Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼԵՒՈՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Այգեստանի Նորաշէն եկեղեցիի դիմաց, Թազա փողանի անկիւնը երկյարկանի տուն մը կայ։ Այդ տան ներքին բակի վրայ նայող սենեակի վերի անկիւնը, կակուղ մինտերի մը վրայ նստած, տարէց մարդ մը, մաւզեր ատրճանակի մասերը մէկիկ մէկիկ աչքէ կ՚անցընէր եւ չորս կտորով մը կ՚իւղոտէր։ Յիսուն տարեկանի մօտ մարդ մ՚էր։ Ալեխառն երկար մազերն ու մօրուքը իրար անցած էին։ Ակօսուած դէմք ունէր, որուն վրայ խոր նստած աչքերը անհանդարտ կը փայլէին։ Անոր գրաւած անկիւնին դէմն ու դէմը նոյնպէս գետին նստած էր ընթերցողին նախածանօթ Վահէն։

Կաշիէ չանթան ծնկուըներուն յենած՝ նամակ կը գրէր՝ երբեմն կողքին նստող երիտասարդի մը հետ խօսակցութեան բռնուելով։ Վահէէն քիչ հեռու, մուտքի դրան աջ կողմը հինգ երիտասարդ զինուորներ թուղթ կը խաղային՝ հազիւ լսելի փսփսուքով մը իրարու հետ խօսելով։

Դեռ լուր մը չելաւ…

Կանուխ է. առաւօտեան կողմ…

Կարգը քուկդ է խաղալու։

Քուբայի աղջիկ մը…

Դրան ձախ կողմը, պատն ի վեր բազմաթիւ հրացաններ կարգով շարուած էին։ Մեր թուածներէն զատ երկու երիտասարդներ ցած ձայնով սկսած խօսակցութիւն մը շարունակելով սենեակին մէջ ետ առաջ կը քալէին, ըստ երեւոյթին երկարատեւ սպասումէ մը ջղայնացած։

Ալեհեր մազերով մարդը, Վահէն, իր քով նստողը եւ թուղթ խաղացող երիտասարդները բոլորն ալ զինուած էին, կրկնակ փամփուշտակալները մէջքերնուն, ատրճանակները կողքերէն կախ, իսկ ման եկող երկու երիտասարդներ, որոնց հագուստն ալ կը տարբերէր միւսներէն, զէնք չունէին վրանին ու հագած էին սովորական քաղաքացիի հագուստ, ճերմակ շապիկով եւ փողկապով։

Հակառակ որ սենեակը շատ ընդարձակ տան բակին մէջ կը բացուէր, պատուհաններու ճերմակ վարագոյրները խնամքով վրայ բերուած էին։ Այնպէս որ դրսէն անկարելի էր ներսի անցուդարձը տեսնել։ Նաւթի լամպ մը Վահէի նստած անկիւնի քով դրուած՝ շատ աղօտ կերպով կը լուսաւորէր ճերմակ ներկուած սենեակը։

Երկու երիտասարդները, ման գալէ ձանձրացած, մօտեցան Վահէին ու անոր քով, թաղիքի վրայ ծալապատիկ նստան։

Երիտասարդներէն աւելի տարէց երեւցողը, հազիւ քսաներկու կամ քսանեւերեք տարեկան, բարձրահասակ, սաստիկ նիհար ու գունաթափ դէմքով, շատ խոշոր եւ նշաձեւ աչքերով, ոսկրուտ տղամարդ մ՚էր, զարմանալի հանդարտ շարժուձեւով։

Շատ ուշացան։ Ժամը առաւօտեան երկուքն է արդէն, խօսքը մասնաւորապէս ոչ ոքի ուղղելով՝ ըսաւ երիտասարդը, շատոնց հոս պէտք է լինէին…

Համբերութիւնը հատա՞ւ, Գարեգին, առանց գրելը դադրեցնելու խօսեցաւ Վահէն, դեռ չորս ժամ ժամանակ կայ կոչնակի զարնուելուն։

Վահէ՛, զարմանալի մարդ ես, սրտնեղած պատասխանեց Գարեգինը, ու գրպանի տուփէն սիկարէթ մը հանելով սկսաւ ծխել։

Ինչո՞ւ համար զարմանալի, սիրելիս։

Որովհետեւ հոգեկան այս վիճակիդ մէջ ալ դեռ նստած՝ խելքդ գլխիդ նամակ կը գրես, ան ալ եթէ չեմ սխալիր Լոնտոն ուղարկուելիք տեղեկագիրը։

Ճիշդ որ տեղեկագիրն է, բայց ըսէ տեսնեմ, ի՞նչ է պատահեր, որ պիտի չկրնամ եղեր գրել։ Չլինի՞ ժաժք եղաւ ու աշխարհը կործանելու վրայ է։

Վահէ՛, քեզ հետ արդէն խօսիլ չի լինիր, մարդ խօմ չես, երկաթէ մեքենայ մ՚ես։ Իսկապէս որ դուն ու Լեւոնը իրար արժէք։

Հա՞, հապա ինչո՞ւ անոր մասին այսքան մտահոգուեր ես, կարծես առաջին անգամն է, որ ան կռուի մէջ մտած ելած լինի։

Տօ, եղբայր, լռէ եւ նամակդ շարունակէ, բարկացաւ Գարեգինը, քեզ հետ խօսող չկայ, ու քովի նստողին դառնալով հարցուց.

Ներսէս, քաղաքէն ի՞նչ լուր կայ այսօր, նորութի՞ւն մը… բա՞ն մը…

Այնքան լուրեր կը շրջին բերնէ բերան, որ մարդ չի գիտեր, թէ ո՞ր մէկուն հաւատայ։

Մէկ հատը ըսէ տեսնենք։

Որպէս թէ Ղզլճայի կռուին՝ մեր սպաննուած տղաներէն մէկուն զգեստները երբ քրտերը կը հանեն, կը տեսնուի որ տղայ չէ այլ աղջիկ մըն է։ Հիմա խանութէ խանութ կ՚անցնի այս պատմութիւնը եւ զարմանալի կերպով հայերը կ՚ուզեն հաւատալ այս նորութեանը։

Հետաքրքիր հոգեբանութիւն է, քիչ մ՚ալ իրենց ազգային ինքնասիրութիւնը շոյող։ Ուրիշ նորութի՞ւն։

Թէ՝ Ալայ Բէկը այնքան բազմաթիւ կորուստներ տալու պատճառով, յուսահատութենէն ինքզինք Արճակի լիճը նետած է։

Հա՛, հա՛, այդ գազանը այնքան ալ զգայուն պտուղներէն չէ… Հա՛, իրաւ, Վահէ, դու Ալայ Բէկի մասին լուր մ՚ունի՞ս։

Վահէն առանց պատասխանելու ուսերը թօթուեց։

Ուրիշ ի՞նչ նորութիւն։

Որպէս թէ մեր տղաքը երեք հարիւր հոգիէ աւելի են եղեր…

Այդ արդէն հասկնալի է, ձեռքի երկաթի կտորը իւղոտելով խօսքի խառնուեցաւ տարէց մարդը, իրենց խայտառակ պարտութիւնը վարագուրելու համար մերոնց թիւը վեց-եօթը անգամ կը բազմապատկեն։ Թուրքերու հին սովորութիւնն է խաբելը։

Հետաքրքիր է գիտնալ թէ ժողովուրդը կռուի լուրը ինչպէ՞ս վերցուց։

Խօսողը Վահէի մօտ նստող երիտասարդն էր որ մինչ այդ առանց խօսքի խառնուելու գրպանի տետրակի մը մէջ շատ մանր տառերով ինչ որ բան կը գրէր։

Անշուշտ հասկնալի է, որ հայերը ներքնապէս ուրախացեր են, թէեւ վախնալով յայտնապէս չեն ցոյց տար իրենց ուրախութիւնը։ Իսկ թուրքերը սարսափելի կատղեր են. հետները խօսիլ չի լինիր. ինչ որ ջարդի մասին կը խօսուի պազարի մէջ։ Առաւօտեան շուկայի խանութներու մէկ մասը յանկարծ գոցուեր է, բայց վերջէն կուսակալը մունետիկ կանչել տալով՝ ստիպեր է բոլոր խանութները բանալ։

Թուրքերու եւ քիւրտերու սպաննուածներու թուի մասին լուր մը կա՞յ։

Կ՚ըսեն, որ հարիւր չորս հոգի հեծելագունդը զոհ տուեր է, իննսուներեք ալ քրտերէն ինկած են…

Քրտերէն իննսունեւմէկ, ընկերոջ սխալը ուղղեց Վահէն՝ առանց գրելը դադարեցնելու, քիչ առաջ մեր թուրք բարեկամը տոմսակով մը իմացուց։

Ուրեմն, ամբողջ միասին հարիւր իննսունեւչորս հոգի, եզրակացուց Ներսէսը, դեռ չհաշուած Ալայ Բէկն ու յիսունէ աւելի ծանր ու թեթեւ վիրաւորները։

Ճիշդ է, մերոնք լաւ ծեծեր են, զգածուած խօսեցաւ տարէց մարդը, բայց մեր կորուստներն ալ անփոխարինելի են։ Մէկ Նիկոլը հարիւր հատ քիւրտ կ՚արժէր։ Սքանչելի ուժեր կորսնցուցինք… Ափսոս եղան Նիկոլը… Յակոբը… Համբօն, Վարժապետը. հին փորձուած ուժեր… վստահելի ընկերներ…

Սենեակին մէջ ծանր լռութիւն մը տիրեց։ Ամէն մարդ ազդուած էր տարէց մարդու խօսքերէն։ Նոյնիսկ Վահէն գրելը դադրեցուց, գրիչի կոթը անզգալաբար բերանը դրաւ, անորոշ հայեացքը առաստաղին նետեց ու արձանացաւ։ Միայն Վահէի մօտ նստող երիտասարդը գլուխը կախած՝ կը շարունակէր աշխատանքը, ծոցատետրին մէջ գրելով։ Թուխ մորթով, բարձրահասակ ու նիհար երիտասարդ մ՚էր ան։ Սեփ-սեւ երկար մազերը խնամքով դէպի ետ էին սանտրուած, եւ ձուաձեւ դէմքը եզերուած էր խոպոպաւոր սեւ մօրուքով մը։ Խոհուն արտայայտութիւն մ՚ունէր, մանաւանդ խելօք աչքեր։ Այս երիտասարդը այն տիպերէն էր, որոնք ներքին փոթորիկ մը կրնան ապրիլ՝ առանց դէմքի մկան մը շարժելու։

Դրան քով նստած երիտասարդները խաղը վերջացնելով՝ երկնցած էին թաղիքի վրայ հանգստանալու համար։ Անոնցմէ միայն մէկը ատեն մ՚ալ սպասեց եւ ժամացոյցը նայելէ վերջ, տեղէն բարձրացաւ։ Շարուած հրացաններու մէջէն իր հրացանը ջոկեց, ու սենեակէն դուրս ելաւ։ Քանի մը րոպէ չանցած՝ հրացանաւոր ուրիշ երիտասարդ մը ներս մտաւ, ու ձեռքի հրացանը պատին կրթնցնելով՝ միւս ընկերներուն քով երկնցաւ։

Պիծա՛, խօսքը տարէց մարդուն ուղղելով խօսեցաւ Վահէն, պահեստի մասին կարգադրութիւն մը ըրի՞ր… Որոշած էինք ճեղքուած պատը նորոգել…

Կայծակին հարցուր։ Ատոր համար երկու օր առաջ հոն գնաց։

Վահէի քով նստող երիտասարդը երբ իր անունին յիշուիլը լսեց, գրելը դադրեցուց ու գլուխը բարձրացնելով՝ ըսաւ.

Ես ալ այդ մասին կ՚ուզէի խօսիլ։ Պատի ճեղքուածքը ծածկուեցաւ, բայց շէնքը հիմնական նորոգութեան մը կարիք ունի… Կը հասկնաք, չէ՞, արեւելք նայող պատը… Օր մը գլխնուս փոձանք պիտի գայ, եթէ հիմակուց ճար մը չմտածենք։

Բայց, Կայծա՛կ, մենք չենք կրնար երկու երեք հարիւր ոսկի ծախսել՝ խորանը… Անշուշտ կը հասկնամ պէտք է կերպով մը եօլա տանիլ…

Եօլա տանիլ ըսելը հեշտ է, բայց… Հա՛, ի՞նչ կայ, ներս մտնող պահակին խօսքը ուղղեց Կայծակը։

Այգիի կողմէն երկու մարդ կուգան։

Թերեւս Լեւոնն է, ուրախացած տեղէն վեր ցատկելով ըսաւ Գարեգինը։

Ոչ, չեմ կարծեր, մէկը մեր Գրիգորն է, միւսը՝ չճանչցայ։

Լաւ, գնա՛ տեղդ. ով որ է, հիմա կուգայ, ու Կայծակը նորէն դարձաւ իր աշխատանքին։

Հազիւ հինգ րոպէ անցած՝ Գրիգորն ու քրտական տարազով յաղթանդամ մէկը ներս մտան դռնէն։

Օ՜, բարով եկար, Արմո՛ւշ, յայտնապէս ուրախացած բացագանչեց Պիծան։

Հը՞, Արմուշ, սաղ սալամա՞թ, հարցուց Վահէն։

Ի՞նչ նորութիւն, Արմո՛ւշ…

Արմուշը Սեւան գիւղացի ասորի մ՚էր, յեղափոխական վաստակաւոր զինուոր մը որ տարիներէ ի վեր չորս հինգ քիւրտ ընկերներով Պարսկաստան կ՚անցնէր, այն տեղէն զէնք եւ ռազմամթերք փոխադրելու համար։ Տաս օր առաջ կրկին անցեր էր Պարսկաստան, Թադէոս Առաքեալի վանքը, ու ահա նոր կը վերադառնար։

Սաղութի՛ւն, թեմեննա մը ընելով՝ բոլոր հարցումներուն միասին պատասխանեց Արմուշը, կէս գիշերին հասանք, ընկերներս տեղաւորեցի, ու Գրիգորին հետ ձեզ տեսնելու եկայ։ Վարդապետը տուաւ, ու Արմուշը ծոցէն հաստ ծրար մը հանելով՝ երկարեց Վահէին։

ՆԵրկաները անմիջապէս հաւաքուեցան Վահէի շուրջը, որ ծրարը քանդելով բազմաթիւ նամակները կը դասաւորէր։

Պարոն Վահէ՛, ինծի հրաման, քանի լուսը չէ բացուած, տունս երթամ…

Հա՛, Արմուշ, գնա՛ հանգստացիր։ Չեմ գիտեր, թէ ո՞ւր պիտի լինինք վաղը երեկոյ։ Յամենայն դէպս քեզ կանչել կուտամ։

Վահէ՛, մէկ ըսէ տեսնենք, նամակները ո՞ր տեղէն են, հարցուց Գարեգինը, բովանդակութեան յետոյ կը ծանօթանանք։ Լոյսը բացուելու մօտ է, ես ու Ներսէսը շատ չենք կրնար մնալ, պէտք է հեռանանք…

Այս մէկը Թիֆլիսի ընկերներէն է։ Կայծակ, բաց տեսնենք ինչ նորութիւն կայ մէջը։ Այս մէկը Գարեգին վարդապետէն, երկու հատը Թաւրիզէն, մէկը՝ Ուրմիայէն։ Առ, Ներսէ՛ս, անձնական նամակ մ՚է։ Այս մէկն ալ…

Վահէն չյայտնեց, թէ ո՞ր տեղէն էր վերջի նամակը։ Հապճեպով բացաւ ու ծրարի մէջէն ներփակեալ նամակ մը հանելով՝ գրպանը կոխեց։

Այդ նամակը ո՞ր տեղէն է, միամտաբար հարցուց Պիծան՝ կովկասեան թերթերու կապոց մը բանալով։

Արսէնէն է, Ապաղայի ուսուցիչէն, իսկ գրպանը դրած նամակի մասին բացատրութիւն մը չտուաւ Վահէն։

Ի դէպ, Արսէնէն գո՞հ էք։ Ուշիմ տղայ մ՚էր դպրոցի մէջ, հարցուց ՆԵրսէսը։

Լաւ է։ Անփորձ է դեռ, բայց հետզհետէ կը վարժուի… լաւ խմոր ունեցող տղայ մ՚է, պատասխանեց Վահէն։

Կայծակը Թիֆլիսէն եկած նամակը առջին փռած՝ վրձինով թափանցիկ հեղուկ մը կը քսէր վրան։ Նամակի անմեղ բովանդակութեամբ գրուած տողերու արանքէն հեղուկի ազդեցութեամբ երեւան կուգային շատ մանր գրուած թուանշաններու խիտ շարքերը։ Ընկերները Կայծակը շրջապատած՝ կը սպասէին, որ աշխատանքը լրացնելով իրենց յայտնէ գաղտնի նամակի բովանդակութիւնը։ Այդ պահուն, սենեակի դուռը առանց աղմուկի բացուեցաւ ու Գործոթի Սագոյի ընկերակցութեամբ հանդարտօրէն ներս մտաւ Լեւոնը։ Սովորական անտարբերութեամբ հրացանը պատին կրթնցուց ու դարձաւ դէպի ընկերները, որոնք Վահէի շուրջը հաւաքուած, չէին նկատած սենեակ մտնողները։

Բարե՛ւ, տղաք։

Վա՜յ, Լեւոնն է, ուրախ բացանգանչութեամբ Պիծան ոտքի ցատկեց, հասաւ Լեւոնին ու պինդ մը գրկած՝ համբուրեց զայն, ակներեւ կերպով յուզուած։

Ինչո՞ւ ուշացար, Վահէն ձեռքի նամակները գետին դնելով՝ հանդարտօրէն մօտեցաւ Լեւոնին. բաւական մտատանջութիւն պատճառեցիր մեզի։

Իրա՞ւ, ու Լեւոնի սառը դէմքի վրայէն ժպիտի մը թեթեւ ստուերը անցաւ, կ՚երեւի կը սպասէինք, որ ես ալ…

Մեր տղայ, լաւ պրծար, պոռաց անկիւնէն Կայծակը՝ ձեռքի աշխատանքը շարունակելով, էսոնք կը մտածէին հոգեհանգստի մասին…

Դեռ շատ կանուխ է, հեգնեց Լեւոնը ու Կայծակին մօտ նստաւ, նո՞ր նամակ, որտեղէ՞ն է… Նստէք, տղաք, կարեւոր խօսելիք ունիմ։

Շուտով կը լուսնայ, մենք պէտք է երթանք, ժամացոյցը նայելով ըսաւ Գարեգինը, քու մասիդ շատ անհանգիստ էի… փառք Աստուծու ողջ առողջ եկար։ ՆԵրսէս, երթանք, շուտով ժամխարի ատենը կուգայ։

Աւելի կանուխ չէի կրնար գալ։ Գէորգն ու խումբը ձգեցի Բաշի Փողան, Հաճիի տունը, ու ինքս աճապարեցի ձեզ մօտ։ Կարեւոր հարցեր կան, պէտք է անմիջապէս կարգադրութիւն ընել…

Տօ՛, եղբայր, ծիծաղելով Ներսէսը ընդմիջեց զայն, հազիւ թէ ոտքդ սենեակի սեմէն ներս դրիր, անմիջապէս նորէն ժողով, կարեւոր հարց, կարգադրութիւններ… Մարդ Աստուծոյ, մէկ նստիր ու հանգստացիր, ժողովը վաղն ալ կը լինի, միւս օրն ալ։ Դու մէկ պատմէ վերջի կռիւներէն, ինչպէ՞ս սկսան… Այս երեք օր եղաւ՝ աչքս խփած չունիմ…

Բոլորովին ի զո՛ւր, կարիք չկար այդքան մտահոգուելու։ Վահէ՛, ի՞նչ նորութիւններ կան հոս։

Նորութիւնը քեզի հետ է։ Հոս՝ սովորականին պէս… գաւառներէն՝ բազմաթիւ նամակներ։ Չպատասխանեցի, սպասելով վերադարձիդ։ Դու այդ շրջաններու գործերուն աւելի լաւ ծանօթ ես։ Քիչ առաջ ալ վանքէն սուրհանդակները հասան, ժամանակ չունեցանք նամակները կարդալու։ Ես ալ կը սպասէի քու գալուն, որ մեկնիմ։ Երկու օրուան համար եկած էի, ահա շաբաթը անցաւ…

Ո՞ր կողմը պիտի երթաս։

Ասկէ նախ կ՚անցնիմ Աղթամար, այն տեղէն ալ Կաւաշի վրայով Կառկառ…

Դեռ մէկ երկու օր կ՚ուշանաս, կարեւոր խնդիրներ ունինք… Հիմա անմիջապէս խորհրդակցութիւն մը ունենալու ենք։ Ցերեկն ալ անշուշտ բոլորս միասին կ՚անցընենք…

Ես ոչ, գլուխը վեր վերցնելով ըսաւ Կայծակը։

Եւ ոչ ալ ես կրնամ մնալ, ըսաւ Պիծան, յիմար բան մը պատահեր է։ Գիտես Ջոջ Աղայենց թոնրատան պահեստը. երկարատեւ անձրեւներու պատճառով հողը շատ կակղելէն պատը փոր տուեր է։ Պէտք է պահեստը դատարկել ու մէջի ապրանքը ուրիշ տեղ մը փոխադրելու մասին մտածել։

Մենք գնացինք, շուտով կը լուսնայ։ Վաղը երեկոյ մեզ լուր տուէք։ Ներսէ՛ք, երթանք։

Կայծակ, դու ինչո՞ւ չես կրնար մնալ, հարցուց Լեւոնը։

Պիտի վերադառնամ կղզին, ահագին գործ կայ կատարելիք։ Շատ դժուարութիւն կը քաշենք նիւթ ճարելու համար։ Կը սպասեմ որ տղաքը գան։

Դուն ու Վահէն պէտք եղած կարգադրութիւնները ըրէք, հրացանը վերցնելով ըսաւ Պիծան, երբ Փանոսն ու երկու երիտասարդներ ներս մտան սենեակէն. ժամանակ է որ շարժինք։

Կայծակ, մէկ ալ ե՞րբ պիտի գաս, հարցուց Վահէն։

Հաստատ չեմ գիտեր… թերեւս շուտով… Հա՛, Լեւոն, նոր ստացուած խմորները հոս երկար մի պահէք, անմիջապէս ճամբեցէք կղզին։

Մինչեւ հիմա որքա՞ն լեցուցեր էք։

Հարիւր յիսուն մը կը լինի…

Իսկ որքա՞ն խնձոր պատրաստ ունիք։

Երկու հարիւրէն աւելի։ Մէկ կողմէն ալ տղաքը նորերը կը ձուլեն։ Նոր ռումբի ձեւ մը հնարեց Կարօն, շատ ապահով ու գործնական ձեւ մը… Վահէին պատմեր եմ այդ մասին։ Լեւոն, պէտք է լուրջ միջոցներ ձեռք առնել մեծ քանակութեամբ պղինձ ու կլայեկ գտնելու համար։ Այսպէս մուրացկանի ձեւով բան դուրս չի գար։ Ինչո՞ւ չէք մտածեր Պիթլիսէն ալ գնումներ ընելու մասին։

Այդ հարցը ես կը կարգադրեմ։

Պիծան ու Կայծակը դուրս ելան Փանոսին եւ ընկերներուն հետ։

Կամաց կամաց սկսաւ լուսնալ։ Տնեցիք արթնցած, նախաճաշի պատրաստութեամբ զբաղած էին։ Տանտէրը, յաղթանդամ, միջին տարիքի մարդ մը, մէկ ալ ներս մտաւ սենեակը, ուր Լեւոնն ու Վահէն դեռ նամակները կարդալով զբաղած էին։

Բարի լոյս ձեզ, օ՜, պարոն Լեւոն, լուսը քեզ տեսնողին։ Պիծան, պարոն Կայծակը ո՞ւր են… էս ի՞նչպէս յանկարծ մէջտեղ ելար, պարոն Լեւոն…

Սովորականին պէս։ Քէֆդ, հալդ, Կարապետ աղա։

Դու սաղ եղնիս, իմ քէֆիս քէֆ չի հասնիր… Իրա՞ւ որ Ալայ Բէկը ինքզինքը խեղդեր է… Պարոն Լեւոն, որ մէկ մը թուրքերուն ձեռքը անցնիս, վալլահ կաշիդ տաս փարայի չեմ գներ։ Այնպէս կատղեր են որ հետները խօսիլ չի լինիր։ Բազմաթիւ թուրք յաճախորդներ ունիմ, օրը տասը քսանը կը մտնեն կ՚ելլեն խանութս։ Ներսէս ուրախութենէս կը խենթենամ, մինչդեռ անոնց հետ խօսած ժամանակս պէտք է սգաւորի դէմք առնել, սարսափի ցաւ յայտնել գազան Ալայ Բէկի կորսուելուն համար… Եղբայր, ի՜նչ ապուր ուտենք, այս թուրքերը մեզ դերասանութիւն ալ սովրեցուցին։ Նախաճաշի ժամանակ է, սամավարը ձեռաց կը բերեն… Անշուշտ ամբողջ գիշերը չէք քնացեր։ Եղբայր, չարքաշ մարդիկ էք, երկաթէ կազմ ունիք։

Կարապետ աղան, միջակ կարողութեան տէր, ոսկերիչ վարպետ մ՚էր, բազմանդամ ընտանիքի մը հայրը։ Վանի Այգեստանին մէջ ծնած ու մեծցած՝ ան այն ֆանաթիքներէն էր, որոնց համար երկրագնրի վրայ Վանի նման գեղեցիկ վայր մը գոյութիւն չունէր եւ չէր կրնար ունենալ։ Հօրմէն ժառանգած ընդարձակ տուն կ՚ունէր, երկու կողմերէն շրջապատուած այգիով։ Գէշ աղէկ ապրուստ մը կը հանէր, երեխաներու վրայ գլուխնին տեղը, Վանի Կեդրոնական վարժարանը կ՚երթային։ Տղոց կրթութեան համար ոչինչ կը խնայէր։ Իրիկունները քաղաքամէջէն տուն վերադառնալուն, գիշերանոց մը կը հագնէր ու կը նստէր սենեակի սովորական անկիւնը եւ օղիի շիշը աղանդերներով միասին առջեւը դրած՝ կը սկսէր Բագոսի երկրպագութեան, շրջապատուած երեխաներով, որոնք երբեմն աղանդերներու պնակներէն համեղ պատառ մը կը թռցնէին։

Գործէն, ընտանիքէն ու երեխաներէն գոհ էր Կարապետ աղան։ Աստուած բան մը պակաս չէր ձգեր, բայց դժբախտաբար, խոշոր բայց մը գոյութիւն ունէր անոր կեանքին մէջ։ Այդ բայցը կը խռովէր իր հոգեկան հանգիստը, չէր ձգեր որ ինք կատարելապէս երջանիկ զգայ։ Տարիներ առաջ, երբ ինք ծխական դպրոցը աւարտելով՝ կեանքի մէջ մտաւ, այսինքն՝ սկսաւ ամէն օր քաղաքամէջ երթալ, հօրը խանութին մէջ աշկերտութիւն ընելու, օր մը խանութէն ներս մտաւ թուրք զինուորական սպայ մը, ծխախոտի արծաթէ տուփ մը ապսպրելու համար։ Հայրը մէկ եւ կէս ոսկի գին կտրեց տուփին համար, որ սավութով նաշխուած պիտի լինէր, թուրքական արման ալ վրան փորագրուած։ Սպան գնին համաձայնեցաւ։

Շաբաթ մը վերջը եկաւ տուփը ստանալու։ Խաչիկ աղան, այդպէս էր Կարապետ աղայի հօր անունը, յայտնի վարպետ մ՚էր, աղա մարդ մը, այնքա՜ն բարեհամբոյր, որ պազարի հայ ու թուրք խանութպանները, ամէնքն ալ զինք կը սիրէն ու կը յարգէին։ Ինչ խօսք որ, Խաչիկ աղայի վարպետ ձեռքերու մէջէն, տուփը առաջնակարգ գործ մը դուրս եկած էր։ Սպան շատ հաւնեցաւ, վճարեց ու գնաց, սակայն, երկու օր չանցած՝ վերադարձաւ ու գրպանէն ճմրթկուած արծաթէ տուփը հանելով՝ նետեց Խաչիկ աղայի առջեւ։

«Շատ որդի շուն», գոռաց սպան, «էս ի՞նչ փճացած տուփ տուիր ինծի։ Երկար խօսք չ՚ուզեր, փողս ետ տուր»։

Խաչիկ աղան, ի զուր փորձեց հասկցնել, որ ինք տուփը այդ վիճակին մէջ չէր յանձնած, ինք յանցաւոր չէր, որ սպան տուփին վրայ կոխած կամ վրան նստած փճացուցեր էր զայն։ Բայց եւ այնպէս խոստացաւ նորը շինել սպայի խաթերը համար։ Սպան փողը ետ ուզեց։ Խաչիկ աղան հանդարտ կերպով աշխատեցաւ հասկցնել՝ անոր պահանջի անարդարութիւնը։ Մէկ ալ, առանց այլեւայլի, երիտասարդ սպան ուժեղ ապտակ մը իջեցուց Խաչիկ աղայի դէմքին, օձիքէն բռնած գետին նետեց ու սկսաւ ոտքերով աքացել։ «Աման մեռայ, ազատեցէք», կը պոռար Խաչիկ աղան։

Կարապետի համար, աշխարհի ամենէն պատուաւոր ու մեծ մարդը, նախ՝ Հայոց Կաթողիկոսն էր, վերջէն ալ իր հայրը։ Հազիւ թէ այն ժամանակ տասներեք տարեկան լինէր Կարապետը, կարմրաթշիկ պատանի մը։ Հօր վիճակը տեսնելով, առանց ինքնիրեն հաշիւ տալու յարձակեցաւ կատղած սպայի վրայ։ Մէկ այդ յանդգնութիւնն էր պակաս։ Սպան ձեռքի մտրակով այնպիսի ուժեղ հարուած մը հասցուց Կարապետի գլխուն, որ պատանին շշմած՝ գետին ինկաւ։

Դրկից խանութպաններ թուրք ու հայ վազեցին եկան, մէջ մտան, փաղաքշական խօսքերով աշխատեցան հանգստացնել սպան, որ ձայնը գլուխը ձգած կը պոռար թէ «էս անհաւատ շունը կրօնքիս հայհոյեց»։ Այդքանը բաւական էր որ Խաչիկ աղան սարսափէր… Ի՞նչ, ի՞նք, ինք թուրքի կրօնքին հայհոյէ՞ր, տէր Աստուած, խօմ խելագարուած չէր, դուռ դրկից օր մը իր բերնէն հայհոյանք մը լսա՞ծ էին…

Սակայն, այդ բոլորը ոչինչով օգնեց Խաչիկ աղային։ Ոստիկան մը հայրն ու տղան ձերբակալելով ոստիկանատուն տարաւ։

Այդ իրիկուն, ոստիկանատան մէջ Կարապետը լաւ ծեծեցին եւ ապա՝ որպէս անչափահաս ազատ արձակեցին։ Խաչիկ աղան տասնեւհինգ օրի չափ բանտարկուած մնաց։ Պէտք եղաւ դատաւորի բերանը քաղցրացնելու համար, 10 ոսկի ափին մէջ սահեցնել, հինգ ոսկի նուիրել սպային, որ դատարանի մէջ ամբաստանութիւնը փոխէ. ոսկի մը տալ բանտապետին, որ բարեսրտաբար միայն երկու անգամ ծեծեց Խաչիկ աղան, եւ արծաթէ տուփ մը նուիրել ոստիկանապետին, Կարապետին հետ մեղմ վարուած լինելուն համար։

Երբ բանտէն ազատուած՝ Խաչիկ աղան տուն եկաւ, աղտի ու կեղտի մէջ կորած, անմիջապէս բաղնիք առաւ, զգեստները փոխեց ու սենեակի սովորական անկիւնը բազմեցաւ բոլորովին մտամոլոր վիճակի մէջ։

«Կարապե՛տ, տղաս, պօշ բան է, մինչեւ որ մեր թագաւորը չունենանք… պօշ բան է, էս շներու ձեռքէն ազատում չունինք»։

Այս եղաւ Խաչիկ աղայի առաջին խօսքը, երբ Կարապետը քաղաքամիջէն գալով, հօրը մօտեցաւ ձեռքը համբուրելու համար։

Երկու ամիս վերջ, Խաչիկ աղան մեռաւ։ Գերեզմանին վրայ թիզ մը խոտ բուսաւ։ Տնեցիք ու Կարապետը, քանի մը ամիս սուգ պահելէ վերջ, կամաց կամաց մոռցան Խաչիկ աղայի մահը։ Բայց թուրք սպայի դէպքը երբեք չելաւ Կարապետի մտքէն։ Ընդհակառակը, ամենօրեայ նման դէպքեր եկան ա՛լ աւելի խորացնելու իր դառնութիւնը, որ ժամանակի ընթացքին փոխուեցաւ անզուսպ ատելութեան։

Կարապետ աղան, ութսունական թուականին հազիւ քսան տարեկան երիտասարդ մ՚էր, երբ հայ ժողովուրդի մտայնութեան մէջ ազգային խմորումը թափով սկսաւ աճիլ ու երեւան եկան զանազան հայրենասիրական ընկերութիւններ, որոնք վերջ ի վերջոյ յանգեցան յեղափոխական շարժման։ Անշուշտ Կարապետ աղան առաջիններէն մէկը եղաւ յեղափոխական շարժման համակրողներէն։ Բայց իր համակրութիւնը որոշ սահմանէ մը անդին չանցաւ։ Գործի եւ բազմանդամ ընտանիքի տէր՝ ան բաւականացաւ յեղափոխականներու հետ սերտ յարաբերութիւն պահելով, իր համեստ լուման նուիրելով, տան դուռը բաց պահելով անոնց առաջ, երբ միայն անոնց հետ յարաբերելու թեթեւ ամբաստանութիւն մը բաւական էր, որ մարդ ոտքով գլխով կորսուէր թրքական սարսափելի բանտին մէջ։

Շէնշող, հացով մարդ էր Կարապետ աղան, նահապետական օճախի մը հիւրասէր ժառանգը։ Յեղափոխականներու այլաբանական լեզուով՝ անոր տունը, «Ծռենց» նոր անուանակոչութիւնը ստացեր էր, ուր նեղ օրերու ժամանակ փախստական յեղափոխականները կը գտնէին ապահով ապստանարան մը ու հայր Աբրահամէն օրհնուած պերեքէթով սեղան մը։

Ինչպէս ըսինք արդէն, Կարապետ աղան կը սիրէր, ընթրիքի սեղանի վրայ մէկ երկու բաժակ օղի կոնծել։ Վերջին բաժակը շրթներուն դպցնելէ առաջ, սովորական բաժակաճառը կը կրկնէր՝ «Աստուա՜ծ, հայութիւնը անսասան պահէ, հայոց թագաւորը տեսնելու արժանացնէ մեզ»։ Ընդհանրապէս կոնծելը ա՛լ աւելի համով եւ շախով կը լինի, երբ բաժակդ ուրիշի մը բաժակին կը չխկացնես։ Այս պահանջը դժբախտաբար չէին լրացներ յեղափոխականները, բացի Վահէէն, որ աշխարհիկ մարդու մը ազատութեամբ՝ չէր քաշուեր անոր հետ չափուելէ։ Ճիշդ ատոր համար ալ Կարապետ աղան ջերմ վերաբերմունք մը ունէր անոր հանդէպ։ Ամէն անգամ որ կը լսէր թէ Վահէն քաղաք իջեր է, մարդ կը ղրկէր ետեւէն, որ անպատճառ մէկ երկու օրով իրենցը գայ։

Անշուշտ այս ըսել չէ թէ, Կարապետ աղան, մնացած յեղափոխական ղեկավարներու հետ լաւ յարաբերութեան մէջ չէր։ Ընդհակառակը, բոլորին հետ ալ ծանօթ էր, լաւ բարեկամ էր ու անպատճառ ամիսը անգամ մը իր տան մէջ կը հիւրասիրէր զանոնք։ Ասով մէկտեղ, Կարապետ աղան ինքն ալ հաստատ չէր գիտեր, թէ ինչո՞ւ համար կը քաշուէր Լեւոնէն. իր կարծիքով ան սառոյցի նման պաղ էր։ Լեւոնի սարսափելի կերպով այլանդակուած դէմքէն ու քաշուած ձախ ձեռքէն զատ, անոր մէջ բան մը կար, որ չէր թողուր Կարապետ աղային մօտենալու, մտերմանալու անոր հետ, ինչպէս մտերմացեր էր միւսներուն։

Երբ առտու կանուխ, Կարապետ աղան սենեակ մտաւ, Լեւոնի գալու մասին բնաւ լուր չունէր։ Անշուշտ շատ ուրախացաւ, մանաւանդ որ Ղզլճայի կռուէն վերջ հայ ժողովուրդի աչքին, Լեւոնը հերոսացեր էր, գիւղացին ու քաղքըցին անոր անունով կ՚երդուէին, հազարաւոր կիներ եկեղեցի կ՚երթային՝ անոր ողջ առողջ վերադարձին համար մոմ մը վառելու, կուրծք ծեծելու, լալով աղօթելու։ Բայց եւ այնպէս հազիւ նախաճաշը վերջացած՝ տանտէրը պատրուակ մը գտնելով սենեակէն դուրս եկաւ։

Կարապետ աղան դրան առջեւ, հանդիպեցաւ պառաւ մօրը, որ զինորներէն մէկէն լսած էր Լեւոնի գալու մասին։ Պառաւի աչքերը թէեւ լաւ չէին տեսներ, բայց անպատճառ կ՚ուզէր անգամ մը Լեւոնը տեսնել։

Կարապետ, աղո՞րդ որ պարոն Լեւոն ներսն ի։

Հա՛, մարէ, ի՞նչ կայ։

Քե մեռնիմ, ղիկ ինոր մօտ տար։

Մայրիկ, էնոնք ներսը գործ ունին…

Քա, քէ մեռնեմ, թող մէյ խատ տեսնեմ։

Մօրը ձեռքէն բռնած՝ Կարապետ աղան սենեակէն ներս մտաւ՝ խօսքը Լեւոնին ուղղելով.

Պարոն Լեւոն, կը ներես… մայրս շատ կ՚ուզէ քեզ տեսնել…

Լեւոնը երբ տեսաւ պառաւը որ Կարապետ աղայի ձեռքէն բռնած դողդղալով կը մօտենար, յանկարծ դէմքը սաստիկ գունաթափուեցաւ ու պատի գոյն առաւ։ Աչքերը անհնարին սարսափով մը լեցուեցան, կարծես այդ պահուն միայն իրենց տեսանելի կենդանի ուրուական մը առաջին կանգնած լինէր։ Ճիգ մը գործ դնելով՝ ինքզինքը անմիջապէս հաւաքեց սակայն, նստած տեղէն ցատկեց ու մօտեցաւ պառաւին։

Ապա՜ր, տղաս, պառաւը գլուխը վեր վերցուց՝ քովը կանգնող Լեւոնի դէմքին նայելու համար, չինարի պոյ ունես, պոյիդ մատաղ… ձեռքդ կանաչի… Աստուած ղուվաթ տա քէ… հըմէն օր խազար ջարդես…

Չէ, մայրիկ ջան, ծիծաղելով ըսաւ Վահէն, որ ընդհանրապէս դիւրահաղորդ բնաւորութիւն ունենալուն՝ տնեցոց բոլորի հետ մտերմօրէն կը խօսէր, քիչ մը խնայէ, մայրիկ, օրական որ հազար ջարդէ՝ քանի մը օրէն Վանի մէջ թուրք չի մնար…

Ինոնք ինչի՞ մնան, տղաս, միամտօրէն պատասխանեց պառաւը, կրողը ինոնց տանի… անխաւատ շներ խարամեցին մեր Վանայ քեաղաք… ինոնց քէօքը կտրի… խազար ապրես տղաս… քէօ մօր մէջք կանաչի… խազար էրնէկ քէօ մօր… էրթամ, ծէ ազգի բան կայ…

Զարմանալի քնքշութեամբ Լեւոնը կիսովին գրկեց պառաւը եւ մինչեւ դուռը հասցուց զայն։ Ու երբ Կարապետ տղայի օգնութեամբ, մայրը դուրս կուգար սենեակէն, Լեւոնը արագօրէն կռացաւ ու համբուրեց պառաւի ոսկրացած ձեռքը։

Ապա՜ր, պարոն Լեւոն, ես քէօ ձեռք պիտի պագէի, ըսաւ զարմացած պառաւը՝ Կարապետ աղայի հետ դուրս ելլելով։

Տղա՛ք, դուք ալ կողքի սենեակը անցէ՛ք, խօսքը զինուորներուն ուղղեց Լեւոնը ու դեռ զգալիօրէն գունաթափ դէմքով նախկին տեղը նստեցաւ։

Վահէի ուշադրութենէն չէր վրիպած Լեւոնի յանկարծական յուզումը։ Հազիւ թէ զինուորները կողքի սենեակը անցան, վայրկեան մը երկուք ան ուշադրութեամբ դիտեց ընկերը, դիտեց ու մեղմօրէն հարցուց.

Է՜, Լեւոն…

Որպէսզի առանձին մնանք, կարեւոր հարցեր կան…

Ես այդ չհարցուցի… Քեզ ի՞նչ պատահեցաւ, սիրելիս, այնպիսի դէմք մ՚ունէիր որ…

Օ՜, իմ դէմքս… արժէ՞ իմ դէմքիս վրայ խօսիլ, ու Լեւոնը զսպուած դառնութեամբ անձայն ծիծաղեցաւ։

Վահէն՝ Լեւոնի դիւրազգածութեանը ծանօթ էր։ Դէմքի մասին փոքր ակնարկ մը, անուղղակի խօսք մը խորապէս կ՚ազդէր անոր վրայ այն աստիճան, որ օրերով Լեւոնի տրամադրութիւնը կը փճանար, ու ինքնիր մէջ ամփոփուելով շուրջիններուն հետ աւելի անհաղորդ կը դառնար։ Հակառակ որ Լեւոնը շատ բրդոտ փափախ մը կը կրէր գլխուն, թեք ձեւով, ու ձախ դէմքի կէսէն աւելին չէր տեսնուեր, բայց երեւցած մասը բաւական էր դէմքի վրայ կատարուած սարսափելի աւերի մասին գաղափար մը տալու։ Վահէն ջերմօրէն կապուած էր Լեւոնի հետ։ Իր վրայ շատ ծանր տպաւորութիւն կը ձգէր երբ կը տեսնէր Լեւոնի ցաւէն կծկուիլը, երբ կը զգար՝ անոր հոգեկան անչափ տառապանքը։ Ու այդ, խորապէս կը վրդովէր Վահէն անով՝ որ ոչինչ կրնար ընել ընկերոջ տառապանքը թեթեւցնելու համար։

Ե՛ս, յանկարծ գունաթափուելուդ մասին խօսեցայ, մեղմօրէն նկատեց Վահէն, դու գիտես, որ ինձ հետ այդ ձեւով խօսելու իրաւունք չունիս… Եթէ այդ մասին խօսիլը ախորժելի չէ քեզ համար…

Լեւոնը կատարելապէս ինքզինքը գտեր էր։ Ձեռքովը շարժում մը ըրաւ խնդրելու ձեւով, որ ընկերը խօսքը չշարունակէ ու քովի նամակները վերցնելով՝ ըսաւ.

Դեռ մաս մը նամակներ չկարդացինք… բայց մէկ երկու հարց կայ, նախ՝ անոնց մասին։ Գիտե՞ս, Վահէ՛, Ալայ Բէկը գերի վերցուցեր ենք։

Ի՞նչ, խենթեցա՞ր, պոռաց Վահէն՝ տեղէն վեր ցատկելով, երազի՞դ մէջ…

Չէ՛, Ղզլճայի սարը։ Հիմա Գէորգի մօտ է…

Ըհը՛, Է՜, ինչո՞ւ տեղն ու տեղը չսպաննեցիք էդ գազանը։ Հիմա ի՞նչ պիտի ընես…

Վարդի պէս պիտի պահեմ ու գուրգուրամ վրան, հեգնօրէն ծիծաղեցաւ Լեւոնը, որ վիրաւոր դէմքին վրայ չարաշուք ժպիտ մը խաղաց։

Իսկ վե՞րջը։

Վերջը այն, որ պիտի փորձեմ կառավարութեան հետ փոխանակութիւն մը ընել։ Եթէ անոնք համաձայնին մեր երկու ընկերները բաց ձգել, ես ալ Ալայ Բէկը ազատ կը ձգեմ։ Իսկ եթէ չհամաձայնին, անշուշտ երեք արշին չուան մը կը ճարուի, զայն ծառէ մը կախելու համար։

Մինչեւ հիմա եթէ կախած լինէիր, աւելի լաւ կը լինէր… Ի զուր փորձ է, կառավարութիւնը չի համաձայնիր։

Մէկ փորձենք։

Ուրի՞շ։

Ղզլճացիներու խնդիրը կայ։ Գիւղը հիմնայատակ կործանեցաւ, գիւղացիները ցրուեցան Թիմարի գիւղերը, բոլորովին սոված վիճակի մէջ…

Պէտք է պարտադրել այդ շրջանի գիւղերը, որ ձմեռուան ընթացքին պահեն զանոնք, մինչեւ գարուն…

Յետո՞յ։

Յետոյ գարնան գիւղացիք կը վերադառնան Ղզլճա, շրջակայ գիւղերու մեր խմբերը անոնց հողերը կը հերկեն, մենք ալ սերմանցու կուտանք…

Թող այդպէս լինի, համաձայնեցաւ Լեւոնը, կարեւորը այն է, որ Ղզլճան գէշ աղէկ վերաշինուի մինչեւ սեպտեմբեր… մեր կարեւոր կայաններէն մէկն է… Մէկ ալ պէսք է կարգադրութիւն մը ընել Շատախի Շաքիր բէկի մասին… Ի՞նչ վերաբերմունք պիտի ցոյց տանք այդ մարդուն… անպատճառ կ՚ուզէ մեզ հետ տեսնուիլ, նոյնիսկ կ՚առաջարկէ մեզ գործակցիլ…

Լեւո՛ն, այդ խնդրի մասին ուրիշ անգամ կը խօսինք, երբ ընկերները բոլորն ալ մէկտեղուած կը լինին… Մէկ սա նամակները աչքէ անցընենք։

Լեւոնն ու Վահէն իրարու քով նստած՝ սկսան նամակները կարդալ։ Վահէն գրպանը դրած նամակը հանելով՝ սկսաւ կարդալ։ Երկրորդ անգամ մ՚ալ կարդալէ վերջ, խնամքով ծալեց նամակը ու գրպանը դրաւ ու սկսաւ աչքէ անցընել միւս նամակները, որոնք Լեւոնը աչքէ անցուցած էր արդէն։

Վահէ՛, կրնա՞ս երեւակայել, թէ ի՞նչ նորութիւն կ՚իմացնեն Թիֆլիսէն, խոհուն դէմքով Լեւոնը դարձաւ Վահէին՝ նոր կարդացած նամակը երկնցնելով անոր, մէկ կարդա՛ տես։

Վահէն, առանց նամակը առնելու, հարեւանցի ակնարկ մը նետեց ու տեսնելով թուանշաններու երկար շարքը՝ խնդրեց Լեւոնէն։

Ժամ մը կ՚առնէ, մինչեւ որ կարդամ այդ թուանշանները, դու վարժ ես կարդալու։

Կը յայտնեն, որ թուրք կառավարութեան թոյլտուութեամբ Ռուսաստանէն բժշկական խումբ մը պիտի գայ հոս՝ հիւանդանոց մը հաստատելու համար, ինչպէս Ամերիկեան միսիոնարները ունին։

Հրաշալի գործ կը լինի։

Դեռ այս բոլորը չէ։ Ինչպէս կ՚իմացնեն, եկողները մեր ընկերներէն են…

Ինչպէ՞ս թէ մեր ընկերներէն, զարմացաւ Վահէն, խելքդ կորսնցուցի՞ր…

Իմ ալ հաւատալս չի գար, բայց այդպէս գրուած է։

Իսկ ռուս կառավարութիւնը ի՞նչպէս թոյլատրած կրնայ լինիլ։

Աւելի լաւ է նամակը կարդամ, որ հասկնաս, ու Լեւոնը Վահանեանի նամակը բանալով սկսաւ կարդալ։

«Բժշկապետ Զախարովը վերջապէս յաջողեցաւ թոյլտուութիւն ստանալ, բժշկական խմբով Թուրքիա անցնելու եւ Վանի մէջ հիւանդանոց մը բանալու մտադրութեամբ։ Ամիսներու դիւանագիտական բանակցութիւններէ վերջ, թուրք կառավարութիւնը ստիպուած եղաւ տեղի տալ Փեթերսպուրկի կտրուկ պահանջին առջեւ»։

Հը՛մ, այդ է որ չեմ հասկնար։ Ռուս կառավարութի՜ւնը…

Դեռ մտիկ ըրէ, ու Լեւոնը շարունակեց նամակի ընթերցումը.

«Բժշկապետ Զախարովը համալսարանը աւարտած է ներկայ արտաքին գործոց նախարարին հետ, որու հետ մօտ ընկերներ են եղած։ Ատկէ զատ՝ ան Փեթերսպուրկի բարձր դասու ռուս ընտանիքներու հետ մօտ կապեր ունի եւ ընդհանրապէս սիրուած մէկն է այդ շրջանի մէջ։ Անշուշտ այս թոյլտուութիւնը մենք պիտի չընդունինք որպէս հայերու հանդէպ եղած շնորհ մը ռուս կառավարութեան կողմէ։ Հոդ մեծ դեր կը խաղայ անշուշտ սահմանամերձ շրջանները ռուսական ազդեցութեան տակ պահելու ցանկութիւնը, մանաւանդ որ այս ձեռնարկը կոպեկ մը ծախս չի պահանջեր կառավարութենէն։ Այդ է պատճառը որ Զախարովի դիմումը իր ընկերոջ՝ վերջապէս բարեյաջող ելք մ՚ունեցաւ։ Գործի ֆինանսական մասը պիտի հոգան Փեթերսպուրկի, Պաքուի եւ Թիֆլիսի հայ հարուստները, իսկ նախնական ծախսերու ամբողջ ծանրութիւնը իր վրայ վերցուց այդ գործը նախաձեռնողներէն հայ օրիորդ մը, որուն շուտով կը հանդիպիք»։

Հետաքրքիր օրիորդ մը պիտի լինի անշուշտ, հը՞. մեր տղայ, եթէ սիրուն ալ լինի…

Լեւոնի դէմքը կնճռոտեցաւ։ Ան անտարբեր ձեւով ուսերը թափահարեց, մարդու մը նման, որ գրքի այդ էջը բոլորովին գոցած է եւ սպասում մը չունի այլեւս։ Վահէն՝ զգուշանալով Լեւոնի դիւրազգածութիւնը գրգռելէ՝ բաւականացաւ խնդրելով որ ան նամակի ընթերցումը շարունակէ։

«Առայժմ բժշկապետ Զարախովը հոդ կուգայ երեք օգնականներով, այդ տեղի պայմանները ուսումնասիրելու համար նախ քան գործի ձեռնարկելը։ Զախարովի ընկերներէն մէկը, երիտասարդ ռուս բժիշկ մ՚է, մաքուր իտէալիստ մը, Սոցիալ Յեղափոխական կուսակցութեան անդամներէն, բնիկ թիֆլիսեցի։ Երկրորդը մեր ընկերներէն Աւետեանի կինն է, գերմանուհի մը, որ աւագ հիւանդապահուհիի պաշտօնով կուգայ։ Իսկ երրորդը վերջերս աւարտեց Մոսկուայի համալսարանի բժշկական մասի մանկաբարձական բաժանմունքը։ Այս այն օրիորդն է, որ նախնական բոլոր ծախսերը անձնական միջոցներով հոգաց»։

Ի՞նչ կ՚ըսես, Վահէ։

Օրիորդի՞ մասին։

Տօ, եղբայր, բաւական է, ես գործի մասին կը խօսիմ։

Ի՞նչ պիտի ըսեմ։ Եթէ յաջողի՝ շատ լաւ։ Բայց կը վախնամ, որ թրքական կառավարութիւնը հազար ու մէկ դժուարութիւններ առաջ բերէ… Եթէ ամբողջ խումբը ռուսներէն կազմուած լինէր՝ թերեւս… Ես կը զարմանամ, որ կառավարութիւնը թոյլ տուած է հայերուն Տաճկաստան մտնալ։ Ուրիշ ի՞նչ նորութիւն։

Այդ մասին այդքան, իսկ զէնքերու մասին կը գրէ.

«Հայ-թաթարական կռիւները, որոնք մօտ երկու տարի տեւեցին, պէտք է վերջացած համարել։ Հակառակ հայ ժողովուրդի նիւթական մեծ կորուստներուն, Կովկասի թաթարները ամէն ճակտի վրայ սարսափելի ծեծ կերան՝ մեզմէ հինգ անգամ աւելի մարդկային զոհեր տալով կռիւներու ընթացքին, հակառակ որ անոնք, հայերէն աւելի լաւ զինուած էին, եւ իրենք էին միշտ նախայարձակները։ Այս արիւնահեղ կռիւները պատճառ եղան, որ Կովկասի հայերը աննախընթաց թափով զինուին, իրենց կեանքն ու ստացուածքը պաշտպանելու համար։ Ահագին քանակութեամբ զէնք հաւաքուած է բոլոր գաւառներու մէջ։ Հիմա, երբ այս անմիտ կռիւը վերջ մը գտաւ, մեր ունեցած զէնքերը սկսանք հաւաքել։ Մէկ մասը արդէն Շայթախտ հասցուցինք, մնացածներն ալ շուտով կը հասցնենք Չոփուրին։ Կը մնայ որ դուք աշխատիք օր առաջ Թադէոս Առաքեալի վանքը հասած ապրանքը Երկիր մտցնել»։

Ա՜յ, այդ լաւ խապար է, ուրախութեամբ ձեռքերը իրարու շփելով ըսաւ Վահէն, ուրեմն, մինչեւ սեպտեմբեր պատրաստ կը լինինք ընդհանուր ապստամբութեան ձեռնարկելու։

Դեռ շրջաններու զինումը կատարեալ չէ, ծանր հոգոց հանելով խօսեցաւ Լեւոնը։

Եթէ քեզի մնայ, ոչ մէկ պատրաստութիւն բաւարար պիտի համարես։ Իմ շրջանս՝ Կառկառ, Կարճկան, Մոկս, Շատախ, Կաւաշ ժողովրդական պատրաստութիւնը բաւարար է, չհաշուած մեր ունեցած զէնքի եւ ռազմամթերքի պաշարը։ Կը մնայ որ այս շրջանի…

Թիմարը բոլորովին պատրաստ չէ. Արճակի շրջանն ալ շատ աշխատանք կը պահանջէ… Շա՛տ, շատ աշխատանք կայ դեռ կատարելիք… Վահէ, գիտես որ քանի ժամանակը կը մօտենայ, այնքան մեր ունեցած ղեկավար ուժերու կարողութեան վրայ կը կասկածիմ… Թերեւս սխալ արտայայտուեցայ։ Ըսել կ՚ուզեմ թէ մենք թէ՛ թուով քիչ ենք… եւ թէ՛ չեմ գիտեր թէ որքան ընդունակ այդպիսի ծանր եւ մեծ գործ մը ղեկավարելու։

Խնդրեմ, սա անտեղի համեստութիւնդ մէկդի ձգէ. մենք իրար շոյելու պէտք չունինք։ Ղեկավարը չի նշանակուիր, սիրելիս, ան դէպքերու բերումով մէջտեղ կուգայ։ Կը յիշե՞ս այն ժամանակը, երբ երեք տարի առաջ Երկիր մտար։ Վիրաւոր, խեղճ տղայ մըն էիր, ու վախվխելով մտար գործի մէջ։ Դեռ երեք տարի չէ անցած այն օրէն, դու արդէն փորձուած ղեկավար մ՚ես, կ՚ուզես ըսեմ՝ յեղափոխութեան ոգին։ Դէպքերը եւ պայմանները ստեղծեցին նոր Լեւոն մը, որ նախկին խակ երիտասարդին հետ ոչ մէկ կապ ունի։ Քեզի նման երեք հոգի եւս, ու ահա ղեկավարող մարմինը պատրաստ է։ Իսկ գործը սկսել վերջ, նոր մարդիկ նոր ուժեր երեւան կուգան։

Վահէ՛, եթէ նոյնիսկ ըսածդ ճշմարիտ լինէր, մեզ նոր ուժեր դարձեալ հարկաւոր են… Այլապէս այս ապստամբութիւնը կատարեալ աղէտ մը կրնայ դառնալ մեր ժողովուրդին համար։

Երկու երիտասարդները երկար լռեցին, ամէն մէկը իր մտքին մէջ թաղուած։ Քանի կը մօտենար ապստամբութեան թուականը, որ 1908-ի սեպտեմբերին որոշուած էր, կարծես Լեւոնը ինքնավստահութիւնը կը կորսնցնէր ու ոչ մէկ պատրաստութիւն բաւարար կը թուէր իրեն։ Տենդային կատաղութեամբ կ՚աշխատէր, ամէն միջոցի կը դիմէր, որ արտասահմանէն Երկիր զէնք մտնայ, որ զինուորական նոր ուժեր գան, գիւղական զինուորական ուժերը կազմակերպուին, եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը պատրաստ լինի դիմագրաւելու ահաւոր փոթորիկը։

Ինձ կը թուի թէ, Քաչալը փոխանակ Սալմաստ մնալու, աւելի լաւ կ՚ընէ՝, Երկիր մտնէ, հոս աւելի օգտակար կը լինի գործին, կարծես ինքնիրեն սկսաւ խօսիլ Վահէն, առանց ընկերոջը նայելու. մենք կամաց կամաց մեր ունեցած ուժերը պէտք է մէտեղենք։ Եկաւեանն ալ կանչենք Ուրմիայէն, ան թէ՛ տեղացի է եւ թէ՛ պատրաստուած փորձառու զինուորական ուժ մը, որ կրնայ շատ օգտակար լինել։ Մար-Շիմօնի եւ Շամտինանի Շէյխին հետ Տոքթոր Հուայթի սկսած բանակցութիւնները պէտք է ձախողած համարել։ Այդ երկուքն ալ, Մար-Շիմոնն ու Շէյխը, մեզի հետ կը լինին միայն այն պարագային, երբ մենք իրական ուժ մը կը ներկայացնենք։ Այնպէս որ այդ խնդրի համար Եկաւեանի Ուրմիա մնալը բոլորովին աւելորդ կը դառնայ։

Ինչ կը վերաբերի Եկաւեանին, բոլորովին քեզ հետ համաձայն եմ, եւ որքան շուտ կանչենք այնքան լաւ։ Ինչ կը վերաբերի Քաչալին… ճիշդն ըսելով ես կը վարանիմ զայն կանչելու… Չեմ կարծեր թէ ան դիմանայ այս պայմաններուն մէջ ապրելու, այնքա՜ն ֆիզիքապէս քայքայուած կ՚երեւնար…

Լեւոն, խօսինք անկեղծօրէն։ Ես անցեալ տարի ալ Քաչալի մասին խօսք բացի, դու միեւնոյն տարտամ խօսքերով պատասխանեցիր։ Շիտկէ շիտակ ըսէ՛ ինծի, անձնական նկատումնե՞ր ունիս, չե՞ս ուզեր որ ան հոս գայ… Թերեւս չես ուզեր որ…

Լեւոնը շունչը բռնած՝ ընկերոջը նայեցաւ, կարծես թէ անտանելի ֆիզիքական ցաւէ մը բռնուած լինէր։ Յանկարծ դառնօրէն սկսաւ ծիծաղիլ եւ գլխի փափախը հանելով՝ գետին նետեց ու Վահէին դառնալով ըսաւ.

Կը կարծես թէ ճանչցուելէ՞ կը վախնամ, հա՞… Հիմա ալ դու անկեղծ եղիր, Վահէ, ու համարձակ ըսէ՛, որեւէ կապ կա՞յ այս սարսափ ազդող դէմքին եւ նախկինին միջեւ… Հարազատ մայրս իսկ կրնա՞յ գուշակել, որ այս… այս…— Լեւոնը ձեռքը վզին տարաւ, կարծես թէ պիտի խեղդուէր, ու չկրցաւ խօսքը շարունակել։

Պահ մը երկուքն ալ լուռ մնացին։

Այլեւս չխօսինք այս մասին, յոգնած դէմքի արտայայտութեամբ պահ մը վերջ Լեւոնը խօսքը ընկերոջը ուղղեց, եթէ կը կարծես, թէ Քաչալը օգտակար կը լինի, լա՛ւ, գրենք որ գայ…

Լեւոնը, նամակները կարդալէն վերջ, հանդարտօրէն սկսաւ պատասխանները գրել. որպէս թէ բան մը պատահած չլինէր, միայն դէմքի կարմիր պալարները ստէպ կը դողային ու ձախ թեւի յաճախակի ցնցուկները կը մատնէին անոր հոգեկան սաստիկ խռովքը։

Վահէն, խօսակցութեան անախորժ տպաւորութիւնը մեղմելու համար, երբ Լեւոնը աշխատանքը վերջացուց, բոլորովին տարբեր նիւթի մը մասին սկսաւ խօսիլ՝ հարցնելով անոր, թէ՝ կը ճանչնա՞ր բժշկապետ Զախարովը, ի՞նչ մարդ էր եւայլն։

Հազիւ թէ կը յիշեմ, պատասխանեց Լեւոնը, երբ փոքր երեխայ մ՚էի, մէկ երկու անգամ մեր տունը եկած է. վերջին տարիները Փեթերսպուրկ կ՚ապրէր։ Զախարովները բոլորովին ռուսացած հին ազնուական ընտանիք մըն են, այն ընտանիքներէն, որոնք ամէն կապ կտրած են հայութեան հետ։ Ինքը՝ բժշկապետը շատ համակրելի, ազնուական երիտասարդ մ՚էր իմ տեսած ժամանակս, ծայր աստիճան բարեկիրթ եւ գրաւիչ։ Բայց որ ան ազգային շարժումով հետաքրքրուի, մինչեւ այն աստիճան որ համաձայնի Տաճկաստան անցնիլ, հայ ժողովուրդին ծառայելու, ինձ համար ալ այնքան խոշոր հանելուկ մ՚է որքան քեզ համար։ Որքան կը յիշեմ, ամբողջ ընտանիքով ռուսախօս են։ Չեմ կարծեր, թէ բժշկապետն ալ հայերէն իմանայ։

Շատ զարմանալի է, իրօք զարմանալի է։ Եւ սակայն Վահանեանը կը գրէ, թէ մեր ընկերներն է, թէեւ պիտի խոստովանիմ, որ երբեք անոր անունը չեմ լսած։ Բայց զիս աւելի կը հետաքրքրէ օրիորդը…

Այդ աւելորդ էր ըսել, քմծիծաղով մը ընկերոջ խօսքը կտրեց Լեւոնը։

Չէ՛, զիս աւելի հետաքրքրողը երեւոյթն է։ Հայ օրիո՜րդ մը, որ իր միջոցներէն ահագին գումար մը ծախսէ… եւ կը համաձայնի Տաճկաստան անցնիլ… սիրելիս, այս է իսկական հետաքրքիր անակնկալը, ու Վահէն ծիծաղելով աւելցուց, Գրաւ կուգամ որ…

Ո՛ր ի՞նչ…

Որ այդ օրիորդը յիսունը անց՝ պառաւ աղջիկ մ՚է եւ սարսափելի կերպով…

Բայց Վահէն չվերջացուց նախադասութիւնը։

Պառաւ կամ երիտասարդ, գեղեցիկ կամ տգեղ, գործն է որ կը խօսի, հանդարտօրէն պատասխանեց Լեւոնը՝ չանթայի մէջէն փոքր տետրակ մը հանելով, կարեւորը այն է, որ գործը յաջողի եւ թրքական կառավարութիւնը արգելքներ չհանէ։

Վահէն քիչ առաջուան կարդացած նամակը նորէն գրպանէն հանեց, աչք մը պտտցուց վրան ու դառնալով Լեւոնին ըսաւ.

Գիտե՞ս թէ որմէ է այս նամակը։

Լեւոնը առանց պատասխանելու ուսերը թօթուեց։

Խատիճէէն ստացայ…

Լեւոնը, որպէս Վահէի ամենամօտ ընկերը, գիտէր ընկերոջ գաղտնի պահուած սիրոյ պատմութիւնը։ Բնաւորութեամբ շատ աւելի զուսպ, քան Վահէն, Լեւոնը այդ պատմութեան հանդէպ պարզապէս կրաւորական դիրք մը բռնած էր։ Իր ի՜նչ գործը, Վահէի անձնական գործն էր, բաւական էր, որ գործը ատկէ չտուժէր։ Այդ էր պատճառը, որ բաւականացաւ ըսելով։

Իրա՞ւ։

Ըսեր եմ քեզի, որ անցեալ գարնան Եկատերինոտարի շրջանը գնաց ծնողքը տեսնելու։ Հիմա վերադարձեր է Ապաղա… Երթալու մասին նախօրօք գրած էր ինծի։ Բնականաբար յանձնարարած էի Արմաւիր մերոնց հանդիպիլ։ Երեք օր մերոնց հիւր մնացեր է, երեխային հետ։ Ու երեւակայէ՛, Լեւոն, որ փոքր Ալին… այնքա՜ն կապուեր է մօրս, բայց մանաւանդ հօրս հետ, որ բաժնուելու պարագային շատկեկ լացեր է… Մերոնք ալ վրան կը գուրգուրան եղեր… Խնդրեմ, նորէն չամպոտիս։ Գրած էին Խատիճէին, որ Թիֆլիս հանդիպելուն՝ ձերոնց տեսնէ իմ բարեւներս հաղորդելու… Տօ՛, եղբայր, քեզի հետ կարելի չէ՞ խօսիլ, նորն ինչո՞ւ սպրթնեցար։

Րոպէ մը երկուք Լեւոնը չկրցաւ խօսիլ։ Դէմքը երկարած Վահէին նայեցաւ այնպէս, ինչպէս վիրաւորուած եղջերու մը որսորդին կը նայի, ու ինքն իր վրայ ճիգ մը թափելով՝ մեռած ձայնով մը խնդրեց.

Շարունակէ՛, շարունակէ՛…

Հա՛, Խատիճէն կը գրէ, թէ ձերոնք վերջնականապէս Երեւան փոխադրուած են, քոյրդ Աշտարակի մէջ ուսուցչուհի է, իսկ հայրդ ու մայրդ…

Այո՛, այո՛…

Երեւանի մէջ կ՚ապրին, լաւ ու հանգիստ են…

Խե՜ղճ ծերունիներ, բոլորովին մինակ մնացին։

Քոյրդ ամէն շաբաթ երեկոյ քաղաք կ՚երթայ եղեր, կիրակին անոնց հետ անցընելու համար։ Դժբախտաբար, Խատիճէն ժամանակ չէ ունեցած երկար մնալու եւ քոյրդ տեսնելու։ Կը գրէ, որ ձերոնք երկար բարակ խօսեր են իմ մասին, Քաչալի մասին, անցած օրերէն…

Լեւոնը ձեռքերով ծածկեց դէմքը՝ խեղդուկ հառաչանք մը հանելով, որ աւելի հեծկլտանք մ՚էր։

Խե՜ղճ, խեղճ մայրս… որքա՜ն տառապած պիտի լինի… հաւատա՛ որ… Է՜հ, Վահէ, սարսափելի. պատմութիւն մը եղաւ իմինս, կենդանի, կենդանի մեռած մը…

Լեւո՛ն, քու ձեռքդ է…

Լեւոնը ձեռքերը վար առաւ ու սարսափած դէմքով ուղիղ ընկերոջ աչքերուն նայեցաւ եւ բառերը հատիկ հատիկ արտասանելով ըսաւ.

Երբե՛ք, երբեք այդ մասին չխօսիս այլեւս… վերջացած խնդիր մ՚է, մեռած եմ աշխարհի համար, թո՛ղ մեռած մնամ եւ անոնց համար։ Երբ մէջս նախկին մարդը մեռաւ… ի՞նչ օգուտ վերակենդանանալէ։

Լեւո՛ն։

Չխօսինք այդ մասին։

Շատ լաւ, բայց ինծի կը թուի թէ…

Ի՞նչ

Որ այդ քու կողմէն անխղճութիւն է։

Անխղճութի՞ւն, ու Լեւոնին ձայնը զգացած անհնարին յուզումէն խզուեցաւ, դէմքի պալարները սկսան դողդղալ ու ձախ թեւը զարմանալի կերպով ցնցուեցաւ։

Երբ Լեւոնը նորէն սկսաւ խօսիլ, ձայնին մէջ արցունք կար ու անչափ յուսահատութիւն մը.

Տէ՜ր Աստուած, Վահէ՛, միթէ՞ կոյր ես, ու չես տեսնար ապրած անհնարին տառապանքս։ Ահա երեք տարի եղաւ, երե՜ք տարի օր ու գիշեր կենդանի կերպով աչքիս առջեւ կանգնած են հայրս, մայրս, քոյրս, ու… Ի՞նչպէս ըսեմ, որ հասկնաս, Վահէ։ Մարդիկ քնելով կը հանգստանան, իսկ ես հանգիստ չունիմ, ես կը սարսափիմ այդ մասին մտածելով։ Քնելը անհնարին տառապանք մ՚է ինծի համար, սարսափելի կոշմար մը… որ անուն չունի… Քիչ առաջ, երբ այդ պառաւ կինը ներս մտաւ, ինձ այնպէս թուեցաւ, թէ հարազատ մայրս կը տեսնայի… ապրած ցաւէն ընկճուած, մազերը սպիտակած, տառապանքի բեռան տակ կորացած մէջքով… Եղեր ես մեր տանը, գիտես, թէ մեր ընտանիքի անդամները որքա՜ն սերտ կերպով կապուած էին իրարու… ՉԷ՛, Վահէ, դու գաղափար չունիս, թէ ես ի՞նչ կ՚ապրիմ… Երբ այն դժբախտութիւնը պատահեցաւ…

Գիտես, ԼԵւոն, մեղմօրէն սկսաւ խօսիլ Վահէն, անգամ մը որ խոստացար պատմել… ես մինչեւ հիմա ալ չեմ գիտեր, թէ քեզի հետ ի՞նչ պատահեցաւ անկէ վերջը… Ամիսներ վերջը միայն, երբ կը մտածէի որ մեռած ես, մէկ ալ բոլորովին անսպասելի կերպով մէջտեղ ելար։

Ծանր պատմութիւն մ՚է, Վահէ՛։ Այդ օրերու ապրումները մինչեւ այսօր ալ զիս կը հալածեն, միայն մեր ծանր, տենդագին աշխատանքն է որ զիս փրկեց։

Եթէ դժուար չէ քեզ համար, պատմէ՛, Լեւոն։

Լեւոնը քանի մը րոպէ լուռ մնաց, գլուխը կրծքի վրայ կախած եւ հայեացքը սեւեռած անորոշ կէտի մը։ Երբ սկսաւ խօսիլ ձայնը հազիւ կը լսուէր։ Վահէն մօտեցաւ ընկերոջը, ուսը անոր ուսին յենած։

«Ինչպէս գիտես, սկսաւ պատմել Լեւոնը, ես գետը իյնալով թրջուած էի։ Նիկոլն ու Յակոբը, ափսոս, սքանչելի տղաքը կորան, կրակ վառեցին կղզիի վրայ։ Շորերս չորցնելու համար փռեցի ելկընի թուփերու վրայ, ինքս ալ երկնցայ կրակի դիմացը։ Շուտով քունս տարաւ։ Այլեւս չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ պատահեցաւ»։

Այդքանը գիտեմ, խեղճ Նիկոլը վանք գալով պատմեց մեզ։

«Երբ աչքս բացի, շարունակեց Լեւոնը, կէս օր եղած՝ արեւը ուղիղ վրաս էր ինկած։ Անշարժ պառկած էի կռնակիս վրայ։ Ինծի կը թուէր, թէ երազ կը տեսնամ։ Կամաց կամաց ուշքի եկայ։ Ամբողջ մարմինս ջարդուած կը զգայի. խուլ ցաւ մը կար մարմնիս բոլոր մասերուն մէջ։ Պառկած տեղէս բարձրանալ փորձեցի։ Այդ շարժումս այնպիսի անտանելի ցաւ մը առաջացուց, որ ես ետ ինկայ, նուաղած վիճակի մէջ։

«Երբ կրկին ուշքի եկայ, գիտակցութեանս կատարեալ տէրն էի։ Յիշեցի, որ առջի գիշեր ընկերներով կղզին ելած էի, որ կրակ վառեցինք, որ ես կրակի դիմացը երկնցայ հանգստանալու համար։ Բայց ինչ որ չկրցայ հասկնալ, այն էր, թէ ես ինչո՞ւ մինակ մնացեր էի, ո՞ւր էին ընկերներս, իսկ եթէ անոնք հեռացեր էին, ինչո՞ւ զիս այդ վիճակին մէջ ձգած էին»։

Խե՜ղճ Նիկոլ, գիտնայիր թէ այդ պարագան որքա՜ն ծանր ճնշած էր զայն, Լեւոնի խօսքը ընդմիջեց Վահէն. երբ այդ դէպքէն ամիսներ վերջ, յանկարծ մէջտեղ ելար, օր մը Յակոբն ու Նիկոլը զիս տեսնել ուզեցին։ Կը կարծէի թէ ինձմէ զատ քու ինքնութիւնդ գիտցող չկար, բայց այդ երկուքը քեզ տեսնելով՝ անմիջապէս ճանչցեր էին։ Եկած էին մօտս խնդրելու քո քեզ բացատրեմ…

Գիտեմ, Յակոբը մեռնելէն քանի մը րոպէի առաջ այդ մասին խօսեցաւ…

Շարունակէ՛, Լեւո՛ն։

«Հա՛, կարծես քնէ արթնալով շարունակեց Լեւոնը, որ Յակոբի ապրած վերջին րոպէներու ողբերգութեան տպաւորութեան տակ գլուխը կախեր էր, հա, կռնակիս վրայ ինկած էի։ Բնականաբար կ՚ուզէի գիտնալ, թէ ինչո՞ւ պառկած էի։ Մարմինս ծանրացած էր արճիճի նման։ Բնազդօրէն աջ ձեռքս երեսիս տարի։ Վահէ՛, չէ՛, չեմ կրնար ըսել, թէ ի՞նչ զգացի այն պահուն։ Ինծի կը թուէր, թէ դէմքիս կէսը գնացեր է, որ ես միայն աջ աչքովս կը տեսնայի։ Բայց եւ այնպէս, յստակ գաղափար մը չունէի ինձ հետ կատարուածի մասին։ Միայն երբ ձեռքս ետ քաշեցի, տեսայ որ լերթացած արիւնով ծածկուեր է։ Որքան գիտակցութիւնս պայծառացաւ, նոյն համեմատութեամբ եւ ցաւերս բազմապատկուեցաւ։ Բայց ֆիզիքական ցաւերէ աւելի անդիմադրելի պապակ մը զիս կը գալարէր։ Կաթիլ մը ջուր կը ցանկայի այնպէս, ինչպէս մահամերձ մը կեանքին կը ցանկայ։ Եւ այդ կացութեան մէջ տեսնել, որ քանի քայլ հեռաւորութենէն Արաքսը կը հոսի… թէ ինչպէս չխելագարուեցայ, չեմ գիտեր։ Բայց գիտեմ, որ երբեմն գանկիս մէջ այնպէս սուր ցաւեր կը զգայի, որ աչքերս կը մթննային, գիտակցութիւնս կը կորսնցնէի, քիչ վերջը ինքզինքս գտնելով վերստին միեւնոյն տառապանքը ապրելու համար։

«Երբ ձախ թեւս փորձեցի բարձրացնել, շորի կտորի նման կախուած մնաց օդի մէջ։ Փորձեցի աջ ոտքս շարժել։ Սուր ցաւերով՝ բայց կարողացայ քիչ մը վեր վերցնել։ Իսկ ձախ ոտքս, ոչ թէ տեղէն չշարժեցաւ, այլ ինծի այնպէս կը թուէր թէ բոլորովին մարմնէս անջատուած էր։ Զարմանալի կերպով կ՚այրուէի, կարծես զիս կրակի վրայ բռնած՝ ողջ ողջ կը խորովէին։ Ոչինչ չէի տեսներ, միայն երկնքի կապոյտը։ Ուզեցի աջ թեւիս վրայ դառնալ։ Բնականօրէն երբ ուժ գործ դրի դառնալու, այնպիսի զարհուրելի ցաւեր զգացի, որ եղած տեղս ետ ինկայ՝ երեխայի նման մղկտալով։ Իմ ապրած դժոխային տանջանքս կարծես բաւական չլինէր։ Հազարաւոր մանր ճանճերու ամպեր նստած էին վէրքերուս, բերանիս, աչքիս վրայ։ Անոնցմէ ազատիլ անկարելի էր։ Երբեմն ցաւս այնքան կը խստանար, որ ինծի կը թուէր թէ մէկը մուրճով գանկս կը հարուածէ, ու ահա շուտով ամէն ինչ պիտի վերջանայ։ Չեմ ալ գիտեր, թէ վերջանալու մասին շատ հոգ կ՚ընէի՞ այն ժամանակ։ Փոքր կղզիի մը մէջ, ուր հազիւ պատահական մաքսանենգներ երբեմն կուգան, շարժելու անկարող վիճակի մէջ, ինծի կը մնար մեռնիլ, համր անտանելի մահով մը։ Այնպիսի անսահման յուսահատութիւն մը կ՚ապրէի, որ մահը միակ փրկութիւնը կը համարէի, որ սակայն կ՚ուշանար իր գործը տեսնելու։

«Արեւը կամաց կամաց մարը մտաւ, պահ մը լռելէ վերջ, շարունակեց Լեւոնը, խաղաղ գիշեր մ՚էր. ես նոյն վիճակին մէջ գամուած մնացեր էի։ Մթնեց։ Խոր լռութեան մէջ միայն գետի մանր ալիքներու շփշփոցը կը լսուէր։ Յանկարծ մարդու մը ձայնը կ՚առնեմ։ Կ՚ուզեմ անմիջապէս պոռալ, որ օգնութեան հասնին, հազիւ թէ խեղդուկ ձայն մը կը յաջողիմ հանել… այն ժամանակ դեռ դեմքիս հետ կատարուածի մասին ես երազած էի։ Մէկ ալ խաւարի մէջէն դէպի ինձ մօտեցող մութ զանգուած մը կը տեսնեմ, անշուշտ մարդ մը։ Անկարող կանչելու՝ կը սկսիմ հեծկլտակով լալ։ Հապա եթէ այդ մարդը առանց զիս նկատելու հեռանայ…

«Բարեբախտաբար, մարդը ձայնս առնելով, զարմացած քովս կը վազէ։ Շայթախտեցի պարսիկ մաքսանենգ եղբայրներ էին, որ այդ գիշեր Պարսկաստանէն շաքար եւ առանց պանտրօլի ծխախոտ կ՚անցընէին Կովկաս։ Մարդը զիս տեսնելուն՝ անմիջապէս ձայն տուաւ լաստի մօտ մնացող եղբօրը։ Լուցկի մը կը վառեն ու վիճակս տեսնելով իրարու կը նային՝ գլուխնին թափահարելով, որ մահուան դատավճիռի մը իմաստն ունէր ինձ համար։ Կ՚երեւի մտածելով թէ ինձ ոչ մէկ բանով կրնար օգնել, կը պատրաստուին մեկնելու։ Մինչեւ այդ մարդոց գալը, մանաւանդ ցերեկը, ես ուրախութեամբ պատրաստ էի դիմաւորելու ցերեկը, բայց երբ այդ մարդիկ շարժեցան երթալու համար, անյատակ յուսահատութիւն մը պաշարեց զիս։ Կարծես զիս կեանքին կապող միակ թելն էր որ յանկարծ կը կտրուէր։ Աջ ձեռքովս կը յաջողիմ մէկուն թեւէն բռնել։ Կը պաղատիմ որ այդ վիճակի մէջ զիս լքելով՝ չհեռանան։ Թուրքերէն հազիւ թէ քանի մը տասնեակ բառ գիտէի։ Ռուսերէնի օգնութեամբ, շշնջալով, կերպով մը կը հասկցնեմ, որ ես միջոցներ ունեցող մէկն եմ, որ իրենց հարիւր րուպլի կուտամ, եթէ զիս Շայթախտ հասցնելով՝ իրենց տունը պահեն, մինչեւ որ ես իմ բարեկամներուս հետ յարաբերութեան մէջ մտնեմ։ Հարիւր րուպլիի խոստումը մոգական ազդեցութիւն մը կ՚ունենայ։ Իրարու ետեւէ բազմաթիւ լուցկիները կը վառեն, վէրքերս կը տնտղեն, իսկ ես մահավճիռ մը լսողի անձկութեամբ դէմքերնէն կախուեր եմ»…

Իսկ քովդ դրամ ունէի՞ր, հարցուց Վահէն։

Անշուշտ ոչ, հագուստներս չէի գիտեր թէ ի՞նչ եղած էին։ Ես գրեթէ մերկ վիճակը մէջ էի։ Թերեւս այդպէս աւելի լաւ եղաւ։ Եթէ դրամ լինէր քովս, կը կողոպտէին ու կ՚երթային՝ առանց զիս ազատելու մասին մտածելու։

«Փողդ ո՞ւր է, կը հարցնէ մաքսանենգներէն մէկը։ Կը յայտնեմ, որ զգեստներուս հետ կ՚երեւի գետը քշեր տարեր է։ Բայց եթէ զիս իրենց հետ տանին, քանի մը օրէն կը խոստանամ դրամը բերել տալ։ «Հարիւր րուպլին քիչ է», քիչ մը մտմտալէն վերջ կը յայտնէ մեծ եղբայրը, եթէ փորձանք մը պատահի եւ ձերբակալուինք, Աստուած չընէ դուն ալ մեռնիս, կառավարութիւնը մեզ որպէս ոճրագործներ մինչեւ Սիպիր կրնայ քշել։

Իսկ Լեւոն, ինքդ չվախցա՞ր Կովկաս անցնելու…

Չեմ գիտեր, թէ այն ժամանակ ի՞նչ կը մտածէի։

Այսքանը գիտեմ որ ամէն գնով այդ դժոխքէն դուրս գալ կ՚ուզէի, իսկ թէ յետոյ ի՞նչ կրնար պատահիլ, այդ մասին մտածելու ընդունակութիւնս կորսնցուցած էի։

«Չերկնցնեմ։ Համաձայնեցայ երկու հարիւր րուպլի վճարել իրենց, երեք օրուան ընթացքին։ Ի զուր է նկարագրել այն աներեւակայելի տանջանքը, որ ես կրեցի լաստի վրայ ու ճանապարհին, փալասի նման ինկած մաքսանենգներէն մէկու ուսին վրայ։ Ատամներս իրարու սեղմած, կոկորդիս մէջ կը խեղդէի հեկեկանքս»։

Այդ գիշերուան յիշողութիւնը այնպէս ազդեց, որ ԼԵւոնը երեք չորս րոպէ դէմքը ձեռքերուն մէջ առած՝ լռեց։

Լեւոն, սարսափելի կերպով տանջուած պէտք է լինիս, ու Վահէն Լեւոնի դողացող ձեռքը ափին մէջ առած՝ մտերմաբար սեղմեց։

Այո՛, ես ալ այնպէս կը կարծէի այն ժամանակ, որ քաշածս տառապանքի մեծագոյն չափն էր, որ անկէ աւելին չկար, չէր կրնար լինել, մինչեւ որ…

Լեւոնը յանկարծ լռեց, դէմքը սպրթնեցաւ, ու դէմքի պալարները սկսան կծկումներով դողալ։

Մինչեւ որ ի՞նչ, հարցուց Վահէն, բնազդօրէն աւելի ուժեղ սեղմելով ընկերոջ դողդողացող ձեռքը։

Մինչեւ որ, հոգեկան տառապանքս սկսաւ, որու քով ֆիզիքական ցաւը պարզապէս խաղալիք էր։ Մարմնիս վէրքերը սպիացած էին, երբ նոր սկսաւ անհնարին տառապանքով սիրտս արիւնոտիլ…

Քանի մը րոպէ երկու ընկերները կողք կողքի նստած՝ լուռ մնացին, ամէն մէկը իր մտքին մէջ թաղուած։ Լեւոնը այդ օրերու վերյիշումով կրկին նոյն ցաւը կ՚ապրէր, իսկ Վահէն նոր կը զգար Լեւոնի դիմակաւոր արտաքինին տակ թագնուած սարսափելի վիշտը, որ կենդանի կերպով կ՚ապրէր Լեւոնի հոգիին մէջ։ Վահէն ընկերոջ ձեռքը ափին մէջ սեղմած՝ մեղմօրէն ըսաւ.

Վարդան, շարունակէ…

Վարդա՞ն… Վարդանը վաղուց մեռած է, սիրելիս, դառնացած ժպիտով մը պատասխանեց Լեւոնը, հիմա անոր տեղ Լեւոն մը կայ… բոլորովին տարբեր մարդ մը սակայն։

Մէկ երկու րոպէ վերջ, Լեւոնը շարունակեց պատմել։

«Հա՛, կ՚ըսէի թէ զիս Շայթախտ հասցուցին։ Մեծ եղբայրը շալակէն վար առնելով՝ ախոռի սաքուի մէկ անկիւնը պառկեցուց զիս, աղտոտ փսիաթի մը վրայ։ Երկու եղբայրները, որքան որ իրենց խելքը կը կտրէր, խնամեցին զիս։ Նախ՝ վէրքերս լուացին, վերջէն ամբողջ մարմնիս մածուն քսելով՝ վէրքերս փաթթեցին աղտոտ լաթի կտորներով։ Այն ժամանակ գլխի չէի իյնար։ Երկուքն ալ ամէն անգամ որ ուղիղ դէմքիս կը նայէին, ինծի կը թուէր, թէ անոնց աչքերուն մէջ սարսափի կամ աւելի ճիշդը զզուանքի արտայայտութիւն մը կը ցոլար։ Իրարու ետեւէ երկու թաս թան խմեցի։ Չեմ գիտեր թէ կեանքիս մէջ այդքան ագահութեամբ որեւէ բան խմա՞ծ էի, ու անմիջապէս աչքերս ծանրացան, ու ես քնացայ մեռելի նման։

«Առտու շատ կանուխ արթնցուցին զիս։ Ախոռի կիսախաւարին մէջ, երբ աչքերս սացի, երկու եղբայրները տեսայ, որոնք վրաս հակած՝ զիս կը դիտէին։ Անոնց ամբողջ մտահոգութիւնը այն էր, որ յանկարծ չմեռնիմ, եւ զրկեմ զիրենք վարձատրութենէ…

«Այդ պայմաններու մէջ հօրս գրել դժուար էր, մանաւանդ որ իմ ակամայ ազատարարներս ալ սաստիկ կը շտապէին՝ ժամ առաջ փողը ստանալու եւ իմ ներկայութենէն ազատուելու համար։

«Կը մնար որ Երեւան գրէի։ Գիտէի որ Գալուստը դեռ բանտն է։ Կը մնար բժիշկ Տէր Յակոբեանին գրել։ Այդպէս ալ ըրի։ Մեծ դժուարութեամբ նամակը գրեցի, երկու խօսքով պատմեցի գլուխս եկածն եւ իմ ծանր վիճակը եւ խնդրեցի որ անմիջապէս ճամբայ ելլէ Շայթախտ գալու համար։ Մաքսանենգներէն մեծ եղբայրը նամակը առնելով՝ անմիջապէս ճամբայ ելաւ։ Ինծի կը մնար սպասել, ինկած սաքուի աղտոտ անկիւնը, սարսափելի կերպով ապականած ախոռի մէջ։ Հնոցի մէջ ինկողի մը նման, ամբողջ մարմնովս կ՚այրուէի։ Կաթիլ մը ջուր տուող չկար քովս։ Եւ այնպիսի անտանելի ցաւեր կը զգայի, որ երբեմն կը թուէր թէ գիտակցութիւնս պիտի կորսնցնեմ։ Մինչեւ կէս օր ատամներս սեղմած՝ դիմացայ աննկարագրելի ցաւին, բայց անկէ վերջ ջերմութիւնս աստիճանաբար բարձրացաւ։ Անհանդարտ կը տապլտկէի պառկած տեղս, հակառակ որ ամենափոքր շարժում մը անհնարին ցաւ կը պատճառէր։ Առանց քաշուելու, երեխայի նման կուլայի, ատամներս սեղմած։ Բարեբախտաբար, շուտով գիտակցութիւնս կորսնցուցի եւ այլեւս չեմ յիշեր, թէ ի՞նչ պատահեցաւ։

«Յաջորդ առտու միայն աչքերս բացի, զարմացած ինքզինքս այդ մութ ու աղտոտ ծակին մէջ գտնելով։ Պառաւ պարսկուհին պղինձէ թասով թանը քովս դնելով՝ հեռացաւ, բոլորովին անտարբեր իմ վիճակիս։ Ըսինք, ամբողջ տնեցւոց մտահոգութիւնը միայն այն էր, որ ես չմեռնէի, մինչեւ որ քաղաքէն բարեկամս գար՝ խոստացած գումարս վճարելու, իսկ անկէ վերջ աշխարհի երեսին անհաւատ մը աւելի կամ պակաս, շատ ալ մեծ տարբերութիւն մը չէր ըներ իրենց համար, մանաւանը որ վստահ էին, որ չեմ ապրիր։

«Կէս օրուան մօտ կը լինէր։ Յանկարծ ախոռի դուռը բացուեցաւ ու սեմին վրայ երեւցաւ բժիշկը, որ ախոռի կէս խաւարին անսովոր՝ խարխափելով ներս մտաւ ի զուր զիս փնտռելով։ Բժիշկի հետ վերադարձող տանտէրը, ձէթի ճրագը վառեց, եւ սաքուի այն անկիւնը, ուր ես ինկած էի, աղօտ մը լուսաւորուեցաւ։ Իմ բարի բժիշկը, երբ այդ վիճակին մէջ տեսաւ զիս, գրեթէ բոլորովին մերկ պառկած փսիաթի կտորի մը վրայ, սաստիկ բարկացաւ ու յանդիմանեց տանտէրը՝ կարգադրելով անմիջապէս զիս տեղափոխել թոնրատունը, որ համեմատաբար աւելի լուսաւոր եւ աւելի մաքուր տեղ մ՚էր։ Երբ թոնիրի կողքին փռուած թաղիքի մը վրայ երկնցուցին զիս, յանկարծ դժոխքէն արքայութիւն փոխադրուող մեղաւորի մը հրճուանքն ունեցայ։ Կարծես այլեւս ցաւ չէի զգար։

«Ինչպէս առաջ ըսի, երկու եղբայրները զիս տուն հասցնելով՝ վէրքերս լուացին եւ ձեռք տանցած շորի կտորով փաթթեցին։ Այնպէս որ ես այդ պահուն, երբ բժիշկը մօտեցաւ ինձ, շատ այլանդակ պատկեր մը կը ներկայացնէի։ Բժիշկը հետս հանաքներ ընելով՝ գործի անցաւ եւ նախ եւ առաջ ազատեց գլուխս չուլ ու չափութի կտորներէն։

«Վահէ՛, երբեք պիտի չմոռնամ խեղճ բժիշկի դէմքին սարսափած արտայայտութիւնը, երբ գլուխս ծածկող վերջին կտորը հեռացուց ու ամբողջ դէմքս երեւան եկաւ։ Ակամայ բացագանչութիւն մը արձակեց ու ամբողջ մարմնով ցնցուեցաւ։ Մօտ ընկերոջ մը ներկայութիւնով ես այնքան ուրախացած էի այդ պահուն, որ հազիւ թէ ուշադրութիւն դարձուցի բժշկի ակներեւ յուզմունքին… Աւա՜ղ, վերջէն էր որ գլխի ինկայ։ Բժիշկը անմիջապէս ինքզինքը հաւաքեց, ճիգ մը ըրաւ յուզմունքը ծածկելու եւ պայուսակը բանալով՝ գործի անցաւ։ Ես խելօք երեխայի մը նման ինքզինքս յանձներ էի անոր խնամքին։ Զարմանալի երջանիկ տրամադրութեան մէջ էր. այն գիտակցութիւնը թէ՝ մէկը կայ որ իմ մասին կը հոգայ, կարծես ցաւերս անհետացուցեր էր։ Երեք ժամ վրաս աշխատելով՝ բժիշկը գործիքներն ու դեղերը հաւաքեց, երկու անգամ իրարու ետեւէ ինչ որ դեղ սրսկեց թեւիս ու յայտնեց որ անմիջապէս զիս Երեւան պիտի տանի։ «Ինչ որ կարելի էր ջարդել մարդու վրայ, ջարդուած է», ծիծաղելով ըսաւ բժիշկը, «Հիմա պէտք է աշխատիլ գէշ աղէկ սոսնձել մարմնոյդ կոտրտուած մասերը»։

«Կ՚երեւի սրսկած դէղի ազդեցութիւնն էր որ երբ զիս կառքը պիտի տանէին, գլուխս ծանրացաւ։ Ալ ատկէ վերջ ոչինչ կը յիշեմ։

«Որքա՜ն մեծ եղաւ զարմանքս, երբ յաջորդ օրը, առաւօտեան ժամը տասի մօտերը, աչքս բացի եւ ինքզինքս գտայ ճաշակով զարդարուած սենեակի մը մէջ, մաքուր մահճակալի մը վրայ երկնցած։ Առջի վայրկեանին գիտակցութեան չեկայ, ուզեցի տեղէս ելլել։ Սակայն, անմիջապէս, զգացի, որ ոտքս ու ձեռքս անշարժութեան դատապարտուած են, իսկ գլուխս, թնդանօթի ռումբի ծանրութեամբ ինկած է բարձի վրայ։ Բարձրանալու ճիգը եւ ատկէ առաջացած ցաւը վայրկենաբար ուշքի բերին զիս։ Պատուհանի առջեւ տարէց կին մը նստած կարկտուկ կ՚ընէր, արթննալս տեսնելով տեղէն բարձրացաւ, ու մատը շրթունքին դրած՝ լռութիւն պատուիրեց ու դուրս եկաւ սենեակէն։ Եթէ ուզէի իսկ՝ չէի կրնար խօսիլ։ Գլուխս եւ կզակս այնքան ուժեղ կերպով փաթթուած էր, որ բերանս իսկ չէի կրնար բանալ։ Վերջէն բժիշկը պատմեց, որ կէս գիշերին հազիւ թէ տուն հասեր էինք, եւ ինք անմիջապէս ուրիշ բժիշկ մ՚ալ կանչելով՝ վէրքերս քններ, դարմաներ ու նորէն փաթթեր էին։

«Ամիսէն աւելի պառկած մնացի սիրելի բժիշկի տանը մէջ։ Առանց շարժելու հնարաւորութեան, կռնակիս վրայ պառկած կ՚անցընէի օրերս։ Սարսափելի ձանձրացած էի։ Եթէ միայն կարողանայի կարդալ, թերեւս ժամանակը այնքան դժնդակ ծանրութեամբ չանցնէր։ Բժիշկ Տէր Յակոբեանն ու իր բժիշկ ընկերը ամէն օր վէրքերս կը քննէին՝ պէտք եղած խնամքը տանելով։ Միակ մխիթարութիւնս բժիշկի մայրն էր, անձնուէր կին մը, որ այնքան ուշադիր կերպով կը հետեւէր ինձ, մօր նման գուրուրալով վրաս։

«Մէկէ աւելի անգամներ փորձուեցայ գրել հօրս՝ յայտնելու անոր, թէ ո՜ւր եւ ի՜նչ պայմաններու մէջ եմ։ Բայց ամէն անգամուն ալ յետաձգեցի զանազան պատճառներով։ Երկիր անցնելու որոշմանց վրայ անխախտ կը մնայի։ Բերնէ բերան իմ անունս տարածուեր էր ժողովուրդի մէջ։ Շատ շատեր գիտէին, որ Պոնտոլովսկիի տերօրը ես եմ կատարած։ Արդեօ՞ք այդ մասին կառավարութիւնը բան մը լսած էր. թերեւս կը հետեւէին մեր ընտանիքի անդամներու շարժումներուն։ Կը մտածէի բոլորովին բժշկուելէ վերջ անգամ մը անցնիլ Թիֆլիս, մերոնք տեսնելու համար։ Ես բժիշկ Տէր Յակոբեանի տանը կը մնայի, եւ որովհետեւ, ինչպէս ըսի արդէն, իմ անունս տարածուած էր, սիրելի բժիշկս տնեցիներուն եւ երբեմն եկող հիւրերուն ծանօթացուցեր էր զիս, որպէս Նախիջեւանի ուսուցիչ մը, ինչ որ պարոն Լեւոն։ Այդպիսով՝ իմ ինքութեանս մասին, բացի բժշկէն մարդ տեղեկութիւն չունէր։ Երեք շաբաթ անցաւ։ Առանց նեղութեան կրնայի արդէն խօսիլ, անկողնիս մէջ շարժիլ։ Վէրքերս սպիանալու վրայ էին, թէեւ դէմքս դեռ ծածկուած կը մնար, եւ բժիշկս չէր ձգեր որ ոտքի ելլեմ։ Ձախ թեւիս եւ ոտքիս ջղերը քաշուած էին։ Բժիշկը կատակելով կ՚ըսէր, թէ ոտքի ելլելուս թեթեւ մը պիտի կաղամ, եւ թեւս ուղիղ պիտի չկախուի։ Այս խօսքերը կէս կատակ կ՚ընդունէի, բայց միեւնոյն ժամանակ կղզիի վրայ անցուցած ժամերս մտաբերելով՝ կը մտածէի թէ, եթէ բժիշկի ըսածը իրողութիւն ալ լինէր, նորէն փառք տալու էի, որ այդքան աժան կերպով ազատած էի այնքան մեծ աղէտէ մը։

«Վահէ՛, դէմքիս վէրքը ամենավերջը սկսաւ լաւանալ։ Զարմանալի կերպով վատ նախազգացում մը ունէի, թէեւ առանց պատճառի… Ամիս մը անցեր էր։ Ես բոլորովին կազդուրուած կը զգայի եւ շատ անհամբեր՝ ոտքի ելլելու։ Օր մը երկու բժիշկներս, դէմքիս վէրքը բաւական գոցուած համարելով, կարերը քանդեցին, ու վէրքը լուալով կը պատրաստուէին վիրակապով փաթթել։ Խնդրեցի բժիշկէս, որ հայելի մը բերէ. կ՚ուզէի դէմքս տեսնել։ Իմ սիրելի բժիշկը յայտնապէս վարանելով՝ զարդասեղանի վրայէն վերցուց հայելին ու ձեռքս տուաւ»…

Լեւոնը դէմքը ձեռքերուն մէջ առած լռեց։ Վահէն ընկերոջ ձեռքը ափին մէջ առած, մտերմօրէն սեղմեց.

Կը հասկնամ, Լեւոն, սարսափելի տառապանք մը ապրած լինելու ես։

«Հազիւ թէ հայելիի մէջ անդրադարձող դէմքս տեսած, պատմութիւնը շարունակեց ԼԵւոնը հազիւ լսելի ձայնով, յուսահատ աղաղակ մը հանելով՝ հայելին ձեռքէս նետեցի եւ գլուխս թաղեցի բարձի մէջ։ Վահէ՛, չէի կրնար, չէի ուզեր հաւատալ, թէ տեսածս իրօք իմ դէմքն էր… Ի զուր բժիշկները կ՚աշխատէին զիս հանգստացնել։ Հոգիս անսահման յուսահատութեամբ լեցուած էր, դառնօրէն կ՚արտասուէի։

«Երբ սենեակի մէջ առանձին մնացի, հակառակ բժիշկներու պատուէրին, անկողնէս ելայ եւ նոր ոտքի ելլող երեխայի նման պատէն բռնած՝ մօտեցայ զարդասեղանին ու հայելին վերցնելով՝ վերադարձայ անկողնիս։ Երեք օր հայելին բարձիս տակ պահեցի, Վահէ՛, ու ամէն անգամ, որ հայելին հանելով դէմքս կը դիտէի, սիրտս կտոր կտոր կը լինէր, անսահման յուսահատութիւն մը կը պաշարէր զիս, ու այլեւս չէի հասկնար, թէ կեանքը ի՞նչ իմաստ կրնար ունենալ ինձ համար։

«Ապրած սեւ յուսահատութիւնս չես կրնար երեւակայել… Առանց ձախ այտի, աչքս սեւ ծակի նման, երեսիս մէկ կողմը ողորկ կաշի մը, առանց յօնքի եւ մազի, իսկ անվնաս մնացած կողմն ալ բազմաթիւ կապոյտ բիծերով՝ սարսափ կ՚ազդէին վրաս։ Ես ինքս ինծի համար անճանաչելի դարձած էի։

«Որքան ալ յուսահատ էի, սակայն ժամանակը լաւագոյն բժիշկս եղաւ։ Կամաց կամաց հաշտուեցայ կատարուած իրողութեան հետ։ Բայց հոգիիս մէջ այնպիսի խոր բեկում մը առաջացաւ, որ երբեմն ինքնիրենս հարց կուտայի, թէ իրօ՞ք որ ե՛ս, ես ինքս եմ։ Ես այլեւս ոչ միայն դէմքով, այլ եւ բնաւորութեամբ փոխուեցայ։

Ժամերով կը նստէի առանց բառ մը արտասանելու։ Մէկ կեդրոնացած մտածում ունէի, օր առաջ ոտքի ելլել եւ անցնիլ Երկիր։

«Բժիշկ Տէր Յակոբեանը Թիֆլիս հրատարակուող հայ թերթերը կը ստանար։ Երբ բաւական մը կազդուրուած էի, բժիշկի պատուական մայրը թերթերը ուղիղ ինձ մօտ կը բերէր, որ անոնցմով զբաղէի։ Օր մը կը բանամ թերթը եւ ահա առաջին երեսին վրայ իմ մահուան քառասունքի առթիւ կատարուելիք հոգեհանգստի յայտարարութիւնը կը կարդամ… Չեմ կարծեր, թէ ուրիշ մէկը ունեցած լինի իմ հոգեկան ապրումները… Ես դեռ կենդանի՝ եւ հոգեհանգիստ…

«Հեռագրե՞լ մերոնց, յայտնե՞լ որ կենդանի եմ… Անկողնիս մէջ նստած, ժամերով մտածեցի։ Դեռ ամիսներ առաջ Երկիր անցնելու որոշում տալով՝ ես խզեր էի ամէն կապ կեանքի հետ ու այլեւս ոչ մէկ ակնկալութիւն ունէի։ Մեռա՞ծ. ուրեմն թող մեռած ալ կարծեն։ Ի՞նչ իմաստ կրնար ունենալ ինծի համար կրկին յարութիւն առնելը, երբ կեանքիս հունը այնքան վճռականօրէն փոխուած էր։ Ահա այս մտածումները զիս ստիպեցին ապրիլ իբր նոր մարդ մը, նոր Լեւոն մը։ Բժիշկը միայն գիտէր իմ ինքնութիւնս։ Խնդրեցի, համոզեցի զինքը, որ գաղտնիք մնայ այդ՝ մեր երկուքին մէջ։ Կը հասկնար վիճակս, կը զգար թէ ի՜նչ ողբերգութիւն մը կ՚ապրիմ։ Համաձայեցաւ։ Երկու ամիսէն ոտքի ելայ։ Ճիշդ է, քիչ մը ձախաւեր կերպով սոսնձուած, բայց եղածով պէտք է գոհանայի, ուրիշ ճար չկար։

«Երկիր անցնելէ առաջ, ուզեցի վերջին անգամ մ՚ալ տեսնել հայրս, մայրս, քոյրս… Սոնիան, վերջին անունը այնքան ցած արտասանեց Լեւոնը, որ Վահէն հազիւ լսեց, այս ցանկութիւնը այնքան բուռն էր մէջս, որ ես պատրաստ էի ամէն տեսակ վտանգ աչքի առնելով՝ երթալ Թիֆլիս։ Այդպէս ալ ըրի, հակառակ բժիշկի խորհուրդին։ Գիւղացիի շորերով ծպտուած իջայ Թիֆլիս։

«Վահէ, երբեք եղա՞ծ ես հարազատ շրջանի մը մէջ, այնքան մօտ քու սիրելիներուդ, բայց անկարող մօտենալու անոնց։ Ահա այդպէս, որպէս օտարական մը ապրեցայ ես Թիֆլիսի մէջ ամբողջ շաբաթ մը, ուր թանկագին մերձաւորներ ունէի, հարիւրաւոր բարեկամներ, ընկեր տղաք։ Կեանքիս ամենածանր օրերը եղան ատոնք։ Անգամ մը Պուշկինեան Պարտէզի վանդակորմին կրթնած՝ կը սպասէի հօրս դուս գալուն։ Ժամը երկուքն էր։ Մէկ ալ տեսնամ՝ հայրս դուրս ելաւ Կովկասեան Պանքայէն։ Հազիւ չորս ամիս կար որ զայն չէի տեսած, բայց որքա՜ն փոխուած էր իմ խեղճ, խեղճ հայրս, մօրուքը սպիտակած, ուսերը կորացած, կարծես ընկճուած լինէր այնչափ բեռան տակ։ Սիրտս մղկտաց, երբ հայրս այդ վիճակին մէջ տեսայ։ Իմ մահուան լուրը խորտակած էր խեղճ հայրս»։

Լեւո՛ն, որքա՜ն պիտի երջանկացնէիր հայրդ ու ձերոնք, եթէ…

Եւ ինչո՞ւ համար, գրեթէ բարկացած պատասխանեց Լեւոնը, որպէսզի անգա՞մ մալ պատճառ դառնայի անոնց տառապանքին, որպէսզի անգա՞մ մ՚ալ անոնց սիրտը ճմլէի, արիւն արցունք լացնէի… Միթէ՞ եղածը բաւական չէր… Վահէ, այս երեք տարուան մէջ երբեք մահը չփնտռեցի, բայց դու ալ գիտես, ես ալ գիտեմ, թէ մեր ճամբան ո՛ւր կը վերջանայ…

Վահէն եւ Լեւոնը պահ մը լուռ մնացին։ Երկուքն ալ հասուն երիտասարդներ, կեանքէն դեռ բան մը չվերցուցած, հաշտուած էին անժամանակ մահը դիմաւորելու գաղափարին հետ։ Արիւնոտ յեղափոխութեան մը մէջ նետուած էին, ու ոչ ոք կրնար գուշակել ապագան։ Միայն անհերքելի փաստ մը կար մէջտեղ, այն՝ որ այդ ճանապարհի վրայ կեանքերը շուտով կը խամրէին։

Երբ Լեւոնը սկսաւ պատմութիւնը շարունակել, կը խօսէր այնպէս, ինչպէս մարդ կը փոձուի խօսիլ եկեղեցիի մէջ։

«Չեմ ուզեր պատմել, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ հանդիպեցայ մօրս։ Օ՜, Վահէ, եթէ միայն կարողանայի վազել, փաթթուիլ ոտքերուն, համբուրել ձեռքերը եւ իմ պատճառովս ճերմկած մազերը… Բաւական է որ աչքերս գոցեմ, այդ տեսարանը կենդանի կերպով կը պատկերանայ երեւակայութեանս մէջ։ Տարիներ անցան, բայց այդ պատկերը դեռ կը հալածէ զիս»։

Իսկ քո՞յրդ, Սոնիա՞ն, հարցուց Վահէն։

Լեւոնը անմիջապէս չպատասխանեց։ Քանի մը րոպէ անշարժ նայեցաւ կարպետի նաշխին, կարծես շատ հետաքրքիր բան մը կար հոն ու յետոյ հանդարտօրէն գլուխը բարձրացնելով՝ ըսաւ ընկերոջը.

«Երթալու համար Աբասապատի հրապարակը, ուր մենք կ՚ապրէինք, Վիլիամինովսկիէն նեղ փողոց մը կը բացուի։ Օր մը այդ նեղ փողոցով կ՚անցնէի՝ հեռուէն մեր տունը տեսնելու համար, մայրս կամ քոյրս, որոնք թերեւս պատուհանը լինէին։ Հազիւ թէ տասնեակ մը քայլ առած էի, մէկ ալ տեսնամ հրապարակի անկիւնը դառնալով միեւնոյն փողոցը մտան քոյրս… եւ Սոնիան։ Բարեբախտաբար հակառակ կողմի մայթէն կը քալէին։ Կայծակնահար եղած մարդու նման կեցած տեղս գամուեցայ, պատին կրթնելով որ չիյնամ։ Երկուքն ալ սեւեր հագած էին։ Իրարու հետ խօսակցելով եկան ու անցան՝ առանց իմ կողմը նայելու… Եթէ նոյնիսկ իմ կողմն ալ նայէին… է՜հ Վահէ, ինչ կ՚ուզես մտածէ իմ մասին, թերեւս քիչ մը շատ զգացական գտնես զիս, քիչ մը շատ կապուած իմիններուս հետ… բայց ես պէտք է, որ անգամ մ՚ալ տեսնէի անոնք, եթէ այդ միմիայն իմ հոգեկան տառապանքս պիտի աւելցնէր։ Հարբածի նման անհաստատ քայլերով կ՚առաջանայի, սիրտս կարծես թէ պիտի ճաքէր։ Որքա՜ն փոխուած կ՚երեւար Եւգինէն։ Խեղճ աղջիկ, կարծես տարիներ անցած լինէին մեր բաժանումէն ի վեր։ Իսկ Սոնիան… Սոնիան իր սեւ զգեստներու մէջ ա՛լ աւելի գեղեցիկ կ՚երեւէր… Ամէն մէկ քայլիս ետ կը դառնայի անոնց ետեւէն նայելու համար, մինչեւ որ Վիլիամինովսկի փողոցը ելլեով՝ թեքուեցան դէպի Քաղաքային Տուման։

«Թէ ինչպէ՜ս հասայ մինչեւ մեր տան առջեւ, չեմ գիտեր։ Մտայ մեր տան կողքի անել փողոցը ու վարանոտ քայլերով մտայ առաջին տունը, ուր գետնայարկ փոքր սենեակ մ՚ունէր Մոսօն՝ մեր տան դռնապանը։ Սիրտս այնպէս ուժգին կը խփէր, որ քիչ մնաց ետ դառնայի։ Դեռ Երեւան եղած ժամանակս, բժիշկին հետ համաձայնած էինք, որ Մոսօն հետս վերցնեմ, Երկիր մտած ժամանակ։

«Բարեբախտաբար Մոսօն տանն էր։ Դուռը կը զարնեմ։ Մոսօն ինքը կը բանայ դուռը, ու վերէն վար զիս չափելով՝ զարմացած ինծի կը նայի, կարծես ըսել կ՚ուզէ. «Լաւ, բարեմակս, հիմա որ դուռը բացի, ի՞նչ կ՚ուզես»։ Հազիւ թէ ինքզինքս կրնամ պահել, թէեւ այնքան բուռն ցանկութիւն մը կը զգամ փաթթուելու այդ լաւ տղու վզովը։

«Մոսոյի ընդունելութենէն յայտնի էր որ ամենափոքր կասկած մը չունէր իմ ինքնութեան մասին։ Կը յայտնեմ՝ որ իրեն հետ կարեւոր նիւթի մը մասին խօսիլ կ՚ուզեմ։ Աղքատիկ սենեակի թախտի վրայ, իրարու կողքի կը նստինք։ Մոսօն քիչ մը անհամբեր դարձած՝ ինծի կը նայի։ Առաջինը ես կը սկսիմ խօսիլ։ «Է՜, Մոսօ՛, ուրեմն զիս չե՞ս ճանչնար», կը հարցնեմ։ Գլուխը տարակուսանքով՝ բացասաբար կը շարժէ, հայեացքը դէմքիս կեդրոնացուցած։ Չէ՛, անշուշտ որ չի ճանչնար զիս, կեանքին մէջ զիս տեսնելը չի յիշեր։ Չէ՛, երբեք չէ հանդիպած։ «Մոսօ» կ՚ըսեմ, հազիւ արցունքս պահելու կարող, «Մոսօ, մէկ լաւ նայէ» ու գիւղական բրդոտ փափախը հանելով՝ անոր կողմը կը դառնամ, «զիս չե՞ս ճանչնար, ես Վարդանն եմ»…

«Եթէ անամպ երկնքէն յանկարծ կայծակ մը իյնար Մոսոյի ոտքերուն առջեւ, հազիւ թէ ան այնպէս սարսափէր։ Ոտքի ցատկելով ետ ընկրկեցաւ, կարծես ես գերեզմանէն դուրս ելած ուրուական մը լինէի։ Ձեռքէն բռնած՝ նորէն իրարու կողքի կը նստինք։ Կը պատմեմ գլխուս եկած փորձանքները՝ Երեւանէն սկսած մինչեւ կղզիի դէպքը։ Մոսօն, ձեռքերս խոշոր ափին մէջ սեղմած, մէկ կը ծիծաղի, մէկ կուլայ։ Կը յայտնեմ, որ եկեր եմ զինքը հետս միասին տանելու։ Մոսօն առանց այլեւայլի կը յայտնէ, որ պատրաստ է, միայն օր մը ժամանակ կ՚ուզէ գործերը կարգի բերելու համար։ Մինչեւ երեկոյ միասին նստած՝ Մոսօն կը պատմէ իմ բացակայութեանս մասին, քրոջս մասին…

«Յաջորդ օրը, գիշերուան գնացքը վերցնելով մեկնեցանք Թիֆլիսէն»։

Ահա այսպէս, պատմութիւնը վերջացուց Լեւոնը, դեկտեմբերի հինգին հասանք Թադէոս Առաքեալի վանքը, իսկ անկէ ասդին դուն արդէն ծանօթ ես ապրած կեանքիս։

Ծանր ողբերգութիւն մը ապրեցար, ըսաւ Վահէն՝ գլուխը տրտմօրէն շարժելով, չեմ գիտեր, թէ միեւնոյն պայմաններու մէջ ես ինչպէ՞ս կը պահէի ինքզինքս…

Սկզբնական ատենները շատ դժուար էր։ Երբեմն կը թուէր, թէ պիտի խենթենամ։ Բայց հոս գալէս վերջը, ոչ թէ անցեալը մոռցայ, այդ արդէն անհնար էր, այլ մեր լարուած կեանքը, գործի վտանգաւոր բնաւորութիւնը շեղեցին միտքս, թող չտուին որ անցեալի պատմութիւնը տիրապետէ մտածումներուս վրայ։ Ան մնաց իբր կեանքիս անբաժան մասը, բայց երկրորդական դիրքի վրայ։ Շապիկ մը չէր որ վրայէս նետէի։ Չսպիացած վէրքը կը մնայ, թէեւ ինքս արդէն փոխուած եմ…

Իրօք, ոչ թէ միայն արտաքնապէս փոխուած էր Վարդանը, այլ եւ հոգիով, մտածումով, նկարագրով։ Կղզիի ծանր պատահարը, անոր հետեւանքով իր անսովոր վիճակը, յեղափոխական յաւէտ լարուած աշխատանքը, պատասխանատուութեան ծանր գիտակցութիւնը տարիներու թռիչք մը տուած էին իր ապրած օրերուն, անժամանակ հասունցնելով հաւասարակշռուած մարդը իր մէջ։ Կղզիի աղէտը գերեզմանաքար մը դրած էր անձնական կեանքի վրայ. կարծես անդարձ անցեր գնացեր էր Վարդանը իր բոլոր ցանկութիւններով, երազներով, տեղի տալով նոր մարդու մը առջին, որ ծանօթ էր Լեւոն անունով։ Նոր Լեւոնը անձնական կեանք մը չունէր. ան ամբողջովին կ՚ապրէր յեղափոխական աշխատանքով։ Նախկին կենսուրախ երիտասարդէն ոչինչ մնացեր էր։ Չէր սիրեր խօսիլ, կենդանի գործը կը նախընտրէր խօսելէն։ Արտայայտութիւններուն մէջ շատ զուսպ էր, շրջապատէն մեկուսացած կեցուածք մ՚ունէր։ Այդ յատկութիւնները յեղափոխական ղեկավարի մը համար անհրաժեշտ էին։ Թէեւ բազմաթիւ ընկերներով շրջապատուած, բայց յեղափոխական գործի պատասխանատուութեան մեծագոյն բաժինը ժամանակի ընթացքին Լեւոնի ուսերուն ծանրացաւ, ու փոխանակ ընկճուելու այդ բեռան տակ, յարաճուն կատաղութեամբ ցերեկը գիշերին խառնեց, հոգեկան անօրինակ մոլուցքով աշխատեցաւ։ Անզգալաբար Լեւոնը դարձաւ յեղափոխական շարժման ղեկավարը, անոր անտեսանելի ոգին։

Յեղափոխականի փախստական կեանքն ալ, միշտ աստանդական ու թագնուած, որոշ դեր մը ունէր անոր հմայքի բարձրացումին մէջ։ Անձնապէս շատ նեղ շրջանակի մը մէջ ծանօթ, Լեւոնը համբաւով ժողովրդական հերոս մը դարձաւ, ոգեւորութեան աղբիւր մը հայրենասէր երիտասարդութեան համար։ Ինչպէս ընդհանրապէս կը պատահի ժողովրդական հերոսներուն, Լեւոնի մասին ալ ժողովուրդը մեծ սիրով առասպելախառն պատմութիւններ կը պատմէր, երկինք բարձրացնելով անոր քաջութիւնը, յանդգնութիւնը։ Կը պատմէին թէ՝ ան ճգնաւորի մը չափ հազիւ կ՚ուտէր, բնաւ չէր քներ, եւ տասը մարդու աշխատանք կը կատարէր։ Այս չափազանցուած պատմութիւնները սակայն իրենց խորքին մէջ որոշ հիմք ունէին։ Լեւոնը հազիւ օրական երկու երեք ժամ կը քնանար, այն ալ միշտ նստած տեղը, ինչպէս ժողովուրդը կ՚ըսէ մէկ աչքը բաց՝ միւսը գոց, շատ սակաւապետ էր, ու ամբողջ ժամանակը կ՚աշխատէր։

Վահէն ու Լեւոնը, երկար ատեն կողք կողքի նստած մնացին, ամէն մէկը իր մտքով տարուած։ Ժամանակ մը վերջ սենեակի դուռը բացուեցաւ ու ներս մտաւ տեղացիի շորերով երիտասարդ մը։ Նորեկը մօտեցաւ Լեւոնին ու զանազան գաւառներէն եկած բազմաթիւ նամակներ յանձնեց անոր։

Պետրո՛ս, ի՞նչ նորութիւն։

Գիշերս, ասորի Արմուշը ընկերներով Պարսկաստանէն եկաւ…

Գիտեմ, այս երեկոյ Արմուշը քովս բերել չմոռնաս։ Ուրի՞շ։

Թիմարի շրջանէն Մոսօն իր խմբով եկաւ։

Հա՞, յայտնապէս ուրախացած՝ բացագանչեց Լեւոնը, որտե՞ղ տեղաւորեցիր։

Աղուըսաձոր են, Մազենց տունը։

Լեւոնը անմիջապէս երկտող մը գրելով՝ յանձնեց Պետրոսին։

Մոսոյին կուտաս։ Այս տոմսակն ալ Գէորգին հասցուր, կարեւոր է։

Երթա՞մ, պարոն Լեւոն։

Գնա՛։ Ըսէ Փանոսին որ երեկոյեան ժամանակին գայ մեզ փոխադրելու համար։ Այս նամակներն ալ իրենց հասցէներուն հասցուր։

Երիտասարդը դուրս ելաւ։ Մեր երկու ընկերները պահ մը լռեցին։

Ուրեմն, երկու օրէն կ՚երթաս, Վահէ՛։

Այո՛, ուշացայ արդէն։

Իսկ մէկ ալ ե՞րբ պիտի անցնիս այս շրջանը։

Շատ շուտով, յունուարէն վերջ, ու Վահէն գոհունակութեամբ ժպտեցաւ։

Խատիճէն իր նամակին մէջ կ՚իմացնէր Վահէին, որ յունուարին Հիւսէյին բէկի եւ փոքրիկ Ալիի հետ քաղաք պիտի գայ։ Սակայն, այդ մասին Վահէն բան չըսաւ Լեւոնին։