Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Անոնց՝ որ Տաճկահայաստանի սահմանը անցան,
արհաւիրքի օրերուն.

Կը քալէին, խիզախօրէն, արարատեան գիշերի մը խորախորհուրդ ճամբաներէն. ի՜նչ զգոյշ, ի՜նչ երկիւղածութիւն, եւ սակայն ի՜նչ շտապ, անմիջական օգնութեան մը վազելու ի՜նչ կամք ու ի՜նչ աւիւն զորս իրենց քայլափոխներու աղմուկը կը կշռաձայնէր՝ վերահաս դէպքերու սպառնական վճռականութիւնը արձագանգելով: Մեծ էր գիշերը՝ եւ արարատեան գիշերի մը համայնական ու մեհենական մեծ-վայելչութեամբը հանդիսաւոր: Սարսափներու լռութիւնը կը հանգչէր սարերու վրայ, որոնց ուրուականը կը բարձրանար հեթանոս աստուածներու կանգնագեղ խրոխտութեամբը, ապստամբութեան կուռքե՜ր, ցաւի ու տանջանքի անգերազանցելի նոպայի մը մէջ աւարտած, վերջնականացած. մինչ այդ խորին լռութեան մէջ ջուրի վազքերը՝ գետերն ու աղբիւրները Երասխի շուրջն ու երկայնքը ժողովուած, տաղերգ մը կը դաշնաւորէին այդ աստուածներու բագինին առջեւ, տաղերգ՝ որ ցաւի ու վրէժի բամբերգն էր մռնչագին:

Ու կը քալեին անոնք: Եօթ ընկերներ էին եւ կը կոչուէին գիտակցութիւն, սէր, հաւատք, կամք, պայքար, կեանք եւ մահ, եւ զիրենք կ’առաջնորդէր ութերորդ մը՝ որ Գաղափար կը կոչուէր. երիտասարդութեան ամենազօր կուրծքէն դեռ նոր խլուած ուղէշներ՝ աւիշով ու գեղեցկութեամբ յորդազեղ կամ թէ բանտուած արեւէ մը ազատագրուած շառայլներ՝ հուրքով հեւալիր:

Կ’արտորային, բայց իրենց փայլակի սլացքը՝ արծուի թռիչքն էր որ՝ ո՛րքան արագ՝ նոյնքան հանդիսաւոր կ’անցնի այերին ընդմէջէն: Փոթորկաշունչ երազներու թափօրն էր իրենցը որ կ’անցնէր աստուածընտիր գիշերին ընդմէջէն: Եւ իրենք թափօրին կը հետեւէին մեծարանքի նշանակներով՝ որ պայքարի ու մտքի գործիներ էին, զէնքեր էին ու գրքեր էին: Ո՛րքան ծանր էր բեռը իրենց անձնիքներուն վրայ, բայց անխորտակելի ոյժ մըն էր որ կը կրէր զանոնք:

Գիշերը կը քօղարկէր իրենց դէմքերը, բայց անոնց ըմբոստութեան արտակարկառ գիծերը՝ խոհական երիզներով ազնուականացած՝ կը ցցուէին խաւարին մէջէն. իրենց ուղիները կ’անյայտանային խաւարին մէջ, բայց իրենց աչքերը աստղեր կը ծնէին խաւարին մէջ:

Կը քալէին, վէս ու ըմբոստ, արագ՝ այլ հանդիսաւոր, լռին՝ այլ մեծաբարբառ: Եւ ապստամբութեան աստուածները կը թուէր թէ կը շարժէին այդ գիշեր յարգական ողջոյնի պատրաստակամութեամբ, եւ իրենք չէին գիտեր, չէին հասկնար, թէ իրե՞նք են որ կը մօտենան սարերուն թէ սարերն էին որ ընդառաջ կուգային իրենց:

Եւ Մասիսը որ կը քալէ՜ր այդ գիշեր. օ՜ Մասիս աստուածը ալեհեր ու հսկայաբերձ ու նահապետ ու հայրական որ կը շարժէր այդ գիշեր՝ մութին խորէն, ու դէպի իրենք, դէպի իրենք էր որ կուգար, անսահման ստուերներու պատմուճանը զգեցած, իր կրտսերներով շրջապատուած, լուսինն ի ձեռին՝ իբր ջահ: Ա՜հ, զգացին թէ գուրգուրանքի ու խրախոյսի բառեր կը սրսկէր ան, եւ դարերու եւ պատմութիւններու իր սուգը պիտի ժայթքէր:

Եւ կը զգային թէ սարերուն հետ, Մասիսին հետ կը խօսէին գլուխ գլխի, ա՛յնքան հզօր էր սիգութիւնը որ կը խոյանար իրենց մէջ:

Եւ այդ պահուն թանձր մշուշ մը, ինչպէս սեւ ամպ մը անպարագիր, թեւատարած կը ծածանէր եթերին մէջ առ խարխափ, ու, յետոյ, սուգի քօղի մը պէս կ’երթար պարուրել Մասիսի լանջերը: Ու խեղդամահ եղած կսկիծի անթիւ հծծիւններէ յօրինուելով, աղերսագին եղերգ մըն էր կարծես որ կը լնուր հորիզոնը համատարած:

Եւ բոցաշունչ խումբը հոյարձակ կը սլանար արարատեան արահետներէն, պերճաշուք գիշերի մը տիեզերքին ընդմէջէն:

Եւ յանկարծ, գաղափարը որ կ’առաջնորդէր խումբը, իր ընկերները կեցուց հովտի մը եզերքը, եւ անոնց այսպէս խօսեցաւ.

«Դիւցազնական շարժումին վայրկեա՛նը ահա: Քանի մը քայլ՝ եւ սահմանն է, ուրկէ անդին տառապանքի մեծ երկիրն է որ կը սկսի: Սահմանը անցնողներ ենք մենք, այնպէս չէ՞: Ո՛չ առաջիններն ենք սակայն մենք ո՛չ ալ վերջինները որ սահմանը կ’անցնին: Դուք որ գիտակցութիւն էք ու սէր, ու հաւատք, ու կամք, ու պայքար, ու կեանք, ու մահ, ա՜հ, գիտէ՞ք թէ դէպի սահմանը ի՜նչ լուսեղէն ու շիկակարմիր մրրիկներ խուժած են գիտակցութեան ու սիրոյ ու հաւատքի ու կամքի ու պայքարի ու կեանքի ու մահու: Եւ այս տեղն ուր հաւաքուած ենք նախադո՛ւռ մեծ-մուտքին, գիտէ՞ք թէ հանգիստի, իբր թէ հանգիստի ի՜նչ խռովայոյզ վայրկեաններ թողած են մեր նախընթացները՝ որ սահմանը անցած են: Մեծ անցքին համար ինքնամփոփման րոպէներու կայքն է աս: Եւ այդ անցքը՝ փոխակերպման կայծակնային գիծն է դէպի հերոսութիւն, կայծակնային գիծ մը՝ որ սկիզբն է, արշալոյսն է արբեցուցիչ ու հսկայական գինովութիւններու, հոյակապ տառապանքներու, շանթագեղ մարտնչումներու, լուսարձակ մահերու: Կայծակնային շքեղ ու հերոսակա՜ն գիծ մը, եւ գիտակցութեան լոյսը, սիրոյ զոհաբերութիւնը, հաւատքի աստղը, կամքի ոյժը, պայքարի կրակը, կեանքի իմացումը եւ մահուան արհամարհանքն են որ, գաղափարի արեւէն ընդանցուած, պիտի ստեղծեն այդ գիծը, դո՛ւք էք, ընկերնե՛ր, որ պիտի ստեղծէք զայն: Կ’ուզէ՞ք գծել կայծակնային այդ գիծը ե՛ւ յետոյ, զայն մխրճել որոտագին ոճրածարաւ բռնութիւններու մթամա՜ծ ու մահացուցիչ քաոսին խո՜րը, շառաչել, փայլատակել, դղրդացնել, լուսաւորե՜լ՝ ու, ամէնէն վերջը, ահագնաժամ ու քանդիչ գունդի մը պէս պայթիլ անարդարութեան աշտարակներուն վրայ: Կ’ուզէ՞ք ջնջել սա սեւ ու թանձրամէգ ամպը որ ահա, նորէն մեծ-տանջարանի հնոցէն գոլորշիացած, կը բարձրանայ եւ կ՚երթայ կուրացնել Մասիսի բիբերը: Կ’ուզէ՞ք հիւսել, աստուածայնութեան մը թեւերովը, նոր օդերեւոյթի մը նորատեսիլ ծիածանը՝ սահմանէն անդին…»։

Բայց, ընկերնե՛ր, գիտակցութիւնը եւ սէրը եւ հաւատքը եւ կամքը եւ պայքարը եւ կեանքը եւ մահը՝ իրարմով լրացած եւ իրենց առաջնորդ գաղափարէն ճառագայթուած՝ արարատեան գիշերին մէջ, հերոսութեան ծիածան մը՝ այդ պահուն իսկ եւ իրե՛նք իսկ կը ստեղծէին: Ու ամէնքն ալ որոնց դէմքը երկիւղամերժ արտայայտութեամբ մը կ’ընդվզէր, հրաբխելու պատրաստ մոլեգնութեան լաւան զսպած իրենց մէջ, կը սարսռային երկաթի սարսուռներով.

«Եւ իսկո՛յն, եւ իսկո՛յն, գաղափա՛ր»:

Եւ գաղափարը հրաւիրեց այն ատեն:

«Ուրեմն, անցնի՛նք սահմանը»:

 

Նորընծայ արեւուն տրտմագեղ ժպիտին տակ, սահմանը անցնողները, հազիւ թէ սահմանը գլած, հերոսական առաջին մարտը կը մռնչէին արդէն՝ եղեռնին ժահրովը թունաւոր հալածիչներու դէմ: Եւ այդ պահուն ծիածանը մեծ տենչերուն, մեծ կիրքերուն եւ մեծ ուժերուն՝ զոր իրենց եօթնեակը կը յօրինէր, իրենց դէմքէն ու ճակատէն բխող արիւնի անձրեւի մը մէջէն ա՛յլապէս խորին ու խռովիչ գեղեցկութեամբ մը կը ծիածանէր:

«Ազատամարտ» շաբաթաթերթ 1910, թիւ 2