ՀԱՅ
ԳԻՒՂԻ
ՄԸ
ԱՒԵՐՈՒՄԸ
Սագօն
ընկերներէն
բաժնուած,
արագ
քայլուածքով
մը
դիմեց
դէպի
Ղզլճա
որ
ձորէն
մօտաւորապէս
ժամուան
մը
հեռաւորութիւն
ունէր։
Զուտ
հայաբնակ
գիւղ
մ՚էր
Ղզլճան,
մօտ
եօթանասուն
տնէ
բաղկացած։
Լճէն
բաւական
մը
հեռու
կը
գտնուէր
գիւղը,
կռնակը
տուած
երկարող
լեռնաշղթային,
որ,
ինչպէս
ըսինք,
գահավիժաբար
վար
կախուած
էր։
Գիւղէն
հազիւ
անցանելի
կածան
մը
կը
բարձրանար
սարի
գագաթը,
բայց
այնքա՜ն
սեպ
զառիվերով
մը
եւ
վտանգաւոր,
որ
Ղզլճայի
գիւղացիները
կը
նախընտրէին
ահագին
շրջան
մը
ընելով
բարձրանալ
լերան
գագաթը,
ուր
կը
գտնուէին
իրենց
արօտատեղին
եւ
խոտնոցը։
Սագօն
ընկերներէն
բաժնուած՝
արագ
քալուածքով
կէս
ժամ
վերջ,
գիւղին
մօտեցած
էր։
Հեռուէն
գիւղի
շներու
հաջոցը
կը
լսուէր։
Գլխաւոր
ճամբայէն
շեղելով՝
ան
ձորով
սկսաւ
բարձրանալ
գիւղը։
Յանկարծ,
ճանապարհով
արագ
մօտեցող
ձիաւորներու
աղմուկ
մը
լսեց
ետեւէն։
Սագօն
ճամբայէն
ելաւ
ու
քարի
մը
տակ
տափեցաւ։
Վեց
հոգի
էին
մօտեցող
ձիաւորները։
Արագօրէն
Սագոյի
եղած
տեղէն
քիչ
առաջ
անցան
ու
մէկ
ալ
սանձերը
քաշելով
իջան
ձիերէն։
Ձիաւորները
խմբուեցան
գլուխ
գլխի,
ինչպէս
կ՚երեւէր,
խորհրդակցելու
համար։
Սագօն
հնարաւորութիւն
չունէր
գիւղ
մտնելու,
մինչեւ
որ
այդ
մարդիկը
ճամբայէն
հեռանային։
Կը
մնար
որ
եղած
տեղը
համբերութեամբ
սպասէր։
Ձիաւորները,
քանի
մը
րոպէ
ցած
ձայնով
իրարու
հետ
խօսելէ
վերջ,
նստան
ճամբու
եզերքը,
մինչ
իրենցմէ
մէկը
հեռացաւ
գիւղի
ուղղութեամբ։
Կէս
ժամ
անցաւ։
Սագօն
սաստիկ
մտահոգուած
էր
իր
ակամայ
ուշացումին
համար։
Գիտէր
խմբի
տղոց
սոված
վիճակը
ու
կը
զգար,
որ
մինչեւ
լուսաբաց
տղոց
հաց
հասցնելը
այլեւս
անկարելի
կը
դառնար։
Դէպի
գիւղ
հեռացող
ձիաւորներու
ընկերը
վերջապէս
վերադարձաւ
երկու
ուրիշ
մարդոց
հետ,
որոնք
հեծնելով
ձիերը
եւ
երկ-երկու
ձի
ալ
ետեւնէն
քաշելով՝
հեռացան
ձիաւորներու
եկած
ճամբայով։
Սագօն
զարմացած՝
ինքնիրեն
բացատրութիւն
մը
չէր
կրնար
տալ
այդ
խորհրդաւոր
անցուդարձի
մասին,
որ
աչքին
առջեւ
տեղի
ունեցաւ։
Ինչո՞ւ
այդ
ձիաւորները
շիտակ
գիւղ
չէին
մտած,
ինչո՞ւ
համար
ձիերը
դէպի
ետ
կը
ճամբուէին։
Ազատ
շունչ
մը
քաշեց
Սագօն,
երբ
տեսաւ
ճամբու
վրայ
նստող
մարդոց
վեր
ելլելը
եւ
դէպի
գիւղ
ուղղուիլը։
Ինքն
ալ
քիչ
մը
սպասելէ
վերջ,
ճամբայ
ելաւ,
ու
քառորդ
մը
չանցած՝
գիւղ
հասաւ,
երբ
արդէն
լուսաստղը
բարձրանալ
սկսաւ։
Սագոյի
հօր
հօրեղբօր
աղջիկը
Ղզըլճայ
հարս
եկած
էր
քսան
մը
տարի
առաջ։
Սագօն
ամէն
քաղաք
երթալուն՝
անոնց
տունը
կը
գիշերէր
ու
տան
ծակ
ու
ծուկին
ծանօթ
էր։
Առանց
աղմուկ
հանելու,
դրան
քովի
ծակէն
թեւը
ներս
երկնցուց
եւ
փայտէ
սողնակը
ետ
քաշելով՝
դուռը
բացաւ
ու
շիտակ
դէպի
թոնրատունը
շտկուեցաւ։
—
Քա՛,
էրիկմա՛րդ,
տունը
մարդ
մտած
է…
—
Ես
եմ,
հօրաքոյր,
—
ձայն
տուաւ
Սագօն
ու
անմիջապէս
բացատրեց,
որ
կ՚ուզէ
գիւղի
Գործադիրը
տեսնել,
շատ
կարեւոր
խնդրի
մը
համար։
Տանտէրը
շապիկ
վարտիքով
դուրս
եկաւ
տնէն
ու
շատ
չանցած՝
վերադարձաւ
երիտասարդ
մը
ընկերակցութեամբ։
Գիւղի
Գործադիր
մարմնի
նախագահն
էր
երիտասարդը,
զոր
գիւղացիք,
ինչպէս
բոլոր
գիւղերու
մէջ
սովորութիւն
էր,
Գործադիր
անունով
կը
կանչէին
պաշտօնը
նոյնացնելով
անձի
հետ։
Գործադիրը
թոնրատան
անկիւնը
տանելով,
Սագօն
երկու
խօսքով
պատմեց,
թէ
խումբը
այժմ
գիւղի
սարն
է,
թէ
երեք
օրէ
ի
վեր
սոված
է,
եւ
թէ
Գործադիրը
անմիջապէս
պաշար
ճամբելու
մասին
պէտք
է
մտածէ։
—
Լաւ
ըսիր,
ախպերս,
մէկ
դուրս
ելլենք,
—
եւ
առանց
այլեւայլի
Սագոյի
թեւէն
բռնած՝
փողոց
դուրս
ելան
թոնրատունէն։
Լուսնալ
սկսած
էր։
Գիւղը
կ՚արթննար։
Ախոռներու
եւ
մարագներու
դռները
ճռնչալով
բաց
ու
խուփ
կը
լինէին։
Գիւղացի
պառաներ
ու
ծերունիներ
ձորամէջէն
անցնող
առուակը
կ՚իջնային
երեսնին
լուալու
եւ
դէպի
աղօթարան
դարձած՝
առաւօտեան
աղօթքը
ընելու։
Երկու
օրէ
ի
վեր,
Ղզլճան,
ինչպէս
եւ
շրջանի
միւս
հայկական
գիւղերը,
անօրինակ
ահ
ու
սարսափ
մը
ապրած
էր։
Հակառակ
բանուկ
ճանապարհի
վրայ
չգտնուելուն,
հարիւրաւոր
անցւոր
քրտեր
կերած,
խմած,
թափած
էին՝
առանց
սեւ
փող
մը
վճարելու։
Ըսե՛նք,
այդ
սովորական
երեւոյթ
մ՚էր
հայ
գիւղացիին
համար
որ
դարերով
ապրած
այդ
կեանքը՝
բոլոր
նեղութիւններու
վրայ
կը
նայէր
որպէս
անխուսափելի
չարիքի
մը։
Եթէ
միայն
այդքանով
գոհանային
քրտերը,
դեռ
ոչինչ։
Անոնք
բոլորովին
ազատ
ներս
կը
մտնային
որ
եւ
է
տնէ,
ամէն
անկիւն
կը
խառնշտկէին
եւ
առանց
այլեւայլի
կը
վերցնէին
ոեւէ
աչքի
զարնող
բան
մը
եւ
դուրս
կուգային։
Բողոքե՞լ։
Բայց
որո՞ւ
բողոքել։
Շատ
անգամ
կառավարական
զապթիէներն
ալ
կ՚ընկերակցէին
քրտերուն՝
թալանէն
իւղոտ
պատառ
մը
իրենց
բաժին
հանելով։
Այդ
քրտական
սանձարձակութիւնները
ընդհանրապէս
տեղի
կ՚ունենային
ամէն
անգամ,
երբ
մօտակայ
վայրի
մը
մէջ
ֆետայիներու
հետ
կռիւ
մը
տեղի
կ՚ունենար։
Քրտերը,
շատ
անգամ
անկարող
լինելով
կռուող
հայերու
հետ
գլուխ
ելլելու,
կ՚իյնային
այդ
շրջանի
անպաշտպան
հայ
գիւղերու
վրայ
ու
կ՚ընէին՝
ինչ
որ
քէֆերը
կ՚ուզէին
ընել։
Առջի
օրը,
Ղզլճան
աւելի
քան
քսան
անգամ
խուզարկուեցաւ
անցւոր
քրտերուն
կողմէ։
Տուները,
մարագները,
եկեղեցին
տակն
ու
վրայ
ըրին։
Ի
հարկէ,
վնասակար
բան
մ՚ալ
չգտան։
Բայց
եւ
այնպէս
ամէն
հեռացող
խմբի
բերանը
պէտք
էր
քաղցրացնել,
բուռը
բան
մը
կոխել։
Այդ
ամբողջ
օրը
գիւղի
աչքի
զարնող
երիտասարդները,
գեղեցիկ
հարսերն
ու
աղջիկները
սարի
անմատչելի
ծերպերու
մէջ
անցուցին
եւ
միայն
մթնելուն՝
համարձակեցան
գիւղ
իջնալ։
Լուսը
բացուելուն
հետ
գիւղացիք
դուրս
կուգային
տներէն,
անհանգիստ,
կասկածը
սրտերնուն
մէջ.
արդեօք
այդ
օրը
ի՞նչ
պիտի
բերէր
իրեն
հետ։
Գործադիրն
ու
Սագօն,
եկեղեցիի
քովէն
անցնելով,
գիւղէն
դուրս
եկան
եւ
ձորով
սկսան
բարձրանալ
դէպի
գիւղի
մարագները։
—
Էս
ո՞ւր
կ՚երթանք,
—
զարմացած
հարցուց
Սագօն,
երբ
գիւղէն
դուրս
եկան։
—
Սո՛ւս,
գիւղացիք
խապար
չունին…
լուսադէմին
պարոն
Լեւոնը
քանի
մը
ընկերներով
գիւղ
մտաւ…
—
Ի՞նչ,
ինչպէ՞ս…
—
Գործոթի
կռուի
լուրը
քաղաք
հասեր
է…
կառավարութիւնը
խիստ
հսկողութեան
տակ
առած
է
բոլոր
ճամբաները…
—
Հապա
պարոն
Լեւոնը
ինչպէ՞ս
եկաւ։
—
Քիւրտ
Ճաֆէրն
ու
Սատըգը
հետը
կը
վերցնէ,
ինքն
ու
իր
երեք
զինուորներն
ալ
անոնց
նման
քրտական
շորերով
կը
ծպտուին,
ու
քաղաքէն
ազատ
համարձակ
դուրս
կուգան։
Ճամբան
քանի
մը
տեղ
զօրքերու
ու
քրտերու
կը
հանդիպին,
բայց
մերոնք
իրենք
իրենց
կը
ներկայացնեն
Հայոց
Ձորի
կողմերէն
եկող
քրտեր,
որոնք
հաւարի
լուրը
առած
կռուելու
կուգան
ֆետայիներու
դէմ։
Այդպիսով
անարգել
կը
շարունակեն
ճամբանին։
—
Հիմա
ինծի…
—
Հա՛,
պարոն
Լեւոնի
մօտ
կը
տանիմ,
անձամբ
պատմէ…
Սագօն
զգածուած
եւ
ուրախութենէն
թեւ
առած՝
քայլերը
արագացուց։
Պարոն
Լեւոնը
պիտի
տեսնէր։
Վերջին
տարիները,
Վասպուրականի
յեղափոխական
շարժման
կեդրոնական
դէմքը
դարձած
էր
Լեւոնը,
որու
անձնաւորութեան
շուրջ
միամիտ
գիւղացիութիւնը
անհաւատալի
առասպելներ
հիւսած
էր։
Այնպիսի
արտառոց
պատմութիւններ
կը
տարածուէին
բերնէ
բերան,
որ
խելքը
գլխին
մարդ
մը
չէր
կրնար
հաւատալ։
Բայց
ժողովուրդը
սիրով
կ՚ունկնդրէր
անոնց
իր
երեւակայութեան
մէջ
ալ
աւելի
մեծցնելով,
գեղեցկացնելով
լսածը։
Ընդհանրապէս
յեղափոխականներու
գրաւչութիւնը
իրենց
անյայտ
մնացած
անձնաւորութեան
մէջ
էր.
ոչ
ոք
գիտէր
թէ
որտեղէ՞ն
կուգային,
ո՞ր
տեղացի
էին։
Իսկ
Լեւոնի
մասին
ոչ
միայն
ոչինչ
գիտէին,
այլ
եւ
տարիներու
ընթացքին
շատ
քիչեր
տեսած
էին
զինքը։
Տեսնողներէն
ոմանք
զայն
կը
ներկայացնէին
սադայէլի
նման
դաժան,
երկաթէ
շինուած
գերբնական
մէկը,
որ
ոչ
կ՚ուտէր,
ոչ
կը
խմէր,
ոչ
կը
քնանար։
Ուրիշներ
տարբեր
կերպարանք
մը
կուտային
անոր,
աւելի
մարդկային,
ճգնաւորի
նման
սակաւապետ,
լռակեաց,
բայց
կեդրոնացած
անսպասելի
եռանդ
մը,
որ
դադար
չունէր,
գիշեր
ցերեկ
հսկող
արթուն
աչք
մը,
ամէն
բան
տեսնող,
ամէն
գործի
հասնող։
Իր
խորհրդաւոր
անցեալին
նման,
տարիքն
ալ
անորոշ
էր,
մինչ
ոմանք
կը
հաւաստէին,
որ
հազիւ
քսանչորս
քսանհինգ
տարեկան
լինէր,
պակաս
չէին
մարդիկ,
որոնք
նոյնքան
հեղինակաւոր
կերպով,
Լեւոնի
տարիքը
կը
բարձրացնէին
երեսուն
եւ
հինգի։
Արտաքին
կերպարանքն
ալ
կուգար
աւելցնելու
եղած
խորհրդաւորութիւնը։
Կը
պատմէին,
որ
երեխայ
եղած
ժամանակ
թոնիրը
ինկած,
կիսովին
այրուեր
էր։
Այդ
պատմութիւնը
ճիշդ
կամ
սխալ,
բայց
անկասկած
էր,
որ
ժամանակին
շատ
ծանր
արկած
մը
անցուցած
պէտք
էր
որ
լինէր։
Դէմքի
ձախ
կողմը
սարսափելի
կերպով
այրած
էր,
փայլուն
եւ
կծկուած
մորթին
վրայ
մազի
հետք
մ՚իսկ
չէր
մնացած։
Ձախ
թեւն
ու
ոտքը
կծկուած
էին,
սակայն,
հակառակ
կաղալուն,
կ՚ըսէին
որ
ոչ
ոք
կրնար
անկէ
աւելի
արագ
վազել։
Ամենէն
աւելի
անոր
ֆիզիքական
ուժը
խթանած
էր
ժողովրդին
երեւակայութիւնը։
Առասպելական
պատմութիւններ
կը
պատմէին
այդ
մասին։
Անգամ
մը
Լեւոնը
խմբով,
Վանի
մօտ
Բերդակ
գիւղը
կ՚երթայ
ու
ցերեկով
գեղականի
շորերով
ծպտուած
դուրս
կուգայ
գիւղէն,
շրջակայ
դիրքերը
ուսումնասիրելու
համար։
Վերադարձին
կը
հանդիպի
երեք
քիւրտերու,
որոնք
տոպրակներով
աղ
շալկած՝
քաղաքէն
իրենց
գիւղը
կը
վերադառնան
եղեր։
Կիրճի
մէջ
հանդիպելով
Լեւոնին՝
կը
ստիպեն
որ
իրենց
բեռները
շալկած՝
մինչեւ
Հայոց
Ձոր
երթայ
հետները։
Լեւոնը
առանց
դիտողութիւն
մը
ընելու,
կը
համակերպի,
կը
շալկէ
երեքի
բեռները,
ու
այնպէս
արագօրէն
կը
սկսի
քալել,
որ
քրտերը
հազիւ
հազ
ետեւէն
կը
հասնին։
Քրտերէն
մէկը
կը
բարկանայ
ու
ձեռքի
փայտը
կ՚իջեցնէ
Լեւոնի
գլխուն՝
հրամայելով
որ
աւելի
կամաց
քալէ։
Ասկէ
վերջ
պատահածի
մասին
քրտերէն
ոչ
մէկը
յստակ
գաղափար
չ՚ունենար։
Երկու
զինուած
քրտերու
ձեռքէն
Լեւոնը
հրացանները
կը
խլէ
եւ
քարերուն
զարնելով
փշուր
փշուր
կ՚ընէ
ու
այնքան
կը
ծեծէ
զանոնք,
որ
երբ
խելքերնին
գլուխնին
կուգայ,
ինքզինքնին
կը
գտնան
ճամբու
մէջ
երկնցած,
աղի
տոպրակներն
ալ
քովերնին։
Անշուշտ
այս
դէպքը
բերնէ
բերան
կը
տարածուի.
երեք
քիւրտը
չորս
կը
լինի,
չորսը
հինգ,
ու
այդպէս
մինչեւ
հեռաւոր
շրջանները
հասնիլը,
եօթը
քիւրտի
համեստ
թուով
մը
կը
սահմանափակուի։
Այս
եւ
ասոր
նման
բազմաթիւ
դէպքեր
կը
պատմէր
ժողովուրդը
Լեւոնի
մասին,
առանց
անդրադառնալու
պատմութիւններու
առասպելական
գունաւորումին։
Դեռ
կարծես
պատմութեան
առասպելական
հանգամանքն
էր
որ
կ՚ոգեւորէր
ժողովուրդը։
Դարերով
ընկճուած
ու
տրորուած
օտարի
լուծի
տակ,
հայ
գիւղացին
հոգեկան
պահանջ
մը
կը
զգար
ազգային
հերոս
մը
ստեղծելու,
պաշտամունքի
նոր
աստուած
մը,
ինչպէս
տասնեակ
մը
դարեր
առաջ
իր
նախահայրերը
ըրին՝
աստուածացնելով
Վահագնը։
Մասնաւորապէս
գիւղական
երիտասարդութեան
հերոսն
էր
Լեւոնը։
Անոր
խօսքը
պատգամ
էր,
հրաման,
անփոփոխելի
օրէնք։
Ամէն
տեղ
անոր
անունը
կը
լսուէր։
Սագօն,
որպէս
Գործոթի
Գործադիր
Մարմին
անդամ,
թէեւ
սերտ
յարաբերութեան
մէջ
քաղաքի
եւ
Լեւոնի
հետ,
բայց
երբեք
զայն
չէր
տեսած։
Այնպէս
որ
երբ
Ղզլճայի
Գործադիրը
հեռաւոր
մարագի
մը
առջեւ
կանգ
առաւ,
ու
ներս
մտաւ,
Սագօն
սաստիկ
յուզուած
հետեւեցաւ
անոր։
Սովորական
մարագ
մ՚էր
յարդով
լեցուն։
Խոտի
խուրձեր,
մինչեւ
առիքը
դիզուած
էին։
Մարագի
մէջ
մարդ
չէր
երեւեր։
Երիտասարդ
առաջնորդը,
պատի
կողմէն
խոտի
խուրձերը
մէկդի
դնելով՝
անցք
մը
բացաւ
ու
ահա
Սագօն
ինքզինքը
գտաւ
մարագի
ետեւի
կողմը,
ուր
յարդի
վրայ
քնացած
էին
խումբ
մը
զինուած
մարդիկ,
իսկ
ուրիշ
մէկ
մը,
անկիւնը
նստած՝
չանթան
որպէս
յենարան
գործածելով՝
նամակ
կը
գրէր։
—
Պարոն
Լեւոն,
այս
երիտասարդը
Գէորգի
խումբէն
կուգայ…
Լեւոնը
ջղային
շարժումով
ձեռքի
գրիչն
ու
չանթան
կուշտը
դրաւ,
գլուխը
բարձրացուց
ու
աչքերը
ուղղեց
դէպի
Սագօն։
Սագօն
վերջէն,
երբ
այդ
հանդիպումի
մասին
պատմեց
ընկերներուն,
կ՚ըսէր։
«Լեւոնը
քրտու
նման
հագնուած
էր,
քօլօզի
շուրջը
թանձր
մետաքսէ
ծոպաւոր
փուշի
մը
փաթթած,
որ
դէմքի
ձախ
կողմը
կիսովին
կը
ծածկէր։
Դէմքի
աջ
երեսը
զարմանալի
կերպով
ծածկուած
էր
կապտաւուն
սպիներով։
Բաց
կապոյտ
ակնոց
ունէր։
Երբ
աչքերը
վրաս
դարձուց
ու
զննողաբար
վերէն
վար
չափեց
զիս,
սաստիկ
շփոթեցայ.
կեանքիս
մէջ
այնքան
ինքզինքս
չէի
կորսնցուցած»։
Լեւոնը,
րոպէ
մը
Սագօն
տնտղելէ
վերջ,
թաւ
ձայնով
մը
հարցուց.
—
Գէորգի
մօտէն
կուգաս,
որտե՞ղ
է,
ի՞նչ
վիճակի
մէջ
է։
Սագօն
Լեւոնի
կուշտը
տեղաւորուեցաւ
ու
մանրամասնօրէն
սկսաւ
պատմել
խմբի
երկու
օրուան
պատմութիւնը։
Ըսաւ,
թէ
անոնցմէ
բաժնուեցաւ
երկու
ժամ
առաջ,
թէ
անոնք
հիմա
լինելու
են
սարի
գագաթը,
թէ
երրորդ
օրն
է
որ
սոված
են,
եւ
թէ
Գէորգը
խնդրեց
ամէն
գնով
հաց
հասցնել՝
լուսը
չբացուած…
Լեւոնը,
մարագի
անկիւնը
սեղմուած,
կը
լսէր
Սագոյի
պատմութիւնը
առանց
շարժում
մը
ընելու,
կարծես
քարէ
արձան
մը
եղած
լինէր,
միայն
ձախ
թեւը,
որ
այրուած
էր
եւ
ծուռ
դիրք
մ՚ունէր,
երբեմն
ինքնաբերաբար
կը
քաշուէր
դողալով։
Երբ
Սագօն
խօսքը
վերջացուց,
ԼԵւոնը
հանդարտօրէն
դարձաւ
անոր
ընկերացող
երիտասարդին
ու
ըսաւ.
—
Լսեցիր,
չէ՞,
Առաքել։
Դժբախտաբար
լուսը
բացուած
է։
Բայց
կարելի
է
մէկ
երկու
մարդ
աննկատելի
կերպով
ճամբել
սարը…
Դեռ
կանուխ
է,
գիւղի
թոնիրները
վառուած
չեն։
Տնէ
տուն
հաց
կը
հաւաքես,
ու
որքան
ալ
որ
գտնես,
անմիջապէս
կը
ճամբես
տղոցը։
Բաւականաչափ
հաց
թխել
կուտաս,
որ
երեկոյեան
կողմ
հետերնիս
տանինք։
Հացի
խնդիրը
կարգադրելէ
վերջ,
կը
վերադառնաս
մօտս։
Գիւղացիք
թող
սովորական
աշխատանքներուն
երթան։
Ղզլճացի
երիտասարդ
անմիջապէս
ոտքի
ցատկեց,
ու
ետեւէն
խոտի
խուրձերը
նախկին
ձեւով
շարեց
ու
մարգարէն
դուրս
գալով
ուղղուեցաւ
գիւղ։
—
Անշուշտ
անօթի
կը
լինիս,
—
ընկերաբար
ժպտալով
ըսաւ
Լեւոնը,
եւ
չանթայի
մէջէն
լաւաշ
հաց
մը
եւ
կտոր
մը
պանիր
հանելով
դրաւ
Սագոյի
առջեւ։
Անօթի՞։
Աւելորդ
է
ըսել,
եւ
Սագօն
գայլի
ախորժակով
սկսաւ
լափել
հացն
ու
պանիրը՝
ինքնիրեն
մտածելով,
որ
կեանքին
լաւագոյն
նախաճաշն
էր
այդ։
Լեւոնը
կիսատ
ձգած
նամակը
սկսաւ
շարունակել,
ու
մէկ
ալ
դարձաւ
ու
հարցուց։
—
Ո՞րտեղացի
ես։
—
Գործոթէն։
—
Անո՞ւնդ։
—
Սագօ,
—
ու
տատամսելով
վրայ
բերաւ,
—
Գործադիրի՝
անդամներէն։
—
Ա՜,
գիտեմ,
Մղսիի
տղան…
կռիւը
ի՞նչպէս
սկսաւ։
«Երանի
գետինը
ոտքերուս
տակ
ճեղքուի
ու
զիս
ողջ
ողջ
կլլէ»,
դառնութեամբ
մտածեց
Սագօն,
խուսափելով
Լեւոնի
աչքերուն
նայելէ։
Ինչպէ՞ս
ըսէր
թէ
հայրն
էր
մատնած
խումբը…
Լեւոնը
ուշադրութեամբ
կը
նայէր
Սագոյի
դէմքին։
Անոր
աչքէն
չվրիպեցաւ
երիտասարդի
շփոթութիւնը
եւ
ոչ
ալ
դէմքի
շառագունիլը։
—
Չ՚ըսիր
թէ
ինչպէս
սկսաւ,
—
հարցումը
մեղմօրէն
կրկնեց
Լեւոնը։
—
Մատնութիւն
եղաւ,
—
ալ
աւելի
գլուխը
կախելով
պատասխանեց
Սագօն։
—
Ո՞վ
մատնեց։
—
Հա՛յրս։
Սագօն
կը
սպասէր
որ
փոթորիկը
պիտի
փրթէր,
անէծք,
հայհոյանք,
սպառնալիք,
դաւաճանի
հասցէին,
ու
ինք
ատոնք
պիտի
լսէ՝
առանց
պաշտպանութեան
բառ
մը
արտասանել
կարենալու։
Երբ
քիչ
յետոյ,
Սագօն,
Լեւոնի
լռութենէն
անհանգստացած,
գլուխը
վեր
վերցուց,
տեսաւ
որ
Լեւոնը
ընդհատած
նամակը
կը
շարունակէր,
կարծես
բոլորովին
լսած
չլինէր
Սագոյի
ծանր
խոստովանութիւնը։
Այդ
լռութիւնը
ալ
աւելի
ծանր
էր
Սագոյի
համար…
Ո՜վ
գիտէր,
թէ
այդ
պահուն
ինչե՜ր
կ՚անցնէր
Լեւոնի
մտքէն։
Եթէ
միայն
ան
բարկացած
պոռար,
անպատուէր,
Սագօն
գլուխը
կախ
համբերութեամբ
պիտի
լսէր,
ու
ատով
իրեն
համար
հարցը
գոցուած
պիտի
համարէր։
Իսկ
այդ
տանջող
լռութիւնը…
Յանկարծ
Լեւոնը
գրելը
դադարեցնելով,
դարձաւ
Սագոյին։
—
Իսկ
դո՛ւ,
հօրդ
մատնութենէն
վերջ
միացար
խմբին։
Սագօն
առանց
պատասխանելու
գլուխը
կախեց։
—
Հայրերու
մեղքը
որդիք
պիտի
քաւեն,
—
աւելի
ինքնիրեն
խօսելով՝
Լեւոնը
շարունակեց
ընդհատած
աշխատանքը։
Մարագի
երդիքի
ճեղքերէն
լոյսը
ներս
կը
սողոսկէր։
Ձէթի
ծխացող
ճրագը
մարելով՝
Լեւոնը
թղթերը
չանթային
մէջ
տեղաւորեց
ու
երկնցաւ
յարդի
վրայ,
աչքերը
առիքին
յառած։
Մարագը
գիւղէն
բաւական
հեռու
էր
եւ
շինուած
էր
գիւղի
առջեւէն
բարձրացող
ձորի
աջ
կողին
վրայ։
Անկէ
վեր,
սեպաձեւ
կը
սկսէր,
քարքարոտ
եւ
լերկ
կողը
Ղզլճայի
սարին։
Կէս
ժամ
մը
չանցած,
մէկ
ալ
մարագի
դուռը
ճռնչալով
բացուեցաւ
եւ
կանացի
ձայն
մը
լսուեցաւ.
—
Ախպրտի՛ք,
էդտե՞ղ
էք։
Դրան
անախորժ
ճռռոցի
վրայ
Լեւոնը
բարձրացաւ
տեղէն,
իսկ
քնած
ընկերները
արթննալով
եղած
տեղերնին
նստան։
—
Հա՛,
քուրի՛կ,
ի՞նչ
կայ
որ,
—
պատասխանեց
Լեւոնը։
—
Առաքելը
ըսաւ
որ…
ըսաւ
որ
հաւարի
ձէնը
աշխարհ
բռներ
է…
Խարակոնիսի
դաշտը
սեւին
տուեր
է…
Սարայի
կողմէն,
Արճակի
կողմէն,
Փիրսոլանի
կողմէն
քրտի
ձիաւորը
փրթեր
կուգայ…
Տահա
վերջը
չ՚երեւիր…
Աստուած
հայ
քրիստոնեային
քէօմէկ
էղնի…
Առաքելը
ըսաւ
որ
խապար
տամ…
տեղերնիդ
շարժ
մի
գաք…
—
Քուրիկ,
րոպէ
մը
մտածելէ
վերջ
ըսաւ
Լեւոնը,
—
ըսէ՛
Առաքելին,
որ
շուտով
հոս
գայ։
—
Առաքելը
ըսաւ,
որ
գեղէն
չի
կրնար
հեռանալ…
Ախպօրս
ըսեմ՝
Շխկներաց
կողմէն
ալ
քրտու
պաշիպօզուկ
եւ
օսմանլուի
սուվարի
կուգայ…
Գե՞ղ
պիտի
մնան
թէ
ճամբով
անցնին,
յայտնի
չէ…
Ես
ուշացայ…
Կանացի
ձայնը
դադրեցաւ։
Մարագի
մէջ
տիրեց
խոր
լռութիւն
մը։
Լեւոնը
վիրաւոր
ձեռքը
պատին
յենած՝
այնպէս
ալ
մնաց,
ըստ
երեւոյթին
ծանր
մտքերու
անձնատուր։
—
Փոխանակ
այս
ծակին
մէջ
մկներու
նման
կոտորուելու,
դուրս
գանք,
—
ու
հրացանը
վերցնելով
ոտքի
ցատկեց
Ճաֆարը,
բարձրահասակ,
շքեղ
կազմով
երիտասարդ
մը։
Լեւոնը
կարծես
չլսեց
ընկերոջ
խօսքերը։
Աչքերը
անորոշ
կէտի
մը
յառած՝
ան
կը
մտածէր,
մինչ
ձախ
երեսի
այրուած
մորթը
դողդողալով
կը
կծկուէր։
—
Ի՞նչ
էք
կեցեր,
միասին
դուրս
գանք,
—
ընկերներուն
դառնալով
ըսաւ
Ճաֆարը,
որու
դէմքը
սպրթնած
էր
ու
անհանգիստ
չորս
կողմը
կը
նայէր։
—
Տե՛ղդ,
—
զսպուած
բարկութեամբ
հրամայեց
Լեւոնը,
—
կարծես
մենք
մեզ
ազատելու
համար
եկած
լինինք
հոս,
իսկ
որ
գիւղը
փճանա՞յ…
—
Ճաֆարը
ծեծ
կերած
շան
նման
կծկուեցաւ
կեցած
տեղը։
Հրացանը
կրթնցուց
պատին
ու
գլուխը
կախած՝
նստաւ
ընկերներու
մօտ։
Ճաֆարը
96
թուականի
քրտացած
հայ
մ՚էր,
որ
վերջի
երեք
չորս
տարին
եկած
միացած
էր
յեղափոխականներուն։
Քիչ
մը
ցուցամոլ
էր,
քիչ
մ՚ալ
շատախօս.
բայց
լաւ
քրտերէն
իմանալուն
համար,
Լեւոնը
միշտ
հետը
կը
պտըտցնէր
զայն։
—
Կուռօ,
ի՞նչ
է
պատահած,
—
քրտերէն
հարցուց
Սատղը,
որ
Աղպուլաղցի
քիւրտ
մ՚էր,
առաջնակարգ
վալատ
մը։
Այս
քիւրտը
տարիներէ
ի
վեր
բախտը
կապած
էր
յեղափոխութեան
հետ։
Ճաֆարը
փսփսուքով
մը
պատմեց
կնոջ
ըսածները։
Սատղի
պղնձագոյն
դէմքին
վրայ
ջիղ
մը
իսկ
չխաղաց։
Սառնութեամբ
ան
լսեց,
եւ
գօտիի
մէջէն
հանեց
չիպուխը,
լեցուց
ու
հանդարտօրէն
սկսաւ
ծխել՝
հազիւ
լսելի
ձայնով
մը
ինքնիրեն
ըսելով.
—
Մարդու
ճակտին
ինչ
որ
գրուած
է՝
այն
կը
կատարուի։
—
—
—
—
Ղզլճայ
գիւղը
այդ
առտու
արթնցաւ
առջի
օրուան
ապրած
մղձաւանջի
տպաւորութեան
տակ։
Մարդիկ
անհանգիստ
սրտով
դուրս
կուգային
տներէն,
Աստուծու
բարի
լուսին
հետ
անորոշ
երկիւղ
մը
դիմագրաւելու
վախով։
Այդ
օրը
ի՞նչ
պիտի
բերէր
իրեն
հետ,
ոչ
ոք
գիտէր.
ու
այդ
չգիտութիւնը
աւելի
ծանր
կերպով
կ՚անդրադառնար
իրենց
հոգիներուն
վրայ,
քան
եթէ
դէմ
յանդիման
գտնուէին
ծանր
կացութեան
մը։
Ասով
մէկտեղ
գիւղը
անհրաժեշտօրէն
իր
սովորական
կեանքը
պիտի
ապրէր
անցած
օրերու
նման։
Տաւարը
դուրս
պիտի
հանուէր,
գոմը
պիտի
մաքրուէր,
օրուան
հացի
համար
թոնիրը
պիտի
վառուէր,
խոտերու
խուրձերը
սարէն
գիւղ
պիտի
կրուէին
սայլերով
քանի
ձիւնը
չէր
նստած,
ջաղացքը
օր
ու
գիշեր
պիտի
բանէր,
տան
տանիքները
պիտի
պնդացուէին։
Սեպտեմբեր
ամիսը
եւ
հոկտեմբերի
առաջին
տասնեւհինգ
օրերը
նախապատրաստական
շրջան
մ՚է,
դիմաւորելու
համար
Հայաստանի
խստաշունչ
ձմեռը,
որ
կը
տեւէ
վեց
ամիս,
երբ
ամէն
գիւղ
կղզիացած
կ՚ապրի,
ձիւնի
թանձր
պատանքով
մը
ծածկուած։
Գիւղի
ծերունի
քահանան՝
Տէր
Վարդանը
լուսաբացին
եկեղեցի
գնաց
ամէն
օրուան
նման։
Կաղ
ժամկոչը
կոչնակը
զարկաւ։
Քանի
մը
պառաւ
կիներ
ու
ծերունիներ,
հազիւ
երեսնին
թրջած
ձորամէջի
առուի
ջրով,
յօրանջելով
եկեղեցի
մտան,
երկիւղածութեամբ
դրան
կողքի
քարերը
համբուրելէ
վերջ։
Սովորական
կեանքն
էր
որ
կը
սկսէր։
Օրուան
առաջանալուն
հետ,
մտահոգ
դէմքերը
հետզհետէ
կը
պայծառանային։
Գիւղի
գեղեցիկ
աղջիկներն
ու
հարսերը
ալ
վստահ
էին
որ
առջի
օրուան
նման
լերան
ծերպերու,
հեղեղատներու
խոռոչներուն
մէջ
պիտի
չանցընէին
օրը։
Փոթորիկը
անցած
լինելու
էր։
Ու
ի՜նչ
վեհափառ
գեղեցկութեամբ
կը
բարձրանար
արեւը,
հեռուն,
պարսկական
սարերու
ետեւէն։
Երկնքի
նման
կաս-կապոյտ
Արճակի
լիճը
իր
հանդարտ
ջրերուն
մէջ
կը
գրկէր
շրջակայ
սարերու
պատկերը։
«Օրհնեալ
է
Աստուած,
գովեալ
է
Աստուած»,
ու
ծանր
տքալով
եկեղեցիի
անկիւնը,
քարի
մը
վրայ
նստաւ
ծերունի
քահանան,
հասակակից
ծերունի
ընկերներովը։
Ու
յանկարծ
կարծես
աներեւոյթ
ձեռք
մը
անցաւ
երկրի
վրայէն։
Պայծառ
արեւը
կարծես
խաւարեցաւ,
լիճը
իր
կապոյտը
կորսնցուց։
Գիւղացիներու
հանդարտած
սրտերը
ծովի
նման
ալեկոծուեցան։
Տո՛ւմ,
տո՛ւմ,
տո՛ւմ,
թմբուկի
թաւ
ձայնը
բարձրացաւ
ու
Խարակոնիսի
լայն
դաշտի
վրայ
ծանրօրէն
չոքեցաւ՝
մահաշունչ
արձագանգը
սարէ
սար,
ձորէ
ձոր
հասցնելով,
տո՛ւմ,
տո՛ւմ,
տո՛ւմ…
Դժոխքը
իր
հրեղէն
դռները
լայն
բացաւ։
Հաւա՜ր…
Ղզլճայ
գիւղը
ինքն
իր
վրայ
կծկուեցաւ։
Վազէ
վազ
տաւարի
ետեւէն
մարդ
հասաւ
գիւղի
մօտ
բերելու։
Կիներ
ու
աղջիկներ
կուրծքերնին
ծեծելով
տները
մտան։
Ծերունիիները
գլուխնին
շարժելով՝
քաշուեցան
հրապարակէն։
Եկեղեցիի
քով
մնացին
քանի
մը
երիտասարդներ,
որոնք
մտահոգուած
իրարու
կը
նայէին։
Գիւղի
գործադիրը՝
աչքի
զարնող
երիտասարդ
Առաքելը
անոնց
մէջն
էր։
Հեռուէ
հեռու
երեւցող
ճամբաները
կը
սկսէին
կենդանանալ։
Արճակի
կողմէն,
Սարայի
կողմէն,
Փիրսոլանի
կողմէն
ձիաւորները
ծայր
տուին։
Կուգային
մէկով,
երկուքով,
երբեմն
փոքր
խմբերով,
արագ
կը
քշէին
ձիերը
դէպի
Կոճ
գիւղի
կողմը,
հոն,
ուր
լեռնաշղթան
յանկարծ
վար
կ՚իյնայ՝
նեղ
ձորէ
մը
վերջ
նորէն
բարձրանալու
համար։
—
Վատ
է,
վատ։
Կ՚երեւի,
տղոցը
հետքը
գտած
են,
—
խօսքը
Առաքելին
ուղղեց
երիտասարդ
մը,
—
արդեօք
ո՞ր
տեղ
թագնուած
են
մերոնք…
Առաքելը,
առանց
պատասխանելու,
տեղեկութիւն
մը
չունեցողի
նման
ուսերը
թօթուեց։
Ուշադրութեամբ
նայեցաւ
Մխկներ
հայկական
գիւղի
կողմը,
որ
հազիւ
մէկուկէս
երկու
ժամուան
հեռաւորութիւն
ունենար։
Այդ
գիւղի
տակով
կ՚անցնէր
Սարայի
գլխաւոր
ճամբան,
որ
Արճակի
լիճին
մօտեցած՝
թեւ
մը
կ՚երկնցնէր
դէպի
Ղզլճայ։
Այդ
ճանապարհը
գիւղէն
հազիւ
քանի
մը
հարիւր
քայլ
վարէն
կ՚ացնէր,
լճակի
եւ
գիւղի
մէջտեղէն,
ու
կ՚երթար
կը
միանար
Կոճի
ճանապարհին։
Գլխաւոր
ճանապարհի
վրայ
կ՚երեւէր
բազմութիւն
մը։
Անոր
արագ
շարժելէն
Առաքելը
ենթադրեց
թէ
ձիաւորներ
են։
Ձիաւորները
ի՞նչ
ուղղութիւն
պիտի
բռնէին։
Արճակի՞
ճամբայով
պիտի
երթային,
թէ՞
դէպի
Ղզլճայ
պիտի
ծռէին։
Առաքելի
երկմտութիւնը
երկար
չտեւեց։
Բազմութիւնը
ուղղուեցաւ
դէպի
Ղզլճայ։
—
Պետրոս,
վազէ
քահանային
ու
րէսին
լուր
տուր։
Թո՛ղ
գիւղէն
դուրս
դիմաւորելու
ելլեն։
Տղաք,
դուք
ալ
տները
մտէք։
Աղջիկ
ու
հարս
ձորով
թող
Կարկուտ
քարերը
բարձրանան։
Այսօրուան
օրին
շատ
չեմ
հաւնիր,
առտու
կանուխ
ձախ
աչքս
խաղաց։
Լեւոնին
քովէն
դուրս
գալով՝
Առաքելը
հազիւ
քառասուն
հատ
լաւաշ
կրցած
էր
մէկտեղել
ու
երիտասարդի
մը
հետ
ճամբել
սարը՝
սպասելով
թոնիրներու
վառուելուն։
Երբ
անսպասելի
կերպով
հաւարը
փրթաւ,
Առաքելը
իր
երիտասարդ
կինը
կանչեց,
Լեւոնի
խմբի
մասին
յայտնեց
ու
զայն
մարագը
ուղարկեց
Լեւոնին
լուր
տալու
համար։
Այդ
երկուքէն
զատ
ոչ
ոք
գիտէր
Լեւոնի
գիւղը
գտնուելու
մասին,
իսկ
Գէորգի
խմբի
ուր
գտնուիլը՝
Առաքելը
ոչ
ոքի
յայտնած
էր։
Քահանան,
րէսը
եւ
գիւղի
ծերունիներէն
երկուքը,
Շամքօռենց
Օհաննէս
ամուն
եւ
Բարսեղ
Պիծան,
երկար
տարիներ
Պոլիս,
Պուլկարիա,
Ռումանիա
եւ
Ռուսաստան
ապրած
ծերուկ
մը,
շորորալով
ուղղուեցան
դէպի
ճանապարհը,
որ,
ինչպէս
արդէն
ըսինք,
գիւղէն
քանի
մը
հարիւր
քայլ
վարէն
կ՚անցնէր։
Ձիաւորները
երկու
հարիւրէ
աւելի
էին։
Բլուր
մը
շրջուելով
վերջապէս
գիւղի
մօտ
երեւցան։
Ձիաւորներու
առջեւէն
կուգային
քաղաքէն
ճամբուած
Ալայ
բէկը
յիսուն
սվարիներով,
եւ
Շաւեցի
Քեամիլ
բէկը
իր
հարիւր
յիսունէն
աւելի
ձիաւորներով։
Երբ
հասան
այնտեղ,
ուր
Ղզլճայի
ճամբան
կը
զատուէր
գլխաւոր
ճամբայէն,
քահանան
ու
ընկերները
առաջ
անցան
ու
մինչեւ
գետին
խոնարհութիւն
ընելով՝
խնդրեցին,
որ
գիւղ
մտնեն
ու
մէկ
երկու
ժամ
հանգստանան։
Ըսին,
թէ
Ղզլճայի
հիւրասիրական
համբաւին
անպատուութիւն
պիտի
լինի,
եթէ
առանց
գիւղ
հանդիպելու
անցնին։
Ալայ
Բէկն
ու
Քեամիլ
Բէկը,
լաւ
գիտնալով
այդ
բռնադատեալ
հիւրասիրութեան
արժէքը,
բոլորովին
սառնօրէն
լսեցին
ծերունի
քահանայի
խօսքերը։
—
Հա՛,
սեւագլո՛ւխ,
մենք
ալ
կը
մտածէինք
մէկ
երկու
ժամ
հանգստանալ
ձեր
գիւղը,
—
ու
Ալայ
բէկը՝
առանց
կարեւորութիւն
տալու
դիմաւորելու
եկողներուն՝
ձիուն
գլուխը
դարձուց
դէպի
գիւղը
եւ
հրամայեց,
որ
բացի
տասը
ձիաւորներէն
մնացածները
շարունակեն
ճանապարհը
դէպի
Կոճ։
Քեամիլ
բէկն
ալ
հինգ
ձիաւոր
վերցուց
հետը
եւ
հետեւեցաւ
ընկերոջը,
որ
խորհրդաւոր
ձեւով
մը
աչք
ըրած
էր
իրեն։
Այդ
երկուքը
շատ
լաւ
կը
հասկնային
իրար.
հին
բարեկամներ
էին։
Ըսենք՝
շատ
մեծ
իմաստութեան
մ՚ալ
պէտք
չկար,
որ
երկուքը
իրար
հասկնային.
ամէն
ինչ
պարզ
էր,
երբ
խնդիրը
կը
վերաբերէր
այդ
պայմաններու
մէջ
հայ
գիւղ
մը
մտնալուն։
Ալայ
բէկը
Գոնացի
թուրք
մ՚էր,
կարճահասակ,
լեցուն
եւ
ժիր
կազմով
մարդ
մը։
Ծաղիկ
հիւանդութիւնը
դէմքը
աւերած
էր,
ձախ
աչքն
ալ
փճացուցած,
ասիկա
կ՚աւելցնէր
բնականէն
դաժան
դէմքին
խստութիւնը,
որուն
վրայ
երբեք
ժպիտ
մը
ծագած
չունէր։
Ժամանակով
յայտնի
աւազակ
մը,
կառավարութիւնը,
տարիներով
ետեւէն
իյնալէ
վերջ,
երբ
տեսած
էր
թէ
գլուխ
պիտի
չկրնայ
ելլել
անոր
հետ,
կայսերական
աֆը
շահանէ
(ներում)
մը
բերել
տուած
եւ
զինքը
ղըր
սէրտարներու
գլխաւոր
նշանակած
էր։
Հայ
յեղափոխական
շարժումը
երբ
ծայր
առաւ
իննսունական
թուականներուն,
ժանտարմական
պետի
հանգամանքով
այդ
մարդը
փոխադրուեցաւ
Վանի
նահանգը,
յեղափոխութիւնը
ճզմելու
յանձնարարութեամբ։
Կառավարութիւնը
գոհ
էր
Ալայ
Բէկի
աչալուրջ
հսկողութենէն։
Ժանտարմներու
խմբով,
ան
գաւառէ
գաւառ
կը
շրջէր
որսկան
շան
մը
հոտառութեամբ
զինուած։
Իր
անունի
սարսափը
իրմէ
առաջ
կը
վազէր
հայկական
շրջաններու
մէջ։
Քէօռ
Ալայ
Բէկը
Վասպուրականի
հայ
գիւղացիութեան
հոգէառ
հրեշտակն
էր։
Քահանայի
ընդարձակ
օտան
իջան
հիւրերը։
Ալայ
Բէկն
ու
Քեամիլ
Բէկը
դէմ
դիմաց՝
ծալապատիկ
նստեցան,
բուխերիկը
երկու
կողքերուն։
Անոնցմէ
քիչ
վար
Տէր
Վարդանը
նստեցաւ
ծնկաչոք,
մինչ
գիւղացիներու
բազմութիւնը
դրան
առջեւ
ձեռքերնին
կրծքերնուն
վրայ
դրած՝
լուռ
մտիկ
կ՚ընէր։
—
Է,
նորէն
բարով
եկաք,
հազար
բարով
եկաք,
—
թեմեննահ
ընելով
խօսեցաւ
Տէր
Վարդանը,
ու
դառնալով
դէպի
գեղականը,
—
ծօ՛,
տղաք,
շուտով
ոչխար
մը
մորթեցէք։
—
Սեւագլուխ,
ակռաներու
արանքէն
սուլեց
Ալայ
Բէկը,
—
հը՞,
մատա՞ղ
կը
մորթես…
շիտակն
ըսէ՝
մեզի՞
թէ
անոնց
համար…
—
Անո՞նք,
ի՞նչ
անոնք,
—
որպէս
թէ
չհասկնալով
պատասխանեց
քահանան,
—
փառք
Աստուծու,
ձեզմէ
զատ
հիւր
չունինք
գեղին
մէջ։
—
Հըմ,
ու
Ալայ
Բէկի
ողջ
մնացած
աչքը
հոլի
նման
դարձաւ
բունին
մէջ,
—
այդ
մասին
յետոյ
կը
խօսինք։
Ծօ՛,
աւանակներ,
գեղին
մէջ
մասթիկա
չկա՞յ
որ
թան
էք
բերած։
Շան
զաւակներ,
մեզ
գեղակա՞ն
կարծեցիք,
—
եւ
աքացի
մը
հասցուց
երիտասարդին,
որ
պղնձէ
թասով
թան
կը
հրամցնէր։
—
Տղա՛ք,
որպէս
թէ
բարկացած՝
պոռաց
Տէր
Վարդանը,
—
ի՞նչ
կեցեր
կը
նայիք,
շուտով
մասթիկա
բերէք,
ոչխարի
ճիկեարն
ալ
ձեռաց
խորովեցէք,
մինչեւ
որ
կերակուրը
պատրաստուի։
Տէ՛,
շուտ
շարժեցէք։
Տէր
Վարդանը
կ՚աշխատէր
ուրախ
ձեւանալ,
բայց
ներքուստ
հոգին
կը
գալարուէր՝
անհնարին
սարսափէ
մը
բռնուած,
մանաւանդ
երբ
հայեացքը
կը
հանդիպէր
միականի
հրամանատարի
չարագուշակ
դէմքին։
Քեամիլ
Բէկը
միջին
տարիքի,
մեծ
կազմով
տղամարդ
մ՚Էր,
որուն
վրայ
ամէն
բանէ
աւելի
աչքի
կը
զարնէին
երկար
պեխերն
ու
մէկ
ալ
հորթային,
խոշոր
աչքերը։
Բէկը
սաքուի
անկիւնը
ծանրօրէն
տեղաւորուած
էր
եւ
հազիւ
երբեմն
խօսակցութեան
կը
խառնուէր։
Երկու
հիւրերը
անյագօրէն
իրարու
ետեւէ
կը
կլլէին
մասթիքայի
բաժակները
ու
թեւերնին
վեր
սոթթած՝
մատներով
կը
վերցնէին
խորովածի
իւղոտ
պատառները։
Քանի
բաժակները
իրարու
կը
յաջորդէին,
Ալայ
Բէկի
դէմքը
չարագուշակ
մթութիւն
մը
կը
ստանար,
իսկ
Քեամիլ
Բէկը՝
չափչափելով
խորովածի
պատառները
վար
կուտար
բաւականութեամբ,
ու
կարմրած
դէմքի
վրայ
խոշոր
աչքերը
անասնական
ցանկութեամբ
կը
փայլէին։
Տէր
Վարդանը
եւ
Շամքօռենց
Օհաննէսը,
ծնկաչոք
նստած
հիւրերու
առջին,
կը
սպասարկէին
անոնց,
մինչ
աչքի
զարնող
գեղականները
պատկառանքով
պատի
տակ
շարուած՝
ահ
ու
դողով
ժամ
առաջ
հեռանալուն
կը
սպասէին։
—
Հայերը
խորոված
պատրաստելու
մէջ
վարպետ
են,
—
ոսկոր
մը
կրծելով
ըսաւ
Քեամիլ
Բէկը,
—
կ՚ըսեն
թէ,
խորովածը
մարդ
Կովկասի
մէջ
ուտելու
է…
—
Հա՛,
մռայլ
դէմքը
վեր
վերցնելով
ըսաւ
Ալայ
Բէկը,
—
հայերը
Կովկասէն
բերին
այս
կերակուրը
եւ
շատ
մը
ուրիշ
նորութիւններ…
Է՜,
տէրտէր,
ըսէ
նայինք,
ազգի
գործերը
ինտո՞ր
կ՚երթան…
Ձեր
պարոն
Լեւոնի
քէֆը
լա՞ւ
է…
զէնքի
դրամ
հաւաքեցի՞ք…
Հը՞,
սեւագլուխ,
ընդհանուր
ապստամբութիւնը
ե՞րբ
կը
սկսիք,
ե՞րբ
մեզի
պիտի
կոտորէք
եւ
Հայաստանը
ազատէք…
Միականի
Ալայ
Բէկի
աչքը
կարծես
թէ
ծակող
սուր
գամ
մը
լինէր.
ոչ
ոք
կրնար
աչք
աչքի
նայիլ
անոր։
Անզուսպ
կատաղութեամբ
մը
կը
նայէր
չորս
բոլորը
շարուած
հայերու
դէմքերուն՝
պատճառ
մը,
պատրուակ
մը
փնտռելով
իր
ի՜նչ
մարդ
լինելը
ցոյց
տալու։
Սաքուի
մէջ
մեռելային
լռութիւն
մը
տիրեց,
երբ
Ալայ
Բէկը
խօսքը
վերջացնելով՝
խոշոր
բաժակ
մը
մասթիքան
դատարկեց
եւ
հարցական
դէմքով
դարձաւ
քահանային.
—
Հը՞,
սեւագլուխ,
չխօսի՞ս…
Տէր
Վարդանի
շրթները
ճերմկած՝
կը
դողային,
անկարող
բառ
մը
արտասանելու։
Գեղականը
պատին
տակ
կծկեցաւ,
միայն
րէսը
սիրտ
ըրաւ
խօսելու.
—
Բէ՛կ,
մենք
քու
ոտքի
փոշին
ենք,
մենք
ի՞նչ
գործ
ունինք
զէնքի,
ապստամբութեան,
ազգի
գործերուն
հետ…
Եթէ
փոր
մը
հաց
ունենանք
ուտելու,
մենք
գոհ
կը
լինինք
եւ
գիշեր
ցերեկ
կ՚աղօթենք
վեհափառ
Սուլթանի…
—
Լռէ՛,
շուն։
Ալայ
Բէկը
չթողուց
որ
րէսը
խօսքը
վերջացնէ,
ձեռքի
բաժակը
կատաղութեամբ
նետեց
րէսի
դէմքին՝
թեթեւ
պատռուածք
մը
բանալով
անոր
քունքին
քով։
—
Ինծի
Քէօռ
Ալայ
Բէկ
կ՚ըսեն,
շո՛ւն,
դուն
որո՞ւ
հետ
կը
խօսիս։
Ձեր
օրօրոցի
ծծկերէն
մինչեւ
ծերունին
անհաւատարիմ,
ապերախտ
շներ
էք…
Ձեր
քոքը
այրելու
է,
որ
մեր
երկիրը
խաղաղի…—
եւ
օղիի
դատարկ
շիշը
նետեց
դէպի
գեղականները՝
մռնչալով,
—
մասթիքա…
Դուրսը,
եկեղեցիի
առջեւ
գտնուող
փոքր
տարածութեան
վրայ,
երկու
հիւրերու
հետեւորդները,
սուվարիներն
ու
քիւրտ
ղոլամները
բոլորած
էին
սեղանի
շուրջը,
մինչ
գիւղի
երիտասարդները
կը
ծառայէին
անոնց։
Գիւղի
ճանապարհէն
անկտրուկ
կերպով
կ՚անցնէին
ձիաւոր
ու
հետեւակ
քրտեր։
Անոնցմէ
ոմանք
գիւղ
բարձրանալով՝
առանց
հրաւէրի
մօտեցան
սեղանին։
Ամբողջ
գիւղին
մէջ
կին
մը
չէր
երեւար.
բոլորը
քաշուած
էին
տները։
Նոյնիսկ
փոքր
երեխաներն
ալ
առջի
բերան
փողոցէն
քաշուեցան՝
ահ
ու
սարսափի
մատնուած։
Բայց
կամաց
կամաց
անոնք
տներէն
դուրս
եկան
ու
իրենց
տան
դռներու
առջեւ
սկսան
խաղալ,
իսկ
աւելի
համարձակները
մօտեցան
եկեղեցիի
բակին,
աւելի
մօտէն
տեսնելու
համար
այդքան
մեծ
թուով
թուրք
զինուորները,
որոնց
գալը
սովորական
երեւոյթ
մը
չէր
Ղզլճայի
համար։
Յանկարծ
Ջերմուկ
գիւղի
կողմէն
հատ
հատ
հրացանի
ձայներ
լսուեցան։
Ատոր
յաջորդեց
քանի
մը
րոպէի
դադար
մը,
ու
ապա՝
բազմաթիւ
հրացաններու
խառն
ի
խուռն
ձայներ։
—
Բէկին
խապար
տալու
է,
—
ոտքի
ցատկելով
ըսաւ
տարէց
զինուոր
մը,
որու
թեւի
վրայ
կարուած
երիզէն
կարելի
էր
ենթադրել,
որ
չաւուշ
մ՚է։
Չաւուշը
անմիջապէս
Տէր
Վարդանի
տունը
մտաւ
ու
սաքուի
սեմին
վրայ
կանգնեցաւ՝
թեմեննահ
ընելով.
—
Ի՞նչ
կայ,
չաւուշ։
—
Ջերմուկի
կողմէն
հրացանի
ձայներ
կը
լսուին,
—
թեմաննան
կրկնելով
պատասխանեց
չաւուշը,
—
ի՞նչ
հրաման
ունիք։
—
Ձիերուն
խոտ
ու
գարի
տրուեցա՞ւ,
—
հարցուց
Ալայ
Բէկը՝
բաժակը
շրթներուն
տանելով։
—
Հրամանք
ես
—
Լաւ,
պատրաստ
սպասեցէք։
Ալայ
Բէկի
չարագուշակ
դէմքը
փայլեցաւ
ուրախութեամբ։
Խորհրդաւոր
ակնարկ
մը
փոխանակեց
Քեամիլ
Բէկի
հետ
ու
բոլորովին
անսպասելի
կերպով
տէրտէրին
դառնալով
ըսաւ։
—
Սեւագլուխ,
դուրսը
հարսանիքը
սկսեր
է…
Տեսնենք
այս
անգամ
ձեր
ջան
ֆետայիները
ձեռքէս
ինչպէ՞ս
պիտի
ազատին,
—
ու
շեշտակի
սարսափած
քահանային
նայելով՝
տիրական
ձեւով
մը
հարցուց.
—
քանի՞
զէնք
ունիք
գիւղին
մէջ։
—
Աման
Բէ՛կ,
ոտքդ
պագնեմ,
—
հազիւ
կրցաւ
շշնջալ
ծերունի
քահանան,
—
ի՞նչ
զէնք…
—
Գիւղի
համայնական
զէնքերը,
—
համայնական
բառը
հայերէն
արտասանելով
գոռաց
Ալայ
Բէկը,
—
քսան
րոպէ
ժամանակ
կուտամ
զէնքերը
բերելու։
Թէ
չէ՝
գիւղը
խարապա
կը
դարձնեմ…
—
Աստուծու
սիրուն,
Բէկ…
—
Ձա՛յնդ,
—
զայրացած
մռնչեց
Ալայ
Բէկը,
որուն
աչքը
կարծես
բունէն
դուրս
պիտի
ցատկէր,
—
ձա՛յնը,
սեւագլուխ…
հայտէ՛,
բոլորդ
ալ
առջեւէս
կորսուեցէք,
դուրս
ելէք,
քսան
րոպէ
ժամանակ
ձեզի…,
—
ու
գրպանէն
ժամացոյցը
հանելով
առջեւը
դրաւ։
—
Ամմա
թէ
վարպետութեամբ
շարժեցար,
—
իւղոտ
մատները
լիզելով
խօսեցաւ
Քեամիլ
Բէկը,
երբ
գիւղացիները
հեռացան
սաքուէն.
—
խօսք
չ՚ուզեր,
այս
շները
քամելու
ձեւը
սովրեր
ես…
—
Հապա
պարա՞պ
տեղը
մազ
մօրուք
ճերմակցուցի
ասոնց
մէջ։…
Հիմա
պիտի
տեսնես
թէ
ի՜նչ
քիւֆլի
ոսկիներ
լոյս
աշխարհ
պիտի
ելլեն։
Հա՛,
չաւուշ,
նորէն
ի՞նչ
կայ,
—
հարցուց՝
դրան
սեմին
վրայ
տեսնելով
չաւուշը։
—
Բէ՛կ,
հրացանաձգութիւնը
կը
տարածուի։
Մխկներու
կողմէն
ալ
շարժում
կայ…
Սուվարի
մը
կ՚անցնէր
դէպի
քաղաք.
ըսաւ,
որ
էս
սարի
վրայ
թագնուած
են
ֆետայիները։
Մերոնք
ամէն
կողմէ
պաշարած
են
սարը։
—
Ղզլճայի՞
սարը,
—
ուրախութենէն
ձեռքերը
իրարու
շփելով
ըսաւ
Ալայ
Բէկը՝
աչք
ընելով
ընկերոջը,
—
լաւ,
դուրս
գնա՛։
Արթուն
հսկեցէք
գիւղի
վրայ։
Կասկածելի
բան
մը,
որ
աչքիդ
հանդիպի,
մնացածը
դու
գիտես…
—
Հրամանք
ես,
բէկ,
—
ու
չաւուշը
դուրս
ելաւ։
Տէրտէրի
թոնրատան
մէջ
հաւաքուած
գիւղացիները
փսփսուքով
մը
կը
խօսէին
իրարու
հետ։
Կռիւը
իրենց
սարի
վրայ
էր։
Այդքանը
բաւական
էր,
որ
գիտակցէին
գիւղի
գլխուն
կախուած
ահաւոր
վտանգը։
Չնչին
առիթ
մը
բաւական
էր
իրենց
շէն
Ղզլճան
մոխիրի
վերածելու
համար։
Եթէ
նոյնիսկ
առիթ
ալ
չլինէր,
պատրուակ
մը
ստեղծելը
դժուար
բան
մը
չէր
Ալայ
Բէկին
համար։
—
Ախպրտիք,
տանք,
ինչ
ունինք՝
տանք,
—
ծանր
ու
մեծ
կը
խօսէր
Շամքօռենց
Օհաննէսը,
որ
գիւղի
մէջ
հեղինակութիւն
կը
համարուէր.
—
պալքի
էդ
շանը
բերանը
քաղցրանայ
ու
էս
փորձանքն
ալ
անցնի
մեր
գլխէն։
—
Տանք,
լաւ
կ՚ըսես,
ամմա
որտեղէ՞ն
տանք,
բան
մնացե՞ր
է
որ
տանք,
—
խեղճ
ու
կրակ
գիւղացի
մ՚էր
խօսողը։
—
Ախպրտիք,
շատ
խօսելու
ժամանակը
չէ…
վերջէն
փոշմանութիւնը
օգուտ
չ՚ընէր,
ահա
իմ
բաժինս,
ու
Բարսեղ
Պիծան
ծոցէն
քսակը
հանելով՝
երկու
ոսկի
դրաւ
րէսի
առջին։
Կամաց
կամաց
քսակներու
բերանները
բացուեցան։
Քառասուն
ոսկիի
գումար
մը
հաւաքուեցաւ։
Րէսը,
ոսկիները
կարմիր
թաշկինակի
մը
մէջ
հանգուցելով,
քահանայի,
Բարսեղ
Պիծայի
եւ
Շամքօռենց
Օհաննէսի
ընկերրակցութեամբ
վերադարձաւ
սաքուն,
ուր
երկու
պատուաւոր
հիւրերը
անհամբեր
կը
սպասէին
իրենց
վերադարձին։
Օսման
Չաւուշը
հին
փորձուած
աղուէս
մ՚էր։
Պետական
ողորմելի
ռոճիկը,
որ
ամիսներով
չէր
ալ
ստանար,
ոչ
զինքը
եւ
ոչ
ալ
իր
ընտանիքը
կրնար
ցամաք
հացով
ողջ
պահել։
Հետեւաբար,
ապրուստի
իր
միակ
միջոցը
կը
մնար
հայկական
գիւղերու
մէջ
ձեռքի
տակէ
վերցուցած
կաշառքը։
Իսկ
կաշառք
վերցնելու
համար
պատճառներ
միշտ
կային
ու
կային,
իսկ
եթէ
չլինէին
անգամ,
հնարելը
աւելի
քան
հեշտ
էր։
Թրքական
առածը
կ՚ըսէ՝
«գայլը
ամպոտ
օրը
կը
սիրէ»։
Օսման
Չաւուշն
ալ
մասնաւորաբար
այն
օրերը
կը
սիրէր,
երբ
յեղափոխականները
հետապնդելու
համար
շրջանները
կը
ճամբուէր։
Մեծաւորի
քովէն
դուրս
գալով՝
Օսման
Չաւուշը
սկսաւ
լրջօրէն
մտածել
իր
մասին։
Ալայ
Բէկն
ու
Քեամիլ
Բէկը
իրենց
կորկոտը
աղալու
ետեւէ
էին,
ինչո՞ւ
ինքն
ալ
պիտի
չմտածէր
իր
մասին,
մանաւանդ
որ
ութ
ամիսներէ
ի
վեր
ռոճիկ
չէր
ստացած։
Նման
պատեհութիւն
մը
ամէն
ատեն
ձեռք
կարելի
չէ
անցընել։
Հայ
գիւղացիները
սարսափած
էին։
Հրացանաձգութիւնը
ընդհանուր
բնաւորութիւն
մը
կը
ստանար։
Անոր
կը
միանար
հեռուէն
լսուող
թնդանօթներու
գոռոցը։
Ամենէն
յարմար
ժամանակն
էր
գիւղացիին
սարսափը
շահագործելու։
«Աւանակ
մը
միայն»,
ինքնիրեն
կը
խորհրդածէր
Օսման
Չաւուշը,
«այսպիսի
առիթ
մը
կրնայ
ձեռքէ
փախցնել։
Վալլահի
պիլլահի
ես
աւանակ
չեմ»։
Գիւղի
առաջաւորները
հազար
ու
մէկ
աղաչանքով
Քէօռ
Ալայ
Բէկի
սիրտը
շինեցին,
որպէսզի
բարեհաճի
քառասուն
ոսկին
իբր
նուէր
ընդունիլ։
Պէտք
եղաւ
որ
Քեամիլ
Բէկն
ալ
միջնորդէ,
դեռ
տասը
չափ
ցորեն
ալ
խոստանալով
գիւղացիներու
կողմէն։
Ալայ
Բէկը
խոստում
առնելով
որ
քանի
մը
օրէն
գիւղացիք
ցորենը
քաղաք,
իր
տունը
պիտի
հասցնեն,
խնդիրը
անուշ
տեղը
կապեց։
Մինչ
սաքուի
մէջ
այս
վրան-բաց
կատակերգութիւնը
կը
խաղցուէր,
դուրսը՝
հանճարեղ
Օսման
Չաւուշը
իր
ջաղացքը
դարձնելու
ջուր
գտաւ։
Եւ
շատ
ալ
հեշտ
կերպով։
Եղած
չեղածը,
երեխայի
մը
ձեռքի
խաղալիք
սուլիչն
էր,
դատարկուած
փամփուշտի
խողովակ
մը,
փայտի
մը
ծայրը
հաստատուած։
Բայց
այդքանն
ալ
բաւական
էր
Օսման
Չաւուշի
համար,
որ
երեխայի
ձեռքէն
սուլիչը
վերցնէր
ու
սկսէր
գոռգոռալ,
թէ
գիւղացիք
կառավարութեան
դէմ
ապստամբեր
են,
թէ
դատարկ
փամփուշտը
մօսին
հրացանի
փամփուշտ
մ՚է,
թէ
միայն
ֆետայիները
այդ
հրացանը
կը
գործածեն,
հետեւաբար
գիւղացիները
անոնց
հետ
կապ
մ՚ունին,
եւ
թէ
գիւղի
մէջ
խուզարկութիւն
մը
լինի
ո՜վ
գիտէ
թէ
ինչե՜ր
երեւան
պիտի
բերէ։
Գիւղացիք
ճարահատ՝
Օսման
Չաւուշի
բերանն
ալ
քաղցրացուցին,
ափին
մէջ
չորս
ոսկի
սեղմելով։
Երբ
կէս
ժամ
վերջը
Ալայ
Բէկն
ու
Քեամիլ
Բէկը
իրենց
հետեւորդներով
հեռացան
գիւղէն,
նոր
միայն
գիւղացիք
ազատ
շունչ
քաշեցին՝
փորձանքը
անցած
համարելով։
Այդպէս
չէր
մտածեր
սակայն
Բարսեղ
Պիծան։
—
Տղա՛յ,
Առաքել,
էս
խմորը
շատ
ջուր
կը
վերցնէ,
—
խօսակիցը
անկիւն
մը
քաշելով
ըսաւ
Բասեղ
Պիծան,
—
փորձանքը
ասկէ
վերջն
է։
Եթէ
այս
շները
ծեծ
ուտեն
ֆետայիներէ,
գիւղի
մէջ
քարը
քարի
վրայ
պիտի
չձգեն։
Վախնամ՝
մեր
կիւզելիմ
Ղզլճան
մոխիրի
վրայ
նստի…
—
Ի՞նչ
ընենք,
Բարսեղ
Պիծա,
մեր
ունեցած
քանի
մը
կտոր
զէնքերով
ի՞նչ
կրնանք
ընել…
—
Չէ՛,
այդ
զէնքերուն
ձեռք
մի՛
տաք,
թող
իրենց
տեղը
մնան…
Եղած
չեղածը
մէկ
բան
է,
հազարաւորներու
դէմ
ի՞նչ
կրնանք
ընել։
Միայն
պատրաստ
գտնուելու
է,
դէպքի
մը
պարագային
սարը
բարձրամալու
համար։
Բացի
հրացաններու
անընդհատ
գոռոցէն,
Ղզլճայէն
ոչ
ֆետայիներու
դիրքերը
կ՚երեւէին
եւ
ոչ
ալ
պաշարող
քրտերն
ու
պետական
հեծելազօրքը։
Թէեւ
Ղզլճան
դուրս
կը
մնար
կռուի
անմիջական
շրջանէն,
բայց
մէկ
կողմէն
միւսը
երթեւեկող
քրտերու
խումբեր
անընդհատ
Ղզլճայի
ճանապարհով
կ՚անցնէին։
Իսկ
այդքանը,
ան
ալ
կռուի
պարագային,
աւելի
քան
լուրջ
վտանգ
մը
կը
ներկայացնէր
հայկական
գիւղի
մը
համար։
Առաքելը
քայլերը
ուղղեց
ձորով
դէպի
մարագները,
անգամ
մը
Լեւոնի
հետ
խորհրդակցելու
համար։
Անոր
ներկայութիւնը
նոյնիսկ
Բարսեղ
Պիծայէն
գաղտնի
պահած
էր։
Առաքելը
մարագ
մտնելով
սկսաւ
պատմել
գիւղի
մէջ
անցած
դարձածը,
Ալայ
Բէկի
գալն
ու
երթալը,
գիւղի
ճանապարհով
անցւոր
քրտերու
բազմութիւնը։
Լեւոնը
լարուած
ուշադրութեամբ
մտիկ
կ՚ընէր,
առանց
ընդմիջելու։
Ըստ
երեւոյթին,
ծանր
մտքով
մը
տարուած
էր
ան։
Ձախ
երեսի
այրուած
մորթը
զարմանալի
կերպով
կը
դողդողար
ու
կը
կծկուէր,
մինչ
վնասուած
թեւը
պարբերաբար,
ջղայնօրէն
կը
ցնցուէր։
Երկար
ատեն
լուռ
մնաց
կարծես
դժուարանալով
խօսիլ։
Մարագի
մէջ,
հազիւ
թէ
դրսի
հրացաններու
պայթումի
ձայնը
խուլ
կերպով
կը
լսուէր։
—
Իսկ
կռուէ՞ն
ինչ
լուր,
—
Լեւոնը
վերջապէս
գլուխը
բարձրացնելով
հարցուց։
—
Ոչ
մէկ
լուր
ունինք,
արար
աշխարհ
հրացանի
ձայներով
լեցուած
է…
ճամբաները
հետեւակ
եւ
ձիաւոր
քրտերով
սեւցած՝
ամէն
կողմէ
կը
թափին
հարիւրներով…
Շատ
մեծ
կռիւ
պիտի
լինի…
Թնդանօթի
ձայն
ալ
կուգայ
Կիւսնենցի
կողմէն։
Հազիւ
նշմարելի
ժպիտ
մը
խաղաց
Լեւոնի
դէմքին
վրայ։
Վերջապէս,
Գէորգը
սրտին
ուզածին
պէս
կռիւ
մը
պիտի
ունենար,
թէեւ
անժամանակ։
Վերջի
ամիսներու
ընթացքին,
յեղափոխական
ղեկավարները
ամէն
կերպ
կ՚աշխատէին
խուսափիլ
կառավարական
ուժերու
հետ
չափուելէ։
Նախապատրաստական
աշխատանքներու
շրջան
մը
կը
համարէին
այդ
ամիսները,
գարնան
ընդհանուր
ապստամբական
ձեռնարկ
մը
փորձելու
համար։
Լեւոնը,
Վասպուրականի
աչքի
զարնող
ղեկավարներէն
մէկը,
ամէն
գնով
այդ
ձմեռ
խաղաղ
անցընելու
կողմնակից
էր։
Ասով
մէկտեղ,
եթէ
կռիւ
մը
անխուսափելի
կերպով
խումբի
մը
վզին
փաթթուէր,
պէտք
էր
որ
ֆետայիները
իրենց
արժէքը
ցուցադրէին
առաւելագոյն
չափով։
Լեւոնը
ուրախ
էր,
որ
Գէորգի
նման
փորձ
խմբապետ
մը
կը
գտնուէր
տղոց
հետ։
Անխուսափելին
կատարուած
էր,
կռիւը
դժբախտ
պատահարով
սկսած՝
ընթացքը
պիտի
առնէր,
կը
մնար
որ
ալ
աւելի
չտարածուէր,
ընդգրկելով
մօտի
շրջանները։
Բայց
մանաւանդ
Լեւոնը
կը
մտածէր
ամէն
գնով
փրկել
Ղզլճան,
այդ
զուտ
հայաբնակ
գիւղը,
որ
ապագայի
շարժման
ժամանակ
այդ
շրջանի
ապստամբութեան
գլխաւոր
խարիսխը
պիտի
լինէր։
—
Գիւղացիք
ի՞նչ
կը
խորհին,
—
հարցուց
Լեւոնը
մէկ
երկու
րոպէ
լռելէ
վերջ։
—
Հարսերու
եւ
աղջիկներու
մէկ
մասը
գիւղէն
վեր,
ծերպերու
եւ
քարերու
մէջ
պահուած
են…
ոչ
ոք
աշխատանքի
գնաց…
տաւարը
գիւղին
մօտ
բերինք…
Բայց
Աստուած
չընէ,
եթէ
բան
մը
պատահելու
լինի…
գիւղը
լեցուն
կին
ու
երեխայ…
—
Գիտե՛մ,
գիտե՛մ…
Առաքել,
վերադարձիր
գիւղ…
կամաւորները
պատրաստ
կը
պահես…
քանի՞
զէնք
ունիք։
—
Տասնեւչորս
հրացան,
երեք
մաւզէր
ատրճանակ,
ութ
հատ
ալ
վեցհարուածեան
մանր
ատրճանակներ…
—
Լա՛ւ։
Կը
հասկնա՞ս,
Առաքել,
առայժմ
վտանգ
մը
չկայ,
բայց
երեկոյեան
կողմ…
խնդիրը
կը
տարբերի,
քրտական
խուժանը
ամէն
ծայրայեղութեան
դիմելու
ընդունակ
է,
մանաւանդ
եթէ
կռուի
մէջ
բազմաթիւ
զոհեր
տուած
լինի.
եթէ
դէպքը
կողոպտելով
ու
թալլելով
սահմանափակուի,
պէտք
է
համբերել,
ոչ
մէկ
ընդդիմութիւն…
—
Այդ
պարագային,
պարոն
Լեւոն,
աւելի
լաւ
չէ՞ր
լինի,
որ
այժմէն
գիւղը
թողած՝
հեռանայիք
դէպի
սարը։
—
Անշուշտ
աւելի
լաւ
կը
լինէր,
բայց
անկարելի
պիտի
լինի
աննկատ
կերպով
հեռանալ,
ու
կը
վախնամ
որ
եկող
գնացող
քրտերը
տեսնելով՝
հարայ
փրցնեն
ու
վրայ
տան…
ո՞վ
գիտէ,
թերեւս
փոթորիկը
անցնի
առանց
գիւղին
հանդիպելու…
—
Կը
կարծե՞ս…
կռուի
վայրին
այսքան
մօտիկ
գտնուելով՝
գիւղը
փորձանքէ
ազատի։
—
Առաքել,
դժբախտաբար
չեմ
կարծեր,
միայն
կը
յուսամ…
ամէն
պարագայի
կռուի
պատճառ
պէտք
չէ
տանք,
պէտք
է
համբերել
որքան
որ
մարդկօրէն
կարելի
է
տանիլ։
—
Իսկ
դու
էստե՞ղ
պիտի
մնաս։
Հապա
եթէ
գիւղին
մէջ
բան
մը
պատահելու
լինի՜…։
—
Այդ
մասին
մի՛
մտածեր,
երկու
րոպէէն
կը
հասնիմ։
Գնա
գիւղ,
մեծ
քանակութեամբ
հաց
պատրաստէ,
աշխատելու
է
առիթ
չտալ։
Ո՜վ
գիտէ,
թերեւս
փոթորիկը
անցնի…
Թէ
ո՞րքան
Լեւոնը
կը
հաւատար
իր
ըսածին,
դժուար
է
ըսել։
Բաւական
ժամանակ
ապրած
լինելով
Վասպուրականի
մէջ,
ան
մօտէն
ծանօթ
էր
թուրքի
եւ
քրտի
հոգեբանութեանը։
Կռուի
մը
պարագային,
մասնաւորաբար
եթէ
կռիւը
հայկական
գիւղերու
մօտ
տեղի
ունենար,
շրջակայ
գիւղերը
լուրջ
վտանգի
տակ
կը
գտնուէին,
բոլորովին
անկախ
այն
բանէն,
թէ՝
այդ
գիւղացիք
կռուի
հետ
կապ
ունէի՞ն
թէ
ոչ։
Հալ
լինելը,
ինքնին
բաւական
մեծ
յանցանք
կը
համարուէր,
իսկ
կռուի
մը
ընթացքին
թուրքի
եւ
քրտի
վրէժխնդրութեան
զգացումը
ոչ
մէկ
սահման
կը
ճանչնար,
մանաւանդ
երբ
այդ
զգացումին
հետ
անպատիժ
կերպով
թալլելու,
կողոպտելու
պատեհութիւնն
ալ
կ՚աւելնար։
Այդ
պայմաններու
մէջ
հազիւ
թէ
Լեւոնը
հաւատար,
թէ
փոթորիկը
կրնայ
անցնիլ
առանց
վնասելու
Ղզլճան։
Առաքելի
երթալէն
վերջ,
Լեւոնը
արթնցուց
իր
ընկերները
եւ
երկու
խօսքով
բացատրելով
կացութիւնը,
պատուիրեց
պատրաստ
գտնուիլ,
իսկ
Սագոյին,
որ
բոլորովին
անզէն
էր,
իր
տասնոց
ատրճանակը
տուաւ՝
ինք
բաւականանալով
ձեռքի
հրացանովը։
Դժբախտաբար,
Լեւոնի
յոռի
ենթադրութիւնը
շուտով
իրականութիւն
դարձաւ։
Մինչեւ
կէս
օր,
Ղզլճայի
ճանապարհով
անցնող
քրտերը,
շուտով
կռուի
վայրը
հասնելու
ցանկութեամբ,
գիւղ
չէին
հանդիպեր
եւ
հապճեպով
կ՚անցնէին։
Հրացաններու
ձայներէն
եւ
թնդանօթներու
անընդհատ
գոռոցէն
կարելի
էր
եզրակացնել,
թէ
կռիւը
հետզհետէ
կատաղի
կերպարանք
մը
կը
ստանար։
Արճակի
եւ
Խարակոնիսի
ճանապարհներուն
վրայ
անկտրուկ
կերպով
կ՚երեւային
հեռաւոր
շրջաններէ
եկող
հետեւակ
ու
ձիաւոր
քրտերու
երկար
շարանները,
որոնց
վերջը
չէր
երեւնար
սակայն։
Ղզլճան
ճամբուն
վրայ
ինկած
աւերակ
գիւղի
մը
տպաւորութիւնը
կը
ձգէր։
Բացի
մէկ
երկու
ծերունիներէ,
որոնք
եկեղեցիի
կուշտը
պպզած
էին,
դուրսը
ոչ
ոք
կ՚երեւէր։
Կին
ու
երեխայ,
ահ
ու
սարսափով
համակուած,
տները
քաշուած
էին։
Առաքելն
ու
իր
երիտասարդ
ընկերները
Բասեղ
Պիծայի
տանը
մէջ,
անհամբերութեամբ
կը
սպասէին
կռուի
ելքին,
որ
ճակատագրական
նշանակութիւն
պիտի
ունենար
գիւղի
համար։
Կէս
օրէ
վերջ,
մէկ
մէկ
երեւցան
փոքր
խմբերով
քրտեր,
որոնք
կամ
վիրաւոր
մը
եւ
կամ
սպաննուած
քիւրտ
մը
կը
տանէին
իրենց
գիւղերը։
Նայած
սպաննուածի
դիրքին,
նոյն
համեմատութեամբ
ալ
կը
բազմանար
հետեւորդներու
թիւը։
Մէկ
ալ
Ջերմուկ
գիւղի
կողմէն
երեւցան
բազմաթիւ
ձիաւորներ,
որոնք
շատ
կամաց
կամաց
կը
յառաջանային
ճանապարհով։
Հակառակ
անոնց
հեռաւորութեան,
եկեղեցիի
կուշտը
նստած
գիւղացիները
որոշ
կերպով
կը
լսէին
քիւրտ
երգիչի
կլկլացող
ձայնո։
—
Տէր
հա՛յր,
—
տուն
քաշուինք,
եւ
Աստուած
ողորմի
մեզ
եւ
Ղզլճային…
Աղտաշի
Իպրահիմ
բէկը
կամ
սպանուած
է,
կամ
վիրաւոր,
ականջ
տո՛ւր…
Իրօք,
քրտերը
ըստ
իրենց
սովորութեան
սպաննուած
բէկի
դիակը
կը
տանէին
գիւղ,
մինչ
երգիչները,
յանպատրաստից,
սգերգ
մը
կ՚երգէին՝
գովելով
բէկի
տղամարդութիւնը,
կռուի
մէջ
ցոյց
տուած
կտրիճութիւնը։
Քահանան
եւ
ընկերները
շունչերնին
բռնած՝
մտիկ
ըրին։
Հեռուէն
կը
լսուէր
քրտի
մը
բարձր
կոկորդային
երգը.
Վայ
լօ,
վայ
լօ,
վայ
լօ,
վերան
դառնայ
Ղզլճայի
սարը.
Ֆետայիները
դիրք
բռնեցին
վայրի
այծեամներու
քով.
Արեւը
չբացուած
խապար
հասաւ
Իբրահիմ
բէկին,
Մէկ
Արճակու
դաշտ,
մէկ
Իբրահիմ
բէկ։
Վայ
լօ,
վայ
լօ,
վայ
լօ։
Գէորգ
փաշէն
ըսաւ՝
«ես
ճան
ֆետայի՝
Պարապի
չ՚անցնիր
գնդակս
երբեք,
Հազար
քայլի
վրայ
հաւկիթը
գետնէն
կը
թռցնեմ.
Ան
որ
կեանքէն
ձեռք
քաշած
է,
ասպարէզ
թող
գայ.
Կնիկ,
երեխայ
մէկդի
թող
քաշուի,
կռուի
մէյտանը
ղօչախներու
է»։
Վայ
լօ,
վայ
լօ,
վայ
լօ
—
Հա՛,
Օհաննէս,
—
քչփչաց
տէրտէրը,
քովինին
ականջին,
—
բան
մը
պատահած
լինելու
է
Իբրահիմ
բէկին։
Այդ
պարագային
վայ
մեզի։
Շամքօռենց
Օհաննէսը,
առանց
պատասխանելու,
ձեռքով
լռութիւն
պատուիրեց
քահանային՝
ուշադրութեամբ
հետեւելով
երգիչի
խօսքերուն.
«Լօ,
Լօ,
հԷ՜յ,
Գէորգ
փաշա,
մէրդ
չմեռնի,
ինծի
Իբրահիմ
բէկ
կ՚ըսեն.
Քառասուն
կռուի
մէջ
մտած,
վէրքերուս
թիւը,
տարիքէդ
շատ
է.
Արծաթով
բանուած,
Այնալու
հրացանս,
պատէն
վար
առի,
Աստուած
որ
կամենայ,
էս
օր
հոգիդ
դժոխք
պիտ
ճամբեմ»։
Վայ
լօ,
վայ
լօ,
վայ
լօ։
Ձիաւորներու
խումբը
հասած
էր
այնտեղ,
ուր
Ղզլճայի
ճանապարհը
կը
բաժնուէր
գլխաւոր
ճանապրահէն։
Հոդ
ատեն
մը
կանգ
առին,
մինչ
երգիչը
կը
շարունակէր.
Վախ
չորնայ
ձեռքը
Գէորգ
փաշային,
մէրը
արուն
լայ,
Չոքը
գետին
կպուց,
գնդակը
թռաւ,
բէկի
սիրտը
գտաւ.
Խապար
տարէք
Աղտաշ.
աղջիկ
ու
հարս
սուգ
թող
բռնեն,
Իբրահիմ
բէկը
բերող
ծերունի
մէրը,
մէկ
ալ
ասլան
մը
չի
բերելու։
Վայ
լօ,
վայ
լօ,
վայ
լօ։
Յանկարծ
բազմութենէն
տասնեակ
մը
ձիաւորներ
զատուելով,
ձիերը
մտրակեցին
ու
քշեցին
դէպի
գիւղի
ձորը,
ուր
գիւղացիք
ապահովութեան
համար
գիւղի
սեւատաւարը
բերած
էին։
Այդ
յարձակումը
այնքան
արագ
եւ
անսպասելի
կերպով
կատարուեցաւ,
որ
ոչ
եկեղեցիի
քով
կուչ
եկած
քահանան
եւ
ընկերները
չկրցան
հեռանալ
եւ
ոչ
ալ
տաւարին
հսկող
երկու
հօտաղները
յաջողեցան
ինքզինքնին
գիւղ
նետել։
Քրտերը
վրայ
հասած
չհասած՝
հրացանի
գնդակով
մը
գետին
փռեցին
հօտաղներէն
մեծը,
հազիւ
տանեւհինգ
տարեկան
պատանի
մը,
իսկ
միւսը
տեղն
ու
տեղը
սրախողխող
ըրին։
Եւ
մինչ
ձիաւորներէն
երեքը
անմիջապէս
տաւարը
սկսան
քշել
դէպի
վար՝
մեծ
ճանապարհը,
մնացածները
երբ
եկեղեցիի
մօտ
նստողները
նկատեցին,
ձիերը
քշեցին
այն
ուղղութեամբ՝
հրացանները
պարպելով։
Արեան
տեսքը
կամ
անսահման
սարսափ
կը
յառաջացնէ
մարդու
մէջ
եւ
կամ
խելառ
կատաղութիւն
մը,
որ
ոչնչով
չի
սահմանափակուիր։
Քրտերը
ընդհանրապէս
շատ
խոհեմ
կը
շարժէին
ֆետայիներու
հետ
կռուի
բռնուած
ատեն,
բայց
երբ
խնդիրը
գար
անպաշտպան
գիւղ
մը
կոտորելու,
անոնք
կատաղած
գազաններու
նման
վրայ
կուտային
եւ
սրի
կը
քաշէին
հանդիպած
մարդը։
Երբ
ձիաւորները
եկեղեցիի
մօտ
հասան,
հոն
գտնուողները
ով
ինչպէս
կրցաւ,
տուն
մը
մտաւ
եւ
ետեւէն
դուռը
գոցեց։
Միայն
ծերունի
քահանան
եւ
րէսը
դեռ
ներս
չմտած՝
յանկարծ
շրջապատուեցան
ձիաւորներով։
—
Աստուծու
սիրուն,
մի
խփէ՛ք,
մենք
ձեզի
գէշութիւն
մը
ըրած
չունինք,
—
հազիւ
կրցաւ
ըսել
րէսը՝
աղաչաւոր
դէմքը
վեր
բռնած։
—
Հա,
ա՛ռ,
—
ու
երիտասարդ
ձիաւոր
մը՝
ձեռքի
կեռ
սուրը
փարտելով
իջեցուց
զոհի
գլխուն,
որ
շանթահարուածի
նման
գետին
ինկաւ։
—
Հա՜յ,
հապա՛ր,
սպաննեցին,
րէսը
սպաննեցին,
—
ձայնը
գլուխը
ձգած
սկսաւ
պոռալ
քահանան՝
միաժամանակակ
աշխատելով
դուրս
նետուիլ
ձիաւորներու
մէջէն,
—
ամմա՜ն
հասէ՛ք…
—
Սեւագլուխ,
առ
քեզի,
—
ու
քրտերէն
մէկը
հրացանը
վար
բերաւ
եւ
կրակեց։
Ճանապարհի
վրայ
մնացող
ձիաւորները,
որոնք
հանդարտօրէն
կանգնած
կը
դիտէին
կատարուած
գազանութիւնը,
երբ
տեսան
որ
իրենց
ընկերները
ձիերէն
իջած
սկսան
են
տան
դռները
կոտորել
ու
ներս
մտնել,
իրենք
ալ
աւարէն
անմասն
չմանալու
համար՝
քշեցին
ձիերը։
Գիւղի
միակ
փողոցը
լեցուեցաւ
քրտերով,
որոնք
ձիերէն
վար
իջած՝
դռները
կը
կոտրէին
եւ
ներս
կը
մտնէին,
իսկ
տներու
մէջէն
կը
լսուէր
աղէկտուր
ձայներու
հետ
հրացաններու
գոռոցը։
Ղզլճան
ճակատագրական
վերջին
ժամը
կ՚ապրէր։
Յանկարծ
գիւղի
վերէն,
մարագներու
կողմէն
լսուեցաւ
բազամաթիւ
հրացաններու
կանոնաւոր
տրաք
տրաքոցը,
ու
դեռ
փողոցի
մէջ
գտնուող
քրտերը
ինքզինքնին
չգտած՝
իրենցմէ
չորսը
գետին
տապալեցան։
—
Դուրս
եկէ՛ք,
փախէ՛ք,
ֆետայիները
եկան…
ինքզինքնիդ
ազատեցէ՛ք,
—
իրարու
ձայն
տալով
քրտերը
սկսան
փախչիլ
դէպի
վար,
որը
ձիաւոր,
որը
ձին
գիւղին
մէջ
ձգած։
—
Տղաք,
մի՛
խնայէք։
Լեւոնը
ընկերներու
առջեւէն
կը
վազէր
քարքարուտ
բլուրէն
դէպի
գիւղը՝
անընդհատ
աջ
ու
ձախ
կրակելով։
Կը
վազէր
այնպէս,
ինչպէս
լեռնային
հեղեղ
մը,
անզուսպ
կատաղութեամբ
բռնուած։
Գիւղի
բախտը
վճռուած
էր,
քրտերը
աւերակ
պիտի
դարձնէին
Ղզլճան,
այլեւս
միայն
ժողովուրդը
ազատելու
մասին
կը
մտածէր
Լեւոնը,
ու
եթէ
ինք
ու
իր
ընկերները
ակամայ
հրապարակ
ելած
էին,
պէտք
էր
այնպէս
դաս
մը
տալ,
որ
երբեք
չմոռնային
քրտերը։
Գիւղի
դիրքը
բարձր
էր.
իսկ
ճանապարհը
գիւղի
տակով
կ՚անցնէր։
Եկեղեցիի
առջեւ
ինկած
քարերու
ետեւ
դիրք
բռնելով՝
Լեւոնն
ու
վեց
ընկերները
սկսան
այնպիսի
արագ
եւ
լաւ
նշանառութեամբ
գնդակ
արձակել,
որ
ճամբու
վրայ,
բլուրի
կողքը
տասէ
աւելի
սպաննուած
եւ
վիրաւոր
քրտեր
ինկան,
մինչ
ողջ
մնացողներէն
անոնք,
որ
ձիաւոր
էին,
Մխկներու
կողմը
փախչելով,
գնդակի
հասողութեան
սահմանէ
դուրս
եկած,
կանգ
առին,
իսկ
անոնք
որ
ձիերը
ձգած
էին
գիւղի
մէջ,
ճանապարհէն
վար
քաշուելով
քարերու
ետեւ
դիրք
բռնեցին
ու
սկսան
կրակել։
Գիւղին
մէջ
աննկարագրելի
իրարանցում
մը
կը
տիրէր։
Ողբ,
ճիչ,
վայնասուն
ողջ
գիւղը
բռնած
էր։
Քրտերը,
քանի
մը
րոպէի
մէջ
տասներկու
մարդ
խփած
էին,
երեք
հատ
ալ
երեխայ։
—
Տղա՛ք,
դուք
դիրքը
պահեցէք,
ես
մէկ
գիւղ
մտնեմ՝
Առաքելը
գտնալու,
—
ու
Լեւոնը
եկեղեցիի
անկիւնը
դառնալով
՝
գիւղը
մտաւ։
Գիւղացիք,
մանաւանդ
կիներն
ու
երեխաները,
խելագարներու
նման
տնէ
տուն
կը
մտնային,
փողոց
դուրս
կուգային՝
մազերնին
պոկելով,
կուրծքերնին
ծեծելով։
Մարդիկ
շուքերու
նման
լուռ՝
ներս
ու
դուրս
կ՚ելլէին
տներէն
բոլորովին
շլմորած,
կարծես
ծանր
երազի
մը
մէջ
գտնուէին։
Առաքելն
ու
գիւղացի
զինուորները,
գաղտնի
պահարանէն
դժուարութեամբ
զէնք
դուրս
բերած,
նոր
դուրս
կուգային
տնէ
մը,
որ
գիւղի
վերի
ծայրը
կը
գտնուէր։
Լեւոնի
գիւղի
մէջ
երեւալը
սարսափով
լեցուց
գիւղացիները։
Անոր
քրտական
հագուստէն
խաբուելով,
լեղապատառ
եղան
եւ
դռներէ
ներս
կը
խուժէին,
մինչեւ
որ
Առաքելը
իր
ընկերներով
վրայ
հասաւ
եւ
հանդարտեցուց
գիւղացիները,
յայտնելով,
թէ
Լեւոնն
է։
Կին,
տղա
մարդ,
երեխայ
վայնասունով
շրջապատեցին
Լեւոնը։
Թէ
ի՞նչպէս
եւ
ե՞րբ
գիւղ
եկած
էր,
այդ
մասին
իրենք
լուր
մը
չունէին։
Անշուշտ
Աստուած
ղրկած
էր
զայն՝
այդ
ծանր
րոպէին
իրենց
տէր
կանգնելու։
«Պարոն
Լեւոն,
ի՞նչ
պիտի
ընենք—
մեր
վիճակը
ի՞նչ
պիտի
լինի,
—
քրտերը
նորէն
պիտի
գան,
—
քու
ոտքն
ենք
ինկեր,
ազատէ
մեր
ճիժ
ու
պժերը»,
ամէն
կողմէ
Լեւոնը
կը
լսէր
աղերսանք,
լաց
ու
կոծ։
Րոպէ
մը
շփոթած՝
ան
լուռ
մնաց.
ո՞ր
մէկուն
խօսք
հասկցնէր։
Պարզ
էր,
որ
գիւղացիք
պէտք
է
ձգէին
Ղզլճան
եւ
հեռանային։
Բայց
ո՞ւր։
Ճանապարհի
երկու
կողմն
ալ
բռնուած
էր
քրտերով,
որոնք
երեխայ
մ՚իսկ
ողջ
չէին
ձգելու։
Կը
մնար,
որ
գիւղացիք
վտանգաւոր
կածանով
բարձրանային
սարը,
Գէորգի
խմբի
մօտ,
մեծապէս
վտանգելով
խմբի
ազատ
շարժելու
հնարաւորութիւնը։
Բայց
եւ
այնպէս
այդ
միակ
միջոցն
էր.
թերեւս
այդ
ձեւով
գիւղացիներու
մեծագոյն
մասը
փրկուէր։
Եւ
պէտք
էր
որ
արագ
շարժէին։
—
Առաքել,
գիւղը
պէտք
է
դատարկել,
շուտով
գործի
անցէք,
—
կարգադրեց
Լեւոնը,
—
ժողովուրդը
թող
բեռ
չվերցնէ
հետը,
միայն
հացի
պաշար։
—
Բայց,
պարոն
Լեւոն,
այսքան
բազմութիւն,
կիներ,
ծերունիներ,
երեխաներ,
—
յուսահատօրէն
գլուխը
շարժելով
պատասխանեց
Առաքելը,
—
ո՞ւր
պիտի
երթանք։
—
Անշուշտ
դէպի
սարի
գագաթը։
Ես
իմ
ընկերներով
դեռ
ժամանակ
մը
կը
դիմադրեմ,
բայց
շուտով
հարիւրաւոր
քրտերու
հետ
գործ
պիտի
ունենանք,
դժուար
է…
Արագ
շարժեցէք…
ձեզ
տեսնամ…,
—
ու
Լեւոնը
ետ
դառնալով
վազէ
վազ
իր
ընկերներուն
միացաւ։
Երբ
քրտերը
յանկարծակիի
եկած
խուճապահար
փախան
Ղզլճայէն,
կը
կարծէին
թէ
բազմաթիւ
ֆետայիներու
հետ
գործ
ունին։
Սակայն,
երբ
մէկ
մասը
ապահով
հեռաւորութեան
վրայ
կանգ
առաւ,
իսկ
փախչիլ
չկրցող
քրտերը
գիւղէն
քիչ
հեռու
դիրք
բռնած
սկսան
կռուիլ,
նոր
միայն
պարզուեցաւ,
որ
բազմութիւն
կարծուած
թշնամին
հազիւ
ութ
տաս
կռուողներ
էին։
Այդ
գիտակցութիւնը
նոր
կորով,
նոր
եռանդ
տուաւ
քրտերուն։
Դիրքէ
դիրք
լուր
հասցուցին
հեռու
գտնուող
ձիաւորներուն,
որոնք
հետզհետէ
սկսան
մօտենալ
Ղզլճային,
մինչ
մօտաւոր
դիրքերու
քրտերը
զբաղած
կը
պահէին
Լեւոնն
ու
ընկերները։
Լեւոնի
համար
պարզ
էր,
որ
կէս
ժամ
չանցած՝
իրենք
պիտի
շրջապատուէին
տասնապատիկ
անգամ
աւելի
բազմաթիւ
թշնամիներով,
իսկ
ատոր
հետեւանքը
պիտի
լինէր
ժողովուրդի
եւ
իրենց
ամբողջական
բնաջնջումը։
Լեւոնի
աչքը
ետեւն
էր։
Եթէ
միայն
գիւղացիք
շուտով
շարժուէին,
թերեւս
ժամանակին
կարելի
լինէր
դուրս
գալ
թշնամիներու
օղակի
մէջէն։
Բայց
գիւղը
տեղէն
չէր
շարժեր։
Երբ
գիւղացիք
Լեւոնի
կարգադրութիւնը
լսեցին,
կարծես
թէ
մոռցած
քրտերու
քիչ
առաջուան
յարձակումը,
գալիս
անխուսափելի
վտանգը՝
կը
դժուարանային
դուրս
գալ
գիւղէն,
թողուլ
պապենական
օճախը,
տուն
ու
տեղ։
ՊԷտք
եղաւ,
որ
Առաքելն
ու
ընկերները
բռնութիւն
բանեցնէին՝
տներէն
դուրս
բերելու
համար
գիւղացիները։
Շատ
մեծ
դժուարութեամբ
յաջողեցան
գիւղի
կողքէն
երկարող
ձորն
ի
վեր
բարձրացնել
բազմութիւնը,
որ
մէկ
մը
հեռացած
գիւղէն,
այլեւս
ամէն
ինչ
մոռցած
կ՚աճապարէր
մագլցելով
բարձրանալ
ապահով
տեղ
մը։
Առաքելն
ու
ընկերները
բազմութեան
ետեւէն
ծանր
ծանր
կը
բարձրանային։
Մինչ
գիւղի
չորս
բոլորը
հրացանաձգութիւնը
կատաղի
թափ
մը
կը
ստանար,
քիւրտ
ձիաւորները
ամէն
կողմէ
վրայ
կուտային,
քարերու
տակ
դիրք
բռնած
քրտերը,
քարէ
քար
անցնելով
կը
մօտենային
եկեղեցիին,
ուր
դիրք
մտած՝
Լեւոնն
ու
ընկերները
կատաղութեամբ
կը
կռուէին,
աշխատելով
հեռու
պահել
քրտերը,
մինչեւ
որ
գիւղացիք
բաւական
մը
հեռանային։
Առաքելը
զինուած
ընկերներով
ժողովուրդի
ետեւէն
կ՚երթար
ու
ստէպ
ետ
կը
դառնար՝
գիւղի
կողմը
նայելով։
Լեւոնի
եւ
ընկերներու
ուշանալը
զինք
սաստիկ
կ՚անհանգստացնէր։
Ինչո՞ւ
կ՚ուշանային,
երբ
գիւղի
մէջ
ոչ
ոք
մնացեր
էր։
Վերջապէս
երեւցան
ԼԵւոնն
ու
ընկերները,
որոնք
դիրքէ
դիրք
ընկրկելով՝
կը
բարձրանային
դէպի
սարի
գագաթը։
Ահագին
տարածութեան
վրայ
ցրուած
էին
գիւղացիները,
ծանր
ծանր
կը
քալէին
ընկճուած
ու
յոգնած։
Վերելքը
սաստիկ
դժուար
էր,
մանաւանդ
քանի
սարի
գագաթին
կը
մօտենային։
Անգամ
մը
դուրս
եկած
գիւղէն,
ամբողջ
ժողովուրդը
լուռ
ու
մունջ,
կ՚աճապարէր
լերան
ծայրը
հասնիլ
Յանկարծ
ձայն
ձայնի
տուած
կանգ
առաւ
բազմութիւնը
եւ
ընդհանուր
վայնասուն
վը,
աղեխարշ
հեկեկոց
մը
փրթաւ։
Ղզլճան
ծուխերու
եւ
բոցերու
մէջ
կը
գալարուէր։