Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՆՈՒԿ ՀԵՐՈՍԻ ՄԱՀԸ

 

Քսանեւվեց տարեկան երիտասարդ մ՚էր Գէորգը, Երեւան քաղաքի մօտ գտնուող Փարաքար գիւղացի ունեւոր ընտանիքի մը կրտսեր որդին։ Արեւէն խանձուած, պղնձագոյն լայն դէմքը անկեղծ ու ուժեղ արտայայտութիւն մ՚ունէր։ Միջահասակ էր, տոկուն կազմով եւ ջլապինդ։

Էջմիածնայ Գէորգեան Ճեմարանը աւարտելէ վերջ, երբ զինուորական ծառայութենէ վերադարձաւ, ժամանակ մը իրենց գիւղի ծխական դպրոցին մէջ ձրիաբար դասախօսեց եւ ապա, հակառակ հօր եւ տնեցիներու ցանկութեան՝ անցաւ Թիֆլիս ու այլեւս չվերադարձաւ գիւղ։

Օրին մէկն ալ հայրը, որ գրեթէ շաբթուան մէջ երեք չորս անգամ գործով քաղաք կ՚իջնար, սարսափով իմացաւ բարեկամէ մը, որ զաւակը քանի մը խենթ ընկերներով անցեր է Տաճկահայաստան։

Այլեւս երկար ժամանակ ոչ մէկ լուր, ոչ մէկ նամակ Գէորգէն։ Ամբողջ տնեցիք մեռել ունեցող ընտանիքի մը նման սուգ մտան։ Ծերունի յուսահատ մայրը ոչնչով կ՚ուզէր մխիթարուիլ. նոյնիսկ նոր ոտքի ելնոց փոքր թոռնիկի կապկութիւնները այլեւս զինք չէին հետաքրքրեր։  Ինչպէ՜ս յանկարծակի արեւոտ տունը դատարկուեր էր, կեանքը սեւացեր։ Ախր չէ՞ որ իր ազիզ պալէն գնացեր էր Բարդողեան լեռնաշղթայի միւս կողմը, այդ անիծեալ, դժոխք Երկիրը… Ալեւոր հայրը տնեցոց մօտ թէեւ շատ աւելի ինքնազուսպ, բայց առանձնութեան մէջ հոգոց հանելով կ՚ողբար կրտսեր ու սիրական զաւկի կորուստը։

Գէորգի երկու մեծ եղբայրները, որոնք ջերմ սիրով կապուած էին իրենց ուսումնական կրտսեր եղբօր հետ, ուղղակի չէին կրնար հասկնալ, թէ ինչո՞ւ Գէորգը այդքան անհոգութեամբ մահուան հետ կը խաղար։

Աշո՛տ, գլուխը թափահարելով կը խօսէր Միքայէլը, որ տանը աւագն էր, էսպէս էլ խամ բա՞ն… Տօ՛, մէկ հարցնող լինի թէ ի՞նչն էր պակաս։ Փառք Աստուծու, տունն ու տեղը կարգին, ապրուստի հոգ չունէր։ Թէ որ ուզէր Թիֆլիս մնալ, կամ ուսումը շարունակելու երթալ, մենք խօմ նեղութեան մէջ չէինք ձգեր զինքը։ Էլ ի՞նչ ցաւ ունէր որ՝ գնաց էդ կռօներու երկիրը, գլուխը փորձանքի մէջ դնելով։

Մեծ ախպէր, կզակը քերելով կը պատասխանէր Աշոտը՝ խորիմաստ ձեւով մը գլուխը յոգնած եզի մը նման վերէն վար շարժելով. Ժամանակները փոխուեր են, փոխուեր. նոր ուսումնական երիտասարդները ազգի գործերու ետեւէն են… Աստուած տայ՝ փորձանք մը չհանդիպի մեր Գէորգին։

Այսպէս, տնեցիք կամայ ակամայ հաշտուեցան կատարուած իրողութեան հետ, բացի պառաւ Ծալոյէն ու մօրմէն։ Ամէն իրիկուն որ եկեղեցիի զանգերը կը սկսէին հնչել, պառաւ մայրը, Ծալոյի հետ, օրօրուելով ափ կ՚առնէր գիւղի եկեղեցին, ուր դողդոջուն ձեռքով մոմ մը կը վառէր Տիրամօր պատկերի առջեւ։ Երկար կը մնար հոն ծնկաչոք, արցունքոտ աչքերը յառած Տիրամօր պատկերին, որ Յիսուս մանուկը գիրկը՝ ոսկեզօծ շրջանակի մէջէն բութ հայեացքով իրեն կը նայէր։ «Միածին որդուդ սիրուն, Տիրամէր, որդուդ սիրուն»… ու կմախքացած կուրծքը կը ծեծէր հեկեկալով։ Եկեղեցին լրանալէ վերջ, ջերմեռանդ հաւատքով կը համբուրէր Աւետարանը ու սիրտը թեթեւցած կը վերադառնար տուն՝ լալէն աչքերը կարմրցած։

Գէորգը երկու Մոկացի երիտասարդներու հետ անցեր էր Երկիր, յեղափոխական մարմնի որոշումով։

Երկու տարի ռուսական բանակի մէջ ծառայած, վարժ զէնքի գործածութեան, աշխատունակ ու նուիրուած մինչեւ անձնազոհութիւն, քիչ ժամանակի մէջ, Երկրի զինուորական ղեկավարներէն մէկը դարձաւ։ Ատեն մը Նիկոլի հետ գիւղէ գիւղ շրջելէ վերջ, փոքր խմբի մը գլուխ անցած, գնացեր էր հեռաւոր գաւառները կազմակերպական գործերով։ Վերին աստիճանի զգաստ ու խոհեմ, կարճ ժամանակի մը ընթացքին, ան՝ այդ հեռաւոր շրջաններու սիրուած յեղափոխական գործիչը դարձաւ։

Ինքն ալ գիւղական ընտանիքի մը զաւակը, շատ շուտով ընտելացեր էր Վասպուրականի գիւղացիներու նիստ ու կացին, սովորութիւններուն։ այդպիսով վերցեր էր անջրպետը իր եւ գիւղացիներու միջեւ, որոնց համար դրսեցի մը ամէն պարագայի՝ քիչ մը օտարական կը մնայ։ Տարազով, սովորութիւններով, նոյնիսկ լեզուով Գէորգ այնքան էր նոյնացեր գիւղացոց, որ շատեր չգիտէին իսկ, թէ ան օտար երկրացի մ՚է, հեռուներէն եկած, իրենց մէջ աշխատելու համար։

Երկու տարի ամենածանր պայմաններու մէջ աշխատելէ վերջ, Երկրի ընկերները ճարահատ զինք նորէն Կովկաս ճամբեցին բժշկուելու համար։ Կոյր աղիքի պարբերական բորբոքում ունէր, իսկ Երկրի մէջ յարմարութիւններ չկային գործողութիւն կատարելու։ Թադէոս առաքեալի վանքէն պարսիկ մաքսանենգներու օժնադակութեամբ ռուսական սահմանը գաղտնի անցնելով՝ Գէորգ ուղղակի Թիֆլիս եկաւ, առանց հայրենի գիւղը հանդիպելու, Երկրի յեղափոխական մարմնի յանձանարարութիւնները կատարելու համար։

Դադարէն վերջ, երբ ժողովականները նորէն շրջապատեցին սեղանը ժողովը վերսկսելու, Գէորգը սկսաւ իր զեկուցման։ Հանդարտ կը խօսէր, ծանր եւ առանց աւելորդաբանութեան, ինչ որ յատուկ է ընդհանրապէս զինուորական ասպարէզի ծառայող մարդոց։ Ժուժկալ նախադասութիւններով պատկերեց սահմանի միւս կողմը ապրող հայ ժողովուրդի կեանքը, անոր ապրումները եւ սպասումները։

Քարոզչութեան շրջանը վաղուց անցած է, կենդանի օրինակներով ըսածը կը հաստատէր Գէորգը, դանակը ոսկորին հասած՝ հայ ժողովուրդը անդառնալի կերպով բախտը կապեր է յեղափոխութեան։

Յուզիչ օրինակներ կը պատմէր, թէ ինչպէս աղքատ շրջաններու գիւղացիութիւնը, որ կէս կուշտ կէս անօթի գոյութիւն մը կը քաշքշէր, աննկարագրելի ոգեւորութեամբ սկսած էր զինուիլ։

Կառկառի Ձկոռ գիւղին մէջ, շարունակեց Գէորգը, աղքատ գիւղացի մը, Էրկէն Մագոյենց Խեչօն, ունեցած միակ եզը ծախեց՝ երիտասարդ զաւկին ձեռքը հրացան մը տալու համար։ Իսկ այսօր Երկրի մէջ հարիւրաւոր Խեչօներ կրնանք հաշուել։ Տասնեակ մը տարիներու ընթացքին կազմակերպուած արշաւանքները, յեղափոխական խմբերու կռիւները, զինակիր խմբերու թափառումները, զինուորական ղեկավարներու գիւղէ գիւղ շրջիլը՝ մէկ կողմէն զինավարժ ու կռուելու ընդունակ սերունդ մը առաջ բերաւ, իսկ միւս կողմէն ալ հաւատաւորեց ժողովուրդը, ինքնավստահութիւն ներշնչեց անոր։ Ժողովուրդի այս հոգեկան փոփոխութեան հետ միասին, Երկրի մեր գործունէութիւնը հիմնովին յեղաշրջեցաւ։ Ինչպէս ըսի, այլեւս քարոզը չէ, այլ գործնական միջոցները արժէք մը ունին։ Ու ժողովուրդը՝ այդ գիտակցութեան եկած՝ մեզմէ զէնք կը պահանջէ, ռազմամթերք եւ զինուորական ղեկավարութիւն եւ ոչ թէ քարոզ։

Հաւաքուած ընկերները առանձին հետաքրքրութեամբ կը լսէին Գէորգը, երբ վերջինս մանրամասնօրէն սկսաւ նկարագրել յեղափոխական մարմնի կատարած գործնական աշխատանքները, առաջ բերած ուժեղ կազմակերպութիւնը։ Ատկէ վերջ կարգ մը գործնական արժէք ունեցող հարցերու մասին խօսուեցան։ Որոշ պահանջներ ներկայացնելէ վերջ, որոնք ընդհանրապէս փոխադրական գործի հետ կապ ունէին, Գէորգը ծանրացաւ Երկիր նոր ղեկավար ուժեր ճամբելու վրայ։

Գործը այնքան է ընդարձակուած, բացատրեց ան, որ անհրաժեշտ է լրջօրէն մտածել նոր ղեկավարներ ղրկելու մասին։ Ամբողջ Վասպուրականի յեղափոխական գործի ղեկավարութեան ծանրութիւնը ինկեր է քանի մը պատասխանատու անհատներու վրայ, որոնք որքան ալ եռանդով աշխատին, դարձեալ չեն կրնար հետզհետէ զարգացող կազմակերպութեան մը բոլոր պահանջներուն գոհացում տալ։ Երբ Վահէն դուրս եկաւ Երկրէն քիչ հանգստանալու համար…

Ի՜նչ ալ հանգստացող է, Գէորգի խօսքը ընդմիջեց Աբրահամեանը բարձր ծիծաղելով— Երկրէն փորձանք ղրկեցիք մեր գլխուն։ Հազիւ Թիֆլիս հասած, հոս ալ տակնուվրայ ընել կ՚աշխատի անիրաւը…

Կ՚ըսէի, որ, երբ Վահէն Երկրէն դուրս եկաւ, շարունակեց Գէորգը, երբ ընդհանուր ծիծաղը դադրեցաւ, բնաւ չէինք կարծեր թէ Նիկոլին անակնկալ դժբախտութիւն մը կրնայ պատահիլ, որու մասին անշուշտ լսած էք, եւ ոչ ալ ինքս դուրս գալու մասին կը մտածէին։ Այնպէս որ այժմ Պիծան, միայն երկու տեղացի ընկերներով կ՚աշխատի, անհամբեր սպասելով նոր ուժերու գալուն։ Դժբախտաբար, մեր տեղացի ընկերները որքան ալ կարող՝ չունին դրսեցիի մը հեղինակութիւնը եւ ոչ ալ կրնան իրենց ամբողջ ժամանակը տրամադրել գործին, անձնական գործերով զբաղած լինելնուն համար։ Հետեւաբար, գործի մեծագոյն մասը կը ծանրանայ Պիծայի ուսերուն։ Իսկ այդ, անկարելին փորձել կը նշանակէ։ Ամէն բանէ առաջ պէտք է մտածել աշնան մէկ երկու ընկերներ մտցնել Երկիր։ Անշուշտ ինքս բժշկուելէ վերջ՝ պիտի երթամ, բաց մեզ բազմաթիւ փորձուած եւ ղեկավար ուժեր հարկաւոր են։ Դեռ հաստատ ալ չենք գիտեր, թէ Նիկոլը երբ եւ իցէ պիտի կրնա՞յ աշխատանքի լծուիլ։

Պիծայի նախորդ նամակէն իմացանք Նիկոլի պատահած դժբախտութիւնը, ընդմիջեց ընկերոջ խօսքը Ջանեանը, ինչպէս նաեւ կռուի մասին, դժբախտաբար շատ կարճ, հազիւ քանի մը տող։ Կարծեմ բոլորդ ալ կը ցանկաք, դարձաւ մնացած ընկերներուն, որ Գէորգը քիչ հանգամանօրէն պատմէ այդ կռիւը։ Վերջէն կը խօսինք նոր ուժեր ուղարկելու մասին, համաձա՞յն էք։

Անշուշտ, անշուշտ, ձայնեցին չորս կողմէն, Գէորգը թող պատմէ՛։

Ըսենք՝ պատմելու բան մ՚ալ չէ այդ կռիւը, անփութօրէն պատասխանեց Գէորգը, հազիւ թէ կռիւ կարելի է կոչել… Բայց ես ինքս ալ կ՚ուզէի պատմել ոչ թէ կռուի արժէքին համար, այլ ձեզ ծանօթացնելու մանուկ հերոսի մը հայրենասիրական մէկ արարքը։

Մենք այդ մասին չենք լսած, շատ հետաքրքիր է, խնդրեց Նատալիան, պատմեցէք մանրամասնօրէն։

«Շատ լաւ. Կառկառէն մեր միացեալ խումբը Կարճկան անցաւ, սկսաւ պատմել Գէորգը, Կէօլու գիւղը հանդիպելով՝ քանի մ՚օրէն հասանք Ուրանց։ Մեծ եւ անցեալ ունեցող գիւղ մ՚է այդ, այն բացառիկ գիւղերէն, որոնք դեռ վերջանականապէս «րայա հայեր» չեն դարձած ու մնացած են հողագործ, խաշնարած ժողովուրդ մը։ Ուրանց բաւական երկար պիտի մնայինք, այդ գիւղի եւ շրջանի ժողովրդական զինումի գործը կանոնաւորելու  համար։ Սակայն, հազիւ երկու օր անցած՝ քաղաքէն սուրհանդակ մը հասաւ։ Պիծան կ՚իմացնէր Վահէի Կովկաս անցնիլը ու իր անկարողութիւնը շրջանի բոլոր գործերուն հասնելու եւ կը խնդրէր, որ Նիկոլը անմիջապէս վերադառնայ քաղաք՝ ինձ ձգելով շրջանները պտըտելու գործը։

«Այդ ամբողջ ձմեռը Շատախի, Մոկսի ու Կառկառի շրջանները թափառելով անցուցինք՝ ամենածանր պայմաններու մէջ աշխատելով։ Մեր մշտական զինուորներու վրայ, որպէս գործնական վարժութիւն, աւելցուցած է. ինք երկու տասնեակ շատախցի կամաւորներ ալ, որոնք ամբողջ ձմեռը մեզ հետ մնալէ վերջ՝ գարնանային աշխատանքներու համար պէտք էր իրենց գիւղերը ճամբել։

«Երբ Պիծայի նամակը ստացանք, որոշեցինք Կաւաշ անցնիլ, հոն ցրուել մեր խումբը, որ քառասուն եւ չորս զինուորներէ կը բաղկանար, իսկ Նիկոլի քաղաք մեկնելէն վերջը, իմ վեց զինուորներով շրջիլ Հայոց-Ձորի եւ Արճակի շրջանները։ Այդպէս ուրեմն, գիւղէ գիւղ անցնելով՝ երեք օրէն հասանք Կաւաշի Նոր Գիւղը։

«Մեծ գիւղ մ՚է այդ եւ գաւառի յեղափոխական մարմնի կեդրոնը։ Շատախցի զինուորները այդ տեղէն ուղարկեցինք դէպի Փեսան Դաշտ, իսկ Նիկոլի զինուորները, որոնք մեզի պէս փախստականներ էին, Եղիշի ղեկավարութեամբ անցան Կառկառ՝ Խնձորուտ գիւղը, որ, ինչպէս գիտէք, լեռնային Վասպուրականի մեր զինուորական խարիսխն է, թագստոցը։ Մեր քով մնացին իմ վեց զինուորները միայն։

«Երկու օր միայն մնացինք Նոր-Գիւղի մէջ։ Շրջանի յեղափոխական մարմնի հետ պէտք եղած կարգադրութիւնները ընելէ եւ զէնքի պահեստները աչքէ անցընելէ վերջ, գիշերով անցանք Ախթամար կղզին։

«Առագաստանաւ մը, որ Աւանցէն բեռցուած Դատուան կ՚երթար, հիւսիսային քամիէն քշուած, ակամայ ճամբան շեղելով հասեր էր մինչեւ Մոխրաբերդի ծովածոցը։ Գիշերով, երբ առագաստանաւի կողքին յայտնուեցանք, նաւավարներ ուրախութեամբ համաձայնեցան մեզ Աղթամար կղզին հասցնել, անկէ իրենց ճամբան շարունակելու համար։ Նաւավարներէն կասկածելու ոչ մէկ պատճառ ունէինք։ Աւանց գիւղացիներ էին եւ, ինչպէս բոլոր նաւավարները, յեղափոխական կազմակերպութեան անդամներ։ Երկու ժամէն մեզ կղզիի առջեւ հանելէ վերջ, առագաստը բացին եւ ուղղուեցան դէպի Դատուան։

«Շատ դժուար, եթէ չըսեմ՝ անկարելի պիտի լինի իմանալ, թէ ո՞վ, կամ ո՞վքեր մատնեցին թուրք կառավարութեան մեր Ախթամար կղզին գտնուիլը։ Ձմեռնային մեր թափառումներու ատեն, անգամ մը Փեսան Դաշտի մէջ ակամայ կռուի բռնուեցանք քրտերուն հետ, որոնք Կաղազիզ հայաբնակ գիւղի վրայ յարձակեցան թալանելու մտքով, ինչ որ այդ շրջաններու մէջ սովորական երեւոյթ մ՚է։

«Գիւղացի երիտասարդները՝ քաջալերուած մեր ներկայութենէն՝ երբ հաւարի ձայնը փրթաւ գիւղի վարէն, զինուած դուրս ինկան կռուելու։ Քրտերը յանկարածակիի եկան այդ անսպասելի դիմադրութեան պատճառով։ Կը կարծէին, որ հեշտութեամբ պիտի կրնան տաւարի մէկ մասը քշել տանիլ, սակայն, յանկարծ տեսան, որ ծուղակը ինկած են։

«Թէեւ ինքներս մնացինք գիւղին մէջ ծածկուած, բայց մեր շատախցի կամաւորներէն շատեր օգնութեան հասան գիւղացիներուն։ Չէինք ուզեր կռուին լայն կերպարանք տալ, մանաւանդ որ կը զգուշանայինք մեր ներկայութիւնը յայտնելէ։ Երկու ժամ կռուելէ վերջ, քրտերը մէկ սպաննուած ձգելով դաշտի մէջ եւ երկու վիրաւորներ ալ հետները տանելով՝ կատաղած քաշուեցան իրենց գիղերը։

«Անգամ մ՚ալ Կառկառ, Հալս գիւղի տակ յանկարծակի հանդիպեցանք թուրք ժանտարմաներու, որոնք Կեցանէն Ոստան կ՚անցնէին։ Աղբիւրի գլուխը հաւաքուած՝ կը հանգստանայինք, երբ յանկարծ երկու հարիւր քայլ հեռաւորութեան վրայ երեւացին զինուորները։ Անախորժ հանդիմում մ՚էր։ Ընդհանրապէս խիստ կը զգուշանայինք աղմուկ բարձրացնելէ Կառկառի շրջանին մէջ, որ մեր ապագայ գործունէութեան գլխաւոր կայանն է։ Ակամայ դիրք բռնած՝ սկսանք ինքնապաշտպանողական կռիւ մը։ Հաւարի ձայնը սակայն հասաւ մինչեւ հեռաւոր քրտական գիւղերը, եւ բնականօրէն օգնութեան փութացին։ Խուսափելու համար հաւանական մեծ ընդհարումէ մը, պատեհ առիթ մը գտնելով, հաւաքեցինք գիւղացիներն ու տաւարը եւ բարձրացանք լեռը։ Այդ աչքապուկ կռիւը միայն մէկ ժամ տեւեց, եւ ժանտարմ մը թեթեւօրէն վիրաւորուեցաւ։ Մեր հեռանալէն վերջ, երբ զօրքը կը մտնայ գիւղ, բոլոր տները կրակի կուտայ։

«Այս երկու ձախող հանդիպումները եւ կարգ մը մանր մունր դէպքեր պատճառ դարձան, որ կառավարութիւնը աչալուրջ հետեւի մեր շարժումներուն։ Բացի զինուորական ուժերէն, որոնք կեդրոնացուց զանազան գիւղերու մէջ, սկսաւ նեղել հայ գիւղացիութիւնը, միաժամանակ մեծ գումար մը խոստացաւ անոր, որ կառավարութեան պիտի յայտնէր մեր գտնուած տեղը։

«Այս պայմաններու մէջ, բնականաբար, պիտի գտնուէին մարդիկ, նոյնիսկ հայեր, որոնք կամ աղքատութենէ դրդուած կամ անձնական հաշիւներ մաքրելու համար, աշխատէին հետապնդել մեր շարժումները, իմանալ մեր թագստոցը եւ լուր տալ կառավարութեան։ Փաստը այն է, որ Աղթամար կղզին մեր մտած գիշերն իսկ, Ոստանի գայմագամը այդ մասին լուր ստացած էր եւ անմիջապէս հեռագրած Վանի կուսակալին։ Միեւնոյն ատեն, առանց ժամանակ կորսնցնելու, Ոստանի զինուորական ուժը փորձուած սպայի մը ղեկավարութեամբ ուղարկած էր Աղթամարի դրսի տունը, որ կղզիի դիմաց՝ ծովափին կը գտնուի, եւ խիստ պաշարումի ու հսկողութեան ենթարկած էր զայն, որպէսզի մենք հնարաւորութիւն չունենանք դրսի անցուդարձերու մասին բան մը լսելու»։

Իսկ այդ դրսի տուն ըսուածը ի՞նչ բան է, հարցուց Ներսէսեանը, եւ Աղթամարի վանքի հետ ի՞նչ կապ ունի։

Աղթամարը, ինչպէս նաեւ Կտուց եւ Լիմ անապատները փոքր կղզիներ են Վանայ ծովի արեւելեան ափերուն մօտ։ Այդ կղզիներէն ամէն մէկը իր տնտեսութեան համար ցամաքի վրայ հաստատութիւն մը ունի, ուր կ՚ամբարուի այդ վանքերու պատկանող կալուածներէն եկած տարեկան հասոյթը։ Պարբերաբար վանքերու սեփական նաւակներով անհրաժեշտ պաշարը կղզիները կ՚ուղարկուի վանքերու միաբանութեան եւ հիւրերու կարիքներու համար։ Ատկէ զատ, դրսի տները ինքնայատուկ հիւրանոցի դեր կը կատարեն այդ երկրի մէջ։ Գտնուելով մեծ ճամբաներու մօտ, ամէն անցորդ, ինչ ազգի ալ պատկանելու լինի ան, հոն կը մնայ գիշերելու տաքուկ տեղ մը, թանապուր, ժաժիկ եւ հաց։

Շատ հետաքրքրական երեւոյթ մ՚է այդ, անկասկած պատմական անցեալէն մնացած սովորութիւն մը, թերեւս Մեծն Սահակ Պարթեւի հիմնած վանքերու օրինակներէն մէկը, հարազատօրէն պահած նախկին աւանդութիւնները, բացատրեց Վահանեանը, որ ճեմարանական մը լինելուն՝ լաւ ծանօթ էր հին մատենագրութեան. բայց ինչ որ զիս կը զարմացնէ, շարունակեց ան, այն հանդուրժող վերաբերմունքն է, որ այդ դրսի տուներու մէջ կը ցուցադրուի այլազգի եւ այլակրօն թուրքերու եւ քրտերու հանդէպ։

Մեր վանքերէն շատեր, որոնք բանուկ ճանապարհներու վրայ կը գտնուին, Վահանեանի միտքը լրացուց Գէորգը, կրօնական հաստատութիւններ լինելէ աւելի պատսպարաններ են երթեւեկող ճամբորդներու համար։ Պատահական անցորդ մը, հայ ժողովուրդի հասկցողութեամբ, Աստուծու հիւրը կը համարուի եւ իրաւունք ունի վայելելու վանքի բոլոր յարմարութիւնները. ու ոչ ոք չի հետաքրքրուիր, թէ հիւրը ի՞նչ ազգի կամ կրօնի կը պատկանի։ Պէտք է խոստովանիլ սակայն, որ այդ օրինակելի մտայնութիւնը երկուստեք գոյութիւն ունի։ Աղթամարի կամ Սուրբ Գէորգ վանքի նուիրակները, երբ տարին անգամ կը պտղի հաւաքելու կ՚ելնեն գաւառները մինչեւ Տիգրանակերտի նահանգը կը հասնին։ Հայերու նման քրտերն ու թուրքերն ալ սիրայօժար եւ պարտադիր կերպով կը մասնակցին վանքի աւանդական տուրքին, որ անառարկելի է. առատօրէն կուտան արմտիք, ոչխար եւ սեւատավար։ Հիմա դառնանք մեր պատմութեան շարունակութեանը։

Խնդրեմ հարցում մ՚ալ ու ապա կը շարունակէս կիսատ ձգած պատմութիւննիդ, ընդմիջեց Նաթալիան. կրնա՞ք երկու խօսք ալ ըսել Փութկի Սուրբ Գէորգ վանքի մասին։ Մանկութենէս լսած եմ այդ վանքի նկատմամբ, առանց յստակ գաղափար մը ունենալու։ Ինչպէս նկատեցիք, մեր տան դռնապանը Վանի Թիմարի շրջանէն փախստական մ՚է. ամէն անգամ, որ դժուար գործ մը կամ ծանր բան մը վերցնելու լինի, երեսը կը խաչակնքէ ես «եա՛ Փութկի Սուրբ Գէորգ» կը կանչէ.

Սուրբ Գէորգը մեծազօր սուրբ մը կը համարուի Վասպուրականի եւ մօտակայ նահանգներու մէջ, բացատրեց Գէորգը, թէեւ վանքը փոքր եւ աննշան շինութիւն մ՚է, բայց Վասպուրականի վանքերէն ամենահռչակաւորներէն մէկն է ապահովաբար։ Անշուշտ որ հայկական հին վանք մ՚է, խեղճուկ եւ խարխլած շէնքով մը, բայց իր կատարած դերի բերումով համահաւասար արժէք ունի բոլոր շրջակայ ազգերուն համար։ Ալպեան լեռնաշղթայի վրայ թառած Սենթ Պեռնար վանքի դերը կը կատարէ այդ Սուրբ Գէորգ վանքը դարերէ ի վեր։ Յայտնի է Հայաստանի խիստ ձմեռը, երբ լեռնային անցքերը կը դառնան անանցանելի սառնարան ճամբորդներու համար, մանաւանդ բուք ու բորանի ժամանակ։ Մոկսի գաւառէն դէպի Կաւաշ եւ Վան անցնող միակ ճանապարհի վրայ կը գտնուի այդ վանքը, մօտաւորապէս տասը հազար ոտք բարձրութեան վրայ։ Մոկսէն կամ մօտաւոր շրջաններէն ճամբորդ թէ կարաւան, անպատճառ պիտի գիշերէ այդ վանքին մէջ, շատ անգամ օրերով պիտի սպասէ հոդ, մինչեւ որ ճանապարհը բաց համարուի ու անվտանգ։ Իսկ ճանապարհը եւ լեռնանցքը ապահով կը համարուին, երբ Փութկի Սուրբ Գէորգի հռչակաւոր աքաղաղը առաւօտեան կողմ կը ձայնէ։ Այդ աքլորականչը անկասկածելի ազգանշանն է, որ լեռնանցքը անվտանգ է, եւ որ ճամբորդ ու կարաւան կրնան շարունակել իրենց ճանապարհը։

Հետաքրքիր ու զարմանալի երեւոյթ մ՚է, նկատեց Վահանեանը։

Զարմանալի ոչինչ կայ հոդ, բացատրեց Աբրահամեանը, անշուշտ որ անասունները աւելի զգայուն, բնազդօրէն կը զգան մօտեցող փոթորիկը մթնոլորտային ճնշման հետեւանքով, եւ բնականօրէն կ՚աշխատին ծածկուիլ եւ բնաւ չեն երգեր։

Գէորգ ջան, շարունակէ պատմութիւնդ, քիչ կը մնայ Վասպուրականի մնացած հարիւրաւոր վանքերու մասին ալ հարցումներ տան, ծիծաղեցաւ Վահէն, այն ժամանակ շաբաթներով պիտի լսենք քեզ։

«Ինչպէս ըսի, ընդհատուած պատմութիւնը սկսաւ շարունակել Գէորգը. Ոստանի գայմագամը՝ դրսի տունը խիստ հսկողութեան ենթարկելով՝ անմիջապէս սուրհանդակներ կը ճամբէ դէպի Շատախ, Կարճկան, Կաւաշ, Հայոց-Ձոր՝ այդ շրջաններու ռազմիկ քրտութիւնը ոտքի հանելու համար։ Ինչ խօսք որ, քրտերը՝ հաւարի ձայնը առած՝ հետեւակ թէ ձիաւոր կ՚աճապարեն լոյսը չբացուած կռուի վայրը գտնուիլ, չհաշուելով անոնք որ տեղի հեռաւորութեան պատճառով դեռ ճանապարհին կը գտնուէին։

«Այս բոլոր իրարանցումը երբ ցամաքի վրայ տեղի կ՚ունենար, կղզիին մէջ մենք մեզի բացարձակապէս ապահով կարծելով՝ բոլորովին անհոգ, հանգիստ կը քնանայինք, պահակութեան հոգն իսկ ձգելով վանքի միաբաններէն Դանիէլ վարդապետին կամ, ինչպէս սովորաբար կը կանչէինք զայն, Ծուռ Վարդապետի վրայ, որ այդ շրջանի յեղափոխական մարմնի անդամներէն մէկն էր, կորովի ու հայրենասէր եկեղեցական մը։ Բազմաթիւ անգամներ մեր սիրելի Ծուռ Վարդապետը սեփական զէնքերով զինուած, մասնակցած էր մեր զինուորական խմբերու թափառումներուն, գիւղէ գիւղ շրջելով, քարոզելով, յորդորելով որ ժողովուրդը զինուի։

«Բարեբախտաբար, երբ Ոստանէն եկած զօրքը ուշ գիշերով կը շրջապատէ Աղթամարի դրսի տունը եւ՝ մուտքի բոլոր դռներու մօտ պահակներ դնելով՝ խիստ հսկողութեան տակ կ՚առնէ այդ հաստատութիւնը, Աղթամարի որբանոց վարժարանի աշակերտներէն մէկը դրսի աղմուկէն կ՚արթննայ։ Թէեւ հազիւ տասներկու տարեկան երեխայ մը, բահց կռահելով որ արտասովոր բան մը տեղի կ՚ունենայ դուրսը, բանակն պէտքը պատրուակ կը բռնէ եւ դուրս կ՚ուզէ գալ դէպի բակը։ Դրան արանքէն կը տեսնէ բակին մէջ հաւաքուած զինուորները, որոնք ճարճատող խարոյկներու շուրջ հաւաքուած՝ կը տաքնային։ Իսկ երբ կը փորձէ դուրս գալ բակը, դրան  պահակ կանգնած զինուորը զայրացած կը գոռայ վրան. «Եասսա՛ք տըր, եասսաք, ներս կորսուէ, շուն շան լակոտ, հիմա գլուխդ կը կոտրեմ»։

«Երեխան երբ ննջարան կը վերադառնայ դուրսը տեսածէն բոլորովին սարսափած՝ ձայն կուտայ իր կողքը քնացող երկու ընկերներուն, որոնց կը պատմէ դրսի չարաշուք անցուդարձը։ Այդ երեքն ալ անփորձ երեխաներ էին։ Անոնցմէ ամենամեծը՝ Միհրանը, կրակոտ պատանի մըն էր, հազիւ տասնըհինգ տարեկան։ Բայց բոլորն ալ կը զգան, որ դրսի տունը օղակելով՝ զօրքը կ՚ուզէ Աղթամարի կղզիին հետ յարաբերութիւնը կտրել։ Ուրեմն, բուն հարցը կղզիի հետ կապուած է։

«Այս եզրակացութեան եկած՝ Միհրանը որ միւսներէն աւելի խելահաս էր, անմիջապէս կը հասկնայ, թէ կղզիին մէջ իրենց սիրելի «ազգասէրներէն» խումբ մը կայ, ինչ որ շատ սովորական պարագայ մ՚էր եւ թէ ինչ գնով ալ լինի, պէտք է ներսը գտնուողներուն կերպով մը լուր տալ կառավարութեան չարաշուք պատրաստութիւններու մասին։ Եւ սակայն որքան որ կը մտածեն, դարձեալ ճար մը չեն կրնար գտնել դուրս գալու, բակի մէջ գտնուող զօրքերու ներկայութեան պատճառով։ Մինչ երկու փոքրիկները անորոշ սարսափով համակուած ու իրարու պլլուած՝ կը սկսին յուսահատ արտասուել, Միհրանը, որ քանի մը տարով մեծ էր միւսներէն, անհանդարտ ննջասենեակի շրջանը ընելէ վերջ, վճռական որոշման մը կը յանգի։ Կը մօտենայ անկողնին, երկու սաւան կը վերցնէ, իրար կը հանգոյցէ ու զարմացած ընկերներուն կը պատուիրէ երկուքով միասին սաւանի ծայրէն ամուր մը բռնել, երբ ինք պատուհանէն փորձէ վար իջնել։ Ննջասենեակը երկրորդ յարկի վրայ էր։ Պատուհանը, որ կը բացուէր բակի հակառակ կողմը դէպի բաց դաշտը, առնուազն եօթ կանգուն բարձրութիւն մ՚ունէր։ Միհրանը երբ պատուհանէն կը կախուի սաւանին պլլուած, կամաց կամաց վար սահելու գետին, երկու երեխաները անկարող անոր ծանրութեան դիմանալու՝ սաւանի ծայրը ակամայ ձեռքերէն կը փախցնեն։ Մօտ տասնհինգ ոտք բարձրութենէ մը Միհրանը գետին կ՚իյնայ։

«Քաջ պատանին սակայն, թէեւ ծունկը ծանրապէս վիրաւորուած, կը յաջողի ինքզինքը շրջակայքի թփերու խիստ ստուերներուն մէջ ծածկել ատեն մը։ Երբ կը համոզուի, որ ոչ ոք չի նկատեր զինք, առուի մէջէն սողալով՝ կիսասառած կը յաջողի աննակատելի կերպով ծովեզերք հասնիլ։ Թուրքերը յիմարաբար կը բաւականանան միայն դրսի տան շէնքը շրջապատելով, առանց վանքի նաւակը գրաւելու։ Իսկ թէ ինչպէ՞ս այդ պատանին միս մինակ կը յաջողի թիավարելով հասնիլ մինչեւ կղզին, այն ալ գիշերով, երբ ոչինչ կ՚երեւի, անկարելի է բացատրել։

«Ես ու Նիկոլը խուցի մը մէջ կը հանգստանայինք, իսկ մեր զինուորները կողքի աւելի ընդարձակ խուցը գրաւած էին։ Մէկ ալ գիշերուան ուշ ատեն Ծուռ Վարդապետը պատանիի ընկերակցութեամբ մեր խուցը մտաւ։ Նիկոլի հետ անմիջապէս ոտքի ցատկեցինք՝ զգալով որ անսպասելի նորութիւն մը պատահած է։ Սքանչելի պատանին երկու խօսքով բացատրեց դրսի տան կատարուած իրադարձութիւնը։ Կասկած չկար, որ մատնուած էինք, եւ այդ պատրաստութիւնները մեզ համար էին։ Դժբախտաբար, գիշերը շատ յառաջացած էր, եւ լուսաստղը բարձրանալու մօտ։ Այնպէս որ հնարաւորութիւն չունէինք աննկատելի կերպով հեռանալ կղզիէն եւ հասնիլ ծովափ, լոյսը չբացուած։ Կամայ ակամայ պէտք էր ցերեկը անցընէինք կղզիի վրայ, որքան ալ որ այդ ցանկալի չլինէր, եւ միայն յաջորդ գիշերը մտածել դուրս գալու մասին։ այդպէս ալ որոշեցինք ընել։

«Ձայն տուինք զինուորներուն։ Նիկոլը կարգադրեց անմիջապէս ցամաք դուրս քաշել վանքի փոքր նաւակը, որով եկած էր պատանին եւ պահել ապահով տեղ մը։ Այդ նաւակը այլեւս մեր միակ միջոցն էր դուրս կարենալ գալու այդ ծուղակէն, որու մէջ ինկած էինք այնքան անսպասելի կերպով»։

Անշուշտ, Աղթամարի վանքին մէջ միաբանութիւն մը գոյութիւն ունէր, Գէորգի պատմութիւնը ընդմիջեց Դաւեանը, հետաքրքիր է գիտնալ, թէ ի՞նչ վերաբերմունք ունին միաբանները  ու ընդհանրապէս Երկրի կղերականութիւնը յեղափոխական շարժման հանդէպ։

Դժուար թէ կարելի լինի ամբողջ հայ կղերականութեան մասին ընդհանուր կարծիք մը յայտնել, պատասխանեց Գէորգը, որ ճիշդ լինի բոլորի համար։ Գիւղացի քահանան, ժողովուրդի ծոցէն ելած եւ սերտօրէն ժողովրդի կեանքին հետ կապուած, անմիջականօրէն անոր ուրախութեան ու ցաւին մասնակցի է, ու հազիւ թէ կը տարբերի ժողովուրդէն։ Ինչ կը վերաբերի վանքերու մէջ մեկուսացած կուսակրօն վարդապետներուն, անոնց մեծամասնութիւնը թուլամորթ եւ ծոյլ կեանքի վարժուած է, բնականաբար պիտի չուզէ որ իր խաղաղ եւ անդորր կեանքը վրդովուի, ինչ որ ազգային շարժման պատճառով։ Սակայն, արդար լինելու համար պէտք է խոստովանիլ, որ գրեթէ ամէն վանքի մէջ ազգային շարժման համակիր երիտասարդ վարդապետներ կան, եւ մէկ քանին նոյնիսկ գործունեայ եւ պատասխանատու դերակատարներ են։

Շարունակէ պատմութիւնիդ, եթէ բոլոր հարցերուն պատասխանես, վերջը չի գար, ծիծաղելով ըսաւ Ներսէսեանը։

«Աղթամար կղզին, կիսատ ձգած պատմութիւնը շարունակեց Գէորգը, իր աշխարհագրական դիրքով, փոխանցման կայան մ՚էր մեր գործին։ Ատոր համար ալ մենք ստիպուած՝ շատ յաճախ կը հանդիպէինք հոն, բայց ոչ մէկ ձախորդութեան չէինք հանդիպած, ինչպէս այս անգամ։ Բերնէ բերան լուրը տարածուեցաւ։ Մօտահաս կռուի մը հաւանականութիւնը սարսափեցուց միաբանները, որոնք տեղապահ եպիսկոպոսի հետ պաշարեցին մեզ։— «Ապա ի՞նչ պիտի լինի վանքի ու մեր վիճակը, խեղճացած կը հարցնէր ծերունի եպիսկոպոսը. այդ անհաւատ թուրքերը դարեւոր վանքը պիտի քանդեն»։ Մեզ համար եւս պարզ էր վտանգը, որմէ խուսափելու ոչ մէկ հնար ունէինք սակայն։ Հանդարտեցուցինք զանոնք, որքան որ հնարաւոր էր, ու մէկտեղելով բոլորը՝ ստիպեցինք, որ Եպիսկոպոսի խուցէն դուրս չգան, մինչեւ որ փոթորիկը անցնի։ Միայն Ծուռ Վարդապետը, հակառակ մեր ստիպումին, թագստոցէն հրացանն ու փամփուշտակալները հանելով միացաւ մեզ։

«Լուսաստղը բարձրանալ սկսաւ անօրինակ շքեղութեամբ։ Շուտով կը լուսնար։ Նիկոլը տեղաւորեց մեր զինուորները դէպի Կաւաշ նայող յարմարաւոր դիրքերու մէջ եւ վերադարձաւ մեր քովը։ Թէեւ պատուիրեցինք հերոս պատանիին, որ միաբաններու հետ խուցի մէջ թագնուի, բայց այնքան սրտանց աղաչեց մեզ մօտ մնալու, որ համաձայնեցանք ձգել զինք, մնչեւ մեր հեռանալը։ Երեքով նստած Գագիկ Արծրունի թագաւորի պատմական եկեղեցիին առջև՝ կը սպասէինք լուսնալուն։ Քիչ հեռուն՝ քանդուած պատի մը բարձունքին թառած էր պատանին։ Վարդապետի պղնձագոյն դէմքը մռայլած՝ կատաղութեամբ կը փայլէր։ Զարմանալի դիւրաբորբոք բնաւորութեան տէր մարդ մ՚էր։ Ջլապինդ ձեռքին սեղմած մոսին հրացանը՝ կարծես մեզմէ խռոված, դաժան լռութիւն մը կը պահէր, երբեմն միայն շղթաները անձայն շարժելով։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս կ՚աղօթէր լռելեայն։

«Կամաց կամաց սկսաւ լուսնալ, շարունակեց Գէորգը, քանի մը կաթիլ ջրով բերանը թրջելէ վերջ, մեր զօրաւոր դիտակները ուղղած հանդիպակաց ափի երկարութեամբ՝ սկսանք ուշադիր հետեւիլ դուրսի շարժումներուն։ Կապուտ Կող սարէն, որ կղզիի արեւմտակողմը կ՚իյնայ, մինչեւ Ոստանի քռան, որ երկար քթի մը նման խրուած է ծովու խորքը, ծածկուած էր յարաշարժ բազմութեամբ մը։ Ձիաւոր ու հետեւակ քրտերը դիրքէ դիրք կ՚անցնէին՝ ամուր շղթայի մը մէջ առնելով կղզիի հանդիպակաց ամբողջ ծովեզերքը։ Չեմ սխալիր, եթէ ըսեմ, թէ հազարէն աւելի պաշիպօզուկներ պատրաստ կը սպասէին մեզ, չհաշուած կանոնաւոր զօրքը եւ այն քրտերը, որոնք հեռաւոր տեղերէ ճամբայ ելած՝ հետզհետէ կը հասնէին։

«Արդէն բոլորովին լուսացած՝ առաւօտեան ժամը ութը կը լինէր, երբ թեթեւ կապտաւուն ծուխ մը բարձրացաւ Ոստանի քռայէն։ Քիչ անցած՝ լուսուեցաւ թնդանօթի հեռաւոր ճայթիւն մը, եւ վժժալով սուրացող գնդակ մը անախորժ սուլոցով մը անցաւ կղզիի վրայէն ու բաւական մը հեռուն մխրճեցաւ ծովին մէջ։ ՄԵնք յանկարծակիի եկանք։ Հաստատ գիտէինք, որ Ոստանի մէջ կառավարութիւնը թնդանօթ չունէր։ Վերջէն միայն իմացանք, որ գայմագամը երբ Վանի կուսակալին կը հեռագրէ մեր Աղթամար կղզին գտնուելու մասին, կուսակալը օգնութեան կը ճամբէ զինուորական հրամատարը մօտ երկու հարիւր զօրքով եւ Քրուբի երկու թնդանօթով։ Ատկէ զատ, որպէս նախազգուշական միջոց, Աւանց գտնուող բոլոր առագաստանաւերու ղեկերը կը հաւաքէ՝ անշարժութեան դատապարտելով զանոնք, որպէսզի ոչ ոք մեզ օգնութեան հասնելու հնարաւորութիւն ունենայ։ Իսկ ինքը՝ պարսկական եւ ռուսական քօնսիւլներու ընկերակցութեամբ, կ՚աճապարէ Ոստան՝ հետաքրքիր թամաշա մը խոստանալով հիւպատոսներուն, վստահ, որ մեզ կամ սպաննուած կամ ողջ ձեռք պիտի անցընէ։

Ներողութիւն որ ընդմիջեմ, ըսաւ Սուրէն, այդ ա՞յն կուսակալն է, որ վերջերս ուղարկուեցաւ Պոլսէն եւ որու համար կ՚ըսեն թէ Սուլթանի մօտիկ մարդոցմէն մէկն է։

Ճիշդ այդ մարդն է, հաստատեց Գէորգը, Ալի պէյ անունով, շատ կորովի եւ դաժան մարդ մը, որ, ինչպէս կ՚երեւի, մեծ կապեր ու պաշտպաններ ունի պալատի մէջ։ Արտակարգ լիազօրութիւններով եկաւ որպէս Վասպուրականի կուսակալ. իր ուզած եւ հասկցած ձեւով խաղաղեցնելու երկիրը եւ արմատախել ընելու յեղափոխական շարժումը։ Թուրքերն ու քիւրտերը մեծ ոգեւորութեամբ ընդունեցին զինք, հայերը՝ վերապահութեամբ։ Բարենորոգչական հովերով տարուած կուսակալի առաջին գործն եղաւ լայն բանալ բանտի դռները՝ ազատ ձգելով յայտնի քիւրտ աւազակներն եւ ըմբոստ քիւրտ բէկերը, որոնք հեռաւոր գաւառներու հոգէառ դահիճներն էին։ Ատկէ անմիջապէս վերջը, աննկարագրելի դաժանութեամբ սկսաւ գանձել տասնեւութ տարուան յետնեալ տուրքերը։ Այդ մասին ժամանակին ձեզ գրած էինք։ Նահանգի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը՝ անհնարին կատաղութեամբ պոռթկաց հայ ժողովուրդը։ Կառկառի ու Կաւաշի շրջաններէն հազարաւոր մարդիկ մերկ ու տկլոր քաղաք թափեցան օտար քօնսիւլներուն բողոքելու համար։ Եւ այդպէս, խելագար կուսակալը ժողովուրդը ծայրայեղ թշուառութեան գիրկը նետեց՝ յուսալով ըմբոստութեան ամէն տրամադրութիւն սպաննել զանգուածին մէջ։ Բայց ինքն եղաւ գլխաւոր պատճառը, որ ժողովուրդը բոլորովին յուսալքուած՝ ամբողջովին նետուի յեղափոխութեան գիրկը։

Վայրկեան մը հանգստանալէ վերջ, Գէորգը շարուանկեց ընդմիջուած պատմութիւնը.

«Երկրորդ թնդանօթի ռումբը դեռ կղզին չհասած՝ վժժալով ինկաւ ծովը։ Յայտնի էր, որ թնդանօթաձիգ սպան կը փորձէր կղզիի հեռաւորութիւնը գտնել։ Յաջորը ռումբերը սակայն իրարու ետեւէ սկսան ծեծել կղզիին  շրջապատող ժայռերը՝ առանց վնաս պատճառելու մէզ։ Պարզ էր, որ հեռուէն ռմբակոծելով չէին կրնար վնասել։ Անշուշտ թուրքերն ալ այդքան մը գիտէին։ Կը զարմանայինք որ անոնք աւելի վճռական քայլ չէին առներ՝ մեր հաշիւը վերջացնելու համար։ Վերջէն իմացանք, որ թուրքերը կը կարծեն եղեր, թէ Աղթամար կղզին մտնողներս առնուազն քառասուն յիսուն հոգի են։

«Տաճարի դրան առջեւ նստած՝ գրեթէ անտաբեր կը հետեւէինք թնդանօթի ռումբերուն՝ սպասելով, որ օրը մթնէ ու մենք ազատ կերպով հեռանանք կղզիէն։ Յանկարծ Ոստանի ծովեզերքէն երեք նաւեր, առագաստները ամբողջովին բացած՝ ուղղուեցան դէպի կղզին։

«Օհօ», մռլտաց Նիկոլը՝ նստած տեղէն բարձրանալով, «մեր բարեկամներու նպատակը մեզ շրջապատել է այս նեղ ծակին մէջ, որ մկներու նման ծուղակը ինկած խեղդուինք»։ Կարգադրեց որ ես տղայոց մօտ վերադառնամ։ «Լաւ թագնուեցէ՛ք, առանց ազդանշանիս ոչ ոք չկրակէ. ամէն գնով պէտք է խուսափիլ աւելորդ արիւնահեղութենէ, որքան որ այդ հնարաւոր է։ Աշխատեցէք միայն նաւերը հեռու պահել։ Այդքանը բաւական է»։

«Վազելով՝ տղոց մօտ հասայ։ Րաֆֆի Քարէն մինչեւ խորգէօմի դիմաց, իրարմէ բաւական մը հեռու, մեր զինուորները դիրք բռնած էին ու համբերութեամբ կը սպասէին, լաւ պաշտպանուած կղզին եզերող ժայռերու ետեւ։ Եղայ բոլորի մօտ, Նիկոլի պատուէրը կրկնեցի, ինքս ալ կեդրոնական եւ բարձր դիրք մը ընտրեցի եւ տափեցայ գետին։ Ընելիք բան մը չունէինք։ Պէտք էր սպասել, մինչեւ որ կացութիւնը զարգանար։ Զարմանալի դանդաղութեամբ կը մօտենային առագաստանաւերը։ Երկու ժամ եղեր է, որ ցամաքէն հեռացած՝ դեռ կէս ճամբան իսկ չէին կտրած»։

Բայց Գէորգ, պատմութեան թելը կտրեց Դաւեանը, քիչ առաջ չըսի՞ր, թէ Վանայ ծովի նաւավարները ընդհանրապէս հայեր են…

Ի հարկէ, բայց այդ մարդիկ ակամայ յանձն առած էին մեր դէմ գալ։ Կառավարութիւնը բռնութեամբ գրաւած էր անոնց նաւերը եւ ստիպած, որ զօրքը կղզին տանին։ Անշուշտ այդ պայմաններու մէջ չէին կրնար ընդդիմանալ։ Բայց այդ խորամանկ նաւավարները այնպէս վարպետութեամբ կը ղեկավարէին առագաստանաւերը որ անոնք հազիւ թէ տեղերէն կը շարժէին։ Ըսենք զօրքն ու սպայութիւնն ալ շատ մեծ ոգեւորութեամբ չէ որ մեր դէմը կռուելու կուգային։ Նոյնիսկ ղեկավար սպայ մը, երբ նաւու մը առագաստը յանկարծական ուժեղ քամիի հոսանքով լեցուած՝ քիչ առաջ կ՚անցնի միւս նաւերէն, բարկացած կը պոռայ նաւավարի վրայ. «անհաւատի զաւակ, առաջ կը քշես, որ մեզ կոտորե՞լ տաս։ Քիչ մը կամաց չե՞ս կրնար երթալ, հարսնի՞ք կ՚երթանք թէ խաղ խնդումի»…

«Նաւերը հրացանի գնդակի հասողութենէն շատ հեռու էին դեռ, երբ յանկարծ Նիկոլը եկաւ մօտս, մտախոհ եւ մռայլ դէմքով։ «Գիտե՞ս ինչ կայ, մեր տղայ», քովս տեղաւորուելով ըսաւ, «քաղաքի կողմէն ալ երկու առագաստանաւեր կը մօտենան կղզիին։ Կ՚երեւի, այնպէս կ՚ուզեն շրջապատել, որ շարժելու հնարաւորութիւն իսկ չունենանք։ Զինուորներէն երկուքը Վարդապետի հետ պէտք է այն կողմը ճամբել։

«Մօտս գտնուող երկու զինուորներուն ձայն տուի։ Նիկոլը տղաքը հետը վերցուց ու հեռացաւ՝ կրկին պատուիրելով խուսափիլ աւելորդ արիւնահեղութենէ եւ գոհանալ առագաստանաւերը հեռու պահելով։ Այդ դիրքին վրայ մենք միայն հինգ հոգի մնացինք։

«Կէս օրուան մօտ կը լինէր, երբ առագաստանաւերը բաւական մը մօտեցան։ Նախօրօք եղած կարգադրութեան համաձայն՝ մինչդեռ Ոստանի քռայէն Քրուփի երկու թնդանօթները սկսան շարունակական ռմբակոծում մը, Կղզիի երկու հակադիր կողմերէն միաժամանակ առագաստանաւերը արագօրէն մօտեցան եւ իրարու յաջորդող համազարկեր բացին դէպի կղզին։ Հրացաններու յարատեւ գոռոցով լեցուեցաւ մթնոլորտը։ Դիրքերը մտած՝ մենք լուռ կը սպասէինք Նիկոլի հրամանին։ Մեր կողմէ առագաստանաւերէն մէկը յանկարծ միւսներէն քիչ առաջ անցաւ թիավարութեան օժանդակութեամբ եւ սպառնագին համեմատութեամբ սկսաւ դէպի ափը յառաջանալ։ Միւս առագաստանաւերն ալ իրենց կարգին հետեւեցան անոր։  Այնքան մը մօտ էին, որ որոշ կերպով կը տեսնէինք նաւերու մէջ խճողուած զօրքը, որ՝ աւազով լեցուն պարկեր շարած նաւի կողերուն ու անոնց ետեւ դիրք բռնած անընդհատ կը կրակէր։

«Տէր Աստուած, կը մտածեմ, Նիկոլը ի՞նչ բանի կը սպասէ։ Շուտով ցամաք պիտի խուժէ զօրքը, իսկ անգամ մը ցամաք ոտք կոխած՝ մեր երգը երգուած է։

«Առագաստանաւերը՝ իրարմէ բաւական մը հեռու մնալով՝ կը մօտենան։ Մէկը միայն քիչ առաջ անցած է։ Անոր վրայ կը գտնուէր արշաւող զօրքի հրամանատարը։ Թուրքերու հրացանները անվերջ կը գոռան։ Անոնց կը ձայնակցին դրսէն երկու թնդանօթները։ Աչքով հեռաւորութիւննին կը չափեմ։ Հազիւ թէ հինգ հարիւր քայլ տարածութիւն մը լինի մեզ իրարմէ բաժնող։

«Արդեօք ինչպէ՞ս կը բացատրեն մեր լռութիւնը, կը մտածե՞ն թէ կոտորուեր ենք արդէն, կամ սարսափած խուցի մը մէջ կծկուեր։ Դժուար է ըսել, միայն կղզիին բաւական մը մօտենալէ վերջ՝ շատ յանդուգն կերպով սկսան յառաջանալ։ Հրացանս ջղայնօրէն սեղմած՝ ամբողջ էութեամբս լսողութիւն կտրած եմ. չլինի՞ թէ այս շարունակական գոռոցի մէջ չլսեմ Նիկոլի սուլիչի ձայնը։ Ջերմէ բռնուածի մը նման կը դողամ, ատամներս կը կափկափին։ Արդեօ՞ք կը վախնամ, կամ սարսափահար եղած եմ։ Դժուար թէ։ Անբացատրելի զգացում մ՚է այդ։ Սպասողական դրութեան մէջ ջղերդ պրկած պողպատ թելի մը նման կը ձգուին, կ՚ուզես շարժման մէջ լինիլ, կռուիլ անսանձ կատաղութեամբ։ Երկարատեւ սպասումը սակայն վատ կ՚անդրադառնայ հոգիի վրայ, լարուած ջղերդ կը բեկուին, անբացատրելի զգացում մը կ՚ունենաս, որ սովորական վախի հետ առնչութիւն մը չունի, չես կրնար տիրապետել հոգեկան կարողութիւններդ, մինչեւ որ կռիւը սկսի եւ առաջին գնդակը արձակես։ Ատկէ վերջ դու քու տէրն ես. զարմանալի հանդարտութիւն մը կը տիրէ զգայարանքներուդ վրայ, գիտակցութիւնդ յստակ կը գործէ, ու քանի կռիւը կ՚առաջանայ՝ այնքան աւելի պաղարիւն կը գործես եւ կը դատես։

«Ամենամօտ գտնուող առագաստանաւի յետակողմը կը բարձրանայ շեփորահար զինուոր մը եւ, ինչպէս կ՚երեւի, ընդհանուր յարձակման հրամանը կը շեփորէ։ Գրեթէ անմիջապէս հեռուէն հեռու կը լսեմ շեփորի մը ոլորուն ելեւէջը, որպէս պատասխան առաջինին։ Անշուշտ քաղաքի կողմէն եկող առագաստանաւերէն կուգար այդ ձայնը, թէեւ նաւերը մեր դիրքէն չէինք կրնար տեսնել։ Անվերջ համազարկերով, գոռում գոչումով կը մօտենան նաւերը։ Հազիւ երեք հարիւր քայլ հեռաւորութիւն մը ունենան։ Զինուորներէն շատեր՝ յանդգնօրէն դիրքերէ ելած՝ պատրաստ կը սպասեն ափ ցատկելու։ Շեփորահարը երկրորդ հրաման մը կը շեփորէ, որու իմաստը դժբախտաբար չենք հասկնար։

«Այդ պահուն Կղզիի խորքէն կը հնչէ Նիկոլի սուլիչի երկարաւուն եւ սուր ձայնը։ Վերջապէ՜ս։ Մեր մոսիններու անախորժ դրաքդրաքոցը կատաղութեամբ կը պատասխանէ թշնամիի հրացաններուն։ Զարմանալի զուգադիպութեամբ կը Մարտոյի արձակած առաջին գնդակը կը ծեփէ շեփորահարի բերանը նիքելապատ գնդակով մը։ Կ՚իյնայ եւ երկրորդ զինուոր մը։ Այդ չափը բաւական էր։ Առագաստանաւերու վրայ այլ եւս ոչ ոք կ՚երեւի, բոլորը կը թափին վար, դիրքերու ետեւ։ ՄԵնք անվերջ կը ծակծկենք նաւերու փորը։ Յառաջացումը դադրած է։ Առագաստները առանց քամիի թոյլ շորի նման կախուած են։ ՄԷկ ալ ան կը տեսնենք, որ ցռուկները կամաց մը կը դառնան, եւ առագաստանաւերը  կիսաշրջան մը բոլորած՝ արագօրէն կը սկսին հեռանալ թիավարութեան օգնութեամբ։ Գնդակի հասողութեան սահմանէն դուրս եկած՝ կանգ կ՚առնեն այլեւս։ Անշուշտ պիտի սպասեն մթնալուն, որ խաւարի օգնութեամբ անվտանգ կարողանան ցամաք դուրս գալ ու չորս կողմէն մեզ շրջապատել։

«Դադար է երկուստեք։ Միայն ցամաքի թնդանօթները ընդհատ կը գոռան։ Ռումբերը ահագին շառաչով կը ծեծեն ժայռերը։

«Կէս օրէ վերջը պատահեցաւ առաջին դժբախտութիւնը։ Թնդանօթի ռումբ մը զարնուեցաւ տաճարի գմբէթին։ Սուրբ խաչ  հոյակապ տաճարը, սքանչելի պատմական հարստութիւնը Արծրունի թագաւորներէն մնացած, այնպիսի ճարտարապետական գեղեցկութիւն մ՚է, որու վնասուիլը մեծ կորուստ պիտի լինէր։ Բարեբախտաբար, ռումբը հանդիպած գմբէթի ծայրին՝ վրայի խաչը միայն վար բերաւ քարէ խարսխովը միասին։

«Մեր փրկիչը կտրիճ պատանին ամբողջ օրը մէկ Նիկոլի, մէկ ալ Վարդապետի եւ երկու ընկերներուն մօտ անցուցեր էր։ Վերջէն Վարդապետը կը պատմէր, թէ ինչպէս բարձրացած ժայռի մը վրայ, մազերը քամիին տուած, բոլորովին անտարբեր չորս դին վզզացող գնդակներուն, ապագային յեղափոխական երգեր կ՚երգէր խանդավառ շունչով մը ու երգելով կը քաջալերէր կռուողները։

«Վերջապէս, արեւը վեհափառ դանդաղութեամբ մայր կը մտնէ։ Խաւարը կամաց կամաց կը սկսի թանձրանալ։ Երբ բաւական մը կը մթնէ՝ կը լսուի Նիկոլի հաւաքման ազդանշանը։ Բոլորս կը հաւաքուինք նաւակի մօտ։ Գլուխը բաց, բոպիկ ոտքերով, ուրախութենէն ճառագայթող դէմքով հոն կեցած է և աշխոյժ պատանին մեզ բարի ճանապարհ մաղթելու։ Ինչպէ՞ս պիտի տեղաւորուինք այդ փոքրիկ մակոյկին մէջ՝ շուարած իրար կը նայինք։ Հեռուէն հազիւ կ՚երեւին առագաստանաւերու անորոշ ուրուագիծերը խաւերին խառնուած, որոնք սկսած են առանց աղմուկի, դէպի կղզին յառաջանալ։ Բոլորս գրկէ գիրկ կ՚անցընենք անվախ պատանին՝ ջերմօրէն համբուրելով պայճառ ճակատը։ Ամենէն վերջ Նիկոլը, առնական լայն կրծքին սեղմած զայն, յայտնապէս յուզուած կը պատուիրէ անմիջապէս երթալ Կաթողիկոսական տեղապահին խուցը, ուր հաւաքուած էին բոլոր միաբանները։

«— Ազիզ ջան, հազիւ յուզումը զսպելով ըսաւ Նիկոլը, խմբի փրկիչը եղար այսօր։ Քեզ չենք մոռնալու երբեք։ Գնա՛ վարդապետներու մօտ, եւ սենեակէն դուրս մի գար»։ Թէեւ աչքերը արցունքոտ, բայց աշխատելով ժպտալ՝ տղան պատասխանեց. «Ազգն անուշ մնայ, պարոն Նիկոլ, դուք ողջ լինիք։ Բարի ճանապարհ ձեզ։ Որ մեծնամ՝ Հայաստանի զինուոր պիտի լինիմ ձեզ պէս», ու արագ մագլցելով ժայռէն վեր՝ խաւարի մէջ անհետացաւ։

«Տղուն հեռանալով ինչ որ գեղեցիկ, պայծառ բան մը կարծես յանկարծակի բաւարեցաւ մեր շուրջը։ Սրտներս կոտրած՝ իրարու ետեւէ մտանք նաւակը։ Թէ ինչպէ՞ս  կրցանք տեղաւորուիլ անոր մէջ՝ չեմ կրնար բացատրել։ Այսքանը ըսեմ, որ նաւակի եզրը հազիւ վեց եօթ մատ բարձր մնաց ծովի մակերեսէն։ Ժամանակ չէր դանդաղելու։ Վարդապետը սկսաւ թիավարել կղզիին եզերով դէպի Խորգէօմի կողմը։ Այդ ուղղութեամբ, կղզին պաշարողներու արանքովը պիտի անցնէինք։

«Մեր բախտէն ծովը զարմանալիօրէն խաղաղ էր։ Կղզիի արեւելեան ծայրը հասած՝ ցամաքէն կը բացուինք եւ նաւակի քիթը կ՚ուղղենք դէպի Հայոց-Ձոր, Անգղայ գետաբերանը։ Բաւական մը հեռացած էինք երբ հեռուէն յստակ կերպով լսեցինք շեփորի մեռնոց ելեւէջները եւ իրարու յաջորդող համազարկերը, որոնք կղզիի չորս բոլորը կը փայլատակէին՝ լուսաւորելով առագաստանաւերը։ Անշուշտ զօրքը, մօտեցած կղզիին ու կարծելով թէ մենք այնտեղ ենք, համազարկեր տալով, կը պատրաստուէր ափ դուրս գալու»

Հոս կանգ առաւ Գէորգը, Դառն վերյիշումը անցեալ ողբերգութեան խզեց ձայնը։ Երբ նորէն սկսաւ շարունակել պատմութիւնը, ձայնը հազիւ կը լսուէր, տխուր ու թախծոտ, կարծես բառերը արցունքով թրջուած լինէին։

«Վերջէն անհնարին վշտով լսեցինք մանուկ հերոսի նահատակութիւնը…

«Մեր հեռանալէն հազիւ կէս ժամ վերջը, շարունակեց Գէորգը, առագաստանաւերը ամէն կողմէ վրայ կուտան։ Զօրքը, ի հարկէ առանց դիմադրութեան հանդիպելու, կը խուժէ կղզին յաղթական գոռում գոչումով, որպէս թէ անառիկ բերդ մը գրաւած լինէր։ Չգիտցուեցաւ, թէ ինչո՞ւ մեր աննման պատանին, փոխանակ միաբաններու մօտ երթալ պատսպարուելու, ինչպէս պատուիրած էինք իրեն, կ՚երթայ եկեղեցւոյ քով բարձր պատի մը վրայ կը նստի առանձին։ Կղզիի մէջ ցրուած զինուորներէն խումբ մը կը տեսնեն զինքը հոն միայնակ նստած եւ վար կը բերեն պատէն։ Հակառակ որ իրենց առջեւ անզէն երեխայ մըն էր, անգթաբար վեց տեղէ սուինահար ընելով, կը սպաննեն զայն։

«Ահա այսպէս, նահատակուեցաւ որբ երեխայ մը, նոր հասնող սերունդի մէկ ներկայացուցիչը, որ իր մատղաշ կեանքը այնքան պատրաստակամ դրաւ զոհաբերութեան սեղանին վրայ»։

Գէորգը լռեց։ Լուռ էին եւ միւսները։ Երկիւղածութեամբ գլուխները հակած էին յիշատակին առջեւ հերոս մանուկի մը, որ յուսատու ծիլ մ՚էր հայրենի արգաւանդ դաշտերուն վրայ։ Գարնան կարմիր կանաչ մը, խորհրդանիշը Հայաստանի սուգին ու արիւնոտ պայքարին։

———

«Չորս ժամ անընդհատ թիավարելով կը հասնինք Խորգէօմի տակ, Անգղայ գետաբերանը։ Գետի միջով քիչ վեր կը բարձրանանք։ Չորս կողմերնիս շատ թանձր շամբուտ է։ Նաւակը գէշ աղէկ կը թագցնենք եղէգնուտի մէջ ու մինչեւ մէջքերնիս մածուցիկ տիղմի եւ դանակի նման կտրող եղէգներու մէջէն ճամբայ բանալով գետի աջ կողմը դուրս կուգանք։ Պէտք էր աճապարել՝ լոյսը չբացուած Կէմ գիւղի սարը բարձրանալու։

«Ամբողջ ցերեկը հոն, քարերու տակ տափ եկած՝ մնացինք։ Մեր դիրքը ճամբու շատ մօտ էր, այնպէս որ տեղերնէս շարժիլ իսկ չէինք կրնար, թէեւ շատ պաղ քամի մը կը փչէր, եւ մեր զգեստները գրեթէ թաց էին։

«Հազիւ արեւը մարը մտած՝ մթնով ճամբայ ելանք Վարագայ սարը բարձրանալու համար, որ հազիւ 4-5 ժամուան հեռաւորութիւն ունէր։ Հանդարտ կը քալէինք, առանց շատ աճապարելու։ Բարեբախտաբար Աղթամարի վանքէն դուրս եկած ժամանակ մեր սիրելի վարդապետը, նախկին փորձառութենէն օգտուելով, երկու օրուան առատ պաշար վերցուցած էր  հետը։ Հայաբնակ Բերդակ գիւղի դաշտով անցանք՝ առանց գիւղ հանդիպելու։ Հեռուէն հեռու շներու հաջոցի ձայնը կը լսուէր։

«Գիւղէն հեռանալէ բաւական մը վերջ, ճամբան նեղ ձորով մը կ՚անցնի, յետոյ բարձրանալով լեռնադաշտ մը կ՚երկարի դէպի Կուռուպաշ գիւղը, այն տեղէն ալ՝ Վան։ Հազիւ թէ ձորով քիչ մը բարձրացած էինք, երբ խաւարի մէջէն յանկարծ մեր առջեւ ցցուեցաւ աղ փախցնող քրտերու կարաւան մը։ Ձորը շատ նեղ լինելուն, ճամբայէն դուրս գալու ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունէինք, նոյնպէս եւ քրտերը։ Մէկ կողմը պէտք էր որ տեղի տար ետ երթալով, բան մը որ շատ սովորական երեւոյթ է գիշերային ճամբորդութեան ժամանակ, երբ չես գիտեր թէ դիմացինդ բարեկա՞մ է թէ՝ թշնամի։ Ձայն տուինք որ խաղաղ ճամբորդներ ենք, քաղաք կ՚երթանք, որ ձորէն դուրս ելլեն, մինչեւ որ մենք անցնինք։ Կարաւանի մէջ շփոթ ու աղմուկ բարձրացաւ։ Քրտերէն մէկը կասկածելով՝ սկսաւ պոռալ թէ դուք ճամբորդներ չէք, հայ ֆէտայիներ էք, ու առանց այլեւայլի սկսան կրակել մեր ուղղութեամբ։

«Ես Նիկոլի կողքին կը գտնուէի այդ պահուն։ Հազիւ հրացանաձգութիւնը սկսած՝ տեսայ որ Նիկոլը նստաւ գետին՝ առանց ձայն ծպտուն հանելու։ Քրտերով զբաղած՝ ուշադրութիւն չդարձուցինք անոր վրայ։ Հազիւ թէ մէկ երկու համազարկ բացինք, երբ քիւրտերը՝ կարաւանը թողած ճամբու վրայ՝ փախան ու թագնուեցան շրջակայ քարերու մէջ։

«Նիկոլը նստած տեղէն չշարժեցաւ։ Երբ քրտերու փախուստէն վերջ մտահոգուած շրջապատեցինք զինքը, նոր միայն յայտնեց, որ ծնկէն վիրաւորուած է եւ անկարող քալելու։ Բարեբախտաբար, այդ տեղէն շատ հեռու չէր սուրբ Խաչ վանքը։ Վէրքը ամուր մը կապելէ վերջ, փոխն ի փոխ շալկելով ապահով կերպով հասանք Սուրբ Խաչ վանքը։

«Յաջորդ առտու Կուռուպաշ գիւղէն, որ հազիւ քսան վայրկեանի հեռաւորութիւն մը ունի վանքէն, սայլ մը բերել տուինք եւ Նիկոլը որպէս հիւանդ, գիւղացու շորերով ծպտուած քաղաք ճամբեցինք՝ վստահելի սայլապանի մը ընկերակցութեամբ։ Ուշ գիշերով մենք ալ Այգեստան մտանք, որ հազիւ ժամուան մը հեռաւորութիւն ունէր վանքէն։ Նիկոլի վէրքը թէեւ ոչ վտանգաւոր, բայց ծնկոսրը ջախջախուած լինելուն երկարատեւ բժշկութեան կը կարօտէր, ո՞վ գիտէ, թերեւս Նիկոլ կաղ մնայ։

«Քաղաք հասնելէ շաբաթ մը վերջ, երբ կը պատրաստուէի Արճակի շրջանը անցնիլ խմբով, իմ անիծած հիւանդութիւնը կրկնուեցաւ, այս անգամ շատ սպառնագին սաստկութեամբ։ Փախստական վիճակի մէջ, գործողութեան մը ենթարկուելու մասին խօսք իսկ չէր կրնար լինիլ։ Ընկերներու որոշումով, քանի մը օր հանգստանալէ վերջ. ստիպուած դուրս եկայ Ապաղայի գծով, բժշկուելու համար։

Կը կրկնեմ, Վասպուրականի շրջանին մէջ, հիմա ազատ գործիչ միայն Պիծան կը մնայ։ Այս մասին պէտք է մտածել։

Այո՛, պէտք է մտածել մէկը ճամբելու մասին, համաձայնեցաւ Վահանեանը, պէտք է մէկը շուտով ճամբել։

Ի հարկէ՛, բայց հարց է թէ ո՞վ, մտամփոփ կարծես ինքնիրեն կը խօսէր Սուրէնը, հազիւ թէ ազատ մարդ ունինք… մանաւանդ գնացողը Երկրի գործերուն տեղեակ փորձառու մէկը լինելու է, պատասխանատու անձնաւորութիւն մը…

Դժուար լուծելի խնդիր մ՚էր։ Անշուշտ Երկիր երթալ ցանկացողներ շատ կային, մանաւանդ նորահաս երիտասարդութեան մէջ։ Բայց ցանկութիւնը բաւական չէր, հարկաւոր էր յեղափոխական կեանքի մէջ եփուած, թրծուած մէկը, որ եւ կարողանար ղեկավարի դեր կատարել։ Վասպուրականը Տաճկահայաստանի մէջ կեդրոնական դիրք մը կը գրաւէր ու իր աշխարհագրական դիրքի բերումով գլխաւոր առանցքը կը կազմէր յեղափոխական շարժման։ Բոլորի համար ալ պարզ էր, որ այդ պայմանները լրացնող ազատ մէկը չունէին։

Ակամայից ներկաներու հայեացքները կեդրոնացան Վահէի վրայ, թէեւ ոչ ոք սիրտ կ՚ընէր սեփական մտքի խորհուրդ բարձրաձայն արտայայտելու։ Վահէն հինգ երկար տարիներ, դժոխային պայմաններու մէջ գործելէ վերջ, հազիւ թէ ամիս մը առաջ եկած էր Կովկաս՝ տարի մը հանգստանալու եւ Արմաւիր երթալով իր ծնողքը տեսնելու համար։ Հիմա ի՞նչ սրտով յայտնել անոր, որ պէտք է վերադառնայ։

Ձեռքերը տաբատի գրպանները, գլուխը կրծքին կախած, Վահէն աչքերը տնկած էր անորոշ կէտի մը ու կը մտածէր՝ մտքով հարիւրաւոր մղոններ հեռուները թափառելով։ Բնազդօրէն կը զգար որ շուրջը գտնուող ընկերներու հայեացքները կեդրոնացած են իր վրայ ու բնական կը գտնէր այդ։ Առանց անհամեստութեան՝ իր արժէքի գիտակցութիւնն ունէր ու կը զգար, որ երկնտրանքի մը առջեւ կանգնած չէր ինք, այլ պարզ ու միակ ճամբայ մ՚ունէր երթալիք։ Ու ծանրօրէն գլուխը բարձրացնելով՝ դարձաւ դէպի Պաստամեանը։ Երկուքի հայեացքները իրար խաչաձեւեցին կատարեալ ներդաշնակութեամբ։ Իրար հասկցեր էին։

Վահէի դէմքի տխուր ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ, ու գլուխը դրականօրէն շարժելով, կարծես թէ ինքնիրեն խօսելով՝ ըսաւ.

Այո՛, ի հարկէ…

Պաստամեանը զգացուած՝ Վահէի ձեռքը սեղմեց, իսկ Աբրահամեանը, որ թէեւ խառնուածքով փութկոտ եւ անհամբեր, բայց զգացումով զարմանալիօրէն նուրբ ու քնքուշ մարդ էր, բամբ ձայնով մէջ ինկաւ.

Ախր ինչպէս կարելի է… դեռ հազիւ Երկրէն եկած… յոգնած…

Ես բոլորովին կազդուրուած եմ, անհամբերութեամբ ընդմիջեց Վահէն, լաւ է չխօսինք… վերջացած բան է… ես պիտի վերադառնամ…

Այ պալամ, գէթ մէկ երթայիր ծնողքդ տեսնելու, —ուզեց համոզել Աբրահամեանը, գիտնաս թէ ո՜րքան նամակներ ստացեր եմ ծերունի հօրմէդ…

Բաւական է, խնդրեմ, գրեթէ բարկացած պոռաց Վահէն՝ նստած տեղէն վեր ցատկելով, բաւական է կը կարծէ՞ք, թէ ես ջղեր չունիմ. ու ձեռքերը ետեւը կապած՝ սկսաւ ման գալ սենեակի երկայնքով։

Համալսարանը աւարտելէ վերջ, Վահէն, երբ Գերմանիայէն վերադարձաւ, հազիւ ամիս մը մնաց ծննդավայրը՝ Արմաւիր, ծնողքի մօտ։ Մեկնեցաւ դէպի Կովկաս, որպէս թէ քանի մը ամսուան պտոյտի։ Այդ մեկնիլը եղաւ։ Տարիներ անցան, եւ ոչ մէկ լուր։ Չէրքէզախօս հայրն ու մայրը շատ ալ գաղափար չունէին Հայաստանի մասին։ Օր մը, երբ լսեցին, որ իրենց կրտսեր զաւակը Հայաստան գացեր է, քար կտրեցան։

Մինչ ընկերները կը խօսէին, Վահէն հետզհետէ աւելի մռայլեցաւ։ Կը շարունակէր ման գալ, առանց ընկերներու ըսածները լսելու։ Որքա՜ն կարօտցած էր ծերունի հայրն ու մայրը, որոնք տարիներով իր ճամբան սպասեր էին։ Բայց, շուտով ինքզինքը հաւաքեց ու բոլորովին հանդարտօրէն մօտենալով ընկերներուն՝ վճռական ձեւով մը ըսաւ.

Քանի մը օրէն կը մեկնիմ Ալեքսանդրոպոլ բերդի գործին մասնակցելու։ Ես ալ կը կարծեմ թէ մեզմէ մէկը հոն գտնուելու է, ո՞վ գիտէ ինչ կրնայ պատահիլ։ Յետոյ կ՚անցնիմ Երեւանի վրայով Թադէոս Առաքեալի վանքը, ժամանակ մը Վարդապետին օգնելու։ Միեւնոյնն է, մինչեւ Սեպտեմբերի տասնեւհինգը հազիւ թէ կարելի լինի Երկրի անցնելու մասին մտածել. մինչեւ այդ ժամանակ բոլոր սարերը բռնուած կը լինին քրտական աշիրէթներով։ Եթէ մինչեւ այդ ատեն Գէորգն ալ բժշկուած լինի, այն ժամանակ երկուքով կ՚՚անցնինք։ Այս մասին այսքան։ Հիմա եթէ ուրիշ հարցեր կան, անցնինք անոնց։

Տօ՛, ալ ի՞նչ նոր հարց, բրդկաց Սուրէնը, արեւը ծագած է արդէն, լաւ է քիչ հանգստանաք, եւ ամէն մարդ թող երթայ իր գործին։

Ես նամակներ ունիմ գրելիք։ Ուրեմն, Գէորգի մասին դու պէտք եղած կարգադրութիւնները կ՚ընես, Ջանեան, ձայնեց Վահանեանը ու աճապարանքով գլխարկը վերցնելով՝ միացաւ գնացող ընկերներուն։

Գէորգն ու Վահէն Սուրէնի մօտ մնացին։ Երկու ընկերները Նաթալիայի սենեակը առանձնացան ու դեռ երկար կը խօսէին Երկրի գործերու, Պիծայի ու Նիկոլի մասին։