Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Սոնիան, Դարմանեանի քովէն դուրս գալով՝ գնաց բժշկապետ Զախարովի սենեակը, ուր իր ընկերները սամավարի սեղանը շրջապատած ուրախ խօսակցութեան մը բռնուած էին։ Վանքի բակին մէջ, քամին ոլորապտոյտ դառնալով ձիւնի անծայր սիւն մը դէպի երկինք բարձրացուցած էր։

Մրտօն ճիշդ գուշակած էր։ Սկզբնական թեթեւ քամին հիմա արդէն անսանձ կատաղութեամբ կը փչէր՝ ճամբուն վրայ գտնուող գետնի ձիւնը աւլել տանելով իր ընթացքի հետ: Վարագայ սարի գագաթները այլեւս չէին երեւեր, ամբողջ երկինքը ծածկուած էր գորշ քօղով, ու արեւը այդ վարագոյրի ետեւէն կ’երեւնար, առանց ջերմութեան, լուսնակի նման սառը։

Երբ Սոնիան Զախարովի սենեակի դուռը բանալով՝ ներս մտաւ, բաց դռնէն ձիւնախառն քամին վզզալով ներս խուժեց:

Շուտ գոցէ՛ դուռը, Սոնիա, պոռաց տիկին Աւետեանը, ի՜նչ անտանելի քամի է: Ես մուշտակիս մէջ փաթթուած՝ գրեթէ սառեցայ։ Խնդրեմ, Վասիլիյ Արկատեվիչ, բաժակ մը թէյ եւս…

Մէկ դուրս նայեցէք, ըսաւ բժշկապետը, որ պատուհանին առջեւ կանգնած դուրսի փոթորիկը կը դիտէր, հաւատացէք, որ այսպիսի բուքի մը չեմ հանդիպած:

Քամին յարաճուն կատաղութեամբ կը փչէր, երբեմն վնգալով կը մեղմանար, ձիւնի հատիկներ օդի մէջ կը պարէին, ու մէկ ալ յանկարծ ոռնոցով մը վրայ կուտար, անկարելի դարձնելով քանի մը քայլի վրայ տեսնելը:

Ի՞նչպէս պիտի գան մեր բարեկամները, անգիտակցօրէն բարձրաձայն խօսեցաւ Սոնիան՝ հայեացքը դրսի փոթորկուող բուքին յառած, խեղճերը ի՞նչպէս պիտի գան։

Խօմ գիժ չեն որ այս օդին գան, ընկերուհիին մօտենալով ըսաւ տիկին Աւետեանը, որտեղ որ են, հոն ալ կը մնան այս գիշեր, մինչեւ որ փոթորիկը անցնի։ Այնպէս չէ՞, պարոն Գարեգին:

Ի՞նչը այնպէս չէ, տիկին, չէի լսեր ձեր խօսակցութիւնը, ու Գարեգինը գրեթէ ակամայ մօտեցաւ երկու ընկերուհիներուն:

Սոնիայի հետ ձորի մէջ ունեցած խօսակցութենէն վերջ, Գարեգինը կը խուսափէր աղջկան մօտենալէ: Տխրած կ’երեւէր, ու կարծես թէ ծանր խորհուրդ մը կը չարչրկէր միտքը։

Կ’ըսէի որ, այս եղանակին միայն գայլերը դուրսը կրնան մնալ, ծիծաղելով ըսաւ տիկին Աւետեանը, իսկ մերոնք՝ խելօքիկ մը եղած տեղերնին կը մնան… չէ՞ք կարծեր։

Դժուար թէ… վաղօրօք նշանակուած էր փետրուարի չորսը: Կը կարծեմ թէ՝ բոլորն ալ հոս պիտի գտնուին մինչեւ կէս գիշեր։

Բը՜ռռ… շատ ուրախ եմ որ եկողներէն մէկը չեմ. ես անպատճառ, ճամբան կը սառէի…

Ձեր հաստ մուշտակո՞վ, հեգնեց Գարեգինը, եկողներէն շատեր կարգին զգեստ ալ չունին հագած…

Հետզհետէ մթնեցաւ։ Այլեւս դուրսը ոչինչ չէր տեսնուեր, կը լսուէր միայն քամիի ոռնոցը, որ անօթի գայլի նման պատուհանի ապակիները կը ճանկրտէր։ Ժամը ութը անցած էր, եւ սակայն դեռ ոչ ոք չէր եկած։

Սեղանի շուրջ շարուած մեր բարեկամները, ամէն մէկը իր մտքին մէջ խորասուզուած, գրեթէ իրարու հետ չէին խօսեր։ Ամբողջովին լսողութիւն կտրած՝ անոնք մտիկ կ’ընէին դուրսէն, պատշգամի վրայ ոտնաձայներ լսելու համար ու մտախոհ դէմքով ժամացոյցները կը նայէին:

Մրտօն, երրորդ անգամ լինելով սամավարը նորոգած էր, որ եկողները անմիջապէս տաք թէյ ունենային։

Ժամը իննէն քիչ անց՝ Մրտօն ուրախ դէմքով ներս մտաւ սենեակէն ու բաներ մը փսփսաց Գարեգինի ականջին։

Շատ լաւ, Մրտօ, գնա՛ դարպասը բաց, եւ Գարեգինը զինքը շրջապատողներուն դառնալով՝ յայտնեց, որ քաղաքի ուղղութեամբ, Կարկուտ Խաչի կողմէն բազմաթիւ մարդիկ կուգային դէպի վանքը։

Անշուշտ մերոնք են, չէ՞, հարցուց բժշկապետ Զախարովը, որու համբերութիւնը սկսած էր հատնիլ:

Անկասկած, այսպիսի եղանակին ոչ ոք դուրս կ’ելլէ, եթէ ոչ ֆետային:

Սարսափելի պայմաններու մէջ կ’աշխատին ձերոնք, մռլտաց բժիշկ Պաւլովը՝ ակամայ սարսռալով, բարեբախտաբար սամավարը կ’եռայ։ Լաւ կը լինի, որ շիշ մը քոնեակ բանանք. մեր բարեկամները սառած վիճակի մէջ պիտի գան:

Իրաւ ինչպէ՜ս ալ չմտածեցինք, ու Սոնիան իր սենեակը վազելով, երկու շիշ քոնեակ բերաւ:

Վանքի հիւրասենեակները, որոնք ուխտաւորներու յատկացուած էին, բոլորն ալ կը բացուէին մէկ ընդհանուր պատշգամի վրայ: Մրտոյի երթալէն հազիւ քառորդ մը անցած, բազմաթիւ քայլերու ձայներ լսուեցան, որոնք ծանր ծանր կը մօտենային: Սեղանի շուրջ բոլորուածները բնազդօրէն ոտքի ելան, դիմաւորելու համար եկողները երբ դուռը բացուեցաւ, ու իրարու ետեւէ ներս մտան տասնեւհինգ զինուած մարդիկ, կէս մը սառած վիճակի մէջ, անկարող ձեռները գործածելու:

Մրտօն, Գարեգինը, վերջէն գրեթէ բոլորն ալ վազեցին օգնելու անոնց, ուսերէն վար առնելով հրացանները, գլուխներու փաթթոցները քաշելով, որոնք սառած՝ փայտի կարծրութիւն ստացեր էին:

Սոնիան եւ տիկին Աւետեանը թէյ պատրաստեցին, ու մեր նորեկները սեղանը բոլորելով, սոված գայլերու նման սկսան մաքրազարդել պնակները։ Երբ նորեկները քիչ մը շնորհքի եկան, Գարեգինը ծանօթացուց զանոնք Զախարովին ու անոր ընկերներուն:

Կայծակ, Եկաւեան, Գէորգ, մեր ղեկավար ընկերներէն, իսկ այս երիտասարդներն ալ, Գարեգինը ձեռքով զինուորները ցուցուց, ձեր լսած առասպելական ֆետայիներն են, ամէն մէկը անուն հանած կտրիճ մը…

Հա՛, կտրիճ ֆետայիներ, դժուարութեամբ խոշոր պատառ մը կուլ տալով հեգնօրէն ըսաւ Առիւծ Գեւօն ի զուր փորձելով շքեղ պեխերը ոլորել, ինչպէս չէ, կտրիճ ֆետայիներ, որոնք քիչ մնաց մկներու նման պիտի սառչէին… Խանում, պուտ մ’ալ կաթեցուր էդ օրհնուած քոնեակէն, փորս մորս սառած է, ու Առիւծ Գեւօն կարօտով նայեցաւ քոնեակի շիշին՝ «ի խորոց սրտէ» հառաչելով:

Բժիշկ Պաւլովը, ռուսերու յատուկ սրտբաց ձեւով անմիջապէս մտերմացաւ Գէորգի հետ, երբ իմացաւ որ ան ռուսական բանակի մէջ գտնուած է ու լաւ ռուսերէն խօսիլ գիտէ։ Անկիւն մը քաշուած, տաք տաք սկսան խօսիլ: Սեղանի չորս բոլորը ընդհանուր խօսակցութիւն մը ծայր տուաւ։ Ուրախ զուարթ կը կատակէին նորեկները, կարծես բոլորովին մոռցած քիչ առաջուան նեղութիւնները, յոգնութիւնը եւ սարսափելի ցուրտը։

Գարեգի՛ն, ինչպէս կ’երեւի, մենք առաջին հասնողները եղանք, ձեռքերը իրարու շփելով ըսաւ Եկաւեանը, էս քոնեակով թէյը կենդանութիւն տուաւ։ Սարսափելի բուք է, երկու քայլի վրայ չես կրնար տեսնել։

Լուր չունի՞ս թէ որտեղ են տղաքը, մտահոգուած հարցուց Գարեգինը, կը կարծէի թէ բոլորդ միասին կուգաք:

Երէկ նամակ մը ստացայ Վահէէն։ Պիծայի հետ Բերդակ գիւղն էին։ Այն տեղէն հոս երեք ժամուան ճանապարհ հազիւ լինի…

Հապա Լեւո՞նը։

Անորմէ լուր մը չունիմ: Այս ցերեկ Սուրբ Գրիգոր պիտի լինէր, կարեւոր գործով մը, ու Եկաւեանը դէմքի խորհրդաւոր արտայայտութեամբ նայեցաւ Գարեգինին, ինչպէս կ’երեւի, Վերին Վարագով պիտի գայ. այդ տեղով շատ կարճ է ճանապարհը։

Այս բուք բորանի ժամանակ Վերին Վարագէն մարդ չի կրնար անցնիլ, ըսածը հաստատ գիտցողի մը վճռական շեշտով ըսաւ վանքի հօտաղ Մրտօն, Վերին Վարագով մարդ չի կրնար անցնիլ…

Մրտօն այնքան յստակ եւ վճռական ձեւով խօսեցաւ, որ սեղանի շուրջը խօսակցութիւնը անմիջապէս դադրեցաւ ու բոլորի դէմքերը դարձան դէպի Մրտօն, որ սեղանի վարի ծայրը նստած՝ առջեւը կը նայէր, կարծես ինքն ալ փոշմանած, որ այդպիսի տխուր գուշակութիւն մը ընելու ստիպուած էր: Երբ գլուխը բարձրացուց ու դէպի իրեն կողմը դարձած տեսաւ բոլորի մտահոգուած դէմքերը, Մրտօն, աւելի շուտ ինքնիրեն խօսելով՝ շարունակեց.

Եթէ ժամանակին մտածեն եւ Կարմրւորի վանքի ճանապարհով շրջան մը դառնան Վարագայ սարի բոլորը, ձեզ նման դժուարութեամբ՝ բայց կուգան։ Իսկ Վերին Վարագով… խելքիս բանը չէ, ոչ ոք սաղ սալամաթ կրնայ անցնիլ…

Ի՞նչ կ’ըսես, Մրտօ՛, բացագանչեց Կայծակը՝ տեղէն բարձրանալով ու ջղայնօրէն սկսաւ, սենեակի մէջ վեր վար պտտիլ…

Քանի ինքզինքս գիտեմ, բառերը հատիկ հատիկ արտասանելով շարունակեց Մրտօն, ամառ ձմեռ ես այս սարերու մէջ ապրած եմ… ձեռքիս հինգ մատերուն պէս գիտեմ մեր Վարագայ սարը։ Անցեալ տարի Վերի Վարագէն շատ վար, գրեթէ Կոր քարի մօտերը բուքը յանկարծ վրայ տուաւ, վանքի քսան ոչխարը խեղդուեցաւ, մնացածը հազիւ կրցանք ազատել: Եթէ Վերին Վարագի մօտերը լինէինք, ոչ հոգինիս կ’ազատէինք եւ ոչ ալ ոչխար մը… Մեր սարը գիտեմ, Աստուած հեռու ընէ, հիմա հոն քամին սատանայի պար բռնած կը լինի, մարդ չի կրնար շունչ քաշել, քայլ մը չի կրնար առաջ նետել: Աստուած տար՝ որ պարոն Լեւոնը Կարմրւորով ճամբայ ելլէր, թէ չէ…, ու առանց շարունակելու գլուխը կախեց, կարծես յանցաւոր լինէր, գիտցածը ըսելուն համար։

Մրտոյի խօսքերը, ինչպէս եւ դուրսը կատաղօրէն վնկացող քամին շատ ծանր տպաւորութիւն մը ըրին ներկաներուն վրայ։ Մտահոգուած իրարու նայեցան՝ զգալով որ իրենք ոչնչով կրնային օգնել. պիտի պատահէր՝ ինչ որ պիտի պատահէր։ Եկաւեանը բոլորովին լուռ իրարու ետեւէ սիկարէթ կը ծխէր։ Կայծակը ձեռքերը մէջքին վրայ կապած՝ ման կուգար։ Զախարովը մտամոլոր, հայեացքը պատին նետած, անգիտակցօրէն փոքր մօրուքին հետ կը խաղար։ Իսկ Սոնիան եւ տիկին Աւետեանը, աչքերնուն մէջ սարսափ լեցուած՝ իրարու կը նայէին։

Ծօ, ձէ՛նդ, աչքերը ոլորելով գոռաց Առիւծ Գեւօն՝ պեխերը ոլորելով, վալլահ քէօ էդ լեզուդ քէօքէն կը փրցնեմ… Ծօ՛, հայվան, էդ ի՞նչպէս թէ մեր Լեւոնը չի կարայ անցնիլ Վերին Վարագով: Սարսախ, էն որ ուզենայ, Մասիսի վրայով ալ կ’անցնի…

Առիւծ ախպեր, սարսափէն կուչ եկած պատասխանեց Մրտօն, զօռ բուք է, վալլահ զօռ բուք է։ էս սհաթին Աստուած տիւշմանս ալ հոն չձգէ… Հիմա երկինք գետին իրարու խառնուած կ’եղնի… Ես գիտեմ մեր սարի խասիեաթը…

Ծօ, ձէ՛նդ, աչքերը ոլորելով գոռաց Առիւծ Գեւօն, որ չէր կրնար երեւակայել թէ բան մը կրնար լինիլ, որ Լեւոնը չկարողանար ընել, ծօ՛, Թոփալ Սատանայ, դուն ըսէ տեսնեմ, Լեւոնը Վերին Վարագով կարա՞յ անցնիլ թէ ոչ…

Հա՜յ, հա՜յ, Առիւծ, էդ ալ խօ՞սք է…

Ծօ, Յակո՛բ, դուն ըսէ։

Մոկացի Յակոբը պատասխանելն իսկ աւելորդ համարեց, ուսերը թօթուեց, ու խոշոր բռունցքը այնքան ուժեղ իջեցուց սեղանին, որ թէյի բաժակները ողբագին հեծեծելով՝ պարեցին:

Առիւծ Գեւօն բաւականութեամբ պեխերը ոլորեց, յաղթական հայեացք մը նետելով շուրջիններու վրայ, կարծես ըսել ուզէր՝ «ես չըսի՞ որ»… ու յանկարծ հայեացքը կանգ առաւ քոնեակի շիշի վրայ, ու մեծ դժուարութեամբ թուքը կուլ տուաւ։ Հէ՜յ անցած ժամանակներ, երջանիկ օրեր, երբ ինք Ալեքսանդրոպոլի մէջ, Ալափքեար Յարութի գինետան պատուաւոր անկիւնը կը նստէր, շրջապատուած այնքա՜ն սիրալիր ունկնդիրներով…

Խաթուն քուրիկ, սա քոնէակէն քանի մը կաթիլ ալ լեցնէիր բաժակիս մէջ, Առիւծ Գեւօն թէյի բաժակը երկնցնելով ըսաւ Սոնիային, անտէր մնայ էս ցուրտը, պաղը ոսկորներուս մէջ անցեր է… ըհը, ըհը, որպէս թէ հազաց Առիւծ Գեւօն, խղճալի դէմք մը շինելով. Էսոնց բանը հեշտ է, երիտասարդ են, արիւննին տաք, դիմացկուն… Եթէ կարգուած լինէի՝ հիմա էսոնց տարիքին զաւակներ կ’ունենայի… Իմ պանս պօշ է. տարիքս յիսուն վաթսունը անցուկ, էս ցուրտն ալ…

Սոնիան, որու մտահոգուած դէմքը կրկին պայծառացած էր, քոնեակի շիշը վերցնելով բաժակի կէսէն աւելի լեցուց, մինչ զինուորները իրարու աչք ընելով՝ քթերնուն տակէն կը խնդային, միաժամանակ նախանձելով Գեւոյին, որ այնքա՜ն վարպետօրէն խօսքը բերեր եւ քոնեակին էր հասցուցեր։

Խոշոր բաժակ մը քոնեակը, վարժ մարդու նման, մէկ ումպով դատարկեց Առիւծ Գեւօն, բռունցքով պեխերը սրբեց, չափչփելով շուրթները իրարու զարկաւ, ինչպէս ինք կ’ըսէր, պաղած մարմինը տաքցուց, քիչ մ’ալ գլուխը եւ սկսաւ իրարու ետեւէ հաւատալի եւ անհաւատալի պատմութիւններ պատմել Սոնիային եւ տիկին Աւետեանին, որոնք մեծ ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէին։ Պատմութենէ պատմութիւն անցնելով, որոնք պատմելու մեծ շնորհք ունէր Առիւծ Գեւօն, նկարագրեց դէպք մը, երբ երկու ընկերներով, ոչ աւելի ոչ պակաս, Սիփան սարի կատարին, բուքի էին բռնուած, յունուար ամսու մէջ։

Քամին յանկարծ վրայ տուաւ, շարունակեց Առիւծ Գեւօն– էնպէս քամի մը, որ գոմէշ մը տեղէն կրնար թռցնել: Մենք երեքս իրար բռնած կը քալէինք: Ձիւնախառն քամին երբ մեր բոլորը կը դառնար, կարծես թէ մեր ձեռքերն ու դէմքերը կ’ասեղնէին։ «Հա տղաք, ձեզ մատաղ», կ՚ըսեմ, «քիչ մը ոտքերնիդ վերցուցէք»… Բայց մինչեւ կուրծքերնիս ձիւնի մէջ խրուած՝ ո՞տք շարժել կը լինէր… Մէկ ալ տեսնեմ ընկերներէս Քէլէշ Մարտիրոսը քթին բերնին վրայ կը պառկի ձիւնի մէջ. «Ծօ Աբրօ», կ’ըսեմ միւս ընկերոջս. «ճար չկայ, Սարգիսը պիտի շալկենք»…

Մարտիրո՛սը, Թօփալ Սատանան քմծիծաղով մը ուղղեց անուններու շփոթութիւնը, որ կրնար հետեւանք լինիլ Առիւծ Գեւոյի թոյլ յիշողութեան, մէկ մ’ալ խմած քոնեակի ազդեցութեանը։

Առիւծ Գեւօն րոպէ մը լռեց, բարկութեամբ նայեցաւ Թօփալ Սատանային որ իր խելքով ելեր էր իր սուտը բռնելու, ու առանց շփոթելու պատասխանեց:

Հա, ընկերոջս անունը Մարտիրոս Սարգսեան էր։ Հիմա հասկցա՞ք Թօփալ, ու զինք ուշադրութեամբ մտիկ ընող Սոնիային եւ տիկին Աւետեանին դառնալով՝ շարունակեց.

Ճար չկար, Մարտիրոսը շալկեցի, Աբրոյի հետ միասին սկսանք գէշ աղէկ վար իջնալ սարէն։ Ի՜նչ երկնցնեմ, քիչ մը տեղ իջած կը լինէինք, մէկ ալ Աբրօն թէ՝ «Առիւծ Գեւօ, էլ չեմ կրնար շարժիլ»։ Աղաչանք պաղատանք օգուտ մը չըրաւ: Երեսս խաչ կը քաշեմ, «եա, Սուրբ Կարապետ», կ’ըսեմ, ու Աբրօն ալ թեւիս տակ գրկած՝ ձիւնը կուրծքովս ճեղքելով հազար զօրով ճամբայ կը բանամ, եւ երկու ժամէն կը հասնիմ հայկական գեղ մը, փրկելով ազիզ ընկերներուս կեանքը։

Շատ նեղութեամբ գիւղ հասած պիտի լինէիք, կարեկցաբար Առիւծ Գեւոյին նայելով ըսաւ տիկին Աւետեանը, որ շատ տպաւորուած էր պատմողի խոժոռ դէմքէն, երկար պեխերէն եւ հոլի նման դարձող աչքերէն:

Նեղութինն ալ խօ՞սք է, խաթուն, միայն Աստուած գիտէ քաշածս: Ամէն տղամարդու ալ գործ չէ՝ երկու մարդ շալկած բուքի ժամանակ, ձիւնի մէջ քալել։ Է՜յ կիտի ժամանակներ, էն ատեն ասլանի նման երիտասարդ մ’էի, էսոնց նման երեք երիտասարդներու մարդ չէի ըսեր… Բայց հիմա, տարիքս առած, ա՛լ առաջուան նման ցուրտի չեմ դիմանար, մէջքս կը պաղի… Վաղը եթէ չհիւանդանամ՝ շատ բան… Քոյրիկ ջան, հելէ մէկ երկու կաթիլ ալ լեցուր էդ քոնեակէն, պելքի պաղս անցնի…

Առիւծ Գեւօն, Սիփան սարը միայն հեռուէն տեսած էր, ալ չխօսինք ձմեռ, ատեն գագաթը բարձրանալու մասին: Այսքանը բաւական է հասկնալու համար թէ՝ Առիւծ Գեւոյի պատմութեան մնացած մասերը որքա՞ն ճիշդ էին։ Ասով մէկտեղ, Առիւծ Գեւոյի ֆանթաստիկ պատմութիւնները մոռցնել տուին Լեւոնի պարագան ու բարձրացուցին կիներու ինկած տրամադրութիւները, թէեւ քոնեակի շիշին պարունակութիւնը սպառնագին կերպով նուազեցաւ։

Բժշկապետ Զախարովը, Եկաւեանը ու Կայծակը սեղանէն քաշուած՝ սենեակի հեռաւոր մէկ անկիւնը ցած ձայնով կը խօսակցէին, իսկ Գէորգն ու բժիշկ Պաւլովը կարծես մանկութեան ընկերներ եղած լինէին, քիթ քթի կը շարունակէին քսփսոցը:

Կայծակը աչքի պոչով կը հետեւէր սեղանի շուրջ կատարուած կատակերգութեան, որու հերոսը մեր Առիւծ Գեւօն էր։ Լաւ գիտնալով անոր խմիչքի հանդէպ ունեցած տկարութիւնը, գիտնալով նաեւ, որ շատախօսութեան սկսած՝ ան կը սպառնար քոնեակի երկրորդ շիշին, Կայծակը խօսքը Առիւծ Գեւոյին ուղղելով՝ ըսաւ.

Գեւօ՛, տաքցար եւ կազդուրուեցար, ժամանակն է որ պահակը փոխուի…

Որքան ալ որ այդ յիշեցումը Առիւծ Գեւոյի սրտովը չէր, մանաւանդ որ իր հետաքրքիր պատմութիւններով հետզհետէ կը մօտենար երկրորդ շիշին, սակայն մեր հերոսը քիթը բերանը ծռմռելով ոտքի ելաւ անմիջապէս, վերցուց պատին կրթնցուցած հրացանը եւ կարօտագին ակնարկ մը նետելով քոնեակի մնացորդին՝ դուրս եկաւ սենեակէն, վանքի դարպասի մօտ պահակ կանգնած ընկերը փոխարինելու համար, մինչդեռ սեղանի շուրջ հաւաքուած զինուորները խորհրդաւոր ժպիտով մը իրարու աչք կ՚ընէին։

Ժամը տասը անցած էր։ Քամին ոչ թէ դադրելու նշան չէր ցուցներ, այլ աւելի կատաղութեամբ կը փչէր՝ պատուհաններու ապակիները զնկացնելով։ Բոլորովին անսպասելի կերպով յանկարծ դուռը բացուեցաւ, ու սեմին վրայ երեւցան Պիծան ու Վահէն եւ անոնց ետեւէն տասներկու զինուորներ, բոլորին ալ դէմքերն ու զգեստները սառոյցով ծածկուած:

Անոնց մէջ միայն Պիծան կարծես բոլորովին անտարբեր ցուրտին ու բուքին, կուրծքը կիսաբաց, առանց գլխարկէ, սովորական անտարբերութեամբ մօտեցաւ եւ պատին կրթնցուց հրացանը։

Վահէն այնքան սառած էր, որ ձեռքերը չէին բռներ եւ դժուարութեամբ կը խօսէր։ Ընկերները վրան թափեցան եւ օգնեցին նոր եկողներուն՝ անոնց փամփուշտակալները արձակելով, գլուխնուն փաթթոցները քանդելով, հրացանները վերցնելով ուսերէն։

Մինչդեռ Պիծան բոլորովին անհոգ կերպով կը մօտենար սենեակի այն անկիւնը, ուր Կայծակն ու Եկաւեանը բժշկապետ Զախարովի հետ նստած էին, Վահէն ու իր հետ եկող զինուորները սեղանի շուրջը հաւաքուած՝ քոնեակով խառն թէյ կը վայելէին այնպիսի ագահութեամբ, որ շատեր անգիտակցօրէն բերաննին խաշեցին, թէեւ այդ պահուն չէին զգար։

Նոր եկողներուն մէջ Վահէն ամենախղճալի պատկեր մը կը ներկայացնէր։ Այնպէս սառած էր որ հազիւ թէ թեւերը կը շարժէր ու կիսաթմրած վիճակ մ’ունէր։ Առանց մատները շարժել կարենալու՝ ափերով սեղմեց թէյի բաժակը ու ագահութեամբ սկսաւ ծծել քոնեակախառն թէյը, որ հետզհետէ հաճելի ջերմութիւն մը կը յառաջացնէր մարմինին մէջ։

Սոնիան ամբողջ օրը անհամբերութեամբ կը սպասէր Վահէի գալուն: Իր միակ նախկին ծանօթն էր, թէեւ անգամ մը միայն հանդիպած էր անոր, Արսէնեաններու տանը։ Սոնիան ի զուր կը փորձէր ջոկել Վահէն սեղանի շուրջ հաւաքուած երիտասարդներու մէջէն։ Բոլորն ալ հասակակից մարդիկ էին, բացի Պիծայէն, որ ալեխառն մազ ու մօրուքով քառսունը անցած մարդ մ’էր: Լեռնական շատախցիներու գոյնզգոյն շորեր հագած՝ բոլորի ալ մազ ու մօրուքը իրար անցած, քօլօզներու շուրջ փաթթած փուշիներու ծոպերը դէմքերնուն վերի մասը ծածկած, իրարմէ շատ մեծ տարբերութիւն չունէին։

Սոնիան սեղանի շուրջը մէկ երկու անգամ դառնալով երբ համոզուեցաւ, որ այդ պայմաններու մէջ պիտի չկրնայ ճանչնալ Վահէն, մօտեցաւ Գարեգինին, որ առանձնակի նստած՝ գիրք մը կը թղթատէր, ու խնդրեց, որ զինքը Վահէին ծանօթացնէ։

Ուրախութեամբ, բայց կարծեմ դուր ծանօթ էիք։

Այո՛, անգամ մը հանդիպած եմ, բայց հիմա՝ այս շորերով շատ կը դժուարանամ…

Ինչպէս իր տեղին ըսեր ենք, Եւգինէն Սոնիային պատմած էր Վարդանի վերջին երեք չորս ամիսներու պատմութիւնը, մինչեւ անոր ենթադրեալ մահը: Եւգինէն բնականաբար բազմաթիւ անգամներ խօսած էր Վահէի մասին, որ այնքա՜ն մեծ ազդեցութիւն թողած էր Վարդանի վրայ, անոր կեանքը նոր ուղղութեամբ մը առաջնորդելով:

Վահէի ներկայութիւնը, նորէն անոր հանդիպելու գաղափարը զարմանալի կերպով յուզած էր Սոնիան։ Վահէն թէեւ օտարական մը, հազիւ անցողական ծանօթութեամբ մը կապուած, բայց ատկէ շատ աւելի բան մ’էր Սոնիային համար։ Ան Վարդանի ընկերն էր, վերջի օրերու գործակիցը։

Երբ Գարեգինի հետ մօտեցաւ սեղանին, Սոնիան սաստիկ յուզուած էր: Այդ հանդիպումը լեցուցեր էր հոգին Վարդանով, որ մեղմ ցաւի մը նման անվերջ կը մխար սրտին մէջ։

Վահէ՛, ըսաւ Գարեգինը ձեոքը դնելով նստողներէն մէկու ուսին, հին ծանօթ մը… Օր. Սոնիա Ասլանով։

Վահէն կիսովին ետ դարձած էր, երբ Գարեգինը ձեռքը անոր ուսին դրաւ: Բայց երբ այդ ծանօթ անունը լսեց, յանկարծ թէյի բաժակը ձեռքէն ինկաւ յատակի վրայ։ Ոտքի ցատկեց ու առանց բառ մը արտասանել կարենալու՝ ապշանքով աղջկան կը նայէր, որ ձեռքը իրեն երկնցուցած՝ տխրօրէն կը ժպտար.

Բոլորովին անսպասելի հանդիպում մը, պարոն Վահէ…

Վահէն աչքերը խոշոր խոշոր բացած՝ զարմանքով կը նայէր Սոնիային։ Եթէ յանկարծ կայծակ մը իյնար սեղանին վրայ, այն տպաւորութիւնը պիտի չընէր՝ ինչ որ ըրին այդ զոյգ մը մեղմօրէն ժպտացող աչքերը։

Գիտեմ, որ չէիք սպասեր…

Կը խոստովանիմ… դժուար էր սպասել… բայց շատ ուրախ եմ, հազիւ կրցաւ կակազել Վահէն։

Դժուար է հաւատալ, թէկուզ սեփական աչքերու, տխրօրէն ժպտաց Սոնիան, - ձեզ շատ բարեւներ բերած եմ ձեր ընկերներէն։

Այո՞։

Վահէն առջի մէկ երկու րոպէի զարմանքէն սթափած ինքզինքը հաւաքեց։

Մասնաւորաբար Արսէնեաններէն, որոնք այնքա՜ն յաճախ ձեր մասին կը խօսէին։

Այո՛, ինչպէ՞ս են տիկինը, պարոն Աշոտը, Եւգինէն…

Լա՛ւ, որքան որ այդ պայմաններու մէջ կրնան լինիլ, Սոնիայի դէմքին տխուր ժպիտ մը երեւցաւ, թերեւս չէք գիտեր, թէ փոխադրուած են Երեւան։

Այդ մասին վերջերս լսեցի։ Տիկին Արսէնեանը…

Բոլորովին պառաւած է։ Վարդանի անժամանակ մահը, հոս Սոնիայի ձայնը խզուեցաւ, բայց անմիջապէս ինքզինք զսպելով շարունակեց. Վարդանի եղերական վախճանը խորտակեց խեղճ կինը։ Այժմ սպիտակած մազերով պառաւ մ՚է, որ ժամերով անշարժ կը նստի, առանց բառ մը արտասանելու եւ մինչեւ հիմա առանց արցունքի չի կրնար յիշել զաւկի անունը, թէեւ չորս տարիէն աւելի անցեր է այդ դէպքէն։ Պարոն Աշոտը աւելի լաւ տարաւ այդ հարուածը, թէեւ սկզբնական ամիսներուն ցաւի տակ ընկճուած՝ շշմեր էր…

Վահէն ծանր մտքերով տարուած՝ հազիւ թէ մտիկ կ’ընէր Սոնիային։ Որտեղէ՜ն որտե՜ղ, Սոնիան յանկարծ մէջտեղ կ’ելլէր։ Վահէն ամէն բան կրնար երեւակայել, բայց որ Սոնիա Ասլանով՝ Պեոտր Կարպովիչ Ասլանովի մէկ հատիկ աղջիկը Վանի նման հեռաւոր գաւառ մը գար, ժողովուրդին ծառայելու, չէ՛, այդ արդէն իր երեւակայութեան սահմանէն դուրս էր։

Վահէն անգիտակցօրէն սկսաւ խաղալ խազախիի ոսկեթել ծոպին հետ, մինչ միտքը բոլորովին ուրիշ ուղղութեամբ կը գործէր։ Վահէն կը մտածէր, թէ Սոնիայի անսպասելի երեւումը ի՞նչպէս պիտի անդրադառնար Լեւոնի վրայ։ Վահէն Լեւոնի միակ սրտակից ընկերն էր, ծանօթ էր անոր հոգեկան ապրումներուն, անսահման տառապանքին։ Եթէ Լեւոնի շրջապատող ընկերները կրնային խաբուիլ անոր մարմարի նման պաղ դէմքէն, բայց Վահէի համար անոր հոգեկան վիճակը շատ պարզ էր։ Լեւոնը քօղազերծ ըրած էր սիրտը եւ ցուցուցած Վահէին սրտի վէրքերը, որոնք դեռ շատ թարմ էին, ու կարծես երբեք պիտի չսպիանային։ Վահէն այդ պահուն գրեթէ թշնամական տրամադրութիւն մը կը զգար Սոնիայի հանդէպ: Ինչո՞ւ եկած էր այդ աղջիկը: Միթէ՞ անոր պատճառով Լեւոնի տառապանքը բաւական չէր եղած։

Լեւոնը ի՞նչպէս պիտի հանդիպէր Սոնիային, այս միտքը հանելուկային անորոշութիւն մը ունէր Վահէի համար։ Անհրաժեշտ էր Լեւոնը նախապատրաստել երկուքի հանդիպումէն առաջ, մտածեր Վահէն, պէտք էր ինք նախօրօք խօսէր Լեւոնի հետ։

Այդ զգեստներով ձեզ ճանչնալը շատ դժուար է, խուզարկու հայեացքով մը ոտքէն մինչեւ գլուխը չափչփելով ըսաւ Սոնիան:

Այո՛, բայց մենք այլեւս Կովկասի մէջ չենք. որքան քիչ մարդ ճանչնայ մեզ՝ այնքան լաւ։

Բժշկապետ Զախարովը, բժիշկ Պաւլովը եւ տիկին Աւետեանը մօտենալով ծանօթացան Վահէի հետ, որու մասին այնքա՜ն լսած էին։ Աշխոյժ խօսակցութիւն մը ծայր տուաւ։ Զինուորներէն շատեր, որոնք պահակութիւն ըրած էին, քաշուեցան կողքի սենեակը հանգստանալու:

Վանքի հօտաղ Մարտօն, որ ծանօթ էր բոլոր յեղափոխական ղեկավարներուն հետ, ինքն ալ կամաւոր մը, ստէպ դուրս կուգար սենեակէն, մինչեւ վանքի դարպասը կ’երթար՝ Լեւոնի ճամբան սպասելով։ Դուրսը ոչ մարդ կար, ոչ մարդասան, միայն կատաղութեան հասած սառեցնող քամի մը եւ օդին մէջ բարձրացած ձիւնի սիւներ, որոնք պտոյտ գալով կը զարնուէին վանքի պարսպին։

Ի զուր Մարտօ երկու անգամ ալ նորոգեց սամավարը՝ Լեւոնի խումբը չերեւցաւ։ Վաղուց ժամը տասնեւմէկը անցած էր։ Որքան ժամանակը կ’առաջանար, այնքան ներկաներու ուրախ տրամադրութիւնը կ’իյնար։ Հետզհետէ խօսակցութիւնը դադրեցաւ, եւ ատեն մը եղաւ, երբ քառորդ ժամու մը չափ ոչ ոք բերանը բացաւ. ամէն մէկը ինքն իր մէջ ամփոփուած՝ լռելեայն կը մտածէր: Անշուշտ շատ ալ հաճելի մտքերով չէին տարուած. մռայլ դէմքերով, յօնքերը կիտած կը մտածէին այդ պահուն դուրսը գտնուող ընկերներու մասին։ Դուրսը գտնուելու գաղափարն իսկ բաւական էր, որ մարդու արիւնը սառեցնէր, ուր մնաց իրապէս կատղած քամիի մը առջեւ գտնուիլը, որ դանակի նման կը կտրէր։

Թերեւս ճանապարհ ելած չլինին, աւելի շուտ իր տխուր մտքերը փարատելու համար ինքնիրեն ըսաւ բժշկապետ Զախարովը. բնական է, որ մտածեն թէ սարի ճանապարհով անկարելի է գալը… Հը՞, չէ՞ք կարծեր, որ մտածեն թէ սարի ճանապարհով անկարելի է գալը… Չէ՞ք կարծեր, որ Սուրբ Գրիգոր մնացած լինին…

Ոչ ոք պատասխանեց։ Լեւոնի ընկերները աւելի լաւ կը ճանչնային զայն, ու որովհետեւ աւելի լաւ կը ճանչնային, այդ պատճառով ալ ընկճուած կը լռէին, տխուր մտքերու անձնատուր եղած։

Կէս գիշերը անցաւ։ Ոչ ոք չէր ուզեր հեռանալ սենեակէն, թէեւ շատեր համոզուած էին, որ սպասելը ապարդիւն է։ Հակառակ բժշկապետ Զախարովի թելադրանքին, տիկին Աւետեանն ու Սոնիան նախընտրեցին արթուն մնալ, վայրկեանէ վայրկեան ակնկալելով, որ ուր որ է՝ Լեւոնը կ’երեւի։

Իսկ եթէ Կարմրուորի ճանապարհով փորձէր գալ, հարցուց Զախարովը, ի՞նչ կը կարծէք, Լեւոն ու ընկերները մինչեւ այժմ կրնայի՞ն հասած լինել։

Վաղո՜ւց, հազիւ լսելի ձայնով մը պատասխանեց Եկաւեանը՝ նոր սիկարէթ մը պլլելով։

Ես նորէն կը կրկնեմ, որ Լեւոնը՝ ըմբռնելով Վերին Վարագէն անցնելու անկարելիութիւնը…

Ճիշդ այդ է որ ամենէն շատ զիս կը մտահոգէ։ Լեւոնի համար անկարելին գոյութիւն չունի, ժամացոյցը նայելով պատասխանեց Վահէն, ժամը մէկին կը մօտենայ, ի՞նչ կ’ըսես, Պիծա:

Պիծան առանց պատասխանելու, նայեցաւ Վահէին ու գուշակելով անոր միտքը՝ ըսաւ.

Լաւ, փորձենք, Վահէ, ու տեղէն բարձրանալով հրացանը վերցուց:

Վահէն ալ անմիջապէս ոտքի ցատկեց, պաշլըխով փաթթեց գլուխը ու հրացանը վերցնելով մօտեցաւ զինուորներուն, որոնք սենեակի վարի անկիւնը մէկտեղուած՝ լարուած ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէին Առիւծ Գեւոյի առասպելական մէկ նոր պատմութեանը:

Տղա՛ք, ո՞վ կուգայ մեզի հետ դէպի Կելին, հարցուց Վահէն։

Զինուորները բոլորը մէկէն ոտքի ցատկեցին։

Չէ՛, այդ չեղաւ, միայն չորս հոգի։

Դուք ընտրեցէք պարոն Վահէ, խնդրեց շատ ճահիլ զինուոր մը, որ անպատճառ գնացողներէն մէկը կ’ուզէր լինիլ։

Կ’ուզէի որ դուք որոշէք, ժպտալով պատասխանեց Վահէն, արդէն շատ հեռուն պիտի չերթանք, թերեւս մինչեւ Կոր Քարը…

Զինուորները գլուխ գլխի հաւաքուած՝ ցած ձայնով տաք բանավէճի մը բռնուեցան իրարու հետ։ Խնդիրը այն էր, որ անոնցմէ ամէն մէկը ինքզինը աւելի յարմար կը գտնար, աւելի տոկուն, եւ ոչ ոք կը մտածէր տեղի տալու մասին։ Մասնաւորաբար ճահիլ զինուորը կը պնդէր իր երթալու մասին եւ ատոր հետեւանքով բարկացաւ Առիւծ Գեւոյի վրայ, որ ոտքի ցատկողներէն առաջինն եղած էր։

Պա, քիչ առաջ էն սիրուն օրիորդին կ’ըսէիր, թէ ծեր ես, յիսուն վաթսուն տարին անցուկ, ցուրտի չես դիմանար, հիմա ի՞նչ մէջտեղ ինկեր ես։ Հանդարտ մը տեղդ նստէ։

Ծօ՛, խելքդ սիրեմ, քոնեակը ինչե՜ր ըսել չի տար, աչք ընելով ըսաւ Թոփալ Սատանան, ինծի ալ քոնեակ լեցնող մը լինէր, ես ալ ինչե՜ր կ’ըսէի…

Ձէ՛նդ, ախմախ, դուք իմ քովս երեխաներու պէս էք. ծօ, հելէ դուն, ու Առիւծ Գեւօն բարկացած վերէն վար չափեց ճահիլ զինուորը, դեռ երէկուան լակոտը, քիթդ բռնեմ հոգիդ դուրս կուգայ. հասկըցա՞ր, ու Առիւծ Գեւօն, կ’երեւի խօսքերը աւելի տպաւորիչ ընելու համար, աչքերը ոլորեց:

Դուն քոնեակի շիշին մօտ պահապան կեցիր, հեգնեց ճահիլ զինուորը, համ դուրսը ցուրտ է, պեխերէդ սառոյցի զանգակներ կը կախուին։

Ալ ինչպէս համբերէր Առիւծ Գեւօն, դեռ երէկուան խլլոտներն ալ իրենը զիրենք զինուոր կը համարէին, իր հետ մրցելու կ՚ելլէին։ Ատամները բարկութեամբ սեղմած՝ Առիւծ Գեւօն, բռունցքի ուժեղ հարուած մը տուաւ ճահիլ զինուորին այնպիսի ձեւով մը, որ մեծերը չտեսնէին։ Դժբախտաբար, երիտասարդ զինուորը, որ նման բանի մը չէր սպասեր, հաւասարակշռութիւնը կորսնցուց եւ թաւալգլոր գետին ինկաւ՝ բոլորի ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացնելով:

Էս ի՞նչ խապար է, բարկացած մօտեցաւ Վահէն, չէ՞ք ամչնար, հիւրերու ներկայութեանը շնորհքնի՞դ ցոյց կուտաք:

Այս, այս երեխան… կ’ըսէ թէ ես ծեր եմ, ինքզինքը արդարացնել փորձելով ըսաւ Առիւծ Գեւօն, երեխայի նման յուզուած։

Դուն ալ ուրիշ կերպ չկրցա՞ր պատասխանել, եթէ ոչ բռունցքով, սաստեց Վահէն, անմիջապէս հրացանդ տեղը դիր, դու մեզի պիտի չընկերանաս…

Վահէն, վերցնելով չորս զինուորներ, մէկ ալ Մարտօն, որ թիզ առ թիզ գիտէր ամբողջ Վարագի շրջանը, Պիծայի հետ միասին դուրս ելան սենեակէն։

Սենեակի մէջ մնացողները, սպասողական դրութեան մէջ լուռ մացին, միայն Առիւծ Գեւօն, սաստիկ վիրաւորուած՝ ինքնիրեն կը քրթմնջէր, անիրաւուած զոհի մը հովերը տալով ինքզինքին։

Հը՞, ծօ, Թոփալ Սատանայ, ես Առիւծ Գեւօն լինիմ, ու էդ խլլոտ լակոտը յանդգնի ինքզինքը ինծի հետ չափել։ Որ ես ձեռքս հրացան ունէի՝ էն դեռ մօրը կաթը կը ծծէր…

Սրտիդ մ’առներ, Գեւօ՛, ճահիլ է, ըրածը խօսածը չի գիտեր:

Սատանայ, բայց չես գիտեր, թէ ինչպէ՞ս վրաս կ’ազդէ… Ծօ, ինծի պարա՞պ տեղը Առիւծ կ’ըսեն. էն տարին, որ ես Իւչ Քիլիսէի վանքը ուխտի կ’երթայի, էրնէկ էն օրերուն, յանկարծ առջեւս օխտը քիւրտ ելան, օխտն ալ մինչեւ ակռաները փիր սիլահ…

Ընթերցողը անշուշտ ներողամիտ պիտի գտնուի դէպի Առիւծ Գեւօն, որ ուրիշ տեղ մը միեւնոյն պատմութիւնը պատմած ժամանակ, միայն երեք զինուած քրտեր յիշած էր։ Նայած տեղին ու պարագային՝ Գեւօն չէր քաշուեր հանդիպած թշնամիներու թիւը ուզածին պէս աւելցնել կամ պակսեցնել։ Ըսենք այդ մասը լսողներու համար շատ ալ մեծ կարեւորութիւն մը չունէր, բաւական էր, որ Առիւծ Գեւօն այնքան կենդանի կերպով կը պատմէր կռուի մասին, աչքերը ոլորելով, բռունցքը զարնելով քովի նստողի ուսին։

Կէս ժամ հազիւ անցեր էր Վահէի եւ ընկերներու երթալէն, մէկ ալ սենեակի դուռը շրխկալով բացուեցաւ ու իրարու ետեւէ ներս ինկան Պիծան ու ընկերները, ցուրտէն կծկուած վիճակի մէջ։

Եաման, տղաք, բաժակ մը թէյ, Աստուծու սիրուն, բոլորովին սառեցանք, խնդրեց Վահէն՝ կառապաններու նման թեւերը խաչաձեւ զարնելով կողքերուն:

Շատ ցուրտ է, ըսաւ Պիծան՝ հրացանը տեղը դնելով։

Պիծան սովորական հանդարտ ձեւովը սեղանի առջին նստաւ, գլուխը ձեռներուն մէջ առնելով։ Այդ երկաթէ մարդը, որու խոր գծերով ակօսուած դէմքը կարծես մարմարէ կերտուած լինէր, զգալիօրէն ընկճուած կ’երեւէր: Առանց խօսակցութեան խառնուելու, երկար ժամանակ անշարժ մնաց, հայեացքը կեդրոնացուցած թէյի բաժակին, մարդու մը նման, որու միտքը հեռուները կը դեքերի։

Պիծան Լեւոնի հանդէպ աւելի քան ընկերական համակրանք մը կը զգար։ Անցած երեք տարիներու ընթացքին, գրեթէ օր ու գիշեր Լեւոնի հետ գտնուելով, Պիծան անոր մէջ գտած էր բնածին ղեկավարը, որ վերի մարմինէ մը չի նշանակուիր, այլ բնականօրէն կը գրաւէ առաջաւոր դիրք մը, առանց այդ դիրքը գրաւելու մասնաւոր ցանկութեան: Լեւոնի ցուցադրած եռանդը, աշխատունակութիւնը, բայց ամէն բանէ աւելի անոր ուղիղ դատողութիւնը եւ ղեկավարելու կարողութիւնը հմայած էր Պիծան:

Ուրեմն, մինչեւ ձո՞րն իսկ չկրցաք հասնիլ, հարցուց Եկաւեանը Վահէին:

Մինչեւ ձո՞րը… չեմ կարծեր, թէ կէս ճամբան իսկ կտրեցինք։ Սարսափելի ցուրտ է, կարծես Սիպերիայի մէջ լինէինք: Իսկ անտէր բուքը այնպիսի տակնուվրայութիւն մը առաջ բերած է դուրսը, որ Մարտօն իսկ, ոչ թէ ճամբան չգտաւ, ըսենք ճամբայ չէ մնացեր որ գտնար, այլ ձորէն վանք երկնցող առուի հետքն իսկ չկրցաւ նկատել։

Երանի ճամբայ ելած չլինին, գլուխը օրօրելով ըսաւ Եկաւեանը։

Ի հարկէ, լաւ կը լինէր, բայց չեմ հաւատար: Որոշուած էր փետրուարի չորսի գիշերը, ու գիտես որ Լեւոնը որքան ճշդապահ է ժամադրութիւն մը պահելու համար:

Թերեւս Վերին Վարագի աւերակներու մէջ պահուած լինին, ինքն ալ իր ըսածին չհաւատալով ըսաւ Գարեգինը:

Իսկ այն տեղ պատսպարուելու տեղ կա՞յ, ուզեց իմանալ Սոնիան, սարսափելի բան է մտածել, թէ այս եղանակին դուրսը մարդիկ կան: Վերին Վարագը…

Օրիորդ, Վերին Վարագ ըսուածը երկու քանդուած եկեղեցիներու հազիւ նշմարելի հետքերն են, որոնք անշուշտ ձիւնով ծածկուած կը լինին, բացատրեց Եկաւեանը:

Բայց թերեւս Թոդիկ ճգնաւորի ճգնարանը ապաստանած լինին, աւելի շատ ինքզինք խաբել ուզելով ըսաւ Գարեգինը, որ միւսներու նման մեծապէս մտահոգուած էր։

Սպասելէ յոգնած, իրարու ետեւէ Սոնիան, տիկին Աւետեանը եւ բժիշկ Պաւլովը մեկնեցան իրենց սենեակները։

Գէորգը, ման գալէ յոգնած, մօտեցաւ սեղանին ու տեղաւորուեցաւ Պիծայի կողքին։ Ճնշող լռութիւն մը տիրեց սենեակին մէջ։ Դուրսը քամին կ’ոռնար հազար ու մէկ վայիւնով, իսկ սենեակի մէջ ոչ մէկ ձայն ծպտուն։

Յանկարծ սենեակի դուռը թափով բացուեցաւ։ Ձիւնախառն քամին ներս խուժեց: Դրան սեմին վրայ երեւցաւ Մոսօն, իսկ անոր ետեւէն Լեւոնը, ըստ երեւոյթին անկենդան մարդ մը շալկած։

Լեւոնը, պոռաց Եկաւեանը տեղէն ցատկելով։

«Լեւոնը, Լեւոնը» ու սենեակի մէջ գտնուողները պայծառացած դէմքերով շրջապատեցին, ծանր քայլերով սենեակ մտնող Լեւոնը:

Վար առէք, ըսաւ Լեւոնը՝ ակնարկելով շալակի մարդուն, Գործոթցի Սագօն է, ու Լեւոնը կռացած մէջքը շտկելով, հազիւ հազ սառած ոտքերը շարժելու կարող, մօտեցաւ անկիւնի թանձր ներքնակին ու ամբողջ հասակով փռուէցաւ անոր վրայ։

Խնդրեմ մէկը բժիշկ Պաւլովը թող կանչէ, խնդրեց Զախարովը, եւ ինք անմիջապէս մօտեցաւ Սագոյին, ու անոր կուրծքը բանալով սիրտը մտիկ ըրաւ։

Կենդանի՞ է, վարանելով հարցուց Կայծակը։

Անշո՛ւշտ, բարեբախտաբար նոր սկսած է սառիլ, բայց անմիջապէս պէտք է ցուրտ սենեակ մը փոխադրել, ջերմութիւնը կրնայ մահացու հետեւանք ունենալ։

Կայծակն ու զինուոր մը Սագօն գրկած՝ դուրս ելան, իսկ Զախարովը մօտենալով Լեւոնին՝ անոր ձեռքը սեղմեց։

Բայց ձեր ձեռքերն ալ բոլորովին սառած են. ես անմիջապէս կը վերադառնամ, ու դառնալով շրջապատողներուն կարգադրեց, որ ձիւնով Լեւոնի եւ Մոսոյի ոտքերն ու ձեռները շփեն, մինչեւ որ ինք վերադառնայ։

------------

Առաւօտեան նախորդ օրուան նման կապոյտ երկինք մը եւ պայծառ արեւ մը կար։ Կարծես իրիկնադէմի եւ գիշերուան բուքը գոյութիւն ունեցած չլինէր։ Հոս հոն կոտրուած ծառերու ճիւղերը, բլրացած ձիւնի կոյտերը միայն կը պատմէին առջի գիշերուան արհաւիրքի պատմութիւնը։

Նախորդ գիշեր, երբ Լեւոնի գալով բոլորն ալ միամտուած քաշուեր էին իրենց յատկացուած սենեակները, Վահէն միայն վեց զինուորներու հետ լուսցուցեր էր՝ ժամը անգամ մը պահակը փոխելով, մինչեւ որ առաւօտեան կողմ Եկաւեանը եկած էր զինք փոխարինելու։

Բժշկապետ Զախարովի սենեակի երկար սեղանի շուրջը հաւաքուած՝ առաւօտեան նախաճաշը կ’առնէին Սոնիան, տիկին Աւետեանը, բժիշկ Պաւլովը, Պիծան եւ Գէորգը: Միւսները դեռ չէին երեւցած։

Հաստա՞տ որ որեւէ վտանգ չկայ, հարցուց Պիծան որ նոր Սագոյի մօտէն եկած էր։

Անշուշտ ոչ, երկու երեք օրէն ոտքի կ’ելլէ, ապահովցուց Զախարովը։

Ափսոս տղայ է, շատ հետաքրքիր պատմութիւն մ’ունի, ու Գէորգը սկսաւ պատմել թէ՝ ի՞նչ պայմաններու մէջ Սագօն միացեր էր իր խմբին։

Ձեր այդ պարոն Լեւոնը հերքիւլեան ուժի տէր անձ մը պէտք է եղած լինի, պարոն Գէորգ, ըսաւ տիկին Աւետեանը, բժիշկը կ’ըսէ, թէ ինքն ալ կիսասառած վիճակի մէջ է եղեր, երբ ընկերը շալկելով վանք կը հասցնէր։

Այո՛, ժպտալով պատասխանեց Գէորգը, Լեւոնը շատ ուժեղ է։ Զարմանալի է որ մինչեւ այժմ չերեւցաւ: Երեք չորս ժամուան հանգիստը բաւական է, որ ան բոլորովին կազդուրուի:

Ես քիչ առաջ անոնց մօտ էի, ապահովցուց բժշկապետ Զախարովը, պարոն Լեւոնը շուտով կուգայ, բոլորովին կազդուրուած, իսկ Մոսոյի ոտքի մատներուն վրայ երկու երեք վէրքեր բացուեր են։

Մոսօ՞ ըսիք, հետաքրքրութեամբ հարցուց Սոնիան, բոլորովին զուարթացած դէմքով, ես տարիներ առաջ Մոսօ մը կը ճանչնայի, որ Երկիր անցաւ…

Բայց հազարաւոր Մոսօներ կան Հայաստանի մէջ, ծիծաղելով Սոնիայի խօսքը կտրեց Գէորգը։

Իմ ըսած Մոսօն բնիկ Ախլաթի գաւառէն էր…

Ճիշդ է։

Թիֆլիսի մէջ դռնապանութիւն կ’ընէր, ոգեւորուած շարունակեց Սոնիան:

Կարծեմ, այդ ալ ճշմարիտ է։

Հիմա պէտք է որ 27–28 տարեկան լինի…

Դարձեալ ճիշդ է: Ինչպէս կ’երեւի, օրիորդ, ձեր ծանօթ Մոսօն է:

Ո՞վ է այդ քու Մոսօն, խորամանկ ժպիտով մը հարցուց տիկին Աւետեանը։

Կերդրուտ, քեզ պատմած եմ, Արսէնեաններու դռնապանը…– Սոնիայի ուրախ դէմքը յանկարծ մռայլեցաւ, Մոսօն, աւելի տան անդամ մ’էր Արսէնեաններու մօտ… երբ այն սարսափելի դժբախտութիւնը պատահեցաւ…

Ա՜, ահաւասիկ եւ պարոն Լեւոնը, բացագանչեց ուրախացած բժշկապետը:

Իրօք, Լեւոնը սենեակի դրան մէջ երեւցաւ Շատախցիի հագուստով, քօլոզին փաթթուած փուշին մինչեւ յօնքերը իջեցուցած: Փուշիի երկար ծոպերը դէմքի մէկ մասը կը գոցէին, մասնաւորաբար ձախ այտը: Լեւոնը կաղալով մօտեցաւ Զախարովին:

Ձեզ շատ նեղութիւն պատճառեցինք, յարգելի բժիշկ, ըսաւ ան՝ Զախարովի ձեռքը թօթուելով, ինչպէ՞ս է Սագոյի վիճակը…

Շատ լաւ, քանի մը օրէն ոտքի կ’ելլէ… Խնդրեմ, ծանօթանաք մեր խմբի անդամներուն, տիկին Կերդրուտ Աւետեան…

Վարդանը թեթեւ մը ծռելով՝ տիկնոջ ձեռքը թօթուեց:

Օրիորդ Սոնիա Ասլանով, աւելցուց Զախարովը։

Լեւոնը վայրկեան մը կայծակնահար եղածի նման երերաց կանգնած տեղը, գլուխը ետ նետեց, յանկարծ այնպէս գունաթափուեցաւ, որ դէմքին վրայ կաթիլ մը արիւն չմնաց, ձախ դէմքի սպիացած պալարները զարմանալի արագութեամբ դողացին ու սարսափահար աչքերը աղջկան ուղղած՝ ձեռքը երկնցուց Սոնիային, առանց բառ մը արտասանել կարենալու։

Ներկաները ապշած իրարու կը նայէին։ Այնքա՜ն ակնյայտնի էր Լեւոնի յանկարծական յուզումը, դէմքի գունաթափութիւնը, որ Պիծան մտահոգուած հարցուց.

Լեւոն, ի՞նչ պատահեցաւ, լալ չե՞ս զգար…

Գլխու յանկարծական պտոյտ մ’ունեցայ, խեղդուած ձայնով մը ըսաւ Լեւոնը, ոչինչ, կարծեմ անցաւ, ու Պիծայի մօտ տեղաւորուելով փորձեց ժպտալ:

Սոնիան սաստիկ ուրախացած էր Մոսոյին հանդիպելուն համար։ Որքան ալ կը ցանկար Լեւոնին հանդիպիլ, սակայն անձնական ծանօթի մը, բարեկամի մը հանդիպելու գաղափարը զինք այնքան ոգեւորած էր, որ գրեթէ չնկատեց Լեւոնի յուզումը: Ձեռքը պարզեց անոր, ինչպէս պարզած էր անոր ընկերներուն։ Լեւոնի աւերուած դէմքը ծանր ազդած էր Սոնիայի վրայ, ու աղջիկը փափկանկատօրէն կը խուսափէր ուղղակի անոր դէմքին նայելէ։

Միեւնոյն զգացումն ունեցեր էր նաեւ տիկին Աւետեանը, ինչ որ առաջ կուգար հաշմանդամի մը զգայնոտութիւնը չվիրաւորելու բարի ցանկութենէն, թէեւ միշտ հակառակ արդիւնք մը առաջ բերելով։ Լեւոնը գլխի քոլոզը աւելի վար քաշեց, մինչեւ յօնքերը իջեցնելով զայն։

Ուրեմն, նախկին խօսակցութիւնը շարունակել ուզելով՝ ըսաւ Գէորգը եւ խօսքը Սոնիային ուղղեց. ուրեմն, մեր Մոսոյին ծանօթ էր առաջուց: Պիտի ուրախանայ ձեզ հանդիպելով, ես հիմա մէկը կ’ուղարկեմ անոր ետեւէն…

Լեւոնը բոլորովին շշմած նստած էր Պիծայի մօտ: Ամէ՛ն բան, ամէն բան կրնար երեւակայել, բայց որ Սոնիան գար Հայաստան, այդ այնպիսի անհեթեթ գաղափար մ’էր, որ բնաւ մտքէն չէր կրնար անցընել։ Երբ Գէորգը զինուոր մը ղրկեց Մոսօն կանչելու, Լեւոնը անվճռական շարժում մը ըրաւ՝ տեղէն բարձրանալու, բայց աւելի կծկուեցաւ նստած տեղն ու գլուխը վար կախեց, որպէս թէ թէյի բաժակով զբաղած։

Իրարու ետեւէ սենեակ մտան Եկաւեանը, Կայծակը, Գարեգինը ու բոլորուեցան սեղանի շուրջը։ Ներս մտնողներէն ամէն մէկը ըսելու բան մը կը գտնէր Լեւոնին.

Պատարագ մը ընել տալու ես մեր տղայ, ուրախ ծիծաղելով ըսաւ Եկաւեանը՝ դռնէն ներս մտնելով, քեզ անգամ մ’ալ տեսնելու գաղափարէն ձեռք քաշած էինք։

Իսկ ես վստահ էի, որ մէջտեղ կ’ելնէ, առանձին հպարտութեամբ մը ըսաւ Պիծան՝ Լեւոնի ուսը թափահարելով.

Բայց ինչո՞ւ Կարմրուորով չեկար, այն կողմէն դժուարութեան չէիր հանդիպեր, հարցուց Կայծակը։

Հնարաւոր չէր, բան մը պատասխանած լինելու համար ըսաւ Լեւոնը, առանց գլուխը բարձրացնելու։

Հազիւ թէ այդ պահուն շուրջը կատարուածի մասին յստակ գաղափար մը ունէր Լեւոնը, եւ ոչ ալ գիտակցօրէն կը լսէր ընկերներու խօսքերը։ Անցած տարիները, եթէ քօղարկած էին Լեւոնի զգացումները, եթէ անոր սէրը նախկին անզուսպ թափով չէր արտայայտուեր, այդ չէր նշանակէր թէ՝ խորքին մէջ դէպի Սոնիան ունեցած սէրը մաշած էր, ինչպէս որ ժամանակի հետ կը մաշի հագուստ մը, կօշիկ մը, կամ մարդկային կեանքը։ Տարիներու հետ, անոր մէջ փոթորկուող սէրը ձեւափոխուած էր՝ աւելի մեղմ արտայայտութիւն մը ստանալով։ Ճիշդ է, մոխիրը ծածկած էր կրակը, բայց ա՛լ աւելի երկար պահելու համար զայն։

Լեւոնը երեք չորս տարի յեղափոխականի անստոյգ օրեր ապրեցաւ: Սեփական կեանքին հետ խաղաց այնպէս անհոգութեամբ, ինչպէս երեխայ մը ձեռքի խաղալիքին հետ։ Բայց այդ դժնդակ օրերուն իսկ, երբ կեանքն ու մահը իր շուրջ աչքկապուկ կը խաղային, անոր հոգիին մէջ մշտական կերպով կ’ապրէր Սոնիան, ինչպէս անոր նկարը, Լեւոնի կրծքին կախուած մէտալիոնի մէջ։ Որքան ալ որ հոգեպէս կապուած էր անցեալին, Լեւոնի համար սակայն, ան անդարձ կորսուած երազ մ’էր: Ու ահա յանկարծ, բախտի տարօրինակ հեգնանքով մը, նորէն դէմ դիմաց կուգար Սոնիայի հետ, երբ ինք այլեւս դադրած էր անոր համար Վարդանը լինելէ։

Օրիորդ Սոնիա, ահա՛ ձեր վաղեմի ծանօթ Մոսօն, ըսաւ Գէորգը՝ ներկայացնելով յաղթանդամ երիտասարդ մը, որ ոչնչով չէր յիշեցներ Արսէնեաններու նախկին դռնապանը։

Մոսօ՛, եւ Սոնիան յանկարծ հարազատ մը գտնողի ուրախութեամբ ոտքի ցատկեց, որքա՜ն փոխուեր ես, Մոսօ՛…

Խեղճ Մոսօ։ Եթէ յանկարծ ձմեռը փոխուէր գարունի, ձիւնը աներեւոյթանար ու դրսի տերեւաթափ ծառերը կանաչէին, այնքան պիտի չզարմանար, որքան որ զարմացաւ, երբ տեսաւ Սոնիան։ Մինչ շփոթած Մոսօն, ձեռքը կ’երկնցնէր Սոնիային, քովնտի նայեցաւ Լեւոնին, որ գլուխը կախ՝ ձեռքերը կը տրորէր։ Պարզ էր, որ Լեւոնը կ’ուզէր անծանօթ մնալ։

Օրիորդ Սոնիա՛, շփոթած Մոսօն աւելի բան մը չկրցաւ ըսել:

Զարմացա՞ր, Մոսօ՛, չէիր սպասեր. ա՜յ, եկայ Հայաստան։ Քեզ շատ շատ բարեւներ բերած եմ. ու Սոնիան Մոսոյի թեւէն բռնած քաշուեցաւ անկիւն մը։

Կարծեմ սկսելու ժամանակ է։ Այս երեկոյ պէտք է ցրուիլ, ըսաւ Պիծան՝ սեղանէն ելնելով. Հը՞, ի՞նչ կ’ըսես, Լեւոն։

Սկսինք, սկսինք, համաձայնեցան Գէորգն ու Եկաւեանը:

Կողքի սենեակը յատկացուած էր զինուորներուն ուրկէ աղմկալի խօսակցութեան հետ բարձրաձայն ծիծաղի ձայներ կը լսուէին։ Տիկին Աւետեանը, Սոնիան Մոսօն ու բժիշկ Պաւլովը անցան զինուորներու մօտ, մինչ մնացածները հաւաքուեցան սեղանի շուրջը, եւ ժողովը սկսաւ:

Ամբողջ ցերեկը մեր բարեկամները գրեթէ բանտարկւած մնացին սենեակին մէջ։ Լեւոնը սովորականէն աւելի լռակեաց էր այդ օր, հազիւ երբեմն կը մասնակցէր վիճաբանութիւններուն։

Եկաւեանը, որ դեռ շաբաթ մը առաջ եկած էր Պարսկաստանէն, գլխաւոր զեկուցողը եղաւ: Ինչպէս յայտնի եղաւ անոր տուած տեղեկութիւններէն, Եւրոպայի մէջ, թուրք, հայ եւ մակեդոնական յեղափոխական մարմինները, առաջին անգամ լինելով, միացեալ ճակատ մը կազմած՝ որոշած էին գարնան ընդհանուր ապստամբական շարժում մը առաջացնել Թուրքիոյ մէջ։ Եւրոպական Թուրքիոյ մէջ այդ շարժման ղեկավարութիւեը իրենց վրայ վերցուցած էին մակեդոնացիք եւ թուրք զինուորականները, ու բնականաբար արեւելեան Թուրքիոյ մէջ հայերն էին որ պիտի արձագանգէին այդ շարժման։

Բուռն վիճաբանութիւն մը ծայր առաւ։ Ոմանք, շարժման սկսելու համար, նախապատրաստական աշխատանքները անբաւարար համարելով՝ կը յամառէին նախկին որոշման վրայ մնալ, այսինքն՝ նախընտրել սեպտեմբեր ամիսը։ Իսկ այդ տեսակէտին հակառակորդները իրաւամբ դիտել կուտային, որ եթէ իրենց շարժումը ընդհանուր ապստամբութեան օժանդակելու համար է, ապա ուրեմն պէտք է որ հրդեհը բռնկէր միաժամանակ եւ ամէն ճակատի վրայ:

Երկար վիճաբանութենէ վերջ, երբ որոշուեցաւ մայիսի տասնեւհինգը, որպէս ապստամբական շարժման թուական, բոլորովին անսպասելի կերպով Լեւոնը նոր առաջարկութիւն մը մէջ տեղ նետեց։ Զանազան պատճառաբանութիւններ բերելով, պահանջեց որ ժամանակի մը համար Վահէն մնայ քաղաքի մէջ, իսկ ինքը Պիծայի հետ անցնի Վասպուրականի լեռնային մասերը։

Ներկաներուն մէջ միայն Վահէն էր որ կը զգար Լեւոնի հեռանալու ցանկութեան բուն պատճառը։ Մեծամասնութիւնը հակառակ էր այդ կարգադրութեան: Բայց երբ Վահէն, առանց ընդդիմութեան, իր համաձայնութիւնը յայտնեց, խնդիրը վերջացած համարուեցաւ։

-------------

Կէս օրուան ճաշէն վերջ, Սոնիան եւ տիկին Աւետեանը կողք կողքի երկնցած անկողնի վրայ՝ կը հանգստանային:

Սոնիան, մէջքի վրայ պառկած, լուռ մտիկ կ’ընէր ընկերուհիի խօսքերուն, որոնք բնականաբար կը դառնային յեղափոխական ղեկավարներուն շուրջը:

Հետաքրքրական մարդիկ են… իմ վրաս շատ լաւ տպաւորութիւն ձգեց պարոն Վահէն, իսկ ալեւոր Պիծան, իսկական ժողովրդական հերոս մը… Սոնիա՛, հետաքրքրական էր գիտնալ թէ՝ եթէ յանկարծ վանքը շրջապատուի կառավարական զօրքերով, ի՞նչ պիտի ընեն մեր բարեկամները։

Սոնիան առանց պատասխանելու սկսաւ մեղմօրէն ծիծաղիլ։

Հը՛, ի՞նչ Սոնիա, կարծե՞ս թէ կը կռուին:

Կերդրուտ, ի՜նչ միամիտ հարցում կուտաս, ի հարկէ կը կռուին։

Իսկ եթէ տասնապատիկ աւելի թուով թշնամի լինի պաշարողը ու ազատելու ոչ մէկ յոյս…

Անշուշտ կը կռուին մինչեւ վերջին փամփուշտը. չէ՞ որ միեւնոյնն է իրենց համար։ Չլսեցի՞ր թէ ինչեր պատմեց Մոսօն։ Ասոնցմէ ամէն մէկը արդէն դատապարտուած է, շատեր մահուան վճիռ ունին, իսկ Լեւոնի գլուխը կառավարութեան կողմէ հինգ հարիւր ոսկի գնահատուած է…

Հինգ հարիւր ոսկի ըսիր, այդ մարդու գլխին համար… Ի՜նչ ճնշող տպաւորութիւն գործեց վրաս այդ մարդը։

Ո՞վ, Լեւո՞նը։

Ի հարկէ, Լեւոնը… ինչ որ վայրենի հով մ’ունի վրան։ Արդեօք ինչո՞ւ կը խուսափի մէկու մը նայելէ։ Նկատեցի՞ր Սոնիա, որ մեզ հետ գրեթէ բառ մը չփոխանակեց… վայրենին։ Ու երեւակայել, որ ես արդէն կէս սիրահարուած էի անոր վրայ… Բո՜ւհ, գիւղացին, անգամ մ’իսկ գլուխը չբարձրացուց եւ դէմքիս չնայեցաւ… Կ’երեւի, շատ շփացեր է, ես կ’ատեմ մեծամիտ մարդիկը…

Սոնիան ընկերուհիի չարանալը տեսնելով՝ քրքչալով սկսաւ ծիծաղիլ։

Ինչո՞ւ կը ծիծաղիս, ճիշդ չե՞մ։

Ի՞նչ բանի մէջ ճիշդ ես, սիրելի Կերդրուտ, ա՞յն՝ որ Լեւոնը վայրենի մ’է որովհետեւ քեզի չնայեցա՞ւ…

Արդէն չէի ուզեր որ ինձ նայէր, բարկացաւ տիկին Աւետեանը, - ի՜նչ սարսափելի դէմք… Տեսա՞ր, Սոնիա, թէ ինչպէ՜ս դէմքը կը կծկուէր, երեսի կարմիր պալարները կը դողային։ Թեւը այնպէս ինչո՞ւ կը ցնցուէր… Օ՜, Սոնիա, հերոսը պէտք է գեղեցիկ լինի…

Բայց լսեցի՞ր թէ՝ ինչե՜ր կը պատմէին զինուորները։

Որ ի՞նչ։

Որ անոր մասին կը խօսէին այնպէս, ինչպէս դու կրնաս խօսիլ քու պաշտած մէկ հերոսի մասին…

Զինուորը վարժուած է մեծին հպատակելու, ուզեց առարկել տիկին Աւետեանը։

Բայց, սիրելի Կերդրուտ, հպատակիլը տարբեր բան է, պաշտելը տարբեր… Երէկ գիշեր, այն սարսափելի բուքի ժամանակ, երբ Լեւոնը փնտռելու աուաջարկ եղաւ, զինուոր մը չմնաց տեղը նստած՝ իրարու հետ կը կռուէին դուրս ելնելու համար։

Հը՞, Սոնիա՛, քրքջալով պատասխանեց տիկին Աւետեանը, չլինի՞ թէ սիրահարած ես այդ սարսափելի մարդուն։

Կերդրո՛ւտ, վայրկենաբար լրջանալով ըսաւ Սոնիան, դու գիտես, որ այդ խնդիրը վերջացած է ինձ համար։

Իսկ եթէ վերջացած չլինէ՞ր… եթէ Վարդանի պատմութիւնը գոյութիւն չունենա՞ր, դո՛ւ, դու կրնայի՞ր այսպիսի մէկը սիրել…

Ինչո՞ւ չէ՛, Կերդրո՛ւտ, հոգին է կարեւորը։ Ինչ որ մինչեւ հիմա լսեցինք անոր մասին…

Սոնիա՛, խօսք չունիմ, այդ սարսափելի մարդը կրնայ իսկական հերոս մը յինիլ, բայց իմ ըսածը ուրիշ բան է. դուն կրնա՞ս, կրնա՞ս զայն որպէս տղամարդ սիրել։

Ինչո՞ւ չէ։

Բայց, Սոնիա, դու խեւ խեւ բաներ կը խօսիս… Տէր Աստուած, ես եթէ գիշերը երազիս մէջ տեսնեմ այդ դէմքը՝ խելքս կը թռցնեմ։