Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՔՍԻ ԱՓԸ

Արաքս գետի ափին, Արաբլու եւ Շայթախտ գիւղերը դէմ դիմաց տեղաւորուած՝ յօրանջելով իրար կը դիտեն։ Հակառակ որ Արարատեան Դաշտի սաստիկ տապը սեպտեմբերին կը մեղմանայ, այդ խանձուած հովիտին մէջ սակայն միջօրէի ժամանակ շնչելն իսկ դժուար է։

Գետի վրայ ձգուած փայտէ կամուրջը, որ պարսկական ափը կը միացնէ ռուսական հողին, կարծես բոլորովին լքուած լինէր։ Ոչ մէկ կենդանի շունչ, բացի կամուրջի գլխին կանգնած պահակ զինուորէն, որ փոշիի եւ քրտինքի զարմանալի շաղախով մը ծածկուած դէմքով՝ անհամբեր կը սպասէր ժամանակի լրանալուն, որ յաւիտենականութեան մը չափ երկար կը թուէր իրեն։

Կամուրջի պինդ մօտը փայտէ շինուած տաղաւարի մը մէջ, չոր թախտի մը վրայ երկնցած էր մաքսատան ռուս պաշտօնեան եւ մէկ կողմէն միւսը կը դառնար աներես ճանճերու յարձակումներէն ազատելու համար, որոնք հարիւրներով թառած էին պատերուն, նստարաններուն, իւղոտած սեղանին ու քիչ մը ամէն տեղ։

Տօ՛, էսպէս էլ անիծեալ երկիր. ես էս երկրի… ապրիլ խօմ չէ, իսկական նահատակութիւն է… էլ դժո՞խքը որն է, էս դժոխք է ու դժոխք, յուսահատ կը քրթմնջէր ռուս պաշտօնեան, բարձրահասակ եւ շէկ մազ մօրուքով մարդ մը։

Աներես ճանճ մը, պաշտօնեայի շարժումներէն ահաբեկ, երբեմն վեր կը թռէր ու նորէն նոյն հաստատակամ աներեսութեամբ տզզալով կ’իջնար անոր քիչ մը ուռած քթին վրայ՝ կնճիթը խրելով փափուկ քթածայրին մէջ։

Եթէ գործ լինէր, է՜հ, սատանան տանի, շուրջդ կենդանութիւն, շարժում… Բայց ժամերով այս դժոխք ծակին մէջ նստէ, ինչ է՝ որ մեշեդի մը, տկլոզ գեղական մը պիտի անցնի, արի ու դիմացիր։ Ես էս գործին ալ, երկրին ալ…

Պաշտօնեան մէկ կողմէն միւսը դարձաւ, թաշկինակով ծածկեց դէմքը եւ փորձեց քնել։

Արաքս գետը, արծաթ ժապաւէնի մը նման, Արարատեան ամբողջ դաշտը երկայնքէն կը կտրէ։ Քմահաճ պտոյտներով, երբեմն հազիւ նշմարելի հոսանքով մը, երբեմն ալ արագօրէն յորձանք կուտայ երկուստեք սեղմւած լեռներու արանքը։ Ճուլֆայէն անդին, գետի հունը սեղմուած Ղարատաղի եւ Զանգեզուրի ցից սարերուն մէջ, Արաքսը ֆշշացող գազանի նման խելագար թափով հեւ ի հեւ կը վազէ՝ սարերու փէշերը ուտելով, մինչեւ որ կիրճէն դուրս ինկած՝ Մուղանի տափաստանը կը հասնի ու գրեթէ լճացած վիճակի մէջ ծանրօրէն կը թափի Կասպից ծովը։

Կովկասէն դէպի Պարսկաստան անցնելու համար, այդ ժամանակ՝ միայն վերոյիշեալ կամուրջը գոյութիւն ունէր։ Երբեմնի այդ նշանաւոր կամուրջը, որ միակ ելքն էր հիւսիս արեւմտեան Պարսկաստանի, Ճուլֆայի աճող ազդեցութեան շնորհիւ կորսնցուցած էր իր կարեւորութիւնն ու արժէքը։ Պատահական ճամբորդներ միայն կ’անցնէին այդ կամուրջով, մէկ ալ անմիջական շրջապատի բնակչութիւնը։

Պարսկական Արաբլու գիւղի դիմաց, որ երկու հարիւր տնէ բաղկացած շէն գիւղ մ’է, ռուսական Շայթախտը հազիւ երկու տասնեակ, ողորմելի հողաշէն հիւղակներ ունէր եւ մէկ երկու աւելի ողորմելի խանութներ։

Գիւղէն հազիւ երկու տասնեակ քայլ հեռու, բլուրի բարձունքին վրայ, ուրկէ կը սկսի Արարատեան Դաշտի հարթութիւնը, կը գտնուէր Տավալուցի Զոփուր Արթիւշի յայտնի դիւքեանը, Երեւանէն Նախիջեւան տանող փոստային ճանապարհի ճիշդ եզերքը։

Չոփուր Արթիւշը երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած էր Շայթախտի մէջ եւ յաջող առեւտրականի մը համբաւ կը վայելէր։ Գիւղի ամենէն երեւելի անձնաւորութիւնն էր ան, ի հարկէ ռուս ժանտարմէն վերջը, որ իր պաշտօնին բերումով, իր զնկզնկոցի խթաններով եւ երկար սուրով առաջին տեղը կը բռնէր գիւղին մէջ։

Ցեխէ պատերով եւ եղէգով ծածկուած այդ նշանաւոր խանութի սեփականատէր Չոփուր Արթիւշը յիսունը անց, քիչ մը դուրս ինկած փորով, արագաշարժ եւ ուրախ բնաւորութեան տէր մարդ մ’էր։ Ծաղկախտէն դէմքը այնպէս էր աւրուած, որ գիւղացիք կատակելով կ’ըսէին իրարու. «եթէ բուռ մը սիսեռ նետես դէմքին՝ հատ մը գետին չ’իյնար»։ Անշուշտ ասիկա չարամիտ չափազանցութիւն մ’էր, բայց հիւանդութեան այդ հետքերու պատճառով անունը մնացեր էր Չոփուր Արթիւշ։

Չոփուր Արթիւշի լայն դէմքին վրայ կը ցցուէր պատկառելի քիթ մը, որ Բագոսեան անժուժկալ պաշտամունքի պատճառով, հետզհետէ խոշորցած էր եւ պատլիճանի գոյն ստացած՝ բոլորովին ուրանալով ազգային ծագումը։ Շատ փոքր անհանդարտ աչքերը գրեթէ կը կորսուէին թաւ յօնքերու տակ, կուրծքին կը փռուէր ցանցառ երկար մօրուք մը, որու մէջ արծաթի թելերը սպառնագին արագութեամբ կը բազմապատկուէին։

Արթիւշը, ճարպիկ վաճառական մը լինելէ զատ, կը համարուէր պարսկաբնակ այդ գիւղի նախախնամութիւնը իր բազմատեսակ ծառայութիւններով, որ սիրայօժար կը ցուցնէր իրեն դիմողներուն։ Գիւղի աղսախալներէն (երեւելիներ) սկսած մինչեւ նորատի հարսերը, առանց քաշուելու այդ անհաւատին կը դիմէին՝ իրենց ընտանեկան դժբախտութիւններու պատմութիւնը անոր գաղտնապահութեան վստահելով։ Քինինի պաշարը Արթիւշին վաստակցուցած էր բժշկական մեծ հռչակ մը այդ ճահճատենդի բոյնին մէջ, ուր տղամարդ, կին ու երեխայ տարին տասներկու ամիս ջերմէ կը տառապէին։ Քինինի բարերար ազդեցութեան հետեւանքով, ամէն կարգի հիւանդներ կը դիմէին Չոփուր Արթիւշին, որ համեստ գումար մը միայն կը պահանջէր իր ծառայութեանը համար։

Ամէն տեսակ հիւանդներ բժշկելու կարողութեամբ միայն չէր սահմանափակուեր Արթիւշի համբաւը, որ գիւղէ գիւղ տարածուած էր։ Անոր հռչակը որպէս գրբաց ու համայիլ շինող գլեր անցեր էր շրջակայ գիւղերու մոլլաներէն։ Գիւղացիք կ’ըսէին, որ «եթէ Արթիւշի շինած համայիլը քարի վրայ դնես, քարը օխթը տեղով կը ճաքի»։ Չբեր կիներ, նորահարսեր, որոնց ամուսինները ուրիշ կիներու ետեւէ կը վազէին, ափ կ’առնէին Արթիւշի դիւքեանի առջեւ՝ անկէ ճար մը, դարման մը սպասելով։

Հա, քուրիկս, կ’ըսէր Արթիւշը, էս նուսխան, որ կը տեսնես, սատանան իսկ կոտոշէն բռնած, պոչին վրայ կը տնկէ։ Արեւը չծագած՝ ճամբաներու իրարու հանդիպած տեղ մը կ’երթաս, նուսխան քարի մը տակ կը դնես, օխթը անգամ քարի չորս բոլորը կը դառնաս, օխթը անդամին ալ կը թքնես քարի վրայ, վերջէն երկու աքլոր կը բերես ինծի, մէկը բոլորովին ճերմակ, միւսն ալ սեւ, անոնց արիւնով էնպէս զօռպայ գիր մը գրեմ քեզի, որ էրիկդ մխլատուզի նման քեզի փակի, ալ էն Մէհմէտի հոտած կնկանը չնայի։ Արխային մնա՛, մարդուդ աչքը էնպէս մը կապեմ, որ ճէննէթի հիւրիմելէքն ալ աչքին տգեղ երեւայ։

Ահա այսպէս, մեծ, հռչակուած մարդ մ’էր Չոփուր Արթիւշը։

Արտաքուստ անոր դիւքեանը ողորմելի տեսք մ’ունէր, ինչպէս գիւղի բոլոր տները։ Խանութի ներքնակողմը երկու մասի բաժնուած էր չթրծուած աղիւսի բարակ պատով մը. առաջին մասը դիւքեանն էր, ետեւի կողմը Արթիւշի ննջարանը, պահեստը, խոհանոցը, ընդունարանը։ Դիւքեանը, որ միակ լայն դուռ մը ունէր, նեղ ու երկար պատուհան մը դրան քով, շատ ալ ուղիղ չէր համեմատեր տիրոջ առեւտրական մեծ համբաւին հետ։ Պատին երկնցած տախտակներու վրայ, անկարգ ու փոշոտած ցուցադրուած էին զանազան կարգի ապրանքներ։ Քանի մը կապոց հինայի ծրար, լուցկիի եւ աժան սիկարէթներու բազմաթիւ տուփեր, քօրսէթաւոր թէյի բաժակներ իրենց տակերով, թէյի ծրարիկներ, անյիշատակ ժամանակներէ մնացած երկու անփայլ սամավարներ, թղթէ տուփերու մէջ լեցուած ասեղ, թել, մատնոց ու զարմանալիօրէն փայլուն գոյներով դեղին եւ կարմիր ծաղիկներով զարդարուած չիթի քանի մը ծրարներ։ Դրան մօտ՝ թիթեղէ մեծ ամանով մը նաւթ, անհրաժեշտ ժանգոտած չափերով։

Մուտքի աջ կողմը, բաւական մեծ սեղանի մը վրայ շարուած էին փայտէ տուփեր, լեցուած շաքարի խոշոր կտորներով, իրար փակած շաքարեղէններով, չոր չիրով, մոմի ծրարներով։ Այս բոլորը մէկանց ծածկուած էր կարմիր շղարշով մը, որու պատռուածքներու մէջէն սակայն ճանճերը ազատ երթեւեկի ճամբայ ունէին։

Սեղանի զարդը կը կազմէր իւղոտած հաստափոր տետրակի կողքին բարձրացած կշիռը, որու բնական գոյնը անկարելի էր ճշդորոշել միլիոնաւոր ճանճերու ձգած հետքերէն, որոնք սերունդէ սերունդ իրենց ծիրտերով զարդարած էին զայն։

Դիւքեանի այս քիչ մը շատ համեստ նկարագրութիւնը ճշդօրէն չի ներկայացներ Արթուշի առեւտրական գործը։ Իրողութիւնն այն էր, որ այդ դիւքէանը իր համեստ բովանդակութեամբ առեւտուրի պաշտօնական կողմն էր։ Չոփուր Արթիւշի գլխաւոր զբաղմունքը մաքսանենգներէ ապրանք գնելն ու Կովկասի խորերը ճամբելն էր։ Այդ գործով կը զբաղէին Արաքսի ափին գտնուող գրեթէ բոլոր մանր առեւտրականները։

Միջօրէի խեղդող տօթէն խուսափելով՝ Արթիւշը նստած էր խանութի մէկ անկիւնը, մաշած փսիաթի մը վրայ ու կը նիրհէր մէկ աչքը բաց, մէկը գոց, երբ Երեւանի կողմէն եկող, փոսթի սայլակ մը որոտընդոստ աղմուկով կանգ առաւ դիւքեանի առջեւ՝ սարսափելի փոշիի ամպ մը բարձրացնելով։

Արթիւշի մրափող երկրորդ աչքն ալ վայրկենաբար բացուեցաւ։ Թեւերը պարզելով ան յօրանջեց, տեղէն բարձրանալու պէս շարժում մը ըրաւ եւ նորէն աչքերը կիսախուփ փակեց։ Այնքան տաք էր, որ Արթիւշի վրայ շարժելու հալ իսկ չէր մնացեր։

Սայլակէն թեթեւաշարժ երիտասարդ մը վար ցատկեց, քսան կոպէկանոց մը սեղմեց կառապանի ափին մէջ, վերցուց թեթեւ կապոցը, վաղածանօթ մէկու մը նման շիտակ դէպի դիւքեանը ուղղուեցաւ եւ դռնէն ներս մտալ՝ պոռալով.

Արթիւշ Պիծա՛:

Վայ հոգուդ մատաղ, Վահէ ջան, եւ Արթիւշը դեռ քնաթաթախ՝ վեր ցատկեց նստած տեղէն, վրայ վազեց ու գրկընդխառնուեցաւ Վահէի հետ։

Էս ի՞նչ խապար է, զարմացած հարցուց Արթիւշը, հազիւ երեք չորս ամիս եղաւ երթալդ…

Էսպէս պատահեցաւ, Արթիւշ Պիծա… Էս ճամբայ չէ, կարգին դժոխք է. փոշիէն խեղդուեցայ, մէկ վրաս գլուխս նայէ, ու Վահէն փորձեց զգեստի վրայ նստած փոշին թափ տալ, քիչ ջուր բեր, երեսս լուամ։

Հա, քէ մատաղ… է՜, ինչպէս ես…

Պիծա՛, անմիջապէս դիմաց անցնելու եմ… կարեւոր խօսելիք ունիմ հետդ… Լաւ կը լինի՝ էս դիւքեանդ մէկ գոցես… Միասին կ’անցնինք Արապլու, մինչեւ կէս գիշեր պօլ ժամանակ կ’ունենանք խօսելու։ Դու մէկ օգնէ, որ վրաս գլուխս կարգի բերեմ։ Մի մոռնար, որ ես հիմա առաջին կարգի պատուաւոր վաճառական մ’եմ՝ Հաջի Իսմայիլ Թաւրիզի… գէթ այդպէս գրուած է անցագրիս մէջ…

Հիմա, անմիջապէս դիւքեանը կը գոցեմ, ըսաւ Արթիւշը:

Չոփուր Արթիւշը, Վահէի գալով բոլորովին կենդանացած՝ մեծ եղբօր մը նման կը դառնար անոր չորս բոլորը, անոր ձեռքին ջուր կը լեցնէր ու ունեցած երեսսրբիչներէն ամենամաքուրը կը ջոկէր, որ բաւականին դժուարին խնդիր մ’էր։

Կէս ժամ վերջը Արթիւշ կողպեց դիւքեանը, վերցուց երիտասարդի թեթեւ ծրարը ու երկուքը միասին բլուրէն վար իջնալով հասան կամուրջի գլուխը, ուր սուինաւոր զինուոր մը ճամբան կը գոցէր։

Հէ՛յ, Վասիլ Ալեքսանդրովիչ, Վասիլ Ալեքսանդրովիչ, եւ Արթիւշը կիսաքնատ պաշտօնեայի քթին դէմ տուաւ Վահէի պարսկական անցագիրը։

Պաշտօնեան՝ աչքերը տրորելով՝ շըտկուեցաւ թախտին վրայ, հազիւ զսպուած դժկամակութեամբ։ Սատանան տանի, հազիւ կրցեր էր աչքերը խփել… ինչ ալ ժամանակ կը գտնային կամուրջը անցնելու։ Սրտնեղութեամբ անցագիրը վեր վար դարձուց, իսկ երբ Վահէն կէս ռուպլինոց արծաթ մը սահեցուց ափին մէջ, պաշտօնեան այլեւս կարիք չզգաց հարց ու փորձի, սեղանի վրայէն կնիք մը առաւ, զարկաւ անցագրին վրայ, թուղթը վերադարձուց Վահէին եւ տաղաւարի պատուհանէն գլուխը դուրս հանելով՝ պոռաց դէպի պահակ զինուորը.

Թողէ՛ք, կարող են անցնիլ։

Վահէի հետ թեւանցուկ՝ Արթիւշն ալ անցաւ կամուրջով։ Ընդհանրապէս տեղացիները, մասնաւոր թոյլտւութեամբ, ազատ կերպով կ’անցնէին կամուրջով։ Այդ իրաւունքէն կ’օգտուէր եւ մեր Արթիւշը։

Չոփուր, Չոփուր, մաքսատան պաշտօնեան էր ետեւէն պոռացողը։

Այ, ա՜յ, Վասիլ Ալեքսանդրովիչ…

Էն շան որդի Մէհմէտին ըսէ՝ մէկ էս կողմը անցնի… չմոռնաս։

Աչքիս վրայ, եւ Արթիւշը քայլերը արագացնելով հասաւ Վահէին։

Էդ մարդու հետ ինչպէ՞ս ես…

Իւղ եւ մեղր։

Իսկ մոծակի՞ հետ, հարցուց Վահէն՝ ակնարկելով գիւղի ժանտարմը։

Էլ մի՛ հարցներ… մէկ մօրմէ ծնած հարազատ եղբայրներու նման, ու բարձրաձայն ծիծաղելով շարունակեց Արթիւշը, ըսենք՝ այդ շան ծնունդի բարեկամութիւնը բաւական սուղի կը նստի վրաս… բայց ինչպէս կ’ըսեն, կառք քշողը ցեխը հաշուի պիտի չառնէ… խանութիս լաւագոյն Վոտկան (օղի) վեհանձնաբար իր տրամադրութեան տակ դրած եմ…

Միայն ա՞յդքան…

Աւելին վտանգաւոր է, սիրելիս… աչքը կը բացուի։ Անշուշտ, մեր զբաղած գիշերները, քիչ մը չափը կ’անցնենք… պէտք է այնպիսի վիճակի մը հասնի, որ…

Լաւ ես մտածեր… ըսենք՝ այդ քիչ մ’ալ քու հաշուիդ կուգայ, քմծիծաղով պատասխանեց Վահէն՝ նայելով Արթիւշի կապտաւուն քթին…

Ի՞նչ կրնամ ընել, ինքզինք արդարացնել փորձեց Արթիւշը, մեղրի հետ գործ ունեցողը ակամայ մատները կը լիզէ… Կարծեմ աւետարանն ալ կ’ըսէ. ընկերդ սիրէ քու անձիդ պէս… Բայց կատակը մէկ կողմ, Վահէ, վստահ եղիր, չափս գիտեմ, անկէ անդին չեմ անցնիր, թէկուզ թասով լեցուն ոսկի տան…

Պահ մը լուռ քալեցին։ Արապլու գիւղը կամուրջէն հարիւր քայլ հեռաւորութիւն կ’ունենայ։ Հազիւ թէ մեր երկու բարեկամները կամուրջ անցնելէ վերջ, պարսկական հողի վրայ ոտք կոխեցին, չես գիտեր ինչպէ՞ս, սարբազներ (զինուոր), խղճալի ցնցոտիներով ծածկուած ճամբանին կտրեցին.

Աղա՛, գլխովդ դառնամ, թոփրախ պաստը (աւանդական տուրք մը, պարսկական հողը կոխելու համար)։

Վահէն ծիծաղելով քանի մը մանր արծաթ դրամ նետեց զինուորներուն, եւ Արթիւշի հետ արագօրէն անցան բաց տարածութենէն։ Զարմանալիօրէն նեղ ու աղտոտ փողոցներէ անցնելէ յետոյ, ներս մտան տան մը բակէն, որու մէկ անկիւնը պարսիկ կին մը կկզած, մերկ ոտքերով, տարմանով թրիք կը շաղուէր եւ գունդ գունդ կը փակցնէր պատերուն՝ չորցնելու համար։ Կինը, որու սրունքներու վերի մասերն ալ կ’երեւէին, երբ տեսաւ մեր բարեկամները, անմիջապէս գլխի լաչակով ծածկեց դէմքը:

Այ պաճի, տան դրսի դրան սեմէն ձայն տուաւ Արթիւշը, մարդդ տո՞ւնն է…

Առանց գործը դադրեցնելու կինը գլխով հաստատական նշան ըրաւ, որով կարծես ըսել ուզէր թէ ամուսինը տունն է, կրնան ներս մտնալ։ Մեր բարեկամները առանց այլեւայլի մտան բակը ու տան դուռը բացին։

Թոնրի կշտին նստծ էր տանտէրը երեխայ մը գրկած։ Հասակաւոր պարսիկ մ’էր, ածիլուած գլխով, հինայած կարճ մօրուքով։ Ներս մտնողները տեսնելով՝ լացող երեխան նետեց թաղիքի կտորի մը վրայ ու ոտքի ցատկեց։

Այ, իմ աչքիս, իմ գլխուս վրայ… Ես մեռնիմ, եթէ աւելի ազիզ հիւրեր կրնայի սպասել… եթէ աւելի թանկագին հիւրեր տանս սեմէն ներս մտած են… Վայ դուք բարով եկաք, հազար բարով եկաք, ես ձեր ծառան…– ու ջուր սրսկելով յատակին, սկսաւ այնպէս ուժով աւլել, որ թանրատունը լեցուեցաւ անտանելի փոշիով։

Աստուածդ սիրես, քերպելա, էդ աւելը մէկդի ձգէ, փոշիով մեզ պիտի խեղդես, ծիծաղեցաւ Վահէն, էստեղ շատ ճանճ կայ, մենք անցնինք ներսի օթախը (սենեակ), ու առանց տանտիրոջ համաձայնութիւնն առնելու, տան ծակ ու ծուկին ծանօթի մը ազատութեամբ մօտեցաւ թոնրատան վերի անկիւնին եւ հրեց մութի մէջ հազիւ նշմարուող ցած դուռ մը։

Դուռը ճռնչալով բացուեցաւ։ Նեղ ու փոքր սենեակ մ’էր, երդիքէն բացուող միակ լուսանցքով մը։ Այդ սենեակը որպէս մառան կը գործածուէր։ Զարմանալի կերպով զով էր հոն. քանի մը ճանճեր երդիքէն ինկնող արեւի ճառագայթներու մէջ կը թռչէին։

Քերպելան թաղիք մը ու խոտով լեցուն բարձեր բերաւ հիւրերուն համար։ Մինչ Վահէն եւ Արթիւշը երկնցան թաղիքի վրայ, քերպելան նստաւ անոնցմէ քիչ մը հեռու, դուրս քաշեց մէջքին ծխամորճը ու սկսաւ ծխախոտով լեցնել զայն։

է՜, բարով տեսանք քերպելա, քէֆդ հալդ…

Քէֆը խանիս քէֆն է, դու որ լաւ լինես՝ մենք քու ծառադ, լաւ ու լաւ կը լինենք։ Աստուած քեզ սաղութիւն տայ… Աստուած քու շուքդ մեր վրայէն չպակսեցնէ…

Սաղութիւնս լաւ ըսիք, քերպելա։ Սաղութեան համար ալ մարդու փորը պէտք է կուշտ լինի։ Հը՞, դու ի՞նչ կ’ըսես, Արթիւշ պիծա։

Մարդ ըսածդ ուտելով կ’ապրի, ըսաւ Արթիւշը եւ մէկ աչքը գոցելով նայեցաւ քերպելային։

Վայ աչքս քոռնայ, տեղէն վեր ցատկելով ըսաւ տանտէրը, հիմա, թաթարեախնի բան մը պատրաստել կուտամ, ու թոնրատունը անցնելով՝ սկսաւ կանչել, աղջի՜, այ ա՜ղջի, շան ծիծ կերած…

Երկու ընկերները առանձին մնացին։

Մէկ բերանդ բաց, քէ մատաղ, եւ Արթիւշը երեխայ շոյելու ձեւով, փաղաքշելով դարձաւ Վահէին, քու հոգուն մատաղ, էս ինչպէ՞ս եղաւ որ չորս ամիսը չանցած՝ արդէն վերադարձար… Արմաւիր գնացի՞ր, ձերոնց տեսա՞ր… Թիֆլիս մերոնք ի՞նչ հալի են… Ալեքսանդրոպոլի գործի մասին լսեցի… Էդ լաւ կերցուցիք Պոնտոլովսկիին։ Տեղն էր…

Ու դեռ պիտի շարունակէր հարցերու տարափը, եթէ Վահէն ծիծաղելով չընդմիջէր զայն.

Տնաշէն, քիչ կամաց։ Նախ ըսեմ, որ Թիֆլիսէն անդին չանցայ։ Ոչ Բագու, ոչ Արմաւիր…

Հէ՜ր օրհնած, յանդիմանեց Արթիւշը, գէթ ծնողքդ տեսնայիր… հինգ տարի եղաւ…

Լա՛ւ, լաւ, մի՛ շարունակեր. գիտեմ՝ ի՛նչ պիտի ըսես…

Վահէի պայծառ դէմքի վրայէն մռայլ ժպիտ մը անցաւ։ Անշուշտ ինքն ալ շատ կը փափաքէր տեսնել ծերունի ծնողքը, քոյրը, եղբայրները, բայց որ չէր կրցեր, ի՞նչ օգուտ տխրելէ։ Պէտք էր համակերպիլ առանց դէմքը թթուեցնելու։ Էն առաջ՝ գործը, որուն պէտք էր զոհել անձնական ցանկութիւններ, իղձեր, որքան ալ որ անոնք թանկագին լինէին։

Թիֆլիս, գործերն այնքան յաջող չեն, շարունակեց Վահէն, մէկ երկու րոպէ լռելէ վերջ, նիւթական միջոցներ կը պակսին, հետաքրքրութիւն շա՜տ, մանաւանդ եկեղեցական կալուածներու գրաւումէն վերջ։ Պէտք է հասարակական այդ անօրինակ զարթումը ուղիղ հունի մէջ դնել։ Գործի վրայ բուռ մը հները են, որոնց թիւը փոխանակ աճելու հետզհետէ կը պակսի։ Աշոտը վախճանեցաւ Սոխումի մէջ, թոքախտ ունէր։ Երուանդը աքսորուեցաւ Արխանկէլի շրջանը, Մարօն ինքնաբերաբար հետեւեցաւ անոր։ Գալուստը բանտն է, Աստուած գիտէ որքան ժամանակով։

Իսկ Վահանեա՞նը, Ջանեա՞նը, Աբրահամեա՞նը, միւսնե՞րը…

Ի հարկէ, հոն են, բայց անշուշտ անկարելի է բոլոր գործերուն հասնիլ։ Բագուն գիտցած վիճակիդ մէջ է, միակ նիւթական միջոցներու, աղբիւրը։

Իսկ էդ Պոնտոլովսկի՞ի գործը…

Երիտասարդ տղայ մը կատարեց, մէկ որ տեսնես… ասլանի նման պատանի մը: Հիմա գործէն խօսինք…

Մտիկ կ’ընեմ։

Նախ՝ Ալեքսանդրոպոլի պահեստէն թռցուցած փամփուշտներու խնդիրը։ Ատոնց ծայրը արդէն հասած է Ղամարլու։ Շուտով մնացածն ալ կը կեդրոնացուի շրջակայ գիւղերու մէջ։ Աստիճանաբար ապրանքը պէտք է փոխադրես Արապլու։ Հին, փորձուած մարդ ես, Արթիւշ պիծա, քեզի նոր բան մը չէ որ կ’ուզեմ ըսել, ինքդ ալ կը հասկնաս, որ աղմուկ բարձրացնելու չէ, քիչ, քիչ, բայց կանոնաւոր կերպով պէտք է ապրանքը Արապլու փոխադրես։ Որքան որ ալ Քերպելան, Ալիէքպէրը ել միւսները մինչեւ հիմա հաւատարմութեամբ ծառայեր են մեզի, բայց տէ, վարձկան մարդիկ են, այսօր մեզի հետ, վաղը մեզի դէմ։ Կ’աշխատիս, որ Արապլուի մէջ ապրանքը չկեդրոնանայ. մէկ մասը երբ Արաքսի վրայ աշխատին, միւս մասը պէտք է որ Արապլուէն ապրանքը վանք հասցնեն։

Աչքիս վրայ։ Այդ մասին կրնաս վստահ լինել։

Ալեքսանդրոպոլի երկու փախստական զինուորները շուտով մօտդ կը հասնին։ Պէտք է ապահով կերպով անոնք վանք ճամբես։ Կը հասկնա՞ս, թէ որքա՜ն ծանր յանցագործներ կը համարուին։ Պէտք է զգուշ լինել, որ փորձանք մը չպատահի անոնց։ Լաւ տղաք են, Երկրի մէջ մեզի շատ օգտակար կրնան լինել։

Իսկ այդ զինուորները ե՞րբ կը հասնին, հարցուց Արթիւշը.

Պաշ-Ապարան են։ Երեւանէն գրեցի որ Ղամարլու՝ Հայրիկի մօտ գան։ Երբ հասնին, անշուշտ ան կ’իմացնէ քեզի։ Ես ատեն մը պիտի մնամ վանքը, թերեւս մինչեւ Հոկտեմբերի առաջին շաբաթը։ Քեզ տեսնեմ՝ փոխադրութիւնը արագացուր, որ ես ալ վանքէն Երկիր ճամբեմ, քանի ձիւնը չէ նստած։

Շատ լաւ, շատ լաւ։ Արթիւշը իր գործը գիտէ, պալամ, դու անհոգ եղիր։

Մէկ էլ, ու Վահէն թէեւ վստահ, որ զիրենք լսող մը չկայ, բայց բնազդօրէն ձայնը ցածցուց, շուտո՛վ, թերեւս մէկ երկու շաբաթէն Վարդանը պիտի գայ քովդ՝ վանք անցնելու համար… Այո՛, այո՛… Պոնտոլովսկին խփողը։ Ոսկի տղայ է, Արթիւշ պիծա, աչքիդ լուսին պէս կը նայիս եւ ամէն նախազգուշութիւն ձեռք կ’առնես զայն ապահով կերպով Արաքսը անցընելու համար։

Որպէս պատասխան Արթիւշը սեղմեց Վահէի ձեռքը։ Տէ՜ր Աստուած, էլ ի՞նչ օրուան Արթիւշն էր ինք, որ այդ բանն ալ պիտի չկրնար կատարել, ան ալ այդպիսի կտրիճ տղու մը համար։

Հոս ընդմիջուեցաւ երկու ընկերներու մտերիմ խօսակցութիւնը։ Մառանի դուռը ճռնչալով բացուեցաւ, եւ Քերպելան խոշոր պղնձէ ափսէ մը գրկած՝ ներս մտաւ։ Ափսէի վրայ բրգաձեւ բարձրացած պարսկական փիլաւի վրան տապակած հաւ մը կար, կլոր թասերու մէջ մատակի մածուն ու շարբաթ։ Քերպելան ամբողջը միասին դրաւ հիւրերուն առջեւ։

Պերեքեալահ, պերեքեալահ, Քերպելա, էս ի՞նչ նեղութիւն, կարգին հարկինք ես սարքած…

Նեղութի՞ւնս որն է, աչքիս լուսը։ Քեզ պէս մեծ խան մը պիտի ներողամիտ լինի այս խեղճ սեղանին համար… Դու որ կաս, մեծ իմամի մօրուքը վկայ, մեր Սարտարէն ալ մեծ մարդ ես, շողոքորդ ժպիտով պատասխանեց Քերպելան, հիւրերու առջին ծնկաչոք նստելով։

Քերպելայի տղան, որ հօրը հետ մառանը մտած էր, մէկ ձեռքին իպրիխ մը ու միւսով լէկէն մը բռնած մօտեցաւ հիւրերուն, որ ձեռքերը լուան։

Երկու ընկերները մասնաւոր հրաւէրի մը չսպասեցին սկսելու համար։ Թեւերնին վեր սոթթելով Վահէն վարժ խոհարարի մը նման հաւը կտոր կտոր ըրաւ, ճանկը զարնելով փիլաւին խոշոր բաժին մը առջին փռուած լաւաշի վրայ դրաւ եւ ըստ ընդունուած սովորութեան սկսաւ ձեռքով ուտել։ Չոփուր Արթիւշը, որու փորը տէրտէրի մը փորին առասպելական խորութիւնն ունէր, պատառները հազիւ ծամած՝ իրարու վրայ կը կլլէր ափսոսալով, որ այդպիսի ճոխ սեղանի մը վրայ կը պակսէր «անմահական» ջուրը։

Քերպելա, ձիերուն պօլ գարի տուր. ճաշս վերջացնեմ, անմիջապէս ճամբայ պիտի ելլենք, յայտնեց Վահէն, որ ախորժակով պարսկական փիլաւը կը վայելէր իւղի մէջ տապակած քիշմիշով, ֆսթխով եւ պատեմով ծածկուած։

Քերպելան ու զաւակը ծնկաչոք նստած կը ծառայէին հիւրերուն, առանց մասնակցելու։ Որքան ալ որ մէկը թանկագին հիւը մը համարուէր պարսիկի մը տան մէջ, անհաւատի մը հետ ճաշելը, միեւնոյն թասէն ջուր խմելը իրենց համար հարամ կը համարուէր։

Երբ ընթրիքը վերջացաւ, Վահէն դառնալով Քերպելային՝ ըսաւ.

Շնորհակալ եմ, լաւ փիլաւ էր, էս պաճիին տուր, ու մանէթ մը սեղմեց Քերպելայի բուռին մէջ։— Հիմա պատրաստուինք։ «Պարտքը տալով, ճամբան երթալով» կ’ըսէ հայկական առածը։ Շորերս եւ զէնքերս բեր, ինքդ ալ պատրաստուէ։

Եւրոպական շորերը հանելով՝ Վահէն թխմեց զանոնք խուրճինի մը մէջ։ Սեւ ու փայլուն աստառէ շալվար մը քաշեց սրունքներուն, վարի մասերը ամփոփեց երկարավիզ կօշիկներու մէջ, լայն եւ ծալովի եզերքներով արխալուխ մը հագաւ, մէջքը սեղմեց երեք չորս արշին երկարութեամբ գունաւոր չիթէ գօտիով մը։ Արխալուխի վրայէն հագաւ, առանց թեւի, թաղիքէ կըլտր մը ու երբ պարսկական կլոր փափախը դրաւ գլխուն, հազիւ, թէ մէկը, նոյնիսկ հարազատ մայրը, այդ ծպտումին մէջ կրնար ճանչնալ զինքը։

Վահէն Արթիւշի ձեռքին ղազախի կարճ մոսինը վերցնելով՝ դուրս ելաւ բակը, ուր Քերպելան ու տղան ձիերու սանձէն բռնած՝ կը սպասէին։

Տէ՛, Արթիւշ պիծա, ու վերջին անգամ մ’ալ երկու ընկերները պինդ մը գրկեցին իրար եւ համբուրուեցան։

Վահէ՛, պալա ջան, մէկ էլ ե՞րբ…, ու պիծան անկարող շարունակելու՝ երեխայի մը նման սկսաւ արտասուել։

Վահէն ալ պակաս չէր յուզուած այդ խեղճ ու կրակ գիւղացիէն բաժնուելուն համար։ Չոփուր Արթիւշն ու նման անձնուէր գործող մարդիկը յեղափոխութեան անյայտ մնացած մեծ դէմքերն էին, որոնք տարիներ աշխատեցան ամենավտանգաւոր գործեր կատարելով, բայց որոնց մասին շատ քիչեր լսեցին։

Յեղափոխութիւնը իր էութեամբ բարդ մեքենականութիւն մը ունի. հոս՝ անիւ մը, հոն՝ պտուտակ մը, օճախ մը, շարժիչ ուժ մը, եւ սակայն, եթէ ատոնցմէ ոմանք բացայայտ կ’երեւին, կան որ թագնուած ատամնաւոր պտուտակներ են, անյայտ մնացած, բայց խիստ կարեւոր։ Ահա այդպիսի կարեւոր դերակատար մ’էր այդ հազիւ գրագէտ գիւղացին, որ տարիներով Արաքսի ափը նստած՝ լուռ ու մունջ կ’աշխատէր, փոխադրական գործը ղեկավարելով։

Հա պալա ջան, մէկ էլ ե՞րբ…

Վահէն ոչինչ կրցաւ, պատասխանել։ Ո՞վ գիտէր, թէ մէկ ալ ե՞րբ կրնային հանդիպիլ իրարու։ Արթիւշի ուսը ծեծեց սրտապնդող ձեւով մը ու ձիու վրայ նետուեցաւ։

Քերպելան ու Վահէն ձիերը մտրակելով կորան խաւարի մէջ։

Արթիւշը ատեն մը դրան վրայ կանգնած Վահէի անյայտացած կողմը նայելէ վերջ, գլուխը կախած, ներս մտաւ մառանը եւ յոգնած մարդու մը նման երկնցաւ թաղիքի վրայ՝ ճրագը մարելով։

Չոփուր Արթիւշը այդ գիշեր չկրցաւ քնանալ։ Եւ ի՞նչպէս քնանար. կենդանի պատկերներ իրարու ետեւէ կ’անցնէին աչքի առջեւէն այնքա՜ն իրական, ոբ Արթիւշին կը թուէր թէ բաց աչքերով կ’երազէր։ Հինգ տարի առաջ, օր մը դիւքեանի առջեւ պըպզած չպուխ կը քաշէր, երբ Երեւանէն նոր երիտասարդ մը եկաւ Երկիր անցնելու համար։ Այդ երիտասարդը Վահէն էր, խոշոր, խելօք աչքերով, լայն ճակատով, այնքան համակրելի, որ Արթիւշը ինքն ալ չէր գիտեր պատճառը, թէ ինչո՞ւ համար առաջին օրէն այնքա՜ն խոր համակրանք մը զգաց անոր հանդէպ։

Ո՞վ էր այդ երիտասարդ տղան, ո՞ր տեղացի, ճշմարիտ որ չէր գիտեր Արթիւշը։ Գիտէր միայն այն, որ Հիւսիսային Կովկասէն էր, եւրոպական կրթութիւն ստացած, զարգացած մէկը, որ իրեն անծանօթ լեզուներ գիտէր ու շատ մը երկիրներ ման եկած էր։ Ճիշդն ըսելով՝ անոր հայերէնէն ալ շատ բան մը չէր հասկնար Արթիւշը, աւելի կը կռահէր անոր խօսքերուն իմաստը բան կը հասկնար։

Ափսոսալով ճամբած էր զայն Արաքսէն անդին, դէպի զուլումի Երկիրը։ Երկու տարի անցաւ վրայէն։ Արթիւշը գրեթէ մոռցած էր Վահէն. այնքա՜ն ճահիլ ջիւան երիտասարդներ կուգային ու կ’անցնէին, ո՞ր մէկը յիշէր Արթիւշը։

Գիշեր մը, մէկ ալ մաքսանենգ պարսիկներու հետ երիտասարդ մը մտած էր դիւքեանը, Արաքսի միւս ափէն անցնելով։ «Օ՜, բարեւ, Արթիւշ պիծա, քէֆդ հալդ…» տօ էդ ինչպէ՞ս թէ… ու հազիւ կրցած էր ճանչնալ երկու տարի առաջ Երկիր ճամբած սիրունատես երիտասարդը, որ հիմա արեւէն խանձած, պղնձագոյն դէմքով, թիկնեղ, կայտառ, տիրական շարժումներով հասուն երիտասարդ մ’էր դարձած։ Երկու օր վերջ, Վահէն վերադարձած էր Երեւանէն։ Հիմա արդէն փորձ յեղափոխական մըն էր, ցուցումներ կ’ընէր, խորհուրդներ կուտար Արթիւշին. «Այ պիծա, էս էսպէս, էն էլ էնպէս պէտք է ընել»։ Ինչ ալ խելօք կը խօսէր։

Գիշերով Արթիւշ ճամբած էր Վահէն երկու լաստավարներու հետ։ Լաստը, հազիւ քսան քայլ Արաքսի ափէն բաժնուած, ընկղմած էր։ Պարսիկ լաստավարները ճարահատ ռուսական ափը վերադարձեր էին, որ շատ մօտ էր, միայն Վահէն լողալով անցեր էր դիմացի ափը, գարնան կատղած Արաքսը լողալով, ան ալ դեռ զգեստները վրան։ Այդ՝ ամէն մարդու գործ չէր։

Ատկէ վերջ, Երկիր եկող գնացողներէն Արթիւշ կը լսէր Վահէի մասին, եւ նոյնիսկ քանի մը նամակ ալ ստացաւ անկէ։ Նամակները միշտ «Սիրելի Արթիւշ պիծա»ով կը սկսէին, որ մասնաւոր բաւականութիւն կը պատճառէր Արթիւշին։ Ատկէ յետոյ շարունակ Վահէի մասին կը լսէր. «Վահէն էսպէս ըսաւ, Վահէն էնպէս որոշեց», եւ Արթիւշի սիրտը կը փառաւորուէր լսելով անոր գովքը, որուն ինքն ալ բաժնեկից կը զգար։

Չորս ամիս առաջ յանկարծ Վահէն երեւցեր էր՝ օրը ցերեկով կամուրջը անցնելով որպէս պարսիկ վաճառական մը։ «Էհ, Արթիւշ պիծա, յոգներ եմ, հալ չմնաց վրաս… Եկայ տարի մը հանգստանալու, մէկ էլ երթամ Արմաւիր, ծերացած հօրս, մօրս մօտ… Ո՞վ գիտէ, ի՜նչ կրնայ պատահիլ… աչքերնին ճամբուս սպասելով ջուր կտրեցան»։ Ու ահա դեռ չորս ամիս չէր անցած, Վահէն առանց ծնողքը տեսնելու, առանց հանգստանալու, նորէն Դժոխքի ճամբան ձեռք կ’առնէր։ Արթիւշը անցած օրերը միտք կ’ընէր ու անընդհատ կը ծխէր։

Հազիւ առաւօտեան կողմ, Արթիւշի ծանրացած աչքերը գոցուեցան։

Յաջորդ օրը, կէս օրուան մօտ, Արթիւշը դիմաց անցաւ։ Ինչպէս որ Վահէն յայտնած էր, յաջորդ երկու շաբաթներու ընթացքին «ապրանք»ը սկսաւ ծայր տալ։ Մօտաւոր հայկական գիւղերէ գիշերային երթեւեկը շատցաւ։ Չոփուր Արթիւշ գլուխ քերելու իսկ ժամանակ չունէր։

Օր մը Արթիւշը Դավալուէն երկտող մը ստացաւ։ Կ’իմացնէին որ յաջորդ օրը երկու «բարեկամներ» պիտի գան Շայթախտ։ Պիծան վայրկեան մ’իսկ չտարակուսեցաւ անոնց ո՞վ լինելու մասին։ Անշուշտ Ալեքսանդրոպոլի երկու զինուորներն էին։ Յաջորդ օրը, Պիծան դիւքեանը նստած սպասեց, բայց ոչ եկող եւ ոչ ալ գացող եղաւ։ Երկրորդ օրը ճամբորդներով լեցուն սովորական փոստայի կառք մը կանգ առաւ դիւքեանի առջեւ, եւ երկու գիւղացիներ խուրճիններով ծանրաբեռնուած վար իջան։ Կառքը շարունակեց իր ճամբան դէպի Նախիջեւան։

Գիւղացիները տատամսելով ներս մտան դիւքեանի դռնէն.

Բարե՛ւ, ըսաւ անոնցմէ մէկը, ուշադրութեամբ Արթիւշի դէմքը քննելէ վեըջ, ու կ’երեւի թէ բաւարարուած՝ արմուկով ընկերը մխթեց։

Բարեւ ձեզ, պատասխանեց Պիծան, ի՞նչ կ’ուզէք։

Չոփուր Արթիւշը դո՞ւն ես։

Եթէ մէկ ուրիշը չլինի, այդ իմ անունս է, ծիծաղեցաւ Արթիւշը, Երեւանէ՞ն կուգաք։

Նամակ ունինք քու անունով։

Արթիւշ պիծան նամակը գրպանը դրաւ եւ երկու գիւղացիները մտցուց խանութի ետեւի կողմը իր կացարանը։

Էս խուրճիններու մէ՞ջ…

Ապրանք է… Երեւանէն տուին որ քեզ յանձնենք…

Լա՛ւ, էստեղ անկողնիս վրայ նստեցէ՛ք, բարձր չխօսիք, մինչեւ որ դիւքեանս գոցեմ… սոված չէ՞ք… լաւ ուրեմն՝ յետոյ միասին կ’ընթրենք… Բան է՝ եթէ փորձանք մը պատահի, չմոռնաք, դուք Դավալուցի գիւղացիներ էք, մօտս եկած, տոկոսով դրամ վերցնելու համար։

Եւ դուռը անոնց վրայէն գոցելով՝ մօտեցաւ ճրագին, գրպանէն հանեց նամակը ու ծրարը պատռեց։ Ներփակ նամակ մը կար, Վահէին ուղղուած, ինչպէս եւ տոմսակ մը իր անունով։

«Սիրելի Արթիւշ, հեգելով սկսաւ կարդալ մեր Չոփուրը, այս տղաքը անմիջապէս անցուր վանք։ Գալուստը դեռ բանտն է. քանի մը օրով ապրանք ղրկելը դադրեցուցինք։ Մոծակները գործի վրայ են։ Տեղդ մաքուր պահէ»։

Նաւթէ մեծ լամպարը սովորաբար սեղանի վրայ կը մնար։ Երբ Արթիւշը նամակը կարդաց վերջացուց, պատրոյգը բարձրացուց եւ լամպը դրաւ դրան քով գտնուող նեղ պատուհանին մէջ։ Վառուած լամպը պայմանադրական նշան էր՝ պարսկական ափի մաքսանենգները կանչելու։ Անշուշտ յաջորդ օրը իր մարդիկը պիտի երեւնային։

Արթիւշը դիւքեանի շէմքին վրայ նստեցաւ, մէջքէն ծխամորճը հանելով լեցուց, ու գոհունակութեամբ սկսաւ ծխել։ Այդ, ըստ երեւոյթին, անտարբեր նստուածքին մէջ Արթիւշի սիրտը անհանգիստ էր ու խուզարկու աչքով խաւարը կը պրպտէր։ Զարմանալի բան, այդ ամբողջ օրը չէր երեւցեր «մոծակը», որ օրը մէկ երկու անգամ կը հանդիպէր դիւքեանը։ «Արդեօք ի՞նչ բանի է այդ շան որդին», ինքիրեն մտածեց Արթիւշը, որ աւելի գոհ եւ հանգիստ պիտի զգար, եթէ «մոծակը» դիւքեանը գար։

Հեռուէն մէկը կ’անցնէր։ Գիւղացի ջրաւոր մ’էր, որ բահը ուսին նետած՝ յոգնած քայլերով դէպի գիւղը կը դիմէր։ Արթիւշը գիւղացիի քալուածքի ձեւէն ճանաչեց անցորդը ու ետեւէն պոռաց.

Հէ՜յ, Մէշետի Իպրահիմ, արտը ջրելէ՞ն կուգաս։

Հա, Արթիւշ աղա, հազիւ գործս վերջացուցի, պատասխանեց խաւարի մէջ կորած ստուերը։

Հիմա ջրի կարգը որո՞ւնն է։

Դրկից Իսմայելին։

Բամպակը լաւ կ’երեւի, վերջին ջուրն է…

Փառք Աստուծու, լաւ կ’երեւի, էս տարի ժանգը մեծ վնաս մը չտուաւ։

Հա՛, այս տարի, բամպակը հաւաքելուդ, պարտքդ պիտի վճարես։

Տեսնենք, բան մը կ’ընենք, Աստուած ողորմած է։ Աստուած հետդ։

Աստուած հետդ։

Քիչ վերջը, երբ գիւղը գերեզմաննոցի մը նման խաղաղ էր, դիւքեանի ճրագն ալ մարեցաւ կենդանութեան վերջին նշոյլը հետը տանելով։ Մնաց փոշոտ, ամայի ճամբայ մը եւ ճամբու եզերքին միականի մուրացկանի մը նման խեղճուկ դիւքեան մը, որու գծերը կը կորսուէին թանձր խաւարի մէջ։

--------------

Ինչպէս Արթիւշը կ’ակնկալէր, յաջորդ օր կէս օրը անցած՝ Քերպելան, Ալի Էքպէրը եւ Հիւսէյինը դիւքեանի դռնէն ներս մտան, որպէս թէ գնում կատարելու համար։ Տեղացի պարսկուհի մը՝ չիթի ծրարները իրարու խառնած՝ երկար բարակ սակարկութիւն կ’ընէր՝ երեք արշին պլուզցու կտոր մը առնելու համար։ Երբ վերջապէս համաձայնութեան եկան, կինը թեւին տակ դրաւ կտորը եւ մեկնեցաւ, ուշ աշնան վճարելու խոստումով։

Քիչ ատենէն պիտի սնանկանամ, կնոջ ետեւէն ծիծաղելով ըսաւ Արթիւշը, բոլորն ալ խոստումով կը վճարեն, կանխիկ տուող չկայ… արի եւ առեւտուր ըրէ ասոնց հետ։

Քու փողդ ո՞վ կրնայ ուտել, կատակով պատասխանեց Քերպելան, մէկ Շայթախտ, մէկ Արթիւշ աղա… Հա, գործէն խօսինք, երէկ գիշեր նշանդ տեսանք, տղաքը ձգեցինք միւս ափը, իսկ մենք երեքով եկանք կամուրջը անցնելով…

Լաւ ըրիք որ եկաք։

Կամուրջի գլխուն էն շան որդի մոծակին հանդիպեցանք։ Ծուռ ծուռ մեր կողմը նայեցաւ, ու Վասիլի ականջին բաներ մը փսփսաց…

Է՜, յետոյ, ու անհանդարտ որսկան շան նման ականջները տնկեց Արթիւշը։

Մէկ էլ էն ախմախ Վասիլը թէ «եկէք էստեղ՝ տեսնամ»։ Մօտեցանք։ «Ինչո՞ւ անցաք էս կողմը»։ Էս տարիքիս մարդ եմ, էսպէս բան հարցնող մը չէր եղած։ «Ինչպէ՞ս թէ ինչո՛ւ, արգիլուա՞ծ է», կը պատասխանեմ։ «Չէ, ի հարկէ արգիլուած չէ», ըսաւ Վասիլը, «բայց ես գիտեմ թէ ինչու կուգաք, խելքերնիդ գլուխնիդ ժողվեցէք, էնպէս օյին մը կը բերեմ ձեր գլխուն, որ դուք ալ վերջէն կը փոշմանիք»։

Հը՛մ, ու Արթիւշ երկար մօրուքը սկսաւ շոյել, ուրեմն մոծակը հոն էր ու Վասիլի ականջին փսփսաց։

Հա՛։ Վասիլի խօսքերէն խելքդ ի՞նչ կը կտրէ, Արթիւշ աղա։

Պէտք է զգուշ լինել: Գիւղամէջը գնացէք եւ այս կողմերը մ’երեւաք, մինչեւ մութը կոխէ։

Շատ լաւ, ի՞նչ ունինք այս գիշերուան համար, հարցուց Քերպելան։

Քիչ ապրանք կայ փոխադրելիք, ու անտարբեր ձեւով մը աւելցուց, երկու տաճկաստանցի գաղթականներ, որոնք անցագիր չունին, խեղճ ու կրակ մարդիկ են, հոգու վարձք է անոնց օգնելը։

էդ լաւ, բայց մենք ալ խեղճ ենք. եթէ մեր գործը աղքատ փախցնել լինի, մեր տան հացը ո՞րտեղէն պիտի գայ, ախր մենք ալ քիւլֆաթի զաւակներու տէր ենք, խորամանկօրէն ժպտաց Ալի Էքպերը, բարձրահասակ, սիրունատես երիտասարդ մը, որ յայտնի լաստավար մ’էր։

Տօ, ձէնդ կտրէ, ախմախ, որպէս թէ ընկերոջ վրայ բարկացաւ Քերպելան, սաղ լինի Արթիւշ աղան, էդ էլ մտածելու բա՞ն է որ…

Ճանըմ, էդ մասին բան մը կ’ընենք, ըսաւ Չոփուր Արթիւշը, ձեր իրաւունքը չեմ ուտեր։ Աստուած գիտէ՛, շատերուն օգներ եմ, անոնց ալ կ’օգնեմ հօրս հոգուն, դուք սաղ սալամաթ միւս ափը հանեցէք։ Տէ՛, հիմա գացէք, մթնելէն երկու ժամ վերջը…

Մաքսանենգները ճամբելէ յետոյ, Արթիւշը խանութի շէմքին վրայ նստաւ ու սկսաւ քթի տակէն երգ մը մռլտալ: Առանց մասնաւոր պատճառի, զարմանալի կերպով անհանգիստ կը զգար այդ օրը։ Քերպելայի պատմութիւնն ալ եկաւ, ալ աւելի մտահոգելու զինք։ Ի հարկէ, մասնաւոր պատճառ մը չունէր, եւ ոչ ալ գիշերը վատ երազ տեսած էր, բայց ինքն ալ հաստատ չէր գիտեր թէ ինչո՞ւ համար սիրտը ահ ու դողի մէջ էր։ Բնազդօրէն անորոշ վտանգի մը մօտենալը կը զգար։ Թերեւս այդ կասկածոտ տրամադրութիւնը հետեւանք լինէր երկու փախստականներու ներկայութեանը, որոնք խանութի ետեւի կողմը կուչ եկած՝ ձայն ձուն չէին հաներ։ Թերեւս։ Տասնեակներով մարդ Պարսկաստան անցուցեր էր Արթիւշը, բայց ոչ մէկ անգամ վախի զգացում չէր ունեցած։ Սովորական գործ մ’էր այդ իրեն համար, եւ ոչ մէկ ատեն փորձանք մը չէր պատահած։ Վասիլի քօղարկուած սպառնալիքը Քերպելային, անընդհատ կը դառնար մտքին մէջ. ի՞նչ ըսել կ’ուզէր այդ շոշորթ Վասիլը, որ աւանակի մը նման տխմար էր եւ որու քթին չուան մը անցուցած՝ տարիներով խաղցուցեր էր ինք։ Եթէ մոծակը անոր քով եղած չլինէր, եթէ անոր ականջին փսփսած չլինէր, Արթիւշը շատ ալ մտահոգուելու պատճառ մը չէր ունենար։ Առջի օր, մոծակը չէր երեւցեր, էս օր ալ ահա շուտով կը մթնէր, բայց էդ շան որդին մէջտեղ չկար ու չկար։

Մոծակէն միայն Արթիւշը լրջորէն կը վախնար։ Այդ մարդը տարիներու ընթացքին, լաւ թուրքերէն սովրած էր, ամէն տուն կը մտնար կ’ելլէր, ամենուն գաղտնիքին ծանօթ էր, եւ զարմանալի կերպով քիթը հոտ կ’առնէր ըլլալիք բաներու մասին։ Մոծակի գալէն չորս տարի անցեր էր, եւ ոչ մէկ անգամ ան կրցաւ լուրջ արգելք մը հանդիսանալ Արթիւշի գործին, թէեւ ամէն ատեն, որսի շան նման դիւքեանի չորս բոլորը կը դառնար։ Մոծակը ինկած էր Արթիւշի տոպրակին մէջ։ Ասով մէկտեղ, Արթիւշը շատ զգուշ էր։ Մոծակի եկած օրէն, անոր հետը սերտ բարեկամութեամբ մը կապուեցաւ։ Գրեթէ ամէն օր, խթանները զնկացնելով՝ Մոծակը դիւքեան կուգար. «Հը՞, քէֆդ, հալդ, Չոփուր», կը հարցնէր, մէկ երկու վօտկա (օղի) կը կոնծէր, անշուշտ առանց վճարելու եւ կ’անցնէր կ’երթար բանին։ Եւ, սակայն, ահա երկու օր էր որ չէր հանդիպած դիւքեանը։ Ամէն բանէ աւելի անոր բացակայութիւնը կ’անհանգստացնէր Արթիւշը:

Կարծես Արթիւշի մտահոգութիւնը բաւական չլինէր, նոր մտահոգութիւն մ’ալ աւելցաւ եղածին վրայ։ Փոստի հայ կառապան մը անցնելու ժամանակ՝ տոմսակ մը յանձնեց Արթիւշին։ Բժիշկ Տէր Յակոբեանէն էր երկտողը։ Կարեւոր երիտասարդ մը պիտի գար այդ իրիկուն։ Անոր սահմանը անցնելուն՝ մեծ հոգ եւ զգուշութիւն պէտք էր որ ընէր: Արթիւշը անմիջապէս գլխի ինկաւ, որ այդ երիտասարդը Վահէի ըսած տղան էր, Վարդանը:

«Տէր Աստուած, մտածեց Արթիւշը կզակը քերելով, մէկ էս գիշերը անցնէր, տղաքը սաղ սալամաթ մէկալ ափը անցնէին, էլ ուրիշ բան չէի ուզեր:

Արեւը կամաց կամաց վար թեքեցաւ, թիզ մը կ’ուզէր որ կպչէր հորիզոնին, երբ դիւքեանի առջեւ Նախիջեւան անցնող կառքէ մը վար իջաւ բարձրահասակ, տպաւորիչ երիտասարդ մը։ Արթիւշը նստած տեղէն ցատկելով՝ անմիջապէս դիւքեանը մտցուց երիտասարդը։

Իմ անունս Վարդան է, ըսաւ երիտասարդը բարեմտօրէն ժպտելով ու թօթուեց Արթիւշի ձեռքը, կարծեմ Երեւանէն բժիշկը գրած է իմ մասին։

Ինչպէ՜ս չէ, ինչպէ՜ս չէ… դու բարով, հազար բարով եկար, հետդ բան ման չունի՞ս։

Ո՛չ, ըսին հարկաւոր չէ։

Լա՛ւ։ Էս դռնով մտիր, ներսը փախստական զինուորներ կան, անոնք ալ այս գիշեր քեզի հետ… ձէն ձուն չհանէք… արխային նստէք, մինչեւ որ ժամանակը գայ։ Քու պոյիդ մատաղ, Վահէն քու մասին խօսեր է ինծի։

Վահէէն ի՞նչ լուր, հարցուց Վարդանը՝ վայրկեան մը կանգնելով սեմին վրայ։

Վանքն է, շուտով անոր կը հասնիս, Արթիւշը քեզ մատաղ լինի, էտ քու ձեռքիդ զօրութեանը մեռնիմ տղաս, հիմա դուռը պիտի գոցեմ, ձէն չհանէք:

Կացարանի դուռը կղպելով Արթիւշը ելաւ եւ դիւքեանի պատին տակ կկզած՝ նստաւ:

Արեւը մարը մտած՝ կամաց կամաց կը մթնէր։ Գիւղի տները ստուերներու մէջ թաղուած՝ անորոշ զանգուածի ձեւ կը ստանային, միայն ճերմակի տուող ճամբան, որոշ կերպով մինչեւ հեռուները կ’երեւէր։ Արթիւշը ականջ կտրած՝ մտիկ կ’ընէր, հետզհետէ թանձրացող խաւարը կը խուզարկէր աչքերով մարդու մը նման, որ ինչպէս ժողովուրդը կ’ըսէ՝ ասեղի վրայ նստած է։ Յանկարծ շունչը բռնած՝ լսողութիւնը սրեց: Անշուշտ չէր սխալած, զնկոցի ձայն եկաւ ականջին։ Մէկ ալ հեռուէն մօտեցող բարձրահասակ մարդու մը ստուերը երեւցաւ ճամբուն վրայ, որ համաչափ քայլերով, կը մօտենար։ Խթաններու զնկզնկոցը կը լսուէր որոշ կերպով։ Արթիւշը սկսաւ մատներով թմբկահարել դիւքեանի դուռը եւ որպէս թէ ինքնիրեն երգէր, բայց այնքան մը բարձր, որ կացարանի մէջ թագնուած փախստականները կրնային լսել.


Հէ՜յ, տղերք, զգոյշ կեցէք,
Մեր գիւղի շունը կուգայ.
Հէչ բանէ մ’ալ մի վախէք,
Լակը լակէ ու կ’երթայ.
Եար ջան, դու բարով եկար,
Կանաչ սարերով եկար,
Կարմիր սոլերով եկար։

Բարե՛ւ, Չոփո՛ւր։

Վայ, Աստուծոյ բարին, Սէրգէյ Կերասիմովիչ, լուսը ձեզ տեսնողին։ Էդ ո՞ւր էիք, երկու օր եղաւ ձեզ չեմ տեսած… Վախցայ որ հիւանդ լինիք։ Դիւքեանը գոցելուս՝ ձեր տունը պիտի հանդիպէի…

Զբաղած էի, մռայլ պատասխանեց ժանտարմը, որու դէմքին նախկին բարեկամական արտայայտութիւնը չքացեր էր ու Արթիւշին կը նայէր այնպէս, ինչպէս գազան մը, որսը փարատելու պահուն:

Պիծան «սիրելի բարեկամին» դէմքը տեսնելուն պէս հասկցաւ, թէ օդին մէջ ինչ որ արտասովոր բան մը կը դառնայ, թէ փոթորիկ մը կը սպառնայ պայթիլ իր գլխուն։ Բայց որպէս թէ բան մը չնկատելով, իր ամենագրաւիչ ժպիտով, որուն ընդունակ էր ծաղկախտէն հերկուած դէմքը, ներս հրաւիրեց ժանտարմը.

Համեցէ՛ք, վայրկեան մը հանգստացէք, թանկագին Սէրգէյ Կերասիմովիչ։

Ոչ, երթալու եմ, չոր ձայնով պատասխանեց ժանտարմը՝ այնքա՜ն սիրալիր հրաւէրին ու պատրաստուեցաւ մեկնիլ։

«Անշուշ էս շան զաւակը բան մը ունի մտքին մէջ» մտածեց Արթիւշը, որու ջղերը սկսած էին պարել։

Տէ՛, Սերգէյ Կերասիմովիչ, խնդրեմ մէկ վայրկեան ներս մտէք, հրեշտա՛կս, երկու օր եղաւ ձեզ չեմ տեսած։ Որ գիտնաք, Երեւանէն կալպաս (երշիկ) ստացեր եմ, իսկական Մոսկովսկի՜ կալպաս: Պատառ մ’իսկ բերանս չդրի, ըսի, մէկ Սերգէյ Կերասիմովիչը գայ, ու միասին վայլենք։ Խօսք չ’ուզեր, շիշ մ’ալ Սմիրնովի պատուական վօտկա. դեռ կանուխ է, մէկ քանի հատ կոնծենք, նորէն կ’երթաք։

Սերգէյ Կերասիմովիչը խանութի սեմին վրայ տատամսիլ սկսաւ. մտնե՞լ թէ չմտնել։ Իրօք դժուար էր Մոսկովսկի կալպասի եւ Սմիրնովի վօտկայի գրաւչութեան դիմադրել, գլխարկը վար առաւ ու ճակտի քրտինքը սրբելով՝ ներս մտաւ դռնէն։

Հազիւ հինգ վայրկեան ունիմ, Չոփուր, շուտ ըրէ։

էս սահաթին, հրեշտակս… էնէնց կալպաս մը կերցնեմ ձեզ որ…

Արթիւշը դարակէն վերցուց թղթի մէջ փաթթուած կալպասը, որու Մոսկովսկի լինելուն համար անշուշտ պիտի զգուշանար երդուելէ, սուր դանակով մը շերտ շերտ ջարդեց սեղանի վրայ, երկու պարսկական թէյի բաժակները կիսով չափ լեցուց վօտկայով, մէկը Սերգէյ Կերասիմովիչին տուաւ, միւսն ալ ինքը առաւ.

էս Ձեր թանկագին կենացը, Սերգէյ Կերասիմովիչ, հազար տարի ապրիք…

Ձեր կենացը։

Բաժակները բարձր չխկացին։ Մէկ ումպով անհետացաւ հեղուկը, ու դատարկ բաժակները միաժամանակ սեղանի վրայ դրուեցան։ Կալպասի ու լաւաշ հացի խոշոր խոշոր պատառները վար սահեցան կոկորդներէն:

Արթիւշը աճապարեց կրկին լեցնել բաժակները։

Հը՞, ինչպէս էր…

Սքանչելի, դեռ պատառը կուլ չտուած՝ լեցուն բերնով պատասխանեց Սերգէյ Կերասիմովիչը:

Ի հարկէ, լաւն է. իսկական Սմիրնովի վօտկա, խօսք չ’ուզեր… վերցուցէք բաժակը, Սերգէյ Կերասիմովիչ, էս մէկն էլ խմենք Նորին Կայսերական Մեծութեան Թագաւորի կենացը:

Սերգէյ Կերասիմովիչը ոտքի ցատկեց, կրունկները չխկացնելով իրարու զարկաւ, ցցի նման ուղիղ կանգնեցաւ, բաժակը շրթունքին տարաւ եւ գլուխը ետ նետելով՝ մէկ ումպով դատարկեց բաժակը, ինչպէս վայել էր հաւատարիմ հպատակի մը։

Օ՛խ ա՜յ, կարծես անմահական ջուը լինի։ Իսկապէս, Չոփո՛ւր, վօտկան՝ Սմիրնովի վօտկան է, եւ Սերգէյ Կերասիմովիչը բաւականութեամբ շփեց դուրս ինկած փորը եւ բռունցքով սրբեց բերանը:

Բաժակները հազիւ դատարկուած՝ անմիջապէս նորէն կը լեցուէին եւ ամէն անգամ օղին մինչեւ բաժակի եզրը կը հասնէր։ Արթիւշը իսկական հիւրընկալի մը մեծահոգութեամբ կը հիւրասիրէր իր թանկագին բաբեկամը։ Հաճոյակատար էր, ուշադիր, որ բաժակի օղին անպակաս լինի, սեղանի լաւաշն ու կալպասը՝ առատ: Կարծես պիւլպիւլ կտրած լինէր մեր հիւրասէր Արթիւշ պիծան, իրարու ետեւէ այնպիսի վրան բաց անեկտոտներ կը պատմէր կինտօներու կեանքէն, որ Սերգէյ Կերասիմովիչը ծիծաղելէն յոգնած կողերը կը սեղմէր, աչքերը արցունքով լեցուած։

Էս էլ Նորին Կայսերական Բարձրութեան մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեվիչի կենացը…

Կենացները զարմանալի արագութեամբ իրարու կը յաջորդէին եւ անոնց հետ՝ կրունկներու համաչափ չխկոցը, դատարկ բաժակներու սեղանի տախտակին զարնուելու չոր ձայնը։

Սերգէյ Կերասիմովիչը յաղթանդամ, միջին տարիքի առողջ մարդ մ’էր։ Կաս կարմիր թուշեր ու կապոյտ մոխրագոյն խառնուրդ գոյնի աչքեր ունէր, որոնք գամի մը նման կարծր կը մխուէին, երբ խուզարկու հայեացքով մը կը դիտէր անծանօթ մը։ Տիպար աւագ ժանտարմ մ’էր, պարտաճանաչ, աչալուրջ, փայտէ գլխով, ուր սեփական ուղեղ չունենալուն՝ կրաւորական մեքենայի մը նման նոյնութեամբ կը կատարէր ստացած հրամանները։ Ասոնց հետ մէկտեղ անսահման նուիրում մը ունէր Գահին, որու հաւատարիմ շներէն մէկը կը համարէր ինքզինքը։

Սերգէյ Կերասիմովիչը, փառք Աստուծու, ուղղափառ եկեղեցիի զաւակ էր, ջերմեռանդ հաւատացեալ մը, որու հոգիին մէջ աստուածութիւնը դասաւորուած էր հետեւեալ կերպով՝ Ցար Աստուած՝ Հայր Աստուած, յետոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, իսկ Հոգին Սուրբը խելքին չպառկելուն՝ անոր տեղը Ցարեւիչը (գահաժառանգ) բռնած էր։ Այսքանով կը վերջանար իր հոգեւոր կրօնական աշխարհը։ Իսկ մնացած ոչ ուղղափառ ժողովուրդները բոլոր սրտով կ’ատէր ու կ’արհամարհէր. հայերը՝ հերետիկոս էին, տեղական թուրքերը՝ անհաւատ, իր խոր համոզումով։ Բայց եւ այնպէս իր պաշտօնին բերումով պէտք էր եօլա երթալ անոնց հետ։

Հաւասարակշռուած բնաւորութեան տէր մարդ մ’էր ու գրեթէ մոլութենէ զուրկ։ Կաշառք կ’առնէր մաքուր խղճով այնպէս, ինչպէս ամէն ամսու քսանին պետական գանձարանէն թոշակ կը ստանար, իսկ խմելու բուռն փափաքը մոլութիւն մը չէր համարեր, բնական բան մը։

Որքան ալ որ Չոփուր Արթիւշի վօտկան եւ կալպասը գրաւիչ էին, բայց նորէն Սերգէյ Կերասիմովիչի դէմքի մռայլ արտայայտութիւնը անփոփոխ կը մնար՝ ծայր աստիճանի անհանգստացնելով Արթիւշը, որ սարդոստայնի մէջ կծկուած սարդի մը լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւէր թանկագին բարեկամի շարժումներուն, խօսքերուն, դէմքի կծկումներուն։ Ա՜խ, եթէ միայն գիտնար, թէ այդ աւանակը ի՞նչ կը մտածէր այդ պահուն։

Սերգէյ Կերասիմովիչը վերջապէս սեղանի վրայ դրաւ դատարկ բաժակը եւ ոտքի ելլելով՝ պատրաստուեցաւ մեկնելու, ի մեծ յուսահատութիւն Արթիւշի:

Չէ՛, ալ բաւական է, Չոփուր, պէտք է երթամ… շատ զբաղած եմ… պարտականութիւն… նոր կարգադրութիւններ Երեւանէն… Հէրն անիծած… Օ՜ֆ, ի՜նչ տաք է… կարծես գեհէն լինի էս անիծած գիւղը, ու գլխարկը հանելով՝ քրտինքը սրբեց ու նորէն անգիտակցաբար նստաւ դատարկ սնտուկի վրայ։

Արթիւշը անմիջապէս բաժակը լեցուց: Որպէս թէ անտարբեր մտիկ ըրած էր անոր խօսքերուն։ Ուրեմն, ի զուր չէին իր մտահոգութիւնները, կասկածները, այդ օրուան հոգեկան անհանգստութիւնը: «Անշուշտ այս անասունի լեզուին տակ բան մը կայ», մտածեց ինքնիրեն Արթիւշը՝ ձեռքը բաժակին տանելով.

Էս մէկն էլ դատարկենք, Սերգէյ Կերասիմովիչ… ի հարկէ, պարտականութիւնը ամէն բանէ առաջ… Խմենք Նորին Գերազանցութեան…

Առանց ձգելու որ Արթիւշը կենացը վերջացնէ, ժանտարմը բաժակը դատարկեց, գլխարկը նետեց սեղանի վրայ ու օղիի շիշը վերցնելով ինք լեցուց բաժակը.

Տաք չէ… կատարեալ դժոխք է, սատանան տանի, ու բաճկոնի կոճակները քանդելով՝ թաշկինակով ճակտի քրտինքը սկսաւ սրբել։

Արթիւշը հիմա արդէն մեծ րաւականութեամբ կը լեցնէր բաժակները։ Սերգէյ Կերասիմովիչի լեզուն սկսած էր թանձրանալ, բառերը երբեմն կ’երերային շրթունքին վրայ, բայց Արթիւշo գիտէր, որ այդքան դեռ բաւական չէր, այդ հաստագլուխ անասունը գոմէշի դիմացկունութիւն ունէր։

Էս էլ խմենք…

Բայց Սերգէյ Կերասիմովիչը բաժակը վերցնելով եւ օրօրուելով ոտքի ելաւ.

Տօ՛, Չոփուր, ես քու մէրը… էս էլ խմենք էն շան որդի անհաւատ Մեշէտի Իպրահիմի փոքր հարսի կենացը… հա՛, հա՛, հա՛… Տօ այդպէս էլ գեղեցիկ կին… Երբ գիւղամէջով կ’անցնի, կուրծքը ասլանի պէս դուրս տնկած, կարծես ծծերը դուրս պիտի նետուին պլուզի տակէն։ Տօ էնէնց էլ կին…, սատանան տանի, հա՜, հա՜, հա՜…

Բաժակները նորէն դատարկուեցան, միայն թէ այս անգամ Արթիւշը ճարպիկօրէն իր բաժակը սեղանի տակը թափեց։

Էդ ինչպէ՞ս թէ Երեւանէն նոր կարգադրութիւններ, միամիտ ձեւով հարցուց Արթիւշը, էլ ի՞նչ կարգադրութիւն, երբ, փառք Աստուծոյ հոս կայ ձեզ պէս մէկը, որու աչքէն բան չի փախիր։

Տօ մէկ էդ հարցուր, է՜… ես էնոնց մէրը… որպէս թէ ես յիմար լինեմ… ես՝ Սերգէյ Կերասիմովիչս, տասնեւհինգ տարուան աւագ ժանտարմ…

Սերգէյ Կերասիմովիչի բնականէն կարմիր երեսը աքլորի կատարի նման արիւնկալած էր: Նոր բաժակ մը դատարկեց, բռունցքը ուժեղ թափով զարկաւ սեղանին եւ ծանրացած լեզուով շարունակեց կցկտուր անկապ խօսքերը, որոնց այնքա՜ն ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէր Արթիւշ պիծան:

Հը՞, ես յիմա՞ր, հա՞, ես յիմար… սպայ է գալու… քննութիւն… ես էնոր մէրը… Հոս բաներ մը կը դառնան եղեր… տօ, էդ ինչպէ՞ս թէ հոս բաներ մը կը դառնան… Ես մեռա՞ծ եմ, ի՞նչ է… Տօ, չլեցնե՞ս բաժակը, Չոփուր շան որդի, ես քու… անբաւակա՜ն են… նորածիլ պեխերով Երեւանի լակոտները… սպայ… քննութիւն… Ես ձեզ ցոյց կուտամ… ես Սերգէյ Կերասիմովիչս… Սատանան տանի, դժոխք է, օ՜ֆ… գլուխս… Տէ, Չոփուր, ես երթամ, պարտականութիւն… պարտականութիւն ամէն բանէ առաջ… Հիմա որտեղ որ են՝ կ’երեւան… Ես էնոնց մէրը… լեցուր, շան որդի արմեաշկա, էս քու էն էն… Հը՞, կարծես թէ ես չեմ գիտեր… կո՞յր եմ… քու ըրածներէդ լուր չունիմ… Վօտկան Սմիրնովի վօտկան է… ես հիմա…

Սերգէյ Կերասիմովիչը փորձեց ոտքի ելլել, բայց անկարող հաւասարակշռութիւնը պահելու՝ ծանրօրէն ինկաւ աթոռի վրայ եւ գլուխը յենեց սեղանին։

Երբ Արթիւշ պիծան բոլորովին հարբած ժանտարմը տուն տարաւ եւ զայն անկողնին վրայ նետելէ վերջ դուրս ելաւ, աճապարեց հասնիլ իր դիւքեանը, որուն դուռը կղպած էր երիտասարդներուն վրայ։ Պիծան գրեթէ կը վազէր, միաժամանակ մտածելով Սերգէյ Կերասիմովիչի բերնէն փախած խօսքերու մասին։ «Քննութիւն… սպայ… բաներ մը կը դառնային Շայթախտի մէջ… հիմա որտեղ որ են կ’երեւան»։ Սերգէյի խօսքերը կը վերյիշէր Արթիւշը, ու կը վազէր, մօտալուտ անձրեւէ մը փախչող մարդու նման։ Ո՞վ պիտի գար, ինչո՞ւ պիտի գար՝ այս հարցը ծանր բեռան մը նման կը ճնշէր Արթիւշի սիրտը։ Ա՜խ, եթէ միայն այդ գիշերը անցնէր առանց փորձանքի։

Հեւ ի հեւ հասաւ: Դիւքեանի առջեւ կկզած նստած էին Քերպելան ու երկու ընկերները։ Շատ ժամանակ չկար կորսնցնելու։ Փոխանակ երկուքի, երեք փախստականներ պէտք է անցնէին միւս ափը։ Ի հարկէ, դժուար էր։ Բայց ճար չկար, այդ գիշեր փախստականներն ու դիւքեանի երեք պարկ ապրանքները ամէն գնով պէտք էր փոխադրել միւս ափը:

Քերպելան մտածկոտ կերպով գլուխը քերեց: Այդ կը նշանակէր, որ երկու, թերեւս երեք անգամ Արաքսը պիտի անցնէին։ Բայց քանի որ Արթիւշ աղան կը խնդրէր, Աստուած ողորմած է։

Շատ լաւ, մեր ձեռքէն եկածը կ’ընենք։ Տեսնե՜նք… Տէ՛, ժամանակ չկորսնցնենք, ո՞ւր են մարդիկը… ապրանքը:

Հիմա՛, վայրկեանէ մը պատրաստ կը լինին, եւ Արթիւշը՝ դիւքեանը բանալով ճրագը ձեռքն անցաւ կացարանի մասը, ուր տղաքը խաւարի մէջ նստած՝ ցած ձայնով կը խօսակցէին։

Պատի եզերքին շարուած կապոցները հապճեպով դասաւորեց պարկերու մէջ, մէկ մէկ պարկ տուաւ զինուորներուն շալակը, մէկ ալ ինքը վերցուց.

Տէ, տղաք, հետեւեցէք, ճամբան ոչ մէկ ձայն, Վարդան, պալա ջան, դու քովէս քալէ…

Քեբպելան ու Ալի Էքպէրը առաջ կ’անցնին, մէկը կը մնայ Արթիւշի եւ տղոց հետ։ Ճամբայէն բաւական մը հեռուէն կը սկսին քալել, ուղիղ դէպի արեւմուտք։ Քանի դիւքեանէն կը հեռանան, այնքան Արթիւշ պիծան աւելի ազատ շունչ կ’առնէ։ «Մոծակը հիմա շնթռկած է անբան անասունի նման, մինչեւ առտու տեղէն չէ կրնար շարժիլ», ուրախացած կը մտածէ պիծան՝ քայլերը արագացնելով։

Գիւղէն երկու վերստի չափ հեռացեր էին։ Քերպելան ճամբու եզերքը նստած՝ կը սպասէր։ Հոդ ճամբայէն շեղեցին՝ ուղիղ դէպի գետը դառնալով։ Երկու բլուրներու արանքով կ’իջնային Արաքսի հովիտը, որ Ռուսաստանն ու Պարսկաստանը զատող բնական սահմանն էր։

Արաքս գետը իր բնական յարմարութիւններով մեծապէս կ’օժանդակէ մաքսանենգութեան զարգացմանը։ Որոշ տեղեր, ուր Արաքսի ընթացքը նկատելի ծանրութիւն մը կը ստանայ, երկու կողմերէն կ’եզերուի շամբուտներով, կը սողայ քմահաճ ոլորքներով ու կը ծածկուի բազմաթիւ կղզեակներով։ Միայն ռուսական ափէն զինուորական հսկողութեան տակ առնուած, պարսկական ափը մաքսանենգութեամբ զբաղուողներուն համար ազատ խարիսխի դեր կը կատարէ։

Մեր բարեկամները դեռ գետեզերքը չհասած՝ մօտ հարիւր քայլի վրայ կանգ առին։ Հարկաւոր էր մեծ ուշադրութեամբ մօտենալ՝ պահակներէն չտեսնուելու համար։ Շրջանակ մը կազմեցին եւ ուշադրութեամբ մտիկ ըրին Քերպելան, որ կը բացատրէր, թէ ի՞նչ ձեւով ամէն մէկը պէտք է շարժէր։ Արթիւշը, որ աւելի մտահոգուած էր փախստականներու վիճակով քան երեք, պարկ ապրանքով, առաջարկեց մտածել նախ փախստականներու մասին։ Այդպէս ալ որոշուեցաւ։

Որքան կարելի էր մօտեցան գետին, որ խիտ ու բարձր եղէգներով եզերուած՝ անտեսանելի կը մնար։ Քառասուն քայլ հեռաւորութեան վրայ պառկեցան ու քիչ մ’ալ փորսող տուին: Երբ առջեւէն գնացող Քերպելան կեցաւ, մնացածներն ալ եղած տեղերնին անշարժ, պառկած դիրքով մնացին։ Այդ տեղէն մինչեւ գետի եզրը բարձրացող շամբուտը հազիւ քառասուն քայլ լինէր։ Արագ շարժող մարդ մը հինգ-վեց վայրկեան վազելով կրնար կտրել այդ տարածութիւնը։

Զինուորական կայանները՝ գետի երկայնքով շարուած, իրարմէ երեք հարիւր քայլ հեռաւորութիւն ունէին։ Պահակ զինուորները, պարբերական ընդմիջումներով, կը մեկնէին այդ կայաններէն, համաչափ քայլերով կ’անցնէին տարածութիւնը, կը հանդիպէին իրարու եւ նորէն ծանր չափուած քայլերով կը վերադառնային իրենց տեղերը։ Մաքսանենգներու համար, գործելու պատեհութիւնը պահակ զինուորներու իրարու հանդիպումէն վերջը կուգար, երբ իրարու կռնակ դարձուցած, ամէն մէկը կը մեկնէր դէպի իր կայանը։

Այս հետեւակ պահակներէն զատ, որոշ ընդմիջումներով, ձիաւոր ղազախներու չորս հինգ հոգինոց խումբեր կ’անցնէին գետի եզերքով։

Մեր բարեկամներու խումբը գետին տափած, անշարժ մնաց։ Հազիւ թէ հինգ րոպէ մը անցած լինէր, երբ հեռուէն երեւցան անորոշ ստուերներ, որոնք քանի կը մօտենային՝ աւելի որոշ ձեւ մը կը ստանային։ Ձիաւոր ղազախներու խումբ մ’էր։ Եկան ու անցան ճամբայով, որ Արաքսի եզերքը քերելով կ’երկարէր։ Ձիաւորներու աղմուկը մեռաւ, ստուերները հալեցան խաւարի մէջ, տիրեց հանդարտ, խոր լռութիւն մը։ Երբեմն գորտի մը սուր կռկռոցը կը լսուէր լռութեան մէջ, ու յանկարծ հազարաւոր գորտեր զարմանալի միաձայնութեամբ մը կը պատասխանէին անոր։ Մէկ ալ ձայները յանկարծ կը դադրէին ու նորէն խաղաղ մեռելութիւն մը կը տիրէր, ու լռութիւնը այնքան կատարեալ էր, որ մարդ ընկերոջ սրտի զարկերը կրնար լսել:

Քերպելան եւ ընկերները իրենց խուզարկու աչքերով կը պրպտէին խաւարը՝ հանգիստ, սովորական գործ մը կատարողի անտարբերութեամբ, մինչ փախստականները, անոնց քով կծկտած ու շունչերնին պահած, ջղայնօրէն կը դողային։ Սպասողական լարուած վիճակը, վտանգի անորոշութիւնը զարմանալի կերպով ազդած էր անոնց վրայ:

Սակայն, անոնցմէ աւելի սրտմաշուք վիճակ մ’ունէր Արթիւշը, որ թէեւ բազմաթիւ անգամներ մասնակցած էր փոխադրութեան, բայց ինքն ալ չէր գիտեր թէ ինչո՞ւ այժմ ամէն վայրկեան անակնկալ փորձանքի մը կը սպասէր, որ կարծես խաւարին մէջէն պիտի գար։

«Նահլէթ չար սատանային», կ’ըսէր ինքնիրեն Արթիւշը՝ Վարդանի ձեռքը սեղմելով, «եարա՛պ, մէկ էս տղերքը սաղ սալամաթ միւս ափը անցնէին… պարզ երես ելլէի Վահէի առջեւ… Եա՜, Խոր Վիրապի Սուրբ Լուսաւորի՛չ, բոպիկ ոտքով ուխտի պիտի գամ վանքդ, երկու հատ քսան կոպէկնոց մոմ պիտի վառեմ պատկերիդ առաջ, արծաթէ խաչ մը պիտի տնկեմ սուրբ խորանիդ վրայ… դու չարը խափանէ… դու հայ քրիստոնեային քէօմէկ կանգնէ նեղ սահաթին»…

Քրտինքը մարգրիտի հատիկներու նման շարուած էր Արթիւշի ճակատին վրայ։ Մղձաւանջային րոպէները զարմանալի դանդաղութեամբ կ’անցնէին։ Հոգեկան խռովքը կ’աւելնար, ու մտքէն կը բազմապատկէր վառելիք մոմերու թիւը, այլեւս չմտածելով արծաթ խաչի մասին, որ շօշափելի գումար մը բռնելուն՝ կամովին մոռցած էր։

Վարդանը համեմատաբար ընկերներէն աւելի անխռով հոգեկան վիճակի մէջ էր։ Գործի նորութիւնը ու խորհրդաւորութիւնը գրաւչութիւն մ’ունէին, որ կը համապատասխանէր իր յանդուգն բնաւորութեան, վառ երեւակայութեան։ Անհամբեր կը սպասէր գործի յաջորդ դէպքերու զարգացմանը։ Անչա՜փ ուրախ էր, որ ինք կը գտնուէր արդէն յեղափոխականի մը վտանգաւոր ճամբուն վրայ։

Յանկարծ Վարդանին թուեցաւ, որ երկու անորոշ ստուերներ հակառակ կողմերէ մեկնած՝ իրարու կը մօտենային։ Չէր սխալած։ Ստուերները հետզհետէ մարդկային ձեւ առին, մօտեցան իրարու, թերեւս բաներ մը խօսեցան ու յետոյ ծանր քայլերով հեռացան իրարմէ եւ սկսան խաւարի մէջ կորսուիլ։ Անցաւ երկու երեք րոպէ։ Մէկ ալ Քերպելան եւ ընկերները ոտքի ցատկեցին, ամէն մէկը պարկ մը շալկած, եւ վազեցին դէպի գետեզերքը։ Հազիւ լսելի աղմուկ մը հանելով՝ անոնք մխրճուեցան եղէգներով ծածկուած տղմուտի մէջ։ Գորտերու համերգը յանկարծ կտրուեցաւ, ու այնպիսի ծանր լռութիւն մը տիրեց, որ Վարդանը շատ որոշ կը լսէր քովիններու ծանր շնչառութեան ձայնը։ Արթիւշն ու տղաքը անշարժ մնացին պառկած տեղերնին եւ սպասեցին յաջորդ անգամին, երբ միեւնոյն բանը պիտի փորձէին փախստական երկու զինուորները։

Անցաւ բաւական ժամանակ։ Վերջապէս ստուերները նորէն երեւցան, մօտեցան իրարու եւ բաժնուեցան։ Երկու րոպէ եւս անցաւ։ ժամանակն էր։ Արթիւշը սեղմեց երկու փախստականներու ձեռքերը ու փսփսաց.

Տէ՛, տղերք ջան, Աստուած հետերնիդ…

Զինուորները թռան աեղերէն, ու շատ արագ կտրեցին բաց տարածութիւնը ու անմիջապէս շամբուտի խորը մտնելով անյայտացան։

Կարգը եկաւ Վարդանին։ Պէտք էր սպասել, մինչեւ որ պահակները մէկ ալ երեւային ու բաժնուէին իրարմէ։ Հաւանական է, որ Արթիւշ պիծան ամրողջ կեանքին մէջ այնքան ծանր մղձաւանջային րոպէներ չէր ապրած։ Սրտի խփոցը կը լսէր այնքա՜ն բարձր, որ իրենց գիւղի եկեղեցիի զանգը յիշեց։

Պահակները իրարու մօտ եկան ու նորէն բաժնուեցան։ Անցաւ երեք րոպէ եւս։

Պալա ջան, եւ Արթիւշ պիծան կուրծրին սեղմեց Վարդանը, հիմա քու կարգն է, Աստուած պահէ քեզ… Վահէին բարեւէ… տէ՛…

Վարդանը կրկնել չտուաւ պիծայի հրամանը։ Լարուած զսպանակի մը նման ցատկեց ու վազեց դէպի գետը: Դժբախտաբար ճիշդ գետի ափին ոտքը քարի մը դպաւ, եւ ինք երեսն ի վար ինկաւ ճահիճի մէջ։ Ջրի շղփոցը, եղէգներու հանած խշշոցը մինչեւ հեռուները լսուեցան լռութեան մէջ։

էդ ո՞վ է, գոռաց ձայն մը։

էդ ո՞վ է, արձագանգեց երկրորդ ձայն մը, ու երկու զինուորները, որոնք շատ ալ չէին հեռացած, հապճեպով իրարու քով եկան, հրացանները պատրաստ բռնած։

Վարդանը մտքի արթնութիւն ունեցաւ, վար ընկած տեղը անշարժ մնալու։ Միայն գլուխը դուրս մնացած էր ջրալի տիղմէն։ Շուրջի եղէգներն ու խաւարը կ’օգնէին իրեն աննկատելի մնալու։ Որոշակի ան կը տեսնէր իրմէ հազիւ վեց եօթ քայլ հեռու կանգնած զինուորները, որոնք հրացանները կրակելու պատրաստ վիճակի մէջ՝ շշուկի մը կը սպասէին, այն ուղղութեամբ կրակելու համար։ Վարդանը շունչը բռնած՝ անշարժ մնաց քարացածի նման:

Զէմլեա՛կ (հայրենակից), լսեցի՞ր աղմուկը, հարցուց զինուորներէն մէկը։

Լսեցի։

Բան չ’երեւար, սակայն։

Ի՞նչ բան երեւայ. այնքա՜ն մութ է որ մատդ աչքս կրնաս կոխել։

Կրակե՞մ։

Բա՜ն չունիս, շամբուտ է՝ վայրի խոզ կայ, կրիայ, օձ, հազար ու մէկ սողուն, ո՞վ գիտէ ինչ զահրումար էր…

Ժամը քանի՞ն է։

Կարծեմ դեռ կէս ժամ ունինք…

Ուրեմն անցնինք:

Անցնինք:

Զինուորները իրարմէ բաժնուեցան ու համաչափ քայլերով հեռացան դէպի իրենց կայանները։

Թերեւս Վարդանէն աւելի Արթիւշ պիծան սրտաճաք եղաւ։ Երբ տղուն ընկնիլը տեսաւ, սիրտը կարծես դադրեցաւ գործելէ։ «Սուրբ Լուսաւորիչ, զօրութեանդ մեռնիմ, Լուսաւորիչ, տասը, քսան մոմ պիտի վառեմ», կը կրկնէր մտքին մէջ, եւ քրտինքը առատօրէն կը վազէր սարսափէն ճմռթկուած դէմքն ի վար։

Արթիւշը երկար եւ ազատ շունչ քաշեց միայն այն ժամանակ, երբ զինուորները հեռացան ու տեսաւ, որ Վարդանը ինկած տեղէն բարձրացաւ ու մխրճեցաւ շամբուտի մէջ։ Քիչ մնար որ Արթիւշը ուրախութենէն լար։ Աչքերը երախտագիտութեամբ վեր, դէպի երկինք վերցուց։ Արցունքը աչքերուն մէջ լճացեր էր։ «Զօրութեանդ մեռնիմ, Սուրբ Լուսաւորիչ, հինգ հատ մոմ պիտի վառեմ խորանիդ վրայ», մտովի ուխտեց Չոփուր Արթիւշը:

Բաւական ատեն հոն սպասելէ վերջ, զգուշութեամբ բարձրացաւ պառկած տեղէն, ու կկզած սկսաւ բլուրն ի վեր բարձրանալ։ Երբ գետեզերքէն հեռացաւ, նստաւ քարի մը վրայ, ամբողջովին ականջ կտրած։ Անցաւ կէս ժամ։ Ամէն ինչ լուռ ու խաղաղ էր: Գլխարկը վար առաւ եւ երեսը խաչակնքեց:

Փառք քեզ, Տէր, փառք քեզ…

Ալ հիմա սիրտը բոլորովին հանգստացած՝ կրնար վերադառնալ։ Փախստականները անգամ մը այդ ծով շամբուտին մէջ մտած, եթէ նոյնիսկ ամբողջ զօրագունդ մը անոնք փնտռելու ելլէր, չէր կրնար գտնալ։

Արթիւշ՝ ձեռքերը մէջքին կապած՝ սկսաւ քալել: Երբ խճուղին հասաւ, ծռեցաւ եւ քայլերը ուղղեց դէպի գիւղ։ Որքա՜ն գոհ եւ երջանիկ կը զգար այդ պահուն։ Զարմանալի կերպով երկնքի աստղերն ալ փայլուն կ’երեւէին այդ գիշեր. կարծես սրտին մէջ կը ծաթէին։ Վաղուց մոռացած երգ մը յիշեց յանկարծ ու բարձրաձայն սկսաւ երգել.


Արազը հեշտացել ա
Կիւզալ եաըրմ, հօ՜յ հօ՛յ…

Թէեւ գիտէր, թէ իր ձայնը «մարդու առջեւ ելլելիք բան չէ», բայց այդ խաղաղութեան մէջ, իր երգը զարմանալի քաղցրութեամբ կը հնչէր ականջին.

 

Ճամբէքը կոշտացել ա,
Կիւզալ եարըմ, հօ՜յ հօ՜յ,
Կիւզալ պաշընա կուրպան
Քիրմէն շալըմ, հօ՜յ հօ՜յ…

 

Գիւղը հասաւ։ Քիչ հեռուն խաւարի մէջ կիսովին կորած դիւքեանը կ’երեւէր։ Բայց հազիւ քանի մը քայլ ըրած էր դէպի դիւքեանը, երբ խրոխտ ձայն մը լսեց ետեւէն.

Ստո՛յ (կանգնէ)։

Արթիւշի երգը շրթունքէն կախուած մնաց։ Եղած տեղը կանգնեցաւ։

Ո՞վ ես, ո՞ւր կ’երթաս:

Դավալուցի Արթիւշը, Չոփուր Արթի՛ւշը, դիւքեանս կ’երթամ, այ հըրէն…

Տան մը անկիւնէն դուրս ելան երկու յաղթանդամ մարդիկ, որոնք խաւարի մէջ շատ աւելի բարձրահասակ կ’երեւնային, ու մօտեցան Արթիւշին։ Խթաններու զնկզնկոցը կասկած չէր ձգեր անոնց ինքնութեան մասին։ Անշուշտ նոր եկած ժանտարմներ էին։

Քալէ՛, երթանք խանութդ, ժանտարմները՝ երկու կողմերէն Արթիւշի թեւերը պինդ մը բռնեցին:

Երթա՛նք, երթանք ախպերս, պատասխանեց Արթիւշը՝ ուրախ, բարեկամական շեշտ մը դնելով ձայնին մէջ, Մոսկովսկի իսկական կալպաս մը ունիմ, է՜հ, շիշ մ’ալ Սմիրնովի օղի հալպաթ կը ճարուի… էս գիշեր ղօնախս էք…

Ձայնը՛դ, շունշանորդի՛, մեզի ձե՞ռք կ’առնես, ժանտարմերէն մէկը բռունցքի ուժեղ հարուած մը իջեցուց Արթիւշի վզակոթին, ղօնա՜խ, ինչպէ՜ս չէ… ես քեզի ղօնախը կը ցուցնեմ, աղած արմեաշկա…

Արթիւշը առաջին րոպէին ճիշդ որ յանկարծակիի եկած՝ քիչ շփոթած էր, շուտով ինքզինքը գտաւ։ Վախնալու բան մը չունէր։ Խանութը մաքրած էր, փախստականները պարսկական ափն էին հասած, այլեւս մտահոգուելու ի՞նչ պատճառ։ Յաղթական զօրապետի մը նման կոկոզավիզ կը քալէր, երկու ժանտարմներու մէջտեղէն, անզսպելի ծիծաղով մը բռնուած։ Պատրաստ էր մէկ երկու մոմ ալ խոստանալ Լուսաւորչի պատկերին, եթէ միայն կարենար Ժանտարմներու երեսն ի վեր պոռալ. «Ուշացեր էք, աւանակներ», ու քահ քահ ծիծաղելով նայիլ անոնց թթուած դէմքերուն։

Երբ հասան խանութի առջեւ, դրան մութ ստուերի մէջէն երեք հոգի դուրս եկան ու մէկը, որ ինչպէս կ’երեւէր, գլխաւորն էր, հրամայեց.

Բացէք դուռը։

Արթիւշ կղպանքը դարձուց, ներս մտաւ ու ճրագը վառեց։ Երեւանէն եկած ժանտարմական սպան էր, ենթասպայի մը եւ երկու ժանտարմներ, որոնք ճամբան զինք ձերբակալած էին։ Իսկ հինգերորդը՞… քիչ մնաց Արթիւշ բարձրաձայն փրթկացնէր։ Սերգէյ Կերասիմովիչն ալ շնորհք բերած էր այդքան ուշ գիշերով իրեն այցելելու, աքաղաղի կատարի նման կաս կարմիր դէմքով, ապակիի գունտերու նման դուրս ինկած աչքերով: Խե՜ղճ մարդը, յանցանքի մէջ բռնուած երեխայի նման, գլուխը կախած եւ դրան մօտ կանգնած էր։

Արթիւշ, կարծես թէ շա՜տ կարեկից անոր պատահած դժբախտութեան, մէկ աչքը խփեց բարեկամական ձեւով մը, որպէս թէ ըսել ուզէր. «Զարմանալի բան, թանկագին Սերգէյ Կերասիմովիչ, էս ի՞նչ է պատահած…» Բայց թանկագին Սերգէյ Կերասիմովիչը Արթիւշի բարեկամական հայեացքը անտեսելով, բարկութեամբ երեսը անդին դարձուց:

Խուզարկե՛լ, հրամայեց սպան։

Ենթասպան ու ժանտարմ մը նախ Արթիւշի վրան գլուխը պրպտեցին, յետոյ դիւքեանի դարակները, սեղանի գզրոցը ու կասկածելի բան մը չգտնելով՝ անցան կացարանի մասը։

Սպան նստաւ սեղանի առջեւ, դատարկ սնտուկին վրայ, ուր քանի մը ժամ առաջ այնքա՜ն գոհունակութեամբ բազմեր էր Սերգէյ Կերասիմովիչը։ Կալպասի մնացորդն ու օղիի դատարկ շիշերը սեղանի վրայ կը մնային։ Սպան մէկ Արթիւշին նայեցաւ, որ կ’աշխատէր դէմքին միամիտ արտայայտութիւն տալ, մէկ ալ Սերգէյին, որուն դէմքը այդ պահուն արտի մէջ ինկած, աշնան կարմիր դդումի մը կը նմանէր։

Սերգէ՛յ…

Կարծես թէ շիկացած շամփուր դպցուցին Սերգէյի յետակողմին։ Ամբողջ մարմնով ցնցուեցաւ, անարտայայտիչ աչքերը չորս դին դարձուց, բուռն ճիգ մը թափեց հասկնալու թէ շուրջը ի՞նչ կ’անցնի կը դառնայ, թէ այս բոլորը ինչո՞ւ համար տեղի կ’ունենար։ Յետոյ ինքզինք hաւաքեց, մեքենական շարժումով երկու քայլ առաջ եկաւ ու ձեռքը քունքին տանելով՝ բարեւեց մեծաւորը ու այդպէս արձանացաւ անոր առջեւ.

Կը լսեմ, Ձերդ ազնուութիւն:

Այս առտու, հեռագրով որոշ հրահանգ մը ստացար Երեւանէն, չէ՞:

Ճիշդ այդպէս, Ձերդ ազնուութիւն։

Անմիջապէս խուզարկել եւ ձերբակալել…

Ճիշդ այդպէս, Ձերդ ազնուութիւն։

Ինչո՞ւ անմիջապէս հրամանը չկատարեցիր:

Խեղճ մարդուն աչքերը կարծես աւելի դուրս ինկան։ Լքուած երեխայի մը նման, բութ հայեացքով չորս դին նայեցաւ՝ կարծես տեղէ մը օգնութիւն սպասելով ու յանկարծ օձէ մը խայթուածի նման կեցած տեղը ցնցուեցաւ, երբ Արթիւշի դէմքին վրայ նուրբ, հեգնական ժպիտ մը նկատեց։

Ինչո՞ւ հրամանը չկատարեցիր, ու սպան բարկացած՝ բռունցքը սեղանին զարկաւ:

Ձերդ ազնուութիւն, կը սպասէի կէս գիշերին, որ յանկարծակիի բերեմ…

Հա՛, հա՛, հա՛, խոզի՛ գլուխ, ու սպան արհամարհանքով սեղանի վրայ դատարկ շիշերուն նայեցաւ. Այս երեկոյ այստե՞ղ էիր, Սերգէ՛յ։

Ճիշդ այդպէս, Ձերդ ազնուութիւն։

Ասո՞ր հրաւէրով, ու սպան մատով ցուցուց Արթիւշը, որ անմեղ գառնուկի մը նման իրեն կը նայէր, որպէս թէ այդ հարցուփորձէն բան մը չհասկնալով։

Ճիշդ այդպէս, Ձերդ ազնուութիւն։

Ու քէֆ մը ըրիք, հէ՞:

Սերգէյ Կերասիմովիչը գլուխը կախեց եւ հազիւ լսելի ձայնով մը պատասխանեց.

Ճիշդ այդպէս, Ձերդ ազնուութիւն։

Բայց դու իսկական աւանակ մ’ես, Սերգէ՛յ։

Ճիշդ այդպէս, Ձերդ ազնուութիւն։

Սպան բարկացած՝ ոտքի ցատկեց եւ ձեռքի արհամարհոտ շարժումով մը հեռացուց Սերգէյը։

Մինչ Սերգէյի հարցաքննութիւնը տեղի կ’ունենար, ենթասպան ու ժանտարմը Արթիւշի կացարանը տակնուվրայ ըրին, բայց կասկածելի բան մը չգտան:

Ոչինչ գտանք, գլխաւորին մօտենալով յայտնեց ենթասպան, ի՞նչ կը հրամայէք։

Միեւնոյնն է։ Անմիջապէս ձերբակալել։ Կը պահէք, մինչեւ որ ես վերադառնամ Նախիջեւանէն։ Իսկ էս… էս աւանակը, մատնացոյց ընելով Սերգէյը, էս աւանակը կը փոխադրէք Երեւան ու տեղը Նիկոլայը կ’ուղարկէք։

Բայց ես ի՞նչ մեղք ունիմ, ուզեց ինքզինք արդարացնել Արթիւշը:

Ձէ՛նդ, շան զաւակ, ես քեզի կը ցուցնեմ…

------------

Երբ ոտքը քարի մը զարնուելով՝ երեսն ի վար ճախճախուտի մէջ ինկաւ, Վարդանը առանց շարժելու, ինկած վիճակին մէջ սպասեց, մինչեւ որ պահակ զինուորները, քանի մը քայլ հեռու մէկ երկու րոպէ իրարու հետ խօսելէ վերջ, թողին հեռացան դէպի իրենց կայանները։ Երբ բոլորովին միամտուեցաւ, որ զինուորները հեռացած են, Վարդանը կամաց մը տեղէն բարձրացաւ ու մտաւ շամբուտի մէջ, որու բարձր եղէգներու մէջ անմիջապէս անյայտացաւ։

Հազիւ քանի մը քայլ առաջացած էր, երբ յանկարծ զգաց, որ Քերպելան ձեռքէն բռնեց։ Մինչեւ ծնկուըները խրուեր էր մածուցիկ տիղմի մէջ։ Քիչ մը եւս առաջանալով՝ հանդիպեցան միւսներուն։ Մէկտեղուած՝ շատ դժուարութեամբ առաջ կ’երթային, զգուշանալով աղմուկ հանելէ: Պարսիկներէն ամէն մէկը փախստականի մը ձեռքէն բռնած կը յառաջանար: Գիշերով այդ եղէգնուտի մէջ կորսուիլը շատ հեշտ էր, իսկ գտնալը՝ անկարելի։

Երբ բաւական մը առաջացած էին, եղէգները սկսան նօսրանալ, մինչեւ որ բոլորովին հատան եւ լայնօրէն փռուած Արաքս գետը պարզուեցաւ իրենց առջեւ: Ընդարձակ շամբուտը զիրենք կը բաժնէր ռուսական ափէն։ Վարդանը խոր շունչ մը քաշեց, երբ գգաց, որ ոտքը գետի աւազուտ հունին դիպաւ: Վերջապէ՜ս, մտածեց, դժուարին մասը անցանք, մնացածը հեշտ է։

Պատի նման բարձրացած եղէգնուտի առջեւ կանգնեցան բոլորը: Ջուրը մինչեւ մէջքերնին կը բարձրանար։ Նոր միայն զգացին ջրի նկատելի հոսանք մը։

Ալի Էքպերը բերանը կոխեց երկու ցուցամատերը եւ երեք անգամ գորտի նման կրկռոց մը հանեց, այնքա՜ն բնական, որ հեռուէն լսող մը չէր կրնար կասկածիլ: Քիչ անցած՝ հեռուէն լսուեցաւ ջրային աքլորի մը սուր կանչը։ Մաքսանենգերը իրար գտած էին։ Մէկ ալ հեռուէն, մութ զանգուած մը, կարծես դիմացի ափէն փրթելով, սկսաւ արագօրէն մօտենալ։ Խաւարի մէջ հազիւ նկատելի այդ զանգուածը մօտենալով սկսաւ որոշ ձեւ ստանալ։ Լաստն էր։ Առաջակողմը պարսիկ մը պպզած՝ շատ լայն ու կարճ թիով մը կը ղեկավարէր, ուղիղ տղաքներու եղած տեղը քշելով լաստը։

Լաստը հազիւ եօթը ոտք երկարութեամբ եւ չորս ոտք լայնութեամբ փայտէ շրջանակ մ’էր, օդով լեցուն ութ հատ ոչխարի տիկերու վրայ ամրացուած։ Երկու հազար տարի առաջ ալ, մեր նախահայրերը նոյն ձեւի լաստերով, անշուշտ շատ աւելի մեծ տեսակի, կ’իջնային մինչեւ Ասորեստանի մայրաքաղաքը՝ Նինուէ, ապրանքներու փոխանակութեան համար:

Քերպելան օգնեց Վարդանին, որ բարձրանայ լաստի վրայ։ Միւսները լաստը կը պահէին։ Պարկ մ’ալ ապրանք բեռցուցին: Ու բոլորը մէկանց ուժով մը հրեցին լաստը դէպի ետ: Լաստավարը ձեռքի լայնաբերան թիակով սկսաւ հոսանքն ի վեր թիավարել, հակառակ որ լաստը հոսանքն ի վար կ’երթար, շեղակի գծով մը։ Այդ ձեւով միայն կարելի էր լաստը օգտագործել, որ ոչ միայն հոսանքն ի վեր չէր կրնար բարձրանալ, այլ եւ գետի լայնքը ուղիղ գծով չէր կրնար կտրել։

Վարդանը մէկ ձեռքով բռնած էր շրջանակը, միւսով՝ ապրանքի պարկը։ Քանի կը յառաջանային, այնքան կ’ուժեղնար գետի հոսանքը, ու լաստը կը տարուբերէր վտանգաւոր ձեւով մը։ Խաւարի մէջ ամէն ինչ իրարու խառնուած կ’երեւէր։ Վարդանը կը կարծէր, թէ դիմացը երեւցող ցամաքը պարսկական ափն էր։

Արաքս քմահաճ գետ մ’է: Երբեմն նեղ հունի մը վրայ՝ խելագար թափով կը վազէ, երբեմն ալ տասնապատիկ ընդարձակուելով՝ հանդարտ կը հոսի ու ծնունդ կուտայ բազմաթիւ կղզեակներու, որոնք այս տարի կան, յաջորդ տարին կրնան բոլորովին չքանալ՝ նոր կղզեակներ առաջացնելով ուրիշ տեղ մը։

Շայթախտի առջեւ զարմանալի տարածուն կերպով մը կը հոսի Արաքսը՝ գոյացնելով բազմաթիւ կղզիներ, որոնք ջրի ելեւէջին հետ իրենք ալ կը մեծնան ու կը փոքրանան եւ երբեմն ամբողջովին կը ծածկուին ջրի տակ: Այդ կղզիները, ինչպէս Արարատեան Դաշտի աղային, անպէտ հողերը ծածկուած են ելկընի մացառներով, զարմանալիօրէն շուտ աճող ու տարածուող բոյս մը։

Վարդանին կը թուէր, թէ լաստը կը մօտենար պարսկական ափին։ Բայց իրականին մէջ՝ Արաքսի կղզիներէն մէկուն է որ կը մօտենային։ Երբ գետի ուժեղ հոսանքն անցան ու բուսականութեամբ ծածկուած գետնի մը մօտեցան, Վարդանը վստահ էր, թէ արդէն պարսկական ափը հասած են։ Եւ մեծ եղաւ զարմանքը, երբ լաստավարը փոխանակ մօտենալու՝ դէպի վար սկսաւ քշել լաստը։ Վարպետ լաստավարը կը փորձէր երկու կղզիներու մէջէն անցնիլ եւ Արաքսի միւս թեւին մէջ իյնալ։ Մէկ ալ լաստին յատակը այնպէս ուժգին բախեցաւ աւազուտ գետնին, որ Վարդանը անկարող հաւասարակշռութիւնը պահելու, գլուխն ի վայր ինկաւ ջուրին մէջ՝ պարկով ապրանք ալ հետը տանելով։

Գետը այնտեղ ծանծաղ էր, ջուրը հազիւ մինչեւ Վարդանի ծնկուըները կը բարձրանար։ Ատով մէկտեղ, Վարդանը անակնկալ ցնցումի հետեւանքով ամբողջ հասակովը երկնցաւ ջրին մէջ: Անմիջապէս ոտքի ցատկեց, թրջուած պարկը գրկեց ու ցամաք ելաւ, որ հազիւ չորս հինգ քայլ հեռաւորութեան վրայ լինէր։

Լաստավարը փոքրահասակ, բայց ջղուտ պարսիկ մը, Վարդանի օգնութեամբ ցամաք քաշեց եւ երեսն ի վար դարձուց լաստը։ Անակնկալ բախումէն տիկերը կրնային վնասուած լինել։ Դժբախտաբար, անոր ենթադրութիւնը ուղիղ դուրս եկաւ։ Տիկերէն երեք հատը հետզհետէ սկսան թուլնալ։ Այդ կը նշանակէր, թէ անոնք ծակուած էին, թէկուզ շատ փոքր ծակով մը։ Անհրաժեշտ էր որ նոր տիկերով փոխուէին հները:

Ժամէն աւելի տեւեց այդ աշխատանքը։ Շատ ուշացեր էին։ Վարդանը հազիւ թէ թուրքերէն կը հասկնար, իսկ լաստավարի գիտցած ռուսերէնը տասը բառէ անդին չէր անցներ։ Աւելի ձեռքերով քան խօսելով լաստավարը հասկցուց Վարդանին, որ ապրանքի հետ պէտք էր մնար կղզիի վրայ, մինչեւ որ ինք միւսներն ալ փոխադրէր։

Այդ կղզին, որու վրայ ելած էր Վարդանը, հազիւ քսանեւհինգ ոտք լայնքով եւ հարիւր ոտքէն աւելի երկայնքով աւազակոյտ մ’էր, նեղ ու երկայն իլիկի մը նման, եւ ամբողջովին ծածկուած ելկընի մացառներով։

Երկուքը միասին քաշեցին լաստը մինչեւ կղզիի վերի ծայրը, ու այն տեղէն լաստավարը շեղակի կտրելով գետը՝ նորէն դիմեց դէպի ռուսական ափը։

Վարդանին բան մը չէր մնար ընելիք, բայց եթէ համբերութեամբ սպասել ընկերներու գալուն: Վերադարձաւ, կղզիի վարի ծայրը ու. հարթ աւազին վրայ երկնցաւ։ Եթէ միայն կարողանար քնե՜լ։ Բայց զգեստները խխում ջուր էին, առաւօտեան զով քամին ալ սկսաւ փչել՝ աւելի եւս նեղելով զինք:

Երեք անգամ երթալ գալով՝ լաստավարը կրցաւ մնացած ապրանքն ու մարդիկը փոխադրել կղզին։ Քերպելան եւ ընկերները կարճ խորհրդակցութիւն մը ունեցան։

Դուք պէտք է այս կղզիի վրան մնաք ցերեկը, փախստականներուն բացատրեց Քերպելան, այլեւս աննկատելի կերպով չենք կրնար դիմաց դուրս գալ։ Մենք տեղացիներ ենք, մեզ համար ոչինչ, բայց դուք որ ձեռք անցնիք, մեր խանը ձեր կաշին կը քերթէ: Անաստուած մարդ մ’է, մաքուր մը պլոկելով ճամբու կը դնէ ձեզ։ Ցերեկը հոս կ’անցընէք, գիշերով կուգանք ձեզ տանելու։ Հոս բոլորովին ապահով էք. ոչ պարսկական հող է, ոչ ռուսական։ Ըսենք՝ արդէն մարդ ալ չի կրնար գալ մինչեւ հոս։ Լոյսը բացուելէն վերջ կրակ վառեցէք, եթէ կ’ուզէք։ Բայց կղզիի վրայ շատ ման մի գաք:

Այնքան լոյս էր, որ Վարդանը որոշ կերպով տեսաւ, թէ ինչպէս պարսիկները լաստը նստան, հասան պարսկական ափը, լաստը պահեցին շամբուտի մէջ ու իրենք ամէն մէկը տարբեր ուղղութիւնով ցամաք ելան։

Սկսեր էր կարգին լուսնալ։ Երեք երիտասարդները իրարու նայեցան։ Առաջին անգամն էր որ Վարդանն ու երկու զինուորները լոյս ցերեկով իրար կը տեսնային։ Զինուորներէն մէկը Ախալքալաքցի էր, անունը Նիկոլ. բարձրահասակ ու բարեձեւ մարմնով երիտասարդ մը, ծաղկախտէ թեթեւ մը վնասուած երեսով: Լռակեաց մարդ կ’երեւէր, ուժեղ կամքով եւ երկաթէ առողջութեամբ։ Երկրորդը՝ միջահասակ, լեցուն մարմնով, կենդանի երիտասարդ մ’էր, աչքի պոչին քով միշտ պատրաստի ծիծաղ մը պահուած։ Բնաւորութեամբ ուրախ եւ քիչ մըն ալ աղմկարար՝ Յակոբը գրաստի մը չափ տոկուն էր ու պատրաստ ամէն տեսակ զրկանք տանելու, միայն թէ չարգիլէին խօսիլ ու խնդալ։ Այդ ամբողջ օրն ու գիշերը հազիւ, երկու, բառ փոխանակած լինէր։ Եւ այդ՝ այնպիսի պատիժ մ’էր, որուն հազիւ, կրնար դիմանալ Յակոբը, նոյնիսկ Հայաստանի սիրուն։ Հազիւ թէ լաստը հեռացած՝ Յակոբը ոտքի ցատկեց ծիծաղելով ու ըսաւ.

Էհէ՜յ, ոչ Պարսկաստան, ոչ Ռուսաստան, ուրեմն Հայաստանի անկախ հողը: Հիմա թաշկինակ պիտի պարզեմ, դուք ալ բարեւի պիտի կանգնիք դրօշակի առջեւ… Տօ, մեռայ է՜. սաղ օրը խօսք մը չելաւ բերնէս… Եթէ էս է յեղափոխութիւնը, ինչ մեղքս պահեմ… ես ոչ կարեմ… ինձմէ ձեռք քաշեցէք։ Հալա հալա, յօնքերդ ինչի՞ կիտեցիր, ախպերացու Նիկոլ… Տօ՛, չեն ալ ձգեր որ մարդ քէֆովը երկու խօսք խօսի… լեզուս բերանիս մէջ թանձրացած՝ լափայ դարձեր է, տնաշէնի տղայ։

Ի հարկէ, խօսէ, քեզ ո՞վ բան ըսաւ, ներողամտաբար ժպտելով պատասխանեց Նիկոլը, որ սրտանց կը սիրէր ընկերը ու լաւ ծանօթ էր անոր կատակասէր բնաւորութեանը:

Հա էդե՞նց, մատը թափահարեց Յակոբը, խելքով խօսէ, թէ չէ էս է ինքզինքս Արաքսը կը նետեմ, խղճիդ վրայ բեռ կ’ըլնեմ մինչեւ Դատաստանի օրը, յանկարծ դառնալով դէպի Վարդանը, որ քիչ մը հեռու նստած՝ կը դիտէր բախտակից ընկերները, խօսքը անոր ուղղեց, բարեւ ընկե՛ր, ներողութիւն կ’ընես, էն Չոփուրի զնտանին մէջ ոչ իրար տեսանք, ոչ ալ բառ մը խօսեցանք։ Ախպօրս ըսեմ՝ էս մեր՝ նորին գերազանցութիւն գեներալ Նիկոլն է, դու հասկցիր՝ պրաստոյ (հասարակ զինուոր): Ես էլ՝ տէ ո՞նց ըսեմ՝ Քանաքեռէն եմ, մօրս մէրը Աբովեանի մօրը հետ մէկ աղբիւրէ ջուր խմած է… Եանի Նիկոլ, ինչո՞ւ կը ծիծղաս։ Թէ Հայաստանը պարծանք մը ունի՝ էն էլ մեր գիւղացի Աբովենց Խաչատուրն է։ Էդպէ՞ս է թէ ոչ…

Ի հարկէ, ընկերոջ հետ համաձայնեցաւ Նիկոլը, Աբովեանը ողջ հայութեան պարծանքն Է։

Տօ էդ ո՞նց թէ ողջ հայութեան, գլուխը քերելով հարցուց Յակոբը, բաս ո՞ր տեղացի է.

Քանաքեռցի։

Ըհը՛, տեսա՞ր, ես էլ Քանաքեռցի եմ, հեռուէն հեռու խնամի Աբովենց, կուրծքը դուրս ցցած՝ փքուեցաւ Յակոբը, մինչ Վարդանն ու Նիկոլը բարձրաձայն սկսան ծիծաղիլ։

Դու էլ Աղասիի նման նշանաւոր կռուող պիտի դառնաս, Յակոբ ջան, ըսաւ Նիկոլը, քիւրտ կճաները քու քաջութիւնը պիտի երգեն, Քանաքեռի աղջիկներն ալ քու երգդ երգելով պիտի պարեն…

Ո՜նց չէ՛, ու Յակոբը դէմքը ծռմռելով երկու ձեռքով փորը բռնեց, մէրդ չմեռնի, Նիկո՛լ, որ իմանաս թէ դատարկ փորս ի՞նչ հալի է… անիրաւը օխտը տեղէ ձէն կուտայ… էն Չոփուրն էլ, Աստուած էնոր տունը չքանդի, թէքիա մը բան չտուաւ ուտելու… Է՛յ կիտի աշխարհ, է՜յ. որ հիմա մեր տունը լինէի, թոնրատան կշտին կողքի իյնայի, ջան ասէի, ջան լսէի, մէրս էլ խորիսխով գաթա պատրաստէր, մածնի սերը քաշէի… վրան էլ ձագու մեղր… Տօ՛ մէկ հարցնող լինի, մարդ ալ անօթի փորով կ’երթա՞յ Հայաստան ազատելու։

Վարդանն ու Նիկոլը քրքրալով կը ծիծաղէին։ Յակոբի ձայնին, ձեւերուն, խօսքերուն մէջ այնպիսի առինքնող գրաւչութիւն մը կար, որ դժուար էր առաջին րոպէէն իսկ չկապուիլ անոր հետ։ Ուրախ ընկեր մ’էր, քիչ մը առսըզ, որ քաշքշուքը քիչ մը շատ կը սիրէր, թէկուզ իր հաշուին լինէր այդ։

Ներողութիւն կ’անես, մէկ ալ Յակոբը լրջացած դարձաւ Վարդանին, քիչ մը շատ կը խօսամ, հին խասիաթ է… Քիչ էլ քեզ մտիկ ընենք՝ ըշկօլաւոր (դպրոցական) կ’երեւիս։ Մենք րէնջպէր գեղական ենք… Ախպօրս ըսեմ, անունդ պաշխէ մեզի… ո՞ր տեղացի ես, ո՞ւր բարով…

Վարդան է անունս, Թիֆլիսեցի, վանք կ’երթամ, ու Վարդանը ժպտաց բարեմտօրէն։

Է՜, աչքդ լուս, ախպէր Նիկոլ, էս էլ քեզ պէս մսխալով խօսող է, տօ՛, վա՛յ իմ գլխուն:

Աւելի լաւ, մեր պակասը դուն կը լեցնես։

Հը՞, պարոն Վարդան, մէկ երկու, վայրկեան ուշադրութեամբ ընկերոջր նայելէ վերջ մտահոգուած հարցուց Յակոբը, ինչո՞ւ կը դողաս, ջե՞րմ ունիս…

Իրապէս Վարդանը վատ կը զգար։ Թաց զգեստներով, առաւօտեան զով քամիի առջեւ նստած՝ սկսած էր դողալ։

Գետը ինկայ, բացատրեց Վարդանը, հետիս պարկն ալ թրջուեցաւ… Վատ կը զգամ…

Տէ՛, հէր օրհնած, առաջ չըսէի՞ր։ Ձեռա՛ց կրակ մը վառեմ… պարկը ըսիր, ապրանքը փճացած չլինի՞:

Յակոբը տեղէն վեր ցատկեց ու վազեց կղզիի վարի ծայրը, ուր դուրս էին եկած։ Գետն ինկած պարկը շալկելով՝ Նիկոլին տուաւ, իսկ ինքը ելկընի չոր ճիւղեր հաւաքեց ու կրակ մը կպցուց։

Պարկի մէջ, թիթեղեայ տուփերով սովորական եւ սպիտակ անծուխ վառօդ կար։ Բարեբախտաբար, տուփերը այնքան լաւ գոցուած էին, որ ջրէն չէին ազդուած: Վարդանը շորերը հանեց, փռեց մացառներու վրայ եւ ինքն ալ ճարճատող կրակին քով երկնցաւ։

Ախ, եթէ պատառ մը բան լինէր ուտելու… փորս արդէն վընկ վընկ կ’ընէ, կեղծ լացի ձայնով հառաչեց Յակոբը։

Որ տա՞մ։

Ի՞նչ։

Յակոբ ուրախութենէն վեր ցատկեց: Նիկոլը բաճկոնի տակէն ծրար մը դուրս բերաւ։ Արթիւշ պիծան ժանտարմը տանելէն երբ վերադարձաւ դիւքեան, այնքան աճապարեց, որ այլեւս նստիլ, ընթրելու ժամանակ չգտնալով մեծ թաշկինակի մը մէջ ծրարեց լաւաշ հաց, պանիր, կալպաս ու շիշ մը օղի, եւ տուաւ Նիկոլին։

Աւելորդ է ըսել, թէ մեր սոված բարեկամները գայլի ախորժակով վրայ ինկան ու կարգին կշտացուցին փորերնին։ Վարդանը, որ հիմա աւելի լաւ կը զգար, մօտեցաւ կրակին ու նախկին տեղը երկննալով քիչ ատենէն աչքերը փակեց։

Նիկոլն ու Յակոբն ալ, ատեն մը աջէն ձախէն խօսելէ վերջ երկնցան իրարու կողքի, Վարդանէն քիչ մը անդին ու մեռելի պէս քնացան։

Ատկէ յետոյ պատահած սարսափելի աղէտի մասին Նիկոլն ու Յակոբը որոշ գաղափար մը չունեցան։

Յանկարծ մեծ պայթիւն մը տեղի ունեցաւ։ Նիկոլը, որ կրակէն բաւական մը հեռու պառկած էր, մէկ ալ զգաց, որ աներեւոյթ ուժ մը զինքը օդը բարձրացնելով հեռուն շպրտեց։ Ուժեղ անկումը եւ քնատ վիճակը շշմեցուցած էին Նիկոլը։ Յանկարծ մարմնին վրայ անտանելի ցաւեր զգաց։ Զգեստը բազմաթիւ տեղերէ կրակ առած էր։ Քայլ մը անդին Արաքսը կը հոսէր։ Բնազդօրէն ինքզինքը գլտորեց ջրի մէջ։

Պաղ ջրի հպումէն Նիկոլը անմիջապէս ինքզինք գտաւ։ Ոտքի ցատկեց ու վազեց դէպի ընկերները։ Յանկարծ սարսափած՝ կանգ առաւ։ Չորս հինգ քայլ հեռու, Յակոբը ինկած էր երեսի վրայ եւ զգեստը կը ծխար, իսկ Վարդանի վիճակը ուղղակի զարհուրելի էր։ Տասը քայլ հեռուն, մացառներու վրայ տարածուած էր ան, լուացքի շորի մը նման, արիւնլուայ վիճակի մէջ։ Ձախ թեւի եւ սրունքի մսերը ծուիկ ծուիկ եղած էին ու վար կախուած: Ներքնազգեստ չէր մնացեր վրան, բոլորովին մերկ էր։ Ամէն բանէ աւելի սարսափելի էր Վարդանի գլուխը որ խանձուած մազերով արիւնոտ գունդ մ’էր պարզապէս։

Նիկոլը ժամանակ չկորսնցուց։ Վազեց դէպի Յակոբը ու ձեռքերը այրելով՝ հանգցուց ընկերոջ բռնկած զգեստը։ Գետէն գլխարկով ջուր բերաւ, դէմքին սրսկեց։ Բարեբախտաբար Յակոբը միայն նուաղած էր։ Շուտով աչքերը բացաւ ու զարմացած չորս կողմը նայեց։ Նիկոլը այլեւս առանց ուշադրութիւն դարձնելու Յակոբին, վազեց Վարդանի մօտ: Զգուշութեամբ զայն պառկեցուց աւազի վրայ։ Ի՞նչ ընէր, ինչպէ՞ս օգնէր. եթէ մեռած չէր, անշուշտ շուտով կը մահանար։ Ետ դարձաւ, որ ջուր բերէ։ Յակոբը ոտքի ելած՝ ճամբան կտրեց.

Նիկո՛լ, էս ի՞նչ պատահեցաւ…

Սը՛ս, ու մատով ցուցուց Վարդանի մարմինը.

Հէ՜յ վախ, ու Յակոբ, ծնկուըները ծեծելով, մօտեցաւ ըստ երեւոյթին անկենդան Վարդանին։

Նիկոլը գլխարկով անընդհատ ջուր կը բերէր՝ փորձելով լուալ Վարդանի վէրքերը։ Կարծես անոր մարմնի ամբողջ ձախ կողմը սուր դանակով մը ծեծուած էր: Հազիւ լսելի մեղմ վնկոց մը կ’արձակէր վիրաւորը։

Յակոբն ու Նիկոլը, գլուխնին կախ, անճարացած, նստան մեռնող Վարդանի մօտ: Ոչ մէկ յոյս դրսի օգնութեան վրայ, մինչեւ ուշ գիշեր Քերպելան չէր գալու։ Կարծես եղածը բաւական չլինէր: Մէկ ալ հեղեղի նման անձրեւ մը սկսաւ գալ, որ ամբողջ երեք ժամ տեւեց: Երբ ամպերը ցրուեցան ու նորէն երեւցաւ արեւը, իրիկնամուտ էր արդէն։ Այդպէս երկու ժամ անցուցին։ Կամաց կամաց արեւն ալ մարը մտաւ, ու ստուերները սկսան թանձրանալ։

Հեղեղանման անձրեւի հետեւանքով, Արաքսի ջրերը սպառնագին արագութեամբ սկսան բարձրանալ։ Կղզին, ուր ապաստանած էին մեր փախստականները, հետզհետէ կը պզտիկնար: Մինչեւ այդ խաղաղ գետը, կատաղած գազանի մը գոռում գոչումով, սանձարձակ կը վազէր, կղզիի աւազը լափելով։ Երկու ընկերները՝ զգալով վերահաս վտանգը՝ գրկեցին Վարդանի մարմինը, տարին աւազակոյտի ամենաբարձր կեդրոնը եւ իրենք ալ կկզեցան քովը:

Երբեմն միայն մեղմ վնկոց մը կը լսուէր վիրաւորէն։

Բոլորովին մթնած էր: Ահագին կղզիէն ջրէն դուրս մնացած փոքրիկ աւազակոյտ մը մնացեր էր։ Նիկոլն ու Յակոբը, լուռ նստած Վարդանի մօտ, անհնարին ցաւով կը լսէին Վարդանի մեղմ հեծեծանքը։

Յանկարծ Յակոբը, որ Վարդանի ձեռքը բռնած կը պահէր, աղիողորմ ճիչ մը արձակեց.

Վա՜խ, ասլան ջան, վախ, իմ ազիզ ախպերս, ու ծունկերը ծեծելով սկսաւ լալ այնպէս սրտանց, որ կարծես Վարդանը էր հարազատ եղբայրը եղած լինէր եւ կամ մանկութեան ընկերը։