Շ.
Միսաքեանին
համար
Ձիերը
կը
դրոդեն
յաղթ
քայլափոխերով`
շքեղ
լեռնալանջերու
ձիւնոտ
արահետներն
ի
վար,
ու
օձագալար
ուղիներն
ի
վեր:
Ձիերը
կը
դրոդեն
իրենց
սմբակներուն
արձագանգող
հարուածներով,
եւ
այն
ինքնամփոփ
ուժով
զոր
ձմրան
խստութիւնը
կ՚արծարծէ,
մինչ
իրենց
առուգութեան
ու
հեւքերուն
հուրքը,
կը
ծխայ
իրենց
բերնէն
ու
ռնգունքէն
բխող
շունչի
թանձր
գոլորշիներով:
Մեր
կարաւանն
է
որ
կ’ընթանայ:
Հինգ
ձիաւորներ
ենք,
հինգ
ընկերներ`
հինգ
անկիւններէն
ծագած,
հինգ
հորիզոններ
թողած
մեր
ետին,
ու
հիմա
կը
շտապենք
դէպի
նոր
հորիզոնը
որ
կը
ծաւալի
մեր
առջեւ:
Ձիւն
ձմեռ
է,
ձիւնը
պատեր
է
ամէն
դի:
Հովիտի
մը
ստորոտն
ենք
հասած,
եւ
կը
ճամբորդենք
հիմա
անտառի
մը
եզերքէն,
երբ
մեր
ձիերը՝
մեր
մտրակումներուն
վրայ
աւելի
աշխոյժ
դրած
իրենց
գնացքին
մէջ,
իրենց
ոտքի
հարուածներով
ձիւնի
կայծեր
կը
ցայտեցնեն
աջ
ու
ձախ:
Մթնոլորտը
աւելի
մթագնած՝
սպառնագին
երեւոյթի
մը
ներքեւ
է
մտած,
եւ
կը
թուի
թէ
յորդ
ու
զայրալից
ուժգնութեամբ
մը
պիտի
պոռթկայ
քիչ
ետքը:
Երկինքը՝
որ
քաոսային
անստուգութեան
մը
մէջ
կը
տարտամի,
առած
է
այն
անանուն
փայլերէն
մէկը,
զոր
ցասումի
նոպայ
մը
պիտի
տար
մոլեգնած
մեգերայի
մը
աչքերուն:
Ցուրտը
կը
սաստկանայ,
կը
կծուընայ
եւ
անկարեկից
բուք
մը
տակաւ
զգալի
կ’ըլլայ՝
մինչեւ
այս
պահը
տեւող
մասնակի
մեղմացումէն
ետքը,
ցրցքնելով
տեղացող
ձիւնի
ցանցառ
փաթիլները:
Պէտք
է
շտապել
ու
շուտով:
Իրիկնադէմ
է
արդէն:
Ձիերը
կը
դրոդեն
սրարշաւ:
Կարաւանը
կ’ընթանայ
արագ:
Եւ
այն
ձիւնը,
որ
ցանցառօրէն
սկսած
էր
ցրցքնուիլ,
հիմա
կը
տեղայ
աւելի
յորդ
եւ
ուժգին
եւ
այն
բուքը
որ
տակաւ
զգալի
էր
եղած,
հիմա
զայրագնած
է
այլեւս:
Ձիերը
կ’արշաւեն,
եւ
կարաւանը,
լուռ
ու
մտահոգ,
կ’ընթանայ
դէպի
առաջ:
Քիչ
մըն
ալ,
ու
ձիւնամրրիկն
է:
Եւ
խենթութիւններն
ու
զայրագնութիւններն
են
անոր,
եւ
փրփուրներն
ու
պոռթկումներն
են
անոր,
եւ
սուլոցները,
եւ
խօլական
պարերը,
եւ
վազքերը,
եւ
պտոյտքները,
եւ
մռնչիւնները:
Եւ
ահաւոր
սանձարձակութիւնն
է
անոր:
Ձիւնամրրի՜կն
է:
Արձակ
բնութեան
մէջ,
ձմրան
բացարձակութեան
մէջ,
լայն
արահետներուն
միջեւ
եւ
անտառներուն
քով,
զայրալիր,
ամեհի,
իր
լիալիր
ու
անզուսպ
էութեան
մէջ,
իր
ցնորական
թռիչքին
անձնատուր,
իր
քմահաճոյքին
անյագուրդ
վայելքին
ենթարկուած:
Մենք
ձիւնամրրիկի
ենք
բռնուած:
Սուր
ու
կարծր
փաթիլները՝
նետերու
պէս
կ’արձակուին
մեր
փաթաթներէ
բաց
մնացած
ռնգունքներուն
ու
աչքերուն
վրայ:
Առասպելային
ուժերու
կատաղութիւն
մը
փրփուր
կը
հեղու
անհուններէն
վար
եւ
խուլ
մոլեգնութեամբ
բուքը
մօտակայ
սարերն
ու
ձորերը
կը
դղրդացնէ
եւ
անդունդները
կը
լեցնէ,
ահաբեկիչ
սուլոցով
մը,
որ
հեռաւոր
երկինքներէն
կը
ծնի:
Մեր
սարսափի
ու
անյուսութեան
միահամուռ
ճիչը
կը
խեղդուի
եւ
մեր
շունչը
կը
ճնշուի՝
ձիւնամրրիկին
հուժկու
թաթերու
հարուածներուն
տակ,
եւ
մեր
ձիերը՝
զահանգած՝
դիմակալելու
անկարող,
կը
նահանջեն
ու
կը
քշուին
այս
ու
այն
կողմ:
Ձիւնամրրիկը
թափ
կուտայ
հետզհետէ
աւելի
սաստկօրէն,
իր
մռնչիւնները
կը
բազմապատկուին,
եւ
իր
զարհուրեցնող
տենդերն
ալ:
Փաթիլները
իրենց
վայրէջքի
պահուն
խառնաշփոթ
ու
երկարատեւ
պայքարի
մը
մէջ
կը
հալածուին,
կը
մաքառին,
ու
տաժանագին
հարուածներու,
հրմշտուքներու,
ճնշումներու
մէջ
չարչարուելէ
ետքը,
կ’արձակուին
այս
ու
այն
կողմ,
ինչպէս
ջլապիրկ
ձեռքէ
մը
փետտուած
փետուրի
մը
փշուրները:
Հորիզոնը
չ’երեւար,
եւ
տարրերու
անորոշ
խառնակութիւն
մը
չքացուցած
է
ամէն
յստակութիւնը:
Անհասկնալի,
մթին
բան
մը
կը
դառնայ
գուցէ,
զարհուրելի
անցք
մը՝
որ
կ’ըսէք,
խորհրդաւոր
ու
հեռաւոր
հէքեաթներու
ամպամած
հորիզոններէն
կը
յառնէ:
Մրրիկը
կը
վազէ
խօլարշաւ,
սուլելով,
փչելով,
ոռնալով
եւ
իր
այդ
անզուսպ
վազքին
կուգայ
կը
բախի
հաստարմատ
ծառերուն
եւ
այդ
խոչընդոտին
յարուցած
զայրոյթէն
կը
մռնչէ
ու
անոնց
ընդմէջէն
ճամբայ
կը
փնտռէ,
անոնց
բաւիղները
վրդովելով,
կատղած
առիւծի
մը
մռունչովը:
Մենք
հիմա
ապաստանած
ենք
անտառին
եզերքը՝
կիսափուլ
օթեւանի
մը
բակը,
եւ
մեր
առաջին
սարսափը
անցած՝
գրեթէ
չենք
վախնար
այլեւս.
ձիւնաթաթառը
մեզ
կ’արթնցնէ
անօրինակ
խռովքով
մը,
որուն
ուժգնութեամբը
կը
ցնցուինք:
Վայրի
տենդ
մը
կ’ուռեցնէ
մեր
երակները,
եւ
թունդ
տրոփիւններ
կ’առթէ:
Բնութեան
գերագրգռութեան
այս
պահը՝
անսովոր
ոյժով
մը
մէզ
կը
զրահաւորէ:
Խիզախ
ենք
այլեւս,
ու
սարսռալից:
Կ’ուզենք
դուրս
նետուիլ
մեր
խորշէն,
խոյանալ
մեր
ձիերովը,
շարունակել
ճամբան
նոր
թափով
մը,
չնայած
որ
ձիւնը
կը
կուրցնէ
մեզ,
եւ
մրրիկը
շնչահեղձ
կ’ընէ,
ու
չնայած
որ
կրնանք
կորսուած
նկատել
մեզ
անդարձ՝
քանի
որ
այերային
յորձանք
մը
մեզ
կը
ճնշէ
ու
կը
թաղէ,
կը
սիրենք
արծուենի
սլացքով
մը
խառնուիլ
տարրերու
փրփուր
մոլուցքին,
ինչպէս
մրրկահաւը՝
որ
իր
յիմարական
սոյլով
իր
խանդավառ
հեշտանքը
պիտի
պտտցնէր
ծովերուն
ու
երկինքներուն
մէջ:
Օ՜,
մենք
մեր
տենդերուն
գինովն
ենք,
ու
ձիւնամրրիկը
կը
վայելենք:
Ահա՛
անոր
շունչովը
կը
հեւանք
ու
անոր
յիմարութեամբը
լեցուն
աչքերուն
սարսափովը
կ’ոգեւորուինք:
Անոր
դէմ
կը
մաքառինք,
ու
անով
կը
յորդինք.
մեր
խորքէն
կորովի
եւ
ոյժի
շատրուաններ
կը
բխին:
Եւ
ահա
ձիւնամրրիկը՝
որ
կը
զայրագնի
եւ
որ
կ’արշաւէ,
եւ
որ
զարհուրագին
մոլուցքի
մը
մէջ՝
ձիւն
ու
փրփուր
կը
սփռէ:
. . . . . . . . . . . . . . . . .
Վախկոտ
ճրագ
մը,
հունա,
վարը,
մութին
խորէն
մեզ
կը
դիտէ:
Գիւղին
մօտ
ենք:
Մօտ
է
բուխերիկը,
որուն
ծուխը
գիշերուան
ծոցին
մէջ
կը
հալի
ու
կը
նոյնանայ:
Պարզկայ
գիշեր
է,
եւ
մթնոլորտը՝
կարճատեւ
ձիւնամրրիկէ
մը
ետքի
հանդարտութեամբը
լեցուած:
Պայծառ
լիալուսին
մը
բարի
ու
ժպտուն՝
ձիւնոտ
շրջավայրը
կ’օծէ
հմայքով
մը՝
որ
կիւսաշխարհիկ
գիշերները
անրջել
կուտայ:
Ճամբուն
ձիւները
կը
կայծկլտան
լուսնին
տակ:
Կը
շնչենք
հիմա
այն
երանութիւնը,
զոր
պայքարի
յաղթական
ելքը
կը
պատճառէ:
Մեր
թափօրը
կ’ընթանայ,
եւ
ձիւնամրրիկին
տենդը՝
զոր
ապրեցանք
քիչ
առաջ՝
մեզ
կը
սարսռացնէ
պահէ
պահ:
«Ազդակ»
1909,
թիւ
33