Պատմութիւնն
է
ասիկա
երազի
մը
զոր
ունեցաւ
Սիրենա,
վարդաստանի
մատաղատի
մշակուհին,
եւ
որու
միջոցին
տրտմութեան
ասուպ
մը
անցաւ
Սիրենայի
հոգիէն,
եւ
Սիրենա՝
պարմանին
տեսաւ
ու
չտեսաւ
եւ
թռչուններ
բխեցան
Սիրենայի
կուրծքէն
եւ
թեւերէն,
եւ
նաւակ
մը
դէպի
դղեակը
տարաւ
Սիրենան
եւ
Սիրենան
հոն
նորէն
պարմանին
տեսաւ
ու
չտեսաւ.
եւ
Սիրենա
զարմացաւ,
վախցաւ
եւ
յուզուեցաւ,
եւ
արտասուաթոր
ու
ժպտագին,
արթնցաւ:
Սիրենա,
վարդաստանի
մշակուհին,
որ
մօտակայ
աւազանին
մէջ
կը
նայէր
այնպէս՝
ինչպէս
կը
նայէր
իրենց
տան
հեշտադարանին
վրայ
դրուած
աղջնակի
արձանիկը՝
սպիտակ
անփութութեամբ
հայելիին
մէջ,
Սիրենա
որ
իր
վարսերու
ոսկի
խուրձին
մէջէն
սահող
հովերու
երգը
չէր
հասկնար,
Սիրենա՝
կարմիր
ու
կարճ
պարեգօտով
աղջիկը,
երկար
օրուան
մը
վարդերը
քաղելէ
ետքը,
կը
վազէր
թուփերուն
մէջէն,
եւ
իրեն
հետ
նաեւ
անհամար
աղջիկները,
որ
իրեն
հետ
կ’աշխատէին
վարդաստանին
մէջ:
Կը
քրքջային,
կը
ճչային
եւ
օդին
մէջ
քնքուշ
բիւրեղներ
իրարու
կը
բախէին
ու
կը
բեկորուէին:
Յանկարծ
Սիրենա
կանգ
առաւ:
Տրտմութեան
ասուպ
մը
անցաւ
իր
անգիտութեան
պայծառ
երկնքէն:
Եւ
Սիրենա
սարսռաց,
եւ
յետոյ
անմիջապէս
պարմանի
մը
անցաւ
հեռուէն,
ձիով՝
արահետէն.
Սիրենա
չէր
ճանչնար
զայն,
չէր
տեսած
զայն,
չտեսաւ
զայն:
Բայց
զգաց
թէ
տեսաւ
զայն:
Եւ
սարսռաց
կրկին:
Ու
կեցաւ,
անշարժ:
Աղջիկները
բոլոր
որ
կը
խաղային
իր
շուրջը,
թռչուններ
եղան
ու
սկսան,
մի
առ
մի
թեւաթափել
ու
բարձրանալ:
Եւ
Սիրենա
մնաց
մինակ,
միսմինակ:
Մայրամուտի
արեւին
կը
նայէր,
գլուխը
ուսին
հակած
կողմնակի:
Եւ
սկսաւ
երգել
տրտմագին:
Եւ
թռչուններ
սկսան
բխիլ
իր
կուրծքէն
ու
թեւերէն:
Եւ
անոնք
ալ
սկսան
երգել՝
ինչպէս
կ’երգէր
ինքը:
Եւ
յետոյ
սակայն,
սկսան
քրքիջներու
մարգարտեայ
կարկուտ
մը
տեղալ
իր
վրայ,
եւ
Սիրենա
ուզեց
բռնել
թռչունները
եւ
սկսաւ
վազել։
Բայց
չկրցաւ.
զգաց
թէ
աւազան
մը
կը
բացուէր
իր
ոտքերուն
տակ
եւ
նունուֆարներ
կը
ծաղկէին
իր
շուրջը:
Բայց
տեսաւ
որ
նունուֆարներն
ալ
թռչուններ
եղան,
ու
ծիծեռնակներու
մրրիկ
մը
բարձրացաւ
իր
շուրջը:
Նաւակ
մը
կը
տանէր
զինքը,
սահելէն,
ջրերուն
վրայէն:
Եւ
ահա
դղեակը՝
ծիծղուն
կղզեակին
վրայ:
Եւ
երբ
Սիրենա
նայուածքը
վեր
ուղղեց՝
պարմանի
մը,
որ
կեցած
էր
պատուհանին
մօտ,
ներս
քաշուեցաւ:
Սիրենա
նորէն
սարսռաց:
Երջանիկ
յուզմամբ
մը
սարսռաց:
Չտեսաւ,
չճանչցաւ
զայն,
բայս
սարսռաց:
Եւ
դղեակը,
մաս
առ
մաս
կը
բացուէր
իր
առջեւ՝
ինչպէս
կախարդական
մեծ
տուփ
մը,
եւ
Սիրենա
ինքզինքը
կը
գտնէր
մոգական
հայելիներու
եւ
ոսկի
դրասանգերու
պերճանքովը
շողշողուն
սրահի
մը
մէջ՝
զոր
ճանչցած
էր
հին
ոսկեղէն
հէքեաթներու
մէջ:
Եւ
այս
անգամ
կը
ճանչնար
ինքզինքը՝
այդ
հայելիներուն
մէջ:
Եւ
ամայի
էր
սրահը՝
մինչ
անյայտ
անկիւններէ
խուլ
ու
անիմանալի
խօսակցութիւններ
կը
բզզային:
Սիրենա
սկսաւ
վախնալ:
Բայց
երջանիկ
յուզում
մը,
միշտ,
կը
սարսռացնէր
զինքը:
Դղեակը
կը
դառնար
եւ
հայելիները,
բազմագոյն
ցոլքերով,
կը
փողփողէին:
—
«Աղջիկս,
կը
մնջէր
ձայն
մը,
ցած
ձայն
մը,
անկիւնէ
մը
զոր
Սիրենա
չէր
կրնար
որոշել,
բարի՛
եկար
եւ
մի՛
վախնար:
Մի՛
վախնար
ու
բարի՛
եկար:
Բարի
վհուկ
մը
քեզի
պատմութիւններ
պիտի
ընէ
եւ
քու
հոգիդ
պիտի
օրօրուի»:
Սիրենա
զգաց
որ
վարդաջուրի
նրբին
անձրեւ
մը
կը
տեղար
իր
վրայ,
յետոյ
համբոյրներու
հողմ
մը
անցաւ
իր
մարմնին
վրայէն:
Սիրենա
նորէն
սարսռաց:
Մեծ
հայելիներէն
մէկուն
մէջ,
պարմանի
մը
երեւցաւ
իրեն
ձիուն
վրայ
ու
անյայտացաւ:
Պատուհանէ
մը
ներս
թռչուններ
խուժեցին,
կապոյտ,
ճերմակ,
դեղին:
Սիրենա
թեւերը
պարզեց
եւ
տարածուեցան
հերքը
ոսկեգեղմ:
Պիտի
թռչնանար,
բայց
զգաց
որ
թեւերը
կը
բռնէին:
Սիրենա
շփոթեցաւ,
վախցաւ
եւ
քաղցրութեամբ
լացաւ,
բայց
երբ
իսկոյն
արթնցաւ
իր
սենեակին
մէջ,
դէմքին
վրայ
արցունքով
քօղուած
ժպիտ
մը
կը
ծաղկէր՝
այգուն
ինքնամուտ
ճաճանչներու
գգուանքին
տակ:
«Օշական»
ժողովածու,
Պոլիս,
1914