր, վարդապետը պիտի վերադառնար իրիկուան մթնով, աչքի չզարնուելու համար։

Պիծան եւ երկու ընկերները որպէս արհեստանոց յարմարցուած սենեակին մէջ, իրենց սովորական աշխատանքին կպած էին։ Կէս օրուան մօտ կը լինէր, երբ վանքի ծառաներէն մէկը արհեստանոցէն ներս մտնելով յայտնեց Պիծային, որ վանքի նաւակը կը վերադառնայ։ Ինչպէս նախօրօք որոշուած էր, վարդապետը տախտակի բեռով ուշ ատեն պիտի գար։ Այդ անժամանակ վերադարձը, Պիծան ինքն ալ հաստատ չէր գիտեր թէ ինչու համար, վատ անդրադարձաւ իր եւ ընկերներուն վրայ։ Պիծան ծանր նախազգացում մը ունեցաւ։ Ձեռքի աշխատանքը ձգած, անմիջապէս բարձրացաւ վարդապետի սենեակը, պատէն վար առաւ դիտակը, մօտեցաւ պատուհանին։

Նաւակի ընկոյզի տախտակները չէին երեւնար, որոնց բերելու համար մասնաւորաբար գնացեր էր վարդապետը: Միայն երկու մարդիկ կ’երեւային, մէկը թիավարը, միւսն ալ ղեկի մօտ նստող վարդապետը։ Նաւակի դատարկ լինելու պարագան աւելի եւս մտահոգեց Պիծան։ Անմիջապէս սենեակէն դուրս գալով ուղղուեցաւ դէպի կղզիի ժայռուտ խորշը, որ որպէս նաւահանգիստ կը գործածուէր:

Պիծան ծովափը հասաւ այն պահուն՝ երբ վարդապետը նաւակէն դուրս կուգար։ Վարդապետի սովորաբար դէմքի ուրախ արտայայտութիւնը, աչքերուն մէջ կայծկլտացող ծիծաղը բոլորովին անյայտացեր էին։ Պիծայի առաջին մտածումը այն եղաւ, որ վարդապետը հիւանդ է։ Քայլերը արագացնելով, մօտեցաւ անոր։

Հը՞, վարդապե՛տ, ի՞նչ խապար է, գոյնդ թռած…

Սո՛ւս, Պիծա՛, մէկ սենեակս հասնինք:

Տօ՛, ի՞նչ պատահեցաւ, անհանգստացած՝ վարդապետի թեւէն բռնեց Պիծան․- ի՞նչ է պատահեր:

Մի՛ հարցներ, ազգի տունը քանդուեցաւ…

Ի՞նչ կը խօսիս… Լեւո՞նը…

Աւելի վատը, աւելի վատը։

Տօ՛, օրհնա՛ծ, բերանդ չբանա՞ս:

Բայց վարդապետը, առանց պատասխանելու, հարբած մարդու նման երերալով կը քալէր, կցկտուր բառեր արտասանելով, որոնցմէ բան մ՚ալ չէր հասկնար քովէն քալող Պիծան։

Երբ սենեակը մտան, մինչ Պիծան դուռը կը փակէր, վարդապետը անկողնին վրայ երկննալով երեխայի նման հեկեկալ սկսաւ:

Աւելի տխուր երեւոյթ չկայ քան տեսնել տարիքն առած մարդու մը հեկեկալը։ Պիծան, վայրկեան մը երկուք դիտելով վարդապետը, որ երեսն ի վար ինկած, ամբողջ մարմնով կը ցնցուէր, բարկացած մօտեցաւ անոր, ու ուսերէն բռնած ուժեղ մը ցնցեց զայն․

Բաւակա՛ն է, պիտի խօսի՞ս թէ չէ…- ատամներու արանքէն սուլեց Պիծան, կատաղի կերպարանք մը ստացած:

Վարդապետի լացը յանկարծ կտրեցաւ, ելաւ ու դիւանի ծայրին նստելով այնպէս նայեցաւ Պիծային, որ կարծես առաջին անգամն էր որ զայն կը տեսնէր:

Մարդ Աստուծու, համբերութենէ ելած պոռաց Պիծան, բերանդ չբանա՞ս:

Պիծա՛, մեր տունը քանդուեցաւ:

Ի՞նչ…

Քանդուեցա՛ւ, կ’ըսեմ, ամէն ինչ քանդուեցաւ, քաղաքը տակն ու վրայ վիճակի մէջ է, հարիւրաւոր ձերբակալութիւններ…

Պիծան կարծես պիտի խեղդուէր, դէմքը կարմրած, վզի երակները հաստ պարաններու նման ուռեցան, ձեռքը նետեց եւ պատռեց շապիկի օձիքը:

Յետո՞յ, յետո՞յ…

Կ’ըսեն թէ կառավարութիւնը վանքի մը մէջ մեծ պահեստ մը գտած է…

Պիծայի դէմքը մէկէն գունաթափուեցաւ․ աչքերուն մէջ կարծես անյատակ անդունդներ բացուեցան ու կայծակնահար կաղնիի նման՝ ինկաւ թախտի վրայ, վայրենի աղաղակ մը արձակելով։

Վանքը… վանքը… վանքը…

Պիծա՛, իր կարգին սարսափած պոռաց վարդապետը․- ուրեմն ճի՞շդ է… վանքի մէջ պահե՞ստ ունէինք…

Վանքը… վանքը…- ու Պիծան յուսահատօրէն ձեռքերը կը ճմլէր, անկարող բառ մը արտասանելու:

Յանկարծ Պիծան վեր թռաւ տեղէն, ու խելագարի շարժումներով սկսաւ սենեակին մէջ վեր ու վար քալել, երբեմն սեղմած բռունցքով օդը ծեծելով, երբեմն, ըստ երեւոյթին անկապ, անիմաստ բառեր արտասանելով.

Անիծուի՛ն… անիծուի՛ն… շատ մօտ էր քաղաքին.. գիտէի որ… իմ խօսքիս մտիկ չըրին, հիմա՛.. հիմա՛, ամէն ինչ կորաւ… տարիներու աշխատանքը… մէկ անգամէն… առանց կռուի…

Վարդապետը սահմռկած նստած տեղը մնաց, դեռ չէր հասկցեր կատարուածի ամբողջ ծանրութիւնը, բայց կը զգար որ անդառնալի աղէտ մը պատահած էր։

Պիծան, յանկարծ կանգ առաւ Վարդապետին առջեւ։

Լեւոնէն ի՞նչ լուր։

Ոչ ոք տեղեկութիւն չունի, գիւղերը իրարմէ կտրուած են… զօրքն ու ժանտարմները ամէն գիւղ գրաւած… ես հազիւ ժամանակին ինքզինքս նաւակը նետեցի ու փախայ… դրսի տունն ալ հսկողութեան տակ է… Հա՛, քաղաքէն նամակ մը կայ պարոն Լեւոնին․..

Պիծան յափշտակեց ու բանալով սկսաւ մտովի կարդալ նամակը:

Քանի նամակի ընթերցումը կը շարունակէր Պիծան, անոր դէմքը անսահման յուսահատութեամբ կը ծածկուէր: Այդ քանի մը րոպէներու մէջ կարծես Պիծան ծերացաւ տասնեակ տարիներով, դէմքը կախուեցաւ, մեռելի գոյն ստացած, ու հառաչելով ինկաւ դիւանին վրայ, դէմքը ձեռքերով ծածկած։

Պիծա, Պիծա. ․․

Երբեք այդ երկաթէ մարդը, այդ ինքնակորոյս վիճակին մէջ չէր տեսած վարդապետը։

Պիծա․․. ի սէր Աստուծու, Պիծա՛. ․․

Հա՛, վարդապե՛տ, մեռած ձայնով սկսաւ խօսիլ Պիծան, ամէն ինչ վերջացեր է, ազգուրաց դաւաճան մը․․.

Ո՞վ, Պիծա, ո՞վ…

Դհերցի Դաւօն, հազիւ լսելի ձայնով շշնջաց Պիծան:

Դաւօ՞ն… բայց անկարելի է… խելքիս կուգամ… Դաւօ՞ն…

Մատներ է, անաստուածը մատներ է Սուրբ Գրիգորի մեծ պահեստը… քաղաքի շատ մը պահեստները ցուցուցեր է… կառավարութեան զօրքը ետին ձգած կ’աւերէ ինչ որ տարիներու ընթացքին արիւն քրտինքով, հարիւրաւոր զոհերու գնով ամբարած էինք…

Հապա ընկերնե՞րը…

Եկաւեանը, Գարեգինը, Ներսէսը բանտարկուած են հարիւրաւոր երիտասարդներու հետ…

Վահէ՞ն, Կայծա՞կը…

Վահէն վիրաւորուած է։ Թուրք ոստիկաններ եւ զօրքեր դաւաճանի առաջնորդութեամբ առտու շատ կանուխ կը շրջապատեն անոր թագնուած տունը: Վահէն միայն երեք ընկերներով կը լինի։ Երբ կը տեսնեն որ շ րջապատուած են, դուրս կուգան տնէն դէպի այգիի դուռը։ Զօրքը, չորս կողմէն կրակ բանալով վրայ կուտայ։ Վահէն եւ ընկերները կը հասնին այգիի դուռը, որ ինչպէս գիտես, ընդհանրապէս նեղ եւ ցած բացուածք մ’է։ Վահէն, հոս Պիծայի ձայնը ակամայ խեղդուեցաւ, Վահէն երեք ընկերները կ’անցընէ դռնէն, ու որպէսզի ժամանակ տայ անոնց հեռանալու, ինքզինքը նետելով առուի թումբի ետին, մօտեցող զօրքի եւ ոստիկանութեան վրայ կրակ կը բանայ։ Քոմիսէր մը եւ երկու զինուոր կը սպաննուին, երկու ուրիշներ ալ կը վիրաւորուին։

Վարդապետը որ երկար տարիներ Վահէի հետ աշխատած էր, Պիծայի շրթունքէն կախուած սոված երեխայի նման անոր բերնէն ելած բառերը կը ծծէր։

Երբ Վահէն ընկերներուն հասնելու համար, կը փորձէ թումբի ետեւէն դուրս ցատկել, գնդակով մը ծունկէն կը վիրաւորուի ու գետին կ՚իյնայ։ Կատաղած զինուորները վրայ կը հասնին ու կ’ուզեն բզիկ-բզիկ ընել վիրաւորը։ Բարեբախտաբար չէրքէզ հրամանատարը վրայ կը հասնի եւ կը փրկէ Վահէի կեանքը…

Այո՛, կը փրկէ կեանքը, որպէսզի․․.

Վարդապետը չվերջացուց նախադասութիւնը, կարծես մէկը կոկորդը հուպ տուաւ։ Ձայնը խեղդուեցաւ, ու սարսափած նայեցաւ Պիծային։ Երկու ընկերները պահ մը լռեցին, ամէն մէկը իր մտքին մէջ կորած։ Թերեւս երկուքն ալ միեւնոյն մտածումը ունէին։ Ի՞նչ պիտի լինէր Վահէի վախճանը․

Ուրեմն քաղաքի մէջ ոչ ոք չէ մնացած, խօսեցաւ վարդապետը, ոչ ոք, ոչ ոք…

Ամէն մարդ ինքզինք ազատելու մասին կը մտածէ… բոլոր աչքի զարնուող երիտասարդները ձերբակալուած են… Մերոնցմէ միայն Կայծակը ազատուած է։ Ան ալ փոքր խմբով մը Թիմարի կողմը գնացեր է, անկարող այլեւս քաղաքի մէջ մնալու։ Երէկուան ընկերը՝ այսօր դաւաճան է դարձեր, մարդ մարդու չի վստահիր…

Սարսափելի է:

Պիծան լռելեայն գլուխը շարժեց, բոլորովին խորտակուած աղէտի ծանրութեան տակ։ Իսկապէս որ սարսափելի էր պատահածը, բայց ամենէն աւելի Պիծայի համար զգալի էր այդ հարուածի խորտակիչ թափը։ Պիծան, Վասպուրականի ամենահին յեղափոխական ղեկավարներէն մէկը կը համարուէր։ Տասնեակ տարիներ ամենածանր նեղութիւններու մէջ ապրած, մօր գուրգուրոտ անձնուիրութեամբ, մոլեռանդ հաւատքով աշխատած էր մանուկ յեղափոխութեան համար, որ իրեն համար ամէն ինչ էր, երջանկութիւն, ընտանեկան օճախ, ապագայ, կեանքի նպատակ։

Պիծան, իր էութեամբ յեղափոխական առաքեալ մ’էր, այն բացառիկ տիպերէն, որոնք ֆանաթիկ կատաղութեամբ կը փարին գաղափարի մը, այլեւս երբեք չընկրկելով, մինչեւ որ գնդակ մը վերջ դնէ կեանքերնուն, եւ կամ քանի մը արշին երկարութեամբ չուանէ մը ճօճուի իրենց մարմինը։ Պիծան ամբողջ կեանք մը զոհեր էր իր ազգին, բարձրացնելու համար յեղափոխութեան շէնքը, մօտիկ ընկերներու արիւնով, եւ ոսկորներով շաղախուած, ու ահա, յանկարծ այդ հսկալ շէնքը կը փլէր՝ իր ծանրութեան տակ խորտակելով ծրագիրներ, սպասումներ, ազգային զարթօնք եւ որ ամենէն աւելի սարսափելին էր, հաւատքը՝ ապագայի նկատմամբ։ Պիծան ինքն ալ խորտակուած էր:

Ուրեմն Գաւաշի գիւղերուն մէջ ալ ձերբակալութիւններ սկսած են, հազիւ լսելի ձայնով հարցուց Պիծան, վարդապետին նայելով։

Ձերբակալութիւններէն լուր չունիմ։ Հազիւ քանի մը րոպէ Դրսի տան հօտաղին հետ խօսելու հնարաւորութիւն ունեցայ: Ան պատմեց թէ զօրքր եւ ոստիկանները գիւղերը լեցուած են, բայց թէ ի՞նչ կը կատարուի այս պահուս գիւղերու մէջ, Աստուած միայն գիտէ։

Պիծան գլուխը ձեռքերուն մէջ առած ատեն մը մտածելէ վերջ, ինքզինքը թօթուեց, կարծես վատ երազի մը ազդեցութենէն ազատուելու համար, երիտասարդական կորովով ոտքի ցատկեց, մօտեցաւ պահարանին, ու զէնքերը սկսաւ դուրս բերել:

Հը՞, ի՞նչ կ’ըսես Պիծա, ի սէր Աստծու միտքդ ի՞նչ է։

Պէտք է դուրս գամ կղզիէ՛ն, վճռական շեշտով յայտնեց Պիծան, լուր տուր տղոցը թող վեր գան:

Բայց ինչո՞ւ դուրս գալ կղզիէն, շփոթած հարցուց վարդապետը, մէկ սպասէ տեսնենք, անշուշտ դրսէն լուր կուտան կացութեան մասին:

Հա՛, եթէ իրենք ալ հաստատ բան մը գիտնան։ Չէ՛, վարդապետ, պէտք է դուրս գալ Լեւոնը գտնելու համար… մեր ուժերը համախմբենք, թերեւս դեռ բան մը կարելի լինի փրկել։

Բայց Լեւոնը, ո՞վ գիտէ թէ ուր է հիմա, թերեւս զօրքի անակնկալ երեւումի պատճառով Կառկառ անցած լինի…

Լեւոնը առանց մեզ լուր տալու չի հեռանար, ինքնավստահ կերպով պատասխանեց Պիծան։

Իսկ եթէ հեռացա՞ծ է:

Եթէ հեռացած է, Գաւաշ թէ Կառկառ միեւնոյնն է, պէտք է Լեւոնին հասնիլ։

Ուրեմն հաստատ որոշած ես… Պիծա, երեք հոգիով դուրս գալ, այդ կը նշանակէ… բայց այդ խենթութիւն է, կատարեալ խենթութիւն։

Պիծան չպատասխանեց։ Փամփուշտակալները մէջքին կապելով զբաղած էր։ Վարդապետը գլուխը տարուբերելով սենեակէն դուրս եկաւ ու քանի մը րոպէ վերջ երկու զինուորներով վերադարձաւ։ Պիծան զէնքերը կապած, պատրաստ վիճակի մէջ կը սպասէր։ Երբ զինուորները ներս մտան, հանդարտօրէն խօսքը ուղղեց անոնց․

Տղա՛ք, պատրաստուեցէք, կղզիէն դուրս պիտի գանք։

Զինուորները սովորական պաղարիւնութիւնով մօտեցան պահարանին ու իրենց զէնքերը դուրս բերին, մինչ վարդապետը, ձեռքերը ետին կապած ջղային շարժումներ ընելով կը քալէր սենեակին մէջ, գառագեղին մէջ արգելափակուած գազանի նման։

Պիծա՛, ուրեմն անպատճառ պիտի երթա՞ս, Պիծայի առջեւ կանգնելով հարցուց սաստիկ յուզուած վարդապետը։

Այո՛։ Կէս ժամէն, երբ քիչ մը աւելի մթնէ։

Բայց մարդ Աստուծոյ, այս պայմաններու մէջ դուրս գալը կը նշանակէ ուղիղ մահուան գիրկը նետուիլ… միայն երկու ընկերով. . կեանքէդ ձե՞ռք քաշեցիր…

Պիծայի դէմքին յուսահատ ժպիտ մը խաղաց։ Նոր չէր որ մահուան գաղափարէն հետ հաշտուած էր ինք, իսկ տեղի ունեցած աղէտէն վերջ, կեանքը անտանելի բեռ մը դարձած էր արդէն։

Պիծա՛, աղաչաւոր ձայնով մը խնդրեց Վարդապետը, որ կը յուսար թէ՝ վերջի վայրկեանին, Պիծան կացութիւնը կշռելով այդ խելագար քայլը չ’առներ։

Պիծան պարզապէս գլխի հաստատական նշան մը ընելով բաւականացաւ։

Լաւ, բարկացած պոռաց վարդապետը, որ կը յամառիս, թող իմ արիւնս ալ քու վզի մեղքը լինի։

Վարդապետը նոյնպէս մօտեցաւ պահարանին, ու կցկտուր բառեր արտասանելով, իր սեփական զէնքերը սկսաւ դուրս բերել։

Հը՞, էդ ի՞նչ խապար է… վարդապետ խելքի եկուր… հրաշք մը միայն կրնայ մեզ փրկել…

Հա՞, իրա՞ւ կ’ըսես, առանց Պիծայի կողմը նայելու հեգնեց վարդապետը փամփուշտակալները ամրացնելով, լաւ որ այդքանը վերջապէս հասկցար, կէս ժամ է որ այդ կ’ուզեմ հասկցնել քեզի․․. փառք Աստուծոյ դուն ալ «պիտի երթամ, հա պիտի երթամ»… էս պատէն խօսք հասկցնելը աւելի հեշտ է քան թէ քեզի… շատ լաւ ուրեմն, որ դու կ’երթաս մեռնելու ես ալ քեզի հետ… մէկ անգամ պիտի մեռնինք… արդէն վանքի չորս պատերուն մէջ հոգիս նեղուեցաւ, քիչ մը դուրս ելլենք, տեսնենք ի՞նչ կայ չկայ, հրացանն ալ ժանգ կապեր է։

Դանիէ՛լ։

Մեր Ծուռ վարդապետը խոժոռած դէմքով դարձաւ դէպի Պիծան, որ արցունքոտ աչքերով, թեւերը լայն բացած կը մօտենար։ Երկու ընկերները իրարու գիրկ ինկան։

----------

Ծօ՛, Մակար, քիչ մը ձախ դարձիր…

Հը՞…

Ծօ ձախ դարձիր կ՚ըսեմ․ նաւակը ժայռին պիտի զարնուի։

Ղեկի մօտ նստող վանքի նաւավարը, ճիշդ ժամանակին ղեկը դարձուց: Նաւակը քսուելով անցաւ Առ Տէր կղզիի մօտ ծովէն դուրս ցցուած ժայռի մը քովէն, բարեբախտաբար առանց մեծ վնասի։

Տէ հիմա շիտակ հիւսիս արեւմուտք դարձուր նալակի քիթը… քիչ մ’ալ հիւսիս… հա այդպէս, տէ՛ այդ ուղղութիւնը բռնէ ու գնա՛։

Այնքան խաւար գիշեր մ’էր, որ հազիւ թէ քանի մը տասնեակ քայլի վրայ երեւցող Առ Տէր կղզին, անորոշ զանգուածի մը նման կ՚երեւէր։

Պիծան ու վարդապետը կը թիավարէին, երկու զինուորները, նաւակի մէջ նստած, իրարու սեղմուած կ’աշխատէին կերպով մը տաքնալ, իսկ Մակարը որ փորձ նաւավար մ’էր, ղեկը ձեռքէն բաց չէր ձգեր։ Փոքր նաւակի նոյնքան փոքր առագաստը, որ շորի նման կախուած էր երբեմն միայն անցողակի քամիի թեթեւ ալիքէ մը կենդանացած, կը փքուէր, առաջ նետելով նաւակի իրանը։

Երկու ժամէ աւելի էր, ինչ ճամբայ ելած էին Աղթամարէն, ու դեռ հազիւ Առ Տէր կղզիի բացերը կը գտնւէին, եթէ այդ ընթացքով երթային հազիւ թէ լոյսը բացուելուն տեղ հասնէին։

Դեռ ճամբայ չելած, Պիծան ու վարդապետը խորհրդակցելով որոշեցին նաւակով Վառենց գիւղը երթալ, որ Գաւաշի հիւսիսային ծայրը կը գտնուէր Կապուտկող սարի ստորոտը: Այդ գիւղը երթալ վճռեցին, որովհետեւ Վառենցը զուտ հայաբնակ գիւղ մ’էր գաւառի գլխաւոր ճանապարհէն շատ հեռու ինկած, եւ ծովեզերքէն ալ հազիւ թէ քանի մը րոպէի հեռաւորութեան վրայ։ Պիծան եւ վարդապետը, միեւնոյն խորհուրդը ունեցած էին այդ որոշման ժամանակ։ Ո՞վ գիտէր, թերեւս Լեւոնն ալ կառավարութեան հետապնդումներէն խուսափելու համար, անցած լինէր համեմատաբար խաղաղ այդ շրջանը։

Իրենց բախտը յանձնած վանքի փոքր նաւակին, իրիկուան մթնով ճամբայ ելած էին Աղթամարէն կէս գիշեր չեղած Վառենց հասնելու յոյսով։ Բայց արդէն կէս գիշերուան մօտ էր, մինչ նաւակը կ’օրօրուէր Առ Տէր կղզիի բացերը, հազիւ դանդաղօրէն տեղէն շարժելով։

Մակա՛ր, ի՞նչ կ՚ըսես, զարնենք դէպի Կարմրուկի վանքը, առաջարկեց վարդապետը վայ թէ մինչեւ լուսնալը չկրնանք տեղ հասնիլ։

Այսպէս երթալով գիշերն ալ, ցերեկն ալ ծովու վրայ պիտի մնանք, ճակտի քրտինքը սրբելով ըսաւ Պիծան, ի՜նչ լաւ որ սկսայ թիավարել, հնոցի նման տաքցեր եմ…

Դու մէկ տղոցը հալը հարցուր, խեղճերը սառեցան։

Իրօք, երկու զինուորները, որոնք թիավարել չէին գիտեր, իրարու կպած, ցրտէն կը դողային։

Մակա՛ր, ի՞նչ կ’ըսես, կրկին հարցուց վարդապետը, որու առաջարկութիւնը անպատասխանի մնացեր էր։

Հա՛յր սուրբ, կ’ուզես Կարմրուկի վա՞նքը երթալ…

Հա, մէկ երկու ժամէն կը հասնինք, այսպէս երթալով մենք Վառենց չենք հասնելու։

Ձըկ, բացասաբար գլուխը շարժեց Մակարը:

Ծօ ինչո՞ւ ձըկ։

Հունա՛, տեսէք, ու Մակարը ձեռքը երկնցուց արեւելքի կողմը, ուր ամպերու պատռուածքի մէջէն կ’երեւէին երկնքի աստղերը։

Է՛, ի՞նչ է որ…

Քամի ելաւ, բացատրեց Մակարը, հիմա ուր որ է մեզի կը հասնի։

Ամպի պատռուածքը հետզհետէ կը մեծնար այնքան արագութեամբ, որ Մակարը մտահոգուած մէկ բռնած ուղղութեանը կը նայէր, մէկ ալ երկնքին, որ հետզհետէ կը պարզուէր։ Մակարի ենթադրութիւնը ուղիղ էր, քամին ելած էր, բայց այդ քամին կը սպառնար վտանգաւոր փոթորիկ մը դառնալ։ Այլեւս իմաստ չունէր փոխել նաւակի ուղղութիւնը, եղածը եղած էր․ Մակարը կը մտածէր օգտուելով քամիէն, ժամ առաջ հասնիլ Վառենց։

Ֆուրթունա պիտի էղնի, ինքնիրեն խօսեցաւ Մակարը։

Չէ՛ հա՛, վախեցած խօսեցաւ վարդապետը, խեւ խեւ մի խօսիր։

Ֆուրթունա պիտի էղի, կրկնեց անողորմ Մակարը, հա ձեզ մատաղ, զօռ տուէք քիւրէկներուն:

Պիծան ու վարդապետը առանց շունչ քաշելու ջլապինդ բազուկներու ամբողջ թափով, նաւակի երկար եւ ծանր թիերը կը մխրճէին ջրի մէջ, ու ետ կը քաշէին, յուսահատ դանդաղութեամբ մը նաւակը տեղէն շարժելով։ Մէկ ալ յանկարծ քամիի ուժեղ հոսանք մը վրայ հասնելով լեցուց առագաստը։ Նաւակը վայրկեան մը երկու տատանեցաւ ու սանձը կտրած նժոյգի նման անզուսպ, առաջ նետուեցաւ։

Եաման թիակները ձգեցէք, գոռաց Մակարը, ղեկը երկու ձեռքով բռնած, Հա՛յր սուրբ շո՛ւտ, առագաստի չուանը թուլցուր։

Ծօ՛ սարսախ, քամին անցաւ, ալ ինչո՞ւ թուլցնեմ…

Ապա՛ր, թուլցուր կ՚ըսեմ, կէմին պիտի շրջի, քամին կուգայ․․. հրես եկաւ․..

Եւ իրօք, հազիւ թէ վարդապետը առագաստի պարանը թուլցուցած, քամիի նոր եւ աւելի ուժեղ հոսանք հասաւ նաւակին։ Մինչ այդ խաղաղ ծովակը քանի մը րոպէի մէջ ծածկուեցաւ փրփրադէզ ալիքներով, որոնք երթալով սկսան մեծնալ, ու շառաչելով ծեծել նաւակի կողերը զայն օրօրելով մանուկի օրօրոցի նման։ Թեթեւ տաշեղի նման կը տարուբերէր, կայմը ողբագին կը հեծեծէր, ու նաւակը երբեմն այնպիսի վտանգաւոր կերպով կը ցնցուէր, որ կարծես հազար ու մէկ կտոր եղած, պիտի տարտղնուէր։

Հը՞, Մակար։

Մակարը անհանգիստ, մօտեցող ալիքներուն կը նայէր, որոնք աճող կատաղութեամբ ամէն կողմէ վրայ կուտային սպառնալով կուլ տալ ողորմելի նաւակը։

Հը՞ Մակար, ի՞նչ հալի ենք։

Հայր սուրբ աղօթք ունէս, աղօթքդ ըսէ, մեր հալը պօշ է։

Անսանձ կատաղութեամբ կը փչէր քամին: Առագաստի պարանը այնքան թուլցուցած էին, որ հազիւ սովորական տարողութեան մէկ տասներորդ, ուժը ունէր, բայց այդքանն ալ այնքան մեծ ուժ մ’էր, որ կայմը առաջ ծռած նաւակի քիթը կը խրէր ալիքներու մէջ։

Եա՛ Փութկի Սուրբ Գէորգ, քու պախտդ ենք ինկեր, երեսը խաչակնքելով գոռաց Մակարը:

Այդ աղաղակը, Վանայ ծովու նաւավարի մը վերջին յուսահատ միջոցն է, երբ անզսպելի ծովու տարերքի դէմ կռուելու անկարող է մարդկային ուժն ու միտքը։ «Եա Փութկի»ն այդ նաւավարներու պաշտպան Մոկաց աշխարհի Սուրբ Գէորգին ուղղուած աղերս մ’է, պաղատանք մ’է, օգնութեան հասնելու, միաժամանակ եւ խոստում մը, Սուրբ ոտքը ուխտի երթալու, նուէր տանելու։ Թուրք, քիւրտ, հայ նաւավարներու համար Փութկի Սուրբ Գէորգը համարժէք նշանակութիւն ունի, ան մեծազօր սուրբն է ծովուն, պաշտպանը նաւավարին եւ ճամբորդին, եթէ ուղիղ սրտով դիմեն անոր պաշտպանութեանը, տարբերութիւն չ’ըներ թէ որքան կատղած է ծովը, թէ ինչ ազգէ ես, ան իր ամենակարող ձեռքը կ’երկարէ մօտահաս վտանգէն ազատելու իրեն դիմողը։

«Եա Փութկի, մէկ կով, եա Փութկի մէկ մաքի, կամ երկու, չափ ցորեն», ասոնք նաւավարի խոստումներն են Մեծազօր Սուրբին, ու պէտք է որ ամենայն սրբութեամբ պահուին այդ խոստումները: Վա՛յ այն մարդուն, որ խոստումը չի յարգեր։ Սուրբ Գէորգը որքան պատրաստակամ՝ նեղութեան մէջ գտնուողի մը օգնելու, այնքան ալ խիստ էր պատժելու պարտազանցները, խոստմնադրուժները:

Մակարը, «եա փութկի» գոռալով մարդկայնօրէն պարտքը կատարած կը զգար. այլեւս սուրբին կը մնար իր զօրութիւնը ցուցնել, իրեն ապաւինողներուն օգնութեան ձեռք կարկառել:

Ալիքները հետզհետէ բարձրացան, իրենց ճերմակ բաշերով ծածկած ծովակի փոթփոթած մակերեսը: Երկինք գետին իրարու խառնուեցան, ոչ կապտաւուն երկինք եւ ոչ ալ շողացող աստղեր: Ահաւոր բայց սքանչելի տեսարան մը պարզուեցաւ նաւակի մէջ գտնուողներու աչքին։ Ոչ մէկ ծովու, ոչ մէկ լճի վրայ մարդ կրնայ հանդիպիլ այդքան համայնապարփակ պատկերի մը, որ սքանչելի է որպէս տեսարան եւ այնքան սարսափեցուցիչ, ձգած տպաւորութեամբ: Կարծես մէկէն բացուած լինէր սանդարամետի դուռը, ու յաւիտենական հուրը դուրս ժայթքած անոր մէջէն, ողողելով Վանայ ծովակը։

Քամին աճող կատաղութեամբ կը փչէր: Լիզելով փրփրոտ ալիքները, ծանրացած ջրի միլիոնաւոր հիւլէներով, քամին համատարած հրդեհի բոցի նման կ’արշաւէր ծովի մակերեսի վրայէն խելագար ոստումներ կատարելով: Կը թուէր թէ նաւակը շրջապատուած է անհուն հրդեհով մը, որու կրակի լեզուները ալիք ալիք վրայ կուտային, նաւակը առաջացնելով լուսեղէն ծովու մը մէջէն։

Այդ սքանչելի, միաժամանակ ահաւոր երեւոյթի պատճառը ծովակի ջրի բացառիկ յատկութիւնն էր։ Ծովակի ջուրը իր մէջ պարունակելով մեծ քանակութեամբ պորաքս եւ ֆոսֆոր, երբ քամիի հետ օդը կը բարձրանային ջրային հիւլէները, անոնք բոսորային լոյսով վառուած կ’երեւային, պարզելով անծայր լոյսի ալիքներ, որոնք քամիի ուղղութեամբ վազող բոցեղէն ալիքներու տպաւորութիւնը կը ձգէին տեսնողին վրայ:

Մակարը նաւակի յետակողմը նստած, ղեկը բաց չէր ձգած ձեռքէն, թէեւ ինքն ալ հաստատ չէր գիտեր թէ՝ դէպի ո՞ւր կ’երթար: Զինուորները սարսափահար պլլւած էին նաւակի կողին, որ կարծես պիտի խորասուզուէր անդունդին մէջ: Պիծան ու վարդապետը կայմին պլլուած ապշած կը դիտէին իրենց շուրջը պարզուող տեսարանը: Համատարած բոցը, որու մէջ կը լողար նաւակը, անկարելի դարձուցած էր թէկուզ մօտաւոր տարածութիւն մը տեսնել: Այնպէս որ Մակարը մօտաւոր ուղղութիւն մը բռնած՝ կը ղեկավարէր նաւակի ընթացքը, ինքն ալ անգիտակ թէ այդ բռնած ուղղութեամբը, ո՞ւր տեղ դուրս պիտի գային, եթէ երբեք պիտի կրնային ցամաք հասնիլ, կատղած ծովու հետզհետէ բարձրացող ալիքներու մէջէն: Անհուն լուսաւորութեան մէջէն, նաւակը կոյրի նման կ’առաջանար, ծեծուած հսկայ ալիքներու բախումէն:

Եա՛ Փութկի, յուսահատ գոռաց Մակարը, երբ մեծ ալիք մը շառաչելով փշրուեցաւ նաւակի կողին վրայ:

Պատռուած ալիքի մէկ մասը շատրուանի նման լեցուեցաւ նաւակի մէջ։ Նման երեք-չորս ալիքներ եւս, ու անկասկած նաւակը ջրով լեցուած, կ’իջնար Վանայ ծովու յատակը։

Եա Փութկի, նորէն լսուեցաւ Մակարի աղերսող կանչը։

Մակար, ո՞ւր կ’երթանք, պոռաց վարդապետը:

Հէ՞…

Ո՞ւր կ’երթանք, աւելի ուժով պոռաց վարդապետը, որու ձայնը հազիւ կը լսուէր գոռացող քամիի վայիւնի մէջէն։

Սատանայի գոգը: Առագաստի չուանը քիչ մը քաշէ… կամ ցամաք կ’ելլենք, կամ ծովու տակը կը հասնինք:

Այդ պայմաններու մէջ, յուսահատ փորձ մ՚էր Մակարի ըրածը։ Փոթորկի ժամանակ երբ նաւը բաւական խոշոր է եւ չի վախնար ալիքներէն, լաւագոյն միջոցը առագաստը ամփոփել, եւ համբերութեամբ սպասելն է, մինչեւ որ փոթորկի կատաղութիւնը կոտրուի: Բայց փոքր նաւակի մը համար, որ ալիքներու դէմ պաշտպանուելու հնարաւորութիւն չունի, եւ կորուստը վայրկեաններու հարց է միայն, միակ միջոցը ազատուելու, յուսահատ փորձն է, առագաստը պարզած, որ եւ է տեղ ցամաք դուրս գալ։

Ամէն նաւավար ալ գիտէ, որ այդ վտանգաւոր փորձ մ’է, այնքան վտանգաւոր, որքան առագաստը ամփոփած ծովու ալիքներուն խաղալիկ դառնալը։ Մակարը, բոլորովին յուսահատած, այդ վերջին միջոցին կը դիմէր։ Պիծան ու վարդապետը դժուարութեամբ առագաստի պարանը քաշեցին:

Բոլորդ նաւակի ձախ կողմէն կախուեցէ՛ք, լսուեցաւ Մակարի հրամանը:

Նաւակի փոքր առագաստը, պայթելու աստիճան լեցուած, այնպիսի թափով մը առաջ նետուեցաւ, աջ կողին վրայ պառկած, որ անոր իրանը, ցռուկէն մինչեւ ղեկտեղը ուժգնօրէն սկսաւ ցնցուիլ։

Հազիւ թէ քսան վայրկեան տեւեց այդ խօլական արշաւը։ Նաւակը կիսովին լեցուած էր ջրով: Մեր չորս բարեկամները կախուած կը մնային նաւակի ձախ կողէն ամէն վայրկեան սպասելով նաւակի խորտակումին, որ կարծես հրաշքով մը կը ճեղքէր ալիքները, աջ կողը հազիւ ջրէն վեր պահած։

Եաման, շո՛ւտ, առագաստը իջեցուցէք, առագաստը իջեցուցէք, գոռաց Մակարը, որ ղեկէն չէր բաժնուած․- հունա՛, ցամաքը երեւցաւ, եաման, շուտ…

Իրօք, հազիւ հարիւր քայլ հեռաւորութեան վրայ, լուսեղէն նօսր ամպի մէջէն կ’երեւէին ցամաքի մռայլ ժայռերը։

Վարդապետը, Մակարի հրամանը լսելով նետուեցաւ դէպի պարանը, բայց հազիւ հանգոյցը քանդած, պարանը առագաստի անդիմադրելի ուժէն տարուած, ձեռքէն փախաւ։ Առագաստը ահագին դրօշակի նման, շառաչելով սկսաւ օդը ծեծել, կայմի հաստ սիւնը եղէգի նման ծռելով։

Այդ պայմաններու մէջ ուրիշ ելք չէր մնար, բացի, ամէն վտանգ աչք առնելով, ձգել որ նաւակը ցամաք նետուի: Միակ բանը որ կրնար փորձել Մակարը, այն էր, որ վարպետօրէն ղեկավարելով՝ նաւակը փոխանակ ժայռերուն զարնելու, աւազուտի վրայ նետէր։

Տեղերնիդ պինդ կեցէք։

Հազիւ այս բառերը Մակարի բերնէն ելած, նաւակը երկու ժայռերու մէջէն սահելով, ցամաքի աւազուտին հասաւ ու վիրաւոր թռչունի նման ոստոստելով ամբողջ թափով խրուեցաւ աւազուտի մէջ։

Նաւակի աջակողմը ծանր կերպով փշրուած էր։ Մեր բարեկամները դժուարութեամբ ամփոփեցին առագաստը եւ պարաններով նաւակը կապեցին ցամաքի հետ։

Է՜, Մակար, էս ո՞ր տեղ ենք..

Հայր Սուրբ, ինքս ալ չեմ գիտեր. հիլէ քիչ մը ծովեզերքով քալենք… համ կը տաքնանք, զգեստներս վրաս սառեցան։

Մակարը՝ Գաւաշի շրջանը ձեռքի հինգ մատերուն նման գիտէր։ Ընկերներով ծովեզերքէն քիչ առաջանալէ վերջ, յանկարծ կանգ առաւ։ Հեռուէն կ’երեւէին ծովի մէջէն դուրս ցցուած երկու, ժայռեր, Մակարը անմիջապէս գիտցաւ, թէ փոթորիկը ո՞ւր քշած էր զիրենք։

Վառենցէն շատ վար մնացեր ենք, ըսաւ ընկերներուն Մակարը, Գանձակ գիւղի արտերուն քով դուրս ինկանք․ գիւղը հեռուն չէ։

Ոտքի վրայ քանի մը րոպէ խորհրդակցեցան Պիծան ու վարդապետը։ Ուրիշ ճար չկար. կէս սառած վիճակի մէջ ձեռք պէտք է քաշէին Վառենց հասնելու գաղափարէն եւ պէտք է երթային Գանձակ, որ հազիւ մէկ քառորդ ժամ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր ծովափէն։ Գանձակն ալ, Վառենցի նման Գաւաշի հիւսիսային անկիւնը մեկուսի նետուած գիւղ մ’էր հազիւ մէկ ժամ իրարմէ հեռու, երկուքն ալ զուտ հայաբնակ։

Մակարը որպէս ծանօթ այդ շրջանին, առաջ ինկաւ, ու ընկերները հետեւեցան անոր։ Ձիւներու մէջէն դժուարութեամբ կ’առաջանային։ Երբ բաւական մը քալեցին, մէկ ալ մօտաւոր տեղէ մը շան մը հաջոցը լսուեցաւ: Անշուշտ գիւղին մօտեցեր էին։ Բայց, ինչպէս Հայաստանի բոլոր գիւղերը, Գանձակն ալ լերան կողին փակած եւ ամբողջովին ծածկուած ձիւնի հաստ վերմակով մը հազիւ թէ աչքի կը զարնէր։ Մինչեւ որ մեր բարեկամները գիւղի մօտ գտնուող մարագները չհասան, չգիտցան, թէ մօտեցեր էին գիւղին։ Շատ անգամ պատահած է, որ ցուրտ ձմրան ամբողջ կարաւան մը անցեր է գիւղի տանիքներու վրայէն՝ առանց կռահելու, որ իրենց ոտքերուն տակ բազմամարդ գիւղ մը կը քնանայ։

Մենք հոս մարագ մը մտնանք, համ կը տաքնանք, համ ալ կը սպասենք, մինչեւ որ Մակարը գիւղ երթալով լուր տայ մեր մասին, կարգադրեց Պիծան, չենք գիտեր, թէ գիւղի մէջ դրսէն քրտեր կամ զօրք կա՞ն․ յանկարծ չելլենք, մենք մեր ոտքով թակարդը իյնանք։

Մինչ չորս ընկերները մարագ մը բանալով ներս մտան ու յարդի դէզի վրայ երկնցան, Մակարը գիւղ մտաւ ու սկսաւ ծեծել նախապէս իրեն ծանօթ գզիրին դուռը։

Էն ո՞վ ի, լսուեցաւ ներսէն գզիրի խռպոտ ձայնը։

Պօղոս, դուռը բաց, տնաշէն, ցուրտէն մեռայ, Մակարն եմ, Աղթամարի կեմիճին․․.

Ծօ՛, ինչպէ՞ս թէ Մակարն ես, կէս գիշերով…

Գզիրը, չոր ու ցամաք, բարձրահասակ մարդ մը, զօր տալով լեզուին վերջապէս դուռը բացաւ ու ներս առաւ Մակարը։

Կէս գիշերէն վերջ, Աստուած քու տունը չաւրի, ի՞նչ խապար է… ես ալ դեռ շատ չկայ, երկնցայ քնելու. . Աստուա՜ծ բարին կատարէ, աճայիպ երազ մը տեսայ․ հա՛, տեսայ, որ իմ եզիս կոտոշները երկնցան հա երկնցան, ծառի նման բարձրացան. ․․

Որ քեզի ամենաբարձր ճիւղէն կախեն, հռհռաց Մակարը, տնաշէն, զիս դրան ետին պահած, երազ կը պատմես. մէկ վրաս գլուխս նայէ, կէս մը սառած եմ…

Հա ծօ՛, չհարցուցի, էս ո՞րտեղէն կուգաս, Մակար։

Տնաքանդ, մէկ թոնրատունը մտնանք ու նոր ուզածդ հարցուր, ու Մակարը այլեւս մտիկ չընելով շատախօս գզիրի խօսքերուն՝ նեղ միջանցքով առաջ անցաւ ու թոնրատունը մտնելով՝ թոնիրի պռունկի վրայ նստաւ եւ ոտքերը մէջը կախեց։

Գզիրը Մակարի քովը պպզեցաւ։ Գզիրը, ինչպէս բոլոր գզիրները կը լինին, գիւղի ամենաաղքատ մարդն էր։ Թոնիրէն քիչ անդին, թաղիքի կտորի մը վրայ երկնցած էին կինը եւ երկու զաւակները, հազիւ ծածկուած կարկտաններով նաշխուն վերմակով մը։ Փոքր թոնրատան մէջ բացի կաթսայէ մը եւ երկու, կճուճներէ, ուրիշ բան չէր երեւնար:

Խէր լինի, Մակար, գիշերուան էս վախտը…

Խէր է խեր, դուն ան ըսէ, Պօղոս, գեղին մէջ դրսէն մարդ կա՞յ… քիւրտ, ասկեր…

Ախպօրս որ ըսեմ, շաբաթ մը առաջ, փոխասացներու նման միալար ձայնով սկսաւ խօսիլ գզիրը, շաբաթ մը չէ, տասնեւհինգ օր կը լինի… Գանձակի կողմէն երկու սուվարի եկան…

Ծօ, մարդ Աստուծու, ես հիմա կը հարցնեմ, գեղին մէջ դրսէն մարդ կա՞յ։

Հա՛, էդ որ կը հարցնես…

Ծօ, կա՞յ թէ չկայ, բարկացած պոռաց Մակարը։

Ձիւնը այնքան շատ է, այս քանի օրս ալ ֆորթունայ… չէ գեղին մէջ մարդ չկայ։

Որ այդպէս է, գնա՛ րէսին ձէն տուր՝ թող հոս գայ։

Րէ՞սը, գիշերուան էս վա՞խթը․ ախպօրս ըսեմ՝ դուն մէկ երկնցիր էդ թաղիքի վրայ, առտու կանուխ…

Չէ, Պօղոս, հիմա գնա՛ կանչէ, ազգի հրաման է։

Որ էդէնց է… մէկ ըսէ, Մակար, ի՞նչ թազէ խապար կայ. գիտես որ ես ալ ազգի մարդ եմ… հինգ տարի եղաւ անունս ազգի տաֆդարի մէջ գրուկ է։

Դուն տեղէդ ել ու գնա՛ րէսը կանչէ, դեռ նստա՞ծ ես:

Ծօ, կ’երթա՛մ, ահա կ’երթամ, ժամանակ չես տար, որ մարդ երկու խօսք խօսի։ Որ ազգի հրաման է, ձեռաց կ’երթամ… դուն ինծի մէկ աչքով մի՛ նայէր… ես որ կամ…

Մեր պատուական գզիրը, դեռ պիտի շարունակէր խօսիլ, եթէ Մակարը ուժով մը անոր կողը չբօթէր։

Վա՜յ մէջքս․ ծօ քեզ պէս էլ կռապաշտ… չէ՛, չէ՛, հիմա գնացի, ու գզիրը Մակարի քովէն հեռու փախչելով՝ ուղղուեցաւ դէպի դուռը։

Թոնիրի հաճելի ջերմութիւնը անուշ թմրութիւն մը բերաւ Մակարի վրայ․ նստած տեղը երկնցաւ ու աչքերը գոցեց:

Երբ գզիրն ու րէսը եկան, Մակարը անուշ անուշ կը քնանար։ Դժուարութեամբ արթնցուցին։

Խէր լինի, Մակար, ի՞նչ կայ, քնաթաթախ աչքերը տրորելով հարցուց րէսը։

Խէրն ու բարին վրադ գայ, սաղութիւնդ, Մակարը րէսի թեւէն բռնած՝ տարաւ թոնրատան անկիւնը ու անոր ականջին բաներ մը փսփսաց:

Հա՞, որտե՞ղ մնացին։

Գիւղամօտ մարագ մը մտան։

Լաւ, ես հիմա անոնց մօտ կ՚երթամ։ Դուն հո՞ս կը մնաս։

Աչքերս չեմ կրնար բանալ, թոնիրի կուշտը քիչ մը երկննամ…

Մինչ րէսը հապճեպով տնէն դուրս կուգար, Մակարը թոնիրի կուշտին երկնցաւ ու հակառակ գզիրի կէլէճէ ընելու բուռն փափաքին, աչքերը գոցելն ու քնանալը մէկ ըրաւ։

------------

Վարդապետ, Պիծան խօսքը ուղղեց ընկերոջը, մէկ սա պատուհանները բաց, էստեղ անկարելի է շնչել… Տօ՛, էս վերմակներն ալ… վանքին մէջ ալ չուլ ու փալաս չկա՞ր, որ վրան լեցնէիք։ Ու Պիծան վերմակ մը ձգելով հիւանդին վրայ, միւսները սենեակէն դուրս նետեց:

Եաման, Պիծա ջան, կը մրսի, հեղինակաւոր ձեւով ըսաւ Առիւծ Գեւօն, որ ամէն հիւանդութիւն բժշկելու համար միակ միջոց մ’ունէր՝ հիւանդը քրտնցնել:

Մոսօ, ե՞րբ անկողին ինկաւ, հարցուց Պիծան։

Երէկ գիշեր։ Գանձակէն Մոխրաբերդ կ’երթայինք։ Ես քովէն կը քալէի։ Տեսնեմ՝ քալած ժամանակ կը տքայ։ «Ի՞նչ ունիս», կը հարցնեմ. «բան չկայ», կը պատասխանէ, բայց տէ, փառք Աստուծու, ես ալ աչք ունիմ տեսնելու։ Երբ վանքին մօտեցանք, հալ չէր մնացեր վրան։ Իրեն ըսի, որ գիշերը վանքը անցընենք։ «Չէ, Մոսօ, ըսաւ, գիշերը չէ, բայց մէկ երկու ժամ հանգստանանք լաւ կը լինի, վրաս քալելու կարողութիւն չէ մնացեր»:

Էս տեղ երկննալը գիտցաւ, աչքերը խփեց ու մէկ գլուխ մինչեւ առտու աչքերը չբացաւ։

Է, լաւ բան մը ըրի՞ք: Լեւոնի քով դեղատուփ մը կայ։

Ես այդ դեղերէն բան մը չեմ հասկնար, որ… բայց, շատ, շատ տաքութիւն ունի, թերեւս քառսուն աստիճան…

Հա՜յ հո՜ւյ, քառսունն ալ խօ՞սք է, սարսախ, ընկերոջ խօսքը ընդմիջեց Առիւծ Գեւօն, հարիւր ըսէ, հազար ըսէ․ ձեռքս ճակտին կը դնէի ոնց որ տաք երկաթի մը վրայ դրած։ Քիչ առաջ, Պիծա ախպօրս ըսեմ, սխտորը լաւ մը ծեծեցի, քացախով շաղեցի ու ոտքերուն քսելով փաթթեցի։ Մէկ երկու ժամէն աչքերը կը բացուին։ Տաքութիւնը սատանայ ալ լինի՝ սխտորը անոր կոտոշներէն բռնած դուրս կը քաշէ… Սխտորի բանը ուրիշ է…

Քանի Լեւոնը հիւանդ պառկած էր, Մոսօն վայրկեան մ’իսկ չհեռացաւ անոր անկողնի քովէն։ Առիւծ Գեւոյին արդարութիւն ըրած լինելու համար՝ ըսենք, որ ան ալ Մոսոյի հետ հսկած էր, գուրգուրոտ մօր մը հոգածութեամբ, քնելով այն բոլորը, ինչ որ ինք անհրաժեշտ կը գտնար։ Բացի սխտոր ու քացախի համայնաբոյժ դեղէն, Առիւծ Գեւօն անմիջապէս կանչեր էր վանքի խաթունը, որ հիւանդի վրայ կարդայ։

Պառաւ խաթունը, քառասուն տարիէ ի վեր վանքին մէջ կը ծառայէր, վանքի հացթուխ էր եւ, կ՚ըսէին թէ, այնքան լաւ կարդացող, որ կրնար կարդալով չար աչքը քօռցնել, հիւանդ մը երկու օրէն ոտքի հանել: Բուռին մէջ քիչ մը աղ սեղմած՝ խաթունը հիւանդի վրայ խորհրդաւոր ձեռքի շարժումներ կը կատարէր, կը սկսէր ամենազօր աղօթքը, երբեմն պատռելու աստիճան բերանը բացած յօրանջէլով, մինչեւ որ աչքերէն արցունրը սկսէր կաթիլ կաթիլ իջնալ ճմրթկուած երեսէն։

«Ղուրպան, չար աչք էր, ըսած էր պառաւը կարդալը վերջացնելէ ետք, աչք տուողին սիրտը ճաքի․ լաւ հախէն եկայ, աչքը քօռացաւ, Աստուծով մէկ օրէն պարոն Լեւոնը ոտքի կ’ելլէ»:

Թէեւ խաթունը ապահովցուցեր էր, որ հիւանդը շուտով ոտքի պիտի ելլէ, բայց նորէն Գեւօն ու Մոսօն շատ մտահոգուած էին ու կարելի է երեւակայել, թէ ի՜նչ ուրախութեամբ դիմաւորեցին նոր եկողները։

Մոսօ, տղաքը ո՞րտեղ են, հարցուց Պիծան։

Ախոռի սաքուն մնացին:

Լաւ, դուք ալ գնացէք հանգստացէք, Մոկացի Յակոբը թող գայ մեր քովը. անշուշտ տղաքը կանոնաւոր պահակութիւն կ՚ընեն։

Լեւոնի անսպասելի հիւանդութիւնը ծանր կացութիւն մը ստեղծեց։ Պարզ էր, որ այդ վանքին մէջ չէին կրնար մնալ, իսկ եթէ Լեւոնը շուտով ոտքի չելլէր, զայն փոխադրելը գրեթէ անկարելի պիտի լինէր։ Եւ, վերջապէս, ո՞ւր կրնային փոխադրել, ո՞ր գիւղին մէջ կրնային մէկ կամ երկու օրէ աւելի պահել, իսկ Աղթամար կղզին վերադառնալու մասին մտածելը բոլորովին աւելորդ էր, եթէ կառավարութիւնը արդէն հսկողութեան տակ առած չէր կղզին, անշուշտ շուտով կ’առնէր:

Լեւոնի ջերմութիւնը զգալաբար իջած էր։ Հիւանդոտ կարմրութեամբ շառագունած դէմքը հետզհետէ բնականոն գոյն մը կը ստանար։ Լոյսը բոլորովին բացուած էր, երբ Լեւոնը վընկալով դարձաւ անկողնի մէջ, «աչքերը բացաւ ու անգիտակից հայեացքը չորս բոլորը պտըտցուց, որպէս թէ ուզէր իմանալ, թէ ինք ո՞ւր կը գտնուէր։

Լեւոն, ազիզ ջան, ես եմ, Պիծան։

Պիծա՛…

Հա, Լեւոն, Պիծան, Պիծան:

Լեւոնը երկարատեւ թմրութենէն արթնցած՝ ճիգ կը թափէր ինքզինք գտնալու, յիշողութիւնը սրելու համար։

Էս ո՞րտեղ եմ, ի՞նչ պատահեցաւ, ու զարմանքով նայեցաւ անկողնին։

Լեւոնը չորս տարուան ընթացքին երբեք հանուած վիճակի մէջ անկողին չէր մտած։ Ուրեմն լուրջ բան մը պատահած էր, որ զինք անկողնի մէջ պառկեցուցած էին, Պիծան ու վարդապետն ալ այնքա՜ն մտահոգուած դէմքով իրեն կը նայէին։

Էս ո՞րտեղ եմ, կրկնեց Լեւոնը՝ ձայնը աւելի բարձրացուցած։

Սուրբ Թովմայի վանքը, հիմա ի՞նչպէս կը զգաս, հարցուց վարդապետը՝ ձեռքը հիւանդի ճակտին դնելով, տաքութիւնդ իջած է։

Այո՛, հիմա աւելի լաւ կը զգամ, ու Լեւոնը անկողնին մէջ նստելով, դարձաւ ընկերներուն, դուք ե՞րբ եկաք։

Հազիւ մէկ երկու ժամ եղաւ:

Իսկ ինչո՞ւ կղզիէն դուրս եկաք։

Լեւո՛ն, յետոյ կը խօսինք այդ մասին, հիւանդը հանգստացնել աշխատելով ըսաւ Պիծան, առայժմ հանգստացիր, խօսելու, շատ ժամանակ կ’ունենանք։

Մէկ երկու րոպէ առանց բառ մը արտասանելու, Լեւոնը նոյն դիրքի մէջ արձանացած մնաց։ Հիմա արդէն յստակօրէն յիշեց այդ երկու օրուան դէպքերը, սուրհանդակի գալը, Մոխրաբերդէն եկած նամակը, Գանձակէն մեկնիլը ու ճանապարհին զգացած անհանդուրժելի գլխու ցաւը, մինչեւ որ գլուխը արճիճի նման ծանրացեր էր, ծունկերը դողալ սկսած էին: Ատկէ անդին ալ բան չէր յիշեր։

Դէպքերու վերյիշումը սուր գամի նման մխուեցաւ ուղեղին մէջ։ Կեդրոնացած դէմքը հետզհետէ մռայլուեցաւ ու յանկարծ վերմակը վրայէն նետեց։ Ի՜նչ ալ ժամանակ գտած էր հիւանդանալու, ծանր ու մեծ անկողնի մէջ երկննալու, երբ ամէն ժամանակէ աւելի հիմա էր որ պէտք ունէր ֆիզիքական ուժին, հոգեկան կարողութիւններուն։

Հակառակ Պիծայի եւ վարդապետի խնդրանքին, Լեւոնը սաստիկ գրգռուած վիճակի մէջ հագուստները հագաւ, նոյնիսկ ծանր փամփուշտակալները կապեց, ինքնիրմէ դժգոհ, եթէ նոյնիսկ այդ եղած էր առանց իր գիտակցութեան։ Հազիւ զիջելով Պիծայի խնդրանքին, համաձայնեցաւ ջրով կլլել քինինի երկու գնդիկներ։ Գրպանէն Մոխրաբերդէն ստացած նամակը հանելով՝ երկարեց Պիծային։

Ա՛ռ, կարդա՛, տես թէ ինչպէ՜ս լաւ կ’երթան մեր գործերը, շրթունքը արիւնելու աստիճան կծելով ըսաւ Լեւոնը, մարդու արիւնը կը սառի կարդալով…

Պիծան հարեւանցի ակնարկ մը նետեց նամակին վրայ։ Պարզ էր թէ ի՜նչ կրնար լինիլ բովանդակութիւնը: Խեղճ Լեւոնը դեռ աղէտի մեծութեան մասին գաղափար չունէր։ Եթէ միայն կարդար իր անունով քաղաքէն եկած նամակը, որ Պիծայի գրպանն էր…

Է՛, ի՞նչ կ՚ըսես, Պիծա՛, ինչո՞ւ բերանդ չես բանար… Տեսա՞ր ի՜նչ լուրեր կուտան… ժանտարմներն ու զօրքը հայկական գիւղերը լեցուած… սանձարձակ ազատութիւն տուած են ինքզինքնուն. ․․ խոշտանգում, թալան, կիներու բռնաբարութիւն․․. բազմաթիւ ձերբակալութիւններ, բանտարկութիւն… շատեր ինքնակամ զէնքերը կը յանձնեն․․. Իսկ մենք, մե՛նք ի՞նչ կ’ընենք. ձեռքերնիս ծալած պիտի նայի՞նք, որ տարիներու աշխատանքը մէկ երկու օրուան մէջ ոչնչանայ… Հա՛, Պիծա՛, ինչո՞ւ չես խօսիր, ինչո՞ւ բերանդ չես բանար…

Այդ օրը թերեւս առաջին անգամ լինելով՝ Լեւոնը ուղիղ Պիծայի դէմքին նայեցաւ՝ թափանցող հայեացքը անոր աչքերուն մէջ մխրճած։

Պիծա՛…

Լեւոնի ձայնին մէջ յուսահատ աղերս մը կար, անքօղարկելի սարսափ մը։ Պիծան, այդ լեռնական հուժկու տղամարդը, որ կարծես երկաթէ կազմ ունէր, քանի մը օրերու ընթացքին խորտակուած՝ բոլորովին ծերացած երեւցաւ Լեւոնի աչքին։ Դէմքի գծերը աւելի խստացած էին, մազն ու մօրուքը զգալաբար սպիտակած: Բայց ինչ որ սարսափեցուց Լեւոնը՝ այդ Պիծայի դէմքի անկենդան արտայայտութիւնն էր, մանաւանդ աչքերը, որոնց մէջ յուսահատութեան անյատակ անդունդներ բացուած էին։ Լեւոնը անմիջապէս գլխի ինկաւ, որ Պիծան աւելին գիտէր, քան ինչ որ ինքը, եւ որ խնդիրը Գաւաշով չէր սահմանափակուեր:

Պիծա՛, դու քաղաքէն լուր ունի՞ս…

Լեւո՛ն, տղաս, ծանր օրեր կ’ապրի ժողովուրդը…, ու Պիծան դանդաղ շարժումով գրպանէն նամակը հանելով՝ երկարեց Լեւոնին:

Այլեւս իմաստ չունէր ծածկելը։

Սենեակին մէջ տիրեց մահու չափ ծանր լռութիւն մը։ Լեւոնի դէմքը, մագաղաթի գոյն ստացաւ․ շրթունքներուն մէջ կաթիլ մը արիւն չմնաց: Ուրեմն այդպէս, կը խորտակուէր ամէն ինչ։ Անդիմադրելի աղէտը արմատախիլ կ’ընէր ամէն յոյս, ապագայի ամէն հնարաւորութիւն։

Պիծան եւ վարդապետը ուշադիր կը հետեւէին Լեւոնի դէմքի արտայայտութեանը։ Այդ երիտասարդը, որ տարիքով իրենցմէ շատ փոքր էր, նեղ օրերուն յոյսի, ոգեւորութեան աղբիւր մ’եղած էր իրենց համար: Լեւոնի երիտասարդութիւնը, հաւատաւոր ոգեւորութիւնը, անչափ եռանդը, առողջ միտքը, բայց մանաւանդ անոր գործելու կատաղի թափը վարակիչ հանգամանք մ’ունէր, որմէ չէին կրնար չազդուիլ զինք շրջապատողները:

Նամակը վերջացնելով՝ Լեւոնը նայեցաւ ընկերներուն՝ ապահովաբար առանց զանոնք տեսնելու։ Նամակը ծալեց գրպանը դրաւ, գունաթափ շրթները շարժեց՝ առանց հնչիւն մը կարենալ հանելու։ Եւ գլուխը վար հակած՝ առանց շարժելու նստած տեղը արձանացաւ:

-----------

Հազիւ թէ մթնիլ սկսած էր, երբ Լեւոնը իր խմբով ճամբայ ելաւ՝ Սուրբ Թովմայ վանքէն Մոխրաբերդ գիւղը երթալու համար: Պիծան չփորձեց իսկ հակառակիլ Լեւոնի որոշմանը. կը զգար, որ այդ քայլը անհրաժեշտ է առնել, յուսալքուած գիւղացիութեան բարոյական կորովը վերականգնելու համար, իսկ Լեւոնի հիւանդութեան մասին մտածելու ժամանակը չէր։ Առողջ կամ հիւանդ՝ հայդուկը իր ճամբան ունի երթալիք, ան պիտի քալէ, թափառի, մինչեւ որ իյնայ ու ալ ոտքի չկրնայ կանգնիլ:

Ցերեկով վանքի հօտաղներէն Պօղոսը ճամբեցին Մոխրաբերդ՝ խմբի մասին լուր տալու, ինչպէս ընդունուած կանոնն էր։ Հազիւ երեք ժամուան հեռաւորութիւն ունէր Մոխրաբերդը։ Ճանապարհը ապահով կը համարուէր։ Ատոր համար ալ խումբը դանդաղօրէն կը յառաջանար՝ երբեմն հանգստանալու համար կանգ առնելով։

Կարմրուկ վանքի մօտ, առանց վանքը մտնելու, կէս ժամու չափ հանգստացան եւ կրկին ճամբայ ելան, շղթայի նման երկարած ճանապարհի վրայ։

Լեւոնը ատամները սեղմած, թէեւ անտանելի գլխի եւ մէջքի ցաւով, բայց յամառօրէն կը հետեւէր Մակարին, որ հազիւ տասը քայլ առջեւէն կ՚երթար։ Պիծան ու վարդապետը կը հետեւէին Լեւոնին, իսկ անոնցմէ վերջ կուգային հայդուկները՝ մէկ երկու քայլ իրարու ետեւէ շարուած։ Լեւոնը պաշլխով լաւ մը գլուխը պլլած՝ քանի ճամբայ ելած էին, դեռ բառ մը չէր արտասանած․ գլուխը կախած, հարբած մարդու նման կը քալէր՝ երբեմն սայթաքելով, նոր ոտքի ելած երեխայի նման։

Այդ գիշեր խմբի վերջապահները Առիւծ Գեւօն եւ Թոփալ Սատանան էին։ Հայդուկային խմբի մը վերջապահները խումբը առաջնորդող վալատներու չափ պատասխանատու դեր ունէին։ Անոնք աչալուրջ պէտք է հետեւէին, որ հայդուկ մը խմբէն ետ չմնար, որ անոնց վրայէն կասկած յարուցանող իր մը չիյնար ճամբուն վրայ, որ հայդուկ մը բնական կարիքի համար խմբէն բաժնուելէ ետքը կրկին խմբին միանար, որ դադարէ մը վերջ, երբ խումբը նորէն ոտքի ելլէր ճամբան շարունակելու, քարի մը կամ մացառի մը տակ քնացած մէկը չմնար։

Առիւծ Գեւօն ու Թոփալ Սատանան խմբին կը հետեւէին տաս քայլ մը հեռաւորութեան վրայ։ Երկու հին ընկերները այդ գիշեր շատ վատ տրամադրութեան մէջ էին. իրարու հետ քէն ընողներու նման կողք կողքի լուռ ու մունջ կը քալէին։ Անգամ մը միայն Առիւծ Գեւօն ընկերը մխթելով շշնջաց․

Էդ քաղքի ջոջ աղաները մեր տունը քանդեցին, էնոնց քէօքը պէտք է չորցնել։

Հայ չեն, Վասակ են։

Հապա՞, որ ես կ’ըսէի. ախ ես էդոնց, ու Առիւծ Գեւօն անպատկառ հայհոյանք մը փախուց բերնէն։

Գեւօ՛, բայց Եկաւեանը, Գարեգինը, Ներսէսը, անոնք ալ քաղքցի են։

Այս յիշեցումը Առիւծ Գեւոյի գործին չեկաւ․ հայդուկներու մեծամասնութեան նման քաղաքացւոց դէմ ան կոյր ատելութիւն մը ունէր։ Նեղն ինկած՝ անկարող ընկերոջ ըսածը հերքելու՝ բարկացած վրայ բերաւ․

Պօշ խօսք կը խօսիս, անոնք տարբեր…

Տարբեր մարբեր չեմ գիտեր, երեքն ալ քաղաքացի են, ու կարծես աւելի գրգռելու համար ընկերը, աւելցուց, Հայրիկն ալ քաղաքէն էր։

Առիւծ Գեւօն բարկացած բերանը բացաւ, որ բան մը ըսէ, բայց կ՚երեւի խօսք մը չգտաւ ու բաւականացաւ հրացանի կոթով հարուածել ճամբու եզերքը գտնուող մացառը, որուն վրայ ծանրացած ձիւնը խշշալով վար թափեցաւ։

Հը՜, Գեւօ, բերանդ չբանա՞ս, ընկերը չարացնելու մտքով՝ հեգնաբար հարցուց Թոփալ Սատանան։

Ծօ, դուն արդէն սարսախ ծնած ես, այլեւս ինքզինք չկրցաւ պահել Առիւծ Գեւօն, որու ինքնասիրութիւնը սաստիկ վիրաւորուած էր, հա հաւու խելքը, հա քուկդ։

Ինչո՞ւ որ, Հայրիկը վանեցի չէ՞։

Ծօ, հայվան, որ վանեցի լինէր, ալ ինչո՞ւ կ՚ըսէին Հայոց Հայրիկ, հա՞, ու Գեւօն ուրախացած որ վերջին րոպէին այսպիսի կարեւոր գիւտ մը ըրած էր՝վերէն վար նայեցաւ ընկերոջը։

Թոփալ Սատանան զարմանքէն թուքը կուլ տուաւ։ Ի՞նչպէս այդքան պարզ բանը ինք չէր մտածած: «է՜հ, Առիւծ Գեւօն մէկ հատիկ մարդ է, իսկական խելքի տոպրակ», ինքնիրեն մտածեց Թոփալ Սատանան պզտիկ ինկած, ու պարտուած լինիլը զգալով՝ լռեց։

Սուրբ Թովմայ վանքէն ճամբայ ելլելէն առաջ, Լեւոնը, Պիծան եւ վարդապետը կարճ խորհրդակցութիւն մը ունեցեր էին: Թէեւ կ’ուզէին Նոր Գիւղ երթալ, ուր կը գտնուէր Գաւաշի յեղափոխական մարմինը, բայց այդ գիւղը ճամբու վրայ գտնուելուն՝ որոշեցին Մոխրաբերդ երթալ, որ հազիւ մէկ ժամուան հեռաւորութիւն ունենար Նոր Գիւղէն, բայց ճամբայէ հեռու գտնուելուն համար աւելի ապահով կը համարուէր։

Խաւարի մէջէն սպիտակ ձիւնի վրայ շարժող ստուերներու նման, դաժան ծանրութեամբ խումբը կը հետեւէր Մակարին։ Ճամբայ ելլելէ առաջ, Լեւոնը իրեն յատուկ կտրուկ ձեւով սաքուի մէջ հաւաքուած հայդուկներուն խօսած էր պատահած սարսափելի աղէտի մասին, որ այնքա՜ն անակնկալ կերպով պայթած էր՝ իրեն հետ սրբել տանելով ապագայի փայլուն յոյսեր եւ մեծ ծրագիրներ: Չէր թագցուցած հայդուկներէն այն ծանր, գրեթէ յուսահատական վիճակը, որուն մէջ կը գտնուէին։ Հայդուկները ատամնին սեղմած, դաժան լռութեամբ լսած էին Լեւոնը՝ պարզ գիտակցելով իրենց օրհասական վիճակը։ Գիտէին, որ այլեւս յուսահատ պայքարի մը մէջ է որ կը նետուէին, բայց եւ այնպէս անոնցմէ եւ ոչ մէկը տատամսեցաւ, երբ Լեւոնը կարգադրեց, որ հրացանները վերցուցած՝ ախոռէն դուրս գան։ Մռայլ դէմքերով, հայդուկները ախոռի առջեւ կարգի կայնեցան, ու երբ որ սկսան քալել, դաժանօրէն ծանր, բայց անսայթաք քայլերով սկսան առաջանալ՝ մահը դիմաւորելու համար։

Դեռ բաւական ժամանակ կար լուսաստղը բարձրանալու, երբ հեռուէն լսուեցաւ Մոխրաբերդի շներու հաջոցը։

Մոխրաբերդի առջեւ երկար ու նեղ հրուանդան մը կ’երկարի ծովուն մէջ։ Խումբը Մակարի առաջնորդութիւնով լայնքէն կտրեց դէպի ծով երկարող այդ քիթը, ու ծովեզերքէն շրջան մը ընելով՝ սկսան բարձրանալ քանի մը քարընկէց հեռու գտնուող գիւղը։ Խումբը գիւղի ճամբու վրայ գտնուող քանդուած ջրաղացը մտաւ, ինչպէս նախօրօք պայմանաւորուած էին։ Հոն, ըստ իրենց հրահանգին, պէտք է սպասէին Մոխրաբերդի Գործադիրի անդամներուն:

Աւերակ ջրաղացի մէջ մարդ չկար։ Դուրսը երկու պահակ կանգնեցնելով՝ յոգնած ու քրտնած տղաքը, առաւօտեան սաստիկ ցուրտ քամիէն պատսպարուելու համար, ջրաղացը մտան, ու ով ինչպէս որ կրցաւ՝ խարխափելով տեղ մը ճարեց նստելու համար։

Առիւծ Գեւօն ջրաղացի դրան քով նստած էր, դէմքը դէպի գիւղը դարձուցած։ Ատեն մը ուշադրութեամբ գիւղի շներուն հաջոցը մտիկ ընելով՝ տեղէն բարձրացաւ ու մօտեցաւ ջրաղացի այն անկիւնը, ուր Լեւոնն ու Պիծան իրարու կողքի նստած էին։

Գեղին մէջ օտարական մարդիկ կան, բոլորովին վստահօրէն խօսեցաւ Առիւծ Գեւօն։

Գեւօ՛, ինչէ՞ն գիտցար, որ դրսէն մարդիկ կան, անվստահ կերպով հարցուց Պիծան. ջրաղացէն դուրս չելար, ինչէ՞ն գիտես։

Գեղի շներու հաջոցէն: Ախպօրս ըսեմ, շան հաջոց կայ, հաջոց ալ կայ․ իմ ականջներս չեն խաբուիր։ Գիշերով գեղականը, որ տնէն դուրս ելլէ, դրկիցի շունը շատ շատ կը մռլտայ, բայց վրայ վազելով խածնելու ձեւով չի հաջեր… Վալլահ, գեղին մէջ դրսի մարդ կայ․ ես քեզի կ’ըսեմ, որ գեղին մէջ մարդ կայ, ու շատուոր ալ են, քսան երեսուն հոգի: Քանի եկեր ենք, շան հաջոցը չկտրուեցաւ։ Եթէ մէկ երկու հիւրեր լինէին, այսքան շուտ շուտ դուրս չէին ելլեր։

Առիւծ Գեւօն շիտակ կը խօսայ, ըսաւ հայդուկներէն մէկը, էդ հոջոցը շան սովորական հաջոց չէ․ բան մը կայ:

Բան մը կայ, բան մը կայ, մութ ջրաղացի այս ու այն անկիւններէն լսուեցան հայդուկներու ձայները։

Մակարը ճամբենք, իմանանք թէ գիւղին մէջ ի՞նչ կ’անցնի կը դառնայ, խորհուրդ տուաւ Պիծան. հը՞, Լեւոն, դուն ի՞նչ կ՚ըսես։

Ուրիշ ճար չկար։ Մէկը պէտք էր որ գիւղ երթար՝ գիւղի Գործադիրին իմացնելու խմբի գալը, մէկ ալ որ ցերեկով այդ ջրաղացի մէջ չէին կրնար մնալ, պէտք կը աւելի ապահով տեղ մը փոխադրուէին։

Մակարի երթալէն կէս ժամ անցաւ։ Ոչ եկող՝ ոչ գնացող: Գէթ Մակարը վերադառնար, լուր մը տալու, կացութիւնը պարզելու համար։ Կամաց կամաց լուսաստղն ալ սկսաւ բարձրանալ հորիզոնի վրայ։ Եթէ մինչեւ կէս ժամ չփոխադրուէին, այլեւս ուշ կը լինէր։ Պարտաւորուած այդ ջրաղացի մէջ պիտի մնային, որու քովէն կ’անցնէր Մոխրաբերդէն Ոստան երկարող ճանապարհը։ Պատահական հանդիպում մը, կրնար կռուի պատճառ դառնալ։ Կռուէն չէ որ կը խուսափէին հայդուկները, այլ այն որ կրնար մեծնալ եւ գիւղը հիմնայատակ կործանիլ։

Լեւո՛ն:

Լեւոնը ջրաղացի վերի անկիւնը նստած՝ կարծես չլսեց իսկ Պիծայի կանչը. գլուխը ձեռքերուն մէջ առած՝ կը մտածէր։

Լեւոն, քնացե՞ր ես…

Պիծա՛, միտք կ՚ընեմ…

Ի՞նչ կը խորհիս, գիւղացիք ինչո՞ւ չեն գար։

Պիծա՛, ամէն մարդ իր գլուխը ազատելու մասին կը մտածէ, դառնօրէն ժպտելով ըսաւ Լեւոնը:

Դժբախտաբար, Պիծան ալ միեւնոյն կարծիքէն էր։ Կառավարական խստութիւնները՝ ծեծ, հալածանք, բանտարկութիւն՝ ահաբեկած էին գիւղացիները։ Գործի ձախող ելքէն յուսաբեկուած՝ անոնք այլեւս երես կը դարձնէին այն մարզիկներէն, որոնք դեռ օր մը առաջ, որպէս հերոս կը պաշտէին։ Ժողովուրդի այս հոգեբանական փոփոխութիւնը բնական էր։ Անոնց ցոյց տուած վերաբերմունքը չէք որ կը դառնացնէր Լեւոնը, այլ այն գիտակցութիւնը, որ ինքն ու իր ընկերները ամբողջովին գործի ծանրութեան կեդրոնը դարձուցած էին քաղաքը։ Ահա, մէկ հարուածով կ՚իյնար քաղաքը, ու քաղաքի անկումով տարիներու աշխատանքը կը փճանար ու տարիներով ետ կ՚երթար յեղափոխական գործը:

Դուրսը կանգնած պահակներէն մէկը, ուռիի հաստ բունի մը ետին ծածկուած, նկատեց, որ գիւղի կողմէն երկու ստուերներ տան պատերու տակէն սողալով դէպի ջրաղացը կուգային։ Անմիջապէս լուր տուաւ Առիւծ Գեւոյին, որ դրան քով իր նախկին դիրքը գրաւած էր։

Եկողները՝ Մակարն ու Մոխրաբերդցի Յովհաննէսն էին։ Ջրաղացի մէջ անթափանց խաւար կը տիրէր։ Խարխափելով մօտեցան այն անկիւնը, ուր Լեւոնն ու Պիծան նստած էին։ Պիծան տարիներով Գաւաշի շրջանին մէջ գործած էր․ կը ճանչնար բոլոր գիւղացիները։ Երբ Մակարի հետ եկողը անունը տուաւ, Պիծան անմիջապէս յիշեց զայն։ Յովհաննէսը, որուն գիւղացիք Մազոտ Արջ կը կանչէին, Մոխրաբերդի տեղական կամաւոր զինուորներէն մէկն էր. աշխոյժ, գործունեայ երիտասարդ մը, որ երեք ամսի չափ Վահէի մօտ զինուորութիւն ըրած էր, երբ վերջինս դեռ Գաւաշի շրջանը կը գտնուէր:

Է՛, Օհաննէս, ըսէ տեսնենք, գիւղին մէջ ի՞նչ կայ չկայ. Գործադիրը մեր նամակը չստացա՞ւ, հարցուց Պիծան։

Էս օր, կէս օր չեղած, յանկարծ մեր գիւղը պաշարուեցաւ։ Պաշարողները վաթսուն զինուոր կը լինէին իրենց սպաներով միասին։ Անոնց կ’առաջնորդէր Ոստանցի փոլիս Սալիհ բէկը, որ շատ լաւ հայերէն կը խօսի։ Շարժուելու ժամանակ չունեցանք։ Զօրքը գիւղի մէջ լեցուած՝ չձգեցին, որ մարդ տնէ դուրս գայ։ Այնպէս որ խապար չունէինք թէ ի՞նչ կ’անցնի կը դառնայ դրացիի տան մէջ։ Մէկ ալ մեր տունը մտան զապիթ մը եւ վեց զինուորներ։ Ալ ի՞նչ ըսեմ, այնքան ծեծեցին, որ շարժելու կարողութիւն չմնաց վրաս։ «Անհաւատ շուն», կ’ըսէին, «գեղի զէնքերը ո՞ւր պահած էք»։ Մէկ բերան ուրացայ։ Ըսի որ գեղին մէջ զէնք չունինք։ Բայց խօսքիս հաւատացողը ո՞վ։ Մեր տնէն ելան՝ մտան դրացի Սողոյի տունը։ Աստուած դուշմանիս քաշել չտայ անոր քաշածը… տանը նամուսն ալ չմնաց… ան շուն Սալիհ բէկը շատոնց անոր կնկանը աչք տնկած էր… Ո՜ր մէկը պատմեմ… Որ սկսաւ մթնիլ՝ ճահիլ հարսներն ու աղջիկները գեղէն փախցուցինք Նորգիւղ։ Եաման զուլում է… Հիմա րէսի տունը հաւաքուած են։ Խեղճ մարդու ոտքերը ձեռքերը կապած՝ ախոռը նետեցին, աղբերու մէջ։ Գեղէն վեց ուրիշներ ալ կապուած են, երեքը Գործադիրի անդամներ… Փառք Աստուծու, գեղին մէջ դեռ վասակութիւն չեղաւ: Օխտը բռնուածներն ալ լուսը բացուելուն՝ Ոստան պիտի տանին… Ուրիշ գեղերէ աւելի վատ խապարներ կուգան…

Ախավանքի մասին բան մը լսեցի՞ք, հարցուց վարդապետը։

Վայ էդ դո՞ւն ես, Հայր Սուրբ, վարդապետի ձայնէն ճանչնալով ըսաւ Յովհաննէսը, մեռնիմ սուրբ կարգիդ, Ախավանքէն խապար չունիմ։ Լսողաց իմացայ, որ հոն ալ զօրք կայ, Աղթամարի կղզին ալ զօրք ելած է. երկու կէմի ալ կղզիի առջեւ պատրաստ կը սպասեն: Հայր Սուրբ, ազգի տունը քանդողին տունը քանդուի… Քաղաքի մասին ալ եաման բաներ կը պատմեն… Իրա՞ւ է, կ’ըսեն, պարոն Լեւոնը մեր կողմերն է։ Եարա՛պ, էլ ո՞ր օրուան կը սպասէ, դանակը ոսկորին հասաւ…

Ժողովուրդը ի՞նչ կը մտածէ, հարցուց Պիծան։

Ի՞նչ պիտի մտածէ, ոնց որ աւերուած հաւնոցի հաւեր… ամէնքը գլուխնին կորսնցուցած. ․․ էս ի՜նչ զուլում էր որ եկաւ… Հա, քիչ մնաց մոռնայի՝ էս գիշեր Կտուց Անապատէն կէմի մը եկաւ. Գործադիրի մարդիկը ձերբակալուած՝ ինծի խապար տուին: Գնացի։ Տեսնեմ՝ կէմիի մէջ պարոն Գէորգն է, Սարգիսը, Հրայրը, Պարմագսըզ Կարօն, երեք ալ ուրիշ զինուորներ, որոնց անունները չեմ գիտեր։ Կ’ըսեն՝ «Մոխրաբերդ պիտի ելլենք»։ «Աման, կ՚ըսեմ, գեղը լեցուն զօրք է, մեր գիւղը կ’աւերի, Սուրբ Թովմայ գնացէք»։ Նաւավարներն ալ թէ՝ «լուսը կը բացուի՝ տեղ չհասած, վերջը գէշ կը լինի»։ Ճար չկար․ տեղ մը գտնելու էի: Գեղ մտցնել չէի կրնար, մէկ ալ որ գիւղացիք կը հակառակէին…

Հիմա ո՞րտեղ են, անհամբերութեամբ Յովհաննէսի խօսքը կտրեց Պիծան:

Հա՛, մտածեցի որ տանիմ մեր մարագը։ Ցերեկով զօրքը արդէն տներն ու մարագները տակնուվրայ ըրած էր, մէկ մ’ալ չէր երթար խուզարկելու…

Ուրեմն, հիմա քու մարագի մէ՞ջ են…

Հա՛, մարագս ճամբայէ հեռու է, գիւղէն ալ հեռու։ Գեղին մէջ մարդ չի գիտեր անոնց հոն գտնուելու մասին…

Իսկ մե՞ր մասին…

Ինձմէ զատ մարդ խապար չունի։

Շատ լաւ, Յովհաննէս։ Հիմա մեզ անոնց քով կրնա՞ս տանիլ։ Էս տեղը ճամբու վրայ է, եթէ մէկը ներս մտնայ…

Տանիլը կը տանեմ, տատամսելով պատասխանեց Յովհաննէսը, բայց վա՜յ թէ զինուոր մը տեսնէ…

Բայց հոս ալ չենք կրնար մնալ։ Ճամբու վրայ որ տեսնուինք՝ կռիւը կը փրթի, համոզիչ ձեւով մը խօսեցաւ Պիծան։

Հա, ադ ալ շիտակ է, ու Յովհաննէսը մէկ մը դռնէն դուրս նայելով, երբ ապահովուեցաւ, որ դեռ լոյսը չէր բացուած, աւելցուց․— Որ այդպէս է, տէ շուտ շարժեցէք․ ժամանակ չունինք կորսնցնելիք։ Ես ու Մակարը առջեւէն կ’երթանք, դուք ալ իրարու ետեւէ դուրս ելէք։ Աստուծով առանց տեսնուելու կ’անցնինք․․. Մէկ գլուխ ունիմ, ան ալ ազգին ղուրպան թող լինի։

-----------

Պատմէ՛, պատմէ՝ լսենք, Գէորգ, ինչ որ պատահեցաւ Թիմարի շրջանի մէջ:

Է՜հ, ի՞նչ պատմեմ, Պիծա, պատմելիք մնա՞ց որ։ Կտուց Անապատն էի, տղոց մօտ։ Մէկ ալ նամակ մը ստացայ․ Կայծակը կը գրէր, որ անմիջապէս Ալիւր իրեն քովը երթամ, շատ կարեւոր խնդրի մը համար։ Կարօն ու Հրայրը երեք զինուորներով կը ձգեմ կղզին, որ իրենց գործը շարունակեն, ու միայն Սարգսի հետ ճամբայ կ’ելլեմ, բոլորովին անգիտակ քաղաքի պատահարներէն: Երբ լուսաբացին Ալիւր կը հասնինք, վանքի տան մէջ հաւաքուած կը գտնենք Կայծակը, տեղական Գործադիրի անդամներէն Տիգրանը, Աբիսողոմը, Սարգիսը՝ ուրիշ մէկ երկու կամաւորներու հետ։ Անմիջապէս գլխի կ’իյնամ որ շատ ծանրակշիռ դէպք մը պատահած լինելու է։ Բոլորը ընկճուած էին, կարծես իրենք զիրենք կորսնցուցած լինէին, ծովը ինկնողի նման։ Կայծակը քանի մը խօսքով կը պատմէ քաղաքի մէջ իրարու յաջորդող դէպքերը, մեր պահեստներու կառավարութեան ձեռք անցնիլը, բազմաթիւ ընկերներու ձերբակալուիլը, եւ Էրզրումէն մեծ թուով զօրք գալը։ Թիմարի գաւառին մէջ այնպիսի շփոթ մը, սարսափ մը կը տիրէր, գիւղացիք այն աստիճան բարոյալքուած էին, որ յօժարութեամբ ունեցած զէնքերնին կը յանձնէին կառավարութեան, եթէ միայն խուզարկութիւններն ու ձերբակալութիւնները վերջ մ’ունենային, որ ծեծն ու բռնութիւնները դադրէին շրջանին մէջ։

Որքա՞ն զօրք կար Թիմարի մէջ, հարցուց Պիծան։

Լեւոնը ցրուած ուշադրութեամբ մտիկ կ՚ընէր Գէորգի պատմութեանը, կարծես անկարող վերջնականօրէն հաշտուելու կատարուած եղելութեան հետ։

Եղած զօրքը թէեւ թուով շատ չնչին՝ բայց խուզարկութիւնը շատ լաւ կազմակերպուած էր։ Թուրքերը գլխաւոր նպատակ մը կը հետապնդէին՝ սարսափեցնել, խուճապի մատնել հայ ժողովուրդը, եւ իրօք նպատակնուն հասած էին։ Այդ պայմաններու մէջ, մեզ ուրիշ բան չէր մնար ընել, եթէ ոչ գիւղերը անցնիլ, մեր ներկայութեամբ ժողովրդի տրամադրութիւնը բարձրացնել, բայց մանաւանդ խմբական զէնքերը հաւաքել ու թագցնել ապահով վայրերու մէջ։ Երկու խումբի բաժնուած՝ գիւղէ գիւղ անցանք։ Հաւաքեցինք՝ ինչ որ մնացած էր զէնքերէն։ Փախստական երիտասարդներ՝ լսելով մեր խմբի մասին՝ եկան միացան մեզ։ Երէկ չէ առջի օր, Սարգսի հետ անցանք Կտուց Անապատը՝ գաղտնի արհեստանոցի աշխատանքը դադրեցնելու եւ հոն գտնուող ընկերները վերցնելով վերադառնալու Ալիւր: Ցերեկով չէինք կրնար կղզիէն դուրս գալ, ստիպուած պիտի սպասէինք մթնալուն։ Երեկոյեան կողմ, կղզիի շուրջը ման կուգայի։ Մէկ ալ կղզիի դիմացը գտնուող Կռապաշտնոցի քարերուն մէջ աչքիս զարկին կասկածելի մարդոց շարժումներ։ Դիտակովս ուշադրութեամբ կը քննեմ դիմացի եզերքը։ Քարերու ետին ծածկուիլ ջանացող բազմաթիւ ֆեսաւոր մարդիկ կը տեսնեմ։ Կ’երեւի, հոն մթնելուն եւ քաղաքէն գալիք նաւակներուն կը սպասէին, մեզ յանկարծակիի բերելու համար։ Վանքը վերադարձայ ու եղելութիւնը յայտնեցի տղոցը: Բարեբախտաբար վանքի նաւակը կղզիի կողմը պահած էինք։ Տղաք գործի կպան։ Արհեստանոցը մէկ ժամուան մէջ մաքրեցինք, պղինձի պաշարը, գործիքները, կաղապարները, փուքսը, գործիքները, բոլորն ալ ծովը թափեցինք, ու սենեակը կարգի դրինք։ Գլխաւոր դժուարութիւն մը կը մնար սակայն, ու Գէորգը առանց խօսքը շարունակելու, խորհրդաւոր կերպով ընկերներուն նայեցաւ։

Ընկերները հասկցան, որ ամիսներէ ի վեր կղզիի մէջ բանտարկուած Ալայ բէկի մասին էր Գէորգի ակնարկութիւնը:

Ի՞նչ ըրիք։

Հետներս բերել չէինք կրնար, ոչ ալ կրնայինք հոն ձգել. քանի մը ժամէն թրքական զօրքը վանքը մտնելով անշուշտ անոր թագստոցը պիտի գտնար։ Տեղն ու տեղը գործը վերջացուցինք, ու ոտքին խոշոր քար մը կապելով դիակը ծովը նետեցինք: Մութը կոխելուն նստանք նաւակը, ու հոս դուրս ելանք։

Լոյսը շատոնց բացուած հեռուէն գիւղի աղմուկը մինչեւ մարագը կը հասնէր։ Մինչ Պիծան, Գէորգը, վարդապետն ու Լեւոնը մէկ անկիւն քաշուած՝ վերի խօսակցութիւնը կ՚ունենային, զինուորները հազիւ սեղմուած փոքր մարագի մէջ ու իրարու վրայ ինկած՝ կը հանգստանային։ Մոխրաբերդցի Յովհաննէսը, զիրենք մարագը հասցնելէն վերջ, հեռացաւ, երեկոյեան կողմ հաց բերելու խոստումով: Լուսաբացին շներու հաջոցէն Առիւծ Գեւօն ենթադրեց որ զօրքը գիւղէն հեռանալու պատրաստութիւն կը տեսնէ: Յետոյ ամէն աղմուկ յանկարծ դադրեցաւ։

Չորս ընկերները գլուխ գլխի կը շարունակէին խորհրդակցիլ իրենց բռնելիք ընթացքի մասին: Լեւոնը, որ նորէն սկսած էր սաստիկ ջերմիլ, առանց խօսակցութեան խառնուելու, ուշադրութեամբ մտիկ կ՚ընէր ընկերներու յայտնած կարծիքները։ Ամէն մէկը տարբեր առաջարկութիւն մը ունէր։ Պիծան կը պնդէր Կառկառի շրջանը բարձրանալ, ուր տարիներով նախապատրաստական աշխատանքներ տեսած էին։ Գէորգը կ’առաջարկէր երկու խումբի բաժնուիլ, Կառկառ, ու Շատախ անցնելու համար, մինչեւ որ կացութիւնը պարզուէր, կառավարական խստութիւնները մեղմանային։

Իսկ մինչեւ այն ժամանակ, զսպուած ձայնով սկսաւ խօսիլ Լեւոնը, մեր տարիներու աշխատանքի հետքն իսկ չի մնար։ Իմ կարծիքով մենք պէտք է ցրուինք գաւառները, հաւաքենք դեռ չգրաւուած զէնքերը, մեր ներկայութեամբ ոգեւորենք ժողովուրդը։ Քանի մը տասնեակ մարդկային կորուստներէն, զէնքերու գրաւումէն շատ աւելի մեծ կորուստ պիտի լինի ժողովուրդի բարոյալքումը։ Տարիներու աշխատանք պիտի կատարենք, ժողովուրդը նորէն նախկին հաւատաւոր գիտակցութեան բարձրացնելու համար։ Ինչ ալ որ լինի, մենք պէտք է մնանք ժողովուրդին հետ, որքան ալ որ ծանր լինին պայմանները։ Մեր թիւը այժմ բարձրացաւ երեսունեւչորսի։ Ներկայ պայմաններու մէջ այսքան մեծ թիւով շրջիլ չենք կրնար․ անխուսափելի կերպով պիտի ընդհարուինք կառավարական ուժերու հետ, բան մը, որ կրնայ կորստաբեր լինիլ մեզ եւ մեր ժողովուրդին համար։ Բայց եթէ մեծ խումբ մը չի կրնար ազատ կերպով շրջիլ, փոքր խումբերը կրնան։ Ահա այդ պատճառով իսկ մեր ուժերը երեք մասի պէտք է բաժնել։

Ի՞նչպէս, հարցուց Գէորգը։

Պիտի բացատրեմ։ Օրինակ, դու հետդ կը վերցնես մեր փորձառու ընկերներէն Սարգիսը, Հրայրը, Կարօն ու ութ-տաս զինուոր եւ կ՚երթաս Կառկառ։ Պիծան եւ Վարդապետը տասնեակով մը կը մնան Գաւաշի շրջանին մէջ։ Մնացած տղաքը ես վերցնելով՝ կ’անցնիմ Հայոց Ձոր։ Հոն, Մոսօն եւ Մոկացին կը ձգեմ փոքր խմբով մը եւ ինքս երկու, հոգիով կ’անցնիմ Վարագի կողմերը, եւ կ’աշխատիմ որ եւ է միջոցով քաղաք մտնել։

Լեւոնի ծրագրի վերջին մասէն այնքան ալ չախորժեցան զինքը լսող ընկերները։ Յայտնապէս դժգոհ՝ անոնք լուռ նայեցան իրարու։ Գէորգը, րոպէ մը մտածելէ վերջ, գլուխը բացասաբար շարժելով՝ ըսաւ․

Որ պիտի բաժնուինք փոքր խումբերու եւ ցրուինք զանազան շրջաններ, այդ անհրաժեշտութեան կարծեմ բոլորս ալ համաձայն ենք։ Ու իմ կարծիքով որքան շուտ բաժնուինք եւ գործի սկսինք՝ այնքան լաւ: Բայց ինչ կը վերաբերի Լեւոնի քաղաք երթալու ծրագրին, ես բոլորովին հակառակ եմ: Բացատրեմ թէ ինչո՞ւ։ Մեր ղեկավար ընկերներէն շատերը արդէն ձերբակալուած են, իսկ մեր ամբողջ գործը քաոսային վիճակի մէջ կը գտնուի։ Հազիւ քանի մը հոգի մնացեր ենք՝ ամբողջ Վասպուրականի շրջանը ղեկավարելու համար։ Աւելորդ է ըսել, մեր ուժերը անբաւարար են։ Այս պայմաններու մէջ, անխոհեմաբար նոր զոհեր տալը ոչ իմաստ ունի եւ ոչ ալ անհրաժեշտութենէ կը բխի։ Կայծակը կը պատմէր, թէ քաղաքի մէջ այնպիսի վատ մթնոլորտ մը ստեղծուած է, որ ատենի մը համար անկարելի է հոն գործել։ Նոյնիսկ հոն թագնուած ապրիլը ներկայիս հնարաւոր չէ․ ժողովուրդը ահաբեկուած չ’ուզեր ապաստան տալ մեզ։ Հետեւաբար Լեւոնի քաղաք մտնելու հնարաւորութիւնն իսկ կասկածելի է, ուր մնաց հոն գործելը։ Բայց ասկէ աւելի կարեւոր հանգամանք մ’ալ կայ, որ խոշոր հոգեկան արժէք մ’է։ Լեւոնը, ժողովուրդի աչքին, յեղափոխական շարժման խորհրդանշանն է։ Երբ Թիմարի շրջանի գիւղերը կը պտըտէինք, ժողովրդական զէնքերը հաւաքելու համար, ամէն գիւղի մէջ միեւնոյն հարցումով կը դիմաւորէին մեզ․ «Ձէ մատաղ, ղո՞րթ որ պարոն Լեւոն ազատ կը ֆռայ»։ Ու երբ մենք կը հաստատէինք այդ լուրի ճիշդ լինիլը, գիւղացիք գոհունակ դէմքերով փառք կուտային, որ Լեւոնը ազատած է։ Մի մոռնաք, որ ժողովուրդը իր այս ծանր ապրումներուն մէջ ալ հոգեկան խանդաւառութեան ենթակայ է, քանի իր հոգիին մէջ հերոսացուցած անհատը դեռ կ՚ապրի եւ ազատօրէն կը շրջի։ Ներկայ պայմաններու մէջ, Լեւոնի ձերբակալութիւնը մեզ համար շատ մեծ հարուած մը պիտի լինի։ Այս պատճառներով ես վճռականօրէն հակառակ եմ Լեւոնի քաղաք երթալու ծրագրին։

Ես ալ համակարծիք եմ Գէորգին, յօնքերը վրայ քաշած խօսեցաւ Պիծան, ձգենք քաղաքը իր բախտին, որ մեր դժբախտութիւններու գլխաւոր պատճառն եղաւ։ Մեր մնացած ուժերը ցրուենք գաւառները, աշխատինք փրկել ինչ որ տակաւին մնացած է։ Երբ փոթորիկը անցնի, նոր մեր ընելիքի մասին կը մտածենք։

Շրթները ամուր մը սեղմած՝ Լեւոնը պահ մը ընկերներուն նայեցաւ, գլուխը տխրօրէն շարժելով։

Մտիկ ըրէք, Լեւոնը խօսքը ուղղեց ընկերներուն, ինքս ալ գիտեմ քաղաք մտնելու հետ կապուած վտանգները, բայց ատկէ աւելի բան մ’ալ գիտեմ, որ դուք, վերջին դէպքերու ազդեցութեան տակ, բոլորովին անուշադրութեան կը մատնէք։ Չը պիտի մոռնաք, որ լաւ կամ վատ, Վասպուրականի մտաւոր ու բարոյական կենդրոնը քաղաքն է։ Եթէ կ’ուզէք՝ գլխատեցէք զայն, բայց հաւատացէք որ ամբողջ շրջանները կը մեռնին անգլուխ մնալով, ու դուք ինքներդ խաչ քաշած կը լինիք մեր գործի վրայ: Մի՛ խաբէք ինքզինքնիդ, մենք չէ որ քաղաքը դարձուցինք յեղափոխական շարժման կեդրոնը, այլ Վանայ քաղաքն էր, որ դեռ եօթանասունական թուականներուն ազգային ազատագրման հիմը կը դնէր «Միութիւն ի փրկութիւն» գաղտնի ընկերութիւնովը ու ատով կը դառնար կեդրոնը ամբողջ Հայաստանի։ Մեր սխալը ծայրայեղ կեդրոնացումը եղաւ, սխալ մը, որու մասին հիմա խօսելու ժամանակը չէ սակայն։ Ինչ որ ալ լինի, մենք քաղաքը իր բախտին չենք կրնար ձգել, ինչպէս որ կ’առաջարկէ Պիծան։ Այդ պիտի նշանակէ ձեռք քաշել գործէն: Ընդհակառակը, ամէն գնով պէտք է աշխատինք մէկը հասցնել քաղաք բարոյալքուած շարքերը ամրապնդելու, վստահութիւն եւ կորով ներշնչելու ժողովուրդին, եթէ նոյնիսկ ժողովուրդը մեզմէ խուսափի։

Ճիշդ է, Լեւոնի խօսքը կտրեց Գէորգը, մենք ալ գիտենք քաղաքի նշանակութիւնը, բայց Լեւոն, ինքդ ալ ինձ նման կ’ըմբռնես որ ներկայ պայմաններու մէջ քաղաք երթալ փորձելը՝ չուանը վիզը անցընելու համազօր է…

Յետո՞յ:

Յետոյ այն՝ որ պարզապէս ինքնասպանութիւն է քաղաք երթալը:

Չարագուշակ կրակ մը վառեցաւ Լեւոնի աչքերուն մէջ։ Ջերմէն շառագունած դէմքը յանկարծ գունաթափուեցաւ, ու ձախ երեսի պալարները սկսան արագ արագ կծկուիլ։ Երբ ճիգով մը ինքզինքը տիրապետելէ վերջ, Լեւոնը սկսաւ խօսիլ՝ բառերը ծանր ու հատիկ հատիկ արտասանելով, ձայնը՝ ջերմութենէ զուրկ՝ ծակող սառնութիւն մը ունէր։

Հերոսութիւն չխաղանք, ոչ ալ մարդ քաղաք երթալու պէտք ունի անձնասպան լինելու համար: Մենք բոլորս ալ, քաղաք երթանք թէ հոս մնանք, դէմ դիմաց կանգներ ենք մահուան: Այդ գիտէք, թէեւ այդ ոչ մէկերնուս համար նորութիւն մ’է, մենք տարիներով այս վիճակը ապրած ենք։ Ուրեմն, այլեւս չխօսինք վտանգի մասին։ Վտանգը ամէն տեղ ալ կայ, եւ մենք մահէն խուսափելու իրաւունք չունինք։ Պէտք է նայինք հարցին գործնական արժէքի տեսակէտով: Բանտարկուած հարիւրաւոր ընկերներ ունինք քաղաքին մէջ։ Մեր լաւագոյն ընկերները, Եկաւեանը, Գարեգինը, Ներսէսը բանտի զնտանը նետուած են։ Թէ ի՞նչ վիճակի մէջ են, Աստուած միայն գիտէ։ Վիրաւոր Վահէն, առանձնարանի մէջ բանտարկուած է․ իսկ դուք գիտէք թէ ի՛նչ վախճան կը սպասէ անոր։ Խօսէ՛, Պիծա, ըսէ որ մենք բարոյական պարտականութիւն չունինք անոնց հանդէպ։ Ըսէ՛, ըսէ, որ մենք անտարբեր հանդիսատեսի դեր պիտի կատարենք, երբ մեր թանկագին Վահէն պարանի ծայրէն, լեզուն դուրս ինկած՝ ճօճուի…

Պիծայի գունաթափ շրթները յուզումէն սկսան դողալ։ Հեկեկանք մը կոկորդին դէմ առաւ, ու հազիւ խեղդուկ ձայնով մը կրցաւ ըսել․

Լեւոն, ես ալ հետդ կուգամ..

Ես ալ, ես ալ, արցունքով մղկտաց վարդապետը։

Գէորգը յուսահատօրէն ձեռները տրորեց։ Լեւոնը իրաւունք ունէր: Այլեւս այդ հարցի մասին չխօսեցան։ Լեւոնը պիտի փորձէր մինակ կամ երկու ընկերով քաղաք մտնալ։

-----------

Գէորգն ու Լեւոնը միասին կազմեցին ամէն մէկ խմբի մասնակցողներու ցանկը։ Երբ Գէորգը բարձրաձայն սկսաւ կարդալ հայդուկներու անունները, նոր յայտնի եղաւ, որ Լեւոնին հետ պիտի երթային Առիւծ Գեւօն եւ Թոփալ Սատանան:

Մարագի անկիւնը, հայդուկ ընկերներով շրջապատուած Առիւծ Գեւօն, երբ իր անունը լսեց, հպարտութեամբ կողքի նստողներուն դառնալով, ըսաւ.

Ծօ, աւանակներ, Սուրբ Նարեկի մէջ գրուկ է, որ մարգարիտը ֆշխիի մէջ ալ նետես, նորէն մարգրիտ կը մնայ։ Շատ ալ որ ձեզ պէս մարդոց մէջ նստեր եմ, մարգրիտը նորէն մարգրիտ է… Ես ու պարոն Լեւոնը որ մէկտեղուինք, հէ՜յ հէ՜յ, աշխարհը իրար կ’անցնենք։

Հա՛, ամմա էս անգամը զօռ է, Գեւօ, վախնամ թուրքերը կաշիէդ պանիրի տիկ հանեն, կատակեց ճահիլ հայդուկ մը։

Սո՛ւս, լակոտ, երէկ մէկ էս օր երկու ձեռքդ հրացան տուեր են, հէլէ դու բերանդ մի բանար, աչքերը չռելով սաստեց Առիւծ Գեւօն, որ ձեր մէջը ինծի հաւասար մարդ էղնէր, ինչո՞ւ միայն իմ անունս կուտար պարոն Գէորգը։

Ախպօրս ըսեմ, Թոփալ Սատանան մեղմօրէն ուզեց Առիւծ Գեւոյի սխալը ուղղել, ախպօրս ըսեմ, պարոն Գէորգը իմ անունս ալ կարդաց։

Հա, ծօ, քեզի փէշէնկ ձիու պէս հետս կը տանիմ, փնթկոցով մը պատասխանեց Առիւծ Գեւօն, գիտե՞ս ինչու համար։

Չէ, ինչո՞ւ համար։

Որ սիկարէթ փաթթելուս՝ առջեւս թէմէննահ բռնած, կրակ տաս…

Չորս կողմէն հայդուկները ծիծաղելով դիմաւորեցին Առիւծ Գեւոյի կատակը, մինչ Թոփալ Սատանան բարկացած քթի տակէն կը մռլտար:

Մինչեւ երեկոյ ոչ ոք եկաւ տղայոց մօտ։ Մթնիլ սկսելուն միայն, Յովհաննէսն ու երկու գիւղացիներ բեռցուած հացի պաշարով՝ մարագի դռնէն ներս մտան։ Տղաքը հապճեպով պատառ մը հաց կերան, մնացածը տեղաւորելով չանթաներուն մէջ։

Յովհաննէսն ու մոխրաբերդցիները սարսափելի բաներ պատմեցին Կարճկանի մասին։ Հոն ալ խիստ խուզարկութիւններ սկսած էին. բռնութիւն, ծեծ, ձերբակալութիւներ ամէն հայ գիւղի մէջ։ Յովհաննէսի պատմածի համաձայն Բաղէշէն մեծ թուով զօրք կը քալէր Կառկառի վրայ։ Բայց ամենէն աւելի ծանր տպաւորութիւն ձգեցին լսողներու վրայ Կեցանի Աբդուլլահ բէկի կատարած հրէշութիւնները։ Այդ բէկը, որ մեծ ազդեցութիւն ունէր կառավարական շրջաններու մէջ, յիսունի մօտ ղօլամներու գլուխը անցած՝ գիւղէ գիւղ կ՚անցնէր, հրէշային անգթութիւններ կատարելով:

Հայդուկները մռայլուած դէմքով մտիկ կ՚ընէին Յովհաննէսի պատմութիւնը: Ինչպէս կ՚երեւէր, Վասպուրականի հայութիւնը 1896 թուականի սարսափի օրերը կ՚ապրէր կրկին։ Բոլորն ալ անհամբեր կը սպասէին մթնելուն՝ այդ մարագի սեղմուած պատերու մէջէն դուրս գալու համար։ Գիշերով կը սկսէր յեղափոխականներու օրը, երբ կառավարական ուժերը կ՚աճապարեն ծակ ու ծուկ մտնալ։ Գիշերը, հայդուկի տիրապետութեան ժամանակն է։ Երբ անճրագ գիւղերը կը կծկուին խաւարի մէջ կորած, երբ ճամբաները կ’ամայանան, հայդուկը ու սոված գայլը ազատ համարձակ կը չափչփեն ձիւնով ծածկուած երկիրը, որ կարծես անմարդաբնակ լինի։

Վերջապէս մթնիլ սկսաւ։ Ամէն հայդուկ տրեխի կապը կը պնդացնէ, փամփուշտակալը կ’ամրացնէ, հրացանը կը տնտղէ, չանթան վզէն կ’անցընէ, պատրաստ վիճակի մէջ սպասելով հրամանի։

Դուրսը կարգին մթնած էր, երբ հայդուկները մէկիկ մէկիկ դուրս եկան մարագէն ու շարուեցան պատին տակը։ Բաժանման պահն էր։ Ո՞վ գիտէր, թէ անգամ մ’ալ պիտի հանդիպէի՞ն մէկմէկու։ Այդ երկաթէ շէնուած մարդիկը, որոնք ոչ տուն տեղ ունէին, ոչ ալ մօտիկ հարազատներ, մէկ ընտանիքի անդամներու նման յուզուած՝ իրարու վիզ ինկած համբուրուեցան։

Պիծայի ու Գէորգի ճանապարհը մինչեւ Նորգիւղ մէկ էր։ Երբ անոնք ճամբայ ելան, Լեւոնը մօտեցաւ տղոցը։ Տասնեւմէկ հայդուկներ կը մնային իրեն հետ, չհաշուած Մակարը, որ մինչեւ Քարադաշտ պիտի առաջնորդէր խումբը։

Մակարը առաջ ինկաւ։ Տղաքը ծովեզերքով կը քալէին, մինչեւ որ դէպի Ոստան տանող ճանապարհը ինկան։ Թէեւ սովորաբար յեղափոխական խմբեր կը խուսափէին ճանապարհներով անցնիլ, բայց ձմեռուան ամիսներուն, երբ ցուրտն ու սառնամանիքը անհանդուրժելի կը դարձնէին ճանապարհորդութիւնը, հազիւ թէ մէկը համարձակէր գիշերով գիւղէ գիւղ անցնիլ։ Այդ էր պատճառը, որ խումբը գլխաւոր ճանապարհը ելած՝ ուղղակի առաջացաւ դէպի Ոստան:

Մոխրաբերդէն մինչեւ Քարադաշտ չորս հինգ ժամուան ճանապարհ կը լինէր: Ոչ ոքի չհանդիպեցան։ Երբ չորս ժամ քալելէ վերջ, Ոստանի ճանապարհէն զատուելով դէպի աջ ուղղուեցան՝ հեռուէն հեռու կը լսէին Քարադաշտի շներու երբեմնակի հաջոցը։ Մէյ մը այդ կողմնակի ճանապարհը ինկած, խումբը առանց աճապարելու ծանր ծանր առաջացաւ, մինչ Մակարը քայլերը արագացնելով՝ հեռացաւ խմբի գալու մասին լուր տալու։

Պարզկայ գիշեր էր, սաստիկ ցուրտ։ Երբ գիւղին մօտեցան, Լեւոնը կարգադրեց, որ տղաքը նստին ճամբու կողքին շարքով տնկուած ուռիներու տակ։ Մէկ ժամէն աւելի սպասեցին հոդ։ Վերջապէս գիւղի ճամբուն վրայ երեք մարդիկ երեւցան, որոնք արագօրէն կը մօտենային։

Եկողներէն մէկը գիւղի քահանան էր, միւս երկուքը գիւղի Գործադիրի անդամներէն: Մօտեցան, ու բարեւելով՝ տղոց կողքին նստան։ Լեւոնի ուշադրութենէն չվրիպեցաւ ընդունելութեան սառնութիւնը ու անոնց վարանոտ վերաբերմունքը։ Յայտնապէս կը դժուարանային խօսք բանալ. մեղաւորներու նման գլուխնին կախած, կը սպասէին որ առաջ Լեւոնը սկսէ խօսիլ։

Տէր հայր, որպէս թէ չհասկնալու տալով սկսաւ խօսիլ Լեւոնը, երկար ճամբայէ կուգանք, տղաքը քրտնած էին, հիմա ցրտին տախտակ կտրեցան․ գիւղ մտնանք, համ կը հանգստանանք, համ կը խօսինք. ․․

Տէրտէրը մօրուքը քերելով՝ ընկերներուն նայեցաւ, կարծես օգնութիւն կ’աղերսէր անոնցմէ ու նեղը մնացած մարդու նման, բառերը ծամծմելով՝ ըսաւ․

Լաւ կ՚ըսես, պարոն Լեւոն… անունդ լսած էինք, փառք Աստուծու, ահա լուս երեսդ ալ տեսանք. ․․ Փութկի Սուրբ Գէորգը բազկիդ կարողութիւն տայ… Դուն որ կաս, մէր տէրն ու տիրականն ես… Հա՛, ցուրտ է, շատ ցուրտ, տղաքն ալ հեռու տեղէ եկած… Աստուած թուրքին օճախը քանդէ… Ի՞նչ ընենք, մեր ձեռքը չէ, էս անգամը մեր պակասութեան մի՛ նայէք… Տրշողը, Ձիլուն երկու քայլի վրայ.. մեր գեղը, անտէր մնայ, ոնց որ Ոստանին կպած… շուն ու թուրք գեղին չորսբոլորը, կը տեսնեն՝ կռիւ կ’եղնի՝ մեր գեղը կ’աւերի, ու խեղճ քահանան խօսքի թելը կորսնցուցած բարկութեամբ խօսքը ընկերներուն ուղղեց․- Ծօ՛, դուք ալ բերան չբանա՞ք․.. գեղականի առջեւ որ լինի՝ մեծ մեծ կը խօսիք․ չըսէ՞ք թէ գեղականը ի՛նչ որոշեց… Պարոն Լեւոնը որ կայ, ոնց որ մեր թագաւորը… մեր հալ, մեր կացութիւն կը հասկնայ…

Հա՛, տէրտէրը շիտակ կ’ըսէ, վարանքով խօսեցաւ գիւղացիներէն մէկը, որ Գործադիրի գործունեայ անդամներէն մէկն էր, էս անգամի համար գեղականը կը խնդրէ, որ…

Լեւոնը ձեռքի կտրուկ շարժումով մը չձգեց, որ Գործադիրի անդամը խօսքը շարունակէ։ Եկողներու վարանոտ ձեւերէն արդէն հասկցեր էր անոնց նպատակը։ Չէին ուզեր, որ խումբը գիւղ մտնէ: Պարզ էր, որ Քարադաշտցիք կ’աշխատէին վտանգը հեռացնել իրենց գեղէն. թո՛ղ յեղափոխականները երթան Ձիլու, Տրշող, Պատականց, այդ շրջանի մէջ հայ գեղեր չէին պակսեր, բայց միայն, որքան կարելի է հեռու Քարադաշտէն։

Լեւոնը ինքն ալ գիտէր քարադաշտցիներու վախի հիմնաւոր լինելը, բայց պայմաններու հարկադրանքը շատ անգամ կը ստիպէր զինքը խիստ միջոցներու դիմել, հակառակ ժողովուրդի կամքին գիւղ մը մտնալ, ուր միայն խմբի ներկայութիւնը կրնար մեծ վտանգի մը պատճառ դառնալ։ Բայց եւ այնպէս, յաջորդ ցերեկը խումբը անխուսափելի կերպով պէտք էր Քարադաշտ մնար, գիշերով Ոստանի եւ ծովեզերքի շատ նեղ տարածութեան մէջէն Հայոց Ձոր անցնելու համար։ Ուրիշ ճամբայ չկար։

Պարոն Լեւոնը, փառք Աստ…

Բաւական է, խիստ կերպով ընդմիջեց Լեւոնը, փոխանակ անկարելի բան մը խնդրելու, դուք պէտք է մտածէիք՝ առանց աղմուկի խումբը գիւղ մտցնելու մասին։ Ելէ՛ք, երկուքդ անցէք գիւղ, տեղ պատրաստեցէք, մենք Տէր հօր հետ միասին կուգանք:

Գիւղացիները գլուխնին կախ, առանց բառ մը արտասանելու, արագ քալուածքով հեռացան:

Տէր հայր, ժամանակ է շարժելու։ Տղա՛ք, ոտքի, ու Լեւոնը՝ առաջ անցաւ գլուխը կորսնցուցած քահանայի կողքէն քալելով։

Խումբը դեռ գիւղ չէր հասած, երբ քիչ առաջ մեկնող գիւղացիներէն մէկը, դիմաւորեց զիրենք ու առաջնորդեց գիւղ, այգիի մը մէջ հազիւ նկատելի տուն մը։ Պառաւ ու աղքատ կնոջ մը տունն էր, ինկած գիւղի ծայրը։ Քահանան եւ Գործադիրի երկու անդամները, կարծես փուշի վրայ նստած էին։ Պահ մը տղոց հետ նստելէ վերջ մեկնեցան։

Դուրսը պահակ նշանակելէ վերջ, երբ Մոսօն կրկին թոնրատունը մտաւ, հայդուկները թոնիրի շուրջը, թաղիքներու վրայ երկնցած կը քնանային։ Ինքն ալ չոր տեղ մը գանելով՝ Թոփալ Սատանային քով երկնցաւ։ Քիչ վերջ, բոլորն ալ հանդարտ կը քնանային, բացի Առիւծ Գեւոյէն, որ կանոնաւոր կերպով կը խռմբացնէր։

Դուրսի պահակէն զատ, միայն Լեւոնը արթուն մնացեր էր։ Մէջքը յենած թոնրատան հաստ սիւնին, երկու ձեռքերով ծունկերը գրկած՝ Լեւոնը այն աստիճան մտքերու մէջ կորած էր, որ նոյնիսկ Գեւոյի որոտընդոստ խռմբոցը զինքը չէր խանգարեր։ Գլուխը կուրծքէն կախած՝ միտք կ՚ընէր Լեւոնը։ Մռայլ դէմքին վրայ, հազիւ երբեմն ժպիտի մը վաղանցուկ հետքը կը խաղար: Վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին, իրարու յաջորդող դէպքերը մէկը միւսէն աւելի ուժեղ կերպով ցնցեր էին Լեւոնի ողջ էութիւնը։

Միեւնոյն դիրքին մէջ նստած՝ Լեւոնը երկար ժամանակ կը մտածէր, երբ երկու ժամ վերջ դրսի պահակը ներս գալով ընկերներէն մէկը արթնցուց ու ինք սրսփալով երկնցաւ անոր ձգած տաք թաղիքի կտորին վրայ։

Առաջին աքլորականչին, Լեւոնի ծանրացած կոպերը գոցուեցան, ու ինք նստած վիճակի մէջ քնացաւ, մէջքը տուած թոնրատան սիւնին։