Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՈՐԾՈԹԻ ԿՌԻՒԸ

Ուրանցցի Յակոբը, գոմէն դուրս եկած, առաջնորդեց խումբը։ Բաւական տեղ ձորամէջէն քալելէ վերջ, ան կանգ առաւ, սողոսկելով բարձրացաւ ձորի ձախ եզերքով, ու չորս կողմը քննեց։

Ինչպէս ըսինք, Յակոբը հին զինուոր մ՚էր, բազմաթիւ անգամներ կռուի բռնուած քրտերու հետ, ծանօթ անոնց ռազմական ձեւերուն, կռուելակերպին։ Երբ նկատեց Անձաւի եւ Աղպուլախի կողմերէն ձիաւոր քրտերու դէպի սարը բարձրանալը, այլեւս պարզ էր իրեն համար որ, խումբը հնարաւորութիւն պիտի չունենար քրտերէն առաջ սարի գագաթը բարձրանալու։ Ուրեմն կը մնար, որ յարմարաւոր դիրք մը գտնային այդ տեղ, մինչ մթնելը կռուէին ու յետոյ աշխատէին հետքերնին կորսնցնել։

Դժբախտաբար յարմար դիրք մը չկար։ Եղածը փոքր քարքարուտ բլուր մ՚էր։

Յակոբ վար իջաւ խմբի մօտ։

Է՜, հիմա ի՞նչ, հարցուց Գէորգը։

Յակոբ երկու խօսքով բացատրեց կացութիւնը, գէշ աղէկ այդ քարքարուտ բլուրը բռնելու էին։ Նիկոլի տասնեակը հետեւեցաւ Յակոբին, մինչ Գէորգը խմբի մնացեալ տղոց հետ, քսան երեսուն քայլն ետ մնաց՝ ձորի եզերքը բարձրանալով ու հոն տափելով գետին։

Յակոբը եւ իր տղաքները բաւական մը տեղ աննկատելի կերպով յառաջացան։ Երբ հասան այն տեղ, ուր թշնամին արդէն կրնար նշմարել զիրենք, հրացանները պատրաստ բռնած, որքան որ կրնային, արագ սկսան վազել դէպի բլուրը։ Ամէն կողմէ միաժամանակ հրացանաձգութիւնը սկսաւ։ Տղաք, առանց պատասխանելու վազեցին եւ Բլուրի ստորոտը հասան, ինչպէս նախօրօք որոշուած էր, ու մինչ Նիկոլն եւ հինգ ուրիշներ բլուրի ստորոտը դիրք մտնելով սկսան աջ ու ձախ մօտեցող քրտերու վրայ կրակել, Յակոբը մնացեալ տղայոց հետ յաջողութեամբ բարձրամալով բլուրի գագաթը, իր կարգին սկսաւ իրարու յաջորդող համազարկերով ետ մղել ամենամօտ գտնուող քիւրտ ձիաւորները։

Գէորգը խմբէն քիչ առաջ անցած երկնցեր էր գետնի վրայ ու սրտատրոփ կը հետեւէր Յակոբի շարժումներուն։ Երբ Յակոբէն վերջ Նիկոլն ալ ընկերներով բարձրացաւ բլուրը առանց դժուարութեան, Գէորգը ձեռքով նշան ըրաւ խմբին, որ պատրաստ գտնուին։ Անմիջապէս ոտքի ցատկեց ու վազեց դէպի բլուրը, որ հարիւր քայլ հեռաւորութիւն մը ունէր։ Խումբի տղաքը առանձին տասնեակներով կրնկակոխ հետեւեցան անոր։

Դժոխային հրացանաձգութիւն մը սկսաւ քրտերու կողմէն, բայց Յակոբն ու իր ընկերները այնպիսի կանոնաւոր համազարկեր բացին թշնամիին վրայ, որ քրտերը գնդակի հասողութեան սահմանէն դուրս փախած՝ պարզապէս աղմկելու կամ իրար քաջալերելու համար հրացան կը պարպէին։

Ամբողջ խումբը մէկտեղուած էր։ Բլուրի վրայի քարերը պատսպարուելու յարմարաւոր դիրքեր էին։ Գէորգը վերցուց բլուրի դէպի Գործոթ նայող կողմը, իսկ Ուրանցցի Յակոբը դիրք բռնեց հակառակ ուղղութեամբ։ Ամէն զինուոր իր դիրքը շտկեց, քարերով ամրացուց առջեւը, ու պառկած վիճակի մէջ, համբերութեամբ սպասեց իրերու ընթացքին։ Արդէն շատ բան ալ չկար ընելիք, պիտի սպասէին մթնելուն։ Խստիւ արգիլուած էր առանց հրամանի կրակելը, իսկ կրակելու պարագային քրտերը վնասելէ աւելի պիտի աշխատէին զանոնք հեռու պահել։ Գէորգը վճռականապէս հակառակ էր իրական կռիւ մը ունենալու գաղափարին, կ՚ուզէր բաւականանալ ինքնապաշտպանութեամբ, մինչեւ որ հնարաւոր լինէր աննկատ կերպով հեռանալ։

Քրտերը երեք կողմով շրջապատած էին բլուրը, շատ խոշոր մահիկի մը նման, միայն ձորի կողմը ազատ կը մնար, որ ռազմական կարեւորութիւն չունէր։ Ըստ իրենց ռազմական սովորութեան, անոնք անընդհատ կը կրակէին, դիրքէ դիրք կ՚անցնէին եւ հետզհետէ կը սեղմէին բլուրի շուրջ կազմուած օղակը։ Իսկ բլուրը կենդանութեան նշան մ՚իսկ չէր ցոյց տար։ Կարծես մարդ չլինէր հոն։

Պարոն Գէորգ, ձայն տուաւ առաջաիոր դիրքերէն զինուոր մը, ձորի կողմէն երկու զինուած մարդիկ կ՚երեւին։

Գէորգը դիտակը շտկեց դէպի եկողները, որոնք ձորէն նոր դուրս կուգային։ Զինուած մարդիկ էին, զգեստներէն դատելով՝ հայեր։ Իրենց փնտռտուքի ձեւէն Գէորգը եզրակացուց, որ խմբին միանալու եկած էին։ Կարգադրեց, որ տղաքը քրտերը զբաղած պահեն՝ պատեհութիւն տալու այդ մարդոց անվնաս բլուրը բարձրանալու։

Յանկարծ, մինչ այդ անկենդան գրեթէ մեռած բլուրը կենդանացաւ։ Կանոնաւոր համազարկեր արագօրէն իրարու սկսան յաջորդել։ Մօտաւոր դիրքերու քրտերը գետին տափեցան, իսկ ձիաւորները ձիերու գլուխը դարձուցած՝ արագօրէն հեռացան։

Մկօն ու Սագօն էին ձորէն դուրս եկողները։ Փոքր տարածութիւնը վազէ վազ կտրելով՝ անոնք բլուրն ի վեր մագլցեցան ու ապահով հասան տղոց մօտ։

Գէորգը նստած էր մեծ ժայռի մը տակ, որ տիրապետող դիրք մ՚ունէր բլուրի վրայ։ Երկու երտասարդները քարէ քար սողալով մօտեցան անոր։ Ֆետայիներու հրացանաձգութիւնը դադրեցաւ, ու նորէն բլուրը ստացաւ նախկին լուռ, գրեթէ անկենդան կերպարանքը։

Ինչո՞ւ եկա՛ք, դէմքը խոժոռած հարցուց Գէորգը, չէի՞ք գիտեր, որ արգիլուած է գիւղի զինական խմբերուն, առանց հրամանի, օգնութեան երթալ կռուող խումբի մը։

Երիտասարդները գլուխնին կախեցին եւ լուռ մնացին։ Անշուշտ Գէորգը աւելի քան ուրախ էր անոնց գալովը. խումբը Կորթկանցի տղոց մեկնելով առանց վալատներու մնացած էր, իսկ այդ երիտասարդները, որպէս տեղացիներ, շրջակայքին լաւ ծանթ լինելու էին։ Եթէ միմիայն գիւղի գործադիր մարմինը ղրկած լինէր զանոնք, Գէորգը ըսելիք չէր ունենար, բայց իրենք իրենց գլխուն այդպիսի քայլ մը առնելնին հակակարգապահական բան մըն էր, ուստի Գէորգը բարկացած յանդիմանեց երիտասարդները։

Ինչ որ է, եղածը եղած է, մէկ երկու օրէն պէտք է ետ վերադառնաք։

Ես այլեւս երբեք գիւղ չեմ վերադառնալու, վճռական ձեւով մը յայտարարեց Սագօն, ու գլուխը բարձրացնելով ուղիղ Գէորգի աչքերուն նայեցաւ։

Ի՞նչ, ինչո՞ւ համար։

Ես Մուղսիի տղան եմ, մռայլ հանդարտութեամբ պատասխանեց Սագօն, հայրս ձեզ մատնեց, ես եկայ ձեզ հետ միասին կռուելու։

Օ՜, ու Գէորգը անմիջապէս գլխի ինկաւ տղու հոգեկան ապրումներուն եւ ուշադրութեամբ նայելով Սագոյի պայծառ առնական դէմքին, ձեռքը երկնցուց անոր, Իրաւունք ունիս, քու տեղդ մեր մէջն է։ Անո՞ւնդ։

Սագօ է։

Քո՞նը։

Մկօ՛։

Լաւ, Մկօ, դու անցիր Յակոբի մօտ, իսկ դու, Սագօ, քովս կը մնաս։

Մինչեւ կէս օրէ վերջ, ժամը երկուքը սովորական հրացանաձգութեամբ մը բաւականացան քրտերը։ Երբեմն խումբ մը ձիաւորներ յանդուգն կերպով կիսաշրջան մը կը դառնային եւ կ՚անցնէին բլուրի քովէն՝ հրացանները պարպելով։ Բայց ժամը երկուքէն վերջը, քրտերը, ինչպէս կ՚երեւի, լրջօրէն սկսան մտածել յարձակման դիմելու մասին։

Հազարէ աւելի էին ձիաւոր թէ հետեւակ քրտերը, ու դեռ ճամբաներուն վրայ կ՚երեւային խմբերով զինուած մարդիկ, որոնք կ՚աճապարէին կռուի վայրը հասնիլ։ Հեռուէն հեռու կը լսուէր քրտական գիւղերու հաւարը։ Թմբուկները անվերջ կը տմբային, ու ամրոցի խուլ եւ տարածուն ձայնը գիւղէ գիւղ կ՚անցնէր հեռագրաթելի մը նման, ոտքի հանելով ռազմիկ քրտութիւնը։ Հազիւ կէս օր եղած՝ արդէն Պօղազ-Քէսէնի, Ապաղայի, նոյն իսկ Արճէշի կողմերէն ձիաւոր քրտեր հասած էին կռուի վայրը։ Ժամը երկուքը անցած էր, երբ Քէօշկ գիւղի ճամբուն վրայ երեւցան ձիաւորներու խիտ բազմութիւն մը։ Այդ բազմութեան երեւան գալը մեծ ոգեւորութիւն առաջացուց բլուրի շուրջը հաւաքուած քիւրտ ռազմիկներուն մէջ։ Կարծես այդ պայմանադրական նշան մը եղած լինէր, կռուի աչքակապուկ կերպարանքը փոխելու համար։ Ամէն կողմէ ձիաւոր թէ հետեւակ՝ սկսան վրայ տալ իրենց հրացաններու գոռում գոչումով օդը թնդացնելով։ Ամենէն աւելի սարի լանջին դիրք բռնողները կը նեղէին տղաքը։ Անոնց դիրքերը թէեւ բաւական մը հեռու էին, բայց աւելի բարձր, վերէն վար կը խփէին՝ անկարելի դարձնելով բլուրի վրայ որեւէ ազատ շարժում։

Ֆետայիները հազիւ երբեմն կը պատասխանէին քրտերու տեղացող գնդակներուն, այն ալ երբ իրենց լռութենէն երես առած քրտերը կ՚աշխատէին բլուրի մօտ դիրքեր բռնել։ Գէորգը, կկզած ժայռի մը տակ, դիտակով կը հետեւէր Քէօշկի ճամբով եկող բազմութեան շարժումներուն։ Հեռաւորութեան պատճառով, առաջի բերան, սեւ զանգուածի նման անորոշ բան մը կ՚երեւէր, բայց ժամանակ մը վերջը Գէորգի համար արդէն պարզ էր որ ձիաւորներ էին, որոնք կանոնաւոր շարքերով կը յառաջանային։

Նիկոլի տասնեակը Գէորգի աջ կողմը, բլուրի կէս մէջքին դիրք բռնած էր։ Տղաքները փոքր տարածութեան մը վրայ ցրուած էին, ամէն մէկը քարի մը ետեւ դիրք մտած։ Յակոբը Նիկոլէն չորս հինգ քայլ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր, մէկ կողմը Թոփալ Սատանան, իսկ միւս կողմը՝ Առիւծ Գեւօն, Երբ խումբի տղաքը Գէորգի սուլիչի ձայնը առնելով ոգեւորուած կը սկսէին կրակել, առաջացող թշնամիի վրայ, անմիջապէս Նիկոլի հանդարտ ձայնը կը լսուէր։

Տղա՛ք, խնայեցէ՛ք փամփուշտը։

Նիկոլի ձայնը պաղ ջրի նման կ՚իջնար տղոց գլխուն, մասնաւորաբար Յակոբը կը սրտնեղէր այդ յիշեցումէն։

Տօ, համ կռիւ է, համ կռիւ չէ, ինքնիրեն կը քրթմնջար Յակոբը, որ գնդակ կ՚արձակես, կ՚արձակես խփելու համար, խօմ հարսնիքի չենք եկած…

Սո՛ւս, կամաց խօսէ, պարոն Գէորգը չլսէ, քարի տակէն գլուխը վեր բարձրացնելով ըսաւ Թոփալ Սատանան, պատուիրուած է քրտերը հեռու պահել. եթէ կարելի լինի, առանց արիւնահեղութեան։

Հա՛, կարծես ճանճ լինին, որ հեռու պահենք… քրթմնջաց Յակոբը, տօ՛, Առիւծ, բդրուճ մը հաց կը գտնուի՞ չանթայիդ մէջ, խեղճացած հարցուց Յակոբը, որու դէմքը երկարած, աչքերը դուրս ինկած էին։

Հա՛յ, հօ՜, որ թեքիա մը հաց լինէր… ինքս կ՚ուտէի, թուքը կուլ տալով ըսաւ Առիւծ Գեւօն։

Չոռ ու ցաւս ուտէիր… տօ, Սատանայ, դու բան մը կ՚ունենաս…

Թոփալ Սատանան այդ միամիտ հարցումին պատասխան մ՚իսկ վայել չըրաւ։ Յակոբն ալ գիտէր, որ ընկերները իրեն նման անօթի էին երկու օրէ ի վեր, իսկ եթէ կը հարցնէր, այդ աւելի սովորութիւն մը եղած էր իրեն համար։ Սրտնեղած՝ չանթան վեր վար դարձուց, ի հարկէ հացի փշրունք իսկ չէր մնացեր հոն, ու զայրացած ինքնիրեն մրթմրթաց.

Հայաստան, հա Հայաստան, քու մէրը չմեռնի… գէթ փոր մը կուշտ հաց ուտէինք…

Համբօն, որ Առիւծ Գեւոյի միւս կողմը դիրք բռնած էր, աչքերը արագ արագ բաց ու խուփ ըրաւ, ձայն մը հանեց, որ աւելի գազանի մռնչիւնի կը նմանէր, բռունցքը խածաւ ու սկսաւ երեխայի նման ծիծաղիլ։

Հա՛, ծօ աւանակ, քեզի ի՞նչ գրողս դիպաւ, բարկացաւ վրան Յակոբը։

Փորս անօթի՜ է, ծիծաղը շարունակելով ըսաւ Համբօն՝ զարմացկոտ աչքերը խփելով։

Ծօ, մի՜ ըսեր, վախ քոռնամ ես, կտոր մը գաթա կ՚ուզե՞ս, ու Յակոբը քարի կտոր մը նետեց անոր կողմը։

Լսուեցաւ Գէորգի սուլիչի ձայնը։

Ուշադրութիւն, ձայնեց Նիկոլը։

Ամէն մէկը հրացանը ուսին՝ պատրաստ սպասեց։ Հարիւրի մօտ ձիաւոր քրտեր սրարշաւ կը մօտենային։ Տանկ, տանկ, տանկ, գոռացին հրացանները։

Տղաք, փամփուշտը խնայեցէք, լսուեցաւ Նիկոլի հանդարտ ձայնը։

Գէորգը դիտակը աչքէն վար առաւ եւ յօնքերը կիտած՝ սկսաւ մտածել։ Քէօշկի ճամբու վրայ երեւցող ձիաւորները ճանբան շեղած էին դէպի Գործոթ եւ արագօրէն կը մօտենային։ Կանոնաւոր բանակի հեծելագունդէն հարիւրեակ մ՚էր այդ, որուն ետեւէն Կրուպի երկու թնդանօթներ կուգային, երեքական զոյգ ձիեր լծուած երկաթէ կառքերուն։

Առջի գիշեր, երբ Կորթկանի հաւարը փրթաւ, եւ քիչ ժամանակի մէջ լուրը Բերկրի հասաւ, տեղի միւտիրը անմիջապէս եղելութիւնը հեռագրեց Վան՝ օգնութիւն խնդրելով։ Քաղաքէն, կէս գիշեր չեղած՝ հեծելագունդ մը եւ երկու թնդանօթ ճամբայ հաներ էին դէպի Բերկրի։ Ահա այդ կանոնաւոր հեծելագունդն էր որ սրարշաւ կը մօտենար կռուի վայրին։

Բլուրէն մօտ երկու հազար հինգ հարիւր քայլ հեռաւորութեան վրայ, ձիաւորները կանգ առին՝ ճամբայէին դէպի ձախ թեքուելով։ Հոն փոքր բարձրութեան մը ետեւ տեղաւորեցին թնդանօթները։ Կռիւը ժամանակաւոր կերպով դադրեցաւ։ Հազիւ հոս ու հոն հրացանի ծուխ մը կ՚երեւար եւ հեռաւոր թնդիւն մը։ Բազմաթիւ քիւրտ ձիաւորներ հաւաքուեցան թնդանօթներուն շուրջը, ուր բարձրութեան վրայ կեցած հեծելագունդի հրամանատարը կարգադրութիւններ կ՚ընէր։

Ժամը չորս անց էր։ Գէորգը կարգադրեց, որ տղաքը հնարաւոր եղածին չափ իրարմէ հեռու դիրքեր բռնեն։ Եթէ միայն մէկ երկու ժամ ալ անցնէր, տղաք խաւարէն օգտուելով կրնային հեռանալ, բայց մինչեւ այդ անշուշտ ծանր կռիւ մը պիտի պատահէր։ Տղոց բռնած բլուրէն մօտ երեք չորս հարիւր քայլ հեռաւորութեան վրայ, թնդանօթներու եւ տղոց դիրքերու միջեւ, բլրակ մը կար, հազիւ քսան ոտք բարձրութեամբ։ Գէորգը մտազբաղ, աչքը այդ դիրքին յառած՝ մնացեր էր։

Նիկոլ, տասնեակը պատրաստ պահէ ինձ հետեւելու, պոռաց ան՝ միաժամանակ կարգադրելով որ Ուրանցցի Յակոբը մօտը գայ։

Խմբի երկու պատասխանատու ղեկավարները մէկտեղ եկան եւ կարճ խորհրդակցութիւն մը ունեցան։ Յակոբը մնաց Գէորգի տեղը, իսկ Գէորգը վար սողալով մօտեցաւ Նիկոլի դիրքին։

Հրացանաձգութիւնը բոլորովին դադրած էր։ Քիւրտ ձիաւորները մեծ շարժման մէջ էին։ Մէկ մասը ձիերը սրարշաւ քշելով կը բարձրանար Գործոթի սարի լանջերը, դէպի վեր տղայոց փախուստի ճամբան կտրելու համար։ Ուրիշ խոշոր մաս մը, հեծելազօրի յիսնեակի հետ մեծ շրջան մը ընելով, դիրք բռնեց տղայոց բլուրի ձախ կողմը, Աղպուլաղի ուղղութեամբ։ Մնացածները թնդանօթներու մօտ մնացին, իսկ հետեւակ կռուողները ձիաւորներու արանքը լեցուցին՝ բռնելով ամէն բարձրութիւն եւ քար, որ կրնար որպէս դիրք ծառայել։

Ուրանցցի Յակոբը ժայռի տակ պառկած ուշադիր կը հետեւէր թշնամիի շարժումներուն։ Երբ բարձրութեան վրայէն հեծելազօրքի հրամանատարը տեղը փոխելով՝ աւելի մօտաւոր հողաբլուրի մը վրայ դիրք բռնեց, Յակոբի համար պարզ էր, որ կռիւը շուտով պիտի սկսի։ Կուրծքէն կախուած սուլիչը շրթներուն տանելով երկու անգամ սուլեց։

Ուշադրութի՛ն, ուշադրութի՛ւն, խումբէ խումբ միեւնոյն հրամանը կրկնուեցաւ։

Ֆետայիներ, շունչերնին բռնած եւ հրացաններու փողերը դէպի թշնամին ուղղած՝ սպասեցին քարացածի պէս։

Յանկարծ թնդանօթները իրարու ետեւէ գոռացին։ Այդ ազդանշան մը եղաւ քրտերու համար, որոնք սարսափելի գոռում գոչումով սկսան հրացանները կրակել։ Բայց անոնց արձակած գնդակները բլուրի փէշերուն իսկ չէին հասներ։ Հակառակ ատոր անոնք անընդհատ կը շարունակէին կրակել։ Թնդանօթի գնդակները անախորժ վզզոցով մը անցան բլուրի վրայէն ու խրուեցան սարալանջի կակուղ հողին մէջ։

Ֆետայիները լուռ մնացին։

Հրացաններու տրաք-տրոքոցի մէջ երկրորդ անգամ մ՚ալ գոռացին թնդանօթները։ Ռումբերը բլուրի առջեւ հողի մէջ խրուեցան՝ փոշիի ամպեր բարձրացնելով։ Չորս կողմէն գնդակներու կարկուտ մը կը տեղար բլուրի ուղղութեամբ։

Երբ երրորդ անգամ գոռացին թնդանօթները, ռումբերը շառաչելով բլուրի գագաթը զարկին՝ հողի եւ քարի կտորներու անձրեւ մը թափելով ֆետայիներու գլխուն։ Ճիշդ այդ պահուն կանոնաւոր զօրքը, հետեւակ եւ ձիաւոր քրտերը, որոնց թիւը հետզհետ աճելով առնուազն երկու հազարի հասաւ, ամէն կողմէ վրայ տուին։ Գարնան հեղեղ մը լինէր կարծես, որ հունէն դուրս ինկած՝ խօլական թափով կ՚առաջանար։

Ֆետայիներու բլուրը գերեզմանատան մը նման լուռ եւ անշարժ կը մնար։

Թնդանօթները անընդհատ կը գոռային։ Քրտերը կը մօտենային՝ անվերջ կրակելով։ Հազար քայլի վրայ էին։ Բազմութիւնը ալիք ալիք կը մօտենար, ձիաւորները առջեւէն, իսկ հետեւակները անոնց ետեւէն։ Կը թուէր թէ ոչ մէկ ուժ կրնար կասեցնել անոնց առաջխաղացումը։

Բլուրը կը շարունակէր լուռ մնալ։

Հրացաններու բոմբիւնէն աւելի քրտերու աղաղակներն ու հայհոյանքները լեցուցած էին օդը տեւական գոռոցով մը։ Վեց հարիւր քայլի վրայ կը գտնուէին արդէն։ Զգալի տարածութիւն մը առաջացեր էր ձիաւորներու եւ հետեւակներու միջեւ, երբ կրկին լսուեցաւ Ուրանցցի Յակոբի սուլիչին ձայնը։

Կարծես թէ յանկարծ դժոխքի դռները բացուեցան։ Թնդանօթներու եւ քրտերու հրացաններու գոռոցին միացաւ մոսին հրացաններու մետաղական չոր ձայնը։ Ֆետայիներու համազարկերը իրարու կը յաջորդէին այնքան արագ, որ կարծես գարնան անկտրուկ որոտում մը լինէր։ Յարձակողներու առաջապահները իրար անցան։ Շատերը տատամսոտ, սկսան ետ ու առաջ շարժիլ։ Բազմաթիւ ձիեր ինկան. ոմանք առանց ձիաւորի գլուխնին վեր տնկած, աջ ու ձախ սկսան փախչիլ։ Հոս ու հոն սպաննուածներու դիակներ կ՚երեւէին, իսկ վիրաւորները փորսող տալով կ՚աճապարէին ետ քաշուիլ։

Նիկոլի տասնեակը հրացաններու կրակը կեդրոնացուցած էր հեծելագունդի այն մասին վրայ, որ քրտական հոծ բազմութեան մը գլուխը անցած՝ ուղիղ ճակատէն կը յարձակէր բլուրին վրայ։ Հակառակ դեդեւող շարքերուն, հեծելագունդի երիտասարդ սպան, սուրը քաշած, գունդի առջեւէն կը քշէր իր ձին՝ անձնական օինակովը քաջալերելով հետեւորդները։

Տօ՛, Յակո՛բ, գնդակ մը հասցուր, պոռաց Նիկոլը։

Մեր քանաքեռցի Յակոբը, որ գազանի մը կատաղութեամբ կը կռուէր՝ բոլորովին մոռցած անօթութիւնը, խմբի լաւագոյն նշանաձիգն էր, Նիկոլի կանչը լսելէ եւ վայրկեան մը յարձակողները դիտելէ վերջ, ձիաւորներու մէջէն ջոկեց սպան ու նշան բռնելով հրացանը արձակեց։ Երիտասարդ սպան, յանկարծ սուրը ձեռքէն բաց թողնելով, թեւերը տարածեց ու թաւալգլոր ինկաւ ձիէն, շանթահարուածի նման։ Ձիաւորները, որոնք չորս հարիւր քայլի վրայ էին, կանգ առին, ու վայրկեան մը տատամսելով՝ ձիերու գլուխները դարձուցին ու սրարշաւ հեռացան, հետեւակներն ալ ետեւնէն։

Ռազմիկներու օղակը, որ այնքա՜ն վտանգաւոր կերպով նեղցեր էր բլուրի չորս կողմը, արագութեամբ սկսաւ լայնանալ, մինչ տղաքը անընդհատ կը շարունակէին կրակել։

Տղաք, ետեւէս, ու Գէորգը դիրքէն դուրս ցատկելով՝ բլուրն ի վար վազեց, Նիկոլն ու տասնեակն ալ ետեւէն։

Դեռ թշնամին խելքի չեկած, տղաքը Գէորգի ղեկավարութեամբ վազեցին չորս հինգ րոպէ եւ գրաւեցին թնդանօթներու ուղղութեամբ գտնուող հողաբլուրը։ Հոն հասած, ով ինչպէս կրցաւ դիրք մը բռնեց։ Անմիջապէս բուռն եւ արագ համազարկերով սկսան ծեծել թնդանօթներու կեցած տեղը, ուր անհնարին իրարանցում մը սկսաւ։ Մինչեւ որ թնդանօթները կրցան հեռացնել ապահով հեռաւորութեան մը վրայ, Գէորգն ու ընկերները առանց նեղութեան վերադարձան նախկին դիրքը։

Տղայ Յակոբ, հոգածու շեշտով մը հարցուց Նիկոլը՝ ընկերոջ կաղալը տեսնելով, տօ, չլինի՞ թէ վիրաւորուած ես։

Մէրդ չմեռնի՜, դու մէկ դատարկ ստամոքսիս մասին հարցուր, վէրքը յետոյ։

Ժամը հինգը անցած էր։ Կամաց կամաց իրիկնադէմի մթնշաղը սկսաւ ծանրանալ երկրի վրայ։ Թշնամիի հրացանաձգութիւնը կը շարունակուէր։ Տղաք հազիւ երբեմն կը պատասխանէին։

Քիւրտը գիշերուան խաւարով չի կռուիր։ Երբ խաւարը բոլորովին պատեց, անոնք խումբերու բաժնուած, զանազան դիրքերու վրայ անշարժ մնացին, հակառակ զինուորական հրամանատարի աղաչանքին, սպառնալիքին, որ ընդհանուր յարձակում մը փորձեն։

Ֆետայիները երկու սպաննուած ունեցեր էին, երեք հատ ալ թեթեւ վիրաւորներ։ Ինկածներու զէնքերն ու փամփուշտակալները վերցնելով անոնք առանց աղմուկի իջան բլուրէն վար։

Ուրանցցի Յակոբի հետ Սագօն ու Մկօն առաջ անցան եւ դէպի ձորը ուղղուեցան, մինչ Գէորգը խմբի հետ քսան քայլի վրայ կը հետեւէր անոնց։ Ամպամած խաւար գիշեր մ՚էր։ Խումբի այդ յանդուգն քայլը կրնար աղիտաբեր լինել, եթէ հանդիպում մը ունենային թշնամիին հետ։ Բարեբախտաբար ձորը ամայի էր։ Քրտերը չէին կրնար երեւակայել իսկ թէ ֆետայիները կրնան ձորը իջնալ, մօտենալ գիւղին, ուր հարիւրաւոր քրտեր իջած էին՝ հանգստանալու եւ գիշերելու համար։

Խումբը քառորդ ժամէ մը հասաւ քանդուած գոմի քով։ Հոդ՝ ձախ թեւի վրայ ձորէն դուրս գալով՝ ան ուղղուեցաւ դէպի Աղպուլաղի լեռնանցքը։ Ճանապարհէն դուրս եկած, լեռներու փէշերով կը քալէին, խորտ ու բորդ գետնի մը վրայ։ Ցերեկը, կռուի ժամանակ տղաք բոլորովին մոռցած էին, որ յոգնած են, որ երկու օրէ ի վեր բան մը չեն կերած։ Բայց անգամ մը լեռնանցքի դժոխային զառիվերը ձեռք առած, կրկնակի խստութեամբ զգացին իրենց յոգնածութիւնը, որ ա՛լ աւելի զգալի կը դառնար անօթութեան հետեւանքով։

Ահագին ծանրութիւն մը վրանին, տղաք արիւն քրտինք մտած՝ գլուխնին կախ կը քալէին, գերագոյն ճիգ մը թափելով իրարմէ ետ չմնալու, ժամ առաջ լեռնանցքը անցնելու։ Եթէ միայն կարողանային ճանապարհով երթալ, այդ թերեւս տանելի լինէր։ Բայց սարերով երթալ. բազմաթիւ ձորեր անցնիլ, ոտք դրած տեղը չիմանալ, այդ աւելի քան սպառիչ էր, ու խբմբի ամենէն տոկուններու համար իսկ դժուար։

Երկու տեղ ստիպուած կանգ առին՝ քիչ մը հանգստանալու համար, մինչ խումբը ահագին ճանապարհ ունէր կտրելիք, մինչեւ որ հայկական շրջանը հասնէր։ Գործոթէն մինչեւ Աղբուլաղի լեռնանցքը հազիւ երկու ժամուան ճանապարհ լինէր։ Խումբը հինգ ժամէն կտրեց այդ տարածութիւնը եւ, երբ լեռնանցքը շրջեցան ու Փիր-Սոլան քրտական գիւղի մօտ Սեւ գետին մօտեցան, այլեւս շարժելու կարողութիւն չէր մնացեր ոչ ոքի վրայ։ Գիւղէն կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ, գետի եզերքին, տղաքը թափուեցան իրարու վրայ։

Գէորգի եւ Յակոբի համար պարզ էր, որ այդ պայմաններու մէջ Ղզլճա հայկական գիւղը հասնելու մասին պէտք չէ մտածէին արդէն, այլ պէտք է գոհանային լեռներու մէջ թաքստոց մը գտնելով, օր մ՚ալ անօթի մնալը աչք առած։

Կէս գիշերը անցած էր։ Պէտք էր շարժէին, լոյսը չը բացուած լեռնային դիրք մը գրաւելու համար։ Հազիւ հազ կարելի եղաւ տղաքը կրկին ոտքի հանել։ Իրենց առջեւ կը բարձրանար երկրորդ լեռնաշղթայ մը, որ Յաղթայ սարէն բաժնուած՝ կ՚երկարի մինչեւ քաղաք, Շահ-Բազի գիւղի մօտ։

Անհնարին տառապանք մ՚եղաւ խմբի համար այդ վերելքը։ Յոգնած, սոված ու քնատ, հայդուկները քնաշրջիկներու նման օրօրուելով քայլ կը փոխէին։ Միայն Ուրանցցի Յակոբը, երկաթէ կազմուածքով օժտուած մարդ մը, ետ ու առաջ կը վազէր՝ խնդրելու, աղաչելու տղայոց, որ վերջին ճիգ մ՚ալ ընեն, տեղ հասնելու համար։ Իսկ այդ հասնելիք տեղի մասին ոչ ոք, ոչ իսկ Սագօն ու Մկօն յստակ գաղափար մը ունէին։ Թերեւս, խումբը յաջողէր լուսաբացին հասնիլ Խարակոնիս, որ զուտ հայաբնակ հարիւր յիսուն տննոց գիւղ մըն էր, Արչակի լիճի հիւսիսային ափին ինկած։ Իսկ եթէ չհասնէի՞ն…։

Գէորգը վճռականապէս հակառակեցաւ Խարակոնիս երթալու առաջարկութեան։ Երկու օրուան ընթացքին քրտերու հետ ունեցած հանդիպումները ոտքի հանած էին ամբողջ շրջաններու քրտութիւնը։ Կառավարութիւնը աչալուրջ՝ փնտռտուքի ետեւէ էր։ Այդ պայմաններուն մէջ, անշուշտ հայկական գիւղերը մասնաւոր հսկողութեան ենթակայ էին։ Հետեւաբար Խարակոնիս երթալը պիտի նշանակէր պարզապէս ծուղակն իյնալ, եւ պատճառ դառնալ շէն գիւղի մը աւերման։

Երբ, պահ մը հանգստանալով, խումբը նորէն սկսաւ կամաց կամաց շարժիլ, տղաքը զարմանքով նկատեցին, որ փոխանակ լեռնանցքէն դէպի դաշտ իջնալու, Յակոբն ու վալատները դէպի արեւելք ուղղուեցան, լեռնաշղթային գագաթները քերելով։ Ընդհանուր յուսալքում մը տիրեց։ Տղաքը փսփսալով իրարու կը հարցնէին, թէ ինչո՞ւ համար հակառակ ուղղութեամբ կ՚երթային վալատները։ Գլուխնին կախած, յոգնած ոտքերնին դժուարութեամբ փոփոխելով, բոլորն ալ առանց ձայն ձուն հանելու կ՚երթային, անապատի մը մէջ կորսուած կարաւանի մը դանդաղութեամբ։

Երկու ժամ քալելէ վերջ, տաժանելի վերելիք մը սկսաւ։ Սարի կողով կը բարձրանային։ Ֆետային որքան ալ անձնուրաց, երբ դէմ յանդիման կ՚ելլէ ակներեւ անկարելիութեան մը, բնականօրէն կ՚ընկճուի. ֆիզիքական տոկունութեան հետ իր հոգեկան արիութիւնն ալ կը խորտակուի, ու ան կը դառնայ անհատականութիւնը կորսնցուցած ոչխար մը։ Հազիւ թէ քանի մը հարիւր քայլ եւս բարձրացան։ Խումբը փոսի մը մէջ կանգ առաւ։ Այլեւս ոչ մէկ ուժ, յորդոր, աղաչանք կրնար զիրենք տեղերէն շարժել։ Գէշ աղէկ հոդ պիտի անցընէին օրը։

Գէորգն ու Յակոբը յանձն առին պահակութիւնը, մինչ խմբի տղաքը եղած տեղերնին երկնցան ու քնացան այնպէս, ինչպէս կրնան քնել այդ վիճակի մէջ եղած մարդիկ։ Ատեն մը վերջ մանր անձրեւ մը սկսաւ, որ շուտով ձիւնի փոխուելով՝ ճերմակ սաւանի մը տակ ծածկեց երկիրն ու քնացող տղաքը։

Լուսադէմին ձիւնը դադրեցաւ, երեք մատնաչափէ աւելի թանձրութեամբ նստելէ վերջ։ Բարձրացաւ հիւսիային քամին ու ամպերը պատառ պատառ եղած ցրուեցան՝ երկնքի գունաթափ աստղերը երեւան հանելով։ Լուսացաւ։ Սառը քամին, թաղ գետինը, պարապ ստամքոսները հետզհետէ արթնցուցին քնացող հայդուկները, որոնք պարզապէս սառած, շարժելու անկարող վիճակի մէջ էին։

Օհօ՜յ, մէրդ չմեռնի Հայաստա՛ն, գիշերով վերմակ ձգեցիր վրաս, ատամները իրարու զարնելով ըսաւ Յակոբը, ի զուր փորձելով պառկած տեղէն ելլել, հէ՜յ, տօ՛, Նիկոլ։

Հը՛։

Տօ՛, փետացեր եմ։

Հա՞…

Նիկոլն ալ արթնցած՝ ապշանքով չորս բոլորը կը դիտէր։ Էս ո՞րտեղ էին, իսկ էս ձի՞ւնը… Յակոբը դժուարութեամբ բարձրացաւ ու նստաւ։ Ա՜յ թէ ցուրտ…։ Այդ անտէր մնալիք ցուրտն ալ մինչեւ ոսկորներու ծուծը անցած էր։ Յօդացաւէ տառապող ծերուկի մը նման դժուարութեամբ ոտքի բարձրացաւ եւ սկսաւ շարժել ընդարմացած թեւերն ու ոտքերը, քիչ մը տաքանալու համար։

Հայդուկները իրարու քով երկնցած՝ աղած ձկներու նման կծկտած էին։

Յակոբը, երբ ընկերներու վիճակը տեսաւ, ամէն բան մոռցած՝ սկսաւ բարձրաձայն ծիծաղիլ։ Իսկապէս որ տեսարան էր։

Սագօն ու Յակոբն ալ, ամբողջ գիշերը պահակութիւն ընելէ վերջ, կուշտ կշտի քնացած էին՝ պահակութեան հոգը յանձնելով Մկոյին, որ խմբէն քիչ մը հեռու քարի մը տակ նստած՝ նոյնպէս քնացեր էր։

Յակոբը մէկիկ մէկիկ մօտեցաւ տղոց եւ դեռ քնացողները արթնցուց։ Խղճալի պատկեր մը կը ներկայացնէին։ Մարմնի անդամները սառած, դէմքերնին կծկուած, կարծես թէ ինչ որ բանի մը մասին վը ծիծաղէին։

Հը՛, տղաք, ոտքի ելէք, պար մը, պար մը դառնանք, ու Յակոբը առանց սպասելու, խռպոտ ձայնը ձգած՝ սկսաւ երգել ու պարել։

Խմբի տղաքը նախ հեգնանքով նայեցան, բայց կամաց կամաց իրենք ալ միացան Յակոբին։ Ու շատ չանցած՝ բոլորը ոտքի էին եւ ձեռք ձեռքի տուած՝ քօչարի պարը կը դառնային։

Պարսկական սահմանի լեռնաշղթայի ետեւէն արեւը կամաց կամաց սկսաւ բարձրանալ։ Ցուրտը մեցմացաւ։ Երբ տղաքը պարելով տաքացած՝ նստան, աւելի խայթող կերպով զգացին իրենց սովածութիւնը։

Տօ՛, մէկ էդ Թոփալ Սատանայի դէմքին նայեցէք, պոռաց Առիւծ Գեւօն, չարուխի նման կծկուեր է։

Ա՜, մռնչաց Համբօն, որ կարծես բոլորովին խօսելու ընդունակութիւնը կորսնցուցեր էր…

Ծօ՛, քեզի ի՞նչ եղաւ։

Անօթի, ու Համբին փորը տրորեց ու խղճալի կերպարանք մը առաւ։

Բոլորը մէկանց սկսան հռհռալ։

Գէորգն ու Յակոբը խմբէն քիչ հեռու նստած՝ կը խորհրդակցէին այդ գիշերուան բռնելիք ճանապարհի մասին։

Խումբը գիշերով եկած են Յաղթայ տաղի փէշին վրայ, լայն ձորի մը մէջ տեղաւորուած էր։ Հազիւ թէ աւելի լաւ ընտրութիւն մը կարելի լինէր ընել այդ պայմաններու մէջ։ Հեռո՜ւն, ամբողջութեամբ կը տարածուէր Արճակի սիրուն լիճը, ու եզերքներուն կպած գիւղերը։ Տղայոց դիրքէն դէպի արեւելք կ՚երեւէր քրտական ողորմելի գիւղ մը՝ սարի լանջին փակած։ Խումբը թէեւ ճանապարհէն շեղած էր, բայց այդ դիրքին մէջ ինքզինք ապահով կրնար համարել։

Որքան ալ որ տղայոց դիրքը ապահով էր, բայց Գէորգն ու Յակոբը մեծապէս մտահոգուած էին յառաջիկայ գիշերուան ճանապարհորդութեամբ։ Կորթկան գիւղի աղբիւրի մօտ պայմանաւորուած էին Մելոյի հետ, Ղզլճա գիւղը ցերեկելու։ Բայց Գործոթի կռուէն վերջ, այլեւս ոչ մէկ հայկական գիւղ ապահով կարելի էր համարել։ Կը մնար, որ խումբը բարձրանար Ղզլճայի սարը։ Իսկ այդ կը նշանակէր, որ երեք օրէ ի վեր անօթի մնացած խումբը պէտք է կտրէր անցնէր Խարակոնիսի դաշտը եւ բարձրանար բարձր սար մը, հաց ճարելու շատ աղօտ յոյս մը ունենալով։ Ասով մէկտեղ այդ միակ ելքն էր։ Ամէն գնով խումբը յաջորդ գիշեր պէտք էր բարձրանար Ղզլճայի սարը։

Ցերեկուան ընթացքին, Խարակոնիսի ընդարձակ դաշտը զարմանալի կենդանութիւն մը ստացած էր։ Անդադրում երթեւեկ մը կար գիւղէ գիւղ։ Հետեւակ կամ ձիաւոր քրտերու խումբեր կ՚երեւէին ճամբաներու վրայ, կը բարձրանային սարերը, կ՚իջնային ձորերը, կը մտնային գիւղերը՝ խմբի հետքը գտնելու համար, որ կարծես հրաշքով մը անյայտացեր էր։ Նոյնիսկ բազմաթիւ ձիաւորներու խումբ մը բարձրացաւ Ղզլճայի սարը, պրպտեց ձորերը, առանց սակայն հետք մը գտնալու։ Մտքերէն իսկ չէին անցըներ, թէ ֆետայիները կրնային Յաղթայ տաղ բարձրանալ, քրտական շրջան մը, բազմաթիւ գիւղերով շրջապատուած։

Վերջապէս, արեւը մարը մտաւ ֆետայիներու համբերութեան բաժակը լեցնելէ վերջ։ Այդ իրիկուն բան մը ուտելու հաւանականութիւնը նոր եռանդ, նոր կորով ներշնչած էր տղայոց, որոնք տասնեակներու բաժնուած՝ հրամանի կը սպասէին շարժելու համար։

Սկսաւ մթնել։ Ուրանցցի Յակոբը եւ Մկօն առաջ ինկան, իսկ խումբը շարժեցաւ հանդարտ քալուածքով մը, սարէն իջնելով, դէպի Խարակոնիսի ընդարձակ դաշտը։

Խումբը այդ գիշեր համեմատաբար կարճ ճանապարհ մը ունէր անցնելիք, մեծ մասով հարթ հաւասար դաշտի մը մէջէն։ Բայց հակառակ տեղի մօտիկութեանը, վտանգաւոր ճամբայ մըն էր այդ։ Արճակի լիճի հիւսիսային կողմէն կ՚անցնէր Յաղթայ սարին տարածուն լեռնաշղթան, որու երկարած թեւը հիւսիսէն եւ արեւմուտքէն եզերելով կը գրկէր լճակը, այնքան մօտ տարածութեան մը վրայ, մանաւանդ լճի արեւմտեան կողմը, որ հազիւ չորս հինգ քարընկէց հեռաւորութիւն մը ունենար լճէն։ Այդ նեղ տարածութեան վրայ իրարմէ քիչ հեռու ինկած՝ կը գտնուէին վերի եւ վարի Ջերմուկ եւ Հաշփշատ քրտական գիւղերը։

Շրջանի քրտութիւնը ոտքի վրայ՝ գիւղական պահակներ արթուն վիճակի մէջ կը հսկէին։ Ֆետայիներու համար այդ գիշերուան ճամբան աւելի քան վտանգաւոր էր։ Փոքր անզգուշութիւն մը՝ եւ ահա անխուսափելի կռիւ մը կրնար պայթիլ հայկական շրջանի մէջ. կռիւ մը՝ որու հետեւանքները կրնային աղիտաբեր լինել շրջանի հայ ժողովուրդի համար։

Ամէն մէկը խմբի զինուորներէն հնարաւոր հանդիպումի մը աղիտաբեր հետեւանքին գիտակցութիւնն ունէր։ Ատոր համար ալ ծայրայեղ զգուշութեամբ կ՚առաջանային։ Խաւարի մէջ, իրարու ետեւէ ստուերներու նման անձայն կը շարժէին, ու ամենաթեթեւ շշուկ մ՚իսկ չէր լսուեր անոնց անցած ճամբուն վրայ։ Ձախ թեւի վրայ ձգելով Խարակոնիս հայկական մեծ գիւղը, խումբը գետակէ մը անցաւ ու շտկուեցաւ ուղիղ դէպի արեւմուտք, ճանապարհի եւ լճի մէջ գտնուող դաշտը կտրելով։ Դժբախտաբար պարզկայ, լուսնակ գիշեր մ՚էր։

Խումբը մինչեւ Ջերմուկ գիւղի տակ հասաւ առանց պատահարի։ Հեռուէին հեռու գիւղի շները կ՚ոռնային ու պահակները իրարու ձայն կուտային։ Հոդ խումբը պարտաւորուած՝ ճանապարհի շատ մօտէն կը քալէր, անմիջապէս լճի եզերքով։ Յակոբն ու Մկօն, որոնք քսան երեսուն քայլ մը առաջեւէն կ՚երթային, յանկարծ տափեցան գետին։ Գէորգն ու Սագօն ալ հետեւեցան անոնց օրինակին, ինչպէս եւ իրարու յաջորդող տասնեակները։ Քիչ անցած երեւցան ճանապարհով եկող ձիաւոր քրտեր, որոնք ծանր ծանր կը քշէին ձիերը Խարակոնիսի ուղղութեամբ։

Քրտական խուզարկու խմբերէն մէկն էր, որ այդ տեղուանքը կը պտըտէր ֆետայիներու հետքը գտնելու համար։ Եկան ու առանց խումբը նկատելու անցան ձիաւորները։ Տասը րոպէ մ՚ալ սպասելէ յետոյ, Յակոբն ու Մկօն տափած տեղերէն բարձրացան ու սկսան շարունակել ճանապարհը։ Խումբը հետեւեցաւ անոնց նախկին կարգով։

Լեռնաշղթան Արճակի լճի հիւսիս արեւմտեան ծայրէն կուգայ ու պինդ մը կը մօտենայ լճին, հազիւ սայլի ազատ ճանապարհ մը ձգելով։ Այդ ճանապարհը լայն ձորի մը մէջէն անցնելով՝ կ՚երկարի դէպի Շէխանի եւ Մարմետի գետը, բայց դեռ ձորը չմտած, երկրորդ ճանապարհ մը լճի եզերքով կ՚երթայ դէպի Ղզլճայ։ Ճամբաներու բաժնուած տեղին վրայ Յակոբը կանգ առաւ, մինչեւ որ Գէորգը եկաւ եւ հասաւ իրեն։ Խումբը կրկին տափեցաւ գետին։

Մէկը Ղզլճայ ճամբելու է հացի համար, ըսաւ Յակոբը. Սագօն ղրկենք, հոն ազգականներ ալ ունի։

Շատ լաւ, համաձայնեցաւ Գէորգը, միայն պէտք է զինաթափ ընել ու այնպէս ճամբել։ Դու ի՞նչ կ՚ըսես, Սագօ։

Ինչպէս որ հրամայէք, ես պատրաստ եմ։

Ուրեմն առանց զէնքի կ՚երթաս, նամակի պէտք չը կայ, հրահանգեց Գէորգը, Մելօն արդէն գիւղի Գործադիրին յայտնած կը լինի մեր մասին։ Անմիջապէս թող հաց թխեն եւ մեզ հասցնեն լոյսը չբացուած։ Իսկ եթէ ուշանան, լաւ է իրիկուան մթնով գան՝ չնկատուելու համար։ Անշուշտ ինքդ ալ հաց բերողներու հետ կը վերադառնաս։

Շատ լաւ, պարոն Գէորգ։

Տէ, բարի ճանապարհ, շուտով հացը հասցուցէք։

Սագօն դէպի ձախ շեղելով Ղզլճայի ճամբան ձեռք առաւ, իսկ խումբը անմիջապէս մտաւ ձորը։

Լեռնաշղթան հոդ զարմանալի քմահաճութեամբ մը յանկարծ կը ցածնայ այդ ձորը կազմելով ու կրկին կը բարձրանայ, կազմելով եօթ ութ հազար ոտք բարձրութիւն ունեցող Ղզլճայի սարը։ Ձորով սարը բարձրանալ գրեթէ անկարելի էր։ Ստիպուած՝ ձորէն պէտք է անցնէր խումբը, ու լերան ետեւի փէշերէն բարձրանար՝ յարմարաւոր դիրք մը գտնելու համար։ Լեռնաշղթան, որ Արճակի լճի արեւմտեան ափով կ՚երկարէր, Ղզլճայի կողմէն լերկ եւ քարքարուտ, գահավէժ ձեւով մը կախուած էր վար, իսկ հակառակ կողմէն աստիճանաբար կը ցածնար ու կը հաւասարէր Մարմետ գետի հովտին, որ շերեփի կոթի մը նման նեղ՝ երթալով կ՚ընդարձակէր ու կը կազմէր Կիւսնենցի ընդարձակ դաշտը, բազմաթիւ հայ գիւղերով շրջապատուած։

Խումբը անցաւ հանդարտ քալուածքով ձորամիջով ու կիսաշրջան մը դառնալով սկսաւ բարձրանալ սարը։

Հազիւ թէ խումբը ձորաբերնէն դարձած էր, երբ երկու ստուերներ ժայռի մը տակէն դուրս ցատկեցին ու հեռուէն հեռու սկսան հետեւիլ խմբին։ Իսկ երբ խումբը կամաց կամաց սկսաւ Ղզլճայի սարը բարձրանալ, լրտեսող ստուերները ետ դարձան, անցան ձորով, ու ուղիղ դիմեցին դէպի Ներքին Ջերմուկ քրտական գիւղը։