Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մեկնումիս առթիւ կ՚ուզեմ յիշատակ մը թողուլ քեզի, ըսած էր բարեկամս, որ արուեստագէտ մըն էր, նկարիչ մը:

Է՜հ, կա՞յ աւելի սիրուն, աւելի հաճելի, աւելի գգուելի յիշատակ մը քան յիշատակը զոր կը թողու արուեստագէտ մը: Ապահովաբար թանկագին նուէր մը պիտի ըլլար անիկա, ապահովաբար նկար մը, կը մտածէի. ու կը մտածէի միեւնոյն ատեն բարեկամիս տաղանդին վրայ, նորափթիթ տաղանդ մը, բոյրով ու խոստումով լեցուն կոկոն մը, որուն շնորհալի թերթիկները քիչ ատենէն ա՛յնքան պերճ ու ա՜յնքան շքեղ պիտի դառնան:

Ու երբ ա՛յնքան հաւատալից էի բարեկամիս տաղանդին համար, իրաւունք չունէի՞ ենթադրելու թէ իր նուէրն ալ անոր համեմատական պիտի ըլլար: Ո՜վ գիտէ, ի՜նչ նրբին յղացում մը պիտի ըլլար ան, այդ նկարը՝ անտարակոյս, ի՜նչ թրթռուն, ի՜նչ հրաշարուեստ արտայայտութիւն մը: «Բորթռէ՞»ն պիտի ըլլար արդեօք օրիորդ Ս…ին, որուն դէմքին կերտուածքն ու դիմագծերուն ինքնատպութիւնը, որուն նայուածքին քաղցրութիւնն ու միամտութիւնը անբծութեան իտէալը կը ստեղծէին. արդեօք մերկութի՞ւնը պիտի ներկայացնէր կնկան մարմնին, խղճամիտ ու նրբախոյզ ուսումնասիրութեամբ մը բաբախուն. թէ՝ երջանիկ ու հանդարտ վերջալոյս մը՝ ծառերու մէջէ դիտուած, մամռապատ աղբերահոս քարաժայռ մը, կամ ծովէն պատառ մը՝ փրփրալից կամ անդորր:

Անտարակոյս պիտի յաջողէր բարեկամս՝ այս ամէնուն մէջն ալ, անոնցմէ ո՛րն ալ ըլլար: Անթերի նկարիչ մը ըլլալու համար բան մը չէր պակսէր իրեն: Ստեղծելու ընդունակ էր, աւիւնալից երեւակայութիւն մը ունէր, գերազանցապէս նրբին զգայականութիւն մը, յետոյ գեղեցկութեան լիալիր ըմբռնումը, յետոյ խոր գիտակցութիւն՝ արուեստին, եւ վերջապէս մաքուր արուեստագէտի խորք մը: Իր մէկ քանի նկարները դիտած էի արդէն, ու զմայլած: Չէ՛, վստահաբար, անիկա կոյր ընդօրինակիչ մը չէր բնութեան, ու բոլոր զինքը գրաւող ձեւերուն. անիկա գիտցած էր իր բոլոր նկարներուն մէջ դնել արուեստագէտին եսը, եւ վրձինին բոլոր տենդերն ու հետքերը ընդանցընել իր ուրոյն խառնուածքին մէջէն, զգացնել այն բանը որ խորհիլ կուտայ թէ իրօք արուեստը հաղորդիչ գործ մը ըլլալէ անկախաբար ու ինքն իր մէջ ուժ մըն է արդէն. թէ ճշմարիտ արուեստը իրօք արտաքին աշխարհին ու արուեստագէտին հոգւոյն զուգընդխառնումն իսկ է, ու անո՛վ մեծ է, անո՛վ ներգործիչ:

Ու մեր մտերմիկ տեսակցութիւններուն մէջ, ու մեր ընկերովի գնացքներու միջոցին, ո՜րքան խօսիլ տուած էր մեզի արուեստը, որուն պաշտամունքովը առլցուած էինք երկուքս ալ, ան՝ ջերմակրօն քուրմ մը, ես՝ հաւատարիմ հետեւող մը: Մեր տեսակէտները յայտնած էինք ու ընդլայնած իրարու, ըսած էինք ինչ որ կը խորհէինք արուեստին համար, ինչ որ կը ներշնչէր ան մեզի: Շատ անգամ կանգ կ’առնէինք տեսարանի մը առջեւ, եւ կը թուէր թէ կը ծծէինք բոլոր հմայքը, որ կը ծորէր անկէ, բոլոր քաղցրութիւնը՝ որ կը թանձրանար անոր շուրջը: Շա՛տ, շա՜տ հեղ կը տեսնէինք վարպետներու գործերը, վերարտադրութիւններ հանճարային արարչութիւններու, ու կը խօսէինք նորէն, կը խօսէինք, ամէն բան, ամէն խօսակցութիւն վերջ ի վերջոյ տանիլ արուեստին կապելու ինքնաբեր մղումով մը:

Բայց կէտ մը կար, որուն վրայ չէինք կրնար նոյնանալ, որուն վրայ չէինք կրնար երկար մնալ: Կը տեսնէի որ բարեկամս՝ գեղեցկութեան իր մոլեկան հետապնդումին մէջ՝ կեանքը իր բոլոր դրուագներուն մէջ սերտելու շահագրգռութիւնը ցոյց չէր տար: Իր տաղանդը կը գործածէր ի սպաս արուեստի մը՝ որ կը ներկայանար միմիայն բնութեան ու կնոջ արտայայտութիւններով, ու ո՜րքան լաւ գիտէր զանոնք թարգմանել խոր, հզօր ու բանաստեղծութեամբ թաթաւուն գործերու մէջ: Բայց եթէ քիչ մը կեանք ճանչնար, կըսէի շատ անգամ իրեն եթէ իր արուեստին մէջ ապրէր այդ կեանքով, ի՜նչպէս չէի յուսար՝ որ իր վրձինը այլապէս հզօր ու այլապէս խռովիչ արուեստի մը ծնունդ պիտի տար: Եթէ իր տաղանդը, իր զգայականութիւնը, իր ճարտարութիւնը փորձէր քիչ մը տարբեր ուղղութեամբ, ի՜նչ չըսես չպիտի կրնար ընել: Եւ ինչո՞ւ չընէր, միշտ կ’ըսէի իրեն կեանքը միթէ նուա՞զ կրնայ իր յուզումներով, իր դիմայեղումներով, եւ իր կնճռոտութիւններով խանդավառել արուեստագէտը. ապրիլ բոլոր այդ յուզումները, այդ դիմայեղումները եւ այդ կնճռոտութիւնները եւ մտքի ճիգի մը մէջ՝ ուժգին մղումով մը արտացոլացնել զանոնք պաստառին վրայ, կեանքը, կեա՛նքը վերարտադրել, ու յօրինել իսկապէս մարդկային արուեստ մը:

Ու կը խօսէի այսպէս, սխա՞լ թէ ճիշդ, այդ չէի գիտեր. միայն տեսակէտ մըն էր որ կը պարզէի, առանց միեւնոյն ատեն ուրանալու արուեստի տարբեր ձգտումներ, ինչպէս բարեկամինս ալ՝ որովհետեւ ամէնքն ալ արուեստը ունէին իրենց վախճան: Է՜, անիկա կը նայէր իր նկարներուն վրայ, որոնք իր խուցը կը զարդարէին, ու պահ մը սրտաբեկ կը մնար, երեւի խորհելով որ ի՜նչպէս պիտի կրնար թողուլ իր սիրական գեղեցկութիւնները, դառնալու համար քիչ մըն ալ կեանքին, որ իրեն չէր խօսեր, չէր խօսած մինչեւ այն ատեն:

Ու ես կը սպասէի որ արուեստագէտ բարեկամս իր խոստումը կատարէր….

* * *

Ու կատարեց:

Ո՜ւհ, այդ նկարը, զոր ինծի նուիրեց իբր յիշատակ:

Ուրկէ՞ հաւաքած էր այդքան վիշտ, ա՛յդքան տառապանք, ա՛յդքան մելամաղձութիւն: Ի՜նչպէս կրցած էր ապրիլ ա՜յդքան խորապէս իրական, ու դառնօրէն մարդկային կենաքը, ա՛ն՝ որ իր ճաշակն ու նախասիրութիւնները ունէր՝ տարբեր գոյներով, ան՝ որ շա՛տ աւելի դիւրաւ բորբոքած էր անտառեզրի մը կամ ծովեզրի մը տեսքով, եւ կամ շնորհալի դէմքի մը գրաւիչ դիւթանքով. ան՝ որ ա՜յնքան երազային եղած էր, եւ ա՛յնքան «տիլէթանթ»: Դա՞րձ մըն էր որ կ՚ընէր:

Եւ ահա հիմա ինծի «բանուորուհիներ»ը կը նուիրէր, տարէց ու դեռատի կիներու խմբակ մը, զոր հաւաքած էր վերջին անգամ մօտաւոր քաղաք մը կատարած իր ճամբորդութենէն. հո՛ն տեսած էր զանոնք, մանարանի այս բանուորուհիները, եւ ահա իր արուեստագէտի նուրբ զգայականութիւնը ասղնտուած էր, իր հոգին խռոված էր, խորհած էր թէ նկարի մը համար ուսումնասիրութեան ի՜նչ գեղեցիկ, բայց տխրօրէն գեղեցիկ նիւթ մը պիտի ըլլային անոնք իրեն համար, եւ ինք ո՜րքան ուժգնութեամբ պիտի կրնար արտայայտել իր կրած բոլոր արգահատանքը, բոլոր խռովքը, բոլոր ընդվզումը: Պատկերը քանդակուած էր մտքին մէջ, անով ապրած էր ատեն մը, իր էութեան խառնած էր զայն, շաղուած էր, եւ վերադարձին՝ պաստառին վրայ թափած էր իր հոգիէն մզուած յորդ լացը, իր մէջ խմորուած բովանդակ ցաւը, եւ երկնած էր նկարը, մայրամուտ մը կը նուաղի հեռուն, եւ գիւղին քարոտ ճամբուն վրայ, տուն կը վերադառնան գեղացի երեք փոքրատի աղջիկներ՝ տարէց եւ ծերուկ երկու կիներու հետ, ամէնքն ալ յոգնաբեկ ու ընկճուած ա՛յնքան՝ որքան կարելի է ըլլալ: Յոգնած, յոգնած են ամէնքն ալ, եւ տաժանագին աշխատութեան մը ճնշումին տակ, կը թուի թէ կը քաշկռտուին քան թէ կը քալեն. եւ կը թուի թէ մեռելաթաղէ կը վերադառնան. վհատութեան թափօր մըն է որ կազմեր են գիւղին քարոտ ճամբուն վրայ. աղջիկները տխրագին նայուածքներ ու դալկացած դէմքեր ունին, մայրը դժնդակ մտածում մը կ’որոճայ մտքին մէջ, եւ ծերուկ կինը դժուարաւ կը հետեւի իրենց:

Ա՜հ, այս տուն դարձը. չէ՞ որ անիկա դարձի բերած էր արուեստագէտ բարեկամս դէպի մարդիկը եւ դէպի կեանքը:

Այդ կեանքը ի՜նչ խորին ներշնչարան մը պիտի կրնար ըլլալ արուեստի ստեղծագործութիւններու, եւ ի՜նչպէս պիտի կրնար սքանչելապէս ցոլանալ արուեստին ընդմէջէն, եւ այն ատեն արուեստը ո՜րքան աւելի մարդկային պիտի ըլլար: Բարեկամս հասկցած էր ասիկա եւ ա՜յնքան լաւ հասկցած՝ որ իր տաղանդին մոգականութիւնը ահա ուժգնակի կրցած էր ցայտեցնել իր այս նկարին մէջն ալ. կարելի չէր աւելի խստաճիշդ, եւ աւելի նրբութեամբ եւ աւելի սուր զգացողութեամբ արտայայտել իր բանուորուհիներուն ցաւագին դիմագծերը, անոնց ապրած տուայտանքը, անոնց անսուաղ այտերը:

Այո՛, ըսաւ ինծի նկարիչ բարեկամս, առաջին առիթով զիս տեսնելուն, իրաւունք ունիս եղեր. կեանքը, կեա՛նքը պիտի փափաքէի ճանչնալ իր բոլոր ցաւերուն հետ, իր բոլոր տենչերուն եւ կեանքի պայքարներուն հետ. կը զգամ թէ հոգիս ընդունակ է բոլոր ատոնք իր մէջ լուծելու, անոնցմով ապրելու եւ անոնցմով կազմուելու, եւ թէ պիտի կրնամ բոլոր ատոնցմով կառուցանելու իմ արուեստս:

Ու նկարիչը տեսայ որ կ’ոգեւորուէր, կը ցնցուէր, յետոյ կը դողդոջէր: Ու յիշեցի այն նկարը՝ զոր ինծի տուած էր իբր յիշատակ:

Ո՜ւհ, այդ նկարը:

 

«Սուրհանդակ» 1906, թիւ 2195