Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՒԱՃԱՆԻ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Այգեստանի մէջ օրը ցերեկով, առաջին անգամն էր, որ զինուած խումբ մը կ՚անցնէր այգիներով։ Լեւոնն ու ընկերները, Խամուր Քէսէնէն քիչ վար, տան մը փողոցի դուռը բանալ տուին տնեցիներուն։ Վեր ու վար նայելէ վերջ, երբ ապահովուեցան, որ փողոցը ամայի է, արագ քայլուածքով մը անցան Պուռնազի նեղ փողոցը։ Հազիւ երկու հարիւր քայլ մը առաջացած այդ փողոցով, ձախ թեւի վրայ գտնուող տան մը դուռը զարկին։

Զարմանալի հոգեկան յեղաշրջումով, դեռ երկու երեք օր առաջ այնքան անբարեացակամ ընտանիքները, որոնք դռները պինդ մը փակած, չէին ուզեր որեւէ աջակցութիւն ցոյց տալ, այժմ խնդումերես կը դիմաւորէին մեր փախստական հինգ ընկերները, ճամբայ կը ցուցնէին, կ՚օրհնէին անոնց երեւումը։

Փոքր կռիւ մ՚էր տեղի ունեցածը, բայց այդ՝ ժողովուրդի տրամադրութիւնը զարմանալի կերպով յեղաշրջեց։ Այդպէս է ժողովուրդը։ Եթէ միայն դաւաճանութեան առաջին օրերուն կռիւ մը փրթէր, թէկուզ կատաղի, արիւնալի կռիւ մը, շատ շատեր, որոնք իրենց անցեալը ցեխոտեցին դաւաճանութեամբ կամ դասալքումով, պատնէշներու վրայ կանգնած, հերոսաբար պիտի կռուէին ու թերեւս մեռնէին, առանց վայրկեան մ՚իսկ տատամսելու։

Այգիէ այգի անցնելով, վերջապէս Թերլեմեզենց այգիի մէջ կանգ առին Լեւոնն ու չորս ընկերները։ Քէօշկի առջեւն ու մէջը իրարու վրայ թափթփած էին սայլի վրայէն վերցուած ապրանքները։ Թաղի կիներն ու երեխաները իրենց յանձնուած գործը լիովին կատարած էին։

Հոդ թափուած ապրանքը ցերեկով չէր կարելի շարժել, կը մնար որ Լեւոնն ու ընկերները այդ շրջանին մէջ, մօտաւոր տան մը մէջ թագնուէին, մինչեւ որ կատարելապէս մթնէր։

Մեր ընկերներէն Հմայեակի տունը, հոս շատ մօտը կը գտնուի,   ըսաւ տեղացի կամաւորներէն մէկը,   քանի մը ժամ հոն կրնանք մնալ։

Ուրիշ ճար չկար։ Տեղացի զինուորը առաջ ինկաւ, ու քանի մը այգի անցնելէ վերջ, տան մը այգիի դուռը բանալով ներս մտա։ Հմայեակը տանն էր։ Մայրը, ինքն իր վրայ կքած խեղճ կին մը, սենեակի դուռը բացաւ։ Մեր բարեկամները տեղաւորուեցան քիւրսիի չորս բոլորը։ Հմայեակի փոքր քոյրը, շիկահեր մազերով ութ տասը տարեկան աղջնակ մը, սենեակի մէջ անկիւնը կծկուած, սարսափէ ու հետաքրքրութենէ աչքերը խոշոր խոշոր բացած, կը դիտէր այդ օտարականները, որոնց մասին այնքան առասպելական պատմութիւններ լսած էր։

Լեւոնն ու ընկերները հոդ պէտք է սպասէին մինչեւ մթնալը։ Հազիւ կէս օրուան մօտ լինէր։ Հմայեակը քովը նստեցուցած, Լեւոնը կարգադրեց, անմիջապէս դուրս գալ իր խմբի անդամներուն լուր տալու, որ երեկոյեան հաւաքուին իր մօտ, կարեւոր խորհրդակցութեան մը համար։ Պէտք էր Թերլեմեզենց այգիի մէջ թափուած զէնքերն ու պարագաները այդ գիշեր իսկ փոխադրուէին ապահով վայր մը, Հմայեակի ընկերներու օգնութեամբ։

Վերադարձիդ՝ Փոքր Քէնտիրչիի մօտով անցիր,   խօսքը վերջացուց Լեւոնը,   տես, ի՞նչ կ՚անցնի կը դառնայ, ի՞նչ կը խօսուի։

Հմայեակը գռուզ մազերը հովին տուած, ուրախութեամբ տնէն դուրս թռաւ։ Մէկ երկու ընկերներու տները հանդիպելով՝ յայտնեց եղած կարգադրութեան մասին ու անցաւ Փոքր Քէնտիրչիի կողմը։ Պայթումէն ի վեր երկու ժամէ աւելի անցած էր։ Երբ Հմայեակը մօտեցաւ այդ տեղին, ուր պայթիւնը տեղի ունեցած էր, տեսաւ դռներու վրայ հաւաքուած կիներու եւ երեխաներու բազմութիւն մը, որոնք զանազան մեկնաբանութիւններով կը պատմէին դէպքի մանրամասնութիւնները։ Ամէն մէկը իր հասկցած ձեւով բացատրութիւն մը կուտար պայթումը առաջացնող պատճառներու մասին։

Քա, աղջիկ, - դրան սեմին վրայ նստած կին մը կը բացատրէր դրացի կնոջ մը,   պտուկը թոնիրի կուշտը դրած, թանապուրը կը խառնեմ, որ տակը չառնէ. մէկ ալ, ապա՜ր… երկինք գետին ժաժք եկաւ։ Քա՛, կ՚ըսեն մեր տղաքը ղումպարա նետեցին ասկերի վրայ։ Էն թավուր ձէն… Քոռնամ ես, քիչ մնաց ծծկերս գրկէս վար իյնար…

Հա՛, ես ալ քիւրսիի տակ կը կնքվարտէի,   կ՚ըսէր պառաւ կին մը,   մէկ ալ… էն ի՜նչ ձէն էր… տեսնեմ տան պատերը երերացին… փարջով ջուրը քիւրսիի վրայէն վար ինկաւ։ Թօզն ու դումանը աշխարհ բռնեց։ Հը՞, աճապ շներէն քանի՞ հոգի սատկեցան…

Մէրս, հաշի՞ւը կայ… սակողը սատկեցաւ, սաղ մնացողներն ալ էնպէ՜ս փախան… Ժամ մը անցաւ, մարդ մարդասան չերեւցաւ Ջաղտի վրայ։ Մէկ ալ պատերու տակերէն սողալով փողոցի վերէն ու վարէն շուներէ աւելի ասկեար թափեցան, տուները մտան, ճամբու վրայ բացուած փոսը քննեցին եւ հայտէ գնա որ կ՚երթաս։ Աստուած տայ, նոր կռիւ մը չսկսի…

Աղջիկ, ախբերդ «անոնցմէ»է, դուն կը գիտնաս, ղո՞րթ որ պարոն Լեւոնը նորէն քաղաք մտած է…

Քա՛, չտեսա՞ր, երկէն պոյով թոփալ մարդը…

Ա՜պար, աղջի, էն պէտ պէտ մա՞րդը… Աժդահա կը նմանէր…

Հմայեակը հոս ու հոն կանգ առնելով, զանազան փողոցներ պատելէ վերջ, ուրախ ուրախ ներս մտաւ դռնէն եւ տեսածն ու լսածը մանրամասնօրէն պատմեց Լեւոնին։

Լեւոնը աւելի քան ուրախ էր։ Առիւծ Գեւոյի ինքնաբերաբար արձակած գնդակը, բարեբախտաբար, ծանր հետեւանք մը չունեցաւ։ Շատ շատ ՝ քանի մը օր եւս զինուորական խստութիւնները պիտի շարունակուէին ու ամէն ինչ կրկին պիտի մոռցուէր, ինչպէս մոռցուած էին նման շատ մը դէպքեր։

Մթնելու մօտ, անգամ մ՚ալ Հմայեակը դուրս ճամբուեցաւ։ Անոր երթալէն կէս ժամ անցած էր։ Առիւծ Գեւօն, որուն վէրքը Լեւոնը լուացեր ու վիրակապով փաթթեր էր, քիւրսիի վրայ, Թոփալ Սատանայի հետ թրիֆ կը խաղար։ Տեղացի երկու զինուորները անոնց մօտ նստած, ուշադրութեամբ խաղին կը հետեւէին, իսկ Լեւոնը քիւրսիէն քիչ հեռու նստած՝ չանթան որպէս սեղան գործածելով նամակ կը գրէր։

Ծօ 100,   զսպուած ձայնով մը ձեռքի թղթերը նայելէ վերջ՝ ըսաւ Առիւծ Գեօն։

120, Գեւօ՛։

Խերդ կ՚անիծեմ, Թոփալ…   150։

Ա՛ռ, նայիմ ինտո՞ր մէջէն պիտի ելլես։

Ծօ՛, ինծի Առիւծ Գե…

Բայց Գեւօն նախադասութիւնը չկրցաւ վերջացնել։

Յանկարծ Այգեստանի խաղաղ մթնոլորտը շռնչալով պատռեցաւ հեռուէն արձակուած հրազէնի մը սուր ձայնէն։ Լեւոնն ու ընկերները ընդոստ ցնցուեցան ու իրարու նայեցան հարցական հայեացքով։ Ի՞նչ հրազէնի ձայն էր լսուածը։ Սակայն, ժամանակ իսկ չունեցան այդ մասին բերան բանալու։ Քանի մը վայրկեանէն, անկանոն հրացանաձգութեան մը գոռոցը յաջորդեց առաջին հրազէնի ձայնին։ Անշուշտ նոր կռիւ մը փրթած էր, բայց որո՞ւ հետ, եւ ինչո՞ւ հրացանի ձայները թրքական թաղերու կողմէն կուգային։

Ինչպէս անակնկալ կերպով սկսած էր, այնպէս ալ յանկարծ դադրեցաւ հրացաններու որոտը, երեք չորս րոպէ մը շարունակուելէ վերջ։

Ու հիմա կարծես աւելի ծանր խաղաղութիւն մը տարածուեցաւ Այգեստանի վրայ։ Ճնշող լռութիւն մը, քարի նման ծանր, հոգեմաշ հանդարտութիւն մը, որ չես գիտեր թէ ի՞նչ ունի իր ծալքերուն մէջ պահուած։

Սենեակի մէջ հաւաքուած ընկերները, որոնք հրացանաձգութեան ձայնը առած՝ ոտքի ցատկած էին, ամէն մէկը հրացանը գրկած, կամաց մը տեղերնին նստան։

Հը՞, տեսնես ի՞նչ պատահեցաւ,   ինքնիրեն քրթմնջաց Թոփալ Սատանան,   ձէները թրքական մասէն կուգային։

Ինծի էնպէս կուգայ, որ…, հանդիսաւոր շեշտով մը սկսաւ խօսիլ Առիւծ Գեւօն, բոլորի ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացնելով,   ինծի այնպէս կուգայ որ, ըհը՛մ,   բայց առանց ըսելու թէ ի՞նչ կը մտածէր, կամ ինքն ալ հաստատ չգիտնալով ինչ մտածելը, բարկութեամբ քիթը տրորեց ու այդքանով բաւականացաւ, առանց նախադասութիւնը վերջացնելու։

Գեւօ՛, դու ալ որպէս թէ բան ըսիր,   հեգնեց Թոփալ Սատանան։

Որ դու չես հասկնա՜ր…

Ծօ, ի՞նչ ըսիր որ հասկնայի։

Հա՛, ծամեմ բերա՞նդ դնեմ… արդէն եթէ դու խելք ունենայիր… Ծօ՛, որ հրացանի ձէներ կան, ուրեմն կռիւ կայ… հասկցա՞ր։

Լեւոնը ինքն ալ որեւէ կերպով չէր կրնար բացատրել հրացանաձգութեան պատճառը։ Քաղաքին մէջ դրսէն եկած մարդ՝ միայն ինքն էր ու իր հետ եղածները։ «Կ՚երեւի, պատահական հանդիպում մը փախստականի մը հետ», մտածեց Լեւոնը ու նորէն չանթան ձեռք առնելով՝ սկսաւ կիսատ ձգած նամակը շարունակել։

Առիւծ Գեւօն ու Թոփալ Սատանան ալ դարձան իրենց կիսատ ձգած խաղին, որ Գեւոյի սիրած ժամանցն էր։

Առիւծ Գեւօն ժամերով կրնար խաղալ այդ խաղը առանց ձանձրանալու։ Շատ անգամ գրեթէ բռնութեամբ կը ստիպէր ընկերները, գիշերուան որեւէ ժամուն քնած տեղէ ելլելով թրիֆ խաղալ։ Չես գիտեր ո՞ր տեղէն Առիւծ Գեւօն ճարած է խաղի թղթերը։ Սարսափելի կերպով աղտոտ ու իւղոտած խաղաթղթերը խնամքով փափախին մէջ կը պահէր ու վայ անոր, որ առանց իր գիտութեան ձեռք տար այդ թղթերուն։ Ընկերները այդ փորձանքէն ազատուելու համար՝ անգամ մը գողցան խաղի թղթերը։ Բայց մեր պատուական բարեկամը այնպիսի աղմուկ մը փրցուց, որ ճարահատ, թղթերը մէջտեղ հանեցին ու անգամ մ՚ալ չփորձեցին խաղ խաղալ Առիւծ Գեւոյի հետ։

Ծօ, Թոփալ, 150…

Հարիւր եօթանասուն…

Այդպէս կը շարունակուէր թրիֆը։ Քսան րոպէէն աւելի անցեր էր։ Մեր բարեկամները նոյնիսկ մոռցած էին քիչ առաջուան հրացանաձգութիւնը, երբ յանկարծ տան դրսի դուռը չրխկալով բացուեցաւ. ու Հմայեակը շնչասպառ սենեակ ինկաւ, դէմքը կաս կարմիր կտրած, գլխու ֆէսը ծոպէն բռնած՝ օդին մէջ շարժելով։

Զարկին… զարկին… Սղգեայի Ջաղտի վրայ…

Արտասանած երկդիմի խօսքերէն աւելի, Հմայեակի ուրախութենէ ճառագայթող դէմքէն սենեակի մէջ գտնուողները գլխի ինկան, որ դուրսը անակնկալ նորութիւն մը պատահած էր։ Թոփալ Սատանան թղթերը քիւրսիի վրայ դրաւ ու բերանը բաց՝ նայեցաւ Հմայեակին։ Առիւծ Գեւօն աշխուժով ոտքի ցատկեց։ Լեւոնը չանթան մէկ կողմ դրաւ ու հանդարտօրէն հարցուց,

Ի՞նչ պատահած է, որո՞ւ զարկին… մէկ շունչ առ, Հմայեա՛կ, հանգստացիր…

Դաւաճանը… պարոն Լեւո՛ն, դաւաճան Դաւօն զարկին բաղնիքին առջեւ…,   բառերը իրարու խառնելով վրայ տուաւ պատանին։

Ծօ՛, ի՞նչ ըսիր։

Գոռացողը Առիւծ Գեւօն էր, որու դէմքը վայրկեանաբար կաս կարմիր կտրեցաւ հնդկահաւի կատարի նման, հաստ վիզը առաջ երկարեց, կարծես աւելի լաւ լսելու համար։

Հա՛, շունը սատկեցաւ… բաղնիքի առջեւ զարկին… մեր Տաճատն է սպաննողը…

Յանկարծ անօրինակ կատաղութիւն մը բռնեց մեր Առիւծ Գեւոյին, սենեակի մէջ սկսաւ խելառ պար մը պարել. որ սովորական պարերու ձեւը չունէր։ Թէ՛ կը խնդար, թէ՛ կուլար։ Արցունքի խոշոր կաթիլներ այտերէն վար կը վազէին, մինչդեռ սեղմուած բռունցքներով օրը կը ծեծէր։ Մէկ ալ ձեռքը բարձրացնելով բամբեց Թոփալ Սատանայի գլուխը, որու փափախը մինչեւ աչքերը իջան։

Լաւ՛, Գեւօն հանգստացիր։ Հմայեա՛կ, լուրը բոլորովին ստո՞յգ է,   հարցուց Լեւոնը՝ իր յուզումը խեղդել ջանալով։

Կառապան Յովհաննէսը,   արդէն հանդարտած պատասխանեց Հմայեակը,   Յովհաննէսը աչքով տեսեր է… Քաղաքամէջէն վերադարձած ժամանակ տեսեր է Դաւօն եւ Տաճատը խօսքի բռնուած թրքերու բաղնիքին առջեւ։ Քսան երեսուն քայլ մը յառաջացած՝ մէկ ալ հրազէն մը պայթեր է ետեւէն։ Հազիւ ժամանակ ունեցեր է ետին նայելու։ Տեսեր է դաւաճանը արիւնլուայ գետին ինկած, իսկ Տաճատը աջ ու ձախ կրակելով փախեր է…   Հիմա ամբողջ Այգեստանը գիտէ… ժողովուրդը փողոց թափած՝ իրարու աչքի լոյս կուտան…

Իսկ Տաճատի մասին ի՞նչ կը խօսուի։

Փախեր է… բայց ոչ ոք չէ տեսեր ուր երթալը։

Լաւ, սիրելիս։ Այդ այդպէս ուրեմն։ Իսկ այս երեկոյեան համար ընկերներուդ լուր տուած ես անշուշտ։

Ի հարկէ, պարոն Լեւոն։

Ե՞րբ կը հաւաքուին։

Երբ որ մթնայ։ Պատուիրեցի անոնց՝ որ մեր տունը հաւաքուին։

Այդ շատ լաւ է։ Ուրեմն, կէս ժամէն…

Երբ Լեւոնը կրկին իր կիսատ ձգած նամակը սկսաւ շարունակել, Առիւծ Գեւօն Հմայեակի թեւէն քաշելով՝ մօտը նստեցուց ու իրարու վրայ քանի մը անգամ պատմել տուաւ անոր՝ ինչ որ լսեր եւ տեսեր էր փողոցներու մէջ։

Լեւոնը աշխատանքը վերջացնելով չանթան հաւաքեց ու մէջքը տուած բարձին՝ սկսաւ մտածել, մինչ գոհունակ ժպիտ մը կը խաղար դէմքին վրայ։ Ի զուր չէ, որ ինք Տաճատը ընտրած էր այդ վտանգաւոր ձեռնարկին համար։ Այդ պատանիի աչքերուն մէջ ինչ որ յանդուգն, անզսպելի կրակ մը կը վառէր, երբեմն վայրագ կայծկլտուք մը կ՚երեւար՝ գարնան կայծակի նման փայլատակող։

Նախօրօք համաձայնութեան եկած էին իրարու հետ, որ դէպքի մը պարագային Տաճատը կամ ընկերը, եթէ կարենային ազատուլ, պիտի թագնուէին Սաթենիկենց մօտ։ Ուրեմն, իւրովի մտածեց Լեւոնը, եթէ Տաճատը կրցեր է ազատուիլ. անշուշտ հիմա, Սաթենիկի մօտ կը լինի։ Պէտք է այգիի մէջ թափուած ապրանքը տեղափոխելէ վերջ հոն երթալ։

Սկսաւ մթնել։ Հմայեակի ընկերները, որոնց ընթերցողը հանդիպեցաւ Սաթենիկենց տունը, հետզհետէ եկան։ Ամէնքն ալ միեւնոյն պատմութիւնը կը պատմէին մասնաւոր ոգեւորութեամբ, միաժամանակ հպարտ զգալով, որ Տաճատը իրենց խմբի ընկերներէն էր։ Բոլորն ալ միեւնոյն լուրը կը հաստատէին, թէ դաւաճանը մեռած է։

Ուշ եկողներէն մէկը եղաւ Տէրտէրի Վահանը։ Քաղաքամէջ, ոսկերիչի մը մօտ աշակերտութիւն կ՚ընէր այդ պատանին։ Զարմանալի կերպով լռակեաց, ինքնամփոփ տղայ մ՚էր՝ միշտ ալ կարծես ծանր հոգսերով մտորուած։ Երբ ներս մտաւ, անմիջապէս աչքի զակաւ անոր գունաթափ դէմքը։ Խոշոր խոշոր բացուած աչքերուն մէջ անհնարին սարսափ կար։

Ի՞նչ կայ, Վահան, ի՞նչ պատահած է, Վահան,   ձայնելով ընկերները շրջապատեցին զայն։

Հէչ, բան չկայ, ու Վահանը քիւրսիին մօտ նստաւ՝ աջ ձեռքով ծածկելով աչքերը։

Ի՞նչ է պատահած,   մեղմօրէն հարցուց Լեւոնը՝ տղու շարժուձեւէն զգալով, որ ան դեռ զօրաւոր սարսափի մը ազդեցութեան տակ կը գտնուի։

Քաղաքէն կուգայի,   ըսաւ Վահանը,   մէկ ալ…

Հա՛, մէկ ալ… շարունակէ՛, Վահան,   քաջալերեց Լեւոնը։

Արեւը մարը չմտած՝ խանութը գոցեցինք,   սկսաւ պատմել Վահանը, ինքզինքը տիրապետելու ներքին ճիգ մը ընելով,   ամէն իրիկուն առտու քալելով կ՚երթամ կուգամ Քաղաքամէջ։ Խանութը գոցեցինք ու խուրճինը ուսս նետած՝ ճամբայ ելայ։ Հանդարտ քայլուածքով մը կ՚անցնէի Ֆրանս. քօնսիւլաթի առջեւէն, մէկ ալ Խաչ Փողանի կողմէն հրազէնի պայթիւն մը լսուեցաւ։ Կարեւորութիւն չտուի։ Քանի մը վարկեան վերջ, բազմաթիւ պայթիւններ լսուեցան միեւնոյն ուղղութեան վրայ։ Քայլերս արագացուցի։ Քաղաքամէջէն եկող բազմութիւնը, որոնք մեծամասնաբար հայ խանութպաններ էին, ինչպէս նաեւ այդտեղ գտնուող խանութպանները եւ փողոցի անցորդ թուրքերը ինձ նման շշմած էին անսպասելի հրացանաձգութեան պատճառով։ Մէկ ալ թուրք մը Խաչ Փողանի կողմէն վազեվազ եկաւ, պոռալով իր ազգակիցներուն. «Ի՞նչ կեցեր էք, կեավուրները Դաւօն խփեցին բաղնիքի առջեւ։ Մուհամմէտի սուրբ հաւատքին հետեւողներ, պիտի ձգէ՞ք, որ իսլամը վերջանայ»։

Վահանի շրթները դողացին, աչքերու ճերմկուցը տարապայման կերպով մեծցաւ, կարծես քիչ առաջ ապրած սարսափը կը վերակենդանանար աչքին առջեւ։

Փողոցի մէջ իրարանցում մը սկսաւ։ Ես անգիտակցաբար սկսայ վազել,   շարունակեց Վահանը։- Յանկարծ խանութպան թուրքերը կացինով, հաստ փայտերով զինուած՝ ամէն կողմէ վրայ տուին։ Հայ վաճառականներէն շատեր կառքերով սրընթաց անցան։ Ոտաւորներս ամէն մէկը իր գլխուն ճարը տեսնելու ետեւէ էր։ Ինձմէ քսան քայլ մը առջեւով հայ մշակ մը կը վազէր։ Թուրքերը ճամբան կտրեցին ու շրջապատեցին զայն։ Հասնողը հարուած մը իջեցուց խեղճի գլխուն։ Մէկ երկու վայրկեանէն մշակը սեփական արիւնով շաղախուած՝ գետին ինկաւ։ Թուրքերը, անոր գործը վերջացնելէ վերջ, ինկան ուրիշներու ետեւէն։ Կացինով զինուած երկու թուրքեր ալ զիս տեսնելով, դէպի իմ կողմը վազեցին։ Ոտքերս դողացին, սիրտս արագ արագ սկսաւ զարնել, ինքզինքս կորած համարեցի։

Սենեակին մէջ ճանճի տզզոց մը կրնար լսուիլ։ Ներկաները համրացած՝ մտիկ կ՚ընէին։

Թուրքերը մօտեցեր էին ինծի։ Աւելի բնազդօրէն քան մտածելով, ուսիս խուրճինը վար նետեցի ու, որքան որ արագ կրնայի, սկսայ վազել դէպի Խաչ Փողան։ Ճամբուս վրայ վեց եօթ դիակներ փռուած էին։ Թուրքերը հանդիպող հայը կը սպաննէին։ Ինքս ալ չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՞ս կրցայ այդ խուժանի մէջէն անցնելով ազատիլ…

Այդ պահուն դուռը բացուեցաւ եւ խմբի անդամներէն Արմենակը ուշ մնացողի մը վարանքով ներս մտաւ։ Ամէն նոր եկող իր պատմութիւնն ունէր։ Մինչեւ այդ եկողները բոլորն ալ կը հաստատէին Դաւոյի սպաննուիլը։ Արմենակը Ամերիկեան Շրջանակի դեղարանին մէջ կ՚աշխատէր։ Ըստ անոր պատմածին, Դաւօն զգայազիրկ վիճակի մէջ էր, բայց դեռ չէր մեռած։— Ծօ՛, չելլէ՞ առողջանայ,   սարսափած խօսեցաւ Արսէնը,   վայ թէ շունը նորէն ոտքի ելլէ…

Չէ այդ մասին մտահոգուելու պէտք չկայ,   ծիծաղելով հանգստացուց Արմենակը,   գնդակը վզի վերի կողմէն անցած՝ խրուեր է ուղեղին մէջ. ոչ կրնայ շարժիլ, ոչ լսել, ոչ ալ խօսիլ։ Մեր բժիշկն ալ կանչուած էր քննելու։ Վերադարձին յայտնեց, որ փրկութիւն չունի, ժամերու խնդիր է միայն շան սատկիլը…

Տղաք, չուշանանք,   տեղէն բարձրանալով ըսաւ Լեւոնը,   երթանք ապրանքը փոխադրելու։

----

Աղջի Սաթենիկ,   թոնիրի վրայ ծռած՝ թանապուրի պտուկի խուփը բանալով խօսեցաւ մայրը, - աղջի Սաթենիկ…

Ի՞նչ է, մարէ, - լսուեցաւ կողքի սենեակէն աղջկան հնչեղ ձայնը. - ի՞նչ կ՚ուզես…

Գետինը չանցնիս, նորէն թանապուրի աղը մոռցեր ես… Տանը կը նստի՞ս որ… խելքդ միտքդ դուրսն է։ Հա՛, էն ի՞նչ հրացանի ձէներ էին… Սեղանը շտկէ, հացը ես թրջեր եմ։ Պատառ մը բան ուտենք, կէս օրը անցեր է… սիրտս մարեցաւ։

Սաթենիկը 15-16 տարեկան միջահասակ. թխլիկ աղջիկ մ՚էր՝ կաս կարմիր այտերով, որ վանեցի աղջիկներուն այնքա՜ն յատուկ է։ Ծղօտներէ հիւսուած սեղանը երկու ձեռքով բռնած՝ ան ներս մտաւ թոնրատունը ու թոնիրի կուշտին գունաւոր սփռոց մը փռելով՝ աղքատիկ սեղանը յարդարեց։

Անուն հօր եւ որդւոյ եւ…—  Հա՛, աղջի՛, էն ի՞նչ հրացանի ձայներ էին։ Նորէ՞ն շները կատաղեցան… գետնին տակը մտնեն… Հոգւոյն Սրբոյ, ամէն… Կերակուրը պաղեցաւ…

Պառաւը, քանի մը պատառ ուտելէ վերջ, մէկ ալ դարձաւ աղջկանը.

Հա, աղջի՛կ, չըսիր թէ էն ի՞նչ հրացանի ձայներ էին…

Մայրի՛կ, չեմ գիտեր… ես դրկիցի տունն էի…   ո՞վ գիտէ ի՞նչ էր…

Սաթէ՜ն, լեզուիդ տակը բան մը կայ։

Մարէ, ժամ պատարագ, բան չկայ… ես ալ լսողաց լսեր եմ։ Կ՚ըսեն թէ Սղգեայի Ջաղտի վրայէն թուրք զինուորները սել մը ապրանք տարած ատեննին՝ մեր յեղափոխականները յարձակեր են վրանին ու սելի ապրանքը փախցուցեր…

Ո՜՜ւ…

Կ՚ըսեն քանի մը հատ ալ ասկեար սատկեր է։ Մեր տղաքը պատուհանէն ռումբեր նետեր են…

Քէօքերնին չորնայ էնոնց, քէօքերնին… Ա՜խ, որ իմ ասլան տղաս խփեցին…

Պառաւի ձայնը կտրուեցաւ, եւ արցունքի խոշոր կաթիլներ ինկան դողդողացող ձեռքին վրայ…

Սաթենիկը չտեսնելու զարկաւ մօր արցունքը։ Ամէն անգամ, որ դէպք մը պատահէր, կամ կռիւ մը տեղի ունենար, մօր սրտի հին ցաւերը կը նորոգուէին։ Մեծ տղան կռուի մը մէջ սպաննուած էր Կուռուպաշ գիւղի մէջ։ Տարիներ անցած էին այդ օրէն, բայց պառաւը չէր կրնար մոռնալ այն սեւ օրը, երբ սելի մը վրայ նետած՝ քաղաք բերած էին իր ասլան զաւակի դիակը։

Տէ՛, մարէ բաւական է…,   սեղանը հաւաքելով ըսաւ Սաթենիկը,   հա՛, ես քիչ մը դուրս պիտի ելլեմ…

Աղջիկ, նորէն ո՞ւր կ՚երթաս,   հոգւոց հանելով հարցուց մայրը,   էս քանի օրս տանը նստած չունիս, քեզի հետ ի՞նչ է պատահած։

Ճանըմ, ո՞ւր պիտի երթամ որ, դուն ալ շարունակ կը հարցնես։ Մէկ մը մեր Համասփիւռին հանդիպիմ. շաբաթ մը եղաւ չեմ տեսած…

Աղջիկ, տահա երկու օր առաջ էր, Համասփիւռը քեզի տեսնելու եկաւ…

Բայց Սաթենիկը չլսեց մօր վերջին խօսքերը։ Շալը գլխուն նետելով՝ կողքի սենեակէն բակը ելաւ ու անկէ ալ փողոց։

Պառաւը տնտնքալով թոնրատունը աւլեց, ամանները լուաց եւ գործերը վերջացնելով քիւրսիի տակ նստած՝ սկսաւ գուլպայ գործել։ Կամաց կամաց աչքերը փակուեցան, գուլպան ձեռքէն ինկաւ ու ան եղանակաւոր խռոցով մը սկսաւ մրափել։

Երեկոյեան կողմ, ժամու կոչնակի ժամանակ միայն Սաթենիկը վերադարձաւ տուն, ձեռքը գիրք մը բռնած։ Հաւատացնելով մօրը, որ ինք ամբողջ ժամանակ Համասփիւռենց տունն էր, Սաթենիկը քիւրսիի վերմակը քաշեց վրան եւ գլուխը բարձին դնելով՝ աչքերը փակեց։ Մայրը քունը առած՝ շարունակեց գուլպայ հիւսել, երբեմն հատիկներ փախցնելով, որ զինք սաստիկ կը նեղացնէր։

Անտէր մնայ, աչքերս ալ չեն տեսներ,   քթի տակէն մրթմրթաց պառաւը,   ինչ ալ կանուխ մթնցաւ. մէկ ճրագը կպցնեմ։

Հազիւ թէ ճրագը աթոռակին վրայ դրած էր, երբ յանկարծ հեռաւոր հրացանաձգութեան բոմբիւնները մինչեւ թոնրատուն խուժեցին։

Մեղայ քէ Աստուած, երեսը խաչակնքելով ըսաւ պառաւը՝ ամբողջովին լսողութիւն կտրած,   նորէն շները կատղեր են… Աղջիկ Սաթենի՜կ, մէկ աչքդ բաց՝ տեսնեմ… դուրսը աշխարհը տակնուվրայ եղաւ…

Ի՞նչ  է, մարէ, - աչքերը տրորելով պառկած տեղը նստաւ Սաթենիկը,   չես ձգեր որ աչքերս խփեմ…

Աղջիկ, մէկ մտիկ ըրէ, նորէն կռիւը փրթաւ, հրացանի ձէները կարծես թրքերու կողմերէն կուգայ։

Հա՞, տեղէն ցատկելով թոնրատան դուռը բացաւ Սաթենիկը,   ղո՛րթ մարէ, կռիւ կայ, տեսնես ո՞ր կողմն է, ի՞նչ է պատահեր նորէն։

Դուռ դրացի փողոցի դռներու վրայ հաւաքուեցան։

Քա՛ հա՛րս,   քովի դրացի կնոջ կը ձայնէր պառաւ կին մը, որու ականջները լաւ չէին լսեր,   հա՛րս, նորէն ի՞նչ կայ, կ՚ըսեն կռիւ է. ղորթ որ կռիւ է։

Հա՛, Խաթուն նէնէ, Խաչ Փողանի կողմէն ձայները կուգան։

Քաղաքամէջէն գալու կեախ է,   ձեռքերը տրորելով լացակամած կ՚ըսէր երիտասարդ կին մը տարեկից կնոջ մը,   մարդս դեռ տուն չեկաւ։

Այդպէս, դուռ դրկից հաւաքուած՝, հազար ու մէկ ենթադրութիւններ կ՚ընէին հրացաններու ձայներու մասին, երբ կրկին խաղաղութիւն տիրեց։

Կամաց կամաց մթնեցաւ։

Աղջի Սաթէն, ներս երթանք,   ըսաւ մայրը,   վաղը առտու յայտնի կը լինի թէ ի՞նչ կռիւ էր։

Մայր ու աղջիկ ներս քաշուեցան։ Սաթենիկը, փողոցի ու այգիի դռները գոցելէ վերջ ներս մտաւ թոնրատունը ու մօրը կողքին, քիւրսիի տակ նստելով՝ ճրագի աղօտ լոյսի օգնութեամբ կարդալ սկսաւ ցերեկով հետը բերած գիրքը։

Թերեւս կէս ժամ մը անցած լինէր կամ ժամ մը, երբ Սաթենիկը յանկարծ ձեռքի գիրքը քիւրսիի վրայ նետեց եւ ականջները սրած՝ թոնրատան դրան կողմը գլուխը ուղղեց։

Մարէ՛, կարծես բակին մէջ մարդ կայ։

Ականջիդ ձէ՞ն եկաւ,   ձեռքի գուլպան վար դնելով՝ պառաւն ալ ուշադրութեամբ սկսաւ մտիկ ընել։

Իրօք, տան բակին մէջ ոչ թէ մէկը կար, այլ այդ մէկը կը փորձէր թոնրատան դուռը առանց աղմուկի բանալ։ Երկու կիները վախեցած՝ իրարու նայեցան։ Գիշերուան այդ պահուն ո՞վ կրնար լինիլ։

Էն վո՞վ է,   ամբողջ քաջութիւնը հաւաքելով հազիւ կրցաւ ըսել պառաւը, որու ձեռքն ու ոտքը անորոշ սարսափի ազդեցութեան տակ կը դողային։

Մարէ, բաց ես եմ…

Դուն վո՞վ իս։

Մարէ… ես, ես, Տաճատն եմ։ Սաթենիկը տո՞ւնն է…

Աղջի…

Բայց արդէն Սաթենիկը ոտքի ցատկած՝ բացաւ դուռը։ Դրան սեմին վրայ երեւցաւ Տաճատը, վարանոտ դէմքով, հէյպէ մը նետած ուսին։ Հազիւ թէ նկատելի փոփոխութիւն մը կը նշմարուէր անոր արտաքին երեւոյթին մէջ, թերեւս քիչ մը գունաթափ կ՚երեւար, քիչ մ՚ալ շփոթած։

Տաճա՛տ, ակամայ բացագանչեց Սաթենիկը՝ մէկդի քաշուելով, որ տղան կիսաբաց դռնէն ներս մտնէ,   ի՞նչ կայ, Տաճատ։

Բան չկայ, Սաթենիկ,   որպէս թէ բոլորովին անհոգ, Տաճատը ներս մտնելով՝ դուռը գոցեց ու հէյպէն ուսէն վար դնելով քիւրսիին մօտեցաւ, բարի իրիկուն, մարէ, ցուրտ է։

Բարի եկար, տղաս… խեր լինի։

Հէչ բան չկայ, ձեր թաղով կ՚անցնէի, ըսի, մէկ ներս մտնամ՝ տեսնեմ ի՞նչ հալի էք։

Լաւ, լաւ, ինչպէ՞ս պիտի լինինք, օր մը լաւ, օր մը վատ… Մօտեցիր, նստիր քիւրսիի տակ, մրսած կը լինիս… Հա՛, էն ի՞նչ թուանքի ձէներ էին, Տաճատ։ Կատղեր են շները, նորէն հայ քրիստոնեայի գլխուն փորձանք պիտի բերեն. ա՜խ, մէկ մը ազատէինք էս շներու երեսը տեսնալէ։ Թրքերու թաղէն կուգային ձէները։

Հա՛, մարէ, ես ալ լսեցի… Է՜, ո՞վ գիտէ նորէն ի՞նչ է պատահեր…

Սաթենիկը Տաճատի դէմն ու դէմը նստած՝ ուշադրութեամբ կը դիտէր անոր դէմքը։ Բացի դէմքի գունատութենէն, Տաճատը կարծես փուշերու վրայ նստած լինէր։ Երբեմն թեթեւ դող մը կ՚անցնէր մարմնի մէջէն։ Լարուած վիճակ մը ունէր, նապաստակի մը նման, որ առանց որսորդը տեսնելու՝ կը զգայ անոր մօտիկութիւնը։

Տղու այդ անհանդարտ վիճակը զարմանալի թուեցաւ Սաթենիկին։ Արտակարգ բան մը պատահած լինելու է, մտածեց Սաթենիկը, ինչո՞ւ Տաճատը այնպէս մը նստած է, կարծես ամէն րոպէ ոտքի ցատկելու պատրաստ վիճակի մէջ։

Յանկարծ կասկած մը Սաթենիկի միտքը պղտորեց։ Չլինի՞ թէ… եւ սակայն ուսը թօթուելով՝ հեգնական ծիծաղ մը շրթներուն վրայ Սաթենիկը ետ մղեց մտքի մէջ ծագած կասկածը։ Է՜հ, Տաճատը հազիւ թէ դեռ անփորձ պատանի մը լինէր։ Բայց ինչո՞ւ գիշերով եկած էր իրենց տունը, բան մը, որ երբեք պատահած չէր, բացի մէկ երկու անգամէն, երբ պատանեկան խումբերը իրենց տանը հաւաքուած էին։

Տաճա՛տ, մէ՞կը կը սպասես,   փորձելու մտքով հարցուց Սաթենիկը։

Տղան անորոշ իմաստով մը, աջ ուսը բարձրացուց անվճռական ձեւով։ Տաճատը ինքն ալ հաստատ չէր գիտեր, թէ Լեւոնը գալո՞ւ էր այդ երեկոյ։

Երբ վերջին անգամ Տաճատը տեսնուեցաւ Լեւոնի հետ, վերջինս որոշ հրահանգներ տալով յայտնեց՝ թէ յաջող կամ անյաջող փորձէ մը վերջ Սաթենիկենց տունը ապաստանէր։ Եթէ դէպք մը պատահելու լիներ, ինք կը լսէր եւ գիշերով կուգար զինք տեսնելու եւ հարկաւոր կարգադրութիւնները ընելու համար։

Որքան ալ որ վստահ Լեւոնի գալուն, Տաճատը շատ անհանգիստ դրութեան մէջ կը գտնուէր. ախ, երանի մէկ Լեւոնը գար։

Աղջի, կարծես այգիի դուռը կը թխկացնեն,   ձեռքի գործը ձգած, խօսքը Սաթենիկին ուղղեց պառաւը, ակնոցները ճակտին վրայ բարձրացնելով,   մէկ ել բակը, տես ո՞վ է։

Դրսէն կը լսուէր դրկից Սանտրագործ Սարգսենց հարսին ձայնը…

Սաթենի՜կ, ո՜ւ-ո՜ւ…   Սաթենիկ…

Երբ Սաթենիկը տեղէն բարձրանալով՝ կը պատրաստուէր բակը ելլել, Տաճատը անմիջապէս ոտքի ցատկելով հէյպէն շալկեց ու անոր ճամբան կտրեց.

Աւելի լաւ է, որ այդ կինը զիս հոս չտեսնայ,   քիչ մը շփոթած ըսաւ Տաճարը,   ըհըմ… Թո՛ղ չտեսնէ… ես ախոռի մէջ կը սպասեմ…

Սաթենիկը զարմացած նայեցաւ տղուն։ Տաճատը ի՞նչ պատճառ կրնար ունենալ թագնուելու, այն ալ դրկից կնոջ մը պատճառով։ Բայց Տաճատը ժամանակ չտուաւ անոր հարցում մը ընելու։ Սաթենիկի հետ միասին բակը ելլելով՝ կամաց մը անոր ականջին փսփսաց.

Սաթենի՛կ, յետոյ կ՚իմանաս… Հոս եկայ, պարոն Լեւոնին սպասելու… թերեւս այս գիշեր գայ։ Անպատճառ կուգայ… Ես ախոռին մէջ կը սպասեմ,   ու արագ շարժումով մը ախոռի դռնէն ներս սպրդեցաւ։

Աղջիկ, խլացե՞ր էք,   այգիի դուռը շարունակելով ծեծել պոռաց դրկից հարսը. - Սաթենի՜կ, ո՜ւ… Սաթենիկ…

Եկայ, եկա՛յ, հիմա դուռը բացի, եւ Սաթենիկը աճապարեց դրան փայտէ լեզուակը ետ քաշել։

Աղջի, կէս ժամ եղաւ դուռը կը ծեծեմ,   չափազանցելով ըսաւ հարսը,   կարծեցի քնած էք։ Էսոր սոխուկով թազայ ժաժիկ շինեցինք, ըսի քիչ մը մօրքուրին տանիմ… մայրդ արթո՞ւն է…

Էս ժամանակ ալ մարդ քնի՞, ներս եկուր, դուրսը ցուրտ է։

Սաթենիկն ու դրկից հարսը ներս մտան թոնրատունը։ Սաթենիկի վայրը սովորական բարեսիրտ ժպիտով դիմաւորեց երիտասարդ կինը, որու հանդէպ մասնաւոր համակրանք մը ունէր։ Հազիւ թէ քիւրսիի տակ տեղաւորուած՝ հարսը արագ արագ սկսաւ լեզուին տալ, կարծես ձիաւոր մը ետեւէն ինկած, կը հալածէր զինքը։

Քա՛, մօրքուր, մուժտես տուր. խորոտ բան մը։ Չէ՛, մինչեւ որ բան մը չառնեմ, բերանս պիտի չբանամ. ժամ պատարագ, պիտի չըսեմ։ Որ գիտնաք, ուրախութենէս խենթեցեր եմ։ Որ իմացայ, ըսի մէկ վազեմ մօրքուրին պատմեմ, սիրտը հովանայ։ Մարդս քիչ առաջ պազարէն տուն եկաւ։ Երեսը նայեցայ, ամէն օրուան թթու երեսը չէ։ Եա՜ Սուրբ Գէորգ կ՚ըսեմ մտքէս, էս մարդս ինչո՞ւ կը խնդայ։ Քա, դու մի ըսեր, աչքովը տեսեր է շուն Դաւօն գետին փռուած… Քա, ո՜ւ, ինչպէ՜ս ալ բերնէս փախաւ… որպէս թէ պիտի չըսէի… Հապա՞, շան պէս սատկեցուցեր են, բաղնիքի դրան առջեւ… Թուրքերն ալ քանի մը խեղճ ու կրակ հայեր մեռցուցեր են Խաչ Փողանի մօտ։ Ա՜խ, երկնքէն կրակ թափի անոնց գլխուն։ Անոնց քէօքը կտրուի… Ամէն տան մէջ հիմա հարսնիք է։ Դուք ինչպէ՞ս չէր լսած…   Քա, ես ալ լեզուիս տուի ու նստայ։ Չէ, մօրքուր, պիտի երթամ, մեր տղամարդիկը սեղանէն նոր ելան, աման չամանը պիտի լուացուի… Ըսի, մէկ երթամ մուժտէ տամ մօրքուրին, թող սիրտը փառաւորուի… Օ՜խ, շանսատակ եղաւ սադայէլը։ Էրնէկ մարը անոր տեղ քար մը ծնէր… ազգութեան տունը կործանեց… Ես ալ լեզուիս տուի, հիմա երեխաները… տէ մօրքուր, ես գնացի… Օրհնուի զարնողի ձեռքը… Քա վույ, քիչ մնաց մոռնայի,   ու հարսը, որ քիչ մը տեղէն բարձրացեր էր երթալու համար, նորէն տեղաւորուեցաւ հաստ ներքնարկի վրայ,   հապա չէ՞ք հարցներ թէ խփողը ով է… մարդու հաւատալը չի գար… Քա, չհարցնէ՞ք թէ ով խփեց էն շունը։

Սաթենիկը արմանք զարմանք կտրած՝ բերանը չէր կրնար բանալ։ Արդեօք Համասփի՞ւռը կամ ընկերուհի՞ն, մտածեց Սաթենիկը, որ օրերէ ի վեր այդ երկուքի փնտռտուքին կ՚օժանդակէր, հայկական թաղերու մէջ Դաւոյի քայլերը լրտեսելով։ Այդ կէս օրէն վերջն ալ, նորէն գնացեր էր անոնց հետ, Սղգեայի Ջաղտէն։ Ինք քսան երեսուն քայլ մը առջեւէն կը քալէր, իսկ երկու բոշա աղջիկներն ալ ետեւէն։ Բայց Դաւոյին չէին հանդիպած։ Բայց ո՞վ գիտէ, մտածեց Սաթենիկը, թերեւս իր բացակայութեան ժամանակ Համասփիւռը կամ ընկերուհին հանդիպած լինէին շանը։

Հա՛րս, ղո՞րթ կ՚ըսես,   ճակատին դրած ակնոցները մինչեւ քթի ծայրը իջեցնելով զուարթացած հարցուց պառաւը,   աղջի հարս, ղո՞րթ կ՚ըսես։ Քէօ բերա՜ն օրհնուի… ես արդէն գիտէի որ բան մը պատահեցաւ կոչնակէն վերջ, էն որքա՜ն հրացանի ձէն լսեցի…   Անանկ չէ՞, Սաթէն…

Հա՛, կոչնակի կեախ, թուրքերու բաղնիքի առջեւ… Տղան զարկեր ու փախեր է,   ոգեւորութեամբ շարունակեց հարսը. - ետեւէն թուրք ասկեարներ շատ հրացան բացեր են, բաց մեռնիմ Տիրամօր զօրութեանը, մազին իսկ չէ դպեր…

Քա՛, հա՛րս, մէկ ըսէ, զարնողը ո՞վ է։

Որ ըսեմ՝ մօրքուր, չես հաւատար… Արդէն լսողները երեսնին խաչ կը հանեն, արմանք զարմանք կտրած… էն Թերլեմեզենց որբեւայրի հարսի…

Է՜…

Ճանըմ, էն խլլոտ Տաճատը… թիզ մը լակոտ…   մեղա՛յ, մեղա՛յ, անոր ոտացը ղուրպան եղնիմ, տեղն ու տեղը շան սատակ դարձուցեր է Դաւոյին…

Աղջիկ, Տաճա՞տը ըսիր,   գրեթէ ճչաց պառաւը՝ քթի ծայրը իջած ակնոցը նորէն ճակտի վրայ հանելով, քա, հիմա Տաճատը…

Փայլակի նման Սաթենիկի մէջ ծաթած էր ճշմարտութիւնը։ Հիմա կը հասկնար Տաճատի գունաթափութեան, ջղայնութեան պատճառը։ Առանց ձգելու, որ մայրը խօսքը շարունակէ, կամաց մը քիւրսիին տակէն մշտեց մօրը ազդրը եւ խօսքը ուղղելով ճահիլ հարսին՝ ըսաւ.

Աղջի ի՞նչ կ՚ընես, Տէր Աստուած, շիտակ որ մարդու հաւատալը չի գար։ Ո՞վ կրնար սպասել այդ տղայէն… Հը՞ Մարէ, առաջ Տաճատը շուտ շուտ կուգար մեզի, էս ամիս մը եղաւ որ եկած չունի,   ու Սաթենիկը մասնաւոր շեշտ մը դնելով ըսածին՝ մօրը նայեցաւ։

Պառաւը անմիջապէս հասկցաւ աղջկան միտքը ու բերանը փակեց։ Երբ հարսի երթալէն վերջ, մայր ու աղջիկ առանձին մնացին, պառաւը յուզումէն ամբողջ մարմնով կը դողար։

Սաթէն, տղան ինչո՞ւ ձգեցիր որ երթայ… ո՞ւր գնաց խեղճը, ապա որ գլխուն փորձանք մը գայ, հիմա տէվրիյէները փողոցները բռնած կը լինին։

Մարէ, մեր ախոռի մէջ պահուեցաւ Տաճատը,   մօրը ականջին շշնջաց Սաթենիկը,   հիմա կ՚երթամ կը կանչեմ։

Քիչ վեր Տաճատը Սաթենիկի հետ ներս մտաւ։ Պառաւը մէկ կուլար, մէկ կը համբուրէր քովը նստած Տաճատը, որ շատկեկ մը շփոթած կ՚երեւէր պառաւի անակնկալ զեղումէն։

Որքան ալ որ մայր ու աղջիկ փորձեցին, չկրցան Տաճատը խօսեցնել։ Երբ շատ վրայ կուտային, Տաճակը կաս կարմիր կտրած, յանցաւորի նման գլուխը կը կախէր։

Գիշերը բաւական առաջացեր էր։ Պառաւը գնաց քնելու։ Տղան ու աղջիկը առանձին մնացին։

Ուրեմն, Տաճատ, կը սպասես, որ պարոն Լեւոնը այս գիշեր գայ։

Այդպէս պատուիրեց։ Ըսաւ թէ՝ եթէ բան մը պատահի, հոս ապաստանիմ։ Անշուշտ մինչեւ հիմա դէպքի մասին լսած կը լինի. վստահ եմ որ կուգայ։

Ինչ որ է, այս գիշեր գայ կամ չգայ, դու հոս կը մնաս… Ես վաղը Յակոբի միջոցով անոր լուր կ՚ուղարկեմ։ Այդ մասին մի մտահոգուիր։ Հոս բոլորովին ապահով ես, եթէ մէկը չտեսաւ հոս մտնալդ…

Չէ, ոչ ոք, այգիներով եկայ։

Որքան ալ որ Սաթենիկի խօսքերը հանգստացնող էին, բայց նորէն Տաճատը կարծես ամբողջովին լսողութիւն էր կտրած։ Դրսէն լսուող փոքր շշուկ մը զինքը տեղէն վեր կը ցատկեցնէր։ Հոգեկան անհանգիստ վիճակ մը, երբ մարդ ենթակայ է լսելու՝ երբ իրօք լսելու ոչինչ կայ։

Յանկարծ Տաճատը անհանդարտ շարժում մը ըրաւ ու նապաստակի նման ականջները սրեց։ Այս անգամ կասկած չկար, որ մէկէ աւելի մարդիկ բակին մէջ կը քալէին։ Մէկ ձեռքը նետեց հէյպէին, միւսով անշարժ մնալու շարժում մը ըրաւ Սաթենիկին։ Ամենափոքր շշուկ մ՚իսկ չէր լսուեր թոնրատան մէջ, երբ դրսէն թոնրատան բարձր պատուհանի ապակիին նետուած կարծր իրի մը չխկոցը լսուեցաւ։

Մերոնք են,   ուրախացած քրքջաց Սաթենիկը ու աշխոյժ տեղէն բարձրանալով դրան մօտեցաւ։

Ըսի, որ կուգայ անպատճառ,   հանդարտած պատասխանեց Տաճատը ու տեղէն բարձրանալով Սաթենիկին հետ մօտեցաւ թոնրատան դրանը։

Իրօք, Լեւոնն ու ընկերներն էին եկողները։ Թերլեմեզենց այգիի քէօշկին մէջ ու դուրսը թափուած ապրանքը ապահով թագստոցի մը մէջ պահելէ վերջ, անոնք եկած էին Տաճատը գտնալու։ Ներս մտնելուն պէս, Լեւոնը հուժկու թեւերուն մէջ գրկեց Տաճատը եւ հարազատ եղբօր նման համբուրեց զայն։ Միւները ձեռքէ ձեռք կ՚անցընէին Տաճատը, փայփայելով, համբուրելով զայն, կարծես փոքր երեխայ մը լինէր։ Երբ վերջապէս գրկընդխառնումներն ու համբոյրները վերջ մը գտան, բոլորը շարուեցան քիւրսիի շուրջը։ Սաթենիկը քաշուեցաւ կողքի սենեակը, մօրը մօտ։ Մնացին մեր բարեկամները։

է՜, Տաճա՛տ, սիրելիս, պատմէ՝ լսե՛նք… ինչպէ՞ս հանդիպեցար Դաւոյին,   հարցուց Լեւոնը՝ կանխելով Առիւծ Գեւօն, որ պեխերը սրելով կը պատրաստուէր նման հարցում մը տալու։

Բաղնիքի առջեւ հանդիպեցայ,   շառագունած ըսաւ Տաճատը, Առիւծ Գեւոյի եւ Թոփալ Սատանայի մէջտեղը սեղմուած, կրակեցի ու փախայ…

Ծօ՛, մաշալահ, ի՜նչ ալ պատմող մ՚ես եղեր,   ծանր թաթը տղու ուսին զարնելով մռնչաց Առիւծ Գեւօն, քու մէրդ չմեռնի, աւելի կարճ չէի՞ր կրնար խօսիլ…

Ընդհանուր խնդուք մը ծայր տուաւ։ Տաճատը շփոթած՝ մէկ մէկուն կը նայէր մէկ միւսին, չհասկնալով պատճառը անոնց այնքան սրտանց ծիծաղին։

Ուրեմն, այդպէս, քահ քահ ծիծաղելով շարունակեց Առիւծ Գեւօն,   կրակեցիր ու փախար…

Այո՛, կրակեցի ու փախայ,   Առիւծ Գեւոյի հեգնական հարցումը չհասկնալով պատասխանեց Տաճատը, մինչ կողքինները ալ աւելի փրթկոցով ծիծաղիլ սկսան։

Գեւօ՛, հանգիստ ձգէ տղան,   մռայլուած սաստեց Լեւոնը,   մի՛ խանգարեր, ազատ թող որ ուզած ձեւովը շարունակէ պատմել։ Պատմէ, Տաճատ, ինչպէս որ պատահեցաւ, ո՞ւր հանդիպեցար, ինչպէ՞ս մօտեցար Դաւոյին։

Այսպէս էր, ինքզինք հաւաքելով սկսաւ պատմել Տաճատը,   քաղաքամէջ իջած էի։ Երեկոյեան կողմ, երբ պազարը սկսաւ գոցուիլ, շատերու նման, ես ալ Այգեստան կուգայի։ Բոլորովին յոյս չունէի անոր հանդիպելու։ Մէկ ալ աչքս վերցնեմ, որ Դաւօն բաղնիքի դրան առջեւ փոլիս քոմիսէրի մը ընկերակցութեամբ եւ քանի մը զինուորներով շրջապատուած՝ ճամբուն վրայ կանգնած՝ քաղաքէն եկողները աչքէ կ՚անցընէ։ Տասհարուածեան մավզէրս ուսիս հէյպէյի մէջ էր, իսկ բրաւունինկ ատրճանակս տափատիս աջ գրպանի մէջ։ Բնազդօրէն ձեռքս տարի գրպանս ու ատրճանակի կոթը սեղմեցի…

Ղոչաղ տղայ ես,   բաւականութեամբ փափախը մէկ կողմի վրայ ծռելով ըսաւ Առիւծ Գեւօն,   շիտակը լաւ հայդուկ մը պիտի դառնար, եթէ քանի մը ամիս ձեռքիս տակ մնաս… Է՜, սիրտդ կոչնակի նման զարնել սկսաւ…

Այո՛, յանցաւորի նման գլուխը կախելով խոստովանեցաւ Տաճատը,   երբ աչքս վերցուցի ու քանի մը տասնեակ քայլ հեռաւորութեան վրայ տեսայ հրէշը, արիւնը գլուխս ցատկեց, սիրտս սկսաւ արագ արագ խփել… Բայց եւ այնպէս ինքզինքս հաւաքելով, ճամբաս շարունակեցի ու մօտեցայ անոր։ Զարմանալի կերպով որքան մօտեցայ, այնքան հանդարտած կը զգայի, բոլորովին ինքզինքս գտած…

Բայց, ինչ որ անհասկնալի է, այն է, որ քեզ ձգեցին անոր մօտենալու,   տարակուսանքով գլուխը շարժեց Լեւոնը,   ընդհանրապէս թուրքերը զայն շրջապատած, հայերու պատեհութիւն չէին տար անոր մօտենալու։

Ես չէ որ մօտեցայ,   շարունակեց Տաճատը,   Դաւօն, երբ հեռուէն զիս տեսաւ, մօտը կանչեց զիս։ Չեմ կրնար ըսել, թէ եթէ ինք զիս չկանչէր, ես պիտի յաջողէի պէտք եղածին չափ մօտենալ իրեն։ «Ծօ՛, Տաճատ,   զիս տեսնելուն հեռուէն պոռաց,   էստեղ եկուր»։ Անշուշտ հրաւէրը կրկնել չտուի։ Որքան կրնայի անմեղ դէմք մը շինեցի ու որպէս թէ վախվխելով՝ մօտեցայ իրեն, աջ ձեռքս գրպանս, ատրճանակի կոթին վրայ… «Ծօ, շան լակոտ,   բարկացած գոռաց՝ ձեռքի ատրճանակը շարժելով,   այդ նորէն ինչե՞ր գրած էք իմ մասին ձեր թերթին մէջ»։ Ես, թերթի մէջ անոր մասին գրուածներէն բոլորովին լուր չունեցողի նման փորձեցի ուրանալ։ Բայց իմ չքմեղանքի խօսքս սաստիկ բարկացուց զայն, դէմքը աւելի մռայլեցաւ, ու ատամները կրճտացնելով սպառնաց. «Ես քեզի ալ գիտեմ, քու ընկերներդ ալ. եթէ անգամ մ՚ալ իմ մասին տող մը բան գրէք, ձեզ բոլորդ ալ բանտերու մէջ փտեցնել կուտամ։ Ինծի Տհերցի Դաւօ կ՚ըսեն, կը հասկնա՞ս»… Չեմ կրնար ըսել, թէ ինձ հետ խօսած ժամանակ կասկած մը անցա՞ւ իր մտքէն թէ չէ, բայց ամբողջ ժամանակ աչալուրջ ուշադրութեամբ աչքերուս մէջ կը նայէր… Կը զգայի որ թեթեւ շարժում մը իմ կողմէս, դեռ ատրճանակս դուրս չբերած՝ առանց այլեւայլի պիտի կրակէր վրաս… Բարեբախտաբար, այդ պահուն քաղաքամէջէն եկող կառք մը արագօրէն կ՚անցնէր դէպի Խաչ Փողան։ Մենք ճամբու մէջտեղը կանգնած էինք։ Կառքը այնքան մօտէն անցաւ, որ Դաւօն բնազդօրէն քայլ մը ընկրկեցաւ ու գլուխը ետ դարձուց կառքի մէջ նստողները տեսնելու համար։ Առիթն էր։ Աջ ձեռքս տափատի գրպանէս հանելս ու կրակելս մէկ եղաւ։ Կարծեմ ուղղակի գլխուն կրակեցի… Դաւօն շանթահարուածի նման՝ ոռնալով գետին փռուեցաւ։ Շուրջինները հազիւ թէ գլխի ինկած էին թէ ինչ պատահեցաւ, երբ ես սկսայ դէպի Խաչ Փողանի կողմը փախչիլ, որքան որ ուժ կար ոտքերուս վրայ։

Իսկ քովը գտնուող ոստիկաննե՞րը, զօ՞րքը, միթէ չփորձեցի՞ն արգելիլ…

Շիտակը չեմ գիտեր։ Ատրճանակը քաշելս, կրակելս ու փախիլ սկսիլս հազիւ 3-4 երկվայրկեան տեւեց։ Անոնոր դեռ ինքզինքնին չէին գտած, երբ ես սկսայ փախիլ։ Որոշ կերպով կը լսէի ետեւէս վազող քայլերու ձայները ու հրացաններու որոտը… Այդ պահուն հազիւ թէ մէկը նշմարելու վիճակի մէջ լինէի։ Նալպանտեաններու փողոցը չհասած՝ դէպի աջ նեղ փողոց մը կ՚երկարի դէպի Արարուց հրապարակի կողմը։ Փայլակի նման արագ խորհուրդ մը լուսաւորեց միտքս։ Խաչ Փողանով պէտք չէր որ անցնէի։ Այդ նեղ փողոցը մտայ։ Ետեւէս լսուող ձայները կը շատնային։ Հալածողները կրնկակոխ հասնելու վրայ էին։ Ձեռքս նետեցի ուսիս հէյպէյին ու մաւզեր ատրճանակս քաշելով՝ դէպի ետ երեք չորս անգամ կրակեցի, ու անմիջապէս ինքզինքս նետեցի այգիի մը կիսաքանդ պատէն ներս։ Չեմ գիտեր, թէ զիս հալածողները ի՞նչ եղան։ Շունչս բռնուած էր, ոտքերս կը դողային, բայց կը շարունակէի հարբածի նման օրօրուելով վազել։ Մաքսապետեաններու տան մօտէն Նալպանտեաններու փողոցը ցատկեցի։ Տեսնեմ Խաչ Փողանի կողմէն հինգ-վեց ձիաւոր զինուորներ դէպի իմ կողմս կ՚արշաւեն։ Քանի մը գնդակ ալ անոնց կողմը կրակելէ վերջ, փողոցի դիմացի պատը մագլցելով այգիներու մէջ ինկայ։ Ատեն մ՚ալ վազելը շարունակելէ վերջ, բոլորովին յոգնած, քայլերս դանդաղեցուցի։ Այլեւս ապահով շրջանի մէջ էի։ Կամաց կամաց մթնեցաւ։ Ինչպէս որ պատուիրած էիր, այգիէ այգի անցնելով՝ հոս հասայ։

Ախպօրս ըսեմ, մենք ալ ժամանակին բաներ մը ըրած ենք,   սովորական ճոռոմաբանութեամբ սկսաւ Առիւծ Գեւօն, բայց Լեւոնի յօնքերու կիտուիլը տեսնելով, առանց խօսքը շարունակելու, փափախը շտկեց, ու բարեկամաբար Տաճատի ուսը ծեծելով բաւականացաւ, թէեւ մեծադղորդ ճառ մը ըսելու բուռն ցանկութիւն մը կը զգար իր մէջ։ Եթէ միայն Լեւոնը ներկայ չլինէր, ափսոսալով կը մտածէր Առիւծ Գեւօն, ի՜նչ տեղն էր հունարը ցուցունելու։

Մեզի հետ պիտի մնաս,   քանի մը վայրկեան մտածելէ վերջ խօսեցաւ Լեւոնը,   մեզի հետ միայն՝ կրնաս ապահով զգալ, մինչեւ որ ձիւնը վերնայ ու ճամբաները բացուին։ Յետոյ քեզ արտասահման կ՚ուղարկենք ուսումդ շարունակելու համար։

Ինչպէս որ կարգադրես,   դէմքը պայծառացած՝ համաձայնեցաւ Տաճատը։

Առայժմ մաւզեր ատրճանակը բաւական է, մինչեւ որ կարճ հրացան մը հանենք պահեստէն… Գեւօ՛, աչքդ Տաճատի վրայ պահէ…

Առիւծ Գեւօն այնպէս ուժով սեղմեց Տաճատը իր ջլապինդ թեւերուն մէջ, որ խեղճ տղու աչքերը դուրս ինկան։