Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԻՐԱՀԱՐԻ ՏԱՐԱԿՈՒՍԱՆՔՆԵՐԸ

Սոնիայի ծննդեան տարեդարձի առթիւ սարքուած երեկոյթէն յետոյ, մեր սիրահարներն անգամ մը միայն տեսան իրար, այն ալ պատահական կերպով։

Օր մը Վարդանը կ՚անցնէր Երեւանեան հրապարակէն, երբ յանկարծ տեղաւ Ասլանովներու կառքը, որ կանգնած էր Կավկազսկի հիւրանոցի տակ, մեծ խանութի մը առջեւ։ Կառապան Վասիլը ձեռքի ծրարները կը տեղաւորէր, իսկ երկու քայլ անդին մայր ու աղջիկ կը պատրաստուէին նստելու կառքը։

Վարդան, այս անակնկալ հանդիպումէն քիչ մը շփոթած մօտեցաւ ժպտելով։ Տիկին Վառվառէն ամէն անգամուան պէս սիրալիր ջերմութիւն ցոյց տուաւ, իսկ Սոնիան՝ որպէս թէ ձեռքի ծրարով զբաղած՝ գլխու թեթեւ շարժումով մը պատասխանեց բարեւին, անտեսելով Վարդանի պարզած ձեռքը։

Վարդան, աղաւնեակս, մայրիկդ ինչպէ՞ս է, հարցուց տիկին Վառվառէն՝ անոր օգնութեամբ բարձրանալով կառքը, ո՜ւֆ, այս յօդացաւը հոգիս բերանս բերաւ։ Հա՛, իրաւ, շաբաթ մ՚եղաւ, որ ձերոնց չենք տեսեր։ Շուտով ամարանոց կը բարձրանանք։ Սոնիայի հետ ելանք մանր մունր բաներ գնելու։ Մարդու գնումները կը հատնի՞ն որ։ Աղաւնեակս, ըսէ՛ մայրիկիդ, որ քանի չենք գնացեր՝ անգամ մը մեզ տեսնելու գայ, կարեւոր ըսելիք ունիմ իրեն։

Շատ լաւ, մօրաքոյր։ Մերոնք ալ կը պատրաստուին այս քանի օրս Ղարաքիլիսէ երթալ, մեր սովորական ամարանոցը։

Ինչպէ՞ս թէ ձերոնք կ՚երթան, մի՞թէ դու պիտի չերթաս, զարմացած հարցուց տիկին Վառվառէն։

Ես դեռ շաբաթ մը կամ տասը օր պիտի մնամ, մասնաւոր գործ մը…

Մայրիկ, հիմա Վարդանը շատ զբաղած է, հեգնօրէն վրայ բերաւ Սոնիան, կառքի մէջ մօրը քով տեղաւորուելով, հիմա այնքա՜ն զբաղած է, որ զինքը տեսնելն ալ մեծ բախտաւորութիւն պէտք է համարել։

Չեմ հասկնար, թէ ի՞նչ ըսել կ՚ուզես, ու Վարդանը ուղիղ աղջկան աչքերուն մէջ նայեցաւ, կ՚երեւի վատ տրամադրութեան մէջ ես։

Ընդհակառակը։ Այս շաբթու մէջ, երկու անգամ ձեզ մօտ եղայ, յարգելի պարոն։ Մօրաքոյրը կը գանգատէր, որ տանը նստած չունիս. հազիւ գիշերները ուշ ատեն տուն կ՚երթաս քնելու։ Անշուշտ, գործեր… զբաղմունք… հասկնալի է։ Բայց նայէ, որ այդ աշխատանքը քու առողջութեան չվնասէ։

Սոնիան թէեւ հանդարտօրէն կը խօսէր, բայց բառերը թունաւոր սլաքի նման դուրս կուգային սեղմուած շրթունքներու մէջէն։

Աղջկան ծաղրական շեշտը զսպուած բարկութիւնը խեղճացուց Վարդանը, որ ուզեց բացատրել իր յաճախակի բացակայութիւններու պատճառը, բայց հազիւ մէկ երկու բառ կրցաւ արտասանել։ Սոնիան ուսերը թոթուեց անտարբեր, մէկու մը նման, որ բոլորովին չի հետաքրքրուիր տրուած բացատրութեամբ, եւ դառնալով կառապանին հրամայեց.

Վասի՛լ, տո՛ւն։

Կառապանը սանձերը հաւաքելով մտրակեց ձիերը։ Այդ այնքան արագ եղաւ, որ տիկին Վառվառէն հազիւ ժամանակ ունեցաւ գլխով հրաժեշտ տալու անակնկալի եկած տղուն։ Առանց նկատողութիւն մը ընելու, մտահոգուած մայրը քովնտի նայեցաւ աղջկանը։ Ի՞նչ էր պատահած Սոնիային, որ այնքա՜ն անսիրալիրութիւն կը ցուցնէր Վարդանի հանդէպ։

Տղան քարացածի նման գամուած մնաց կեցած տեղը։ Մէկ այս էր պակաս։ ՉԷ՛, չէր ուզեր, չէր կրնար հաւատալ, որ տեսածը վատ երազ մը չէ։ Եւ սակայն, ինք արթուն էր։

Պոտանիքական Այգիի միջադէպը, բայց մանաւանդ ճաշկերոյթի ժամանակ, իշխան Ալէքսէյի  եւ Սոնիայի աչք ծակող գլուխ գլխի քսփսոցը, խորհրդաւոր ժպիտները արճիճի ծանրութեամբ նստեր էին Վարդանի մտքին, սրտին վրայ։ Կարծես այդ եղածը բաւական չլինէր, հիմա ալ աղջկան այս քմայքոտ վերաբերմունքը, վիրաւորանքը, որ ոչ մէկ հիմնաւոր պատճառ ունէր։ Տէր Աստուած, Սոնիան նոյնիսկ ժամանակ չէր տուած իրեն, որ երկու բառ արտասանէ։

Մինչեւ հոգու խորքը վրդովուած կեցած տեղը արձանի նման անշարժ մնացեր էր Վարդանը։

Բարեւ, Վարդա՛ն։

Նիհար բարձրահասակ պատանի մ՚էր բարեւողը, որ մօտենալով մտերմօրէն ուսին զարկաւ։

Ի՞նչ հալի ես, մեր տղայ, հոս ի՞նչ կը սպասես։

Բարեւ, բարեւ Արմէն, ընկերոջ ձեռքը սեղմեց Վարդանը՝ ինքզինք հաւաքել փորձելով, վայրկեան մը կանգնած միտք կ՚ընէի։ Անշուշտ Ներսէսի մօտ կ՚երթաս։ Լաւ որ հանդիպեցար, միասին կ՚երթանք։

Երթա՛նք։ Հազիւ ժամանակին հասնինք, տղաքը կը սպասեն։

Երկու ընկերները սկսան բարձրանալ դէպի Գանովսկայա փողոցը, ուր կը գտնուէր իրենց ընկերնէն Ներսէսի տունը։

Վարդանի ընկերը՝ Արմէն Յարութիւնեանը, Ջալալ Օղլեցի համեստ միջոցներու տէր գիւղացիի մը զաւակն էր, հազիւ տասնեւինը տարեկան, Ներսէսեան վարժարանի վերջընթեր դասարանի աշակերտներէն։ Արմէնը դպրոցի ամենաընդունակ աշակերտը կը համարուէր, աշխատասէր ու ամէնքէն սիրուած։ Զարմանալիօրէն ինքնամփոփ, հանդարտ տղայ մ՚էր։ Դպրոցական դադարի պահերուն ոչ ոք անոր խաղալը տեսած էր։ Միշտ գիրք մ՚ունէր ձեռքը, կամ անկիւն մը քաշուած ընկերներու խաղին կը հետեւէր։

Արմէնը, տնէն հազիւ այնքան մը կը ստանար, որ անօթութենէ չմեռնէր։ Այդ էր պատճառը որ ծայր աստիճան խնայողութեամբ կ՚ապրէր՝ ինքզինք զրկելով ամէն տեսակ զուրաճութիւններէ։

Դասընկերները, երբ իրարու մէջ անոր մասին կը խօսէին, փոխանակ անունը տալու՝ «ճգնաւորը» կամ «գրքի մուկը» կ՚ըսէին, ու այդ՝ բարեմտօրէն։ Շատ մը ծիծաղելի պատմութիւններու կը պատմէին անոր կեանքէն։ Այդ պատմութիւններու մեծ մասը դասարանի մէջ թխուած էր։ Ճշմարիտ էր, որ Արմէնը չորս տարուան ընթացքին ոչ մէկ անգամ թատրոնի սոմը չէր տեսած եւ ոչ ալ սրճարան մը մտած էր՝ բաժամ կը թէյ խմելու համար։ Դասընկերները ամենէն աւելի իր վախկոտութեան մասին կը պատմէին։ Կրնար ճիշդ չլինել, բայց ընկերներէն մէկը կը հաւատացնէր, որ «ճգնաւորը», անգամ մը մուկ մը տեսնելով իր սենեակին մէջ՝ վախէն նուաղած ինկած էր։

Երբ դասընկերները իր մասին բան մը պատմէին, միւսներու նման ինքն ալ ուշադրութեամբ մտիկ կ՚ընէր, եւ թերեւս ամենէն աւելի սրտանց կը ծիծաղէր իր անձայն մեղծ ծիծաղովը։

Տարուան բոլոր եղանակներուն միեւնոյն զգեստը կը հագնէր։ Նոյնիսկ ըսողներ կային, որ ան զգեստը չէր փոխած չորս տարիէ ի վեր։ Ձմեռը միայն, գիւղէն բերած հաստ վերարկու մը կ՚աւելնար եղածին վրայ։ Մեծ եղբայրը տարիներ առաջ Ռուսաստանէն բերած էր այդ վերարկուն, որու կասկածելի գոյնը սեւի եւ կանաչի խառնուրդ մ՚էր։ Ոտնամանները չուստի եւ կօշիկի սահմաններուն մէջ կ՚երերային, այնքան որ կարկտաններով ծածկուած էին ու բոլորովին կորսնցուցած իրենց նախնական ձեւը։ Եթէ աւելցնենք տաբատի երկու խոշոր կարկտանները ճիշդ  նստատեղիի վրայ, Արմէնի արտաքին պատկերը լրացուցած կը լինինք։

Այս քիչ մը ձախաւեր արտաքինի տակ, սակայն, ծածկուած էր պայծառ, մաքուր, եւ զարմանալիօրէն ընկերասէր հոգի մը։ Ուսուցիչներն ու աշակերտները կը սիրէին ու կը յարգէին ինքն իր մէջ փակուած այդ տղան, որ այնքա՜ն պատրաստակամ էր ուրիշներուն ծառայելու։ Բաւական էր որ աշակերտ մը դասը չիմանար, ժամերով հետը կը պարապէր, սիրտ կը հատցնէր՝ բացատրելով դժուարին մասերը։

Վարդան առաջին անգամ Վահանեանի մօտ հանդիպեցաւ Արմէնին։ Եկած էր որոշ թուական տեղեկութիւններ ստանալու Երկրի մասին, երբ Վարդանը պատահաբար ներս մտաւ։ Այդ հանդիպումը եղաւ հիմքը հետզհետէ աճող բարեկամութեան։ Ատկէ վերջ այլեւս միասին կ՚երթային ժողովրդական դասախօսութիւններու, աշակերտական ժողովներու, եւ հաւաքոյթներու։ Բնաւորութեամբ ու նկարագրով իրարու հակոտնեաներ էին։ Արմէնը խոհուն եւ մտածող, բայց կրաւորական ուժ մըն էր, Վարդանը՝ կենսուրախ տղայ մը, պայքարելու համար ստեղծուած։ Այդ երկուքը կարծես մէկ ամբողջութեան մը մասերը լինէին։ Քով քովի եկած՝ անոնք սքանչելի կերպով կը լրացնէին իրար։

————

Երբ Վարդանը եւ Արմէնը սենեակէն ներս մտան, ՆԵրսէսն ու երկու հասակակից պատանիներ, սեղանի մը շուրջը հաւաքուած, նամակէ մը բազմաթիւ օրինակներ կ՚արտագրէին։

Հը՞, ինչ բանի էք, դեռ չը վերջացա՞ւ, հարցուց Վարդանը՝ Ներսէսի գլուխը սեղանին վրայ սեղմելով, անիրաւ, երէկ գիշեր պատրաստ պիտի լինէին ատոնք։

Ըսելը հեշտ է, գլուխը ազատել փորձելով՝ ծիծաղոցաւ Ներսէսը, կը վերջանա՞յ որ։ Դեռ քանի մը հատ ալ մնաց։ Շուտո՛վ։

Արմէնը, առանց ձայն ձուն հանելու, աթոռ մը քաշեց ու նստելով սեղանի մը ազատ կողմը՝ սկսաւ ինք ալ արտագրել, մինչդեռ Վարդան երկնցաւ Ներսէսի անկողնին վրայ, ու սկսաւ ժողովրդական եղանակ մը սուլել։

Վերջապէ՜ս, ու գրիչը սեղանի վրայ նետելով՝ Ներսէսը դարձաւ Վարդանին. ՄԷկ դու խօսէ՝ տենենք, աղջի՞կ ես թէ մանչ։

Համ աղջիկ համ մանչ, քրքջաց Վարդանը։— Հաւլաբար՝ մեզի համակիր ընտանիք մը սենեակը տրամադրեց։ Սենեակ որ կ՚ըսեմ, այնքան մեծ դահլիճ մ՚է, որ բոլորս ալ կը պարտկէ մէջը։

Միայն մեծ լինելը չի բաւեր, առարկեց Ներսէսի փոքր եղբայր Ալէքը, աղջկայ նուրբ դիմագծով պատանի մը, որ խօսելու ժամանակ թեթեւ  մը կը կակազէր ու սաստիկ կը կարմրէր. ապահովութեան մասին ալ մտածելու է։ Եթէ ոստիկանութիւնը միայն հոտը առնէ…

Ի՞նչ կայ որ, կատարեց Սուրէնը, բոլորս մէկանց Մետեխի ամարանոցը կ՚երթանք…

Դո՛ւք, չեմ գիտեր, բայց ես կը նախընտրեմ Ղարաքիլիսէ երթալ, ընդհանուր ծիծաղի մէջ վրայ բերաւ Վարդանը՝ մահճակալի վրայէն ելլելով, Գտած տեղս ապահով է, Հաւալաբարի յետ ինկած փողոց մը, ոստիկանութեան աչքէն հեռու։ Ի հարկէ, մենք ալ որոշ զգուշութիւններ ձեռք կ՚առնենք հաւաքուելու եւ ցրուելու ժամանակ։ Ու Վարդանը պատրաստուեցաւ դուրս գալ։

Վայրկեան մը, Վարդա՛ն։ Ուրեմն, կիրակի ժամը երկուսին հաւաքուելո՞ւ ենք, հարցուց Ալէքը։

Այո՛, երկուսին։ Մոռցայ կսելու, թէ հաւանական է, որ ես ուշանամ կամ չկրնամ գալ։

Հը՞, ի՞նչ կայ, Վարդան, հարցուց Արմէնը, ինչպէ՞ս թէ պիտի չկրնաս գալ։

Դժբախտաբար, կիրակի օրը զբաղած եմ։ Կարեւոր ժողով մ՚ունիմ։ Պիտի աշխատիմ շուտ վերջացնել եւ գալ, եթէ հնարաւոր լինի։

————

Երեկոյ մը, ընթրիքի սեղանի վրայ Տիկին Մարիամ յայտնեց, որ պիտի երթան Ասլանեաններուն։ Եւգինէն՝ գիւղագնացութեան պատրաստութիւններով զբաղած լինելով՝ տանը մնաց։

Երբ Արսէնեանները, ժամը իննին մօտ ներս մտան, Պեոտր Կարպովիչն եւ տիկին Վառվառէն նոր կը վերջացնէին իրենց ընթրիքը։

Ա՜յ, բարով հազար բարով, աթոռէն ելլելով ուրախութեամբ հիւրերը դիմաւորեց Պեոտր Կարպովիչը. էս որտե՞ղ մնացիք քանի օրս։ Որ գիտնաս Մարիամ, Վառվառէն քեզմէ շատ նեղցեր է… Բարով Աշոտ։ Վարդան, քէյֆդ հալդ, լսեցի՝ Գերմանիա պիտի երթաս սեպտեմբերին։

Մարիամ, ատոր խօսքերուն կարեւորութիւն մի՛ տար, ծիծաղելով տիկին Վառվառէն գրկեց եւ համբուրուեցաւ տիկին Արսէնեանի հետ, կ՚ուզէ մեզ կռուեցնել, որ վրանիս խնդայ։

Պեոտր Կարպովիչը ինքնաբաւականութենէ ճառագայթող դէմքով մտաւ Արսէնեանի թեւը, ու երկուքը միասին մօտեցան սեղանին՝ մէկ երկու բաժակ պարպելու համար։ Երկու տիկինները՝ իրենց մէջ սկսուած խօսակցութիւն մը շարունակելով՝ դահլիճի դիւաններէն մէկուն վրայ տեղաւորուեցան։

Վարդանը քիչ հեռուն թաղուեցաւ բազկաթոռի մը մէջ։ Դահլիճը որքա՜ն դատարկ եւ անհրապոյր կ՚երեւար առանց Սոնիայի ներկայութեան։ Որտեղ որ է, հիմա ներս կը մտնէ Սոնիան։ Գրեթէ երկու շաբաթ անցած էր Երեւանեան հրապարակին վրայ։ Անշուշտ չէր մոռցած այդ անախորժ հանդիպումը, եւ ոչ ալ Պոտանիքական Այգին կամ ընթրիքի սեղանը, բայց անցած օրերը մեղմեր էին զգացած դառնութեան չափը։ Հիմա Սոնիան, որ վար իջնար, դուրս պիտի գային պատշգամ, ու հոն գլուխ գլխի՝  Վարդան խստօրէն պիտի յանդիմանէր զայն։ Այսինքն պիտի ցուցնէր, թէ Սոնիան որքա՜ն անարդար եղած է իրեն հանդէպ։

Գնումները կը հատնի՞ն որ, կը գանգատէր տիկին Վառվառէն, ուրախացած որ վերջապէս զինք լսող մը գտաւ, փառք Աստուծու, Սոնիան լաւ կը ճանչնաս։ Ամարանոցի տան չթէ վարագոյրները փոխել տուաւ, թէ յիմար բաներ են։ Հիմա ալ կ՚ուզէ ճաշասեղանն եւ աթոռները փոխել… Մարիամ ջան, ի՜նչ կրնամ ընել՝ հայր ու աղջիկ մէկ խելքի են։ Վաղը առտու ալ, խանութէ խանութ ատոնց ետեւէն պիտի պտըտինք։ Գտնուածներն ալ եթէ հաւնէր՝ նորէն ոչինչ, անպատճառ ամէն բանի պոչ մը կը կապէ… Քոյրիկս, դժուար բան է եղեր հասած աղջկայ դարդը քաշել…

Վաղն ալ որ ամուսնանայ, երթալուն համար պիտի լաս, պատասխանեց տիկին Մարիամը՝ մտերմօրէն ժպտալով, բայց իրա՛ւ, Սոնիան աչքիս չերեւցաւ…

Իշխանին հետ քլըպ գնաց այս իրիկուն։

Արթիսթակա՞ն քլըպը։

Ո՜չ, ո՛չ մէկ այդ էր պակաս, որ հայերու քլըպը երթային։ Այս իրիկուն վրաց ազնուականներու քլըպի մէջ սիրողներու ներկայացում մը կայ, վերջէն ալ ընթրիք եը նարահանդէս։ Ջահիլ աղջիկ է, թո՛ղ վայելէ, քանի դեռ ոտքը կապուած չէ

Տիկին Մարիամը ծանր եւ լուրջ՝ նայեցաւ ընկերուհիին եւ լուռ մնաց։

Տիկին Վառվառէն անհանգստացաւ։ Ինչո՞ւ Մարիամը բան մը չ՚ըսեր. ինչո՞ւ այնպէս նայեցաւ իրեն, որպէս թէ սխալ մը գրծած լինէր ինք։ Կարծես դէմքի արտայայտութիւնն ալ փոխուեցաւ։ Տէր ողորմեա, ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ։ Չլինի՞ թէ իշխանին չհաւնէր։ Ի հարկէ, այդ  անկարելի բան է, բայց տիկին Վառվառէն որոշեց մէյ մը փորձել։

Քեզի բան մը պիտի հարցնէի, որպէս թէ բոլորովին անտարբեր՝ սկսաւ խօսիլ տիկին Վառվառէն, որքան ատեն՝ լեզուիս վրայ է, դուն ալ մեր տնէն կը համարուիս… Հա՛, Մարիամ ջան, մէկ ըսէ՝ մեր իշխանը ի՞նչպէս կը հաւնիս։

Տիկին Արսէնեանը վայրկեան մը մտքի հաւասարակշռութիւնը կորսնցուց՝ ու դժուարացաւ անմիջապէս պատասխանել։ Այդ ինչպէ՞ս թէ «մեր իշխանը»։ Բայց ինքզինքը զսպեց եւ շատ մտերմօրէն ժպտաց՝ ընկերուհիին դէմքին նայելով, ու որպէս թէ քիչ մը մտածելէ վերջ ըսաւ.

Ի՞նչ գիտնամ, Վառվառէ, դրսէն խելքը գլխին, պատուական երիտասարդ մը կ՚երեւի։

Վարդանը, քանի մը քայլ անդին նստած, կը հետեւէր երկու կիներու խօսակցութեան։

Այդպէս, ուրեմն, Սոնիան իշխանին հետ պարահանդէս գնացեր է։ Առաջին րոպէին ան հազիւ թէ հասկցաւ բառերու իմաստը։ Մէկ ալ ուղեղին մէջ կարծես թէ փոքր աւազի հատիկ մը սարսափելի արագութեամբ սկսաւ դառնալ՝ անհունապէս մեծնալով։ Վարդանը ոտքի ցատկեց։ Չէ, այլեւս չէր կրնար մնալ հոդ, դուրս պէտք է երթար, դո՛ւրս, դէպի ազատ օդ։

Մայրի՛կ, ես տուն կ՚երթամ։

Ու Վարդանը գինովի նման չգիտցաւ թէ ինչպէս դուրս ելաւ Ասլանովներու տնէն։

————

Սքանչելի խաղաղ գիշեր մ՚էր։ Վարդան բոլորովին աննպատակ սկսաւ քալել։ Չէր գիտեր, թէ ո՞ւր կ՚երթար։ Ըսենք՝ այդ կարեւոր ալ չէր իրեն համար, միայն թէ պէտք մը կը զգար քալելու շատ, շատ երկար ճամբայ մը։ Հազիւ թէ մտքին մէջ յստակ մտածում մը կար։ Զանազան պատկերներ մէկը միւսին կը յաջորդէին այնքան արագ, որ չէր կրնար կեդրոնանալ։ Կարծես, ուղեղը պիտի պայթէր ու օդը կը պակսէր շունչ քաշելու։

Վարդան խոշոր քայլերով անցաւ Սալտատսկի Պազարէն առանց աջ ու ձախ նայելու, գլուխը կախ, խոր մտածմունքի մը մէջ եղող մարդու մը նման։ Անցաւ ՆԵրսիսեան վարժարանի առջեւով եւ շտկուեցաւ դէպի Վարանցովի կամուրջը։

Ալեքսանդրեան Պարտէզի անկիւնը կանգ առաւ։ Կոկորդը սաստիկ չորցած կը զգար։ Բաժակ մը կվաս (ռուսական խմիչք) ուրեմն։ Անորոշ բութ ժպիտ մը խաղաց դէմքին վրայ։ Առաջին անգամն էր որ այդտեղ կանգնած կվաս պիտի խմէր։

Տաղաւարներէն մէկուն առջեւը զինուոր մը եւ ռուս աղջիկ մը կանգնած էին։ Զինուորը կվասի մեծ բաժակը ձեռքին՝ աղջկան հետ կը խօսէր։

Հաստամարմին ռուս կինը, արեւածաղիկ չրթելը շարունակելով, փրփրադէզ բաժակ մը դրաւ Վարդանի առջեւ եւ գոգնոցովը սեղանը սրբեց։

Հայրենակից, երկու կոպէկ։

Թիֆլիս քաղաքի մէջ մասնաւոր նշանակութիւն ունեցող տեղ մըն էր Ալեքսանդրեան պարտէզի այդ որոշ անկիւնը։ Ձեռքի վրայ հնացած զգեստ ծախողները, գործազուրկ ռուս աղախիններ, թառամած բոզեր, արձակուրդ ստացած զինուորներ, փայտէ ափսէներու մէջ խմորեղէն ծախողներ կը հաւաքուէին հոդ, այդ երեք չորս տաղաւարներու շուրջը։ Զարմանալիօրէն գէր ռուս կիներ, փոքր խանութներու մէջ, տակառ մը կվաս, աղ ջուր դրուած վարունգ, կամ սէմիչկա (արեւածաղիկի կուտ) կը ծախէին՝ երբեմն տղամարդու նման իրար հայհոյելով։

Զեմլեակ (հայրենակից), երկու կոպէկ։

Վարդան մեքենաբար վճարեց փողը, առանց բաժակին ձեռք զարնելու։

Հոգեա՛կս, երեսուն կոպէ՛կ, ատկէ աւելի աժանը խօմ ձրի կը լինի— եւ աղջիկը զինուորի ձեռքէն կիսովին դատարկուած բաժակն առաւ. շան զաւակ, ամբողջը խմեր ես. ու բաժակի մնացորդը շրթունքներուն տանելով ագահութեամբ ծծեց։

Չոր ու ցաւ խմես, ու զինուորը կրունկին վրայ դարձաւ՝ մեկնելու համար։

Աղջիկը բարկութեամբ զինուորի թեւէն քաշեց։

Ո՞ւր կ՚երթաս։ Երեսուն կոպէկը ի՞նչ է որ քեզ պէս սիրուն զինուորի մը համար։

Խանութպան կինը բոլորովին անտարբեր, մէկ աչքը բաց մէկը խուփ կը կնքուարտէր՝ դատարկ սնտուկի մը վրայ նստած։ Վարդանը՝ նայելով այդ զինուորին ու աղջկան վրայ՝ անորոշ սարսափ մը զգաց։ Առանց բաժակին ձեռք զարնելու, քայլերը մեծ մեծ բանալով հեռացաւ։

Վարանցովի կամուրջին վրայ կանգ առաւ։ Արմուկները յենած կամուրջի շրջափակող ճաղին՝ ձեռքերով գլուխը յենած կամուրջի շրջափակող ճաղին՝ ձեռքերով գլուխը սեղմեց։ Կարծես ուղեղը բոցավառած լինէր։ Բարձր կամուրջի տակէն Կուր գետը մեղմ ֆշշալով կ՚անցնէր։ Գետի ափին հաստատուած սղոցարանի մենաւոր  ճրագի լոյսը նեղ շերտով մը ինկած էր գետի լայնքին։ Վարդանը բութ հայեացքով այդ ճրագի շեղբը կը դիտէր։ Գետը խաւարին մէջ կորած անորոշ ու անշարժ զանուած մ՚էր կարծես. միայն լոյսի այդ նեղ պատառիկի տակ, կ՚երեւէին մանր ալիքները։

Վարդանը ցաւցնելու աստիճան կը սեղմէր գլուխը, որ կարծես պիտի պայթէր։ Իր փոթորկուած ուղեղին մէջ զանազան պատկերներ կը յաջորդէին մէկը միւսին։ Երեւանեան հրապարակը, Պոտանիքական Այգին, ընթրիքի սեղանը, սեղանի շուրջ հաւաքուած հիւրերը, իշխան Ալէքսէյի դէմքը, զինուորն ու պոռնիկը, ու մանաւանդ Սոնիայի կայծկլտուն աչքերը, ասոնք բոլորը կը պարէին անեզր քաոսի մը մէջ։

Ինչո՞ւ էր կանգնած կամուրջի վրայ։ Պէտք էր, որ քալէր, թեւ առած թռչէր։

Ու Վարդանը յոգնած մարդու մը նման դանդաղօրէն ոտքերը գետին քսելով շարժուեցաւ դէպի յետ։ Ալէքսանդրեան Պարտէզով կ՚անցնէր։ Ստուերոտ թփերու մէջէն կը լսուէին խօսակցութեան կցկտուր բառեր, զսպուած ծիծաղ, նոյնիսկ մեղղմ հեծկլտանք մը։ Իր ինչո՞ւն պէտքը սակայն, կ՚ուզէ թող աշխարհը կործանի։

Եւ յանկարծ ինքզինքը գտաւ Արծրունու քարվանսարայի մուտքին առջեւ, լուսանկարներու ցուցափեղկին առաջ կանգնած։ Ինչո՞ւ կանգնած էր հոդ։ Հետզհետէ մտքի քաոսը կը խաղաղէր։ Սոնիան, հո՛ն, դիմացի շէնքին մէջ էր եւ, ո՜վ գիտէ, թերեւս ճիշդ այդ պահուն իշխանի թեւերուն մէջ սեղմուած՝ կը պարէր։ Իսկ ի՞նքը. ու Վարդանը դառնութեամբ քրքջաց որ աւելի հեծկլտանք էր, եւ բռունցքը սեղմելով՝ սպառնագին շարժեց։ Ու յանկարծ, կարծես մէկէ մը հալածական՝ արագ քայլերով հեռացաւ այդ տեղէն։

Քանի կը մօտենար իրենց տանը, միտքը այնքան կը հանդարտէր։ Հիմա աւելի պաղարիւնով կը մտածէր։ Վերջապէս, ի՞նչ կար անսովոր եղածին մէջ։ Ջահիլ աղջիկ անշուշտ որ կ՚ուզէ հաճելի ժամանակ անցընել։

Երբ տուն հասաւ, արդէն բոլորովին հանդարտած էր։ Հիւրասենեակի ճրագները դեռ կը վառէին։ Բայց չուզեց ներս մտնել ու նստաւ քարէ սանդուխներուն վրայ՝ մէջքը դրան տուած։

Բարի իրիկուն, պարոն Վարդան։

Մոսոն էր։

Բարի իրիկուն, մրմռաց Վարդանը՝ շատ ալ չախորժելով դռնապանի ներկայութենէն։

Մոսօն ձեռքի գաւազանը թխթխկացնելով՝ Վարդանի քովը տեղաւորուեցաւ։

Տաք է…

Վարդան չպատասխանեց։

Քանի օր է կ՚ուզէի հարցնել, բայց քեզ չհանդիպեցայ։ Էն պիտի հարցնէի, ու Մոսօն՝ ձայնը ցածցնելով՝ Վարդանի ականջին փսփսաց. Քաչալէն ի՞նչ լուր…

Հը՞, Մոսօ՛— կարծես թէ հարցումը չհասկնալով՝ ըսաւ Վարդանը։

Կը հարցնէի թէ Քաչալէն խապար կա՞յ, նոյն խորհրդաւորութեամբ հարցումը կրկնեց Մոսօն, դու կ՚իմանաս…

Հա՛, ինչպէ՞ս չէ… Ողջ առողջ տեղ հասեր է։

Դու խելօք մարդ ես, պարող Վարդան, անշուշտ կը գիտնաս…

Ի՜նչ, Մոսօ։

Ի՞նչ կը կարծես, Քաչալը Երկիր պիտի անցնի, վարանումով հարցուց Մօսոն, հը՞, ինչ կը կարծես։

Շատ հաւանական է։ Կովկաս չի կրնար մնալ։

Քեզմէ մեծ շնորհք մը պիտի խնդրեմ, պարոն Վարդան, բայց կը խնդրեմ վրաս չխնդաս։

Չէ, ինչո՞ւ խնդամ։

Քանի որ Քաչալը Երկիր պիտի անցնի…

Վարդանը հարցական նայեցաւ խօսակցին։

Խնդրէիր որ զիս ալ հետը տանի, ոը Մոսօն սաստիկ յուզուած, չէր գիտեր թէ ինչպէ՞ս խօսքը շարունակէր։

Մոսօ՜…

Ա՜խ, պարոն ջան, էս քանի տարի եղաւ… ղարիպ ղուրպէդութիւն սիրտս մաղ մաղ էրեց։

Մոսօ, ու Վարդանը զգածուած՝ թեւը նետեց Մոսոյի ուսին, ձերոնք կարօտցեր ես անշուշտ, հեր, մեր։ Տուն վերադառնալ կ՚ուզե՞ս, հա՛, Մոսօ։

Տո՞ւն… չէ՛, տուն երթամ՝ ի՞նչ ընեմ… հէրս կայ, մեծ ախբերս, ու Մոսօն քաշուելով հազիւ համարձակեցաւ շշնջալ, պարոն Վարդան, ազգութեան զինուոր գրուիլ կ՚ուզեմ…

Վարդանը յանկարծակիի եկած՝ երկար չպատասխանեց։ Մոսոյի խնդիրքը բոլորովին անակնկալ էր իրեն համար, ատկէ զատ հաստատ ալ չէր գիտեր, թէ այդ ամառը Քաչալին պիտի կրնար տեսնել։

Սիրտը դող ինկած՝ Մոսօն պատասխանի մը կը սպասէր, որ սակայն կ՚ուշանար։ Չէ՛, ինչո՞ւ մեղադրէր Վարդանը, որ կը դժուարանար պատասխանելու։ Խեղճ դռնապան մը, ինքն ո՜ւր՝ ազգութեան զինուորը ու՜ր… Վարդանի լռութիւնը մերժում համարելով, խեղճացած Մոսին տեղէն բարձրանալով՝ ըսաւ.

Խնդիրքս չըսուած սեպէ, պարոն Վարդան, կը ներես…

Մոսօ՛։

Եւ ամուր մը  բռնելով Մոսոյի թեւը՝ Վարդանը դէպի իրեն քաշեց ու նորէն քովը նստեցուց զայն։

Ուրեմն, Երկիր անցնիլ կ՚ուզես։

Մոսօն դրական իմաստով գլուխը շարժեց։ Անշուշտ, Երկիր անցնիլ կ՚ուզէր, եթէ միայն զինք յարմար գտնային զինուորութեան։

Հաւանական է որ ամառս Քաչալին հանդիպիմ, համոզիչ ձայնով պատասխանեց Վարդանը, վստահ եզիր, որ պիտի խօսիմ եւ աշխատիմ։ Բարեբախտաբար Քաչալը քեզ կը ճանչնայ։

Պիտի խօսի՞ս, ուրախացած բացագանչեց Մոսօն՝ Վարդանի ձեռքը խոշոր ափին մէջ ուժեղ մը սեղմելով. իրա՞ւ կ՚ըսես, պարոն Վարդան։

Երբ քիչ վերջը Վարդանը բարձրացաւ տեղէն ներս երթալու համար, դռնէն ներս մտած ժամանակ ետ դառնալով յիշեցուց.

Մոսօ՛, չմոռնաս, կիրակի օրը պիտի հաւաքուինք Պոտանիքական Այգիի ձորը։

Միտքս է, պարոն Վարդան։

————

Թիֆլիսի Պոտանիքական Այգին կը գտնոըի խոր ձորի մը կողին վրայ։ Այդ ձորը կը սկսի Կուր գետի հովիտէն, կը մագլցի լեռն ի վեր եւ աստիճանաբար նեղնալով կը հասնի մինչեւ Կոճոր գիւղի տակ։

Կիրակի օր, խումբ մը երիտասարդներ հաւաքուած էին այդ ձորի վերի մասը, ուր ընդհանրապէս պտոյտի ելլողները չէին երթար։ Ամայի շրջան մ՚էր, քարքարոտ եւ վայրի մացառներով շրջապատուած, ուր ձորը այնքան նեղ էր, որ երկու կողերը կը նմանէին դէմ դիմաց բարձրացած պատերու։

Ժայռի վրայ երկնցած էր Վարդանը, ուրիշ գիմնազիստի մը հետ։ Եօթ երիտասարդներ շրջապատած էին այդ երկուքը եւ ուշադրութեամբ մտիկ կ՚ընէին գիմնազիստ պատանին, որ հայերէն պրոշիւր մը կը կարդար։ Պուլկար յեղափոխականներու կեանքէն առնուած էր վիպակի նիւթը։ Զարմանալի պարզութեամբ գրուած պատկեր մ՚էր, առանց ճոռոմաբանութեան։ Պուլկար հայրենասէր երիտասարդ մը մասնակցեր էր առաջին ապստամբական շարժումին, որ չէր յաջողած եւ վերջացած էր կոտորածով։

Թուրքերը ուրիշ շատերու հետ, ձերբակալած էին այդ երիտասարդ ու նետած բանտի զնտանը։ Պայրամի առաջին օրը, Ղօնախի հրապարակի վրայ կախաղան պիտի բարձրանար այդ երիտասարդը։ Գրքոյկը կը վերջանար բանտարկեալի վերջին ցանկութիւնը արտայայտող բանաստեղծական տողերով։ Պուլկար յեղափոխականը չէր ցաւեր, որ քսան տարեկան, ջահիլ ջիվան պիտի կտրէր կեանքին թելը։ Յուզիչ խօսքերով հրաժեշտ կ՚առնէր մօրմէն, գիւղի իրենց տնակէն, գամբռէն ու իր տնկած ծաղիկներէն, որոնց բացուիլը չտեսած պիտի մեռնէր։ Սակայն, կեանքի հետ հաշիւը փակելէ առաջ՝ գերագոյն ցանկութիւն մ՚ունէր։ Կ՚ուզէր որ վերջին պահուն գար սիրած աղջիկը, կարկաթուշ սիրուն Կատիւշան, իր ձեռքով ասեղնագործած մաքուր պլուզ մը հագցնէր։ Երկար եւ առատ մազերը լուար ու աղուոր մը սանտրէր, վզին անցընէր կարմիր մետաքս թաշկինակը. զուգէր-զարդարէր զինքը նորափեսայի նման, որպէսզի երբ անհաւատ թուրքերը զինքը կախելու տանէին՝ նոր ծագող արեւի  նման ինք պայծառ ու գեղեցիկ երեւար։

Երբ գիմնազիստը վերջացուց ընթերցումը, ունկնդիրներէն ոմանց աչքերուն մէջ արցունք կար։ Ատոնցմէ մէկը՝ շատ երիտասարդ տղայ մը, փոքրահասակ եւ նիհար կազմով, բռունցքը շարժելով դարձաւ Վարդանին.

Դուն ան ըսէ, թէ մեր կարգը ե՞րբ պիտի գայ Հայաստան երթալու, ու յօնքերը կիտած՝ պատասխանի մը սպասեց։

Որ ի՞նչ ընես, ընդհանուր ծիծաղի մէջ հեգնօրէն հարցուց առոյգ երիտասարդ մը, այ պալամ, էնտեղ ծծկերներու տեղը չէ…

Ձէնդ, բարկացաւ պատանին, պոյիդ պուսաթի՞դ նայիմ թէ հաւի սրտիդ… որ տղամարդ ես, արի մէյտան։

Գնա, կորսուէ, խլլոտ…

Վալլահ, լաւ ըսաւ, ձայն ձայնի տուին միւսները. տղերք, բացուեցէք, թող իրարու կպին, տեսնենք ո՞րն է ղօչախը։

Տեղ բացէ տղերք ջան, ու Վարդանը շրջանի մէջ տեղ կանգնելով՝ դարձաւ երկու կռուողներուն, որ երեք ըսեմ, կը կպիք։ Տէ՛, պատրա՛ստ, մէկ… երկո՜ւ երե՛ք։

Հազիւ Վարդան երեքը արտասանած էր, երբ պատանին զարմանալի արագութեամբ յարձակեցաւ իրմէ շատ զօրաւոր երիտասարդին վրայ ու առանց ժամանակ տալու անոր, կողմնակի հարուած մը իջեցուց հակառակորդի սրունքին եւ վար տապալեց զայն՝ կուրծքին վրայ չոքելով։

Հը՜, քու հէրն անիծած, ըսէ տեսնեմ, կրնա՞մ Հայաստան երթալ թէ չէ, կ՚ըսէր պատանին, ատամները սեղմած, առանց ինկածի կոկորդը բաց ձգելու. պիտի ըսես որ Հայաստան կրնամ երթալ… թէ չէ…

Տօ՛, Հայաստան ալ գնա, սատանի ծոցն ալ, ըսաւ կռնակին վրայ ինկած երիտասարդը՝ ի զուր փորձելով կոկորդը ազատել տղու ճանկերէն։

Տղաք ուրախ բացագանչութիւններով միջամտեցին ու իրարմէ զատեցին երկու հակառակորդները՝ գովելով պատանիի ճարպիկութիւնն ու սրտոտութիւնը։

Տղաք, հիմա միւսներու քովը բարձրանանք, թելադրեց Վարդանը ու յաղթող պատանիի թեւը մտնելով՝ քայլերը ուղղեց ձորի վերի կողմը։

Խմբի միւս մասը, քիչ վերը, նշանառութեան փորձեր կը կատարէր, երբ Վարդանը ընկերներով մօտեցաւ անոնց։

Չէ՛, չկրցար նշանին կպցնել. թեւդ այդքան ձիգ բռնելու չես, կը խրատէր տարէց մարդ մը, որ ռուսական բանակի նախկին սպայ էր. մէկ ալ որ, կրակած ժամանակ շունչ առնելու չես։

Փոքր սնտուկ մը դրած էին հարիւր քայլ հեռաւորութեան վրայ, եւ խմբի անդամները բերդան հրացանով կը փորձէին այդ նշանին խփել։

Հիմա դու փորձէ տեսնեմ, —հրացանը երկնցնելով սպան դարձաւ կառապան Վաչոյին, ձախ աչքդ պինդ խփէ որ նշան առնելուդ՝ չխանգարէ։

Ան երկու աչքը մէկանց կը խփէ, սրախօսեց մէկը։

Կառապան Վաչօն երկար բարակ նշան առաւ, այնքան երկար որ վերջ ի վերջոյ ձեռքերը անզգալաբար դողալ սկսան ու, երբ հրացանն արձակեց, գնդակը նշանէն հինգ քայլ հեռու հողէն փոշի բարձրացուց։ Շրջապատող ընկերները հռհռալով կը կատակէին.

Տօ էտենց էլ խփող…

Աստուած վկայ, Քեօռ Օղլուի քաջերն է։

Սպասեցէք՝ մէկ Հայաստան անցնիմ, կը սպառնար Վաչօն, մէկ հատ քիւրտ ու թուրք ողջ պիտի չձգեմ։

Չէ, ջանըմ, չլինի՞ր որ մէկերկուքը խնայես նմուշի համար…

Մէկը միւսի ետեւէն տղաքը կը փորձէին։ Կարգը եկաւ Մոսոյին։

Մոսոն չոքեցաւ երկաթի ծանրութեամբ աջ ծնկի վրայ եւ հրացանն ուղղելով անմիջապէս կրակեց։ Փոքր սնտուկի քարի վրայէն երկու քայլ անդին ինկաւ։ Երկրորդ փորձ մ՚ալ նոյն արդիւնքը տուաւ։ Վարդանը յայտնապէս ուրախացած կ՚երեւէր Մոսոյի յաջողութեան համար։

Ժամը չորսը անցած էր, երբ երիտասարդները, աչքի չզարնուելու համար զանազան խմբակներու բաժնուելով՝ ցրուեցան։

Վարդանը, Մոսօն, Վաչօն եւ մէկ ալ փոքր պատանին միասին բարձրացան Պոտանիքական Այգիով դէպի քաղաք տանող մեծ ճանապարհը։ Սաստիկ յոգնած եւ քրտնած էին։ Ճանապարհէն տասնեակ մը քայլ ներս քաշուեցան ու երկնցան կանաչի վրայ։ Կառապան Վաչօն, իր տրամտութիւններու տոպրակը բացաւ եւ զօռ կուտար լեզուին։

Հազիւ քառորդ ժամ մը հանգստացած լինէին, երբ Կոճորի կողմէն երեւցան երեք ձիաւորներ, որոնք քառասմբակ կը քշէին ձիերը՝ փոշիի ամպ մը ձգելով ետեւնին։ Երրորդ ձիաւորը բաւական մը հեռուէն կը հետեւէր երկուքին, որոնցմէ մէկը կին մ՚էր։

Վարդանը հազիւ ուշադրութիւն կը դարձնէր ձիաւորներուն։ Երբ անոնք բաւական մը մօտեցան, յանկարծ Վարդանի թուաց, թէ ձիաւորներէն մէկը Սոնիան է։ Բնազդաբար ոտքի ցատկեց եւ դէպի ճամբան վազեց։

ՉԷր սխալած։

Սոնիան եւ իշխան Ալէքսէյն էին, իսկ որրորդը իշխանի զինուոր ծառան։

Վարդա՛ն, բացագանչեց աղջիկը՝ յանկարծ տեսնելով Վարդանը։

Տղան մօտեցաւ եւ բռնեց անհանդարտ ձիու սանձը։

Վարդան, ի՞նչ կ՚ընես հոս։

Պտոյտի ելած էի, ու վայրկեան մը լռելով շարունակեց, ինչպէս կը տեսնես, առանց ձիու…

Էդ մարդո՞ց հետ, ըսաւ Սոնիան՝ արհամարհանքով երկարած շրթները։

Իշխան Ալէքսէյը, բարեւեց Վարդանը դէմքի անտարբեր արտայայտութիւնով մը, եւ փափկանկատութեամբ քանի մը քայլ հեռու կեցաւ։

Ձերոնք արդէն գիւղ գնացին, չէ՞, բան մը ըսելու համար խօսեցաւ Սոնիան. մենք ալ վաղը կէս օրին կը փոխադրուինք։ Գիւղ գնացեր էի տեսնելու, թէ ամէն ինչ կարգի՞ն է։

Ի հարկէ, ու Վարդանը լռեց՝ զգալով որ բարկութենէն կը գունատի։

Տէր Աստուած, նորէն քիթդ ինչո՞ւ կախեցիր, ի՞նչ պատահեցաւ քեզի, ցած ձայնով մը հարցուց Սոնիան, որ իշխանը չլսէ. ամէն անգամ բան մը կը գտնաս…

Սոնիա՛, ու Վարդանը ուղիղ նայեցաւ աղջկան աչքին, վաղը Ղարաքիլիսէ պիտի երթամ, բայց քեզ հետ կ՚ուզէի խօսիլ…

Լաւ, ժամը իննին կը սպասեմ, ու աղջիկը խթանեց ձին, եւ շուտով երեք ձիաւորները ոլորք մը դառնալով անյայտացան։

Վարդանը ճամբու մէջ կանգնած մնացեր էր։ Ու երբ ընկերներուն հետ քաղաքի ճամբան բռնեց, տրամադրութիւնը բոլորովին փճացած էր։ Առանց խօսքի խառնուելու հետեւեցաւ անոնց։

————

Այո՛, այո՛, Վարդանը պէտք է վճռական եւ պահանջկոտ լինէր. վերջապէս ամէն համբերութիւն չափ ու սահման մը ունի։

Ձեռքերը մէջքի վրայ կապած, գլուխը կախ՝ հիւրասենեակի մէկ անկիւնէն միւսը կը քալէր՝ երբեմն բարձրաձայն ինքն իր հետ խօսելով։

Այդ իրիկուն, սրտբաց խօսակցութիւն մը պիտի ունենար աղջկան հետ։ Երեսովը պիտի տար Սոնիայի հասցուցած վիրաւորանքները, որոնք այնքան տառապեցուցած էին զինքը, եւ որոշ պահանջներ պիտի դնէր։ Այո՛, այո՛, որոշ պահանջներ։ Չէ՞, որ ինք երեխայ մը չէր, որու հետ կարելի լինէր խաղալ։

«Դո՛ւ այսպէս, դո՛ւ այնպէս» պիտի ըսէր, իսկ աղջիկը յանցաւորի նման գլուխը կախէր եւ արտասուէր՝ ներողութիւն խնդրելով իրմէ։ Անշուշտ ինքն ալ պիտի ներէր։

Երեկոյեան ժամը իննի ատենները, երբ Վարդան մօտեցաւ Ասլանովներու տան դրան, ցերեկուան վճռականութիւնը մեծապէս թուլացած էր արդէն։

Տնեցիք թէեւ Շուանիձէներուն այցելութեան գնացեր էին, բայց օրիորդը պարոնին կը սպասէր, ու Վասիլը մտերմօրէն ժպտեցաւ՝ դուռը տղու ետեւէն գոցելով։

Հին օրերու նման, դիւանի վրայ քով քովի նստած, Վարդանն ու Սոնիան կը խօսէին հարցերու մասին, որոնք այդ իրիկուան տեսակցութեան բուն նպատակին հետ ոչ մէկ կապ ունէին։ Աւելի շուտ, Սոնիան էր խօսողը, որ ցատկրտան թռչունի մը նման նիւթէ կը թռչկոտէր՝ անվերջ շաղակրատելով։ Վարդանը կարծես բոլորովին մոռցած էր շաբաթներու տառապանքն ու ցերեկուան որոշումը եւ հաճոյքով մտիկ կ՚ընէր աղջկան ձայնին, որ այնքա՜ն երաժշտական կը թուէր իրեն։

Այսօր, երբ իշխանին հետ ձիով պտոյտի կ՚երթայինք… անսպասելիօրէն նոր նիւթի մը ցատկեց Սոնիան՝ քրքջալով։

Այդ վերյիշումը կարծես արթնցւոց Վարդանը։ Չէ՞ որ ինք մասնաւոր խօսելիք մ՚ունէր աղջկան հետ։

Սոնիա՛, դէմքը թթուեցուցած տղան դարձաւ աղջկան, Սոնիա՛, վերջի շաբաթներուն ցոյց տուած անսպասելի վերաբերմունքդ…

Ի՞նչ վերաբերմունքի մասին էր խօսքը։ Սոնիան վիրաւորուած՝ տղուն նայեցաւ։ Անշուշտ ամբողջ օրը ինք տանը փակուած պիտի չմնար։ Ի՞նչ կայ որ. պարահանդէ՜ս է գնացեր, ձիով պտո՜յտի, մե՞ղք է գործեր։

Դու խոշո՛ր, խոշո՛ր երեխայ ես, ու Սոնիան բարձր ծիծաղելով սկսաւ տղուն մազերը իրար խառնել։

Սոնիա՛, խնդրեմ հանդարտ։

Որ չուզե՞մ, ի՞նչ կ՚ընես, եւ տղու ծոծրակէն թեթեւ մը համբուրեց ու պչրանքով հարցուց. ա՜յ հիմա ըսէ, մե՞ղք գործեցի… շա՞ տ մեծ մեղք։

Բայց, սիրելիս, տեսնողները ի՞նչ կը խորհին։ Քիչ մը անյարմար չէ՞ իշխանի հետ երեւնալդ. տղան յայտնապէս վարանքով կը խօսէր, ինքն ալ զարմացած, որ առաջուց մտածած նախադասութիւնները, հիմա այնքա՜ն մեղմացած ձեւ մը կը ստանային։

Սոնիան խռովկան երեխայի նման շրթները կախեց։ Իր ի՞նչ պէտքը թէ՝ ուրիշները ի՞նչ կրնար մտածել. բաւական է որ Վարդանը յիմար յիմար բաներ չմտածէ իր մասին։

Սոնիայի վատ տրամադրութիւնը փոխելու համար, հարկաւ Վարդանը պարտաւոր էր գրկել, համբուրել աղջիկը։ Անշուշտ ինք ազատ մտածող մ՚է ու բամբասանքներու կարեւորութիւն չի տար։

Երբ երկու սիրահարները երկար համբոյրով մը բաժնուեցան իրարմէ, Վարդանը կարծես ծանր բեռէ մը թեթեւցած կը զգար ինքզինք։ Փողոցէն քալած ժամանակ, զարմանալի ցանկութիւն մը կը զգար պարելու։

Յաջորդ օրը, երեկոյեան ժամը ութի գնացքը վերցնելով՝ մեկնեցաւ Ղարաքիլիսէ։