Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Չէ՛. ա՛յնքան հեռացած եմ արդէն, որ կարելի չէ ետ դառնալ— սկսաւ խօսիլ վարդապետը ինքնիրեն՝ ցած ձայնով:

Կարելի չէ՛ ետ դառնալ դէպի երբեմնի մաքուր խանդերը, դէպի երբեմնի անբիծ ու աննենգ պայծառութիւնը, որոնց ա՛յնքան իտէալական շնորհ մը կուտային պատանեկան թռիչքները: Այն ատեն, ո՜ւհ, ո՜րքան հեռացած եմ արդէն, այն ատեն՝ ամէն ինչ աչքիս առջեւ կը պարզուէր իբր կախարդիչ կրկներեւոյթ մը՝ որուն գինովցնող հեռապատկերը կը խոստանար ըլլալ ապաւէնն իսկ բոլոր բաբախուն կենսականութեանս, բովանդակ վառվռուն թափերուս, բովանդակ անձկալիր երիտասարդութեանս:

Այն ատե՜ն… Է՜հ, այո՛, երբ վանատան խորհրդաւոր, անվրդով հորիզոնին վրայ իմ մոնազնի երազներս ու իղձերս կը պտտցնէի, տարտամօրէն միամտօրէն, երբ թոյլ կուտայի որ թարթափին անոնք մերթ խուսափուկ թափառումով մը, մերթ այերայած թեւաբախումներով. ա՜, ի՜նչ մաքուր էի, ի՜նչ միամիտ. աբեղայ մըն էի այն ատեն. քիչ մը աղուամազ՝ կեանքին ընձիւղումը կը խորհրդանշէր դէմքիս շուրջը: Եւ ես, իմ հայեցողութիւններուս մէջ երկար կը նայէի հեռուն, երկար կը փնտռէի թէ ի՛նչն էր այդ խնկաբոյր մթնոլորտէն անդին, թէ ի՛նչն էր պահուած ինծի համար ետեւը՝ այդ խորհուրդներու պարուրանքին:

Մաքուր էի ու անբիծ. ես կը կազմուէի այնպէս՝ ինչպէս վայրի վարդը լայն ու մենաւոր հովիտին մէջ: Անապակ ոլորտներու թռչունն էի, որ իր անմեղ ու արձակ հաճոյքները կը փնտռէ աւիւնոտ թեւթափներով: Ու ո՜րքան մէծ կ’ըլլար երանութիւնս, որով կը լեցուէի՝ նոյն իսկ այդ միսթիքական մթաստուեր շրջանակին մէջ: Մաքուր ու անբիծ էր խիղճս ալ. ան չէր նեղեր ու չէր խռովեր զիս. անիկա չէր ճնշեր զիս՝ իր ծանրածանր լուծով. եւ ինչո՞ւ ընէր. իմ անխաթար ու անստգիւտ հոգիիս խորը անիկա կը ցոլար վճիտ ադամանդի մը պէս. ու իր այդ ցոլքը կը լուսաւորէր, կը պայծառացնէր իմ էութիւնը:

Աբեղայ մըն էի այն ատեն:

Ինծի անծանօթ էր ոեւէ վատ կիրք, որ կը մթագնէ մեզ մեր թաքուն ինքնութեան մէջ: Բոլոր չար դիտումները չէին կրնար սերմ բռնել իմ մէջս, անարատ խմոր մըն էր խառնուածքս՝ որ կը տարամերժէր ամէն թունաւոր բիծ: Կ՚ապրէի տարօրէն երջանկացնող սրբութեան մը մէջ, կ’երազէի պարզմտօրէն ու անմանկօրէն, եւ գերերկրային հեշտութեան մը մէջ կը կարծէի գտնել քաղցրաւէտ օրրանք մը բոլոր հոգեկան տենչերուս, բոլոր հայեցողական ինքնանուիրումներուս համար: Ո՜վ թախծաթրթիռ գանգիւններ, զոր գոթական զանգակատունը կ’արձագանգէր լռին երկնքի մը տակ, արտասուաթոր երգանք մը երկարաձգելով, կարծես թէ համերգութիւն մը յօրինելով վանական հորիզոնին հետ, ո՜վ գանգիւններ վանքին զանգակատան, ո՜րքան անոյշ կը հնչէիք դուք իմ ականջին, երբ յետմիջօրէի պահերուն վաղնջական թեղօշին տակ նստած՝ մտիկ կընէի գգուիչ նէնիին, զոր իր բազմալեզու սօսափիւնը կը նուագէր ինծի: Հիմա որ, ինքնամփոփման պահու մը ինքզինքիս ուղղուած խոստովանութիւն մը կ’ընեմ, կրնա՞մ չյիշել ձեզ, ո՜վ անցած հեռաւոր օրեր, երբ անմեղ էի, երբ մաքուր էի, երբ անխռով էի:

Աբեղայ մըն էի այն ատեն:

* * *

Ու կը ցաւիմ որ կարելի չէ վերադառնալ դէպի այդ անցեալը. ան հո՛ն մնացած է. եւ ես շատ հեռու եմ արդէն: Ես շատոնց դուրս ելած եմ արդէն այդ վանքին շուքէն, ասդին անդին թափառած եմ. վարդապետ եղած եմ, ես նաեւ շատոնց հեռացած եմ իմ այդ երբեմնի մաքուր կեանքէն: Ինչո՞ւ, ի՞նչպէս, չեմ գիտեր, օրին մէկը ես զիս աղտոտած գտայ, ինչպէս վայրի ծաղիկ մը՝ որուն լեռնական մաքրութեամբ թերթերը կը լղրճուին: Սխալ քայլ մը զոր առած էի, կրնայի՞ ուղղել արդեօք, չե՛մ գիտեր. միայն գիտեմ թէ այդ սխալ քայլին յաջորդեց ուրիշ աւելի՛ մեծ սխալ քայլ մը:

Եւ ճամբան ձեռք առած էի արդէն:

Կը քալէի, կը քալէի, մոլորական գնացքի մը մէջ մոռնալով ամէն բան, նոյն իսկ ինքզինքս, կը քալէի շեղումեղ ճամբէ մը՝ որ զառիթափի մը ստորոտը կը յանգէր. այդ վայրէջքը հաճոյ ու հեշտին թուեցաւ ինծի, եւ փոյթ չէ թէ մոլորական գնացքով մը, ես կը քալէի հապշտապ, գրեթէ կը վազէի, հա՛ կը վազէի, հասնելու համար այդ ստորոտը, ի՞նչ կար հոն, ի՞նչ պիտի գտնէի հոն, ես գիտէի՞. կը քալէի մինակ, կը վազէի:

Եւ ահա՛ թէ ո՛ւր հասած եմ արդէն:

Ես եղայ ձիւնի այն կտորը որ լերան կատարէն կը փրթի, յետոյ՝ ուրիշ ձիւներու փաթաթովը քիչ մը աւելի կը խոշորնայ, յետոյ աւելի կը մեծնայ, ու այսպէս աստիճանաբար կը կազմուի ձիւնակոյտը:

Է՜հ, ես եղայ մեղքերու ձիւնակոյտը, նոյն իսկ ինքզինքս ալ չճանչնալու աստիճան: Բէ՛հ, ես կը նմանի՞մ այն աբեղային՝ զոր էի ատենով. միայն, բայց միա՛յն սա պահուս՝ ուր ներհայեցողութեան մը նուիրելով ինքզինքս՝ ոգեկոչել կ’ուզեմ իմ երբեմնի էութիւնս, իմ երբեմնի կեանքս, գրեթէ ահաբեկումով մըն է որ կը տեսնեմ այն անդունդը՝ որով կը բաժնուիմ անոնցմէ:

Ո՞ւր են հիմա հին օրերու կորովս, իմ յուզումնալից ոգեւորութիւնս եւ իմ ջերմիկ խանդերս. միամի՜տ, որ կը հարցնեմ տակաւին. անոնք մարած են, անոնք խեղդուած են, ու թեւատուած են: Մաքրակրօն տեսլականի մը սուրբ հուրքը ածխացած է արդէն իմ մէջս. չար ձեռք մը մարած է հոն մէկիկ մէկիկ մոմերը բազմաստեղեան ջահի մը, զոր այնքան ատեն վառ պահած էի:

Հիմա ես յաւիտենական ինկածն եմ, եւ մշտնջենի մոլորական ուղեւորը: Ես կ՚երթամ մեղքերու բեռը իմ ուսիս, անոնց կուտակումը իմ խղճիս վրայ ծանրաբեռն. կը զգա՞մ արդեօք անոնց ճնշումը. բայց եթէ զգայի, չէ՞ որ պիտի ուզէի թեթեւցնել զայն, եւ ատոր համար ետ դառնալ, ե՛տ՝ այս անգամ վերելք մը ընել զառիվերէն, եթէ նոյն իսկ քիչ մը դժուար ըլլար ատիկա: Չէ՛, վարժութիւնը զիս ընտելացուցած է այդ բեռան, եւ ես չեմ զգար անոր ծանրութիւնը։ Անիկա ինծի կպչած է, ու անիկա ինէ անբաժան կը մնայ, որպէս թէ մարմնիս մաս կազմած ըլլար:

Այո՛, ներմափոփման սա պահուս միայն կը լսեմ թէ ներքին տարտամ ձայն մը կ’ըսէ ինծի.

Վարդապետ, հերիք չէ՞ որքան որ այդ ճամբէն ընթացար. եթէ դառնա՜ս, եթէ դէպի ետ տանող ճամբաները փնտռես քիչ մը…

Բայց ես կը պատասխանեմ այդ ձայնին:

Լո՛ւռ կաց, մի՛ վրդովեր զիս, ես իմ ճամբաս ունիմ. պէտք է որ ընթանամ հոնկէ. բեռս թող բարդուի ու կուտակուի. ան զիս անտարբեր կը թողու:

Ու ես՝ անտարբեր՝ իմ ճամբէս կ’ընթանամ:

***

Հեռու եմ, հեռու՝ իմ նախնական անբծութենէս: Որպէս եթէ հայելիի մը մէջ նայած ըլլամ, ես կը սարսափիմ ամէն անգամ որ, բայց շա՜տ քիչ անգամ, րոպէ մը կ՚անդրադառնամ ես ինծի. բայց այդ սարսափս շուտով կը փարատի, եւ ես նորէն կը գտնեմ իմ անտարբերութիւնս. խղճի սուր ու կծու խայթ մը՝ բայց ես շուտով կը սպիացնեմ անոր թողած հետքը:

Ես պիտի շարունակեմ երթալ մոլար ուղիներէն, ես պիտի շարունակեմ մեղքի ծաղիկները քաղելու ընթացքս. եւ անոնց հիւթերով ա՛լ աւելի հզօրապէս պիտի շաղուեմ ու պիտի խմորեմ իմ էութիւնս:

Ասիկա իմ ճակատագիրս եղաւ հեղ մը, ու պիտի ըլլայ ասկէ վերջն ալ, նոյն իսկ, եթէ քաղցր վերյուշումով մը մտաբերեմ իմ այն ատենի ինքնութիւնս, երբ մաքուր էի, երբ անբիծ էի, երբ աբեղայ էի…

Չէ՛, հեռացեր եմ արդէն, ու ետ դառնալը չէ կարելի: Չէ՛, խփե՛մ ականջներս, ու փախչիմ, ու ետիս չնայիմ…

Վարդապետը ա՛լ չխօսեցաւ ինքնիրեն:

 

«Սուրհանդակ» 1906, թիւ 2206