Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԶԻՐ ՅԱՐՕՆ ԵՒ ՄՈՒՂՍԻՆ

Գէորգի խումբը հազիւ թէ Կորթկանի աղբիւրէն քիչ մը հեռացած, սկսաւ բարձրանալ սարը։ Աջ ու ձախ կողմերուն վրայ կը գտնուէին հայկական եւ քրտական Կորթկան գիւղերը, որոնց շներու հաջոցի ձայնը, պահակներու կանչը յստակ կերպով կը լսուէին։

Թերեւս ոչ մէկ բան այնքան անտանելի է, որքան գիշերով բարձր սար մը մագլցելը, ահագին բեռ շալակդ, եւ դեռ կուրծքդ սեղմուած փամփուշտակալներու կաշիներով, որոնք կը կաշկանդեն կուրծքիդ վանդակի ազատ ընդլայնումը։

Կորթկանցի վալատներէն մէկը առաջ ինկած՝ արագ կը բարձրանար յարմարաւոր տեղերով, մինչ խումբը քանի մը քայլ հեռաւորութեան վրայ կը հետեւէր անոր, արիւն քրտինքի մէջ կորած։ Որքան ալ որ Սեպտեմբերի վերջին օրն էր եւ գիշերները բաւական երկարած էին, բայց Նազարաւայէն մինչեւ Կորթկանի սարը ութ ժամուան տարածութիւն մ՚էր սովորական ճամբորդի մը համար, որ ազատ համարձակ ճանապարհով կը քալէ։ Մինչդեռ յեղափոխական խումբ մը, պարտաւորուած՝ շատ անգամ ճամբայէն կը հեռանար, կամ գիւղի մը հանդիպելուն՝ ահագին կիսաշրջան մը կը դառնար պատահական կռուի մը չբռնուելու համար։ Հետեւաբար սովորական հեռաւորութիւն մը, ամենաքիչը մէկ երրորդով կ՚երկարէր խմբի համար։

Կար եւ աւելի ծանր պարագայ մը։ Ոչ-հայկական շրջաններու մէջ յեղափոխական խմբի մը միակ ապաստանը բարձրաբերձ լեռներու գագաթներն էին։ Դաշտային մասերը, գիւղական շրջանները, այնքան կորստաբեր էին խմբի մը համար, որքան կառավարական զօրքը կամ քրտական աշիրէթները։ Այդ էր պատճառը, որ խումբ մը, դիրքէ մը ճամբայ ելած, այդ գիշերուան մէջ իսկ ամէն գնով պէտք էր հասնէր նախօրօք որոշուած լեռնային յաջորդ դիրքը, որքան ալ որ այդ սարը հեռու գտնուէր։

Գէորգի խումբը, լոյսը չբացուած, պէտք էր հասնէր Կորթկանի սարը։ Այդ հրամայական անհրաժեշտութեան բոլորն ալ կը գիտակցէին, բայց այդքանը բաւական չէր, ծանր բեռով, ինը ժամ անընդհատ քալելէ վերջ, ութ հազար ոտք բարձրութեամբ սարի մը գագաթը բարձրանալու համար։ Դեռ սարի գագաթը չհասած՝ խումբը լուացքի չուանի նման երկարեցաւ, ու վերջապահները, որոնք լաւագոյն զինուորներէն կը ջոկուէին, մեծ դժուարութեամբ առաջ կը քշէին ետ մնացողները։

Ուրիշ ճար չկար, եթէ ոչ պահ մը հանգստանալէ վերջ շարունակել վերելքը։

Գէորգը ձայն տուաւ առջեւէն գնացող վալատին, որ կանգ առնէ։ Եւ յարմարաւոր փոսի մը մէջ նստելով՝ սպասեց խմբի մէկտեղուելուն։ Հետզհետէ կը հասնէին տղաքը, բոլորովին ուժասպառ, ծանր հեւալով։ Հազիւ տեղ հասած՝ անոնք իրարու վրայ կ՚իյնային, ու վայրկենապէս կը քնէին, աչքերնին խփած չխփած։

Կէս ժամ անցած, Գէորգի օգնականը, Ուրանցցի Յակոբը, վերջապահներու գլուխը անցած երեւցաւ, երեք յոգնած զինուորներու հրացաններն ու փամփուշտակալները շալկած։

Հը, Յակոբ, խօմ ճամբու վրայ մարդ չթողիր, հարցուց Գէորգը, երբ ընկերը շալկի բեռը գետին թափելով՝ նստաւ մօտը։

Չեմ կարծեր, բայց պէտք է հաշուել, վստահ լինելու համար։

Խմբի տղաքը հաշուելէ վերջ, բոլորովին ապահովուած որ ոչ ոք ետ մնացեր էր, Գէորգն ու Յակոբը ձգեցին որ տղաքը քիչ մը եւս հանգստանան։

Յակոբը Կարճկանի Ուրանց գիւղացի հին յեղափոխական մ՚էր, բազմաթիւ կռիւներու մասնակցած։ Տարիներ շարունակ, որպէս յեղափոխական զինուոր, ոտքի տակ տուած էր Վասպուրականը։ Խիստ ու բարկացոտ մարդ մ՚էր Յակոբը, հին զինուոր մը, որ տարիներու չարքաշ կեանքի մէջ եփուած, ոչ յոգնիլ գիտէր եւ ոչ ալ կ՚ուզէր հասկնալ, թէ ինչո՞ւ համար խմբի առոյգ երիտասարդները հազիւ քանի մը քայլ առած՝ շուտով կը յոգնէին։ Ինը ժամ անընդհատ քալելը, այն ալ ահագին բեռով, Յակոբի հասկացողութեամբ քանի մը քայլ կը նշանակէր։ Ատոր համար ալ Գէորգի մօտ նստած՝ ան սրտնեղութեամբ կը քրթմնջէր ինքնիրենը։

Զինուոր չեն, կոռատա են, մէրերնին գաթայով մեծացուցեր է էս լակոտները… Մեր վախտը, ութ տասը տարի առաջ, ամէն մէկ զինուոր երեք հարիւր փամփուշտ կը կապէր վրան, հալա չանթայի մէջ եղածն ալ զատ… Է՜ն ատենները զինուոր լինելը մարիֆաթ էր…

Էսոնք ալ լաւն են, Յակոբ, թող մէկ տարի անցնի, սարէ սար չափչփեն, էն ատեն կը տեսնես… Դու էս տեղերը գիտես. դեռ շա՞տ ճամբայ ունինք սարի գագաթը հասնելու համար։

Տօ՜, ի՞նչ շատ ճամբայ, ահա հունայ է, երկու քայլի տեղ միայն…

Հըմ, ծիծաղեցաւ Գէորգը, էդ քու երկու քայլի ճամբան անշուշտ երկու ժամ կը բռնէ։ Գագաթին լաւ դիրքեր կա՞ն։

Սրտիդ ուզածին պէս… պոլկեկ մը փամփուշտ լինի, վեց ամիս նստիս կռուիս քիթդ ալ չարիւնի։ 96 թուի ողորմած հոգի Վազգէնի խմբապետութեամբ հոն կռուի բռնուեցանք տասնապատիկ աւելի զօրաւոր թշնամիի հետ։ Այդ կռուին Անդրօն ալ մեզի հետ էր, այն ժամանակ դեռ նորահաս զինուոր մը։ Չորս կողմերէս շրջապատուած էինք։ Մինչեւ մթնալը կռուեցինք։ Մութը կոխելուն, քոլոզնիս ծռած՝ ազատ համարձակ ճամբանիս շարունակեցինք…

Յակո՛բ, էն ժամանակ կռիւը նպատակ ունէր, մինչդեռ հիմա ամէն գնով պիտի աշխատինք խուսափիլ կռուելէ։

Կը հասկնամ ըսածդ։ Աստուած տար, առանց նկատուելու մինչեւ քաղաք հասնէինք։ Հիմա ժամանակ է ճամբայ ելլելու։ Շուտով լուսաստղը կը բարձրանայ։ Տղոցը ձէն տամ…

Մեծ դժուարութեամբ յաջողեցան ոտքի համել յոգնած հայդուկները։ Այս անգամ արդէն խառն ի խուռն, խումբը ցրուած սկսաւ բարձրանալ սարն ի վեր, որ կարծես թէ երբեք վերջ պիտի չունենար։

Երբ արեւելքը սկսաւ շառագունիլ, խումբը վերջապէս լերան կատարը հասաւ։ Այդ դիրքը կը տիրապետէր շրջակայ գագաթները։ Պահակներ նշանակուեցան, յարմարագոյն դիրքերու մէջ, անակնկալի չգալու համար։ Գէորգն ու խումբի տղաքը դիրքերու կեդրոնը հաւաքուած՝ երկնցան հանգստանալու համար, եթէ երբեք կարելի էր այդ ցուրտին քնանալու մասին մտածել։

Յակոբը պահակներուն հետ արթուն մնաց հսկելու համար։

Կամաց կամաց արեւը բարձրացաւ սահմանագլխի լեռնաշղթայի ետեւէն։ Քամին դադրեցաւ ու մինչեւ այդ ցրտէն սրսփացող տղաքը իրարու սեղմուած՝ քնացան։

Սքանչելի համայնապատկեր մը կը բացուէր այդ դիրքէն։ Արեւմտեան կողմի վրայ կ՚երեւէր հսկայ Սիփանը, մէկը՝ Հայաստանի ամենասիրուն լեռներէն, որու երկարած փէշերը մեղմ զառիվայրով մը կը թափէին Վանայ ծովու կապտաւուն ջրերուն մէջ։ Բերկրի, ինչպէս եւ Ապաղայի դաշտը հայելիի նման փռուած էին աջ ու ձախ։ Հեռուն կ՚երեւէր Գործոթի սարը, որ Փիր-Ռաշիտ լերան մէկ թեւն է, իսկ աւելի հեռուն, Վարագայ սարի գագաթը։ Հիւսիս-արեւելեան կողմը կը բարձրանար լայնանիստ խարիսխով Թանտուրեկ սարը, որու թեւերէն մէկը կ՚երկարէր դէպի հարաւ, կազմելով սահմանի երկարաւուն լեռնաշղթան, որ ծանօթ է Ալակեան անունով։

Կէս օրուան մօտ, քնացող տղաքը սկսան հետզհետէ արթննալ։ Խմբակներ կազմելով՝ ոմանք իրենց զէնքերը կը մաքրէին, ոմանք իրարու քով նստած կը խօսէին, իսկ անոնք որ առջի գիշեր խելօք շարժած էին, պահած հացերնին մէջտեղ կը հանէին եւ ախորժակով կ՚ուտէին՝ չունեցողներու նախանձը շարժելով։

Չոռս ու ցաւս ուտես, ինքնիրեն կը խօսէր մեր վաղածանօթ Քանաքեռցի Յակոբը, իբր թէ հրացանը մաքրելով զբաղած, բայց աչքի պոչով մը կը դիտէր Նիկոլի շարժումները, որ կէս լաւաշ հաց մը ու կտոր մը պանիր առջեւը դրած, կարծես դիտմամբ բերանը չփչփացնելով կ՚ուտէր…

Հը՞, Յակոբ ջան, չլինի՞ թէ սոված ես, հեգնօրէն հարցուց Նիկոլը, վա՜խ, վա՜խ, քոռանամ ես…

Տօ՛, ձէնդ է՜, բարկացաւ Յակոբը, որ, եթէ ընթերցողը կը յիշէ երկու բանի չար կրնար դիմանալ՝ մէկ անօթութեան, մէկ ալ լուռ մնալու։

Էսպէս էլ համով հաց, կարծես գաթայ լինի, բա՛հ, բա՛հ, բա՛հ, պանիր չէ, կարագ է, որպէս թէ ինքնիրեն, կը խօսէր Նիկոլը, առանց Յակոբին նայելու։

Տօ՛, ձէնդ ըսի, է՜, գոռաց Յակոբը՝ ձեռքի հրացանը կուշտը դնելով, ու անմիջապէս մեղմանալով խնդրական ձայնով մը դարձաւ Նիկոլին, Տօ անիրաւ, սոված մեռայ, վալլահ մեռայ։ Որ մեռնիմ, յետոյ կը փուշմանես… էլ Յակոբ չի լինիր…

Վա՛յ, վա՛յ, վա՛յ, տօ մի՛ ըսեր, հիմա կուլամ, կեղծ լացի ձայնով մը ըսաւ Նիկոլը, հազիւ խնդուքը բռնած. Յակոբ ջան, քու մէրը չմեռնի, էս ի՞նչ օրերու հասար, դու մի քանաքեռցի ասլան…

Նիկոլը ունեցած հացի կէսը Յակոբին տուաւ, որ վայրկեանի մը մէջ լափեց, աչքը տնկած ուրիշ զինուորի մը հացին, որ քովը նստած կ՚ուտէր։

Երկու ընկերները, իրարմէ չէին բաժնուած, անցած երեք տարիներու ընթացքին։ Վարդանին պատահած դժբախտութենէն վերջ, երբ վանք հասան, հոն ամիս մը մնալէ եւ կազդուրուելէ վերջ, երկիր մտան Գէորգի հետ։ Կարճ ժամանակի մէջ, Նիկոլը գրաւեց Վահէի եւ Պիծայի վստահութիւնը։ Բծախնդիր էր, կարգապահ, տոկուն զինուոր մը, կարծես թէ՝ ստեղծուած յեղափոխական կեանքի համար։ Իսկ Յակոբը, իր աղմկարար բնաւորութեամբ, անսպառ կատակներով շատ շուտով զինուորներու սիրելին դարձաւ։

Թէեւ երկու ընկերները բնաւորութեամբ հակապատկերներ, բայց սերտօրէն կապուած էին իրարու հետ։ Անոնց Երկիր մտնելէն քանի մը ամիս վերջ, Լեւոնն ալ եկաւ, որու անցեալի մասին ոչ ոք բան մը լսած էր։ Լեւոնի թելադրանքով յեղափոխական ղեկավարները առաջ քաշեցին Նիկոլը՝ տասնեակի մը խմբապետ նշանակելով զայն։ Այդ տասնեակի մէջ էր անբաժանելի Յակոբը։

Երբ Գէորգը, ամիս մը առաջ, փոքր խմբով մը Վանէն Թադէոս Առաքեալի Վանքը գնաց, հոն հաւաքուած զինուորները առաջնորդելու համար, հետը միասին վերցուց փորձառու զինուորներու խումբ մը։ Այդ խմբին մէջ էին Ուրանցցի Յակոբը, Ախալքալաքցի Նիկոլը, Քանաքեռցի Յակոբը, Թոփալ-Սատանան, որ ոչ թոփալ էր եւ ոչ սատանայ մը, բայց այդ անունը վաստակած էր իր ծայրայեղ խորամանկութեան եւ ճարպիկութեան շնորհիւ, Մոկացի Յակոբը, Առիւծ Գեւօն եւ անոր անբաժան կէսը՝ Կարսեցի Համբօն։ Երբ Գէորգը վաթսունուչորս զինուորներով վանքէն ճամբայ ելաւ, տասնեակներու ղեկավարութիւնը յանձնեց իր հետ տարած զինուորներուն. միայն Յակոբը չուզեց տասնապետ լինել, Նիկոլէն չբաժանուելու համար։

Ե՜ս տասնապե՞տ, խնդացեր էր ան Գէորգի երեսին, վազ անցիր, պր. Գէորգ, ես հազիւ միապետ մը կրնամ լինել։

Երկրի յեղափոխական չարքաշ կեանքի մէջ, Յակոբը ամէն տեսակ նեղութիւններու վարժուեցաւ. ոչ մէկ զինուորէ վար կը մնար։ Բայց շարունակ շրթներուն վրայ գանգատ մ՚ունէր։ Ամենայն լրջութեամբ կ՚երդնուր որ քանի Հայաստան եկած էր՝ օր մը օրանց կարգին չէր կշտացած։

Այդ օրն ալ, Նիոկլի տուած կտոր մը հացն ու պանիրը կլլեց ու յուսահատ կերպով գլուխը շարժեց՝ գանգատելով որ անօթութենէն պիտի նուաղի շուտով. թէեւ նուաղելու ոչ մէկ նշան կ՚երեւար դէմքին։

Հը՞, Նիկոլ, հացը ե՞րբ պիտի բերեն… Մեր քաշածն ալ կեա՞նք է…

Որ երէկ գիշեր ամբողջ պաշարդ կերած չլինէիր, ժպտալով ըսաւ Նիկոլը, դեռ բան մը կ՚ունենայիր ուտելու։

Տօ՛ ձէնդ, բարկացաւ Յակոբը, կտոր մը բան կուտաք, հալա կ՚ուզէք որ միւս օրուան ալ պահեմ։ Ես ծիծեռնա՞կ եմ թէ ճնճղուկ, ու որպէս թէ խռոված փորին վրայ պառկելով՝ գլուխը դրաւ թեւերուն վրայ ու աչքերը գոցեց։

Ամբողջ օրը խաղաղ անցաւ։ Ոչ հովիւ մ՚երեւցաւ այդ կողմերը եւ ոչ ալ անցորդ մը։ Արդէն գլխաւոր ճանապարհը ձորի մէջէն կ՚անցնէր, շատ հեռու տղոց դիրքերէն։ Միայն շատ աճապարող ճամբորդ մը, Բերկրիէն Ապաղա անցնելու համար, լեռնային ճամբան կը նախնտրէր, որ թէեւ աւելի կտրուկ, բայց սաստիկ յոգնեցուցիչ էր։

Գէորգը, Յակոբը եւ Կորթկանցի երկու վալատները, խմբէն քիչ մը հեռու նստած, կը ծրագրէին գիշերուան ճամբան։

Արեւը կը մօտենար հորիզոնին։ Դեռ Կարոյի խոստացած մարդիկը չէին երեւցած, որոնք խմբի համար հացի պաշար պիտի բերէին։ Այս պարագան չափազանց կը մտահոգէր Գէորգը։ Առանց հացի, սոված փորով խումբը ինչպէ՞ս շարժէր տեղէն։ Եւ, սակայն, կուշտ կամ սոված, պէտք էր ճամբայ ելլէին։ Երբ արեւը հանդարտօրէն վար սահեցաւ Սիփանի աջ կողմի փէշերու ետին եւ հազիւ զգալի մթնշաղ մը պատեց երկիրը, Կորթկանի կողմէն առաջ շարժուող քանի մը կէտեր երեւցան։ Ամբողջ խումբը ուրախացած՝ իրար անցաւ. անշուշտ հաց բերող գիւղացիներն էին։

Դժբախտաբար, կարճատեւ կեանք մ՚ունեցաւ խմբի ցնծութիւնը։ Անորոշ կէտերը, արագօրէն մօտեցան։ Գէորգը, որ դիտակով կը հետեւէր անոնց. դարձաւ քովը նստող Յակոբին ու կամաց մը փսփսաց ականջին.

Ձիաւոր քրտեր են եկողները եւ ուղիղ այս կողմը կը քշեն։ Գեչանի կողմէն ալ ձիաւորներ կ՚երեւին… Ի՞նչ կ՚ըսես, Յակոբ…

Յակոբը առանց պատասխանելու, դիտակն ուղղեց Գէորգի մատնանշած կողմը։ Ատեն մը դիտելէ վերջ, դարձաւ ընկերոջը.

Կորթկանի մէջ անակնկալ բան մը պատահած լինելու է… չեմ գիտեր ի՞նչ… Բայց աս քրտերը մեզ փնտռելու ելած են… Իրիկուան դէմ, առանց պատճառի, քիւրտը տեղէն չի շարժիր… թէեւ գիշերով չեն կռուիր, բայց կ՚ուզեն իմանալ մեր տեղը… ճամբաները կտրել, հաւար փրցնել… գործ ունինք…

Լռէ՛, կարծես թէ…— ու Գէորգը ամբողջովին լսողութիւն դարձած՝ մտիկ ըրաւ։

Չէր սխալած։ Ապաղայի դաշտի կողմէն շատ թոյլ, բայց որոշակի կերպով կը լսուէր թմբուկի միօրինակ տմբոցը, որոշ ընդմիջումով։ Քրտական հաւարի ազգանշանն էր։

Յակոբը ուսերը թօթուեց։ Շուտով կը մթնար։ Փառք Աստծու, իրենք արդէն ճանապարհով չէին երթար։ Ամէն կողմ ճանապարհ էր իրենց համար։

Եթէ միայն հացի պաշար ունենայինք, ինքնիրեն խօսեցաւ Գէորգը, որ կարծես հասկցած էր Յակոբի մտքէն անցածը, առանց Գործոթ հանդիպելու կ՚անցնէինք Աղպուլաղի սարը…

Անկարելի է, քրտական շրջան է, հաց պիտի չկրնանք ճարել։ Եթէ կռուի ալ բռնուինք… Երեք օր սոված զինուորը ի՞նչ կրնայ ընել… Նորէն Գործոթ երթալը ամենէն լաւ է, թէեւ մինչեւ առտու, հաւարի լուրը արդէն Բերկրիի փոսը հասած կը լինի։

Կամաց կամաց սկսաւ մթնել։ Քիւրտ ձիաւորները, որոնք հազիւ կ՚երեւէին, սարի գագաթին բաւական մը մօտենալէ վերջ, սկսան աջ ու ձախ հրացան պարպել։ Խումբը, Գէորգի կարգադրութեամբ, գետին պառկեցաւ եւ անշարժ մնաց, մինչեւ որ կարգին մթնեց, ու սուլիչի մեղմ ձայն մը ոտքի հանեց զիրենք։

Նախկին կարգով տասնեակներու բաժնուեցան։ Գէորգը առանձին առանձին մօտեցաւ ամէն տասնեակի, բացատրեց կացութիւնը, կռուի բռնուելու հաւանականութիւնը։

Ուրանցցի Յակոբը վալատներէն մէկուն հետ առաջ ինկաւ։ Գէորգը երկրորդ վալատի ընկերակցութեամբ տասնեւհինգ քայլի վրայ հետեւեցաւ անոնց, իսկ խումբը տասնեակներու բաժնուած՝ իրենց տասնապետներու ղեկավարութեամբ առաջ շարժեցաւ։ Այլեւս ոչ խօսիլ, ոչ ծխել, ոչ հազալ եւ ոչ իսկ յոգնիլ թոյլատրելի էր։ Պէտք էր մեքենաներու նման անվերջ քալէին մինչեւ նոր դիրք մը հասնելնին։

Խումբի հայդուկները մեծ դժուարութեամբ կ՚իջնէին սարէն, որու Բերկրիի կողմի լանջը սաստիկ զառիվայր էր, քարքարուտ եւ ապառաժներով ծածկուած։ Խաւարի մէջ, զինուորները հազիւ ոտքերուն տակը կը տեսնէին։ Վար գլտորուողներ, բարձր ժայռերէ ինկողներ անպակաս էին։ Բայց եւ այնպէս առանց աղմուկի, ձայներնին փորերնին ձգած, կը հետեւէին ուրանցիի Յակոբին։

Մեծ դժուարութեամբ, բայց վերջապէս Կորթկանի սարէն իջան, հասան Բերկրիի դաշտը, ուր թէեւ ճամբայ կտրելը հեշտ էր, բայց բազմաթիւ գիւղեր կային ու դէպի Վան տանող երկու բանուկ ճանապարհներ։ Խումբը Անձաւի մօտով, փոքր տեղ մը ճանապարհին քալելէ վերջ, բացուեցաւ դէպի Փիր-Ռաշիտ սարի փէշերը։ Պստիկ Գեղի առուի վրայ, կէս ժամի չափ հանգստացան։

Որքան ալ որ Պստիկ Գեղ հայկական գիւղը մօտ էր եւ վստահելի ընկերներ ունէին հոն, բայց չհամարձակեցան վալատներէն մէկը ճամբել, քիչ մը հաց ճարելու համար։ Անցանկալի հետեւանքներ կրնար ունենալ այդ քայլը։ Մանաւանդ որ բոլոր հայկական գիւղերը, թուրք կառավարութեան ստիպումով, քիւրտ պահակներ ունէին, որոնք որպէս թէ գիւղի ապահովութեանը պիտի հսկէին, բայց իրապէս լրտեսներ էին, կառավարութեան «աչքերը»։

Ամբողջ ճանապարի ընթացքին ոչ ոքի հանդիպեցան։ Միայն երբ Գործոթ գիւղին մօտեցան, նկատեցին երեք ստուերներ, որոնք ճանբայով կ՚անցնէին։ Ամբողջ խումբը գետին տափեցաւ։ Ճամբորդ քրտերը, առանց զիրենք նկատելու, շարունակեցին իրենց ճանապարհը դէպի Բերկրի։

Երբ ճամբորդները հեռացան, հայդուկները նորէն ոտքի ցակտեցին ու շարունակեցին ճանապարհը կրկնապատկուած եռանդով։ Լուսաստղը բարձրացեր էր։ Թէեւ իրենք մօտեցած էին Գործոթ գիւղին, բայց դեռ բաւական ճանապարհ ունէին քալելիք։ Յետ մնացողներու զէնքերը վերցուցին դիմացկուն ընկերները։ Գէորգը ետ ու առաջ կը վազէր՝ քաջալերելով, խնդրելով որ ճիգ մ՚ալ թափեն, շատ չէր մնացեր տեղ հասնելու։

Եւ, իրօք, Յակոբը եւ վալատը որոշուած ձորի մօտ հասած՝ կը սպասէին խումբի հաւաքուելուն։ Վարը, բաւական լայնկեկ ձորին մէջ, գետակի կողքին կ՚երեւար կիսաքանդ գոմի փլփլած շէնքը։

Խումբը հաւաքուելով՝ իջաւ ձորը, կուշտ ու կուռ յագեցուց պապակը, ու մտաւ գոմը, որ տասնեակ մը տարիներ առաջ կը գործածուէր որպէս ոչխարի հօտերու ձմերանոց, բայց երբ Գործոթի գիւղացիները անապահովութեան պատճառով անասնապահութենէն ձեռք քաշեցին, լքուած գոմը խարխլելով, տանիքը կիսովին փուլ եկաւ։

Գէորգը գոհացաւ գոմի մէջ պահակներ կարգելով։ Գիւղին շատ մօտիկ էին, ինչպէս եւ ճանապարհին։ Անշուշտ եթէ վտանգի հաւանականութիւն մը լինէր, գիւղի ընկերները լուր մը կուտային։

Այդ առտու, Մուղսին ըստ սովորութեան լուսաբացին անկողնէն ելաւ։ Անցաւ ախոռի սաքուն, ձայն տուաւ Սագոյին եւ երկու մշակներուն ու տունէն դուրս եկաւ։ Աղայավայել ծանրութեամբ գնաց գիւղի աղբիւրը, սառը ջրով երեսը թրջեց, խոշոր կարմիր գոյնի թաշկինակով մը ձեռքերն ու երեսը չորցուց, դէպի արեւելք դարձաւ, երեսը խաչակնքեց ու յօրանջելով առաւօտեան աղօթքն ըսաւ։

Մուղսին, որու աւազանի անունը Աբիսողոմ է, քառասունեւհինգնոց մարդ մ՚էր, մեծ կազմով, բարձրահասակ եւ ոսկորուտ։ վերջի տարիներու ընթացքին ճարպակալած էր ու պատկառելի փոր մը ձգած՝ աղայական շուք մը ստանալով, որմէ ընդհանրապէս զուրկ կը մնան, նիհար, տանձի կոթի նման բարակ վիզ ունեցող մարդիկ։ Քալուածքը ծանր ու մեծ, արտաքին երեւոյթին համապատասխան էր, կոկորդային հազ մ՚ալ աւելի տպաւորիչ կը դարձնէր Մուղսին։

Մուղսին կը համարուէր գիւղի ունեւորներէն մէկը, եթէ ոչ ամենաունեւորը։ Հօրմէն ստացած ժառանգութիւնը՝ տարիներու ընթացքին կրկնապատկած էր, երեք կտոր արտեր բարդելով եղածին վրայ. իսկ երկու տարի առաջ ալ Բերկրիի փոսին մէջ տասնեւհինգ չափնոց ջրարբի արտ մը գրաւեց Քէօշկ գիւղացի քրդէ մը, որուն տարիներ առաջ տոկոսով հինգ դեղին ոսկի տուած էր։ Այդ գումարը զարմանալի կերպով աճած ու այնպիսի համեմատութիւն մը ստացած էր, որ պարտատէր քիւրտը իր լաւագոյն արտը վրայ տալով՝ դեռ չորս ոսկի ալ պարտական մնացած էր Մուղսիին։

Մուղսիի գոմը, ինչպէս գիւղացիք կ՚ըսէին, բերնէ բերան լեցուն էր։ Գութանի բաւելու չափ լծկան եզներ ունէր, կովերն ու հորթերը չհաշուած։ Ատկէ զատ Մուղսին հինգ հարիւրէ աւելի ոչխարի հօտ մ՚ունէր, Աղպուլաղի քիւրտ աղայի հետ ընկերովի։ Բայց ինչ որ ամենէն շատ խօսակցութեան առարկայ էր, Մուղսիի երկու ձիերն էին։ Հայկական գիւղերու մէջ հազուադէպ էին ձիերը, իսկ մասնաւորաբար հեծնելու յատկացուած ձիեր գրեթէ ոչ մէկ գիւղացի ունէր։

Մուղսին հացով տանտէր մ՚էր, եկող գնացողը անպակաս։ Մանաւանդ գիւղի րէսը դառնալէ վերջ, անցուոր զապթիէն, հարկահաւաքը, կառավարական պաշտօնեան, զօրքը, իր ախոռի սաքուի մէջ կը հիւրասիրուէին, որ ախոռէն անջատ ընդարձակ սենեակ մ՚էր, հաստ թաղիքներով ծածկուած։ Սաքուի մէկ անկիւնը իրարու վրայ շարուած էր վերմակներու, ներքնարկներու եւ բարձերու դէզ մը։ Գիւղացիք հպարտանալով կը պատմէին օտարականներու, որ Մուղսիի սաքուին մէջ, հիւրերու համար տասներկու ձեռք անկողին կը փռուէր։

Թերեւս աւելորդ չլինի երկու խօսք ալ ըսել Մուղսիի անուան ծագումի մասին։ Ինչպէս նախօրօք յիշեցինք, անոր մկրտութեան անունը Աբիսողոմ էր, որ թէեւ աստուածաշնչական՝ բայց այնքան ալ յարմարաւոր անուն մը չէր դիրքի, հարստութեան տէր մէկու մը համար։ Մարդու մը անունը, ինչպէս եւ հագած զգեստը ենթակայ են փոփոխութեան։ Այսպէս է աշխարհի օրէնքը, թէկուզ Գործոթի նման յետ ինկած գիւղի մը մէջ։ Հարստութեան հետ, ջերմաչափի սնդիկի նման կը բարձրանայ մարդու դիրքը, հագած զգեստը, խելքը։ Յակոբ մը պարոն Յակոբ կը դառնայ, յետոյ յարգելի պարոն Յակոբ. հագած չարուխը չուստի կը փոխուի, վերջէն կօշիկի, ու այդպէս շարունակաբար՝ ետ ու առաջ։

Աբիսողոմը, երբ դեռ հայրը ողջ էր, Թիմարի Ալիւր գեղացի խումբ մը երիտասարդներու հետ Պոլիս գնաց դրամ վաստկելու համար։ Երկու տարի Պոլիս հայ վաճառականի մը մօտ համալութիւն ընելէ վերջ, Ռումանիա անցաւ ու խնայած դրամներով Քոստանցայի մէջ սրճարան մը բացաւ։ Պարզ մշակի մը եւ սրճարանատէր լինելու միջեւ բաւական զգալի տարբերութիւն մը կար եւ բնականաբար Աբիսողոմը պարոն Աբիսողոմ դարձած էր։

1880 թուականին Աբիսողոմը, պանդխտութեան տարիները բաւական համարելով, քէմէրի մէջ հարիւր հինգ հատ ոսկի տեղաւորած՝ քսանեւվեց տարեկան հասակին վերադարձաւ Երկիր, հօրենական տունը։ Հայրը ծերացած էր, այլեւս անկարող աշխատելու, ու որպէս զի տղու ոտքը պինդ մը կապէ օճախին հետ, անմիջապէս կարգեց Աբիսողոմը Եղիշէ քահանայի մէկ հատիկ աղջկանը հետ։

Գործոթի, ինչպէս առհասարակ բոլոր հայկական գիւղերու մէջ «պարոն»ը նորամուտ բառ մ՚է, քիչ մը արհամարհական իմաստով։ Գիւղացին իր հօր անունով կը ճանչցուէր։ Պարոն Աբիսողոմը գիւղ վերադառնալով՝ դարձաւ Ուստա Սեդրակենց Աբիսողոմը։

Երկու տարի չանցած՝ Ուստա Սեդրակը մեռաւ։ Աբիսողոմի ոտքը ու ձեռքը բոլորովին կապուեցան։ Այլեւս ան չմտածեց պանդխտելու մասին, այլ գլուխը ծռած՝ սկսաւ հօրենական հողերը մշակել։ Խելքը գլխին մարդ էր Աբիսողոմը։ Հետը բերած ոսկիները տոկոսով տուաւ գիւղացիներուն, ժամանակի ընթացքին հօրմէն մնացած հողերուն վրայ նորերը աւելցուց, երկու մշակ վարձեց։ Եւ, ինչպէս ինք կը սիրէր ըսել, «հալալ աշխատանքով եւ Աստծու օրհնութեամբ» ունեցածը կրկնապատկուեցաւ, ու շատ չանցած՝ Բերկրի փոսին մէջ ան դէմք մը դարձաւ.

Երբ Աբիսողոմի հայրը մեռաւ, ան այնքան մը տարէց չէր, որ գիւղացիք զինք աղա կոչէին, իսկ Ուստա Սեդրակենց Աբիսողոմ ալ չէին կրնար ըսել. ոչ անոր դիրքին եւ ոչ ալ ունեցած հարստութեանը կը վայելէր այդ։ Սակայն, բան մը հնարելու էին։ Անգամ մը քաղաքէն վերադարձին՝ Աբիսողոմը փոխանակ սովորական չթէ գօտիի պարսկական շալ մը փաթթած էր մէջքին։ Այդ շալը ճշմարիտ ներշնչարան մը եղաւ գիւղացիներու համար։ Մղտեսի բառը կրճատելով՝ Մուղսի Աբիսողոմ անունով վերամկրտեցին զայն։ Այդ անուանակոչումը արդարացնելու երկու զօրաւոր պատճառներ կային, մէկը որ՝ քահանայի մը փեսան էր Աբիսողոմը, երկրորդ որ ծովերէ անդին շատ մը երկիրներ տեսած էր։ Այս հիմնաւոր պատճառներէն զատ, գիւղացիներու հաճոյակատարութիւնը վերջ կուտար անել վիճակի մը։

Աբիսողոմը այդ նոր անուանակոչութիւնը ընդունեց մէկու մը նման, որ իր բարձր արժանիքի կատարեալ գիտակցութիւնն ունի։ Տարիներու ընթացքին Աբիսողոմ անունն ալ, որ հակառակ հին անուն մը լինելուն, մարդու շուքէն բան մը կը պակսեցնէ, մէկդի նետուեցաւ ու մնաց միմիայն Մուղսին։ Պարզ ու վսեմ։

Բերկրիի փոսին մէջ Մուղսին հռչակուած անուն մ՚էր, պատկառելի եւ ազդեցիկ։ Եւ պատճառ մը չկար, որ այդպէս չլինէր։ Տունով տեղով, մալ ու միւլքով հարուստ, դեռ առասպելական թասերով ոսկիներու պատմութիւն մ՚ալ վրան բարդած, Մուղսին իսկական դէմք մ՚էր, գիւղի առաջաւոր մարդը։ Վերջին տարիները գիւղացիք զինքը րէս նշանակեցին, հակառակ իր կամքին։ Շնորհիւ կառավարական պատօնեաներու հետ ունեցած կապերուն, Գործոթը շունչ առաւ, մանաւանդ որ շրջակայքի քրտական գիւղերու աղաներուն հետ լաւ յարաբերութեան մէջ էր Մուղսին ու անոնք իր խաթրը կը պահէին։

Ամուսնութեան առաջին տարին չբոլորած՝ Մուղսին մանչ զաւակ մը ունեցաւ։ Երեխան Սուրբ Սարգսի պասին ծնած լինելուն, ի պատիւ Սուրբին, որ ըստ ժողովրդական աւանդութեան սրբացած էր յոյնի աղջիկ մը փախցնելուն համար, սուրբ Սարգսի տօնի օրը մկրտուեցաւ եւ կոչուեցաւ Սարգիս։ Սարգիսը, գիւղացիներու սովորութեան համաձայն փոխուեցաւ Սագօի։

Վրայ հասան 1896 թուականի հայկական կոտորածները։ Ամբողջ Թուրքիոյ մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը, Պոլսէն տրուած ազդանշանի մը վրայ, թուրքերն ու քրտերը յանկարծ յարձակեցան հայ ժողովուրդի վրայ։ Հարիւրաւոր քաղաքներ ու գիւղեր կործանուեցան, թալանուեցան։ Թրքական եաթաղանը նորէն մէջտեղ ելաւ, ու արիւնը ծովացաւ Հայաստանի մէջ, ինչպէս երբեմն եղած էր Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Ալպանիոյ, Սիւրիոյ մէջ։

Գործոթն ալ, ինչպէս Վասպուրականի բոլոր գիւղերն ու քաղաքները, հիմնովին թալանուեցաւ։ Փողոցներու մէջ շաբաթներով երեսունէն աւելի անթաղ դիակներ մնացին, իսկ անոնք որ ժամանակին փախեր էին ու լեռները ապաստաներ, տաւարի նման խոտ ուտելով՝ ապրեցան։

Մուղսին, երբ համագիւղացիներով վերադարձաւ գիւղ, իր ունեցած հարստութեան հետքն իսկ չգտաւ։ Գիւղն աւերակ էր։ Գիւղացիք տենդագին հապճեպով լծուեցան վերաշինութեան գործին։ Ոչինչէն պէտք էր կեանքը ստեղծել, Աստուծոյ նման, որ քաոսէն երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։ Երեք չորս տարի անցած՝ հայ գիւղացին տնտեսութիւնը վերականգնեց, գրեթէ մոռցաւ ահաւոր աղէտը, բայց մտքին մէջ հաստատուն գաղափար մը մնաց՝ «96 թուականը կրնար կրկնուիլ»։

Մուղսին ալ մէկ երկու տարիէն նիւթապէս ոտքի կանգնեցաւ։ Հիմա ախոռը աւելի ընդարձակ էր, տանը ուտող խմողը աւելի շատ։ Բայց Մուղսին երբեք չկրցաւ մոռնալ Գործոթի կոտորածը, լերան ծերպերու մէջ ապրած սարսափելի օրերը։ 96 թուականը մշտական մղձաւանջ մը դարձաւ, այն օրերը կրկին ապրելու գաղափարը՝ ահաւոր տառապանք մը։

Կատարուած սարսափները, թալանը, կոտորածը՝ Մուղսին յեղափոխական շարժման հետեւանք համարեց եւ ատոր համար կռնակ դարձուց «Սուրբ Գործին» որու երկրպագուներէն մէկն էր Ռումանիոյ մէջ։ Ազատութիւն պէտք չէր, եթէ ատոր հետ կապուած էր կեանքի, մալի, միւլքի ոչնչացումը, կը մտածէր ան։

Մուղսին իր իրաւունքն ու պարտականութիւնը կը համարէր յեղափութեան վտանգէն հեռու պահել գիւղը, ինչպէս նաեւ իր եւ իրեններուն կեանքը, տարիներու աշխատանքով վաստակած հարստութիւնը։ Ատոր համար ալ չձգեց որ Գործոթի մէջ դպրոց մը բացուի՝ դպրոցը համարելով նախապատճառ յեղափոխութեան։ Մուղսիի կարծիքով, իրենց հայերն ու պապերը, որոնք առանց դպրոցի երես տեսնելու ապրած էին, ի՞նչ պակաս էին որ իրենք անպատճառ դպրոց պիտի ունենային։

Սակայն, վերջին երկու երեք տարին, Մուղսին կը զգար, որ խլրտում մը կար գիւղին մէջ, ու իր խօսքը նախկին արժէքը չունէր։ Գիւղական հաւաքոյթներու ժամանակ, երիտասարդներ, որոնց Մուղսին բանի տեղ իսկ չէր դներ, կը համարձակէին իր ներկայութեանը հակառակ կարծիքներ յայտնել, իր կարգադրութիւններուն դէմ բողոքել։ Նոյն իսկ կը կասկածէր, որ գիւղի երիտասարդութիւնը կը զինուէր, քաղաքի յեղափոխականներուն հետ կապ կը պահէր, անծանօթ մարդիկ կուգային կ՚երթային։ Այս բոլորը կը մտահոգէր եւ կը զայրացնէր Մուղսին։

Փառք Աստծու, իր զաւակը՝ Սագօն այդ յիմարներուն հետ կապ չունէր, որոնք խելքերնին կորսնցուցած՝ կրակի հետ կը խաղային։

Այդ առտու Մուղսին լաւ տրամադրութեան մէջ էր։ Աղբիւրի գլուխը կանգնած՝ աղօթքը մրմնջեց եւ, ինչպէս կը վայլէր իր դիրքին, ծանր ու մեծ քայլերով անցաւ գիւղի փողոցէն՝ աջ ու ձախ բարեւելով գիւղացիները։ Երբ տուն հասաւ, դէմ դիմաց ելաւ Սագոին, որ դռնէն նոր դուրս կուգար։

Հը՛, պալա՛մ, եզները դուրս հանեցի՞ք, հարցուց Մուղսին։

Հա, մշակները քշեցին դէպի արտը։

Էս օր ո՞ր արտը պիտի երթաս։

Ջաղացքի փոքր արտը։

Հապա երէկ առտու կ՚ըսէիր, թէ փոսի մե՜ծ արտը պիտի հերկես…

Սագօն շփոթեցաւ։ Ճիշդ է որ առջի օր այդպէս որոշած էր, բայց փոսի արտը կը գտնուէր Բերկրիի դաշտին մէջ, առնուազն մէկ ժամ հեռու գիւղէն, իսկ Սագօն գիշերուան ժողովէն վերջ, այդքան չէր ուզեր հեռանալ գիւղէն։

Հա՛, էդպէս ըսի, պատասխանեց Սագօն կմկմալով, բայց աւելի լաւ է մէկ գիւղի մօտինները վերջացնել, մեծ արտը թող մնայ ամենէն վերջը։

Չէ՛, պալամ, մէկ ան վերջացուր, տեղը հեռու է, քանի օդերը լաւ կ՚երթան…

Վաղը անպատճառ մեծ արտը կ՚երթամ, Սագօն աշխատեցաւ համոզել հայրը։

Մուղսն, որ մէկ ըսած խօսքը չէր սիրեր կրկնել, յօնքերը վեր քաշեց։ Ինչո՞ւ Սագօն այդ օր մեծ արտը չէր ուզեր երթալ։ Ու գրեթէ բարկացած՝ խիստ կերպով ըսաւ.

Մեծ արտը հերկէ, հասկցա՞ր։

Սագօն գլուխը կախած հեռացաւ։

Մուղսին ոտքի վրայ բրդուճ մը հաց ու պանիր կերաւ եւ բարձրացաւ տանիքը, ուր սովորաբար առտուները կը նստէր։ Կռնակը պատին տուաւ, ծխամորճը հանեց ու սկսաւ ծխել։ Ամէն մարդ իր գործին կ՚երթար։ Հօտաղները գիւղի տաւարը կը քշէին հանդը, տանտիկինները տնային գործերով զբաղած ներս ու դուրս կուգային, ու գրեթէ ամէն երդիքէ ծուխ կը բարձրանար։

Մուղսին բաւականութեամբ կը նայէր չորս դին։ Գիւղը, շրջապատի արտերը, եկեղեցիի փայտէ զանգատունը, կիսովին չորցած ծառի մը վրայ գտնուող արագիլի դատարկ բոյնը, հեռուն բարձրացող Փիր-Ռաշիտ սարը, ատոնք բոլորը իր հոգուն հարազատ միջավայրը կը ներկայացնէին որու մէջ ապրած էր մանկութրնէն սկսած։

«Փառք Քեզ, Աստուած, փառք Քեզ, յաղագս յամենայնի» յօրանջելով՝ մրմռաց Մուղսին, ծխամորճի ծուխներս քաշելով։

Նստած տեղէն յանկարծ բարձրացաւ, երբ նկատեց, որ իր աները, գիւղի զառամած քահանան՝ գաւազանին վրայ կքած՝ կը մօտենար։

Օրհնեա՛ ի տէր, տէրպապ։

Աստուած օրհնէ, պատասխանեց Տէր Եղիշէն, ու տքալով մօտեցաւ Մուղսիին։

Որդի՛, հալ չէ մնացեր վրաս… էս մէջքիս ցաւը… Թառլանենց Մարիամի եախուն ալ օգուտ մը չրաւ… սաղ գիշերը աչքերս չկրցայ փակել։

Ճանըմ, քանի՞ անգամ ըսի, որ քաղաք երթանք, մէկ էդ ամերիկացի բժիշկը նայի։

Ի՞նչ, այդ փրո՞տը, ու քահանայի մարած աչքերը փայլեցան բարկութեամբ, այդ անհաւա՞տը…

Մուղսին լռեց՝ աւելորդ համարելով աները համոզելու աշխատանքը։ Գիտէր որ Տէր Եղիշէի համար ամերիկացի բողոքական միսիոնարները պարզապէս անհաւատներ էին, ինչպէս մահմետականները, եւ թերես անոնցմէ ալ աւելի ատելի։

Երկուքը լուռ իրարու կողքի նստան։ Քահանան երբեմն կը տքար հոգոց հանելով, իսկ Մուղսին ծխամորճը կը քաշէր։

Տէր պապ, էս օր ճամբայով շատ մարդ կ՚երթայ կուգայ, բան մը ըսած լինելու համար խօսեցաւ Մուղսին, որ աչքը դէպի Աղպուլաղի կողմը յառած՝ մօտեցող բազմութեան կը նայէր։

Իրօք, այդ առտու, զարմանալի կերպով կենդանացած կը թուէր Բերկրի տանող ճանապարհը, բան մը, որ անսովոր երեւոյթ էր։ Մէկով, երկուքով, երբեմն փոքր խմբերով, ձիաւոր քրտեր հապճեպով կ՚անցնէին Գործոթի կողքով դէպի Բերկրի։ Ոմանք կը բարեւէին Մուղսին, որ, ինչպէս ըսինք, այդ շրջանի մէջ յայտնի դէմք էր ու ծանօթ շատերուն, բայց առանց կանգ առնելու կը շարունակէին իրենց ճանապարհը, աչքի զարնող աճապարանքով մը։

Քանի արեւը կը բարձրանար, այնքան երթեւեկը կը շատնար, ու գրեթէ մէկ ուղղութեամբ։ Անկասկած, բոլորն ալ դէպի Բերկրի կը դիմէին։

Մուղսին սկիզբը անուշադիր կերպով կը նայէր այդ անսովոր շարժման։ Բայց երբ Քէօշկի ճանապարհի վրայ ալ նկատեց ձիաւորներու դէպի Բերկրի արշաւելը, գլխի ինկաւ, որ անպատճառ բան մը կար։ Այդ միտքը անորոշ սարսափով լեցուց սիրտը։ Ի՞նչ էր պատահած, ինչո՞ւ քրտերը կը հաւաքուէին Բերկրիի մէջ։

Աղպուլաղի կողմէն եկող ձիաւորներու բազմութիւնը Գործոթ մտած էր արդէն։ Անոնց առջեւէն կը ձիավարէր Ռաշիտ բէկը, այդ շրջանի աղան, որ Մուղսիի բարեկամն էր եւ որուն քով կը պահուէր Մուղսիի ոչխարի հօտը։

Բարով եկար, հազար բարով եկար, եւ Մուղսին աճապարեց տանիքէն վար իջնալ, դիմաւորելու համար Ռաշիտ բէկը, խէր լինի, առտու էսպէս կանուխ ո՞ւր բարով…

Ռաշիտ բէկը ձիէն վար ցատկեց, ձիու սանձը նետեց իր ղօլամներէն մէկուն ու Մուղսիի հետ միասին ներս մտաւ, մինչ իր հետեւորդները դուրսը կը սպասէին առանց ձիերէն իջնալու։

Բարեկամի մռայլ դէմքէն վրդովուած էր Մուղսին։ Երբ մտան թոնրատունը, բռնեց Ռաշիտ բէկի թեւն ու հարցուց.

Խէ՛ր լինի, բէկ…

Շառ է… շա՛տ վատ, ու ծռելով՝ Մուղսիի ականջին փսփսաց. երէկ ֆէտայիներ երեւցեր են Կորթկանի սարը… Բերկրիի միւտիւրը բոլոր Համիտիէ ալայները կանչեր է… կռիւ պիտի լինի…

Մուղսիի սիրտը դող ելաւ։ Ա՜խ, նորէն այդ յեղափոխականները. ինչ կ՚ուզէին իրենցմէ, ո՞վ էր զիրեն կանչողը։ Շատ ալ որ կառավարութիւնը կը նեղէր, քրտերը երբեմն կը սպաննէին, կը թալանէին հայերը։ Բայց չէ՞ որ այդպէս եղած էր հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր։ Հիմա այդ խումբ մը խելա՞ռները պիտի փոխէին աշխարհի կարգը, գերութենէ՞ պիտի ազատէին հայ ժողովուրդը։ Մուղսին ատամները իրարու սեղմած՝ կը մտածէր, որ ինք ուրախ պիտի լինէր, եթէ քրտերն ու կառավարական զօրքը շրջապատէին եւ մինչեւ յետին մարդը սպաննէին այդ ֆէտայիներէն, բայց միայն այդ պատահէր Գործոթէն շատ հեռու, հեռաւոր շրջանի մը մէջ։

Որտե՞ղ թագնուած են այդ փորձանքները, հարցուց Մուղսին։

Ո՜վ գիտէ, ուսերը թօթուելով պատասխանեց Ռաշիտ բէկը, սարերը, հայկական գիւղ մը, թերեւս հո՛ս, Գործոթի մէջ։

Չէ՛, հա՛, սարսափած այդ մտքէն՝ Մուղսին բոլորովին գունաթափուած նայեցաւ բարեկամին, աման բէ՛կ, ինչեր կ՚ըսես։

Կատակ ըրի՛, ծիծաղեցաւ բէկը, ո՜վ գիտէ, որտե՞ղ թագնուած են այդ անիծածները։ Սակայն, բոլոր ճամբաները բռնուած են, Ապաղան ոտքի կանգնած, էս կողմէն ալ մենք։ Թռչուն լինին, էս անգամ չեն պրծնի մեր ձեռքէն։ Տէ՛, ես կ՚Երթամ…

Բէկ, նստի՛ր, բրդուճ մը բան կեր…

Չէ, խիստ հրաման կայ, շուտով Բերկրի պիտի լինինք։ Քաղաքէն ալ զօրքը ճամբայ ելած է… Հանդիպեցայ քեզի զգուշացնելու մենք հօրենական բարեկամներ ենք…

Սաղ լինիս, բէկ, քու բարեկամութիւնդ մեր տնէն անպակաս լինի։

Աստուծու կը յանձնեմ ինքզինքս։

Աստուած բարի ճանապարհ եւ ողջ առողջ վերադարձ շնորհէ, բարեմաղթեց Մուղսին։

Ռաշիտ բէկը ձիաւորներու գլուխը անցած՝ հեռացաւ։ Դրան սեմին վրայ քարացածի նման մնաց Մուղսին, դէմքը ամպոտած, թաւ յօնքերը կիտած։ Ռաշիտ բէկի խումբը վերջինը չէր գնացողներուն, ճամբու վրայ ցան ու ցրիւ կ՚երեւէին շատ մը եկողներ, ոմանք ձիաւոր, ոմանք հետիոտն ու դեռ լեռնանցքի կողմէն կ՚երեւէին նորանոր եկողներ ալ։

Զինուած քրտերու այդ արտասովոր անցքը չարաշուք ձեռքի մը նման ծանրացաւ Գործոթի վրայ։ Տուներու դռները փակուեցան։ Տղամարդիկ, կիներ փսփսուքով կը խօսէին։ Մօտաւոր արտերէն գիւղացիք տուն վերադարձան։ Հեռուները գտնուողներու ետեւէն կիներ գնացին կանչելու։ Գործոթը կ՚ամփոփուէր, կը կծկուէր ինքն իր մէջ՝ գալիք արհաւիրքը ապրելով։

Մուղսին՝ գլուխը կրծքին կախած՝ կը մտածէր։ Անգամ մը միայն անցնող գիւղացիի մը ձայնեց, որ լուր հասցնեն հօտաղներուն, գիւղէն շատ չհեռանալու համար, եւ նորէն թաղուեցաւ իր մտածմունքներուն մէջ։ Ո՞ւր կրնային լինել այդ Ֆէտայիները, որտե՞ղ թագնուած էին։ Անշուշտ Պարսկաստանէն եկած՝ քաղաք կ՚երթային, ինչպէս բոլոր խմբերը։ Եթէ միայն Գործոթէն հեռու գտնուէին, Մուղսին է հարկէ ոչինչ ունէր ըսելիք, բարով գան, բարով երթան, իր ի՜նչ գործը։ Բայց Բերկրիի շրջանին մէջ, անոնք մեծ վտանգ մ՚էին հայկական գիւղերու համար։ Աստուած մի արասցէ, եթէ լուրջ կռիւ մը տեղի ունենար, զօրքն ու քրտերը կորուստներ ունենային, այդ պարագային կատաղած ամբոխը կրնար վնասել ճամբու վրայ գտնուող հայ գիւղերը։ Ու ո՞ր գիւղը այնպէս սպառնալիքի տակ կը գտնուէր, ինչպէս Գործոթն էր, Արճակի ու Բերկրիի մէջտեղը ինկած։

Բարով, Մուղսի։

Մուղսին յանկարծակիի եկած՝ ցնցուեցաւ։

Հա՛, ծօ՛ Յարօ, դո՞ւն ես…

Յարօն Գործոթի գզիրն էր, գիւղի ամենաաղքատը։ Կին մը ունէր, երեք աղջիկ, երկու մանչ, զաւակները բոլորն ալ մանր երեխաներ։ Ախոռին մէջ ունէր ծիծը ցամքած կով մը, եւ երկու անջրդի արտեր, որոնք հազիւ թէ տան հացը ապահովէին։ Յարօն, փոր մը հացի եւ հինգ չափ ցորենի սիրոյն գզիր եղած էր։

Գզիրը հայ գիւղի մէջ րէսի եալանջի փէյլիվանն է. տեսակ մը ծառայ, երբեմն յոխորտացող, դիրք բռնող մանաւանդ երբ զապթիյէ կանգնած լինի քովը, ընդհանրապէս խեղճ ու կրակ, ասոր անոր գործի ետեւէն վազող, տնէ տուն մտնելով՝ ալիւր, իւղ, հաւկիթ, խոտ, գարի հաւաքող, երբ զօրք կամ քրտեր կուգան գիւղին մէջ գիշերելու համար։ Գզիրը իր տան պէս ամէն տան մէջ ալ իր տեղն ունի եւ ոչ մէկ տեղ հիւր կը համարուի։ Կնունք, հարսնիք, մեռել՝ գզիրը ներկայ է, աշնան անխուսափելի ճանճի նման։

Յարօն պպզեցաւ րէսի կուշտը։ Գօտիի արանքէն դուրս քաշեց ծխամորճը, ծխախոտի պարապ քսակը ծոցէն դուրս բերաւ, ներս ու դուրս ըրաւ եւ կարծես թէ դեռ վստահ չլինէր դատարկ լինելուն՝ թօթուեց։

Յարոյի այդ ձեւերու իմաստը գիտէր Մուղսին, գօտիի արանքէն ծխախոտի քսակը հանեց, նետեց գզրին։ Յարօն լուռ, ծխամորճը լեցուց, կայծքարը զարկաւ, վառած աբեթը ծխախոտի վրայ դրած՝ բթամատովը սեղմեց ու սկսաւ ագահօրէն ծխել։

Գեղին մէջ բան մը կը դառնայ, առանց Մուղսիին նայելու խօսեցաւ գզիրը։

Ի՞նչ բան, գրեթէ անտարբերութեամբ հարցուց Մուղսին, որ իր մտքերով տարուած էր։

Տղաքը մեր գեղն են…

Ծօ, սարսախ, ի՞նչ տղաք։

Մուղսիի յօնքերը վեր փախան, երեսի գոյնը թռաւ։ Յարոյի թեւէն բռնած՝ ցնցեց։

Ճանըմ, ո՞վ պիտի լինին որ, մեր տղաքը… կ՚ըսեն մեծ խումբ է…

Մե՞ր գիւղին մէջ…

Գիւղը չէ, ձորի խարապա գոմը…

Մուղսին շշմած՝ չէր ուզեր, չէր կրնար հաւատալ այդ լուրին։ Ի՞նչ, գրեթէ գիւղի սահմանին մէջ, հազիւ կէս ժամ հեռու, ֆէտայիները եկած տեղաւորուած էին, իսկ կառավարութիւնն ու քրտութիւնը մէկ երկու ժամէն սար ու ձոր իրար պիտի խառնէին, աշխարհ տակն ու վրայ պիտի ընէին՝ խումբի հետքը գտնելու համար, եւ անշուշտ պիտի գտնային… Մուղսիի ուղեղը սեւցաւ, բան չէր տեսներ, չէր կրնար մտածել։ Գզիրի տուած լուրը կայծակի նման զարկեր էր առջին, ու Մուղսին կը տեսնար անյատակ անդունդ մը ոտքերուն տակ բացուած, որտեղէն աղեխարշ ձայներ կը լսէր, ճիչեր, օգնութեան կանչեր, հեկեկոց, լաց, ու իրարու վրայ դարձող կարմիր, կարմիր ամպեր, կարծես թէ արիւնով թրջուած։ Մուղսին շրթունքը կը շարժէր, բայց ձայնը կոկորդին կպած՝ դուրս չէր գար բերնէն։ Վերջապէս ինքզինքին տիրապետելով՝ հազիւ լսելի ձայնով մը հարցուց.

Յարօ, իրա՞ւ կ՚ըսես։

Ժամ պատարագը քոռցնէ զիս… Առտու կանուխ տունէն ելայ, ըսի մէկ հանդիպիմ դրկից Աւոյենցը… Աւօն արտը գնացած էր, կինն ու մեծ աղջիկ երկու մեծ տաշտ հաց կը թխէին։ «Էս ինչքա՞ն խմոր է, քուրիկ», հարցուցի. «հարսնի՞ք ունիք թէ մեռելահաց է»։ Մեծ աղջիկը թէ՝ «հիչ մի հարցներ, Յարօ, մեր տղոց համար է՝ ֆէտայիներուն. ես անոնց հոգուն ղուրպան լինիմ»։ Լսածիս չէի կրնար հաւատալ։ «Աղջիկ», ըսի, «ի՞նչ սարսախ սարսախ դուրս կուտաս, մեր գեղին մէջ ֆէտային ի՞նչ գործ ունի»…

Մուղսիի շփոթը անցեր էր, աչքերը չարութեամբ կը պսպղային, ու վիզը առաջ ծռած՝ կարծես բառերը Յարոյի բերնէն քաշել կ՚ուզէր.

Է՜, վերջէ՞ն…

Յանկարծ Յարօն վախէն ինքն իր մէջ կծկուեցաւ։ Այդ ի՞նչպէս փոխուեցաւ Մուղսիի դէմքի արտայայտութիւնը, աչքերը ինչո՞ւ այնպէս բարկութեամբ վառեցան։ Երանի բերանի բացած չլինէր, ախր իր ի՞նչ գործն էր ամէն լսածն ու տեսածը րէսին պատմելը…

Հա՛, վերջէն, ծօ չխօսի՞ս, շան որդի, եւ Մուղսիի ծանր բռունցքը իջաւ Յարոյի մերկ կուրծքին։

Էլ ի՞նչ ըսեմ…

Ծօ, հայվան, աղջիկը ի՞նչ ըսաւ… խօսէ՛, թէ չէ…, ու Մուղսիի բռունցքը բարձրացաւ դի մէջ։

Աման, Մուղսի՛, ոտքդ պագնեմ, մի՛ զարներ… աղջիկը ըսաւ… ըսաւ որ… լուսաբացին մեծ խումբ մը եկեր է… որ հերը հաց թխել կուտայ անոնց համար…

Այդքանը բաւական էր։ Մուղսին ոտքի ելաւ, վայրկեան մը դրան վրայ կանգնեցաւ եւ բռունցքը սեղմած, յօնքերը կիտած մտածեց։ Ապա վճռական շարժումով մը ետ դարձաւ ու մտաւ թոնրատունը՝ ներսէն պոռալով.

Յարօ՛, շուտ, ձիս թամբէ…

Հրամանք ես, Մուղսի։

Յարօ հնազանդելու վարժուած վազեց ախոռը, ձին թամբեց ու դուրս բերելով՝ բակի մէջ կանգնեցաւ, ձիու սանձէն բռնած։ Երբ Մուղսին տնէն դուրս եկաւ ու ձին նստաւ, Յարօն վախվխելով հարցուց.

Մուղսի՛, ո՞ւր բարով…

Սարսախ, Սագոյի ետեւէն կ՚երթամ։ Մեծ արտը հերկելու գնաց մշակներու հետ։ Ճամբու վրայ է, Բերկրիի մօտ, ո՞վ գիտէ ի՞նչ կրնայ պատահիլ։ Լաւ է, ետ գան, եւ Մուղսին ձին մտրակելով՝ քշեց Բերկրիի ուղղութեամբ, ուր կը գտնուէր իր մեծ արտը։

Մուղսիի խօսքերուն վրայ, կարծես թէ մեծ քար մը վերցուցին Յարոյի կուրծքի վրայէն։ Ինչէ՜ր ալ մտածեց Յարօն, ի՜նչ անպատիւ բաներ… Տէ՜ր Աստուած, մարդ ալ այդպիսի ստոր բանե՞ր մտածէր… ան ալ Մուղսիի մասին… մէկ Գործոթ, մէկ Մուղսի։

Յարօն ծեծ կերած շան գլուխը կախած՝ Մուղսիի բակէն դուրս ելաւ քայլերը ուղղեց իր տան կողմը, որ գիւղի ծայրը կը գտնուէր, Բերկրիի ճամբուն վրայ։ Տանը պատին առջեւ կկզեցաւ Յարօն, կռնակը տուաւ պատին, հոկտեմբերեան արեւի մեղմ ճառագայթներով ջերմացնելու համար ցնցոտիներով ծածկուած մարմինը։

Բերկրիի ճամբան կ՚երկննար դաշտի միջով, բարակ չուանի մը նման։ Յարօն ակամայ նայեցաւ այն կողմը ու անմիջապէս նկատեց Մուղսին, որ հետզհետէ կը հեռանար։ Մուղսիի տեսքը ծանր ապտակի նման իջաւ Յարոյի երեսին։ «Մեղայ քեզ Աստուած, մեղայ քեզ», մրմնջեց Յարօն, որ չէր կրնար մոռնալ քիչ առաջուան մտածումը ու յանցաւորի նման ինքզինքը կը դատապարտէր, Մուղսիի մասին այդքան վատ բան մտածած լինելուն համար։

Առանց թափը կոտրելու, Մուղսին չափարի պէս կը քշէր Բերկրիի ուղղութեամբ, որ, ինչպէս ըսինք, գաւառի կեդրոնն էր։ Մուղսին, որքան որ սարսափած էր Յարոյի յայտնութենէն եւ ատոր հաւանական հետեւանքէն, հիմա սակայն միայն մէկ մտածում ունէր՝ ժամանակին հասնիլ Բերկրի, առաջինը լինելով կառավարութեան յայտնել խմբի մասին, ցուցնել իր հաւատարմութիւնը եւ ատով փրկել տունն ու տեղը, իրեններու կեանքը, դրկից բարեկամ, իր գիւղը, Գործոթը։

Ձիու սանձը բաց ձգած՝ Մուղսին արագ կը կտրէր ճամբան, խթանուած իր մտածումէն։ Յանկարծ ձիու սանձը քաշեց։ Հասած էր մեծ արտի կուշտը։ Սագօն եւ երկու մշակները արտի վերի ծայրէն հերկելով կուգային։ Վեց զոյգ եզներով լծուած գութանը, կէս արշինաչափ խորութեամբ օրհնուած հողի ակօսներ ուղիղ գծով իրարու վրայ կը պառկեցնէր։ Վայրկեան մը դիտելով՝ Մուղսին ձայն տուաւ.

Հէ՜յ, Սագօ։

Հէ՜յ, հէ՜, պապօ՛։

Մէկ արի էստեղ… խօսք ունեմ…

Սագօն մաճը տալով երիտասարդ մշակին ձեռքը՝ վազեց դէպի ճամբան, ուր հայրը կը սպասէր իրեն։

Հը՞, պապօ, ի՞նչ կայ։

Ոչինչ, էս օր էսքանը բաւական է, եզները արձակեցէք ու անմիջապէս գիւղ գնացէք…

Սագօն զարմացած հօրը նայեցաւ. դեռ կէս օր իսկ չէր եղած, գութանը մինչեւ արեւմտոց պէտք էր աշխատէր. արդեօք ի՞նչ էր պատահած… Յանկարծ սարսափելի յայտնութեան նման կասկած մը լուսաւորեց Սագոյի միտքը. չլինի՞ որ խումբի մասին բան մը լսուած էր գիւղին մէջ…

Ինչո՞ւ համար, պապօ, դեռ նոր գործի սկսանք…

Երկար մի՛ ըներ, եզները արձակեցէ՛ք ու շուտով տուն, հայտէ…

Բայց պապօ, դուն ըսիր որ էս օր հերկենք վերջացնենք…

Հա՛, ըսի, հիմա ալ կ՚ըսեմ տուն գնացէք, հասկցա՞ր, սրտնեղած պատասխանեց Մուղսին ու ձայնը ցածցնելով՝ շարունակեց. ձորի քանդուած գոմը ֆէտայիներու խումբ մը եկեր է…

Հա՞, որպէս թէ զարմացած՝ Սագօն հօրը նայեցաւ, է՞, ի՞նչ կայ որ, մինչեւ մթնելը կը մնան, գիշերով իրենց ճամբան կ՚երթան…

Մուղսին խոժոռած նայեցաւ տղու երեսին։ Էդպէս էլ յիմար տղայ, կարծես կոյր լինէր, աշխարհը տակն ու վրայ էր եղած, ու դեռ կը սպասէր, որ մինչեւ իրիկուն անոնց տեղը չգտնուէր։ Մուղսին ձիու գլուխը ուզեց դարձնել՝ ճամբան շարունակելու համար։

Պա՛պօ, ո՞ւր, քայլ մը աւելի մօտենալով հարցուց Սագօն։

Ո՞ւր, Մուղսիի աչքերը չարաշուք փայլ մը ստացան, Բերկրի, միւտիւրը պիտի տեսնեմ…

Պա՛պօ, սարսափած առաջ նետուեցաւ Սագօն՝ ձիու սանձը բռնելով, պապօ՛, Աստուծու սիրուն, պապօ՛…

Ձգէ՛, գոռաց Մուղսին՝ արդէն բոլորովին բարկացած, թողում որ տունս տե՞ղս քանդուի, Գործո՞թը վերան դառնայ։ Ձգէ՛ սանձը։

Պապօ՛, հոգիդ մի սեւցներ, պապօ ջան, ղուրպան լինիմ քեզ… պապօ, ու խոշոր խոշոր արցունքի կաթիլներ Սագոյի երեսն ի վար կախուեցան։

Լակո՛տ, ձգէ կ՚ըսեմ…

Պապօ ջան…

Մուղսիի ձեռքի մտրակը բարձրացաւ ու թափով իջաւ Սագոյի թեւին, որ ցաւէն ձգելով՝ ձեռքը ետ քաշեց։ Մուղսին ջին մտրակեց ու աշխոյժ ձին քառասմբակ սուրաց Բերկրիի ուղղութեամբ, փոշիի գիծ մը ձգելով ետեւէն։

Սագօն սրտաճմլիկ աղաղակ մը արձակելով՝ ինկաւ արտը եզերող թումբին վրայ։ Գլուխը ձեռքերուն մէջ առած՝ հոնգուր սկսաւ արտասուել, երեխայի մը նման։ Ի՛ր, ի՛ր հայրը… կուրծքէն բարձրացող հեկեկանքը խեղդուեցաւ կոկորդին մէջ։

Ձեռք մը ծանրացաւ Սագոյի ուսին.

Սագօ՛, ես լսեցի։

Մկօն, Մուղսիի տան երիտասարդ մշակն էր. Փիր Կարիպցի աղքատ տղայ մը։ Մկօն ալ յեղափոխական էր, ու Գործոթի զինուորական խմբի անդամներէն։

Սագօն գլուխը վերցուց ու պղտոր աչքերով նայեցաւ Մկոյին։

Ախ Մկօ…

Հա՛, լսեցի հօրդ խօսքերը…

Սագօն զգացած ամօթէն երեսը ծածկեց ձեռքերով. ինչո՞ւ աշխարհը չէր կործաներ, ալ ինչպէ՞ս գլուխը վեր վերցնէր, ալ ինչպէ՞ս մարդու երես նայէր…

Սագօ, ե՛լ, գրեթէ խիստ ձայնով խօսեցաւ Մկօն, տնաքա՛նդ, ի՞նչ նստելու ժամանակ է, երբ անդին տղաքը միամիտ…

Սագօն չթողուց, որ Մոկօն խօսքը վերջացնէ, ցատկեց ոտքի, կարծես նոր զգալով թէ ի՛նչ սարսափելի վտանգ մը կը սպառնար ֆէտայիներուն։ Ու Մկոյի ձեռքէն քաշելով՝ ըսաւ.

Երթանք, Մկօ։

Երթանք, Սագօ ջան, վազելով երթանք…

Յարօն տանը պատին տակ կկզած մնացեր էր, հայեացքը սեւեռած Մուղսիի վրայ, որ շատ հեռու, կէտի մը մեծութեամբ կ՚երեւէր աչքին։ Երբ Մուղսին մեծ արտի մօտ ձին կանգնեցուց, Սագոյի հետ խօսքի բռնուած, Յարօն բոլորովին միամտուեցաւ։ Եթէ Յարոյի սրտին մէջ կասկած ծագեր էր, պատճառը, Մուղսիի տեսքի արտայայտութիւնն էր, անօթի գայլի տեսքի նման պաղ ու գիշատիչ։ Ի՜նչ լաւ որ իր կասկածը փարատեցաւ. Մուղսին Սագոյի հետ կը խօսէր, հիմա հայր ու տղայ ետ պիտի վերադառնային։

Մէկ ալ կարծես Յարոյի սիրտը պիտի ճաքէր, տեղէն դուրս թռէր։ Արդեօ՞ք ճիշդ տեսաւ։ Յարօն աչքերը ճմռթկեց։ Չէ՛, չէր սխալած, Մուղսին ձին դէպի Բերկրի կը քշէր։ Յարօն մղկտալով ծնկուըները ծեծեց։ «Շո՛ւն, շո՛ւն, շո՛ւն», կը սուլէր որբ մնացած երեք չորս ատամներու արանքէն «քեզի շո՛ւն, Վասա՛կ, ազգուրա՛ց… Բերկրի կ՚երթաս հա՞… Բերկրի՛ կ՚երթաս…»։

Յարօն թռաւ տեղէն, նոյն իսկ տուն չմտաւ տրեխները հագնելու համար, բոպիկ ոտքերով սկսաւ վազել ձորն ի վեր շիտակ դէպի քանդուած գոմը։ Անսովոր կերպով ձեռքերը շարժելով, ան երբեմն կանգ կ՚առնէր շունչ առնելու համար եւ բռունցքը բարձրացուցած՝ օդը կը ծեծէր կրկնելով. «շո՛ւն, շո՛ւն, շո՛ւն…»։ Վազած ժամանակ, յանկարծ ոտքը սուր քարի մը զարկաւ, մեծ մատի եղունգը ջախջախուեցաւ ու արիւնը առատօրէն հոսիլ սկսաւ։ Յարօն կտոր մը փրցուց զգեստէն, գէշ աղէկ վէրքը փաթթեց ու կաղալով շարունակեց ձորն ի վեր վազել։

Ինչպէս ըսինք, Գէորգը ախոռի մէջ պահակներ նշանակելով գոհացեր էր։ Ձորի կողերուն վրայ կամ քիչ մը աւելի վերեւ մարդիկ չէր դրած աւելի անոր համար, որ այդ տեղը՝ գիւղին եւ բանուկ ճանապարհի մօտիկ լինելով՝ պահակները կրնային նշմարուիլ։

Կորթկանի սարէն մինչեւ այդ գոմը հասնելնին, խմբի տղաքը քալած էին այնպէս, ինչպէս միայն ֆէտայիները կրնան քալել, առանց տրտնջալու, առանց յոգնելու։ Բայց մէկ մը գոմը մտած՝ տղաք իրարու վրայ թափեցան, յոգնած, ջարդուած, մանաւանդ սոված։ Գոմը այնքա՜ն ընդարձակ էր, որ տասնեակները առանձին խմբակներ կազմած՝ տեղաւորուեցան զանազան անկիւններ։

Նիկոլը իր տասնեակով տեղաւորուեցաւ ուղիղ ախոռի դիմաց, որ ատենօք սաքուի տեղ ծառայած էր հովիւներուն։ Տղաք զէնքերնին կարգով շարեցին պատի երկայնքին։ Ոմանք կօշիկնին հանած՝ բայց փամփուշտակալները վրանին, երկնցան գետնի վրայ։ Չանթանին որպէս բարձր գլուխներուն տակ դրին ու փորձեցին քնել։

Ծօ՛, Համբօ, կօշիկներս քաշէ՛։

Առիւծ Գեւօն էր խօսողը, ոտքը երկնցուցած Համբարի կողմը։ Ընթերցողը, որ Առիւծ Գեւոյին հանդիպած է Ալեքսանդրոպոլի մէջ, հազիւ թէ ներկայ վիճակին մէջ կարենար ճանչնալ մեր հերոսը։ Այն ժամանակ, այնքան կոկիկ հագնուած, սահաթ քէօստէկը կուրծքէն կախ, կը սիրէր բարեկամներով շրջապատուած նստիլ Ալաբքեար Յարութի գինետունը, իր հերոսական կեանքէն դրուագներ պատմել ու վայելել բերանբաց ունկնդիրներու հրամցուցած բաժակները, որոնք այնքան արագութեամբ իրարու կը յաջորդէին։ Հիմա սակայն, ամառուան աղուէսի նման քոսոտած՝ Առիւծ Գեւօն խղճալի կերպարանք մը ստացեր էր։ Պատկառելի փորը, ծակած տիկի նման իջեր, այտերու կարմիրը գունաթափուեր եւ դէմքը երկարած էր։ Շատ մեծ, բրդոտ փափախ մը մինչեւ ականջները իջած՝ զարզանդ տպաւորութիւն մը կը ձգէր, իսկ շքեղ պեխերը, որոնց վրայ առաջ այնքա՜ն խնամք կը թափէր հոտաւէտ օծանելիքով իւղելով օրը քանի մը անգամ, աւա՜ղ, հիմա արդէն ձիու պոչի նման վար կը կախուէին թաթարի մը կերպարանքը տալով դէմքին։

Ծօ՛, Համբօ՛, չանթայիդ մէջ ուտելիք բան մը ունի՞ս, գրեթէ աղաչաւոր ձայնով հարցուց Առիւծը, որու առիւծութենէն շատ բան չէր մնացեր։

Ցը՛կ, ու գլուխը բացառաբար շարժեց մեր Համբարը։

Առիւծ Գեւօն, փափախը գլխուն տակ դրաւ ու հառաչելով երկնցաւ գետնի վրայ։

Խորոված գառան կողիկ մը, քիշմիշով ու բրինձով մէջը լեցուած, երկու շիշ Արտաշատի կարմիր գինի, թոնիրէն նոր ելած թազայ լաւաշ, կանաչով պանիր, ձագու մեղրը, խնոցիէն ելած թազա կարագ, Երեւանի դուդմա… Օֆ եարապ… տօ՛, Նիկո՛լ, էդ հացը ե՞րբ պիտի գայ… Անաստուա՛ծ, տօ անօրէն, մեռայ է՜, մեռա՜յ…

Աւելորդ է ըսել որ խօսողը մեր բարեկամ Քանաքեռցի Յակոբն էր։ Պառկած գետնի վրայ, ոտքերը պատն ի վեր տնկած, ինքն իրեն կը խօսէր, աւելի շատ ոտամոքսը կը գրգռէր՝ ճոխ սեղան մը երեւակայելով, մինչդեռ չոր հացի պատառ մը լիուլի պիտի գոհացնէր զինք։

Անշուշտ ոչ ոք ուշադրութիւն կը դարձնէր Յակոբի զառանցանքներուն։ Ամէն մէկը իր տարտն ունէր, ոմանց ոտքերը տորորուած էին, ոմանց մէջքը ցաւցած, ու բոլորն ալ անչափ սոված։

Հը, Նիկոլ, չլսեցի՞ր ինչ… էդ հացը…

Համբերէ, Յակոբ, սիրելիս…

Սիրելի՜ս, հեգնեց Յակոբը, չէ մի զուռնա, դու հացէն լուր մը տուր…

Մէկ երկու ժամէն, այնքան հաց ունենանք, որ ուտես ու չկշտանաս։

Տօ՛, Թոփալ Սատանայ, դու բան մը կ՚ունենաս չանթայիդ մէջ, աղաչաւոր ձայնով դարձաւ Յակոբը քովը երկնցող ընկերոջը։

Բոլորը հռհռալ սկսան։

Երկրորդ օրն էր որ խումբի տղաքը ծոմերնին չէին աւրած։ Գոմի մէջ հաւաքուած տղոց խօսակցութեան նիւթը գրեթէ հացի շուրջ կը դառնար։ Կը քրթմնջէին, կը բողոքէին, կը պահանջէին։ Եւ, սակայն, հետզհետէ ձայները մարեցան, եւ ամէն մէկը ինկած տեղը քնացաւ, մինչ պահակները աչալուրջ կը հսկէին։

Գէորգն ու Ուրանցցի Յակոբը քանդուած դրան կողքին իրարու քով նստած, մեղմաձայն կը խօսէին։

Յակոբ, մինչեւ Ղզլճայի սարը շա՞տ ճամբայ է…

Ուրիշ տեղ չունինք սթրուելու, այս տեղէն մինչեւ Արճակու լիճ քրտանոց է…

Ըսի՛ր, ճամբայով չենք կրնար անցնիլ… մինչեւ այդ սարը տասնէն տասներկու ժամ է… հը՞, Յակոբ, ի՞նչ կ՚ըսես…

Ի՞նչ պիտի ըսեմ… բան է, եթէ հոն չհասանք, Խառակոնիս կը մնանք։

Դաշտի մէջ գիւղ մը… թակարդի պէս բան մը մեզի համար, եթէ կռիւ մը պատահելու լինի…

Յակոբը ուսերը թօթուեց, եթէ մինչեւ Ղզլճայի սարը չհասնէին Խառակոնիսէն աւելի յարմար տեղ մը չկար՝ ցերեկը անցընելու համար։

Գոմի քանդուած պատի դուրսի կողմը, քարերու ետեւ դիրք բռնած պահակը յանկարծ ձայն տուաւ.

Մէկը վազելով կուգայ, կրկնեց գոմի մէջէն ուրիշ պահակ մը։

Գէորգն ու Յակոբը ոտքի ցատկելով մօտեցան պատի վրայ բացուած ծակի մը։ Իրօք, մէկը կաղալով ձորամիջէն կը վազէր դէպի գոմը։ Զգեստէն յայտնի էր, որ հայ մ՚էր, թերեւս Գործոթցի մը։ Երբ վազելով եկող մարդը բաւական մը մօտեցաւ, Յակոբը հանդարտօրէն դառնալով դէպի Գէորգը՝ ըսաւ.

Կը ճանչնամ, Յարօն է, Գործոթի գզիրը, ձայն մի տար տղոց, թող քնեն։

Յարօն շնչասպառ ախոռէն ներս ինկաւ ու յանկարծ գոմի մէջ այդքան բազմութիւն մը տեսնելով՝ աչքերը չռած շուարած մնաց։ Ընդհանրապէս յեղափոխական խմբերը փոքրաթիւ կը լինէին, տասը կամ տասներկու զինուորներէն բաղկացած։ Յարօն մէկ երկու անգամներ այդպիսի խմբերու հանդիպած էր, բայց հիմա տեսածը բանակի մը տպաւորութիւնը ըրաւ վրան. այնքա՜ն ալ բազմաթիւ զինուած մարդիկ…

Հը՛, Յարօ՛, Յակոբը մօտեցաւ գզիրին, տնաքա՛նդ, զիս չճանչցա՞ր…

Վայ քու մէրդ չմեռնի, Յակոբ, լուսը քեզ տեսնողին… ամման, ոտքդ պագնեմ, Յակոբ, շուտով շարժեցէք… սա՜րը, սա՜րը…

Ի՞նչ կայ բարեկամս, ի՞նչ է պատահեր, ծանր դժբախտութիւն մը կռահելով հարցուց Գէորգը։

Ա՜խ, պարոն, սեւ իջնայ Գործոթի վրայ… ձեր խապարը հասաւ Բերկրի… շունը, շունը… մեռոն չկայ երեսին… ազգուրաց… Վասակ… քրտերը հազարներով…

Այդքանը բաւական էր։ Գէորգ ու Յակոբը իրարու նայեցան։ Մատնուած էին։

Յարօ՛, մեզ ո՞վ մատնեց, հարցուց Յակոբը, որ Յարոյի կցկտուր խօսքերէն ամէն ինչ հասկցեր էր։

Է՛ն, է՛ն շունը… Մուղսին։

Ե՞րբ, Յարօ։

Ժամ մ՚եղաւ, հիմա Բերկրիի մէջ գիտեն…

Գեղին մէջ զօրք, քիւրտ կա՞յ։

Չէ, բայց… ճանբաներու վրայ լեցուն ձիաւոր եւ հետեւակ քրտեր… Բերկրի կ՚երթան…

Գէորգն ու Յակոբը խորհրդաւոր կերպով իրարու նայեցան։ Անշուշտ այդ հաւաքումը կապ ունէր առջի իրիկուն Կորթկանի սարը բարձրացող քրտերու հետ, որոնք իրենց հոտը առած՝ փնտռտուքի ելած էին։

Շատ ապրիս, Յարօ՛… շուտով վերադարձիր գիւղ, քեզ տեսնող չլինի… մեղք ես… Աւօն գե՞ղն է…

Առտու արտ գնացեր էր, հիմա չեմ գիտեր…գեղը իրար անցած է, շատեր վերադարձան արտերէն…

Լաւ, եթէ Աւօն տեսնաս, կ՚ըսես ճար մը գտնայ մեզի հաց հասցնելու…

Հասկցայ, Յակոբ… լաւ։ Աստուած քեզ յաջողութիւն տայ… Աստուած պահէ բոլորիդ, ձեր ոտաց ճամբաներուն ղուրպան լինիմ…

Երթաս բարով, ախպեր, ու Գէորգը զգացուած սեղմեց Յարոյի կոշտացած ձեռքը, խումբը քեզի պարտական է…

Յարօն դուրս եկաւ եւ հանդարտ քալուածքով ուղղուեցաւ դէպի Գործոթ։

Գոմի մէջ լսուեցաւ Գէորգի սուլիչի ձայնը։ Վայրկեան մը չանցած՝ բոլորը արթնցան։

Տղաք, պատրաստուեցէ՛ք… շո՛ւտ, կարճ ու կտրուկ հրականգեց Գէորգը։

Դեռ կէսօր իսկ չեղած՝ այդ կարգադրութեան իմաստը պարզ էր տղոց համար։ Հապճեպով կօշիկնին կամ տրեխնին ամրացուցին, չանթաները կապեցին եւ հրացանները պատրաստ բռնած՝ սպասեցին հրամանի, բոլորովին մոռնալով անօթութիւնն ու յոգնութիւնը։

Պարոն խմբապետ, Կորթկանցի վալատները մօտեցան Գէորգին, մեզի հրաման, ասկէ անդին մենք ճամբաներուն անծանօթ ենք…

Գէորգը շփոթած նայեցաւ Յակոբին։ Առանց վալատի խումբը ինչպէ՞ս կրնար տեղէն շարժիլ, ան ալ գիշերով։ Բայց եւ այնպէս վալատներու առարկութիւնը իրաւացի էր, անոնք եթէ մնային, այլեւս միայն բեռ պիտի լինէին խմբի համար. իսկ Գործոթէն գալիք վալատները, ինչպէս կարգադրուած էր, երեկոյեան կողմ հացի պաշարի հետ պիտի գային, եթէ միայն խմբի մատնուելէն վերջ կարողանային գալ։ Վալատները ճամբուեցան։

Կարճ խորհրդակցութենէ մը վերջ նախ Յակոբը երկու զինուորներով դուրս եկաւ գոմէն, իսկ խմբի մնացած մասը, տասնեակներու բաժնուած, հետեւեցաւ անոր։ Խումբը ձորամիջով սկսաւ բարձրանալ Գործոթի սարը, որ Փիր Ռաշիտի երկարած թեւերէն մէկն էր, ոչ այնքան բարձր գագաթ մը։

Սագօն եւ Մկօն մէկ շնչով կը վազէին դէպի գիւղ։ Եթէ միայն ժամանակին կարենային հասնիլ, լուր ղրկել խմբին, թերեւս փորձանքը անցնէր, խումբը կարողանար վեր բարձրանալ սարը, ապահով դիրքի մը հասնիլ։ Անընդհատ վազելով հանդերձ, Սագօն ստէպ գլուխը ետ կը դարձնէր Բերկրիի կողմը նայելու։

Ճանիկի եւ Գործոթի ճանապարհներով գնացող ձիաւոր եւ հետեւակ քրտերը կը շարունակէին դէպի Բերկրի երթալ. իսկ այդ կը նշանակէր, որ դեռ լուրը չէր հասած… Թերեւս, ո՜վ գիտէ, վերջին հրաշք մը կատարուէր, Մուղսին ետ կենար իր մտադրութենէն։ Ախ, ինչպէս սրտանց, սրտանց կ՚աղօթէր Սագօն, որ իր այդ ենթադրութիւնը ճշմարիտ դուրս գար, որ հայրը վերջի վայրկեանին զգար կատարելիք յանցանքի ահաւորութիւնը։

Մկօ՛, վայրկեան մը հանգստանանք, շնչասպառ եղած՝ խնդրեց Սագօն։

Հա, քիչ մը նստինք, համաձայնեցաւ Մկօն։

Ու երկու ընկերները ճամբու եզրը, քարի մը վրայ նստան։

Ճամբու կէսէն աւելի կտրած էին։ Հազիւ քսան րոպէի ճամբայ կը մնար՝ գիւղ հասնելու համար։ Քանի մը րոպէ հազիւ նստած էին, երբ հեռուէն թմբուկի մը ձայնը տարածուեցաւ Բերկրիի դաշտի վրայ։ Երկու ընկերները, կարծես զսպանակէ մը մղուած, միաժամանակ ոտքի ցատկեցին։ Զարագուշակ տմբոցը կը շարունակուէր ընդհատ կանոնաւորութեամբ։ Սագոյի վերջին յոյսն ալ կորաւ այդ տմբոցի ձայնին հետ, հայրը մատնիչ մ՚էր այլեւս, ու ինքը՝ մատնիչի մը տղան։ Մկօն, աւելի պաղարիւն, մեծ ուշադրութեամբ մտիկ կ՚ընէր։ Անձաւի՝ նոյն իսկ Քէօշկի կողմէն հեռաւոր խուլ տմբոց մը արձագանգ կուտար։ ուրեմն ամէն կողմի վրայ հաւար էր։ Հաւա՜ր։ Այդ կը նշանակէր, թէ՝ զինք կրելու կարողութիւն ունեցող բոլոր քրտերը պիտի հաւաքուէին՝ թշնամիի դէմ կռուելու համար։ Քիչ մ՚ալ սպասեցին երկու ընկերները, աչքերնին յառած Բերկրիի ուղղութեամբ։ Մէկ ալ տեսան հարիւրաւոր ձիաւորներու բազմութիւն մը, որ դուրս կը թափէր գիւղաքաղաքի մէջէն գարնան հեղեղի թափով։ Կուգային։

Տէ, Սագօ, քեզ մատաղ…

Վազենք, Մկօ ջան…

Ու գնդակի արագութեամբ սկսան վազել երկու ընկերները, առանց առջեւնին նայելու, միայն թէ շո՛ւտ, շո՛ւտ հասնէին գիւղ։ Կարծես թէ գիւղը ընդառաջ կը վազէր իրենց։ Ահա մարագները, ահա եւ գիւղի ծայրը գտնուող Յարոյի տունը։ Գիւղի փողոցը ամայացած էր։ Ամէն մարդ քաշուած տունը՝ դռները պինդ փակած էր։ Սագօն ու Մկօն տուն հասան՝ առանց ոչ ոքի հանդիպելու։ Ուրեմն, գիւղացիք գիտէին վերահաս փոթորիկի մասին։ Ո՛վ պիտի ճամբէին խումբի մօտ։ Ո՞վ պիտի համաձայնէր կեանքը վտանգի ենթարկելով լուր հասցնելու եւ իմացնելու անոնց վերահաս վտանգը։

Հազիւ թոնրատունէն ներս մտած էին, երբ Սագոյի մայրը, արցունքը աչքերուն, վազեց ու փաթթուեցաւ զաւկին։

Ամման, պալէս… կռիւ կայ, կ՚ըսեն ֆետայիները սարը բռնած են… Սագօ՛, հէրդ տանը չէ, եթէ փորձանք մը պատահի անոր… Եւ յուսահատ կինը ծնկուըները կը ծեծէր։

Հօր յիշատակութիւնը կարծես թէ սթափեցուց Սագօն։ Դէմքը կնճռոտեցաւ։ Այլեւս գիտէր ընելիքը։ Մկոյի հետ անցաւ մառանը, ու պատի մէջ զետեղուած պահարանի յատակի շարժական տախտակը դուրս քաշեց։ Իր եւ Մկոյի զէնքերու գաղտնարանն էր այդ։ Հապճեպով դուրս բերաւ Մոսինի հրացանն ու փամփուշտակալները։

Մկօ՛, ես պիտի երթամ…

Հա, Սագօ, լաւ կ՚ընես…

Փամփուշտակալիս կապերը ետեւս ամրացուր… հա, էդպէս… մօրս մօտ կը մնաս, Մկօ ջան, էվէլ պակաս հալալ ըրէ…

Մկօն, առանց պատասխանելու, մօտեցաւ գաղտնարանին ու իր հրացանն ալ դուրս բերաւ։

Մկօ՛, էդ ինչո՞ւ համար։

Մկօն չպատասխանեց. փամփուշտակալները կ՚անցնէր ուսերուն։

Մկօ, ախպերս, դո՛ւ… դուն ինչո՞ւ համար…

Ազգն ապրած մնայ, քեզի հետ կուգամ…

Մկօ՛։

Երթանք, Սագօ ջան։

Երկու երիտասարդները պահարանը գոցելով անցան թոնրատունը, որու դրան առջեւ կանգնած էր Սագոյի մայրը եւ վախվխելով դուրս կը նայէր, Մուղսիի գալուն սպասելով։ Ոտքի ձայն առնելով ետ դարձաւ։ Յանկարծ տեսնելով զինուած զաւակն ու Մկօն, որոնք փողոց ելլելու կը պատրաստուէին, աղեխարշ աղաղակ մը բարձրացուց։ Վազեց փաթթուեցաւ Սագոյին։

Ամման, պալէս… է՛ս, էս զէնքերը ո՞րտեղէն… դուրս մի գար, դուրս մի գար… դուրսը կռիւ, արիւն… իմ ազիզ մանչս, մէրդ քեզ մատաղ…

Սագօն վզին փաթթուած մօր թեւերը մեղմութեամբ արձակեց եւ ուղղուեցաւ դէպի կիսաբաց դուռը։

Սագօ, Սագօ, ու խելագար ճիչով մը մայրը Սագոյի ճամբան կտրեց, Սագօ, պալէս… իմ ազիզ պալէս… դուրսը քրտեր… արիւն, կոտորած… հէրդ որ իմանայ…

Մարէ, ա՜խ, մարէ…

Բայց Սագոյի շրթները վրայ չգնացին, չկարողացաւ մօրը յայտնել, թէ այդ զուլումի պատճառը հօր մատնութիւնն էր, թէ թափուելիք արիւնը իրենց տան վրայ պիտի ծանրանար, թէ իրենց տան նամուսը աղբանոց ինկած էր եւ թէ ինքը հազար անգամ կը նախընտրէր մեռնիլ, քան թէ անգամ մ՚ալ դէմ դիմաց գալ հօրը հետ։ Զսպուած հեկեկանքով մը, որ կարծես կրծքի վանդակը պիտի խորտակէր, գրկեց համբուրեց մայրը ու ընկերոջը հետ դուրս թռաւ դռնէն։

Սագօ՛, Սագօ՛, Սագօ՛…

Սագօն չլսեց մօր յուսահատ աղաղակը։ Մկոյի հետ քանի մը ոստիւնով անցան գիւղամէջէն, ձորը իջան եւ, որքան որ հնարաւոր էր, սկսան արագօրէն վեր բարձրանալ դէպի քանդուած գոմը։ Երկուքն ալ առոյգ երիտասարդներ, թէեւ ծանրաբեռնուած փամփուշտակալներով եւ հրացանով, գրեթէ վազելով կ՚երթային՝ ժամանակին հասնելու համար խմբի մօտ։ Առանց կանգ առնելու, կէս ճամբան անցան։ Ձորը հոդ նեղնալով դէպի աջ կը ծռէր։ Ատկէ շատ անդին չէր գոմը, հազիւ քսան վայրկեանի մը ճամբայ։

Մէկը կուգայ, Սագոյի թեւէն բռնած կանգնեցուց Մկօն։

Յարօն է, ուրախացած բացագանչեց Սագօն։

Իրօք, Յարօն էր։ Խմբէն զատուելէ վերջ, Յարօն կաղալով գիւղ կ՚իջնար, հակառակ ոտքի վէրքի սաստիկ ցաւին, բոլորովին ուրախ ու երջանիկ։ Ամբողջ կեանքին մէջ Յարօն նման զգացում մը չէր ունեցած։ Զարմանալի կերպով աշխարհը պայծառ կ՚երեւար, եւ նոր միայն իր գոյութիւնը մասնաւոր իմաստ մը կը ստանար իրեն համար։ երբ ձորի դարձուածքը անցնելով, Յարօն յանկարծ տեսաւ Սագօն, դէմքը կնճռած կանգ առաւ, յօնքերը բարկութեամբ կիտեց, ու ինքնիրեն փնթփնթալով քարի մը վրայ տեղաւորուեցաւ։ Սագօն ու Մկօն հասան քովը։

Բարեւ, Յարօ, ծանր հեւալով խօսեցաւ Սագօն, ո՞ր տեղէն կուգաս…

Յարօն, որքան ալ որ դժգոհ էր էն «շանը» զաւկին հանդիպելուն համար, բայց իր մէջ արիւն ու միս դարձած գզիրը կ՚ապրէր։

Հը՛, բարեւ, բարեւ, Սագօ, ու կարծես թէ նոր միայն նկատելով երկուքի զինուած լինելը, վախեցած շարունակեց, ապա՜ր… էդ ի՞նչ բան է… որ քիւրտ մը հանդիպի խենթեցե՞ր էք…

Յարօն մտահոգուած նայեցաւ այդ ճահիլներուն, բայց եւ այնպէս չուզեց յայտնել, թէ ո՞ր տեղէ կուգար։

Չ՚ըսիր, թէ ո՞ր տեղէն կուգաս, կասկածելով հարցուց Մկօն։

Հէչ, էնպէ՛ս, վեր գնացեր էի…

Երկու ընկերները խորհրդաւոր կերպով իրարու նայեցան։

Հարօ՛, քանդուած գոմը հանդիպեցա՞ր, հարցուց Սագօն։

Ի՞նչ, գո՞մը… քանդուա՞ծ գոմը, յայտնապէս շփոթած կմկաց Յարօն ինչ պատասխանելը չիմանալով, ժամ, պատարագ… տղոցս խէրը չտեսնամ… Յիսուս Քրիստոս, էս վեց ամիս է հոն չեմ եղած… հոն ի՞նչ գործ ունիմ… Ես քեասիպ խեղճ մարդ մը, ի՞նչ գործ ունիմ անոնց հետ…

Որո՞նց հետ, ժպտալով Յարոյի խօսքը կտրեց Սագօն։

Յարօն վախէն պապանձեցաւ, աղաչաւոր աչքերը յառած Սագոյին։

Յարօ՛, մի՛ վախնար, մենք անոնց միանալու կ՚երթանք, հանգստացնող ձայնով մը խօսեցաւ Մկօն։

Էս Սագօ՞ն ալ, կասկածելով հարցուց Յարօն՝ ականջներուն լսածին չուզելով հաւատալ. Սագօ՞ն ալ…

Սագօն շառագունած գլուխը կախեց կրծքին։ Յարօն, խեղճ, ողորմելի Յարօն, Գործոթի գզիրը, որ գիւղի մէջ մարդու կարգ իսկ չէր հաշուըւեր, առաջին ապտակը կը հասցնէր։

Հա՛, Յարօ, ես ալ, Սագօն ալ կ՚երթանք անոնց միանալու։

Տէ, շուտով գնացէք, Յարօն տեղէն ցատկելով արագ արագ սկսաւ խօսիլ, քանդուած գոմի մէջ են… խապար տարի… Աստուած քէօմէկ հասնի էնոնց… Էնքա՛ն մարդ են… էնքա՛ն մարդ… Օսմանլիի ղոշունի չափ…

Սագօն ու Մկօն այլեւս առանց ժամանակ կորսնցնելու վազեցին դէպի քանդուած գոմը, ուրկէ հեռու չէին արդէն։

Յարօն զարմանքէն բերանը բաց մնաց։ Երկա՜ր նայեցաւ անոնց ետեւէն, տարակուսանքով գլուխը շարժեց մարդու մը նման, որ ոչ տեսածէն եւ ոչ ալ լսածէն բան մը կը հասկնայ։ Մուղսիի տղան կ՚երթար ֆետայիներու մօտ, որոնց հայրը մատնած էր. կ՚երթար անոնց մօտ՝ անոնց հետ միասին կռուելու եւ, ո՜վ գիտէ, թերեւս սպանուելու համար։ Չէ՛, Յարոյի հասկցողութեան սահմանէն դուրս էր այդ։ Ինչո՞ւ ի զուր գլուխը ցաւցնէր այդ մասին մտածելով։ Յարօն պարզապէս ուսերը ցնցեց, մօտեցաւ ձորամէջէն անցնող առուակին, սառը ջրով մղմղացող վէրքը լուաց, միեւնոյն աղտոտ շորի կտորով նորէն փաթթեց զայն եւ նստաւ առուի եզրը, քիչ մը հանգստանալու համար։

Այդ օրը իրօք տարօրինակ օր մը եղաւ Յարոյի համար։ Սակայն, ամէն բանէ աւելի ան ինքնիրեն վրայ կը զարմանար։ Ամբողջ կեանքին երգած լինելը չէր յիշեր Յարօն։ Որքա՜ն մեծ եղաւ ապշութիւնը, երբ իր սեփական անախորժ ձայնը դիպաւ ականջին։ Լաւ որ մարդ չկար զինք լսող։ Ատեն մը լռելէ վերջ, Յարօն անգիտակցաբար սկսաւ նորէն երգել՝ կրկնելով միեւնոյն երգի միեւնոյն տողերը։

Մէկ ալ Յարօն նստած տեղը ամբողջ մարմնովը ցնցուեցաւ, կարծես սխալմամբ ասեղի մը վրայ նստած լինէր։ Հեռուէն, շատ հեռուէն հրացանի պայթիւն մը լսուեցաւ ու քանի մը վայրկեան անց, տա՛նկ, տա՛նկ, տա՛նկ, խառնիխուռն իրարու յաջորդեցին ուրիշներ ալ։ Ուրեմն, կռիւը սկսած էր։ Յարոյի մարմնէն սարսուռ մը անցաւ։ Ա՜խ այդ հրացանի ձայները… Մեծ կոտորածին ալ, երբ քրտերը յանկարծ կոխեցին Գործոթը՝ աջ ու ձախ կրակելով, Յարօն մարագի խոտի դէզերու տակ պահուած՝ ամէն անգամ որ հրացանի մը պայթիւնը կը լսէր, թզաչափ մը տեղէն վեր կը նետուէր, սարսափէն աչքերը դուրս ինկած։

Յարօն ձորամիջով սկսաւ դէպի գիւղ վազել, որքան որ թոյլ կուտար վիրաւոր ոտքը։ Հրացաններու ձայները կը շարունակուէին անվերջ գոռոցի մը նման։ Կարծես վերջին դատաստանի օրը հասած լինէր, ու երկինքը յանկարծ փուլ եկած։ Ապրած սարսափէն Յարոյի մարմինը կը փշաքաղուէր ու ջերմէ բռնուողի նման կը դողար։ Ի՜նչ լաւ որ ձորամէջը ապահով էր ու անվտանգ։

Ասով մէկտեղ Յարօն որքա՜ն կը ցանկար քիչ մը վեր բարձրանալ, տեսնել կռիւը, թէկուզ փոքր, շատ փոքր ճեղքուածքի մը արանքէն։ Իսկ եթէ պատահական գնդակ մը հանդիպէր իրեն, մտածեց Յարօն, ու կ՚երեւի բոլորովին չախորժելով այդ հեռանկարէն ձորամիջով շարունակեց ճամբան, միայն թէ, ալ աւելի բարձր ձայնով սկսաւ երգել՝ շարունակ կրկնելով՝


Ահեղ կռուի մէջ մի փոքրիկ հերոս՝
Անմոռանալին կտրիճ Մարտիրոս…

Ձորը քանի կը մօտենար Գործոթին, այնքան կը լայնանար եւ երկու բարձր եզերքները հետզհետէ կը ցածնային, վերջ ի վերջոյ հաւասարելով դաշտին։ Յարօն ինքն ալ հաստատ չէր գիտեր, թէ ինչպէ՛ս, անգիտակցաբար բարձրացած էր ձորի եզերքն ի վեր, ու խոշոր քարի մը ետին ապաստանած։ Ըսենք, Յարօն այդ մասին մտածելու ժամանակ իսկ չունեցաւ։ Այն ինչ որ հոն պարզուեցաւ իր աչքին առջեւ, սարսափելի եւ միաժամանակ գրաւիչ էր։

Դաշտի մէջ ցրուած, ինչպէս նաեւ սարի փէշերուն վրայ՝ խումբ խումբ ձիաւոր ու հետեւակ քրտեր ետ ու առաջ կը շարժէին յարմարաւոր դիրքեր բռնելու համար, ուրիշներ անընդհատ կրակելով կ՚աշխատէին մօտենալ բլրակի մը, որ լերան փէշին վրայ կոնաձեւ կը բարձրանար։ Անձաւ գիւղի կողմէն դէպի սարը կը բարձրանային բազմաթիւ ձիաւորներ, որոնք, ինչպէս կ՚երեւէր, կ՚աշխատէին ֆետայիներու դիրքերէն աւելի բարձր դիրքեր գրաւել Փիր Ռաշիտ սարի բարձունքներուն։ Նոյն մտադրութեամբ Աղպուլախի լեռնանցքէն իջնող քրտերը, առանց Գործոթ մտնալու, ճամբայէն կը շեղէին եւ դէպի սարը կը բարձրանային՝ ամէն կողմէ խումբը շրջապատելու համար։ Ինչ որ մեծապէս կը զարմացնէր Յարօն, ֆետայիներու չգոյութիւնն էր. կարծես անոնք այդ ընդհանուր իրարանցումին մէջ դեր մը չունենային։

Քրտերու կազմած շատ լայն օղակի ձեւէն, Յարօն հասկցաւ, որ տղաքը բռնած լինելու էին Կաքաւի Քարեր անունով բարձրութիւնը, որ Գործոթի սարի աննշան գագաթներէն մէկն էր, սաստիկ քարքարուտ բլուր մը։ Որքան ալ որ Յարօն ուշադրութեամբ կը դիտէր, սակայն այդ բլուրի վրայ ոչ շարժում եւ ոչ ալ մարդու նմանող բան մը աչքին կը զարնէր։ Եւ սակայն այդ բլուրի շուրջը քրտական ձիաւորներու եւ հետեւակներու կազմած օղակը կամաց կամաց կը նեղնար։ Հրացաններու գոռոցը տեւական կը դառնար։

Յարոյի սիրտը կոտրած էր։ Ան այլեւս տրամադրութիւն չունէր երգելու։ Տղաքը, գոմի մէջ տեսած ասլան տղաքը ի՞նչ եղան, եարապ, մի՞թէ բոլորն ալ սպաննուած էին։ Մէկ ալ Յարօն վնկալով ծնկները սկսաւ ծեծել։

Ապա՛ր, իմ տուն, աւիրաւ…

Յարոյի սարսափը հիմք ունէր։ Չորս կողմէն ձիաւոր եւ հետեւակ քրտերը գոռում գոչումով, սալավաթ պոռալով դէպի բլուրը սկսան արշաւել՝ անընդհատ կրակելով։ Իսկ բլուրը առաջուան նման լուռ կը մնար, առանց կենդանութեան նշան մը ցոյց տալու։ «Տէր Աստուած» մտածեց Յարօն շունչը բռնած, «եթէ տղաքներէն ողջ մնացողներ ալ կան, անոնք ալ հիմա պիտի կոտորուին լմննան»։

Մէկ ալ Յարօն, ուրախութենէն ինքնիրմէն դուրս ելաւ եւ վիզը առաջ երկարած, շիփ շիտակ նստաւ քարի վրայ։ Քիւրտ ձիաւորներու խմբերը, որոնք յանդգնութեամբ խոյացեր էին դէպի բլուրը, ձիերու գլուխները դարձուցած կը փախչէին անհնարին արագութեամբ, ցորենի հատիկներու նման ցրուած վիճակի մէջ։ Տարածութիւնը լեցուեցաւ հրացաններու անօրինակ չոր ձայնով մը, որ սուլոցի նման երկարող եւ անախորժ էր, բոլորովին տարբեր մինչ այդ լսուածներէն։ Անշուշտ ֆետայիներու հրացաններն էին այդ ձայները հանողները։ Յարօն հրճուանքով մտիկ կ՚ընէր այդ ձայներուն։

Հէ՜յ, ջան տղաք, ասլան տղաք, ձեր խոգուն մատաղ, ոգեւորուած բացագանչեց Յարօն, զարկէ՛ք, զարկէ՛ք էդ շները, թող խատ մ՚ալ չմնայ։

Առանց ինքնիրեն հաշիւ տալու Յարօն բարձրացաւ քարին վրայ, ու ձայնը գլուխը ձգած՝ սկսաւ երգել, թեւերը աջ ու ձախ փարտելով։

 

Ահեղ կռուի մէջ մի փոքրիկ հերոս
Անմոռանալին…

Յարօն չկրցաւ վերջացնել երգի վերջին տողը։ Յանկարծ ականջի մօտէն վզզոց մը թռաւ։ Էր ի՞նչ բան էր։ Յարօն մտածեց կուճ գալ քարի ետեւը։

Քրտերը իրար կոխոտելով կը շարունակէին փախչիլ։ Փոխանակ քարի ետին ծածկուելու Յարօն իր ոսկրացած իրանը վեր տնկեց, ու թեւերը շարժելով առաջի տողէն սկսաւ երգել իր սիրած երգը.

 

Ահեղ կռուի մէջ մի փոքրիկ…

Յանկարծ ամբողջ մարմնով ցնցուեցաւ Յարօն, ձեռքերով կուրծքը սեղմեց, երերաց ու երեսն ի վար ինկաւ քարէն։ Գնդակ մը ծակեր էր Յարոյի կուրծքը։