Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԵՈՏՐ ԿԱՐՊՈՎԻՉ ԱՍԼԱՆՈՎ

Ընդարձակ եւ շքեղօրէն զարդարուած դահլիճի մը մէջ, հանգստաւէտ բազկաթոռի մը վրայ բազմած էր Պեոտր Կարպովիչ Ասլանովը, Թիֆլիսի կերպասեղէնի մեծահարուստ վաճառականը։ Շատ տարի չկար, որ ան զարմանալի արագութեամբ բարձրացաւ համեստ խանութպանութենէ մինչեւ մեծաքանակ վաճառականի տիրապետող դիրքին, դառնալով կեդրոնական անձնաւորութիւն մը ամբողջ Կովկասի առեւտրական այդ ճիւղին մէջ։

Այդ օր Պեոտր Կարպովիչ, հակառակ իր անշեղ սովորութեան, քիչ մը կանուխ մեկներ էր գրասենեակէն գերազանց տրամադրութեան մէջ։ Անշուշտ պատճառ մը չկար այդպէս չզգալու։ Փառք Աստուծոյ, առողջութիւնը կատարեալ էր, գործը՝ աւելի քան յաջող, ստամոքսի մարսողութիւնը անթերի վիճակի մէջ։ Ամէն ինչ լաւ էր, աշխարհը շէն ու պայծառ, իր քէֆն ալ, փառք Ստեղծողին, տեղը։ Այդ օդ, սակայն, մասնաւոր իմաստ մը կար իր զգացած գոհունակութեան մէջ։ Իր մէկ հատիկ աղջկան՝ Սոնիայի ծննդեան տարեդարձն էր։ Գեղեցիկ ու հարուստ աղջիկ մը, որ հասած էր տարիքի մը, երբ արդէն ինք պարտաւոր էր մտածել յարմար փեսացուի մը մասին։

Փեսացուն պէտք է լինէր այնպիսի մէկը, որ թէ՛ կարողանար երջանկացնել իր աննման աղջիկը եւ թէ՝ օգտակար լինէր իրեն։ Պեոտր Կարպովիչի անհատականութիւնը այնքան միաձուլուած էր իր առեւտրական գործին հետ, որ երբ կը մտածէր իր կամ իրեններուն մասին, այդ մտածման մէջ միշտ առաջին տեղը կը բռնէր իր ֆիրմայի շահը։ Ուրիշ կերպ չէր ալ կրնար խորհիլ։ Գործը կեդրոնական առանցքն էր իր աշխարհին։ Ընտանիք, զաւակ, անձնական ապրում՝ այդ առանցքի շուրջը կը դառնային։

Իր կեանքի հոգեկան լիակատար բաւականութեան ստեղծումին մէջ անշուշտ կինն ալ որոշ դեր կատարած էր։ Եթէ այս մասին Պեոտր Կարպովիչը բարձրաձայն չէր արտայայտուեր, մանաւանդ կնոջը մօտ, բայց առանձնութեան մէջ, երբ անցեալ օրերուն կ՚անդրադառնար, չէր կրնար չխոստովանիլ այդ ճշմարտութիւնը։ Տարիներու բեռան տակ թէեւ քիչ մը թառամած, բայց նորէն աչքի զարնող գեղեցկութիւն մ՚ունէր իր կինը, զարմանալիօրէն սպիտակ մորթ, սիրուն կլոր դէմք, բայց մանաւանդ հաստ գեղեցիկ յօնքեր, որոնք իրարու կը հանդիպէին քթի վրան։

Քսան տարի առաջ, օր մը Ջիգրաշէն եկեղեցիի դուռը հանդիպած էր անոր, երբ դեռ հասարակ գործակատար մ՚Էր։ Այդ տեսնելն եղաւ։ Դրացի մոցուքուլի (միջնորդի) միջոցով աղջկան ձեռքը խնդրեց։ Այդպէս ամուսնացաւ վրացախօս այդ աղջկան հետ։

«Հէ՜յ, հէ՜յ, մրթմրթաց Պեոտր Կարպովիչ՝ բերանն ամբողջովին ծածկող հաստ պեխերու արանքէն, ժամանակը ինչպէ՜ս կը թռի»…

Ու յօրանջելով ձգուեցաւ բազկաթոռին մէջ, որ հազիւ կը բաւէր իր խոշոր եւ մսոտ իրանը գրկելու։

«Հը՞, Սեւ Քարեցի Տէր Կարապետի լաճ, տրեխներդ ո՞ւր թողուցիր», ինքն իրեն սկսաւ խօսիլ Պեոտր Կարպովիչը, «հը՞, կարկտած արխալուխդ, ոչխարի մորթէ  փափախդ…» ու ներքին գոհունակութեամբ հաստ պեխերը շոյեց, մինչ զսպուած կը ծիծաղէր ու զանգուածային մարմինը ոչխարի դմակի նման կը ցնցուէր։

Ծանր ու դանդաղ հայեացքը պտըտցուց դահլիճի չորս դին։ է՜ աշխարհ։ Երազի անորոշութեամբ յիշողութեանը մէջ ձեւ առաւ շատ վաղուց ապրած պատկեր մը։ Չորս սիւներու վրայ բարձրացած թոնրատան սեւցած երդիք մը, լուսանցքի բաց ծակ մը ու թոնրատան ճիշդ մէջտեղը թոնիրը, եւ ծուխի մուրի մէջ կորած կին մը ծնկաչոք նստած թոնիրի կողքին, աջ ձեռքին՝ երկար բարձիկ մը, բարակ խմորի շերտով ծածկուած։ Այդ կինը, իդ մայրն էր։ Ահա եւ ինքը, ոտաբոպիկ, հողի մոխրի մէջ կորած, ձեռքը հացի կտոր մը, քրոջ հետ թոնիրի կուշտը պպզած։

«Հէ՜յ, հէ՜յ, անցած օրեր», մրմռաց Պեոտր Կարպովիչ, աչքերը շփելով։ Ո՜ւր ան խրճիթը, կիսաքանդ գոմը, բակի մէջ չորցած թրիքի կոյտերը եւ ո՜ւր այժմեան տունը։ Պեոտր Կարպովիչը կարծես առաջին անգամն էր որ կը տեսնար սեփական տունը, հետաքրքրութեամբ չորս դին կը նայէր։

Դահլիճի հայելիի նման պսպղուն յատակին պարսկական սքանչելի Քիրմանշահ գորգ մը փռուած էր, մեծարժէք հնութիւն մը։ Գորգի կեդրոնը նրբագիծ զարդանկար մը կար, որուն գոյները զարմանալի ներդաշնակութիւն մը կը կազմէին։ Դահլիճի եւ լայն միջանցքի պատերէն կախուած էին հին եւ նոր վարպետներու իւղաներկ պաստառներ, ոսկեզօծ լայն շրջանակներով շրջափակուած։

Այդ նկարներուն համար խոշոր գումարներ վճարած էր Պեոտր Կարպովիչ, տարին անգամ մը արտասահման անցնելու ժամանակ։ Եթէ ուրիշներ չգիտէին, ինքնիրմէ ծածկելու ոչ մէկ պատճառ ունէր Պեոտր Կարպովիչը, որ ինք այդ նկարներէն ոչինչ կը հասկնար։ Նոր վարպետներու նկարները դեռ ոչինչ, իրենց վառ գոյներով որոշ պատկեր մը կը ցուցնէին։ Ինչ որ անհասկնալի կը մնար իրեն, այդ՝ հին վարպետներու գործերն էին, մութ գոյներով, հազիւ նշմարելի, անբնական լինելու աստիճան անսովոր դիմագծերով։ Եւ հակառակի պէս ահագին գումարներ վճարած էր հէնց այդ նկարներու համար։ Սակայն Պեոտր Կարպովիչը խելահաս, գործը գիտցող մարդ էր։ Կը հասկնար, որ իր դիրքն ու հարստութիւնն ունեցողի մը համար այն նկարները եւ ուրիշ շատ մը աւելորդ, անպէտք իրեր, անհրաժեշտութիւն մ՚էին։

Պեոտր Կարպովիչ, որ ժամանակ չունէր գլուխը քերելու, նստեր եւ աշխատեր էր գոց սովրիլ նկարիչ վարպետներու անունները, ազգութիւնները, ապրած թուականները, որպէսզի այցելութեան եկող պատուաւոր հիւրերուն կարողանար բացատրել այդ նկարներուն մեծ արժէքը, գեղարուեստական բարձր յատկանիշը, նկարողներու անցեալն ու ապրած թուականը։ Ճիշդ է, յաճախ թուականներն ու անունները իրար կը խառնէր։ Այդ մասին ինք շատ ալ հոգ չէր ըներ։ Այնպիսի դիրք մ՚ունէր, որ լսողները պէտք էին առանց առարկութեան ընդունիլ իր խօսքերը, թէեւ հիւրերու մեկնումէն վերջ, անախորժ խօսակցութիւն մը անպատճառ տեղի կ՚ունենար իր եւ Սոնիայի միջեւ, երբ վերջինս արդէն հասուն աղջիկ էր դարձած։

Երկարաւուն դահլիճի երկու կողքերը նոյնպէս շարուած էին արտասահմանէն գնուած ոսկեզօծ նուրբ աթոռներ, կլոր եւ գանդակաւոր յենարաններով։ Պեոտր Կարպովիչը գիտէր, որ այդ աթոռները ինչ որ Ֆրանսացի թագաւորի մը ժամանակաշրջանին յատուկ կը համարուէին։ Թեթեւ դիւրաբեկ կազմով աթոռներ, որոնց վրայ սակայն ինք երբեք չէր վստահացած նստիլ։ Ան կը սիրէր հաստատուն բազկաթոռներ կամ հանգստաւէտ դիւան։

Երկու լայն դիւաններ ծանրարժէք մետաքս կապերտներով ու բազմաթիւ բարձերով կը զարդարէին դահլիճի երկու ճակատները՝ եւրոպական եւ արեւելեան ներդաշնակ գունաւորում մը տալով ընդունարանին։ Սենեակի մէջտեղը, եբենոսէ քանդակաւոր սեղան մը կար՝ սեւ կրանիթէ մարմարով ծածկուած, իսկ սեղանին վրայ՝ ճափոնական խոշոր սափոր մը՝ լեփ լեցուն թարմ վարդերով։

«Հէ՜յ, Տէր Կարապետի տղայ»… Ու Պեոտր Կարպովիչ գոհունակութեամբ ժպտաց։ Քովի սեղանին վրայէն սիկարէթ մը առաւ, վառեց ու քուլա քուլա բարձրացող ծուխին նայելով՝ թաղուեցաւ անցած օրերու յիշողութեան մէջ։

Ի՜նչ արագութեամբ անցած էին տարիները ու ի՜նչ զարմանահրաշ փոփոխութիւն տեղի ունեցեր էր։

Հազիւ տասնեւչորս տարեկան կը լինէր, կունտ ու կլոր, ոտաբոպիկ հօտաղ մը, երբ պատկից Արսէնենց Աշոտի հետ միասին ձգած էր իր հայրենի գիւղը՝ Ղազախի Սեւ Քարը։ Հեռացած էր աշխարհ տեսնելու եւ մեծ քաղաքներու մէջ բախտ փորձելու։ Ինչե՜ր չէր լսած Թիֆլիսի եւ Բագուի առասպելական հարստութիւններու մասին, որոնք հէքեաթի քաղցրութեամբ լեցուցած էին իր մանուկ հոգին։ Համագիւղացիներէն շատեր, տարիներ բացակայելէ վերջը, մէկ ալ գիւղ կը վերադառնային, թէեւ շատ անգամ հիւանդ եւ անժամանակ ծերացած, բայց երկարավիզ պսպղուն կօշիկներով ու ռուսական գլխարկով։ Որքա՜ն հեշտութեամբ ռուսերէն կը կոտրտէին այդ վերադարձողները, եւ ի՜նչ անհաւատալի պատմութիւններ կը պատմէին ապշած երեխաներուն իրենց տեսածներէն եւ ապրած կեանքերէն։

Այդ հէքեաթական պատմութիւնները այնքան չէին հետաքրքած Տէր ԿԱրապետի տղան, որքան այն տեղեկութիւնները, որոնք կը վերաբերէին մէկ երկու Ղազախեցի վաճառականներու։ Այդ մարդիկը, տարիներ առաջ, առանց կոպէկի մեկնած էին իրենց գիւղերէն եւ Թիֆլիսի ու Բագուի մէջ դիզած էին ահագին հարստութիւն։ Անոնց հռչակը ամբողջ Ղազախի մէկ ծայրէն միւսը հասած էր, որ ամէն գիւղացի հպարտ կը զգար անոնց յաջողութեան համար։

Երբ Սեւ Քարեցի Տէր Կարապետի տղան՝ Պետրոսը կը հեռանար գիւղէն, բոլորովին հաւատացած էր իր ունենալիք յաջողութեան վրայ։ Ի՞նչ պատճառ կար որ ինքն ալ չյաջողէր։

Շատ ծանր օրեր անցուց Թիֆլիսի մէջ։ Առանց մօտ բարեկամ մը ունենալու շաբաթներով անտանելի պայմաններու մէջ ապրեցաւ, կէս կուշտ կէս անօթի, համագիւղացիի մը ներքնայարկին մէջ գիշերելով։ Բայց եւ  այնպէս չյուսահատեցաւ։

Օր մ՚ալ, ծանօթ գիւղացիի մը միջնորդութեամբ, Թիֆլիսեցի կերպաս ծախող խանութպանի մը մօտ աշակերտ մտաւ, փոր մը հացի փոխարէն։ Բայց այդքանն ալ մեծ յաջողութիւն մը համարեց։ Առտու շատ կանուխ, ցրտէն դողահար, դրան առջեւ կծկուած, խանութի բացուելուն կը սպասէր։ Կ՚աւլէր կը մաքրէր ընդարձակ խանութը, ցրտէ կապտած ձեռքերով կը լուար ու կը փայլեցընէր արտաքին փեղկի ապակիները, մշակի նման ծրարները շալկած կ՚երթար գնորդներու ետեւէն։ Բայց այս բոլոր նեղութիւնները անտեսելով՝ երկու շաբաթ վերջը հօրը գրեց, իր մանկական խոշոր գրովը։

«Սիրելի Տէրպապ, նախ եւ առաջ բարեւներս տնեցիներուն, ազգականներուն, բարեկամներուն եւ դրկիցներուն, Գելէշ եզին, Չաղարին։ Սուրբ աջդ կը համբուրեմն։ Գիշեր ցերեկ կ՚աղօթեմ որ Աստուած երկար կեանք տայ քեզի, մօրս, եղբօրս եւ քրոջս։ Եթէ մեզ հարցնես, փառք Աստուծոյ, մենք ողջ եւ առողջ ենք։ Երկու շաբաթ առաջ, շատ լաւ գործի մը մտայ։ Շուտով լաւ լուրեր կը ստանաս»։

Եւ չէր սխալած։

Գիւղէն բերած արխալուխը, տրեխները, բրդոտ փափախը տեղի տուած էին գործատիրոջ հնացած շորերուն։ Շատ ալ որ մէկ կօշիկին մէջ իր երկու ոտքերը մէկանց կը հաւքէին։ Հոգ ալ չէր ըներ, որ բաճկոնը երկու անգամ կրնար փաթթուիլ նիհար իրանին շուրջը ու այնքան երկար կուգար, որ հաստատ չէր գիտցուեր թէ վերարկո՞ւ մ՚է թէ բաճկոն մը։ Բայց շատ որոշ կը յիշէր, թէ ի՜նչ մեծ ուրախութեամբ, գրեթէ յուզումով առաջին անգամ քաղաքացիի շորեր հագած գացեր էր խանութ, կարծես սպասելով որ անցորդները զարմացմամբ իրեն պիտի նայէին։ Ա՜խ, ի՜նչ լաւ պիտի լինէր, եթէ գիւղի ընկերներէն մէկ երկուքը զինքը յանկարծ տեսնէին քաղաքացիի շորերով…

Պարզ աշակերտութենէ թէեւ սկսած, իր աչքաբացութեան շնորհիւ Պետրոսը առաջ քաշուեցաւ աւելի կարեւոր պաշտօնի։ Կարճ ժամանակի ընթացքին վարժուեցաւ արշին գործածելու նուրբ արհեստին։ Ամէն աշակերտի գործ չէր այդ։ Պէտք էր խելք եւ ձեռքի ճարպիկութիւն երկաթէ արշինաչափը արագօրէն կերպասի մէջ դառցնելու համար, ու աննկատելի կերպով ամէն արշինաչափը դառցնելուն, մէկ ութերորդ չափով ետ սահեցնել։ Որքան ալ դժուար, բայց աչքաբաց Պետրոսը առանց մեծ դժուարութեան, վարժուեցաւ ատոր։

Հանգստաւէտ թիկնաթոռի մը վրայ բազմած՝ Պեոտր Կարպովիչ Ասլանովը կարծես դեռ կը զգար բարկացոտ գործատիրոջ իջեցուցած հարուածները ուսերուն ու մէջքին, երբ դեռ անվարժ, յաճախորդի մը ծախած կտորը սխալմամբ ճիշդ չափած կը լինէր։ «Տօ՛, հայվան ղազախեցի, զիս կոտր պիտի ձգես, կոտր», կատաղութեամբ կը պոռար տէրը։

Հէ՜յ, լոյս իջնայ գերեզմանիր, Գէորգ Պիծա, բարձրաձայն մենախօսեց Պեոտր Կարպովիչ, լո՛ւս իջնայ գերեզմանիդ։ Իսկական Խազէյին (պոս) էր լուսահոգին. հիմա ո՞ւր էնպէս մարդ…

Հինգ տարի չէր անցած, ինչ սկսած էր այդ խանութիւն մէջ ծառայել, երբ աստիճանաբար բարձրանալով բռնեց խանութի երկայնքին ձգուած սեղանի առաջին պատասխանատու տեղը, որպէս աւագ գործակատար։ Սիրունատես երիտասարդ մը, գիւղէն բերած կարմիր թշերով, նորաբոյս բեխերով, լեզուանի եւ կատակախօս, գրաւեց յաճախորդներու, մանաւանդ տարէց կիներու համակրութիւնը։ Կարգ մը որբեւայրի կիներ կային, որոնք սեւաչեայ գեղեցիկ գործակատարի սիրուն՝ շաբաթն անգամ մը խանութ կը հանդիպէին, թէկուզ պէտք չեղած բան մը գնելու։

Որքան որ ինքը յառաջդիմեց գործի մէջ, նոյնքան մ՚ալ խանութի առեւտրական գործը շահեցաւ։ Շատ չանցած՝ Գէորգ Պիծան պէտք տեսաւ քովի խանութն ալ կցեր նախկինին՝ հետզհետէ աճող յաճախորդներուն բաւարարութիւն տալու համար։

Գէորգ Պիծան վրացախօս հայ մըն էր, կարճահասակ, տակառի նման դուրս ինկած փորը արծաթէ քամարով մը շրջափակած, իւղի տիկի նման փայլուն դէմքով ու կարմիր թշերով։ Գէորգ Պիծեան, պազարի քերականութիւնը կուլ տուած վարպետ մարդ մը, առջի օրէն իսկ կրցաւ գնահատել ղազախեցի տղային կարողութիւնն ու աչքբացութիւնը։ «Նո՛ւնէ, էս շան օրտին օսկի է, օսկի», կ՚ըսէր կնոջը, Պետրոսի մասին ու խորամանկութեամբ, եւ առանց իր ունեցած կարծիքը որեւէ կերպով զգացնելու, առաջ քաշեց Սեւ Քարեցի տղան։

Գէորգ Պիծան, ընդհանրապէս մարդոց չէր հաւատար, եւս առաւել իր գործակատարներուն։ Ասով մէկտեղ անկարող հեռանալու Թիֆլիսէն՝ Պետրոսին յանձնեց հեռաւոր Լոձէն, Վարշաւայէն, Մոսկուայէն ապրանք գնելու պատասխանատու գործը։ Ան գիտէր, որ թէեւ ՊԵտրոս անձնական հաշւոյն աչքաբացութիւններ պիտի ընէր եւ այդ՝ անխուսափելի չարիք մը կը համարէր, բայց միւս բոլոր գործակատարներէն աւելի խելօք եւ բանիմաց էր ու ամենէն ձեռնտու կերպով պիտի տանէր գործը Լոձի եւ Վարշաւայի ջհուդներուն հետ։

Գէորգ Պիծան տարիներ առաջ յիմարութիւն ունեցած էր ամուսնանալու Նունէի հետ որ Հաւլաբարի յայտնի գեղեցկուհին էր։ Այդ ամուսնութեամբ Գէորգի ոտքը կապուեցաւ։ Ինչպէ՞ս ձգէր սիրուն հարսը եւ հեռանար ամիսներով Աշխարհ է, հին արմատի մազը երկայն, խելքը կարճ, աչքը դուս… չէ՛, ինքը պէտք էր տանը մնար, կնկանը քով, իր նամուսին տիրութիւն ընելու համար։

Այդպէս, ուրեմն, Պետրոսին վիճակուած էր ամէն տարի աշնան Ռուսաստան երթալու պատասխանատու գործը, որ սակայն ապերախտ աշխատանք մը չէր։

Այդպէս անցաւ տասներկու տարի։ Ամսականներէն խնայած դրամներուն վրայ Պետրոս հետզհետէ բարդեց Լոձի եւ Վարշաւայի ֆիրմաներէն ստացած «նուէր»ները եւ համեստ դրամագլուխ մը ապահովեց իրեն։

Օր մը ԳԷորգ Պիծան խանութի մէջ սրտի կաթուածէ ինկաւ մեռաւ։

Այրի Նունէն, որ շնորհալի համբերութեամբ սպասած էր ամուսնոյն մահուանը, որոշեց Պետրոսին ծախել խանութը կանխիկ դրամի փոխարէն։ Մանաւանդ որ երիտասարդ սիրականը, որու հետ պիտի ամուսնանար յաւուր պատշաճի սուգ մը պահելէ վերջ, գինեվաճառ լինելուն՝ կտաւի լեզուէ չէր հասկնար բնաւ։

Այդպէս, Պետրոս Կարապետեան Ասլանեանը շատ նպաստաւոր գնով Գէորգ Պիծայի խանութը իւրացուց։

Պէտք եղածին չափ դրամագլուխ չունէր։ Դիմեց մանկութեան ընկերոջը, որու հետ տարիներ առաջ գիւղէն հեռացեր էին բախտերնին փորձելու։ Աշոտ Արսէնեանը, այդ ժամանակ Կովկասեան պանքայի մէջ հաշուապահի պաշտօն մ՚ունէր համեստ ռոճիկով։

Աշոտ ջա՛ն, արի ինձ օգնէ, խնդրած էր Պետրոսը, խնայած դրամդ ինձ տուր, անհոգ մնա, երկու երեք տարիէն, առաջ Աստուած, հարիւրին տասներկու տոկոսով   միասին պարտքս կը վճարեմ… Լաւութեանդ տակը չեմ մնար։

Ինչ զարմանալի մարդ մ՚էր սակայն Արսէնենց Աշոտը։ Սաստիկ բարկացած յանդիմանած էր զինք։

Տօ ի՜նչ տոկոս, ի՜նչ բան, ու տարիներու ընթացքին խնայած գումարը յանձներ էր համագիւղացի Պետրոսին՝ բարեմաղթելով «Աստուած յաջողութիւն տայ գործիդ, ախբեր»։

Հա՛, հա՛, հա՛, բարձր ծիծաղեցաւ Պեոտր Կարպովիչը՝ վերյիշելով անցեալի այդ դէպքը, մեր Աշոտը խօմ միշտ ալ անգործնական մարդ է եղեր։ Հալալ վաստակը մարդ կը մերժէ՞։ Ախմախ չէ, հապա ի՞նչ է։

Ասով մէկտեղ, Աշոտ միակ մարդն էր, որու հանդէպ Պեոտր Կարպովիչ ակամայ յարգանքի զգացում մ՚ունէր, նոյնիսկ հարստանալէն վերջ։

Քսանեւեօթ տարեկան Պետրոսը դարձաւ սեփական խանութի տէր։

Հը՞, տօ մէկ ամբողջ պազարը տակնուվրայ ընես, Պեոտր Կարպովիչը կարծես քովը նստողի մը կ՚ուղղէր, խօսքը, քանի՞ մարդ կը գտնես որ հալալ ճակտի քրտինքովը այդ տարիքին սեփական խանութի տէր դարձած լինի, հը՞։

Ատկէ վերջը յաջողութիւնը ջրի ճամբայ շինած՝ վրան թափեցաւ։ Չորս տարուան կարճ ժամանակի մը ընթացքին երկու անգամ սնանկացաւ շահաւէտ կերպով։ Ամէն անգամ սնանկանալէ վերջ, անճարացած առնելիքւորներուն հետ իրաւախոհութեան մը եկաւ եւ աւելի մեծ ծաւալով գործի ձեռնարկեց։ Ու գործը, տարիներու ընթացքին, Աստուծու օրհնութեամբ, հետզհետէ մեծնալով՝ այսօրուան տիրապետող դիրքին հասաւ։ Բնականաբար, առեւտրական յաջողութեան հետ միասին, անունն ալ բարեփոխութեան ենթարկուելով՝ դարձաւ Պեոտր Կարպովիչ Ասլանով։ Ճիշդ է, որ այդ անունը որքան ալ ռուսացած, նորէն քիչ մը հայ կը հոտէր, բայց ատկէ աւելին ընելու հնարաւորութենէն զրկուած էր Տէր Կարապետի լաճ Ասլանենց Պետրոսը։

Աղա՛…

Պեոտր Կարպովիչ ընդոստ վեր թռաւ բազկաթոռէն։ Կառապան Վասիլը, հիմա արդէն բարապանի ոսկեճամուկ երկար զգեստ մը հագած, կանգնած էր դահլիճի դրան առջեւ։

Աղա՛.

Զահրումար, գոռաց Պեոտր Կարպովիչ, քիչ կամաց չե՞ս կրնար խօսիլ։ Ի՞նչ կայ։

Վասիլ ձեռքի շքեղ ծաղկեփունջ եւ թանկարժէք շաքարատուփը մէջտեղի կլոր սեղանին վրայ դնելով յայտնեց.

Պայծառափայլութեան զինուոր ծառան բերաւ։

Պեոտր Կարպովիչի դէմքին վրայ թեթեւ ժպիտ մը խաղաց Այդպէս ուրեմն, իշխան Ալէքսէյ դարպասող քավալերի մը դերը կը կատարէր։ Այս միտքը հաճելի եւ հարցական նշաններով կը պարէր Պեոտր Կարպովիչի ուղեղին մէջ։ Կեանքի տաք ու պաղ բովէն անցած, Պեոտր Կարպովիչի համար գերազանց նշանակութիւն՝ մ՚ունէր ամէն բանէ աւելի հարստութիւնը։ Ասով մէկտեղ որքան ալ որ իշխանը, սնանկացած ազնուական ընտանիքէ մը կուգար, բայց անոր միջոցով գործի շատ փայլուն հեռանկարներ կը տեսնէր, իբր հեռատես վաճառական։

Աղջիկս տուն վերադարձա՞ւ, հարցուց Պեոտր Կարպովիչը՝ կամաց մը տեղէն ելած, մօտենալով սեղանին։

Ոչ դեռ։

Երբ վերադառնայ՝ կ՚ըսես որ անմիջապէս գալ ինձ տեսնելու։ Հասկցա՞ր։

Կը լսեմ։

Վասի՛լ, —պոռաց Պեոտր Կարպովիչը, երբ ծառան դուրս կուգար դահլիճէն, Վասի՛լ.

Այո, տէր։

Կ՚երթաս ու Մաշային կ՚օգնես։ Հոգիդ կը հանեմ, շանորդի, եթէ նորէն խմեր ես անցեալ գիշերուան նման։

Կը լսեմ, տէր, ու Վասիլը, նախկին ռուս զինուոր մը, մեքենաբար կրունկին վրայ դարձաւ ու դուրս եկաւ դահլիճէն՝ ետեւէն դուռը զգուշութեամբ գոցելով։

————

Հայրի՛կ. փոթորիկի նման յանկարծ ներս խուժեց Սոնիան, գլխարկը եւ ձեռքի թեթեւ հովանոցը դիւանի վրայ նետելով։

Հայրի՛կ, ինձ տեսնե՞լ ուզած էիր. եւ առանց ժամանակ տալու, որ հայրը պատասխանէ, փաղաքշանքով գրկեց, համբուրեց զայն ու հօր ծնկանը վրայ նստելով շարունակեց. Ի՞նչ ունիս ըսելիք, անշուշտ… աղուոր, շատ աղուոր բան մը, ու խորամանկ ժպտեցաւ։

Հակառակ հօր ընդդիմութեան փորձերուն, սկսաւ անոր բաճկոնի գրպանները խառնշտկել, երես առած երեխայի մը ազատութեամբ։

Գիտնաս թէ որքա՜ն գործ ունիմ մինչեւ ընթրիք. նո՛ւ, շուտ ըրէ հայրիկ։ Դեռ մազերս պիտի լուամ… Ժամը եօթին Ֆրանսուհի մօտիստկան պիտի գայ ինձ հագուեցնելու… Մայրիկը ի՞նչ գործի է, անշուշտ ամէն բան պատրաստ… Հա, ի՞նչ պիտի ըսէիր որ… տէ շուտ ըսէ մէկ… երկու… երեք…

Սոնիա՛, աղջիկս, դէմքի թեթեւ խոժոռքով մը սկսաւ Պեոտր Կարպովիչ, Սոնիա՛…

—Ո՜ւյ, գիտեմ, գիտեմ՝ ի՞նչ պիտի ըսես նորէն։ Հասած աղջիկ… տասնեւինը տարեկան… լրջօրէն պէտք է խօսիլ, ծանր շարժիլ, մատը քունքին դրած՝ ապագայի մասին մտածել… Տեսնողներն ի՜նչ կ՚ըսեն… Ո՜ւհ, հայրիկ, շա՜տ ալ հոգս… Այս օր ծննդեանս տարեդարձն է եւ չեմ ուզեր որ դու ալ տրամադրութիւնս փճացնես, ինչպէս Վարդանը։ Ա՜լ, այսօր ազատ աղջիկ եմ, տանը թագուհին ու ամէնքդ պէտք է հպատակիք հրամաններուս։

Ու ոտքը գետին զարկաւ։ Որպէս թէ խոժոռած՝ հօրը նայելով հրամայեց.

Հիմա՛, ժպտա՛ տեսնեմ, բայց ժպտա, այդպէս կ՚ուզեմ ես, ա՜յ, այդպէս։

Այլեւս խնդուքը պահելու անկարող, մեծաշառաչ ծիծաղով մը փրթկաց Պեոտր Կարպովիչը՝ կրծքին սեղմած Սոնիան, Կատուիկս, անգին աղջիկս։

Աղջկան քմայքներուն սովոր, Պեոտր Կարպովիչի համար այդ պահերը մասնաւոր գրաւչութիւն ունէին սակայն։ Հազիւ թէ հայր ու աղջիկ օր մը օրանց լուրջ խօսակցութիւն մը ունեցած լինէին իրարու հետ։ Հայրը, իր առեւտրական գործերով, քլըպով եւ պաշտօնական մարդոց ընդունելութիւններով կ՚անցընէր օրը։ Նախաճաշի սեղանին վրայ միայն կը հանդիպէր աղջկանը։ Բայց այդ հանդիպումը այնքան կարճատեւ կը լինէր, որ սովորական խօսակցութեան մը սահմանէն դուրս չէր գար։ Պեոտր Կարպովիչը կը գոհանար Սոնիայի զեղուն զգացումներու քիչ մը շատ ցուցական արտայայտութիւններով։ Այդքանը բաւական էր, իսկ մնացածը մօրը պարտականութիւնը, որ միակ աղջկանը հոգը ունէր։

Պեոտր Կարպովիչը, աղջկայ գիմնազիան աւարտելու պատճառով, որոշած էր այդ օրը լուրջ խօսակցութիւն մ՚ունենալ Սոնիայի հետ։ Ժամանակն հասած էր որ աղջիկը որոշ չափով մը ծանօթանար հօրը ծրագիրներուն հետ. վերջապէս խօմ երեխայ մը չէր Սոնիան, տասնեւինը տարեկան հասուն աղջիկ մը։

Հիմա մտիկ ըրէ, աղջիկս։

Ձուկի մը պէս համր, մտիկ կ՚ընեմ, քրքջաց Սոնիան, բայց հոգիս հանեցիր, շուտ…

Չար սատանայ, քմծիծաղով մը շարունակեց Պեոտր Կարպովիչ, կարծեմ ըսելիքէս աւելի կը կը սպասես ուրիշ բանի մը…

Ե՞ս, օ՜, ի՜նչ զրպարտիչն ես, հայրիկ, որպէս թէ հօրը խօսքէն նեղուած՝ յօնքերը կիտեց Սոնիան. ի՜նչ չարն ես, ու անմիջապէս վերջը սակայն, անկարող՝ զգացած հետաքրքրութիւնը զսպելու, ծիծղուն աչքերը հօրը աչքերուն յառած շարունակեց. Անո՜ւշ հայրիկս… կամաց մը ականջիս փսփսա ի՞նչ է որ…

Պեոտր Կարպովիչ, առանց աճապարելու, սկսաւ գրպաններուն մէջ պահուած բան մը փնտռել։ Եւ որպէս թէ անկարող գտնելու՝ ինքնիրեն սկսաւ մրմռալ.

Հը՞, չլինի թէ կորսնցուցած եմ… էս գրպանս դրած էի… չորս հազար հինգ հարիւր րուբլի… ամբողջ հարստութիւն մը… Ի՜նչ ալ գեղեցիկ մանեակ մ՚Էր, ու յանկարծ  որպէս թէ յիշելով պահած տեղը, բաճկոնի ներքին գրպանէն դուրս բերաւ կաշեպատ սիրուն տուփ մը, ահա, վերջապէս գտայ։

Տո՛ւր, տուր՝ տեսնեմ, ուրախութենէն եւ անհամբերութենէն թռչկոտելով՝ Սոնիան կ՚աշխատէր հօր ձեռքէն տուփը խլել. հայրիկ ջան, մէկ տեսնեմ։

Երբ հօր ձեռքէն տուփը առնելով՝ Սոնիան բացաւ զայն, հիացած՝ վայրկեան մը անշարժ մնաց կեցած տեղը։

Օ՜, հայրիկ, ու չկրցաւ շարունակել։

Աչքերը յառած մնացին տուփի մէջ դրուած մանեակին։ Բազմաթիւ ադամանդներով զարդարուած, գեղեցիկ կառուցուածքով, եռանկիւնաձեւ մանեակ մ՚Էր։

Օ՜, հայրիկ, եւ յուզումէն դողացող ձեռքով մանեակը հանեց ու ոսկէ բարակ շղթան անցուց վզէն։

Ի՜նչ յիմարն էր ինք, դահլիճի մէջ անշուշտ հայելի չկար, ու Սոնիան վայրի այծեամի մը արագութեամբ դահլիճէն դուրս՝ սանդուխներէն վեր վազեց իր առանձնասենեակը, մինչ Պեոտր Կարպովիչը ետեւէն կը պոռար.

Սոնիա, եկուր, Սոնիա… խօսելիք ունիմ…

Քիչ անց Սոնիան վերդարձաւ դահլիճը ուրախութենէն ճառագայթող դէմքով ու հօրը մօտ նստելով՝ հարցուց.

Տես, հիմա մտիկ կ՚ընեմ՝ ի՞նչ պիտի ըսէիր ինձ։

Պեոտր Կարպովիչ, մանուածապատ նախաբանէ մը վերջ, անցաւ բուն ըսելիքին։ Աշխատելով չխրտչեցնել աղջիկը՝ ան իր կարեւոր ըսելիքները կը հասկցնէր կողմնակի ակնարկութիւններով։ Գիտէր թէ աղջիկը դիւրաբորբոք էր եւ յանկարծ լուցկիի նման կրնար բռնկիլ ու աւրել ամէն ինչ։

Սարէն ձորէն խօսելէ վերջ, խօսքը բերաւ հասցուց Սոնիայի մօտաւոր ապագային։ Անշուշտ իր աղջիկը խելօք հասկցող աղջիկ մ՚է։ Հիմա արդէն դպրոցը աւարտած՝ պիտի մտածէ նոր կեանքի մասին։ Հարստութիւն, գեղեցկութիւն, երիտասարդութիւն՝ ատոնք անառարկելի տուեալներ են աղջկան երջանկութեան համար։ Կը մնայ միայն, որ յարմարաւոր երիտասարդ մը գտնուի։ Իսկ այդ մասին ալ անշուշտ Պեոտր Կարպովիչը կը մտածէ։

Բայց, հայրիկ…

Առանց ձգելու, որ աղջիկը լրացնէ միտքը, հայրը շարունակեց խօսիլ։ Անշուշտ, իրեն յայտնի է Սոնիայի եւ Վարդանի մտերմական կապը, որ երեխայութենէ սկսած է։ Ինք, ի հարկէ, ոչինչ դէմ չունի։ Շատ բնական է, որ գրեթէ մէկ ընտանիքի մէջ մեծցած երեխաները՝ քոյր եղբօր նման իրար սիրեն։ Շիտակը՝ ինքն ալ շատ կը հաւնի Վարդանին, որ մեծցած է իր ծունկերուն վրայ։ Բայց Սոնիային հիմա հարկաւոր է կեանքի ընկեր մը, ամուսին մը։ Այդ արդէն բոլորովին ուրիշ բան է։

Պեոտր Կարպովիչը խօսակցութիւնը վարպետութեամբ մը շրջելով՝ սկսաւ բացատրել իր փայփայած ծրագիրները։ Անշուշտ որ իր Սոնիան չի կրնար սովորական մարդու մը կինը դառնալ։ Աննման աղջկան համար ինք արդէն փայլուն ամուսնութիւն մը ծրագրած է։ Ամուսնութիւն մը, որ ամէն կերպով կատարեալ պիտի լինի ու Ասլանով անուան ալ համապատասխան։

Բայց ո՞վ է այդ երիտասարդը, քրքջած Սոնիան՝ աթոռէն ելնելով, անունը չտա՞ս։

Հը՛մ, խորհրդաւոր ձեւով ուսերը վեր քաշեց Պեոտր Կարպովիչը, որպէս թէ ինքն ալ հաստատ չէր գիտեր. այդ արդէն դժուար է ըսել, քիչ մը պէտք է համբերել, ու խոհեմաբար լռեց։

Բաւական էր որ աղջկայ հետաքրքրութիւնը արթնցուցած էր, այդքանով բաւականացաւ Պեոտր Կարպովիչ։

Սոնիա՛, չնկատեցի՞ր դեռ. տե՛ս սեղանին վրայ…

Աղջիկը փութկոտ մօտեցաւ սեղանին։

Ի՜նչ աղուոր վարդեր են, ու երբ կռացաւ ու կարդաց շաքարատուփի վրայ գտնուող քառթը, ակամայ կարմրութիւն մը պատեց դէմքը։

Պեոտր Կոարպովիչի սուր աչքերէն չվրիպեցաւ աղջկան յուզումը։ Բաւականութեամբ սկսաւ պեխերը շոյել։ Գործը լաւ ջրի վրայ էր։

————

Երեկոյեան ժամը վեցը անց, հիւրերը հետզհետէ սկսան հաւաքուիլ։

Տիկին Վառվառա Սերգէեւնա Ասլանովը, հնդկահաւի նման փքուած, նստած էր տիկին Մարիամի հետ, ու կ՚աշխատէր զբաղեցնել շրջապատող հիւրերը, մինչեւ որ աղջիկը արդուզարդը վերջացնէր ու վար գար հիւրերու մօտ։

Սիրելի Ալէքսէյ Գէորգեւիչ, տիկին Վառվառան մտերմօրէն դարձաւ իշխանին. սքանչելի վարդեր ղրկած էիք։ Չէի կարծեր թէ Թիֆլիսի մէջ կարելի է ճարել այս տեսակ վարդեր…

Թանկագին Վառվառա Սերգէեւնա, ու իշխանը չափազանցուած քաղաքավարութեամբ խոնարհեցուց գեղեցիկ գլուխը. Ամերիկեան բազմաթերթ վարդեր են, պալատի ջերմանոցի մէջ հասունցուած։

Զարմանալի մուգ կարմիր գոյն ունին եւ քնքուշ բուրմունք, խօսքը իշխանին ուղղեց իշխանուհի Թամարան։

Կրթնած Վառվառա Սերգէեւնայի աթոռի յենարանին՝ Թամարան կոտորտուելով կը շաղակրատէր իշխանին հետ։ Եւ սիրուն աչքերը նազանքով տղու աչքերուն յառած՝ ըսաւ.

Գիտէ՞ք որ ծաղիկները իրենց յատուկ լեզուն ունին։

Մի՞թէ, իշխանը ժպտելով աղջկան նայեցաւ. իսկ դուք կը հասկնա՞ք այդ լեզուէն.

Խորհրդաւոր լեզու մ՚է, —ծիծաղեցաւ իշխանուհի Թամարան, չարաճճի խորհրդաւորութեամբ գլուխը օրօրելով. այդ լեզուն հասկնալու համար պէտք է հոգեկան յայտնի վիճակի մը մէջ գտնուիլ։

Իրա՞ւ, եւ իշխանը նոյնպէս ժպտաց խորհրդաւոր բաւականութեամբ մը։

Տիկին Ասլանովը չհասկնալ կեղծեց Թամարայի ակնարկը ու սկսաւ մտերմական խօսակցութիւն մը տիկին Մարիամի հետ։

Դահլիճի վարի ծայրը, դիւանի վրայ բազմած էր, քառակուսի մարմնով Պեոտր Կարպովիչի քոյրը՝ տիկին Անթառամը։ Նիկօ Ջաւջաւաձէն, երկու աղջիկները եւ անբաժանելի ամուսինը շրջապատած էին տիկինը, որ կ՚աշխատէր իր հաստ սրունքները պարտկել աչքի զարնող բաց գոյնի զգեստի քղանցքին տակ։

Օ՜, մայրիկ, ի՜նչպէս կարելի է այդ ձեւով արտայայտուիլ…

Տէր Աստուած, ինչո՞ւ չի կարելի։ Շիտակը որ կ՚ուզես գլուխս անտանելի ցաւ մ՚առաւ։ Այնպէս բարձր կը ճչային որ…

Խօսակցութիւնը կը դառնար սեզոնի վերջաւորութեան առթիւ օփերայի Կալա ներկայացման շուրջը։ Աղջիկներէն փոքրը, որ գիտէր թէ իշխանը ջերմ սիրահար է օփերայի, դիտմամբ խօսակցութիւն բացաւ օփերայի մասին, բոլորովին չսպասելով որ մայրիկը կրնայ խօսքի խառնուիլ։

Օ՜, կը չափազանցես, մայրիկ, անմիջապէս վրայ բերաւ փոքր աղջիկը՝ մօր խօսքը կիսատ ձգելով ու յօնքերը վեր նետեց իշխանէն աննկատելի կերպով։

Եթէ իրենք իրենց լինէին, ոչինչ, վարժուած էին մայրիկի արտառով կարծիքները լսելու, բայց օտարներու մօտ… Ա՜խ, ինչո՞ւ մայրիկը լռել չէր գիտեր։

Մեծ աղջիկը, որու երեսի գոյնը քանի մը անգամ փոխուեր էր զգացած վրդովմունքէն, հոգատար քնքշութեամբ որպէս թէ մօր քղանցքը շտկելու համար, կռացաւ եւ ամուր մը կսմթեց մօր ազդրը։ Ալ բաւական է. ա՜խ ի՜նչ յիմար յիմար դուրս կուտայ մայրիկը, պէտք է կերպով մը շտկել եղածը։ Ու դառնալով իշխանին, լաւագոյն ժպիտով որ կրնար տալ դէմքին ըսաւ.

Անշուշտ, մայրիկը ըսել կ՚ուզէր, թէ վերջի ներկայացման որոշ մասերը դուր չեկան…

Իսկի էլ չէ, —աղջկան խօսքը կտրեց մայրը, որ չարացած էր մեծ աջկան կսմիթէն եւ միւսի յօնքերու սպառնալիքէն. Երբեք, ոչ վերջինը հաւանեցայ եւ ոչ ալ ոեւէ օփերա հաւներ եմ։ Եթէ զիս զօռով չտանին, բնաւ չեմ երթար՝ այդ կատուի մլաւոցները լսելու։

Տիկին Անթառամ ըսաւ իր ըսելիքը ու հազիւ զսպուած բարկութեամբ նայեցաւ աղջիկներուն, կարծես ըսել կ՚ուզէր՝ «տէ՛, կերա՞ք»

Աղջիկները, անզօր կատաղութեամբ լեցուած, սիրալիր կը ժպտային իշխանին ժպիտով մը, որ ըսել կ՚ուզէր. «Սիրելի իշխան, անշուշտ լուրջ չէք վերցներ. կը հասկնաք, որ մայրիկը պարզապէս կատակել կ՚ուզէ»։

Ճիշդ որ, յարգելի Անթառամ Կարպովնա, ըսաւ իշխան Ջաւջաւաձէն, զարմանալի ճկունութեամբ մէջքէն երկու կտոր լինելով. ինքս ալ թէեւ գիշեր մը բաց չեմ ձգած, բայց եւ այնպէս գրեթէ չեմ սիրեր օփերան։ Անշուշտ տարբեր բան է, օրինակ մեր պարկապզուկը, կամ  տուտուկը…

Ապա որ ես միշտ կ՚ըսէի, ու տիկին Անթառամը յաղթական կեցուածքով մը դարձաւ աղջիկներուն կողմը, որ կես կ՚ըսէի…

Աղջիկները պապանձուած՝ կը լռէին լաւ հասկնալով իշխանի դէմքին խաղացող նուրբ ժպիտի իմաստը։ Տէր Աստուած, գետինը պատռուէր, ու իրենք ողջ ողջ մէջը մտնէին։

Տիկին Անթառամի անբաժանելի ամուսինը, որ մինչ այդ՝ առանց խօսքի խառնուելու մտիկ կ՚ընէր յարմար պատեհութեան մը սպասելով իր հեղինակաւոր կարծիքը յայտնելու, թեթեւ մը հազաց։ Խօսելէ առաջ այդ անհրաժեշտ նախապատրաստական միջոց մ՚էր կոկորդը մաքրելու։ Աղջիկները բոլորովին անհանգստացած՝ իրար նայեցին. ո՜վ գիտէ, հիմա ալ հայրիկը ինչե՜ր պիտի ըսէ։

Տուտուկն ու զուռնան մեր ազգային երաժշտութեան հիմը կը կազմեն, սկսաւ ձայնը երկարացնելով խօսիլ, որքան որ անոնք փրիմիթիւ գործիքներ են իրենց կազմով՝ բայց եւ այնպէս, կովկասեան բաղկացուցիչ ազգերու հոգեկան եւ գեղարուեստական…

Ճառը դեռ նոր սկսած էր, երբ մեծ աղջիկը վարպետութեամբ մը իշխանի թեւը մտաւ եւ խօսակցելով հեռացուց զայն դէպի մեծադիր իւղաներկ նկար մը։

Սքանչելի բնանկար մ՚է, չէ՞ք կարծեր։ Զարմանալիօրէն պայծառ են գոյները, բայց ամբողջութեան մէջ ներդաշնակ։ Կարծես մարդ իսկական գարուն կը զգայ…

Տիկին Անթառամը, որ ամուսնոյն խօսակցութեան գրաքննիչն էր, արմուկով թեթեւ մը զարկաւ անոր կողքին՝ ակռաներու մէջէն սուլելով.

Լռէ, ի՜նչ յիմար յիմար դուրս կուտաւ։

Խեղճ մարդը շտկեց փողկապը որ ընդհանրապէս միշտ դէպի աջ կը թեքուէր, ու զարմացած կնոջը նայեցաւ։ Արի որ հասկցիր կինը։ Չէ՞ որ ինքն ալ կնոջը տեսակէտը կը պաշտպանէր։

Մնացած հիւրերը, քանի մը խմբակներ կազմած, բռնուած էին սալոնական խօսակցութեան մը։ Այդ շատ սիրալիր խօսակցութիւնը ուրիշ իմաստ չունէր, բայց եթէ սպասման ժամանակը սպաննել քաղաքավարական պարապ խօսքերով։

Պեոտր Կարպովիչ, որպէս կենցաղագէտ տանտէր, ծանր ու չափուած քալուածքով կ՚անցնէր մէկ խմբակէն միւսը՝ ամէն մէկուն քանի մը սիրալիր խօսքեր ուղղելով։ Դահլիճի շրջանն ընելէ ետոյ, ձանձրացած մարդու մը արտայատութեամբ մօտեցաւ եւ հոգոց հանելով նստաւ Աշոտ Արսէնեանի մօտ։

Է՜, Աշոտ, էս օ՜րն ալ պիտի տեսնէինք…

Դեռ շատ լաւ օրեր կը տեսնենք՝ ջան սաղութիւն լինի։

Քանի՞ տարի առաջ էր որ ծնկուըներուս վրայ կը խաղար։ Աշո՛տ, Աստուած պահէ, քուկիններդ ալ մեծցան, մարդու կարգ անցան։

Երախաները բախտաւոր լինին՝ այդքանը կը բաւէ մեզ, մտերմօրէն ժպտաց Արսէնեանը, մեր երգը վաղուց երգուած է։

Միտք կ՚ընեմ, Աշոտ ջան, էս ինչպէս շուտ անցաւ ժամանամկը։ կարծես դեռ երեկ լինէր։ Կը յիշե՞ս, երբ Նաւթլուղի կայարանը հասած՝ կծիկը դրինք ապրանքատար վակոնէն վար ցատկելով։ Ես հէյպէ մը շալկած էի, դու ալ փայտիդ ծայրը անցուցած էիր կարմիր թաշկինակով կապոցդ։ Հէ՜յ անցած օրեր։ Քաղաքի մէջ չկորսուելու համար, իրարու ձեռքէ պինդ մը բռնած, Թիֆլիս մտանք։ Արմանք զարմանք կտրած էինք։ Հը՞, Աշոտ, մի՞տդ է էն օրը։ Մաղմաղ անձրեւ մը կուգար։ Դուն ալ կապոցէդ ժամագիրքդ հանեցիր ու ծոցդ կոխեցիր, որ չթրջուի։ Տօ՛, ի՞նչ զոռպայ տիրացու էիր։ Զիլ ձայնէդ մեր եկեղեցիի պատերը կարծես կը ցնցուէին…

Եւ երկու մանկութեան բարեկամները՝ անցեալ օրերը յիշելով ժպտացին իրարու այն հին օրերու ժպիտովը։

Լաւ որ յիշեցիր, Պետրոս։ Գիտե՞ս ինչ կայ։ Երկու օր առաջ գիւղէն նամակ մը ստացայ։ Կը յիշե՞ս գիւղի քահանայի տղան, չոլախ Յակոբենց Սարգիսը։ Ճեմարանը աւարտելով տէրտէր օծուեցաւ Տէր Ղեւոնդ անունով։ Երկար բարակ գրած էր թէ վերջի ժաժքի հետեւանքով, մեր գիւղի եկեղեցին վնասուեր է։ Խորանի ետեւի պատը վերէն վար ճեղքուեր՝ ու զանգակատան գմբէթն ալ փլեր է։ Երկու ամիսէ ի վեր ժամ պատարագ չեն ըրած գիւղի մէջ։ Խնդրած է որ Թիֆլիս եղող Սեւ Քարեցիներս ճար մը մտածենք՝ եկեղեցին վերաշինելու, որ բաւական խոշոր գումարի մը կը կարօտի։

Վալլահ, Աշոտ, մարդ քեզ հետ խօսելու կը փուշմանի…

Ախր, ի՞նչ կրնանք ընել Պետրոս. մեր գիւղի եկեղեցին է։ Մենք չտանք՝ ո՞վ պիտի տայ։

Տօ, եղբայր, տուր հա տուր, մէկ հարցնող կա՞յ թէ որտեղէն։ է՛ս Բարեգործական է՝ տուր։ Էս մէկը՝ Դրամատիքական՝ տուր։ Միւսը՝ Ազգագրական ընկերութիւն է՝ տուր։ Էջմիածնի վեհարանի նորոգութեան համար տուր, տո՛ւր, տո՛ւր։ Հիմա էլ եկեղեցիի վերաշինութեան համար տուր…

Աշոտ Արսէնեանի սովորաբար ուրախ դէմքը հետզհետէ մռայլեցաւ։ Ակներև տհաճութեամբ մտիկ կ՚ընէր ընկերոջը, որու հետ իր նախկին հին օրերու պարզութեամբը կը յարաբերէր։ Փառք Աստուծու, օր մը օրանց անձնական խնդրով չէր դիմած անոր։ Ալ ինչո՞ւ պարզերես պիտի չխօսիս անոր հետ։ Գիտէր, որ Պեոտր Կարպովիչը ձեռքէն քիչ մը պինդ մարդ է, բայց անոր արտայայտուելու ձեւը սաստիկ վիրաւորիչ էր։ Ինչպէ՞ս թէ Բարեգործական, ազգագրական ընկերութիւն, երբ խօսքը իրենց գիւղի եկեղեցիի մասին էր, որու սուրբ աւազանին մէջ երկուքն ալ մկրտուած էին։

Պետրոս, Պետրոս, Արսէնեանը մեղմ յանդիմանեց ընկերը, էն եկեղեցիի սուրբ խորանին վրայ, քու հայրդ, Տէր Կարապետը, լոյս իջնայ գերեզմանին, ատեն մը կը պատարագէր։ Հա՛, այսքանը չմոռնաս…

Հօր անունին յիշատակումը ակամայ ազդեց Պեոտր Կարպովիչի վրայ։ Կենդանի կերպով աչքին պատկերացան այն օրերը, երբ ինք ոտաբոպիկ լակոտ մ՚էր եւ՝ երկար փայտ մը ձեռքը, գիւղի խենթ հորթուկները առջեւը ձգած՝ դաշտ կը տանէր։ Տարիներու ընթացքին հարազատ դէմքերը մաշեր էին։ Մօտիկ ազգականներ կային, որոնց անունները միայն կը յիշէր։ Նոյնիսկ մօր պատկերը աղօտած էր։ Բայց հօր՝ տէր պապի դէմքը տարիներու խորքէն դուրս կը ցցուէր՝ պայծառ ու կենդանի։ Կարծես հայրը աչքին առջեւը կանգնած լինէր, երկար հասակով, ալեխառն երկար մօրուքով ու բարեմիտ դէմքով, որուն վրայ ժպիտ մը կար միշտ։ Ամենէն աւելի յստակօրէն կը յիշէր տէր պապը, երբ պատարագի ժամանակ սկիհը վեր կը բարձրացնէր ու շուրջառի տակէն կ՚երեւէր շալվարի մէկ մասը։

Տօ լա՜ւ է, ինչ քիթդ մռութդ կախեցիր, մանկութեան ընկերոջ ուսին զարնելով ըսաւ Պեոտր Կարպովիչը, եղածը կատակի տալով. աշխարհքը խոմ չքանդուեցաւ, ճաթած պատ մ՚է, կը շինենք, քանդուած գմբէթ մը կը նորոգենք, հիմա դու ալ պատմութիւն մի շինե՜ր։ Հաւաքուեցէք Սեւ Քարեցիներդ, վարպետի մը հետ խորհրդակցեցէք, գումար մը որոշեցէք, իմ բաժինս ալ ինչ որ իյնայ, ճտիս պարտքը, փառք Աստուծու դեռ կոտր ինկած չեմ… Հը՞, բերանդ չբանաս։

Լաւ, էլ ի՞նչ ըսելիք մնաց, մենք գործը կը կարգադրենք եւ արդիւնքը քեզի կ՚իմացնենք։

Հա՛, էդպէս ըրէք։ Էս օր պանքան եկած էի կառավարիչին հետ տեսնուելու՝ Հաճի Հիւսէյին Նախիջեւանսկիի մուրհակները կոտրելու խնդրով…

Ատկէ վերջ երկու բարեկամները սկսան խօսիլ գլուխ գլխի, աւելի ցած ձայնով։

Ջահիլ աղջիկներն ու տղաքը դահլիճի մէկ անկիւնը առանձնացած էին։ Հոն մտերմիկ բոլորակ մը կազմած էին Վերա Վասիլեւնան, Օրլով քոյրերը. Շուանիձէներու սիրուն աղջիկը ու երկու եղբայրները եւ Խարկովի իրաւաբանական համալսարանէն նոր եկած ուսանող մը։ Այդ խմբակի հետ նստած էր եւ Վարդան։

Այդ ուրախ շրջանակին մէջ, Վարդանը անսովոր լռութիւն մը կը պահէր։ Աղջիկներն ու տղաքը ճլվլուն ծիտերու նման կը շաղակրատէին, իրար կտհացարելով կը կատակէին, ու ջրվէժի նման ծիծաղը անվերջ կը հոսէր վարակիչ ջերմութեամբ։ Այդ խմբակի կենդանի հոգին Շուանիձէներու աղջիկն էր՝ Դարիան, շատ գեղեցիկ ու կենսուրախ օրիորդ մը, որ անպատճառ բան մը կը գտնէր սրտախօսելու, կամ մէկը քաշքշելու  համար։ Բայց մանաւանդ վարակիչ էր անոր ուրախ ծիծաղը, բարձր ջինջ ծիծաղ մը, որ զարմանալիօրէն մանկական էր։

Նայեցէք Վարդանի դէմքին, յանկարծ քրքջալով ըսաւ Դարիան՝ խմբակի ուշադրութիւնը դէպի Վարդանը դարձնելով, եթէ կարողանաք ըսել, թէ ինչի՞ կը նմանի մեր մռայլ Վարդանը…

Թերեւս գարնանային անբուժելի հիւանդութենէ բռնուած է, չարամիտ գոհունակութեամբ վրայ բերաւ Վերա Վասիլեւնան՝ ուրախ որ առիթ մը գտաւ խայթելու։

Վերան իրապէս Վարդանը չսիրելու պատճառ մը չունէր, բայց ամբողջ սրտով կ՚ատէր Սոնիան, այդ նոր հարստացած հայուն աղջիկը։

Ո՛չ, կը սխալիք, բանն այն է, որ սոխակը առանց վարդի թփի, ձուկը առանց ջրի, տղան առանց…

Բայց Օրլովներու մեծ քոյրը չկրցաւ վերջացնել։ Ակնարկը այնքան թափանցիկ էր, որ բոլորը մէկանց սկսան ծիծաղիլ։

Շուտով արեւը կը ծագի եւ մշուշը կը չքանայ, բարեմտօրէն ժպտալով ըսաւ Օրլովի փոքր քոյրը՝ Տատիանան, այնպէս չէ՞, Վարդան։

Կարծեմ իմ մասին կը խօսէիք, անորոշ արտայայտութեամբ ժպտաց Վարդանը. սաստիկ գլխի ցաւ մ՚ունիմ։ Հա՛, իմ մասին ի՞նչ կ՚ըսէիք…

Որ, եթէ այս տրամադրութեամբ մնաս, շուտով քեզ վարդապետ պիտի ձեռնադրենք, փրթկաց Դարիան՝ վարակելով եւ մնացածները։— Ինչո՞ւ այդքան մռայլ ես։

Վարդան դժկամակութեամբ եկած էր ծնողներու հետ։ Այդ օրուան անախորժ խօսակցութիւնը Սոնիայի հետ Պոտանիկական Այգիի մէջ, մտքէն չէր կրնար հեռացնել։ Ընդհակառակը, կարծես մոռնալու ճիգը աւելի եւս կը խորացնէր զգացած դառնութիւնը, անխնամ ձգուած վէրքի մը նման։ Արդէն վատ տրամադրութիւնը աւելի եւս փճացաւ իշխանի գալովը։ Վարդանին կը վրդովէր բոլորի կողմէ ցոյց տրուած սիրալիր ընդունելութիւնը այդ լպստած իշխանին, բայց մանաւանը Պեոտր Կարպովիչի մտերմական ու ջերմ վերաբերումը, կարծես թէ՝ անոր մօտ ազգականը լինէր։

————

Երբ Սոնիան Եւգինէի հետ ներս մտաւ, դէմքդ բերկրանքով կը ճառագայթէր։ Ներկաները ուրած բացագանչութիւններով դիմաւորեցին օրուան թագուհին, որ շնորհալի նազանքով կը սեղմէ երկարած ձեռքերը։

«Օ՜, իսկական ծովանուշ մը, հէքեաթական փերի մը, երազ աղջիկ մը, վարդի կոկոն մը», քօմբլիմենները առատութեամբ կը տեղային աջէն ու ձախէն, եւ շրջապատողներէն ամէն մէկը կ՚աշխատէր, որ Պեոտր Կարպովիչը լսէր իր խօսքերը։

Ամենէն առաջ Վերա Քօբձեւը մօտեցաւ եւ գիրկընդխառնուեցաւ Սոնիայի հետ.

Որքան սիրուն կ՚երեւիս աղաւնեակս, իսկական հրեշտակ մը…

Սոնիան նոյնքան սիրալիր՝ ժպտեցաւ ընկերուհիին նայելով. Վերա՛, այնչափ ուրախ եմ, որ եկեր ես։

Տիկին Վառվառէն, նոր թուխսէն ելլով հաւի նման, կչկչալով կը դառնար աղջկանը շուրջը գերազանց տրամադրութեան մէջ։ Ինչ խօսք որ հազարի մէջ մէկ հատիկ էր Սոնիան, գեղեցկութեամբ, շնորհքով, եւ ո՞վ գիտէ թէ անոր նմանը կա՛ր ամբողջ աշխարհի մէջ։

Երբ հիւրերը իրենց պարտականութիւնը կատարած համարեցին, եւ քօմբլիմաններու պաշարն ալ հատաւ, առաջուան պէս խմբակներու բաժնուած՝ վերսկսան իրենց կիսատ ձգած խօսակցութիւնը։

Ամենէն վերջ Վարդանը մօտեցաւ Սոնիային, երբ վերջինս պահ մը առանձին մնաց։ Տղան, մտածկոտ եւ ընկճուած, մօտեցաւ ու կցկտուր բառերով շնորհաւորեց աղջիկը։ Սոնիայի ժպիտը չքացաւ յանկարծ։ Խռովկան արտայայտութիւն մը դէմքին՝ կամաց ձայնով մը շշնջաց։

Կը խնդրեմ որ տրամադրութիւնս չփճացնես։

Վարդան չգիտցաւ, թէ ինչպէ՞ս անոր քովէն հեռացաւ եւ աթոռի վը վրայ ինկաւ։ Բոլորովին շշմած էր։ Էդ ինչպէ՞ս թէ, «տրամադրութիւնս չփճացնես», կը խորհէր Վարդան՝ ձեռքերը ճմլելով։ Եթէ ուրիշները չէին գիտեր, մի՞թէ Սոնիան կրնար մոռնալ, թէ այդ օրը իրականին մէջ իրենց մեծ օրն էր։ «Տրամադրութիւնս չփճացնես», կարծես դեռ Սոնիայի ձայնը կը հնչէր տղու ականջին, մինչ աղջիկը, կեդրոնի սեղանին քով, ձեռքը յենած սեղանին, կը խօսակցէր շուրջիններուն հետ այնքա՜ն պայծառացած դէմքով։

Իշխան Ալէքսէյը, Նիկօն եւ ուսանողը շրջապատած Սոնիան՝ հետաքրքրական խօսակցութեան մը բռնուած էին։ Վարդանը փորձուեցաւ մօտենալ անոնց, նոյնիսկ աթոռէն բարձրացաւ, բայց նորէն տեղը նստաւ՝ առանց քայլ մը յառաջանալու։ Չէ, հարկաւոր չէ, ինք միթէ՞ գոյութիւն ունի Սոնիայի համար։

Ժամը ութի մօտերը, դահլիճի կողքին բացուող լայն դրան փեղկերը անաղմուկ բացուեցան, ու Վասիլը երեւցաւ դրան մէջ։

Ընթրիքը պատրաստ է։

Իշխան Ալէքսէյը, կնամեծար քաղաքավարութեամբ, որ յատուկ է ռուս սպայութեան, մօտեցաւ Սոնիային ու թեւն առաջարկելով՝ մտերմօրէն փսփսաց անոր ականջին.

Ձեր հայրը խնդրեց, որ ես ձեզ առաջնորդեմ։ Կը յուսամ, ընկերակցութիւնս հաճելի կը լինի ձեզ։

Օ՜, իշխան, ու Սոնիայի աչքերը պարեցին։

Թեթեւ խոնարհութիւն մ՚ընելով՝ ան տղուն թեւը մտաւ։ Մնացած հիւրերը ընդհանուր խօսակցութիւն մը շարունակելով հետեւեցան անոնց։