Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՈՖԻԱ ՊԵՏՐՈՎՆԱ ԱՍԼԱՆՈՎ

Արսէնեանները սեպտեմբերի առաջին շաբաթը Թիֆլիս վերադարձան։ Վարդանի մասին ունեցած մտահոգութենէն ազատուած՝ տիկին Մարիամը շատ ալ չանհանգստացաւ, երբ Եւգինէն առանց եղբօրը հանդիպելու վերադարձաւ Ղարաքիլիսէ։ Խորհելով որ քանի մը օրէն Վարդանն ալ կը վերադառնայ, ամարանոցի կահ կարասիքը մէկտեղելով, տիկին Մարիամն ու Եւգինէն Թիֆլիս իջան։

Շաբաթ մը չանցած, Եւգինէն բացիկ մը ստացաւ Վարդանէն։ Եղբայրը կ’իմացնէր, որ խաղողի լաւ ժամանակն է, ու որոշած է ատեն մը մնալ Երեւանի շրջանը։ Այդ բացիկը կատարելապէս հանգստացուց տիկին Մարիամը, մանաւանդ երբ ամուսինը յայտնեց որ Վարդանի Գերմանիա երթալը յետաձգուած է դեկտեմբերին։

Ամէն տարիներու նման խաղաղ ընտանեկան կեանք մը սկսաւ բոլորել Արսէնեան ընտանիքը: Պարոն Աշոտը, ամէն իրիկուն գործէն ելլելով տուն կուգար, առանձին չձգելու համար տիկին Մարիամը, որովհետեւ, Եւգինէն երեկոները հազիւ թէ տունը կը մնար։

Ամարանոցէն Թիֆլիս վերադառնալով Եւգինէն քաղաքը բոլորովին կերպարանափոխուած գտաւ։ Անշուշտ քաղաքը չէր կերպարանափոխուողը որ միշտ ալ կը մնար արեւելքի եւ արեւմուտքի զարմանալի խառնուրդ մը, այլ քաղաքի հայ տարրը, որ բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը կազմէր։ Կարծես մէկ օրէն միւսը հայ ժողովուրդի բնական կեանքը վեր ի վար էր դարձած, ու լարուած ջղային մթնոլորտ մը կը տիրէր ամէն կողմ:

Եկեղեցական կալուածներու գրաւման օրէնքը ու որպէս ատոր հետեւանք գաւառներու ըմբոստացումը, փոխադարձ սպանութիւնները, մէկէն ի մէկ փոխեր էին հայ կեանքը, հասկացողութիւնները, տիրող եւ հպատակ ազգութեան փոխյարաբերութիւնները։ Կարծես թէ Թիֆլիսի հայ բնակչութեան համար իսկ նոր յայտնութիւն մը լինէր իր հայ ազգութեան պատկանելիութիւնը։

Բարձր դասակարգի պատկանող հայ ընտանիքներն իսկ, որոնք տարի մը առաջ իրենց հայութիւնը ծածկելու կը ջանային, սաստիկ վրդոված, հոգեբանական տեղատուութիւն մը ունեցան։ Անջրպետ մը բացուած էր հայ ժողովուրդի եւ կառավարութեան միջեւ։ Ինչպէս միշտ, ժողովրդական նոր շարժում մը, որ կը թեւաւորուի ատելութեամբ, կը կորսնցնէ իր հաստատուն հիմը եւ կ’իյնայ ծայրայեղութիւններու մէջ, այնպէս ալ հայ ժողովրդի պայքարը ուղղուեցաւ ոչ միայն կառավարութեան դէմ, այլ ամէն բանի որ ռուսական գոյն կը կրէր: Ռուսական լեզուն, թատրոնը, օբերան, նոյնիսկ գրականութիւնը ազատ չմնացին հալածանքէ:

Դիրքերը փոխուած էին։ Հայերէն լեզուն, որ չգիտնալը տեսակ մը ազատամտութիւն կը համարուէր մինչեւ այդ ժամանակ, յանկարծ գուրգուրանքի առարկայ դարձաւ: Հարիւրաւոր գաղտնի դպրոցներ բացուեցան Կովկասի բոլոր շրջաններու մէջ եւ բազմաթիւ օրիորդներ ու երիտասարդներ առանց վարձատրութեան, սկսան հայերէն սովրեցնել ոչ միայն դպրոցական աշակերտներու, այլ եւ հասուն մարդիկներու եւ կիներու։

Եւգինէն ամենաեռանդուն աշխատողներէն մէկն էր այդ ուղղութեամբ։ Ոչ միայն երկու գաղտնի դպրոցներու մէջ հայերէն կը դասաւանդէր, ալլ եւ բազմաթիւ մասնաւոր աշակերտներ ունէր բարձր դասին պատկանող ընտանիքներէն։ Ատոնց մէջ այնպիսիները կային, որոնք երեք չորս եւրոպական լեզուներու ծանօթ, սակայն բառ մը հայերէն չգիտէին։

Ամէն երեկոյ, ժամը ութէն մինչեւ իննը, Եւգինէն Մելիք-Ադամեաններու տունը կ’երթար հայերէն սովրեցնելու համար տան երկու, հասուն աղջիկներուն։ Մելիք-Ադամեանները, մեծահարուստ, հին ազնուական ընտանիք մը, Թիֆլիսի հայ եւ օտար արիստոկրասիայի Ողիմպոսը կը համարուէին։ Հոն ընդունուած հիւրի մը առջեւ բաց էին մնացած սալոններու դռները։ Ամէն տարի Եւրոպայէն մօտան անոնք կը բերէին, որ անմիջապէս կ’ընդօրինակուէր միեւնոյն դասի ընտանիքներէն։ Երեկոյթներու մէջ, անոնց անունը էն վերը կը փայլէր, թէեւ հազիւ թէ ներկայ կը լինէին, մանաւանդ հայկական հաւաքոյթներու մէջ։

Քսանեւմէկ տարեկան սիրուն, թխորակ աղջիկ մ’էր Նադէժտա Մելիք-Ադամեանը, իսկ երկու տարով փոքր քոյրը, Մանիան՝ դեղձան մազերով նրբակազմ աղջիկ մ’էր, լեզու սովրելու արտակարգ ընդունակութեամբ։

Եւգինէն զարմանալի ճշդապահութեամբ, եկած էր իրիկուն մը, սովորական դասը անցընելու համար երկու քոյրերու հետ։ Կլոր սեղանի մը առջեւ նստած, երեք աղջիկները Մայրենի Լեզուի առաջին տարուան գրքերը բացած, կը կարդային։

Չէ՛, այդ չեղաւ, պէտք է արտասանել ղը, եւ ոչ թէ՝ խհը, Եւգինէն փորձեց ուղղել Նատիայի արտասանութիւնը։

Շատ դժուար է, ծիծաղելով ռուսերէն պատասխանեց աղջիկը, կարծես պիտի խեղդուիմ… խհը…խհը…

Պէտք է վարժութիւն ընել, մեղմօրէն նկատեց Եւգինէն։

Ես աւելի լաւ կը հնչեմ, ա՜յ, խըղ… խըղ…, փորձեց Մանիան:

«Մարօն միայն ութ… տարեկան… էր… երբ դաշնա…կի դասեր էր վերցնում… մօրիցը…» –դժուարութեամբ դասը կը կարդար Նատիան, երբ տան ռուս սպասուհին եկաւ յայտնելու, որ օրիորդ Սոնիա Ասլանովը այցելութեան եկած է ու դահլիճի մէջ կը սպասէ:

Խնդրե՛մ, հիւրին առաջնորդէ էստեղ, պատուիրեց սպասուհիին Նատիան ու տհաճութեամբ նայեցաւ քրոջը, որ նոյնպէս սրտնեղութենէն յօնքերը վեր քաշած էր։

Երկու քոյրերը թէեւ Եւգինէի ներկայութեան բառ մը չարտասանեցին, բայց իրենց վերաբերմունքով, դէմքերու արտայայտութեամբ բացորոշ կերպով զգացուցին որ՝ այդ այցելութիւնը թէ՛ անժամանակ էր եւ թէ՛ անցանկալի:

Եւգինէն ամարանոցէն վերադառնալէ վերջ, դեռ չէր հանդիպած Սոնիային։ Թէեւ հայրն ու մայրը գնացած էին Ասլանովներուն, Սոնիայի նշանտուքը շնորհաւորելու համար, բայց Եւգինէն ինչ որ զբաղում պատրուակելով տունը մնացեր էր:

Ա՜յ թէ հոս որու կը հանդիպիմ, ուրախ բացագանչելով սենեակէն ներս ինկաւ Սոնիան, վա՜յ Եւգին ջան, դու հո՞ս… բարեւ ձեզ, Նատիա՛, Մանիա՛, ձեր տան առջեւով կ’անցնէի, ըսի մէկ հանդիպիմ… քանի ամիս եղաւ, չենք տեսած իրար, ու Սոնիան ձեռքի մետաքս հովանոցը աթոռի մը վրայ դնելով աշխոյժ մօտեցաւ ընկերուհիներուն, ու յանկարծ, սեղանի վրայ հայերէն գրքեր տեսնելով, ապշած կանգ առաւ։

Սոնիա՛, պիտի ներէ՛ք, ա՛յ, դիւանի վրայ հանգստացէք մինչեւ որ մեր դասը վերջանայ, խնդրեց Նատիան ու շարունակեց ընթերցումը:

Չլինի՞ թէ դուք էլ հայերէն սկսած էք սովրիլ, նրբօրէն հեգնեց Սոնիան, զարմանալի չէ՞, այս օրեր ո՛ւր որ կ’երթամ, հայերէն սովրողներու կը հանդիպիմ…

Զարմանալին միայն այն է, որ մենք հայ լինելով, նոր է որ հայերէն սովրելու կ’աշխատինք, պատասխանեց Մանիան, առանց գլուխը դասագրքէն վեր վերցնելու։

Իսկ ի՞նչ բանի պէտք պիտի գայ այդ լեզուն, չարութեամբ հարցուց Սոնիան, որ Մելիք-Ադամեաններու սառը ընդունելութենէն վիրաւորուծ կը զգար:

Նախ որ հայ ենք, ու պարտաւոր մեր մայրենի լեզուն իմանալ, զսպուած սառնութեամբ պատասխանեց Նատիան, օտարի լեզուն իմանալէ առաջ…

Նո՛ւ, չվիճինք, տեղէն բարձրանալով ըսաւ Սոնիան, մէկ վայրկեանով մտայ ձեզ մօտ… կ’աճապարեմ… ցտեսութիւն:

Ցտեսութիւն, պատասխանեց Նատիան:

Հա՛, կը շնորհաւորեմ Սոնիա՛, լսեցի ինչ որ ռուսի հետ նշանուած էք, Սոնիայի ետեւէն կանչեց Մանիան, բայց Սոնիան առանց պատասխանելու, դռնէն դուրս եկաւ:

Փողոցի դրան առջեւ Ասլանովներու սեփական կառքը բազմելով հրամայեց Վասիլին.

Ուղիղ տուն։

Այդ օր Սոնիան շատ վատ տրամադրութեան մէջ էր։ Կէս օրէ վերջ մօրը հետ այցելութեան գացեր էին Ասրբէկեաններուն, հին բարեկամներ, որոնց հետ միշտ ալ սիրալիր յարաբերութիւն մը ունեցեր էին։ Ինչպէս սովորաբար՝ թէյի ժամանակ Ասրբէկեաններու ընդունարանի մէջ բազմաթիւ հիւրեր կային. մեծամասնութիւնը իրենց նախածանօթ։ Քաղաքավարի, բայց ոչ ջերմ ընդունելութիւն մը ըրաւ տիկին Ասրբէկեանը, ինչպէս որ հիւրասիրութիւնը կը պարտադրէր, սակայն Սոնիան ու մայրը յիմար չէին չզգալու համար թէ այդ սառը քաղաքավարութեան տակ ծածկուած, հազիւ քօղարկուած հեգնանք մը, անբարեացակամութիւն մը կար։

Ներկաները, որոնցմէ շատեր Ասլանովներու մօտիկ կը համարուէին, ընդհատուած խօսակցութիւն մը սկսան շարունակել, երբ Սոնիան ու մայրը տեղաւորուեցան բազմոցի մը վրայ։ Այս արդէն աչքի զարնող անտեսում մ’էր տիկին Վառվառէի համար, որ վարժուած էր, այցելութեան մը պարագային, բոլորի ուշադրութեան առարկայ դառնալ, իբր խօսակցութեան իսկական թօն տուողը։ Տիկնոջ տրամադրութեան վրայ աւելի վատ ազդեց այն, որ, անշուշտ բոլորն ալ լսած լինելու էին, Սոնիայի նշանուելու առթիւ զինք չշնորհաւորեցին, նոյնիսկ ակնարկութիւն մը չըրին այդ մասին։ Բայց տիկին Վառվառէի սրտնեղութիւնը ա՛լ աւելի անտանելի դարձաւ, երբ սկսաւ մտիկ ընել ընդհանուր խօսակցութիւնը, որ եկեղեցական կալուածներու գրաւման շուրջը կը դառնար, պետութեան հասցէին ուղղուած ամենախիստ որակումներով: Այդ արդէն չափազանցութիւն կը թուէր տիկնոջ, որ անյաջող փորձ մ’ըրաւ խօսակցութեան նիւթը փոխելու։ Ատկէ վերջ մայր ու աղջիկ փուշի վրայ նստած կը զգային ինքզինքնին. եւ սակայն պատշաճութիւնը պահելու համար առնուազն կէս ժամ մը մնալու էին։

Երբ դուրս եկան Ասրբէկեաններու մօտէն, մայր ու աղջիկ, թէեւ սաստիկ վիրաւորուած, առանց բառ մը փոխանակելու, կառքը նստան։ Սոնիան իշխանի հետ ժամադրութիւն մ’ունէր ժամը եօթին, Երեւանեան հրապարակի վրայ գտնուող ռուսական թէյատան մը մէջ։ Խնդրեց մօրմէն որ տուն հասնելուն կառքը իր ետեւէն ճամբէ ու ինք մտաւ շքեղ թէյատունը, ուր ընդհանրապէս ռուս պաշտօնեաներ կամ զինուորականներ կը յաճախէին:

Իշխանը ներսը չէր: Սոնիան փոքր սեղանի մը առջեւ նստելով բաժակ մը թէյ ու խմորեղէն մը ապսպրեց, ու աչքը յառած խանութի դրան, սպասեց նշանածի գալուն որ կ’ուշանար։ Ժամը ութը անցաւ. Ալեքսէյը չէր երեւեր։ Սոնիան ջղայնացած՝ թէյի հետ կը խաղար, անհամբերութեամբ կօշիկի կրունկը յատակին խփելով։ Այդ առաջին անգամը չէր, որ նշանածը զինք կը սպասցնէր։ Կը խոստանար, շատ անգամ Ալեքսէյն ինք ժամադրութիւն կուտար, վերջէն մոռնալու համար, ու ատկէ վերջ Սոնիային հանդիպելուն, կը գանգատէր գործէն, բազմազբաղ լինելէն, որ միակ պատճառն էր իր չկրնալ գալուն:

Ժամը ութուկէսին համբերութիւնը հատած, Սոնիան դուրս եկաւ թէյատունէն, ու նախ քան տուն երթալը, ուզեց անգամ մը հանդիպիլ Մելիք-Ադամեան քոյրերուն, որոնք իր դպրոցական ընկերներն էին։ Երանի գացած չլինէր։ Երկու քոյրերուն քաղաքավարի, բայց սառը ընդունելութիւնը, Եւգինէին առանց բառ մը արտասանելու գլխու թեթեւ բարեւը, բայց մանաւանդ Մանիայի վերջին խօսքերը, որոնց հեգնական իմաստը չէր կրնար չհասկնալ, ինքնասիրութիւնը վիրաւորուած՝ սաստիկ դառնացուցեր էին Սոնիան։ «Ինչ որ ռուսի հետ նշանուած էք», կարծես թէ այդ հեգնական խօսքերը դեռ կը հնչէին ականջին։ «Ինչ որ ռուսի հետ», ակամայ կը կրկնէր Սոնիան, զայրոյթէն ձեռքերը տրորելով. ինչպէ՞ս թէ «ինչ որ ռուսի հետ»։ Իր նշանածը «ինչ որ» չէր կրնար լինել, ան իշխան Ալեքսէյ Գէորգեւիչ Դոբրոլիւբովն էր, Փոխարքայի ադիւթանտը, պէտք է, որ այդ լաւ հասկնան այդ աղջիկները, եւ իր բարեկամները։ Եւ սակայն Սոնիան ինքն ալ կը զգար, որ նախկին ոգեւորութեամբ չէր արտասաներ նշանածի անունը։ Ինչ որ անորոշ, տարտամ ծանրութիւն մը կը զգար սրտին մէջ։

Տուն հասնելով, ուղիղ ննջասենեակը բարձրացաւ, աղախնին պատուիրելով, որ զինք չանհանգստացնեն, յոգնած է ու պիտի քնանայ։ Շորերը հանեց, մետաքս գիշերանոցը հագաւ, որու թեւերն ու քղանցքը եզերուած էին ձեռագործ տանդելով, անկողնին վրայ երկնցաւ, գլուխը ձեռքերուն վրայ հանգչեցուցած՝ աչքերը փակեց, իւրովի մտածելով։ Սոնիայի համար, յուլիս եւ օգոստոս ամիսները անցեր էին, աղուոր երազի մը գրաւչութեամբ: Կարծես անամպ, լազուր երկինք մը եղած լինէին այդ օրերը, երբ պայծառ արեւ մը կը փայլի երկնակամարին վրայ, կամ հարիւրաւոր պսպղուն աստղեր, ու լուսնակ մը, որ միշտ լրացած վիճակի մէջ խորհրդաւոր ճամբայով մը կը քալէ արծաթ ճառագայթներ նետելով սիրահարներու հոգիին մէջ։ Այնքան երջանիկ կը զգար Սոնիան, որ շատ անգամ վախով կը մտածէր թէ՝ չլինի թէ այդ միայն երազ մ’էր, որ ինք շուտով պիտի արթննար քունէն:

Սակայն յանկարծ Սոնիայի զուլալ երկինքը ամպոտեր էր։ Աւելի՛ն, անսպասելի կերպով սարսափելի փոթորիկ մը բարձրացեր էր, սրբել տանելով զինքն օրօրող երջանկութեան հաճելի թմրութիւնը։ Սոնիան խորտակուած կը զգար, կարծես աներեւոյթ ձեռք մը մէկէն պատռած էր սքանչելի պատկեր մը, սիրտը կտոր կտոր ընելով։

Նախ քան ամարանոցէն իջնալնին, ուր այնքան հաճելի ընկերութիւն մը ունեցեր էին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, Վասիլ Քոբցեւը առաջարկած էր, վերջին անգամ մ’ալ երթալ Պաղ Աղբիւրը, կարգին քէֆ մը ընելու եւ ամբողջ ոչխար մը դարձնելու համար։ Ինչ խօսք որ այդ առաջարկութիւնը խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ բոլոր ընտանիքներու կողմէն։ Ոմանք ձիաւոր, ոմանք կառքերով հասան աղբիւրի մօտ, որ Կոճորէն մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր, անտառակի մը կողքին։

Զինուոր-ծառաները ահագին կրակ մը վառած, վրան ոչխար մը կը դարձնէին, մինչ օրիորդներն ու երիտասարդ սպաները քրքջալով, կատակելով կանաչի վրայ սեղանը կը յարդարէին:

Այդ բացօթեայ քէֆէն երկու, օր առաջ, Քոբցեւենց հիւր եկած էր մանկամարդ կին մը, ռուս սպայի մը այրին, որ հեռուէն հեռու ազգական կուգար Վասիլ Քոբցեւին։ Անշուշտ ան ալ ներկայ էր այդ քէֆին. հակառակ ծանր սուգին, ու ոտքէն մինչեւ գլուխը ծածկող սեւ գոյն զգեստին, որ մասնաւոր գրաւչութիւն մը կուտար անոր, մանկամարդ կինը, սրախօս եւ ուրախ բնաւորութեան տէր, բոլորի ուշադրութիւնը իր վրայ գրաւած էր: Սոնիան նեղուած կը զգար, նկատելով Ալեքսէյի շռայլած հաճոյակատարութիւնները այդ կնոջ, որ վերջապէս հասարակ սպայի մը այրին էր։

Սեղանի շուրջը վօտկայի (օղի) շիշերը կը դատարկուէին իրարու ետեւէ. խորոված ոչխարը կը դառնար, որու վրայ սուր դանակ մը հետզհետէ աւերներ կը գործէր. սեղանակիցներու տրամադրութիւնը, օղիի բաժակներու յաւելումով, հետզհետէ կը բարձրանար. զինուոր ծառայ մը, ծառի կոճղի մը վրայ նստած, ձեռքի արմոնիքայով լեզկինքա կը նուագէր, ու երկու կէս հարբած ղազախ սպաներ կը պարէին այնպէս, ինչպէս միայն ղազախ մը կրնայ պարել։ Կատարեալ քէֆ մը։

Սոնիա յանկարծ նկատած էր, որ Ալեքսէյն, մայրիկին քով նստած չէր. ըսինք շատեր ոտքի վրայ կ’ուտէին, կը պարէին կամ ոչխարի մնացորդներուն քով վազելով, խորովածի կտորներ կը բերէին, նստողներուն ծառայելով: Սոնիան, նշանածին բացակայութիւնը թերեւս չնկատէր ալ, եթէ նոյն պահուն մանկամարդ այրի կնոջ բացակայութիւնը աչքին չզարնէր։ Արդեօք երկուքը միասի՞ն էին, ինչո՞ւ հեռացեր էին. թերեւս պատահական զուգադիպութիւն մը երկուքի միաժամանակ բացակայութիւնը։ Այդպէս ալ մտածեց Սոնիան, բայց նորէն անորոշ կասկած մը, խռովեց հոգին։ Մէկ էն էր պակաս, որ կասկածէր Ալեքսէյի հաւատարմութեան վրայ։ Սոնիան նոյնիսկ փորձեց ծիծաղիլ իր կասկածոտութեան վրայ, բայց եւ այնպէս կամաց մը ելաւ նստած տեղէն ու անտառը մտաւ։ Աննպատակ կը քալէր, ինքզինք յանդիմանելով, որ այնքան թերահաւատ էր նշանածին նկատմամբ։ Մէկ ալ շունչը բռնած կանգ առաւ քարացածի նման։ Թուփերու մէջէն քչփչոց մը ականջին դիպաւ։ Ալեքսէյի ձայնն էր։ Անոր յաջորդեց զսպուած կանացի խնդուք մը ու լռութիւն։ Կարծես երկինքը փուլ եկաւ Սոնիայի գլխուն։ Ահա՛ թէ ինչ։ Սոնիան վերադարձաւ ետ, բազմութեան մօտ, սիրտը աքցանի մէջ սեղմուած։ Չէ՛, ոչ ոք պէտք էր տեսնէր իր տառապանքը։ Մօրը մօտ նստելով, չափազանցուած ձեւով մը սկսաւ կատակել, քրքջալ, նոյնիսկ սեղանակիցներու խնդրանքին վրայ, ելաւ ու պարեց Սոնիան։ Եւ սակայն սիրտը կը հեծկլտար ու ծիծաղը ողբի պէս բան մը դարձած էր։

Բոլորով միասին վերադարձան, ու գիւղ հասնելով, ամէն մարդ ցրուեցաւ։ Երբ տիկին Վառվառէն, Սոնիան ու Ալեքսէյը տնէն ներս կը մտնային, իշխանը ձիու սանձը նետելով զինուոր ծառային, հրամայեց ձիերը ախոռ տանիլ եւ երթալ հանգստանալ։

Այս երեկոյեան համար քեզի պէտք չունիմ, ըսաւ ծառային։

Խնդրեմ, այդ մարդը քանի մը վայրկեան թող սպասէ տան առջեւ, ձեզի հետ մասնաւոր խօսելիք ունիմ, ըսաւ Սոնիան որու դէմքէն չքացեր էին ծիծաղն ու ուրախ արտայայտութիւնը, ու առանց բառ մը աւելցրնելու, բարձրացաւ երկրորդ յարկը, իր ննջասենեակը։

Աղջկան այնքան չոր, պաշտօնական խօսելը, մանաւանդ Ալեքսէյի հետ գործածած յոգնակի ձեւը, մայրն ու իշխանը աւելի քան զարմացուցին։ Միջանցքի մէջ կանգնած, շուարումով իրարու կը նայէին։

Տեսնես նորէն ի՞նչ է պատահած, կ’երեւի նորէն խեւ այծերը գլխուն հաւաքեր է, ըսաւ տիկին Վառվառէն ու ապագայ փեսայի թեւը մտած ընդունարանը մտաւ։

Բայց ամբողջ օրը այնպէս գոհ, այնպէս ուրախ կ’երեւէր… աւելի ինքն իրեն խօսեցաւ իշխանը, որ աղջկան անակնկալ պոռթկումէն բան մը չէր հասկցած։

Ալեքսէյը, ճիշդն ըսած, ներողամտաբար վերցուցած էր Սոնիայի այդ քաբրիզը: Անցած երկու ամիսներու ընթացքին շատ անգամ ականատես եղած էր անոր քմայքոտ պահանջներուն, որոնք այնքան փութկոտ կերպով ծնողքի կողմէն կը կատարուէին։ Բայց իր հետ, Սոնիան փափկանկատ էր, փոքր երեխայի մը նման հնազանդ եւ ուշադիր։ Իշխանը, որ առաջին պահուն ներողամտաբար ժպտաց՝ կամաց կամաց սկսաւ անհանգստանալ. չլինի՞ թէ այդ աղջիկը բան մը լսած էր, բամբասանք մը, սուտ մը, կամ վաղուց մոռցուած դէպք մը։ Բոլորովին մտքէն չանցուց որ աղջկան յանկարծական ջղայնութիւնը կրնար կապ ունենալ այդ օրուան հետ։

Քիչ վերջը, երբ Սոնիան վար իջաւ, ընդունարանի սեմին վրայ պահ մը կանգ առնելով, ուղիղ իշխանին մօտեցաւ ու ձեռքի մատանին, որ իշխանի նուէրն էր, դնելով բազմոցի վրայ, զայրոյթէն դողացող ձայնով մը ըսաւ.

Անշուշտ կը հասկնաք, որ մեր մէջ ամէն ինչ վերջացած է, ահա ձեր մատանին…

Բայց, ի սէր Աստուծու, աղջի՛կ, ի՞նչ կը խօսիս, ու մայրը ինքզինք կորսնցուցած, բարձրացաւ տեղէն Սոնիային մօտենալու համար։

Խնդրե՛մ, մայրի՛կ… այս իմ գործն է։

Սոնիայի ձայնը, դէմքի արտայայտութիւնը ոչ մէկ ընդդիմութիւն կը վերցնէին: Տիկին Վառվառէն, որ ամբողջ կեանքին մէջ, խոնարհաբար գլուխ ծռած էր ամուսնուն ու աղջկան ցանկութիւններուն առջեւ, հեկեկալով ինկաւ բազկաթոռին վրայ, ու ձեռքերով դէմքը ծածկած մրմնջեց. Սոնիա՛, աղջի՛կս, հայրդ ի՞նչ պիտի ըսէ…

Իշխանը ոտքի բարձրացած էր, սիրուն դէմքը զգացած զարմանքէն այլափոխուած։ Կը զգար որ բացատրութիւն պահանջելու ատենը չէ, փորձեց եղածը կատակի տալ.

Բայց Սոնիա, կ’երեւի գիշերը վատ երազ ես տեսած, երեխայութիւն է ըրածդ…

Իսկ ձեր այս օրուան ըրածը ուրիշ անուն մ’ունի, չոր կերպով ընդմիջեց Սոնիան, եւ առանց երկարեցնելու, կռնակը դարձուց ու բարձրացաւ իր սենեակը։

Ալեքսէ՛յ, սիրելիս, այսօր ի՞նչ պատահեցաւ, հարցուց տիկին Վառվառէն, թաշկինակը աչքերուն տանելով:

Ոչինչ, սիրելի Վառվառ Սերգէեվնա. ի՞նչ կրնար պատահիլ, դուք խօմ էնտեղ էիք։ Երեխայական քմայք մը, մէկ երկու օրէ կ’անցնի, զինք մի անհանգստացնէք հարցուփորձերով:

Իշխանին համար հիմա արդէն պարզ էր Սոնիայի գրգռութեան բուն պատճառը, աւելի խելօք քաղաքականութիւն էր, առայժմ ձգել որ Սոնիան ինքնին խաղաղի։ Ալեքսէյը սրտնեղութենէն մէկ երկու անգամ ընդունարանի երկայնքը չափեց. է՜հ, երիտասարդական յիմարութիւն մը՝ որ նշանուած աղջիկ մը չէր կրնար հասկնալ։ Այդ գիշեր հոն մնալով, կրնար ալ աւելի ջղայնացնել Սոնիան։ Իշխանը մեկնեցաւ քաղաք։

Երեկոյեան գնացեր էր Արթիստիկական քլըպը, ուր վստահ էր որ պիտի հանդիպէր Պեոտր Ասլանովին։ Առաւօտեան մէկի ատենները, երբ Ասլանովը թղթախաղը վերջացուց, երկուքը միասին նստան ընթրիքի: Իշխանը առանց ծածկելու, ամէն ինչ պատմեց ապագայ աներոջը։ Իր ու որբեւայրի կնոջ «երիտասարդական յիմարութիւնը» անշուշտ պիտի հասկնար Պեոտր Ասլանովի նման, ապրած, կեանք տեսած մարդ մը։

Հը՛մ, հը՛մ, անտակտ գործ էք ըրեր, սիրելի իշխանս, ու ներողմտաբար ժպտաց Պեոտր Ասլանովը, մէկ երկու օր մի երեւաք, ես կ’աշխատիմ հարթել թիւրիմացութիւնը…

Սոնիան երկու օր ընդդիմանալէ ու շատկեկ մը արցունք թափելէ վերջ, հաշտուած էր իշխանի հետ։

Բայց, երբե՛ք, երբեք այդ… այդ կինը պիտի չտեսնես, խոստացի՛ր…

Անշո՛ւշտ, թանկագինս:

Եւ ոչ ալ ուրիշ կնոջ մը պիտի նայիս:

Եւ ոչ ալ ուրիշ կնոջ մը։

Այսպէս անցեր էր առաջին փոթորիկը։ Ամպերը ցրուած, նորէն զուլալ երկնակամար մը, միայն աննշան դառնութեան մը հետքերը կը մնային, չնչին ամպի կտորներ, որոնք երբեմն կ’երեւային կապոյտի վրայ։

Սեպտեմբերի տասնին ամարանոցէն քաղաք իջած էին Ասլանովները։ Իշխան Ալեքսէյը գրեթէ ամէն իրիկուն Ասլանովներու մօտ կ’անցընէր ժամանակը։ Բարեբախտաբար նոր բարդութիւններ չէին ծագած երկու, նշանածներու միջեւ։ Ճիշդ է որ մէկ քանի անգամ Ալեքսէյը թէեւ իրեն հետ ժամադրուած՝ խօսքը չէր պահած, բայց Սոնիան, արդէն վարժուած այդ թերացումին, շատ ալ սրտին չէր առած եղածը:

Բայց այդ օրը Սոնիան մռայլ տրամադրութեան մէջ էր։ Անցած մանր մունր դէպքերը, որոնց առաջ կարեւորութիւն չէր տուած, հիմա կարծես կը մեծնային, նոր իմաստ մը կը ստանային։

Ամէն բանէ աւելի Սոնիային կը մտահոգէր ու կը չարացնէր մանկամարդ որբեւայրին: Եթէ միայն այդ դէպքը պատահած չլինէր, է՜հ, Սոնիան պատրաստ էր մոռնալու մանր մունր դէպքերը։ Ո՞վ գիտէր թէ՝ Ալեքսէյը այլեւս չէր հանդիպեր անոր։

Ամառուան ընթացքին երբ ամէն ինչ այնքա՜ն երազային, այնքա՜ն կատարեալ էր, Սոնիան հազիւ թէ երբեմն կը յիշէր Վարդանը, իր մանկութեան ընկերը։ Կը յիշէր որպէս վաղուցուան պատմութիւն մը, որմէ կտրուած էր, որ իր հոգիին ոչինչ կ’ըսէր, բացի անցեալ օրերու հաճելի վերյիշում մը ընելէ: Մանկամարդ որբեւայրիի դէպքէն վերջր սակայն, Սոնիան յաճախ կ’անդրադառնար այդ անցած գացած օրերուն, ու բնականաբար Վարդանի պատկերը հետզհետէ կը կենդանանար յիշողութեանը մէջ։ Ծանր ապրումներու ժամանակ, կամայ թէ ակամայ, Ալեքսէյը եւ Վարդանը իրարու կը համեմատէր։ Այդ համեմատութիւնները Սոնիայի համար շատ ալ մխիթարական եզրակացութեան մը չէին յանգեր, ու այդ պարագան նոր պատճառ մը կը դառնար իր ցաւը խորացնելու:

Ասով մէկտեղ, Սոնիայի հպարտութիւնը եւ ինքնասիրութիւնը թոյլ չէին տար, որ այդ մասին խօսք բանար ուրիշի մը, թէկուզ հարազատ մօրը, որ իր աղջկան համար յարմարագոյն նշանած մը գտած լինելու երջանիկ գիտակցութիւնը ունէր։

Սոնիան երկնցած տեղէն բարձրանալով մօտեցաւ գրասեղանին, ու աննպատակ սկսաւ դարակները խառնշտկել։ Ծրարի մը մէջէն բազմաթիւ նկարներ դուրս թափեցան։ Հին նկարներ, ձեռքի փոքրիկ քօտաքով մը քաշուած: Սոնիան մէկ մէկ վերցնելով սկսաւ դիտել այդ նկարները, որոնք երկու տարի առաջ քաշուած էին։ Այդ թղթի փոքրիկ կտորներուն վրայ, աշակերտական շրջանէն, որքա՜ն հարուստ անցեալ մը դրոշմուած էր։ Սոնիան նկարները դիտելով կանոնաւոր կերպով գզրոցի մը մէջ կը դասաւորէր զանոնք։ Մէկ ալ նկար մը առաւ ձեռքը. Եւգինէն նկարի կեդրոնը նստած էր, Վարդանն ու ինքն ալ դպրոցական համազգեստներով, անոր երկու կողքերուն։ Վարդանը այն ժամանակ հազիւ տասնեւութը տարեկան, պայծառ դէմքով սիրուն պատանի մը, կարծես թէ կենդանի կերպով նկարուեցաւ Սոնիայի աչքին։ Լուրջ ու խոշոր աչքերը բացած, Սոնիային կը նայէր ան, կը նայէր այնպէս, ինչպէս մէկը, որ դառնութիւն մը ունի ծածկած ուրախ ժպիտի տակ։

Երեք-չորս րոպէ նկարը ձեռքը, Սոնիան կը նայէր տղու դէմքին, առանց հայեացքը անկէ զատել կարենալու։ Մէկ ալ ջղայնացած, ամբողջ նկարները խառն ի խուռն հաւաքելով լեցուց գզրոցին մէջ, փակեց գրասեղանը, ու նորէն երկնցաւ անկողնին վրայ։ Ի՞նչ իմաստ ունէր անցեալը քրքրել. Վարդան մը եղեր էր թէ ոչ, բոլորովին նշանակութիւն չունէր այլեւս. մանաւանդ հիմա, երբ ինք, իր սիրած երիտասարդին հետ նշանուած էր։ Սոնիան անշուշտ կը սիրէր Ալեքսէյը, իր օրինաւոր նշանածը. այլեւս ինչո՞ւ անցեալի երեւակայական «պատմութիւններով» դառնացնէր իր ներկայ երջանկութիւնը։ Սոնիան վերմակը գլուխը քաշեց ու փորձեց քնել, թէեւ դեռ երկար ժամանակ, մէկ կողքէն միւսը դառնալով, կը մտածէր երեխայական ապրած օրերու վրայ։

-----------

Պեոտր Կարպովիչ Ասլանովը, որ աղջկան նշանուիլը իշխանին հետ մեծ յաջողութիւն մը համարած էր, շատ չանցած փոքրիկ յուսախաբութիւն մը ունեցաւ իր հաշիւներուն մէջ։ Սեպտեմբերի քսանին նշանակուած էր զինուորական պարենաւորման վարչութեան թաղիքի նուազուրդի մրցումը։ Երեք յայտնի վաճառականներ կը մրցէին իրարու ձեռքէ խլելու այդ շահաւէտ պատառը, որ միլիոններու կը հասնէր:

Պեոտր Կարպովիչը, խնդիրը բացատրեց իշխանին, ու պարզեց անոր շահի կարելիութիւնները, որմէ հարկաւ շօշափելի մաս մը պիտի երթար իշխանին գրպանը: Ուրեմն պէտք էր աշխատիլ, պէտք էր որ իշխանը, իր կապերու շնորհիւ ազդեցութիւն բանեցնէր, մարդիկ տեսնէր, եթէ պէտք լինէր՝ խոստումներ տար, գործը յաջողցնելու համար։ Անշուշտ քնած չէին մրցակից վաճառականները։ Անոնցմէ մէկը, Մեղրեցի վաճառական մը, որ տարիներ առաջ գիւղէն բոպիկ եկած էր ու երկաթեղէնի համեստ խանութ մը ունէր Սալտատսկի Պազարի վրայ, վերջին տարիները Կովկասի զինուորական վարչութեան պարենաւորման ճիւղէն ահագին կապալներ վերցուցած էր։ Կը ճանչնար այդ հաստատութեան մարդիկը, գիտէր անոնց հետ խօսելու «լեզուն», գործ մը յաջողցնելու համար, դրամը որպէս ծովի աւազ, աջ ու ձախ կը բաշխէր, հարիւրապատիկը շահելու վստահութեամբ։ Մինչ իշխանը դիրքի, ազդեցութեան շնորհիւ կ’ուզէր բան մը յաջողցնել, այդ Զոկը, առանց աղմուկի, ամենազօր կաշառքի ուժով, կապալը վերցուց։

Անշուշտ այդ անյաջողութիւնը սրտնեղեց Պեոտր Կարպովիչ Ասլանովը. բայց եղածը աւելի խամութեան հետեւանք համարելով, գոհացաւ երկար բարակ ճառ մը կարդալով իշխանի գլխուն, որ նման պարագաներու մէջ, պէտք չէր գոհանար միայն իր դիրքով ու ազդեցութեամբ, այլ պէտք էր որ բթամատն ու ցուցամատը ազդու կերպով շարժել գիտնար։

Իրիկուն մը քլըպէն կանուխ վերադարձաւ Պեոտր Կարպովիչը, շատ մռայլ տրամադրութեան մէջ։ Տիկին Վառվառէն որ քսան տարիներու ընթացքին միակ գործ մը ունեցեր էր հասկնալ ամուսնոյն տրամադրութիւնն ու ըստ այնմ վարուիլ, զգալով որ Պեոտր Կարպովիչը սաստիկ գրգռուած վիճակի մէջ է, կարի կողովը բանալով, ինչ որ ձեռագործի մը հետ խաղալ սկսաւ, գլուխը կախած: Սոնիան սեղանի մօտ նստած գիրք կը կարդար։

Գլխարկն ու գաւազանը օթոցի վրայ նետելով, Պեոտր Կարպովիչը հազիւ թէ քթի տակէն «բարի իրիկուն» մը մռմռալով, սկսաւ սենեակը չափչփել, սրտնեղութենէն ձեռքերը ճմրթկելով.

Դու էլ բան գործ չունիս՝ ձեռագործով կը խաղաս, կնոջ առջեւ կենալով յանկարծ պոռաց Պեոտր Կարպովիչը։

Տիկին Վառվառէն վախվխելով գլուխը բարձրացուց, նայեցաւ ամուսնոյն կարմրած դէմքին, Սոնիային՝ որ գիրքը փակած, հարցական՝ հօրը կը նայէր։ Առանց բան մը ըսելու, ձեռագործի կողովր փակեց ու սեղանի վրայ դրաւ։

Նորէն ի՞նչ է պատահած, հայրիկ, հարցուց Սոնիան, տեղէն բարձրանալով ու մօտենալով հօրը։

Տիկին Վառվառէն ալ Սոնիայէն սիրտ առած, մեղմ շշնջալով հարցուց.

Պեո՛տր, ի՞նչ կայ, ի՞նչ է պատահած, ու անմիջապէս լռեց, զարմանալով իր յանդգնութեանը վրայ։

Ի՞նչ կա՜յ, ի՞նչ է պատահած, արդէն պայթեցաւ Պեոտր Կարպովիչը, ի՞նչ է պատահեր, այդ մէկ մը հարցուր նշանածիդ… Ութը, ութը հազար րուպլի մէկ նստելուն… շիմէնտէֆէր պաքարա… Ինչպէ՞ս չէ, պաքարա… Ութ հազար րուպլի մէկ գիշերուան մէջ կորսնցնել… իսկ մէկ հարցնող լինի, ո՞վ պիտի վճարէ այդ պարտքը… Նա՞ղտ փող… հա՛, հա՛, հա՛… ո՞վ է կորսնցուցած, որ ան ունենայ, երկու ամիսէն վճարելի մուրհակ մըն է ստորագրած սիրելի նշանածդ… Հը՛մ… անշուշտ Պեոտր Կարպովիչ Ասլանովը, փեսացուին պատիւը փրկելու համար կը վճարէ… սխալ, սխալ հաշիւ… եւ ոչ իսկ կոպէկ մը… կը հասկնա՞ս, Սոնիա՛, եւ ոչ իսկ կոպէկ մը…

Արդար լինելու համար, պիտի խոստովանիլ, որ Սոնիան այդ խնդրի առթիւ հաւատարմութեամբ նշանածին կողմը բռնեց։ Վերջապէս ի՜նչ մեծ բան էր եղածը, քանի մը հազար րուպլիի մսխում մը, որ բարձր դասու համար սովորական երեւոյթ մըն էր, նոյնիսկ անհրաժեշտութիւն մը։ Այսպէս կը մտածէր Սոնիան, սակայն յաջորդ օր երբ հանդիպեցաւ Ալեքսէյին, մեղմօրէն յանդիմանեց նշանածը պաքարա խաղալուն համար։

Եթէ մէկ երկու համբոյրով Սոնիային հետ կարելի էր իր գործը հաշտութեամբ վերջացնել, իշխան Ալեքսէյը բաւական նեղութիւն կրեց Պեոտր Ասլանովի հետ հասկացողութեան մը գալու համար։

Գրասենեակի դարձող աթոռակին վրայ նստած, Պեոտր Ասլանովր մատը թափահարելով շատ պարզօրէն հասկցուց ապագայ փեսացուին, որ քանի դեռ աչքերը չէ փակած, իր հարստութեան տէրը ինքն է, միայն ինքը, եւ առանց իր գիտութեան ու համաձայնութեան ոչ ոք, ոչ իսկ աղջկան ամուսինը կրնայ մսխումներ թոյլ տալ ինքնիրեն։ Իշխանը դուրս եկաւ աներոջ գրասենեակէն քրտնած, ինքնասիրութիւնը վիրաւորուած, հազիւ բարկութիւնը պահելու կարող։ Բայց եւ այնպէս գիտցաւ ինքզինքը զսպել, սրտի դառնութիւնը Սոնիայի առջեւ թափելով: Ի՞նչ օգուտ Սոնիայի ունեցած հարստութենէն, երբ ամուսնանալով, իրենք նորէն՝ քաղքենիի մը մանր հաշիւներով պիտի ապրէին։

Սոնիան կատարելապէս համաձայն էր նշանածին հետ:

Պեոտր Ասլանովի ու իշխան Ալեքսէյի սառնութիւնը քանի մը օր տեւեց: Այդ յարգելի պատճառ մըն էր, որ իշխանը ամէն իրիկուն ստիպուած չզգար Ասլանովներուն այցելելու։ Իշխանը շատ ալ մտահոգուած չէր այդ այցելութիւններով։ Ուրախ ընկերութիւն մը ունէր ինք, բազմաթիւ բարեկամներ, ամէն իրիկուն քէյֆ, թղթախաղ եւ հաճելի կիներու ընկերակցութիւն։

Թղթախաղի դէպքէն վերջ, Պեոտր Ասլանովը որոշ վերապահում մը ցոյց կուտար իշխանի հանդէպ։ Արտաքուստ սիրալիր, բայց իր բարեկամներու միջոցով աչալուրջ կը հսկէր իշխանի քայլերուն։ Աշխարհիկ, ապրած մարդ մը, Պեոտր Ասլանովի համար քիչ նշանակութիւն ունէին իշխանի «երիտասարդական յիմարութիւնները» կիներու հետ։ Այդ բնական երեւոյթ մը կը համարէր, խօմ ամէն մարդ չէր կրնար սուրբ լինել, բայց երբ խնդիրը կուգար թղթախաղի, հազարներ վատնելու, հոդ արդէն Պեոտր Ասլանովը ամբողջ էութեամբը կ’ընդվզէր։ Ճիշդ է որ ինքն ալ ամէն իրիկուն քլըպ կ’երթար, կը խաղար իր աստիճանի մարդոց հետ, բայց իր խաղը որոշ սահման մ’ունէր ու այդ սահմանը երբեք չէր անցած, որ տասնեակ մը րուպլիներու շուրջը կը դառնար: Մէկ գիշերուան մէջ իշխանի ութ հազար կորսնցնելու փաստը Պեոտր Ասլանովի քունը աչքէն խլած էր։ Տասնեակ տարիներ ստրուկի նման աշխատելով պատկառելի հարստութիւն մը դիզած էր, ու հիմա աչքերը բաց չէր կրնար ձգել որ այդ հարստութիւնը վատնուի կանաչ սեղաններու առջեւ: Այս պարագան սաստիկ մտահոգութիւն կը պատճառէր Պեոտր Ասլանովին, որ եթէ չէր խոստովանէր, բայց ինքն իր մէջ, այնքան ալ վստահ չէր թէ՝ խելօք բան մը ըրաւ Սոնիան իշխանի հետ նշանելով։

Անակնկալ դէպք մը, ա՛լ աւելի սրեց Պեոտր Ասլանովի ու իշխանի յարաբերութիւնը։ Հոկտեմբերի 14-ի իրիկունը իշխանը ընթրիքի պիտի գար: Պեոտր Ասլանովը գրասենեակէն ուղիղ տուն եկաւ, ու սենեակը քաշուելով մէկ երկու ժամ հանգստանալէ վերջ, երբ ընթրիքի ժամանակ ընդունարանը իջաւ, իշխանը դեռ եկած չէր։ Սպասեցին կէս ժամ, մէկ ժամ, իշխանը չկար։ Եթէ տնեցիք առանձին լինէին դեռ ոչինչ, դրացի Շուանիձէներն ալ ընթրիքի հրաւիրուած էին, ու շատ անյարմար կացութիւն մը ստեղծուեցաւ։

Համբերութիւնը կորսնցուցած Պեոտր Ասլանովը աչքով ըրաւ կնոջը, բաւական է ինչ սպասեցին, իշխանը եկած կամ ոչ, ժամանակ էր սեղան նստելու, ու թեւը տուած տիկին Շուանիձէին, հիւրերը առաջնորդեր դէպի սեղանատուն։ Սոնիան սաստիկ ջղայնացած, հազիւ արցունքը կը պահէր։ Այս ինչո՞ւ Ալեքսէյը ուշացաւ, երբ գիտէր որ իրենց մօտ օտարներ ալ պիտի գտնուէին, այս որքա՜ն անուշադիր վերաբերմունք էր: Այդ կէս օրին ալ ժամադրութիւն տուած էր Սոնիային, ու չէր եկած։ Բայց եւ այնպէս, պէտք էր օտարներու առջեւ ուրախ երեւնալ, սուտեր հնարել նշանածը արդարացնելու համար:

Ընթրիքը վերջանալու մօտ էր, երբ իշխանը ներս մտաւ ճաշասենեակը։ Օրօրուելով կը քալէր, աչքերը կարմրտկած, ու դէմքը դաժան արտայայտութեամբ երկարած էր։ Բարեւեց ու նստաւ։ Շուանիձէները խորհրդաւոր կերպով իրարու նայեցան։ Սոնիան փուշերու վրայ նստած էր։ Միայն տիկին Վառվառէն, որու համար իշխանը բացարձակ կատարելութիւն մ’էր, անսովոր բան մը չնկատելով, սիրալիր մտերմութեամբ դարձաւ իշխանին.

Շատ սպասեցինք, Ալեքսէ՛յ, բայց ուշացար, կ’երեւի զբաղած էիր… կարեւոր գործեր…

Պեոտր Կարպովիչը խոժոռած՝ առջեւը կը նայէր, Սոնիան վախվխած կ’աշխատէր կարդալ նշանածի դէմքը, արդեօք ի՞նչ էր պատահած, ինչո՞ւ Ալեքսէյը այդ վիճակին մէջ կը գտնուէր։

Իշխանը Փոխարքայի պալատէն կուգար։ Ճամբան հանդիպած էր զինուորական շտապը կարեւոր հրամանագիր մը յանձնելու համար։ Պալատի ու շտապի մէջ մեծ իրարանցում մը կը տիրէր։ Ալեքսէյը շտապի մէջ, զինուորական խորհրդակցութեան մասնակցելու համար սպասած ժամանակ, մասնակցեր էր քանի մը շիշ գոնեակ դատարկելու աշխատանքին։ Երբ կէս հարբած վիճակի մէջ դուրս եկաւ զինուորական շտապի շէնքէն, այնպիսի մարտական տրամադրութիւն մ’ունէր, որ Երեւանեան հրապարակի անկիւնը դարձած ժամանակ, ուր խումբ մը մարդիկ հաւաքուած, փսփսալով կը խօսակցէին, դիտաւորեալ կերպով, ճիշդ անոնց մէջէն անցաւ, արմուկով մարդու մը զարկաւ, որ չէր աճապարած ճամբայ տալ իրեն:

Պեոտր Կարպովիչի մռայլ դէմքն ա՛լ աւելի գրգռեց Ալեքսէյը, որ ուղղակի թշնամաբար կը նայէր աներոջը։

Այնպիսի ծանր կացութիւն մը ստեղծուեցաւ, որ Սոնիան բոլորովին անհանգստացած, վերջապէս հարցուց.

Ալեքսէյ, ի՞նչ է պատահած…

Ի՞նչ է պատահած, բարկութեամբ գոռաց յանկարծ Ալեքսէյը, էդ սրիկայ արմեաշկաները, ձեռք բարձրացուցին Նորին Գերազանցութեան, կառավարչապետի վրայ… էդ ստոր յեղափոխականները ծանրապէս վիրաւորեցին իշխանը, որ մահամերձ է… բայց մենք ցոյց կուտանք այդ չարչի արմեաշկաներուն…– ու բռունցքը զարկաւ սեղանին:

Սեղանը շրջապատողները ապշած իրարու կը նայէին. Պեոտր Կարպովիչի համար ալ այդ դէպքը այնքան սարսափելի դժբախտութիւն մ’էր, որ նոյնիսկ չանդրադարձաւ Ալեքսէյի գործածած արմեաշկա բառին: Ահա թէ չափազանցութիւնը մինչեւ որտեղ կրնար հասնիլ, մտածեց Պեոտր Կարպովիչը, որ բնաւ համակրանք չունէր դէպի ժողովրդական շարժումը։ Ի՜նչ մեծ բան, որ եկեղեցական կալուածները կառավարութիւնը պիտի գրաւէր. թո՛ղ գրաւէր, ախպե՛ր, բաւական էր որ իրենք ազատ կերպով իրենց առեւտուրը կարողանային շարունակել: Երբ շաբաթ մը առաջ այդ շարժման ղեկավարները դիմած էին Պեոտր Ասլանովին, նիւթական օժանդակութիւն խնդրելով, առանց այլեւայլի գրասենեակէն վռնտած էր այդ մարդիկը։ Ու ահա թէ այդ յիմարները խնդիրը մինչեւ ո՛ր տեղուանքն էին հասցուցած։ Տերօ՜րի ենթարկել Կովկասի ամենազօր կառավարչապետը, ցարի ներկայացուցիչը։ Պեոտր Ասլանովը մռայլուած, ինքն իր մէջ սմքեցաւ։

Տիկիններու խնդրանքին վրայ իշխան Ալեքսէյը մանրամասնօրէն սկսաւ պատմել թէ դէպքը ինչպէս պատահած էր: Փոխարքան իր ամենօրեայ պտոյտը կատարելով, երբ Պոտանիկական այգիէն կը վերադառնար, երեք հայ երիտասարդներ կը ցատկեն կառքի վրայ, ու անոնցմէ մէկը ձեռքի դաշոյնով երկու անգամ կը զարնէ իշխան Կալիցինի գլխուն:

Բայց թող շատ չուրախանան այդ արմեաշկաները, որոնք վերջերս կատղեր են, մենք անոնց ցոյց պիտի տանք…– ու Ալեքսէյը սպառնագին ձեւով բռունցքը ցոյց տուաւ:

Կարծես թէ խարազանի հարուած մը հասցուցին Պեոտր Ասլանովի երեսին։ Իր տան մէջ, իր սեղանին վրայ, մէկը կը համարձակէր արմեաշկա կոչել զինքը: Ինչ ալ որ լինէր, ինք հայ մ’էր, թէեւ ոչ այն խելառ հայերէն, որոնք յիմարաբար ոտքի ելած էին ամենազօր ցարի դէմ: Եթէ միայն օտար հիւրեր չգտնուէին սեղանի վրայ… Ալեքսէյի հարբածութեանը տալով եղածը, կրնար լռել, անշուշտ վերջէն նկատողութիւն մը կ’ընէր բայց սեղանի վրայ, երբ Շուանիձէներն ալ ներկայ էին ու քթերնուն տակէն կը խնդային… Պեոտր Կարպովիչը յօնքերը վեր քաշած, ուղիղ Ալեքսէյին նայեցաւ, բարկութենէն սպրթնած դէմքով։

Իշխանը տիկիններուն դարձած կը պատմէր դէպքի մանրամասնութիւնները, բժիշկներու կարծիքը վիրաւորի վիճակի մասին, բազմաթիւ անգամներ կրկնելով արմեաշկա բառը, որ ոչ մէկ պատուաճանաչ հայ սառնութեամբ կրնայ լսել։ Ամէն անգամ, որ իշխանը արմեաշկա արհամարհական բառը կը կրկնէր, Շուանիձէները որպէս թէ վատ զգալով, իրարու, կը նայէին, բայց այնպիսի ձեւով մը որ այդ վիրաւորանքը աւելի զգալի դառնար, աւելի վիրաւորէր Ասլանովները, այդ նորահաս հարուստները, որոնք վերջապէս՝ հասարակ գիւղացիներ էին, դրամի շնորհիւ մարդու կարգ անցած։

Այլեւս համբերել չէր կրնար Պեոտր Կարպովիչը, որու ճակտի երակները ուռած էին. ոտքի ելաւ, ու բառերը ծանր ծանր արտասանելով, խօսքը ուղղեց իշխանին.

Երիտասա՛րդ, մի մոռնաք որ իմ տանս մէջ էք։ Ե՛ս, հայ մ’եմ, աղջիկս ալ հայ մօր եւ հայ հօր զաւակ է, հայ քրիստոնեայ մը։ Այս պէտք է գիտնան բոլոր անոնք, որոնց պատիւ կ’ընեմ տանս մէջ ընդունելու. իսկ ձեզմէ մասնաորապէս կը պահանջեմ որ այս կէտը երբեք չմոռնաք, ու ծանր ծանր քալելով հեռացաւ դէպի հիւրասենեակը։

Կարծես սառը ջուր լեցուցին Ալեքսէյի գլխուն, մէկէն ի մէկ ինքզինքը գտաւ, զգաց որ իր բարկութեան մէջ, շատ առաջ գնացեր էր, եւ ի զուր վիրաւորած Պեոտր Կարպովիչի ինքնասիրութիւնը։ Տիկին Վառվառէն որ եղածէն բան մը չէր հասկցած, զարմացած կը նայէր հեռացող ամուսնոյն ետեւէն. տիկին Շուանիձէն շրթները կծեց. իսկ Սոնիան շառագունած, մեղմօրէն բայց բառերը շեշտելով ըսաւ նշանածին.

Հայրիկս իրաւունք ունի, ես հայ եմ:

--------------

Հոկտեմբերի սկիզբները Արսէնեանները եկան այցելութեան: Այդ անգամն ալ Եւգինէն չէր եկած ծնողքին հետ։ Եւգինէի դիտաւորեալ անտեսումը սաստիկ ծանր ազդեց Սոնիայի վրայ. ինչո՞ւ, ի՞նչ պատճառով այդ աղջիկը կը խուսափէր իրենց տունը զալու, մանաւանդ իր հետ տեսնուելու, իրենք որ գրեթէ մէկ տան մէջ մեծցած, հարազատ քոյրերու նման մօտ եղած էին իրարու։ Տիկին Վառվառէն Վարդանով հետաքրքրուեր էր, ո՞ւր էր այժմ, ի՞նչ կ’ընէր։ Արսէնեաններու տուած տարտամ պատասխաններէն անհանգստացաւ Սոնիան։ Վարդանը ի՞նչ գործ ունէր Երեւանի կողմերը, ինչո՞ւ չէր երթար ուսանելու։ Եթէ միայն Եւգինէն եկած լինէր, անշուշտ կը պատմէր իրեն Վարդանի մասին։

Սոնիան ատկէ առաջ թէեւ մէկ երկու անգամ ցերեկով հանդիպած էր Արսէնեաններուն, բայց Եւգինէն տունը չէր գտած։

Ատկէ վերջ Սոնիան այլեւս չհանդիպեցաւ Արսէնեաններուն։ Շատ զբաղած էր, հարսնիքի պատրաստութիւն կը տեսնուէր իրենց տան մէջ, ամէն օր մայրիկին հետ փողոցն էր, խանութէ խանութ գնումներ կատարելու։ Երբեմն իր խնդրանքով, Ալեքսէյն ալ կ’ընկերանար իրենց։

Վերջի ատենները, Պեոտր Կարպովիչի ու իշխանի յարաբերութիւները ստացեր էին քաղաքավարական սառը բնաւորութիւն մը։ Իշխանը չէր կրնար ներել Շուանիձէներու ներկայութեան կերած ապտակը, որ վիրաւորած էր իր անձնական արժանապատուութիւնը որպէս մարդ, բայց որ աւելին է, որպէս ռուս ազնուական մը. իսկ Պեոտր Կարպովիչն ալ սաստիկ վրդովուած էր փեսացուին ցուցուցած անյարգելի վերաբերմունքէն։ Սակայն եւ այնպէս երկուքն ալ պարտաւոր էին իրենց զգացումները ծածկել, ժպտիլ իրարու դէմքին, մանաւանդ երբ օտարներ ներկայ լինէին։

Սոնիան երկուքի արանքը ինկած, խորապէս կը տառապէր։ Եթէ երկու երեք ամիս առաջ լինէր, ի՞նչ կասկած, նշանածի կողմը բռնելով՝ հօրը դէմ պիտի ելնէր, բայց հիմա սրտին մէջ բեկուածութիւն մը կը զգար, անորոշ, տարտամ անհանգստութիւն մը։

Բացի մանկամարդ այրի կնոջ դէպքէն, որ երբեք մտքէն չէր կրնար հեռացնել, Սոնիան ուրիշ պատճառներ ալ ունէր անհանգստանալու։ Ալեքսէյը բազմաթիւ անգամներ յուսախաբ ըրած էր զինք։ Այս թերացումին թերեւս կին մը նշանակութիւն չտար, բայց նոր նշանուած աղջիկ մը մեծ յանցանք կը նկատէ զայն։

Մէկ ալ Ալեքսէյի խմելու սէրը զինք սաստիկ կ’անհանգստացնէր։ Սոնիան երեխայ մը չէր, գիտէր որ այն դասակարգին մէջ, որուն կը պատկանէր Ալեքսէյը, լաւ ուտելը, լաւ խմելը ու շատ խմելը ընդունուած երեւոյթ մ’էր, բայց ամէն անգամ, որ նշանածը հարբած վիճակի մէջ զինքը կը համբուրէր, չէր կրնար, թէկուզ ակամայ, զգացած իր զզուանքը պահել։ Այնպիսի ծանր, անտանելի զգացում մ’էր այդ, որուն հետ կը վախնար, որ երբ եւ իցէ պիտի չկրնար հաշտուիլ։

Օբերայի ներկայացման առթիւ առաջին անգամը լինելով՝ ընտրանի հասարակութեան առջեւ Ալեքսէյը ու Սոնիային միասին պիտի երեւային։ Սոնիան սրտմաշուք համբերութեամբ ինքզինք յանձնէր էր ֆրանսացի մօտիստին եւ մազերը յարդարող ռուս կնոջ խնամքին, որոնք զինք կը պատրաստէին այդ իրիկուան համար։ Վերջապէս հագուած-շտկուած, Սոնիան ճերմակ մետաքսէ շրջազգեստի քղանցքները ժողվելով, սանդուխէն վար վազեց հիւրասենեակը, ուր իշխան Ալեքսէյը կը սպասէր, հանդիսաւոր օրերու համազգեստը հագած, կուրծքը նշաններով զարդարուն, արծաթապատ սուրը կողքին կախուած: Պահ մը իրարու դէմ կանգնած, նշանածները սքանչացումով իրարու նայեցան։ Կատարեալ զոյգ մըն էին։

Երբ Սոնիան ու իշխան Ալեքսէյը կառքէն վար իջան օբերայի շէնքին առջեւ, որ գեղարուեստի տաճար մը լինելէ աւելի, կարծես ցարական բռունցք մը լինէր զանգուածօրէն չոքած, շատ զարմացան ձիաւորներու բազմութիւնը նկատելով, որոնք գրեթէ շրջափակուած կը պահէին շէնքը: Թեւանցուկ անցան միջանցքէն։ Ոսկեճամուկ զգեստով պատանի մը առաջնորդեց զիրենք առաջին յարկի օթեակներէն մէկը։

Օբերայի սեզօնի բացումը դէպք մըն էր Թիֆլիսի համար։ Ընդունուած սովորութեան համաձայն, կը լինէին Փոխարքան, բարձրաստիճան զինուորականութիւնն ու պաշտօնէութիւնը իրենց կիներով, ռուս եւ վրացի ազնուականութիւնը ամբողջովին, բայց մանաւանդ հայ պուրժուա դասակարգը եւ մտաւորականութիւնը, որոնք կը լեցնէին օբերայի հսկայ շէնքը:

Զարմանալի կերպով այդ օրը, հակառակ սպասուածին, ոչ թէ ոտքի կանգնած մնացողներ չկային, այլ նստարաններու մեծագոյն մասը դատարկ մնացած էր, իսկ երկրորդ, երրորդ յարկերը գրեթէ ամայի։ Ներկաները շուարած իրարու կը նայէին։ Հազիւ թէ իշխանն ու Սոնիան օթեակի աթոռներուն վրայ բազմեցան, երբ իշխանի ընկերներէն երկու սպաներ ներս մտնելով մտերմօրէն բարեւեցին։

Խնդրեմ, իշխանը երկու աթոռներ ցուցուց հիւրերուն, ծանօթացէք, նշանածս…

Սպաները բարեւեցին Սոնիան, կրունկնին չխկացնելով ու տեղաւորուեցան աթոռներու վրայ։ Անոնցմէ մէկը ղազախ սպայ մըն էր, սիրուն երիտասարդ մը, վայելչօրէն չէրքէզքի երկար հագուստի մէջ իրանը սեղմած։ Միւսը տարէց գնդապետ մըն էր, երկար պեխերով, դաժան նայուածքով մը, որ հասարակ զինուորականութենէ բարձրացած՝ նախկին կոշտ շարժուձեւերէն բոլորովին չէր ձերբազատուած։

Ալեքսէյ Գէորգովիչ, ղախազ սպան մտերմաբար խօսքը ուղղեց իշխանին, նկատեցի՞ք որ նստարանները գրեթէ դատարկ մնացեր են… այս կը նշանակէ, որ…

Կը նշանակէ որ, ընկերոջ խօսքը կտրեց գնդապետը, պեխերը ոլորելով, այդ արմեաշկաները պոյքոթի ենթարկեր են օբերան… պէտք է դաս մը տալ ատոնց…

Ի՞նչ դաս կրնանք տալ, ծիծաղելով պատասխանեց երիտասարդ սպան, մերն է յանցանքը, որ թոյլ տուած ենք այդ չարչիներուն կողոպտելու Կովկասի հարստութիւնը: Զարմանալի անշնորհք ժոդովուրդ մ’ենք մենք… իսկապէս բնաւ ռուս հարուստի մը հանդիպա՞ծ էք Կովկասի մէջ…

Ո՛չ Կովկասի մէջ եւ ոչ ալ Ռոստով, Արմաւիր, կամ Եկատերինոտար, վրայ բերաւ գնդապետը, այդ արմեաշկաները ջհուտներէն ալ վատ են…

Սոնիան շառագունած դէմքով մտիկ կ’ընէր։ Անտանելի կերպով ճնշուած կը զգար ինքզինքը. ոչ թէ անոր համար որ արմեաշկա բառը իրեն համար նշանակութիւն մը ունէր, այլ որ այդ մարդիկը գիտնալով որ ինք հայ մըն է, չէին քաշուեր իր ներկայութեանը այդ բառը գործածելու։ Իսկ Ալեքսէյը, բոլորովին անտարբեր մտիկ կ’ընէր ընկերները, մտքէն իսկ չանցընելով, որ Սոնիան կրնայ վրդովուիլ։

Յանկարծ դահլիճի մէջ խօսակցութիւնները դադրեցան։ Փոխարքան օթեակը մտած էր իր հետեւորդներով: Ամբողջ հասարակութիւնը ոտքի բարձրացաւ, զինուորականները բարեւի դիրքով անշարժ կանգնած, մինչ կիները գլուխնին խոնարհեցուցին։ Վարագոյրը բացուեցաւ։

Հազիւ թէ Սոնիան կը հետեւէր ներկայացման, եւ ոչ ալ երգիչներ կը հետաքրքրէին զինքը։ Թէեւ երկու սպաները վարագոյրի բացուելուն վերադարձած էին իրենց տեղերը, սակայն անոնց խօսակցութեան ծանր տպաւորութեան տակ, Սոնիան միտքը չէր կրնար կեդրոնացնել խաղի վրայ։ Ի՜նչ լաւ, որ վերջին պահուն հայրը մերժեր էր իրենց ընկերակցիլ։

Երբ վարագոյրը իջնալէ վերջ, Սոնիան բոլորովին անտրամադիր, Ալեքսէյի թեւը մտած դուրս ելաւ միջանցքը, իշխանի ծանօթներէն, ընկերներէն շատեր մօտեցան իրենց։ Բոլորի խօսակցութիւնը նոյն նիւթի շուրջը կը դառնար։ Հայերը պոյքոթի էին ենթարկած օբերան, իսկ այդ կը նշանակէր որ Թիֆլիսը իր միջոցներով օբերա պիտի չկրկար ունենալ, եթէ կառավարութիւնը պետական միջոցներով չծածկէր բացը։

Սոնիան իր շրջանէն դուրս ինկածի նման կը զգար. չկային հայ ունեւոր, արիստոքրատ համարուած ընտանիքները, իսկ ռուս ընտանիքներէն ոմանց հազիւ թէ ծանօթ էր Սոնիան։ Իշխան Ալեքսէյը աջ ու ձախ իր նշանածը կը ծանօթացնէր։ Այրերը սիրալիր քաղաքավարութեամբ կը բարեւէին, նախանձելով Ալեքսէյի բախտին, որ հարուստ հայու մը սիրունիկ աղջիկը յաջողեր էր ճանկել. իսկ կիները աւելի վերապահ՝ ոմանք սառնօրէն ժպտեցան, ոմանք ալ վերէն վար նայեցան հարուստ արմեաշկա աղջկան վրայ, որ դրամի ուժով միայն իրենց շրջանը պիտի մտնէր։

Ամբողջ երկու շաբաթ, Սոնիան պատրաստուած էր այդ գիշերուան համար, ու հիմա, սիրտը դառնութեամբ լեցուած, կը զղջար եկած լինելուն։ Չորս բոլորը, այրեր, կիներ, ուրախ թրվռուն խօսակցութեան մը բռնուած, կը կատակէին, մինչ ինք անոնց մէջէն կ’անցնէր օտարականի նման մինակ զգալով։

Վարագոյրի բացուելու ժամանակը մօտեցաւ, միջանցքի բազմութիւնը աճապարեց դէպի սրահը։

Սոնիան եւ իշխանը ետ դառնալ սկսան դէպի օթեակը: Դրան մօտ հասած էին, երբ զինուորական մը իշխանին մօտենալով բարեւեց, մէկդի առաւ ու բան մը փսփսաց ականջին։ Իշխանը աշխուժով մօտեցաւ Սոնիային ու նշանածի զգեստի ետեւի կողմը դիտելով, բարկութենէն հայհոյեց։ Կապոյտ թանաքի երկար գիծ մը վերէն վար ներկեր էր սպիտակ մետաքս կտորը։

Ի՞նչ կայ, ի՞նչ պատահած է, սիրտը դող ելած

հարցուց Սոնիան։

Մէկը ետեւէդ թանաք է նետեր, զգեստդ աղտոտած է…

Թանա՞ք… ի՞նչ կ’ըսես, Ալեքսէյ։

Վնաս չունի, սիրելի՛ս, օթեակէն դուրս չենք գար մինչեւ լրանալը… միայն ետեւի կողմդ աղտոտեր է… ախ էդ շան ծնունդ արմեաշկաները… անոնց գործն է…

Ալեքսէյ, տուն երթանք, խնդրեմ…

Բայց անյարմար է, սիրելի՛ս, սրտնեղած պատասխանեց իշխանը, որ բոլորովին տուն երթալու ցանկութիւն չունէր, մանաւանդ որ օբերայէ վերջ, մեծ խումբով մը վրաց ազնուականներու քլըպը պիտի երթային ընթրելու։

Բայց այս վիճակին մէ՞ջ…

Վնաս չունի, թանթել փելերինը կը ծածկէ…

Չէ՛, խնդրե՛մ, երթանք տուն։

Սոնիա՛…

Ես տուն պիտի երթամ։

Այդ արդէն այնքան վճռական ձեւով ըսուած էր, որ Ալեքսէյը նոյնիսկ չփորձեց հակաճառել։ Աւելի լաւ, իւրովի մտածեց իշխանը, Սոնիան տուն ձգելով, ինք մինակ կ’երթար ընթրիքի։

Վասիլը ձիերը մտրակեց, ու կառքը ուղղուեցաւ, դէպի Սոլոլակ, Ասլանովներու տունը։

Կառքին մէջ, բարկացած իշխանը ինքն իրեն կը մրթմրթար. «Այդքան ալ լրբութիւն… ներս սողոսկիլ… թանաք սրսկել կնոջ մը զգեստին վրայ, անոր համար որ հայ ծնած է… ա՛յ թշուառականներ, սրիկաներ, ես ձեզ ցոյց կուտամ… շուտով կը տեսնէր, ջհուտ արմեաշկաներ… ձեր գլխուն արդէն գալիք մը կայ… քիչ մ’ալ սպասեցէք…»

Սոնիան, որ կառքի բազմոցի անկիւնը սեղմուած լուռ կը մտածէր, իշխանի վերջին խօսքերը լսելով, որոնք այնքան բարձր արտասանուած էին որ ինք որոշակի լսեց, յանկարծ դարձաւ՝ խոժոռած նայեցաւ նշանածին ու ըսաւ.

Իսկական ազնուական մը, այդ վիրաւորիչ բառը չ’արտասաներ, դու կը մոռնաս թէ որո՛ւ ներկայութեանը կը խօսիս։

Բայց Սոնիա՛, լրբութիւն էր այդ սրիկաներու ըրածը…

Թերեւս, բայց Ալեքսէյ, ես պէտք չէ երթայի, նկատեցի՞ր սիրելիս, ոչ մէկ հայ եկած էր…

Բայց դո՛ւ, Սոնիա, դո՛ւ…

Ե՞ս, ես ի՞նչ եմ որ…

Դո՛ւ արդէն ռուս կը համարուիս։

Իսկ ծնո՞ղքս…

Դու ծնողքիդ հետ գործ չունիս, երկու ամիսէն երբ ամուսնանանք…

Կը սխալիս, Ալեքսէ՛յ, ես հայ եմ…

Ա՜յ քեզ նորութի՜ւն…– ինքն իրեն մրմռաց իշխանը ուսերը թօթուելով, ու այլեւս չխօսեցաւ:

Սոնիան երբեք ինքզինքը այնքան դժբախտ չէր զգացեր, ինչպէս այդ երեկոյ։ Տան դրան առջեւ բաժնուեցաւ Ալեքսէյէն, որ կ’աճապարէր վերադառնալ։ Սոնիան անմիջապէս բարձրացաւ ննջասենեակը, Մաշայի օգնութեամբ զգեստը հանեց, ու անկողին մտաւ վերմակի տակ խեղդելու համար հեծկլտանքը:

Նոյեմբերի առաջին օրերը, զարմանալի կերպով Ասլանովներու տունը եռուզեռ մը կ’ապրէր։ Մարդիկ կուգային կ’երթային, խանութի աշակերտներ, ծրարներով ծանրաբեռնուած ներս կը մտնէին, Ասլանովներու սեփական կառքը միշտ պատրաստ դրան առջեւ կը սպասէր, տիկին Վառվառէն ու Սոնիան երբեմն աճապարանքով դուրս կ’ելնէին խանութ մը հանդիպելու համար, ու անմիջապէս կը վերադառնային։

Հարսանիքի պատրաստութիւնները թափով սկսած էին. երբ ամէն ինչ իրարու կը խառնուի, փոքր բաներու պատճառով մարդիկ կը ջղայնանան, կտոր մը մանեակի համար բոլոր խանութները տակնուվրայ կ’ընեն եղածներուն չհաւնելով ու վերջէն առաջին խանութի մէջ տեսածնին կը գնեն որպէս յարմարագոյնը: Հեռաւոր ազգականներ եւ բարեկամներ գործի կը խառնուին, խորհուրդներ կուտան, կարգադրութիւններ կ’ընեն, տնեցիներու կարգադրութիւններուն հակառակ, ու բաբելոնական քաոս մը կը ստեղծուի, երբ, ինչպէս կ’ըսեն, շունը տէրը չի ճանչնար։

Գրեթէ ամէն օր հօրքուրենքը աղջիկներով միասին, դրացի Շուանիձէները, Ջաւջաւաձէները Ասլանովներու տունն էին, որպէս թէ օգնելու համար, բայց միայն իրենց ներկայութիւնը բաւական էր որ աւելի եւս թնճկոտէր պատրաստութեան գործը։ Ամէն մէկը կարծիք մ’ունէր գնուելիք չնչին կտորի մը գոյնի, գործքի մասին։ Տիկին Վառվառէն որ երբեք սեփական կարծիք չէր ունեցեր, ամէնքին հետ համակարծիք կը գտնուէր, մինչեւ որ Սոնիան իր վերջին խօսքը ըսէր։

Այս բոլոր իրարանցումին մէջ միայն Պեոտր Կարպովիչը ձեռնպահ կը մնար։ Կարծես պարզ հանդիսատես մը լինէր իր սեփական տանը մէջ։ Այդ վերապահութիւնը այնքան զգալի էր, որ անգամ մը երբ Սոնիան Փարիզէն եկած հարսանեկան զգեստի կտորը կը ցուցնէր հօրը, վերջինս հազիւ թէ վրան նայելով, դարձաւ աղջկան կողմը, ինքնամփոփ հայեացքը ուղղեց աղջկան աչքերուն, կարծես կ’ուզէր անոր սիրտը կարդալ, ու մեղմօրէն հարցուց.

Երջանի՞կ ես, անգին աղջիկս։

Անսպասելի հարցում մ’էր այդ։ Սոնիան շփոթած առաջին րոպէին, ինչ ըսելը չիմացաւ, ինչո՞ւ այնքան լրջութեամբ հայրը այդ հարցումը կուտար։ Արդեօք պատճառ մը ունէ՞ր կասկածելու երջանկութեան մասին։

Անշո՛ւշտ, հայրի՛կ ջան, տատամսելով պատասխանեց Սոնիան։

Որ երջանիկ ես, ուրեմն ամէն ինչ լաւ է, ու Պեոտր Կարպովիչը գլուխը անդին դարձուց, խոր մտածմունք ունեցող մարդու մը կեդրոնացած արտայայտութեամբ։

Պեոտր Կարպովիչի գրեթէ անտարբերութեան հասնող մեկուսացումը, սաստիկ ազդած էր Սոնիայի սրտի վրայ։ Ինչո՞ւ հայրը հազիւ երբեմն կը ժպտէր իրեն նայած ժամանակ, այնպէս, զարմանալի արտայայտութիւն մը կ’ունենար դէմքին վրայ: Սոնիան, որ մօրը հանդէպ այնքան քմայքոտ՝ խորապէս կապուած էր հօրը հետ։ Իր ըմբռնումով հայրը ամենակարող մարդ մ’էր, շատ մեծ մարդ մը, որ թէեւ գիւղէն եկած, ամբողջ Կովկասի մէջ տիրապետող դիրք մը գրաւած էր։ Ատկէ զատ, հայրը «չէ» բառը չէր ունեցած Սոնիայի համար. մանկութենէն ի վեր, Սոնիան տան մէջ իսկական թագուհիի մը դերը կը խաղար, ու հայրը, որ այնքան կամակոր մարդ մը ճանչցուեր էր հասարակութեան մէջ, ամէն կերպով ընդառաջ կ’երթար իր ցանկութիւններուն։ Ու հիմա, երբ ամուսնութեան թուականը այնքան մօտեցեր էր, հայրը հետզհետէ լռակեաց կը դառնար, տխուր ու միշտ մտազբաղ դէմքով։

Անգամ մը, Սոնիան երբ մօտեցեր էր հայրը համբուրելու, անկողին երթալէ առաջ, Պեոտր Կարպովիչը զինք գրկելով նստեցուցեր էր ծնկանը վրայ, ինչ որ առաջները շատ անգամ կ’ընէր, ու կուրծքին սեղմած, այնպէս մը համբուրած էր, որ կարծես թէ աղջիկը շատ հեռու ճամբորդութեան մը կ’երթար։ Բայց ատկէ աւելի, Սոնիան վրդոված էր հօր դէմքի արտայայտութիւնը։ Հօր տիրական, հպարտ դէմքը խեղճացած՝ աչքերուն մէջ անկասկածելի ցաւ մը կար, խոր ցաւ մը, որ լեզու չունի, ու ներողութիւն խնդրող արտայայտութիւն մը, կարծես հարազատ աղջկան առջեւ յանցաւոր մը լինէր ինք։ Ինչո՞ւ հայրիկը այդպէս խեղճացած պիտի զգար։

Բայց եւ այնպէս, Սոնիան այնքան զբաղած էր հարսանիքի պատրաստութեան գործով, որ եթէ երբեմն կ’անդրադառնար հօր վիճակին, սակայն ժամանակ չէր ունենար պրպտելու, թափանցելու անոր պատճառներուն: Հայրն ալ բան մը չէր ըսեր իրեն։

Օր մը, կէսօրէն վերջ, Թամարա Ջաւջաւաձէն եկած էր Սոնիայի մօտ։ Միասին դուրս պիտի ելնէին մասնաւոր լայնքի վարդագոյն ժանեակ մը գնելու համար։ Կառքը նստած, գրեթէ բոլոր խանութներու առջեւ կանգ առին, ոչ մէկ տեղ իրենց ուզածը չգտնելով։

Թէեւ չեմ կարծեր, բայց Սոնիա, կ’ուզես մէկ հանդիպինք Միքայէլեան փողոցը, հոն քանի մը մեծ խանութներ կան…

Անշուշտ երթանք։ Վասի՛լ, Միքայէլեան փողոցը։

Կառքը անցաւ Վարանցովի կամուրջէն, ու դէպի ձախ ծռելով մտաւ Միքայէլեան փողոցը, որ մինչեւ Մուշտայիտի այգին կ’երկարէր։ Սկսեր էր մթնել։ Փողոցներու եւ խանութներու ճրագները վառուեցան։ Քանի մը խանութներ մտնելով ելնելով, առանց փնտռածնին գտնելու, ճարահատ ետ դարձան երկու ընկերուհիները։

Վարանցովի կամուրջի գլուխը փոքրիկ հրապարակ մը կայ, կեդրոնը՝ Կովկասի առաջին Փոխարքայի պրոնզէ հսկայ արձանով. մանր կրպակներ հրապարակի չորս բոլորը, իսկ կամուրջի ուղիղ ձախ անկիւնը, Թիֆլիսի հռչակաւոր պատուալ (գետնափոր) ճաշարաններէն մէկը, ուր մէկ երկու անգամ Վարդանի հետ գնացեր էր Սոնիան։

Կառքը Վարանցովի արձանի պատուանդանին շուրջը դառնալով, երբ ուղղուեցաւ դէպի կամուրջը, այդ պատուալի սանդուխներէն բարձրանալով, փողոցի մայթի վրայ ելաւ իշխան Ալեքսէյը կնոջ մը հետ, որ թեւը մտած, քրքջալով կը խօսէր։

Այդ պատկերը փայլակի նման արագ անցաւ Սոնիայի աչքի առջեւէն, որ եւ ոչ իսկ երկրորդ անգամ մը նայելու պէտք ունեցաւ, ճանչնալու համար ամարանոցի որբեւայրի կինը։ Կարծես ամբողջ աշխարհը մէկէն մթնեց. Սոնիան հազիւ հեծկլտանքը զսպելով, արձանացաւ նստած տեղը, աչքերը յառած ուղիղ կառապանի մէջքին։

Անշուշտ Թամարան ալ տեսած էր իշխանը, որ յանկարծակիի եկած, որպէս թէ չնկատեց անցնող կառքը ու ոչ ալ մէջի նստողները։ Երկու ընկերուհիները առանց բառ մը արտասանելու հասան Ասլանովներու տան առջեւ։ Թամարան պատրուակ մը գտնելով չուզեց ներս մտնալ, կ’աճապարէր տուն, տնեցիներուն պատմելու հետաքրքիր նորութիւնը։ Մաշան դուռը բացաւ ու Սոնիայի սպրթնած դէմքը տեսնելով, որ կարծես թէ պիտի նուաղէր, քայլ մը առաւ օգնելու տիրուհիին։

Ո՛չ, չ’ուզեր, բան չկայ… Ներսը ո՞վքեր կան…

Տիկինն ու պարոնը, մէկ ալ հօրաքոյրնիդ.. Բայց Սոնիա Պետրովնա, ի սէր Աստուծոյ, ձեզ ի՞նչ է պատահեր…

Ձեռքի անհամբեր շարժումով մը մէկդի ընելով սպասուհին, Սոնիան նետեց գլխարկը աթոռի մը վրայ, ու ընտանեկան ընդունարանի դուռը բանալով սեմի վրայ կանգնեցաւ։ Մայրը եւ հօրաքոյրը կտորներով ծանրաբեռնուած սեղանի մը առջեւ նստած, փսփսալով իրարու հետ կը խօսէին, մինչ հայրը իր սովորական տեղը, դիւանի վրայ՝ երկնցած, առանց կարդալու, մտամոլոր կը նայէր բռնած թերթին։

Ահա՛ Սոնիան, ուրախացած բացագանչեց մայրը, աղջի՛կ, մէկ եկուր տես էս կտորը…– Ու յանկարծ նկատելով Սոնիայի այլագունած դէմքը, աթոռէն վեր ցատկեց. Սոնի՛ա, աղջիկս, ի՞նչ կպատահեր…

Պեոտր Կարպովիչը, կնոջ վախեցած ձայնը առնելով, թերթերը ձեռքէն ձգեց, ու բարձրացաւ դիւանի վրայէն, իսկ տիկին Անթառամը Սոնիային մօտեցած, բաժակով ջուր կ’առաջարկէր.

Աղջի՛ քիչ մը ջուր խմէ, Յիսուս Քրիստոս… այդ ի՞նչ դէմք է…

Առանց մօրն ու հօրաքոյրի խօսքերուն ուշադրութիւն դարձնելու, Սոնիան մօտեցաւ հօրը որ կեցած տեղը գամուած մնացեր էր, ու յանկարծ թեւերը տարածելով գրկեց զայն ու դէմքը ծածկեց անոր կուրծքին վրայ.

Օ՜ հայրիկս… հայրիկս…

Պեոտր Կարպովիչը կռահեց որ նորէն ծանր բան մը պատահած էր, աչքով ունքով հասկցուր որ կինն ու քոյրը լռեն, ու Սոնիան գրկած տարաւ հիւրասենեակը, փոքր երեխայի մը նման ծնկան վրայ նստեցուց, մինչ աղջիկը կուրծքին փակած, ամբողջ մարմնով ցնցուելով կը հեկեկար:

Հանգստացի՛ր, հանգստացի՛ր, անգին աղջիկս…

Հայրիկ… եթէ գիտնաս… եթէ գիտնաս…

Պեոտր Կարպովիչի կինն ու քոյրը հիւրասենեակի դրան առջեւ կանգնած լուռ կը տրորուէին։ Այնքան անսովոր բան մ’էր Սոնիայի լացը, որ երկու կիները շուարած, չէին համարձակեր ձայն իսկ հանել կամ մօտենալ անոր։

Կամաց կամաց Սոնիայի հեկեկոցը դադրեցաւ. թաշկինակով աչքերը չորցուց ու գլուխը վերցնելով հօրը նայեցաւ բոլորովին հանգստացած։ Անակնկալ փոթորիկը անցած էր։ Հօր ծնկան վրայէն բարձրանալով քովը նստաւ։ Կարծես քիչ առաջուան հեկեկալով լացող աղջիկը չլինէր այլեւս։

Ի՞նչ է պատահած, Սոնիա, անգի՛ն աղջիկս, հարցուց Պեոտր Կարպովիչը աղջկան մազերը շոյելով։

Մի՛ հարցներ, հայրիկ ջան… երբեք մի հարցներ…

Լաւ, մի նեղուիր սիրելիս, չեմ հարցներ…

Բան մը պիտի խնդրեմ, հայրի՛կ, պի՛տի կատարես…

Անշո՛ւշտ, աղջիկս, ըսէ։

Սոնիան մատին նշանի մատանին հանելով, առանց յուզումի նշան մը դէմքին, հօրը երկնցուց զայն.

Կը խնդրեմ, որ տիրոջը յանձնես այս մատանին ու ըսես, որ ամէն կապ վերջացած է մեր միջեւ…

Սոնիա, աղջի՛կ, խենթացա՞ր, այլեւս ինքզինք պահելու անկարող տիկին Վառվառէն աղջկան մօտ վազեց. Պեոտր, ի սէր Աստուծոյ, խօսք մը չըսե՞ս…

Ընդհակառակը, կարծես թէ Սոնիայի այդ յանկարծական որոշումը կենդանացուցեր էր Պեոտր Կարպովիչը, որու աչքերը ուրախութեամբ կը փայլէին։ Փոխանակ կնոջը ձայնակցելու, մէկ թեւով Սոնիան գրկած, ըսաւ.

Շատ լաւ, աղջիկս, ինչպէս որ կ’ուզես, վաղը առտու գրասենեակս կը կանչեմ զինքը եւ մատանին կը յանձնեմ իրեն։

Ի՞նչ կ’ըսես, Պեո՛տր… Տէր Աստուած, լսողները ի՞նչ պիտի ըսեն, ու տիկին Վառվառէն աթոռի մը վրայ իյնալով սկսաւ հեծկլտալով արտասուել:

Ինչ կ’ուզեն թող ան ըսեն, բարկացած յանդիմանեց ամուսինը, բաւական է, ի՞նչ երկուքդ ալ գլուխ գլխի հօնքուր հօնքուր կուլաք… Կարծես թէ դուք պիտի ամուսնանայիք իշխանին հետ… Դո՛ւրս ելէք, ես Սոնիայի հետ խօսելիք ունիմ…

Երկու կիները լալով դուրս ելան, հայրն ու աղջիկը մինակ ձգելով։

Սոնիա, աղջիկս, Պեոտր Կարպովիչը աղջկան ձեռքը ափին մէջ առաւ, հաստատ որոշա՞ծ ես…

Հայրի՛կ…– ու Սոնիայի գունաթափ դէմքը վճռական արտայայտութիւն մը ստացաւ:

Կ’ըսեմ, որ յետոյ չզղջաս…

Է՜հ հայրիկ, ես այնքան զղջալու բան ունիմ… այլեւս անոր մասին չեմ ալ մտածեր… Ես իմ ձեռքովս կեանքս խորտակեցի…

Նո՛ւ, նո՛ւ, ժպտաց Պեոտր Կարպովիչը, կեանքդ խորտակելու մասին մի խօսէր… Դեռ հազիւ երեխայ մը…

Հայրի՛կ, ես անարժան աղջիկ մ’եմ, ու Սոնիան յանկարծ փղձկեցաւ, արցունքի կաթիլները երեսն ի վար գլտորեցան ու դէմքը ձեռքերով ծածկեց։

Գնա՛, գնա՛ հանգստացիր, վաղը ուրիշ կերպ պիտի մտածես. առտու քեզ չտեսած, դուրս չեմ ելներ։

Կարիք չկայ, հայրի՛կ, այդ մասին այլեւս մի մտածեր, կ’ընես այնպէս, ինչպէս խնդրեցի քեզմէ… Ես բոլորովին ուրիշ բանի մասին կը մտածէի…

Սոնիան իր սենեակը բարձրացաւ:

Չէ՛ Մաշա, քեզ պէտք չունիմ, ես ինքս կը հանուիմ, ու սպասուհին դուրս ընելով, Սոնիան դուռը գոցեց ու երկնցաւ անկողնի վրան:

Որքա՜ն դժբախտ կը զգար ինքզինքը Սոնիան։ Մէկիկ մէկիկ իր փայլուն յոյսերը մարած էին, ու կարծես թէ կեանքէն բոլորովին կտրուած, անհուն պարապութեան մը մէջ կը զգար ինքզինքը, առանց նեցուկի, առանց ոտքերու տակ հաստատուն գետին մը զգալու։ Ինչո՞ւ բոլորը այսքան դժբախտ վերջաւորութիւն մը ունեցան։ Որքա՜ն երջանիկ էր ինք, դեռ տարի մը առաջ, որքա՜ն փայլուն յոյսեր ունէր ապագայի մասին, երբ այդ իշխանը դեռ երեւան չէր եկած։

Անկողնին վրայ երկնցած, Սոնիան դառնօրէն կը հեկեկար, աշխատելով զսպել հեկեկոցի ձայնը: Եթէ ինք գիտնար… եթէ միայն այն ժամանակ կարողանար գնահատել…

Սոնիա մէկէն ոտքի ցատկեց, մօտեցաւ գրասեղանին, ու աթոռին վրայ նստելով, գզրոցը բացաւ:

Խառն ի խուռն լեցուցած նկարները դուրս բերաւ։ Գզրոցէ տակ մատանի մը մնացեր էր, ոսկի պարզ օղակ մը, վրան գանկ մը զետեղուած։ Իր ծննդեան առթիւ Վարդանի տուած մատանին էր։ Սոնիայի գլուխը խոնարհեցաւ, արցունքները առատօրէն սկսան հոսիլ աչքերէն, ու մատանիին երկնցած ձեռքը դողալ սկսաւ անվճռականութեամբ: Ինչպէ՞ս ձեռք զարնէր, ի՞նչ երեսով։ Գզրոցի յատակը նետած էր անպէտք իրի մը նման, մինչդեռ երդուած էր մատէն չհանել զայն։ Ահա թէ ինչպէ՜ս խոստումը պահած էր ինքը։

Մատանին շրթունքին տարաւ սրբազան մասունքի մը երկիւղածութեամբ, համբուրեց ու մատը անցուց։ Չէ՛, այլեւս յաւիտեան այնտեղէն չէր ելնելու։ Սարսափելի դաս մը ստացաւ, այդքանը կը բաւէր:

Նկարներու մէջէն հանեց երեքով քաշուած նկարնին, Եւգինէն, Վարդանը ու ինքը, ու անկողնին վրայ երկննալով, սկսաւ նկարը դիտել։ Վարդանի պատկերը կարծես կենդանացած, իրեն կը նայէր այնքան սիրով, քնքշանքով, որ Սոնիայի աչքերը նորէն արցունքով լեցուեցան, ու նկարը աղօտեցաւ: Եթէ միայն ինք գնահատելու կարողութիւն ունենար… Սիրտը կուրծքին տակ կը ճմլուէր անհնարին ցաւով, մինչ շրթները ակամայ կը մրմնջէին. «Վատ, վա՛տ աղջիկ, յիմա՛ր աղջիկ»։ Սոնիան կարծես սեփական ձայնը եւ իր մասին յայտնած իր վճիռը լսելով հոգեկան գոհունակութիւն մը կը զգար։ Անշուշտ յիմար էր։ Այն ի՞նչպէս պատահեցաւ, որ տարուած հպարտութեամբ ու փառասիրութեամբ, կրցաւ իը ընկերը, մանկութենէն սիրած երիտասարդը մոռնալ, դէն շպրտել այն սքանչելի պատանին, ու վազել անունի մը ետեւէն։ Լոկ անուն մը: Սոնիան հիմա հաստատ համոզուած էր այդպէս լինելուն։ Չէ՛, ինք երբեք չէր դադրած Վարդանը սիրելէ… Ի՞սկ իշխանը. անուն մը, դիրք, պատիւ:

Անշուշտ Վարդանը շուտով պիտի գար Թիֆլիս։ Օ՜, այլեւս ոչ մէկ արգելք, ոչ մէկ տատամսում։ Ինք պիտի երթար Վարդանին, եթէ նոյնիսկ ան չի գար իր մօտ, պիտի գրկէր, սրտին վրայ սեղմէր անոր սիրուն գլուխը, պիտի համբուրէր աչքերը, շուրթները, ձեռքերը, այո՛, ձեռքերը, եւ ինչո՞ւ ամօթ զգար. չէ՞ որ ինք յիմարութեամբ այնքան տառապանք պատճառած էր անոր. եթէ պէտք լինէր, պիտի չքաշուէր նոյնիսկ ծունկ չոքելու անոր առջեւ, ու անոր փարած ներողութիւն պիտի խնդրէր, այն տառապանքին համար, որ պատճառած էր Վարդանին:

Ատկէ վերջ ամէն բան լաւ պիտի լինէր։ Որքա՜ն երջանիկ պիտի լինէին երկուքը միասին։ Անշուշտ միասին արտասահման պիտի երթային, Վարդանը ուսումը պիտի շարունակէր, ու վերադարձին եթէ ան ուզէր, ինք պատրաստ էր թէկուզ Ղափան երթալու, միայն թէ անկէ անբաժան լինկր։

Սոնիայի սիրտը հրճուանքով կը լեցուէր, երբ կը մտածէր ապագայի մասին։ Անսպառ, սիրով մը պիտի սիրէր Վարդանը, անոր հետ ու անոր կամքով միայն պիտի շնչէր, անորմով պիտի ապրէր, պիտի երջանկացնէր զայն այնպէս, որպէս ոչ մէկ մարդ չէր երջանկացած, ու երբ երեխաներ ունենային… սիրուն, փոքրիկ բալիկներ…

Սոնիան, Վարդանի նկարը դեռ ձեռքին, աչքերը գոցեց ու երջանիկ ժպիտ մը դէմքին, երեխայի մը անխռով քնով քնացաւ: