Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԿՈՒ ՍԻՐԱՀԱՐՆԵՐ

Սոֆիա (Սոնիա) Պետրովնա Ասլանովի ծննդեան տարեդարձն էր յունիսի տասնեւերկուքը։

Կէս օր էր։ Սոնիան անկողնի մէջ մէկ կողմէն միւսը կը դառնար ծուլօրէն՝ կիսովին ծածկուած մետաքսէ բարակ վերմակով մը։ Առջի գիշեր գիմնազիայի նորաւարտ ընկերուհիներու հետ հրաժեշտի վերջին հանդիպում մը ունեցէր էր գերմանական ծագում ունեցող ուսուցչուհիին մօտ։ Չոր ու պառաւած աղջիկ մ՚էր ուսուցչուհին, իրենց դասարանի դաստիարակը, որ կը յամառէր դեռ աղջկնութիւն խաղալ՝ սպիտակացած մազերը սեւ ներկելով։ Ամբողջ գիշերը ծիծաղ, պար ու բնդում, եւ հազիւ առաւօտեան ժամը երկուքին տուն գալով՝ անկողին մտած էր Սոնիան։

Կէս օրի մօտ, անհամբեր մայրը զգուշութեամբ ննջասենեակի դուռը բացաւ։ Անոր ետեւէն ներս մտաւ ռուս սպասուհին արծաթէ խոշոր ափսէ մը ձեռքին։

Բարի լոյս, աղաւնեակս, վրացախօս մայրը փաղաքշելով համբուրեց աղջկան, գիշերը ուշ եկար. կ՚երեւի յոգնած ես…

Բարի լոյս, մամոչկա, կիսախուփ աչքերը մօրն ուղղելով՝ պատասխանեց Սոնիան. անշուշտ կէս օրն անցեր է, հա՞։ Յոգնա՞ծ։ Ի հարկէ ոչ, սովորական անկողնի ծուլութիւն, ու նկատելով Մաշան՝ մօրը դարձաւ խոժոռ դէմքով։

Էդ ի՞նչ է նորէն։

Սիրունիկ աղջիկս, մայրը քնքշօրէն շոյեց աղջկայ կուրծքին թափուած գանգուր մազերը. կէս օր է արդէն, խօմ անօթի չե՞ս մնալու… Տէ՛, աղաւնեակս, մի բարկանար, մայրդ քեզ մատաղ… գէթ բաժակ մը շոքոլաթ… հա՞… Ա՜յ, ապրի իմ աննման ձագուկս…։

Նու, լաւ, լաւ, համաձայնեցաւ Սոնիան՝ աւելի շուտ ազատելու համար մօր թախանձանքէն ու հազիւ բաժակի կէսը դատարկած՝ վերմակը գլուխը քաշեց ու դարձաւ պատին կողմը՝ ըսելով.

Ձգէ որ քիչ մը քնեմ։

Մայրն ու աղախինը ոտքի մատներու վրայ դուրս եկան սենեակէն՝ դուռը զգուշութեամբ գոցելով։

Հազիւ դրան փակուելու ձայնը առած՝ Սոնիան աշխոյժ շտկուեցաւ անկողնի մէջ, սիրուն գլուխը դիզուած բարձերուն կրթնցուց, եւ երազուն աչքերը յառեց կիսովին վարագուրուած պատուհանէն դուրս, երկնքի պայծառ կապոյտին։ Փափլիկ թեւերը ծալեց գլխուն տակը, ու կուրծքը դուրս ձգած՝ ագահութեամբ շնչեց թարմ օդը։

Անբացատրելի հրճուանք մը համակեր էր Սոնիայի ողջ էութիւնը։ Օ՜, ի՜նչ լաւ էր այդպէս։ Երբ առաւօտեան քնաթաթախ աչքերը բացաւ, առաջին միտքը որ թմրած ուղեղը կենդանացուց, գիմնազիան աւարտած լինելու գաղափարն եղաւ։ Հիմա բոլորովին ազատ էր այլեւս՝ ոչ դպրոց, ոչ պարտադիր դասեր, ոչ ալ ստիպում՝ առաւօտեան անուշ քունը կիսատ ձգելու։ Երեւակայել, որ թռչունի մը պէս ազատ է ինք այլեւս, գիմնազիայի պարտադիր համազգեստը մէկդի նետած, կը հագուի, ինչպէս որ սիրտը կ՚ուզէ. կ՚երթայ ուր որ կամենայ՝ օփերա, թատրոն, երեկոյթ, պարահանդէս։

Ուրախ, հնչեց ծիծաղով մը Սոնիան վերմակը մէկդի նետեց ու դուրս ցատկեց անկողնէն։ Ի՞նչ պառկելու ժամանակ էր, երբ կեանքի իմաստը հիմնովին փոխուած էր իրեն համար։ Թեթեւ մուճակները անցընելով մերկ ոտքերուն, հապճեպով բացաւ պատի մէջ թողուած պահարանի հայելապատ դուռը։ Երկու ձողերէ կախուած էին բազմաթիւ թանկարժէք զգեստներ։ Այս որքա՜ն զգեստներ ունէր։ Յափշտակուած պահ մը կեցաւ կիսաբաց դրան առջեւ գեղարուեստական հռչակաւոր նկարի մը նայողի զմայլանքով։

Արագօրէն, մէկ մէկու ետեւէ սկսաւ զգեստները փորձել, առանց հագնելու, ճիշդ այնպէս՝ իրանի առջին բռնելով։ Այդ մէկը անյարմար՝ հազիւ թէ ընթրիքի զգեստ լինէր։ Մէկ ուրիշը դալուկ կը ցուցնէր դէմքը գիշերուան ճրագով։ Ու կանգ առաւ բաց ոսկեգոյն շրջազգեստի մը վրայ, որ երիզուած էր կապտաւուն ժապաւէնով։

Ա՜յ, էս լաւն է, ինքնիրեն ըսաւ Սոնիան։

Զգեստը իրանին սեղմած՝ նազանքով մօտեցաւ սենեակի երկու պատուհաններու մէջ բարձրացած մեծ հայելիին, որու մէջ ամբողջ հասակով կ՚երեւէր։ Սեւ երկար մազերը թափուած էին թեթեւ ալիքներով փղոսկրի նման ողորկ եւ սպիտակ լանջին։ Քիչ մը երկարաւուն դէմքին վրայ, ուղիղ, անզգալիօրէն արծուային քիթը կարծես  վարպետ քալէմքեար մը նկարած էր՝ այնքան նուրբ եւ յստակ գծերով։ Աչքերը զարմանալիօրէն կը յիշեցնէին մագաղաթեայ գրքերու մէջ գտնուող պարսկական պատկերները՝ մեծ ու նշաձեւ աչքեր, եզերուած երկար արտեւանունքներով։ Առուակի մը եզերքին բարձրացած բարտիի նման ճկուն եւ շքեղ հասակը կ՚ամբողջացնէր աղջկան արտաքին պատկերը, թափանցիկ գիշերազգեստով մը հազիւ ծածկուած։

Հը՞, մեր աղջիկ, հազիւ լսելի ձայնով մը շշնջաց Սոնիան՝ քանի մը վայրկեան ինքնիրմով զմայլած, ի զուր չէր որ բոլորը կը խենթենան քեզմով։

Եւ գլուխը նազանքով ետ նետեց ու պչրանքով աչք կծծեց հայելիի մէջ ցոլացող իր պատկերին, որպէս թէ մէկ ուրիշը լինէր ու ինքը սիրահար երիտասարդ մը։ Սոնիան կարծես առաջին անգամն էր որ հայելիի մէջ կը տեսնէր իր պատկերը։ Թուլօրէն ինկաւ եբենոսէ աթոռակին վայ՝ երազուն աչքերը յառած հայելիի մէջ անդրադարձող իր պատկերին։

Այդ առտու որքա՜ն հաճելի մտքեր, գունաւոր իղձեր կը պարէին Սոնիայի շուրջը՝ ծիածան կազմած։ Անշուշտ պատճառ մը չկար, որ այդպէս չլինէր։ Գեղեցիկ էր ինք, հարուստ եւ խելացի… Այո՛, անշուշտ խելացի ու մէկ հատիկ զաւակը մեծահարուստ Պեօտըր Կարպովիչ Ասլանովի։ Քի՞չ բան էր։

Այդ վիճակին մէջ Սոնիա ինքզինքը կը զգար ամպերու վրայ թառած իշխանուհի մը, ճիշդ այն  նկարին նման, որ մանկութեան ունեցած հէքեաթներու գրքին մէջ տեսած էր։ Փայլուն, գունաւոր նկար մ՚էր այն, որուն կեդրոնը, թափանցիկ շղարշով մը մերկութիւնը ծածկած, հէքեաթի իշխանուհին երկնցած էր ծաղկազարդ կանաչի վրայ։ Պատանի հովիւը, թաղիքէ սրածայր գլխարկով եւ հովուական կոր մահակով, մէկ ծունկը գետին, իշխանուհիի ականջին կը փսփսար սիրոյ խոստովանանքը։

Հէքեաթական պատկերի վերյիշումը, Սոնիայի երեւակայութեան մէջ թեւաւորուած, խառնուեցաւ այդ իրիկուան տեղի ունենալիք ընդունելութեան հետ։ Մեծ, շքեղ ընդունելութիւն մը տեղի պիտի ունենար, ու ինք պիտի փայլէր ճշմարիտ թագուհիի մը նման։

Օ՜, ինչ փառաւոր երեկոյթ մը պիտի լինէր, կը մտածէր Սոնիան։ Որքա՜ն բազմաթիւ հրաւիրեալներ։ Ո՞ր մէկը յիշէր սակայն։ Ա՜յ, օրինակ, փոխարքայութեան ներքին գործերու դիւանապետ՝ Վասիլիյ Կոպցեւը, աղջկան, իր դպրոցական ընկերուհի Վերա Վասիլեւնայի հետ։ Տափակաքիթ, ցեցոտ դէմքով աղջիկ մը, որ դպրոցի մէջ, այնքան վերէն կը նայէր բոլորի վրայ, նոյնիսկ իրենէ Սոֆիա Պետրովնա Ասլանովի վրայ։

Հո՛ս, արագ, չար ժպիտ մը խաղաց Սոնիայի հպար դէմքին։ «Դու կաց», իւրովի մտածեց Սոնիան, «ես քու հոգին կը հանեմ, ցեցոտ, տգեղ աղջիկ… Վերջապէս, ի՞նչ ես որ… պաշտօնեայի մը աղջիկը»։

Սոնիայի բարձրացած յօնքերը հետզհետէ վար իջան։ Արժէ՞ բարկանալ։ Ուսերը թափահարեց մեղմօրէն ու կրկին հաճելի մտածումի ծովն ինկաւ։ Անշուշտ իշխան Նիկօ Ջաւջաւաձէն եւ քոյրը՝ իշխանուհի Թամարան ալ ներկայ պիտի լինին։ Որքա՜ն գեղեցիկ, կենսուրախ աղջիկ էր Թամարան, աննման քոքէթ մը, որ հաւաքոյթներու մէջ այնքան վարպետութեամբ գիտէ երիտասարդներու հետաքրքրութեան կեդրոնը դառնալ, թէեւ մինչեւ վերջերը չէր կրցած փայլուն փեսացու մը ճարել։ Ափսոս որ աղքատ են ու հազիւ կ՚ապրին հօրենական ժառանգութեան մը մնացորդներով։

Սոնիան թեթեւ մը սրտնեղած՝ մուճակներէն մէկը ոտքէն նետեց… Թէեւ աղքատ, բայց՝ որ ազնուականներ են, այդ մասին ոչ մէկ կասկած։ Բաւական է, որ մարդ անոնց դէմքին նայի։ Մանաւանը Նիկօն, այդ ջահիլ, սիրուն եւ միշտ կենսուրախ երիտասարդը, որ այնքա՜ն վայելչօրէն բրդէ չերքէսքան կը հագնի, բարակ մէջքը սեղմած կաշիէ թոկով մը, ոսկեզօծ կարճ դաշոյն մը առջեւէն կախ…։

Թիւ առաջին, բարձրաձայն քրքջաց Սոնիան՝ զինքը դարպասողներու երկար շարանը մտաբերելով. թիւ առաջին, կրկնեց ու յանկարծ լրջացած՝ մտքով կեդրոնացաւ։

Հետզհետէ Սոնիայի խոհուն դէմքին վրայ հազիւ նկատելի ծիծաղ մը ուրուագծուեցաւ։ Քմահաճ նազանքով գլուխը բացասաբար շարժեց ու աչքերը յառած հայելիի մէջ ցոլացող իր պատկերին, կարծես կենդանի մէկը լինէր դիմացինը. հարցուց.

Հը՞, յարգելի գեղեցկուհի… Դուք ի՞նչ կ՚ըսէք… Ո՞չ… ի հա՜րկէ, ո՛չ շատ է կանացի, թեթեւամիտ… թէեւ ոչ ոք անոր նման հաճելի քօմբլիմաններ կրնայ փսփսալ աղջկան մը ուշադիր ականջին։

Հրաւիրեալներու թուին, անշուշտ հօրաքոյրենքը ամբողջ ընտանիքով։

Անզգալաբար յօնքերը կիտուեցան նորէն։ Սոնիան մռայլած՝ քիթը վեր քաշեց։ Որքա՜ն սրտանց կը ցանկար, որ անոնք չլինէին սակայն… Պարտադրական անխուսափելի ներկայութիւն մը, ոչ ոքի համար հաճելի…

Ախ, այդ հօրաքուրենքը, որքան կոշտ, գռեհիկ ընտանիք մ՚են։ Սոնիան նոյնիսկ կ՚ամչնար որ իր ազգականներն են։ Անկիրթ գիւղացիներ, մանաւանդ մեծ աղջիկը… Ո՜ւֆ, որքան ալ բարձր կը ծիծաղէր, մեծ բերանը բացած, երկու կարգ խոշոր ատամներու շարքը ցուցադրելով… Փոքր քոյրը, ոչինչ, լաւն է, թէեւ ան ալ ինքնիրեն գեղեցկուհիի մը հովեր տուած։ Բայց ճար չկայ ազատելու անոնց ներկայութենէն։ Մօտիկ ազգականներ են հօր հարազատ քոյրը, որ հակառակ երկու տասնեակ տարի քաղաքի մէջ բնակելուն, դեռ մինչեւ հիմա հարազատօրէն Ղազախի գիւղը կը հոտի։

Սոնիայի ջղերը կը գրգռէր հօրաքոյրը իր անտանելի ռուսերէնով, շառաչուն համբոյրներով, չտես բացագանչութիւններով եւ հազիւ քօղարկուած ձախլիկութեամբը սեղանի վրայ, եթէ մանաւանդ դրսէն հիւրեր գտնուէին։ Որքան ալ որ անտանելի՝ մայր ու աղջիկները դեռ ոչինչ։ Սոնիան սրտանց կ՚ուզէր հաւատալ, որ հօրաքրոջ ամուսինը, այդքան պատուաւոր հիւրերու ներկայութեան, ինքզինքը վայելուչ քաղաքավարութեամբ պիտի պահէր։ Նախկին վարժապետ մ՚էր այդ մարդը, որ Պէոտր Կարպովիչի շնորհիւ դիրքի եւ հարստութեան տիրացած էր։ Ամէն անգամ, որ հօրաքուրենքը ճաշի կուգային, եւ այս՝ Սոնիայի կարծիքով շատ յաճախ կը պատահէր, այդ նախկին վարժապետը, ծիծաղելի լինելու աստիճան նիհար եւ երկար մարդ մը, անժուժկալ առատութեամբ մէկ մէկու ետեւէ կը պարպէր Կախէթի սքանչելի գինիի բաժակները, բաւական էր ոչ քիչ մը գլուխը տաքանար։ Մէկ ալ անշնորհք ձայնը ձգած՝ ան կը սկսէր հայերէն անտանելի երգ մը երգել, Սոնիայի համբերութիւնը խաչելով։ Հա՛, ինչպէ՞ս էր այդ ծիծաղելի հայերէն երգը։

Ինչպէ՜ս չէ, խե՜ղճ Սոնիան այնքան էր լսած, որ ակամայ սովրած էր երգի բառերը՝ «Բարի գեղեցիկ, առաքինի ընկերը մարդուն»…

Սոնիան բարձրաձայն քրքջաց՝ ինքնիրեն կրկնելով.

Պառի գեղեցիկ, պառի գեղեցիկ…

Ո՛ւֆ, երանի այդ ազգականները չունենար, իւրովի մտածեց Սոնիան, ու այդ անախորժ մտքէն ազատելու համար, կեդրոնացած մտածեց թէ՝ ուրիշ որո՞նք պիտի գային։

Ի հարկէ, պիտի գան եւ երկու նորաւարտ քոյրեր, ռուս պաշտօնաթող սպայի մը աղջիկները, որոնք նոյնպէս հրաւիրուած էին, իր մասնաւոր խնդրանքով։ Ելինան եւ Տատիանան, երկու շատ կենսուրախ աղջիկներ, որոնք իր մտերիմ ընկերուհիներն էին։

Իսկ ուրիշ ո՞վքեր, ինքնիրեն հարցուց Սոնիան եւ՝ որպէս թէ անտարբեր՝ բարձրաձայն պատասխանեց. Իշխան Ա-լէք-սէյ… Դո-բրո-լիւ-բովը հատիկ հատիկ արտասանեց վանկերը՝ ամէն վանկի վրայ կանգ առնելով։

Սոնիան գլուխը բարձրացուց եւ ուղիղ նայեցաւ հայելիին մէջ ցոլացող դէմքին։

Այդ ինչո՞ւ աչքերդ կը պարեն… հը՞, նազելի օրիորդ, խորամանկ ժպիտով մը Սոնիան հարցուց ինքնիրեն, հը՞, չես ուզեր պատասխանել։

Իշխան Ալէքսէյ Դոբրոլիւբով, նորին Գերազանցութեան Կովկասի փոխարքայի զինուորական կցորդ, կրկնեց Սոնիան՝ հազիւ շրթները շարժելով եւ գլուխը յենած ձեռքին՝ աչքերը կիսախուփ, մնաց արձանացած։

Երազուն տրամադրութեան մէջ, պահ մը մտախոհ լռելէ վերջ, Սոնիան ինքնիրեն մեղմօրէն շշնջաց։

—Իշխան Ալէքսէյ Դոբրոլիւբով՝ թիւ երկրորդ…

Եւ անմիջապէս հայեացքը չորս դին դարձուց, չլինի թէ սենեակի մէջ ուրիշ մէկը գտնուէր զինքը լսող։ Սաստիկ շիկնած՝ աչքերը վար առաւ հայելիէն, թէեւ հաստատ չէր գիտեր, թէ ի՞նչ պատճառ կար խպնելու։ Եւ ինչո՞ւ չէ որ։ Ուշագրաւ, կատարեալ ազնուական երիտասարդ մ՚է իշխանը, բարեձեւ մարմինը զինուորական բաճկոնի մէջ սեղմած, փայլուն ուսադիրներ, կուրծքը զարդարուած շքանշաններով, արծաթապատ երկար սուր կողքին։

Անշուշտ, ոչ ոք անոր անթերի քաղաքավարական ձեւերն ունէր։ Զարմանալի կերպով ամէն ինչ համաչափ ներդաշնակութիւն էր իշխանի մէջ, մանաւանդ երբ կը պարէր, կանանց հետ կը խօսէր, երբ սիրալիր քաղաքավարութեամբ կը բարեւէր տիկին մը՝ խթանաւոր կրունկները իրարու զարնելով, իրանը թեթեւ մը առաջ ծռած։

Ի՜նչ կատարելութիւն, շշնջաց Սոնիան՝ մտածելով որ իսկական ազնուական մը անշուշտ այդպէս պէտք է լինի, ասպետական շարժուձեւով եւ ուշադիր դէպի կիները, մանաւանդ դէպի իր մայրիկը, որ այնքա՜ն հրճուանքով փափլիկ ձեռքը կ՚երկնցնէ իշխանին, որ համբուրէ։

Հաճելի դող մ՚անցաւ Սոնիայի մարմնէն։ Մեղկօրէն երկնցաւ աթոռակի վրայ, աչքերը գոցեց՝ աւելի կենդանի կերպով վերապրելու համար երջանկացնող յիշողութիւն մը, որ երկու ամիս առաջ պատահեր էր։

Ահա Փոխարքայի պալատի ընդարձակ դահլիճը, բարձր առաստաղէն կախուած ջահերու հարիւրաւոր լոյսերով ողողուած. հայելիի նման ողորկ եւ փայլուն տախտակամածը, կարծր տախտակի կտորներով նաշխուն. հարիւրաւոր հրաւիրեալներու մէջ վխտացող բարձաստիճան զինուորականներ տօնական համազգեստներով, շքանշաններով, առնական եւ տպաւորիչ։ Քաղաքացիական բարձր պաշտօնէութիւնը երկար եւ երիզաւոր սերթուկներու մէջ կոճկուած։ Բազմաթիւ վրացի իշխաններ իրենց ազգային տարազով, այնքա՜ն պատկերաւոր եւ գրաւիչ։ Սիգաճեմ ռուս կիներ ոսկեգոյն խոպոպ մազերով, հոլանի կրծքեր ու բաց թեւեր՝ կաթնաթոյր սպիտակութիւն ցուցադրող, ծովի փրփուրի նման։ Այն յարաշարժ բազմութեան մէջ, աչքի կը զարնեն բարձրահասակ վրացի իշխանուհիները, իրենց ազգային տարազով, ճկուն իրանները սեղմած ասեղնագործ երկար զգեստներու մէջ, որ մինչեւ ոտքերնին կը հասնին։ Թափանցիկ շղարշ մը գլխներուն՝ անոնք եկեղեցիներու մէջ եղած, Աստուածամօր պատկերի նման սրբացեալ գեղեցկութիւն մը կը պտըտցնեն։ Այդ ահագին բազմութեան մէջ կորած, հազիւ մէկ երկու տոհմական ազնուական հայ ընտանիքներ, եւ քանի մը մեծահարուստ հայ վաճառականներ, իրենց կիներով, ճարպի տիկերու նման, կարճ կլոր եւ թանկագին քարերու մէջ կորած։

Դահլիճի բոլոր դռներու կողքերուն արձանացած են Փոխարքայի անձնական պահակագնդի ղազախները, այնքան պատկերաւոր, կարմիր տաբատներով եւ բրդոտ փափախներով։ Գլխաւոր մուտքի աջ կողմը, երկու սանդուխամատով բարձր բեմի վրայ տեղաւորուած է ղազախներու երաժշտախումբը։ Ահա, ղեկավար սպան կը բարձրացնէ ձեռքի ճպոտը, ու յանկարծ սրահը կը լեցուի Շթրաուսի հռչակաւոր «Կապոյտ Դանուբը» վալսի ոլորուն ելեւէջներով։

Մօրը կողքին կանգնած, կարծես հեքեաթական երազի մէջ լինէր Սոնիան։ Իրեն այնպէս կը թուէր թէ ամբողջ սրահը լեցուած է հազարաւոր գոյներէն բաղկացած թափանցիկ մշուշով մը։ Ու ահա, այդ ոսկեզօծ մշուշի մէջէն պայծառ դուրս կը ցցուի սիրուն դէմք մը. իշխան Ալէքսէյի գեղեցիկ գլուխը շնորհալիօրէն կը խոնարհի իր առջեւ։

Կարելի՞ է…

Սոնիայի շրթները ամուր փակուած՝ կարծես սիրտը դուրս պիտի թռի տեղէն.

Օ՜, անշուշտ, անշուշտ։

Իշխանի լայն կուրծքին թեթեւակի յենած գլուխը, մազերը շոյող անոր տաք շնչէն գրեթէ հարբած, անոր ուժեղ բազուկներուն մէջ բանտարկուած ճկուն մարմինը կարծես միաձուլուած տղու մարմնին հետ՝ Սոնիան վերացած կը պարէ առանց ոչ ոք նկատելու, առանց դահլիճի մէջ թնդացող երաժշտութիւնը լսելու։ Արդեօք Սոնիայի ոտքերը կը դպէի՞ն մոմոտած սահուն յատակին, թէ՞ տղու թեւերուն մէջ կորած՝ երկուքով կը սաւառնէին վառ գոյներով երազ աշխարհի մը մէջ։

Կիսախուփ աչքերով, երանաւէտ երազի մէջ կը լողար Սոնիան։ Այդ գիշերուան հոգեկան վերապրումը  ջերմացուց իր արիւնը, ու ինք կը զգար սրտի համաչափ եւ ուժեղ զարկերը։ Անկարող այլեւս նտած տեղը անշարժ մնալու՝ բարձրացաւ աթոռակէն, ամբողջ հասակովը կանգնեցաւ հայելիի առաջ եւ գնահատական հայեացք մը նետեց իր ցոլացող պատկերին։ Ի՜նչ կասկած, որ տպաւորիչ գեղեցկութիւն մը ունէր ինք, եւ շատ բնական կը գտնէր, որ իշխան Ալէքսէյը զինքը ընտրած էր իր շուրջը թռվռող բազմաթիւ աղջիկներու մէջէն։

Յանկարծ, միտք մը պղտորեց Սոնիայի հոգին։ Անշուշտ չար բամբասանք մը, նախանձող ընտանիքներու մէջ տարածուած… Սոնիան սրտնեղած՝ արհամարհանքով ձեռքը թափ տուաւ, իւրովի մտածելով. «Է՜հ, շատ ալ որ աղքատ ազնուական տան մը ժառանգն է ան… Աղքատութիւնը խօմ ամօթ բան չէ իշխանի մը համար։ Իմ ունեցածս կատարելապէս կը բաւէ երկուքիս ալ… Բայց մէկ մը երեւակայե՜լ»։ Ու հոս Սոնիան, որպէս թէ քավալէրի մը թեւը մտած՝ նազանքով քալեց սենեակին մէջ. «Ռուս ամենաբա՜րձր, արիստոկրատ հասարակութեան մէջ… հարստութեան, անուան եւ դիրքի տէր, շրջապատուած ազնուական երիտասարդներով… Խնդրեմ ծանօթանաք, իշխանուհի Սոֆիա Պետրովնա Դոբրոլիւբովայի հետ»։ Ու Սոնիան կոտրտուելով աներեւոյթ մէկու մը առջեւ, աջ ձեռքը պարզեց, շնորհալիօրէն գլուխը խոնարհեցուց. «Ուրախ եմ, պարոն գնդապետ, խնդրեմ նստէք»…

Հոն յանկարծ, կարծես թէ անտեսանելի ձեռք մը մէկէն պատռեց երեւակայական պատկերի պաստառը։ Իշխանն ու գնդապետը չքացան։ Սոնիան ինքզինքը կանգնած գտաւ սենեակի մէջտեղը։ Շուրջը նայեցաւ երազէ մը նոր արթնցողի մոլոր հայեացքով։ Ինքնիրմէ անբաւական՝ Սոնիան յօնքերը կիտելով նստաւ մահճակալի եզերքին ու խռովկան աղջկան մը նման սկսաւ ոտքերն օրօրել։

Օ՜, որքա՜ն յիմար աղջիկ է, ինքը, որքա՜ն մոռացկոտ։ Ինչպէ՜ս ալ վայրկենաբար տարուեցաւ ինչ որ գեղեցիկ երազներով։ Հապա Վարդա՞նը, մանկութեան անբաժան ընկերը, որուն այնքա՜ն ջերմօրէն կապուած էր։

Երկուքի հայրերը, մանկութեան մտերիմ ընկերներ, Ղազախի միեւնոյն գիւղէն եկած էին։ Երկար տարիներ  անոնք միասին ապրած էին տան մը տարբեր յարկաբաժիններուն մէջ։ Վերջէն Սոնիայի հայրը՝ Պետրոս Տէր Կարապետեան Ասլանեանը, արագութեամբ մագլցած էր բախտի անիւի վրայ ու դարձած ամբողջ Կովկասի մէջ յայտնի Պեոտր Կարպովիչ Ասլանովը։ Եւ, բնականաբար, այդ յաջողութեան հետ միասին, անհրաժեշտ դարձած էր, նախկին համեստ թաղի փոխարէն, տեղաւորուիլ Սոլոլակի սեփական ապարանքը։ Այդ պարտադրական բաժանումէն վերջն ալ, երկու ընտանիքներու յարաբերութիւնները անփոփոխ պահած էին նախկին ջերմ բնաւորութիւնը։

Սոնիան, երէկուան նման, այնքա՜ն յստակօրէն կը յիշէր իր մանկութիւնը, Արսէնեաններու հետ միասին ապրած օրերը։ Վարդանի հետ խաղընկերներ էին, երբ Եւգինէն մեծի հովեր առած՝ կը թեւարկէր զիրենք, երբեմն ալ անիրաւ տեղը կը ծեծէր, երբ անոր խօսքը մտիկ չէին ըներ։ Հազիւ չորս հինգ տարեկան երեխաներ՝ Վարդանի հետ հարս ու փեսայ կը խաղային, ինքը երկար գիշերանոց մը հագած, Վարդանն ալ հօրը գլխարկով, որու մէջ ամբողջովին կը կորսուէր իր սիրուն գլուխը։ Բայց այդ հարս ու փեսայի հաճելի խաղը պատճառ մը չէր, որ երբեմն իրարու հետ չծեծկուէին, պատկերազարդ գրքի մը պատճառով, որ ճշմարիտ կռուախնձոր մը դարձեր էր իրենց միջեւ։

Տարիներ վերջը, երբ արդէն տասներկու-տասներեք տարեկան էին, մտերիմ սրտակիցներ դարձան։ Հետզհետէ բարդուող տարիներու հետ, փոխուեցաւ սակայն իրենց նախկին յարաբերութիւնը։ Անշուշտ այլեւս հարս ու փեսայ չէին խաղար իրարու հետ, չէ՛, նոյնիսկ այդ խաղերուն անդրադառնալու, բայց իրարմէ անբաժան՝ կը սիրէին կողք կողքի նստիլ դիւանի վրայ ձեռքերնին իրարու պլլած։

Այդպէս անցաւ ժամանակ մը, մինչեւ որ հետզհետէ իրենց մէջ սկսաւ զարգանալ բնազդական խուսափումի զգացում մը, մանաւանդ երբ առանձին կը մնային։ Այդ առանձնութեան պահերուն, զարմանալի կերպով խօսելու նիւթը կը պակսէր, իրարու աչքի մէջ նայելէ կը վախնային, թէեւ ամէն անգամ որ մէկն ու մէկը գլուխը բարձրացնէր, միւսի աչքը իրեն յառած կը գտնէր։ Հիմա արդէն կ՚աշխատէին դիւանի վրայ լայնկեկ բաց մը ձգել մէջերնին, հակառակ որ Սոնիան այնքա՜ն կ՚ուզէր Վարդանի գանգուր մազերուն հետ խաղալ։ Ճիշդ այնպէս, կ՚ուզէր Վարդանի պի՛նդ մօտը նստիլ, թէկուզ միմիայն անհանգստացնելու համար զայն։

Տասնեւհինգ տարեկան էր Սոնիան, պոյ նետած գեղեցիկ աղջիկ մը, երբ պատահեցաւ այն սքանչելի, սիրտ խռովող բանը, որ իսկապէս անուն չունի եւ որ միայն կարելի է գալ՝ առանց բացատրել կարենալու։

Օր մը Վարդանի հետ ընդունարանի բազմոցի վրայ նստած էին պատկառելի հեռաւորութիւն մը ձգած արանքնին, երբ տան մէջ ոչ ոք կար։ Տղան Տոլստոյի Աննա Կարենինա վէպը կը կարդար բարձրաձայն, իսկ Սոնիան կուչ եկած՝ յափշտակուած մտիկ կ՚ընէր։ Հասեր էին գրքի այն էջը, ուր նկարագրուած է թէ՝ ինչպէս վէպի հերոսուհին, այլեւս դիմադրելու անկարող, անձնատուր կը լինէր սիրած երիտասարդին։

Անշուշտ, անգիտակցաբար, Սոնիան սեղմուած Վարդանի կողքին, հեւացող կուրծքը կրթնցուցած տղու ուսին՝ տաք շունչը անոր մազերուն կը խառնէր։

Վարդանի ձայնը հետզհետէ կը նուաղէր, երբեմն ակամայ կանգ կ՚առնէր, կարծես դժուարութեամբ շնչելով։ Չես գիտեր թէ ինչպէ՞ս, մէկ ալ գիրքը կամաց սահեցաւ Վարդանի ձեռքէն ու ինկաւ գետնի թաւ գորգին վրայ։ Տղան պղտոր աչքերով, դէմքը կարմրտկած՝ դարձաւ աղջկան։ Լաւ չէր գիտեր, թէ ինչո՞ւ ինքն ալ, ալ աւելի մօտեցած, գրեթէ անոր գիրկն ընկաւ ակամայ։ Վարդանը ուժով մը սեղմած կուրծքին, սկսաւ անվերջ համբուրել՝ աղջկայ ականջին փսփսալով . «իմ պլպուլս, անգի՛նս, հրեշտակս»…

Այդպէս իրար սիրած էին։

Սոնիան գիտէր, որ իր ծնողքը այնքան ալ հաշտ աչքով չէին նայեր երկուքի մտերմութեան վրայ։ Բարեբախտաբար, եղածը երեխայական վաղանցուկ կապ մը համարելով՝ կարեւորութիւն չէին տուած։

Սոնիան եւ Վարդանը գրեթէ միշտ իրարու հետ էին։ Աշակերտական երեկոյթ, թատրոն, բացօթեայ պտոյտներ… Ինչպէ՜ս չէ, երբեմն կը կռուէին ալ, նոյնիսկ քանի մը օր խռոված կը մնային, մինչեւ որ տղան գար ներողութիւն խնդրելու։ Տղան կուգար ներողութիւն կը խնդրէր, որովհետեւ Սոնիան գիմա ալ հաւատացած էր, որ միշտ Վարդանը մեղաւոր էր։

Սոնիան կը սիրէր երթալ Վարդանենց տունը, ուր ինք հարազատի մը ազատութիւնն ունէր։ Շաբաթական մէկ երկու անգամ թէեւ կ՚այցելէր անոնց, բայց ինքն ալ հաստատ չէր գիտեր թէ ինչո՞ւ տեսակ  մը օտարոտի զգացում կ՚ունենար ամէն անգամ անոնց տունը երթալուն։ Այս գիտակցութիւնը զինք սաստիկ կ՚անհանգստացնէր։ Արսէնեաններու այնքան սրտբաց եւ ջերմ վերաբերմունքը, Եւգինէի ընկերական պարզութիւնը, տիկին Մարիամի հարազատ գուրգուրանքը կասկած չէին ձգեր, որ ինքը սիրուած հիւր մ՚էր, թերեւս ատկէ ալ աւելին։ Բայց եւ այնպէս, կարծես անոնց տան մթնոլորտին մէջ բան մը կար, այնքա՜ն տարբեր իրենց տունէն, որ ակամայ իր մէջ անախորժ տրամադրութիւն մը կը ստեղծուէր՝ գրեթէ ամէն անգամ անոնց այցելելուն։

Մէկէ աւելի էին այդ պատճառները։ Նախ որ՝ Արսէնեաններու տունը խօսակցութեան լեզուն հայերէն էր, որմէ ինք շատ ալ բան չէր հասկնար։ Սոնիան չէր կրնար բացատրել թէ ՝ Արսէնեանները ինչո՞ւ յամառութեամբ փակեր էին հայերէն լեզուին, երբ անդին ռուսական սքանչելի լեզուն կար։ Ինչո՞ւ անոնք ալ չէին հետեւեր բոլոր բարձր դասի ընտանիքներու օրինակին։ Ի՞նչ մեծ գրաւչութիւն ունէր հայերէնը իր այնքա՜ն ականջ ծակող հնչականութեամբ։

Անշուշտ, Սոնիան ինքն ալ հայ քրիստոնեայ էր, բան մը, որ մտքէն իսկ չէր անցուցած ուրանալ։ Տարին քանի մը անգամ ծնողքին հետ, մանաւանդ Ծնունդին և Զատկին Վանքի եկեղեցին կ՚երթար։ Փոքր եկեղեցի մը, որ տօնական օրերուն այնքան խճողուած կը լինէր բազմութեամբ։ Ճիշդն ըսած՝ ոչ պատարագի արարողութենէն բան մը կը հասկնար եւ ոչ ալ երգեցողութիւնը դուրեկան կուգար իրեն։ Որքա՜ն տարբեր էր սակայն ռուսական եկեղեցին, ուր շատ յաճախ ռուս ընկերուհիներով կ՚երթար, մանաւանը Փոխարքայի պալատի մօտ գտնուող Փառաց տաճարը, բուրգի նման բարձրացած, հսկայ քարուկիր շէնք մը։ Մեծ տօներուն այդ ահագին շէնքը բերնէ բերան կը լեցուէր ընտիր հասարակութեամբ։ Փոխարքան, թիկնապահներով շրջապատուած, զինուորականութիւնը եւ բարձր պաշտօնէութիւնը համազգեստաւոր, ազնուական դասը իր մասնաւոր տեղը բռնած, շքեղօրէն հագնուած տիկիններ եւ ղազախ զինուորներու երգեցողութիւնը, այդ բոլորը այնպէս հզօր, ներդաշնակ եւ տպաւորիչ էին։

Մէկ ալ չէր սիրեր Արսէնեանններու տանը յաճախ հանդիպած հիւրերը։ Ըսենք՝ անոնց տանը հիւրերը անպակաս էին։ Հայ վարժապետներ, որպէս թէ հայ ինտելիգենցիայի ներկայացուցիչները, թափթփած վրայ գլխով, որոնք քաղաքավարի բարեւ մ՚իսկ տալ չէին գիտեր. գաւառներէն եկած հասարակական գործիչներ, պարզապէս գիւղացի մարդիկ, որոնք կինտօներու նման անհարկի կը կռուէին իրարու հետ բարձրաձայն վիճելով և անսահման եռանդ սպառելով ողորմելի հարցերու մասին։ Ու տէր Աստուած, ինչպիսի հարցերու մասին կը վիճէին այդ մարդիկը։ Այ օրինակի համար թէ՝ գիւղական մէկ սենեակնոց դպրատան պատուհանները դէպի հարա՞ւ թէ արեւելք բացուած պէտք է լինին… Եթէ միայն հետաքրքրական խնդիրներու մասին խօսելու լինէին, ա՛յ, օրինակ պետական օփերայի երգիչներու, Մոսկուայէն եկող հռչակաւոր դերասանուհիներու կամ նոր լոյս տեսած Կուպրինի զգայացունց վէպի մասին, այդ նորէն հասկնալի կը լինէր Սոնիայի համար, ու թերեւս իրենց ներկայութիւնը տանելի։ Բայց Սոնիան բացարձակապէս վստահ էր, որ այդ գիւղացիները նման գեղարուեստական եւ գրական բարձր հարցերու մասին հասկացողութիւն իսկ չունէին եւ ոչ ալ նուրբ ճաշակ ըմբռնելու։

Սակայն, եղած անախորժութիւններուն մէջ, ամենէն շատ Սոնիայի ջիղերուն վրայ կ՚ազդէր երբ խօսքը կը դառնար Տաճկահայաստանի վրայ։ Իսկ այդ՝ շատ յաճախ կը պատահէր Արսէնեաններու տանը, եւ գրեթէ միշտ ալ պատճառ կը դառնար յուզումնալից վիճաբանութիւններու, որոնք մինչեւ ուշ գիշեր կը տեւէին։ Ճիշդն ըսած՝ Սոնիան շատ լաւ հաստատ չէր գիտեր, թէ որտե՞ղ կը գտնուի այդ Հայաստանը, բայց հաստատ գիտէր, որ այդ հեռաւոր երկրէն կուգային Սալտատսկի Բազարի բոլոր մշակները, աղտոտ կռօները, տներու դռնապանները։

Իր Վարդանը ի՞նչ գործ կրնար ունենալ այդ վարժապետներուն, գործիչներուն, այդ Հայաստանին հետ։

Ամբողջ սրտով Սոնիան կը ցանկար, որ Վարդանն ալ իշխան Ալէքսէյի նման զինուորական մը լինէր, բարձր շատ բարձր զինուորական մը։ Ինքն ալ հպարտօրէն անոր թեւէն կախուած՝ ման գար երեկոյթներու, պարահանդէսներու մէջ եւ տրաքացնէր նախանձոտ ընկերուհիները, որոնք աչքով աչք չունէին զինքը տեսնելու…

Հոս, սակայն, հաճելի մտքերու թելը յանկարծ կտրուեցաւ։ Սենեակի դուռը կը բախէին։ Սոնիան ճանչցաւ ընկերուհիին՝ Եւգինէի անհամբեր ձայնը։

Կարելի՞ է, Սոնիա։

Անշո՛ւշտ, անշո՛ւշտ խնդրեմ։

Երկու ընկերուհիները ողջագուրուեցան։ Եւգինէն երեք տարով աւելի մեծ էր։ Միջահասակ, թուխ աղջիկ մ՚էր, աւելի սիրուն քան գեղեցիկ։ Շատ պարզ, բայց ճաշակաւոր հագնուած։ Քիչ գունաթափ դէմքին վրայ լայն բացուած խոշոր աչքերը զարմացկոտ արտայայտութիւն մը կուտային անոր դէմքին։

Թո՛ւ, ծոյլ, կշտամբեց ընկերուհին, դեռ չես ալ հագնուած…

Եւգին ջան, հրեշտակս, ու Սոնիան փաղաքշանքով կրկին փարեցաւ ընկերուհիին, մէկ ըսի, ընթրիքին ի՞նչ զգեստ հագնիմ։ Ես կապոյտը չեմ սիրեր, մոխրագոյնը՝ ճրագի լոյսին տակ դէմքս գունաթափ կը ցուցնէ։ Կը հաւնի՞ս աթոռին վրայ ինկած բաց ոսկեգոյնին…

Երկու ընկերուհիները մեծ ոգեւորութեամբ սկսան աչքէ անցընել բոլոր զգեստները այնքան լրջութեամբ, որ կարծես ատկէ կախուած լինէր իրենց ճակատագիրը։ Վերջ ի վերջոյ, երկուքն ալ եկան այն եզրակացութեան, որ բաց ոսկեգոյն շրջազգեստը յարմարագոյնն էր։

Բայց, ի սէր Աստուծոյ, Սոնիա, աճապարէ՛, հագնուիլ։ Չէ՞ որ Պոտանիքական այգին երթալու էինք այս օր։ Վարդանը վարը կը սպասէ անհամբեր։ Արդէն շատ ուշացանք։

Վա՛յ, իրաւ որ, բոլորովին մտահան էի ըրեր։ Անմիջապէ՛ս, խնդրեմ, Եւգին ջան, ձայն տուր Մաշային թող Վասիլին պատուիրէ կառքը պատրաստել։

Եւ մինչ ընկերուհին դուրս ելաւ, Սոնիան հապճեպով սկսաւ հագնուիլ՝ միաժամանակ մտածելով թէ ինչո՞ւ Եւգինէն այդքան տխուր եւ մտազբաղ  կ՚երեւէր։

-----------

Ասլանովենց սեփական կառքը կանգ առաւ բլուրի ծայրը, Պօտանիքական Այգիին առջև, այնտեղ՝ ուր խճուղին ուղղանկիւն մը կազմած՝ հետզհետէ կը բարձրանայ ու կ՚երկարի դէպի Կոճոր։

Ուրախ, անհոգ թոռչնիկներու նման ճռուողելով, կառքէն դուրս ցատկեցին երկու ընկերուհիներն ու Վարդանը եւ պահ մը սքանչացած՝ կանգ առին այդ բարձունքին, որ ուղղակի կախուած էր քաղաքի վրայ։ Սքանչելի տեսարան մը կը պարզուէր այդ տեղէն։ Ձախ կողմը՝ Սուրբ Դաւիթ լեռը կարծես պահակ կանգնած լինէր Թիֆլիսի գլխուն, իր լերկ կողերուն վրայ հիւրընկալելով քաղքի ծայրափեշերը։ Դէպի աջ հեռուն, Նաւթլուղի ուղղութեամբ՝ հետզհետէ բարձրացող բլուրներու ետեւ կը գծագրուէր հազիւ նկատելի, բարձրաբերձ սարերու մշուշային ուրուագիծը։ Ուղիղ վարը՝ անդնդախոր բարձունքին յատակը՝ լայնանիստ կը տարածուէր շքեղ Թիֆլիսը, որու հեռաւոր փէշերը կը կորսուէին բլուրներու եւ այգիներու մէջ։ Ահա եւ Կուր գետը, որ քաղաքը երկու հաւասար մասի բաժնած՝ արծաթէ ժապաւէնի մը նման հեռուներէն քաղաք կը մտնէր սողալով ու երբեմն ծածկուելով շէնքերու ետեւ՝ վերջէն կրկին կ՚երեւար։

Վասիլ, վերադարձիր տուն, հրամայեց Սոնիան կառապանին, ու երեքով թեւանցուկ սկսան իջնել բուսաբանական այգիի ոլորուն, զառիվայր ճամբայէն. արձակուրդ ստացած դպրոցական երեխաներու նման ուրախ, բարձրաձայն քրքջալով։

Երբ հասան փոքր հարթութեան մը, որտեղէն զանազան ալեներ կը բացուէին դէպի ձորի աւելի վարերը տանող, Եւգինէն կանգ առաւ տաղաւարի մը քով.

Ես հոս պիտի նստիմ գիրքս վերջացնելու։ Դուք շարունակեցէք ձեր պտոյտը, անշուշտ շատ բաներ ունիք իրարու յայտնելու։

Եւ մեծ քրոջ մը խանդաղատանքով ժպտեցաւ, նստաւ աթոռի մը վրայ ու բացաւ ձեռքի գիրքը։

Ա՜, չէ, որպէս թէ ընդդիմանալ ուզեց Սոնիան, դուն ալ միասին եկուր իջնանք։

Պարզ էր, որ այդ խօսքերը միայն քաղաքավարութեան համար ըսուեցան։

—Եւգին, հա, այդ ի՞նչ գիրք կը կարդաս… անշուշտ հայերէն, ըսաւ քանի մը վայրկեան ետքը, նիւթը փոխելու համար։

Այո՛, հետաքրքիր գիրք մը՝ Նար-Դոսի «Մահը»։ Ափսոս հայերէն չես գիտեր, թէ չէ…

Սիրային վէ՞պ մը…

Դժուար է ըսել… Ի հարկէ, սէրն իր տեղն ունի բայց աւելի լուրջ խնդիրներ… հասարակական հարցերու շուրջ…

Ո՛ւֆ, Եւգին ջան, բոլորովին ձանձրացեր եմ ձեր այդ հասարակական հարցերէն… Կարծես հայերը ուրիշ բան չունին գրելու, ու բարձր ծիծաղելով՝ Վարդանի թեւը մտած եւ միասին վազելով՝ հեռացաւ։

Երբ բաւական մը հեռացած էին, ուղղուեցան դէպի նստարան մը, որ կիսովին կորսուած էր խիտ թաւուտներու մէջ։ Հազիւ նստարանի վրայ տեղաւորուած, տղան ուզեց գրկել եւ համբուրել աղջիկը։

Ա՜, էդ չի կարելի, մատը սպառնալից թափ տալով՝ կեղծ լրջութեամբ ընդդիմացաւ Սոնիան, յարգելի պարոն, այդ ինչպէ՞ս կարելի է…

Հրեշտակս, անգինս։

Ոչ, չի կարելի։

Սոնիա, համբոյր մը։

Միայն մէ՞կ։ Նո՛ւ, այդ թերեւս կարելի է, ծիծաղելով պատասխանեց աղջիկը։

Ի՞նչպէս թէ մէկ, նոյնպէս ծիծաղեցաւ Վարդանը, չէ՞ որ տասնըինը տարեկան եղար այս օր։

Ուրեմն, տասնըինը համբո՞յր։

Ի հարկէ։

Միայն այդքա՞ն, անշնորհը, քրքջաց Սոնիան ու նետուեցաւ տղուն գիրկը։

Երկու սիրահարները իրար գրկած՝ լռեցին երկար։

Սոնիա՛, առաջինը տղան խօսեցաւ, Սոնիա՛։

Նու, Վարդան, ու ձեռքովը տղուն մազերը շոյեց, ի՞նչ, սիրելիս։

Ոչինչ, անգինս, որքա՜ն լաւ է այսպէս։

Լաւ է, ու աղջիկը ծռելով նորէն համբուրեց տղան։

Չեմ գիտեր՝ ինչո՞ւ սիրտս լեցուած է… կարծես կուրծքս պիտի պայթի երջանկութենէ… Երբեմն այնպէ՜ս կ՚ուզեմ լալ ուրախութենէս…

Ի՜նչ մեծ երեխայ մ՚ես դու, Վարդան, ու կրկին իրար գրկած՝ լռեցին։

Թուփի մը կանաչներու մէջ ծածկուած թռչուն մը երկա՜ր ճլուըլաց։ Հեռուէն՝ ծառի մը կատարին թառած ընկերը ետ արձագանգեց։ Թը՜ռ, ու թաւ կանաչին նստաւ ճնճղուկ մը։ Թը՜ռ, երկրորդ սեւալանջ ճնճղուկ մը թառեցաւ կողքին՝ թեւերը դողահար շարժելով, մինչ էգը առջեւէն նազանքով կը փախէր դէպի թաւուտի խիտ ճիւղերու արանքը։

Աղջիկն ու տղան աւելի սեղմուեցան իրար, կարծես սաստիկ ցուրտ լինէր։ Որքա՜ն գեղեցիկ էին գարունը, արեւը, ծաղիկները, ու այն ի՜նչ երկնային ներդաշնակ երաժշտութիւն էր, որ մեղմօրէն կը թրթռար եթերին եւ իրենց երակներով վազող խենթ արիւնին մէջ։ Եթէ միայն այդ երջանիկ ինքնամոռաց վայրկեանը քարանար ու յաւիտենականութիւն մը դառնար, եւ իրենք՝ իրենց ամբողջ էութեամբ կարողանային միաձուլուիլ զարթնող բնութեան հետ։

Բնազդական շարժումով, երկու բոցավառ շրթներ իրարու միացան երկար համբոյրներով մը։

Սոնիա։

Վարդան։

Կը յիշե՞ս՝ ինչ էինք ծրագրած այս օրուան համար։

Ի՞նչ ։

Որ այսօր մեր ուխտի օրը պիտի լինէր, մեծ օրը՝ գալիք բոլոր օրերուն։

Իրա՞ւ… չեմ յիշեր, ու աղջիկը սիրազեղ նայեցաւ տղուն՝ խորամանկ ծիծաղով։

Այ հիմա գուշակէ, թէ ի՞նչ նուէր պիտի տամ ծննդեան տարեդարձիդ։

Աղջիկն աշխոյժ ինքզինքն ազատեց տղու թեւերէն։

Որ իմանա՞մ… զոյգ մը օղ։

Չէ՛, չիմացար։

Վարդանը բաճկոնի գրպանէն հանեց խնամքով փաթթուած տուփ մը։ Բացաւ ու թաւշապատ տուփի յատակէն հանեց մատանի մը, ոսկի օղակին վրայ գանկ մը նստած։ Գանկի աչքերու խոռոչներուն մէջ՝ երկու պսպղուն ադամանդներ։ Վարդանը մատանին աղջկան մատնեմատը անցընելով՝ գորովանքով հարցուց.

Կը հաւնի՞ս, լա՞ւ է։ 

Օ՜, Վարդան, շատ գեղեցիկ է, ու ակնյայտնի վարանքով մը շարունակեց. բայց ինչո՞ւ այս գանկը…

Մեր կապի խորհրդանշանը, անգինս։

Տղան լրջութեամբ վերցուց Սոնիայի ձեռքը ու շարունակեց.

Խնդրեմ, կրկնէ ինչ որ ըսեմ։

Նո՞ւ։

Մենք երկուքս…

Մենք երկուքս։

Յաւիտեան իրարու պիտի պատկանինք…

Յաւիտեան իրարու պիտի պատկանինք։

Եւ մահն իսկ…

Եւ մահն իսկ։

Պիտի չբաժնէ մեզ…

Չպիտի, ու աղջիկը քրքջալով ոտքի ցատկեց, առանց վերջացնելու, այ թէ լաւ տէրտէր կը լինիս։ Յետոյ տղուն առջեւ կանգնելով՝ հրամայեց. հիմա գու աչքերդ խփէ՛։

Պինդ, շատ պինդ խփէ, սուտլիկ խաբեբայ։

Խփեր եմ, խաչ որ…

Սոնիան ձեռքի պայուսակին մէջէն փոքր միտալիոն մը հանեց՝ բարակ ու երկար ոսկէ շղթայի մը ամրացուած։ Մետալիոնի մէջտեղը՝ փոքր մարգարիտներու շրջանակին մէջ իր նկարը տեղաւորուած էր։ Շղթան անցուց տղու վզէն ու հրամայելով ըսաւ։

Տէ՛, հիմա աչքերդ բաց։

Օ՜, գեղեցիկ է, Սոնիա, ու շրթներուն մօտեցնելով աղջկան կենդանագիրը՝ բացագանչեց. Որքա՜ն հարազատ նմանութիւն…

Վարդան, երբեք վզէդ հանելու չես։ Խոստացի՛ր։

Երբե՛ք, սիրելիս, եւ տղուն շրթները դողացին յուզումէն, մինչ աղջիկը բարձր քրքջալով ինկաւ նստարանի վրայ տղու կողքին։

Ի՜նչ լուրջ դէմք մ՚ունիս, Վարդան։ Եթէ գիտնաս, թէ որքա՜ն ծիծաղելի կ՚երեւիս այդ դէմքով… Մէկ գլուխդ վեր վերցուր, հա՛, հա՛, հա՛։

Տղան յօնքերը կիտեց։ Որքան ալ Սոնիայի բնաւորութեանը վարժուած, այդ օրը բոլոր օրերէն աւելի լուրջ տրամադրութեան մէջ էր Վարդան։ Երկուքն ալ դպրոցը վերջացուցած՝ պէտք է որ արդէն հասուն մարդու նման մտածէին ապագայի, իրենց ընտանեկան երջանկութեան մասին։

Խնդրեմ, Սոնիա, սկսաւ տղան, մենք այսօր լուրջ խօսելիք ունինք։ Այսօրուընէ կը սկսի մեր նոր կեանքը։ Կը խնդրեմ, լրջօրէն մտիկ ընես, Սոնիա։

Ու տղան խոհուն՝ աչքերը յառած ընկերուհիին՝ երկարօրէն սկսաւ բացատրել ապագայի մասին իր կազմած ծրագիրը։ Անշուշտ ինք պէտք էր երթար Գերմանիա բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու։ Մաթեմաթիքի մասնաւոր սէրը եւ ուրիշ պատճառներ բերած էին զինքը վճռական որոշման մը, թէ ինք պէտք է լինի հանքային ինժիներ։

Մեր երկիրը, սիրելիս, կը բացատրէր Վարդանը Սոնիյին, որ ցրուած հայեացքով դիմացի սարալանջը կը դիտէր, հսկայական հարստութիւն մը ունի թագնուած անսպառ հանքային պահեստներու մէջ, մինչդեռ մեր ժողովուրդը նահապետական միջոցներով հազիւ հազ ողորմլի գոյութիւն մը կ՚ապրի, չքաւորութեամբ եւ զրկանքներով լեցուն։ Լոռիի մէջ՝ Ալլահվերտիի հարուստ պղինձի հանքը, Զանգեզուրի մէջ՝ Ղափանը, եւ սակայն այդ անբաւ հարստութիւններու կողքին՝ ողբալի աղքատութիւնը մեր ժողովուրդին։

Տղան ոգեւորուած կը շարունակէր խօսիլ ապագայի մասին, առանց նշմարելու որ աղջիկը հազիւ մտիկ կ՚ընէր։ Վարդան կ՚աշխատէր սիրած աղջկանը հասկցնել, որ իրենք երկուքն ալ գիւղացիներու զաւակներ են եւ որ բարոյական պարտաւորութիւն մ՚ունէին կատարելիք այդ ժողովուրդին հանդէպ։ Իրենց նպատակը միայն անձնասէր կեանք մը չէր լինելու, այլ պէտք էր որ միասին երթային դէպի գաւառ, երբ ինքն աւարտած համալսարանը՝ վերադառնար։

Անգին Սոնիա, խօսքը վերջացուց տղան, մենք միասին պէտք է երթանք հայ ժողովուրդին ծառայելու։ Հոն, հայրենի երկրին մէջ կը շինենք մեր բոյնը, եւ մեր երջանկութիւնը կը հաստատենք աւելի լայն հիմունքներու վրայ, քան քաղաքներու եսասէր կեանքը։

Ի՞նչ, Ղափա՞ն, հեգնանքով հարցուց աղջիկը՝ այլեւս անկարող համբերելու, այդ կորած երկի՞րը…

Ղափան կամ ուրիշ տեղ մը մեր երկրի մէջ, հաշտարար ձայնով պատասխանեց Վարդանը, ժամանակով Ղափանը Հայաստանի ամենուժեղ նախարարութիւններէն մէկուն մասն էր, պատմական Սիւնեաց աշխարհին…

Բաւական է, ոտքի ցատկեց աղջիկը ջղայնացած, նորէն հայ ժողովուրդ, Հայաստան, մարդու զահլէն կ՚երթայ անվերջ այդ անունը լսելով։ Խնդրեմ, ալ չխօսիս, ինչպէ՜ս տրամադրութիւնս փճացուցիր։ Անշուշտ պիտի երթաս շարունակելու, բայց մտքէդ հանէ այդ քու Հայաստանը։ Մենք Պաքու պիտի երթանք… Հայրիկս կ՚օգնէ քեզ… մեծ գործերու կը ձեռնարկես… Չէ՛, չե՛մ ուզեր որ շարունակես քու պատմութիւնդ։

Յանկարծ նկատեց Վարդանի դէմքի տխուր ու ցաւագին արտայայտութիւնը եւ մօտենալով անոր՝ սկսաւ մազերուն հետ խաղալ։

Վարդա՛ն, նազանքով, խօսեցաւ Սոնիան, դու խոշոր երեխայ մ՚ես, դեռ գնա՛ ուսանելու, շատ բան կը փոխուի մինչեւ աւարտելդ… Սգաւորի նման դէմքդ մի կախեր։ Նու, ժպտա՛, կ՚ուզեմ որ ժպտաս, եւ դէմքը մօտեցուց տղու շրթներուն. ա՛յ այդպէս, այլեւս չես խօսիր այդ հարցի մասին, ի զուր է։ Հիմա հաշտուեցանք… Օ՜ որքա՜ն ծաղիկներ կան, ինքն իր վրայ դառնալով Սոնիան՝ գլխուդ պսակ մը շինելու համար…

Ու հեշտութեամբ ցատկեց ցանկապատի վրայէն եւ նստաւ կանաչին վրայ։

Էս որքա՜ն ծաղիկներ… Այ քեզի ապրիմ-մեռնիմ մը, բռնէ՛. ու ծաղիկը նետեց Վարդանին, փորձէ տես՝ խե՞ր կուգայ թէ շառ…

Աղջիկը թէ՛ կը խօսէր եւ թէ՛ հաւաքած ծաղիկներով ու տերեւներով պսակ մը կը հիւսէր։

Վարդանը մտազբաղ երեւոյթ մ՚առած էր։ Ա՜խ ինչպէս կ՚ուզէր, որ Սոնիան ալ իր նման մտածէր, իր նման ոգեւորուէր հայրենիքով, հայ ժողովուրդով, ազգին ծառայելու գաղափարով։ Իր սիրած աղջկան անտարբերութիւնը եւ հակառակիլը իր ծրագիրներուն՝ նոր բան մը չէր սակայն։ Այդ հարցի մասին շատ անգամներ խօսած էին, երկարօրէն վիճած իրարու հետ, առանց վերջնական համաձայնութեան մը գալու։ Այդ անհասկացողութիւնը միակ խաւար կէտն էր Վարդանի պայծառ հոգիին մէջ։

Սոնիա, մենք շատ ուշացանք, ձայնեց տղան, Եւգինը մեզ կը սպասէ։

Վայրկեան մ՚ալ, արդէն վերջացաւ։ Տէ՛, հիմա գլուխդ մօտեցուր որ քեզ հայոց թագաւոր պսակեմ, քրքջաց աղջիկը, օ՜, չե՞ս ուզեր, լաւ, իմ գլուխս կը դնեմ…

Իսկական թագուհիի մը նման գեղեցիկ ես, Սոնիա, ըսաւ Վարդան՝ անկարող լրջութիւնը պահելու։

Շա՞տ, շա՞տ գեղեցիկ, աղջիկը կոտրտուելով մօտեցաւ տղուն, ըսէ՛, շատ գեղեցիկ։

Շա՜տ։

Տղան զմայլանքով կը դիտէր ծաղկեպսակով զարդարուն աղջիկը, որ կարծես հէքեաթական հուրի մը լինէր՝ առջեւը կանգնած։ Որքա՜ն գեղեցիկ էր ան, դիւթիչ, ջէյրանի խոշոր աչքերը նազանքով իրեն յառած։

Այնքա՜ն աստուածային գեղեցկութիւն մ՚ես, անգինս, որ երբեմն անբացատրելի վախ մը կ՚ունենամ։

Աղջիկը չհետաքրքրուեցաւ, թէ Վարդանը ինչո՞ւ կը  վախնար։ Նստարանի վրայ ինկաւ տղուն քով եւ իր մտքով տարուած կը մտածէր։ Ա՜խ, ինչպէս կ՚ուզէր, որ այդ գիշեր ինք իսկական թագուհիի մը նման փայլէր եւ բոլոր միւսները նսեմանային իր ճառագայթող գեղեցկութեան առջեւ։ Անշուշտ, Վարդանն ալ շատ հպարտ պիտի լինէր իրմով։ Այս միտքը աւելի զուարթացուց զինք, ու ոգեւորութեամբ Վարդանին դառնալով ըսաւ.

Եթէ գիտնաս թէ որքան հիւրեր պիտի ունենամ այս գիշեր, իշխան Ջաւջաւաձէն եւ Թամարը… Յետոյ Օրլով քոյրերը, կը յիշես չէ՞, մեր դրացի Շուանիձէները… ի հարկէ, հօրաքուրենքս… Վասիլ Քօբցեւը աղջկայ հետ… այն տափակ քթով չեչոտ աղջիկը…

Յետո՞յ…

Իշխան Ալէքսէյը, որպէս թէ անտարբեր վրայ բերաւ Սոնիան՝ աչքի պոչով տղուն նայելով։

Օ՜, այդ բարի պտո՞ւղն ալ։

Խնդրեմ, աղջիկը ոտքը գետին զարկաւ նեղացած, խնդրեմ, չվիրաւորես…

Ես վատ բան չըսի, կարծեմ։

Բայց Վարդանի ձայնին մէջ չոր սառնութիւն մը կար, որ չվրիպեցաւ աղջայ ուշադրութենէն.

Գիտեմ, անտանելի կերպով կը նախանձիս ամէն անգամ, որ կը հանդիպիս անոր մեր տանը մէջ…

Ի հարկէ, ոչ։

Աւելորդ է ուրանալը, աչք չունի՞մ ինչ…

Է՛, լա՛ւ, ճիշդ որ կ՚ուզե՞ս… չեմ հասկնար անոր յաճախակի այցելութեան…

Հասկնալու պէտք չունիս, կտրուկ վրայ բերաւ Սոնիան, առանց թողնելու որ տղան նախադասութիւնը վերջացնէ, եւ ոտքի ցատկելով՝ կանգնեցաւ տղու առջեւ բարկացած, Ի՞նչ, իրաւունք չունի՞մ հիւր ընդունելու։

Ի հարկէ։ Բայց այդ փճացած երիտասարդը…

Սոնիան սաստիկ բարկացած գլխու պսակը գետին նետեց՝ ոտքովը տրորելով.

Ի՞նչ ըսիր, փճացա՞ծ… ինչպէ՞ս կը համարձակիս։ Քեզ ով իրաւունք տուաւ իմ հիւրերը անպատուել, բարկութենէն սպրդնած դէմքով պոռաց Սոնիան տղուն երեսին, ուրեմն, գիտցիր, որ իշխան Ալէքսէյը մեր տան ամենայարգելի հիւրն է. եւ կը խնդրեմ, չմոռնաս երբեք այս պարագան…

Ա՜, այդ արդէն ուշ բան է, պատասխանեց Վարդանը եւ յօնքերը կիտած՝ լռեց։

Երբ քիչ անցած երկուքը միասին վերադարձան Եւգինէի մօտ, վերջինը անմիջապէս նկատեց երկուքի խռովկան տրամադրութիւնը։

Հը՞, չլինի թէ սեւ կատու մը անցաւ ձեր մէջէն. քէնոտած կ՚երեւիք։

Սոնիան բարկացած գլուխը անդին դարձուց։

Բան չկայ, պատասխանեց Վարդանը՝ յայտնապէս յուզուած, այնպէս աննշան վէճ մը ունեցանք իրարու հետ։

Երեքը միասին քալելով իջան մեծ ճանապարհով դէպի Սոլոլակ։

Ասլանովներու տան առջեւ քոյր եւ եղբայր բաժնուեցան Սոնիայէն, որ դռնէն դերս մտած պահուն խնդրեց.

Շատ չուշանաք։ Եւգին ջան, դու քիչ շուտ եկուր, ու արագ ներս մտաւ դռնէն՝ առանց Վարդանի կողմը նայելու։

Քոյր եւ եղբայր՝ կողք կողքի քալելով տուն հասան, առանց բառ մը փոխանակելու։ Տղան ծայր աստիճան ընկճուած կ՚երեւէր ու բոլորովին անտրամադիր խօսելու։ Եւգինէն կը գիտակցէր որ եղբօր ուղեղին մէջ անզուսպ փոթորիկ մը կը բարձրանար եւ խոհեմութիւն համարեց լռել։

Սոնիայի եւ Վարդանի սիրային կապը նորութիւն մը չէր Եւգինէի համար։ Անհանգստութեամբ հետեւած էր երկուքի աճող զգացումներուն, որոնք դեռ մանկական շրջանէ սկսած էին։ Եւգինէի կարծիքով՝ Սոնիան, իբր հարուստ տան մէկ հատիկ աղջիկը, շփացած ու յարափոփոխ, զուրկ էր հաստատուն նկարագրէ եւ պարզ ալ չէր թէ Սոնիան իրապէ՞ս կը սիրէ Վարդանը։ Այս կասկածը ատենէ մը ի վեր կը չարչրկէր Եւգինէին, որ սակայն ելք մը չէր տեսներ։ Ջերմօրէն կապուած եղբօրը, գիտէր անոր զգացումներու խորութիւնը, յափշտակուող բնաւորութիւնն ու անվերապահ սէրը։ Կը սարսափէր մտածելով յուսախաբութեան մը ծանր հետեւանքները։

Շատ անգամ անուղղակի ձեւով Եւգինէն մտերմօրէն խօսած էր եղբօր հետ Սոնիայի մասին։ Աշխատեր էր առանց զգացնելու ցուցնել Վարդանին աղջկայ պակասութիւնները, բնաւորութեամ թեթեւութիւնը, փոփոխամտութիւնն ու սալոնի քօքէթ աղջիկ մը լինելը։ Այս բոլորն ըրած էր շատ զգուշաւոր կերպով, առանց ուղղակի ակնարկութեան, մտերմիկ խօսակցութեան ձեւով։ Բայց տխրութեամբ նկատած էր, որ եղբայրը յստակօրէն տեսնելու կարողութիւնը կը կորսնցնէր, ամէն անգամ երբ խնդիրը կուգար Սոնիային։ Այլեւս բան մը չէր մնար ընելիք Եւգինէին, բայց եթէ համակերպիլ կացութեան եւ հեռուէն հեռու հետեւիլ իրերու ընթացքին։

Տուն հասնելուն պէս, Վարդանը ուղղակի քաշուեցաւ իր սենեակը, երկնցաւ մահճակալի վրայ  եւ գլխին տակ առնելով թեւերը՝ անորոշ հայեացքով աչքերն ուղղեց դէպի առաստաղը ու վրդովուած սկսաւ մտածել այդ օրուան միջադէպի մասին։ Եղածը նոր բան մը չէր սակայն։ Բազմաթիւ անգամներ կռուած էին իրարու հետ։ Անախորժ խօսակցութիւններ ու վէճեր օրերով բաժնած էին զիրենք։ Բայց ոչ մէկ անգամ Վարդանի ինքնասիրութիւնը այնքան չէր վիրաւորուած, որքան այդ օրը։ Վարդանի կարծիքով, այդ փճացած երիտասարդը, որու միակ շնորհքը արտաքին տեսքն էր ու ազնուական ծագումը, ինչպէ՞ս թէ «ամենայարգելի հիւրը» կրնայ լինել իր Սոնիայի համար, որ այնքա՜ն խելօք, լուրջ եւ դատելու կարող աղջիկ մ՚էր։

Չես գիտեր ո՞րտեղէն, վեց եօթ ամիսներ առաջ երեւան եկաւ այդ երիտասարդը։ Վրաց ազնուականներու քլըպին մէջ անգամ մը ներկայացուեր էր Պեոտր Կարպովիչին։ Այդքանը բաւական եղած էր, որ իշխան Ալէքսէյ ջրի ճամբայ դարձնէր Ասլանովներու տունը։

Վարդանին՝ աւելի շատ կը վիրաւորէր Պեոտր Կարպովիչի կողմէ այդ լպստած երիտասարդին հանդէպ ցոյց տրուած սիրալիր ընդունելութիւնը։ Պեոտր Կարպովիչը ոչ միայն կը թոյլատրէր, այլ եւ կը քաջալերէր անոր այցելութիւնները՝ շատ անգամներ ընթրիքի ալ պահելով զայն։