Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Կայծեր կը ցայտեն մթութեան մէջ, շտապօրէն կը ցայտեն, ինչպէս երկաթեայ անսպառ հրթիռէ մը, ինչպէս հուրքի հզօր շատրուանէ մը. կը ցայտեն արագաթիռ, անոնք, կայծերը, անընդհատ, բազմապատիկ, ճաճանչուելով ու անձրեւելով լուսեղինաբար մթութեան մէջ՝ խոր ու թանձրամած, գամ շինողներու հէգ ու թշուառ գործանոցին:

Եւ մուրճը կ՚իջնէ, մուրճերը կ՚իջնեն սալին վրայ, ահաւոր ու դղրդագին բախումներով, կ՚իջնեն զայրագին ու վրիժառու թափով, մոլեգնութեամբը բարբարոս կամքի մը, սանձարձակ ուժգնութեամբը անզսպելի կորովի մը, խրոխտազատ ուժովը գործաւորի բազուկին, կ՚իջնեն, կ’իջնեն մուրճերը սալին վրայ թնդագին՝ ատրաշէկ երկաթը հարուածելով, կռելով զայն, մինչեւ որ ձեւակերպուի ան, մինչեւ որ նորաստեղծուի բեւեռը սրածայր:

Եւ չեն յոգնիր գործաւորները որ գամը կը շինեն: Դէմ դիմաց կեցած խաւարտչին գործանոցին խորը՝ հնոցին երկու կողմը՝ երկուքն ալ, իրենց ատրուշանին քով, որուն առջեւ իրենց պաշտամունքը կը կատարեն աշխատանքի ջերմեռանդութեամբը, դէմ դիմաց կեցած անոնք, տժգոյն բայց խստադէմ, լուռ՝ բայց հրաբորբ իրենց աշխոյժով՝ ինչպէս գամը զոր կը շինեն եւ ինչպէս կրակետղը որուն շուրջն են ահա, անտարբեր՝ բայց մտածկոտ, անտեսանելի մութին մէջ բայց հաստատ իրենց դիրքին վրայ, հրեղէն երկաթի կտորը կը հանեն քուրայէն սալին վրայ, իրենց բազուկները կը շարժեն ահա, իրենց մուրճերը կը բարձրացնեն ու կ’իջեցնեն կշռօրէն, համաչափ շարժումներով, յաջորդաբար կը հարուածեն շիկակարմիր երկաթը սալին վրայ, եւ կայծերը կը ցայտեն, շտապօրէն ու անվերջօրէն կը ցայտեն, ինչպէս վայրի պողպատեայ հրթիռէ մը, ինչպէս մշտարթուն խառնարանէ մը, յանկարծօրէն կը ծագին ու աստղօրէն կը թռչին խաւարին մէջ:

Ու ամէն անգամ որ հնոցին բոցը կ՚արծարծի եւ կայծերը կը ցայտեն ցոլարձակ ու տենդագին, մութը կը տկարանայ անոնց դէմքին վրայ, դողդոջ թերալոյսի մը մէջ կը յայտնուին դիմագծերը, անոնց դէմքերը գունատ ու տրտմագին: Մէկը տարէց է, միւսը երիտասարդ: Իրենց զրկանքին գիտակցութենէն դժնէացած՝ բայց անով իսկ հպարտ, իրենց լքուած անկիւնին խորը մինակ՝ բայց արհամարհոտ, գամ շինող գործաւորները անխոնջ են իրենց խոնջէնքին մէջ, եւ եթէ դժբախտ են իրենց տառապանքին մէջ, իրենց կամքի մրճեայ ձայներուն տակ կը խեղդեն իրենց դժբախտութիւնն ու տառապանքը, եւ դժբախտութեան ու տառապանքին ծոցէն արձանացող կամքին ոյժովը կը շինեն ու կը ստեղծագործեն իրենց գամերը: Կայծերու շողը կ’երթայ լուսաւորել իրենց դէմքը, վասնզի լոյսը մութին մէջ անոնց մոռցուած ու անտեսանելի հերոսութիւնը սրբացնել կ՚ուզէ, վասնզի տառապանքի, կամքի ու ստեղծագործ աշխատանքի բովէն հերոսութիւնը կը յառնէ:

Կ՚իջնեն մուրճերը, կը հարուածեն մուրճերը, կը թնդան մուրճերը ահա՛ գամ շինողներուն, հրաշէկ երկաթէն կը ցայտեն կայծերը, եւ անոնց ու հնոցին ստեղծած շողքերուն ընդմէջէն, կը լուսաւորուին դէմքերը ահա՛ աշխատանքի խոնարհ հերոսներուն:

«Ազդակ» 1909, թիւ 11