Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գիշեր էր, մէկը ամարայնի այն դիւթական, հոյակապ գիշերներէն, ուր երկինքը կը հանդիսաւորուի տօնականօրէն, եւ ինչպէս պերճաշուք տիկին, պահծու բեհեզեայ իր ծանրագին պարեգօտը կը զգենու, անոր մեղմ ու հազիւ իմանալի շրշիւնը երկարաձգելով: Այդ շրշի՜ւնը… այդ պահուն այնպէ՜ս քաղցր ու այնպէ՜ս անրջային էր ան. կը թուէր թէ լեռնալանջի այդ բարձրադիր հարթավայրին վրայ, երբ գիշերը կը լիանար ու կը համայնանար, խոր ու միատարած այդ լռութեան մէջ, անվերջ փսփսոց մը կը լեցնէր միջոցը, եւ հազարումէկ խեղդուած շշուկներ, թերեւս լեռնածաղիկներու մտերմասացութիւններն ու հեռաւոր վերեւի լոյսերու մրմունջները, թերեւս սիրոյ անհամար լեզուներ կը ստեղծէին զայն, եւ այնպէս կը թուէր թէ գիշերուան տիկինին պարեգօտն էր որ կը յօրինէր: Եւ բոյրը, որ կը բարձրանար անկէ, ինչպէ՜ս հեշտաւէտ էր ու ինչպէ՜ս արբեցնող: Վայելել այս ամէնքը, ծծել, ծծե՛լ զանոնք՝ մինչեւ որ կը լեցուի էութիւնդ, իր յագեցումին կը հասնի, ահա ասո՛ր էր որ կը ցանկայի ու կ’ուզէի պահ մը նուիրուիլ անոր: Եւ ահա թէ ինչո՛ւ քնանալ չէի ուզեր, չէի կարող աչքերս խփել՝ եթէ նոյն իսկ ա՛յնքան երանաւէտ ըլլար քունը այդ վայրերուն մէջ:

Լեռներու ջինջ ու արձակ բնութեան կարօտն ունէի ու գեղեցիկ առտու մը մեր ուղեւորութեան ընթացքին այս տեղուանքը մեկուսացած, հովուական վրաններու հիւրն էի եղած, նոր կեանքով մը նորոգուելու, նոր կազդոյրով մը պատուաստուելու համար: Եւ ահա հիմա որ չքնաղ ու դիցական գիշեր մը զիս կը գգուէր ու կը հմայէր, ի՜նչպէս թէ կրնայի անհոգ ըլլալ անոր հրապոյրներուն դիմաց ու եզական տարփանքներս քնացնել: Եւ շլմորած ու գինով կը քալէի ծաղկաւէտ լերան վրայ՝ գիշերին մէջ, ինքզինքս յանձնած անոր շոյանքներուն ու համբոյրներուն: Կէս գիշերի սիւքը, որ սարահարթին վրայ թափառայած կը թռչկոտէր, դալարիքն ու ծաղիկները սարսռացնելով իր թողած հետքով, կը գրկէր զիս, կը փաթթութէր ինծի ու իր կուսական քնքուշ թեւերով կը սեղմէր զիս պինդ ու սիրազեղ: Բարձրաբերձ լեռներու շունչն էր ան, որ կեանքը, առուգութիւնը, երջանկութիւնն իսկ կ’արտաբերէր:

Ի՛նչ աւելի գրաւիչ ու հանդիսաւոր, քան ման գալը շքեղ կէս-գիշերի մը երկնամերձ բարձունքի վրայ: Այդպիսի վայրկեան մըն էր զոր կը վայելէի. ես ման կուգայի ու կը դիտէի իմ շուրջս, վերեւս, օ՜ այդքան բարձր, ա՜յդքան բարձր, երբ ինծի կը թուէր թէ պիտի բռնէի ասուպը՝ ինչպէս կայծոռիկ մը կը բռնենք պարտէզին ծառերուն ներքեւ: Կարծես տիեզերքն էր ամբողջ իմ շուրջս, գեղեցիկ, հրաշակերտ ու խորհրդաւոր տիեզերքը՝ որուն մէջ ես կը սաւառնէի իբր մոլորակ, երբ աստղերն ու լուսինն ալ իրենց սխրալի ցայգահանդէսն էին սարքած: Ման կուգայի ու կը խորհէի. ո՜րքան կենսաւէտ է ապրիլ այդ ոլորտներուն մէջ, այս բնավայրերը, ուր ամէն ինչ անապակ է ու վճիտ, ուր ամէն ինչ ե՛ւ շքեղութիւն է ե՛ւ պարզութիւն ու խրոխտանք, եւ ուր բնութիւնը ամէն ինչ է, մեծ ու միակ դիեցնողն է մարդուն: Չէ՞ որ ահա դա՛ լեռնաբնակ հովիւները, որ հիմա կը քնանան վրաններու ներքեւն ու շուրջը, անապակ են ու վճիտ՝ ինչպէս կատարներու ձիւնը, եւ վէս են ու խրոխտ՝ որպէս անոնց ցից բարձունքը: Իրենց պաղպաջուն ու սէգ հոգին՝ կ’ըսէք՝ թառած է իրենց երեւոյթին վրայ, ինչպէս մարզուած թռչուն մը պիտի թառէր ուսի մը վրայ: Լերան ծնունդ ամէնքն ալ, այդ գերազանց տղամարդիկը եւ շքեղ աղջիկները, որ օրն ի բուն իրենց պարմանիի զմայլելի ու հոյարձակ մարմինները կը պտտցնեն սարալանջերու վրայ, ցուպը ձեռքերնին, մեն-մենակ, կամ իրենց հօտերուն գլուխն անցած, երբեմն իրենց անպիղծ հովուերգութիւնը ապրելով, ու յաճախ մէկմէկու արիութիւնը տարփողելով, սրինգի, չնկուռի ու երգերու վայրենօրէն քաղցր երաժշտութեամբ մը. ո՜րքան արի են ու ո՜րքան վէս, չէ որ իրենց բարձր պատշգամները անդունդներու վրայ կը նային. չէ՞ որ դրացի են արծիւին եւ ամպրոպին ու շանթին հիւրընկալը: Եւ ես կ’ուզէի այդ պահուն անոնց կեանքը գիտնալ, մտիկ ընել այդ ժամուն՝ այդ աղջիկներու ու տղամարդոց պատմութիւնը:

Կը խորհէի այսպէս ու ժուռ կուգայի, երբ արդէն հեռացած վրաններէն, որ հիմա իրենց սեւ մարմիններով ուրուականներ կ’երեւային մութին մէջ, հասած էի ապառաժուտ ցցուածքի մը մօտ՝ որուն վրայ լիալուսինն էր սփռուած անդորր անփութութեամբ մը, ինչպէս գեղեցկուհի՝ որ իր գեղուն մարմինն ու վարսերը կը փռէ հանգիստ ինքնալքումի մը մէջ: Եւ լուսնկային ցոլքերուն այդ յորդ լճացումին մէջ՝ կը նշմարէի ծաղիկներու բուրգ մը՝ որուն պահպանութիւնը ընել կը թուէր ալեխառն ու փառաւոր մօրուօք մարդ մը: Ահա խորհրդաւոր այս ալ, այն ժամուն ուր ամէն ինչ խորհուրդ մը կը դառնայ ինծի, ուր ամէն բան խոր ու անըմբռնելի իմաստ մը կը թուի ունենալ. սկսած էի դէպի այն կողմ ուղղել քայլերս, տեսակ մը երկիւղով. է՜, չըլլա՜ր թէ վրդովէի խոհանքը այդ պատկառելի մարդուն, որ կ’երեւար թէ ընկճուած էր՝ հակառակ իր յաղթ մարմնին, եւ որ ծաղկեբուրգին մօտ նստած կը թուէր թէ կ’ուզէր աւելի՛ մօտենալ անոր, աւելի՛ սղմուիլ անոր կողքին: Յայտնի էր թէ ծայրայեղ գուրգուրանքով մը լեցուած անոր նկատմամբ՝ կ’ուզէր փարիլ անոր եւ համբուրել: Ծաղկեբո՞ւրգ. ի՞նչ էր ան, կատարը այդ արտակարկառ ապառաժուտքին, որ կ’ընդվզէր այդպէս դէպի առաջ նետուած: Ի՞նչ բան էր որ կը խորհրդանշէր ան. հովուական կեանքի ի՞նչ խորհուրդ մը: Արդեօք տարօրինակ ու մտամոլար մենակեա՞ց մըն էր այդ մարդը՝ որ իր աղանդին ու հաւատքին հայեցողութեան անձնատուր՝ կը հսկէր գիշերուան այդ ժամուն. արդեօք նուիրական բա՞ն մը կար մեկուսացած այդ վայրին ծայրը: Ահա ինչ որ ընդհատեց զիս իմ գիշերային վայելքիս մէջ: Ես հետաքրքիր էի այնքան՝ որքան կը հրապուրէր զիս լերան կեանքը, եւ պէտք էր որ գիտնայի՛ անպատճառ թէ ի՞նչ էր այն ծաղկեբուրգը, եւ ո՞վ էր այն մարդը, որ այդպէս քով քովի, եզական պատկեր մը կը ստեղծէին լուսնի լոյսով: Մեղմիւ կը դեգերէի քիչ մը հեռուօք՝ առանց նայուածքս բաժնելու անկէ, եւ պատրաստ կը սպասէի՝ մինչեւ որ կարենայի մօտենալ: Պատկառազդու բայց բարի էր այդ մարդը եւ ես լուսնի ցոլքով կը կարդայի իր ազնիւ դիմագծերը:

Ես մօտեցած էի ծաղկեբուրգին, ահա հրաշալի տեսարան մըն էր պարզուած իմ առջեւ: Ան՝ ամբողջովին օծուած էր լուսնին ոսկիներով, ու այդ ոսկի փալփլումին մէջ՝ բիւրազան, երփներանգ ու թարմ ծաղիկներ՝ մոգական հրաշալիք մըն էին յօրինած, դիւթական ու հսկայ փունջ մը՝ որուն անճառ գեղեցկութիւնը զիս կը շլացնէր: Իրար գրկած, իրար համբուրած ու իրարու խառնուած էին սարալանջերու հպարտ ու փարթամ ստինքներուն վրայ փթթած այդ ծաղիկները, եւ կը թուէր թէ անհունօրէն ու հեշտասիրօրէն երջանիկ էին՝ իրենց կախարդիչ հմայքներով ու երանգներով, շողքերուն գգուանքներուն յանձնուած ըլլալուն համար: Ես այդ պատկերին թովանքովը զգլխած էի, երբ այս անգամ յստակօրէն տեսայ դէմքը ալեհեր մարդուն, զոր ճանչցայ իսկոյն: Անոր հանդիպած էի արդէն ցորեկին, այդ ծերունի հովիւին, որուն հպարտ դէմքին շուքը կ’աւելցնէր իր լայն ու յորդ մօրուքը: Ան իր լուրջ ու հետախուզող նայուածքը ծանրօրէն վրաս յառեց, կարծես ըսելու համար թէ՝ ի՞նչ կ’ուզէի, ինչո՞ւ կը խռովէի իր այդ գիշերային պահը:

Այս ծաղիկնե՜րը, բայց որքա՜ն գեղեցիկ են: Եւ ի՞նչ կ’ընէք զանոնք, այդպէս նստած քովը, գիշերուան այս ժամուն, բարի՛ հովիւ:

Հովիւը նայուածքը բաժնեց ինէ ու լուռ մնաց պահ մը: Յետոյ հաստ ձայնով մը թոթովեց հսկայ մօրուքին ու թաւ ընչացքին ընդմէջէն:

—Եթէ գիտնայի՜ր թէ Ասմարինն են անոնք, թէ Ասմարը քնացած է ասոնց տակ, չպիտի ընէիր այդ հարցումը:

Ասմար. ո՞վ էր անիկա, որ այս ծաղիկները ունէր եւ կը քնանար անոնց տակ: Ապահովաբար լեռնցուհի մը, թերեւս թովիչ հովուուհի մը: Ուրեմն շիրի՞մ մըն էր այս ծաղկեբուրգը, որուն ներքեւ կը հանգչէր սիրելի մը, գեղեցկուհի մը:

Ասմա՜ր, կրկնեցի հարցումս, եւ ո՞վ է այդ Ասմարը, բարի՛ հովիւ:

Ան այս անգամ կուլար լռին եւ իր արցունքները կ’ոռոգէին շքեղ մօրուքը: Ես զղջացած էի՝ որ իմ անխորհուրդ հետաքրքրութեամբս պատճառ կ’ըլլայի ծերունիի մը փղձկելուն, անոր ցաւերու զարթումին: Բայց ահա դադարեցուց ան իր լացը եւ ցուցամատը ծաղկեբուրգին ուղղելով, խօսեցաւ դողդղագին ձայնով մը.

Իսկ եւ իսկ այսպէս էր, իսկ եւ իսկ այս պահն էր՝ այն գիշերն ալ: Ճիշդ այս շողքերուն մէջ էր որ գտայ, իմ Ասմարը: Ասմարը՜, եթէ տեսած ըլլայիր զայն, իմ աղջիկս: Մեր վրաններու զարդն էր ան, այս սարերուն ծաղիկը, եւ ես հպարտ էի իմ Ասմարով: Այնպէ՜ս գեղեցիկ էր ու այնպէ՜ս քաջ… Երբ տակաւին պզտիկ աղջիկ մըն էր  ու կ’ոստոստէր վրանէ վրան՝ որպէս մանկահասակ եղնիկ, եւ կը սուրար արագ՝ որպէս թռուըռան արտոյտ, ամէն ոք կը ցանկար բռնել զայն, համբուրել, սիրել ու ապա թող տալ իր թռիչքին. գիրկէ գիրկ, կը փայփայուէր ու կը հոտոտուէր ինչպէս անթառամ ծաղիկ, ու արմաղաններով զարդարուած կը դառնար մեր մօտ, կապոյտ ուլունքներ վզին անցուցած, ոսկի օղեր՝ ականջէն կախ ու ձեռքին ալ փալփլուն ապարանջաններ, որ զուարթ չլչլկոցով մը կը ձայնէին իր սրընթաց վազքերուն ատեն: Կը սիրուէր ամէնէն, մեր բոլոր հարեւաններէն: Եւ իր անհանդարտ բնաւորութիւնը, իր աշխոյժն ու եռա՜նդը… Այնպէ՛ս հաճոյք կը զգար հետը առնել սիրած գառնուկներն ու ուլերը, տանիլ արածել զանոնք հեռուն՝ մարգերը ու վերադառնալ իրիկնամուտին, ծայրայեղ հոգածութիւնով հսկելով անոնց վրայ: Ամէնէն աւելի Կէծակն էր իր սէրը գողցած, անուշ ու անառակ այն ուլը, որ նապաստակի նման կը ցատկռտէր, կը մայէր անվերջ, խենթուկ ու անմեղ ձայնը ձգելով. իր կարգին Ասմարի փէշէն չէր զատուեր ու անոր ուսը ցատկելու ձեւեր մը կ’առնէր: Կէծակը մեծցաւ, Ասմարն ալ մեծցաւ, եւ ես չգիտցայ թէ ի՛նչպէս շուտ հասաւ իր այդ բարտիի հասակին, եւ ի՛նչպէս շուտով զարդարուեցաւ այնքան գեղով ու շնորհով: Այս վարվռուն, սիրուն, գրաւիչ թռչունը՝ եղած էր հասուկ, առոյգ, սէգ գեղեցկուհի մը: Երբ դէմդ կանգնէր՝ կ’ըսէիր թէ կը խոյանար դէպի վեր, եւ միայն թեւ մը կը պակասէր, որպէսզի էգ արծուի մը սլացքովը թափ առնէր: Երբ սեփ-սեւ մազերը քովէն եւ ուսերէն վար ձգէր, պիտի ըսուէր՝ վրանոցն է նետեր ուսին, ա՛յնքան առատ ու յորդ էին անոնք: Իր խորունկ սեւ աչքերէն հուր ու բոց կը ցայտէր եւ մարմինը կը դողար անօրինակ ոյժով մը: Հօտերուն անզուգական պահապանն էր ան եւ տեսնելու բան էր թէ ի՜նչպէս այծերու եւ ոչխարներու ա՜յնքան ստուարաթիւ երամակներ մեն-մենակ կը տանէր հեռու, արտօներ յաղթ ու անվեհեր կ՚առաջնորդէր զանոնք եւ մայրամուտին կը դառնար գոհ ու երջանիկ, մինչ քաղցր ձայնը երկար արձագանգով մը կը տարածուէր հովտէ հովիտ, ծմակէ ծմակ:

«Ա՜խ, իմ Ասմարը մէկ հատն էր այս վրաններուն տակ, իր գեղեցկութեան եւ քաջութեան հռչակը լսուած էր բոլոր հարեւան սարերուն վրայ, ձորերէն ու ծմակներէն ալ անդին, նոյնիսկ հեռու, հեռու, հովուակայքերու մէջ կը խօսուէր աղջիկս Աղջիկս՝ պարծանքս էր ու ես հպարտ էի Ասմարովս: Սիրուա՞ծ. է՛հ, այո՛, կա՞ր մէկը որ չսիրէր զայն, բայց ըսեմ թէ կը պաշտուէր ալ. գեղեցիկ ու արի աղջկան համբաւը պատկառանք էր սփռած ամէնուն մօտ եւ մեծ ու պզտիկ կ’անկնածէին իրմէ: Քանի՜ քանի անգամ իր միջամտութիւնը վերջ դրած էր հովուական վէճերու, որ առանց իմ Ասմարին հետզհետէ աւելի պիտի սաստկանային: Քանի՜ քանի անգամ կորսուած ոչխարներ գացած փնտռած բերած էր եւ իր քաջութիւնը մամիկներու բերնին մէջ, զրոյցներու հետ սկսաւ յիշուիլ այն օրուընէ երբ գառնուկ մը ազատեց արծիւի մը մագիլներէն: Մեր վրաններուն դշխոն էր ան. բոլոր աղջիկներուն ու հարսերուն հաւաքոյթին մէջ պատուոյ տեղ ունէր եւ ինք էր որ երբ կ’երգէր այս բոլորտիքը կը լեցնէր: Իր հանաքներն ու խօսքերը բերնէ բերան կը պտտէին ու յիշատակելի կը մնային:

Հարցնէիր անգամ մը թէ կա՞ր արդեօք տղամարդ մը որուն հոգին խռոված չըլլար եւ որ Ասմարին վրայ չխորհէր պահ  մը: Շուինները Ասմարին սիրովը կ’ածուէին եւ Ասմարին տեսքը, անունը կամ յիշատակը տղամարդկանց ձայներուն տարբեր յուզում մը ու երգերուն տարբեր քաղցրութիւն մը կուտար: Բայց անոնք ամէնքն ալ կ’ակնածէին իրմէ, անոնցմէ ամէնէն խիզախն իսկ չէր յանդգներ անոր մօտենալ կամ դպչիլ, որովհետեւ անոր քաջութիւնը զիրենք կը շիկնեցնէր:

Ու օր մը սակայն, վերջապէս Ասմար սիրեց: Սիրեց ամէնէն կտրիճ ու ամէնէն գեղեցիկ տղամարդը՝ Գալօն, սիրեց եզական ու զօրաւոր սիրով մը՝ ինչպէս որ ինքը Ասմարս էր: Ասմարն ու Գալօն սկսած էին իրենց սէրը աճեցնել արեւին տակ, ծաղկալիր մարմանդներուն վրայ, ջուրերուն եզերքը: Բայց ի՜նչ օգուտ որ այդ սիրոյ ծաղիկը, դեռ իր կատարեալ փթթումին չհասած կտրուեցաւ իր ցօղունէն ու մեզ սգաւորներ դարձուց: Ահա նորէն մեր վրաններու աղջիկները կ’երգեն Գալոյին բերանը դրուած այն երգը՝ որ Ասմարս կ’ողբայ: Ի՛նչ ալ անուշ կուգայ ձայնը»:

Եւ հովիւը դադար տուաւ իր խօսքին, թեւի շարժում մը ըրաւ եւ ցուցամատը ուղղեց այն կողմը՝ ուրկէ խումբ մը աղջիկներու ձայնը գիշերային ջինջ լռութեան մէջ ա՛յնքան յստակ ու տխուր կը հնչէր:

Լուսնակը որ կը ցաթի գիշերէ գիշեր,

Գերեզմանի լապտեր մըն է ինծի համար:
Ես աւերակներու մէջ կը թափառիմ,
Տխուր աւերակներուն մէջ իմ սիրոյս:
Ու քեզ կը կանչեմ, Ասմա՛ր,
Քեզ, որուն գեղեցկութիւնը շանթերն իսկ խռովեցին,
Ու գիշեր մը, երբ սուրը ձեռքիդ պիտի հերոսանայիր,
Անոնք հասան ու գգուեցին քեզ իրենց կրակէ համբոյրով:

Շանթերը գգուեցին Ասմարը իրենց կրակոտ համբոյրով: Այսպէս կ’ըսէր երգը. եւ ես հիմա յուզումով լեցուած, կը ցանկայի տեսած ըլլալ այդ Ասմարը, որուն գեղեցկութիւնը շանթերն իսկ խռոված էին եւ որ գիշեր մը, պիտի հերոսանար՝ սուրը ձեռքին:

Եւ ի՞նչպէս, բարի հովիւ, շանթերը համբուրեցին Ասմարը:

Է՜հ, այո՛, եւ այստեղ, շարունակեց խօսիլ հովիւը, որուն աչքերուն խորը արցունքի կայլակը կը բխէր եւ որ մատովը ծաղկեբուրգը ցոյց կուտար ինծի: Ա՛լ այստեղ ուխտավայր մըն է եղած, Ասմարին այս գերեզմանը, ուր թաղեցինք զինքը, եւ շատ օրեր մեր կայքին աղջիկները, այս լեռներուն ամէնէն գեղեցիկ ծաղիկները կը ժողվեն ու կը զարդարեն այստեղ: Այստե՜ղ, ու ի՜նչպէս գեղեցիկ էր ան այն գիշերը՝  նոյնիսկ կայծակնահար եղած վիճակին մէջ:

«Փոթորիկ կար այն գիշեր, վերջին ամառնամուտի գիշեր մը: Ամպրոպները կը դղրդացնէին սար ու ձոր: Փայլակները իրարու կը յաջորդէին արագ արագ, մութին մէջ փայլատակող սուիններու նման եւ իրենց տարօրինակ ու շլացուցիչ շողքով րոպէ մը կը լուսաւորէին ամէն կողմ: Մենք մտահոգ՝ մեր վրաններուն ներքեւ ապաստանած էինք մեր ոչխարներով, երբ յանկարծ զրոյց ելաւ թէ Գալօն չէր վերադարձած տակաւին եւ թէ հարեւան ցեղի մը հովիւներուն հետ կռուի մէջ էր: Ասմար հազիւ թէ լսեց ասիկա ու ահա յուզումը փոթորկեց զինքը: Սկսաւ դողալ ու հեւալ: Իր եա՜րը չէր վերադարձած ու կը կռուէր թշնամիներու հետ: Ու մէկէն ի մէկ, առանց ձայն հանելու, անակնկալ շարժուձեւով մը, Ասմար առաւ անկիւնէ մը կախուած հրացանը զոր ձգեց ուսընդանութ, առաւ խոշոր սուրը եւ դուրս խոյացաւ վրանէն, մեզ ամէնքս ապշեցնելով ու վախցնելով: Կը վազէր, կը սուրար ու ոտքի ձայները կը լսուէին մարգերուն վրայ: Սիրոյն ետեւէն էր որ կը վազէր, ինչպէս նաեւ կռուին: «Ասմար, Ասմա՜ր, նազե՜լի» կանչեցինք սարսափած, մինչ ան իր կարգին կը գոչէր՝ «Գալօ՜, իմ Գալօ՜ն»: Ո՞ր կողմ էր Գալօն, չէր գիտեր ու կը վազէր, երբ քիչ ետք անլսելի դարձաւ իր ձայնն ալ: Բայց գոռումները փայլատակումներուն կը յաջորդէին ու սարաւանդները կը դողային կայծակներու դղրդոցէն՝ որ կը շողային ու սարսափելի վայրէջքով մը կ’իյնային այս ու այն կողմ: Միեւնոյն ատեն շռնդալից անձրեւ մը հոսեցաւ ու անհուն վժժոցով մը լեցուց այս տեղերը: Ու յանկարծ, զարհուրելի դղրդոց մը՜ն ալ մեր մօտը:

Այդ դղրդո՜ցը, ա՜հ այնքան սարսափեցուց ու տառապեցուց զիս: Հապա ո՞ւր էր Ասմարը, ա՛յ աղջիկ, ո՞ւր էր գացեր: Ի զուր սպասեցինք, ի զուր սպասեցինք եւ այս անգամ ահաւոր ու չարաշուք երկիւղ մը առաւ մեզ: Կամաց կամաց անձրեւը դադրած էր, գոռոցները նոյնպէս, ամպերը սրբուած՝ երկնքի երեսէն, օդը հանդարտած էր ու լուսինը՝ ջինջ, քօղազերծ եղած լուսաւորած էր ամէն դին ու ամէն ինչ մոռցնել տուած: «Ասմա՜ր, Ասմա՜ր» ձայն կուտայինք մենք ամէն կողմ, ասդին անդին ինկած: Բայց ո՛չ մէկ պատասխան: Խելացնոր, չէի գիտեր, ո՛ր կողմ երթալ, ի՛նչ ընել: Մօտեցած էի այս կողմերուն, երբ լուսնի լոյսով տեսայ որ ճիշդ այս ապառաժին վրայ մէկը ինկած էր: Ո՞վ էր, չէի կրնար տեսնել տակաւին, բայց զգացի թէ սիրտս արիւնեցաւ սուր վէրքէ մը: Մօտեցայ այդ մարմնին, այո՛ նոյն ինքն Ասմարս էր, իմ նազենի, գեղանի ու խիզախ Ասմարս, հրացանը ուսին եւ սուրը ձեռքին մէջ տակաւին… Ինկած էր ան հոս, կռնակի վրայ, իր հոյակապ հասակովը պառկած, մազերը ցրուած ու խանձած, ինքը՝ կայծակնահար եղած, մասամբ ածխացած, դիակնացած, մինչ լուսնին վառ շողքերը ինկած էին իր վրայ, զինքը, իր գեղեցկութիւնը կ’ողողէին, ինչպէս հիմա կ’ողողեն իր այս շիրիմը, այս ծաղկեայ բլրակը…

«Ազդակ» 1909, թիւ 25 եւ 26։