Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱԺԱՆՈՒՄ

Հոգեհանգիստը աւարտելէն վերջ, Սոնիան Քաղաքամէջ անցաւ, հարկաւոր գնումներ կատարելու համար։

Վանի արծաթեղէնները հռչակուած էին Կովկասի մէջ։ Սոնիան խանութէ խանութ անցնելով՝ գնումներ կ՚ընէր, իրեններուն ու Արսէնեաններուն նուէր տանելու համար։ Հօրը ու Աշոտ Արսէնեանի համար, սաֆաթով նաշխուած երկու տուփ ու երկու գաւազանի գլուխներ գնեց։ Դգալներ, գինիի թասեր, տեղական կանացի զարդեր, մօրը, տիկին Մարիամին ու Եւգինէի համար։ Իրական հաճոյք վ՚էր խանութէ խանութ թափառիլ Վանի պազարին մէջ, ուր ամէն ինչ իրարու խառնուած՝ բնորոշ արեւելեան դիմագիծ տուած էր այդ քիչ մը ծուռ ու մուռ նեղ փողոցներուն։

Սոնիան կանգ առաւ կրպակի մը առջեւ։ Առաստաղէն կախուած էին Շատախի նաշխուն շալվաներ, բրդոտ քազախիներ՝ ոսկեզօծ թելով բանուած։ Խանութպանը ծալապատիկ նստած կակուղ մինտէրի վրայ, մէկ աչքը գոց միւսը բաց, մը մրափէր, երբ կիսովին բաց մնացած աչքը նշմարեց խանութին առջեւ կանգնած Սոնիային։ Աշխոյժ ոտքի ցատկեց, սարդի մը ճարպիկութեամբ։ Ինչպէ՜ս չէ, ամէն ինչ ունի, օրիորդը աւելի լաւ խանութ մը չէր կրնար ընտրել գնումներ կատարելու համար։

Այո՛, այո՛, խնդրեմ, երկու ամբողջական զգեստ, լաւագոյն նաշխերով, քոլոզ, փուշի, չուստեր, բրդէ ծաղկաւոր գուլպաներ, վերջապէս ամէն ինչ որ հարկաւոր է… իմ տունս գիտէ՞ք… Շատ լաւ, ուրեմն, ուղարկեցէք։

Հարազատներու համար նուէրներ գնելը առանձին հոգեկան բաւարարութիւն մ՚է ճամբորդի համար։ Սոնիան, երկու ժամուան մէջ գնումներ կատարելէ վերջ, ուրախ տրամադրութեամբ կառք մը վերցուց եւ հասաւ Այգեստան, իր տունը։

Առջի գիշեր տան իրեղէններուն մեծ մասը կապեր կապկպեր էր Յակոբի հետ։ Հիմա արդէն պատրաստ էր ճամբայ ելլելու։ Կը մնար որ Յակոբը կառք մը վարձէր։

Այդպէս յանկարծակի երթալը Սոնիայի համար ալ անակնկալ մը եղաւ։ Առջի օր, Թիֆլիսէն հեռագիր մը կը յայտնէր, որ մայրը տկար է, ու պիտի երթայ Գերմանիա՝ բուժուելու համար։

«Գիտես որ, ես շատ զբաղուած եմ գործերով,   հեռագրով կը յայտնէր հայրը,   չեմ կրնար երկար ժամանակով բացակայիլ Թիֆլիսէն, մինչդեռ մայրիկիդ հիւանդութիւնը երկարատեւ բժշկութեան կարօտ է։ Քու գալդ անհրաժեշտ է, որպէսզի ընկերակցիս մօրդ։ Մայրիկիդ ցանկութիւնն ալ այդ է»։

Սոնիան անմիջապէս հեռագրով պատասխանած էր, թէ երկու երեք օրէն ճամբայ կ՚ելլէ։ Սոնիան պարտաւոր կը զգար երթալ, եթէ նոյնիսկ լրջօրէն չէր մտածած երթալու մասին։ Մայրը իր խնամքին պէտք ունէր, այդքանը բաւական էր անմիջապէս որոշում մը տալու համար։ Եւ վերջապէս Վան մնալն ալ չափով մը իր իմաստը կորսնցուցած էր։

Շուտով սահմանադրական նոր կարգերը պիտի կերպարանափոխէին Թուրքիան, այդպէս համոզուած էր Սոնիան, յեղափոխութիւնը վերջացած, հիմա արդէն նոր կեանք մը պիտի ստեղծուէր, նոր պահանջներով։ Իսկ այդ նոր կեանքի մէջ իր կատարելիք դերը շատ ալ պարզօրէն չէր տեսներ Սոնիան։ Մանկաբարձուհիի աշխատանքը հոգեկան բաւարարութիւն մը պատճառելէ շատ հեռու էր։ Եթէ Սոնիան մինչեւ այդ ժամանակ այդքանով գոհացեր էր, ատոր պատճառը Վարդանի եղերական մահուան հետեւանքով իր հոգեկան բեկումն էր եղած, որքան կարելի է շուտով սովորական կեանքէն դուրս նետուելու բուռն փափաքը։ Բայց այլեւս նախկին պայմանները փոխուած էին, ներքին ոգեւորութեան չէր մղեր զինք, եւ ոչ ալ կը սիրէր իր գործը։

Ասով մէկտեղ, Վանէն բաժնուելու գաղափարը սաստիկ տխրեցուց զինք։ Ինչո՞ւ համար։ Սոնիան թիկնաթոռի մը վրայ ինկած, կը փորձէր անկեղծօրէն վերլուծել իր տրտմութեան պատճառը։

Անշուշտ ամենակարեւոր շարժառիթը ապրած թախիծին, անկեղծօրէն կը հաւատար Սոնիան, Վանի սքանչելի բնութիւնն էր, վայրի գեղեցկութիւն մը, Ասիայի մէջ ինկած երկրորդ Զուիցերիա մը։ Ջինջ մթնոլորտ, վառ գոյներ, բնութեան զարմանալի պէսպիսութիւն՝ անդնդախոր ձորերու կուշտին բարձրաբերձ սարերը, մարմանդ հովիտներ, մշակուած փոքր դաշտեր, ու ասոնք բոլորը մէկ ակնարկով ընդգրկուող շրջանակի մը մէջ։ Այդ շքեղ պատկերին ճիշդ մէջտեղը, կապտաւուն սքանչելի ծովակը, որու մուգ կապոյտին կրնար նախանձիլ ամառուան ջինջ երկինքը։ Սոնիայի աչքը երբեք չէր յագեցած դիտելէ այդ համայնապատկերը։ Գարնան՝ Վասպուրականը կը պճնուէր դրախտային գեղեցկութեամբ։

Անշուշտ ուրիշ պատճառներ ալ կային իր տխրութեան։ Աղքատ ժողովուրդի մը մէջ, Սոնիան հոգեւին  նուիրած, լաւագոյնը ըրած էր օգտակար լինելու բոլորին։ Նոր ծանօթներ, նոր բարեկամներ ստեղծած էր Վանի մէջ, որոնք այնքա՜ն կը տարբերէին Թիֆլիսի իր շրջանակի մարդիկներէն։ Ասոնք պարզ մարդիկ էին, դիւրահաղորդ, աւելի բնական իրենց դրական եւ բացասական գծերուն մէջ։ Վերջապէս յեղափոխական գաղտնի աշխատանքը, ջղերու տարապայման լարուածութիւնը նոր զգայնութիւն մ՚էր՝ մինչեւ այդ անծանօթ Սոնիային։

Սոնիան ինքզինքը կ՚աշխատէր համոզել, թէ ասոնք էին իր տխրութեան բուն պատճառները։ Ասով մէկտեղ, որքան ալ կը ջանար անկեղծ լինել ինքն իրեն հետ, սակայն հոգիի խորքին մէջ կը զգար որ այդ դեռ ամբողջը չէր. իր անկեղծութիւնը ինչ որ կեղծիքով կ՚աշխատէր վարագուրել. թէկուզ ինքզինքը խաբելու համար։

Հապա Լեւո՞նը։

Սոնիան մէկէն ի մէկ նստած տեղէն վեր ցատկեց։ Առանց կարդալու, սեղանի վրայ ինկած գիրք մը սկսաւ թղթատել ջղային արագութեամբ։ Սրտնեղած ոտքը գետին զարկաւ գիրքը ձեռքէն նետելով, նորէն ինչո՞ւ այդ անունը միտքը ինկաւ։ Իր ինչն էր այդ մարդը, ինչ լա՜ւ, որ շուտով ճամբայ կ՚ելլէր, ու կ՚ազատուէր անոր ներկայութենէն։

Աչքերը առաստաղին, մէկ երկու վայրկեան Սոնիան կեցած տեղը անշարժ մնաց։ Ինչպէ՜ս կ՚ուզէր որ չմտածէր այդ մասին ու սակայն միշտ նոյն միտքը, թէկուզ տարբեր ձեւով, կը զբաղեցնէր զինք։ Արդեօ՞ք Լեւոնէն բաժնուելու գաղափարը խոշոր բաժին մը չէր ունեցած իր տխրութեան մէջ։ Արդեօ՞ք։ Սոնիան ետ ու առաջ ման գալ սկսաւ սենեակի երկայնքին։

«Անշուշտ չունի, անշուշտ չունի, հազիւ լսելի ձայնով մը կը մրմնջէր Սոնիան, ինքզինքը համոզելու համար, մինչ շրթները կը շարժէին իրեն այնպէս կը թուէր թէ՝ հոգեկան ձայն մը կը փսփսար ականջին՝ «արդեօ՞ք չունի»։

Վարդանի մահէն վերջ, Սոնիան պինդ մը գոցեր էր սրտի դռները։ Այլեւս ոչ մէկ սէր։ Չէ՛, ինքը չէր գոցած սրտի դռները, այլ բնականօրէն գոցուեր էին անոնք, հէքեաթի մը հմայուած դռներուն նման։ Վարդանը իր հետ գերեզման տարած էր Սոնիայի սէրը, ու այլեւս յարութիւն չկար սրտին համար։ Այդ այնքան բնական մտածողութիւն մը կը թուէր Սոնիային, որ այլեւս մտքէն իսկ չէր անցներ թէ երբ եւ իցէ կրնար երիտասարդ մը սիրել, անոր հետ կապուիլ։

Ու ահա, Վարդանի մահէն տարիներ յետոյ, Վանի մէջ հանդիպած էր Լեւոնին։ Հաշմանդամ, դաժան մարդ մը, որ լեռնէն գլորուած ժայռի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր տեսնողին վրայ։ Ճնշող, կրաւորական մեծութիւն մը, երիտասարդ մը, որ ծերունիի մը սառնութիւնն ունէր, կրանիթէ կերտուած մարդ մը, որ սֆինքսի կերպարանք ունէր, ու խուսափուկ հոգի մը, ո՞վ գիտէ թերեւս զուրկ հոգեկան նուրբ ապրումներէ։

Սոնիան ման գալէ յոգնած, երկնցաւ դիւանի վրայ։ Դժգոհ ինքն իրմէ, դժգոհ ամէն բանէ։ Ինչո՞ւ համար այս հոգեկան տառապանքը։ Եթէ միայն կարողանար յստակօրէն մտածել, մանրակրկիտ քննութենէ մը անցնէր իր զգացումները, այն ժամանակ թերեւս կարենար ըսել թէ՝ իրօք ի՞նչ եղած էր Լեւոնը իր համար։

Պարագաներու բերումով Սոնիան Լեւոնի աշխատանքներուն օժանդակած էր, այդ ճիշդ էր, սակայն չէ՞ որ, այդ գործը ազգային ընդհանուր բնոյթ մը ունէր. որ ամէն հայ անխուսափելի պարտականութիւն մը ունէր իր մասնակցութիւնը բերելու։ Եւ բնականաբար Սոնիան ալ իր բաժինը պիտի ունենար, նախ՝ իր անձնական բաւարարութեան համար, ու երկրորդ, որովհետեւ Վարդանը այդ գործին համար զոհուեցաւ, ու իր մասնակցութեամբ, հոգեկան կապը անջնջելի կերպով կը շարունակէր, թէկուզ Վարդանի ոսկորները իսկ փտած լինէին գերեզմանին մէջ։

Սոնիան ճիգ իսկ չէր ըներ ուրանալու, որ Լեւոնը, որպէս յեղափոխական ղեկավար, ուժեղ տպաւորութիւն ձգած էր իր վրան։ Եւ ինչո՞ւ ուրանար։ Դաւաճանութենէն վերջ, երբ ամէն յոյս խորտակուած էր, երբ ամէն մարդ իր գլուխը ազատելու մասին կը մտածէր, Լեւոնը սարի նման պինդ կանգնած, կուրծք տուեր էր իրարու յաջորդող դժբախտութիւններուն, հեղեղի առջեւ կեցած թումբ կանգնած էր անոր ընթացքը շեղելու։ Սոնիան զմայլած էր անոր ցոյց տուած երկաթէ կամքին վրայ։ Անշուշտ ուժեղ անհատականութիւն մ՚էր, բացառիկ ղեկավար մը։ Բայց այդքան։ Եթէ Լեւոնը իր մտքին կը խօսէր, սրտին հետ սակայն ի՞նչ գործ ունէր։ Անշուշտ չունէր։ Չէ՞ որ, տարիներ առաջ իր սիրտը մեռած էր։

Սոնիան ցատկեց, ոտքի ելաւ ու ջղայնօրէն սենեակին մէջ սկսաւ ման գալ։ Յանկարծ կանգ առաւ սենեակի մէջտեղը ու զգաց որ դէմքը ակամայ կը շառագունէր, յանցանքի մէջ բռնուած երեխայի մը դէմքին նման։ Հապա ինչո՞ւ համար, Լեւոնի քաղաք հասնելու լուրը առնելէն վերջ անմիջապէս Գարեգինենց տունը գնաց։ Ի հարկէ, Գարեգինենց շուտ շուտ կ՚այցելէր Սոնիան, բայց ինչո՞ւ այդ օրը երբ դեռ նոր տեղեկացած էր Լեւոնի քաղաք հասնելու մասին, եւ վերջապէս ինչո՞ւ յուսախաբուած վերադարձեր էր տուն, երբ անոնց տանը չէր գտած Լեւոնը։ Ասոնք հարցեր էին, որոնց ճշգրիտ պատասխան մը չէր կրնար տալ Սոնիան։ Ասով մէկտեղ, անկախ ազատ աղջիկ մ՚Էր ինք, եթէ սիրէր Լեւոնը, ի՞նչ պատճառ ունէր թագցնելու ուրիշներէն, բայց մանաւանդ ինքն իրմէ։ Անշուշտ, ոչ մէկ պատճառ։ Սոնիան յոգնած մարդու արտայայտութեամբ ձեռքը թափ տուաւ ու անցաւ կողքի սենեակը։ Որքա՜ն ատենէ ի վեր այդ հարցը զինքը կը չարչարէր, մտածեց Սոնիան, երբ, Աստուած վկայ, ոչ մէկ հիմք կար չարչարուելու։

Սոնիան աչքէ անցուց կապուած պայուսակները, գրպանէն ցուցակ մը հանելով՝ քննական ակնարկ մը նետեց վրան, այո՛, պէտք եղած գնումներ լրիւ կատարած է։ Անշուշտ մեկնելէն առաջ, քանի մը այցելութիւններ պիտի տար։ Ռուսաց քոնսիւլին, որ այնքա՜ն բարեացակամ եղած էր իրեն հանդէպ, իտալական քոնսիւլին, կուսակալին, քանի մը հայ ընտանիքներու եւ Գարեգինենց։

Նորէ՞ն Գարեգինենց։ Սոնիան բռնազբօսիկ ծիծաղով մը խնդալ սկսաւ, թէեւ այդ այցելութեան մէջ ոչինչ կար տարօրինակ։ Գարեգինի մայրն ու քոյրը, Վանհուհին, այնքան սիրալիր եղած էին իրեն հանդէպ։ Անոնց հետ միասին շրջակայ վանքերը գացած էր շատ անգամներ, նոյնիսկ անոնց տունը գիշերած, երբ Գարեգինը բանտն էր։

Դեռ ճամբայ ելնելու երկու օր կայ, մտածեց Սոնիան, անշուշտ Գարեգինենց պէտք է երթալ, բայց վերջի օրը, այն ժամանակ, երբ կառք պիտի նստէր ճամբայ ելնելու համար։ Իսկ պարոն Լեւոնի՞ն… Է՜հ, որ ան չեկաւ տեսութեան, կարելի է եւ զանց ընել։

Սոնիան որոշեց այդ օրն իսկ մէկ երկու այցելութիւններ տալ, որով վաղուան գործը դիւրացած կը լինէր։ Գլխարկը դրաւ, ու ինքն ալ չգիտցաւ, թէ ինչպէ՞ս, ատեն մը քալելէ վերջ մէկ ալ ինքզինքը գտաւ Գարեգինենց տան դրան առջեւ։ Պարզ պատահականութի՞ւն մ՚էր այդ։ Դուռը կիսաբաց գտաւ։ Անշուշտ անյարմար էր այլեւս վերադառնալ։ Դուռը հրեց ու ներս մտաւ։

Մայրիկ, որ գիտնաս թէ ո՞վ եկաւ,   ուրախացած պոռաց Վանուհին ու դիմաւորելով գրկեց Սոնիան,

Բարեւ, Վանուհի, այս երկու օրս այնքա՜ն զբաղուած էի…

Ափսոս աւելի կանուխ չեկար։ Տղաքը բոլորն ալ հոս էին, ճիշդ քիչ առաջ մեկնեցան։ Մենք ալ պատրաստութիւն կը տեսնանք, քիչ վերջը պիտի մեկնինք։ Այ, ի՞նչ լաւ կը լինի, դու ալ մեզ հետ եկուր, կառքին մէջ ազատ տեղ կայ… Ես, մայրիկը, մէկ ալ Սաթենիկը, մեզի նեղ կ՚ընենք, քեզի տեղ,   հնչեղ ծիծաղեցաւ Վանուհին։

Բայց չար աղջիկ,   նոյնպէս ծիծաղելով ըսաւ Սոնիան,   նախ ըսէ թէ ո՞ւր կ՚երթաք, ապա զիս հրաւիրէ։

Պա՛հ, չե՞ս գիտեր, վաղը կէս օրին Վարագի վանքին մէջ պիտի բացուի ուսուցչական համագումարը… Մերոնք խմբով մեկնեցան…

Այսի՞նքն…

Բոլորը՝ պարոն Գէորգը, եղբայրս, Պիծան, Ներսէսը, Եկաւեանը, պարոն Լեւոնը, Գաւաշցի եւ Հայոց Ձորի քանի մը երիտասարդներ…

Ա՜, ուրեմն գնացին Վարագ,   Սոնիայի ձայնին մէջ ակամայ յուսախաբութեան շեշտ մը կար. - իսկ քանի օր պիտի մնան վանքը։

Երկու կամ երեք օր, բայց մենք շաբաթ մը պիտի մնանք, թերեւս աւելի։ Գիտես, եղբայրս բանտի նեղութիւններէն վերջը կազդուրուելու պէտք ունի։ Հը՞, Սոնիա, արի միասին երթանք, դուն ալ կը հանգստանաս, միասին Վերին Վարագ կը բարձրանանք։ Օ՜, ինչ լաւն է հոն, հայրենիքիդ կարօտն ալ կ՚առնես։ Գիտե՞ս, Վերին Վարագէն Մասիսի սարը կերեւի։

Բայց չես հարցներ, թէ՝ ես ինչո՞ւ եկած եմ։

Ինչո՞ւ, ու Վանուհին ձեռքի գործը ձգած՝ դարձաւ Սոնիային։

Եկած եմ մնաք բարով ըսելու ձեզի…

Ի՞նչ…

Մայրս հիւանդ է, երէկ հեռագիր ստացայ, պէտք է մեկնիմ Կովկաս։

Օ, Սոնի՛ա, շատ կը ցաւիմ, որքան վարժուած էինք քու ներկայութեանդ, արդէն տնեցի կը համարէինք քեզ… Ե՞րբ միտք ունիս ճամբայ ելնելու։

Մէկ երկու օրէն։

Այդքան շուտո՞վ… Ախ ներէ, լեզուիս տուի, ու աթոռ մ՚ալ չտուի, որ նստիս։ Մայրի՛կ, մայրիկ, վար եկուր, մէկ լսէ թէ՝ Սոնիան ի՞նչ կ՚ըսէ։

Եկայ, եկայ,   սանդուխի վրայ լսուեցաւ Գարեգինի մօր ոտքի ձայնը։

Քիչ անցած Գարեգինի մայրը վերի յարկէն իջնելով՝ բակի սենեակը մտաւ։

Վայ, Սոնիա, բարով հազար բարով աղջիկս. երկու օր է չերեւցար։ Վա՜յ, վա՜յ, վա՜յ, ի՜նչ խորամանկ աղջիկ մ՚ես եղեր, ես ալ միամտաբար կը կարծէի թէ… էսօր սեղանին վրայ տղաքը քու վրադ կը խօսէին… Մի ըսեր, դուն ալ անոնցմէ ես եղեր… Մեղայ, մեղայ, որո՞ւ մտքէն կ՚անցնէր… էնպէս ալ անմեղ դէմք մը կը շինէիր…

Մայրիկ, մէկ հարցում թէ Սոնիան ինչո՞ւ եկած է…

Քա՛ ինչո՞ւ…

Կ՚ըսէ, որ մէկ երկու օրէն Ռուսաստան պիտի երթայ…

Սոնիան Գարեգինի մօրն ալ երկու խօսքով բացատրեց իր անակնկալ մեկնումի պատճառը։

Հա՛, ի հարկէ,   համաձայնեցաւ բարի կինը,   որ մայրդ հիւանդ է, ո՞վ կրնար բան ըսել։ Էսօր կ՚երթանք Վարագ, երկու օր կը մնաս, վերջէն Աստուած բարի ճանապարհ տայ… ողջ առողջ հասցնէ ձերանց մօտ։

Ես ալ շատ կը փափաքէի, մայրիկ, բայց չեմ կրնար, պատրաստութիւն պիտի տեսնեմ…

Բայց եւ այնպէս մայրիկը պնդեց։ Անշուշտ Սոնիան պարտաւոր էր տեղի տալ, ի՞նչպէս կարելի էր մայրիկի խնդիրը մերժել։

-----

Մթնած էր, երբ կառքը Վարագի մեծ դարպասին առջեւ կանգ առաւ։

Սաթենիկը, Վանուհին եւ Սոնիան թեթեւ ծրարները վերցուցած՝ աճապարեցին ներս մտնալ վանքի ընդարձակ բակը, մինչ մայրիկը կամաց կամաց քալելով՝ հետեւեցաւ անոնց։

Հարաւային անկիւնի ընդարձակ սենեակը յատկացուած էր Գարեգինենց, իսկ այդ սենեակի հակառակ կողմը, վանքի արեւմտեան անկիւնը կը գտնուէր դպրոցի սենեակներէն մէկը։ Այդ սենեակի պատուհանները լուսաւորուած էին, եւ հոնկէ աղմկալի խօսակցութեան ձայներ կը լսուէին։

Երեք աղջիկները, սենեակը կարգի բերելէ վերջ, դուրս ելան պատշգամը, որ բակին մէջ կը բացուի ու բոլոր սենեակները կը միացնէ իրար։

Տղաքը այն սենեակը հաւաքուած են. կ՚երեւի. կը խորհրդակցին վաղուայ ընելիքներնուն մասին, ըսաւ Վանուհին, երթանք, ներկայ լինենք։

Բայց, անյարմար չէ՞,   առարկեց Սոնիան

Ինչո՞ւ անյարմար, ես ուսուցչուհի մ՚եմ, Սաթենիկն ալ գալ տարի Կարմրւորի որբանոցին մէջ պիտի պաշտօնավարէ…

Հապա ե՞ս,   ծիծաղեցաւ Սոնիան։

Դո՞ւ, ախ դու աւելի քան ուսուցչուհի մ՚ես… Երթա՛նք։

Երեքով միասին մտան անկիւնի սենեակը։ Աղջիկներու ներս մտնելով՝ ժողովը խանգարուեցաւ։ Տղաքը շրջապատեցին նորեկները։ Ամենէն առաջ Գարեգինը մօտեցաւ Սոնիային։ Ինչպէս կը յիշէ ընթերցողը, Գարեգինը անտարբեր չէր Սոնիայի հանդէպ։ Հոն գտնուողներէն ամենէն աւելի Մոսոյի ներկայութիւնը ուրախութիւն պատճառեց Սոնիային։ Մօտեցան անոր։ Սենեակի մէջ աջէն ձախէն խօսակցութիւն մը ծայր առաւ։

Դարմանեանը, Վարագայ որբանոցի աւագ ուսուցիչն ու Լեւոնը, սեղանի մօտ նստած, գրոտած թուղթ մը առջեւնին, տաք տաք կը խօսէին հարցի մը մասին։ Սոնիան աչքի պոչով տեսած էր Լեւոնը, բայց չմօտեցաւ անոր, այլ բաւականացաւ հեռուէն գլխու թեթեւ բարեւով մը։

Ափսոս, շատ ափսոս որ ստիպուած էք մեկնիլ,   եղունգները ափին մէջ խրած՝ ըսաւ Գարեգինը, որու համար անկնկալ հարուած մ՚էր Սոնիայի մեկնելու լուրը։

Ես ալ կը ցաւիմ։ Անշուշտ օր մը պիտի մեկնէի, բայց ոչ այսքան անակնկալ կերպով… Օ՜, բարեւ ձեզ պարոն Լեւոն, վաղուց է չենք հանդիպած… Լսեցի որ շաբաթէ մը ի վեր քաղաքն էիք…

Աղջկայ ձայնին մէջ յանդիմանական շեշտ մը զգալի էր։ Լեւոնը չհասկնալու զարնելով՝ ձեռքը երկարեց ու հանդարտօրէն ըսաւ.

Շատ զբաղուած էի… անշուշտ պիտի գայի ձեզ տեսնելու… ձեզ շատ պարտական եմ…

Ա՜, պարոն Լեւոն, այդ խօսքը չէի սպասեր ձեզմէ… ամէն մարդ իր պարտքը միայն կրնայ կատարել…

Տօ, ի՞նչ ոտքի վրայ մնացեր էր սալտաթներու նման… փառք Աստուծու գրասեղաններ շատ կան,   ու Եկաւեանը ծիծաղելով կողքի նստարանին վրայ նստաւ. - մարդ աշակերտութեան օրերը կը յիշէ…

Եւ ըրած անառակութիւնները,   ծիծաղելով վրայ բերաւ Դարմանեանը՝ Եկաւեանի կողքին տեղաւորուելով։

Աշակերտներու նման բոլորը տեղաւորուեցան նստարաններու վրայ։ Սոնիան Մոսոյի մօտ նստաւ։

Պա՛, չե՞ս գիտեր, Լեւոն,   Եկաւեանը խօսքը ուղղեց ընկերոջը,   շուտով օրիորդ Սոնիան պիտի կորսնցնենք։… երկու օրէն կը մեկնի…

Որքան ալ որ այդ լուրը անսպասելի չէր, բայց Լեւոնը մէկէն սրտի սեղմում մը ունեցաւ, անկարող իր յուզումը ծածկելու։ Առանց բառ մը արտասանելու, հարցական հայեացքը մը նետեց դէպի Սոնիան, կարծես ըսել ուզէր. «իրա՞ւ որ պիտի երթաք»…

   Ճիշդ է, պիտի մեկնիմ… մայրս հիւանդ է…

Սոնիային թուեցաւ, որ Լեւոնի շրթները վայրկեան մը դողացին, բայց երբ գլուխը ամբողջովին տղու կողմը դարձնելով դէմ դիմաց նայեցաւ անոր աչքերուն, Լեւոնի դէմքը սովորական դաժան սառնութեամբ երեւցաւ։

Ա՜յ քեզ հանելուկ, մտածեց Սոնիան, քիչ մը առաջ ինձ այնպէս թուեցաւ, որ իմ մեկնելուս լուրը… Է՜, էս, մինչեւ վերջ հանելուկ պիտի մնայ ինձ համար։ Մէկ մը մեկնէի ու այլեւս չտեսնէի այս մարդը։

Ուրեմն, շուտով կ՚երթա՞ք,   մտերմօրէն հարցուց Մոսօն։

Այո՛, կ՚ուզե՞ս քեզ ալ հետս միասին Թիֆլիս տանիմ… Հայրս լաւ պաշտօն մը…

Չէ, օրիորդ Սոնիա, ընդմիջեց Մոսօն առանց ձգելու որ աղջիկը խօսքը վերջացնէ. Ես Ախլաթ, մեր գիւղը պիտի երթամ… Երկար տարիներ բացակայ եղայ, հիմա մերոնք կը սպասեն վերադարձիս, մէկ ալ որ, ներկայիս հոն շատ աշխատանք կայ կատարելիք…

Հետաքրքիր է։ Որոշ ծրագիր մը ունի՞ս,   հետաքրքրուած հարցուց Սոնիան, որու այնքան մտերմական վերաբերմունքը Մոսոյի հետ կը զարմացնէր Գարեգինը։

Ամենէն առաջ պիտի ամուսնանայ, ծրագրի գլխաւոր կէտն է այդ,   կարճ ու կտրուկ արտայայտուեցաւ Պիծան, մինչ ընկերները ընդհանուր ծիծաղով մը իրենց համամտութիւնը յայտնեցին։

Այդ իր կարգին,   քիչ մը շառագունած պատասխանեց մեր Մոսօն,   բայց ատկէ կարեւոր շատ մը ընելիքներ կան։ Օրինակ, մեր գիւղը երբեք դպրոց չէ ունեցեր։ Եթէ չլինէր… կարծես բան մը դէմ առաւ՝ Մոսոյի կոկորդին մէջ, դժուարութեամբ թուքը կուլ տալով շարունակեց,   եթէ չլինէր Վարդանը, ես մինչ օրս անգրագէտ կը մնայի… Ես Արսէնեաններու տան դռնապանութիւն կ՚ընէի այն ժամանակ… Ազատ ժամերուն Վարդանը կը պարապէր հետս…

Սոնիան կախեց գլուխը, թեթեւ հառաչանք մը հանելով եւ Մոսոյի ձեռքը բռնած, ուժով մը սեղմեց։

Միտքս դրած եմ, ինքզինքը հաւաքելով շարունակեց Մոսօն,   մեր գիւղին մէջ դպրոց մը բանալ, շրջակայ գիւղերն ալ կ՚օգտուին մեր դպրոցէն…

Իսկ որքա՞ն դրամ հարկաւոր է դպրոցի շէնք մը կառուցանելու համար,   լրջօրէն հետաքրքրուած՝ հարցուց Սոնիան։

Տաս, տասներկու ոսկին կը բաւէ, գիւղական համեստ դպրոցի շէնք մը շինելու համար։ Ի հարկէ, պէտք եղած դրամը չունիմ, բայց կերպ մը գիւղացիներէն կը հաւաքեմ։ Որը ձրի կ՚աշխատի, որը բարտի ծառեր կը նուիրէ… չորս ոսկի ալ ես ունիմ պատրաստ։

Միթէ՞ այդքան չնչին գումարով կարելի է,   զարմացած հարցուց Սոնիան,   գիտե՞ս ինչ կայ Մոսօ, քու դրամին ձեռք մի՛ տար, քեզ պէտք կրնայ գալ, դպրոցական շէնքի ամբողջ ծախսը ինքս կը հոգամ, ամէն տարի ալ ուսուցչի թոշակը… Այս ամառ դպրոցի շէնքը կը շինես, անունն ալ Վարդանեան վարժարան կը դնես ի յիշատակ քու ուսուցչին,   վերջի բառերը հազիւ լսելի ձայնով մը արտասանեց Սոնիան,   այս մասին պէտք եղածը յետոյ կը խօսինք, միասին կը կարգադրենք…

Հետաքրքիր է, օրիորդ Սոնիա, ի՞նչ ճանապարհով պիտի երթաք,   հարցուց Գարեգինը,   գիտէք, որքան ալ որ սահմանադրական կարգեր, բայց Թուրքիայի մէջ կնոջ մը համար առանձին ճանապարհորդելը այնքան ալ ապահով չէ, մանաւանդ այս կողմերը։

Օ՜, այդ մասին մի մտահոգուիք, ռուսաց քօնսիւլի կաւազը մինչեւ Իգտիր պիտի ուղեկցի ինձ։

Ուրեմն, Երեւանով պիտի անցնիք Թիֆլիս,   ուրախացած հարցուց փարաքարցի Գէորգը։

Անշո՛ւշտ։ Երեւան պիտի հանդիպիմ, մօրաքոյրս տեսնելու համար,   բացատրեց Սոնիան,   մէկ երկու օր անոնց մօտ մնալով՝ կ՚անցնիմ Թիֆլիս…

Ես չէի գիտեր թէ դուք Երեւան մօրաքոյր ունիք։ Ուրեմն հայրենակից կը համարուինք, ինքս փարաքարցի եմ։

Ճիշդն ըսած՝ մօրաքոյրս չէ. բայց մեր ընտանիքները իրարու շատ մօտ եղած են։ Հաւանական է, լսած կը լինիք՝ Արսէնեանները։ Վերջերս Թիֆլիսէն Երեւան փոխադրուեցան ամբողջ ընտանիքով։

Բայց օրիորդ, ընմիջեց Եկաւեանը, - եթէ չեմ սխալիր, Պոնտոլովսկին սպաննող պատանին, որ վերջէն այնքան եղերական վախճան մը ունեցաւ Արաքսի կղզիներէն մէկուն վրայ, Արսէնեանն էր։ Այո՛, լաւ կը  յիշեմ, Վարդան Արսէնեան… Չլինի՞ թէ ձեր այդ բարեկամներուն զաւակն էր։

Ճիշդ գուշակեցիք,   շշնջաց Սոնիան,   Վարդանն ու ես միասին մեծցած ենք,   եւ Սոնիան բուռն ճիգ մը ընելով՝ հազիւ արցունքը պահեց։

Ա՜յ, հիմա պարզ է։ Գիտէ՞ք, օրիորդ, այնքան անսովոր երեւոյթ մ՚է մեր ունեւոր դասի մասնակցութիւնը յեղափոխական գործին, որ մինչեւ այսօր ինձ համար պարզ չէր ձեր մասնակցութեան պատճառները։ Այժմ, ի հարկէ, հասկնալի է։ Ուրեմն, Վարդանը մօտէն կը ճանչնայիք։

Սոնիան գլուխը բարձրացուց, ու առանձին շեշտ մը դնելով բառերուն վրայ՝ ըսաւ.

Վարդանը իմ ընկերս էր, իմ նշանածը…

Բոլորը շփոթած իրարու նայեցան։ Գարեգինը գունաթափուած կը լռէր։ Մոսօն նստած տեղը գոյն կուտար կ՚առնէր։ Սոնիայի հայեացքը ինկաւ Լեւոնի վրայ։ Տղու գլուխը ինկած էր կրծքին վրայ, ու ատամներով շրթունքը կը խածնէր։

Նորէն ի՞նչ պատահեցաւ այդ մարդուն, իւրովի մտածեց Սոնիան, Տէր Աստուած, այդ ի՞նչ վայրագ դէմք մը ստացեր է։ Չլինի՞ թէ կը նախանձի մեռած մարդու մը։

Ժամանակը ուշ է, ոտքի ելլելով ըսաւ Պիծան, երթանք հանգստանալու, իսկ վաղը…

Վաղը չենք կրնար համագումարը բանալ,   առարկեց Դարմանեանը, - դեռ գաւառներէն շատեր չեն եկած։

Ուրեմն, վաղը կը բարձրանանք Վերին Վարագ, ուրախացած պոռաց Վանուհին։

-----

Յաջորդ առտու, ուխտաւորներու յատուկ անհոգ ուրախութեամբ, արեւը ծագելէ առաջ, սենեակէ սենեակ ձայն կուտային. «Ելէ՛ք, ելէ՛ք, Վերին Վարագ պիտի երթանք»։

Սաթենիկն ու Վանուհին կերակուրի պատրաստութիւն տեսած էին։ Հետզետէ մեր բարեկամները մէկտեղուեցան, ճամբայ ելլելու համար։

Գարեգին, հապա այս ծրա՞րը, ո՞վ պիտի տանի, յետոյ ուտելու բան չենք ունենար,   ըսաւ Վանուհին,   պէտք է կերպով մը հետերնիս տանինք։

Գարեգինը մօտեցաւ, ու ծրարը վերցնել փորձեց։

Աղջիկ, զիս ի՞նչ կարծեցիր, Սամսոնի ո՞ւժ ունիմ, այս ահագին ծանրութիւնը շալկելու համար. ինչո՞ւ մանր ծրարներու չբաժնեցիր, այնպէս հեշտ կը լինէր տանելը։

Պա՛հ պա՛հ, իսկապէս ծանր է, միայն Լեւոնը կրնայ տանիլ,   խնդալով ըսաւ Պիծան։

Հա՛, աւելցուց Եկաւեանը,   անիրաւը ճամբան յոգնողներն ալ կրնայ շալկել։

Հիմա ուրիշ մէկը թող տանի, վերադարձին ես կը բերեմ, - հեգնօրէն ծիծաղելով՝ ըսաւ Գարեգինը, գիտնալով որ վերադարձին բան մը չէր մնար ետ բերելու։

Մոսօն ծրարը ուսին նետելով՝ առաջ ինկաւ։ Դանդաղ քայլերով անցան Ապարանճան աղբիւրի մօտէն եւ քալեցին ձորն ի վեր որ հետզհետէ նեղանալով՝ կը բարձրանար լեռը։

Զարմանալի ֆիզիքական կազմուածք մ՚ունի Վարագայ սարը։ Զուգահեռ երկարող երկու սարեր են, որոնք կեդրոնէն բարձրութեամբ մը իրարու կը միանան։ Այդ օղակող բարձրութենէն ծայր կ՚առնեն իրարու հակառակ ուղղութեամբ երկարող խոր հովիտներ, մէկը Սուրբ Գրիգորի, իսկ միւսը՝ Վարագայ կեալի անուններով ծանօթ։

Երկու սարերը միացնող բարձրութեան վրայ կը գտնուի աւերակներու կոյտ մը, քանի մը կիսափուլ պատեր եւ տասնեակ մը քայլ հեռաւորութեան վրայ սառնօրակ աղբիւր մը, որուն տեղացիք Քրիստոսի Արցունք անունը տուած են։ Այդ բարձունքի վրայ գտնուող աւերակներու կոյտը կը կոչուի Վերին Վարագ։ Քիչ հեռուն Բամբասանաց Բլուրն է, իսկ Վերին Վարագի կողքէն սաստիկ շեղ վերելքով մը կը բարձրանայ Աստղկան Բերդը, անառիկ ժայռերու կոյտ մը։

Ամբողջ օրը շատ ուրախ ժամանակ մը անցուցին մեր բարեկամները։ Անվերջ կատակներով, ծիծաղելով, Քրիստոսի Արցունք աղբիւրին քով նստած ճաշեցին, ուրկէ կ՚երեւէր Մասիսի սպիտակափառ կոնը։

Գէորգ, մէկ նայէ, հայրենիքիդ կարօտը առ, Մասիսի գագաթին նայելով,   ըսաւ Գարեգինը,   էդ գագաթէն էն կողմը Արարատեան Դաշտն է, Երեւանը, Էջմիածինը, ձեր գիւղը, Փարաքարը…

Կովկաս վերադառնալու ցանկութիւն չունի՞ք,   հարցուց Սոնիան,   մինչ Գէորգը երազկոտ հայեացքը ուղղած էր Մասիսի գագաթին։

Անշուշտ, կարծես քնէ արթննալով պատասխանեց Գէորգը,   օր մը անշուշտ պիտի երթամ, պառաւ մայր մը ունիմ, եղբայրներ, բայց ոչ այժմ, հոս դեռ շատ աշխատանք կայ կատարելիք, յետոյ երբ մեր գործը շարունակողներ կը հասնին։

Սոնիան վայրկեան մը երկուք ուշադրութեամբ դիտեց Գէորգի պայծառ դէմքը, որ արեւէն խանձուած՝ բրոնզէ գոյն ստացեր էր։

Ի՜նչ կորովի, վճռական դէմք, իւրովի մտածեց Սոնիան։ Զարմանալի կերպով այդ տղան ալ գրեթէ միեւնոյն խօսքերը կը կրկնէր, ինչ որ առջի օր ըսած էր Մոսօն։ Թիֆլիսի դռնապան Մոսօն, այժմ արդէն կը մտածէր վերադառնալ գիւղ, ինքզինք նուիրելու հասարակական աշխատանքներու։ Ահա երիտասարդներ, որոնք գիտեն թէ ի՞նչ բանի կը ձգտին, եւ թէ ինչպէ՞ս պէտք է իրականացնեն իրենց նպատակը։ Ժողովուրդի իսկական ղեկավարներ են ասոնք, իւրովի մտածեց Սոնիան, ժողովուրդի ծառաները, ու ոչ մէկ զոհողութիւն ասոնց համար անկարելի չէ։ Ճիշդ այսպիսի մարդիկ հարկաւոր են՝ մեր ժողովուրդը ոտքի հանելու համար։

Սոնիայի ուշադրութենէն չէր վրիպած որ այդ ամբողջ օրը, Լեւոնը իր հետ առանձին մնալէ կը խուսափէր։ Յարմար առիթ մը գտնելով, երբ Լեւոնը առանձին Բամբասանաց բլուրի մօտ նստած էր, Սոնաին մօտեցաւ, տեղաւորուեցաւ անոր մօտ, մինչ վերջինիս հայեացքը ուղղած Մասիսին, ո՞վ գիտէ թէ՝ ինչ մտքերու մէջ թաղուած էր։

Հիանալի սար մ՚է Վարագը,   բան մը ըսած լինելու համար խօսեցաւ Սոնիան, տղու կուշտը տեղաւորուելով։

Այո՛, հիանալի է,   պատասխանեց Լեւոնը։

Մարդ չի յագենար այս տպաւորիչ սարին նայելէ։ Ամէն կողմ՝ առատ աղբիւրներ, կանանչութիւն, ծաղիկներ…

Այդպէս է։ Վարագը կենսունակութեան աղբիւրն  է այս շրջանին համար, կարճ ու կտրուկ պատասխանեց Լեւոնը, ատով կարծես ըսել ուզէր-«Ի՜նչ լաւ կը լինէր, եթէ զիս առանձին ձգէիք»։

Շատ կը ցանկանայի Աստղկան բերդը բարձրանալ։ Կ՚ըսեն՝ այնտեղէն անհուն հորիզոն մը կը բացուի։

Այո՛, շատ մեծ հորիզոն մը…

Հակառակ չկամութեանդ, իւրովի մտածեց Սոնիան, ուզես չուզես քեզի պիտի խօսեցնեմ, շատ ալ որ չես ախորժիր խօսելէ։ Ու յանկարծ խօսքի նիւթը փոխելով՝ հարցուց.

Պարոն Լեւոն, հիմա որ Սահմանադրութիւնը հռչակուեցաւ, դեռ կը մտածէ՞ք Վանի մէջ մնալ… Ըսել կ՚ուզեմ թէ՝ չէ՞ք ուզեր երթալ ձեր հայրենիքը… Թէւեւ շիտակը ձեր ինչ տեղացի լինելն ալ չեմ գիտեր,   եւ փորձիչ հայեացքով մը նայեցաւ տղու աչքերուն։

Անսպասելի հարցում մ՚էր։ Լեւոնը կեդրոնացած հայեացքով նայեցաւ քովը նստած Սոնիային, ի՞նչ ըսել կ՚ուզէր։ Պահ մը լուռ մնալէ վերջ, Լեւոնը հանդարտօրէն սկսաւ խօսիլ, ուսուցիչի նման, որ կ՚աշխատի իր միտքը հասկնալի կերպով մը բացատրել աշակերտին։

Հոս դեռ շատ աշխատանք կայ կատարելիք… Մեր գործը գրեթէ նոր կը սկսի, ըսել կ՚ուզեմ վերաշինական աշխատանքը։ Գործող բազուկներու պահանջը շատ, դժբախտաբար աշխատողները սակաւ…

Այսի՞նքն։

Շա՛տ բան։ Պէտք է վերակազմել, աւելի ճիշդ է ըսել, պէտք է ստեղծել ու կանոնաւոր հիմքերու վրայ դնել գաւառներու կրթական գործը։ Երկրի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը, գիւղական տնտեսութիւնը, մասնաւորաբար Համիտեան շրջանին, սնանկացած վիճակի մը հասաւ, հայ ժողովուրդը իրապէս վերակենդանացնելու համար, անհրաժեշտ է աշխատիլ ամէն բանէ առաջ անոր տնտեսական վիճակը բարելաւել։ Կայ եւ ամենակարեւորը՝ ժողովրդական զինումի հարցը…

Ձեզ լաւ չեմ հասկնար, այլեւս ի՞նչ զինում, երբ Սահմանադրութիւնը…

Այս երկրին մէջ, օրիորդ Սոնիա,   մէկ երկու վայրկեան մտածելէ վերջ խօսքը  շարունակեց Լեւոնը՝ բառերը հատիկ հատիկ արտասանելով, կարծես ուզելով, որ այդ խօսքերու իմաստը ուժեղ կերպով տպաւորուին աղջկայ մտքին վրայ, այս երկրին մէջ, տարբեր բան է սահմանադրութեան հռչակումը եւ բոլորովին տարբեր բան՝ իրագործումը… Դարերու հակամարտութիւնը, հոգեբանական տարբեր մտայնութիւններ ստեղծած են երկրի բացկացուցիչ ազգերու մէջ։ Թուրքը համեմատաբար նորեկ մը, զէնքի ուժով պարտադրած էր տիրապետութիւնը, կ՚իշխէ՝ որպէս բացարձակ տէրը երկրին եւ  իրմով միայն, գէթ մինչեւ հիմա, կ՚արտայայտուի պետութիւնը։ Քիւրտը, անկուլտուրական տարր մը, դեռ կիսովին վաչկատուն վիճակի մէջ է։ Քաղաքական պայմաններու շնորհիւ քիւրտը շփացած զաւակը դարձած է այս երկրի մէջ. ան արժէք մը կը ճանչնայ, որու առջեւ միայն կը խոնարհի։ Այդ՝ զէնքի ուժն է։ Քրտի համար ուժը համազօր է տիրապետելու իրաւունքին։ Իսկ հա՞յը… դժուար է տիրապետելու իրաւունքին։ Իսկ հա՞յը… դժուար է բնորոշել… Հողին կպած՝ գորշ զանգուած մը, որ հոգեբանօրէն կորսնցուցած է գլուխը վեր բռնելու մարդկային առաքինութիւնը։ Անշուշտ կը հասկնաք թէ ինչ ըսել կ՚ուզեմ…

Ի հարկէ, խնդրեմ շարունակեցէք…

Հայ ժողովուրդը ազատ ժողովուրդ մը լինելու համար, նախ ինքն իր հոգին պէտք է ազատագրէ դարերու ստրկային հոգեբանութենէն… Ազատութիւն կամ հաւասարութիւն չի շնորհուիր ժողովուրդի մը, ատոնք հոգեկան անհրաժեշտ պահանջներ պէտք է լինին ժողովուրդի մը հոգիէն բխող, այլապէս կը մնան անբովանդակ բառեր…

Բայց ես դեռ զէնքի դերը…

Շատ պարզ է. թուրքը թէ՛ զինուած է եւ թէ ինքզինքը հիմնական մասը կը համարէ պետական կառուցուածքին։ Քիւրտը նոյնպէս զինուած է։ Զէնքը քրտի համար անհրաժեշտութիւն մ՚է։ Երկու գլխաւոր ազդակներ կան անոր կեանքը կանոնաւորող, մէկը կառավարութիւնը, որ կ՚ուզէ զանոնք սիրաշահել, մէկ մ՚ալ ներքին գիտակցութիւնը իր արժէքին։ Հոն, ուր չհասաւ կառավարութեան օժանդակութիւնը, հոն կայ քրտի առողջ բնազդը՝ իր ձեռքով բաւարարելու ինքզինքը։ Ահա թէ որ տե՞ղ զէնքը հոգեբանական խոշոր դեր մը կը կատարէ։ Այդ զգացումէն զուրկ է հայ ժողովուրդը։ Վերջին տարիներու ընթացքին զէնքի սէրը որոշ չափով արծարծեցաւ, որոշ տեղ բռնեց ժողովուրդի կեանքին մէջ, բայց դեռ զանգուածի հոգեկան բնածին պահանջը չէ դարձած։ Արիւն ու ոսկոր չէ դարձած։ Զէնքը առնականութիւն է, կռիւ է, իրաւունքի գիտակցութիւն է։ Ոչխարը չի կրնար գայլերու մէջ ապրիլ, պէտք է ինքն ալ գայլ դառնայ…   Այս՝ անխուսափելի հրամայական մ՚է՝ իրական հաւասարութիւնը ձեռք բերելու համար…

Ուրեմն այդ կը նշանակէ որ դուք դեռ երկար…

Այո, դեռ երկար եւ ծանր աշխատանք մ՚ունինք մեր առջեւ։ Կը յիշէք, չէ՞, Վահէի վերջին նամակը, ժողովուրդի առաջնորդը սեփական կեանք չի կրնար ունենալ ու թերեւս ակամայ, Լեւոնի ձայնին մէջ դառն շեշտ մը զգալի էր։

Լեւոնը խօսքը վերջացնելով, գլուխը կախ՝ լռեց։ Սոնիան, Լեւոնի ձայնին, շեշտին մէջ խորապէս զգաց այն վճռական կորովը, պողպատէ կամքը, որ այդ մտքերը դէպի իրականացում պիտի տանէին, Լեւոնի եւ ընկերներու կողմէ։ Ճիշդ որ Լեւոնի եւ ընկերներու գործը չէր վերջացած, իւրովի մտածեց Սոնիան։ Դեռ շատ աշխատանք կար կատարելիք։ Ապա ի՞նք, Սոնիան մի՞թէ ինքն ալ բաժին մը չպիտի ունենար ապագայի աշխատանքին մէջ։

Երբ բաւական մը վերջ, Սաթենիկը մօտեցաւ Լեւոնին ու Սոնիային, զարմանքով նկատեց, որ այդ երկուքը, իրարու կողքի նստած, ցրուած արտայայտութեամբ, լուռ կը մնային ամէն մէկը իր մտքերով տարուած։

Ճաշէն վերջ ամբողջ խմբով բարձրացան Աստղկան Բերդը, Վարագի ամենաբարձր գագաթներէն մէկը, որ տիրապետող դիրք մ՚ունի։ Սքանչելի տեսարան մը կը պարզուէր այդ բարձունքէն։ Գրեթէ ամբողջ Վասպուրականը լայնօրէն սփռուած էր Վարագի շուրջը։ Արեւմուտքէն, Նէմրութն ու Գրգուռ սարերը կ՚երեւէին, իսկ արեւելքէն, հորիզոնի անորոշութեան մէջ թրքօպարսկական սահմանի ստուերային լեռնաշղթան, Արաուլի բարձր սարով։ Աստղկան Բերդի ոտքերուն տակ, կարծես անդունդի մը յատակին փռնուած լինէր կապուտակ Քէշիշ Կէօլը, անհուն ծաղկանոցով շրջապատուած։

Հիանալի է. հիանալի…

Սոնիան զգաց որ աչքերը կը թրջուէին, հոգին լեցուած էր անբացատրելի հոգեկան բաւականութեամբ։ Այդ բարձունքէն վար նայած ժամանակ գլուխը պտտեցաւ ու բնազդօրէն տատամսոտ քայլով մը ընկրկեցաւ ժայռի վրայէն։ Անմիջապէս Լեւոնի երկաթէ ձեռքը բոլորեց Սոնիայի թեւը, ամուր օղակի նման։

Բան չկայ, մի վախնաք. զգուշութեամբ ոտքերնիդ փոխեցէք…

Թեւը Լեւոնի արցանի նման ձեռքին մէջ սեղմուած՝ Սոնիան զարմանալի հոգեկան խաղաղութիւն մը զգաց։ Ձեռքի այդ հպումը բացարձակ վստահութիւն ներշնչեց իրեն։ Բարձրացաւ սուր ցցուած ժայռի գագաթը, ուր հազիւ ոտք դնելու տեղ կար։ Չէ, այլեւս չէր վախնար։ Եթէ պէտք լինէր այդ անդունդէն վար իջնալ, Սոնիան բոլորովին չէր տատամսիր, բաւական էր որ թեւին վրայ զգար Լեւոնի ձեռքը։

Իջնենք, իջնենք, պոռաց Գէորգը,   ժամանակ է վերադառնալու։

Իրօք, պէտք էր աճապարել։ Այդ երեկոյ Սոնիան պիտի մեկնէր քաղաք, յաջորդ օրը դէպի Իգդիր ճամբայ ելնելու համար։

Շատեր գրեթէ վազելով իջան Աստղկան Բերդէն մինչեւ Վերին Վարագ։ Սոնիան Սաթենիկի հետ, զգուշութեամբ քայլերը փոխելով, վար կ՚իջնար։ Մէկ ալ ինչպէս եղաւ, ինքն ալ չգիտցաւ, Սոնիայի ոտքը սահեցաւ, խիճերու շեղջը ջրի նման վար հոսեցաւ ոտքի տակէն ու աղջիկը հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած՝ թաւալ գլոր քշուեցաւ մանր քարերու կոյտին հետ։

Ակնթարթի մը մէջ, Լեւոնը, Գարեգինը, Գէորգը հասան Սոնիայի մօտ։ Գէորգը գրկելով վերցուց աղջիկը, մինչ Գարեգինը մտահոգուած կը հարցնէր։

Ի սէր Աստծու, չվիրաւորուեցա՞ք, մէկ տեղերնիդ չի՞ ցաւիր…

Չէ՛, բան չկայ,   ժպտեցաւ Սոնիան, այնպէս, ոտքս յանկարծ սահեցաւ… Չէ, բան չկայ… կարծես միայն զգեստս… անհանգստանալու բան չկայ, շնորհակալ եմ…

Յանկարծ Սոնիայի հայեացքը ինկաւ Լեւոնի դէմքին։ Ծանր ծանր շունչ կ՚առնէր տղան, սարսափի ակներեւ արտայայտութիւն մը աչքերուն խորը։ Բայց երբ նկատեց Սոնիայի իր դէմքին յառած հայեացքը, ճիգով մը ինքզինքը հաւաքեց, անտաբեր ձեւով մը կողքի դարձաւ ու կռանալով վերցուց Սոնիայի ձեռքէն ինկած անթառամ ծաղիկներու փունջը։

Օրիորը Սոնիա, Ձեր փունջը…

Շնորհակալ եմ, - չարացած ըսաւ Սոնիան,   շատ բարի էք։

Ահա թէ ինչպիսի հանելուկային մարդ մ՚է այս տղան, շորերը դրստելով, սրտնեղած մտածեց Սոնիան. հազիւ թէ հարազատ մը այնքան վախնար իյնալէս որքան սարսափած կ՚երեւէր եւ սակայն վայրկեան մը չանցած նոյն անթափանց դէմքը, անտանելի չորութիւնը. «օրիորդ Սոնիա, ձեր փունջը»… կարծես չէր կրնար զիս վեր բարձրացնել. ամենէն առաջ ինք հասաւ քովս ու թողուց որ միւսները զիս վերցնեն գետնէն… «Ձեր փունջը, » ո՜ւֆ, այս մարդը զիս պիտի խենթացնէ… Հիմա ալ դէմքը  կարծես երկաթէ ձուլուած լինի, թեւէս իսկ չի բռներ։ Ֆո՛ւ, վայրենին, տեսնես որտե՞ղ մեծցեր է. թերեւս Ապարանի գիւղերէն մէկուն մէջ։

Վերին Վարագէն խումբը հանդարտօրէն ձորն ի վար իջաւ։ Մինչեւ Վարագայ Վանքը, Լեւոնը այլեւս չմօտեցաւ Սոնիային։ Ամենէն առաջ ինկած, թեթեւ մը կաղալով կը քալէր, առանց ետին նայելու։ Անոր քալուածքին, շարժումներուն մէջ զարմանալի կերպով տպաւորիչ, յուզող բան մը կար։ Որքան ալ որ Սոնիան նեղուած էր անոր ցոյց տուած անտարբեր վերաբերմունքէն, թերեւս հակառակ իր կամքին, աչքերը անոր վրայէն չէր վերցներ։ Ահա մարդ մը, որ կենսուրախ ընկերներու մէջ, յամառօրէն դաժան, մինակ կը քալէր, ձեռքերը տաբատի գրպանները կոխած, գլուխը կախ, կարծես անապատի մը մէջ մոլորուած մը լինէր։ Այդ ամբողջ օրը, Լեւոնը թէեւ ընկերներու շրջանին մէջ, բայց կարծես առանձին կը զգար ինքինքը։ Ճիշդ է, միշտ ընկերներուն հետ, բայց զարմանալի վերապահում մը ունէր, մտամփոփ, կորած ինքն իր խոհերուն մէջ։ Սոնիան զարմանքով նկատած էր, որ Լեւոնի ընկերները, կ՚երեւի վարժուած անոր բնաւորութեանը, ուշադրութեան չէին առներ անոր օտարոտի կեցուածքը։ Սոնիան նոյնիսկ նկատած էր, որ Լեւոնի բացակայութեան ժամանակ, խմբի մէջ աւելի կենսուրախ տրամադրութիւն մը կը ստեղծուէր։ Հայեացքը առջեւէն քալող Լեւոնի վրայ յառած, Սոնիան իւրովի մտածեց. ահա մարդ մը, որ մենակ կը զգայ։ Այս միտքը՝ յուզեց Սոնիան, զարմանալի կերպով քնքուշ տրամադրութիւն ստեղծելով իր մէջ։ Արդեօք բնաւորութեան խնդի՞ր մ՚էր թէ՝ հաշմանդամ վիճակի գիտակցութիւնը դառնացուցեր էր զայն, իր ու կեանքի մէջ անանցանելի պատ մը քաչելով։ Սոնիան, այնքան ատեն չէր ապրած Լեւոնի հետ, որ կարողանար գոհացուցիչ պատասխան մը գտնել իր մտածումներուն, բայց հաստատ գիտէր, որ ըստ երեւոյթի, այդ դաժան մարդը, կեանքէ զրկուած, հոգեկան աքսորուած մը, մեն մենակ մարդ մըն էր։

Երբ վանք հասան, մեծ դարպասի առջեւ կը սպասէր Սոնիան տանելու եկած կառքը։ Ամբողջը միասին քալելով ընկերացան Սոնիային մինչեւ Կուրկուտ Խաչ։ Հոն Սոնիան բոլորին ձեռքը թօթուելով՝ կառքը բարձրացաւ Մոսոյի հետ միասին։

Վայկեան մը Սոնիայի եւ Լեւոնի ձեռքերը իրար սեղմած մնացին։

Մնաք բարով չեմ ըսեր ձեզ,   շիտակ տղու աչքերուն նայելով ըսաւ Սոնիան,   ցտեսութիւն։

Լեւոնը թեթեւ մը ցնցուեցաւ, խուզարկիչ հայեացքով մը նայեցաւ աղջկան, ու ապա առանց բառ մը արտասանելու Սոնիայի ձեռքը սեղմեց։

Կառքը դանդաղօրէն սկսաւ առաջանալ։

Մեզի չմոռնաս, կ՚ըսէր մայրիկը,   շուտ շուտ գրէ, տեղեկութիւն տուր մայրիկիդ մասին…

Մնաք բարով… Մնաք բարով…

Բարի ճանապարհ… յաջողութիւն…

Սոնիա, Իգդիրէն գրել չմոռնաս,   կը պոռար կառքի ետեւէն Վանուհին։

Ինքզինքիդ լաւ նայէ, ճամբան չհիւանդանաս…

Եթէ ժամանակ ունենաք, Փարաքար հանդիպեցէք մերոնց տեսնելու, կառքի ետեւէն վազելով կը պոռար Գէորգը։

Կառքը օրօրուելով՝ վար կ՚իջնար Վարագի զառիվայրէն։ Սոնիայի պայծառ դէմքի ուրախ արտայայտութիւնը կարծես մէկէն չքացած լինէր։ Կառքի մէկ անկիւնը սեղմուած, ան հակառակ ուղղութեամբ կը նայէր, որ Մոսօն իր դէմքը չտեսնայ։

Շուշանցի կէս ճամբան կտրած կը լինէին, երբ Սոնիան գլուխը ետ դարձուց։ Մոսօն ալ բնազդօրէն ետ նայեցաւ։ Կարկուտ Խաչի մօտ, բարձրահասակ, մենաւոր մարդ մը կանգնած՝ կը նայէր կառքի ուղղութեամբ։

Պարոն Լեւոնն է, գլուխը տխրութեամբ օրօրելով ըսաւ Մոսօն,   պարոն Լեւոնն է։

Սոնիան չպատասխանեց։ Յանկարծ հեծկլտանք մը բարձրացաւ մինչեւ կոկորդը։ Ճիգ մը թափելով ինքզինք զսպեց։ Մէկ այդ էր պակաս, որ Մոսոյի ներկայութեանը լար։ Գրապանակի մէջէն թաշկինակ մը հանելով՝ սկսաւ շարժել։

Կառքը հիմա արդէն աւելի արագօրէն կը մօտենար Շուշանց գիւղին։

Տնեցւոց բոլորին բարեւներ կ՚ընէք,   կը խնդրէր Մոսօն,   ձերոնց, Եւգինէին, պարոն Աշոտին… մանաւանդ տիկին Մարիամին… Խեղճ կին, խեղճ կին, անոր կսկիծը ամենէն շատ է…

Նորէն հին պատմութիւնը… Սոնիայի ձեռքը կառքէն վար կախուած մնաց։

Ուրեմն, վաղը առտու շատ կանուխ ճամբայ պիտի ելլէք,   կ՚ըսէր Մոսօն,   էհ մէկ ալ ո՞վ գիտէ թէ իրար պիտի տեսնանք։

Շուտո՛վ, Մոսօ, շատ շուտով պիտի վերադառնամ…

Իրա՞ւ, օրիորդ Սոնիա, իրա՞ւ, կրկին պիտի վերադառնաք։

Անշուշտ, Մոսօ՛… Իմ աշխատանքս ալ ձերինի նման դեռ նոր պիտի սկսի։

Կառքը Շուշանց գիւղին մօտեցած էր։ Հեռուէն կ՚երեւնար Կարմրւոր վանքի գմբէթը։ Սոնիան անգամ մ՚ալ դէպի ետ նայեցաւ։ Արդեօք Լեւոնը նոյն տեղը կանգնա՞ծ էր… Հիմա արդէն շատ հեռուէն կ՚երեւար Կարկուտ Խաչի մօտ արձանացած մարդու բարձր հասակը, որ կարծես սարէն ինկած անշարժ ժայռի կտոր մը եղած լինէր։ Սոնիան թաշկինակը շարժեց։

Հեռուէն, շատ հեռուէն փափախ մը երերաց օդի մէջ։

Պարոն Լեւոնը, փափախը կը շարժէ…

Գիտեմ, - շշնջաց Սոնիան, առանց Մօսոյին նայելու,   գիտեմ…

Իրօք, Կարկուտ Խաչի մօտ կանգնողը Լեւոնն էր։ Ընկերները վերադարձած էին վանք, մինչ ինք, կարծես արձանացած՝ չէր կրնար ինքզինքը պոկել այդ տեղէն։ Դանդաղօրէն հեռացող կառքին հետ, կ՚երթար Սոնիան, ու անոր հետ ամբողջ անցեալ մը պատանեկան վառ երազներ, անձնական երջանկութիւն, ապագայի յոյս։ Ամէն ինչ, ամէն ինչ կ՚աղօտանար, ինչպէս կ՚աղօտանար հեռացող կառքը, որ հազիւ փոքր բան մը կ՚երեւար։

Վերջի ամիսները կարծես երազ մը եղած լինէին։ Անբացատրելի յոյս մը մէկէն լուսաւորած էր Լեւոնի խաւար երկինքը։ Բայց հիմա, այդ երազն ալ կը ցնդէր։ Ահա կ՚երթար Սոնիան, միակ էակը, որ կրնար յարութիւն առնել տալ մեռած Վարդանին։ Բայց արդեօք Վարդանը կրնար կեանքի վերադառնալ, ինչո՞վ կարելի էր երկուքի մէջ բացուած փոսը լեցնել։ Մէկդի ձգած իր հաշմուած, այլանդակուած մարմինը, արդեօք Լեւոնը իր կեանքին տէրն էր, որու ուսերուն ինկած էր այնքան ծանր բեռ մը, ամբողջ ժողովուրդ մը առաջնորդելու պարտականութիւնը։ Կառքը հազիւ կը տեսնուէր, Լեւոնի շրթները դողդողալով շարժուեցան, «երթաս բարով, երթաս բարով հրեշտակս», ու յանկարծ տղու լարուած ջղերը թուլցան, կուրծքը բարձրացաւ եւ արցունքները հանդարտօրէն հոսեցան երեսն ի վար։

Կառքը Ուրբաթ Առուն անցած՝ կը մօտենար Նորատունկերուն։ Քանի մը վայրկեան եւս, ու ահա ան բոլորովին կորսուեցաւ կանաչութեան ետին։ Ոչ կառք, ոչ Սոնիա։

Լեւոնը աչքերը սրբեց ու գլուխը բարձրացուց։

Իրիկուան մօտ էր, Վանի վերջալոյսի պահը, որու նմանը մարդ հազիւ ուրիշ տեղ կարենայ տեսնել։ Արեւը Գրգուռ եւ Նեմրութ սարերու մէջտեղէն հանդարտօրէն կ՚անցնէր հորիզոնի ետին արիւնոտած ամպերու արանքէն սուզելով։ Ծովակի շքեղ կապոյտը, տեղ տեղ ոսկիի գոյն առած, մեղմօրէն կը ծփար։ Աջ կողմի վրայ Սիփանի հսկայ սարը քօղաւոր հարսի նման կը բարձրանար Ատիլճավազի հարթ դաշտին մէջէն. ուր ցան ու ցիր գիւղերը իրենց անտառակներով գորշ-կապոյտ գոյն մը ստացած էին։ Ձախի վրայ կ՚երեւնար Արտոսը, աւելի հեռուն՝ Առնոսը, Եղերովը, վերջալոյսի լոյսով զարդարուած ոսկեզօծուած կողերով, ամեհի հսկաներ, որոնց ապստամբ գագաթները մխրճուած էին երկնքի կապոյտին մէջ։ Վարը, Լեւոնի ոտքերուն տակ լայնօրէն սփռուած էր Այգեստանը, կիսովին կորած ծառերու կանաչութեան մէջ ու աւելի հեռուն, քաղաքամէջը, կողքին բարձրացած բարձրադիր բերդը, ժանիքաւոր պարսպով։

Սքանչելի համայնապատկերը կրօնական յափշտակութեամբ լեցուց Լեւոնի ողջ էութիւնը, հին գինիի նման հարբեցուց զայն, որ ինքզինք կորսուած կը զգար վերջալոյսի ակնապարար գոյներուն մէջ։

Արձանի նման անշարժ կանգնած էր Լեւոնը, Կարկուտ Խաչի կողքին, ինքն ալ միաձուլուած բնութեան մեծաշուք գեղեցկութեան հետ։ Սրբազան երկիւղածութեամբ հոգին կը խոնարհէր հայոց աշխարհի հոյակապ վսեմութեան ի տես։ Հեռուն, շուրջը, ամէն ինչ այնքան գունաւոր, շքեղօրէն հզօր, անպարփակելի մեծութիւն մը, իր փոթորկող պէսպիսութեամբը ճնշող, սարսռացնող բայց եւ ամբողջութեամբ այնքան ներդաշնակ ու գեղեցիկ։ Վասպուրական երկիր դրախտավայր։ Սրբութիւն սրբոց, Սրբազնագոյն Հայրենիք Հայոց։

Երկիւղած հաւատացեալի մը նման. Լեւոնի դէմքը դէպի արեւամուտ, հզօր աստուածներու բագինի կը առջեւ կանգնած կը զգար ինքզինք, անհուն տաճարի մը, որու բարձրաբերձ սիւներն էին վիթխարի սարերը, երկինքն ի վեր սլացող գագաթներով, բարձրաբերձ գմբէթը՝ փոսորային երկինքը անսահմանելի եւ արեւի վերջին ճառագայթներով արիւնաներկ կապտաւուն ծովակը, պատարագի սեղանը, որու վրայ հազարաւորներ զոհուեցան Ազատութեան Աստուծուն։

Աղջամուղջը հանդարտօրէն կը ծանրանար երկրի վրայ։ Կամաց կամաց գոյները կը մեռնէին եւ նոսր շղարշ մը կը վարագուրէր ամէն ինչ։ Դեռ միեւնոյն տեղը անշարժ կանգած, Լեւոնին կը թուէր թէ՝ լճակի ստուերոտ խորքէն լուսաւոր ամպ մը սիւնի նման կը բարձրանար, ու ամպի մէջէն, նախ անորոշ ու հետզհետէ որոշ գծերով Վահէի դէմքը կը գծագրուէր, աստիճանաբար մեծնագով, մինչեւ որ ամբողջ հորիզոնը լեցուց։

Թերեւս երազ մը, խաբուսիկ պատկեր մըն էր այդ, ո՞վ կրնայ ըսել։

Լեւոնի գունաթափ շրթները մեղմօրէն շարժեցան, կարծես աներեւոյթ ոգիի մը կ՚ուղղէր իր խօսքերը.

Կ՚երդնո՛ւմ, կ՚երդնում մինչեւ մահ ծառայել քեզ, մեծազօր հայրենիքս։

Հետզհետէ Լեւոնի դաժան դէմքը պայծառացաւ, գոհունակ ժպիտի մը ստուերը քարացաւ դէմքին վրայ։ Կռացած մարմինը շտկեց, բռունցքները սեղմուեցան, լայն կուրծքը դուրս նետեց, գլուխը խրոխտօրէն բարձրացուց ու մէկ նայուածքով ամբողջ հորիզոնը ընդգրկելով, պողպատի ծանրութեամբ կրկնեց.

Հայաստան, Հայաստան, Հայաստան…

 

ՎԵՐՋ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԵՒ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՏՈՐԻ

 

 

Ընթերցողը ԶԱՐԹՕՆՔԻ շարունակութիւնը պիտի գտնայ ԼՈՒՍԱԴԷՄԻՆ երկհատոր վէպի մէջ։