Երկար
օրեր
երազելէ
եւ
երկարօրէն
գուշակելէ
ետքը,
Վանտես,
երիտասարդ
արկածախնդիրը՝
ոսկի
երկար
մազերն
ուսերուն
եւ
խորունկ
խաժ
աչքերը
հորիզոնին,
ճամբայ
ինկաւ
երթալ
գտնելու
Ապառնի-քաղաքը
մարմարացայտ
յաղթանակներու:
Քանի՛
կը
հեռանար
իր
ծննդավայրէն,
քանի՛
կը
յառաջանար
անծանօթ
ճամբաներու
օտարութեան
մէջէն,
ա՛յնքան
կը
խանդավառուէր:
Յոյսերու
եւ
տենչերու
մրրիկ
մը
կը
թռցնէր
զինքը:
Պիտի
գտնէր
զայն,
Ապառնի-քաղաքը
խրոխտ
կեցուածքներու,
ուր
մարդ
տիրական
էր
ու
ամենազօր,
ուր
մահ
չի
կար՝
քանի
որ
ա՛ն
ալ
պարտուած
էր
մարդուն
նուաճումներէն:
Պիտի
գտնէ՛ր
զայն,
Ապառնի-քաղաքը
գերագոյն
ձեւերուն
եւ
գերագոյն
ոյժին,
որպէսզի
կարենար
գտնել
ներդաշնակութիւնը՝
մեծ
ու
հզօր՝
իր
հոգւոյն
հետ
համագնաց:
Եւ
իրիկուն
մը,
յոգնած,
յոգնա՛ծ,
Վանտես
կեցաւ
աւեր
բնակութիւններու
պատկերի
մը
առջեւ:
Բախեց
հիւղակի
մը
դռնակը:
—
Ճամբորդ
եմ
ու
յոգնած,
գիշերուան
մը
հանգիստ
ինծի
համար,
ո՛վ
անծանօթ
ու
բարի
բարեկամներ:
—Տունը
ձերն
է,
պատասխանեց
մարդը
որ
բացաւ
դուռը
եւ
որ,
չարչարուած,
անձկութեան
ստուերին
պէս
կը
դողար:
—
Քալեցի
օրերով,
ու
օրերով
պիտի
քալեմ,
գիտեմ,
բացատրեց
ինքզինքը
Վանտես,
երբ
ներս
մտաւ
հիւղակին
սեմէն,
եւ
երբ
շրջապատուեցաւ
մեծ
ու
փոքր
կիսափուլ
մարդոց
խումբէ
մը՝
որ
կը
տուայտէին
յոյսին
անօթութեամբը:
Պիտի
քալեմ,
մինչեւ
որ
գտնեմ
տարօրինակ
կեանքի
մը
ու
մահանուաճ
երջանկութեան
Ապառնի-քաղաքը
զոր
երազեցի:
Աղօթեցէ՛ք
ինծի
համար,
որպէսզի
չխորտակուին
իմ
քայլերս
եւ
կատարեմ
իմ
մեծ
գիւտս:
Եւ
հիւրընկալները,
զորս
աղէտն
էր
որդեգրեր,
զարմանահար
ու
աղերսագին,
իրեն
կը
նայէին:
—
Մե՛նք
ալ
քեզի
հետ
կուգանք,
մեր
հիւրը,
պաղատեցան
անոնք.
տա՛ր
մեզ
դէպի
այդ
Ապառնի-քաղաքը
ուր
տարօրինակ
բաներ
կան
եւ
ուր
մահը
նուաճուած
է:
Չքացանք
ու
կեանքը
Աստծոյ
պատիժն
է
մեզի
համար:
Ջուրը
լեղի
է
ու
հացը
թունաւոր
այստեղ:
«Դեռ
երէկ,
կոտորածը
անցաւ
այստեղէն,
շարունակեցին
անոնք,
—
ու
ամէնքն
ալ
երկիւղի
գորշ
պատմուճանին
մէջ
կը
կծկուէին
—
եւ
ամէն
բան
լմնցաւ,
ամէն
բան
լմնցա՜ւ…»
Եւ
հիւրընկալները,
վերապրողներ
ընկղմած
երջանկութեան
մը,
պատմեցին
իրեն
Տրամը
որ
անցաւ
իր
խեղճութեան
մէջ
երջանիկ
գիւղին
վրայէն:
Ոճիրը
որ
արիւն
կը
լորձնուր
դաշտերու
բարութեան
վրայ
եւ
մահ
կը
տեղար
լուսամուտներու
յուսալից
նայուածքներէն
ներս…
Եւ
Վանտես,
որ
յոգնած
էր,
եղերական
պատմութեան
մը
չարաշուք
պատկերներովը
լեցուած,
հազիւ
թէ
մրափեց
ու
երազեց…
Երազեց
կոտորածին
մրրիկը՝
որուն
փայլակնացայտ
շեղբերէն
արիւնը
կ’անձրեւէր
եւ
որուն
ալիքներուն
վրայ
կիներու
երամ
մը,
հերարձակ
կը
դարձդրձկէր
անյուսօրէն:
Եւ
տեսաւ
որ
շեղբ
մը
կ’իջնէր
կայծակնաձեւ՝
իր
իսկ
գլխուն
վրայ…
Բայց
Վանտես
գլուխը
ետ
նետեց
ու
արթնցաւ:
Ճիչ
մը
խեղդուեցաւ
կուրծքին
մէջ
իսկ,
ու
հիւղակէն
դուրս
խոյացաւ՝
իր
ճամբան
շարունակելու
համար
սրարշաւ:
Մահէն
ազատագրուած
ըլլալուն
ու
ինքզինքը
վերածնած
զգալուն
համար՝
երանութեան
բուռն
յորձանք
մը
կը
հեւար
իր
մէջ:
Ի՜նչ,
ինքը
կ’երթար
Ապառնի-քաղաք՝
ի՛նքը
եւս
յաղթելու
համար
մահուան,
ու
ան
կ’ուզէր
կտրել
իր
ճամբան:
Յանկարծ
կանգ
առաւ,
մտածեց
պահ
մը.
մտածեց
իր
հիւրընկալներուն
վրայ
զորս
թողած
էր
մահուան
արհաւիրքին.
յիշեց
անոնց
աղերսը՝
զիրենք
եւս
տանելու
Ապառնի-քաղաք:
Եւ
Վանտես
խղճին
մէջ
խածոտումներու
ցաւը
տառապեցաւ
պահ
մը:
Բայց,
մտածեց
դարձեալ,
պատճառ
մը
աւելի
ատիկա՝
որպէսզի
անպատճառ
գտնէր
Ապառնի-քաղաքը,
որպէսզի
կարենար
անոր
ճամբան
ցոյց
տալ
բոլոր
մարդոց:
Եւ
մխիթարուած
այս
վճիռէն,
ինքզինքն
աւելի
ուժով
զգաց,
ու
քալեց
աւելի՛
արագ:
Քալեց,
քալեց:
Վազեց:
Յոյսերու
եւ
տենչերու
մրրիկ
մը
կը
թռցնէր
զինքը.
այնպէս
որ,
իր
համբերութեան
հովանոցը
խորտակուեցաւ:
Ու
նորէն,
իրիկուն
մը,
յոգնած
կանգ
առաւ
մացառուտ
շիրմաստանի
մը
առջեւ:
Բախեց
պահնորդի
տաղաւարին
դուռը:
Ծերունի
մը,
որուն
լայն
սպիտակ
մօրուքը
կը
ծածանէր
խաղաղութեան
դրօշակի
մը
պէս,
եւ
մատղաշ
աղջիկ
մը՝
խարտիշագեղ,
որուն
կապոյտ
աչքերուն
մէջ
զարմանքն
ու
հաճոյակատարութիւնը
կը
ժպտէին,
դիմաւորեցին
զինքը:
—
Ճամբորդ
եմ,
բարի՛
ծերուկ,
եւ
ազնի՛ւ
քոյր,
եւ
յոգնած:
Ապաստան
կը
խնդրեմ
այս
գիշեր։
—
Թո՛ղ
բարի՛
ըլլայ
ձեր
գալուստը,
ճամբո՛րդ,
հանգստացէ՛ք
ինչպէս
որ
կ’ուզէք…
—
Հեռուներէն
կուգամ
եւ
չեմ
գիտեր
թէ
ո՛ւր
կ’երթամ,
յարեց
Վանտես,
երբ
որ
փոքրիկ
սենեակ
մը
առաջնորդուեցաւ,
եւ
ծերունին
ու
աղջիկը
բոլորեցին
զինքը:
Ես
Ապառնի-քաղաքին
խուզարկիչն
եմ,
բայց
չեմ
գիտեր
թէ
ո՛ւր
է
ան.
միայն
երազած
եմ
զայն,
տեսանած
եմ
զայն,
գեղեցիկ,
շքեղ,
կենսայորդ
քաղաքը
ուր
կ’ըսեն
թէ
մահը
չի
հանդիպիր:
Կ’ուզէք
որ
ձեզի
ալ
իմացնեմ
երբ
որ
գտնեմ
զայն:
—
Օ՜հ,
պատասխանեց
ծերունին՝
տարամերժ
դիմայեղումով
մը,
մինչ
աղջիկը
կը
ժպտէր,
—
պատրանք
է
ատիկա,
եւ
ինչ
որ
ճշմարիտ
է՝
մեր
Ապառնի-քաղաքն
է
—
եւ
ծերունին
մատի
շարժում
մը
ըրաւ
շիրմաստանին
ուղղութեամբ:
—
Մենք
անոր
պաշտօնեաներն
ենք,
եւ
ուրիշ
ոչինչ:
Մենք
կոչուած
ենք
միայն
անոր
բնակիչներուն
վրայ
հսկելու:
Ահա՛
կ’երթանք
մեր
աղօթքը
ընելու
անոնց
վրայ:
Քիչ
ետքը
Վանտես
լսեց
աղջկան
ձայնը՝
որ
կը
թրթռար
գիշերուան
այերի
բիւրեղին
վրայ,
եւ
որ
կ’երգէր՝
միամտօրէն
զգացուած
տխրութեամբ
մը.
Սպիտակ
աղաւնին,
սպիտակ,
սպիտակ,
Երկինքներու
մաքրութեան
մէջ
լոգացած,
Ձեր
վրայ
կ’իջնէ,
Եւ
անբծութիւնը
կը
ցօղուէ
ձեր
վրայ:
Անբիծ
աղաւնին,
անբիծ.
անբիծ.
Հաւատարիմ
ու
երկնասոյր
սուրհանդակ,
Ձեր
վրայ
կ’իջնէ,
Կապոյտներուն,
ծաղիկներուն
ու
սիւքերուն
համբոյրը
կը
թափէ
ձեր
վրայ.
Ո՛վ
դուք,
մեռելնե՛ր,
խաղաղութեան
պէս
բարի,
Ձեր
հոգիներու
ժպիտներն
են
որ
կը
ծաղկին
ձեր
հողերուն
վրայ,
Ահա
մրմունջը
ծառերուն
որ
կարօտներ
կ’երգեն
ձեր
վրայ,
Գիշերուան
երազին
վրայ…
Վանտես,
անդիմադրելիօրէն
հմայուած
մեռելական
օրրերգին
եղանակէն,
քնացաւ
ու
երազեց:
…
Մեռած
էր:
Աղջիկներ
ժողված
էին
իր
տեսիլքներն
ու
յոյզերը,
ու
զանոնք
իր
հոգիին
մէջ
ամփոփած,
եւ
իր
հոգին
դրած
էին
արծաթ
բաժակի
մը
մէջ,
ուր
ան
կը
մխար:
Եւ
աղջիկները
թափօր
կազմած,
հանդարտ
ու
շքեղ
իրիկուան
մը
մէջ,
երկար
ու
հոյակամար
ծառուղիի
մը
մէջէն,
իր
յուղարկաւորութիւնը
կը
կատարէին
մահերգով
մը՝
որ
մահը
կը
քաղցրացնէր:
Վանտես,
ցնցուելով,
արթնցաւ՝
երբ
գերեզման
հասած
էին,
ու
թակարդէ
մը
զերծանելու
արտորանքովը
փախաւ
այդ
տեղէն:
Այգը
չէր
ծագած
տակաւին,
եւ
Վանտես
ցայգալոյսին
մէջ
կեցած,
մտածեց.
—
Ահա
երկրորդ
անգամն
էր
որ
մահուան
տեսիլքը
կը
յաճախէր
իրեն,
ճամբուն
վրայ
զոր
ինք
ընտրած
էր
դէպի
կեանքը
երթալու
համար:
Առաջին
անգամ
ա՜յնքան
անողոք
էր
այդ
տեսիլքն
եւ
երկրորդ
անգամ
ա՜յնքան
դիւթիչ,
եւ
ինք
կ’երթար
նուաճելու
զայն:
Պիտի
նուաճէր:
Եւ
նորէն
քալեց:
Վազեց:
Բլուրի
մը
վրայ
էր
իրիկուն
մը
ու
իրեն
դեմ
գտաւ
վաղեմի
աշտարակ
մը
որուն
կատարը
դիտակալի
մը
քով
կեցած
էր
աստղաբաշխը:
Վանտես
բախեց
դուռը,
եւ
երբ
գիտունը
խոհուն
ու
ծանրաքայլ
իջաւ,
բացաւ
դուռը,
Վանտես
ողջունեց
զայն
ու
ըսաւ.
—
Գիտո՛ւն
բարեկամ,
յոգնած
եմ
եւ
ապաստան
կը
փնտռեմ:
Գիշեր
մը
միայն
աշտարակիդ
մէջ
պիտի
մնամ:
Եւ
երբ
աստղաբաշխը
զինքը
առաջնորդեց
վեր
իր
բացօթեայ
մենաստանը
ուր
հսկայ
հեռադիտակ
մը
կ’երկննար
եռոտանիի
մը
վրայ.
Վանտես
ճանչցուց
ինքզինքը.
—
Ես
Ապառնի-քաղաքին
խուզարկիչն
եմ.
գիտեմ
որ
քաղաք
մը
կայ,
հեռուն,
քաղաք
մը
որուն
շքեղութեան
վրայ
արեւներն
ու
աստղերը
տարօրինակ
ցոլքեր
կ’ունենան,
եւ
ուր
մարդիկ
ա՛յնքան
զօրաւոր
են
որ
մահուան
իսկ
յաղթած
են:
Բայց
ահա՛,
այս
քանի՛
անգամ
է,
ճամբան
մահը
կը
յաճախէ
ինծի,
ես
որ
մահուան
յաղթելու
կ’երթամ:
Մահուան
ամպեր
կուգան
ծածկել
Ապառնի-քաղաքը
որուն
տեսիլքը
կ’ապրիմ:
Պիտի
կրնա՞մ
հասնիլ
հոն
մահէն
չպարտուած,
եւ
հեռո՞ւ
է
տակաւին
Ապառնի-քաղաքը:
—
Օ՜
երիտասարդ
բարեկամ,
ես
ալ
Ապառնի-Աշխարհին
խուզարկիչն
եմ,
բայց
ես
երկնքին
մէջ
կը
փնտռեմ
զայն:
Ամէն
գիշեր,
կը
փնտռեմ
զայն,
եւ
ամէն
գիշեր
աստղերու
մահը
կը
տեսնեմ
սակայն,
աստղեր՝
որ
կ’իյնան
ու
ոլոր
մոլոր
կը
մեռնին:
Բայց
գիտեմ
որ,
այդ
մահերուն
ետեւը,
պիտի
գտնեմ
Ապառնի-Աշխարհը:
Վասնզի
գիտեմ
որ
մահը
քաոսն
է,
որուն
խորքէն
կը
յառնեն
տիեզերքները,
եւ
գիտեմ
որ
զինքը
հալածող
մահերէն
կեանքը
կրնայ
ազատիլ,
եւ
եթէ
յաճախ
կը
պարտուի
անոնցմէ՝
աւելի
յաղթական
վերայայտնուելու
համար
է
ատիկա:
Անուշ
երազ
քեզի,
եւ
ես
ուղղեմ
իմ
հեռադիտակս:
Վանտես,
հանդիսաւոր
գիշերուան
մը
անհուն,
ոսկեհուռ
կախօրրանին
մէջ
քնացաւ
ու
երազեց:
…
Մօտեցած
էր
աստղաբաշխի
դիտակին,
եւ
անոր
ընդմէջէն
կը
տեսնէր
Ապառնի-քաղաքը
հեռուն,
իր
պերճակառոյց
շինուածքներով,
զորս
կը
շրջապատէին
պարտէզներ՝
լուսեղէն,
գոյնզգոյն
ծաղիկներով:
Գեղեցիկ
ու
մշտապէս
երիտասարդ
մարդիկ
ման
կուգային
յաղթական:
Եւ
Վանտես,
հեռադիտակը
գրկած,
միջոցին
մէջէն,
կը
մօտենար
Ապառնի-քաղաքին,
որ
իր
մէջը
կը
թափանցէր:
Երբ
աստղ
մը
փրթաւ
իր
արմատէն
ու
ինկաւ
ոլորտին
մէջ
ու
եկաւ
բախիլ
իր
հեռադիտակին:
Վանտես
արթնցաւ՝
երբ
խորտակուած
ու
այրած
զգաց
ինքզինքը,
եւ
հապշտապ,
վար
իջաւ
դիտարանէն
ու
փախաւ:
Բայց
Ապառնի-քաղաքին
տեսիլքը
ա՛յնպէս
գրկած
էր
զինքը,
ու
մահուան
յաղթելու
իր
կամքը
ա՛յնքան
ամրացած
որ,
յիշեց
աստղաբաշխին
խօսքերը,
եւ
այս
անգամ
գերազանցօրէն
վճռական,
նորէն
քալեց
դէպի
Ապառնի-քաղաքը:
Եւ
լայն,
անծանօթ
ու
հեռաւոր
հորիզոններու
օտարութեան
մէջ,
Վանտես,
երիտասարդ
արկածախնդիրը,
ոսկի
երկար
մազերն
ուսին
եւ
խորունկ
խաժ
աչքերը
հեռուներուն,
կը
քալէր,
կ’երթար
դէպի
Ապառնի-քաղաքը:
Յոյսերու
եւ
տենչերու
մրրիկ
մը
կը
թռցնէր
զինքը:
«Մեհեան»
1914
թիւ
7.