Ձայներ
կուգան
իրիկունին
խորքերէն,
Ձայներ
երկբայ,
ձայներ
նըւաղ,
տրտմակիր,
Եւ
հեծծանքի
դաշտերէ
խոնջ
տարագիր
Իմ
հիւրընկալ
դըռնակէս
ներս
կը
մտնեն:
Մեղեդին
խռով
դաշնակի
մը
մերձեկայ,
Կ’ողջագուրէ
զանոնք
լալով,
կը
տանջուի
Մուրացուհւոյն
հիւծուած
երգն
ալ
բարեւի:
Կ՚իջնէ
անդորրն
իր
թեւերով
ստուերեայ:
Սպասումի
թախծահայեաց
իրիկուն,
Ըզգեստաւոր
երազներով
ողբական,
Ուր
անձուկը
կը
ծաւալի
լուռ,
գուժկան:
Կոչնակն
ալ
արդ
սուգ
կը
շիթէ
յոյսերուն…
—
Յուղարկաւոր
աղջիկնե՞րը
վայրահակ
Կը
մըսին
հո՛ն,
ձիւներուն
վրայ,
լուսնին
տակ…
Բիւթանիա
(Ազատամարտ)
1913,
թ.
1105