Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

30 Դեկտեմբեր. Ա՜հ, իր գիտակցութիւնը՝ պատմական միջնաբերդի պէս հզօր. ա՜հ, իր հոգին՝ անխորտակելի եւ հնչեղ ինչպէս պողպատը, ինչպէս պողպատեայ հսկայական զանգակ մը՝ վսեմ, թնդացող ու թրթռուն միանգամայն… Մանօ՜. իր անունը միայն բաւական է խորհրդանշելու համար անշիջանելի հերոսութիւն մը: Քիչ առաջ բաժնուեցաւ ինէ: Եւ չեմ գիտեր, գուրգուրա՞նքս աւելի բուռն է իր մասին՝ թէ հիացած պաշտամունքս: Քիչ առաջ մեկնեցաւ սենեակէս, բայց սենեակս արդէն ա՛յնքան լի է անոր համակրալիր ներկայութեամբ, անոր ջերմ ու կենսաբաբախ շունչովը:

Ա՜հ, եթէ ունենայի Մէօնիէի արարչութիւնը, ի՞նչպէս չպիտի անդրիացնէի զայն, Մանօն, ըմբոստ ու աննուաճելի երիտասարդութեան իր սայրասուր տիպը, տժգոյն դէմքը՝ տանջանքին ու կամքին արտայայտութեամբը ուժգնացած, գլխուն վրայ յորդած մազերովը որ ա՜յնքան կ’առիւծացնեն զինքը: Ու յետոյ իր աչքերը, զարմանալի խառնուրդ բարութեան, ապստամբութեան, խոհանքի ու վրէժի. կ’անդրիացնէի նոյն իսկ իր բարբառին եղբայրական շեշտն ու քաղցրութիւնն ու կորովը, եւ իր ձայնին յուզումն ու հմայիչ կերպով երաժշտական եղանակաւորումը:

Անձնուիրութիւնն է ու իտէալը՝ ինքը… Պողպատեայ անխորտակելի ու հսկայական զանգն է, մշտարթուն ու բազմազգած զանգը՝ արձանգանգող բոլոր տառապանքներն ու յուզումները, սարսռագինօրէն կայլակող բոլոր արցունքները, ու խորհրդաւորօրէն թնդացնող բոլոր ճիչերն ու սպառնալիքները ընդվզումին…

31 Դեկտեմբեր (գիշեր)— Փուռն ենք. մեր սիրական հաւաքավայրը: «Փո՜ւռը». ա՛յ հայրենի անկիւն՝ հայրենիքէն դուրս: Ի՛նչպէս կ’ուզեմ մնալ քու խորքդ՝ ժամերով, քու մթին ու խեղճուկ անկիւններդ՝ հաց-թուխ եղբայրներուս քով, անոնց մէջտեղ: Ահարո՛ն, ա՛յ եղբա՛յր, որ քու ձայնիդ մէջ կրցած ես պահել երկրիդ տրտմութիւնն ու դարդերը, երգէ՛ քիչ մը այդ տրտմութիւնն ու սեւ դարդերը: Եւ դո՛ւն, Յարօ՛ ջան, շրթունքներուդ տար սրինգը՝ զոր ղարիպութեան առաւօտ մը ժառանգեցիր հայրենիքէդ: Ի՛նչ լաւ է այսպէս: Կաղանդի նախօրէն է, չէ՞:

Եւ սարքեցինք ղարիպի կաղանդը, մտիկ տուինք հայրենի մելոտրամին, որ կը ներկայացուէր հո՛ն, փուռին անկիւնը: Կանթեղը, տկար, կը դողայ: Ու կէս-մութին խորը, փուռին հնոցէն, բոցերը, շիկակարմիր, կը վառին կայծակնացայտ ու հեւալիր: Դուրսը բուք կայ, ձմեռ կայ, դուրսը բռնութիւն ու ոստիկանական հսկողութիւն կայ: Ի՜նչ փոյթ: Ութը-տասը հոգի ենք, մտերմութեան մէջ: Կարգը Մանոյինն է: Հիմա ան կը խօսի, բորբոք ու ոգեւոր, ինքն ալ հնոց մը՝ որ կը բոցավառի ընդվզումի ու մաքառումի կայծերովը տենդահար: Հացթուխ եղբայրները, հէգ, հարուածեալ, հալածեալ ու ընկճուած, կ’արթննան: Կ’ոգեւորուին իրենք ալ: Իրենց բազմակուտակ ցաւերը կը թուի թէ պայքարի ու ըմբոստութեան կրակներու կը վերածուին: Կը սկսին իրենք ալ բոցարծարծիլ՝ երբ Մանօն կը վերլուծէ իրենց հնհնուքները, կռիւի դասը կը կարդայ, արթնացումի երգը կ’երգէ հրայրալից, մինչ կէս-մութին խորը, փուռին հնոցէն, բոցերը, որ, շիկակարմիր, կը վառին կայծակնացայտ ու հեւալիր, կը թուի թէ Մանոյի հոգին կ’արձագանգեն՝ ու անոր կը ձայնակցին շքեղ ու վէս ներդաշնակութեամբ մը շիկակարմիր…

31 Դեկտեմբեր (տարի մը ետքը). Ու կը գրէ ինծի, բանտին խորէն, Մանօն՝ կեղտոտ ու փճացած թղթիկի մը վրայ:

«... Կը կարծեմ թէ, է՜հ, կը կարծեմ թէ, անցուցի տանջանքներուն եւ ծեծերուն շրջանը— երկաթեղէն ծեծեր, սայրասուր տանջանքներ: Իւրաքանչիւր հարուած որ կ’իջնէր ուսերուս եւ կողերուս՝ հարուածն էր զոր կուտայ գործաւորը շէնքի մը գամերուն եւ հիմերուն, ամրացնելու համար շինուածքը: Կրնաս ապահով ըլլալ, ընկե՛ր, գաղափարը՝ այդ հարուածներուն տակ, կը ձեւակերտուէր աւելի յստակ, կը կոթողանար աւելի խրոխտապանծ: Եւ երբ ատրաշէկ երկաթները պտտցուցին մարմնիս վրայէն, կը թուէր ինծի թէ իմ մէջն աւելի կը պնդանար շաղախը մեր մտքերուն եւ իտէալներուն: Անօթութեան երկու օրը որուն դատապարտուեցայ, աւելի աճեցուցին այն ճիչը որ, մինչեւ հիմա լուռ, կ’ապրէր իմ մէջս, եւ որ օր մը, կը հաւատամ, պիտի պայթի աւելի ուժեղ որքան չպիտի ըլլար ցարդ: Բանտարկուած եմ, եւ չգիտեմ, թէ բա՞նտն է որ զիս բանտարկած է, թէ ես՝ բանտը, ա՛յնքան հաստակուռ դարձան կամքիս պարիսպները՝ աւելի քան բանտին որմերը…: Կը յիշեմ «փուռ»ին կաղանդը…: Եւ եթէ ոչինչ ալ ըլլար, «փուռ»ի հացթուխներուն խմբանկարը պիտի բաւէր՝ զիս խրախուսելու…»:

Այսպէս կը գրէ իմ Մանօ ընկերս, տարաբախտ ներչնչեալը յեղափոխական հաւատքի, անճկելի, անընկճելի, վէս՝ ինչպէս պողպատեայ հսկայական հնչեղ զանգը բարձրադիր, բոցավառ՝ ինչպէս հնոցին խարոյկը, ամրոցակուռ՝ ինչպէս անքանդելի միջնաբերդը…:

«Ազատամարտ» 1910, թ. 174.