ԵՐԲ
ՍՈՆԻԱՆ
ԵՒ
ԼԵՒՈՆԸ
ՄԻԱՍԻՆ
ԿԸ
ԳՈՐԾԵՆ
Յաջորդ
օրը,
երբ
Սոնիան
սովորական
հիւանդները
ընդունելէ
վերջ
վեր
բարձրացաւ
իր
ընդունարանը,
մօտեցաւ
Լեւոնի
սենեակին
ու
կամաց
մը
դուռը
թխկացուց։
Անմիջապէս
դրան
սեմին
վրայ
երեւցաւ
Լեւոնը։
Երկուքը
միասին
տեղաւորուեցան
բազմոցի
վրայ։
Նախ՝
Լեւոնը
սկսաւ
խօսիլ․
—
Կը
շնորհաւորեմ
ձեզ,
օրիորդ․
հիանալի
կերպով
սարքած
էիք
ձեր
երէկուան
ծննդեան
տարեդարձի
խնջոյքը…
—
Ճիշդը
կ’ուզէ՞ք
իմանալ,
երէկ
իմ
ծննդեան
տարեդարձը
չէր..
․
բայց
չ’արժեր
այդ
մասին
խօսիլ։
Խօսինք
գործէն։
Ձեր
քաղաք
մտնալը
ինքնին
շատ
վտանգաւոր
հետեւանքներ
կրնայ
ունենալ…
—
Գիտեմ։
Ոչ
միայն
ինձ
համար,
այլ
եւ
ուրիշներու։
Այդ
մասին
կ’ուզէի
խօսիլ:
Ձեզ
չվտանգելու
համար
ես
այս
գիշեր
պէտք
է
մեկնիմ
այս
տեղէն…
—
Գիտէք,
պարոն
Լեւոն,
մենք
նախ
գործի
մասին
պիտի
մտածենք
ու
ապա
մեր
մասին։
Անշուշտ,
կը
խոստովանիմ,
որ
ձեր
այս
տեղ
գտնուիլը
որոշ
չափով
մը
կրնայ
վտանգել
իմ
գործը։
Բայց
այս
պահուս
ամբողջ
Այգեստանի
մէջ
իմ
տնէն
աւելի
յարմարաւոր
թագստոց
մը
չկայ
ձեզ
համար:
Հետեւաբար,
գործի
շահը
ի
նկատի
ունենալով՝
անձնական
նկատումները
պատճառ
պիտի
չը
լինին,
որ
ձգէք
եւ
երթաք,
երբ
վստահ
չէք,
թէ
տեղ
մը
պիտի
կրնաք
գտնել
պատսպարուելու
համար։
Ուրեմն
այս
մասին
այսքան։
Ես
կարեւոր
տեղեկութիւններ
ունիմ
ձեզ
հաղորդելիք։
Իտալական
քօնսիւլի
կինը,
ինչպէս
գիտէք,
հայուհի
մըն
է։
Երէկ
գիշեր
պատրուակ
մը
գտնալով՝
ան
վայրկեան
մը
ննջասենեակս
մտաւ
ու
գաղտնաբար
յայտնեց
որ
մասնաւորաբար
Վահէի
նկատմամբ
Պոլսոյ
կեդրոնական
կառավարութիւնը
հրամայած
է
անմիջապէս
ձեւականօրէն
դատել
եւ
վճիռ
տալ,
մինչեւ
երկու
շաբաթ,
այսինքն՝
գործադրել
արդէն
Պոլսի
մէջ
տրուած
վճիռը…
—
Իսկ
այդ
վճի՞ռը,
—
հարցուց
Լեւոնը,
որուն
դէմքը
անմիջապէս
քարացած
արտայայտութիւն
մը
ստացաւ
ու
ձայնը
սառոյցի
նման
պաղ
ու
չոր
դուրս
եկաւ
կոկորդէն:
Սոնիան
ակամայ
սարսռաց
ու
քովնտի
նայեցաւ
քովի
նստողին,
որ
այնքան
անտարբեր
կերպով
հարցուցած
էր
վճիռի
մասին,
որպէս
թէ
սովորական
բան
մը
լինէր
ըսածը։
Սոնիան
չփոթած
քանի
մը
վայրկեան
լռելէ
վերջ,
շրթունքները
սեղմած՝
պատասխանեց․
—
Կախաղան:
Երկար
ատեն
ոչ
մէկը
խօսեցաւ։
Սոնիան
հոգիին
մէջ
պաղ
կը
զգար
ու
անոր
կը
թուէր,
թէ
ահագին
սառոյցէ
պատնէշ
մը
զինքը
կը
զատէր
Լեւոնէն։
Երբ
Լեւոնը
սկսաւ
խօսիլ
գլուխը
ձեռքերուն
մէջ
առած,
Սոնիան
զարմանքով
նշմարեց,
որ
անոր
դէմքը
մահատիպ
գունատութիւն
մը
ստացեր
էր,
երեսի
պալարները
կը
դողային
ու
հաշմուած
թեւը
ստէպ
կծկումներ
կ՚ունենար,
թէեւ
իր
արձանային
դիրքը
չէր
փոխած,
եւ
ոչ
ալ
ձայնը
իր
մետաղական
չորութիւնը։
—
Այդպէս
ալ
սպասելի
էր,
—
խօսեցաւ
Լեւոնը
միօրինակ
ձայնով
մը,
աւելի
շուտ
բարձրաձայն
խորհրդածելով,
—
կառավարութիւնը
կ՚աշխատի
անվերջ
խուզարկութիւններով,
բանտարկութիւններով
յուսալքել
հայ
ժողովուրդը։
Հիմա
ալ
կախաղանի
սիւն
մը
կ’ուզէ
տնկել
հրապարակի
վրայ…
Վատ
հաշիւ
չէ.
սարսափը
ամենաազդու
միջոցն
է
բարոյալքելու
երերուող
հոգիները։
Գիտէի,
որ
դատաւորները
կաշառելու
միջոցով
բան
պիտի
չշահէինք…
անոնք
պարզ
խամաճիկներ
են,
Պոլսէն
թելը
կը
քաշեն,
ասոնք
հոս
պարտաւոր
են
անոնց
եղանակով
պարել։
Կը
մնայ
որ…
Սոնիան
ամբողջովին
ուշադրութիւնը
լարած՝
մտիկ
կ’ընէր։
Բայց
Լեւոնը
առանց
նախադասութիւնը
վերջացնելու՝
լռեց։
—
Իսկ
չըսիք
թէ
ի՞նչ
պիտի
ընել,
—
անհամարձակ
հարցուց
Սոնիան,
որ
ինքզինքը
սաստիկ
շփոթած
կը
զգար
այս
օտարոտի
բնաւորութեան
տէր
երիտասարդի
հետ
խօսած
ժամանակ։
Րոպէ
մը
երկուք՝
Լեւոնը
լուռ
մնաց,
ապա
ձեռքերը
գլխէն
վար
առնելով՝
կրթնեցաւ
բազմոցի
յենարանին
ու
վճռականօրէն
ըսաւ․
—
Այս
երեկոյ
պէտք
է
դուրս
գամ,
թէկուզ
նոյնիսկ
երկու
ժամուան
համար…
—
Բայց
գիտէ՞ք
որ
այդ
անկարելիութիւն
է.
միթէ՞
Յակոբը
կամ
ես
չենք
կրնար
օգնել։
—
Դժբախտաբար,
ոչ։
Ես
պէտք
է
տեսնուիմ
Մելոյի
հետ։
Յակոբը
այս
առտու
լուր
բերաւ
որ
Մելօն
իր
տանը
մէջ
թագնուած
է։
Ես
պէտք
է
իր
մօտ
երթամ։
—
Բայց
այդ
անկարելի
է…
—
Օրիորդ
Սոնիա,
—
Լեւոնի
ձայնը
կտրուկ
ու
չոր
արտայայտութիւն
մը
ստացաւ,
—
մեզի
համար
անկարելիութիւն
գոյութիւն
չունի։
Ամէն
գնով
պէտք
է
փորձել։
—
Չէ՞ք
ուզեր
ինձ
յայտնել
ձեր
ծրագիրը…
—
Ա՜,
չէ՛,
ինչո՞ւ
համար
ձեզմէ
ծածկէլ։
Թէեւ
երրորդ
անգամն
է
որ
կը
հանդիպիմ
ձեզ,
բայց
այդքանը
բաւական
եղաւ
համոզուելու
համար,
որ
դուք
խելօք
եւ
անձնուէր
ընկեր
մ’էք…
Չէ՛,
մի՛
սխալուիք,
ես
հաճոյախօսութիւն
չեմ
ըներ։
Ինչ
որ
է։
Ըսի,
որ
պէտք
է
Մելօն
տեսնեմ,
ան
բազմաթիւ
անգամներ
բանտարկուած
է,
բանտի
ծակ
ու
ծուկին
ծանօթ
է,
բացի
այդ…
—
Այո՛։
—
Մելօն
անցեալի
մէջ
նշանաւոր
գող
մ’էր,
առաջնակարգ
հոր
փորող
մը,
մաքսանենգ
մը,
պատ
ծակող
մը…
Շնորհալի
յատկութիւններ
չեն,
բայց
ներկայ
պարագաներու
մէջ
աւելի
քան
պէտքական։
Առ
այժմ
որոշ
բան
մը
չեմ
կրնար
ըսել
ծրագրիս
մասին։
Ինձ
համար
ալ
շատ
պարզ
չէ։
Անգամ
մը
պէտք
է
Մելօն
տեսնել…
Եթէ
պիտի
ընենք
բան
մը,
պէտք
է
անմիջապէս
ձեռնարկել,
ժամանակ
չունինք
կորսնցնելու։
—
Ուրեմն,
անհրաժեշտ
է
որ
դուք
երթաք
Մելոյի
մօտ:
—
Ինչպէս
կը
տեսնէք.
քանի
որ
ան
չի
կրնար
այստեղ
գալ…
—
Լաւ,
ես
լաւագոյն
միջոցը
ցոյց
տամ,
—
Սոնիան
ատեն
մը
մտածելէ
վերջ
Լեւոնի
կողմը
դառնալով՝
ըսաւ․-
Ես
ձեզ
հետ
կուգամ,
կամ
աւելի
ճիշդը,
դուք
Յակոբի
զգեստները
կը
հագնիք,
ու
որպէս
ծառայ
լապտերը
բռնած՝
առջեւէս
կ’երթաք։
Եթէ
բան
է,
ճամբան
տէվրիէյի
հանդիպինք,
ես
գիտեմ
անոնց
հետ
խօսելու
կերպը…
Այգեստանի
գրեթէ
բոլոր
ոստիկանները
զիս
կը
ճանչնան…
—
Լաւ
միջոց
է,
բայց
ձեզ
համար
վտանգաւոր
հետեւանքներ
կրնայ
ունենալ։
—
Բայց
քիչ
առաջ
դուք
ըսիք,
որ
մեզ
համար…
—
Իրաւունք
ունիք,
օրիորդ,
—
Սոնիայի
խօսքը
կտրեց
Լեւոնը,
—
երբ
խնդիրը
Վահէն
ազատելու
կը
վերաբերի,
պէտք
է
ամէն
միջոց
փորձել։
Ուրեմն,
ես
իջնամ
վար
ու
պատրաստուիմ:
Կէս
ժամ
վերջ
երբ
կարգին
մթնած
էր,
Սոնիան
եւ
Լեւոնը
փողոց
դուրս
եկան,
եւ
ուղղուեցան
Խաչ
Փողանով
դէպի
Շան
թաղ,
թրքախառն
փողոցը,
որու
ամենահեռաւոր
ծայրը,
Յանկոյսներու
գետակի
մօտ
կը
գտնուէր
Մելոյի
խարխլած
խրճիթը։
Խոշոր
լապտեր
մը
ձեռքը
ու
որպէս
թէ
ցրտէն
պաշտպանուելու
համար
գլուխը
լաւ
մը
փաթթած՝
երկու,
երեք
քայլ
առջեւէն
կը
քալէր
Լեւոնը,
ինչպէս
սովորաբար
կ’ընեն
ծառաները։
Բարեբախտաբար,
Մելոյի
տունը
հեռուն
չէր
գտնուեր։
Հոն,
ուր
Խաչ
փողոցէն
Շան
թաղ
պիտի
ծռէին,
վարէն
վեր
եկող
տէվրիյէ
մը
դէմերնին
ելաւ։
—
Քի՞մ
օ՛,
(ո՞վ
է
ան),
—
պոռաց
տէվրիէյի
առջեւէն
քալող
ոստիկանը։
—
Կեցի՛ր,
Յակոբ
եղբայր,
—
ձայնեց
Սոնիան
ու
անխռով
սպասեց,
որ
ոստիկանը
մօտենայ։
—
Տոքթոր
հանում,
—
բարեւելով
մօտեցաւ
ոստիկանը,
—
գիշեր
ատեն
այս
ցրտին…
—
Հիւանդը
ցրտին
չի
նայիր,
փոլիս
էֆէնտի։
Դուք
ալ
այս
ցուրտին
ժամերով
կը
պտըտիք
փողոցները։
—
Մեր
գործը
տարբեր
է,
հանըմ
էֆէնտի,
պարտականութիւն…
ձեզ
բարի
ճանապարհ։
—
Ձեզ
ալ
բարի
ճանապարհ։
Ոստիկանը,
առանց
ուշադրութիւն
դարձնելու
Լեւոնի
վրայ,
որ
երկու
երեք
քայլ
հեռուն
պատկառոտ
դիրքով
մը
կայներ
էր,
ճամբան
շարունակեց։
Սոնիան
ու
Լեւոնը,
առանց
շտապելու,
հանդարտ
քայլերով
բարձրացան
Շան
թաղի
վերի
ծայրը,
ուր
փողոցը
կը
վերջանայ
արդէն,
եւ
անկիւնի
տան
բակը
մտան,
որու
դուռը
գոցուած
ալ
չէր։
Բակի
մէկ
կողմը
ցածկեկ
թոնրատուն
մը
կար,
կուշտը
քանդուած
ախոռ
մը,
որու
տանիքի
մէկ
մասը
փլած
էր,
ու
անդուռ
յարդանոց
մը։
Լեւոնը
մօտենալով՝
թոնրատան
դուռը
ծեծեց։
—
Էն
վո՞վ
ի,
—
լսուեցաւ
ներսէն
կնոջ
մը
խռպոտ
ձայնը։
—
Ես
եմ,
բա՛ց,
—
հազիւ
լսելի
ձայնով
մը
պատասխանեց
Լեւոնը։
—
Դուն
վո՞վ
ի՛ս…
Լեւոնը
դժուարացաւ
պատասխանել,
բայց
Սոնիան
անմիջապէս
մօտենալով
դրանը,
ըսաւ․
—
Ես
եմ,
ռուսաստանցի
բժշկուհին,
Ակոբի՝
հիւանդի
մօտէն
կուգամ…
ճամբան
ցրտէն
սառեցայ․․.
դուռը
բաց,
քոյրիկ,
քիչ
մը
տաքնամ…
—
Հա
էդ
որ
դու
ես…
հիմա,
հիմա
բանամ։
Լեւոնը
այնքան
մօտ
կանգնած
էր
դրանը,
որ
յստակօրէն
կը
լսէր
թոնրատան
մէջ
ինչ
որ
խորհրդաւոր
շարժումի
մը
շշուկը։
Վերջէն
շշուկը
դադրեցաւ,
ու
մէկը
մօտենալով
դրան՝
փականքի
լեզուակը
քաշեց։
Լեււոնն
ու
Սոնիան
ներս
մտան։
Թոնիրի
մօտ
կեղտոտ
աթոռակի
մը
վրայ
ձէթի
ճրագ
մը
հազիւ
կէս
խաւար
կը
լուսաւորէր
թոնրատունը։
Թաղիքի
ողորմելի
կտորի
մը
վրայ
փոքր
աղջնակ
մը
կը
քնանար։
Դուռը
բացող
կինը
չորս
կողմը
նայեցաւ
որպէս
թէ
աթոռներ
գտնելու
համար
ու
բաւականացաւ
աղտոտ
թաղիքի
կտոր
մը
նետելով
թոնիրի
պռունկին։
—
Նստէք,
թոնիրի
մէջ
դեռ
տաքութիւն
կայ…
—
Քոյրիկ,
—
սկսաւ
խօսիլ
Սոնիան՝
հրաժարելով
նստէլ,
—
ես
եկած
եմ
շատ
կարեւոր
խնդրի
մը
համար
Մելօն
տեսնելու…
—
Մելօ՞ն,
վա՜յ
քոռանամ
ես,
էս
քանի
ամիս
եղաւ,
մարդուս
երեսը
տեսած
չունիմ…
—
Բայց
ես
լսեցի,
տուն
եկած
է․
ինձմէ
մի՛
ծածկէք,
կարեւոր
խօսելիք
ունիմ
հետը,
շատ
կարեւոր.
․․
—
Վայ
պապանձուի
էդ
սուտ
խապար
տուողը․
ես
անոր
պատանքը
կարեմ:
Սուտ
է
քուրիկս,
էն
ժամ
պատարագ:
Էս
երեք
ամիս
կայ,
Մելոյի
երեսը
տեսած
չեմ:
Սոնիան
շփոթած՝
Լեւոնին
նայեցաւ։
Անշուշտ
Յակոբի
տուած
լուրը
սխալ
պէտք
է
լինէր․
խեղճ
կինը
այնպէս
սրտանց
կ’անիծէր,
երկիւղածութեամբ
երեսը
կը
խաչակնքէր,
որ
Սոնիան
կասկած
չունեցաւ,
թէ
Մելօն
իրօք
ամիսներէ
ի
վեր
տունը
ոտք
կոխած
չէր։
—
Հը՞,
Զարուկ,
ուրեմն
Մելօն
տանը
չէ՞,
—
հեգնական
կերպով
հարցուց
Լեւոնը՝
գլխի
փաթթոցը
կամաց
կամաց
արձակելով։
—
Տիրամէրը
աչքս
քոռցնէ.
․․
Մելոյէն
խապար
չը
կայ,
երեք
ամիս
եղաւ,
տան
սեմէն
ներս
մտած
չունի…
Վա՜յ
ես
քու
ոտացը
ղուրպան
էղնիմ,
պարոն
Լեւոն,
էս
տեղ
է,
Մելօն
էս
տեղ
է…
քա
վո՜ւյ,
էնպէս
ալ
գլուխը
փաթթած․․.
հէչ
երեսը
կերեւա՞ր
որ…
Նստի՛ր,
նստի՛ր,
քէ
մեռնիմ.
․․
Հիմա,
հիմա
կանչեմ..
․
Մելոյի
կինը
կչկչան
հաւի
նման
Լեւոնի
շուրջը
կը
դառնար՝
ուրախութենէն
ձեռքերը
շփելով:
Բոլորովին
մոռցած
էր
որ
ամուսինը
պիտի
կանչէր:
—
Լաւ,
լաւ,
Զարուկ,
մէկ
Մելոյին
ձայն
տուր:
Թոնրատան
ետեւի
պատին
մօտենալով՝
Զարուկը
կիսաքանդ
բուխերիկէն
վեր
երկնցուց
գլուխը
եւ
պոռաց.
—
Քա,
մարդ,
վար
իջիր։
Քիչ
անցած,
բուխերիկին
մէջ
կախուեցան
զոյգ
մը
ոտքեր,
յետոյ
իրան
մը,
ու
ապա
մրոտած
դէմք
մը
երեւցաւ
աղուէսի
դունջի
նման
երկար։
Կըկզելով՝
մարդը
դուրս
եկաւ
բուխերիկէն։
—
Հը՛,
Մելօ,
նորէն
հին
արհեստի՞դ
դարձար,
—
ժպտալով
Լեւոնը
տեղ
ցուցուց
ընկերոջը,
որ
տեղաւորուեցաւ
թոնիրի
կողքին։
—
Է՜հ,
երբեմն
պէտք
կուգայ…
ի՞նչ
խապար,
պարոն
Լեւոն,
—
ու
Մելօն
կասկածոտ
հայեացքը
դարձուց
Սոնիայի
կողմը։
—
Խապա՞ր,
վատ
խապար
Մելօ…
կառավարութիւնը
որոշած
է
երկու
շաբաթէն
Վահէն…
Կարծես
բան
մը
դէմ
տուաւ
Լեւոնի
կոկորդին
ու
ձայնը
խզուելով՝
չկրցաւ
շարունակել։
Մելօն
աւելի
շուտ
բնազդօրէն
հասկցաւ
իմաստը
չըսուած
բառին
եւ
հոգոց
հանելով
գլուխը
կախեց։
—
Մելօ՛,
մտիկ
ըրէ,
ինչ
գնով
լինի
պէտք
է
Վահէն
ազատել,
—
զսպուած
ձայնով
սկսաւ
խօսիլ
Լեւոնը,
—
պէտք
է
կերպ
մը
գտնալ
Վահէն
փախցնելու…
—
Աղջի
Զարուկ,
դուրս
գնա
ու
աչքդ
չորս
բաց…
հասկցա՞ր,
—
մինչ
կինը
դռնէն
դուրս
աներեւութացաւ,
Մելօն
դարձաւ
Լեւոնին,
—
քանի
որ
կ’ուզես
խանումին
քով
խօսիլ,
շատ
լաւ։
Մէկ
օր
ժամանակ
տուր
ինձ
խորհելու,
ես
Զարուկի
միջոցով
խապար
կը
ճամբեմ…
—
Մելօ՛,
բայց
մենք
երկար
ժամանակ
չունինք..
․
—
Ես
այս
իրիկուն
իսկ
գործի
պիտի
սկսիմ,
դուն
ինծի
ձգէ․
Զարուկը
ո՞ւր
կրնայ
քեզ
գտնալ։
Լեւոնը
գլխով
Սոնիան
ցուցուց։
Մելօն
թէեւ
զարմացած,
բայց
գլխով
հաւանութեան
նշան
մը
ընելով
բաւականացաւ։
Եթէ
պարոն
Լեւոնը
այդպէս
կը
կարգադրէր,
այլեւս
իրեն
խօսք
չէր
մնար
ըսելիք։
Ատկէ
վերջ
Լեւոնն
ու
Մելօն
ցած
ձայնով
շարունակեցին
խօսակցութիւնը։
Սոնիան
առանց
խօսքի
խառնուելու
կը
դիտէր
կողք
կողքի
նստած
ընկերները։
Կատարեալ
հակապատկերներ
էին
այդ
երկու
մարդիկը։
Մելօն,
որուն
ընթերցողը
հանդիպած
է,
երբ
Գէորգի
խումբը
կ’առաջնորդէր
դէպի
Գործոթ,
տարիքը
առած,
նիհար
մարդ
մ’էր,
դէմքը
կնճիռներով
ակօսուած։
Ինչ
որ
անմիջապէս
Սոնիայի
ուշադրութիւնը
գրաւեց,
այդ՝
Մելոյի
յարաշարժ
աչքերն
էին,
փոքր,
խորամանկ
աչքերը
սատանի
հոլի
նման
իրենց
բունին
մէջ
դարձող։
Սոնիային
սաստիկ
զարմացուց
Լեւոնի
վերաբերմունքը։
Այդ
երիտասարդը,
որու
դէմքին,
կարծես
երբեք
ծիծաղ
չէր
ծաթեր,
ուշադրութեամբ
մտիկ
կ’ընէր
Մելոյի
խօսքերուն,
երբեմն
միայն
մեղմաձայն
ընդդիմախօսելով։
Իրաւ
է
որ,
Սոնիան
շատ
անգամներ
չէր
հանդիպած
Լեւոնին,
բայց
այդ
քիչ
հանդիպումներով
կարծիք
մը
կազմած
էր
արդէն։
Սոնիայի
կարծիքով
Լեւոնը
մարմարէ
շինուած
մարդ
մ’էր,
գրեթէ
անհոգի
մեքենայ
մը,
որ
նպատակի
մը
կը
դիմէր
առանց
շուրջը
նայելու,
առանց
ազդուելու
զոհերու
քանակէն,
թափուած
ու
թափուելիք
արիւնէն։
Սոնիան
միշտ
ակամայ
սարսափ
մը
կը
զգար
Լեւոնին
ներկայութեանը։
Սոնիան,
առանց
ուշադրութիւն
գրաւելու,
առաջին
անգամ
լինելով
հնարաւորութիւն
ունեցաւ
ազատօրէն
զայն
դիտելու։
Ճրագի
երերուն
լոյսը
տղու
դէմքին
էր
ինկած,
հազիւ
կէս
խաւար
կը
լուսաւորէր
զայն։
Անկասկած
տպաւորիչ
դէմք
մ’էր:
Եթէ
չլինէր
սարսափելի
վէրքին
ձգած
աւերը,
առնական
նոյնիսկ
գեղեցիկ
գլուխ
մը
կրնար
համարուիլ։
Բայց
այդ
վիճակին
մէջ
ինչպէս
որ
կար,
այդ
այլանդակուած
դէմքը
ծանր
տպաւորութիւն
կը
ձգէր
տեսնողին
վրայ։
Թերեւս
այդ
է
պատճառը,
խորհեցաւ
Սոնիան
որ
Լեւոնի
մէջ
առաջացուցած
է
դաժան
բնաւորութիւն
մը,
անհաղորդ
ընելով
զայն
քնքուշ
զգացումներու,
վերապահ
դարձնելով
դէպի
շուրջինները։
Ո՞վ
գիտէ,
թերեւս
այդ
սառնութիւնը
արտաքին
դիմակ
մ’է
վարագուրելու
ներքին
կրակը,
ծածկելու
բաբախուն
սիրտ
մը։
Յամենայն
դէպս,
Սոնիայի
համար
Լեւոնը
անլուծելի
հանելուկ
մը
կը
մնար։
Լեւոնն
ու
Մելօն
համաձայնութեան
մը
եկած՝
ոտքի
ելան։
—
Ուրեմն,
այս
երեկոյ
իսկ
կ’անցնիս
գործի,
—
ըսաւ
Լեւոնը
Մելոյի
ձեռքը
թօթուելով.
-
ամէն
օր
Զարուկը
գործի
ընթացքի
մասին
թո՛ղ
լուր
բերէ,
իսկ
եթէ
ես
պէտք
լինիմ,
կուգամ…
—
Չեմ
կարծեր,
թէ
քեզի
պէտք
ունենամ։
Քեանքեան
Օհաննէսը
հետս
կը
վերցնեմ…
միւս
շան
գործը
վերջացնելու
է․
քանի
ան
ողջ
մնայ,
մենք
ազատ
շարժիլ
չենք
կրնար…
—
Տեսնե՛նք,
—
պատասխանեց
Լեւոնը
ու
լապտերը
վառելով՝
Սոնիայի
հետ
դուրս
եկաւ
Մելոյի
տնէն։
Այս
անգամ
առանց
պատահարի
տուն
հասան։
----------
Ընդհանուր
խուզարկութիւնը,
ինչպէս
կրնայ
ենթադրել
ընթերցողը,
անցաւ
առանց
հետեւանքի։
Ամբողջ
Այգեստանը
ենթարկուած
էր
մանրակրկիտ
խուզարկութեան
մը,
բայց
Լեւոնը
չէր
գտնուած։
Ոստիկանութիւնը
այդ
անյաջողութիւնը
բացատրեց
անով,
որ
Լեւոնը
թէեւ
Այգեստան
մտած,
բայց
անմիջապէս
նորէն
դուրս
ելած
է,
դէպի
գաւառները:
Ոստիկանութեան
այդ
կարծիքը,
ինչպէս
նաեւ
քօնսիւլներու
ազդու
բողոքը
պատճառ
եղան,
որ
խստութիւնները
դադրին,
փողոցներու
հսկողութիւնը
թուլնայ։
Առաջուան
նման
Այգեստանի
հայ
բնակչութեան
թոյլատրուեցաւ
գիշերները
դուրս
գալ,
իրարու
այցելել,
ընտանեկան
հաւաքոյթներ
ունենալ։
Այդ
համեմատական
խաղաղութենէն
Լեւոնը
գիտցաւ
մեծագոյն
չափով
օգտուիլ։
Յաջորդ
գիշերը,
Յակոբի
ընկերակցութեամբ
այգիներով
գնաց
Սաթենիկենց
տունը։
Մայր
ու
աղջիկ
կ’ապրէին
երկու
սենեակնոց
փոքր
տան
մը
մէջ։
Տան
այգիի
կողմը
դատարկ
ախոռ
մը
կար։
Սաթենիկի
մայրը
բակի
մէջ
պահակ
կանգնեցաւ,
իսկ
Լեւոնը,
Յակոբը
ու
Սաթենիկը
մտան
ախոռ,
ու
դուռը
գոցեցին։
Հետերնին
տարած
բարձերով
ախոռի
երկու
փոքր
պատուհանները
թխմելէ
վերջ,
ձէթի
ճրագը
վառեցին
ու
նախ
եւ
առաջ
երկար
ժամանակէ
ի
վեր
անգործածելի
մնացած
մսուրի
վերի
մասը
մաքրեցին։
—
Այս
տեղէն
կը
բացուի
բերանը,
—
բացատրեց
Սաթենիկ՝
մատնանշելով
մսուրի
եւ
պատի
անկիւնը։
Լեւոնն
ու
Յակոբը
գործի
սկսան։
Լեւոնը
փոքր
բրիչով
մը,
որ
զինուորներուն
յատուկ
է,
սկսաւ
մսուրի
մէջը
քանդել
առանց
կողին
դպչելու,
իսկ
Յակոբը
դիզուած
աղիւսն
ու
հողը
մէկդի
կը
քաշէր։
Մսուրի
մէջ
բացուած
ծակը
հետզհետէ
խորունկնալով
ախոռի
մակերեսէն
ալ
վար
անցեր
էր,
երբ
Լեւոնի
ձեռքի
բրիչը
զարնւելով
գետնին՝
բութ
ձայն
մը
հանեց։
—
Սաթենի՛կ,
ճրագը
աւելի
մօտ
բեր,
—
խնդրեց
Լեւոնը:
Երբ
Լեւոնը
ձեռքով
մաքրեց
բացուած
ծակի
յատակը,
երեւան
եկաւ
հորիզոնական
դիրքով
փայտէ
լայն
շրջանակ
մր,
շարժական
խուփով
մը,
որու
վրայ
երկաթէ
օղակ
մը
ամրացուած
էր։
Լեւոնը
ոտքերը
շրջանակի
երկու
կողքերուն
դնելով՝
կռացաւ
ու
երկու
ձեռքով
օղակը
բռնած
ամբողջ
ուժով
վեր
քաշեց
խուփը,
որ
շատ
հաստ
լինելուն՝
ահագին
ծանրութիւն
ունէր։
Սովորաբար
երկու
մարդով
կը
բացուէր
այդ,
բայց
Լեւոնը
արտակարգ
ուժի
տէր
լինելով՝
առանց
դժուարութեան
խուփը
տեղէն
հանեց
ու
երկարեց
Յակոբին։
Մսուրի
յատակը
մութ
ծակ
մը
բացուեցաւ,
ուրկէ
հողի
անախորժ
կծու
հոտ
մը
դուրս
եկաւ:
Ձեռքերը
շրջանակի
կողերուն
դրած՝
Լեւոնը
ինքզինքը
կախեց
ծակէն
ներս,
մինչեւ
որ
ոտքերը
գետին
դիպան։
Սաթենիկն
ու
Յակոբը
այլեւս
չէին
տեսներ
Լեւոնը,
որ
ամբողջովին
կորած
էր
ծակէն
ներս։
—
Սաթենի՛կ,
ճրագը
ինձ
տուր,
ծակէն
դուրս
երերաց
Լեւոնի
ձեռքը։
Լեւոնը
իջած
էր
յեղափոխականներու
պահեստներէն
մէկուն
մէջ,
որու
գոյութեան
մասին
դաւաճանը
գաղափար
չունէր,
եւ
ատոր
համար
ան
անվտանգ
մնացած
էր։
Քառակուսի
սենեակ
մ’էր,
չորս
սուաղած
պատերէն
ամէն
մէկը
ութ
ոտք
երկայնքով։
Մանր
գերաններով
շինուած
առաստաղը,
որու
վրայ
ախոռի
յատակը
կը
ծանրանար,
վեր
բռնուած
էր
երեք
հաստ
սիւներով:
Այդ
գետնափոր
սենեակի
մէկ
անկիւնը,
յատակին
դրուած
տախտակներու
վրայ
խնամքով
դարսուած
էին
յիսունէ
աւելի
ցինկէ
տուփեր,
որոնք
մոսինի
փամփուշտ
կը
պարունակէին։
Գետնափոր
սենեակի
մէկ
ամբողջ
պատը
յատկացուած
էր
հրացաններու։
Իրար
կողքի
պատէն
վար
կախուած
էին
քսանեւհինգ
հրացաններ՝
ձէթոտած
թղթերու
մէջ
փաթթուած։
Լեւոնը
հրացանի
մը
թղթին
մէկ
մասը
պատռեց,
ու
դուրս
ինկած
հրացանի
խողովակը
ձեռք
առնելով՝
ուշադրութեամբ
քննեց։
Խողովակի
վրայ
իւղախառն
մոմի
հաստ
շերտ
մը
նստած
էր,
երկաթը
ժանգէ
պաշտպանելու
համար։
Լեւոնը
չորս
բոլորը
նայելով՝
դառնութեամբ
ժպտաց։
Որքա՜ն
նման
պահեստներ
կառավարութեան
ձեռքը
անցած
էին։
Ի՜նչ
սարսափելի
հարուած
էր
յեղափոխական
շարժման
համար
Դաւոյի
դաւաճանութիւնը։
Թշուառականը
տասնեակներով
մեծ
պահեստներու
տեղերը
ցոյց
տուած
էր
կառավարութեան։
Անոնց
քով
Լեւոնի
մօտ
գտնուած
պահեստը
աննշան
բան
մ’էր։
Այդ
փոքր
պահեստը
կը
պարունակէր
միայն
քսանեւհինգ
զինուորի
անհրաժեշտ
պարագաները։
Լեւոնը
ուշադրութեամբ
քննեց
այդ
պահեստին
մէջ
գտնուող
բոլոր
իրերը։
Հրացաններու
կողքին
դրուած
էին
լեցուած
փամփուշտակալներ,
դարակներու
վրայ
դասաւորուած
ջրամաններ,
իւղամաններ,
չանթաներ,
երեք
հատ
դիտակ,
կողմնացոյցներ։
Լեւոնը
գոհունակութեամբ
գտաւ,
որ
բոլոր
իրեղէնները
անվնաս
վիճակի
մէջ
մնացած
էին։
Ամենավերջը
Լեւոնը
մօտեցաւ
մոմշորի
մէջ
փաթթուած
տասհարուածեան
մաւզէր
ատրճանակներուն
եւ
չորս
հատը
ջոկելով՝
ծակէն
դուրս՝
Յակոբին
երկնցուց։
Մօտ
երկու
հարիւր
մաւզէրի
փամփուշտներ
ու
երկու
փոքր
Պրաունինկ
ատրճանակներ
գրպանները
դնելով,
Լեւոնը
դուրս
եկաւ
պահեստէն,
խնամքով
կափարիչը
տեղը
դրաւ,
ու
ժամանակաւոր
կերպով
ծածկեց
պահեստի
բերանը,
մինչեւ
որ
յաջորդ
օրը
Յակոբը
ցերեկով
գար
եւ
առաջուան
նման
սուաղելով
անյայտացնէր
ծակի
բերանը։
—
Ուշացանք,
Յակոբ,
անմիջապէս
ճամբայ
ելնենք։
Սաթենիկ,
ուրեմն
հոս
կրնանք
հաւաքուիլ։
—
Ես
ոչ
մէկ
անպատեհութիւն
կը
տեսնեմ,
—
պատասխանեց
մանկամարդ
աղջիկը,
—
անշուշտ
սովորական
զգուշութիւնները
ձեռք
կ’առնենք։
—
Լաւ։
Ես
կուգամ
մութը
կոխելէն
վերջ,
դու
տղոցը
լուր
կուտաս։
Կէս
գիշերը
վաղուց
անցած
էր,
երբ
Լեւոնն
ու
Յակոբը
վերադարձան:
Հազիւ
բակի
դուռը
գոցելով՝
Յակոբը
քաշուեցաւ
իր
գետնայարկի
սենեակը,
իսկ
Լեւոնը
սկսաւ
վեր
բարձրանալ,
երբ
Սոնիայի
սենեակի
դուռը
յանկարծ
բացուեցաւ
ու
աղջիկը
սեմին
վրայ
երեւցաւ։
—
Շատ
ուշացաք,
սարսափելի
մտատանջութեան
մէջ
էի…
Լեւոնը՝
սիրած
աղջկան
մտահոգ
դէմքը
տեսնելով՝
վայրկեան
մը
ինքզինքը
կորսնցուց։
Ձեռքերը
երկնցուց
զայն
գրկելու
ձեւով
մը,
մինչ
Սոնիան
զարմացած
քայլ
մը
ընկրկեցաւ,
բայց
Լեւոնը
անմիջապէս
ուշքի
եկած,
իր
սովորական
սառնութեամբ
պատասխանեց.
—
Ակամայ
ուշացանք․
մինչեւ
որ
պահեստի
բերանը
բացինք…
ի
զուր
սպասեր
էք։
Գիշեր
բարի..
․,
—
ու
Լեւոնը
իր
սենեակի
դուռը
բանալով
ներս
մտաւ։
—
Գիշեր
բարի,
—
հազիւ
լսուեցաւ
Սոնիայի
ձայնը,
որ
դրան
սեմին
արձանացած
մնացեր
էր։
Սոնիան
սենեակի
դուռը
գոցելով՝
նստաւ
անկողնի
եզրը,
բոլորովին
այլայլած
վիճակի
մէջ։
Լեւոնի
անսպասելի
վարմունքը,
եթէ
նոյնիսկ
վայրկենական,
ալեկոծեր
էր
Սոնիայի
հոգին։
Դէմքը
շառագունած,
Սոնիայի
սիրտը
անսովոր
ուժգնութեամբ
կը
զարնէր։
Արեան
տաք
հոսանքը
արագօրէն
շրջան
կ’ընէր՝
ջերմացնելով
ողջ
էութիւնը։
Թափանցիկ
մշուշ
մը
կարծես
վարագուրեց
Սոնիայի
աչքերը,
կուրծքը
հեւքով
կը
բարձրանար
ու
կարօտի
զգացում
մը
լեցուց
հոգին։
Կարօտը՝
հին
անցեալ
օրերու,
երբ
ուրիշ
մէկը
այնքա՜ն
ջերմօրէն
թեւերը
կը
բանար,
ու
ինք
սիրազեղ՝
կը
նետուէր
անոնց
մէջ։
—
Վարդա՛ն,
Վարդա՛ն,
—
հեծեծեց
Սոնիան,
ու
արցունքի
խոշոր
կաթիլներ
թերթեւանքներէն
վար
կախուեցան։
Սոնիան
մինչեւ
առտու
չկրցաւ
քնանալ։
Յաջորդ
օրը,
կէս
օրէն
վերջ,
Խատիճէն
այցելութեան
եկաւ։
Ողբալի
վիճակի
մէջ
կը
գտնուէր
դեռատի
կինը:
Առջի
գիշեր
լսած
լինելով
Պոլսէն
եկած
վերջնական
վճռի
մասին,
ամբողջ
գիշերը
լալով
անցուցած
էր։
Սոնիան
նոր
վերջացուցած
հիւանդներու
ընդունելութիւնը,
իր
սենեակը
քաշուած
էր,
երբ
Խատիճէն
եկաւ
այցելութեան:
Խեղճ
կինը
աննկարագրելի
յուզումով,
փաթթուեցաւ
ընկերուհիին
եւ
հոնգուր
հոնգուր
սկսաւ
լալ։
Սոնիան
մեծ
դժուարութեամբ
հազիւ
կրցաւ
քիչ
մը
հանգստացնել
Խատիճէն,
որ
անհնարին
զարհուրանքով
կախաղանի
մասին
կը
խօսէր։
Երբ
Լեւոնը,
որ
մինչեւ
այդ
սենեակէն
դուրս
չէր
ելած,
ներս
մտաւ
դռնէն,
Խատիճէն
հանդարտած՝
կը
լսէր
ընկերուհիի
յուսադրիչ
խօսքերը։
Լեւոնը,
առանց
ծրագրի
մանրամասնութիւնները
յայտնելու,
պատմեց
Վահէն
փախցնելու
ձեռնարկի
մասին,
յուսադրելով
ցաւէն
կծկտած
Խատիճէն,
թէ
ամէն
ինչ՝
որ
մարդկօրէն
կարելի
է
ընել,
ինք
ու
իր
ընկերները
պիտի
ընեն
Վահէն
ազատելու
համար։
Երբ
նոր
յոյսերով
մխիթարուած
Խատիճէն
մեկնեցաւ,
Լեւոնն
ու
Սոնիան
առանձին
մնացին։
Առջի
գիշերուան
Լեւոնի
վայրկենական
ինքնամոռացումը,
կարծես
նոր
պատնէշ
մը
դարձած
էր
երկուքը
իրարմէ
զատող:
Վերապահ
վերաբերմունք
ունէին
իրարու
հանդէպ։
Սոնիան
աչքի
պոչով
նայեցաւ
Լեւոնին։
Տղան,
ամէն
ժամանակէ
աւելի
սառը,
մտամփոփ
դէմք
մ’ունէր։
«Կրիան
պատեանին
մէջ
թագուած
է»,
փայլակի
նման
այդ
պատկերը
անցաւ
Սոնիայի
մտքէն,
որ
սաստիկ
կը
նեղուէր
տղու
պահած
լռութենէն,
ու
խօսակցութիւն
մը
բանալու
համար,
առանց
Լեւոնին
նայելու՝
ըսաւ․
—
Սարսափելի
հոգեկան
տառապանք
մը
կ’ապրի
խեղճ
Խատիճէն։
—
Բնական
է,
—
առանց
տեղէն
շարժելու
պատասխանեց
Լեւոնը։
Լեւոնի
յայտնած
մտքէն
աւելի
ըսելու
սառը
ձեւը
վրդովեց
Սոնիան։
Այդպէս
անտարբեր
կրնայ
խօսիլ,
մտածեր
Սոնիան,
միայն
հազար
օտար
մը,
մինչդեռ
Լեւոնն
ու
Վահէն
ընկերներ
էին,
հին
սրտակից
ընկերներ։
Լեւոնի
հանելուկային
դէմքը
հետզհետէ
կը
վրդովէր
Սոնիայի
հոգին։
Ինչպէ՜ս
ուրախ
պիտի
լինէր,
եթէ
կեանքին
մէջ
անգամ
մ’ալ
չհանդիպէր
այդ
երիտասարդին,
որ
երբեմն
մարդկօրէն
ջերմ,
երբեմն
ալ
սառոյցի
նման
պաղ
ու
անհղորդ
դիմակ
մը
կ’անցընէր
դէմքին։
Բայց
Սոնիան,
հանգամանքները
կշռելով,
ինքն
էր
ստիպած
Լեւոնը՝
մնալու
իր
յարկին
տակ։
Այդ
գիտակցութիւնը
կը
ստիպէր
զինք,
հակառակ
Լեւոնի
չորութեան,
տանտիրոջ
դերը
խաղալու,
որքան
ալ
որ
այդ
դժուար
կատարելիք
դեր
մը
լինէր։
Ճիշդ
այդ
մտածումէն
դրդուած,
անախորժ
լռութեան
վերջ
մը
տալու
համար,
Սոնիան
հարցուց․
—
Կը
կարծէ՞ք,
որ
ձեր
ձեռնարկը
յաջողութեամբ
պիտի
պսակուի…
Լեւոնը
առանց
պատասխանելու
ուսերը
թօթուեց։
Ո՞վ
գիտէ,
թէ
ի՞նչ
կրնայ
պատահիլ։
—
Եթէ
դժբախտութիւն
մը
պատահելու
լինի,
—
կարեկցաբար
շարունակեց
Սոնիան,
—
այդ
սարսափելի
վիշտի
ծանրութեան
տակ
պիտի
խորտակուի
Խատիճէն։
Կնոջ
մը
համար
դժուար
է
այդ
պարագաներու
մէջ
կորցնել
սիրածը։
—
Իսկ
դուք,
ինչէ՞ն
գիտէք
այդ,
—
մեղմօրէն
հարցուց
Լեւոնը։
Այնքան
մտերմօրէն,
տաք
զգացումով
հնչած
էր
Լեւոնի
ձայնը,
որ
Սոնիան
ակամայ
ցնցուեցաւ
ու
սկսաւ
դիտել
Լեւոնի
դէմքը,
որու
վրայ
հազիւ
նշմարելի
ժպիտ
մը
գծագրուած
էր:
—
Կին
մը
միայն
կնոջ
ապրումները
կրնայ
ըմբռնել…
—
Իսկ
դուք
ապրա՞ծ
էք
նման
ծանր
օրեր։
Սոնիան
բոլորովին
շփոթեցաւ։
Տղու
ձայնը
մտերիմ
ջերմութեամբ
կը
հնչէր։
Քաղցրութիւն
մը
կար
այդ
ձայնին
մէջ,
սրտցաւ
շեշտ
մը,
որուն
չէր
կրնար
դիմադրել
Սոնիան։
Անմիջապէս
Վարդանի
պատկերը
գծագրուեցաւ
աղջկան
մտքին
մէջ։
«Արդեօք
ինք
ապրա՞ծ
էր
նման
օրեր»,
ու
դառն
ժպիտ
մը
կծկեց
Սոնիայի
նուրբ
շրթները։
Եթէ
միայն
այդ
երիտասարդը
գիտնար
իր
ապրած
ողբերգական
կեանքը,
եթէ
միայն
կարողանար
տեսնել
իր
գրաւիչ
արտաքինի
տակ
թագնուած
աւերակ
սիրտը։
Սոնիայի
գլուխը
կրծքին
ինկաւ։
—
Ուրեմն,
—
շշնջաց
Լեւոնը,
—
դուք
ծանր
ողբերգութիւն
մը
ապրած
էք…
Լեւոնի
չոր
ու
վանողական
ձայնը
զարմանալի
կերպով
մտերմիկ
ջերմութիւն
մը
ստացած՝
փոթորկեց
Սոնիայի
հոգին։
Այդ
անհրապոյր
մարդը
հարազատի
կարեկցութեամբ
կը
խօսէր,
քնքշօրէն
կը
վերցնէր
աղջկան
սիրտը
ծածկող
սեւ
քողը։
Սոնիայի
աչքերը
արցունքոտեցան
ու
անբացատրելի
պահանջ
զգաց
իր
վիշտը
պատմելու
այդ
մարդուն,
որու
սիրտ
մը
ունենալու
մասին
դեռ
քիչ
մը
առաջ
կը
կասկածէր։
—
Դուք
ճիշդ
գուշակեցիր,
—
հազիւ
շրթները
շարժելով
խօսեցաւ
Սոնիան,
—
ես
տարիներ
առաջ
անդառնալի
մեծ
կորուստ
մը
ունեցեր
եմ…
—
Այո՞…
—
Մենք
երկուքս,
—
հազիւ
լսելի
ձայնով
մը
շարունակեց
Սոնիան,
—
գրեթէ
մէկ
տան
մէջ
մեծցած
երեխաներ
էինք,
իսկ
մեր
ծնողքը
համագիւղացի
սերտ
բարեկամներ։
Մանկութեանս
միակ
ընկերս
էր
ան,
խաղընկերս,
հովանաւորողս,
սրտակիցս,
վերջապէս
ամէն
ինչ՝
որ
ինձ
նման
քմայքոտ
աղջիկ
մը
կը
պահանջէր,
թէեւ
ան,
հազիւ
երկու
տարով
մեծ
լինէր
ինձմէ։
Տարիներ
անցան,
ու
տարիներու
հետ
մեր
մանկական
յարաբերութիւնը
կերպարանափոխուեցաւ։
Երբ
ան
պատանի
մ’էր,
ու
ես
աւարտական
դասարանի
մէջ,
մենք
արդէն
կը
սիրէինք
իրար
բուռն
անշիջելի
սիրով
մը։
Անոր
համար
ես
ամբողջական
տիեզերք
մ’էի,
ինձմով
կը
ծագէր
արեւը,
ինձմով
կեանքը
իմաստ
մ’ունէր։
Իսկ
ես…
—
Իսկ
դո՞ւք…
շարունակեցէք,
խնդրեմ։
—
Ե՛ս,
օ՜,
ես
յիմար
աղջիկ
մ’էի,
ծնողքիս
մէկ
հատիկ
շփացած
զաւակը…
Անչափ
կը
սիրէի
զայն,
ինչպէս
դեռատի
աղջնակ
մը
կրնար
սիրել,
բայց
իմ
սիրուս
մէջ
գնահատելու
գիտակցութիւնը
կը
պակսէր։
Վառ
երազներ
ունէի։
Իմ
խեղճ
ծնողքս
ալ
թեւ
կուտային
իմ
երազներուս…
Ու
եղաւ
որ
օր
մը
հանդիպեցայ
ռուս
ազնուական
երիտասարդի
մը…
Մէկ
երկու
շաբաթէն
նշանուեցանք։
Սոնիայի
ձայնին
մէջ
արցունք
ու
անչափ
տառապանք
կար։
Լեւոնը
յետ
ինկած
բազմոցի
յենարանին,
խոհուն
հայեացքը
անորոշ
կէտի
մը
ուղղած,
երկիւղածութեամբ
մտիկ
կ’ընէր,
որպէս
թէ
խոստովանահայր
մը
լինէր
այդ
պահուն։
—
Նշանուելով
ռուս
ազնուականին,
կը
թուէր
թէ,
—
ձայնը
հազիւ
մեղմ
շշուկ
մը
դարձած
շարունակեց
Սոնիան,
—
կը
թուէր
թէ
երջանիկ
էի,
բայց
երբեք,
երբեք
չէի
յաջողեր
մոռնալ
առաջին
սէրս,
իմ
մանկութեան
ընկերը,
որ
երեւակայութեանս
մէջ՝
կարծես
միաձուլուած
լինէր
նշանածիս
հետ…
Այդ
հոգեվիճակը
շատ
շուտով
տառապանքի
աղբիւր
մը
դարձաւ
ինձ
համար։
Եղաւ
ժամանակ,
որ
ես
այլեւս
ինքզինքս
չէի
ճանչնար,
յարափոփոխ
զգացումներու
յորձանքը
զիս
ակամայ
կը
տանէր
դէպի
անորոշ
ապագայ
մը։
Սիրտս
մանկութեան
ընկերոջս
կը
պատկանէր,
մինչդեռ
միտքս
ու
ապագայի
մասին
ունեցած
փառասէր
ձգտումներս
զիս
կը
մղէին
դէպի
նշանածս…
—
Իսկ
ի՞նչ
եղաւ
ձեր
մանկութեան
սիրած
տղան․
ի՞նչ
վախճան
ունեցաւ,
անշուշտ
մէկ
ուրիշ
աղջիկ
սիրեց,
—
հարցուց
Լեւոնը
կրծքային
լեցուն
ցած
ձայնով
մը,
որ
սուր
դանակի
նման
խրուեցաւ
աղջկան
սիրտը։
Սոնիան
հոգիին
մէջ
անհնարին
պաղ
մը
զգաց
ու
կծկուեցաւ,
ինչպէս
որսկան
շներէ
շրջապատուած
երէ
մը։
Գլուխը
աւելի
վար
կախեց
ու
արցունքները,
որոնք
մինչեւ
այդ
յաջողած
էր
զսպել,
առատօրէն
սկսան
երեսն
ի
վար
կաթկթիլ։
—
Չըսիք
թէ
ի՞նչ
եղաւ
այդ
տղան,
—
յամառօրէն
կրկնեց
Լեւոնը։
Սոնիան
ճիգ
մ’ըրաւ
ինքզինքը
զսպելու,
թաշկինակը
աչքերուն
տարաւ
ու
հազիւ
լսելի
մեղմ
ձայնով
մը
ըսաւ․
—
Մեռաւ…
Տիրեց
ծանր
մեռելային
լռութիւն
մը։
Այդ
փոքր
սենեակի
մէջ
յանկարծ
գերեզմանատան
ճնշող
խաղաղութիւն
մը
ծանրացաւ։
Սոնիան
ու
Լեւոնը
անշարժ
նստած՝
կարծես
կը
վախնային
շարժում
մը
ընել,
ձայն
մը
հանել։
Առաջինը՝
տղան
սկսաւ
խօսիլ,
միապաղաղ
անզգայ
ձայնով
մը․
—
Օ՜,
այդ
վատ
վերջաւորութիւն
մ’է,
ծանր
խղճահարութեան
պատճառ
մը
ձեզ
համար,
եթէ
իրօք
դուք
եղած
էք
անոր
մահուան
պատճառը…
Այնքան
անհոգի
ձեւով
կը
խօսէր
Լեւոնը,
որ
Սոնիան
առանց
հասկնալու
Լեւոնի
այդ
յանկարծակի
փոփոխութեան
պատճառը,
սեղմուած
բազմոցի
անկիւնը,
զարմացած
աչքերով
կը
դիտէր
քովը
նստող
երիտասարդը։
Այդպէս
կրնար
խօսիլ
միայն
անխիղճ
դատաւոր
մը,
առանց
տեսնելու
կամ
տեսնել
ուզելու
դատապարտեալի
հոգեկան
տառապանքը:
Սոնիան
աչքերը
չորցուց,
ու
ինքզինքը
հաւաքեց։
Հիմա
արդէն
դժգոհ
էր
ինքն
իրմէ,
որ
այնքան
հեշտութեամբ
սիրտը
բացաւ
այդ
երիտասարդին
առջեւ։
Լեւոնի
կիսադէմը
կ՚երեւէր․
երկարած,
քարացած
դէմք
մը,
որու
վրայ
ի
զուր
Սոնիան
կը
փնտռէր
նախկին
ջերմ
հետաքրքրութիւնը,
մտերիմ
արտայայտութիւնը:
—
Մենք
բոլորս
ալ,
—
ըսաւ
Լեւոնը,
կարծես
քիչ
առաջուան
խօսքերուն
ծանր
տպաւորութիւնը
ցրելու
համար,
—
մենք
բոլորս
ալ
քիչ
թէ
շատ
անգութ
բան
մը
ըրած
ենք
մեր
կեանքին
մէջ…
Անշուշտ
ծանր
է
ամէն
ժամ
հալածուիլ
այն
յիշողութենէն,
չկրնալ
մոռնալ:
Ժամանակը,
միայն
ժամանակը
կրնայ
հին
վէրքի
հետքերը
գոցել։
Թոյլ
կուտա՞ք
որ
հարցում
մը
տամ։
—
Այո՛,
ի
հարկէ,
—
պատասխանեց
Սոնիան,
թէեւ
անմիջապէս
զղջաց:
Ո՞վ
գիտէ
թէ
ի՞նչ
պիտի
հարցնէր
այդ
մարդը։
—
Չըսիք
թէ
ինչպէ՞ս
մեռաւ
ձեր
սիրած
տղան
ու
ո՞վ
էր
ան…
Սոնիան
անմիջապէս
չկրցաւ
պատասխանել,
բնազդօրէն
ձեռքը
կոկորդին
տարաւ,
ուր
կարծես
բան
մը
դէմ
էր
առած։
Երբ
սկսաւ
խօսիլ,
ձայնը
զգացած
յուզումէն
կը
դողար։
—
Դուք
կարծեմ
լսած
պիտի
լինիք
անոր
մասին…
Պոնդոլովսկին
սպաննողին
երիտասարդը…
—
Ա՜,
լսած
եմ,
որ
վերջէն
գաղտնի
կերպով
Պարսկաստան
անցած
ժամանակ
Արաքսի
մէջ
խեղդուեցաւ
կամ
ատոր
մօտ
բան
մը…
—
Կղզիի
մը
վրայ
ապաստանած
էր
երկու
ընկերներով,
երբ
հետերնին
տարած
վառօդը
կայծ
առնելով
կը
պայթի
ու
Վարդանը…
—
Իրօք,
տխուր
պատմութիւն
մ’է…
Կը
ցաւիմ,
պատճառ
եղայ
որ
վերյիշէք…
—
Միեւնոյնն
է,
ես
երբեք
չեմ
մոռնար
այդ
դժբախտ
դէպքը,
մանաւանդ
որ
ես
եմ
միակ
պատճառը
անոր
եղերական
մահուան…
—
Գիտէ՞ք
ինչ,
օրիորդ
Սոնիա,
ես
կը
կարծեմ
թէ
դուք
կը
չափազանցէք՝
մեղքի
ծանր
բաժին
մը
վերցնելով
ձեր
ուսերուն
վրայ։
—
Երանի
ձեր
ըսածը
ճշմարիտ
լինէր,
—
տխրօրէն
ժպտեցաւ
Սոնիան,
—
բայց
ինչ
որ
ես
գիտեմ,
բաւական
ծանր
բեռ
մ՚է
խղճիս
վրայ…
Եթէ
միայն
ես
այն
ժամանակ
կարենայի
հասկնալ
Վարդանը…
—
Ինչպէս
կ’երեւի,
հետաքրքրական
երիտասարդ
մը
եղած
լինելու
է
ձեր
մանկութեան
ընկերը։
Սոնիայի
մռայլ
դէմքը
յանկարծ
պայծառացաւ․
դեռ
քիչ
առաջ
արցունքով
թրջուած
աչքերը
ոգեւորութեամբ
փայլեցան,
ու
Լեւոնին
դառնալով՝
ան
ըսաւ
հնչեղ
ձայնով
մը․
—
Պայծառ
երիտասարդ
մ’էր
Վարդանը,
ամբողջական
կատարելութիւն
մը
եռանդով
ու
անձնուիրութեամբ
լեցուն։
Հայրենիքի
հանդէպ
անոր
ունեցած
պաշտամունքը
մոլեռանդութեան
կը
հասնէր,
Հայաստանը
սրբազնագոյն
խորանն
էր
իր
սրտին…
Դժբախտաբար
այն
օրերուն
մենք
այդ
կէտի
մէջ
իրար
չէինք
հասկնար,
կամ
աւելի
ճիշդը,
ես
զայն
հասկնալու
վիճակի
մէջ
չէի…
Եթէ
միայն
տեսած
լինէիք
Վարդանը,
բարձրահասակ,
կորովի,
առնական,
գեղեցիկ
գլուխ
մը
լայն
ուսերուն
վրայ…
Սոնիան
յանկարծ
կանգ
առաւ
ու
չվերջացուց
նախադասութիւնը՝
Լեւոնի
դէմքի
ցաւագին
կծկումը
նշմարելով։
Պէտք
էր
փափկանկատ
լինիլ,
իւրովի
մտածեց
Սոնիան,
հաշմանդամներու
մօտ
ուրիշի
մը
արտաքին
գեղեցկութեան
մասին
խօսելու
ժամանակ,
ա՜յ,
թէ
Լեւոնի
դէմքը
ինչպէս
ցաւէն
կծկուեցաւ։
Իրօք,
Լեւոնի
այլանդակուած
դէմքը
անհնարին
տառապանքով
կծկուած
էր։
Իւրովի
ակամայ
կը
կրկնէր
Սոնիայի
այնքան
ոգեւորութեամբ
ըսած
վերջին
խօսքերը՝
«առնական,
գեղեցիկ
գլուխ
մը
ուսերուն
վրայ»․
ինչպէ՜ս
չէ,
առնական
գեղեցիկ
գլուխ
մը…
Ու
բնազդօրէն
տղու
ձեռքը
գնաց
այլանդակուած
դէմքին։
Քիչ
անցած,
երբ
Յակոբը
դռնէն
ներս
մտաւ,
սենեակը
սկսած
էր
մթնիլ։
Սոնիան
ու
Լեւոնը
բազմոցի
վրայ
միեւնոյն
դիրքով
նստած
կը
մնային,
ամէն
մէկը
իր
մտքերուն
մէջ
խորասուզուած։
—
Շուտով
պէտք
է
երթալ,
արդէն
սկսաւ
մթնիլ,
—
Յակոբը
ձեռքի
սամավարը
սեղանի
վրայ
դնելով
խօսքը
ուղղեց
Լեւոնին։
—
Ուրեմն,
նստէք
սեղանի
մօտ,
—
տեղէն
բարձրանալով
ըսաւ
Սոնիան,
—
ես
անմիջապէս
բան
մը
կը
պատրաստեմ։
Յակոբն
ու
Լեւոնը
հապճեպով
սկսան
ընթրել։
—
Յակոբ,
տեսնես
քանի՞
հոգի
եկած
կը
լինին,
—
կտոր
մը
հաց
ծամելով
հարցուց
Լեւոնը,
—
այո՛,
օրիորդ,
եթէ
կարելի
է
բաժակ
մ’ալ
թէյ
լեցուցէք
ինձ
համար։
—
Ո՞վ
գիտէ,
թէ
քանի՛
հոգի
կուգան,
—
տարակուսած
աջ
ուսը
բարձրացնելով
պատասխանեց
Յակոբը,
—
թերեւս
մարդ
ալ
չգայ․․.
հիմա
ամէնքը
իրենց
շուքէն
կը
վախնան…
—
Իրա՞ւ,
Յակոբ
եղբայր,
—
Լեւոնին
բաժակ
մը
թէյ
լեցնելով
հարցուց
Սոնիան,
—
կը
կարծէ՞ք
թէ՝
մարդ
չի
գար։
Այդ
պարագային
ամէն
ինչ
ի
զուր
է։
Եթէ
երիտասարդութիւնն
ալ
երես
դարձնէ,
ուրեմն
պէտք
է
խաչ
քաշել
գործի
վրայ…
—
Ես
Յակոբի
տեսակէտը
չեմ
բաժներ,
—
յօնքերը
կիտած
երկաթի
ծանրութեամբ
խօսեցաւ
Լեւոնը,
—
ո՛չ,
չեմ
բաժներ…
Եթէ
այդ
այդպէս
լինէր,
պիտի
նշանակէր
որ
ազգային
գիտակցութենէ
զուրկ
ժողովուրդ
մըն
ենք։
Ինչ
որ
է,
շուտով
յայտնի
կը
լինի։
Յակո՛բ,
ես
պատրաստ
եմ…
Երկու
ընկերները
ոտքի
ելան։
Դուրսը
կարգին
մթնած
էր
ու
ժամանակ՝
ճամբայ
ելլելու։
Տունէն
դուրս
գալու
պահուն,
Լեւոնը
մեղմօրէն
խօսեցաւ
Սոնիայի
հետ։
—
Մի
մտահոգուիք
եթէ
ուշանանք։